Պատմութիւն ԺԹ դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Մխիթարեան Միաբանութեան երկասիրութիւնները երեք ճիւղի կը բաժնուին, պատմական, լեզուական, մատենագրական։ Մեր նոր գրականութեան վրայ ասոնցմէ իւրաքանչիւրին ներգործութիւնը համառօտ մը յիշեցնենք։
       Մխիթարեանց առաջին գործը եղած է Հայոց պատմութեան տարածումովը ապահովել մեր ազգայնութեան պահպանումը։ Իրենց պատմական հրատարակութիւնները հզօրապէս նպաստեցին մեր անցեալին յարութեանը։ Մեր ժամանակակից կեանքը նախ եւ առաջ մեր հին պատմութեան ստեղծագործութիւն է։ Երբ Կ. Պոլսոյ հայոց մտաւորական շարժումին վրայ խօսինք, հոն պիտի տեսնենք պատմութեան ազդեցութիւնը նոր սերունդներուն մտքին վրայ։
       Մխիթարեաններ եղան նաեւ մեր լեզուին աւանդապահները, ու զայն զարգացուցին։ Լեզունիս երկրին մէջ կենդանի կը մնար, բայց իր ոյժը կը սպառէր։ Երբ լեզու մը չի յառաջդիմեր, ա՛լ կը սկսի հիւծիլ։ Մեր լեզուն չէր կրնար յառաջդիմել, վասն զի մտքերնիս ալ չէր յառաջդիմեր։ Քաղաքական աղէտները դարերու մէջ հայ ցեղը հետզհետէ տկարացնելով, տկարացուցած էին եւ անոր լեզուն ալ։ Իսկ օտար աշխարհներ՝ հայ լեզուն հայ ժողովուրդին բոլորովին անպէտ ըլլալու վտանգին կ՚ենթարկուէր։ Մխիթարեանները ի մի համբարեցին լեզուին բառերը, ոճերը, ու զանոնք միանգամայն գործածութեան մէջ դրին նորանոր հրատարակութիւններով։ Բառարաններ ու բազմատեսակ գրքեր հայ լեզուի ընտելացումը եւ անոր գործածութիւնը դիւրացուցին, մասնաւորապէս անոնց՝ որոնք լեզուն սորվելու համար դիւրութիւն չունէին նախնեաց բոլոր գիրքերը համբերատար աշխատութեամբ ուսումնասիրելու։
       Մխիթարեանները թարգմանեցին հելլէն եւ լատին մատենագրութեանց գլուխ գործոցները։ Եւրոպան ալ գրելու արուեստը ասոնցմէ սորված է, եւ կը շարունակէ սորվիլ։ Թուրքիոյ հայոց գրականութեան մէջ կտեսնուի հելլէն-լատին դպրութեանց ազդեցութիւնը։
       Որքան աւելի խորապէս քննենք Մխիթարեան հրատարակութիւններուն յատկութիւնները, այնքան աւելի խորապէս պիտի համոզուինք անոնց դերին բարերար ներգործութեանը մեր մտքին վրայ, մեր լեզուին վրայ, մեր ոճին վրայ։
       ***
       Նոր գրականութեան միւս կեդրոնը Իզմիր եղաւ։ Իզմիրի հայոց գրականութեան պատմութիւնը կնճռոտ չէ։ Քիչ շատ եւրոպականացեալ համարուող հելլէն քաղաքի մը մէջ, որ հարուստ էր, հայ գաղթականութիւն մը, նիւթապէս բարգաւաճ՝ կ՚ունենայ իր տպարանը, տեղական մամուլը եւ գրականութիւն մը, որ գլխաւորապէս թարգմանական է։
       Իզմիրի հայերը ազգային ընդհանուր կեանքին անմիջական, ընդարձակ մասնակցութիւն մը չէին կրնար ունենալ. իրենց տեղական կեանքն ալ նեղ շրջանակի մը մէջ կը սահմանափակուէր։ Հեռու կը մնային Հայաստանէն. մայր հայրենիքի հետ իրենց յարաբերութիւնները ո՛չ բազմատարած էին, ոչ ալ յաճախակի։ Այս բոլոր հանգամանքները աննպաստ էին տոհմային դրոշմ կրող գրականութեան մը ստեղծած ձգտումներուն։ Իզմիր առաջին անգամ տպարան ունեցաւ 1759ին։ Այդ թուականէն ի վեր իր հրատարակութիւնները գլխաւորապէս օրագրական ու թարգմանական եղած էին։ Արշալոյս Արարատեան, Արփի Արարատեան, Ծաղիկ, Մէտէորա, Արեւելեան Մամուլ կէս դարու մէջ միմեանց յաջորդեցին կամ միասին ապրեցան։ Հեղինակութիւնները սակաւաթիւ են. դարագլուխ կազմող, անմոռացութեան սահմանուած գիրք մը չկայ։
       Իզմիրի տպագրուած թարգմանութիւններն են, որ իրենց տեսակին մէջ նորութիւններ եղան եւ ազդեցին մտքերու ընթացքին վրայ։
       Այդ թարգմանութիւնները գլխաւոր երկու բաժանումի կը վերածուին, զուարճացնողներ, հրահանգողներ։
       Առաջին բաժանումին կը պատկանին Մոնթէ—Քրիսթոյի պէս գրքերը։ Ասոնք հայ ժողովուրդին ընթերցանութեան ախորժակ բերին։ Հետաքրքրութիւն արթնցնող, երեւակայութիւն գրգռող, հրապոյր պարգեւող գրքեր, որոնք լափուեցան։ Իզմիրեան թարգմանութիւնները մեծ զարկ տուին ընթերցասիրութեան. ով որ գիրք մը կարդալ կը սկսէր, ա՛լ չէր կրնար զայն ձեռքէն ձգել մինչեւ աւարտումը։ Այդ գիրքերը, հափշտակեցին ժողովուրդին միտքը, հզօր եւ տեւական ազդեցութիւն մը ունեցան։ Կ. Պոլսոյ օրագրական մամուլն ալ օրինակ առաւ Իզմիրէն։ Այսօր այդ մամուլը իր յաջողութեանը համար շատ բան պարտական է զուարճացնող վէպերու թարգմանութեան։
       Իզմիրեան այդ կարգի թարգմանութիւնները նոյն իսկ իրենց տեսակին մէջ, եւրոպական գրականութեան վրայ գաղափար մը տուին, մասնաւորապէս անոնց՝ որոնք անընդունակ էին մեծ գրականութեան արտադրութիւնները հաճոյքով կարդալու։ Ինչ որ ալ ըլլայ, այդպիսի գիրքերը ժողովուրդին իմացուցին թէ իրենց գիտցածէն տարբեր ոճով գրականութիւն մը կայ Եւրոպայի մէջ։ Այդ թարգմանութեանց միջոցաւ ազգին մէջ տարածուեցան եւրոպական պատմութեան վրայ գաղափարներ, գիտական տեղեկութիւններ, բարոյականի գործնական դասեր։
       Երկրորդ բաժանումը բնորոշող գիրքը Հիւկոյի Թշուառները են։ Այդ մեծ գլուխ-գործոցը իր մանրամասնութիւններուն մէջ անշուշտ շատ հասկանալի չէր հայ ժողովուրդին։ Նոյն իսկ քիչ շատ կանոնաւոր կրթութիւն մը ստացողները շատ դժուարութիւններ պիտի քաշէին Թշուառները ինչպէս որ պէտք է հասկնալու համար։ Բայց Հիւկոյի շունչը կը սարսռեցնէ, կը հովհարէ ամբոխն ալ։ Թշուառները աներեւակայելի նորութիւններով հմայեց հայ ժողովուրդը։
       Այս երկրորդ շարքին մէջ են այն փոքրիկ հատորներն ալ, որոնք պարունակութեամբ Թշուառներէն թէեւ հիմնովին կը տարբերին, բայց մեծ գրականութեան կը պատկանին. օրինակ՝ Կէօթէի Վերթերը , Միւսէի Դարուս մէկ զաւկին խոստովանանքը։
       Այսպէս ահա Մխիթարեանները մեր հին պատմութիւնը, մեր հին լեզուն, հելլէն—լատին դասական հին գրականութիւնը մեր մէջ ծաւալելով կը ջանային մեզի մեր հայրենիքին հարազատ զաւակը պահել եւ աշակերտել տիեզերական վսեմ արուեստին։ Իզմիրի գրագէտները կուգային ծերօն կաղնիին վրայ պատուաստել ժամանակակից լեզուն, ժամանակակից գրականութեան գեղեցկութիւնը։