Պատմութիւն ԺԹ դարու Թուրքիոյ հայոց գրականութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Մեր գրականութեան պատմութիւնը ըրած ատենիս երբ «Թուրքիոյ Հայեր» բացատրութիւնը կը գործածենք, անով պէտք է պարզապէս «Կ. Պոլսոյ Հայեր» հասկնալ։ Հայաստան գիրք ու թերթ ունեցած չէ։
       Իսկ Կ. Պոլսոյ գրականութեան յատկանիշը հրապարակագրութիւնը եղաւ. վասն զի պոլսեցիները կռուի կեանքով մը ապրեցան։ Քանդումի եւ կառուցման կռիւներու կեանքը։ «Յառաջադիմութիւնը շինելու մէջ չի կայանար միշտ, այլ նաեւ քանդումի մէջ ալ», դիտել տուած է Պըքլ։
       Քանդումի այդ ձեռնարկը յայտնապէս երեւան գալ սկսաւ 1850ին բոլորտիքը. ուստի՝ երբ հիմակ Պոլսոյ գրականութեան վրայ հետադարձ ակնարկ մը տալ կ՚ուզենք, չուկէտը այդ 1850 թուականը կը դնենք։ Մեր աւանդական գաղափարները այդ ատենները սկսան իրենց դէմը նոր գաղափարներ գտնել։ Այդ թուականներէն կը սկսի բացուիլ թողարանը նոր մտքի մը, որուն վազքը 1895ին դադար կ՚առնէ, առժամապէս։ Պահպանողականութեան ու յառաջդիմութեան կռիւներու ծագումը։
       Այդ ծագումը ծայր կուտայ ԺԶ. դարուն վերջերը, Կ. Պոլիս առաջին հայ տպարանին հաստատութեամբ 1567ին։ Նոր հիմնարկութիւնը սկիզբները ուրիշ բան չեղաւ, բայց եթէ Հայաստանի վանքերուն ձեռագրական աշխատութիւնները դիւրացնող գործիք մը։ Բայց պիտի դիւրացնէր նաեւ նախնական կրթութեան տարածումը։ Տպարանէն դպրոցը կը ծնէր. երկուքէն՝ վերածնունդը հայ մտքին։
       Դանդաղկոտ յառաջխաղացութիւն, բայց ետեւնիս հազարաւոր տարիներու կոշկոռ մը կար. երկաթի մը պտըտիկ կտորը զայն պիտի ծակեր ու հոնկէ նոր մտքին համար անցք մը պիտի պատրաստեր դէպի ապագան։ Ռահվիրան պէտք ունէր ժամանակի օժանդակութեանը։
       Կ. Պոլիս առաջին տպարանին հաստատութենէն դարուկէս ետքն է, որ առաջին դպրոցն ալ կը բացուի ԺԹ. դարուն առաջին քառորդին. Տէր Թոդիկեան դպրատուն մը անշուշտ. բայց վերջապէս հարիւրաւոր տղոց ա, բ, գ, կը սորվեցնէր։ Հինգերորդ դարու ոսկեդարեան գրականութիւննիս ալ այբուբենէն ծնաւ։
       Տպարանին ու դպրոցին հզօր աջակիցը հանդիսացաւ շոգենաւը։ Մեր մտքին առջեւ Եւրոպայի ճամբան կը բացուէր։
       Շնորհիւ շոգենաւին, Կ. Պոլսոյ հայերը սկսան Եւրոպայի հետ առեւտրական ընդարձակ յարաբերութիւններ հաստատել։ Վաճառականութեան պահանջումովը օտար լեզուներու ուսումը Պոլսոյ դպրոցներուն մէջ ներմուծուեցաւ։ Օտար լեզուները բնականաբար իրենց հետ օտար, այսինքն՝ նոր գաղափարներ ալ պիտի մտցնէին նոր սերունդին մտքին մէջ։
       Այդ նոր սերունդը, դարձեալ շոգենաւերուն ընծայած դիւրութեանը շնորհիւ, պատեհութիւն կ՚ունենար նոյն իսկ Եւրոպայի մէջ ընտելանալ եւրոպական մտքին։
       Մինչ մէկ կողմէն նոր վաճառականութիւնը Անգլիայ կը դիմէր, միւս կողմէն ալ հայ տղաքը կրթուելու համար Ֆրանսա ու Իտալիա կը մեկնէին։ Պոլսոյ քաղքենի դասակարգին պատկանողներէն ոմանք իրենց զաւակները Բարիզ կը ղրկէին մասնագիտութիւն մը սորվելու համար։ Գացողներու խումբին մէջ կային նաեւ անանկներ ալ, որոնք ունեւորներու զաւակ չէին, բայց կը յաջողէին երթալ։ Ասոնք ամէնքը գրեթէ երիտասարդ եղած կ՚երթային։ Իսկ միեւնոյն ատենը՝ Վենետիկ ու Բատուայ բացուած Ռափայէլեան եւ Մուրատեան վարժարանները կ՚երթային պատանիներ, գրեթէ մանուկներ, որոնց ուղեղները պիտի զարգանային Մխիթարեանց ձեռքովն իսկ։
       ***
       Ֆրանսայէն եւ Իտալիայէն վերադարձող աշակերտները Պոլսոյ հայոց կեանքին վրայ շատ հզօր եւ վճռական ազդեցութիւն ունեցան։ Կու գային իրարմէ տարբեր գաղափարներով սնած։ Այդ տարբերութիւնները սակայն իրարու հետ կը ներդաշնակուէին ազգային կեանքին բարգաւաճմանը համար։ Բարիզ զարգացած երիտասարդութիւնը աւելի ընդհանուր, համամարդկային գաղափարներով տոգորուած էր, քան թէ զուտ հայկականներով։ Իսկ Մխիթարեանց աշակերտներուն յատկանիշն էր ինչպէս հիմակուան ընթացիկ բացատրութեամբ մը պիտի ըսուէր ազգայնամոլութիւնը, նասիոնալիզմ։
       Ֆրանսա գացող երիտասարդութիւնը Պոլսէն խելահաս կը մեկնէր, բարոյապէս ճնշող մթնոլորտի մը ազդեցութեանը ներքեւ։ Հասնելով Բարիզ, հայ երիտասարդները անյագօրէն կը լափէին Քինէի, Միշլէի, Հիւկոյի, Լամարթինի խօսքերն ու գրքերը։ Ու ժամանակը ընդհանուր մարդասիրութեան, տիեզերական եղբայրակցութեան դարն էր. 1848։ Երիտասարդները զուտ հայ կ՚երթային Բարիզ, ու հոնկէ՝ եւրոպականացեալ-հայ կը վերադառնային։
       Բարիզէն հիմնովին տարբեր միջավայրեր էին Վենետիկ ու Բատուա։ Արտաքին աշխարհէն անջատուած վարժարաններ՝ գրգանուշ դարաստաններ՝ անոնց մէջ մտերմական կեանքով կը մեծնային հայ տղաքը։ Իրենց լեզուին դայեակը մեր դիւցազանց լեզուն էր՝ գրաբարը իրենց սրտին դաստիարակը՝ մեր պատմութիւնն էր։ Ու Սուրբ-Ղազար՝ բացակայ հայրենիքին յիշատակարանը։ Տիեզերական մարդասիրութեան բազմաշառաչ գոռումներուն տեղ, զուտ իտալական հայրենասիրութեան ցաւի մրմունջը իրենց սրտերը կը կեղեքէր, անոր զայրոյթին գոռը իրենց հոգիները սրտմտութեամբ կը լեցնէր։ Ալֆիէրի, Ֆոսքոլոյ, Բինտեմոնթէ, Բելլիքոյ, Մանծոնի գաղափարի իրենց կրթիչները եղան։ Վենետիկեան լակունային թխորակ կանաչ ջրերը կարմրերփին տեսան. Սան-Ճիորճոյէն հոսած իտալական արիւնէն կարմրցած։ Թէտեսքոն իրենք ալ ատեցին։
       Գաղափարական տարբեր տարբեր կրթութիւնով Պոլիս վերադարձող երկու երիտասարդութիւնները մտաւորական միեւնոյն ըմբոստացման սպայակոյտը պիտի կազմէին։
       Այդ միջոցին Պոլիս տոհմային կեանքի մէջ բռնապետութիւնը մարմնացող երկու իշխանութիւն կար. Գում—Քաբուի՝ վաղնջուց, եւ Սագըզ—Աղաճիի՝ նորահաստատ Պատրիարքարանները։
       Երկու իշխանութիւնները թէեւ հաւասարապէս կը բռնապետէին, սակայն իրենց նպատակները համանման չէին։ Գում—Քաբու յառաջդիմութիւնը կը շփոթէր անհաւատութեան հետ։ Կը վախնար որ նոր գաղափարները, նոյն իսկ լեզուականները, հայ ժողովուրդը իր հայրենի աւանդութիւններէն կ՚օգտեն, եւ հետեւաբար իրեն մոռցնել կու տան իր ազգութիւնը, երկիրն ալ մէկտեղ։ Գում—Քաբուի բռնապետութեան նպատակը ազգայնութեան պահպանումն էր, ուստի եւ իր ձգտումը ազգասիրական։ Կը կարծէր պատերազմիլ ընդդէմ համամարդկային գաղափարին, որուն է՛ն աչքի զարնող ներկայացուցիչը Ռուսինեանը կը համարէր։
       Իսկ Սագըզ—Աղաճիի Պատրիարքարանը կը փափաքէր համամարդկային գաղափարներու տարածման. ուստի եւ կը ջանար ամէն միջոցով մահացնել ազգայնական զգացումը, որ կը մարմնանար յանձին Պէշիկթաշլեանի, Մխիթարեանց աշակերտ մը։
       Այս քանի մը նկատողութիւնները պէտք է աչքի առջեւ ունենալ, որպէս զի կարելի ըլլայ Կ. Պոլսոյ գրական ձգտումին եւ ուղղութեան ամբողջութիւնը ըմբռնել։ Այդ գրականութիւնը տեսակ մը վերացական, անհամ, անհոտ տաղաչափութիւն չեղաւ։ Ոմանք, եւ մասնաւորապէս ռուսահայ քննադատներ, այնպէս կարծեր են թէ, Վոսփորի ափերէն գրղ հայերը երգած են միայն ծաղիկը, լուսինը, զեփիւռը։ Ու արձակ գրողներն ալ պարզապէս քէֆի տեսակ մը գրականութիւն ըրած են, առանց գաղափարական ո՛եւէ ձգտումի։ Այս սխալ դատողութիւնը հետեւանք է հարեւանցի տեսութեանց, երեսէ եւ ոչ թէ քիչ մը խոր փորուած քննութեան։
       Առ այժմ հոս կը թողունք Եւրոպայէն վերադարձողները, որոնք Պոլիս ըմբոստացման կռիւը պիտի մղեն։ Նկատողութեան առնենք 19—րդ դարուն մէջ տեղուանքը Կ. Պոլսոյ եւ Հայաստանի յարաբերութեանց վիճակը։