Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻԻՆ ԵՐԿԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գեղեցիկ ձեռնարկութիւն մը, գեղեցիկ գործ մը՝ միշտ նախադաս կը համարիմ քան գեղեցիկ գաղափար մը, թերեւս նոյն իսկ քան ամէնէն գեղեցիկը՝ բոլոր գաղափարներուն։ Գործնականապաշտ, բառին ընթացիկ իմաստով բռադիք մտքի պատուական համբաւին բնա՛ւ չեմ հետամտիր սակայն։ Կը պաշտեմ վասն զի գաղափարը, որ սերմերը կը պարունակէ գաղափարականին, իտէալին, ու կը պաշտեմ ձեռնարկութիւնը՝ որ գաղափարը կ՚արգասաւորէ գործի ձեւին ներքեւ։ Ամէնէն աղուոր մտածումները, առանց գործադրութեան դրուելու, կը նմանին սերմերը գեղեցիկ ծաղիկներու, պահուած ծաղկեվաճառին տփիկներուն մէջ, որոնք ո՛չ մէկ արժէք չունին՝ երբ չեն անցնիր ճարտար պարտիզպանին ձեռքը, երեւան գալու համար բոլոր այն ճոխ ու լայն գեղեցկութեան ձեւին մէջ՝ որ բնութեան պաշտամունքը կը թելադրէ ազնիւ ու գեղապաշտ հոգիներուն։

Ու ասիկա այսպէս է, կեանքի բոլոր երեւոյթներուն մէջ։ Գեղեցիկ գաղափարները իրենց արժէքին մէջ կը փայլին՝ գեղեցիկ գործերու մէջ մարմին առնելով միայն։ Ամէնէ՛ն աղուոր կինը՝ ամուլ կուսութեան մը մէջ անընդունակ պիտի ըլլար երեւան բերելու այն բովանդակ անհերքելի գեղեցկութիւնը՝ որուն ճոխ տարրերը կը պահէ իր անարատ արիւնին մէջ։

Այս մտածումները ներշնչեց ինծի նամակ մը, հասած «անծանօթ բարեկամէ» մը, զոր Արեւելք ի 4515 թիւով հրապարակ հանած էր Արամ Անտոնեան, իր անկեղծ ու գեղեցիկ Աջ ու Ձախ երէն մէկին նիւթ ընելով զայն։ Նամակագիրը ի մէջ այլոց կը գրէր. «Թլկատինցիին հեղինակութիւնները փտտելու վրայ են եղեր. զանոնք կորուստէ ազատ պահելու համար կարելի չէ՞ բաժանորդագրութիւն մը հաստատել. այդ նպատակին համար ալ 60 ղր[ու]շ կը ղրկեմ»։

Ահա՛ գեղեցիկ գաղափար մը՝ ընկերացած գեղեցիկ նախաձեռնութեան մը։ Գրականութեան այդ անծանօթ՝ այլ շատ անկեղծ բարեկամը՝ մեզի մտածելու շատ իսկատիպ ու գործնական եղանակ մը կը թելադրէ իր 60 ղր[ու]շի առաքումովը։ Անցեալները, Թլկատինցիին գործերուն առիթով իսկ, Մասիս ին մէջ կը բացատրէի թէ գրական ասպարէզը, մեր մէջ, իր թելադրող հրապոյրներէն շատ բան կը կորսնցնէ։ Գաղափարի փառասիրութիւնը, թուղթի փառքին հետամտութիւնը՝ փառասիրութիւններու ամէնէն ազնիւն ու ամէնէն վսեմն է։ Բայց, ապրելու պէտք ը, պէտքերու ամէնէն զօրաւորն ու անճողոպրելին, յաճախ իր բաւարարութիւնը չի գտներ այն աշխատութեան ձեւին մէջ, որ անհատի մը լաւագոյն ընդունակութիւնները պիտի կիրառութեան դնէր։ Մարդ կրնայ գրագէտ ծնած ըլլալ, բայց երբ գրական ասպարէզը հաց չի տար, բաւարարութիւն չի տար նախակարգային անտեղիտալի պէտքին, բնական ընդունակութիւնները կ՚այլասեռուին, ու ասպարէզը, հետզհետէ լքուած, խոպան հողի մը կը վերածուի։ Հա՞րկ էր միթէ, որ այսքան անբաժան առնչութիւններ կենային ո եւ է աշխատութեան եղանակի՝ ու ապրելու ընդհանուր պէտքին մէջ։ Աւա՜ղ, ասիկա այսպէս է սակայն, որով փառասիրութիւններու ամէնէ՛ն ազնիւն ու մաքուրը, ամէնէ՛ն օրինակելին, ամէնէն անգործնականը, ամէնէն տղայականն իսկ կը նկատուի։ Եթէ աշխատութիւնները իրենց որակին համեմատ կեանքի փոխարինութեան արժանանային, ո՞ր ասպարէզը աւելի փառաւոր ու հեշտ կեանք պէտք էր ապահովէր մարդուն քան այն՝ ուր աշխատաւորը կը հետամտի զինքը շրջապատող հասարակութեան մտաւոր ու բարոյական զարգացման մաքուր իտէալին։

Ուրախառիթ է սակայն որ, այս վերջին ժամանակներս, գրականութեան ու գրագէտին ճակատագիրը լուրջ զբաղում մը կը հայթայթէ անկեղծ միտքերու։ Աւելի ուրախառիթ է որ, սիրուն ու խորիմաստ verbiageներու եռանդը, որ արեւմտեան Հայերուս մասնաւոր առաքինութիւնն է, գործնական գաղափարասիրութեան մը բարեփոխուիլ կը միտի։ Արեւելք ի երիտասարդ ու եռանդոտ խմբագրին «անծանօթ բարեկամը» մեզի ցոյց կուտայ ճամբան։ Այո՛, պէտք է որ ձեռնարկ մը ընենք, Թլկատինցիին գրական գործերէն գէթ մէկ հատ հրատարակելու, հեղինակին աշխատութեան աւելի կամ նուազ փոխարինութեամբը։ Ամօ՛թ է, կեղծ է այն արցունքի լրբենի կաթիլը, որով պիտի փորձէինք վաղը՝ յիշատակը յարգել գաւառացի պատուական գրագէտին։ Ոչ ոք պիտի թերանար իր մահուան վրայ ապուշ ու անօգուտ լալկանութիւն մը կեղծելու։ Այլ գրագէտին գերագոյն ակնկալութիւնը սա չէ։ «Մեռնելէս վերջը՝ գերեզմանաքարիս վրայ թող աղօրիք չի դարձնէի՜ն»։ Միջակներուն անիմաստ յաջողումներուն ետեւ, մեր լաւագոյն գրողներուն գնահատութիւնը՝ իրենց դագաղին վերապահած չե՞նք միշտ։ Գէթ անգամ մը, մտածելու այս անբարոյական եղանակը փոխենք։

Շարունակութիւն մը տալու համար «անծանօթ բարեկամին» առաջարկութեան, կը հրաւիրեմ Արամ Անտոնեանը նախաձեռնութիւնը ստանձնել այս զուտ գրասիրական գործին՝ ի նպաստ Թլկատինցիին լաւագոյն աշխատասիրութեան հրատարակութեան։ Ձեռք ձգուելիք նիւթական միջոցներուն համեմատ, կը գնուի Թլկատինցիին աշխատութիւնը, եւ կամ կը հրատարակուի, վաճառումներէն գոյանալիք շահը դնելով հեղինակին տրամադրութեան ներքեւ։

Կը կարծեմ որ Արամ Անտոնեան ամէն հանգամանքներն ու դիւրութիւններն ունի այս տեսակ պատուաբեր նախաձեռնութեան մը գլուխը գտնուելու։ Մենք ամէնքս, գրչով ու գործով, մեր աջակցութիւնը պիտի նուիրենք ձեռնարկին, ու գեղեցիկ գաղափար մը, գեղեցկագոյն գործով մը մարմնացուցած ըլլալու հպարտ գիտակցութիւնը մեզի պիտի վերապահենք։

Ահա՛ գեղեցիկ առիթ մը՝ փորձի ենթարկող մեր մէջ գրասէրներու անկեղծութիւնը։

 

«Մասիս», 1901, 27 Յունուար, թիւ 4, էջ 59-61