Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԳԼԻԱ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ

Քանի մը շաբաթ առաջ, Լոնտօնաբնակ հայերը ազգային հանդէս մը կազմակերպած էին, որուն ներկաները, մեծ մասամբ, անգլիացիներ եւ անգլուհիներ եղած էին սակայն: Ու ոչ միայն ներկաները, այլ եւ հանդէսին գեղարուեստական բաժնին մասնակցողներն էին դարձեալ օտարազգիներ: Զոր օրինակ, միս Կրէյս Օմալի երգեր է Շահազիզի «Ես լսեցի մի անուշ ձայն»ը շատ քաղցր հայերէնով մը. ու ներկաներու վրայ գեղեցիկ տպաւորութիւն մը թողլով. իսկ մսթըր Վան Լէնէբ երգեր է «Իմ սիրելի զաւակունքս»ը. այս մելամաղձիկ ծանօթ ողբերգը: Հանդէսին յայտագրին երկրորդ մասը կը կազմէին ներկայացում մը Հայաստանի Վերաշինութիւնը, եւ գեղարուեստական պատկերացումներ «Վարդանի Երազ»ին եւ «Ոգի Հայաստանի»ի, որոնք հայ եւ օտարազգի դերակատարներու ձեռամբ կատարուած են, ու այդ առթիւ բազմաթիւ անգլիական թերթեր, ի մէջ այլոց Morning Leader, Standard, Daily News եւ Daily Mirror գնահատական համակիր տողեր հրատարակած են հայ կեանքին, հայ ազգային հեղինակներու, հայկական երաժշտութեան ու գեղարուեստին նկատմամբ:

Այս կարգի հանդէսներ թէեւ նորութիւններ չեն Անգլիացւոց համար, եւ թէպէտ անոնք քաղաքական-անմիջական ոչ մէկ օգտակարութիւն յառաջ կը բերեն, բայց Անգլիոյ մէջ հայկական բրօբականտին վառ մնալուն իբր գլխաւոր ազդակներ, անշուշտ ամէն հայ գոհունակութեամբ կը լսէ անոնց յաջողութիւնը: Մինչեւ հոս աղէկ: Դարձնենք սակայն մետալին միւս կողմը, տեսնելու համար թէ նպաստաւոր բրօբականտի համար սարքուած այդ հանդէսը, անուղղակի կերպով մը, որքա՜ն զզուելիօրէն երեւան բերած է Արտասահմանեան հայ կեանքին ամէնէն աւելի փտած մէկ կողմը:

Պատահածը հետեւեալն է: Լօնտօնի մէջ հաստատուած կարգ մը բարեկեցիկ հայեր գործի մարդիկ վախնալով որ այդ տեսակ ազգային հանդէսի մը ներկայ գտնուելով իրենց շահերը կը վտանգեն, մեծամասնութեամբ կը բացակային: Այս պարագան անուշադիր չանցնիր անգլիական թերթերու սրատես reporterներուն աչքէն, եւ ահա կը հրատարակուին անգլիերէն յօդուածներ, ուր հայոց սարսափը կը ծաղրուի եւ հայ անտարբերութիւնը կը ձաղկուի: Ուրիշ թերթ մը կը պատմէ սա յատկանշական դէպքը, պատշաճ խորհրդածութիւններով համեմելով զայն. —ընդունուած սովորութեան մը համաձայն, հանդէսէն մէկ քանի օր առաջ մեծագին ազդարարութիւններ կը փակցուին Լօնտօնի փողոցներուն մէջ. այդ թուղթերէն բաւական մաս մըն ալ կը փակցնեն ա՛յն թաղը ուր հայերը հաստատած են իրենց գրասենեակները։ Յաջորդ առտուն, սակայն, մեր պատուաւոր ազգայինները, անմիջապէս որ կը տեսնեն այդ անմեղ թղթի կտորները, կը զայրանան ու սարսափահար՝ պատռել կուտան զանոնք, գոչելով «մեզի թշնամութիւն ընելու համար փակցուցեր են այդ ազդարարութիւնները. օսմանեան դեսպանը եթէ տեսնէ, մեր վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ…»։ Անգլիական թերթը զարմանք կը յայտնէ որ Լօնտօնի պէս քաղաքի մը մէջ ալ Սուլթանն սարսափը կը տիրէ, Հայերուն սրտին վրայ:

Չենք գիտեր թէ պէտք կա՞յ բնաւ խորհրդածութիւններ կցելու հայ ստրկութեան եւ ապուշութեան այս պերճախօս փաստին վրայ: Կը հարցնենք թէ Անգլիացի ժողովուրդը ի՞նչ անախորժ տպաւորութիւն մը պէտք է կրած ըլլայ ազնուաշուք հայերու ցոյց տուած այդ դժուարորակելի վարմունքէն. ու ի՞նչ բան կրնար այնքան վարկաբեկել հայ անունը, եւ վանել Եւրոպայի համակրանքը մեր վրայէն, քան այդ կարգի հաճոյասէր, անձնամոլ ու թրքաբարոյ հայերու գոյութիւնը՝ օտարազգի միջավայրի մը մէջ:

Տարիներէ ի վեր հայ յեղափոխական մարմիններու, ինչպէս նաեւ կողմնակի միջոցներու ձեռամբ Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ ի նպաստ հայոց բրօբականտ մը սկսուած է: Ընդհանուր փափաք կայ որ հայ ցեղին անցեալը, ներկայ պատմութիւնը գրականութիւնը, ձիրքերը, առաւելութիւնները, վերջապէս ամէն ինչ որ հայկական դրոշմ կը կրէ, ծանօթացուին օտարազգի ժողովուրդներու, եւ հայ տարրին վէրքերը եւ փառքերը երեւան հանուին բոլո՛ր դասակարգերուն մէջ։ Ասիկայ օգտաւէտ աշխատութիւն մըն է. տեսանք օտարազգի մարդասէրներ, ազատութեան ու արդարութեան գաղափարին ախոյեանները, որոնք գոհունակութիւն յայտնեցին հայերը ճանչցած ըլլալնուն համար ու խոստացան գործել աւելի՛ ընտանօրէն, աւելի գիտակցօրէն:

Տարիներու ընթացքին թափուած այս բոլոր ճիգերը եւ ձեռք բերուած յաջողութիւնները, սակայն, կրնան ոչինչ յանգիլ, երբ այսօր, անգլիական մայրաքաղաքի ժողովուրդն ու մամուլը, վաղն ալ գուցէ ուրիշ օտար ազգ մը առիթ կ՚ունենայ մերկացնելու հայկական փոքրոգութեան, վախկոտութեան ու հայատեցութեան աններելի յանցանքները:

«Ազատ բեմ», 1907, Մարտ 9, թիւ 90։