Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԷՏՔԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

Ազգային ազատագրութեան հարկեցուցիչ պէտքերուն վրայ չէ՛ որ կ՚ուզենք խօսիլ այսօր, հայ յեղափոխական իտէալին իրագործմանն յարակից եղող նիւթական կարիքները չէ որ պիտի թուենք նորէն: Այլ կուզենք մեր հարուստներուն եւ առհասարակ բարեկեցիկ  դասակարգին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ուրի՛շ պարագայի մը վրայ, զոր կ՚ըսեն թէ աւելի լաւ կ՚ըմբռնեն իրենք, եւ որուն պէտքը իրենք ալ կը զգան, կ՚ըսուի:

Պէտքը, զոր այսօր մատնանիշ պիտի ընենք, Կովկասահայ աղէտեալներու ներկայ կացութենէն յառաջ եկած պէտքն է: Եթէ մեր միտքը կը յամառէր չխորհիլ անոր վրայ, եթէ մեր պաղելու հակամէտ զգացումները չէին վրդովեր այլեւս արենակից եղբայրներու տառապանքին վայնասուններէն, եւ եթէ արտասահմանի ինքնախաբ հայերը արդէն իսկ պարտականութիւննին լրացուցած կը համարէին, ահա Կովկասի բոլոր անկիւններէն հասած պաշտօնական ու մասնաւոր տեղեկութիւնները կը գուժեն թէ Կովկասահայ Տառապանքը չէ բուժուած, այլ ընդհակառակը՝ նորանոր հզօր ճիգերու պէտքը զգալի է, ծովացեալ աղէտին արմատները ցամքեցնելու համար:

Թիֆլիզի Կեդր[ոնական] Նպաստամատոյց Յանձնաժողովին ներկայացուցած այն տեղեկագրէն զոր Ազատ Բեմ արտադրեց անցեալ թուով, յստակօրէն կ՚երեւար թէ Գանձակի, Ջիվանշիրի, Շուշիի, Զանգեզուրի, Ղազախի եւ Նախիջեւանի հայաբնակ գաւառներուն համար առ նուազն 7000 ոսկիի անմիջական պէտք կայ, լոկ սերմացուի հայթայթումը ապահովելու: Յարակից նպաստներ անհրաժեշտ կը դարձնեն մէկ քանի տասնեակ հազարաւոր ոսկիներու գոյացումը: Բովանդակ Անդրկովկասի կրած վնասը՝ վերջին երկու տարուան ընթացքին՝ իբր 30 միլիոն րուպլ կը հաշուուի. բայց մինչ ամէն արկածեալ պէտք չունի անմիջական նպաստի, այլ իր մնացեալ գոյքով կամ դրամով գէշ աղէկ իր գլխուն ճարը կը նայի, պէտք է միւս կողմէ անյապաղ նպաստ հասցնել ամէնէն աւելի կարօտներուն, այսինքն անոնց՝ որոնց գործը քանդուած է, տունը մոխրակոյտի մը վերածուած է, հունձքը փճացուած է, եւ ընտանիքին աշխատող ձեռքերը կտրուած են:

Արդ. ասոնց համար պէտք եղածը  20-30 հազար ոսկիի գումար մըն է: Ո՞վ պիտի տայ այս նպաստը: Ո՞ւր են այն ազնուաշուք հայ մեծահարուստները, որոնք առիթ չեն փախցներ ինքզինքնին ազգասէր բարեգործ հռչակելու, ինչու նորէն կը սպասուի որ ժողովուրդի աշխատաւոր դասակարգը 5-10 ղրշ. ի լումայական նպաստներով աղմկայարոյց հանգանակութիւններ ընէ, որոնց արդիւնքը, հազիւ մէկ երկու հարիւր ոսկի, դարձեալ անկարող ըլլայ կշտացնելու հազարաւոր արցունքոտ ու անօթի բերանները: Կը հարցնենք հայ հարուստներուն, որոնք այնքան պատրաստակամութեամբ դիտողութիւններ կ՚ընեն դրամապահանջ յեղափոխականին. կը հարցնենք թէ ի՞նչ պատճառաբանութիւններով որեւէ դարման չեն ուզեր տանիլ Կովկասահայ աղէտեալներու վիճակին. ա՞յս ալ յեղափոխական ձեռնարկ է, կամ ա՞յս ալ Ազգը պիտի մղէ դէպ ի կորուստ. ինչպէս ոճրագործօրէն կը քրթմնջեն. իրենց ագահի դատապարտելի բնազդները սքօղելու նպատակով:

Այն սարսազդեցիկ իրողութիւնը թէ հազարաւոր կովկասահայ արկածեալներու նպաստի գործը դեռ մինչեւ այսօր հաստատուն հիմերու վրայ չէ դրուած. կամ այն աչք հանող եւ սիրտ կտրող պարագան՝ թէ տակաւին անօթի ու մերկ մարմիններ կան, որոնք անստոյգ վաղուան տուայտանքներովը կը գալարին, բոլոր ասոնք անհերքելիօրէն կ՚ապացուցանեն անգամ մը եւս թէ հայ հարուստը չի գիտեր բարերարելու եղանակը, եթէ երբէք ընդունինք վայրկեան մը՝ թէ գիտէ բարերարել։ Ո՞րն է օրուան պէտքը. ի՞նչ վէրք է որ կը կրծէ անընդհատ հայ ցեղին սիրտը. ասոնցմով հետաքրքրուող չկայ. ցուցամոլութեան կամ անձնական սնափառութեանց գոհացմանն համար բարիք ընողներ չեն պակսիր, եւ ահա ասոր համար է որ հայ վէրքերը չեն սպիանար երբէք, հայու արցունքը չի ցամքիր: Գացէք դիտելու այն ազգային վարաժարանը, որ Պուլաքի մէջ շինուելու վրայ է այս պահուս. խորհեցէք թէ, աւելի քան տասն հազար ոսկիներ կը ծախսուին այդ միակ շէնքին համար, մինչ անդին, հազարաւոր հայ խրճիթներ՝ անտանիք, անպատսպար, անածուխ եւ անօթի կը թողուին: Խորհեցէք թէ այդ կանգնող շէնքին մէջ մասնագէտ սիբարոյսները եւ ապականութեան մանրէները հիմակուընէ իսկ կը պատրաստեն իրենց ստրկաբարոյութեան եւ փտութեան բոյները:

Անմիջապէս ըսենք, որ մեր նպատակը չէ հոս կրկին խարազանել հանրածանօթ ցեցերը՝ Գահիրէի հայ համայնքին, ոչ իսկ կ՚ուզենք ուրանալ առողջապահական դրութեանց վրայ շինուած վարժարանի մը առաւելութիւնները: Այլ ինչ որ մասնաւորաբար պէտք կը տեսնենք մատնացոյց ընել՝ հայ հարուստին բարերարելու անգիտակից ու աննպատակ եղանակն էր որուն հետեւանքով զօր օրինակ 100 տղու համար տասնեակ հազարաւոր ոսկիներ կը ծախսուին հոս, իսկ անդին հարիւր հազարաւոր հայ կարօտեալներու համար հազի՜ւ քանի մը հարիւր ոսկի կը ղրկուի:

Եւ տակաւին քանի՜ ուրիշ օրինակներ կան, այս տխուր երեւոյթը հաստատող: Արդարեւ որքան հայ հարուստներ կան որոնք աւելի կը նախընտրեն Պօլսոյ Պատրիարքարանին հազարաւոր ոսկիներու բացը գոցել. քան թէ խորհիլ Կովկասահայ կամ թրքահայ բիւրաւոր անօթիներու, տառապեալներու, մերկերու, անգործներու եւ մահամերձներու վիճակին վրայ:

«Ազատ բեմ», 1907, Յունվար 30, թիւ 79։