Ե
Պոլսոյ
այդ
գրականութիւնը,
որ
1850էն
կը
թուագրենք,
հանգրուանի
մը
կը
հասնի
1880ին։
Այդ
թուականին
Արեւելքի
մէջ
կարեւոր
դէպքեր
պատահած
են,
ու
հայոց
կեանքի
պայմաններն
ալ
փոխուած։
Եւ
1850ի
սերունդին
պատկանող
գրագէտներն
ու
հրապարակագիրները
մեծ
մասամբ
աներեւութացեր
են։
Ոմանք
մեռած,
ոմանք
հոգնած,
ոմանք
փճացած։
Նոր
սերունդ
մը
արդէն
պատրաստուելու
վրայ
է։
Գիրքը
աւելի
եւ
աւելի
կը
սակաւանայ,
օրագրութիւնը
աւելի
եւ
աւելի
կը
զօրանայ։
Ռուսիոյ
եւ
Թուրքիոյ
հայերը
գրական
փոխադարձ
սերտ
յարաբերութեան
մէջ
կը
մտնեն։
Երկրորդ
հանգրուանը
1895ին
է։
Այժմ
դառնանք
1850—1880ի
գրականութեան
բնորոշ
գիծերուն։
***
Գեղարուեստական,
կամ
ինչպէս
կրնանք
ըսել՝
«գեղակրական»-էսթէթիք-գրականութիւնը
այդ
երեսուն
տարուան
ժամանակամիջոցին
մէջ
գրեթէ
գոյութիւն
չէ
ունեցած։
Գեղակրի
յատկութիւններով
օժտուած
են
Պէշիկթաշլեան,
Ռուսինեան,
Օտեան։
Հատուկտոր
գրուածները
զոր
մեզի
թողած
են
այդ
տաղանդաւոր
գրագէտները,
կը
հաւաստեն,
թէ
ասոնք
ոչ
միայն
Գեղեցկին
ճաշակը
ունէին,
այլ
նաեւ՝
գեղեցկօրէն
գրելու
յատկութիւնը.
սակայն
իրենցմէ
եւ
ոչ
մէկը
մեծկակ
բան
մը
թողուց։
Հիւկոյի
Ուրուականքի
թարգմանութիւնը
հմայիչ
է։
Թերեւս
մինչեւ
իսկ
բնագիրը
գերազանցող
գեղեցկութիւն
մը։
Օտեանին
թախանձագին
եւ
քիչ
մըն
ալ
բռնադատ
պահանջումովն
է,
որ
Պէշիկթաշլեան
այդ
թարգմանութիւնը
ըրած
է։
Գրաբարագէտ
հայ
մը
գեղակրական
արուեստին
հմայքովը
կը
դիւթի
այդ
հայացումին
մէջ։
Օտեանին
հոգեկան
տենչանքն
ալ
կը
յայտնուի
մեզի։
Իր
խոնջէնքի
ժամերուն
մէջ
գեղեցիկ
գրականութեան
կարօտը
կը
քաշէր։
Պէշիկթաշլեանի
ուրիշ
թարգմանութիւններն
ալ,
նմանողութեամբ
գրած
բանաստեղծութիւններն
ալ,
ցոյց
կուտան,
թէ
այդ
սիրուած
հեղինակը
գեղարուեստական
գրականութիւն
մը
պիտի
կրնար
թողուլ
մեզի,
եթէ
կեանքի
տարբեր
պայմաններու
մէջ
գտնուած
ըլլար։
Իսկ
Օտեանին
նամակները,
յօդուածները
կ՚ապացուցանեն
թէ
մեծ
հեղինակութիւն
մը
ըլլալու
նախասահմանեալ
էր։
Ռուսինեան
արուեստագէտ
մը
եղաւ,
բառին
շատ
լայն
նշանակութեամբը։
Եւ
այս
երեք
գրագէտներէն
ոչ
մէկը
մեծ
երկասիրութիւն
մը
թողած
է։
Այս
հրատակութիւնը
անցողաբար
կ՚ընենք
հաւաստելու
համար,
որ
Թուրքիոյ
հայոց
պակսած
չեն
մեծ
կարողութիւններով
օժտուած
գրագէտներ։
Այս
յօդուածին
ամբողջութեանը
մէջ
ընդհանուր
կերպով
մը
կը
պարզուին
բոլոր
այն
պատճառները,
որոնք
Օտեան—Պէշիկթաշլեան
սերունդին
տաղանդը
չէզոքացուցին
մեծ
գրականութեան
մը
համար։
Ու
այդ
պատճառները
կը
շարունակուին
մինչեւ
հիմակ
ալ։
***
Վերածնունդի
սկզբնաւորութեան
այդ
1850—1880
թուականին
ծնաւ
ու
մեծցաւ
գրականութիւն
մը,
որուն
նպատակն
էր
ժողովուրդին
վրայ
անմիջական
ներգործութիւն։
Մաքառումի
տարիներ
էին,
նոր
զգացումներու
փթթումի
եղանակն
էր։
Պէտք
էր
շուտ
գրել,
շուտ
երգել,
եւ
շատ։
Հապճեպէն
չէր
կրնար
ծնիլ
գործ
մը,
որ
գեղեցիկ
ըլլար
ու
տեւականութեան
սահմանուած։
Այդ
երեսուն
տարուան
ժամանակամիջոցին
«ծաղկեցան»
թատերգութիւնը,
երգը
—
որ
բանաստեղծութիւն
կը
կոչուէր
—
օրագրութիւնը,
ճառախօսութիւնը,
ու
ետքէն
ալ
վիպասանութիւնը։
Թատերգութիւնը
առաջնակարգ
տեղ
մը
կը
գրաւէ
այն
ատենին
գրական
արտադրութեանցը
մէջ։
Իր
նիւթերը
ամենքն
ալ
մեր
ազգային
հին
կեանքէն
առնուած
են։
Հայրենասիրութիւնը
սկսած
էր
հայ
սրտերուն
մէջ
զուտ
կրօնասիրութեան
միանալ։
Դպրոցները
օրէ
օր
կը
շատնային
ու
քիչ
շատ
կը
կանոնաւորուէին
թէ
Պոլիս,
եւ
թէ՛
Հայաստան.
ընթերցանութիւնը
կը
տարածուէր։
Հայոց
պատմութիւնը
դուրս
կ՚ելլէր
նախնեաց
մատենագրութեան
կամ
ետքի
գրաբար
բազմահատոր
հրատարակութեանց
շարքէն
ու
կը
ժողովրդականանար
դասագրքերու
միջոցաւ։
«Յուշիկներ»ը
Բազմավէպին
մէջ
սկսան
հրատարակուիլ.
ժողովուրդը
իր
նախահայրերը
աչքերուն
առջեւը
տեսնելու
ըղձանքովը
բորբոքուած
էր։
Մխիթարեանց
աշակերտները
Վենետիկէն
կը
վերադառնային
թատրոնասէր։
Թատրոնը
կը
սկսէր
Պոլսոյ
մէկ
թաղը,
Օրթագեղ,
տան
մը
մէջ։
Հոնկէ
կը
փոխադրուէր
դպրոցներու
սրահները,
մինչեւ
որ
իրեն
յատուկ
բեմը
ունենար։
Եւ
ունեցաւ։
Պոլսոյ
զանազան
թաղերը
թատրոններ
շինեցին։
Խասգեղ,
Օրթագեղ,
Կէտիկ
Փաշա
սիրուն
շէնքեր
կառուցուեցան։
Եւրոպացիներու
կեդրոնավայրը՝
Բերա,
իր
մեծ
թատրոններուն
մէջ
հայ
դերասանական
խումբեր
տեսաւ։
Պոլսոյ
գրեթէ
ամէն
թաղ՝
դպրոցները,
սրճարանները
ժողովրդական
թատերաբեմին
կը
փոխուէին,
մասնաւորապէս
բարեկենդանին։
«Վարդանանց»
ներկայացումը
ազգային
պարտականութիւն
էր
ամէն
բարեկենդանի
հինգշաբթին։
Այսօր
կրնանք
այդ
ատենին
ողբերգութիւնները
այն
պատճառաւ
միայն
հաճոյքով
կարդալ,
որ
ժամանակին
ոգին
ցոյց
կուտան։
Ժողովուրդը
թատրերգութիւն
մը
պարզապէս
իր
ազգային
զգացումովը
կը
դատէր։
«Վարդանի»
ներկայացման
մէջ
Վասակի
դերը
ստանձնողը
եթէ
Ադամեան
մը
իսկ
եղած
ըլլար
ու
այդ
իր
դերը
արուեստին
գերագոյն
կատարելագործութեամբը
ներկայացնէր,
ծափերը
իրեն
համար
չէին։
Իրեն՝
մռլտուք
եւ
հայհոյութիւն։
Ծափերը
կը
վտառէին
դէպի
Վարդան,
հոգ
չէր,
թէ
մեր
հերոսը
մարմնացնողը
ամենախղճուկ
բացագանչող
մը
եղած
ըլլար։
Ժողովուրդը
իր
աչքին
առջեւ
գաղափար
մը
կ՚ուզէր
տեսնել,
իր
սրտին
խօսող
գաղափար
մը։
Անոր
կը
ծափէր։
Հեղինակները
բնականաբար
ժողովուրդին
մակարդակէն
շատ
վեր
չէին
կրնար
թռչիլ,
—
ենթադրելով
իսկ
թէ
առաջնակարգ
թատրերգակներ
ըլլալու
կարողութիւնը
ունեցած
ըլլային։
Պէշիկթաշլեան
առաջին
տեղը
կը
գրաւէ
այդ
հին
թատրերգակ
բանաստեղծներուն
մէջ։
Իր
ոճը
պարզ
է,
նոյնիսկ
երբ
վսեմին
շեշտերովը
կը
մռնչէ։
Լեզուն
դիւրահասկնալի։
Այդ
ողբերգութիւններուն
մէջ,
որոնք
մեր
արդի
դատումովը
շատ
պակասաւոր
են,
երեւան
կուգայ
եւրոպական
մատենագրութեան
ընտելացած
միտք
մը։
Թովմաս
Թերզեանի
ողբերգութիւնները
Պէշիկթաշլեանի
հեղինակութիւններէն
վեր
էին
արուեստի
տեսակէտով։
Սակայն
անոնք
եւրոպական
գործերու
հայացումն
էին,
մարդու
եւ
տեղի
անուններու
փոփոխութեամբ։
Նարպէյի
տաղաչափեալ
«Արշակը»,
միշտ
եւրոպական
հետեւողութեամբ,
կը
մնայ
դեռ
մինչեւ
այսօր
ռուսահայոց
թատերաբեմին
վրայ։
Դուրեանի
տրամներն
ալ
միեւնոյն
շարքին
մէջ
են։
Մեր
պատմական
կեանքէն
անարուեստ
գրուածներ։
Կ.
Պոլսոյ
հայոց
թատրերգակ
հեղինակները
բազմաթիւ
եղած
են։
Ամէն
անուններու
յիշատակութեանը
պէտք
չենք
տեսներ։
Ամէնքն
ալ
մոռացութեան
դատապարտուած
են
անոնց
համար,
որոնք
մեծ
գեղարուեստին
զգացումն
ու
գաղափարը
ունին։
Բայց
անոնք
իրենց
ժամանակին
մէջ
շատ
մեծ
արդիւնք
ունեցան։
Մեր
հին
կեանքին
համար
որմէ
…
Իսկ
մեզ
հազիւ
հեռուէն
Նըւաղ
արձագանգ
մ՚եկած
հասած
է
գործին։
Այդ
արձագանքը
սկսաւ
շեփորի
մը
պէս
գոռալ,
«թունդ
թունդ
հանեց
հայոց
սրտերը»։
«Անարուեստ»
ողբերգութիւնները
մինչ
մէկ
կողմէն
սրտերու
վրայ
կ՚ազդէին,
միեւնոյն
ատեն
հայ
լեզուն
կը
զօրացնէին
ժողովուրդին
մէջ։
Գրական
բարբառի
մը
կ՚ընտելացնէին
Պոլսոյ
հայոց
ականջները,
մանաւանդ
անոնց
ականջները,
որոնք
շուկայական
խօսակցութեանց
վարժուած
էին։
Եթէ
հիմակ
Հայաստան
ու
Պոլիս
ազգային
թատրերգութեանց
ներկայացումի
թոյլտուութիւն
եղած
ըլլար,
տարակոյս
չունինք,
որ
Պէշիկթաշլեանի,
Դուրեանի,
Նարպէյի
եւ
ուրիշներու
ողբերգութիւնները
դարձեալ
ժողովուրդէն
խանդավառ
ցնծութեամբ
պիտի
ծափահարուէին։
Այդ
թատրերգութեանց
1850էն
յետոյ
գտած
ընդունելութիւնը
վիճակացոյց
մըն
է.
Կ.
Պոլսոյ
հայոց
կարճ
ժամանակի
մէջ
ըրած
յառաջադիմութեանը։
Ու
Կ.
Պոլսոյ
նորաթեք
հայերէնն
ալ
հետզհետէ
գրական
ձեւ
ու
կերարանք
առած
է,
մինչեւ
ընդհանրութեան
հասկնալի
ըլլալու
աստիճան։
Ուշագրաւ
երեւոյթ
մը
սակայն
ան
է,
որ
եւրոպական
լեզուներէ
թարգմանուած,
օտար
բարքեր
ներկայացնող
տրամներ
ալ
մէկէն
ի
մէկ
շատ
ընդունելութիւն
գտան
հայոցմէ։
Թողունք
Նէլի
Աշտարակը
եւ
նման
խաղեր,
որ
ամէն
տեղ
ժողովրդական
են,
ինչպէս
վիպասանութեան
մէջ
Մոնթէ
Քրիսթոն,
բայց
Հիւկոյի
մեծ
տրամներն
ալ
ներկայացուեցան
հայեվար
եւ
զգլխեցին
ունկնդիր
ժողովուրդը։
Ֆէլիքս
Բիայի
գլուխ-գործոցն
ալ
տենդոտ
սարսուռով
ողջունուեցաւ։
Այս
թարգմանութիւնները
կը
հաւաստեն,
թէ
1870էն
1875
Պոլսոյ
ժողովուրդին
մէջ
գրական
ճաշակը
բաւական
զարգացած
էր.
գեղարուեստական
հայեվար
հեղինակութիւն
մը
պիտի
կրնար
գտնել
զինքը
հասկնալու
եւ
ծափելու
համար
պատրաստուած
գոնէ
խումբ
մը։
Բայց
մեծ
հեղինակութիւնները
չեն
կրնար
ուսման
ու
կրթութեան
տարածումին
շնորհիւ
կարճ
ժամանակամիջոցի
մը
մէջ
առաջ
գալ։
Ջերմանոցի
մէջ
կարելի
է
շուտով
պտուղ
ու
ծաղիկ
հասցնել,
բայց
կաղնի՝
ոչ։
***
Կ.
Պոլսոյ
«բանաստեղծութիւնն»,
ալ
թատրոնին
ճամբէն
կը
յառաջանայ։
Խանդավառութեան
ժայթքումն
է։
Սահմանադրութիւնը
ամէն
մտքեր
յափշտակած
է։
Հայուն
արեւելեան
երեւակայութիւնը
թռիչ
առած՝
երանութեան
աշխարհ
մը
կ՚երազէ։
Դարերէ
ի
վեր
հանգչած
մտքերը
կը
ցնցուին։
Կը
խոյանան
դէպի
երկինք,
բայց
ոչ
թէ
հոնկէ
բալադէմ
լուսնին
հետ
մելամաղձօրէն
լալու։
Ո՛չ,
մինչեւ
Մասիս
պիտի
սլանան։
Այդ
երգերը
հիմակ
ա՛լ
մոռցուած
են։
Կը
պահուին
հաւաքածուներու
մէջ,
ու
երբ
կը
կարդանք
զանոնք,
իրենց
անմեղունակ
գրականութիւնը
կը
ժպտեցնէ
մեզ։
Բայց
անոնք
գարնանային
զարթումի
օրուան
մը
ծլումն
են,
նոր
դրախտալեզուի
մը
թոթովումները,
ապագային
մատենագրութեան
առաջին
քարը։
***
Ճառական
սեռը
անհամեմատ
կերպով
կը
գերազանցէ
թէ՛
թատրերգական,
թէ՛
տաղաչափական
գրականութիւնը։
Միջակ
ատենաբանութիւնները,
որոնք
ահեղ
թիւ
մը
կը
կազմեն,
իրենց
տեսակին
մէջ
շատ
վեր
են
միջակ
ողբերգութիւններէն
եւ
միջակ
տաղերէն։
Ու
քիչ
չեն
այն
ճառերը,
որոնք
առատօրէն
հիւթեղ
գաղափարներ
կը
պարունակեն
ու
միանգամայն
ամպիոնական
գեղարուեստին
շնորհովը
կը
պերճանան։
Շիշմանեանին,
Ռուսինեանին,
Պէշիկթաշլեանին,
Օտեանին,
Ասլանեանին
եւ
դեռ
ուրիշներու
ատենաբանութիւնները
այսօր
իսկ
շատ
մեծ
հաճոյքով
կը
կարդացուին։
Բեմասացական
գրականութիւնը
1850էն
ետքը
առանց
դժուարութեան
բացառիկ
զարգացում
ունեցաւ,
վասնզի
այդ
սեռը
դարերէ
ի
վեր
կը
մշակուի
մեր
մէջ,
մասնաւորապէս
քարոզին
ձեւին
տակ։
Գրականութիւն
մը
կը
կատարելագործուի
դարաւոր
ժառանգութեամբ։
Մեր
քրիստոնէացման
թուականէն
մինչեւ
ԺԹ.
դարը,
անընդմէջ
յարատեւութեամբ
եղած
ենք
ժողովուրդ
մը,
որ
քարոզ
կու
տայ,
քարոզ
կը
լսէ։
Անցեալէն
հարուստ
ժառանգութիւն
մը
ունինք։
Մեր
արդի
աշխարհական
ատենաբաններուն
ունեցած
մէկ
առաւելութիւնն
ալ
այն
եղաւ,
որ
ուղղակի
ամբոխին
հետ
խօսելու
հարկադրեալ
չէին։
Կը
ճառէին
ժողովներու
մէջ,
որոնք
ընդհանրապէս
բաղկացած
են
աւելի
կամ
նուազ
աստիճանով
զարգացեալ
հայերէ։
Այսպիսի
ունկնդիրներու
առջեւ
հայ
ատենաբանները
իրենց
տաղանդին
բոլոր
զօրութիւնը
երեւան
կրնային
բերել։
Սահմանադրական
ժամանակին
հոգին
հրապարակագրութիւնը
եղաւ։
Գրողներուն
թիւը
անհուն
է,
բայց
շատ
քիչեր
կը
գտնուին,
որոնք
հրապարակագրութեան
մէջ
գրական
տաղանդ
փայլեցնեն։
Մատթէոս
Մամուրեան
գրական
օրագրողի
մը
տիպարը
եղաւ
իր
Վրոյրի,
եւ
մասամբ
ալ
Շահնուրի,
նամակներուն
մէջ։
Օրագրութիւնը
իրեն
քաշեց
գրողներու
խումբեր,
վասն
զի
մաքառումի
տարիներ
էին։
Ու
յետոյ,
օրագրութիւնը
մարզարան
մըն
է
եւ
նախադուռ
մը
գրականութեան։
***
Էն
քիչ
մշակուած
ճիւղը
վիպականը
եղաւ։
Թէեւ
1850էն
յետոյ
քանի
մը
վէպ
հրատարակուած
են,
բայց
պէտք
է
1876
թուականէն
ասդին
անցնիլ,
տեսնելու
համար
Թուրքիոյ
հայոց
վիպական
գրականութեան
լուրջ
սկզբնաւորութիւնը։
Ծերենցն
է
(բժիշկ
Յովսէփ
Շիշմանեան),
որ
մեր
հին
կեանքէն
գրած
վէպերովը
ճամբայ
կը
բանայ
մեր
ապագայ
վիպասանութեան։
Նորածիլ
գրականութիւն
մը,
որ
դեռ
շատ
տկար
է,
կարող
չէ
վիպասանութիւն
արտադրել։
Շատ
հնարաւոր
է
աշխատութեամբ
մտքի
կարողութիւններ
զարգացնել.
բայց
վիպասանը,
որ
միանգամայն
բանաստեղծ
մըն
է,
լոկ
աշխատութեամբ
չէ,
որ
երեւան
կու
գայ։
Հարկ
է
վիպասան
ծնած
ըլլալ
եւ
մշակել
բնատուր
յատկութիւնները՝
անոնց
զարգացմանը
նպաստող
միջավայրի
մէջ։
Վիպասան
ըլլալ
ցանկացողները
չեն,
որ
կը
պակսին
մեզի։
Այս
փափաքը
տածողներէն
շատերուն
կը
պակսի
կարողութիւն.
ոմանց
ալ՝
կեանքի
դիւրութիւններ
միայն։
***
Գրականութեան
այս
ստորաբաժանումէն
դուրս
կը
մնան
պատմական
ու
հայրենագիտական
երկերը։
Ասոնք
կը
մշակուին
մասնագէտներու
միջոցաւ,
առանց
մեր
նոր
կեանքին
հետ
սերտ
կապի։
Արեւելեան
վերջին
պատերազմէն
ետքը,
Պոլսոյ
հանրային
կեանքին
մէջ
նոր
սերունդ
մը
երեւան
եկաւ։
Անոր
գրականութեան
պատմութիւնը
կը
գրենք
ուրիշ
առթիւ։
Այսօր
առաջապահ
մը
հանգչինք
նախորդ
սերունդէն
քանի
մը
դէմքերու
առջեւ։