Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐՑՈՒՄԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Մարդս՝ իր անհատական երջանկութիւնը ապահովելու տեսակէտով,
այս օրուան օրս, ո՞րը աւելի խելացութիւն կ՚համարի, ամո՞ւրի մնալը
թէ ամուսնանալը։

Յ. Ալփիար

Չկայ աւելի կարճատես ու սահմանափակ տեսակէտ քան անհատական տեսակէտը, երբ հանրային, ընկերային հանգամանք ունեցող պարագայի մը առջեւ կը գտնուինք։ Այսպէս, ամուսնութեան մէջ, անհատական երջանկութեան տեսակէտէն, ոչինչ այնքան անհամանման ու իրարմէ տարբեր է որքան անհատական միութիւններու սեփական նկատողութիւնը։ Չեմ կարծեր թէ կարելի ըլլայ երբէք հանրային եզրակացութիւն մը հանել, անհատական տեսակէտներու տարասեռ հաւաքածուէ մը։ Արդի ընկերութիւնը, հակառակ իր ձգտումներուն, որոնք կը միտին անհատականութիւնները միօրինակ ու համաչափ ձուլել հանրային կաղապարի մը մէջ, աւելի քան երբէք բարդ խառնուրդ մըն է անհատական անհամանման միութիւններու, եւ անկարելի է գտնել համայնք մը, ուր մարդիկ հանրային տեսակէտի մը անկիւնէն միեւնոյն ձեւին ներքեւ պիտի կարենային նկատել իրենց անհատական շահերը։

Բայց անհատական տեսակէտը որքա՛ն ալ անձուկ ըլլայ ու սահմանափակ, միակ ճշգրիտ տեսակէտն է։ Իւրաքանչիւր մարդ իր սեփական ճշմարտութիւնն ունի, եւ իրաւամբ։ Հանրային ճշմարտութիւն չկայ անհատական հոգեբանութեան մէջ։ Այդ է պատճառը որ այնքան հակակարծիք են մարդիկ իրարու հետ շատ մը խնդիրներու մասին։ Վասն զի մարդիկ երբէք իրարու չեն նմանիր. ընդհակառակը բացարձակօրէն տարբեր են իրարմէ, հակառակ շատ մը հանրային հիմնարկութիւններու, ինչպէս են դաստիարակութեան ու կարգապահական բոլոր դրութիւնները, հարթարար (niveleur) ձգտումին։

Արդ, ի՞նչ է անհատական երջանկութիւնը։

Անսահմանելի բան մը, ծփուն, խուսափուկ ու յարափափոխ։

Թողունք թէ երջանկութեան ըմբռնումը տարբեր է իւրաքանչիւր մարդու համար, եւ անհատական երջանկութիւնը չի կրնար հանրային երջանկութեան օրինակ հանդիսանալ։ Շատ շատ, հանրային երջանկութիւն ըսելով պիտի հասկնայինք անհատական ուրոյն ու իրարմէ տարբեր երջանկութիւններու տարասեռ հաւաքոյթ մը։ Բայց ես չեմ գիտեր աւելի զաղփաղփուն ու աւելի յարափոփոխ բան քան մարդկային հոգին, որ անընդունակ է նոյն իսկ անհատական երջանկութեան միօրինակ կարգապահութեան մը մէջ ազատ շունչ առնելու։

Այս է պատճառը որ չեմ հաւատար թէ Պ. Ալփիարի հանճարեղ հարցումին, ճշմարիտ մուկ բռնելու թակարդ մը, տրուած որ եւ է պատասխան, նոյն իսկ անկեղծ ու բացսիրտ պատասխան, ճշդութեան տարր մը պարունակէ իր մէջ։ Մարդիկ իրենց միամիտ հաւատքները խորունկ համոզումները, վայրկենական տպաւորութիւնները, բնազդական մղումները միայն պիտի բացատրեն, բայց երբէք ճշգրիտ բան մը ըսած չպիտի ըլլան, նոյն իսկ իրենց անհատական երջանկութիւնը ապահովելու տեսակէտով, վասն զի կանխաւ վճռական ու որոշ բան մը չեն կրնար գիտնալ այդ մասին։

Անհատական տեսակէտէն, պարագայական ու դիպուածական հանգամանքներու հետ կապուած է երջանկութիւնը։ Իզմիրի ու Պոլսի պէս տեղեր, ուր այնքան դիւրութիւն կայ սեռային պէտքերու գոհացում տալու համար, ու միւս կողմէն այնքա՜ն խոչընդոտներով, մանաւանդ տնտեսական խոչընդոտներով, արգելափակ եղած է շատերուն՝ ամուսնութեան ճամբան, ի հարկէ ամուրիութիւնը հեշտ ըլլալ կը թուի։ Այն վայրկեանէն, ուր ամուսնութիւնը կորսնցուցած է իր բանաւոր նշանակութիւնը եւ փոխանակ ըլլալու սերունդներու ֆիզիքական ու բարոյական մշակման դաշինք մը, դարձած է լոկ անհատական հանգստաւէտութեան ու սեռային պահանջներու գոհացուցման միջոց մը, մարդիկ դիւրաւ կը խուսափին, երբ հնարաւորութիւն կայ, անոր անստոյգ սպառնալիքներով յղի գրկէն, քանի որ ամուրի կեանքը լիուլի ու աւելի երանգաճոխ ձեւի մը ներքեւ կրնայ մեծ մասամբ ապահովել անհատական երջանկութեան տեսակէտը, զեղծ բնազդներու սանձարձակ ազատութեամբ մը։

Ըսած չեմ ըլլար անշուշտ թէ ամուսնութիւնը ապերջանիկ կ՚ընէ մարդը։ Բայց մեծ քաղաքներու մէջ, տնտեսական ու ընկերային նկատողութիւններու հետեւանքով, շատ մը երիտասարդներու վարուելու եղանակը այդ բանը միայն կ՚ապացուցանէ։ Անշուշտ, անհատական շատ աւելի գիտակից ու շատ աւելի բարձրօրէն մաքուր տեսակէտէ մը, անոնց համար, որ չեն կրնար ամուրիութիւնը բացարձակ ժուժկալութեան մը վերածել, ամուսնական կեանքը, նոյն իսկ տնտեսական ո՛չ նախանձելի պայմաններու ներքեւ, ունի երջանկութեան գեղեցիկ իրագործումներ, երբ մարդ ամուսին ըլլալու եւ սիրելու նուրբ ու դժուարին արուեստին գիտակ է։ Ամուսնութիւնը տեսակ մը տաղանդ կը պահանջէ։ Քիչերու տրուած է այդ տաղանդը։

Իսկ ամուրիութիւնը եթէ կը տեսնենք որ արդի վիճակին մէջ անհատական երջանկութեան լաւագոյն միջոցը ըլլալ կը թուի, միւս կողմէն, հաւաքական ու հանրային տեսակէտէն, անիկա մեծ ու լուրջ սպառնալիք մըն է սերունդներու ֆիզիքական ու բարոյական գոյութեան։

Ի՞նչպէս հաշտեցել իրարու հետ այս երկու տեսակէտները, որ ծուռ կը նային իրարու։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1904, Յունիս 2, թիւ 23, էջ 565-567