Զ
ՊԱԼԵԱՆՆԵՐԸ
Այդ
անցեալին
մէջ
չորս
անուն
իրարմէ
անբաժան
կը
պահուին.
Նիկողոս
Պալեան,
Յարութիւն
Պալեան,
Գրիգոր
Օտեան,
Նահապետ
Ռուսինեան։
Մահը
տարտղնեց
զիրենք։
Հայրենի
մէկ
հողվըրտիք
մը
անոնց
ոսկորներուն
դամբարանը
չէ։
Նիկողոս
Պալեան՝
Պոլիս
Օրթագեղ
կամ
Պէշիկթաշ.
եղբայրը՝
Փարիզ.
Փարիզ
ե՛ւ
Օտեան.
Ռուսինեան՝
Պոլսոյ
Շիշլին։
Այս
էջերուն
մէջ
միացնենք
զիրենք։
Չորսն
ալ
1850—ի
թարմ
սերունդին
առաջնորդները։
Իրենց
հայրերը
հին
հայ—քրիստոնեաներ
էին.
իրենք՝
մէկէն
ի
մէկ
եւրոպականացած
հայեր։
Պալեանները
Թուրքիոյ
հայոց
է՛ն
ժողովրդական
մէկ
ընտանիքը
եղած
են։
Արքունի
ճարտարապետութիւնը
իրենց
ընտանեկան
ժառանգութիւնն
էր։
Հարիւրներով
կը
համրուին
այն
հայերը,
որոնք
Պալեաններուն
շնորհիւ
աշխատած
են
արքունական
ու
կառավարական
շէնքերու
կառուցմանը.
միշտ
գոհ
մնացած
են.
ու
շատերը
հարստութեան
տէր
եղած։
Պալեան
եղբայրներու
հայրը՝
Կարապետ
ամիրան,
—
կամ
ինչպէս
ան
ատենը
կ՚ըսէին՝
«խալֆայ
ամիրան»
սուլթան
Մէճիտին
շատ
սիրելի
էր։
Իր
վայելած
համակրանքէ,
ինչպէս
եւ
իր
ունեցած
դիրքէն
միշտ
կ՚օգտուէր՝
հայ
ժողովուրդին
ծառայութիւններ
մատուցանելու
համար։
Դեռ
քառասուն
տարի
առաջ
օսմանեան
սուլթաններուն
վարմունքը
իրենց
ծառայող
հայոց
հետ,
քիչ
մը
արեւելեան
հին
վէպերը
կը
յիշեցնէ։
Պատմելով
մին
այն
կատակներէն,
զոր
սուլթան
Մէճիտ
Պալեաններուն
հետ
կ՚ընէր,
գաղափար
մը
կու
տանք
այն
ատենուան
բարքերուն
վրայ։
Սուլթան
Մէճիտը
օր
մը
Նիկողոս
Պալեանը
կը
կանչէ
ու
իր
դիմացը
աթոռի
մը
վրայ
նստեցնելով
ձեռքը
չպուխ
մը
կու
տայ,
որ
ծխէ։
Նոյն
միջոցին
Կարապետ
ամիրային
ալ
իր
քովը
գալու
հրաման
կը
ղրկէ։
Ճարտարապետը
սուլթանին
սենեակը
մտած
րոպէին
երբ
զաւակը
այդ
անհարկի
դիրքին
մէջ
կը
տեսնէ,
անմիջապէս
կը
հասկնայ
թէ
սուլթանը
զինքը
յանկարծակիի
բերելով
զբօսնուլ
կ՚ուզէ։
Առանց
րոպէական
վարանումի,
հաճոյակատար
դերասանութեամբ
կ՚այլայլի,
կը
շփոթի,
կը
խռովի
ու
դողդղալով
«Ծօ՛
Նիկողոս,
ծօ՛
Նիկողոս,
կը
թոթովէ
հայեվար,
ծօ՛,
ատ
ի՞նչ
խալթ
է
կ՚ընես,
ծօ՛
տղայ,
խելքի՞դ
է
եկեր.
ծօ՛
ի՞նչ
փորձանք
պիտի
բերես
գլխնուս»։
Ու
սուլթանն
է,
ահագնաքրքիջ
խնդումով
կը
զուարճանայ։
Արքունիքին
այդքան
սիրելի
անձնաւորութիւններ
բնականաբար
շատ
ազդեցութիւն
կ՚ունենային
հանրային
կեանքին
վրայ։
Բայց
որդիները
գաղափարով
հակառակ
էին
իրենց
հօրը։
Կարապետ
ամիրան՝
չափազանցօրէն
պահպանողական
հայ
մը,
թունդ
կրօնամոլ,
ո՛եւէ
վերանորոգումի
թշնամի։
Կատարեալ
տիպարը
Խաւարեալին։
Զաւակները՝
կատարեալ
տիպարը
Լուսաւորեալին։
Յակոբ
պեյ՝
կրտսեր
եղբայրը՝
գեղարուեստասէր
ու
գրասէր
ճարտարապետ։
Անդրանիկը՝
Նիկողոս
պէյ,
նոյնպէս
արուեստագէտ
մեծ
տաղանդ
մը,
բայց
Սահմանադրութեան
ալ
հիմնադիրը։
Վերեւ
յիշեցինք
Պատրիարքարանի
կողմէ
Ռուսինեանի
դէմ
յարուցուած
հալածանքը
աշխարհաբարի
բարեկարգման
խորհուրդներու
առթիւ։
Եկեղեցական
ու
ամիրայական
ճնշումը
խեղդամահ
կ՚ընէր
մանաւանդ
անոնք,
որ
1848ի
Փարիզէն
Պոլիս
կը
վերադառնային։
Սահմանադրութեան
գաղափարը
Նիկողոս
Պալեանի
գրասենեակին
մէջ
յղացուած
է։
Ռուսինեան
այս
իրողութիւնը
սրտայոյզ
ատենաբանութեամբ
մը
1870ին
յայտնեց
Ազգային
Ժողովին
մէջ,
սուրբ
Նիկողայոսի
նախատօնակին։
Նիկողոս
Պալեան
երիտասարդ
մեռաւ,
դեռ
երեսունը
չմտած։
Բայց
իր
մտերիմները՝
Ռուսինեան
եւ
Օտեան,
Սահմանադրութիւնը
հիմնադրողներէն
եղան,
ու
զայն
իրենց
ձեռքովը
գործադրեցին։
Յակոբ
պէյն
ալ
ֆրանսական
կրթութիւն
ստացած
էր։
Իր
բնատուր
ձիրքերուն
զարգացումը
կը
պարտէր
Ֆրանսայի,
զոր
կը
սիրէր
խանդակաթ
սիրով։
Գրականութեան
ու
գեղարուեստի
սիրահար
մը.
կը
յիշեցնէր
իտալացի
ու
գերմանացի
այլ
իշխանները,
որոնք
իրենց
շուրջը
գրագէտներէ
ու
արուեստագէտներէ
արքունիք
մը
կը
ստեղծեն
եւ
անոնց
բարեկամն
ու
զօրավիգը
կը
հանդիսանան։
Կ.
Պոլսոյ
Օրթագեղ
թաղը,
որ
երկար
ատեն
հայ
մտաւորականութեան
կեդրոնավայր
մը
եղաւ,
տեսակ
մը
հայ
Ակադեմիա
իր
մէջ
հաստատուած
տեսաւ։
Յակոբ
պէյ
Օրթագեղ
կը
բնակէր։
Արքունի
ճարտարապետը
իր
ծովեզերեայ
բնակարանին
մէջ
իր
շուրջը
կը
հաւաքէր
հայ
գրագէտներն
ու
արուեստագէտները,
եւ
միասին
կ՚աշխատէին
հայ
լեզուին,
հայ
թատրոնին
զարգացմանը։
Մեծ
սրահ
մը
յատկացուած
էր
գումարումներուն։
Կանաչ
կապերտով
ծածկուած
սեղանի
մը
շուրջ
«ակադեմականներ»ուն
աթոռները
կարգաւ
դրուած
էին։
Այդ
սրահին
մէջ
պատմաբանները
ամենալուրջ
ուսումնասիրութիւններու
կը
հետամտէին,
լեզուագէտները
հայ
լեզուին
ճոխացմանը
կ՚աշխատէին,
բանաստեղծները
խանդավառ
կ՚երգէին։
Ու
անոնց՝
որոնք
պէտք
ունէին՝
ասպնջականը
իր
պարգեւները
լիաբուռն
կը
շռայլէր։
Յակոբ
պէյ
պզտիկ
թատրոն
մը
կառոյց
Օրթագեղ,
դպրոցին
շրջափակին
մէջ։
Այնքան
սիրուն
ու
գեղեցիկ
շէնք
մը,
որ
«ոսկի
տուփիկ»
կը
կոչուէր։
Զայն
Բարեսէր
ընկերութեան
նուիրեց։
Իրենց
տաղանդը
նախ
հոն
երեւան
հանեցին
Ադամեան
եւ
տիկին
Հրաչեայ։
Պէյը
իրենց
զօրավիգն
էր,
քաջալերիչը,
բարեկամը,
պաշտպանը։
Այդ
թատրոնին
մէջ
նեկայացուեցան
Շէյքսբիրի
ու
Շիլլերի
թատերգութիւնները,
որոնց
հերոսները
Թերզեան
հայ
կը
մկրտէր։
Հոն
ի
հանդէս
բերուեցան
Հիւկոյ,
Տիւմա
Հայր
եւ
Որդի,
Ֆէլիքս
Բիա,
Մոլիէռ։
Օր
մըն
ալ
մահը
յանկարծակիի
բերաւ
այդ
տունը։
Յակոբ
Պէյին
կինը
մեռաւ։
Ամուսինը
մեկնեցաւ
Փարիզ,
իր
ցաւը
ուղեւորութեամբ
քիչ
մը
ամոքելու
համար։
Շատ
չանցած
իրեն
մահուան
գուժն
ալ
կը
հասնէր
Պոլիս։
ԳՐԻԳՈՐ
ՕՏԵԱՆ
Օտեան
1850—1880ի
սերունդին
է՛ն
սիրուած
ու
յարգուած
դէմքերէն
մէկն
է։
Հայ
ազգը
անոր
մահուանը
չսպասեց
իր
համակրանքին
արտայայտութեանը
համար։
Սիրոյ
եւ
մեծարանքի
փայփայանքներ
գգուեցին
Օտեանը,
անոր
հանրային
կեանքին
սկզբնաւորութեան
թուականէն
մինչեւ
մահը։
Ու
հիմակ
ալ
իր
անունը
գուրգուրալիր
երկիւղածութեամբ
մը
կը
յիշատակուի։
Ու
պիտի
յիշատակուի
միշտ
ալ։
Ժողովրդական
է
ու
ժողովրդական
կը
մնայ
Օտեան,
վասնզի
մտատիպար
մը
եղաւ։
Մտատիպար
մը
հայ
պաշտօնէի,
մտատիպար
մը
հայ
քաղաքագէտի,
մտատիպար
մը
հայ
ազգասէրի,
մտատիպար
մը
հայ
կրօնասէրի,
մտատիպար
մը
հայ
գրագէտի։
Մտատիպար
մը,
զոր
ինքը
իրեն
համար
ստեղծած
էր
ժողովուրդ
մը,
դարերու
ճնշումին
տակ
յոգնած։
Օր
մը
Ազգային
Ժողովին
մէջ
իր
ատենապետական
աթոռէն
յայտարարեց
տրտմութեան
զգացեալ
շեշտով
մը.
«Ան
հայը,
որ
իր
պետական
պաշտօնին
ընծայած
դիւրութիւններէն
օգտուելով
իր
շահերուն
կը
զոհէ
այս
խեղճ
ու
տարաբախտ
ազգը,
անիծեա՛լ
ըլլայ,
երի՛ցս
անիծեալ»։
Ժողովուրդն
ու
երեսփոխանութիւնը
«ամէ՛ն»
որոտացին
սարսռագին։
Օտեան
այս
նզովքը
հանդարտ
խղճմտանքով
կ՚արձակէր։
Իր
դիրքին
մէջ
միշտ
պատւոյ
զգացումէն
առաջնորդուեցաւ։
Հաւասար
հաւատարմութեամբ
ծառայեց
թէ՛
Դրան՝
որուն
պաշտօնեան
էր,
թէ՛
Ազգին՝
որուն
զաւակն
էր։
Շատ
դժուար
է
Օտեանին
գրականութիւնը
համառօտաբար
ներկայացնել։
Օրագիրներու
մէջ,
Ազգային
Ժողովի
ատենագրութեանց
մէջ,
գրքերու
մէջ՝
իբր
յօդուած,
իբր
ատենաբանութիւն,
իբր
յառաջաբան
ցրուած
են,
ու
մանաւանդ՝
իբր
նամակ
գրուած։
Այդ
բազմաքանակ
հրատարակութիւնները
կամ
ձեռագիրները
ի
մի
հաւաքելով,
անոնցմէ
քաղուած
հաւաքածոյ
մը
պիտի
կրնար
հայ
ազգին
աչքերուն
առջեւ
ցուցադրել
մարդն
ու
իր
ատենը,
երեսունըհինգ
տարուան
ժամանակամիջոցի
մը
մէջ։
Օտեանին
գրութիւնները
երեք
մասի
կը
բաժնուին։
Ինչ
որ
թարմ
երիտասարդութեանը
գրած
է,
ինչ
որ
չափահաս
երիտասարդութեանը,
ինչ
որ
յոգնութեան
տարիքին
մէջ։
Ամէնքն
ալ
միշտ
միեւնոյն
գրական
պերճութեամբը
կը
փայլին։
Բայց
չափահասութեանը՝
արդէն
իր
գրականութիւնը
հիւանդոտ
է։
Ազնուապետական
հիւանդութիւն
մը
լամարթինական,
շաթօպրիանական։
Մտրակող,
հալածող,
հալածուած
գրագէտը
չեղաւ։
Անմեղ
աղջկան
մը
պէս
գորովասիրտ
մնաց,
պատրանքներով
միշտ
առլի։
Երիտասարդութեանը,
արդէն
յուսահատութեան
աղաղակ
մը
կ՚արձակէ
«զմէ՞
կեանք,
զմէ՞
սիրտ»։
Ու
կեանքին
վերջին
օրերուն
մէջ,
մինչ
պէտք
էր
տակաւին
կորովի
ըլլալ,
կ՚աղաղակէ.
«Պէտք
է
երթամ.
այս
վերջին
տարիներուս
ուրուականը
եւ
ապագային
ցուցանքը,
այս
երկու
բաներուն
մէջ
կ՚ապրիմ,
եւ
ա՛լ
չեմ
կրնար։
Մարդուն
ճակատագիրը
հոս
կը
սկսի,
բայց
հոս
չի
լմննար.
ուրիշ
տեսակ
մեկնութիւն
չէ
կարելի
տալ
կենաց
առեղծուածին։
Հօրս,
մօրս,
սիրելեացս,
բոլոր
որ
ոչ
եւս
են
յաշխարհի
աստ,
կարօտն
ունիմ։
Աստուծոյ
իղձն
ու
անձուկն
ունիմ»։
Կը
մեռնէր
ինքն
իրմէ
դժգոհ։
«Ոչ
ոք
ինծի
չափ
իրաւունք
ունի
երթալու,
կը
գրէ.
ո՛չ
թէ
անոր
համար
թէ
ինչ
գործ
որ
կրնայի
գործել,
ինչ
դեր
որ
կրնայի
կատարել,
զայն
գործեցի
կատարեցի.
չէ՛,
այլ
միայն
ուրուագրեցի»։
Հասաւ
ժամանակ
մը,
որ
Օտեանի
առջեւ
բացուեցաւ
լայնարձակ
ասպարէզ
մը,
ուր
իր
մտաւոր
կարողութիւնը
ցոյց
պիտի
տար։
Ու
նոյնհետայն
ահռելի
աղէտները
ծանրացան
իր
վրայ։
Փարիզ
քաշուեցաւ,
ու
«մեծ
վտարանդի»
տիտղոսը
ստանալով,
դժբախտ
մեռաւ։
Ի՞նչ
եղաւ,
ո՞ւր
մնաց
ինչ
որ
Օտեան
«ուրուագրեց»։
ՆԱՀԱՊԵՏ
ՌՈՒՍԻՆԵԱՆ
Յակոբ
պէյին
ակադեմական
գումարումներուն
հոգին
Նահապետ
Ռուսինեանն
էր։
Բժիշկ,
քաջ
ֆրանսագէտ,
քաջագոյն
հայագէտ,
գեղասէր
մատենագիր,
պերճախօս
ատենաբան,
գաղափարի
նուիրուած
հոյակապ
անձնաւորութիւն
մը։
Պալեանը
ինքզինքը
անյարմար
կը
զգար
հանրային
գործօն
կեանքի։
Ամէն
անգամ,
որ
երեսփոխան
կ՚ընտրուէր,
հրաժարականն
ալ
կու
տար։
Իր
ազգին
կը
ծառայէր
իր
չորս
կողմը
բարիք
սփռելով,
ընտանիքներ
երջանիկ
ընելով
ու
զօրաւիգ
հանդիսանալով
հայ
բանուորին,
հայ
գեղարուեստասէրին։
Իսկ
Ռուսինեան,
թէեւ
ինքն
ալ
գեղարուեստին
ու
գրականութեան
սիրովը
խանդավառ,
բայց
խելայեղօրէն
յարած
էր
ազգային
գործունեայ
կեանքին։
Նիկողոս
Պալեանի
մահէն
յետոյ,
Օտեան
եւ
Ռուսինեան
մնացին
գործօն
դեր
մը
կատարող։
Երկուքն
ալ
միեւնոյն
բարձր
գաղափարներով
տոգորուած,
իրարու
սրտակից
մտերիմներ,
բայց
մտքի
տրամաբանութեամբ
իրարու
ներհակ։
Օտեան
յառաջդիմութիւնը
բնաշրջումով
կ՚ուզէր
կատարել
տալ,
Ռուսինեան՝
յեղաշրջումով։
Ռուսինեան
կեսարացի
էր։
Իր
երկրացիներուն
յատկանիշը
դրականութիւն
եւ
ուժեղութիւն
է։
Ինքն
ալ
օժտուած
էր
այդ
ժառանգական
յատկութիւններով։
Ազգային
կեանքին
ամէն
երեւոյթներուն
մէջ
կը
ներկայանայ
զօրաւոր
կամքի
եւ
կորովալիր
մտքի
տիպար
մը։
Փարիզ
մինչ
մէկ
կողմէն
բժշկութիւն
կը
սորվէր,
միւս
կողմէն
իր
միտքը
կը
կրթէր
գրականութեան
եւ
պատմութեան
ուսումնասիրութեամբ։
Ֆրանսայի
1789էն
1848ի
մտաւորական
ու
քաղաքական
պատմութիւնը
զինքը
ամբողջապէս
կը
գրաւէ։
Պոլիս
վերադարձին,
կ՚ուզէ
իր
ցեղն
ալ
կերպով
մը
ֆրանսացիներուն
ուղղութեամբը
յառաջդիմել
տալ։
Նոր
գաղափարներու
տարածման,
վարչական
նոր
կազմակերպութեան
մը
հիմնարկէքին
համար
պէտք
կը
զգայ
աշխարհաբարին
տրամաբանական
զարգացմանը։
Կը
ստեղծէ
Ուղղախօսութիւնը,
որ
քերականութիւնն
է
նոր
աշխարհաբարին։
Օտեան՝
թարմ
երիտասարդ՝
կը
յարի
Ռուսինեանի։
Ուղղախօսութիւնը
իր
էութեանը
մէջ
ուրիշ
բան
չէ,
բայց
եթէ
գրաբարի
ու
աշխարհաբարի
ձուլում
մը,
ղեկավարութեամբ
տրամաբանական
մտացածին
օրէնքներու։
Ռուսինեան
կը
սխալէր։
Բայց
սխալողը
ինք
չեղաւ
միայն։
Իրմէ
ետքը
շատցան,
եւ
մինչեւ
այսօր
ալ
մեծկակ
թիւ
մը
կը
կազմեն
Ռուսինեանի
մտածումէն
առաջնորդուողները։
Ասոնք
կը
կարծեն,
թէ
տրամաբանելով
կրնան
այծեամը,
որ
լեզու
կը
կոչուի,
օրինապահական
ճամբէ
մը
շիփշիտակ
քալեցնել
տալ,
առանց
ոստոստումի,
առանց
ցատկռտուքի։
Ռուսինեանի
աշխարհաբարը
դպրոցի
մը
հիմնադրութիւնը
չեղաւ։
Իր
լեզուն
իրենը
կը
մնայ։
Սակայն
հետաքրքիր
ընթերցող
մը
երբ
կը
կարդայ
արձակ
ու
ոտանաւոր
գրուածները,
երբեք
չի
խրտչիր։
Կը
զգայ
թէ
այդ
բառերը,
այդ
դարձուածները
անշուշտ
մտքէն
ինքնաբուխ
չեն
ժայթքած։
Ռուսինեան
իր
գրականութեանը
մէջ
նմանած
է
չինացի
արուեստագէտին,
որ
կեանք
մը
կը
սպառէ
դրուագելու
համար
փոքրիկ
տուփ
մը։
Տառապագի՜ն
աշխատանք,
որ
անճառելի
հեշտանքով
կը
պարարէ
ստեղծագործ
արուեստագէտին
ամբողջ
էութիւնը։
Այդ
հեշտութեամբը
կ՚ողողուէր
Ռուսինեանի
հոգին,
ամէն
անգամ
որ
դժուարահաճ
գրագէտը
գեղապանծ
բանաստեղծութիւն
մը
կամ
մինչեւ
իսկ
բառ
մը
կ՚երկնէր։
Իբրեւ
նմոյշ
Ռուսինեանի
ոճին,
այստեղ
դնենք
իրմէն
երկու
հատուած։
Ահա՛
բանաստեղծութիւն
մը,
որ
չորս
տողի
մէջ
մեր
աչքերուն
առջեւ
կ՚երգունէ
մեկուսացման,
մոռացման
համար
երազուն
հոգի
մը։
Իր
ու
իր
սերունդին
ըղձանքներուն
հոգեբանութիւնը
գուցէ։
Մին
եզվար
հող
ունենայի,
դիւր
ըլլար
դար
կամ
թէ
ծործոր,
Վազուկ
ջըրով,
թէեւ
քըչիկ,
վըտակ
ըլլար
ակ
կամ
թէ
հեղեղ,
Մէջը
մին
ծառ
կը
տընկէի,
ծիրանի
ծոր
կամ
թէ
խնձոր,
Մէջը
մին
հիւղ
կը
շինէի,
աղիւս,
եղէգ
եւ
կամ
բաղեղ։
Ոչ
միայն
գեղօն
մը,
այլեւ
գեղերգ
մըն
ալ
է
փափկութեան
արուեստին
այս
գլուխ
գործոցը։
Հետեւեալ
բանաստեղծութիւնն
ալ
ֆրանսերէն
երգի
մը
հայացումն
է։
Նորմանտիան
Կիլիկիա
եղած
է։
Կարդալով
զայն,
կը
տեսնենք
թէ
մեր
աշխարհաբարին
հիմնովին
կը
հակառակի.
բայց
կը
զգանք
նաեւ,
որ
Ռուսինեան
իրեն
յատուկ
արուեստ
մը
ունի։
Ինչ
որ
ուրիշի
մը
գրչին
տակ
անբնական
պիտի
թուէր,
շատ
բնական
կը
թուի
երբ
Ռուսինեանէն
կու
գայ։
ԿԻԼԻԿԻԱ
Երբոր
բացուին
դռներն
յուսոյ.
Եւ
մեր
երկրէն
փախ
տայ
ձըմեռ,
Չքնաղ
երկիրս
մերս
Արմենիոյ,
Երբ
փայլէ
իւր
քաղցրիկ
օդեր։
Երբոր
ծիծառն
ի
բոյն
դառնայ,
Երբոր
ծառերն
հագնին
տերեւ,
Ցանկամ
տեսնել
զիմ
Կիլիկիա,
Աշխարհ,
որ
ինձ
ետուր
արեւ։
Տեսի
դաշտերըն
Սուրիոյ,
Լեառն
Լիբանան
եւ
իւր
մայրեր.
Տեսի
զերկիրն
Իտալիոյ,
Վենետիկ
եւ
իւր
կոնտոլներ։
Կղզի
նման
չիք
մեր
Կիպրա,
Եւ
ոչ
մէկ
վայր
է
արդարեւ
Գեղեցիկ
քան
զիմ
Կիլիկիա,
Աշխարհ,
որ
ինձ
ետուր
արեւ։
Հասակ
մը
կայ
մեր
կենաց
մէջ,
Ուր
ամենայն
իղձ
կ՚աւարտի,
Հասակ
մը
ուր
հոգին
ի
տենչ
Յիշատակաց
իւր
կարօտի.
Յորժամ
քնարս
իմ
ցրտանայ,
Սիրոյն
տալով
վերջին
բարեւ
Երթամ
ննջել
յիմ
Կիլիկիա,
Աշխարհ,
որ
ինձ
ետուր
արեւ։
Վիկտոր
Հիւկոյի
Ռիւ
Պլասին
ոտանաւոր
թարգմանութեան
մէջ
է,
որ
Ռուսինեան
իր
եզական
հայերէնը
ամբողջովին
ցուցադրեց։
Օտեան
եւ
Ռուսինեան
հաւասարապէս
տիրած
էին
հայերէն
լեզուին։
Օտեան
չէր
ուզեր
նոր
բառեր
կերտել։
Ընդհանրապէս
կը
ջանար
գոյութիւն
ունեցող
բառերը
գործածել
աւելի
ընդարձակուած
կամ
բարեփոխուած
նշանակութեամբ։
Ռուսինեան
նորեր
կը
ստեղծէր
միշտ,
կը
կոտրտէր
եղածները
ու
անոնց
բեկորներէն
կը
դարբնէր
նորանոր
բառեր։
Ռիւյ
Պլասի
թարգմանիչը
յեղափոխեալ
հայերէնով
մը
կը
գրէր։
Իր
համոզումն
էր
թէ
ժողովուրդ
մը
յեղաշրջելու
համար
անոր
կեանքին
ամէն
պայմանները
մի
անգամէն
յեղաշրջելու
է։
Իսկ
իր
բարեկամը
իր
բոլոր
գրութեանցը
մէջ
գրաբարին
հոգիին
ու
դարձուածներուն
պաշտօն
կը
մատուցանէր։
Մեր
հիմիկուան
ընթացիկ
լեզուին
մէջ
շատ
բառեր
կան,
որոնց
կիրառութիւնը
կամ
ստեղծումը
կը
պարտինք
այս
երկու
քաջ
հայագէտներուն։
Իսկ
խորհրդարանական
բառերն
ու
բացատրութիւնները
գրեթէ
ամէնքն
ալ
Ռուսինեան
ինքն
հայացուցած
է։
Ազգային
Երեսփոխանական
Ժողովին
Ներքին
Կանոնագիրը
ինքը
յօրինեց,
եւրոպական
խորհրդարաններու
կանոնագրութեանց
հետեւողութեամբ։
Անոր
մէջ
ամփոփեց
ատենական
գրեթէ
բոլոր
բառերը։
Հայացուց
նաեւ
անունները,
որոնցմով
Ֆրանսայի
Մեծ
յեղափոխութիւնը
մկրտած
էր
հին
ամիսները։
Ժէրմինալը՝
Ծլօն
(9-21
մարտ—7-19
ապրիլ).
Ֆլօրիալը՝
Ծաղկօն
(8-20
ապրիլ—7-19
մայիս).
Ֆրիւքթիտօրը՝
Մրգօն
(6-18
օգոստոս
–
4-16
սեպտեմբեր)։
Ռուսինեանի
հաւատքը
Ֆրանսայի
1789ն
էր։
Անոր
սկզբունքները
կ՚ուզէ
ծաւալել
հայոց
մէջ,
անոր
տօնացոյցը
մերը
կ՚ուզէ
ընել
եւ
անոր
մտքովը
կազմակերպել
հայոց
վարչութիւնը։
Սահմանադրութիւնը
իր
բոլոր
ըղձանքներուն
իրականացումը
եղաւ։
Ռուսինեան
հայ
եկեղեցականութեան
բարյացակամ
չէր։
Նոր
սերունդին
ծրագիրն
էր
Հայ
ազգին
վերանորոգումը
իր
ներքին
կեանքին
մէջ։
Վերանորոգումը
կատարելու
համար
պէտք
է
կռուիլ
ազգային
իշխանութեան
դէմ։
Այդ
իշխանութիւնը
պաշտօնապէս
եկեղեցականներուն
սեփականութիւնն
է,
ուստի
բնականաբար
կռիւը
ասոնց
դէմ
պիտի
մղուի։
Ու
կռուելու
համար
պէտք
է
ատել։
Ընդունելու
ենք
նաեւ,
որ
Ֆրանսայի
հակակղերական
գաղափարներն
ալ
տպաւորութիւն
թողած
էին
հայոց
մտքերուն
վրայ։
Աշխարհիս
բոլոր
եկեղեցականները
համերաշխ
կը
համարէին,
եւ
իրարու
համար
փոխադարձաբար
պատասխանատու
կը
բռնէին։
Երբ
Սահմանադրութիւնը
հաստատուեցաւ,
նոր
սերունդին
ալ
ատելութիւնը
կամաց
կամաց
մեղմացաւ,
մինչեւ
որ
օր
մը
անհետանար։
Օտեան,
որ
իր
երիտասարդութեանը
կը
գրէր
«ով
որ
գլուխը
վեղար
մ՚ունի,
սիրտը՝
սատանայ
մ՚ունի»,
ալ
ժամանակին
հետ
հաշտուած
էր
վարդապետներուն
հետ,
վասն
զի
անոնք
այլեւս
իշխանութիւն
չունէին
հայ
մտքին
վրայ։
Բայց
Ռուսինեան
անողոքելի
մնաց։
Սահմանադրութեան
թուականէն
շատ
տարիներ
յետոյ
միշտ
նոյն
զգացումներ
կը
տածէր
վեղարաւորներուն
նկատմամբ։
Դիւանի
բեմէն
էր,
որ
Ռուսինեան
Ամբրոսիոս
վարդապետին
երեսին–
եւ
անոր
հետ
ամբողջ
հայ
եկեղեցականութեան
երեսին–
կը
պոռար.
«Դո՛ւք,
դո՛ւք,
դո՛ւք,
դուք
էք
հայ
ժողովուրդին
ամէն
աղէտներուն
պատճառը»։
Ամէն
անգամ,
որ
Ռուսինեան
«ժողովուրդ»
բառը
արտասանէր,
ցոլք
մըն
ալ
աչքերուն
մէջ
կը
փայլէր։
Ինքնիրմէն
դուրս
ելած
հաւատացեալի
մը
ջերմեռանդութեամբը
կը
խօսէր
ժողովուրդին
վրայ։
«Ժողովուրդին»
կը
հաւատար,
ինչպէս
հաւատացած
էին
Տանթոն,
Պօտէն։
Ժողովրդին
տրիբունը
եղաւ
Ազգային
Ժողովին
մէջ.
միշտ
յառաջդիմութեան
եւ
լայն
գաղափարներու
ախոյեանը։
Խորհրդարանը
արտասանած
իր
ատենաբանութիւնները
կատարելագործեալ
մէյ
մէկ
օրինակ
են
կորովի
պերճախօսութեան։
Ռուսինեանը՝
իբրեւ
հեղինակ՝
իր
ատենաբանութիւններուն
մէջ
պէտք
է
փնտռել։
Ինչպէս
ըսուեցաւ
այս
յօդուածին
սկիզբը,
1850էն
յետոյ
հանրային
կեանքի
մաքառումներն
էին,
որ
կը
գրաւէին
ու
կը
սպառէին
տաղանդաւոր
երիտասարդութեան
մտաւորական
ոյժերը։
Այդ
հոյակապ
անձնաւորութիւնն
ալ
իր
բոլոր
ժամանակը
Ազգային
Ժողովին
առաջնորդութեան
նուիրեց։
Եւ
ի՜նչ
աննման
խղճահար
առաջնորդ
մը։
Երբեք
չեղաւ
այն
երեսփոխանը,
որ
ափյափոյ
հապճեպով,
րոպէին
տպաւորութեանը
ներքեւ
խօսէր։
Ամէն
խնդիր
երկար
ու
բարակ
կ՚ուսումնասիրէր
մանրակրկիտ
քննութեամբ,
բազմակողմանի
տեսութիւններով։
Իր
բոլոր
մտածութիւնները
հանդարտօրէն
գրի
կ՚առնէր,
լեզուական
եւ
գրական
խնամոտ
հոգածութեամբ։
Եւ
այսպէս
իր
ատենաբանութիւնները
լրջօրէն
պատրաստելէ
յետոյ,
զանոնք
Ազգային
Ժողովին
մէջ
կ՚արտասանէր
հեղինակաւոր
շեշտով
մը։
Ամէն
ոք
մտիկ
կ՚ընէր
այդ
պզտիկ
մարդը
երկիւղած
լռութեամբ։
Երեսփոխան
եւ
ունկնդիր
գիտէին,
թէ
այն
ատենաբանը
ազգին
բարիքը
իրեն
միայն
եւ
միմիայն
կէտ
նպատակի
ունի.
ու
դէպի
հոն
կը
դիմէ
ոչ
լոկ
բարի
զգացումներով
տոգորուած,
այլ
եւ՝
բազմահամբաւ
հմտութեամբ,
լեփլեցուն
գխով
մը,
ու
զօրաւոր
համոզումներով,
անդրդուելի
սկզբունքներով։
Ռուսինեան
իր
իշխանութեան
մեծութիւնը
միշտ
բարձր
կը
պահէր
երբեք
չխոտորելով
իր
ճամբէն։
Նոյնիսկ
իր
գրական
դաւանանքներուն,
իր
լեզուական
օրէնքներուն
հաւատարիմ
կը
մնար
այն
ատենաբանութեանց
մէջ,
որոնցմով
պիտի
քննէր,
պիտի
պարզէր,
պիտի
լուսաբանէր
տնտեսական,
պատմական,
օրէնսդրական
կնճռոտ,
դժուարալոյծ
խնդիրներ։
Օր
մը
գրաւոր
պատրաստած
էր
ազգային
տուրքերու
վրայ
Երեսփոխանական
ժողովին
արտասանելիք
ճառը.
զայն
Օտեանին
ցոյց
կուտայ։
Յետ
ընթերցման,
Օտեան
կարծիք
կը
յայտնէ,
թէ
այդ
հայեվարը
աղէկ
հասկցող
երեսփոխանները
բազմաթիւ
պիտի
չըլլան,
ուստի
եւ
հաւանական
չէ,
որ
ճառին
մէջ
յայտնուած
գաղափարները
յաղթանակ
տանին։
—Ի՜նչ
փոյթ,
որ
չհասկնան,
—
կը
պատասխանէ
Ռուսինեան։—
Եթէ
հասկնալ
կ՚ուզեն,
թո՛ղ
լեզուս
սորվին։
Այս
խրոխտ
յայտարարութեան
մէջէն
չե՞նք
նշմարեր
հարազատ
աշակերտ
մը
«թո՛ղ
գաղթականութիւնները
կորսուին,
քան
թէ
սկզբունքները»
երբեմնի
վարդապետութեան։
Սահմանադրութեան
մը
խմբագրութիւնը
շատ
ծանր
գործ
էր։
Ֆրանսական
ազդեցութիւնը
ակներեւ
է
այդ
օրինագրքին
մէջ։
Ռուսինեան
կ՚առաջնորդուէր
Միութեան
գաղափարէն։
Նահանգային
բաժանումները
ի
մի
ձուլելով
մեծ
զանգուած
մը
կազմել,
այս
եղած
էր
1789էն
յետոյ
Ֆրանսայի
օրէնսդիրներուն
կէտ
նպատակին։
Նոյն
մտածութիւնը
կ՚ունենայ
եւ
Ռուսինեան։
Ու
նոր
կազմակերպութեան
օրինակն
ալ
Ամերիկայի
սահմանադրութենէն
կ՚առնէ։
Կեդրոնացման
եւ
ապակեդրոնացման
ներդաշնակութիւնը։
Իւրաքանչիւր
նահանգ
իր
շրջանակին
մէջ
ինքնավար
է
իր
ազգային
գործերուն
համար։
Այդ
ինքնավարութեան
օրէնքները
միօրինակ
են
ամէն
մէկ
նահանգի
համար։
Ամէնքը
իրենց
պատգամաւորներուն
միջոցաւ
կը
կեդրոնանան
Պոլիս
Ազգային
Ժողովի
մը
մէջ,
որուն
գլուխը
Պատրիարք
մըն
է,
երկու
ժողովի
հետ
միասին.
մէկը
Կրօնական,
միւսը՝
Քաղաքական։
Կեդրոնը
սակայն
իր
համատարածութեանը
մէջ
միեւնոյն
կազմակերպութիւնն
է,
ինչ
որ
նահանգայինը։
Պոլսոյ
Ազգային
Ժողովը
եւ
Պատրիարքարանը
վերհսկող
մարմինն
են
Թուրքիոյ
ընդհանուր
հայոց
վրայ։
Համբաւաւոր
բանաձեւը,
որ
օր
մը
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսին
ընտրութեան
առթիւ
պիտի
հռչակուէր
եւ
օրէնքի
մը
զօրութիւնը
պիտի
առնէր,
այդ
բանաձեւը
արդէն
1850ին
բողբոջած
էր
Ռուսինեանի
ուղեղին
մէջ,
ազգային
ամբողջ
կազմակերպութեան
մը
համար։
Այդ
բանաձեւն
էր՝
«ընտրութիւնը՝
նահանգին,
վաւերացումը՝
կեդրոնին».
այսինքն՝
կիլիկիացիները
պիտի
ընտրէին
իրենց
կաթողիկոսը,
ու
կեդրոնն
էր՝
Պոլսոյ
Ազգային
Ժողովը՝
որ
այդ
ընտրութիւնը
պիտի
վաւերացնէր
կամ
բեկանէր։
Այսպէս
ալ,
Սահմանադրութեամբ
ամէն
մէկ
նահանգ
ինքը
կը
կատարէ
իր
ընտրութիւնները,
բայց
վերջին
խօսքը
կը
մնայ
վերին
խնամակալին,
որ
է
Կ.
Պոլսոյ
Պատրիարքարանը։
Սահմանադրութեան
շնորհիւ
Թուրքիոյ
հայերը
մէկ
ազդեցութեան
մը,
մէկ
հայրենիքի
մը
շօշափելի
գաղափարը
ունեցան։
Եւ
այդ
գաղափարը
դեռ
շատ
ուրիշ
ծնունդներ
պիտի
ունենար։
Այս
կարգ
մը
տեղեկութիւնները
կրնան
գրական
կեանքի
շրջանակէն
դուրս
համարուիլ։
Բայց
առանց
անոնց
օժանդակութեանը
պիտի
չկրնայինք
ըմբռնել
Ռուսինեանի
մը,
Օտեանի
մը
գրական
առերեւոյթ
ամլութեան
պատճառները։
Հանրային
կեանքը
իրենց
ամբողջ
ժամանակը
գրաւած
էր։
Հանրային
կեանքն
էր
իրենց
հոգն
ու
մտմտուքը։
Իրենց
յաջորդող
երկու
սերունդներն
ալ
այդ
ծանր
մտատանջութեանց
հարկէն
ազատ
չեղան։
Անոնք
ալ
իրենց
կարողութիւնները
հրապարակագրութեան
միջոցաւ
նուիրեցին
ազգային—ընկերական
խնդիրներու։
Անոնք
ալ
կռուողներ
եղան
իրենց
նախորդներուն
պէս,
եւ
իրենց
նախորդներուն
պէս
ժամանակ
ու
դիւրութիւն
չունեցան
գեղարուեստական
գրականութեամբ
զբաղելու։
Մեղադրելի՞
են։
Մտաւորականները
չափազանցօրէն
եսամոլներ
պիտի
համարուէին,
երբ
իրենց
ցեղին
օրուան
տենչանքներուն
անտարբեր
հանդիսատեսներ
մնալով,
իրենց
մտքի
ուժը
նուիրէին
պարզապէս
գրասիրական
հաճոյքներու։
Եւ
ի՞նչ
շունչ
պիտի
փչէր
գրքէ
մը,
որ
ոչ
վշտակից
է
իր
ցեղին
ցաւերուն,
ո՛չ
ուրախակից
անոր
խնդութեանցը։
Ռուսինեան
իր
այս
բոլոր
մտահոգութիւններովը
մէկտեղ
կրցաւ
գրական
ժառանգութիւն
մը
թողուլ։
Իր
ատենաբանութեանցը,
իր
բանաստեղծութեանցը,
իր
թարգմանութեանցը
հաւաքածուն
մեծ
հաճոյքով
պիտի
կարդացուի
անոնցմէ,
որ
արուեստը
կը
սիրեն,
ու
կը
ցնծան,
երբ
գրական
գեղեցկութեան
հանդիպին.
նոյնիսկ
Ազգային
Տուրքերու
վրայ
ատենաբանութեան
մը
մէջ։
***
Նոյեմբերի
իրիկուն
մը,
1876—ին,
երբ
Օտեան
տուն
մտաւ,
եղբօրորդին,
պզտիկ
Երուանդը
—
հիմակ
ինքը
գրական
Օտեան—առջեւը
վազեց
աղաղակելով
—
Հօբար,
Ռուսինեանը
մեռեր
է։
Օտեան
բառ
մը
չգտաւ
ըսելու։
Լալ
սկսաւ։
Պոլիս
ամէնքն
ալ
լացին։
ՅՈՎՍԷՓ
ՇԻՇՄԱՆԵԱՆ
(ԾԵՐԵՆՑ)
Կ.
Պոլսեցի
հանրային
մարդ,
Կ.
Պոլսեցի
հրապարակագիր,
Կ.
Պոլսեցի
վիպասան,
եւ
սակայն
իր
համբաւը
աւելի
Ռուսիոյ
հայոց
մէջ
տարածուած
քան
թէ
ասդին՝
Թուրքիոյ
հայոց
մէջ։
«Թորոս
Լեւոնի»
կիլիկեան
կեանքէն
վէպը
1879ին
Պոլիս
կը
տպուի։
Լրատու
մը
Թիֆլիսի
ռուսերէն
թերթի
մը
մէջ
կը
ծանուցանէ,
թէ
արդէն
Պոլիս
այդ
վէպեն
30,
000
օրինակ
լափած
է։
Եւ
որովհետեւ
յաջողութիւնը
միշտ
յաջողութիւն
կը
բերէ
ըսած
են,
ահա
հրաշապատում
զրոյցն
ալ
իր
հրաշքը
ցոյց
կուտայ։
Ծերենց
օրուան
նորութիւնը
կը
հռչակուի
Թիֆլիս։
Յիշենք,
որ
այդ
թուականին
Պոլսոյ
վարկը
Կովկասի
հրապարակին
վրայ
բարձր
կը
բռնուէր,
շնորհիւ
ժամանակակից
դէպքերուն։
Շիշմանեան
գրական
համբաւն
ա՛լ
տարածուեցաւ
ու
տարածուեցաւ։
«Թորոս
Լեւոնին»
երկրորդ
տպագրութիւն
կ՚ունենայ։
Անոր
կը
յաջորդեն
մեր
հին
պատմական
կեանքէն
ուրիշ
վէպեր,
որոնք
ջերմագին
ընդունելութիւն
կը
գտնեն։
Որքան
որ
ալ
Ծերենց
իր
վերջին
վէպերը
Թիֆլիս
գրած
է,
բայց
իր
տեղը
միշտ
Թուրքիոյ
հայոց
գրականութեան
մէջ
է։
Իր
ամբողջ
հանրային
կեանքը
Պոլիս
անցուցած
է.
իր
բոլոր
գրածները
պոլսական
բարբառով
են։
Շիշմանեան
վիպասան
մը
ըլլալէ
առաջ
հանրային
կեանքի
մարդ
մը
եղաւ
ու
մարտնչող
հրապարակագիր
մը։
Մխիթարեանց
նախկին
աշակերտը,
Փարիզի
համալսարանէն
վկայեալ
բժիշկը
Պոլսոյ
մէջ
գործունեայ
անձնաւորութիւն
մը
եղաւ։
Սագզ—Աղաճիի
պատրիարքարանին
շուրջը
տեղի
ունեցած
պայքարներուն
մէջ
Շիշմանեան
մեծ
դեր
մը
կատարեց,
մասնաւորապէս
իր
ատենապետի
պաշտօնովը։
Ինքն
ալ
հայ
ազգին
մէկ
հատուածին
մէջ
կը
մաքառէր
այնպէս
ինչպէս
Գում—Գաբու
կը
մաքառէին
Օտեան,
Ռուսինեան։
Ու
ետքը
ետքը
ինքն
ալ
եկաւ
Գում—Գաբուի
խորհրդարանին
մէջ
իր
բարեկամներէն
թափուր
աթոռներուն
վրայ
բազմիլ։
Հայոց
մէջ
ամէն
անոնք,
որ
մարտնչողներու
սպայակոյտին
կը
պատկանին,
պէտք
է
որ
գրիչը
ձեռքերնին
ունենան։
Շիշմանեան
շատ
վարպետ
էր
այդ
զէնքին
գործածութեանը
մէջ։
Իր
յօդուածները
հրատարակող
թերթերը
եղան
գլխաւորապէս
Ծիածան,
Մասիս,
Արեւելեան
Մամուլ։
Կը
գրէր
բազմակողմանի
հմտութեամբ։
Ունէր
իրեն
սեփական
ոճ
մը,
բաւական
պարզ,
բայց
բաւականէն
շատ
աւելի
գրաւիչ։
Մինչ
ո՛չ
Օտեան,
ո՛չ
Ռուսինեան,
ո՛չ
Պէշիկթաշլեան,
ո՛չ
ալ
ուրիշ
համբաւաւոր
գրողներ
Հայաստանը
տեսած
էին.
Ծերենց
բախտ
ունեցաւ
երթալ
իր
աչքերովը
տեսնել
հայրենի
երկիրը
ու
հայ
ժողովուրդը։
Ինք
հայրենիքի
շունչը
շնչեց,
ու
հայրենիքն
ալ
իրեն
ներշնչեց
վէպերը,
որոնք
իր
անունն
ու
յիշատակը
կը
պահեն,
կը
պահպանեն։
Եւ
երբ
գրեթէ
մոռցուած
կը
համարուին
իրմէն
շատ
աւելի
բարձր
ու
աւելի
գեղեցիկ
ոճով
գրողները,
վասնզի
ցիրուցան
են
իրենց
գործերը,
ու
ժողովուրդին
ալ
դիւրամատչելի,
Ծերենց
միշտ
կը
մնայ։
Ու
դեռ
շատ
երկար
ատեն
ալ
պիտի
մնայ,
վասնզի
զուտ
տոհմային
գրագէտն
է։
Իր
վէպերը
պիտի
շարունակեն
ազգային
պատմութեան
ուսուցիչներ
ըլլալ
հայոց
սրտին։
ՏԷՐՈՅԵՆՑ
ՊԱՏՈՒԵԼԻ
Կրօնասիրութիւնը
կրօնամոլութեան
տարած
հռչականուն
աստուածաբան
մը։
Պրուսացի
Տէրոյենց
պատուելին,
աւելի
ճանչցուած՝
«Չամուրճի»
մականունովը,
կէս
դար
առաջ
եզական
դէմք
մը
կը
ներկայանար։
Մեր
օրերն
ալ
ապրելով
պիտի
չկորսուէր
խռանին
մէջ։
Ընդհակառակը։
Հիմակ
փակուած
ըլլալով
մաքառումի
շրջանը,
Պահպանողականութեան
պետը
իր
տաղանդին
արժանաւոր
յարգանքը
պիտի
գննէր
նոյնիսկ
հակառակորդներէն
ալ։
Տէրոյենց
լեզուագէտ
ու
բազմագէտ
միտք
մըն
էր։
Կրօնագիտական
հմտութեանը
հաւասարող
չկար։
Հրատարակած
է
շատ
գրքեր.
խմբագրած
է
ի
միջի
այլոց՝
Հայաստանը,
Երեւակը։
Սահմանադրութեան
հաստատման
կռուին
ատեն
մեծ
դեր
կատարեց։
Պահպանողականներուն
մտաւորական
էն
կարեւոր
ոյժն
էր,
եւ
անոնց
պատգամատուն։
Երբ
տեսնուեցաւ
թէ
ա՛լ
չարիքը
անխուսափելի
էր,
այսինքն
թէ՝
վարչական
դրութիւնը
հիմնովին
պիտի
փոխուէր
Սահմանադրութեան
մը
հաստատութեամբը,
Չամուրճին
ան
ատեն
ջանաց
կանոնագրքին
մէջ
կղերամտութիւն
ներմուծել։
Իր
թելադրութեամբն
ու
ազդեցութեամբը
եկեղեցականները
մինչեւ
աստիճան
մը
իրենց
յատուկ
իրաւունքները
ունեցան,
իբր
աշխարհականներէն
անջատ,
որոշ
դասակարգ
մը։
Այսպէս՝
Պոլսոյ
եկեղեցականները
Ազգային
Երեսփոխանութեան
քսան
պատգամաւոր
կը
ղրկեն,
եկեղեցականներու
համագումար
ժողովէ
մը
ընտրուած։
Սահմանադրութեան
առաջին
ծրագիրը
աշխարհականը
եկեղեցականէն
անջատող
տրամադրութիւններ
չէր
պարունակեր։
Տէրոյենց
ուզեց
կրօնամոլութեան
ապագայ
մը
երաշխաւորել։
Ազդեցիկ
ամիրաները
իր
կռնակն
էին։
Լուսաւորեալները,
Խաւարեալներուն
ահեղ
ընդդիմադրութեան
շարունակութիւնը
վերջացնելու
համար,
տեղի
տուին
անոնց
կարգ
մը
պահանջումներուն,
որով
Սահմանադրութիւնը
թեթեւ
իմն
կղերական
կը
թուի։
Սահմանադրութեան
ատենն
ալ
Տէրոյենց
միշտ
ծայրայեղօրէն
կրօնասէր
մնաց։
Ազգային
Ժողովը
օր
մը
կը
սկսի
խորհիլ
իր
նիստերը
կիրակիները
ընելու։
Յաջորդ
նիստին
դիւանէն
նամակ
մը
կը
կարդացուի։
Բողոքարկութիւն
մըն
է։
Կը
պահանջուի
Տէրունական
օրը
աշխատութեան
չյատկացնել։
Ատենապետը
դեռ
ստորագրութեանը
չհասած,
երեսփոխանները
կ՚աղաղակեն,
«Չամուրճիէն
է»։
Տէրոյենցի
կրօնամոլ
գաղափարներուն
դէմ
երեսփոխանները
միաձայն
բողոքեցին։
Նոյն
միաձայնութեամբ
ալ
որոշեցին
նիստ
չընել
կիրակի
օրերը։
Ծայրայեղօրէն
միմեանց
հակառակող
գաղափարները
երբեմն
ինչքա՜ն
շուտով
կը
հաշտուին,
ընդ
հովանաւորութեամբ
հանգստասիրութեան։
Պատուելին
ծեր
մեռաւ,
միշտ
պահելով
իր
մտաւոր
կարողութիւնները,
բայց
այլեւս
մեկուսացած։
ՄԿՐՏԻՉ
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Յիշատակը
դեռ
երէկուան
պէս
դալար
է
մեր
գրականութեան
մէջ,
զի
հայրենիքի
սէրն
ալ
միշտ
կը
դալարի
հայ
սրտերուն
մէջ։
«Զգայուն
հայրենասիրութեան»
ոտանաւորները
կը
վխտան
ժամանակին
երգարաններուն
մէջ,
բայց
հազուագիւտ
բացառութիւններ
են
բանաստեղծութիւնները,
որոնք
խանդավառ
զգացումը
կը
գեղազարդեն
եւ
պերճ
գրականութեամբ
ալ։
Պէշիկթաշլեան
բացառիկներուն
բացառիկն
է։
Հեղինակող
կամ
նմանող,
միշտ
կը
մնայ
մտքերու
դիւթիչ,
սրտերու
հմայիչ։
ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ
ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Եզական՝
որովհետեւ
Էջմիածնի
միաբան
թէեւ,
բայց
եւրոպականացեալ
միտք
եղաւ։
Ուսում
ստացաւ,
լեզու
սորվեցաւ,
ու
հրատարակեց
Շար
Հայ
Պատմագրացը
։
Եզական՝
որովհետեւ
Մանչէսթր
իր
առաջնորդութեանը
չուզեց
հօրանալ,
պարարտանալ։
Հանդէս
մը
հրատակարեց,
Երկրագունտը։
Եզական՝
որովհետեւ
դրամը
դրամին
համար
չսիրեց,
այլ՝
իր
բերնէն
կտրեց,
ստակ
աւելցուց
եւ
գումարը
դպրոցի
մը
հիմնարկութեանը
յատկացուց։
Եզական՝
որովհետեւ
ինք
եկեղեցական,
ուզեց
եկեղեցին
մաքրել
գոնէ
բրածոյ
քանի
մը
աւանդութիւններէն,
որոնք
մտքերը
պէտք
եղածէն
աւելի
կը
խաթարեն։
Եզական
նաեւ
ուրիշ
նկատումներով
ալ,
որոնց
վրայ
չենք
ուզեր
ծանրանալ։
Ու
սրտի
գելումով
պէտք
է
յիշատակենք,
որ
իր
հրատակարած
գրքերը
հիմակ
մոռցուած
են,
Երկրագունտը
աներեւութացած,
Շահնազարեան
վարժարանը
քար
քարի
վրայ
չմնացած։
Ու
ծանրապէս
վտանգուած,
ինչ
որ
յիշելու
հարկ
չենք
տեսներ։
ՊԵՏՐՈՍ
ԴՈՒՐԵԱՆ
Ի՞նչ
պիտի
ըլլար։
Գաղտնիքը
հետը
գերեզման
տարաւ։
Բանաստեղծ
ծնած,
իր
բնածին
կարողութեանց
զարգացումովը
մեծկակ
տեղ
մը
պիտի
բռնէր
մեր
նոր
գրականութեան
մէջ։
Հիմակ
սրտերու
մէջ
է
իր
տեղը։
Քսանամենի
վաղամահիկը
երեսուն
տարիէ
ի
վեր
նորածիլ
երիտասարդներուն
գրաւիչն
է։
Տրտմաթախիծ
սրտերու
ալ
սփոփանքն
է։
Ահա
ինչո՛ւ
շատ
ժողովրդական
անուն
մը,
քանի
մը
բանաստեղծութիւններով։
ՄԱՏԹԷՈՍ
ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ
Նախորդ
սերունդէն
մինչեւ
մեր
օրերը
անընդհատ
շարունակութեամբ
առաջ
գացող
տաղանդալից
հրապարակագրին
անունը
հանրածանօթ
է։
Արեւելեան
Մամուլի
խմբագիրը
օժտուած
էր
մեծ
կարողութիւններով,
բայց
իր
ետին
մեծ
բան
մը
չի
թողուր։
Վրոյր
ու
Շահնուր
քրոնիկներէն
քաղուած
հատընտիր
մը
միշտ
հաճոյքի
ընթերցում
մը
պիտի
ըլլայ,
յատկապէս
պատմասէրներուն
համար։
Անով
պիտի
պահպանուի
կայծակնացայտ
հրապարակագրին
յիշատակը։
Մամուրեան
հանրային
կեանքի
մէջ
գործօն
դեր
չկատարեց։
Գուցէ
այն
պատճառով,
որ
խօսելու
դիւրութիւն
չունէր։
Կրակոտ
պայքարներու
մարդը
չէր
այդ
դիտող,
խայթող
նրբին
հեգնութեանց
սիրահար
միտքը։
Կանուխէն
քաշուեցաւ
Իզմիր,
ուր
գործունէութեան
լայն
ասպարէզ
չկայ։
Կ՚ապրէր
իբրեւ
ուսուցիչ
ու
խմբագիր։
Հայերէն
լեզուին
տիրացած
էր,
ինչպէս
նաեւ
մէկ
երկու
եւրոպական
լեզուներու։
Քառասուն
տարուան
անդադրում
արտադրութիւններով
հզօրապէս
աջակցեցաւ
մեր
նոր
աշխարհաբարին
բարգաւաճմանը։
Իր
հեղինակութիւններէն
ակներեւ
կը
տեսնուի,
որ
շատ
կարդացած,
շատ
բան
իւրացուցած
էր։
Իր
ամէն
մէկ
էջին
մէջ
գրական
մարդը
երեւան
կու
գայ։
Օրագրողի
իր
ոճը
գրաւիչ
նորութիւն
մը
եղաւ
մեր
հրապարակագրութեան
մէջ։
Կարճ,
կտրուկ,
պատկերալից
պարբերութիւնները
տողերուն
վրայէն,
մէջէն
կարծես
կը
ցատկռտէին։
Իր
այդ
ոճովը
Մամուրեան
շատ
օժանդակեց
հայ
գրականութիւնը
եւրոպականացման
ճամբու
մէջ
դնելու։
Իր
թարգմանութիւնները
ընդհանրապէս
այնպիսի
գրքեր
եղան,
որոնք
ժողովուրդին
ամէն
դասակարգէն
ախորժով
կրնային
կարդացուիլ։
Այդ
ախորժելի
ընթերցումները
շատ
ու
շատ
նպաստեցին
ազգին
ամէն
խաւերուն
մէջ
աշխարհաբարի,
հետեւաբար
եւ
հայ
լեզուին
տարածմանը։
Մամուրեան
երեսուն
տարիէն
աւելի
Իզմիր
հանդարտ
ու
խաղաղ
կեանքով
ապրեցաւ։
Մեծ
հեղինակութիւն
մը
պատրաստելու
ժամանակ
ու
դիւրութիւն
ունէր,
սակայն
ակնկալութիւնները
պատրեցան։
Կը
թուի,
թէ
հռչականուն
հրապարակագրին
տաղանդական
յատկութիւնները
աննպաստ
էին
երկասիրութեանց,
որոնք
երկարատեւ,
համբերող
աշխատութիւններէ
եւ
ճիգերէ
կը
ծնին։
ԳՐԻԳՈՐ
ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Թարգմանիչ
մը,
որ
ներգործեց
նոր
սերունդին
վրայ։
Հիւկոյի
«Թշուառները»
թարգմանեց։
Անոնք,
որ
մօտէն
դիտած
են
1860էն
ի
վեր
մեր
հանրային
կեանքին
փոփոխութիւնները,
անոնք
աղէկ
հասկցած
են
թէ
«Թշուառները»
կարեւոր
դեր
մը
կատարած
են
մեր
մէջ։
Այդ
հոյակապ
գործին
թարգմանութիւնը
պիտի
բաւէր
Չիլինկիրեանին
մեր
արդի
գրականութեան
մէջ
կարեւոր
տեղ
մը
տալու
համար,
սակայն
համբաւաւոր
թարգմանիչը
ուրիշ
շատ
գործեր
ալ
տուած
է։
Դիտելի
է,
որ
Չիլինկիրեան
չի
հետամտիր
ախորժալուր
վէպերու
թարգմանութեան.
իր
ձգտումը
աւելի
գրական
է,
աւելի
գաղափարական։
Ընդհանրապէս
մեզի
հեղինակաւոր
անունները
կը
ծանօթացնէ։
Մամուրեանի
չափ
ժողովրդական
եղած
չէ,
վասնզի
իբր
թարգմանիչ՝
իր
ընտրութիւնները
ամենուն
դիւրամատչելի
չեն։
Իբր
հեղինակ՝
շատ
պարզ
ոճ
մը
չունի։
Չիլինկիրեանի
գրութիւններէն
համ
առնելու
համար
պէտք
է
գոնէ
մինչեւ
աստիճան
մը
գրական
զարգացում
ունենալ
ու
եւրոպական
մատենագրութեան
ընտելացած
ըլլալ։
Չիլինկիրեան
Իզմիր
Ծաղիկը
հրատարակած
է։
Այդ
հանդէսը
հիմակ
կարդացողներն
իսկ
անոր
մէջ
պիտի
կրնային
գտնել
գրական
ու
քաղաքական
յառաջդիմութեան
մղող
այնպիսի
յօդուածներ,
որոնք
այսօր
ալ
այժմէական
պիտի
համարուէին։
Իր
Կ.
Պոլիս
ուղեւորութեան
նամակները,
որոնք
առանձին
հատորով
ալ
հրատարակուած
են,
պատմական
հմտութեամբ
լեցուն
են։
Հեղինակին
ոճը
տափակ,
ընթացիկ
ոճ
մը
չէ։
Գրագէտ
մարդու
դրոշմը
կը
կրէ
այդ
հատորիկը։
Բայց
այցելուն
Պոլիս
անտես
ըրած
է
հայ
ժողովուրդին
ահագին
զանգուածը։
Թուրքիոյ
մայրաքաղաքին
120,
000
հայոցմէն
քանի
մը
առաջնակարգ
կամ
երկրորդական
կարեւորութիւն
ունեցող
դէմքեր
գրաւած
են
իր
ուշադրութիւնը։
Բայց
այն
ահագնաթիւ
պանդուխտնե՞րը,
բայց
այն
բազմաթիւ
ժողովո՞ւրդը։
Ամէնքն
ալ
անտես
եղած
են։
Ու
այս
մոռացութիւնը
ա՛լ
հիմակ
մեզի
տարօրինակ
չի
թուիր։
Թուրքիոյ
հայոց
գրականութեան
համար
1850էն
մինչեւ
մօտաւոր
շրջան
մը,
ժողովուրդը
եւ
իր
կեանքը
գրեթէ
գոյութիւն
չունէին։
Չիլինկիրեան
ալ
իր
ժամանակին
մարդն
էր։
Բայց
«Թշուառները»
շատ
թերութեանց
արձակում
կու
տան։
ՄԱՏԱԹԻԱ
ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Մխիթարեան
նախկին
վարդապետ
մը,
որ
իբր
աշխարհական
Պոլիս
մեծ
ուսումնականի
համբաւ
վայելեց։
Իր
քննադատական
պատմութեան
արժանիքը
մասնագէտները
կրնան
գնահատել։
Քառասուն
տարի
մը
առաջ
Սերը
կը
խմբագրէր։
Ջերմեռանդ
գրաբարեան
մըն
է։
Գրաբարի
ուսուցումը
դիւրացուց՝
յօրինած
դասագրքերովը։
Աշխարհաբարը
խըժդըժալուր
է։
Ամերիկեան
միսիոնարները
Գարագաշեանի
թարգմանել
տուին
Աստուածաշունչը,
զոր
կէս
դար
մը
առաջ
արդէն
աշխարհաբարի
վերածած
էր
ամերիկացի
մը։
Ժողովուրդը
նոր
թարգմանութենէն
պարզապէս
սոսկաց։
Պայպըլ—Հաուզ
պարտաւորուեցաւ
հրապարակէն
ժողվել
Գարագաշեան
թարգմանութիւնը,
ու
անոր
տեղը
շարունակել
հինին
տարածումը։
Այս
երկու
թարգմանութիւնները
բաղդատողները
կը
համոզուին
«բնական»
աշխարհաբարին
գերազանցութեանը
«տրամաբանականին»
վրայ։
Ժողովուրդը,
որուն
համար
կը
տպագրուի
աշխարհաբար
«Աստուածաշունչը»,
իր
վճիռը
տուաւ։
***
Թուրքիոյ
հայոց
գրականութեան
պատմութիւնը
կ՚ուրուագծենք
մինչեւ
1880
թուականը։
Այս
տեսութեան
գլխաւոր
նպատակը
եղաւ
ամփոփ
կերպով
մը
յիշեցնել
այն
պատճառները,
որոնք
մեր
գրականութեան
այս
ընթացքը
տուին։
Կը
յուսանք
թէ
1880էն
մինչեւ
մեր
օրերուն
գրականութեան
վրայ
ալ
տեսութիւն
մը
ընելու
առիթը
կ՚ունենանք։
Ու
թերեւս
այս
առթիւ
վերադառնանք
1850—1880ի
գրականութեան,
որ
հանրային
կեանքին
հետ
ունեցած
անմիջական
յարաբերութիւններովը
ու
իր
բազմատեսակ
արտադրութիւններովը
բազմահարուստ
պատմութիւն
մը
ունի։