Ամբողջական երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբ, այսպէս ամբողջ անցքը ընելէ ետք, վերադարձի շրջանը կը կատարէի մինչեւ այն ատեն ինծի անծանօթ այս երկրին մէջ, կուրծքիս տակ շարժումը սկսաւ սրտմտութեան եւ զայրագնութեան:

Ո՛չ, խաղաղ էի զգացուցած իմ գոյութիւնս, մինչ պէտք էր հեղուլ մոլեգնութիւնը համայնադղորդ վրէժին, պէտք էր որ ուժգնօրէն արձակէի ես իմ հրդեհիչ ու սրբագործող շունչս՝ մոխրացնելու համար հրէշացած ստրկութեան մը մեծ ու դարաւոր եղծապիղծ ապականութիւնը:

Վերադարձիս, ես կը տեսնէի արդէն որ շատ աւելի միլիոնաւորներ քան այն միլիոնաւորները որ իմ աստուածացումս տօնեցին, շա՛տ աւելի միլիոնաւոր մարդակերպեր որ իմ անցքս նախապէս ապշութեամբ էին դիտած, յուլօրէն կզկտած իրենց սողնային հպատակութեան աղտուկեղտին վրայ, տարօրինակ փութկոտութեամբ մը կը փնտռէին այն գարշապարները՝ որոնց ծանրութիւնը ա՛յնքան հաճոյ կը թուէր իրենց, եւ անսովոր հեշտութեամբ մը կը գգուէին ու կը լզէին զանոնք: Կը փնտռէին ու կը հիւսէին նորէն այն կապանքները որոնցմով քիչ առաջ անշարժացած էին, եւ որոնք իմ անցքիս ատեն քակուած, փրթած էին: Եւ իրենց ձեռքերը իրենց աչքերուն կը տանէին, ինէ ճառագայթող լոյսը վանելու համար իրենցմէ, եւ իրենց շրթունքը՝ ծարաւահիւծ՝ մութին, մութի՛ն կ’երկարէին, զայն ըմպելու ու անով յագենալու տենչանքով: Անարգութեան ստեղծագործութիւններ՝ չուառ անասնականութեամբ լեցուած՝ դժնեփայլ գունդեր կը կազմէին, իմ հալածանքիս նուիրուելու յօժարութեամբ: Եւ հայհոյանքնե՜րը, եւ հայհոյանքնե՜րը որ իմ անունիս կ’արձակուէին եւ սպառնալիքնե՜րը, եւ նախատինքնե՜րը որ զիս սիրողներուն կ’ուղղուէին… Մինչդեռ հեռուն, դանակները կը սրուէին աշխուժիւ, մարդկային նոր սպանդի մը ի հաշիւ, եւ հո՛ն, վա՛րը, կոտորածի խաւար ու կարմիր արհաւիրքին մէջ, բիւրաոր զինուած գլուխներէ արիւնը կ’անձրեւէր, զիս հեգնելու համար թշուառ հեգնութեամբ:

Իմ վրիժաբիբ նայուածքներս զայրոյթ ու սպառնալիք կը կայծակէին աւելի՛ ուժգին, եւ աւելի՛ կատաղի:

Կը տեսնէի նորէն, որ անարդարութիւնը եղեռնականօրէն կ’ասպատակէր հոս ու հոն, եւ չարիքի քուրմերը արիւնի պաշտամունքը վերսկսած էին մեծահանդէս, մարդկային զոհերու ողջակիզումով: Կը տեսնէի անպատում տրտմութիւնը որ նորէն կ’իջնէր հեռաւոր սահմաններուն վրայ Թիռանիային, եւ գիսախռիւ կիներ սարսափէն խելացնոր, թեւատարած կը կողկողային, կամ լռին կ’արտասուէին վայրահակ, կամ կը վազէին մարդասպան դժբախտութենէն հալածական, ու մանուկներ, որ գէշ երազներէ ընդոստ կ’արթննային ճչալէն: Եւ նորէն կը լսէի աղերսագին կոչերը հեռաւոր ժողովրդի մը՝ հեռաւոր սահմաններէն հասցէիս ուղղուած: Կը տեսնէի որ իրենց պատուհաններէն դուրս կ’երկարէին իրենց գլուխները նորէն՝ բոլոր հրամանատարները դահիճներուն, իրենց յաւիտենական դիւային ծիծաղը ծամածռելէն: Կը տեսնէի մեծ դահճապետը՝ ամպհովանիին ներքեւ՝ գազանօրէն գոհունակ:

Դահիճները վերադարձած էին, պղծութիւնները կը յառնէին հետզհետէ, եւ զարհուրանքի ու մահու եւ աւերքի գերիշխանութիւնն էր որ յամրաբար կը տարածուէր վերստին:

Ուրե՞մն. ուրեմն անզօ՞ր էի ես, ե՛ս, Ազատութիւն, զոր այսպէս կը տեսնէք յաղթապանծ, դիւցազնաշունչ եւ ամենազօր: Միամի՛տ, ես՝ որ կը կարծէի թէ իմ միակ անցքովս յաջողած էի յեղաշրջել Թիռանիան, միամի՛տ, որ խաբուած էի առաջին յանկարծական ու վաղանցուկ փոփոխութենէ մը՝ իմ անօրինակ երեւոյթէս երեւան եկած:

Ու թէեւ, այս անգամ, իմ յաղթական բռունցքիս ներքեւ գահավիժած էին իսպառ միապետն ու պետերը Թիռանիային, բայց ահա կը տեւէ տակաւին խաւարտչին ու ժանտաբոյր ու եղեռնագործ ստրկութիւնը զոր սնուցին իրենք հինէն ի վեր, եւ որ փոխադարձաբար սնոյց եւ ուժեղացուց զիրենք: Ահա տակաւին իրենց խղճամիտ ու աւանդապահ հաւատարմութիւնը որ կը հայհոյէ ինձ ու կը կոտորէ բոլոր ինծի հետեւողները:

Բայց, զգո՛յշ, ե՛ս եմ որ կը խօսիմ, ե՛ս՝ վրիժաբիբ Ազատութիւնը, զոր այսպէս կը տեսնէք յաղթապանծ ու դիւցազնաշունչ, ե՛ս՝ յաւիտենական անվկանդ ուխտագնացը արդարութեան, բաշխիչ բարեաց բոլոր մարդոց, ես՝ հսկայ քանդակագործ մարդկային ճակատագիրներու, Ազատութիւն, որ կը դեգերիմ ահա երէկի բռնաստանի ուղիներու ընդմէջէն, ես որ իմ վրէժիս գերագոյն հուրքը կը պահեմ վճռական ու անայլայլ յաղթանակներուն:

«Ազդակ» 1909, թիւ 23