Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՐՈԶԻ ՄՐՑՈՒՄ

Թաւշանճեան էֆ[էնտի]ի քրիստոնէական մաքրասիրտ քմահաճոյքը կրցաւ մեր մէջ երեւան հանել յուզում մը եւ խանդավառութիւն մը՝ որոնց ընդունակ էինք։

Բայց բողոքողներ գտնուեցան թէ չէ՞ր բաւեր որ հայուն հին ու նոր մատենագրութիւնը թխսուած ըլլար արդէն կրօնական ներշնչումի հնաւանդ բունկալին մէջ։

Ուրեմն իրա՞ւ է որ արհամարհանքով կը նայինք ժամանակակից ոգիին ու արդի կեանքին, իրենց նորանոր ու յարափոփոխ պէտքերուն համեմատ, յամենալու համար ցայսօր աւանդութեան հանգստաւէտ՝ այլ բորբոսած պահարանին մէջ։ Ասիկա շատ քաջալերական չէր կրնար նկատուիլ, մեր ապրելու ընդունակութեան իբրեւ յոռեգուշակ ախտանիշ։

Պէտք է իրողութիւնները զատել զիրենք բաղադրող տարրերուն իւրաքանչիւրին սեփական նկարագրին համեմատ։

Ուրիշներ դիտել տուին թէ՝ կրօնական մատենագրութիւնը իր գոյութեան իրաւունքը կորուսած չէ ո՛չ մէկ պայմանի ներքեւ։

Մերինը՝ առաւելապէս, պիտի համարձակէի նամանաւանդ հաստատել՝ հիմնապէս կրօնական ըլլալու առաւելութիւնն ունի։ Այդ տեսակէտէն Արմաշին շատ բան պարտական ենք։ Լա՛ւ ուրեմն, կրօնական մատենագրութիւն մը կա՛յ ու կայ։ Ռընանը, այդ գեղեցիկ ու բարձր իմացականութիւնը, իր կարգին կրօնական մատենագիր մը չէ՞ր։ Յիսուսի կեանք ին ժողովրդային տպագրութիւնը ոչ ի՛նչ ունի վիրաւորելու՝ հաւատացեալին անդորր գիտակցութիւնը, զոր մանաւանդ խանդավառելու բանաստեղծական ներշնչումով իր մոգական գրիչը շարժած է մեծանուն սկեպտիկը։

Թաւշանճեան էֆ[էնտի] բարի, պարկեշտ ու երկիւղած քրիստոնէ մը, միանգամայն հայ ու տէրտէրոջ տղայ, որ Ամերիկայի մէջ հարստանալու բաղդաւորութիւնն է ունեցած, ունի նաեւ իր գրական ճաշակները։ Եթէ ախորժակ չունի ըմբոշխնելու Ուօլթ Հուայթմանը, Բօն, Թոռօն, ի՞նչ է իր յանցանքը։ Անդին՝ միսիօնարական մատենագրութիւնը կը հրապուրէ զինքը, իր նախանձն իսկ կը գրգռէ։ Ամերիկան, «գործնական քրիստոնէութեան այդ երկիրը» [1], չունէր ուրիշ բան մը տալու իրեն։ Եւ ատո՛ր համար մանաւանդ Թաւշանճեան մրցումը եանքիական տարօրինակութեամբ հրապոյրով մը գեղեցկացած է։ Արդարեւ, ինչո՞ւ հայն ալ չունենա՛ր աղուոր քարոզներու հաւաքածու մը՝ զոր վերծանէր իրիկուան, ընթրիքէն յետոյ, իր առօրեայ վաճառականական նիւթապաշտ հնհնուքներուն յոգնաթափումը փնտռելու համար աւետարանական ու աստուածաշնչական մեկնութիւններու մաքուր ու աննիւթական մթնոլորտի մը մէջ։ Է՜, շեշտ ընդդիմակութիւն մը կա՞յ մերձեցումի այս պարկեշտ փորձին մէջ։ Այնքա՛ն խոհարարական են մեր առօրեայ ճաշակները։ Ո՞ւր կը մնան հոգեկան վայելքները, հոգեկան սնուցումները։ Եւ, բացի կրօնական դիւրամարս խաւիծէն, որուն մեր քիմքերն ու ստամոքսները վարժուած են դարերէ ի վեր, ի՞նչ սնունդ կը ճանչնայիք հոգւոյն սրբազան պիտոյքներուն համար։ Ունիք դուք զայն, կրօնական մանանան՝ որ չի հիննար, որ չի հատնիր, որ այնքան խնայողական է մանաւանդ։

Ու Թաւշանճեան էֆէնտին թշնամանողներ գտնուեցան։ Ի՞նչ իրաւամբ արդեօք։ Ճաշակները չեն քննադատուիր։ Պանիր չուտողներ կան, ու մեղրէն համ չառնողներ կան։

Շահնուրին բարեկամը իրաւամբ բերնին չափը տուաւ սա ժպիրհ ու անփափկանկատ Չիֆթէ-Սարաֆին։

Թաւշանճեան էֆ[էնտի] տէրտէրցույական (սխա՛լ էր ըսել տիրացույական) ճաշակներ ունի։ Ժառանգականութեան խնդիր, ինչո՞ւ կը յուզուիք։ Հայ հասարակութիւնը պաշտօնական հիացումով կը նուիրագործէ այդ ճաշակները։ Նուիրական աւանդապահութեան, ինչո՞ւ կը բարկանաք Տէրտէրցո՜ւ ժողովուրդ։ Է՜, այո՛, ինչո՞ւ չէ։

Համամիտ եմ Շահնուրի Բարեկամին՝ որ Չիֆթէ-Սարաֆը յանդիմանեց։ Այս մեծահարուստ ոսկեղծ մականունով երիտասարդը, որուն համար կ՚ըսեն թէ տաղանդ ալ ունի, աւա՜ղ, երբեմն յախուռն շարժուձեւեր կ՚ընէ, որք հաճոյք չեն պատճառեր, որ չեն թուիր երբէք համաձայնիլ իր անունին սեղանաւորական հանդիսաւոր ու ծանր լրջութեան հետ։

Ուրեմն, մեր հարուստները կը սիրեն ու կը քաջալերեն մանաւանդ այն գրականութիւնը՝ որ մեր պապենական համեստ բաժինն է, ժողովուրդներու մտաւորական գործունէութեան լայնածիր սահմաններուն մէջ։ Կրնա՞ք երեւակայել հարուստ հայ մը՝ որ ուզէր ինքնաբերաբար մեկենաս հանդիսանալ օրինակի համար Չիֆթէ-Սարաֆեան լպիրշ իրապաշտութեամբ նորավէպներու հաւաքածուի մը հրատարակութեան։ Ատիկա շատ անվայել ու ամօթալի պիտի ըլլար։ Զօհրապին փառաւոր ու մեծ տաղանդն իսկ անոնց մօտ շնորհ գտնելու իրաւունք չունէր տակաւին։

Եթէ մանաւանդ ու ամենէն աւելի քարոզը կուտան մեզի, պատճառն այն է որ ամենէն շատ քարոզի պէտք ունինք։ Ո՞վ պիտի լրջօրէն մտածէր թէ լաւագոյն քարոզը գայլին գլխուն կարդացուած աւետարանէն տարբեր արդիւնք չպիտի տար, գործնական աշխարհին մէջ։

Տարակոյս մըն ալ ունիմ. կը կասկածիմ թէ՝ կրօնական գրականութեան այն բուռն թափը, որ կը ոգեւորէ մեր արդի պարբերական մամուլը, կարենայ տալ երբէք այնպիսի գործեր՝ որոնք կրօնական ուսուցումի համար դարերէ ի վեր տեղի ունեցած թուղթի ու մելանի վատնումներուն քանակն աւելցնելէ շատ տարբեր բանի ծառայէին։

Կրօնական ուսուցո՜ւմ։ Ասիկա շատ հին դաս մըն է։ Չէի՞նք կրնար «համարնիս փոխել»։ Նարեկացի՞ մը, Շնորհալի՞ մը. եթէ ունիք՝ տուէք անոնցմէ մեզի։ Բոլոր գրկերը բաց պիտի ըլլային անոնց համար։ Յաճախ երբ շանքարոզէ մը ձանձրացած զգամ ինքզինքս, պէտքը կ՚ունենամ Նարեկ մը, գրաբարը, բանալու կամ Վէռլէնի Սաժէս ը ձեռքս կ՚առնեմ, հոգիիս նողկանքը սրբելու եւ սրտիս խռովութիւնները ամոքելու համար միսթիքական զգացման տխրանուշ լոգանքին մէջ։

«Համարնիս փոխէինք», հերոսական յանդգնութիւնն է ասիկա։ Բայց ատանկ անխոհեմութիւններու ընդունա՞կ էինք մենք։ Ճակատագրային ծանր երկնաքարը կը ճնշուի մեր մտքերուն վրայ։ Հանգիստ ենք հոտ, վասն զի վարժուած ենք։ Թողէք ուրեմն որ հաւկիթները չպաղին ու թուխսը չապականի։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1904, Փետրվար 25, թիւ 9, էջ 225-228



[1]            Տե՛ս «Արեւելեան մամուլ», թիւ 5, Դէպքեր ու դէմքեր։