Ամիրային աղջիկը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.
ԴՈՔԹՈՐԸ

Հիմակ ա՛լ չափահաս երիտասարդ մըն է Արշակ Մարկոսեան, երկար նուրբ հասակով, ճկու ու հեշտ շարժումներով, նայուածքը թափանցիկ, հեգնող, հմայող։ Իր ամբողջ էութեան վրայէն նրբագայիկ ազնուականութեան մը շնորհը կը ցոլացնէ։ Խօսուածքին մէջ սրտայոյզ ու դողդոջուն շեշտ մը կայ, մերթ անուշ, մեղրոտ, մերթ առնական ու խրոխտ։ Իր հանդարտ ու տիրական ձեւերուն մէջ, եւ իր խօսելակերպին մէջ, մեծ քանակութեանբ Կոստանեան կայ։ Իր սիրական սանին մէջ իր ցանած հունտերը, ժամանակ անցնելով կ՚ուռճանային, կը բողբոջէին, կը հասուննային այսպէս անզգալաբար, եւ անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէին բեդագոքիային բարիքները, զորս այնքան բարձրաղաղակ քարոզած էր Կոստանեան Հ… գիւղի Հայերուն։ Երիտասարդ Մարկոսեան, զարմանալի յստակութեամբ մը եւ ճշդութեամբ մը կը յիշէր իր չքնաղ դաստիարակին հզօր շեշտերն ու ազդու շարժումները, որոնց առաջ հիացմամբ կանգ առած էր ինք իր տղայութեանը։ Զանոնք կաղապարելու, իր մէջ տպագրելու համար սքանչելի յարմարութիւն մը կը գտնէր իր ֆիզիքական ու բարոյական յօրինուածքին մէջ։ Զօրաւոր յայտնատեսութեամբ մը, կ՚ըմբռնէր թէ մանկավարժը իր բոլոր յաջողութիւնները կը պարտէր ատոնց, այդ շարժումներուն, այդ շեշտերուն, այդ նայուածքներուն։ Ինչո՞ւ չորդեգրէր, չիւրացնէր զանոնք, քանի որ այնքան աղուոր էին ու այնքան գրաւիչ։

Բայց անոր անդորր, անուշ, ազնուական պատեանին տակը, տարիքին աճերմանը հետ, կիրքի լավաներ սկսան շրջան առնել անոր երակներուն մէջ, որոնք կիզանուտ փափաքներու, վարար ըղձանքներու եռուզեռի մը տակ կ՚ընդլայնէին ու կը կծկուէին։ Ժառանգականօրէն սոլի, ախտավարակ, ցոփ ճետի մը արիւնէ արիւն, միսէ միս փոխանցուած մոլութիւններուն յառնումն էր ատ, շարաւոտ ամիրայութեան առհաւութիւնը, որ մէկէն ի մէկ գլուխ կ՚ամբառնար, կը դառնար, կը մոլեգնէր այդ աղուոր, գեղակերտ իրանին մէջ, մեղաւոր տռփանքներու շնութիւնը ոռնալով, բիրտ, անասնական տրիփներու գոհացումին մղելով վազցնելով զայն։

Իր աշխատութեանցը մէջ, ան կամաց կամաց կանգ առաւ, նորանոր պահանջներ զգալով ներսիդին, որոնք գոհացումներու կարօտ էին։ Իր բժշկական գրքերուն տեղը լկտի, անառակ վէպեր դիզուեցան աշխատութեան սեղանին վրայ, զոր կը լափէր, կ՚ըմբոշխնղր վաւաշոտ նկարագրութեանց, ախտաւոր վայրենութեանց տեսարաններու վրայ յամենալով, աչքերը կիրքէն սառած, դէմքը գրգռումէն տժգոյն, ու կծկուած։ Մէկէն ի մէկ, իրեն յիմարութիւն մը թուեցաւ աշխատութեան գաղափարը, անմիտ, ողորմելի սկզբունք մը, որուն համար չէր արժեր ժամանակ վատնել, հատնիլ, սպառիլ, մինչ անդին կեանքը վայելելու, անոր պատրաստ, դիւրին բարիքները ապրելու հնարաւորութիւնը կար։

Հինգերորդ տարին, բժշկական ուսանողը արհամարհանքով նայեցաւ իր գրքերուն վրայ, տեսակ մը սրտնեղութեամբ, որ իր հոգեբանական վիճակը կը թարգմանէր։ Դոքթորութեան տիտղոսին լուսապսակովը փառաւորուիլը, որ այնքան դիւրին երեւցած էր իրեն, հիմա անկարելի պարագայ մը կը թուէր. երթալով, կարծր ու ցից ժայռի մը դէմ զգաց ինքզինքը, անկէց մագլցելու դնդերային ոյժը չտեսաւ իր դաստակներուն մէջ։ Բայց քալուած ճամբէն ետ դառնալը նոյնքան անհնարին էր. հանրային կարծիքը եւ մանաւանդ մաման կ՚ընդդիմանային անոր, մաման որ իր տոքթորութեան շուրջ սկսած կատաղի, ապուշ բրոբականդային չափ ու սահման չէր դներ, ա՛լ կատարուած իրողութեան մը պէս արար աշխարհի յայտարարելով զայն։ Այս դժնդակ կացութեան առջեւ, տղան բուռն զայրոյթով մը կը լեցուէր իր մամային եւ մանաւանդ անոր ջղայնութեանը դէմ։

Ամիրայական ապարանքին վանական մենութիւնը, տեսակ մը ճգնումի այր կեանքը սկսաւ անտանելի թուիլ ուսանողին, որ աղմուկի, վայելքի, ցնծումի անզուսպ ձգտումներ կը զգար իր մէջ։ Վարժարանէն ստացուած ապականարար բարեկամութիւններու առաջնորդութեամբ, խենթի պէտ մտաւ նոլութեանց ճամբաները։

Շատ օր, առտուն տունէն մեկնելէն ետքը, փոխանակ վարժարանին ճամբան բռնելու, Բերա կ՚ելլար՝ ման գալու ամբոխալից փողոցներուն մէջ, որոնց փարթամ երեւոյթը կը հրահրէր զինքն եւ կը հմայէր, հետեւելու հասակագեղ շնորհաշուք կիներու, որոնց հարուստ իրաններուն ծեքծեքումը, անոնցմէ արտաբուրող զգլիխիչ հոսանուտները անծանօթ ու հեշտալի սարսուռներ կուտային իր ջիղերուն։ Ժամերով անձնատուր կ՚ըլլար ցոփակեացի այս դեռ երկչոտ ու սրտատրոփ նորընծայութեան, չհամարձակելով գլխիվայր նետուիլ ապականութեան խորխորատը, որ իրեն կը քաշէր զինքը անդիմադրելիօրէն։

Իրիկուան, Բերայի մեծ ճամբուն մայթերուն վրայ խառնուած պերճ ու խայտաբղէտ բազմութեան մը հոսանքին, անծանօթ աշխարհ մը փոխադրուած կը կարծէր ինքզինքը, վայելքով ու երանութեամբ լեփ լեցուն։ Այտերը, որ թաւշանման աղուամազ մը հազիւհազ կը մրոտէր խարտեաշ սնգոյրով մը, ներքին յուզումներէն վարդերանգուած, գլուխը խրոխտ ու ազնուական բռնուածքով մը, բարակ , եռանդուն ռնգունքները՝ հեշտին բուրումներու ի խնդիր, նայուածքը ախտաւոր տենդերու բոցերէն վառուած, Արշակ՝ ինքնամոռաց՝ կ՚երթար, կը քալէր գինովի մը ինքնաշարժ քալուածքովը։

Գեղ վերադարձած ատենը, մութը արդէն կոխած կ՚ըլլար։ Ժամանակէ մը ի վեր, տոքթորին այս անպատեհ յապաղումները մտահոգութեան կը մատնէին տիկին Մարկոսեանը։ Բայց ուսանողին քով՝ իր ուշ մնալը արդարացնող պատրուակներ չէր որ կը պակսէին, որոնք ընդհանրապէս վարժարանին, ուսման, բժշկութեան շուրջ կը դառնային։ Մեծ մասամբ՝ ընկերոջ մը տունը գացած կ՚ըլլար գիտական ուսումնասիրութեանց եւ փորձերու համար, ու մաման, համոզուած, կը հանդարտէր։

Իր յարաճուն կիրքերուն յագեցման համար, Արշակ առատ դրամի պէտք զգաց։ Մինչեւ այն ատեն դրամ կուտար իրեն, ամսական հարիւր յիսուն, երկու հարիւր ղրուշ։ Գնաց գանգատեցաւ այս մասին Մերկերեան Թադէոս աղային, եւ խնդրեց որ մէկ ճարը գտնայ մաման համոզելու որ կալուածներէն մէկուն ամսական հասոյթը ուղղակի իրեն կապուի, առնուազն հինգ ոսկի։ Գանձապահը խոշոր քիթը երերցուց, ձիու պէս վրնջեց, մօրուքը խառնեց, տղուն նայեցաւ, անոր հոգիին թափանցելու պէս, եւ ըսաւ.

Աղէկ ամա, Արշակ, օղլում, հինգ ոսկին ի՞նչ պիտի ընես. վրադ գլուխդ մամադ կը շինէ կոր, պէտք եղած բաշլըխն ալ կուտայ կոր, էւէլը ի՞նչ պիտի ընես։

Բայց, Թադէոս աղա, առարկեց ուսանողը, այս ընդիմութենէն զայրացած, ես մարդ չե՞մ, տեղ չե՞մ երթար, չե՞մ պտտիր, սիրտս ուզած մէկ բանը չե՞մ գներ… իմ տարիքս ունեցող երիտասարդները ինչե՜ր կ՚ընեն կոր…

Հը՛մ, ըրաւ գանձապահը, ծուռիկ մուռիկ ակնոց մը անցունելով քիթը եւ ակնարկ մը նետելով խոշոր տետրակի մը վրայ զոր գրասեղանին վրայ փռած էր։ Վասնզի, անձնուէր գանձապահը միեւնոյն ժամանակ խորհրդարանին քարտուղարութեան պաշտօնն ալ կը վարէր, թաղին աղքատ սնտուկը հարստացնելու համար։

—Մանաւանդ որ, շարունակեց Արշակ, կը վայլէ՞ որ տոքթոր մը գրպանը դրամ չունենայ, ամօթ բան չէ՞։

Ատ ալ կայ, ըսաւ Մերկերեան, քիթը տետրակին վրայէն վեր առնելով։ Է՛հ, շատ աղէկ, շարունակեց, մէյ մը խօսք կը բանամ մամայիդ. չէ չ՚ըսեր, գիտեմ։

Շնորհակալ եմ, Թադէոս աղա, ըսաւ ուսանողը գանձապահին ձեռքը թօթուելով, ու մեկնեցաւ։

Դուն տոքթոր չէ՝ փորձանք պիտի ըլլաս մօրդ գլխուն, կը մրմռար Թադէոս աղա թուանշաններ գրելով տետրակին սիւնակներուն մէջ… իմ քիթս հոտ կ՚առնէ, եավրում, հո՛տ. դուն ողորմած հոգի տէտէյիդ վարիտաթին տակէն պիտի մտնաս վրայէն ելլաս… ետքն ալ պերաննիդ բորեազին պիտի պանաք… Չէ՛, էս քու աչուըներուդ չեմ հաւնիր կոր, դուն տոքթոր չէ՝ պէրպէր պիլէ չես ըլլալ… Ամա ինչո՛ւս պէտք, սա սըտեղը պազի գիշեր կ՚երթանք կ՚ուտենք, կը խմենք կոր, նայինք տակը ե՞րբ պիտի էրեւայ. փապուճս իվար, տոքթոր էղեր է չէ եղեր, պապաիս տղան չէ եա… կ՚երթամ կ՚ըսեմ, ինչո՛ւս պէտք, ամիսը թող հինգ ոսկի, տասը ոսկի տայ մամադ քի էրթաս փիս փիս ասդին անդին ուտես… հէ՞, հը՛, հը՛, հը՛…

Եւ աւազակը ժօռատ լինտերուն մէջէն չոր խնդուքով կը խնդար.

Իրիկուան, գանձապահը, բազմած թիկնաթոռին մէջ, տիկին Մարկոսեանին դէմը, տղուն առաջարկը կը մատուցանէր.

Տղան իրաւունք ունի, ճանըմ, ասօրուան օրս տոքթոր կ՚ըսեն կոր ճէպը փարա չիկայ, կ՚ըլլա՞յ մի, վայլո՞ւմ բան է… էս քու տեղդ ըլլամ, հանըմ, Ղալաթայի ֆապրիքային ամսականը շիտակ իրեն կը կապեմ կը լմննայ կ՚երթայ, կլխու ցաւէ մըն ալ կ՚ազատիս… հէ՞, ի՞նչ ըսիր, հանըմ…

Տիկին Մարկոսեան, որ աշխարհի վրայ բան մը մեժած չէր իր զաւկին, կը վարանէր այս նիւթական զոհողութեան առջեւ. հինգ ոսկիի յանկարծական ծախս մը, խրամատ մը կը բանար իր ամսական պիւտճէին մէջ։ Խեղճութեան, թշուառութեան գաղափարը սարսափ կուտար խեղճ կնոջ։ Եթէ բոլորովին փճանար, ո՞վ իրեն պատառ մը հաց կուտար հակառակ որ իր զաւկին մեծահամբաւ տոքթորի հեռապատկերը ունենար աչքին առջեւ, բնազդական հաւատք ունէր թէ այր տոքթորութիւնը մօտաւոր եւ նոյնիսկ հեռաւոր ապագայի մը մէջ՝ դիւրակեցութեան սատար մը չպիտի ըլլար ամիրայական տան համար։ Կարելի չէր այդ կասկածելի, խախուտ հաւանականութեան վրայ յոյս դնելով, անխորհուրդ վատնումի մը ենթարկել մեծափարթամ հարստութեան մը այդ յետին, ողորմելի բեկորները, որոնք փոթորիկէն վերապրած էին։ Իր բանականութեան տխուր քայքայումին մէջտեղ, այդ խելայեղ, շլացած, անխորհուրդ մայրը ողջմտութեան յետին լոյս մը կ՚ունենար, որ կը զսպէր իր թափերը, վերջնական փճացումի մը դէմ։

Գանձապահը, հանըմին մտածկոտ երեւոյթին առջեւ՝ շարունակեց իր փաստաբանութիւնը.

Ամիրային թոռ եղիր, տոքթոր եղիր, աղուոր երիտասարդ եղիր եւ ճէպդ փարա մ՚ունենար… շիտակը զօռ բան է. նորէն դուն գիտես, հանըմ, քու գիտնալիք բանդ է… ինծի մնայ նէ…

Քանի որ դուն մեր նիւթական վիճակը գիտնալով յարմար կը տեսնաս կոր, Թադէոս աղա, ատանկ ըսածիդ պէս կ՚ընենք, պատասխանեց վերջապէս տիկին Մարկոսեան, իր յետին վարանումներուն յաղթելով. շիտակ է, տոքթոր ըսածդ գրպանը փարա ունենալու է… Ա՛խ, ո՞ւր է ան ահագին հարստութիւննիս, ողբաց հէք կինը ձեռնամած, ինչո՞ւ ասանկ եղանք. զաւակս հիմա ոսկիին մէջ պիտի լողար… ինչո՞ւ ասանկ եղանք, Աստուա՜ծ իմ Ա՛խ…

Ա՛խ, արձագանգեց Թադէոս աղա, ողբերգական դէմքով մը։

Յետոյ, իր մխիթարող հրեշտակի դերին դառնալով.

Քանի մը տարի ալ ակռատ սխմէ, հանըմ, «ամենային վախճանն է գովելի», կ՚ըսէ Աւետարանը. սա Արշակնիս մէյ մը հասնի, տոքթոր ելլայ, ամէն բան կը մոռցուի, ամէն բան տեղը կը գտնայ, հոգ մ՚ընէր, իմ ո՞ր ըրածս չէ էլեր, կիտե՜ս ա…

Աստուա՜ծ լսէ ձայնդ, հառաչեց խեղճ մայրը լալագին շեշտով։

Յառաջիկայ առթիւ ապարանք գալուն, Բարթող աղային յայտնուեցաւ թէ Ղալաթիայի համբաւաւոր ֆապրիքային ամսական եկամուտը ուղղակի Արշակին պարտաւոր էր յանձնել, ամէն համարատուութիւն անոր ներկայացնել, եւայլն…

Այս լուրը տպաւորութիւն մը չըրաւ մսավաճառին վրայ, որ ողջ աչքը քթթեց, կինճի դունչը անհանգիստ կերպով շարժելից, բերանը բացաւ բան մը ըսելու, դիտողութիւն մը ընելու համար, բայց միմիայն «փէք աղէկ, գլխուս վրայ» մը կրցաւ արտասանել։

Բայց տունէն դուրս ելլալուն, ճամբան պոռթկաց.

Ծօ՛, ծօ՛, ծօ՛, գո՜րծ ունինք, ա՛ս էր պակաս… ա՛ռ քեզի փորձանք մը. ծօ որի՞ն միտքէն կ՚ասնէր քի ատ փապուճս պիտի մեծնար տէ մեր գործին էնկէլ պիտի ըլլար. ծօ՛ վա՜յ շունշանորդի, ծօ աս ո՞ւրկէց էր էլաւ… ծօ՛ ան շան զաւակը մանթար կը կլլէ՞… Ատ ֆապրիքային էրեսէն քանի մը ամիսը հեղ մը քանի մը ոսկի ճէպէլլէմէ կ՚ընէինք կոր, սաչախը կոտրեցաւ, տուռը սախտեցաւ, չաթըն ծակեցաւ ֆիլան կ՚ըսէինք, կը կլլէցնէինք կոր ատ կնկանը… Չէ՜, եաւորում, աս չը կլլեր, թախտակի կտոր մը բրդաւ ըսես, կ՚երթայ կը նայի… Լմնցա՜ր, Բարթող, լմնցա՜ր, կուլար մսավաճառը, երկու ձեռքերը գլխուն զարնելով. վա՜խ, եավրուներս, վա՜խ, խապար չունիք քի պատառնիդ պերաններնուդ դուրս կը քաշեն կոր…

Խեղճ մարդը պահ մը կանգ առաւ, իր կացութիւնը աչքին առջեւ բերելու համար, ասանկ անակնկալ աղէտի մը ծագմանը միջոցին.

Հը՜, մրմռաց, Կատարինէիս ճէհէզին կէսը եղած է… ճէհէզին կէսը էղաւ ամմա, եավրուս ալ քառասունին մատ մը մնաց… քառասո՜ւն, ամմա ասիկա մենք կիտենք մինակ, հալխը թող էրսունըհինգէն անդին չկիտնայ… չէ՜, էրսունըհինգէն անդին չեմ անցներ, չը՛լլար, չո՛լլար պէ՛, էրսունըհինգը անցած ախճիսը վո՞վդ կ՚առնէ… տիրի տիրի մեռցունե՞մ ծո՞վ նետեմ կէիկի պէս ախճիկներս, էս անոնց համար փարա խարճեր, սիրտ հատցուցեր եմ… հա՛ էրկու ճուվալ ոսկի ծովը նետեր եմ, հա Կատարինէս, Մագթաղինէս… էս խաիլ չեմ ըլլար. Ասվա՜ծ ալ խաիլ չըլլար քի ատ կատանայի պէս…

Յանկարծ կեցաւ՝ կսկծալի, ահաւոր հեռապտկերէ մը ըղեղը ցնցուած.

Աճապա կ՚ըլլա՞յ մի, կ՚ընե՞ն մի կ՚ըսես, Բարթիկ… ծօ լմնցա՜ր, մեռա՜ր, ատ պանը էղաւ նէ հապը կլլեցի՜ր… մէկալ իրատներն ալ ատ կետնին տակը ասնելուին կապուի նէ Բարթիկը լմնցա՜ւ. ա՛լ խվըր զվըր չիկայ, ամիսն ալ էրկու իրեք հարուր ղրուշս հավան էլաւ, էս ալ մէկտեղ, եաւրուներս ալ մէկտեղ…

Հրէշը, այս երկիւղներուն, ապագայ այս քայքայումներուն մտածման ազդեցութեան տակ դողդղահար կ՚երթար, կը քալէր քայլամոլոր, եղոտ, ճենճոտ ֆէսը մէկ քովին վրայ ճմրթկուած, գինովի պէս երերտկալով.

Լմնցա՜նք, լմնցա՜նք, կը մռլտար, մախսմներս անութի պիտի մեռնին, ճէհէզնին չպիտի շինուի, աշխրքի էրէս չպիտի տեսնան, ատ մէկ չափխնին համար, տա մէկ սիւրդիւկին համար, ծօ վո՞ւրկէց էր մեծծաւ տէ կլխունուս ասանկ փորձանք էղաւ, աճապա մէկ ճար կա՞յ… ճա՛րը, ճա՛րը, ճա՛րը…

Եւ այս վերջին բառերը արտասանած միջոցին ճակատը կը շփէր՝ կարծես այդ շփումով իր հրէշային գանկէն դուրս ժայթքեցնելու համար այդ ճարը… Ոճրական լոյսեր կը փայլատակէին իր բորենիի աչքին մէջ, շուրթերը կը դողդղային արտասովոր յուզման մը տակ, եւ կ՚ուզէր գաղափար մը, զգացում մը բանաձեւել, բայց չէր համարձակեր՝ ճիշդ այն գողին պէս, որ ձեռքերը առարկաներուն երկնցնելէ առաջ շուրջը կը դիտէ սարսափով։

Հէ՞, հէ՞, կ՚ըլլա՞յ, ծօ ըլլալի՞ք բան է, եապռնուիմ նէ, եա եախան ծառք տամ նէ… մախսմները՞ս, եավրուներ՜ըս, եա Էֆտի՞կը… Չէ նէ հի՛չ պան մ ը չէ, ատ չափխընին քիթին պան մը տուր օտկերը տնկէ լմննայ էրթայ, էս ալ ծառքէն ազատիմ… փէք աղէկ ամա եա՛ պռնուիմ նէ, ան ասկէ կէշ, եա տիրի տիրի կախեն նէ ինծի պէս կիւզէլիմ մարդը… մեղքը չե՞մ պէ՛, էս տահա շատ օր պիտի տեսնամ, աշխարքին տահա շատ պէտքցու մարդ եմ. ծօ ի՞նչ թոռան էրես չտեսա՞ծ մեռնիմ, Կատարինէիս, Մագթաղինէիս բիչկօները կիրկիս մէջ տանտանա չըրած հիչ կը մեռնի՞մ, խե՞նթ էմ ի՛նչ եմ, ա՛խ ատ օրերո՞ւն պիտի հասնիմ աճապա, հառաչեց Բարթող աղա բազկատարած, սանկ թոռներս թեւերուս մէջ առած տա՛նտա՛նա գուզում տա՛նտա՛նա պիտի ընե՞մ…

Ու երկու բազուկները, աղեղնաձեւ օրին մէջ երկարած, կը տատանէր իբր թէ թոռները արդէն իրաւ բազմած ըլլային այդ գարշելի թեւերուն մէջ։

Այս մերթ կսկծալի, մերթ ուրախ մտածումներուն մէջ տարուբերուելով է որ մսավաճառը տուն հասաւ եւ իր սովորութեան համեմատ, առանց իր մտատանջութեան պատճառը կնոջը հաղորդելու, առաւ հրացանը եւ պարտէզը թուփերու եւ ծառերու ետին դարանի մտաւ՝ կատուներու պատուական ընկերութենէն անհատներ պակսեցնելու համար։

Ծօ պարէ սըվոնցմէ էօճս առնեմ, կ՚ըսէր ինքնիրենը, ետքի զարարներուն տեղը հիմակուընէ լեցնելու եմ…

 

Եղած կարգադրութիւնը, անսահման հրճուանքով մըն էր որ իմացաւ Արշակ նոյնիսկ իր մամային բերնէն… գրպանին մէջ առատ դրամ ունենալ իր նորածին եւ յարաճուն քմայքներուն յագուրդ տալու համար, ահա ինչ որ իր օրերուն ու գիշերներուն տենդային մտածումն էր, տեսակ մը մղձաւանջ որ իր գանկը կը տոչորէր, դժնդակ նոպաներու կ՚ենթարկէր իր մարմինը։

Քանի մը օր հազիւ անցած, բժշկութեան ուսանողը Բարթող աղային օձիքին փակաւ փողոցին մէջ.

Բարթող աղա, սա ֆապրիքային ամսական հինգ ոսկին կուտա՞ս։

Մսավաճառը, ափիբերան, կակազեց.

Տամ, տոքթոր տամ ամա, ինքը ի՞նչ է ան, բանը, տամ։ Ինչո՞ւ չէ, տամ ամա, տոքթոր, քանի մը օր համբերէ, մարդէն փարա չառի, տահա ամսագլուխ չէ…

Արշակ, գժդմնած, սրտնեղ, քիթ բերան ծռելով, առաւ քալեց՝ հրէշին հասցէին քանի մը լուտանքներ մռլտալէն։

Գո՛րծ ունինք, գո՛րծ, կ՚ըսէր Բարթող աղա, իր ահագին զամբիղին տակ ընկճուած։

Մարդուկը սաստիկ կը նեղուէր այս հետապնդումէն, ինք մինչեւ այն ատեն ուզած ատենը միայն կը տանէր դրամ կուտար հանըմին, որ անսահման վստահութիւն ունէր իր գործակատարին վրայ։ Կրնար պատահիլ որ, կալուածներուն գանձուած հասոյթները իր անձնական պէտքերուն գործածէր քանի մը ամիս, մասնակի վճարումներ ընելով հանըմին՝ անոր պէտքերուն չափովը։ Հիմակ, գործը կը սկսէր տարբեր դրամ եւ հաշիւ պահանջուելու վտանգ մը կար, շատ հաւանական էր որ այդ տոքթորը այսօր ֆապրիքային հաշիւը պրպտէր, վաղը միւս օր մնացած կալուածներունը։

Ամսուն մէկին իսկ, Արշակ մարդուկին գլխուն վերեւ ցցուեցաւ.

Բարթող աղա, փարա՜։

Կարելի չէր խուսափիլ։ Մսավաճառը աղտեղութենէ սեւցած կոշկոռ կապած քսակ մը դուրս հանեց մէջքին խորերէն եւ հինգ հատ ոսկի համրեց տոքթորին, ամէն մէկին մէյմէկ յիշոց միացնելով… միտքէն։

Աս փարան ամսէ ամիս տալու է, Բարթող աղա, ըսաւ երիտասարդը սպառնական շեշտով մը։

Գո՛րծ ունինք, գո՛րծ կը խորդար հրէշը ճամբան։

Երբոր ոսկիներուն մոգական պաղութիւնը եւ հնչեղութիւնը զգաց մատներուն տակ, գրպանին մէջ, երիտասարդը անհուն սփոփանք մը ունեցաւ։ Իր զուարթութեան ընկերները, իրեն պէս բժշկութեան կոչեցեալներ, շուրջը առին իսկոյն, մետաղին հոտէն գինովցած։ Եւ Արշակ, իբրեւ ցոփակեաց ամիրային մը արժանաւոր թոռը, մէկ քանի մը օր, մոլութեան հնոցներուն մէջ, իր գրաններուն պարունակութիւնը հալեցուց։

Սակայն, դրամի բացարձակ չգոյութիւնը, եւ միւս կողմէ իր սնանկութիւնը մամային ծանուցանելու դժկամակութիւնը՝ անկարելի դրութեան մը մէջ դրին զուարճամոլ ուսանողը։ Եւ իսկոյն անդրադարձաւ թէ կեանքը իր ըմբռնած եղանակով ապրելու համար, ֆապրիքայի մը ամսական եկամուտը յոյժ ճղճիմ գումար մը կը ներկայացնէր եւ թէ ֆապրիքաներ հարկաւոր էին իր երազած փարթամ կենցաղը վարելու համար լիառատօրէն։

Հինգերորդ տարեշրջանին քննութեանց մէջ կատարեալ ձախողուած մը կրեց Արշակ։ Ասոր վրայ, ուսանողը խորհեցաւ ուրիշ միջոց մը գտնել, դրամ քաշելու համար մօրմէն։ Ուստի համոզեց իր մայրը որ տան մէջ բժշկութիւն ընէ, վկայական չառած։ Մայրը նախ ընդդիմացաւ այդ առաջարկին, բայց ի վերջոյ հաւանութիւն յայտնեց ու տեղի տուաւ իր սիրելի զաւկին։

Մերկերեանին, անխուսափելի խորհրդականին յայտնուեցաւ խնդիրը եւ կարծիքը հարցուեցաւ։ Գանձապահը պահ մը խեղբնեցաւ առաջարկին այլանդակութենէն, աչքերը խոշոր խոշոր բացաւ եւ գոցեց, մատներովը սանտրեց աղէբեկ մօրուքը, մօրմէն զաւկին նայեցաւ, զաւկէն մօրը, եւ աւա՜ղ, հասկցաւ թէ իր կողմէ որեւէ ընդդիմութիւն աւելորդ եւ ապարդիւն պիտի մնար։ Հետեւապէս.

Է հա՛, ըսաւ, կէշ չ՚ըլլար, բրաթիկ ալ է, խեր ալ է, անուն հանել ալ է… բէք աղէկ կ՚ըլլայ, ըրէք…

Եւ դադարէ մը յետոյ.

Ամա, տղաս, աւելցուց շեղակի ակնարկով մը, չելլաս ֆալցօ խալթ մը խառնես…

Ի՞նչ ֆալցօ, բողոքեց Արշակ, կարմրելով գանձապահին թափանցող նայուածքին տակ իր թաքուն մտադրութիւնները մերկացած, հասկցուած զգալով։

Է՛հ, ճահիլ ես, ի՞նչ գիտնամ, աւելցուց Մերկերեան գլուխը օրօրելով խորհրդաւորօրէն։

Քսաներեքը անցաւ, Թադէոս աղա, մէջ մտաւ անդիէն մաման, զաւկին բարոյականին մասին յայտնուած կասկածը ջրելու մտահոգութեամբ, թող ամէն երիտասարդ Արշակիս չափ խելքը գլուխը ըլլայ…

Ես պապա մարդ եմ, անանկ խրատներ կուտամ ճահիլներուն, հանըմ, հոգ չէ, մարդ չե՞նք մի, սխալական ենք, աւելցուց գանձապահը հայրական շեշտով մը։

Պահ մը լռութիւն տիրեց։

Թադէոս աղա խզեց զայն.

Ան չէ ամա, բան մըն ալ հարցնեմ, տիպլոմա չառած կարելի՞ է հէքիմութիւն ընել… իմ գիտցածս…

Մասնաւոր արգելք մը չիկայ, ըսաւ Արշակ, մանաւանդ որ մէկ մէկուկէս տարիէն տիպլոմս կ՚առնեմ. փարայով չպիտի նայիմ, ո՞վ կրնայ բան մը ըսել… Եթէ շատ ծանր ու կնճռոտ հիւանդութեան մը հանդիպիմ, ուրիշ բժիշկներուն խորհուրդին կը դիմեմ…

Անանկ է, շիտակ է, պատասխանեց Մերկերեան համակերպութեամբ։

Այս բարեգործական ձեռնարկին գործադրութեան համար հարկ եղաւ սակայն մասնաւոր սենեակ մը յարդարել հիւանդներու քննութեան յատուկ։ Մաման առանց ամենափոքր առարկութեան, իր ունեցած պահեստի գումարը զաւկին տրամադրութեան տակ դրաւ։ Եւ ահա մսխում մըն է սկսաւ։ Բոլոր բժշկական գործիքները եւ սարուածները, զորս գնեց Արշակ, կրկին գինով ներկայացուեցան մամային։ Կարելի էր նոյնիսկ քառապատիկ գինով ներկայացնել, եւ տեղի չտալ որեւէ բողոքի, այնքան անիկա շլացած էր այս նոր գաղափարին հեռաւոր ճառագայթներէն։

Ապակեւոր խորշ-դարանի մը մէջ կը շողային հիմա բժշկական եւ վիրաբուժական պողպատեայ գործիքները, վերանորոգիչ եւ ահաւոր. երկար բազմոց մը կը գրաւէր սենեակին աջ պատին երկայնքը՝ հիւանդներու քննութեան համար, անոր դէմը նոյնպէս ապակեպատ դարանի մը մէջ բժշկական ստուար հատորներ, կաշեպատ կազմով եւ ոսկետառ, իրենց փայլուն կռնակները քով քովի կը ցուցադրէին երեք կարգի վրայ։ Մատենադարանին առջեւի մասը, որ շարժուն էր, կը ծառայէր իբրեւ գրասեղան։ Մետաղեայ արծիւ մը, թեւերը մեծատարած բացած, մագիլներուն մէջ կը բռնէր խոշոր կրիայ մը՝ գլուխն ու ոտուըները սարսափի ճիգին տակ դուրս ձգտուած, եւ որուն կռնակին վրայ շարժուն կափարիչ մը թոյլ կուտար մելանով լեցնել սողունին մարմինը։ Գրասեղանին մէկ կողմը կը կանգնէր, վսեմ ու խոհուն, Հիբոկրատի գաճէ արձանիկը ձիւնի ճերմկութեամբ։ Անդին, երկու պատուհաններուն մէջտեղ, կը կենար թերթակալ մը, երկու աստիճան, հայերէն ու ֆրանսերէն պատկերազարդ հրատարակութիւններով ծանրաբեռնուած. պատերը գրեթէ խիստ գիտական պարզութիւն մը ունէին, միմիայն զարդարուած երկու համեստ բայց խորիմաստ նկարներով, որոնց մէկը կը ներկայացնէր Ճէննըրը՝ իր ծաղկախտի պատուաստին առաջին փորձովը զբաղած, միւսը Բասթէօռը՝ իր բնալուծարանին մէջ՝ մանրադէտի մը վրայ յառած իր թաւ նայուածքը։ Հոս հոն քանի մը աթոռներ եւ թիկնաթոռներ։ Այսչափ։ Ճշմարիտ առանձնոց մը՝ գիտութեան խորհուրդներովը յափշտակուած գիտունի մը համար, որ իր գերագոյն հաճոյքը հոդ կ՚ըմբոշխնէ, զննումներու, ուսումնասիրութեանց եւ խոկումներու մէջտեղ։

Ժանեկաւոր սպիտակ վարագոյրներու ներքեւէն նարնջագոյն ստորներ լոյսին ուժգնութիւնը կը մեղմէին՝ մատուռի խորհրդալից կէս մթութիւն մը սփռելով հոն։ Ներքին դուռ մը խուցը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէր տոքթորին յարկաբաժնին հետ։ Խաչօ, արտաքին նրբանցքին մէջ, պիտի սպասէր հիւանդներու, որոնց այցելութիւնը պիտի երթար ծանուցանել բժիշկին, ու այս վերջինը իր ննջասենեակէն պիտի մտնէր ախտազննական խուցր ու հոն պիտի զբաղէր իր հիւանդին հետ։ Եւ որպէսզի այս կարգադրութեանց մէջ որեւէ վրէպ մը տեղի չունենար առաջին առթիւ, Արշակ, մաման եւ Խաչօն փորձեր կատարեցին։ Այցելող հիւանդի դերը մաման ստանձնեց. Խաչօ կեցաւ նրբանցքին մէջ՝ իր փափուկ պաշտօնին գլուխը, իսկ տոքթորը փակուեցաւ իր յարկաբաժինը։ Որոշուած պահուն, տիկին Մարկոսեան ներս մտաւ դռնէն եւ ճշմարիտ հիւանդի մը անձկոտ դէմքով տոքթորը հարցուց Խաչօյին։ Խաչօ, որուն խառնուածքը այնքան ձեռնատու չէր ասանկ ապսպրուած դերակատարութիւններու, շփոթեցաւ սխալ մը գործելու վախով, մանաւանդ որ դէմինը ոչ թէ ճշմարիտ հիւանդ մը, այլ հանըմն էր, անառնելի, սարսափելի հանըմը։

Տոքթորը, չգիտեմ, հանըմ, նիէրսն է՜… նիէրսը չէ…

Ապո՛ւշ, ապո՛ւշ, պոռաց տիկին Մարկոսեան, ոտքը գետինը զարնելով, անճարա՛կ, դուն մարդ ըլլալիք չունիս։

Բարձրացած պոռչտուքէն՝ տոքթորը իր սենեակին դուռը բացաւ։

Ի՞նչ կայ, մամա… ի՞նչ էղաւ։

Աս սէրսէմին գործը չէ աս, շարունակեց պոռալ մաման. տոքթորը հո՞ս է հարցումիս, չեմ գիտեր թէ հոս է մի հոս չէ, կ՚ըսէ…

Մոռցայ, հանըմ, աֆ կ՚ընէք, կը մրմնջէր գաւառացին ափիբերան։

Նորէ՛ն, նորէ՛ն, հրամայեց տոքթորը, սենեակէն ներս քալուելով։

Փորձը կրկնուեցաւ։ Այս անգամ սպասաւորը չսխալեցաւ։

Հո՛ս է տոքթորը, ըսաւ ուժգնութեամբ մը, երբ տիկին Մարկոսեան նորէն ներս մտաւ։

Եւ Խաչօ գնաց երեք անգամ մատովը զարկաւ իր տիրոջ դրանը, ինչ որ նշանակէր թէ հիւանդ եկած է։ Երկու վայրկեան յետոյ, ախսազննական խուցին դուռը կը բացուէր եւ տոքթորը կ՚երեւնար հոն գլուխը թաւիշէն գդակով, երկար պլուզա մը հագած։

Խաչօ, հակառակ իր գեղացիական անտաշութեանը, կը հասկնար թէ եղածը արտասովոր յիմարութիւն մըն էր, մղձաւանջոտ ըղեղներու, անհաւասարակշիռ ջիղերու արարք մը, ու մտքէն կը խնդար, կ՚այպանէր։

Թամամ խիէնթ էն էս մարդիկ, կը մրմռար։

Վերջին փորձը յաջողած էր. մինակ գաւառացին էր որ վստահութիւն չէր ներշնչեր, ուստի կրկին եւ կրկին պատուէրներ եղան անոր։

Ուրեմն ամէն բան պատրաստուած, կազմակերպուած էր. կը մնար իրաւցնէ հիւանդներ գտնել՝ վերջապէս իրականութեան գոյն մը տալու համար բոլոր այս կատարուած խեղկատակութիւններուն։

Բացի անկէց որ տիկին Մարկոսեան ընդունելութեան օրը իր այցելուհիներուն ծանուց թէ տոքթորը Ուրբաթ եւ Կիրակի օրերը ձրի հիւանդ կ՚ընդունէր, պայմանով որ աղքատ ըլլան ան, Բարթող աղան մէկ կողմէն, Թադէոս աղա միւս կողմէն գիւղին մէջ տարածեցին այս կարեւոր նորութիւնը։

Գեղին միակ հայ բժիշկը, տոքթոր Քէնտիրեան, որ արդէն իր ապագայ մրցակցին շուրջը պղպջացող համակրութեան եւ յարգանքի փրփուրներուն ժպտուն աչքով չէր որ կը յանէր, իր սեփական հողին վրայ այսքան կանխահաս եւ լիրբ ոտնձգութեան մը առջեւ չուզեց այլեւս անտաբեր մնալ։ Դիմեց Աղքատախնամ Ընկերութեան, որուն տիտղոսաւոր բժիշկն էր, եւ պահանջեց որ միջոցներ ձեռք առնուին թոյլ չտալու համար որ բժշկութեան ուսանողը յանդգնի դարմանել գիւղին աղքատ հիւանդները։

Քանի որ, ըսաւ, ես խնամալութեան պաշտօնական բժիշկն եմ, զիս պատասխանատու կը բռնեն երբոր ատ տղան ֆալցօ մը ընէ, փորձանք մը հանէ։

Բայց Մերկերեանը հոն էր, անխուսափելի թաղականը։ Միջամտեց խնդրին, եւ զայն հաշտարար կերպով լմնցնելու համար, կամացուկ մը հասկցուց վիրաւորուած բժիշկին թէ իր շահուն համար պարտաւոր էր զիջում ընել քանի որ գիւղին մէջ այնքան համակրութիւն չէր վայելեր իբրեւ բժիշկ եւ թոյլ տալ որ կարգ մը աղքատ հիւանդներ ալ երբեմն երբեմն բժշկութեան ուսանողին դիմէին, եթէ շատ վտանգաւոր չէր իրենց հիւանդութիւնը։

Տոքթոր Քէնտիրեան, երբոր Մերկերեան գտաւ դիմացը որուն հակառակութեան եւ ոխակալութեան ոգին ծանօթ էր իրեն… կակուղցաւ, եւ վերջապէս տեղի տուաւ, եւ մինչեւ իսկ իմանալով որ տիպլոման առնելէն յետոյ Մարկոսեան Փարիզ պիտի երթար կատարելագործելու եւ վերադարձին Պոլսոյ մէկ աւելի հարուստ թաղը պիտի հաստատուէր, իր աջակցութիւնը եւ իր խորհուրդները խոստացաւ ուսանողին՝ իբրեւ քսանամեայ փորձառու բժիշկ։

Աղքատաց խնամակալութիւնը, միշտ Մերկերեանի ազդեցութեամբ, շնորհակալութեան փքուռոյց գիր մը ուղղեց ազնիւ տոքթորին, որ այսքան կանուխէն կը սկսէր հանդիսաւոր ապացոյցները տալ իր մարդասիրական զգացումներուն, ընկերութեան հանդէպ։

Տիկին Մարկոսեան զաւկին համար այցաքարտ պատրաստել տուաւ հայերէն եւ ֆրանսերէն, Տոքթոր Արշակ Մարկոսեան։ Եւ իր յառաջիկայ ընդունելութեան օրը, այդ քարդերէն մէյմէկ հատ բաշխեց այցելուհիներուն, որոնցմէ շատերը, հինգլուխ կնիկներ, խորին ու կանխակալ յարգանքով լեցուն դէպի գիտութիւնն ու անկեալ ամիրայութիւնը, երկիւղածօրէն թաշկինակներնուն մէջ պլորեցին այդ թանկագին քարդը ու գրպաններնին տեղաւորեցին մասունքի մը պէս։

Տաներէց քահանան, ժամուն մէջ ծանուցում ըրաւ թէ տոքթոր Արշակ էֆ. Մարկոսեան պատրաստ է Ուրբաթ եւ Կիրակի օրերը կէս օրէն ետքը աղքատ հիւանդներ ընդունիլ իր բնակարանին մէջ։ Այս առթիւ աղօթքներ եւ մաղթանքներ ըրաւ ամիրայական մեծ գերդաստանին համար։ Վերնատունը, անկիւն մը իր սեւերուն մէջ պարուրուած կին մը, խորունկ ու սրտառուչ հառաչանքներով պատասխանեց տէրտէրին այս մաղթանքներուն։

Այս բոլոր արարողութիւններուն եւ ձեւակերպութիւններուն յաջորդ առաջին Ուրբաթ օրը, Խաչօ աթոռ մը նետած էր տոքթորին յարկաբաժինը ելլող սանդուխին դրանը առջեւ եւ նստած էր, սրտատրոփ սպասումով։

Հանըմը, իր սուգի սենեակը ապաստանած, կ՚աղօթէր իր հանգուցեալ ամուսնին կենդանագրին առջեւ, մինչ տոքթորը, իր սենեակներուն մէջ փակուած, կը պատրաստուէր ընդունիլ առաջին հիւանդը, որ անձնատուր պիտի ըլլար իրեն։ Իր վատթարացած, հաշմոտ հոգիին խորը, այդ հանդիսաւոր րեպէին, գիտութեան մարդը չէր որ կը յառնէր, այլ մարդկային ցաւերը ծաղրող, մարդկային տկարութիւնները հեգնող, անոնցմէ շնականօրէն օգտուելու հետամուտ արարածը։ Կը պտտէր մէկ խուցէն մէկալը, միտքը բղջախոհ պատկերներու յաճախանքէն տանջուած, երկարօրէն, մոլեգնօրէն սպասուած հեշտութիւններու յամեցումէն հոգեսպառ։ Կեցած, մերթ, սենեկին մէջտեղը, աչքերը դրան սեւեռած, կ՚երեւակայէր որ ան յանկարծ կը բացուէր, երեւան հանելով երազուած էակը, կին մը, գեղեցիկ բայց ցաւէն ընկճուած, որ գիտութեան մարդուն անձնամատոյց, անոր պատեանին տակ կիրքի հրէշը հասկնալու անկարող, պիտի գար աղերսել, պաղատիլ, տկարանալ, լքուիլ, լլկուիլ…

Աւա՜ղ սակայն, բացման այդ առաջին օրը, ոչ մէկ հիւանդ եկաւ ափ առնել այդ տխուր դարմանատան դուռը։ Խաչօ ի զուր սպասեց յարկաբաժնին դրանը առջեւ, սրտատրոփ, մէկ, երկու, երեք ժամ նստաւ հոն, աթոռին վրայ, մտքին մէռ միշտ պտտցնելով գործողութիւնը զոր պիտի կատարէր ինք երբոր վերջապէս հիւանդ մը ներկայանար։

Քանի մը հեղ դող ելաւ, դրան ետին աղմուկ մը լսելով, բայց հանըմն էր, որ անձկալից, անհամբերութենէն կրծուած, կուգար տեղեկանալ կացութեան մասին։ Անոր նշանացի հարցումին Խաչօ գլխով չէ՛ կ… ըսէր հեռուէն, ու հանըմին կանանչ նայուածքը, խոժոռ, թունաւոր, անդիմադրելի, պահ մը սեւեռուած կը մնար հէք սպասաւորին վրայ, այնքան ըսպառնական, յանդիմանալից որ իբր թէ անիկա ըլլար պատճառը եթէ հիւանդներ չէին ներկայանար տոքթորէն առողջութիւն, կեանք խնդրելու։

Արշակ պտտեցաւ, պտտեցաւ իր սենեակներուն մէջ, անհամբերութեան շարժումներ գծելով օդին մէջ, օֆեր եւ ախեր արձակելով, թաւիշէ գդակը եւ կտաւէ երկար պլուզան տասն անգամ դնել հանելով, պատուհաններուն առջեւ՝ երկինքը, գիւղանկարը գննելով տարտամօրէն, գիւղին հեռաւոր եւ մօտաւոր տուները, որոնց անկենդան երեւոյթը կը կատղեցնէր զինքը։ Ո՞ւր էին, ո՞ւր էին ատոնց բնակիչները, ինչո՞ւ անտարբեր կեցած էին, ու չէին աճապարեր դէպի բեղմնաւոր բարիքմերը, շօշափումները, գգուանքները գերագոյն եւ աղուոր բուժումին, զգայնոտ մատներու սփոփարար հպանքներուն։ Ձեռուըները գրպաններուն մէջ պիրկ մը խոթած, ուսերը ցից, դէմքին անուշ գիծերը չյագեցուած կիրքերու մտրակումին տակ քստմնելի ու դաժան, կը նայէր ան առանց տեղ մը նայելու, իր փոթորկող ներքնաշխարհին մէջ ընկլուզած, պահ մը նոյնիսկ իր խելայեղ, անստոյգ, քայքայուած կացութեան մէկ վաղանցիկ գիտակցութենէն զգետնուած։

Եւ օրը անցաւ ատանկ, ամուլ, խաղաղ, առանց որ հաստաբեստ դրան ժանգոտ ուռնակը գոր իր բարերար դղրդոցովը եռանդ, յոյս, երջանկութիւն պարգեւել ներսի ջղապիրկ բնակիչներուն։

Լրագիրներուն մէջ ծանուցում ընել տա՞նք, ըսաւ մաման գիշերը, սեղանին վրայ, ուր հարկաւորապէս իրարու հանդիպեցան մայր ու զաւակ։

Ծանուցո՞ւմ մի, կրկնեց Արշակ, վհատած շեշտով մը, ասանկ նեղ պարագաներու մէջ մամային անհեթեթութիւններ, անհնարութիւններ երկնելու մոլութեան տեղեակ։ Մէյ մը Մերկերեանին հարցնենք, աւելցուց, գերագոյն իմաստութեան կոչոըմ ընելով։

Արդարեւ հետեւեալ օրը մայր ու զաւակ ծեր գանձապահը շրջապատեցին, եւ անանկ տիրական, կշտամբող շեշտով մը անոր յայտնեցին առջի օրուան ձախողանքը, որ կարծես ան էր բուն պատճառը կամ պատասխանատուն։ Աղուէսը հանդարտօրէն մտիկ ըրաւ այդ հիւանդ բարբանջանքները, եւ շեշտով մը, որուն մէջ գերազանց վստահութիւն կար, եւ ամէն կասկած, երկիւղ, անձկութիւն վանելու ոյժ մը, ըսաւ.

Ամէն գործ սկսած ատենը ատանկ կ՚ըլլայ… ՄԷյ մը հիւանդ մը թող ոտքը ներս խոթէ ասկէ, լմնցաւ։ Կիրակի օրը հինգ հատ հիւանդ պիտի ունենաս էն քիչը, ես եմ ըսողը։ Հայտէ, օղլում գործդ նայէ, ատանկ պզտիկ բաներէ տակնուվրայ մ՚ըլլար, աւելցուց գանձապահը, բժիշկին կռնակը ծեծելով հայրականօրէն։

Յետոյ, պզտիկ դադարէ մը ետք.

Հա՛, ըսաւ, ո՞ւր է չամաշրճի Էֆտիկը, ախճիկը ցուցնելու պիտի բերէր. ինք առջի օր քրոջս ըսեր է տունը լաթ վլացած ատենը. թոհա՜ֆ պան, ինչո՞ւ չէ բերեր, սըվիկա հասկնամ։

Եւ ահա մամային ու տոքթորին ջիղերուն լարուածութիւնը թուլցաւ, կակուղցաւ, անդորրացաւ։ Այդ հրաշալի մարդը իր անձովը եւ խօսքովը միակ ազդու եւ անմիջական դարմանն էր հոգեկան, մտաւորական տագնապներուն, որոնք յարաժամ կը պրկէին այդ խեղճ էակներուն մարմինը։ Մէկէն ի մէկ փարատեցաւ անոնց մռայլը, մաման խօսուն, զուարթ եղաւ, տղան ժպտերես, կատակող։

Հէլպէթ տէ, կը մտածէր Մերկերեան, մազիս թելը ատ շոշորթ թեթեւսոլիկին ծառքը չեմ ի տար. ո՞վ խենթեցեր է, ամէն մարդ հոգին պէտէհավա՞ կտեր է, համմէ՞…

Իր սենեակը առանձնանալուն, յանկարծ «չամաշրճի Էֆթիկին աղջկան» մտածումովը կը համակուէր, կը լեցուէր երիտասարդը։ Ինչո՞ւ այդ կինը իրեն չէր բերած իր աղջիկը։ Վախցա՞ծ էր, կասկածա՞ծ էր։ Իր ատրաշէկ երեւակայութեանը մէջ, գրգռիչ հրապոյրներով կը հագուեցնէր այդ աղջիկը, նուաղկոտ անուշ նայուածքներ կուտար անոր, ամօթխած շարժումներ, երբ ինք անոր կը մօտենար անոր մարմարէ միսերուն քսելու համար։ Բայց «չամաշրճի»բառը իր ամբողջ գռեհկութեամբ կուգար, միւս կողմէ, իր մտքին ու կիրքին թռիչքները զսպելու, իր հմայքը սառեցնելու։

Բայց այդ բառը, իր գռեհիկ նշանակութեամբը, յանկարծ կը զսպէր իր զգայական թափերը։ Իր երեւակայութիւնը բարձրասլաց թռիչքներ ունէր, զորս չէին գոհացներ լուացարար Էֆթիկ մը եւ իր աղջիկը։ Ով գիտէ ի՜նչ կոշտ, տձեւ, ապուշ արարած մըն էր այս վերջինը, թանձր մէջքով, ուսերը դէպի դուրս, կովի անորոշ նայուածքով, խոշոր աչուըներով։ Իր երեւակայած ու հոգիին բովանդակ խանդովը կանչած իգական սիլուէթները տարբեր էին բոլորովին։ Անոնցմէ էին որոնք փետրազարդ, գերղեցիկ, թեթեւասլաց հուրիներու պէս ման կուգային Բերայի մայթերուն վրայ. աշնան զով ու կապոյտ վերջալոյսերու հմայքին մէջ, նայուածքնին թողիչ, քալուածքնին վսեմօրէն հրաւիրող, կենդանի բուրաքսակներ, որոնք մթնոլորտն ու կեանքը կ՚անուշաւէտեն։ Մագնիսուած, ժամերով կը հետապնդէր այդ խրոխտ, սիգաճեմ, անմատչելի կիները, որոնց տիրացումը անհնարութիւն մը կը թուէր իրեն։ Յիմա, ատոնցմէ մէկն էր որ կ՚ուզէր տեսնել իր բժիշկի խուցին դրան շրջանակին մէջ։ Ո՛հ, ա՛լ ի՜նչ համարձակ շարժուածքով մը ներս պիտի քաշէր զայն, այդ խորհուրդը, այդ գաղտնիքը պիտի բանար, մանրամասնէր, բրդուճ բրդուճ ընէր տենդոտ մատուըներովը, շնչասպառ, սեւեռաբիբ, ահարկու, յարդուզարդերու շինծու ու նենգամիտ քովարկումին տակէն վերջապէս դուրս հանելու համար ինչ որ ամենէն աւելի բաղձալի էր, ինչ որ չարչարած էր իր ըղեղը, ինչ որ ջիղերը աքցանած, էութիւնը կաշկանդած, խոշտանգած էր։

Չամաշրճի Էֆթիկին աղջի՛կը, կը մրմռար զզուանքի ծամածռմամբ, ձեռքերը ետին, վեր վար ճեմելով սենեակին մէջ։

Յետոյ, ընկճուած, դառնացած, յուսահատ, երիտասարդ ինկաւ թիկնաթոռին մէջ, աչուըները գոց, ջղային գրգռման մը ենթակայ, թեւերն ու սրունքները գալարելով, ձեռքին մատները օդին մէջ ակիշելով՝ մոլեգնութեամբ բան մը քաշելու, փրցնելու պէս, պրկունքները խածխծելով, գլուխը դէպի ետեւ, թիկնաթոռին յենակին վրայ կործանած։

Ատիկա՝ չյագեցուցած կիրքին ջախջախումն էր, յետին ջղաձիգ շարժումներ, զոր քաղցր կուտայ մարմինին, գերագոյն սպառման րոպէներուն։

Ժամեր յետոյ, երբ մաման, տոքթորին անսովոր յապաղումէն անյանգիստ, անձամբ եկաւ անոր սենեակին դուռը բանալ, տեսաւ իր զաւակը հեռուն անկիւնը, թիկնաթոռին մէջ փլչած, անմեղներու յանկարծական եւ խաղաղ քունը քնանալով։

Հա՛, ճանըմ, հա՛, քուզում, հաւաստեց Մերկերեան՝ մամային ու տոքթորին իր վերջին այցելութեան, մէյ մը ճոթը փրթելուն վրայ է. ա՛լ լմնցաւ, կրնաք նէ առաջքը առէք… հասնողը դուռներնիդ ափ պիտի առնէ… Ինչո՞ւ աստար ֆէսֆէսէ կ՚ընէք կոր։ Էֆթիկը տեսայ. զաւալլը կնիկը լաթ վլալու գացեր է տեղ մը՝ չէ կրցեր գալ, վաղը պիտի բերէ աղջիկը…

Գործերնիս ատ չամաշրճի կտորի՞ն մնաց, կը մրմռար տիկին Մարկոսեան, մոլեգին հպարտութեան նայուածք մը նետելով դէպի գանձապահը։

Հոգ չէ, հանըմ, կը պատասխանթր ծերունին, չամաշրճիի կտորէն կը սկսի տէ օր մըն ալ գիտե՜ս ա… Աստուած ուզէ նէ կ՚ըլլայ։

Հանըմը կ՚երեւայ որ հասկցաւ այս խորիմաստ դարձուածքին նշանակութիւնը. վասնզի աչքին դաժանութիւնը մէկէն մեղմացաւ, երազուն, գգուական անսահման նայուածքի մը փոխուեցաւ, դէպի տոքթորը, որ սովորութեան համեմատ վեր վար կը ճեմէր սրահին մէջ, մտախոհ։ «Հէքիմ պաշի»ի առասպելին ակնարկած էր Մերկերեան։

Կիրակի օրը, յետմիջօրէին, ամէն մարդ իր դիրքը բռնած էր ամիրային տան մէջ։ Տիկինը՝ ընդհանուր հրամանատարի մը հանգամանքը ունէր, կարծես դէպքերուն վրայ հսկելու կոչուած։ Խաչօն, որուն կապոյտ չուխայէ նոր շալվար մը եւ ճամկաւոր չէպկէն մը շինած էին, նրբանցքին դրան առջեւ կը նստէր՝ հիւպատոսական գավազի մը պէս, իր նոր հագուստին մէր քիչ մը անհանգիստ եւ անճարակ։ տոքթորը աշխատանոցը փակուած էր, թաւիշէ բանուած գդակը գլուխը, գիտութեան գործաւորի պլուզան հագած։

Վերջապէս փողոցին դրան ձայնը լսուեցաւ։ Խաչօ որ միջավայրէն եւ կացութենէն ազդուելով ինքն ալ սկսեր էր անգիտակցաբար, մեքենաբար, վայրկեանին տպաւորութիւնը կրել, յուզուիլ, շահագրգռուիլ, ցնցուեցաւ իր աթոռին վրայ, դրան ետին ոտնաձայն մը լսուեցաւ։ Գաւառացին ելաւ, բացաւ։

Գէր կին մը եւ նիհար, սլացիկ հասակով աղջիկ մը ներս մտան, Խաչոյին շլմորած աչուըներուն առջեւ։ Եւ ան, իր շուարման մէջ, չկրցաւ պարտականութիւնը անթերի կատարելպ եւ փոխանակ իսկոյն դէպի տոքթորին դուռը նետուելու եւ պայմանադրուած մատի հարուածները տալու, կեցեր գէր կնոջ երեսը կը նայէր։ Այցելողները, տատամսոտ, իրարու կը նայէին, փնտռելով ան որուն եկած էին։

Տոքթորը ո՞ւր է, հարցուց վերջապէս գէր կինը երկչոտ ձայնով մը։

Բայց այդ վայրկեանին դեմացի դուռը շարժեցաւ, կիսովին բացուելով եւ տոքթորին անհամբեր գլուխը ցուցնելով։

Հրամմեցէք, տիկին։

Այս հրաւէրին վրայ, կինը եւ աղջիկը սենեակէն ներս մտան։ Տոքթորը երկու աթոռ ցուցուց անոնց եւ լուսաւորելու համար սենեակը որ կէս մութ էր, երկու պատուհաններուն ստորները վեր նետեց այդ երկու արարածներուն վրայ, որոնք առաջին նուիրագործումը կը բերէին իր անկատար տոքթորութեան հանգամանքին։ Եւ շլացաւ մնաց։

Երկու կինրը, որոնք անշուշտ մայր ու աղջիկ էին, եւ ապահովապէս Մերկերեանին ծանուցած չամաշրճի Էֆթիկն ու իր աղջիկը, տարօրինակ հակապատկեր մը կը ձեւացնէին։ Մայրը տարապայման գեր, աղջիկը չափազանց նիհար։ Քառասունը անցուցած էր ան, վասնզի երեսին մաշկերը, որքն որ ալ առատ ճարպով թխմուած, թոյլ կախուածք մը առեր էին այտերն ի վար, երթալ խառնուելու համար ծնօտին տակ փռուող երկու շերտ մսակոյտներուն։ Հսկայ ծիծեր կը բեռնաւորէին անոր լայն կուրծքը։ Լայնալիճ փորը կը խարսխանար մեծակերտ զիստերուն եւ հաստաբեստ յետոյքին վրայ։ Դարբնոցի վիթխարի փքոց, պոռթկացող գերութենէն տանջուած, խեղճ կինը կը հեւար միշտ, յամր, համաչափ շարժում մը տալով ճարպի իր թանձր զրահին։ Դէմքին գիծերը, միսի լերկ յորդութեան մէջ գրեթէ հալած, կորսուած, բան մը չէին արտայայտեր. մինակ աչուըները, կսկիծոտ, շատ լացող, բարի հայ կնկան աչք, ցաւի, գորովի, պաղատանքի խոնաւ սեւեռանք մը ունէին, որմէ անկարելի էր չազդուիլ։ Գլուխը սեւ վարշամակի մը մէջ փաթթած էր , մինչեւ ճակատին կէսը, ականջներուն վրայ ծոծրակէն վար։ Լայն սեւ չփակ մը եւ շրջազգեստ մը հազիւ կը պարտկէին այդ մեծղի մարմինը։

Անոր քով բոլորովին տարբեր էր աղջիկը, ինչ պէս նրբուղէշ ուռի մը մեծաբուն կաղնիի մը քով։ Հիւանդոտ, դիւթիչ եւ սրտաճմլիկ աղուորութիւն մը ունէր ան։ Տժգոյն դէմքը այնքան նիհար, որքան մելամաղձօրէն հրապուրիչ, անթերի էր գծերուն մաքրութեամբը եւ անկեղծութեամբը։ Բայց հակառակ այդ տրտմալի նիհարութեան, սեւ ընքուիները անանկ գեղասլացիկ վրձինումով մը կը կամարնային յօնքային կարկառին վրայ, իր նշաձեւ ականողիքները՝ զարդարուած երկար թարթիչներով՝ այնպէս անունօրէն խորհրդալից, նուազկոտ, ճաճանչաւոր, շքեղ աչուըներ կը պատրաստէին, ու քիթը, անսգիւտ յարմարումով մը, այնպէս փափուկ էր եւ բաբախուն ռնդունքներով վերջաւորուած, ու շրթները որքան բարակ այնքան զգայնամոլ եւ համբուրաւէտ, այնպէս չքնաղ ճեղքուածք  մը կը յօրինէին այդ եզական դէմքին վրայ, զոր սեւ սաթի պէս շողափայլ, յորդելակ վասերու ջրվէժ մը կը շրջանակէր, որ՝ առաջին նայուածքով իսկ՝ անկարելի էր չյափշտակուիլ անով, դէպի անոր չմղուիլ բոլոր էութիւնովդ, կամքիդ, կորովիդ, լրջութեանդ փլչիլը չզգալ անոր նայուածքին առջեւ, անոր հոգիին դիւթական ցոլմունքներուն մէջ չշլանալ…

Անոր հանդէպ գթութիւններուն ամենէն փափուկը եւ զմայլանքներուն ամենէն անխառնը կ՚ապրէր։ Իր արտայայտութեանը մէջ գեղեցիկին ճառագայթը կար, բայց ցաւին վսեմ ու խորունկ կնճիռը նաեւ։ Իր շրթները՝ գգուանքի անուշ փոթով դէպի դուրս երկնցած ատեննին չէիր կրնար հասկնալ թէ անոնք հեշտութեա՞ն լարերուդ կը դպչէին թէ կարեկցութեան։ Ինչ ալ ըլլար զգացումը զոր կը ներշնչէր, առինքնող, յափշտակող, խենթացնող էր ան, եւ երբ երիտասարդը առաջին ակնարկի մը մէջ ամփոփեց այդ սքանչելի դէմքը, անմիջապէս զգաց հարուածին ծանրութիւնը, ու դողաց։

Հազիւ տասնըեօթը տարու էր, թէեւ նայուածքին տառապած խոհունութիւնը աւելի ցոյց կուտար։ Պարզ անսեթեւեթ կերպով էր հագուած։ Սեւ ու ճերմակ քառեակներով նկարուած տպախծոյէ պլուզա մը կը պարարկէր անոր նրբաձոյլ իրանը, լանջքին վրայ ցոյց տալվ խռովիչ յարոյցքը, որ անհամեմատ աճում մը ունէր բաղդատմամբ մարմնին նիհարութեանը։ Մէջքէն վար՝ նրբառէջ թելերով սպիտակ գոգնոց մը՝ մուսլինէ վէտվէտ ջուրքոմ, կ՚երկննար մինչեւ շրջազգեստին ծայրը, հազիւ ցուցնելով ոտքին բարակ պճեղները եւ գմբեթարդ մանր ոտուըները։ Արտասովոր աղքատութեան մէջ ճեգով պատրաստուած պարզ, աժան արդուազարդի մը հովը կար մանկամարդ աղջկան հանդերձանքին վրայ։ Սակայն, այդ արդուզարդը հիանալի դիւրութեամբ մը, շատ բնական ճկունութեամբ մը կրելու իր ձեւը կ՚ապացուցանէր թէ աւելի ճոխ, աւելի բարդ զարդարանքներ միշտ վայելցնող մարմին մըն էր որ պիտի ծածկէին։ Մազերը, գանկին վրայ յոյժ առատ, թեթեւ գանգրացումով մը ծոծրակին վրայ կը ժողվտուէին՝ թոյլ խառածոպ մը ձեւացնելով, ինչ որ իր մատղաշ աղջիկի երեւոյթին կնոջական շեշտ մը կուտար։ Ձեռքերը ճերմակ էին, նրբաւարտ մատուըներով մաշկին տակէն երակներուն կապոյտ ցանցը գծագրելով։

Խուցին մէջ, պահ մը մինակ գէր կնկան հեւքը լսուեցաւ։ Երիտասարդը, իր շուարումէն, կը յամենար բժիշկի վայել հարցումներն սկսելու։

Եւ նորէն կինն էր որ կացութեան թելը ձեռք առաւ.

Քուզում տոքթոր, ըսաւ աղաչանքով, քեզի ձանձրութիւն պիտի ըլլայ, աֆ կ՚ընես, ախճիկս ռհաթսըզութիւն մը ունի ամա ի՞նչ է չեմ հասկնար կար, ճար մը ընէիք, քուզում  տոքթոր։

Տոքթորը՝ ճշմարիտ բժիշկի մը լրջութեամբ աղջկան երեսը նայեցաւ, հետզհետէ մօտենալով, աչքին կոպերը զննեց, բազկերակը ձեռք առաւ։

Ի՞նչ է անհանգստութիւննիդ, օրիորդ, հարցուց հոգածու շեշտով մը։

Չեմ գիտեր, տոքթոր, ըսաւ աղջկան ձայնը անուշ երաժշտութիւն՝ որ տոքթորին թուքը կոկորդին մէջ ցամքեցուց։— Երբեմն գլխու պտոյտ կ՚ունենամ, քալած ատենս ծունկերս կը կտրտուին, ճաշերէ յետոյ մէկ երկու ժամ տեսակ մը նեղութիւն կը զգամ… վերջապէս ասոր նման բաներ։

Արշակ չէր ձգած աղջկան ձեռքը, եւ կեցած էր իր այցելուհիներուն դէմը, որոնք իր երեսը կը նայէին ինչպէս մէկու մը, ուրկէ կեանքիդ փրկութիւնը կը սպասես։

Քուզում տոքթոր, ճա՜ր մը, կ՚աղերսէր մայրը իր խժացող ձայնովը։ Քանի մը հէքիմներու տարի ֆայտա մը չտեսանք… աճապա չպիտի՞ աղէկնայ ախճիկս, կ՚աւելցնէր աղջկանը դառնալով կսկիծոտ ու անձկալից նայուածքով մը։

Հոգ մ՚ընէք, հանըմ, բան մը չէ, կ՚աղէկնայ, ապահովեց երիտասարդը։

Եւ յանկարծ, առանց գիտնալու թէ ի՛նչպէս, իր մէջ փոփոխութիւն մը զգաց ուսանողը. ճշմարիտ տոքթորի մ փորձութիւնը ունեցաւ, ուզեց վերջապէս ապրիլ գիտնականի պայմանադրական շարժումները, գործողութիւնները, կեանքը։ Վայրկեանի մը համար մոռցաւ իր բոլոր ամբարիշտ, վարնոց մտադրութիւնները, անկեղծ գիտնականի բոցովը բռնկեցաւ, ախտազննական լուրջ գործողութեան տագնապ մը վանեց իր մեղապարտ տրամադրութիւնները։ Լրջութեամբ մը, զոր միայն արուեստին հմայքովը յափշտակուած գործաւորը կ՚ուեննայ, ականջներու գործիքովը մօտեցաւ աղջկան եւ իսկոյն քակել տալէ յետոյ պլուզան, որուն տակէն մաքուր շապիկին մահկաձեւ ճեղքը երեւան հանեց լանջքին վերնամասը, սկսաւ մտիկ ընել, երկարօրէն, տեղի մը վրայ քանի մը վայրկեան յամենալով, գրեթէ ինքնամոռաց, այդ դիւթիչ մարմնին տեսքէն ու բոյրէն գինով, եւ յանկարծ նորէն բոլորովին մոռնալով իր լուրջ դիտումները, տիրական շարժմամբ մը բանալ տուաւ աղջկան ուսերը, կռնակը, եւ ա՛լ տենդոտ շարժումներով էր որ մերթ իր գործիքովը, մերթ գլուխը փակցուցած այդ մատղաշ իրանին ամէն կողմը, կռնամին, ուսերուն, ծոծրակին, ուսերուն, ստինքներուն, հետզհետէ անանկ արագութեամբ մը եւ կոյր թափով մը որ կը սարսռացնէր աղջիկը, շարունակեց իր քննութիւնը մինչեւ որ վերջապէս, այդ գրգռիչ շօշափումէն խելակորոյս, ետ քաշուեցաւ, կարծես ինքզինքը մղձառանջէ մը ազատելու պէս։

Մանկամարդ աղջիկը, որ երիտասարդ բժիշկին այդքան խանդաղատալի եւ շնչասպառ քնութենէն քիչ մը շուարեր էր, լայնն շունչ մը առաւ երբ ազատեցաւ անոր բազուկներէն, կոճկուելով, շտկուելով մինչ մայրը դիմացէն կը նայէր սքանչացմամբ մը, աչքերը միամիտ հրճուանքով մը լեցուած բժշկական անսգիւտ քննութենէն, որուն առարկայ եղած էր իր աղջիկը։

Ծանր բան մը չկայ, յայտարարեց երիտասարդը կատարեալ լրջութեամբ, բայց երկար ատեն դարմանի կարօտ է օրիորդը։

Աման, ճանըմ տոքթոր, տուն կիտես, աղերսեց նորէն մայրը, մէկ հատիկս է, աղէկցունես նէ ժամ շինած կ՚ըլլաս։

Հոգ մ՚ընէք, հանըմ, վախու բան չիկայ, օրիորդը պիտի աղէկցունեմ, կը խոստանամ։

Աստուած սիրտիդ կէօրէ՜ տայ, մաղթեց հէք մայրը, աչքերը ջերմեռանդօրէն ձեղունին յառած։

Հիմա, տոքթորը գրասեցանին առջեւ անցաւ, գանկը երկու ափերուն մէջ, կը մտածէր… Տակնուվրայ եղած էր։

Ու ինք որ կը սկսէր տեսնել չամաշրճի Էֆթիկին աղջիկը, անհեթեթ, տձեւ, ապուշ, տգեղ… Պահ մը կասկածեցաւ այդ մայրութեան եւ այդ աղջիկնութեան կապին վրայ, վերջապէս անբնական կը թուէր իրեն այդքան պաշտելի էակի մը այնքան թանձր մարմինէ մը գոյացած ըլլալը։ Եւ որովհետեւ հիմակունէ, ճակատագրական բան մը կը նախազգար, այդ հանդիպումին մէջ, դատելով այն բուռն ու փորաքանդակ տպաւորութենէն, զոր այդ հիւանդագինօրէն չքնաղ ու մելամաղձոտ աղջիկը թողած էր իր հոգիին ու մտքին վրայ, հարկ սեպեց ստուգել այցելուհիներուն ինքնութիւնը։

Օրիորդը ձեր աղջիկն է, այնպէս չէ՞, հարցուց կնոջ դառնալով։

Հա՛ ճանս, մէկ հատիկս է, որբ է, պատասխանեց մայրը իր միշտ լալկան ձայնովը, էս աս վուճուդովս տատեր մեծցուցեր էմ… խնտամ նէ անոր երեսէն պիտի խնտամ, Աման, ոտկդ պագնեմ, տոքթոր, թէզ աղէկցունէին. զէրէ դպրոցէն նոր էլաւ տիվալ կը պանի կոր, էհ, ի՛նչ ընենք, եավրում, միւհտաճ էնք…

Հոգ մ՚ընէք, հանըմ, շուտ պիտի աղէկնայ։

Արշակ, մտախոհ, ցնցուած այն գաղափարէն թէ այդ փափուկ ու չնաշխարհիկ արարածը թշուառութեան մէջ կը տուայտէր. մինչդեռ ապարանքներու փարթամութեանց արժանի էր, թուղթի մը վրայ սկսաւ բաներ մը գրել, դեղագիրը որ հիւանդին կեանքը պիտի փրկէր, վերակենդանացնել զայն։ Մնաց որ, իր շփոթութեանը, իր խռովքին մէջ, որեւէ կերպով չէր օգտուած այն քննութենէն, զոր կատարած էր աղջկան մարմինին վրայ։ Հասկցած էր սակայն թէ անիկա կազմական ընդհանուր տկարութիւն մը ունէր, հետեւանք անբաւական սնունդի եւ կեանքի ուրիշ ողբալի պայմաններու։ Այս իմաստով քանի մը զօրացուցիչ դեղեր գրեց։ Լմնցունելէ յետոյ՝ պայմանադրական բացատրութիւններէն մէկը տուաւ դեղագրին գործածման եւ սննդառութեան եղանակի վրայ։

Օրիորդ, անուննի՞դ։

Սոֆի։

Երիտասարդը, իր շլացման մէջ, ամբողջ դիւթութիւն մը գտաւ այս անունին մէջ։

Յետոյ ոտքի ելան անոնք, աղջիկը շնորհակալութեան բառեր մրմնջելով, մայրը ռամիկ սրտաբուխ մաղթանքներ կարդալով երիտասարդ տոքթորին յաջողութեանը համար։

Դեղը լմննալուն պէս օրիորդը նորէն բերէք, շտապեց ըսել Արշակ, երբոր անոնք սենեակէն դուրս կ՚ելլային։

Օխճ ըլլաս, զաւակս, Ասուած սիրտիդ կէօրէ տայ, պատասխանեց մայրը։

Դուրսը, փողոցին մէջ, մայր ու աղջիկ քալած ատեննին.

Սոֆի, կ՚ըսէր մայրը, մէկալ տոքթորները ասա՞նկ նայեցան… վո՜ւյ, ան ի՜նչ նայել էր, հոգով մարմնով, տակով վրայով, սանկ տիխադլը մը. թէվէքէլլի չէ քի կ՚ըսեն կոր քի պիրինճի հէքիմ պիտի ըլլայ… Աստուած պահէ, ան ընտոր ալ սիւլիւնի պէս տէլիխանլը է…

Մանկամարդ աղջիկը, որ ամիրայական ապարանքին խորհրդաւոր հանդարտութենէն, ճոխութենէն եւ մանաւանդ գեղեցիկ տոքթորին անձնուէր ու հոգածու վերաբերումէն բուռն կերպով ազդուած էր եւ մանկամարդ աղջիկի իր դեռ կոյս երեւակայութիւնը վառուած էր, մասնակից գտնուեցաւ մօրը զգացումներուն։

Մայրիկ, ա՛լ ինծի ուրիշ տոքթորի մի՛ տանիր, ըսաւ… ասկէց աղէկը կարելի չէ գտնել… կը զգամ կոր որ աս պիտի աղէկցունէ ինծի։

Անանկ է, ախճիկս, էս ալ անանկ ումմիշ կ՚ընեմ կոր։

֍ ֍ ֍

Այցելուհիներուն մէկնումէն յետոյ. Արշակ, գրեթէ խելակորոյս, ինկաւ այն աթոռին վրայ, ուր նստած էր հիւանդ աղջիկը։

Ան ի՜նչ աչուըներ էին, կը մրմռար։

Մինչեւ այդ տարիքը՝ ապրած կիրքերուն եւ տպաւորութիւններուն մէջ հիմակուանը բոլորովին տարբեր էր։ Կնոջ մը ներկայութեան չէր յիշեր կրած ըլլալ ատանկ ահեղ ցնցում։ Այն ցաւին տակ զոր կը զգար այդ չքնաղ երեւոյթը հեռացած տեսնելուն, դէպի սենեակին դուռը կը մղուէր, ետ կանչելու, ետ բերելու համար զայն նորէն։ Կը պտտէր ճակատը բռնած, ակնարկը թափառայած, խենթի պէս։

Ա՛խ, ան ի՜նչ աչուըներ էին։

Կը կենար աթոռին դէմը, տեսիլքը հոն բերելու համար երեւակայութեան ուժովը, կը վերաշինէր անոր գլուխր, սեւ, հրաշալի վարսերը, քիթը, բերանը, դէմքն ու աչուըները, մանաւանդ աչուըները, որոնք դեռ կը վառէին, կը նայէին կարծես հոն իրենց բիբերուն ածխային կայծկլտուքովը, իրենց սեւեռանքին ամբողջ դիւթանքովը, ու մատաղ, դիւրաբեկ, սլացիկ մէջքը. ժանեկազարդ գոգնոցը, փոքր ստուըները, որոնք գետինը կը կոխէին սանկ քիչ մը դուս դարձած, ամբողջութիւնը վերջապէս, մաքուր, խփծփուն, անսգիւտ, համբուրելի։

Կրած հոգեկան այդ յեղակարծ եւ անսովոր տանջանքը կը զարմացնէր զինքը։ Չամաշրճիին աղջիկը զոր տեսնելէ առաջ այնքան արհամարհեր էր, ի՞նպէս կրնար իր նայուածքին մոգականութեանը տակ միայն ատանկ գալարել, տախտապարել զինքը։ Հպարտութեան, ընդվզումի բուռն տագնապ մը ունեցաւ, ինք իր տկարութեանը դէմ ելաւ, եւ գօտեպնդելու համար բարոյական եւ ֆիզիքական ջախջախումի մը դէմ, որ կրնար տեղի ունենալ յափշտակութենէ մը, օգնութեան կանչեց, արթնցուց բոլոր իր չար, վատոգի, մեղաւոր, անարգ բնազդները, կրակ տուաւ իր ախտավարակ սլացքներուն, իր երեւակայութիւնը լեցնող, բռնկցնող անսգիւտ կոյսին հետ՝ հաճոյքի, առփանքի, գարշանքի վայրագ ու անասնական տեսարաններ երազեց։ Ատեն ատեն կը սթափէր սակայն իր ափրոտիդեան գալարմունքէն, աչքերը սեւեռած ճիշդ այն ուղղութեամբ, ուր շողացեր էին մանկամարդ աղջկան բիբերը, ու վերացած, շլացած, ջերմեռանգ.

Ո՛հ, աչուընե՜րը, աչուընե՜րը, կը մրմռար։

Մաման եկաւ վերջապէս ազատել զինքը իր ջղագալար տագնապներէն։ Կը  ճառագայթէր ան, վասնզի այլեւս արդարացած էին իրեն համար, բոլոր այն գիտական տէքոռները, որոնցմէ շրջապատուած կ՚ապրէր հիմա իր զաւակը եւ որոնք այնքան սուղի նստած էին իրեն։

Հիւանդը նայեցա՞ր, տոքթոր, հարցուց հպարտ ու պատկառոտ շեշտով մը։

Նայեցայ, մամա. շատ հէքիմներու տարեր է մայրը, օգուտ մը չէ տեսեր։ Ի՜նչ ալ աղուոր, շնորհքով աղջիկ, բնաւ չամաշրճիի մը աղջիկն է չես ըսեր, հիւանդութեանը պատճառն ալ աղքատութիւնն է, մե՜ղք, մե՜ղք…

Աման, զաւակս, աղէկցու որ աղէկ անուն մը հանես, պաղատեց մաման՝ միշտ իր սեւեռուած մտածումին գերի։

Ապահով եղիր, մամա։

Ու մաման, զմայլանքով տենեակին մէջտղը կեցած, ձեռնամած ջերմեռանդութեամբ մը, շուրջը կը դիտէր, բժշկական գործիքները, որոնք ապակեդարանին մէջ իրենց պողպատներուն մութ շողիւնը կը փայլեցնէին, մատենադարանը՝ գիտական մեծահատոր գիրքերով բեռնաւոր, ամբողջ բժշկական սարուածքը վերջապ՝ս տոքթորվը միասին, որ իր թաւիշէ բանուած գդակովը եւ կտաւէ պլուզայովը տէքոռը կ՚ամբողջացնէին։ Ասոնք հիմա կարծես նոր հմայք մը կ՚առնէին իր իբնոսացած աչուըներուն առջեւ. անոնց վրայ կը տեսնար ա՛լ մերձեցած փառքերուն ցոլմունքները, անհետացումը իր հոգեկան եւ նիւթական տուայտանքներուն, ամիրայական կեանքի այլապէս անուշ, հպարտ, պանծագին վերընձիւղումը։

Իր յափշտակութեանը մէջ, տարուած երեւակայութեան բարձրաթռիչ թեւերուն վրայ, որոնք մինչեւ «հէքիմ պաշի»ի առասպելին կը մերձենային, մէկէն ի մէկ աչուըները թրջած, խելայեղ, արբշիռ՝ իր ազազուն բազկացը մէջ սեղմեց զաւկին գլուխը, իր խոնաւ, կոյր, ապուշ գգուանքներուն տակ ծածկելով զայն, ճիշդ ինչպէս կ՚ընէր երբ ան տակաւին իր անկողնին մէջ, իր մայրական ծոցին վրայ կը քնանար։ Երիտասարդը տոկաց այդ անհանդուրժելի ողջագուրանքին, անկարելի ըլլալով զայն մերժել, կրեց ջղային այդ տագնապին թաց ու պլշկան շօշափումը բոլոր։

Զաւա՛կս, հոգի՛ս, կեա՛նքս…

Ու ան կը մտածէր միւսին վրայ, հիւանդ աղջկանը, անոր նուաղկոտ անհուն նայուածքին, որ իր սրտին մէջը իջեր էր ճաճանչաձեւ, լոյսով ու ջերմութեամբ պտտեր, ողողեր էր զայն։ Ակամայ զզուանքը, որով կը ցնցուէր հիմա մօրը գռեհիկ գգուանքներուն տակ, այս անուշ վերյիշումովը կը վանէր, ու կը համակուէր երանութեամբ մը մանաւանդ անոր համար հզօր եւ քաղցր, վասնզի աներկմիտ ապահովութիւնը կը զգար իր մագիլներուն մէջ բռնած ըլլալու այդ փափուկ աղաւնին, հակառակ անոր ապարդիւն եւ ոգեսպառ ոգորումներուն՝ անոր բովանդակ հեշտութիւնը, դիւթութիւնը, աղուորութիւնը մէ՛կ համբոյրի մը մէջ ծծելու, խմելու կարող…

Անխուսափելի Թադէոս աղան երեւցաւ իրիկուան, գլխի յաղթական օրօրոըմով, իր կատարած գործին գիտակցութեամբը հպարտ։

Եկա՞ն ա՛, ըսաւ վստահօրէն։

Եկան եկան, պատասխանեց տիկին Մարկոսեան գոհունակ շեշտով մը։

Աչուընիդ լո՛ւս, աս չէ՞ր ուզածդ, հանըմ։

Շնորհակալ եմ, Թադէոս աղա։

Չոր շնորհակալ եմով չլմննար աս գործը, հանըմ, վրայ բերաւ գանձապահը ծիծաղելով, տղադ բաթէնդլի հէքիմ ըրի, զիյաֆէթ մը իրաւունքս չէ՞։

Մէկ զիյաֆէթ չէ հարո՛ւր զիյաֆէթ, հաստատեց տիկին Մարկոսեան՝ իր ուրախութեանը մէջ ամէն բան տալու պատրաստ։

Իրիկուան սեղանին վրայ, որ այնքան զուարթ պիտի անցնէր՝ պարագային մեծութեանը պատճառաւ, դիտուեցաւ որ տոքթորը երազուն նայուածք մը ունէր, պատառները մեքենաբար կը մտնէին բերանը, չէր խօսեր բնաւ, եւ ատեն ձեռքը ճակտին վրայէն կ՚անցընէր մթին ու յամառ յաճախանք մը վանելու պէս։

Գանձապահը աչքով ընքուիով հանըմին հարցուց թէ ի՞նչ կար. հանըմը, չեմ գիտեր, պատասխանեց միեւնոյն ձեւով։ Թադէոս աղային բոլոր ջանքերը տոքթոր զուարթացնելու՝ ապարդիւն մնացին եւ ճաշը լմննալուն, առանց իսկ սրահ անցնելու, գլխու ցաւ մը պատրուակելով, քաշուեցաւ իր սենեակը, առանձնակի, ուզածին պէս խոկալու համար այդ օրուան այցելութեան վրայ. այդ տարօրինակ, անմոռանալի դէմքին վրայ եւ կրակ տալու համար իր երեւակայութեան, երազելու համար սանձարձակ ու անվրդով, հեռու մամային անձկոտ, հետազօտիչ, ակնարկէն եւ մանաւանդ ծերուկ գանձապահին վերլուծող, գուշակող, հասկցող չար նայուածքէն։

Միտքը վրդովող պատկերին թելադրութեանը տակ, ուսանողը, տեսակ մը գրգռման մատնուած, կը նստէր գրասեղանի առջեւ, որուն վրայ արոյրէ շքեղ բարձր լամբար մը իր յորդ լոյսը կը թափէր, կը թաղուէր լայն բազկաթոռին վրայ, գիրք մը կը բանար, այն վրանբաց վէպերէն մէկը, որոնք իր ըղեղին ու սրտին սնունդը կը կազմէին, քանի մը էջ կը կարդար առանց հասկնալու, երբեմն երկարօրէն կանգ առնելով տողի մը վրայ՝ առանց զայն տեսնելու, գանկը այրող կրակէն տանջուած. ու կը գոցէր գիրքը բարկութեան շարժումով մը, ոտքի կ՚ելլէր, կը պատէր, ձեռքերը ետին կապած, մերթ մինչեւ մատենադարանին անկիւնը երկննալով, ուր արծաթեայ շրջանակով հայելի մը կախուած կը գտնուէր պատէն. անոր մէջ կը զննէր իր դէմքը աչքերը սեւեռանքով մը, խարտեաշ պեխերը ոլորելով։

Երբեմն, սենեակին մէջտեղը տանգ կ՚առնէր յանկարծ, երկու ձեռքով ճակատը սեղմելով՝ անկէց յաճախանք մը վանելու համար կարծես կամ չձգտելու համար որ պայթի, աչքերը պարապին յառած տենդավառ խենթ անշարժութեամբ մը։

Աչքե՜րը, աչքե՜րը, կը հծծէր ակռաներուն մէջէն։

Դարձեալ կը նստէր, գրքին էջերը կը դարձունէր շուտ շուտ, կարծես անոր մէջ փնտռելու համար ինչ որ չէր գտներ, ինչ որ աչքերը կը փնտռէին պարապութեան մէջ ունայնօրէն։

Վերջապէս, անհանգիստ, սրտնեղ, նորէն ելաւ, պատուհան վազե՛ց, բացաւ զայն ու մինչեւ կէս մէջքը դուրս մութին մէջ ծռեցաւ, բիբերը խաւարին կպցուցած՝ անոր թանձրութեան մէջէն երթալ հասնելու համար ըղձացուած նպատակին, սովալլուկ շիկերէի մը պէս ռնգունքները շարժելով՝ գինովցնող բոյրի մը հետամուտ, զոր չէր յաջողեր ծծել։

Վարը կը տարածուէր ծառախիտ պարտէզը, յորդ ու արգաւանդ կանանչութեամբ։ Գարնան խորհրդապահ շշուկներ կը դողդողային մթութեան մէջ։ Ծղրիթ մը իր ողբը կը սուլէր, հեռուանց, անծանօթ թաւուտներու գաղտնիքին մէջէն։ Դէմը, գետակին ջուրերը կը փռուէին մութ շողիւններով, ակօսուած փոսփորի շողանցիկ արծաթաւորումներէն, զորս անձայն սահող նաւակներու թեւճակները կը յօրինեն։ Խորը, հորիզոնին ծոցէն, Էյուպի բլուրներուն սեւ պատը կը բարձրանար, անսահման վիթխարի վարագոյր՝ ցանցառ լոյսերով գնդասեղուած։ Եւ այդ մթին խաղաղութեան վրայ կը հեւար բնութեան դանդաղ, հզօր, ահեղ շնչառութիւնը, հեռաւոր հեզ սլւըլիւն մը մերթ. թոքապատառ ցաւատանջ հառաչանք մը երբեմն։

Ու երիտասարդը, որ քիչ անգամ գարնան մրափող գիշերներու խաւարչոտ ու խորունկ բանաստեղծութիւնը վայելելու մարմաջ ունեցած էր, այդ գիշեր երկարօրէն մնաց հոդ, մինչեւ կէս մէջքը պատուհանէն դուրս, անսովոր ու անծանօթ հեշտութիւն մը արբենալով բնութեան այդ հեւացող մրափէն, որուն անբացատրելի խորհուրդը, հմայքը այնքան սերտօրէն, այնքան ուժգնօրէն կը հաղորդուէր հիմա իր ալեկոծուած հոգիին։

Բայց ահա յանկարծ իր թափառայած ակնարկը կանգ առաւ մթութեան համապարփակ յատակին վրայ, լայնաբիբ, անշարժ. երկու լոյսեր կը շողային հոն, յափշտակող ճառագայթումով մը, կարծես բնութեան աչուըները որ մէկէն ի մէկ բացուէին ու իրեն նայէին։

Ան թօթվըւեցաւ, հեւաց, դողաց։

Ու հառաչանք մը ժայթքեց կուրծքէն.

Աչուընե՜րը…