Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՆԴՐԻՆ

Ազատական կամ երիտասարդ կոչուած թուրքերուն յառաջապահը՝ իշխան Սապահէտտին, վերջին ամիսներու ընթացքին ֆրանսական մամուլին մէջ հրատարակեց երկու յօդուածներ, որոնք մեզ համար ուշագրաւ են, չէ թէ իրենց արտայայտած գաղափարներովն ու դաւանանքներով, այլ այն թաքուն հայատեցութեամբ որով խմորուած են այդ յօդուածները:

Յիշեալ երկու տեսութեանց առաջինն այն է զոր La Revue հրատարակեց, La Turquie et le Progrès վերտառութեամբ. երկրորդը այն՝ զոր Matin հրատարակեց, La Régénération de la Turquie (Թուրքիոյ Վերածնունդը) խորագրով. երկուքն ալ, թէեւ տարբեր հայեցակէտներէ մեկնող, բայց համանման հանգրուանի մը կառչող յօդուածներ:

Իշխան Սապահէտտինի սրտին (պոչին?) ցաւը այն կ՚երեւայ գլխաւորաբար, թէ ինչո՞ւ Եւրոպայի ու Ամերիկայի մարդասէր քաղաքագէտները Հայոց վրայ միայն մտածեն ու անտես թողուն Թուրքերը, կամ օսմանեան արդի կառավարութեան տակ հեծող միւս ցեղերը: Առաջին ակնարկով, շատ տրամաբանական կը թուի այս տեսակ նախանձախնդրութիւն մը, բայց երբ կոչում ընենք ժամանակակից պատմութեան, եւ մանաւանդ երբ աչքի առջեւ բերենք Երկրի մէջ մասնաւորաբար հայ տարրին կրած տառապանքը, անմիջապէս պիտի ըմբռնենք իմաստութիւնը Սապահէտտինի հայրենասիրական նախանձախնդրութեան, կամ գոնէ, պիտի ըսենք թէ միտքեր պղտորելու դրութիւն մըն է ան պարզապէս: Սապահէտտին, իր զգայնիկ գրչով որքան ալ ողբերգականացնէ թուրք ազատական տարրին ապրած կեանքը, եւ որքան ալ դիպուածական օրինակներով աշխատի ցոյց տալ թուրք ժողովրդեան կրած հարստահարութիւնը. չպիտի երբէք յաջողի ապացուցանել թէ թուրքերը արժանի են եւրոպացի մարդասէրներու գթութեան եւ աջակցութեան. որովհետեւ աշխարհ, տարիներէ ի վեր կարդաց, լսեց ու տեսաւ թէ թուրք ժողովուրդը խե՜ղճ հարստահարեալ որքա՛ն պատրաստակամութեամբ. գործակցեցաւ թուրք կառավարութեան, ի գլուխ հանելու համար ժամանակակից ոճրագործութեանց ամենակարմիր ձեռնարկը: Որչա՜փ հեշտ է ու դիւրախաբ, մէկ քանի հազար լուսամիտ թուրքերու չէզոք վարմունքովը սրբագործել միլիոնաւոր մարդասպաններու եւ աւարառուներու անմոռանալի հրէշութիւնները:

Իշխան Սապահէտտինի յօդուածներուն մէջ ուրիշ կէտ մը կայ որուն անճշտութեան ապացոյցը պատմութեան էջերուն վրայէն կարելի է կարդալ: Կ՚ըսէ թէ Հայոց՝ եւ Թրքաց շահերը յար եւ նման են, եւ թէ ընդհանուր օսմ[անեան] կայսրութեան մէջ մտցուած բարենորոգումները միայն կրնան արդիւնաբեր ըլլալ: Շողողուն ծրագիր մըն է այս, շատ մարդասիրական եւ շատ ալ հայրենասիրական. բայց Սապահէտտին, որուն համար կ՚ըսեն թէ ազատական Թուրքերուն մէջ ամէնէն աւելի խորհող միտքն ունի, ա՞րդեօք լրջօրէն կը մտածէ այս տեսակ խորագրի մը անմիջական իրականալիութեանը վրայ: Կիսավայրենի քիւրտերու, լազերու, չէրքէզներու եւ հարստահարիչ արիւնարբու թուրք ժողովրդեան մը անստոյգ ճակատագրին հետ, սրտի ի՞նչ հանդարտութեամբը կապել բախտը հայ ժողովրդեան, որ, նոյն իսկ օտարներու վկայութեամբ, խաղաղաբարոյ, աշխատասէր եւ քաղաքակրթուելու ատակ՝ միակ տարրը կը կազմէ իր դրացիներուն մէջ: Հայ յեղափոխական կազմակերպութեանց, եւ մասնաւորաբար Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնական նպատակն է Տաճկահայ ժողովուրդին ճակատագիրն անջատել թուրք կայսրութեան բռնակալութենէն. հայ յեղափոխական կռիւը այս նպատակին իրագործման է որ կը ձգտի, հիմնուելով Եւրոպայի ստորագրած դաշնագրական պարտաւորութեանց վրայ, որոնք հայկական խնդիրը, սեպհական, անջատ ու առանձնօրէն գործադրելի հարց մը ըրած են: Եւ թուրք ազատականները առաջին անգամը չէ որ կ՚ուզեն իրենց թուքովը սրբել աւրել հայկական խնդրի մը միջազգային արձանագրութիւնը, անոր տեղ ծաղրանկարելու համար օսմանցիական պահանջներ: Բայց Հայերը, ենթադրուածին չափ միամիտ չեն, ձեռքէ հանելու համար մեծամեծ զոհողութիւններով շահուած իրաւունքներ, կառչելով բոլորովին անստոյգ հաւանականութեան մը՝ ազատական թուրք կառավարութեան մը վարդագոյն շղարշին: Ահաւասիկ աչքի առջեւ են Մաճառները, Չեհերը, Իռլանտացիները, Պօէրները, որոնք տաճկականէն անհամեմատ աւելի քաղաքակիրթ կառավարութեանց տակ ապրելով ու իրենց սեպհական ներկայացուցիչներն ու սահմանադրական քուէն ունենալով հանդերձ, կը ձգտին ազգային անջատ գոյութեան մը, ինքնավարութեան, զոր ապահովաբար ուշ կամ կանուխ պիտի շահին: Տաճկաստանի վայրագ ու հայատեաց ցեղերու սահմանադրական եղբայրակցութիւնը որքան քաղցրահնչիւն թրթռայ Սապահէտիններու լեզուին ծայրը, չի դադրիր սակայն հայ արիւնին եւ հայ արտասուքին ամէնէն շնական երգիծանքն ըլլալէ:

Սուլթան Համիտի քեռորդին կ՚ըսէ տակաւին՝ թէ Անատօլուի բոլոր նահանգներուն մէջ, Հայերը փոքրամասնութիւն կը կազմեն, եւ այս պատճառաւ, չէ կարելի հայոց վիճակը բարեփոխել առանց նկատի առնելու մեծամասնութեան (թուրքերուն) վիճակը: Ճշմարտանման թուող վճիռ մըն ալ այս է, զոր սակայն շատ դիւրաւ կարելի է բեկանել, երբ՝ փոխանակ մտիկ ընելու Վոսփորի ափերէն ֆրանսայի երազկոտ երկնքին տակ տեղափոխուած Սապահէտտինները, կարդանք բո՛ւն իսկ երկիրը եւ ցեղերը ուսումնասիրած հեղինակները: Հայկական գաւառաց նորագոյն եւ հեղինակաւոր հետազօտիչը, Հ. Լինչ, իր Armenia (Studies and Travels)  անուն բազմաշխատ գործին մէջ կը զբաղի նոյն այս հարցով, թէ կարելի՞ է, առանց մատ դպցնելու օսմ[անեան] կայսրութեան ամբողջական բարենորոգմանը, հայկական խնդրին լուծման համար յատուկ գործնական եղանակ մը գտնել: Այս շատ կենսական հարցումին՝ Լինչ կուտայ հաստատական պատասխան. միեւնոյն ժամանակ ներկայացնելով կարգ մը քաղաքական ու աշխարհագրական տեսակէտներ, որոնց մանրամասնութեանը մէջ մտնելու հարկ չկայ հոս: Գլխաւոր կէտն այն է թէ անջատօրէն հայ ազգին կարելի՛ է տալ իր պահանջած բարեկարգ վիճակը իրողութիւն մը զոր յեղյեղած են այնքան քաղաքագէտներ եւ զոր բանաձեւած են եւրոպական տէրութիւնք, եւ որուն դէմ կը փորձէ կանգնիլ այսօր, ազատականն Սապահէտտին, քայզըրեան ժէսթերով:

Երիտասարդ թուրքերուն յայտնած այս թիւր դաւանանքն ու մտածումներ տակաւին այսօր ալ, եւ գուցէ անկորնչելի ճշմարտութիւն մը կ՚ընեն Տիգրան Երկաթի խօսքերը, որոնք գիտակից մէկ հեգնութիւնն են Ազատական Թուրքիոյ ստեղծագործման: Թուրքիան կրնա՞յ ապրիլի հեղինակը որ Քէմալ ու Մուրատ պէյերու խաղքութիւններն եւ Ահմէտ Րիզաներու սոփեստութիւնները ձաղկած է, իր գերեզմանին խորէն ի՜նչ սարսուռներ կը զգայ արդեօք, Սապահէտտինի մը նորելուկ վերացականութեանց ի լուր:

Սապահէտտին իրաւ թուրք մըն է երիտասարդ, այսինքն ճահիլ, այսինքն տգէտ:

«Ազատ բեմ», 1906, Մարտ 10, թիւ 47։