Դ.
ՍԻՍՏԵՄԻՆ
ՎԱԽՃԱՆԸ
Մերկերեան
Թադէոս
աղան
գէշ
վիճակի
մէջ
էր։
Առջի
օրերէն
իսկ,
երբոր
իմացած
էր
Կոստանեանին
երեւումը
եւ
անոր
խորհուրդները,
ծերուկ
աղուէսի
իր
սուր
հոտառութեամբը
բախտախնդիր
մը,
դատարկապորտ
մը
գուշակած
էր
անոր
մէջ։
Եկեղեցին,
սրճարանը,
գինետունը,
օրուան
այդ
լուրին
վրայ
ջերմութեամբ
խօսած
ատեն,
պատուարժան
գանձապետը,
ուրիշներու
հիացումին
եւ
գովեստներուն
դէմ,
խիզախ
եւ
արհամարհոտ
կարծիք
մը
արձակեր
էր.
—
Ով
գիտէ
ո՛ր
քոքոզ
անօթիին
մէկն
է
քի
աստեղուանքը
ինկեր
է…
անկաճ
մի
կախէք,
անկաճ
մի՛
կախէք…
Բայց,
հակառակ
իր
այս
արհամարհոտ
գնահատումին
եւ
մարդը
վարկաբեկելու
իր
ճիգին,
նախ
զարմացմամբ,
յետոյ
ապշութեամբ
եւ
վերջապէս
փրփրալից
կատաղութեամբ
մը
հանդիսատես
եղեր
էր
դատարկապորտին
անսահման,
դղրդալից
յաջողութեանը։
Կրթական
այդ
նորօրինակ
գործին
յառաջդիմութեան
չափովը,
Թադէոս
աղային
ձայնը
բարձրացեր,
երաժշտութեան
ստորին
խազերէն
վինչեւ
վերին
բազերը
երել
էր
հետզհետէ.
—
Ծօ՛,
մի
խաբուիք,
կը
պոռար
սրճարանին
մէջ,
ուր
ընդհանրապէս
կը
հաւաքուէին
գեղին
պատուաւոր
անձերը,
առաւ
փախաւին
մէկն
է։
Ատ
սիստեմ-միստեմ
ըսածը
սուտ
բան
է…
հիյէթին
նայեցէք
պէ՛,
հոռմի
տէրտէր
կըլմանի,
աչքերուն
չնայի՞ք,
խըրսըզ
Մանօլ
քէնտիսի…
—
Թադէոս
աղա,
դուն
ցնդեր
ես,
խելքդ
ասանկ
բաներու
չի
հասնիր,
հէմ
մեղք
է,
հէմ
ամօթ
է,
ինչո՛ւդ
պէտք,
կը
պատասխանէին
իր
խօսակիցները։
—
Պէ
ախպար,
ի՞նչ
ըսել
է,
ես
ալ
հայ
չե՞մ
մի՛,
ես
ինչո՛ւ
չխառնուիմ,
կը
պոռթկար
մարդուկը
երկու
թեւերը
ծունգերուն
վրայ
լարած,
ֆէսը
գանկին
ետեւը
հրած։
Յետոյ,
շուրջիններուն
անտարբերութեանը
եւ
յամառութեանը
չհանդուրժելով,
մոլեգնօրէն
դուրս
կ՚ելլար,
բարկութենէն
դողդղալով,
շունչը
եկեղեցիին
խորհրդարանը
առնելով,
ուր
կը
պոռար,
կը
գոռար,
կը
հայհոյէր.
—
Ազգին
մեղքը
չէ՞,
դպրոցը
մեղքը
չէ՞
պէ,
ծառքէ
կ՚ելլայ
կոր,
տղայ
չէ
մնացեր,
ի՞նչ
է
աս,
վա՛խ
վա՛խ,
կը
վայէր
ձեռքը
ուժգնօրէն
լերկ
ճակտին
զարնելով։
Ծօ՛
ատ
չափխընը
ո՛վ
կ՚ըլլայ
կոր
քի
կուգայ
կոր
տէ
դպրոցնիս
կը
պարպէ
կոր,
ծօ՛
մարդ
չկա՞յ
հոս
պէ…
Յետոյ
խահվէ
մը
բերել
կուտար,
ֆշալով
հեւալով
կը
խմէր,
աչքերը
մէկ
կէտի
մը
վրայ
տեւեռած,
ձախ
ձեռքին
մատները
օդին
մէջ
խաղցնելէն։
Ժամկոչին
մէկուն
թուլբերանութեանը
շնորհիւ
իմացած
էր
թէ
Կոստանեան
էն
առջի
գիշերը
ժամը
պառկած,
հոն
կերած
խմած
էր։
Ահագին
իրարանցում,
տակնուվրայութիւն։
Թաղականները
կանչուած
էին
անմիջապէս,
գործը
քննելու
համար։
Շնորհքով
յանդիմանութիւն
մը
ուղղուած
էր
նախ
ծերուկ
տէրտէրին,
որ
մարդը
հիւրընկալած
էր,
եւ
յետոյ
ժամկոչներուն
որ
կերակուր
եւ
անկողին
տուած
էին
անոր։
—
Աստեղ
մարդ
չի
կա՞յ
պէ,
աստեղ
թաղական
չի
կա՞յ
պէ,
կը
մռնչէր
Թադէոս
աղա
յանցաւորներուն
երեսին.
ինչո՞ւ
մեզի
չէք
հարցուներ
կոր։
Իր
կատաղութեանը
մէջ,
մարդուկը,
ուրիշ
օրեր,
խորհրդարանը
նստած
այս
խնդրին
վրայ
մտածած
ատենը,
յանկարծ
ոտքի
կ՚ելլար,
կը
կանչէր
այն
ժամկոչը
որ
Կոստանեանին
այցելութեան
գաղտնիքը
յայտնած
էր
իրեն,
եւ
կ՚ըսէր
—
Ծօ՛
Մարգար,
սա
գործը
մէյ
մըն
ալ
տեղն
ի
տեղօքը
պատմէ
նայիմ
ինծի…
աղէկ
մը
չհասկցայ։
Եւ
կծկուած
թիկնաթոռին
մէջ,
ձեռքերը
գրպանները,
աչուըները
գոց,
մտիկ
կ՚ընէր
գաւառացին,
որ,
ո՛վ
գիտէ
քանիերորդ
անգամը
ըլլալով,
այդ
անվերջանալի
պատմութեան
կը
սկսէր.
—
Աղաս,
մենք
պանէ
մըն
ալ
խապար
չունէինք
երբոր…
Ատեն
ատեն,
Թադէոս
աղա
կ՚ընդհատէր
զայն,
յանկարծ
աչուըները
խոշոր
խոշոր
բանալով,
սա
տեսակ
հարցումներ
ուղղելու
համար.
—
Մարգա՛ր,
քանի՞
լօխմա
կերաւ,
մի՞տքդ
է։
—
Չգիտե՛մ,
աղա։
—
Ծօ՜,
շատ
քնացա՞ւ։
—
Էփէյի,
աղա։
Ու
յանկարծ
ոտքի
կ՚ելլար,
ինքզինքը
չկրնալով
զսպել,
ու
շիտակ
մարդուն
վրայ
կը
քալէր.
—
Ծօ
չէ՞ք
խպնիր.
չէ՞ք
ամչնար,
ծօ՛
ձեզի
ո՞վ
ըսաւ
քի
ատ
մարդուն
կերակուր
տաք.
ծօ
պէտէհավա՞
կտեր
էք
ուտելիքը.
տէ՛ֆ
էղիր
սըկէց։
Եւ
ժամկոչ
աղբարը,
սարսափահար,
դուրս
կ՚ելլար։
—
Ազգին
հացը
կերեր
է
պէ՛,
կը
խանչէր
գանձապահը,
որ,
աւելորդ
է
ըսել,
տարիներէ
ի
վեր
ազգին
սնտուկը
կը
քամէր
անկուշտ
տզրուկի
մը
պէս։
Ինք
որ
հազիւ
տարին
մէկ
երկու
անգամ
դպրոցէն
ներս
ոտք
կը
դնէր,
հիմա
ամէն
առտու
շունչը
հոն
կ՚առնէր,
տեսնելու
համար
թէ
գործերը
ի՛նչ
վիճակի
մէջ
էին
հոն։
Ու
ամէն
առտու,
զսպուած
կատաղութեամբ,
մտիկ
կ՚ընէր
վարժապետին
համարատուութիւնը.
—
Այսօր
հինգ
տղայ
պակաս
է,
չորրորդ
կարգը
պարպուեցաւ…
հինգերորդէն
մարդ
չմնաց…
Թադէոս
աղա,
մօրուքը
ձեռքը,
պարապ
գրասեղաններուն
մէջտեղերէն
կ՚անցնէր,
վարժապետին
ընկերակցութեամբ,
որուն
միեւնոյն
հարցումը
հազար
անգամ
կ՚ուղղէր.
—
Ասոնք
լեցո՞ւն
էին,
պատուելի։
—
Լեցուն
էին
Թադէոս
աղա
—
Էյ
սըւո՞նք,
աւելի
հեռուինները
ցուցունելով։
—
Անոնք
ալ
լեցուն
էին,
Թադէոս
աղա։
Իր
յուսահատ
բարկութեանը
մէջ,
անգործադրելի
հրահանգներ
կուտար
վարժապետին։
—
Պատուելի՛,
վաղը
առտու
տա
չափխընին
բացած
դպրոցը
կ՚երթաս
իշտար
տղայ
կայ
ականջնուն
կը
բռնես
հոս
կը
բերես.
ի՞նչ
խալդ
կ՚ուտեն
պէ՛…
—
Աս
օրէնքի
դէմ
բան
է,
Թադէոս
աղա,
կ՚առարկէր
վարժապետը
ողբալի
շեշտով
մը։
Ուրիշ
առտու
մը,
մոռնալով
որ
դպրոցը
հետզհետէ
պարպուելու
վրայ
էր
ծանօթ
պատճառով,
ուժգնութեամբ
մը
ներս
մտնելով
սրահէն,
վարժապետին
երեսն
ի
վեր
պոռաց.
—
Պատուելի՛,
տղաքը
ո՞ւր
են
աս
ատեն։
Մարդը
ապշութեամբ
գանձապահին
նայեցաւ,
կարծելով
որ
խենթացած
է։
—
Կոստանեան
վարժարանն
են,
Թադէոս
աղա,
չէ՞ք
գիտեր,
պատասխանեց
տխուր
հեգնութեամբ
մը։
—
Սա
սիւրդիւկի՞ն։
—
Այո՛։
—
Հոգաբարձութիւնը
ո՞ւր
է
պէ՛,
կը
պոռար
սրահին
մէջտեղը
կեցած.
ազգը
կը
տանին
կոր՝
մէկուն
ալ
փապուճը
չէ։
Հի՛մա
պիտի
խենթենամ։
Սուրճ
մը
կ՚ապսպրէր
տնտեսին.
հեւալով,
ֆշալով
կը
խմէր,
նստած
տեղէն
աչքէ
անցունելով
սրահը,
պատերուն
վրայ
կախուած
եբրայական
պատկերները
զննելով,
զանոնք
նոր
տեսածի
պէս,
մինչ
վարժապետը
ձեռքը
ծնօտին
կը
կենար
դատապարտեալի
մը
նման,
մինչ
գրասեղաններու
յատակին
վրայ,
հոս
հոն,
կը
ցցուէին
աշակերտի
տժգոյն
գլուխներ։
Օրին
մէկն
ալ,
դպրոցը
աշակերտով
նորէն
լեցնելու
իր
բոլոր
գերշնական
ճիգերուն
ամլութենէն
գրեթէ
խելագարած,
սրահէն
ներս
խուժեց
եւ
բազուկները
լուսնոտօրէն
շարժտկելով՝
պոռաց
տղոցը.
—
Դուք
ալ
գացէք
ծօ՛,
չ՚ուզեր,
մի՛
գաք,
դուք
ալ
ատ
սիւրդիւկին
դպրոցը
գացէք.
ազգը
թող
դպրոց
չունենայ
քի
խելքը
գլուխը
գայ.
դուրս
ելէք,
կ՚ըսեմ
կոր,
ծօ՛։
Վարժապետը,
ոտքը
ձեռքը
դող
ելած,
Թադէոս
աղային
վրայ
վազեց.
—
Աման
աղա,
մ՚ըներ
մ՚ըլլար,
հացէս
կ՚ընես
ինծի…
Աս
տղոցն
ալ
մեղք
է,
փողոցը
պիտի
մնան…
—
Ձգէ՛,
ձգէ՛,
կը
կանչէր
կատաղի
գանձապահը՝
տղոց
վրայ
յարձակելու
շարժումներ
ընելով.
եւ
«դո՛ւրս
ելէք,
դո՛ւրս»
պոռալէն
ինք
էր
որ
դուրս
ելաւ,
մեկնեցաւ
դպրոցէն։
—
Չե՛մ
ուզեր
պէ՛,
դուրս
ելէք,
դո՛ւրս ,
կը
պոռչտար
փողոցներուն
մէջ։
Բայց
ինչ
որ
պատահեցաւ
Թադէոս
աղայի,
երբոր
դիպուածով,
լսեվ
թէ
ամիրային
աղջիկն
ալ
իր
զաւակը
ատ
«սիւրդիւկ»ին
դպրոցը
ղրկեր
է,
եւ
ոչ
միայն
ղրկեր
էր,
այլեւ
զայն
իր
տունը
հրաւիրելով
կերցուցեր,
խմցուցեր
էր
անոր,
այո՛,
ինչ
որ
պատահեցաւ
Թադէոս
աղայի
այս
աներեւակայելի
բաները
լսելուն՝
գրեթէ
անկարելի
է
գրչով
նկարագրել։
Այդ
գիշերը
վրան
մարելիք
եկաւ
տունը.
պառաւ
քոյրը
բժիշկին
վազեց.
բժիշկը
քննելէ
ետքը
զայն,
յայտնեց
թէ
սաստիկ
յուզման
մը
հետեւանք
էր։
Երկու
օր
դուրս
չելաւ,
շարունակ
դառնալով
իր
սենեակին
շուրջը։
Երրորդ
օրը
շիտակ
ժամ
գնաց,
նստաւ
գրասեղանին
առջեւ
եւ
նամակ
մը
գրեց
տիկին
Մարկոսեանին,
յոյժ
կենսական
գործի
մը
համար
տեսակցութիւն
մը
խնդրելով։
Հանըմը,
իր
զուարթ
տրամադրութեանը
մէջ,
փոքր
վարանքէ
մը
ետք,
լուր
ղրկեց
գանձապահին
որ
կ՚ընդունի
զինքը։
Տեսակցութիւնը
շատ
պաշտօնական
հանգամանքով
մը
սկսաւ։
Թադէոս
աղա
փափկանկատութիւնը
ունեցաւ
երբեք
ակնարկութիւն
չընելու
իր
այդ
տունէն
վռնտուած
ըլլալու
կսկծալի
պարագային։
Հանդարտ,
հանդիսաւոր
շեշտերով,
ամիրայական
տան
հետ
իր
վաղեմի
բարեկամութեան
յանգելով,
որ
աշխարհի
վրայ
Մարկոս
ամիրային
երեւելի
գերդաստանը
իրմէ
աւելի
անկեղծ,
անձնուէր,
հաւատարիմ
բարեկամ
չունէր։
Այս
յառաջաբանէն
յետոյ,
որուն
տիկինը
ունկնդրեց
վհատեցնող
պաղարիւնութեամբ
մը,
Թադէոս
աղա
պնդեց
թէ,
բարոյական
հովանաւորութիւն
մը
կը
պարտէր
միշտ
իր
մեծ
բարերարին
աղջկանը
եւ
թոռանը,
անոնց
վարմունքը
ի՛նչ
ալ
ըլլար
իրեն
հանդէպ։
Վերջապէս
իր
ճառը
բերաւ
կապեց
Կոստանեանին
եւ
անոր
հիմնած
դպրոցին։
Առանց
քաշուելու,
խաբեբայութիւնը,
եւ
ի
վերջոյ
ցաւ
յայտնեց
որ
տիկինն
ալ
այդ
խաբեբայութեանը
զոհ
գացած
էր՝
զաւակը
այդ
դպրոցը
ղրկելով։
Հոս՝
տիկինը
ընդհատեց
գանձապահւ։
—
Բայց,
Թադէոս
աղա,
դուք
դպրոցական
գործերէ
չէք
հասկնար.
Պ.
Կոստանեան
տարիներով
Եւրոպա
ուսում
առեր
է։
—
Սո՛ւտ
է,
հանըմ։
—
Վկայականներ
ունի։
—
Կե՛ղծ
են,
հանըմ։
—
Մեծ
գիտնականներ
կը
ճանչնայ
կար։
—
Վա՛զ
անցիր,
հանըմ։
Տիկինը,
բարկացած,
ոտքի
ելաւ։
—
Թադէոս
աղա,
անիրաւ
էք։
Ինչո՞ւ
ձեր
չճանչցած
մարդը
վար
կը
զարնէք։
—
Շատ
լավ
կը
ճանչնամ,
հանըմ,
պատասխանեց
մարդուկը
խորհրդաւոր
ժպիտով
մը,
աս
մօրուքը
պաշըպօշ
չճերմկցուցինք,
հանըմ.
ատ
մարդը
հիլլէպազին
մէկն
է,
ե՛ս
եմ
ըսողը,
լմնցա՜ւ։
Այս
կոշտ
նախատինքին
վրայ,
որ
յանդգնօրէն
կ՚ուղղէր
այն
մարդուն՝
որ
իր
զաւակը
մեծ
գիտնական
մը,
ազգին
պարծանքը
պիտի
ընէր,
տիկին
Մարկոսեան,
խոժոռադէմ,
ոտքի
ելաւ։
—
Թադէոս
աղա,
ըսաւ,
եթէ
գիտնայի
թէ
այս
տեսակ
բանի
մը
համար
ինծի
հետ
պիտի
տեսնուէիք,
չէի
ընդուներ
ձեր
այցելութիւնը։
Ու
կեցաւ
ճիշդ
այն
դիրքով,
որով
մարդ
մէկը
ճամբել
կ՚ուզէ,
առանց
«դուրս
ելէք»
ըսելու
բացէ
ի
բաց։
Գանձապահը,
թէեւ
զգաց
որ
բարկութենէն
արիւնը
գլուխը
կը
խուժէր,
պատրաստակամութիւնն
ունեցաւ
չպայթելու
եւ
իր
տակտիկան
իսկոյն
փոխելու։
—
Հանըմ,
կ՚աղաչեմ,
հանդարտեցէք,
ըսաւ
պաղատական
շեշտով,
ես
ատ
մարդուն
հետ
առնելիք
տալիք
մը
չունիմ,
ձեր
օգտին,
ձեր
շահուն
համար
է
որ
աս
բաները
կ՚ըսեմ,
ձեր
աչքը
բանալ
կ՚ուզեմ
կոր…
կ՚աղաչեմ,
տիկին,
Աստուծու
սիրուն,
ամիրային
յիշատակին
սիրուն,
զաւկնուդ
սիրուն,
կ՚աղաչեմ
երես
մի՛
տաք
ատ
մարդուն,
զաւկնիդ
մի
ղրկէք
անոր
դպրոցը,
գէշ
կ՚ընէք,
կը
խաբէ
կոր
ձեզի,
կը
կողոպտէ
կոր
ձեզի,
ազգին
մեղք
է,
ձեզի
մեղք
է,
մեզի
մեղք
է,
ամէնուս
ալ
մեղք
է…
Այս
վերջին
բառերը
արտասանած
ատեն,
Մերկերեանին
արցունքը
պակաս
էր.
թեւերը
դէպի
հանըմը
երկնցուցած,
կարծես
մեծ
շնորհ
մը
կը
պաղատէր։
Սպիտակամօրուս
ծերուկի
մը
այդ
աղաչական
սրտաշարժ
կեցուածքը
իր
ազդեցութիւնը
ունեցաւ.
հանըմը,
հանդարտած,
նորէն
նստաւ,
հառաչ
մը
զսպելով։
Պահ
մը
լռութիւն
տիրեց։
—
Հանըմ,
ըսել
է
որ
իմ
տուած
խորհուրդիս
չպիտի՞
ականջ
կախէք,
վրայ
բերաւ
Մերկերեան
վերջապէս։
—
Թադէոս
աղա,
ըսաւ
հանըմը
կտրուկ
ձայնով
մը,
ինծ
մտիկ
ըրէք,
գիտէք
թէ
որչափ
կը
սիրեմ
զաւակս.
չկայ
բան
մը
որ
մերժեմ
իրեն։
Ուզեց
ատ
դպրոցը
երթալ.
կրնայի՞
չղրկել.
ո՛չ։
Ղրկեցի,
ու
պիտի
ղրկեմ,
որովհետեւ
ատ
ձեր
խաբեբայ
ըսած
մարդը,
շատ
շնորհքով,
շատ
խելացի,
շատ
գիտնական
մարդ
մըն
է.
խոստացաւ
զաւակս
մեծ
մարդ
մը
ընել։
Ապահով
ալ
եմ
որ
պիտի
ընէ։
Ուրեմն,
այս
մասին
խօսիլը
աւելորդ
է,
Թադէոս
աղա,
ուրիշ
ի՞նչ
կայ
չիկայ
նայինք։
—
Հո՞ս
ալ
բերել
տուեր
էք
հանըմ,
հարցուց
գանձապահը
խեղդուկ
եւ
կամաց
ձայնով
մը,
զսպուած
մոլեգնութեամբ։
—
Ինչո՞ւ
չէ,
զաւկիս
վարժապետն
է,
դուռս
միշտ
բաց
է
անոր
առջեւ…
—
Եա՜,
անա՞նկ
է
մի.
խե՛րը
տեսանք
ուրեմն
ձեր
վարժապետին,
հանըմ։
Եւ
դէպի
դուռը
ուղղուելով
եւ
աջ
ձեռքը
պատին
վրայ
պտըտցնելով.
—
Ահա
հոս
կը
գրեմ
կոր,
հանըմ,
ատ
մարդը
հիլլէպազին
մէկն
է,
ձեր
քթին
կը
խնդայ
կոր,
փարանիդ
սոյմիշ
պիտի
ընէ
առնէ
փախի,
եւ
եթէ
աս
ըսածս
շիտակ
չելլայ,
թո՛ղ
ինծի
ալ
Թադէոս
Մերկերեան
չըսեն։
Մնաք
բարով։
Եւ
աճապարանօք
մեկնեցաւ։
Մերկերեան,
իր
թշնամին.
գիւղին
թշնամին,
ժամուն,
դպրոցին
թշնամին
ընկճելու
իր
անպարտելի
յամառութեանը
մէջ,
գերագոյն
միջոցի
մի
դիմել
ուզեց,
գիտէր
որ
ամիրայական
տիրապետութեան
ատեն
ազգային
կամ
կրօնական
իշխանութիւններու
անսաստողներուն
դէմ
շատ
անգամ
բանադրանք
կը
կարդացուէր
եկեղեցիներու
բեմէն։
Ինչո՞ւ
ուրեմն
ինքն
ալ,
իբրեւ
ամենազօր
թաղական,
գիւղին
քարոզիչին
միջոցով,
բանադրանք
մը
որոտացնել
չտար
այդ
«ազգին
տունը
կործանողին
»
դէմ։
—
Կ՚ըլլա՞յ
մի
կ՚ըլլայ,
ես
քուկին
խե՜րդ
կ՚անիծեմ,
շո՛ւն,
մռլտաց.
բայց
ասանկ
ամենածանր
որոշման
մը
պատասխանատուութիւնը
միւս
մինակ
ինք
չստանձնելու
յետին
ողջմտութիւն
մը
ունեցաւ։
—
Մէկալ
աղաներուն
ալ
մէյ
մը
հարցունենք,
մտածեց։
Կիրակի
օրը
բոլոր
թաղականները
հաւաքուեցան։
Ատենապետը
որ
քսան
տարիէ
ի
վեր
բոլոր
թաղական
խորհուրդներուն
անշարժ
ատենապետն
էր,
գէր,
կոպիտ,
հարուստ,
տգէտ
մարդ
մը,
յատկապէս
վար
իջաւ
գիւղէն,
ուր
օդափոխութեան
գացած
էր։
Մերկերեան,
բորբոքուած
պերճախօսութեամբ
մը,
թաղին
կացութեան
մէկ
մանրամասն
պատկերը
գծեց՝
շատ
ողբալի
գոյներու
տակ
ներկայացնելով
զայն.
եւ
վերջացուց
սա
մեծ
ու
ահեղ
բացագանչութիւնը
թնդացնելով.
—
Էֆէնտինե՜ր,
մէկ
մարդ
մը
այսօր
ազգը
կործանելու
եկեր
է,
ձգելո՞ւ
ենք
մի։
—
Տիրող
լռութեան
մէջ,
ատենապետին
ճաթած
ճարպոտ
ձայնը
խռկաց.
—
Ծօ,
ատ
չափխընը
ո՞վ
է,
ինծի
ինչո՞ւ
խապար
մը
չտուիք,
ծօ՛
վա՛յ
շանզաւակ…
ծօ՛
վա՛յ…
Եւ
հայհոյանքներու
անձրեւ
մըն
էր
տեղաց
Կոստանեանի
գլխուն
ի
վար։
—
Ի՞նչ
ընելու
է,
ա՛ն
նայինք,
վրայ
բերաւ
ուրիշ
մը
երբոր
անձրեւը
դադարեցաւ։
—
Բանադրելու
է,
էֆէնտիմ,
բանադրելո՛ւ
է,
պոռաց
Մերկերեան
ձեռքը
սեղանին
զարնելով,
կը
բանադրես,
կը
լմննայ
կ՚երթայ…
կարճ
ճամբան
աս
է։
Բոլոր
թաղականները
իրարու
երես
նայեցան,
միջոցին
այլանդակութենէն
սահմռկած։
—
Շատ
աղէկ
ամմա,
առարկեց
անդիէն
ողջմիտ
ծերուկ
մը,
նայինք
պատրիարքը
թող
կուտա՞յ։
Կրօնական
ժողովը
ի՞նչ
կ՚ըսէ…
մենք
ո՞վ
ենք
որ
մարդը
բանադրել
պիտի
տանք…
—
Մենք
ո՞վ
ենք
մի՜,
խանչեց
Մերկերեան
հնդկահաւի
պէս
կաս
կարմիր
կտրած։
Ե՛ս
պիտի
բանադրել
տակ,
պոռաց
ոտքի
ելլալով…
Հէ՞,
ի՞նչ
ըսիք,
էֆէնտի,
աւելցուց
ատենապետին
դառնալով,
որ
Մերկերեանին
այդքան
եղանակաւոր
շեշտին
վրայ
երեսը
թթուեցուցած
էր։
—
Ճանըմ,
ատոր
կարճ
ճամբան
կայ,
պատասխանեց
ատենապետը,
մեր
տղոցը
ծառքով
գիշեր
մը
թէմիզ
տայախ
մը
քաշել
կուտանք,
ան
բուրդուփապուճ
կը
փախի…
բանադրանքը
ի՞նչ
է…
—
Ա՛խ.
ա՛խ,
բանադրելու
է,
կ՚ոռնար
Մերկերեան,
մօրուքը
քաշկռտելով
կատաղութենէն։
—
Մէյ
մը
քարոզիչին
հարցնենք
նայինք
ի՞նչ
կ՚ըսէ,
առաջարկեց
անդամ
մը՝
այդ
անվերջանալի
խորհուրդակցութիւնը
ելքի
մը
յանգեցնելու
համար։
Մերկերեան,
թրկութեան
գերանին
պլլուելու
պէս
դուռը
նետուեցաւ։
—
Մարկոս
աղբա՛ր,
պոռաց
շնչասպառ,
սա
հայր
սուրբը
հոս
կանչէ։
—
Աղա,
քարոզ
կուտայ
կոր։
Թադէոս
աղա
մռնչեց՝
գառագեղի
վագրին
պէս,
որ
ո՛ւր
որ
դառնայ
երկաթէ
պատը
կը
գտնէ
իր
դէմը։
—
Ծօ՛
ան
կէվէզէն
ե՞րբ
պիտի
լմնցունէ
քարոզը
տէ…
Խորհուրդը
առկախ
մնաց.
սիկառներ
ծխուեան
լուռ
ու
մունջ։
Քառորդ
մը
անցաւ։
Թադէոս
աղա
դռնէն.
—
Մարկո՛ս,
քարոզը
լմնցա՞ւ։
—
Չէ,
աղա։
—Ծօ
ըսէ
տա
մարդուն
կարճ
թող
կապէ,
պէտքի
բան
կայ
հոս…
—Չ՚ըլլար,
աղա,
ամօթ
է,
մեղք
է։
—Սերսե՛մ…
Քառորդ
մըն
ալ
անցաւ։
Հեռուէն՝
վարդապետին
ձայնին
ճայթիւնները
կը
հասնէին,
մուրճի
պէս
իջնալով
Թադէոս
աղային
գլխուն,
որ
լռելեայն
կը
քֆրէր։
Յանկարծ,
ատենապետը,
որ
իր
գերութեանը
եւ
արիւնոտութեան
պատճառաւ
անհամբեր
մարդ
մըն
էր,
ոտքի
ելաւ։
—
Ես
մարդ
պիտի
տեսնամ,
գործ
ունիմ,
ինծի
ներողութիւն,
էֆէնտիներ,
ըսաւ
դուռը
ուղղուելով։
Ինծի
հարցնէք
նէ,
բանադրանքի
տեղ
ծեծելու
է
այդ
մարդը,
աւելցուց
ետին
դառնալով,
ծեծ,
ծեծ
ատանկներուն
պապաճա
ծե՛ծ…
Ու
մեկնեցաւ։
Ատենապետին
մեկնելուն
վրայ,
միւս
թաղականները,
որոնք
արդէն
այնքան
համամիտ
չէին
Կոստանեանը
բանադրելու
գաղափարին,
մէկիկ
մէկիկ,
զանազան
առարկութիւններով,
առին
քալեցին,
աւելի
ատենապետին
գործնական
միջոցին
կուսակից։
—
Բանադրանքը
պօշ
պան
է,
կ՚ըսէին
մեկնած
ատեննին,
ծեծին
ըսելիք
չկայ.
շնորհքով
ծեծ
մը
քաշելու
է
ատ
մարդուն…
Եւ
ամէնուն
ալ,
Մերկերեան,
կռնակը
դրամարկղին
տուած,
միեւնոյն
պատասխանը
կուտար,
մռնչելով.
—
Ծեծ
չ՚ըլլար,
եախան
ծառք
կուտանք,
բանադրելու
է…
Հիմա,
պարապ
խորհրդարանին
մէջ
խեղճ
գանձապահը
կը
դառնար,
խենթի
պէս,
մատներու
ջղապիրկ
շարժումներով,
աչքերը
խոլոր
մոլոր,
խեղդուկ
կոկորդէն
ատեն
ատեն
բառ
մը
արձակելով.
—
Բանադրա՛նք,
բանադրա՛նք,
բանադրա՛նք…
Դուռը
կամաց
մը
բացուեցաւ։
—
Աղա,
քարոզը
լմնցեր
է։
Թադէոս
աղա
պայթեցաւ։
—
Քարոզին
ալ
խե՛րը
անիծեմ,
վարդապետի՛ն
ալ.
քո՛ւկդ
ալ…
Բարեբախտաբար,
այդ
միջոցին
պնակ
պտըտցնողներու
թափօր
մը
խորհրդարանէն
ներս
խուժեց,
լուսարարը,
դպրոցի
աշակերտ
մը,
հոգաբարձու
մը,
ոսկերիչ
մը
եւ
էն
ետեւէն
ժամկոչ
մը.
ամէնքն
ալ
մէկիկ
մէկիկ
իրենց
պնակներու
պարունակութիւնը
գանձապահին
առջեւ
համրեցին
եւ
գումարը
թուղթի
վրայ
նշանակելով
ելան
գացին։
Տիար
գանձապահը,
դրամներուն
տեսքին
առջեւ,
պահ
մը
մոռցած
դպրոց,
Կոստանեան,
բանադրանք,
պնակներուն
պարունակութիւնը
իրար
խառնեց,
արծաթները
պղինձներէն
զատեց
անհաւատալի
արագութեամբ
մը,
պատռեց
թուղթին
այն
կտորը
որուն
վրայ
պնակ
պտտցնողները
նշանակած
էին
գումարները
զատ
զատ,
բուռ
մը
արծաթ
մանրուք
նետեց
տաբատին
գրպանը
եւ
մնացածը
դրամարկղը
փոխադրեց։
—
Ա՛խ,
բանադրելու
էր
ատ
շունը
քի
ազգը
կը
խաբէ
կոր,
ազգին
տունը
կը
կործանէ
կոր,
կը
մրմռար
դրամարկղը
կղպած
միջոցին։
Եկեղեցիէն
դուրս
ելլալով՝
իր
սովորական
սրճարանը
երթալու
ատենը,
նորէն
բուռն
կերպով
կը
համակուէր
այս
մղձաւանջովը։
Իր
թշնամիին
հետ,
ազգին
թշնամիին
հետ
գլուխ
ելլելու,
զանիկա
ջախջախելու
եղեռնական
զարհուրելի
միջոցներ՝
կայծակի
հարուածներու
պէս՝
կը
զիկզակէին
իր
գանկին
մէջ։
Օրինակի
համար,
պահ
մը
սոսկալի
գաղափար
մը
յղացաւ։
—
Աս
աւելի
կարճ
ճամբայ
է,
կը
մրմռար
գլխիկոր
քալելով,
տըւոր
դպրոցը
խունտախ
մը
նետել
տալու
է,
բանադրանքէն
աղէկ
է…
«Խունտախ»ի
այս
անարգ
գաղափարը
վերջին
ծայր
ժպտեցաւ
Թադէոս
աղային,
մեծցաւ,
ծովացաւ,
անհունացաւ
ան
իր
պղտոր,
մշշապատ
երեւակայութեանը
մէջ.
բանադրանքի
գիւտը
իր
յարգը
վարկը
մէկէն
ի
մէկ
կորսնցուց
«խունտախ»ի
այս
սքանչելի
գիւտին
առջեւ։
Կոստանեանին
կերտած
գործը
մէկ
ժամու
մէջ
քանդել
փճացնել,
եւ
ամենադիւրին
կերպով.
ասկէց
աւելի
դիւթական,
հմայիչ
բան
չէր
կրնար
ըլլալ
ծեր
աւազակին
համար,
որ
վերջին
վարանումն
ալ
ունեցաւ.
—
Բանադրա՞նք
մը
խունտախ…
Չէ՛,
Շահմալեան
էֆէնտին
իրաւունք
ունի,
բանադրանքէն
ի՞նչ
կ՚ելլայ.
ամմա
ծեծէն
ալ
բան
մը
չելլար…
նայէ՛,
խունտախին
ըսելիք
չկայ,
պէլքի
մադըն
ալ
մէջը
կ՚երի.
ծօ
ան
ի՜նչ
պատուական
պան
կ՚ըլլայ։
Կոստանեանին
այրուելուն
հաւանականութիւնը
բոլորովին
փարատեց
գանձապահին
մռայլը,
եւ
արտասովոր
զուարթութեամբ
մըն
էր՝
որ
սրճարանէն
ներս
մտնելով
պոռաց։
—
Սո՛ւրճ
մը
եւ
նարկիլէ՛
մը։
Հիմա
անկիւն
մը
տոտոզուած,
ֆէսը
ետեւ
կործանած,
կլկլակին
սաթէ
ծայրը
բերանը,
կը
մտմտար։
Յանկարծ՝
մտածում
մը
ճեղքեց
իր
ըղեղը։
—
Աղէկ
ամմա,
խունտա՞խը
ով
պիտի
նետէ…
Եա՛
նետողը
բռնուի
նէ,
հարիւր
մէկ
տարի
կ՚երթայ.
ես
ալ…
Սարսուռ
մը
անցաւ
ոսկորներէն։
Սարսափահար,
շուրջը
նայեցաւ,
իբր
թէ
վախնար
որ
իր
ծրագրած
ոճիրը
դէմքէն
հասկցող
մը
կ՚ըլլար…
—
Եա
է՞ս
ինչ
կ՚ըլլամ…
էն
քիչը
քսան
տարի։
Ձգեց
կլկլակը
եւ
կամաց
մը
դուրս
ելաւ
սրճարանէն։
Աս
ալ
ջուրը
ինկաւ,
կը
մրմռար
ճամբան,
բանադրանք,
ծեծ,
խունտախ
ամէնն
ալ
ջուրը
ինկան,
ծօ
վայ
շունշանորդի,
այս
մարդը
բախտ
ունի
պէ՛,
սատանա՞յ
է
ի՛նչ
է…
Եւ
նորէն
համակուած
կատաղութեան
տագնապովը,
զուր
անկարողութեան
գիտակցութիւնը
կը
սասկացնէր,
Մերկերեան
խղդուկ
ձայնով
կը
խորդար.
—
Էֆէնտիմ,
անոր
էն
կարճ
ճամբան
կայ.
վաղն
առտու
հետս
երկու
զապթիէյով
կ՚երթամ
ատ
դպրոցը,
մարդուն
թեւէն
կը
պռնէմ
դուրս
կը
նետեմ,
տղաքն
ալ
կը
վռնտեմ,
դպրոցին
դուռները
կը
գոցեմ
մէօհիւրլէմիշ
ընել
կուտամ,
լմնցաւ
գնաց.
բանադրանքը,
ծեծը,
խունտախը
ի՞նչ
փապուճս
են…
Այս
բռնական
միջոցին
յղացման
պարգեւած
սփոփանքին
տակ՝
ծերուկ
գանձապահը
վերջապէս
տուն
հասաւ,
հանգստանալու
եւ
յաջորդ
օրուան
հեմերական
արշաւանքին
պարտաստուելու
համար
վճռապէս։
Սակայն,
երբոր
Մերկերեան
այսպէս
ճղակտոր
ջանքերու
մէջ
կը
սպառէր,
անդին
Կոստանեան
հանդարտօրէն,
պաղարիւնութեամբ
իր
գործը
առաջ
կը
տանէր՝
իր
շահագործութեան
միջոցներուն
առժամեայ
դադար
մը
տալով
եւ
գրպանած
գումարը
բաւական
սեպելով
դպրոցական
առաջին
տարեշրջանին
համար։
Գիւղին
երեւելիներուն
տունը
իր
պարբերական
այցելութեանց
հաւատարիմ
կը
մնար,
մանաւանդ
ամիրային
ապարանքը,
ուր
գտած
ջերմ,
գրկաբաց
ընդունելութիւնը,
մանաւանդ
հիւթեղ,
ամէն
աւերմանց
դիմացող
սեղանը
կշտապինդ
հիւթեղ,
ամէն
աւերմանց
դիմացող
սեղանը
կշտապինդ
գոհացում
մը
կը
պարգեւէր
իրեն։
Տիկին
Մարկոսեան
մեծ
հաճոյք
կը
զգար
մանկավարժին
խօսուածքէն,
մանաւանդ
երբոր
ան
ապագայ
գիտնականին
կեանքին
փայլուն,
ակնախտիղ
դրուագներուն
վրայ
ծանրանար,
որոնք
ինքզինքէն
կը
հանէին
մայրը,
շլացումի
եւ
խելայեղութեան
անպատում
վայրկեաններ
կ՚ապրեցնէին
զինքը։
Տղան,
որ
հիմակուընէ
կը
վարժուէր
իր
գլխուն
շուրջը
նշմարել
ապագայ
երեւելի
մարդուն
փառքի
լուսապսակը,
կարեւոր,
գիտակից,
վէս
ձեւեր
կ՚առնէր,
արհամարհելով
իր
ընկերները,
ինքզինքը
կաղապարել
ճգնելով
իր
ուսուցիչին
շարժուածքին,
խօսուածքին,
նկարագրին
վրայ,
որոնք
կը
զմայլեցնէին
զինքը
եւ
կոյր
ու
սրտազեղ
փարումի
մը
կը
մղէին։
Անոր
ընկերակցութեամբը
փողոցներէն
անցնիլը
սնափառութեան
բուռն
գոհացում
մըն
էր
իր
փոքր,
իր
ճղճիմ
հոգիին
համար,
որուն
առջեւ՝
հիմակուընէ
իսկ՝
մարդերն
ու
իրերը
աննշան,
անգոսնելի
համեմատութիւններ
կ՚առնէին։
Մաման
մեծ
լուրէն
ի
վեր,
տեսակ
մը
պատկառանքով,
գողունի,
անկեղծ
զմայլանքով
կը
վերաբերուէր
իր
զաւկին
հանդէպ։
Անոր
վրայ՝
բնութեան
մէկ
հրաշքը
կը
փորձուէր
տեսնել,
էակ
մը՝
որ
միայն
մօր
մը
ստացուածքը
չէ,
ամէնունն
ալ
է,
հանրութեան,
մարդկութեան։
Մայրական
այս
կոյր
յափշտակութեան
սաստկացումին
թեւ
թռիչք
կուտար
ուսուցիչը,
երբոր,
պարբերական
ճաշերէն
յետոյ,
օթոցապատ
անդորր
սրահին
մէկ
անկիւնը,
հանգստաւէտօրէն
թաղուած
լայն
թիկնաթոռի
մը
մէջ,
բուրօն
կախած
մսոտ
թուխ
շրթներէն,
խաբեբան
սկսէր
իր
յաւիտենական
գուշակութիւններուն,
զորս
երկիւղած,
ջերմեռանդ
հաւատքով
կ՚ունկնդրէր
խեղճ
կինը,
իր
ցամքած
կուրծքին
վրայ
սեղմած
ունենալով
տղուն
խարտեաշ
աղուոր
գլուխը։
—
Ա՛խ,
Աստուա՜ծ
լսէ
ձայնդ։
—
Ա՛խ,
այդ
օրուան
պիտի
հասնի՞մ
արդեօք։
—
Զաւակիս
փառքը
պիտի
կարենա՞մ
տեսնել։
Այս
տեսակ
հառաչանքներով
կ՚ընդհատէր
ան՝
մարդուն
անսպառ
եւ
ունայն
լեզուագարութիւնը,
անոր
աչուըներուն
մէջ
կածկլտող
անգութ,
ահաւոր
հեգնութիւնը
չնշմարելու
չափ
կոյր։
Մերթ,
պառաւ
խոհարարուհին,
իր
ոսկրաթեք
մարմնին
ուրուականը
կը
բերէր
հոն,
պահ
մը
խանգարելով
տեղին
ու
կացութեան
խորհրդապահ
ներդաշնակութիւնը,
զովարար
ըմպելիք
մը
կամ
համեղ
պտուղ
մը
հրամցնելու
համար
այդ
դէմքը
դժգոհանքի
արտայայտութիւն
մը
կ՚առնէր
պարբերական
այս
այցելութեանց
առթիւ,
եւ
ամէն
անգամ
սենեակէն
դուրս
ելլալուն,
զզուանքով
կը
մը
մրմռար.
—
Վո՜ւյ,
բերիս
հազ
չըրաւ
նէ
սա
մարդէն։
Եւ
մինչ
մանկավարժը
կը
զբաղէր
մեծարուած
ըմպելին
կուլ
տալու
պուտիկ
պուտիկ,
գնահատող
ըմբոշխնումով
մը,
տիկին
Մարկոսեան
հիացական
զննումի
մի
կ՚ենթարկէր
իր
խօսակիցը.
անոր
բարձը,
մաքուր
ու
հզօր
ճակատը,
սեւ
աղուոր
վարսերը
անսգիւտ
խոպոպներով
քունքերէն
վար
կախուած,
թուխ,
հուրքոտ
աչուըները
զգայնոտ
հանգրիճուած
շուրթերը
ու
ճիտը,
զօրաւոր
եւ
լայնշի,
եւ
ուսերը,
բարեձեւ
ու
թիկնեղ,
ամէն
բան
այդ
մարդուն
վրայ
սքանչացման
սատարներ
էին
իր
շլացած
աչուըներուն
համար։
Եւ
մանաւադ,
այդ
հրապուրիչ
պատեանին
ետեւը
բաբախող
հոգին,
մեծ,
գեղեցիկ,
բարիք
ու
երանութիւն
սփռող
հոգին…
—
Զաւակս
ալ
ասանկ
պիտի
ըլլա՞յ,
կը
հառաչէր
սրտին
ալքերէն…
Վերջապէս,
դպրոցական
առաջին
տարեշրջանը
բոլորեցաւ։
Կոստանեան
ծնողքները
իր
վարժարանին
սրահը
հաւաքելով,
ծանոյց
թէ
իր
ակնկալածէն
շատ
աւելի
նպաստաւոր
գետիններ
գտած
էր
իր
սիստեմին
անխուսափելի
բարիքներուն
բողբոջմանը
համար։
Էն
աչքի
զարնող
պզտիկ
տաղանդներուն
վրայ
կանգ
առաւ,
գիտական
ճապաղ,
անհասկնալի
բացատրութիւններու
մանուածի
մը
մէջ
անոնց
գովեստը
հիւսելով։
Իր
համեստ
աշխատաւորի
դերին
վրայ
ծանրացաւ,
որով
ան
իր
փառքը
կը
փնտռէ
որքան
կատարած
գործէն,
նոյնքան
եւ
աւելի
անոր
փայլուն
արդիւնքէն։
Իր
զոհողութիւնները,
իր
քրտնաթոր
աշխատութիւնները
թուեց,
շեշտելով
իր
նկարագրին
ամենէն
կարկառուն
կողմին,
անշահախնդրութեան
ոգիին
վրայ,
որով
միայն
կրնար
այդ
տեսակ
դժուարին,
եզական,
փառաւոր
ձեռնարկ
մը
յառաջանալ,
զարգանալ,
տեւել։
Արագ
ու
շլացուցիչ
պատկեր
մըն
ալ
գծեց
այն
տեսարանէն,
զոր
պիտի
ներկայացնէր
Հ…
գիւղը
քանի
մը
տարի
ետքը,
երբոր
այդ
մեծ
իմացականութիւնները
գիսաւոր
աստղերու
պէս
հետզհետէ
արձակուէին
Կոստանեան
սիստեմին
վառարանէն։
Համբերութիւն
պատուիրեց,
եւ
մասնաւորապէս
խնդրեց
որ
ամէն
մէկ
ծնողք
իր
օրինակին
հետեւելով՝
նիւթական
ու
բարոյական
զոհողութեանց
իր
բաժինը
ի
սպաս
դնէ
այդ
մեծ
գործին
յառաջդիմութեանը։
Քանի
մը
սրտաճմլիկ
բառեր
ալ
իր
սիրելի
սաներուն
ուղղեց,
որոնցմէ
շատեր
կուլային
երկու
ամիս
իրենց
դաստիարակէն
հեռու
մնալ
ստիպուելնուն։
Ճառախօսութիւնը
վերջացաւ
խանդավառ
ցոյցերու
մէջտեղ,
ու
վարձատրուեցաւ
փառաւոր
հացկերոյթով
մը,
մենծ
աղայի
մը
տանը
մէջ։
Քանի
մը
օր
ետքը,
մանկավարժը
մտերմօրէն
դիմեց
ամենէն
հարուստ
ծնողներուն,
հարցնելով
անոնց
թէ
կը
յօժարէի՞ն
իրեն
յանձնել
զաւկնին՝
ամիս
մը
երթալ
կազդուրուելու
համար
Վոսփորի
մէկ
խաղաղ
անկիւնը։
—
Հանգիստ
եւ
կլիմայի
կարճ
փոփոխութիւն
իսկի
մի
անհրաժեշտութիւն
է
նրանց
համար,
պնդեց։
Ծնողքները,
փոքր
վարանումէ
մը
ետքը,
հաւանեցան,
խաբեբային
վրայ
իրենց
վստահութիւնը
բացարձակ
ըլլալով։
Եւ
ահա
մանկավարժը,
բորոլուաշ
չորս
հինգ
տղաքներէ,
գնաց
Պէօյիւքտէրէի
ամենէն
անուշ
մէկ
անկիւնը,
փառաւոր
ու
հանգստաւէտ
տան
մը
մէջ,
առատօրէն
մսխելու
կլորիկ
գումարը,
զոր
օդափոխութեան
պատրուակին
տակ
շորթած
էր
ծնողքներէն։
Շաբաթ
մը
հազիւ
անցած,
տղաքը
ձանձրացան
այդ
գիւղագնացութենէն,
որ
իրենց
համար
որեւէ
հրապոյր
չունէր,
եւ
իրենց
գիւղը
դարձան։
Կոստանեան՝
անոնց
ծախսին
համար
իրեն
յանձնուած
գումարը
վեհանձնաբար
ետ
դարձուց.
բայց
ծնողքները,
աւելի
վեհանձն,
իրեն
վերադարձուցին
այդ
գումարը,
իբրեւ
իր
«արդար
իրաւունքը»։
Հոն,
միսմինակը,
Կոստանեան
իր
փայփայած
ծրագիներուն
վրայ
կ՚որոճար
երկարօրէն.
տարի
մըն
ալ
փակուիլ,
տնքալ
Հ…
գիւղին
անշուք,
անտանելի
անկիւնը,
տարի
մըն
ալ
համբերել,
շահագործել
ժողովուրդին
միամտութիւնը
եւ
յետոյ
կծիկը
դնել,
անյայտ
ըլլալ,
ոչ
արհամարհելի
գումար
մը
գրպանած,
զոր
պիտի
երթար
—
օր
երազն
էր
այս
—
Մոնթէ
Քառլոյի
մեծ
խաղարաններուն
մէջ
հարիւրապատկել,
հազարապատկել,
եւ
եթէ
կարելի
է,
միլիոնապատկել։
Վերամուտին,
վարժարանը
աւելի
մեծ
փայլ
առած
էր։
Լրագրական
միամիտ
ռէքլամներ
՝
ուրիշ
թաղերէն
ալ
աշակերտներ
կը
քաշէին
կը
բերէին
հոն։
Դրամը
կը
հոսէր։
Քանի
մը
նոր
ուսուցիչներ
վարձուեցան։
Մերկերեանի
բոլոր
գոռում-գոչումները,
բողոքները,
վարկաբեկող
քարոզները
ապարդիւն,
անզօր
մնացին։
Զինքը
մտիկ
ընող
չկար.
քթին
կը
խնդային։
—
Դուն
նայէ
որ
թաղականութիւնդ
ընես,
ուրիշներու
գործին
մի՛
խառնուիր,
կ՚ըսէին։
—
Ծօ՛,
կը
խաբէ
կոր,
ծօ՛,
սոյմիշ
կ՚ընէ
կոր
ձեզի,
կը
պոռար
Մերկերեան
կոկորդը
պատռելու
աստիճան։
Ծօ՛,
աւազակ
է…
Վերամուտէն
ամիս
մը
յետոյ։
Կոստանեան
խնդրեց
խնամակալներէն
որ
վարժարանին
համար
որեւէ
նպաստ
մը
սարքեն։
Առաջարկը
սիրայօժար
ընդունուեցաւ։
Գիւղին
երիտասարդները
ափափոյ
թատերական
խումբ
մը
կազմեցին,
ու
ազգային
կեանքէ
թատերախաղ
մը
ներկայացուցին
անձնուիրաբար։
Հարիւր
յիսուն
ոսկի
գոյացաւ։
Ազգ.
վարժարանը
բոլորովին
լքուած
էր.
մնացած
միակ
վարժապետը
եւ
քանի
մը
աղքատի
տղաքներ
գրեթէ
մինչեւ
իրիկուն
կը
մրափէին,
տխուր
եւ
խղճալի։
Ա՛լ
Մերկերեան
ոտքը
հոն
չէր
դներ,
զայն
լեցնելու
իր
բոլոր
միջոցները
սպառած
ըլլալով։
Ու
ճարահատ,
թողուց
որ
դէպքերն
ու
իրերը
իրենց
բնական
ընթացքը
կատարեն,
եւ
երկայնամտութեամբ
սպասեց
անոնց
վախճանին,
վասնզի
սմսեղուկ
ծերունին,
զարմանալի
յայտնատեսութեամբ
մը
կը
զգար,
թէ
վախճան
մը
կար
եւ
ան
ալ
այդքան
հեռու
չէր։
Երկրորդ
տարուան
կիսուն,
Կոստանեան՝
խնամակալները
արտասովոր
եւ
անակնալ
նիստի
մը
հրաւիրեց.
եւ
առանց
այլեւայլի
անոնց
ըսաւ
թէ՝
որովհետեւ
վարժարանին
նիւթական
մատակարարութեան
դժուարութիւնները
շատ
կը
նեղէին
զինքը
եւ
իրմէ
կը
յափշտակէին
թանկագին
վայրկեաններ,
զորս
պարտաւոր
էր
յատկացնել
իր
աշակերներուն
զարգացմանը
միայն,
այդ
գործը
խնամակալները
իրենք
ստանձնելու
էին,
ի
սէր
նոյնիսկ
իրենց
զաւկներուն
դաստիարակութեանը։
Մարդիկը
շուարեցան,
իրարու
երես
նայեցան,
աչք,
ընքուի
ըրին
իրարու,
վարանեցան
տատամսեցան,
կմկմացին,
բառեր
ծամծմեցին
եւ
վերջապէս
ըսին
թէ՝
այդքան
ծանր
պարտականութիւն
մը
ստանձնելէ
առաջ՝
խորհելու
պէտք
կար։
Մակնավարժը
սա
կէտն
ալ
չմոռացաւ
շեշտելու՝
թէ,
ատանկով
խնամակալները
մօտանց
պիտի
տեսնէին
եւ
հասկնային
թէ
ի՛նչ
ահագին
ծախսի
կարօտ
էր
վարժարանին
մատակարարութիւնը։
Մարդիկը
մեկնեցան,
մտատանջ։
Իրենց
տուներուն
մէջ
խորհրդակցեցան,
վեր
դարձուցին,
վար
դարձուցին,
հարցը
ամէն
կողմէ
զննեցին,
եւ
վերջապէս
սա
եզրակացութեան
յանգեցան
թէ
իրենցմէ
ոչ
մէկը
կարող
էր
դպրոցի
մը
մատակարարը
դառնալ.
բայց
մտածեցին
ալ
որ,
երբ
կը
մերժէին
մատուցուած
առաջարկը
—
որուն
իրաւացիութիւնը
ամէնքն
ալ
կ՚ընդունէին
—
անոր
փոխարէն
իրենց
վրայ
լռելեայն
պարտք
մը
կը
ծանրանար
տնօրէնին
գործը
նիւթականապէս
թեթեւցնելու՝
պզտիկ
նուէրով
մը.
հետեւապէս,
փափկանկատ
խնամակալները
մէջերնին
հանգանկութիւն
մը
կատարելով՝
հարիւր
ոսկիի
շնորհալի
գումարը
տարին
աւազակին
ափը
դրին,
միանգամայն
ներողութիւն
խնդրելով
իր
առաջարկը
մերժել
ստիպուելնուն։
Տնօրէնը,
այդ
վեհանձն
շարժումին
դէմ
բողոքելով
հանդերձ,
փարան
իր
անյատակ
գրպանը
նետեց։
Երկրորդ
տարեշրջանին
վերջը
հասաւ,
առանց
ուրիշ
որեւէ
արկածի։
Միտքի
գործը
առաջ
տարուեցաւէ
արգաւանք
լռութեան
մը
մէջտեղ։
Կանխահաս
տաղանդներու
այդ
չքնաղ
մարզարանին
շուրջ
յոյսերը
վառ
մնացին,
երազները
յաճախեցին,
իղձերը
հետզհետէ
աւելի
կուռ,
աւելի
սրտաբուխ
եղան։
Հայ
դաստիարակութեան
ասպետը՝
սրտաբուխ
եղան։
Հայ
դաստիարակութեան
ասպետը՝
ազնիւ,
վեհոգի
միամտութիւններ
մշտարծարծօրէն
խանդավառ
եւ
շլացած
պահելու
դիւային
ճարպիկութիւնը
ունեցաւ։
Պայմանադրական
հանդէսէն
յետոյ,
մանկավարժը
ահագին
յոգնութիւն
մը
կեղծեց,
նոյնիսկ
իր
շուրջիններուն
յայտարարեց
թէ
յաջորդ
տարին
գուցէ
չկարենար
շարունակել
այդ
ծանր
գործը.
եթէ
երկամսեայ
արձակուրդը
չերթար
չանցընէր
եւրոպական
ջերմուկ
մը,
իր
յօդացաւը
դարմանելու
համար,
որուն
Հ…
գիւղի
կլիմայէն
առած
ըլլալու
պատասխանատուութիւնն
ալ
չքաշուեցաւ
բեռցնել
խեղճ
թաղեցիներուն
ուսին։
Մեծ
յուզում
գիւղին
մէջ,
թէ
եթէ
Կոստանեան
չբուժուէր,
միւս
տարի
դպրոց
չկա՜ր։
Երիտասարդութիւնը
ոտքի
ելաւ,
բողոքելու
հարուստ
դասակարգին
անտարբերութեանը
դէմ,
որով
կը
ձգէին
որ
անզուգական
դաստիարակը
անխնամ
մնար,
հիւընդնար,
անկարող՝
շարունակելու
իր
բեղմնաւոր
գոծրը,
որմէ
կախում
ունէին
Հ…
գիւղին
փառքն
ու
ապագա…
քաշուած
իր
սենեակը,
տխուր,
սրտաբեկ։
Կոստանեան
ժպտուն
եւ
տրտմալի
համակերպութիւն
մը
ցոյց
կուտար
իր
վրայ
գուրգուրացողներուն,
այն
կացութեան
համար,
որուն
ակամայ
ենթարկուած
էր։
—
Ահա
թէ
ի՞նչ
լինում
է
վարձը
հայ
դաստիարակին,
կ՚ըսէր.
նրանից
պահանջում
են
ամէն
ինչ.
արիւնը,
կեանքը,
մարմինը,
բայց
ոչինչ
են
տալիս
հենց
որ
նա
կամենում
է
մի
քիչ
վերանորոգել
իր
արիւնը,
կեանքը,
մարմինը՝
դարձեալ
եւ
դարձեալ
տալու,
տալու,
տալու
համար…
Եւ
այս
վերջին
բառերուն
հետ
ձեռքը
հետզհետէ
կ՚երկննար
օդին
մէջ՝
անսահմանութիւնը
ընդգրկելով։
Կոստանեան
իր
մտերիմներուն
կամացուկ
մը
հասկցուց
որ
եթէ
կարող
ծնողքները՝
իրենց
զաւկներուն
յաջորդ
տարուան
թոշակին
վրայ
կանխավճար
մը
ընէին,
իր
Եւրոպա
ուղերորութիւնը
կը
դիւրանար
եւ
առողջանալով
յաջորդ
շրջանը
աւելի
եռանդագին
կերպով
կը
սկսէր։
Առաջարկը
շատ
բանաւոր
եւ
ընդունելի
դատուեցաւ։
Ըլլալիքը
կանխավճար
մըն
էր
լոկ,
զոր
սիրայօժար
ըրին
ծնողքները։
Հարիւր
քսան
ոսկիի
մօտ
գումար
մը
յանձնեցին
Կոստանեանի,
որ
աճապարեց
հեռանալ
գիւղէն
եւ
Պոլսէն,
իր
յօդացաւը
երթալ
դրամանելու
համար
ի…
Մոնթէ-Քարլօ։
Գիւղին
երիտասարդութեան
կողմէն
պատուիրակութիւն
մը
մինչեւ
շոգենաւ
ընկերացաւ
Կոստանեանի։
Շոգենաւին
մէջ
քոնեակ
խմեցին,
գինովցան,
ճառեր
ըսին,
եւ
արտասուաթոր
աչուըներով
հեռացան
մանկավարժէն,
որ
իր
սովորական
բանաձեւովը
վարձատրեց
այդ
միամիտ
համակրութիւնները։
—
Խօ,
ի՛նչ
սիրուն
տղամարդկանց
եմ
հանդիպել…
Մինչեւ
որ
շոգենաւը
Սէրայ—Պուրնին
դարձաւ,
երիտասարդերը,
կամուրջին
բարամբին
կռթնած,
դիտեցին
զայն,
երբեք
միտուընուն
չանցնելով
որ
այդ
մարդը
ընդմիշտ
կը
հեռանար,
երկու
տարի
շարունակ
զիրենք
խաբելէ
եւ
իրենցմէ
առնուազն
երկու
հազար
ոսկի
կորզելէ
յետոյ՝
փոխարէն
առանց
բան
մը
տուած
ըլլալու։
Արձակուրդի
երկու
ամիսները
անցան,
եւ
Կոստանեան
մէջտեղ
չելաւ։
Անձկութիւն
մը
սկսաւ
տիրել
գիւղին
մէջ.
իրարու
երես
կը
նայէին
չհամարձակելով
կարծիք
մը,
երկիւղ
մը
յայտնել։
—
Ճանըմ
ո՞ւր
մնաց
աս
մարդը,
կ՚ըսէին
խնամակալները։
Չարագուշակ
կարեկցողներ
կային։
—
Ո՞վ
գիտէ,
խեղճ
մարդը
կարելի
է
կա՛մ
մեռաւ
կամ
հիւանդանոցի
մը
անկիւնն
է։
Տրտմութիւն
եւ
սրտաբեկութիւն
տուներու
մէջ,
տղաք
կուլային,
«միւսիւնիս
կ՚ուզե՜նք»
կը
պոռային,
մինչեւ
իրիկուն
սլքտալով
դպրոցին
շուրջը,
որուն
գոց
դրան
վրայ
ահագին
սառերով,
զորս
կարելի
էր
կէս
մղոն
հեռուէն
կարդալ,
կը
շողար
«Կոստանեան
Կրթարան»ը։
Մեկնած
ատենը,
խաբեբան
ամէնուն
ալ
խոստացած
էր
գրել,
իր
ուղեւորութեան
եւ
իր
առողջութեան
հանգրուաններուն
գրեթէ
ամէն
վայրկեան
վերահասու
ընելու
համար
Հ…
գիւղին
հասարակութիւնը։
Հակառակ
այս
խոստման ,
տող
մը
անգամ
գրած
չէր
ոչ
մէկուն։
—
Ատ
մարդուն
գլխուն
փորձանք
մը
եկած
է,
կ՚ըսէին
իր
բարեկամները,
հազիւ
զսպելով
արցունքնին։
—
Բայց,
կը
տրամաբանէր
ուրիշ
մը,
լրագիրները
կը
գրէին.
ատանկ
երեւելի
մարդ
մը…
—
Ատ
ալ
շիտակ
է։
Քանի
մը
խելացիներ,
օր
մը,
մտածեցին
ետեւէն
մարդ
ղրկել.
բայց
ո՞ւր ,
հասցնէն
չէին
գիտեր.
մարդը
հեռացած
պահուն
չէր
յայտնած
Եւրոպայի
ո՚ր
ջերմուկը
երթալը,
եւ
ահագին
Եւրոպայի
մէջ
մէկ
մարդ
մը
փնտռել
գտնալը
դժուարին
գործ
էր։
Ուստի
ետ
կեցան
այդ
դիտաւորութենէն։
Արձակուրդին
երկու
ամիսը
անցաւ,
տասնըհինգ
օր
ալ,
ու
մարդ
չկար,
մէջտեղը։
Տնտեսը,
համազգեստը
հագած,
մարտաշունչ
պեխերուն
ծայրերը
վար
ինկած,
կը
սլքտար
դպրոցին
առջեւ,
որուն
բանալին
խնամակալութեան
քով
էր,
պատուհաններուն
նայելով,
դրան
ծակերէն
ներս
նայելով,
Կոստանեանը
տեսնելու
ակնկալութեամբ։
Իր
մտատանջութեանը
մէջ
խեղճ
տնտեսը
շատ
կը
նեղուէր
տղաքներէն,
որ
օրուան
մէջ
քանի
մը
ժամ
կը
խմբուէին
դպրոցին
առջեւ,
սարսափելի
աղմուկ
հանելով.
«սո՛ւս,
տղաք,
կը
պոռար,
հիմա
յանկարծ
միւսիւն
վրայ
կը
հասնի»։
Այս
դիւթական
խօսքը
մէկ
վայրկեան
միայն
կ՚ազդէր,
տղաք
կը
վերսկսէին
պոռչալ,
գզուըտիլ։
Դպրողին
ուսուցիչները,
բա՛ն
մը
չհասկնալով
այս
յապաղումէն,
շաբթուան
մէջ
քանի
մը
հեղ
գիւղ
կուգային,
դպրոցին
գոց
դրանը
առջեւ
իրար
կը
գտնային,
սիկառ
սիկառի
վրայ
կը
ծխէին,
հաւանական
ենթադրութիւններ
փոխանակելով
եւ
իրենց
անձնական
կսկիծը
ողբալով.
—
Պէ՛
ախպար,
վրաս
փարա
չմնաց։
—
Քանի՞
ամսական
կ՚ուզես։
—
Երեքուկէս։
Դո՞ւն։
—
Չորս։
Քու
պահանջքդ
ի՞նչ
է։
—
Չորսուկէս…
Եւրոպայէն
կը
ղրկեմ
ըսաւ,
սանդիմ
չղրկեց։
Վարժարանին
խնամակալութիւնը
օր
մը
ներկայացաւ
Արեւմուտք
լրագրին
խմբագրատունը
Կոստանեանի
մասին
տեղեկութիւն
մը
առնելու
յոյսով։
Խմբագիրները
որեւէ
բան
չէին
գիտեր
երեւելի
մանկավարժի
մասին։
Նոյնիսկ
անոնցմէ
մէկը
բաւական
կծու
հեգնութիւն
մը
ըրաւ։
—
Ո՞ւր
երթանք,
որո՞ւ
դիմենք,
կ՚ըսէին
խնամակալները,
անճրկած,
յամենալով
խմբագրատան
մէջ։
—
Մարքօ
փաշային,
պատասխանեց
անդիէն
գիրուկ,
բարակ
պեխերով
խմբագիր
մը,
փորձ
մը
սրբագրելով
հանդերձ։
Մարդիկը,
իրենց
ցաւովը
գրաւուած,
առին
քալեցին,
առանց
կարեւորութիւն
տալու։
Մերկերեան
թեւխաղ
էր։
Ընդհանուր
տրտմութեան
քով
անոր
աղմկալի
զուարթութիւնը
չափազանց
աչքի
կը
զարնէր։
Այդ
տարօրինակ
անյայտացումէն
իրեն
փառքի
բաժին
մը
հանել
ուզելով՝
կ՚ըսէր.
—
Սօնը
սօնը
փախուցի
եա՛
ատ
մարդը։
Յետոյ
հեգնող,
քաշքշող
հարցումներ
ունէր
մանկավարժին
համակիրներուն.
—
Շիտակը
ըսէք,
քանիի՞
մալ
եղաւ
ձեզի։
Քիչ
քիչ
ազգ.
վարժարանը
կեանք
առաւ,
ամիս
մըն
ալ
ընդունայն
սպասելէ
յետոյ,
ծնողքները
ստիպուեցան
նորէն
հոն
ղրկել
իրենց
տղաքները։
Վարժապետին
երեսը
գոյն
եկաւ,
ճարտարւորեցաւ,
աշխուժցաւ։
Հիմա
Մերկերեան
առտուները
նորէն
սկսաւ
դպրոց
երթալ՝
գրասեղաններուն
լեցուիլը
հաստատելու,
տարուած
յաղթանակը
տեղւոյն
վրայ
վայելելու
համար։
—
Հա՛
շէօյլէ,
կ՚ըսէր
ամէն
առտու,
ներս
մտնելուն,
յաղթական
ակնարկով
մը
դէպի
լեցուն
գրասեղանները։
Հարուստները
կը
յամառէին
իրենց
տղաքները
տունը
պահել,
մանկավարժին
սպասմանը
մէջ
յաւերժանալով։
Տիկին
Մարկոսեան
բուռն
մտահոգութեան
մատնուած
էր։
«Ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
զաւակս,
եթէ
չգայ»,
կը
մտածէր
աչքերը
արցունքով
լեցուն։
Այս
դժբախտ
պատահականութեան
մէջ,
դարձեալ
իր
սեւ
ճակատագրին
աղէտաւոր
դեր
մը
կը
վերագրէր։
Ժամանակէ
մը
ի
վեր,
խեղճ
կինը՝
իր
կսկիծներէն
քիչ
մը
ամոքած,
գրեթէ
մոռնալով
զանոնք,
մանկավարժին
գուշակութեանց
հմայքին
եւ
շլացմանը
մէջ
կ՚ապրէր,
ապագայ
ոսկեգոյն
ծրագիրներու
պատրաստութեամբը
օրօրուելով
յարաժամ։
Եւ
ահա
իր
երազներուն
ծիրանածիր
մարմաչը
յանկարծ
կը
պատռէր,
բզիկ
զիկ
կ՚ըլլար.
ու
ան
նորէն
կը
մնար
հոն,
սգասենեկին
մէջ,
խոշոր
թիկնաթոռին
վրայ
կծկուած,
ամուսնին
կենդանագրին
դէմը,
որուն
կ՚ուղղէր
մերթ
իր
կսկծոտ
նայուածքները։
—
Ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
զաւակս,
եթէ
չգայ։
Ու
իր
երեւակայութիւնը
թռիչ
կ՚առնէր,
անջրպետներ
կը
կտրէր
կ՚անցնէր,
երթալ
գտնելու
համար
մարդը
որ
պահ
մը
կրցած
էր
իր
հառաչանքի
ու
արցունքի
ուխտուած
կեանքին
մէջ
յոյսի,
խինդի,
արգաւանդ
յոյզերու
արեւոտ
շրջան
մը
բանալ,
իր
նուաղած
էութիւնը
խանդավառել
նորէն ,
մղել
զինքը
ժպտելու
ապագային,
նոր
փառքերով,
նոր
սքանչելիքներով
յղի
տեսնել
զայն։
Ծովեր
ու
ցամաքներ
կ՚անցնէր,
ամբոխներուն
մրջնային
իրարանցումներուն
եւ
խժլտուքներուն
մէջ
կը
յոգնէր,
կը
վազէր,
կը
հեւար
ու
կուլար,
չգտնելով
այդ
գերբնական,
դիւթող
էակը,
կը
յառաչէր,
կը
հեկեկար,
ու
իր
հեկեկանքներուն
մէջէն
նոր
հանկերգը
կը
բարձրանար՝
սրտառուչ
եւ
աղեխարշ.
—
Ի՞նչ
պիտի
ըլլահ
զաւակս,
եթէ
չգայ։
Տղան
ամէն
օր
կ՚երթար
լուր
բերելու
միւսիւէն.
մայրը,
տենդոտ
անհամբերութեամբ՝
կը
սպասէր
յուսալիր.
բայց
ամէն
օր
տղան
կը
վերադառնար
տխրօրէն
ըսելու.
—
Չէ
եկեր,
մամա։
Օրերը
իրարու
կը
յաջորդէին,
ցաւագին
միօրինակութեամբ,
հատցնող,
մաշեցնող
սպառումներու
մէջ։
Ու
մարդը,
հրաշագործը
չէր
ի
գար
ու
չպիտի
գար։
Ան
մոռցախ
էր
խեղճ
Հ…
գիւղը,
անոր
փոքր
տաղանդները,
խանդոտ
երիտասարդները,
միամիտ
մենծ
աղաները։
Կիրակի
օր
մը,
խնամակալները
պարապ
վարժարանը
այցելեցին,
տնտեսին
հետ,
որուն
գրասեղաններուն
փոշիները
առնել
տուին։
Հետաքրքրութեամբ
դիտեցին
պատերը,
պատուհանները
այդ
շէնքին,
ուրկէ
իրենց
զաւակները
այնքան
փառապանծ
ելք
մը
պիտի
ընէին։
Ապակեպատ
դարանի
մը
մէջ
տեսան,
դեղնափայլ,
հրաշագործ
կարկինը,
տաղանդներու
ստուգիչը,
եւ
մեթրաչափ
գործիքը։
Պարտէզին
մէջ
սքանչացմամբ
զննեցին
երկաթէ
ձողը,
որուն
շնորհիւ
իրենց
զաւակները
մինչեւ
ութսուն
տարու
պիտի
ապրէին։
Յետոյ
մեկնեցան,
դուռը
կղպեցին,
բանլիքը
առին։
Ու
տնտեսը,
նորէն
իր
խոշոր
պեխերովը
եւ
պաշտօնական
համազգեստովը
դուրսը
մնաց,
տղաքներուն
հետ,
որոնք
կը
շարունակէին
մեծ
աղմուկ
հանել
փողոցին
մէջ։
—
Միւսիւնիս
կ՚ուզե՜նք,
միւսիւնիս
կ՚ուզեն՜ք,
կը
խմբերգէին,
եղանակ
մը
յարմարացուցած։
Այս
ցոյցերուն՝
փողոցի
տղաքներն
ալ
կը
մասնակցէին։
Կիրակի
օրերը
ազգ.
վարժարանի
աշակերտներէն
շատեր
կուգային,
բոլորն
ալ
նախկին
սաներ
«Կոստանեան
Կրթարան»ին։
Շաքարավաճառներ
ու
պտղավաճառներ
հոն
վար
կը
դնէին
իրենց
թապլան,
եւ
աղէկ
առուտուր
կ՚ընէին։
Կոստանեան
վարժարանին
փողոցը
պզտիկ
տօնավաճառի
մը
երեւոյթը
կ՚առնէր։
Սակայն,
անակնալ
լուր
մը,
ամենէն
անլուրը
եւ
ամենէն
աներեւակայելին
որ
Հ…
գիւղը
երբեք
վրդոված,
ցնցած,
սարսած
ըլլար,
եկաւ
յանկարծ
կասեցնել
բոլոր
վարանումները,
բոլոր
անձկութիւնները,
համատարած
ապշութեան
մը
տակ
ջախջախելով
ամէն
բան։
Արեւմուտք
լրագիրը
իր
Նոյեմբեր
24-ի
թիւին
մէջ
Փարիզէն
հետեւեալ
թղթակցութիւնը
կը
հրատարակէր.
—
ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ
ՓԱՐԻԶԻ
ՄԷՋ
Փարիզ,
17
Նոյեմբեր
X…—
Տեղւոյս
հայ
գաղութը
յուզող
օրուան
ամենամեծ
դէպքն
է
Աբգար
Կոստանեան
անուն
հայու
մը
ձերբակալութիւնը՝
հետեւեալ
պարագաներուն
մէջ։
Յիշեալ
անձը
երկու
ամիս
առաջ
տեղս
կը
ժամանէ
եւ
Փարիզի
ամենէն
առաջնակարգ
օթէլներէն
մէկը
կ՚իջեւանի։
Ունեցած
յանձնարարականներուն
շնորհիւ
—որոնց
կեղծ
ըլլալը
հիմա
երեւան
ելած
է
—
կը
յաջողի
բարձրաստիճան
եւ
հարուստ
անձնաւորութեանց
հետ
յարաբերութեան
մտնել,
թէ՛
հայ
թէ
օտարազգի,
ինքզինքը
գաւառացի
հարուստ
հայ
կալուածատէրի
մը
ժառանգորդը
ցոյց
տալով։
Վարած
ճոխ
կեանքը
ասոր
ապացոյց
մըն
էր
արդէն։
Վերջապէս
կը
յաջողի
մուտ
գտնել
տեղւոյն
առաջնակարգ
հայ
վաճառականներէն
Ք…եաններու
տունը,
ուր
շատ
սիրալիր
եւ
ջերմ
ընդունելութիւն
մը
կը
գտնէ
Կոստանեան։
Իր
արտաքին
բաւական
հմայիչ
երեւոյթովը
եւ
մանաւանդ
կախարդող
լեզուովը
Օր.
Ք…եանի
սիրտը
կը
գրաւէ
վերջապէս.
ծնողքը
իմանալով
այս
բանը,
չեն
ընդդիմանար
իրենց
միակ
աղջկա
նախամեծարութեանը
եւ
կը
հաւանին
իրենց
փեսայ
ընդունիլ
այդքան
փայլուն,
հարուստ
եւ
պատուաւոր
երիտասարդ
մը։
Մտերմութիւնը
այնքան
կը
սաստկանայ
ու
փեսացուն
կը
հրաւիրուի
իր
բնակութիւնը
հաստատել
իր
հարսնացուին
տանը
մէջ,
ըստ
որում
արդէն
չպիտի
ուշանար
ամուսնութիւնը։
Սակայն,
ասկէց
իբր
երկու
շաբաթ
առաջ,
երիտասարդը
յանկարծ
կ՚անհետանայ
զինք
հիւընկալող
տունէն,
անյայտացում
որ
կը
զուգադիպի
Օր.
Ք…եանի
քանի
մը
հազար
ոսկիի
գոհարեղէններուն
եւ
իբր
հինգ
հարիւր
ոսկիի
արժէթուղթերուն
անակնկալ
անհետացումին
հետ։
Պ.
Ք…եան
իսկոյն
ոստիկանութեան
կը
դիմէ,
իմաց
տալով
գողութեան
պարագան
եւ
միեւնոյն
ժամանակ
պատմելով
իր
փեսացուին
յանկարծական
աներեւութացումը։
Ֆրանսական
ոստիկանութիւնը
անմիջապէս
ամէն
կողմ
խուզարկութիւններ
կատարել
կուտայ։
Ամբողջ
շաբաթ
մը,
Կոստանեանին
լուսանկարներով
զինուած,
գաղտնի
ոստիկաններ
սահմանագլխի
քաղաքները
եւ
նաւահանգիստները
կը
շրջին
եւ
վերջապէս
քանի
մը
օր
առաջ
Հավրի
մէջ
կը
ձերբակալուի
Կոստանեան
ու
Փարիզ
կը
բերուի։
Կ՚երեւայ
թէ
Ամերիկա
փախչելու
մտադիր
էր։
Գողցուած
գոհարեղէնները
գրեթէ
ամբողջովին
եւ
արժէթուղթերուն
մէկ
մասը
գտնուած
են
փախստականին
գոյքերուն
մէջէն։
Առաջին
հարցաքննութեան
մէջ,
Կոստանեան
շնականօրէն
խոստովանած
է
իր
ոճիրը։
Ֆրանսական
թերթերը,
որ
այս
խնդիրով
կը
զբաղին,
կ՚ըսեն
թէ
Կոստանեան
բախտախնդիր
մըն
է,
կովկասցի,
որ
քանի
մը
ամիս
առաջ
Պոլսէն
—
ուր
Աբգար
Կոստանեան
անուան
տակ
վարժարան
մը
հիմնած
է
եղեր
եւ
այս
պատրուակոց
ահագին
գումարներ
շորթած
—
Եւրոպա
անցած
եւ
Մոնթէ-Գարլոյի
մէկ
մէկ
քանի
հազար
ոստի
վաստակելէ
յետոյ
Փարիզ
եկած
է։
Աւելորդ
թ
պատմել
թէ
խեղճ
Ք…եան
ընտանիքը
ի՛նչ
բուռն
սրտայուզութեան
մը
մատնուած
է,
եւ
թէ
այս
անսովոր
եւ
ցաւալի
դէպքը
ի՛նչ
գէշ
տպաուորութիւն
մը
առաջ
բերած
է
տեղւոյս
հայ
գաղութին
վրայ։
Մանրամասնութիւնները
կը
հաղորդեմ
յաջորդիւ։
֍
֍
֍
Թերթին
խմբագրութիւնը
այս
թղթակցութեան
կցած
էր
հետեւեալ
տողերը.
«Մեր
ընթերցողները
անշուշտ
հասկցան
թէ
ո՛վ
է
այս
գողութեան
հեղինակը.
այն
անձը՝
որ
ռուսահայ
մանկավարժի
մորթին
տակ
եւ
Աբգար
Կոստանեան
անունով
Հ…
գիւղին
մէջ
վարժարան
մը
հիմնեց
կարծեցեալ
նոր
մեթոտի
մը
յիմարութիւնները
գործադրելու
համար,
որոնց,
անկեղծութիւնը
պիտի
ունենանք
խոստովանելու,
մենք
ալ
պահ
մը
հաւատ
ընծայեցինք։
Կը
ցաւինք
որ
Հ…
գիւղը,
որ
նիւթական
այնքան
նախանձելի
դրութիւն
մը
չունի,
երկու
տարի
շարունակ
խաչագողի
մը
շահագործութեանց
առարկան
եղած
ըլլայ»։
Այն
իրիկունը,
որ
շաբաթ
իրիկուն
մըն
էր,
շոգենաւէն
ելլող
թաղեցիներուն
շատին
ձեռքէն
Արեւմուտքի
թիւ
մը
կը
կախուէր,
բացուած
այն
էջին
վրայ
ուր
կը
փայլէր
փարիզեան
թղթակցութիւնը։
Սրճարաններու
մէջ,
մանկավարժին
համակիրները
առաջին
հանդիպումով,
իրարու
երես
կը
նայէին,
իրարու
նայուածք
զննելով,
ուր
սա
այրող
հարցումը
կը
կայծկլտար.
—
Միւսիւ
Կոստանեանը
գո՞ղ,
կարելի՞
բան
է։
Բայց
լուրին
եւ
իրողութեան
պապանձեցուցիչ
ակներեւութեանը
առջեւ,
բոլոր
բարեացակամ
վարանումները
կը
փլչէին,
կը
ջախձախուէին։
Իր
է՛ն
կատաղի
համակիրները
յետին,
յուսահատ
կասկածներ
կը
փորձէին
դեռ։
—
Նայինք
ա՞ն
է,
աշխարհքին
վրայ
ուրիշ
Կոստանեան
չկա՞յ։
—
Ան
է,
ան,
կը
հառաչէին
ասդիէն
անդիէն,
տխրահունչ
արձագանգի
մը
պէս։
Կոստանեան
վարժարանի
խնամակալութեան
անդամները
հետզհետէ
հաւաքուեցան
մենծ
աղաներու
սրճարանը,
սգաւոր
երեւոյթով,
իբր
թէ
հասարակաց
մեծ
աղէտ
մը
պատահած
ըլլար։
«Կարդացի՞ք»,
«կարդացի՞ք»
կը
հարցնէին
իրարու,
չհամարձակելով
անմիջապէս
կարդացուելիք
նիւթին
իսկութիւնը
ճշդելու։
Մնաց
որ,
ի՞նչ
հարկ
գործին
մանրամասնութեանը
վրայ
ծանրանալու,
քանի
որ
ամէնուն
ձեռքը
Արեւմուտքի
թիւը
կար։
Խնամակալութեան
անդամ
մը
վայրկեան
մը
իր
մէկ
հարցումովը
յոյսի
խօլ
նշոյլներ
առկայծեցուց
իր
պաշտօնակիցներուն
աչքերուն
մէջ,
որոնք
յուսահատ
թարթափումներ
կ՚ունենային.
—
Ճանըմ,
նայինք
իրա՞ւ
է,
ո՞վ
է
այդ
գրողը.
թշնամութիւն
մը
չըլլա՞յ։
—
Կրնա՛յ
ըլլալ,
կրնա՛յ
ըլլալ,
խմբերգեցին
միւսները,
ճիտերնին
մէկէն
ի
մէկ
երկնցնելով։
Բայց
իսկոյն
տխրութիւնը
տիրեց
նորէն.
լուրին
ջախջախիչ
մանրամասնութիւնները
հոն
ներկայ
էին,
անհերքելի,
անուրանալի,
փաստերով,
հաստատումներով
բեռնաւորուած։
Ք…եան
էֆէնտի,
որ
հասած
էր՝
տժգոյն,
ձեռքը
թերթ
մը,
ամենէն
աւելի
հարուածուած
կ՚երեւէր
աղիտաբեր
լուրէն,
ըստ
որում
բոլոր
թաղը
իր
ետեւէն
այդ
արկածին
քաշած
տարած
ըլլալու
բարոյական
պատասխանատուութեան
մը
ծանրանալը
կը
զգար
իր
վրայ։
Ամենքը
իր
երեսը
կը
նայէին,
այս
անկարելի
առեղծուածին
մէկ
բացատրութիւնը
սպասելով
սրտաթունդ։
Լռութենէ
մը
ետքը,
Ք…եան
էֆէնտի
կտրուկ
շեշտով
մը
ըտաւ.
—
Էֆէնտիմ,
ես
աս
գործէն
բան
մը
չեմ
կրնար
կոր
հասկնար…
Արամ,
ըսաւ
քիչ
մը
հեռուն
նստող
ըլլայ,
սա
լրագիրը
մէյ
մըն
ալ
կարդա
տէ
մեզի
աղէկ
մը
հասկցուր։
Երիտասարդը
առաւ
լրագիրը,
բացաւ
եւ
իր
քիչ
մը
իգական
ձայնով
սկսաւ
կարդալ,
իւրաքանչիւր
հատուածին
կանգ
առնելով
եւ
անոր
բերանացի
ամփոփումը
ընելով
ունկնդիր
հասարակութեան,
որ
բերանաբաց,
ակնապիշ
մտիկ
կ՚ըսէր,
իբր
թէ
բոլորովին
նոր
բան
մը
ըլլար
իրեն
հաղորդուածը։
Երբոր
ընթերցումը
եւ
բացատրութիւնները
վերջացան,
իրողութիւնը,
ահեղ
ու
ամօթալի,
կը
մնար
միեւնոյն
վիճակին
մէջ
առանց
ամենապզտիկ
փոփոխութիւն
մը
կրած
ըլլալու
գրագրին
բերնին
մէջ,
անոր
աղջկան
ձայնէն։
Եւ
գլուխները,
յուսաբեկ,
անճրկած,
նորէն
կուրծքերնուն
վրայ
ծռեցան,
անմռունչ։
Իրենց
կսկիծին
եւ
նենգութեան
մը
դիւրին
որսերը
եղած
ըլլալու
իրենց
խուլ
զայրոյթին
մէջ,
միամիտ
հառաչանքներով
կը
կամենային
սփոփուիլ։
—
Բէք
աղէկ
ամա,
ատ
մարդը
մեզի
ինչո՞ւ
խաբէր…։
—
Անանկ
է
եա՛,
ծառքը
ի՛նչ
անցաւ…
մերին
ի՞նչը
առաւ։
—
Դպրոցին
խթլը՜խը
կայ…
ան
չեղա՞ւ
մեկալը
կը
ղրկենք…
—
Ճանըմ,
ան
մարդը
անանկ
մարդ
չէր
երեւար
կոր…
կազեթաճիներուն
գրածին
բէք
անկաճ
կախելու
չէ…
—
Սա
գործը
աղէկ
մը
հասկնալու
համար
աճապա
Փարիզ
մարդ
մը
ղրկե՞նք։
Կ՚երեւայ
որ
այս
վերջին
կարծիքը
գերակշռեց,
որովհետեւ
բոլոր
միւս
գլուխները
զայն
յայտնողին
կողմը
դարձան։
Ք…եանի
գրագիրը,
որ
բերնին
անկիւնը
ծաղրանքի
փոթ
ունէր
միշտ,
յանկարծ
լրջացաւ
եւ
հետաքրքրութեամբ
այդ
կարծիքին
տիրոջը
նայեցաւ,
գուցէ
յուսալով
որ
քննիչ-պատուիրակի
այդ
պաշտօնը
իրեն
կը
յանձնուէր,
գաղիերէն
գիտնալուն։
Խնամակալութեան
համեմատաբար
ողջամիտ
մէկ
անդամը
իր
մէկ
կտրուկ
պատասխանովը
չէզոքացուց
սակայն
այդ
յայտնուած
կարծիքը։
—
Փարիզ
փարայո՛վ
մարդ
կը
ղրկուի,
փարայո՛վ,
ո՞վ
պիտի
տայ։
Գրագիրը
կատաղ
ակնարկ
մը
նետեց
այդ
մարդուն։
Ու
խնդիրը
փակուեցաւ։
Այդ
միջոցին,
սրճարանին
դրանը
մէջ
վերջապէս
երեւցաւ
Մերկերեան
Թադէոս
աղան,
Արեւմուտքի
ահաւոր
թիւը
մատներէն
կախած։
Անոր
օձի,
մանր
աչուըներուն
մէջ
սարսափելի
հեգնութիւն
մը
կը
խնդար։
Զանիկա
տեսնելնուն՝
Կոստանեանին
կուսակիցներուն
աչքին
վրայէն
ամպ
մը
անցաւ։
Գանձապահը,
ըստ
սովորութեան,
գնաց
իր
տեղը
նստաւ
եւ
տիրական
շեշտով
մը
հրամայեց։
—
Նառկիլէ
մը
եւ
քէ՜յֆլի
խահվէ
մը։
—
Այս
«քէյֆլի»
բառը
լախտի
մը
պէս
իջաւ
խնամակալութեան
անդամններուն
գլուխին։
Կլկլակը
եւ
սուրճը
երբոր
հրամցուեցան
Մերկերեանի,
սրճարանը
ձայն
ձուն
չկար.
ու
գանձապահը
սկսաւ
տիրող
լռութեան
մէջ
որոտացնել
կլկլակը,
սուրճի
ուժգին
«ֆըռթ-ֆըռթ»ներու
ընկերակցութեամբ։
Երկու
տարի
շարունակ
հակառակ
կուսակցութեան
կողմէ
իր
վրայ
տարուած
յաղթանակին
վրէժը
ցյագ,
պուտիկ
պուտիկ,
անագորոյն
նրբանքով
մը
կը
խմէր
հիմա
սուրճի
այդ
շռնդալից
ումպերուն
հետ,
որոնց
իւրաքանչիւրին
երկար
«օ՜խ»
մը
կը
քաշէր
բոլորշի,
սմսեղուկ
նայուածքով
մը
դէպի
դժբախտ
խնամակալները,
որոնք
կը
մնային
նստած
տեղերնին
պապանձած,
ափիբերան ,
ճիգ
մը
հանելու
անկարող։
Բայց
յետոյ,
երբոր
Մերկերեան
ակնոցը
քթին
անցընելով
Արեւմուտքը
բացաւ,
եւ
սկսաւ
լսելի
ձայնով
մը
Կոստանեանին
ձերբակալուիլը
կարդալ,
Ք…եան
էֆէնտի
մէկէն
ի
մէկ
ոտքի
ելլելով՝
դուռը
ուղղուեցաւ.
—
Քալեցէ՛ք
պէ,
ըսաւ
իր
պաշտօնակիցներուն։
Եւ
Կոստանեան
հանգուցեալ
վարժարանին
խնամակալութիւնը
ատենապետին
ետեւէն
դուրս
ելաւ,
կորաքամակ,
չարաչար
պարտուած։
—
Առի՞ք
մը
սիստեմը,
կը
պոռար
Մերկերեան,
քահ
քահ
խնդալով
անոնց
ետեւէն։
֍
֍
֍
Հետեւեալ
օրը,
Կիրակի,
տրտմութեան
հով
մը
կը
փչէր
Հ…
գիւղին
վրայէն։
Տուներու
մէջ,
ապագայ
տոքթորներուն,
փաստաբաններուն,
արուեստագէտներուն
ծնողքները,
անակնկալ
լուրէն
շանթահարուածի
պէս
իրարու
երես
կը
նայէին.
իրենց
կսկծալի
յուսախաբութեան
վիշտը
լալու
իսկ
անկարող։
Կոստանեան
հանգուցեալ
վարժարանին
աշակերտները,
խնդիրը
հասկնալով,
միամիտ
յամառութեամբ
մը
կ՚ըսէին.
«Մեր
միւսիւն
անանկ
բան
չ՚ըներ,
սո՛ւտ
է»։
Առտուն
կանուխ,
դպրոցին
դասատուները ,
որոնց
չորս-հինգ
ամսական
տալիք
ունէր
Կոստանեան,
վազեցին
գեղ
եկան,
գունատ
եւ
շնչասպառ։
—
Ամա՜ն,
սա
փարանիս
ընտո՞ր
ազատենք,
կ՚ըսէին
խեղճերը
իրարու։
Իրենց
շուարմանը
մէջ,
նախ
շունչերնին
դպրոցը
առին,
որ
կը
շարունակէր
գոց
մնալ
եւ
որուն
դրանը
առջեւ
գտան
տնտես
աղբարը,
վեր
վար
փողոցին
երկայնքը
չափելով
մտածկոտ,
ձեռքերը
ետին
կապած,
Կոստանեան
կրթարանին
կապոյտ
համազգեստը
դեռ
վրան,
մարտաշունչ
պեխերը
ա՛լ
վար
ինկած։
Մարդուկը
որ
երկու
տարի
անդադար
այդ
շէնքին
պահպանութիւնը
կատարած
էր,
դեռ
կը
յամառէր
չհեռանագ
անկէ,
իր
կարեւորութիւնը
անոր
մէջ
եւ
հիմա
ալ
դուրսը,
անոր
շուրջը
զգալով։
«Միւսիւ»ին
վրայ
իր
տարապայման
հաւատքին
կռթնած
հակառակ
բոլոր
գրուածներուն
եւ
ըսուածներուն,
կը
շարունակէր
սպասել
անոր։
Վարժապետները
վրան
վազեցին։
—
Տնտես
աղբար,
լո՞ւր
մը,
բա՞ն
մը,
ամա՛ն…
—
Ճանըմ,
ատոնք
սուտ
հավատիսներ
են,
ըսաւ
մարդը
կանգ
առնելով…
կարեւորութիւն
մի
տաք,
համբերեցէք,
միւսիւն
պիտի
գայ.
անանկ
չըլլայ
նէ
ես
խե՛նդ
եմ
քի
հոս
պտըտիմ…
Մարդուն
վստահելի,
հաստատակամ
խօսուածքէն՝
դասատուները
պահ
մը
այնքան
ազդուեցան,
որ
Արեւմուտքի
տուած
լուրին
վրայ
կասկած
մը
մտաւ
ներսերնին։
Պարապ
տեղը
մարդ
այդքան
հեղինակօրէն
չէր
խօսեր։
Տնտեսը,
կռնակը
դարձնելով,
շարունակեց
իր
վեր
վար
պտոյտը։
Անոր
անյեղելի
հաւատքը՝
խորհուրդով
մը
սքողուած՝
պատկառանք
կուտար
խեղճ
դասատուներուն,
որոնք
վայրկեան
մը
նորէն
կեցուցին
զայն։
—
Տնտես
աղբար,
Պ.
Կոստանեանը
քեզի
նամա՞կ
մը,
բա՞ն
մը
գրած
է,
հարցուց
մէջէրնէն
մէկը,
ակնածանքով։
—
Նամա՞կը
ինչ
է,
ես
ո՞վ
եմ
քի
ինծի
նամակ
պիտի
գրէ…
—
Անանկ
է
նէ
ո՞ւրկէ
գիտես
որ
պիտի
գայ…
—
Ճանըմ
հիչ
չիգայ
կ՚ըլլա՞յ,
պոռաց
գաւառացին
եւ
վերսկսաւ
իր
վեր
վար
ճեմքը։
Դասատուները,
հեռանալով,
փողոցին
անկիւնը
խորհուրդ
մը
գումարեցին։
—
Խօսքին
կարճը,
ըսաւ
մէկը,
ատ
մարդը
գայ
չգայ,
մենք
մեր
փարան
կը
ճանչնանք.
հիմա
կ՚ելլանք
խնամակալութեան
ատենապետին
տունը
կ՚երթանք,
փարաներնիս
կ՚ուզենք…
—
Երթանք,
ըսին
միւսները,
եւ
ամենքը
մէկ
Ք…եան
էֆէնտիին
տունը
գացին։
Հոն ,
սակայն,
ամենագէշ
ընդունելութիւն
մը
կը
սպասէր
իրենց։
Ք…եան
էֆէնտի,
գիշերը,
անկողինին
մէջ,
պաղարիւն
եւ
անկողմնակալ
ակնարկ
մը
նետելով
Կոստանեանի
պատմութեան
վրայ,
սա
եզրակացութեան
յանգեր
էր
վերջապէս՝
թէ
ատ
մարդը
իրաւ
խաբեբայ
մը,
առաւ-փախաւ
մըն
էր
եւ
թէ
ինք
եւ
իր
բարեկամները
անոր
ճամարտակութիւններուն
զոհ
գացած
էին
ծիծաղելի
ապշութեամբ
մը։
Եւ
իրաւունք
տուաւ
Թադէոս
աղա
Մերկերեանին,
անոր
վրայ
հիացա՛ւ
իսկ։
Իր
յետադարձ
ակնարկին
առջեւէն
անցան
բոլոր
գումարները,
զորս
ատ
մարդը
իրենցմէ
գողցած
էր։
Բարկացած,
կատաղած
արթնցաւ
Ք…եան
էֆ.
եւ
բուռն
կշտամբանք
մը
ուղղեց
նախ
իր
զաւկին
որ
ատ
աւազակը
իրենց
տունը
բերած
էր
էն
առջի
օրը,
բոլոր
աղէտին
սկզբնապատճառը
դառնալով։
Այս
տրամադրութեան
մէջ
էր
Ք…եան
էֆ.
երբոր
դասատուները
ներկայացան
իրենց
պահանջները
ուզելու։
Նախկին
ատենապետը
ներսիդին
ամբարուած
բոլոր
ժանգը
հէք
մարդոց
վրայ
թափեց։
Մէկիկ
մէկիկ
թեւերնէն
բռնելով
դուրս
ըրաւ.
—
Չէ՞ք
խպնիր
պէ՛,
չէ՞ք
ամչնար,
կը
պոռար,
տուածներս
չ՚օգտե՞ց.
գացէք
իրմէ
ուզեցէք…
Դասատուները,
ափիբերան,
առին
քալեցին։
Առաջին
խռովքնին
երբոր
անցաւ,
մէջերնէն
մէկը
փիլիսոփայական
առաջարկ
մը
ըրաւ,
որ
պզտիկ
վարանումէ
մը
ետքը
ընդունուեցաւ
միաձայնութեամբ։
—Տղա՛ք,
ըսաւ,
սա
մեր
առնելիքներուն
վրայէն
եկէք
սա
աղբիւրէն
ջուր
մը
խմենք։
Եւ
ջուրը
խմելով՝
ելան
գացին,
գրեթէ
սփոփուած…
Շաբաթ
մը
ետք
խնամակալութեան
քանի
մը
անդամներ
բացին
վարժարանին
դռները,
գրասեղանները,
դպրոցական
ցոյքերը
դուրս
հանեցին,
պարպեցին
դպրոցը,
հակառակ
ընդդիմութեանը
տնտես
աղբօր,
որ
կը
պնդէր
թէ
միւսիւն
պիտի
գար
եւ
եղածը
տեսնելով
շատ
պիտի
բարկանար։
—
Գնա
գործիդ,
պէ
մա՜րդ,
պոռացին
երեսն
ի
վեր։
Գնա
գլուխդ
ճարը
նայէ։
Սակայն,
գաւառացին
մինչեւ
վերջը
ներկայ
գտնուեցաւ
հոյակապ
գործի
մը
այդ
անխնայ
ջնջումին
արարողութեան,
բռունցքները
սեղմած,
երեսը
մոխիրի
գոյն։
Հրեաներ
եկան
վար
գիներով
ձեռք
անցուցին
բոլոր
առարկաները։
Գրասեղանները
մեծ
աղմուկներով
դուրս
գլորուեցան
դպրոցէն,
որ
պարպուեցաւ,
ամայացաւ
քանի
մը
ժամուան
մէջ,
եւ
Հ…
գիւղի
ապագայ
փառքը
յաւերժացնելու
կոչուող
այդ
յիշատակարանէն
այլեւս
ուրիշ
բան
չմնաց,
եթէ
ոչ
պարտէզին
մէջ
մարմնամարզական
այն
քանի
մը
աննշան
ձողերը,
որոնք,
Կոստանեանի
յայտարարութեան
համեմատ,
էն
քիչը
ութսուն
տարի
պիտի
ապրեցնէին
իրենց
վրայ
մագլցող,
գալարուող
մատաղ
սերունդը։
Իսկ
համբաւաւոր
կարկինը,
տակնուվրայութեան
միջոցին,
կորսուեցաւ
գնաց։
Եւ
խնամակալները
դուրս
հանեցին
տնտես
աղբարը,
դռները
գոցեցին,
եւ
բանլիքները
անոր
տուին
որ
երթայ
տանտիրոջը
յանձնէ։
—
Մեղքը
չէ՞
պէ,
մեղքը
չէ՞
պէ…
միւսիւն
գայ
նէ
ի՞նչ
պիտի
ըսէ,
կը
մրմռար
մարդուկը,
կորաքամակ
հեծկլտալով։
Տիկին
Մարկոսեան
տակաւին
բանէ
մը
տեղեկութիւն
չունէր։
Ջերմեռանդ
երկայնամտութեամբ
մը
Կոստանեանին
վերադարձին
կը
սպասէր.
երբ
Երկուշաբթի
օրն
իսկ
երկտող
մը
ստացաւ
Մերկերեանէն,
որ
«Մարկոսեան
ընտանիքը
վերին
աստիճան
շահագրգռող
խնդրի
մը
առթիւ»
կարճ
տեսակցութիւն
մը
կը
խնդրէր։
Հանըմը
որ
տարիուկէսէ
ի
վեր
չէր
տեսած
գանձապահին
երեսը,
յօժարեցաւ
ընդունիլ
զայն,
անոր
վերջին
այցելութենէն
շատ
յոռի
տպաւորութիւն
մը
պահած
ըլլալով
հանդերձ։
Թադէոս
աղա
ներկայացաւ
գլուխը
բարձր,
յաղթանակէ
մը
դարձող
զօրավարի
մը
գոռոզանքովը։
—
Հանըմ,
ըսաւ
թիկնաթոռին
վրայ
բազմելուն
պէս,
դուք
ժամանակին
կարեւորութիւն
չտուիք
ինծի.
երբոր
ըսի
ձեզի
թէ
ես
մարգարէական
ոգի
մը
ունիմ
եւ
թէ
ինծի
խաբելը
դժուարին
է.
բարկացաք
ինծի
երբոր
եկած
էի
ճշմարտութիւնը
ըսել
ձեզ՝
ձեր
աղէկութեանը
համար,
բանի
տեղ
չդրիք
իմ
բարեկամութիւնս,
խաբեբայի
մը
զոհեցիք
ձեր
ամենէն
անկեղծ
բարեկամը…
Այսօր
եկած
եմ
ձեզ
ըսելու,
հանըմ,
թէ
գուշակութիւնս
ճիշդ
էր,
թէ
դուք
շատերու
պէս
խաբեբայութեան
մը
զոհ
եղած
էք։
—
Բան
մը
չեմ
հասկնար
կոր
ձեր
խօսքերէն,
Թադէոս
աղա,
ի՞նչ
ըսել
կ՚ուզէք,
հարցուց
տիկին
Մարկոսեան։
—
Կարդացէ՛ք,
ըսաւ
Մերկերեան,
Արեւմուտքի
ծանօթ
թիւը
գրպանէն
հանելով
եւ
կնոջը
երկնցնելով։
Ու
կռնակը
թիկնաթոռին
տուած՝
գանձապահւ
կուշտ
մը
ըմբոշխնեց
իր
փայլուն
յաղթանակին
բոլոր
անուշութիւնը,
եւ
անգութ
հաճոյքով
մըն
էր
որ
դիտեց
հանըմին
դէմքին
աստիճանական
այլայլումը,
անոր
գունատիլն
ու
կարմրիլը,
ձեռքերուն
դողդղալը,
աչքերու
զարհուրանքի
արտայայտութիւնը։
Երբոր
լմնցուց,
լրագիրը
գետին
ինկաւ,
ու
երկու
թեւերը
երկու
կողմէն
վար
կախուեցան
սրտաճմլիկ
յուսահատութեամբ
մը։
Մէկէնիմէկ,
իր
միտքը,
էութիւնը
յորդահոսան
կերպով
լեցնող
հեշտալի
երազները,
գինովցնող
պատրանքները՝
ուժգին
քամիէ
մը
հալածուող
մշուշի
ալիքներու
պէս
կը
ցնդէին,
կը
լմննային։
Երեւակայուած
երջանկութիւններու
հոյակապ
դղեակները
վար
կ՚իյնային
շառաչմամբ։
Ամէն
բան
կը
փլչէր,
կը
կործանէր
իր
մէջ։
—
Արշա՜կս,
մրմջեց
իր
ցնորքին
մէջ,
իր
անէացումին
մէջ։
Յետոյ,
երբոր
հարուածին
առաջին
ազդեցութիւնը
քիչ
մը
մեղմացաւ։
—
Իրա՞ւ
է
կ՚ըսես,
Թադէոս
աղա,
կը
հարցնէր
խեղճ
կինը,
տեսակ
մը
պաղատանքի
շեշտով։
—
Իրաւը
սուտը
կա՞յ,
հանըմ,
գաղիերէն
կազեթաները
գրեր
են
նէ
հա՛րկաւ
իրաւ
է,
պատասխանեց
գանձապահըէ
կնկան
այդ
տարակոյսէն
գրգռուելով։
—
Կարելի՞
բան
է,
կարելի՞
բան
է,
կը
մրմջէր
տիկին
Մարկոսեան,
երկու
ափերովը
այտերը
սեղմելէն։
Պահ
մը
դադարէ
յետոյ,
հանըմը
քիչ
մը
զգաստացած։
—
Բայց,
Թադէոս
աղա,
կը
հարցունէր,
դուք
ի՞նչպէս
հասկցաք
որ
աս
մարդը
խաբեբայ
մըն
է։
—
Ի՞նչպէս
հասկցայ
մի.
հանըմ,
ասիկա
պարապ
տեղը
չճերմկցուցինք,
ըսաւ
Մերկերեան
մօրուքը
բռնելով.
աս
գլխէն
տաք
պաղ
անցած
է.
մենք
մարդոց
սարաֆն
ենք,
հանըմ,
սարա՛ֆը։
—
Մինակ
ե՞ս
խաբուեցայ,
հազարներով
մարդիկ
խաբուեցան,
առարկեց
տիկին
Մարկոսեան,
իր
պարտութեանը
մէջ
ինքզինքը
արդարացնելու
ջանքով։
—
Եթէ
ինծի
ականջ
կախող
ըլլար,
հի՛չ
մէկը
չէր
խաբուեր,
հանըմ,
հի՛չ
մէկը։
Հիմա
որ
իր
այլայլումէն
բոլորովին
սթափած
էր,
տիկինը
տեսակ
մը
յարգանքով,
գրեթէ
զմայլմամբ
կը
դիտէր
ճերմակ
մօրուքով,
աղուէսի
աչուըներով
այդ
մարդը,
որ
աշխարհքին
չհասկցածը
կրցեր
էր
հասկնալ.
ու
ատանկ
մարդը
վռնտած
էր
տունէն,
ու
չէր
հաւատացած
անոր
հեռատես
հաւաստումներուն,
արհամարհած,
նախատած
էր
զանի։
Եւ
յեղակարծ
հակազդեցութեամբ
մը,
ջղայնոտ
կազմուածքներու
յատուկ
է,
համակրանք
մը
կը
զգար
անոր
համար,
խորունկ
զիղջ
մը
կը
համակէ
զինքը՝
ապուշ
ու
ապերախտ
ընթաղքին
համար,
զոր
բռնած
էր
Մարկոսեան
ընտանիքին
այդ
վաղեմի
բարեկամին
հանդէպ։
Եթէ
չըլլար
հպարտութեան
ահագին
տոզը,
որով
թխմուած
էր
իր
նկարագիրը,
հոն
վայկենապէս
ներում
պիտի
խնդրէր
բոլոր
անիրաւութիւններուն
համար,
որոնցմով
փոխարինած
էր
Մերկերեանի
բոլոր
ծառայութիւնները
եւ
բարեացակամ
դիտաւորութիւնները։
Կրցաւ
զսպել,
սակայն,
տկարութեան
իր
այս
թափը,
եւ
պարզ
խոստովանանքի
մը
մէջ
փնտռել
ուզեց
իր
ընթաղքին
ամբողջ
դարմանումը.
—
Շիտակ
է,
Թադէոս
աղա,
ձեր
խօսքը
մտիկ
ընելու
էի,
բայց
մարդս
տկարութեան
վայրկեաններ
կ՚ունենայ…
Այդ
միջոցին
պառաւ
խոհարարուհին
դրանը
մէջ
երեւցաւ։
—
Հանըմ,
ըսաւ,
Բարթող
աղան
եկեր
է,
անպատճառ
ձեզ
տեսնել
կ՚ուզէ,
կ՚ըսէ
որ
շատ
պէտքի
բան
մը
կայ։
—Թող
գայ,
պատասխանեց
տիկին
Մարկոսեան
երրորդի
մը
ներկայութիւնը՝
իր
շփոթ
ու
նեղ
դրութեան
փրկութիւնը
նկատելով։
Եւ
ահա
երեւցաւ
Բարթող
աղայի
կինճի
գլուխը,
շերեփի
պէս
երկար
բազուկները
երերցնելէն
ողջ
աչքը
թարթափուն,
ծակոտկէն
դէմքին
վրայ
գազանային
անորոշ
արտայայտութիւն
մը
հրճուանքի։
Դռնէն
ներս
երկու
քայլ
առնելով
կեցաւ՝
տեսնելով
հոն
Մերկերեան
Թադէոս
աղան
տիկնոջ
հետ
մտերմական
տեսակցութեան
մէջ։
Աւելորդ
է
ըսել
որ
մեր
պատուական
գանձապահը
բնաւ
չէր
ախորժեր
հրեշէն,
անոր
ծուռ,
խեղ,
ցաւագար
էութեան
մէջ
շիլ
մրցակից
մը
գուշակելով՝
կապուտի
եւ
կողոպուտի
յատկացուած
իր
շիլ
ասպարէզին.
եւ
վստահ
էր
թէ
անիկա
նոյնքան
ուղղամտութեամբ
կը
յանձանձէր
Մարկոսեան
ընտանիքին
կալուածական
գործերը,
որքան
ինք
Հ…
գիւղին
թաղային
սնտուկը։
Ասպարէզներու
հիմնական
ուղղութեան
այս
նմանութիւնը
գանձապահին
ջիղերը
թունդ
կը
հանէր.
Սակայն,
հանըմը
քաջալերեց
մարդուկը։
—
Սանկ
եկուր
նստէ,
Բարթող
աղա,
ի՞նչ
կայ
նայինք։
Մարդուկը
յառաջանալով
յարգական
բարեւ
մը
տուաւ,
գետնէն
մինչեւ
վեր,
ու
կամաց
մը
տոտոզուեցաւ
բազկաթոռի
մը
եզրը։
Եղով
օսլայուած
իր
բաճկոնին
գրպանէն
ծալլուած
լրագրի
մը
ծայրը
դուրս
կը
ցցուէր։
—
Լրագի՞ր
կարդալու
սկսար,
Բարթող
աղա,
հարցուց
տիկինը
հեգնելով։
—
Չէ,
ճանըմ,
պատասխանեց
հրէշը
քմծիծաղով
մը,
ասիկա
անանկ
բան
մըն
է
եղաւ.
է՞ս
վով
եմ
քի
կազեթա
պիտի
կարդամ.
ասանկ
պաշըպօշ
բաներու
փարա
տանք
նէ
ետքը
Կատարինէ՞ս,
Մագթաղինէ՞ս…
Շիտակը
կ՚ուզէ՞ք,
հանըմ,
աւելցուց՝
լրագիրը
—
որ
Արեւմուտքի
յաւիտենական
թիւն
էր
—
գրպանէն
դուրս
հանելով
եւ
տիկինին
երկնցունելով,
ասիկա
ձեզի
համար
առի։
Աֆ
կ՚ընէք,
հանըմ,
ասիկա
ըսելուս,
ամա
միտուընի՞դ
է,
ժամանակով
ըսի
ձեզի
որ
ատ
մարդուն
հետ
թէրթիպլի
վարուիք,
զէրէ
էս
անոր
պիչիմին
չեմ
հաւնիր
կոր
ըսի…
մտիկ
չըրիք,
սիրտս
ալ
ծակեցիք…
հիմա
կարդացէք։
Բարթող
աղային
թեւը
երկնցած
մնաց
այնպէս։
Հանըմը,
Կոստանեան
խաղքութեան
առթիւ
իր
ընդունած
այս
երկրորդ
հարուածին
տակ,
որ
շա՛տ
վարէն
կուգար,
ջախջախուեր
էր։
Ու
իր
այդ
անպատուաբեր
պարտութեանը
մէջ,
Մերկերեանին
երեսը
կը
նայէր՝
անոր
պաշտպանութիւնը
մուրալու
պէս,
առանց
զայն
գտնել
յուսալու։
—
Ատ
լրագրին
պէտք
չկայ,
Բարթող
աղա,
մէջամտեց
անդիէն
յանկարծ
գանձապահը.
դուն
պահէ
ատ
կազեթան,
ատանկ
գործերու
քու
խելքդ
չի
հասնիր,
հէմ
ինչո՛ւդ
պէտք,
ճանըմ
քի
ատանկ
քեզի
չվերաբերած
բաներու
կը
խառնուիս
կոր,
թոհա՜ֆ
բան…
Մսավաճառին
ձեռքը
վար
ինկաւ,
լրագրին
հետ
մէկտեղ։
Իր
դէմքը,
որուն
հրէշային
բաղադրութիւնը
այնքան
անյարմար
էր
մարդկային
զգացումները,
հոգիին
փոթորիկները
ցոլացնելու,
ցաւագին
կծկումի
մը
մէջ
ճմռթկուեցաւ,
պաղած
աչքը
երերաց
բոլորովին
դուրս
պոռթկալու
ճիգով
մը։
Գարշելի
ու
զարհուրելի
բան։
Թադէոս
աղա
դողաց,
ինքզինքը
պահ
մը
կարծելով
վագրի
մը
դէմ,
որ
կ՚ամփոփուի
վրադ
յարձակելու
համար։
Իր
հպարտութեանը
մէջ
ինքզինքը
սաստիկ
վիրաւորուած
զգացեր
էր
ան,
երբ
յանկարծ
տեսեր
էր
որ
այդ
վարնոց
ու
անարժէք
մարդն
ալ
կարողացեր
էր
Կոստանեանին
մէջ
խաբեբան
տեսնել
եւ
նոյնիսկ
—
իրեն
համար
ի՜նչ
անկում
—
հանըմը
զգուշանել
անոր
դէմ,
ճիշդ
ինչպէս
ըրած
էր
ինք։
Այս
Կոստանեան
զաւեշտին
մէջ
իր
դիրքը
վարմունքը
եզական
պահելու,
անոր
եզրակացութիւնը
նախատեսած
ըլլալու
արժանիքը
իրեն
միայն
վերապահելու
թանկագին
եւ
դիւրագրգիռ
հոգածութիւն
մը
ունէր։
Ու
հիմակ
որ
մսավաճառին
ատ
կտորն
ալ
կ՚ելլար
ատ
դափնին
կիսելու
իրեն
հետ,
մէկէն
ի
մէկ
իր
ամենէն
քամահրելի
թշնամին
կը
դառնար,
նուաստացնելով
զի՛նքն
ալ,
իր
գործն
ալ։
Այս
էր
պատճառը
որ
մէկէն
ի
մէկ
հանըմին
պաշտպան
կանգներ
էր։
Բայց
տիկին
Մարկոսեան,
իր
մատակարարին
այլայլումը
նշմարելով,
աւելի
մարդասէր
գտնուեցաւ.
—
Շնորհակալ
եմ,
Բարթող
աղա,
ըսաւ,
որ
ինծի
համար
յոգներ
ես։
Աշխարհքի
վրայ
ատ
տեսակ
բաներ
կը
պատահին…
Լրագրին
դրամը
հաշիւիս
անցուր։
Աղջիկներդ
ի՞նչպէս
են…
—
Աղէկ
են,
հանըմ,
ողջ
ըլլաս,
պատասխանեց
Բարթող
աղա,
յանկարծ
հանդարտելով՝
իր
չքնաղ
աղջիկներուն
նկատմամբ
այդ
հոգածու
վերաբերումէն
փայփայուած։
Ու
իր
սովորական
լալկանութեամբը.
—
Հանըմ,
ինչո՛ւս
պէտք
աղէկութիւննի՜ն,
խսմէթնին
կէշ.
Կատարինէս
երեսունըվիրեք
էղաւ,
Մագթաղինէս
էրսունըհինգ…
ի՞նչ
պիտի
ընեմ,
հանըմ…
Ու
հանըմը
իր
սովորական
պատասխանը.
—
Աստուած
ողորմած
է,
Բարթող
աղա,
ուշ
կանուխ
խսմէթնին
կը
ղրկէ.
հոգ
մ՚ըներ…
Մսավաճառը
ոտքի
ելաւ
եւ
տիկինին
խոնարհութիւն
մը
ընելով.
—
Հրաման
մը
ունի՞ք,
հանըմ,
հարցուց։
—
Չէ,
Բարթող
աղա,
հանգիստ
ըրէք։
Հրէշը,
Մերկերեանին
մէկ
նայուածք
մը
նետելէ
յետոյ
դուրս
ելաւ,
կուզը
տատանելէն։
Մսավաճառին
մեկնելէն
յետոյ
Թադէոս
աղա
լայն
շունչ
մը
առաւ,
անոր
ներկայութիւնը
իր
գերազանցութեան
եւ
հեղինակութեան
դէմ
որեւէ
վտանգ
մը
ըլլալով։
Ու
նորէն
կացութեան
միակ
տէրը
կը
դառնար
հիմա
ինք։
Կոստանեան
փախած,
նշաւակուած,
կորսուած,
տիկինը
յաղթուած,
պզտիկցած,
իր
առջեւ
ամօթահար,
ու
ինք,
միւս
կողմէ,
մեծցած
բարձրացած,
հերոսացած։
Ձախողութեան
տասը
տարիներուն,
յաջողութեան
հեշտալի
թուական
մը
կը
յաջորդէր։
Ա՛լ
չպիտի
վտարուէր
այդ
տաք,
սննդարար
բոյնէն,
որ
միակ
նպատակակէտն
էր
եղած
վաթսունամեայ
ծերուկի
իր
ա՛լ
սահմանափակ
եւ
ժուժկալ
բաղձանքներուն.
իր
լոլիկի
նման
խոշոր
ուռեցուորած
քիթը
թաղային
սնտուկէն
դուրս
հանելէն
ետքը,
տանիլ
թաղելու
էր
ամիրայական
պարարտ
պնակներուն
եւ
անուշաբոյր
գինիի
գաւաթներուն
մէջ.
ու
լափել,
կլլել,
յագենալ։
—
Աս
ամէնը
աղէկ,
հանըմ,
կ՚ըսէր
հոգածութեան
սուտ
եւ
կեղծաւոր
շարժումով
մը
յետին
պատնէշները
գրաւելու
համար,
հիմա
սա
չոճո՞ւխը
ինչ
պիտի
ըլլայ,
ա՛ն
նայինք։
Ճիշդ
տեղին
զարկած
էր։
Կինը,
որ
միեւնոյն
մտահոգութեամբ
գրաւուած
էր,
մարդուն
աչքերուն
մէջ
նայեցաւ,
այդքան
խորունկ
հոգածութիւն
անհնարին
թուելով
իրեն՝
բոլոր
այն
բաներէն
ետքը
զորս
ըրած
էր
այդ
մարդուն։
Չքնաղ
անձնուիրութեան
ու
անյիշաչարութեան
ասանկ
օրինակի
մը
առջեւ
չկրցաւ
անզգած
մնալ,
հպարտութեան
վերջին
կայծը
մարեցաւ
իր
մէջ,
ու
աչքերը
լեցուած,
ձայնը
պաղատական,
մրմնջեց.
—
Բադէոս
աղա,
ներեցէք,
ձեզի
համար
շատ
անիրաւ
գտնուեցայ…
ներեցէ՛ք։
—
Ճանըմ
հիմա
ինչո՞ւ
ատանկ
պարապ
խօսքեր
կ՚ընէք,
հանըմ,
ներելու-մերելու
բան
չկայ,
անցածը
անցած
է,
կը
պատասխանէր
գանձապահը
աղէկ
մը
տեղաւորուելով
թիկնաթոռին
մէջ.
չոճո՞ւխը
ինչ
պիտի
ըլլայ,
ա՛ն
նայինք։
—
Ա՛խ,
այո,
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
Արշակս,
հառաչեց
մայրը։
Պ.
Կոստանեանէն
ալ
յոյս
չկա՞յ։
—
Տա
մարդուն
անունը
բերաննիդ
մ՚առնէք
ալ,
պոռաց
Մերկերեան,
աքաղաղի
պէս
տեղէն
վեր
ցատքելով,
արիւնը
գլուխը
ելած։
Ատ
մարդէն
ի՞նչ
խեր
տեսաք
որ.
շնորհքով
կողոպտեց
ձեզի։
Տիկինը
ա՛լ
չպաշտպանեց
մանկավարժը,
որ
իր
կուռքի
պատուանդանէն
վար
ինկած
էր։
Բայց
ի՞նչ
պիտի
ըլլար
Արշակը,
քանի
որ
այլեւս
չկար
Կոստանեան՝
զայն
ընելու
համար
ինչ
որ
խոստացած
էր
ընել
—
մեծ
գիտնական
մը։
Գանձապահը
առաջարկեց
առժամապէս
ազգային
վարժարան
դնել.
մայրը
ընդդիմացաւ,
առարկելով
որ
հոն
վարնոց
տղաքներու
հետ
շփում
պիտի
ունենար։
Մերկերեան
խոստացաւ
մասնաւոր
հոգածութեան
առարկայ
դարձնել
տղան,
մէկուսի
պահել
տալով
զայն
միւս
աշակերտներէն.
որոնք
կրնային
ապականել
ամիրային
թոռան
հոգին։
—
Տարի
մը
կենայ
կ՚օգտէ,
աւելցուց
գանձապահը,
թող
գաղիերէնը,
տաճկերէնը
ուժովցնէ։
—
Անկէ՞
ետքը։
—
Անկէ
ետքը
Աստուած
ողորմած
է,
հանըմ։
Հարկաւ
մէկ
ճար
մը
պիտի
փնտռենք
գտնանք
քի
սանկ
շնորհքով
մարդ
մը
ըլլայ
Արշակնիս։
—
Ա՛խ,
ալ
դո՛ւն
գիտես,
Թադէոս
աղա,
քու
ձեռքդ
է,
կ՚ըսէր
յեղյեղուկ
հոգիով
այդ
մայրը,
որ
մէկէն
ի
մէկ
կոյր
լքմամբ
մը
անձնատուր
կ՚ըլլար
այդ
մարդուն՝
ամենէն
հեստ
ու
աննուաճ
հակառակութիւնը
ցոյց
տալէ
յետոյ
անոր
դէմ։
—
Հոգդ
մ՚ըներ,
համըմ,
հոգդ
մ՚ըներ,
վստահեցուց
ծերունին
ոտքի
ելլալով,
Արշակը
անանկ
մէկը
պիտի
ըլլայ
որ
ամէն
մարդ
մա՛տ
պիտի
խածնէ։
—
Աստուած
լսէ
ձայնդ,
հառաչեց
մայրը
աչքերը
երկինք
վերցնելով։
Գանձապահը,
որ
«չուշանաս
գաս»ի
թախանձագին
հրաւէրներով
դուրս
ելած
էր,
կուշտ
գոհունակութեամբ
մը
ճամբան
կ՚ըսէր
ինքնիրենը.
—
Հա՛
շէօյլէ,
հիմա
գործը
կարգին
մտաւ…
Ամա
սա
Կոստանեանն
ալ
չըլլար
նէ
մենք
ալ
ատ
դռնէն
ներս
մտնալիք
չունէինք,
մէկ
կողմէն
խերով
բան
եղաւ
ատ
մարդուն
գալը։
Ինչ
է
նէ,
հիմա
գործերնիս
ատ
տղան
պիտի
ըլլայ.
մենծ
մէկը
պիտի
ընենք,
քա՛հ,
քա՛հ,
քա՛հ,
ինծի
հարցնես
նէ
բան
մըն
ալ
ըլլալիք
չունի
այդ
տղան,
ես
անոր
աչուըներուն
չեմ
հաւնիր
կոր.
ձգէ
քի
փապուճս
ի
վար,
ի՛նչ
ըլլայ
ըլլայ…
մենք
մեր
գործին
նայինք.
օ՛խ,
ատ
մեռոնի
պէս
գինին
ե՞րբ
սանկ
տօյա
տօյա
պիտի
խմեմ…
Էրկու
երեք
տարի
է
զայիֆցայ
պէ՛,
սանկ
հիյէթս
նայէ,
մեղք
չէ՞
ինծի,
ահա
շա՜տ
ազգին
ծառայելիք
մարդ
եմ
ես,
—
ու
աչքերուն
մէջ
անարգ
հեգնութիւն
մը
կը
ցոլանար,
—
հա՛
եա,
կ՚աւելցնէր
գողի
պէս
շուրջը
նայելով,
ազգը
պիպիշ
տալու
է
քի
ես
ալ
ուտեմ,
վրայէն
ալ
Մարկոս
ամիրային
պատուական
գինին
նետեմ։
Բէ՛հ,
աշխարհքիս
ո՞ր
կողմը
ասանկ
չէ,
ո՞րը
ասանկ
գործերու
կը
խառնուի
տէ
մատներուն
բան
մը
պուլաշմիշ
չ՚ըլլար։
Ամա
մեղք
է
եղեր,
Աստուած
կը
սրդողի
եղեր.
ատա՜մ,
Զատկէ
Զատիկ
շնորհքով,
սրտով
հաղորդութիւն
մը
կ՚առնես
լմնցաւ
գնաց,
օրին
մէկն
ալ
Աստուած
չընէ
մեռնիս
նէ
շիպ
շիտա՜կ…
արքայութիւն…