Զ.
Այդ
միջոցներուն,
զարմանալի
բան
մը
դիտուեցաւ
Հ…
գիւղին
մէջ։
Համբիկ,
ձկնորս
Թումիկին
տղան,
որ
երկու
տարիէ
ի
վեր
խենթի
մը
պէս
ծովեզերքները
ու
լեռները
կը
թափառէր
կիսամերկ
ու
բոկոտն,
Համբիկ
զոր
ամէն
մարդ
գրեթէ
բոլորովին
մոռցեր
էր,
օրին
մէկը
Հ…
գիւղին
փողոցներուն
մէջ
տեսնուեցաւ,
վրան
գլուխը
շէնք
շնորհք,
նոր
աղուոր
հագուստներ
հագած,
գլուխը
ֆէս,
մազերը
կարուած
յարդարուած,
ոտքերը
նոր
նոր
կօշիկներ,
ու
ինքն
ալ
առաջուան
խոլոր
մոլոր
կերնարամքէմ
շատ
հեռու,
լուրջ
ու
գիտակից
նայուածքով
մը,
կորովի
երեւոյթ
մը
առած
իր
երկամեայ
լեռնային
թափառական
կեանքէն։
Շատեր
վարանեցան
զինքը
ճանչնալու,
իր
ինքնութեանը
հաւատալու,
բայց
վերջապէս
ատանկ
փոքր
շրջանակի
մը
մէջ
անհատներու
ինքնութիւնը
ստուգել
դժուար
բան
մը
չէր։
Արդէն
կարծես
իր
առաջ
բերած
այդ
զարմանքին
գիտակցութիւնը
ունենալու
պէս,
Համբիկ
շուտ
շուտ
կը
քալէր
ճամբան,
առանց
չորս
դին
նայելու,
առանց
մարդոց
աչքերուն
հանդիպելու,
գուցէ
վախնալով
որ
կը
հարցապնդուի
անհամբեր
եւ
կոշտ
հետաքրքիրներէ։Յետոյ,
մանաւանդ
որ,
Գտրա-Աղաճի
ձկնորսները
իրենց
խենթը
սկսան
փնտռել,
անոր
ասոր
հարցնել,
վասնզի
անիկա,
այն
օրէն
ի
վեր
ուր
մայր
մը
ու
աղջիկ
մը
եկած
զինքը
փնտռած
էին,
ա՛լ
երեւան
չէր
ելած։
Ձկնորսները
նախ
կարծած
էին
որ
արկածի
մը
զոհ
գացած
կամ
անձնասպան
եղած
էր։
Վերջէն
երբոր
իմացան
թէ
խենթութենէ
հրաժարած
էր
ան
ու
պատուաւոր
ու
շնորհքով
քաղաքացիի
մը
կերպարանքին
մէջ
մտած
նորէն,
սկեպտօրէն
գլուխնին
օրօրեցին։
—
Ի՛նչ
ըսաւ
նէ
ան
ասվածամարը
ըրաւ,
ըսաւ
ծերունի
ձկնորսը
Ղազարին։
—
Մեզի՛
ինկած
չունի
ատանկ
ասվածամար
մը.
խենթերուն
բախտը
պաց
է,
խորհրդածեց
Ղազար
տխրութեամբ։
Յետոյ,
աւելի
զարմանալի
բան
մը
իմացուեցաւ
Հ…
գիւղին
մէջ,
թէ
Համբիկ,
զգաստանալէն
եւ
շնորհքովնալէն
ի
վեր,
գրեթէ
ամէն
օր
Մարկոս
ամիրային
ապարանքը
կ՚երթար
կուգար.
եւ
նոյնիսկ
ըսողներ
կային
թէ
անիկա
գիշերներն
ալ
կոն
կ՚անցնէր։
Ճակատագրականօրէն,
եւ
անյիշատակ
ատեններէ
ի
վեր,
այդ
ապարանքը՝
տարի
պիտի
չանցնէր
որ
հանրային
հետաքրքրութիւնը
եւ
խծբծանքը
իր
վրայ
հրաւիրելու
եւ
արծարծելու
առիթ
մը
չընծայէր։
Վերջին
անգամ
տոքթորին
մեկնոըմէն
յետոյ,
անոր
շուրջը
ըսի-ըսաւներ
հազիւ
քան
երբեք
ուժգնութեամբ
կը
վերսկսէին՝
անհեթեթ
համեմատութիւններ
ստանալով
չարաժէտ
երեւակայութիւններու
ճիգին
տակ։
Եւ
սակայն,
ինչպէս
ուրիշ
առթիւ,
այս
անգամ
ալ
ամիրայական
ապարանքին
պետերը
խուլ
մնացին
արտաքին
այդ
մեծաշռինդ
վայրահաջութիւններոն,
ու
անոր
բնակիչները,
անոր
անմատչելիութեանը
մէջ
ապաստանած,
շարունակեցին
ապրիլ
կեանքը
իր
խաղաղ
եզերականութեամբ,
թողլով
որ
իրենց
շուրջը
մոլեգնող
այդ
ալիքները
քիչ
քիչ
վերստանան
իրենց
անդորրոըթիւնը։
Ինչ
որ
սակայն
քանի
մը
օրուան
մէջ
տեղի
ունեցեր
էր
հոն
առանց
աղմուկի
եւ
իրարանցումի,
սովորական
բան
մը
չէր
իսկապէս։
Ծովեզերքի
տեսակցութեան
հետեւեալ
օրն
իսկ,
Սոֆիի
նիստուկացին,
ապրելակերպին
մէջ
արտասովոր
փոփոխութիւն
մը
առաջ
եկած
էր։
Մէկէնիմէկ
առաջուան
աշխուժ,
զուարթ,
երջանիկ
աղջիկն
էր
եղած։
Գորովալից
ու
հոգածու
գուրգուրանքով
մը
նորէն
սկսած
էր
շրջապատել
ամիրային
աղջիկը,
որ,
այս
յանկարծական
փոփոխութեան
վրայ
զարմանալով
հանդերձ,
ինքզինքը
լուռ
ու
մունջ
յանձնած
էր
խանդաղատանքին
այս
նորօրինակ
պոռթկումին,
կուրօրէն,
անձնահաճօրէն։
Ապարանքին
լուռ
սրահներուն
մէջ
աղջկան
նեղադաշնակ
ձայնին
ելեւէջները
թռթռացին
նորէն.
ու
խոհանոցին
մէջ՝
վշտահար
լուացարարուհին
խաչեր
հանեց,
աղօթքներ
ըրաւ,
փառք
տալով
Աստուծոյ,
իր
զաւկին
վրայ
առաջ
եկած
այս
փոփոխութեան
համար։
Ամիրային
տունը
նորէն
սկսաւ
հեծել
աղուոր
աղջկան
անուշ
տիրապետութեան
տակ,
որուն
առաջին
պտուղը
իսկոյն
երեւան
եկաւ։
Սոֆի
երկու
բառով
համոզեց
հանըմը
որ
Խաչօն
հայրենիք
ղրկուելու
էր
այլեւս։
Հանըմը
հաւանեցաւ։
Գաւառացին
երբ
այս
լուրը
իմացաւ
Սոֆիի
բերնէն,
ուրախութենէն
անոր
ճիտը
պիտի
պլլուէր…
բայց
չպլլուեցաւ.
մինակ
օդին
մէջ
այդ
խելայեղ
ժեստդը
գծեց,
առանց
գործնականի
դիմելու։
Տասը
տարիէն
աւելի
էր
որ
իր
հայրենիքի
արեւը
չէր
տեսած։
Երկրախտի
նշանները
մէկէ
աւելի
էին
իր
վրայ
շատոնց
ի
վեր։
Եւ
ա՛լ
ձանձրացած
զզուած
էր
ամիրայի
ապարանքին
լճացած
ու
տխուր
կեանքէն։
Իսկոյն
կապեց
իր
պայուսակը,
կլորիկ
պարգեւ
մը
ստացաւ
հանըմէն
եւ
ամէնուն
ալ
ձեռքը
պագնելէն
ետքը
մեկնեցաւ
գնաց,
երդում
ընելով
անգամ
մըն
ալ
ամիրայի
տուն
ծառայութեան
համար
ոտք
չկոխել,
եւ
մասնաւորապէս
Մարկոս
ամիրային
տունը։
Խաչօ
երբոր
մեկնեցաւ,
Սոֆի
թույատուութիւն
խնդրեց
հանըմէն
տանը
մէջ
ծառայութեան
առնել
իր
ազգականերէն
շա՛տ
պարկեշտ
եւ
շատ
ազնիւ
երիտասարդ
մը,
որ
ամէն
կերպով
օգտակար
պիտի
ըլլար
իրենց։
Ասոր
ալ
հաւանեցաւ
տիկին
Մարկոսեան,
առանց
ամենապզտիկ
առարկութիւն
մը
իսկ
ընելու։
Ու
Համբիկ,
Սոֆիին
ազգականը,
ամիրայի
տունէն
ներս
մտաւ։
Հանըմը
առաջին
անգամ
զանիկա
տեսնելուն՝
նպաստաւոր
տպաւորութիւն
մը
կրեց
երիտասարդին
տխուր
ու
հեզ
նայուածքէն։
Մնաց
որ
Համբիկին
կերպարանքը
հիմնովին
փոխուած
էր։
Իր
ձկնորս
բարեկամները
հիմակ
չպիտի
ճանչնային
զինքը։
Մազերը
կտրուած
սանտրուած,
նոր
հագուստներ
տոքթորին
հանդերձարանէն
դուրս
հանուած,
կը
ծածկէին
անոր
մարմինը։
Մինչեւ
իսկ
կեղծօրէն
եւ
փողկապ
ունէր։
Եթէ
ոչ
առաջուան
Համբիկը
բոլորովին,
բայց
անոր
մօտ
բան
մը
եղած
էր
վերջապէս։
Ինքը
այս
արագ
եւ
յանկարծական
փոփոխութեան
ենթարկուած
էր
գրեթէ
մեքենքաբար,
խօսքմռուկ
տղու
մը
պէս
հնազանդելով
իրեն
ուղղուած
հրամաններուն՝
Սոֆիին
կողմէ։
Այս
վերջինին
անակնկալ
եւ
շանթահարիչ
երեւումը
ցնցում
մը
յառաջ
բերած
էր
երիտասարդին
մէջ,
անոր
հոգիին
ու
մտքին
վրայ
թանձրացող
ամպը
մէկէն
փարատելով,
ու
իր
հմայքին,
դիւթանքին
գինովցնող
ներարկումովը
իբնոսացնելով
անոր
բովանդակ
էութիւնը։
Մթին
յուսահատութեան
անդունդէն
ուր
գլորած
էր,
յանկրած
լոյս
աշխարհ
ելած
էր
մերժուած
սիրահարը։
Բժշկուած
էր,
ինչպէս
մեծ
յուզումները
կրնար
բուժել
հոգեկան
հիւանդութիւնները,
որոնք
կ՚անցնին
կ՚երթան
այն
սաստկավար
հեղեղներուն
պէս,
որ
կանանչ
աղուոր
գալարավայրերու
մէջէն
անցնելով
յերկ
ու
խորունկ
ակօս
մը
կը
փորեն
աւազի
ու
խիճերու
թանձր
սիկ
մը
թողլով։
Ետքէն
գալիք
հեղեղները
ա՛լ
ատկէց
կը
վազեն
կ՚երթան
իրենց
յարմար
անկողին
մը
գտած
ըլլալով։
Բժշկուած
էր
Համբիկ,
բայց
պարապ
բան
էր
այլ
եւս
անոր
մէջ
փնտռել
առաջուան
սիրահարը,
հզօր
եւ
վսեմ
ձգտումներու
ընդունակ,
Ռօմէական
յափշտակութիւններու
ծարաւի։
Հիմակ
հանդարտ
ու
մլտածուած
բան
մը
ունէր
իր
մէջ,
անծանօթ
ու
երկարօրէն
բաղձացուած
բանի
մը
մասին
հետաքրքրուիլ
մը,
բարոյական
ապաքինումի
առաջին
ուժգին
փուլերը
ապրելէն
ետքը։
Իր
պաշտած
աղջկան
զղջանքի
սրտաշարժ
ու
աղերսարկու
պոռթկումները
ներոլամտութեան
անուշ
ու
բարերար
սարսուռներ
պարգեւած
էին
իրեն։
Առջի
սիրոյն
խնկալի
ու
քաղցր
վերյիշումը՝
ապրուած
յուզումներուն
մանրամասնութիւնները՝
գիտակից,
կամաւոր
ու
փնտռուած
վայելումի
մը
տարտամ
ու
պղատոնական
կամէութեան
կը
մղէր
զինքը։
Առջի
սիրոյ
մեծութիւնէն
հիմա
կը
շլանար
ինքը,
անոր
կարօտովը
կը
չարչարուէր,
բայց
զանիկա
այլեւս
այնքան
անարատօրէն
չկարենալ
ապրելուն
կ՚ափսոսա՜ր
ալ։
Չէ՛,
ալ
անիկա
առաջուան
Համբիկը
չէր,
կեանքին
կապուած
ազնիւ
ու
գորովալի
փարումով
մը,
ապագայի
աղուոր
ծրագիրներ
որոճալով։
Յաղթանակին,
զոր
հիմա
իր
տիրապետումին
տանիլ
կ՚ուզէր
իր
կրած
անագորոյն
պարտութիւններուն,
յուսախաբութեան
ու
անպատւումի
արդար
փոխվրէժին
համար՝
նա՛խ,
եւ
յետոյ
յամեցած
խղճահարութեան
մը
խայթերը
դադրեցնելու
համար։
Այս
վիճակը
գաղտնիք
մը
մնաց
անշուշտ
տղուն
համար,
որ
աղջկան
շուարեցնող
զգետնող
կախարդանքի
ոլորտին
մէջ
բռնուած
նորէն
կարող
չէր
մատը
դնել
բուն
իրականութեան
վրայ։
Հիմա
նոր
կեանք
մը
սկսած
էր
իրեն
համար
յանկարծ,
ան
զոր
ատենօք
այնքան
փնտռած
էր
ունայնօրէն
եւ
որ
հիմա
այնքան
դիւրութեամբ
կը
ներկայացուէր
իրեն։
Սոֆի,
բարոյական
գոհացումին
հետ
իր
առողջութիւնն
ալ
վերագտաւ։
Գոյն
եկաւ
երեսը։
Բաբախումները
դադրեցան,
անսովոր
կորովի
մը
հեշտութիւնը
զգաց
մարմնին
մէջ։
Հաճոյք
մը
եղաւ
իրեն
իր
սիրահարը
շրջապատելով
երկարոգի
հոգածութեամբ
մը,
հետաքրքրուելով
անոր
ամենայետին
պէտքերուն
տղու
մը
պէս
գգուելով
զայն։
Անոր
համար
սենեակ
մը
յարդարեց,
հանգստութեան
ամէն
պայմաններով։
Անոր
տրամադրութեան
տակ
դրաւ
խել
մը
առարկաներ,
որոնք
տոքթորին
ծառայած
էին
ժամանակին։
Տանը
մէջ
անոր
վարկը
բարձրացնելու
համար,
թոյլտուութիւն
խնդրեց
հանըմէն
որ
անիկա
շատ
անգամ
ներկայ
գտնուէր
սրահը,
իրենց
հետ
մէկտեղ։
Նոյնիսկ,
հանըմին
ներողամտութիւնը
այնքան
առաջ
գնաց
որ
սեղանին
ալ
անոր
մասնակցութիւնը
անհեթեթ
բան
մը
չնկատուեցաւ։
Քիչ
քիչ,
ամիրային
ապարանքին
մէջ
Համբիկ
ճամբուած
Խաչօյին
յաջորդն
էր
պարզապէս։
Պտոյտներու
համար
դուրս
ելլալնուն՝
Համբիկ
ընկերացաւ
իրենց,
ոչ
թէ
ծառանուն
պէս
ետեւնէն
քալելու
համար,
այլ
տիկինին
քովն
ի
վեր,
անոր
հետ
խօսակցելով։
Սոֆի
կամաց
կամաց
վերսկսաւ
այն
կեանքը,
զոր
տոքթորին
հետ
կ՚ապրէր,
խզումէն
առաջ։
Անկեղծօրէն
ամէն
բան
խոստովանեցաւ
Համբիկի։
Ամբողջ
արհաւիրքովը
երեւան
հանեց,
մանրամասնեց
ոճիրը,
զոր
ամիրային
թոռը
գործած
էր
իր
վրայ,
իր
մեղսակցութեամբը։
Տղան
մտիկ
ըրաւ
այս
արիւնալի
բաները,
բռունցքները
սեղմած
լռիկ
ու
հանդարտ
սոսկումով
մը։
Սոֆի,
իր
տկարութեան
եւ
անգիտակցութեան
այդ
ամօթալի
դրուագը
ամէն
անգամ
յիշելուն,
տղուն
ոտքերուն
կ՚իյնար
պաղատալից.
—
Ներէ՛,
Համբիկ,
ներէ,
սխալեցա՜յ…
Ու
Համբիկ
ինքն
ալ,
սարջանքի
այս
սրտշարժ
ու
լալագին
արտայայտութիւններէն
տարուելով,
իր
խեղճ,
հարստահարուած
ու
պատժուած
բարեկամուհիին
կը
փարէր,
կը
սրբէր,
կը
խմէր
անոր
արցունքները,
եւ
անոր
մեծ
ցաւը
ամոքելու
համար
իր
ապրած
անբացատրելի
տառապանքը
իբրեւ
զուգակշիռ
կը
դնէր
անորին
ու
ամէն
բան
փոխարինուած,
ամէն
բան
մաքրագործուած,
վերջացած
կը
յայտարարէր։
Ապարանքին
մէջ
երիտասարդին
ներկայութիւնը
բոլորովին
արդարացնելու
համար,
մասնաւորապէս
հանըմին
աչքին
Սոֆի՝
Մարկոսեան
կալուածներուն
տեսչութեան
պաշտօնը
Համբիկին
յանձնել
տուաւ,
որով
այս
վերջինը
արժանաւոր
յաջորդը
եղաւ
հանգուցեալ
երջանկայիշատակ
Բարթող
աղայի։
Այս
պարագային
շնորհիւ,
նիւթական
ամենամեծ
դիւրութիւններ
վայելելով
երկու
սիրահարները
ուզածնուն
պէս
սկսան
սպասել,
փայփայելով
հանդերձ
սրտմտութիւնը
ու
զառամականութիւնը
ամիրայի
աղջկան,
որուն
տիրական
զբաղումն
էին
հիմա
զաւկէն
եկած
նամակները,
զորս
գիշեր
ցորեկ
կը
փայփայէր,
կը
կարդար,
կը
համբուրէր,
կը
ծրարէր,
անոնց
պարունակութիւնը
գոց
սորվելով
ու
դիմացը
ելլողին
զրուցելով
մտացածին
գիւտերու
եւ
առասպելական
բրօֆէսէօրներուն
խառնափնթոր
այդ
պատմութիւնները։
Ա՛լ
հիմա
ջղային
ու
հոգեկան
անդորրութիւն
մը
կը
վայելէր
լուացարարուհիին
աղջիկը։
Վրէժխնդրութեան
կրակէն
զօրացած
ճիգով
մը
վիճակ
մըն
էր
ստեղծած,
որ
անիրականալի
կը
թուէր
իրեն
առաջ։
Ատանկ
ուրեմն,
այն
տեղին
մէջն
իսկ
ուր
իր
միամտութիւնը,
անկեղծութիւնը,
իր
է՛ն
նուիրական
զգացումները
գիտակցօրէն,
եղեռնականօրէն
սրբապղծուած
ու
շահագործուած
էին,
հոն,
ամիրայական
շուայտութիւններու
եւ
ապականութիւններու
այդ
լուռ
եւ
տխուր
պադկանդարանին
մէջ՝
իր
էգ
վագրի
խոցոտուած
սրտին
վէրքերը
դարմանելու
լայն
եւ
անքոյթ
ազատութիւնը
կը
տրուէր
իրեն։
Եւ
ոճրագործին
հեռաւորութենէն
ու
տան
մէջ
իր
հեղինակաւոր
անվտանգ
ազդեցութեան
գիտակցութենէն
քաջալերուած,
յորդորեց
հանըմը
որ
գրէ
իր
զաւկին
ինչ
որ
տեղի
կ՚ունենար
ապարանքին
մէջ,
հոն
տեղաւորուած
նորեկի
մասին,
անանկ
ոճով
մը
ու
շեշտով
մը,
որմէ
ինք
վստահ
էր
որ
տոքթորը
պիտի
կրնար
կռահել
ամբողջ
կացութիւնը։
Համբիկի
գրկին
մէջ,
աղջիկը
հեռուէն
կ՚ըմբոշխնէր
բովանդակ
անուշութիւնը
այն
կսկծալի
կատաղութեան
զոր
տոքթորը
ապահովապէս
պիտի
զգար
նամակին
հոգիին
թափանցելուն։
Եւ
ինչպէս
որ
կը
սպասէր,
փոթորկալից
պատասխան
մըն
է
հասաւ
Փարիզէն։
Տիկին
Մարկոսեան,
դողդղահար,
Սոֆին
կանչեց,
կարդացնելու
համար
նամակը։
Աղջիկը
կարդաց
զայն,
կամաց
կամաց,
իւրաքանչիւր
բառին
մէջէն
հրճուանք
մը,
հեշտութիւն
մը
ծծելով,
իր
նպատակին
անվրէպ
զարկած
ըլլալու
երջանկութենէն
արբշիռ։
Տոքթորը
ուժգնօրէն
կը
յանդիմանէր
մայրը՝
առանց
իրեն
գիտակցութեանը
տունէն
ներս
մարդ
մը
առած
ըլլալուն,
եւ
այն
ալ
յանձնարարութեամբը
Սոֆիին
«որուն
բարոյականին
մասին
ինք
պատճառներ
ունէր
կասկածներ
սնուցանելու»։
Եւ
կը
ստիպէր
մայրը
որ
իսկոյն
հեռացնէ
այդ
նորեկը
ամիրային
ապարանքէն,
«անոր
պատիւը
չաղարտելու
համար
իր
բացակայութեանը»։
Սոֆի
լմնցնելէ
յետոյ,
առանց
յայտնելու
իր
զգացած
անսահման
գոհունակութիւնը,
հանըմին
խոստովանեցնել
տուաւ
տոքթորին
կասկածներուն
որքան
անտեղի
եւ
անիրաւ
ըլլալը,
եւ
խօսք
առաւ
անկից
որ
պիտի
գրէր
զաւկին՝
անոր
սխալ
դատումները
ջրելու
եւ
երկիւզներուն
անհեթեթութիւնը
անոր
զգացնելու
համար
յստակօրէն։
—
Դուն
հոգդ
մ՚ըներ,
աղջիկս,
ըսաւ
հանըմը,
ես
խօսք
կը
հասկցունեմ
տոքթորին.
կ՚ըսեմ
որ
շատ
շնորհքով
տղայ
մըն
է
Համբիկ։
Այս
մասին,
այնուհետեւ
ա՛լ
բնաւ
խնդիր
չեղաւ։
Այդ
տան
մէջ
Համբիկի
ներկայութեանը
դէմ
մեծագոյն
արգելքը
վերջացած
էր։
Հետեւապէս,
աշխարհային
իրերու
մէկ
անհասանելի
դարձուածքովը,
հանգուցեալ
ձկնորս
Թումիկին
զաւակը
ամիրայական
ապարանքի
մը
բնակիչը
կ՚ըլլար,
բան
մը,
որուն
իրականացումին
երջանկայիշատակ
ձկնորսը
իր
կենդանութեանը
երբեք
չպիտի
ուզէր
հաւատալ,
տրուած
ըլլալով
իր
ամիրայամոլութեան
ատանկ
մէկ
փառապանծ
վախճանի
մը
յանկելուն
անկարելիութիւնը։
Բայց
հոգ
չէ՛,
խեղճ
ձկնորսին
գոնէ
հոգին
պիտի
ցնծար
հիմա
անդէնին
մէջ,
ու
պիտի
հպարտութեամբ
մը
ողջունէր
Մարկոս
ամիրային
տժգոյն
հոգին,
եթէ
դիպուածով
անոր
հանդիպէր
հոն։
֍
֍
֍
Եւ
օր
մըն
ալ,
տիկին
Մարկոսեան,
թեւերը
խենթի
պէս
երերցնելէն,
ձեռքը
բաց
նամակ
մը,
Սոֆիին
սենեակը
վազեց
աճապարանքով։
—
Տոքթորը
կուգա՜յ
կոր,
կը
կաղկանձէր,
դողէ
ու
հրճուանքէ
թրթռացող
իր
պառուած
ճռզած
ձայնովը։
Սոֆի
եւ
Համբիկ,
որ
դէմ
դիմաց
նստեր
էին՝
երջանիկ
ու
գոհ
մտերմութեան
կեցուծաքի
մը
մէջ,
ափիբերան
իրարու
երես
նայեցան։
Կայծակը
—
ինչպէս
կ՚ըսէ
դարաւոր
հասարակ
տեղիք
մը
—
աւելի
զահանդեցուցիչ
չպիտի
ըլլար
այդ
խեղճերուն
համար,
եթէ
հոն
առջեւնին
պայթէր
յանկարծ։
Եւ
հանըմը,
որ
իր
խելագար
յափշտակութեանը
եւ
անպարագիծ
ցնծութեանը
մէջ՝
ուրախութեան
գորովալից
պոռթկումի
մը
կը
սպասէր,
իր
աւետաբերի
լուսնոտ
ու
յիմար
ժեսդին
մէջ
սառեցաւ
մնաց՝
զարնուելով
այն
սարսափահր
անտարբերութեան,
որ
իրեն
ցոյց
կը
տրուէր
այդպէս
ամիրայական
այդ
երկու
բարերարեալներուն
կողմէ։
Բայց
Սոֆի
շուտ
սթափեցաւ
իր
զահանդումէն.
իսկոյն
նշմարեց
ծիծաղելի
ու
նախատիչ
կացութիւնը
զոր
իրենց
սառն
վերաբերմունքը
ստեղծած
էր
հանըմին
համար,
անոր
խօլ
ու
ցնծալի
աւետումին
առթիւ։
—
Աչուընիդ
լոյս,
հանըմ,
ըսաւ
ոտքի
ելլելով,
շրթներուն
թոթովանքը
հազիւ
պարտկելով
իր
ներքին
փոթորիկը
չյայտնելու
գերմարդկային
ճիգերէ
տանջուած։
«Աչուընիդ
լո՛ւս,
հանըմ,
կրկնեց
փութկոտօրէն
անոր
մօտենալով,
ե՞րբ
պիտի
հասնի,
արդէն
ճամբայ
ելա՞ծ
է։
—
Այո՛,
պատասխանեց
ամիրային
աղջիկը՝
իսկոյն
նորէն
յափշտակուած
իր
ներքին
հրճուանքին
խենթութեամբը,
ա՛ռ,
կարդա՛
նամակը…
տոքթորը
քանի
մը
օրէն
հոս
է…
Աղջիկը
առաւ
նամակը
—
մինչ
Համբիկ
կը
շարունակէր
ապշահար
հանդիսատեսը
ըլլալ
այս
եղելութեան
եւ
աչք
մը
նետեց
նամակի
այդ
մանր
ու
հոտաւէտ
թուղթին
վրայ,
որ
քանի
մը
կարճ
տողեր
միայն
կը
պարունակէր։
«Սիրելի
մամաս,
Քու
կարօտդ
կը
ստիպէ
զիս
պահ
մը
ընդհատել
հոս
ունեցած
գործերս
ու
գալ
գիրկդ
նետուիլ։
Այս
նամակը
թղթատարին
յանձնելէս
երկու
օր
ետքը
ճամբայ
կ՚ելլամ։
Ինծի
կ՚ընկերանայ
Փարիզի
նշանաւոր
բժիշկներէն
տոքթոր
Ֆրուասարի
աղջիկը,
օրիորդ
Ամէլի
Ֆրուասար,
որ
կը
փափաքի
Պոլիսը
տեսնել։
Շատ
կ՚աղաչեմ,
սիրելի
մամաս,
օրիորդին
համար
աղուոր
սենեակ
մը
պատրաստել
տուր,
վասն
զի
որչափ
ատեն
որ
Պոլիս
մնայ,
ստիպուած
եմ
հիւրասիրել
զինքը։
Սիրով
ու
կարօտով
կը
համբուրեմ
քեզ։
ԱՐՇԱԿԴ»։
Ու
Սոֆի՝
աչքերը
այդ
մանդ
ու
տարտղնած
գիրերուն
յառած՝
կը
յամենար
կարծես՝
անոր
իմաստը
ըմբռնելու,
չուզելով
բաժնուիլ
այդ
ընթերցումին
անորոշ
բայց
ահեղ
տպաւորութենէն
զոր
կը
կրէր,
անոր
հետեւելիք
դէպքերուն
վախովը
համակուած։
—
Չե՞ս
կրնար
կոր
կարդալ,
կը
հարցնէր
հանըմը,
անոր
դէմը
կեցած,
անոր
դէմքին
վրայ
ջանալով
կարդալ
ա՛յն
տպաւորութիւնը
զոր
կը
սպասէր
որ
արտայայտէր
ոեւէ
մարդ
որ
ատիկա
կարդալու
բախտը
ունենար։
—
Կարդացի
հանըմ,
ըսաւ
Սոֆի,
թուղթը
անոր
կարկառելով…
—
Օրիորդ
Ամէլիին
սենեակը
շուտով
պատրաստենք,
Սոֆի,
վրայ
բերաւ
տիկին
Մարկոսեան.
երկու
օրէն
հոս
են…
—
Պատրաստենք,
հանըմ…
Ու
հանըմը,
որուն
աչուըները
նորէն
ու
նորէն
այդ
աւետաբեր
թուղթին
վրայ
կը
դառնային,
ուրախ
զուարթ
դուրս
ելաւ
սենեակէն,
իր
մանուկի
յափշտակուած
խենթութենաը
մէջ
չտեսնելով
հարուածը
զոր
տուեր
էր
իր
զաւկին
այդ
երկու
զոհերուն։
Անոնք,
անխօսուկ,
հիմա
իրարու
կը
նայէին,
զգացումնին
բանաձեւելու
անկարող,
ստեղծուած
այդ
յանկարծական
ու
անորակելի
կացութեան
առջեւ
ի՛նչ
ընելիքնին
չգիտնալով։
Համբիկ,
որուն
տխրանուշ
աչուըները
ցաւագին
յուսահատութեամբ
կը
յառէին
Սոֆիի
աչուըներուն,
վերջապէս
աղջկան
մօտեցաւ։
—
Սոֆի,
ըսաւ
նուաղած
ձայնով
մը,
ես
կը
մեկնիմ։
Սոֆիին
աչուըները
արցունքով
լեցուեցան։
Յուզումէն՝
չէր
կրնար
բան
մը
ըսել։
Որքա՜ն
քիչ
տեւած
էր
իրենց
երջանկութիւնը։
Տարիներէ
ի
վեր
իրենց
ճակատագիրը
վրդովող
այդ
սեւ
ոգին
ահա
նորէն
կը
հասնէր
կուգար։
Արդէն
իրենց
շուրջը
կ՚զգային
անոր
սարսուռը,
մրրիկին
առաջին
ալիքները
որ
մեծ
պայթումին
նախագուշակ
դողով
մը
կը
սարսեն
բնութիւնը։
—
Ոչ,
ըսաւ
Սոֆի,
երիտասարդին
ձեռքը
բռնելով
ջղայնօրէն,
մ՚երթար.
Համբիկ.
թող
գա՛յ
ան…
—
Բայց
…կարելի
բան
չէ,
Սոֆի…
մտածէ
անգամ
մը,
այդ
մարդը,
թշնամին,
այս
տան
տէրը…
մտածէ՛…
—
Եթէ
դուն
մեկնիս,
հապա
ե՞ս
ի՞նչ
կ՚ըլլամ
հոս
միս
մինակ…
Երիտասարդին
աչքերուն
մէջ
հրճուանքի
կայծ
մը
շողաց.
—
Միասին
կ՚երթանք,
Սոֆի,
ըսաւ
անոր
նայելով,
անոր
հոգիին
մէջը
իջնալու
ջանքով։
—
Միասի՞ն,
կրկնեց
մանկամարդ
աղջիկը,
այս
բառին
վրայ
կանգ
առնելով,
կարծես
մէկ
վայրկեանի
մէջ
անոր
բոլոր
հետեւանքները
մտաբերելով։
—
Այո՛,
ըսաւ
նորէն
Համբիկ՝
տիրական
եւ
կտրուկ,
միասի՛ն
երթանք…
ու
ա՛լ
վերջնականապէս
ազատինք
ասկից,
այս
անիծեալ
տեղէն…
Աղջիկը,
ընկճուած
եւ
վարանոտ,
ինկաւ
թիկնաթոռի
մը
վրայ
ու
չպատասխանեց։
Յանկարծ,
տոքթորին
երկտողը
միտքը
ինկաւ
նորէն,
աչքերուն
առջեւը
տեսաւ
անոր
պարունակութիւնը։
Ան
կուգար,
ու
օրիորդ
Ամէլի
մըն
ալ
հետը։
Այս
պարագան,
իր
մէջ
մէկէնիմէկ
փոթորիկ
մը
ուռեցուց։
Ո՞վ
էր
այդ
ֆրանսացի
օրիորդը
որ
ամիրային
թոռանը
կ՚ընկերանար։
Սոֆի
խառնաշփոթ
բան
մը
զգաց
իր
մէջ,
դեռ
անորոշ,
տարտամ,
բայց
արդէն
իսկ
բուռն
եւ
ցնցող
կեզանուտ
բան
մը
որ
սրտէն
ժայթքելով
կարծես
ըղեղը
կ՚այրէր
հիմա։
Համբիկ,
անպատասխանի
մնացած,
աղջկանը
վրայ
ծռեցաւ։
—
Հէ՞,
Սոֆի,
միասին
կ՚երթանք
ասկէ,
չե՞ս
ուզեր…
—
Բայց
ո՞ւր
երթանք,
հարցուց
աղջիկը,
հովուերգականէն
մէկէնիմէկ
օրապաշտականի
դառնալով։
—
Ո՛ւր
որ
ըլլայ,
ոեւէ
տեղ
մը,
ըսաւ
Համբիկ
ուսերը
թօթուելով,
տեղ
մը
որ
այս
տունէն
դուրս
ըլլայ,
հոն
ուր
որ
ես
երթամ…
Մեր
երջանկութիւնը
ասկէց
դուրս
պէտք
է
փնտռենք,
Սոֆիս,
արդէն
ուշ
կամ
կանուխ
պիտի
մեկէինք
այս
տունէն.
ահա
հիմակ
առիթը
ներկայացած
է.
մեկնի՛նք.
ո՞վ
կ՚արգիլէ
մեզ…
Լուացարարուհիին
աղջիկը,
կարծես
յուզումը,
խռովքը
պարտկելու
համար,
ձեռքին
մէջ
կը
ծածկէր
դէմքը,
խուսափիլ
ուզելով
նայուածքէն,
զոր
տղան
իր
հոգիին
մէջը
կ՚իջեցնէր.
կսկծալի
խուզարկումով
մը…
Մէկէն,
ջղուտ
ու
կորովի
ժեսդով
մը,
որուն
մէջ
վճռական
ու
խորհրդաւոր
բան
մը
կ՚զգացունէր,
Սոֆի
ոտքի
ելաւ,
Համբիկին
ձեռքը
բռնեց.
—
Դեռ
չմեկնինք,
Համբիկ,
ըսաւ,
մնանք…
թող
տոքթորը
գայ…
մի՛
վախնար,
բան
մը
չպիտի
պատահի…
—
Բայց
ինչո՞ւ։
—
Չես
գիտեր,
ըսաւ
Սոֆի
գլխի
խորհրդաւոր
օրօրումով
մը,
չհամարձակելով
տղուն
երեսը
նայիլ,
անոր
աչուըներէն
վախուն՝
որոնք
կը
շարունակէին
իր
վրայ
սեւեռիլ…
Դեռ
մեկնելու
չենք
այս
տունէն…մեր
երջանկութեանը
համար…
—
Մեր
դժբախտութեա՛նը
համար,
կրկնեց
Սոֆի՝
Համբիկի
դառնալով
ուժգնօրէն
եւ
անոր
վզին
փարելով…
Զիս
չե՞ս
սիրեր,
Համբիկ,
հարցուց
ողոքիչ
շեշտով
մը,
աչքերը
կիսափակ…
—
Ինչո՞ւ
կը
հարցնես,
կը
կասկածի՞ս,
ըսաւ
Համբիկ
դառնութեամբ
մը,
որ
յանդիմանութիւն
կը
բուրէր…
եթէ
քեզ
չսիրէի՝
կեանքս
այսպէ՞ս
կ՚ըլլար։
Ու
Սոֆի՝
իր
զոհին
ճիտն
ի
վար
կախուած
սկսաւ
հեկեկանօք
լալ,
իր
նուրբ
բազուկներուն
մէջ
ջղաձգօրէն
սեղմելով
մարմինը
այդ
տղուն,
զոր
կորուստի
վիհէն
ինքը
քաշած
դուրս
հանած
էր
կամաւորապէս,
եւ
զոր
կարծես
կը
վախնար
հիմա
որ
նորէն
հոն
կը
գահավիժէ
առանց
ուզելու,
նորազարթ
կիրքերու
բիրտ
ու
ապերասան
մղումի
մը
տակ։
Կուլար,
առանց
մտիկ
ընելու
սփոփարար
խօսքերը
խեղճ
երիտասարդին,
որ
իր
շուրջը
ստեղծուած
այդ
դժնդակ
երկսայրի
դրութեան
մէջ
ցնցումներ
կը
զգար
իր
գանկին
տակ,
ջանալով
գտնել
այն
պատճառները
որոնք
թոյլ
չէին
տար,
առայժմ,
որ
մանկամարդ
աղջիկը
իրեն
հետեւէր,
իրեն
ընկերանար
հեռուները,
այդ
խղդուկ
ու
չարաշուք
յարկէն
շա՛տ
հեռու։
—
Երթա՛նք,
Սոֆի՛,
երթանք,
կը
մրմնջէր
նորէն
անոր
ականջին…
Ու
աղջիկը,
իր
հեկեկանքներուն
մէջէն,
կը
յամառէր…
—
Չէ՛,
չէ՛,
Համբիկ,
չերթանք,
չերթանք…
Տղան
բառ
մը
ունեցաւ
շրթներուն
վրայ,
երկչոտ,
նուաղկոտ.
—
Հապա
եթէ
վռնտուի՛նք…
Սոֆի
իսկոյն
ետ
քաշուեցաւ,
ու
տիրակապ,
ու
ամբարհաւաճ,
ու
սպառնալից.
—
Վը՜ռը՜նտուինք.
ըսաւ
գլուխը
օրօրելով,
ակռաները
սեղմած,
աչքերը
մոլեգնոտ…
վռնտուի՜նք,
կրկնեց
երկրորդ
անգամ
հեգնականօրէն…
ոչ
ապահով
եղիր,
Համբիկ,
չենք
վռնտուիր։
Երիտասարդ,
պատուհանին
մօտենալով,
իր
պղտոր
նայուածքները
կը
յածէր
հիմա
ընդարձակ
համայնապատկերին
վրայ
որ
կը
տարածուէր
բազմատարր
ու
բազմազանակ,
լեռներն
ու
հովիտները,
գետը,
կանանչը,
մթնոլորտը՝
մեծանշոյլ
արեւի
մը
տակ
շողշողուն,
բոլորը
մշշային
անօսր
մարմաշով
մը
պարուրուած,
երջանկութեան
ու
խաղաղութեան
կապտորակ
երանգներով
սնգուրուած։
Ո՜
չքնաղ
ու
անապական
բնութիւն,
որուն
որդեգրուած
էր
երբեմն
ինքը՝
սիրոյ
ու
թշուառութեան
զոհ,
որուն
աննենգ
գոգին
մէջ
ու
բուրումնաւոր
շունչին
տակ,
իր
հոգիին
ցաւերը
կ՚աննիւթանային.
լքած
էր
ինք
զայն
նորէն,
սիրոյ
ու
քաղցր
դիւթիչ
նենգութենէն
կարթուած,
հին
երանաւէտ
անրջանքներու
հզօր
վերազարթումէ
մը
մագնիսուած։
Զիղջին
մորմոքիչ
խայթը
սլաքի
մը
պէս
հիմա
կը
մխրճուէր
իր
մէջ.
ու
անսանձ
խոյանք
մը
կը
ծառանար,
կը
հոլաթեւէր
իր
մէջ՝
նորէն
անոր
դառնալու,
անոր
փարելու,
անով
հեշտանալու,
անով
նոյնանալու։
Ու,
կամաւորօրէն
կորսուած
երջանկութեան
այդ
վերյիշումէն,
Համբիկ
զգաց
որ
կոպերը
կը
թրջէին,
զիղջի
արցունքները
դուրս
կը
ցայտէին
լռիկ
մնջիկ
խաղաղօրէն…
Ու
յանկարծական
մտամոլորումի
մը
մէջ,
ներքնահայեցողութեան
զառանցոտ
տագնապի
մը
մէջ,
տղան
տեսաւ
ան,
միւսը,
յափշտակիչը,
որ
կուգար
հեռուներէն,
վիթխարի
արշաւանքով
մը,
հետզհետէ
մեծնալով,
խոշորանալով,
ահագնանալով,
շուրջը.
ամէն
բան
կը
դղրդար,
մթութիւն
մը
կը
սռնար,
կը
թանձրանար
այդ
քստմնելի
մերձեցումէն.
չարութեան
ու
աւերումի
ոգին
էր,
որ
կը
հասնէր
թեւատարած—
ամիրային
թոռը։
Համբիկ,
այս
տեսիլքէն
խրտչած,
բոլոր
մարմնովը
սկսաւ
դողալ,
աչքերոը
սարսափի
ու
կատաղութեան
ակնապիշ
սեւեռումով
մը
մէկ
կէտի
մը
վրայ,
ուսկից
վտանգը
սաւառնաթեւ
կը
հասնէր։
—
Համբի՛կ,
ի՞նչ
ունիս,
հարցուց
Սոֆի
դէպի
պատուհան
խոյանալով,
եւ
տղուն
փարելով
նորէն։
—
Ոչինչ,
ըսաւ
Համբիկ,
իսկոյն
հանդարտելով
եւ
ճակտէն
վազած
քրտինքի
կաթիլներ
սրբելով։
Յետոյ
նստան
նորէն
անանկ
իրարու
քով,
իւրաքանչիւրը,
իր
տխուր
խոհերովը
առլցուն,
զգուշանալով
զանոնք
իրարու
հաղորդելէ։
—
Տոքթորը
զիս
կը
ճանչնա՞յ
եւ
եղելութիւնը
գիտէ՞,
հարցուց
Համբիկ
բաւական
լուռ
մնալէն
ետքը։
—
Տոքթորը
բան
մը
չի
գիտեր,
որովհետեւ
իրեն
բան
մը
չեմ
ըսած
մեր
մէջ
անցած
դարձածի
մասին,
պատասխանեց
Սոֆի.
իսկ
թէ
քեզի
կը
ճանչնա՞յ
կամ
ոչ,
ատիկա
չեմ
գիտեր.
միայն
առաջուանին
հետ
բաղդատմամբ
մեծապէս
փոխուած
էս,
ուրեմն
հաւանական
չէ
որ
միտքը
բերէ
քու
դէմքդ…
մի՛
վախնար,
Համբիկ,
ապահովցուց
նորէն
Սոֆի,
մեր
հոս
մնալովը
ոեւէ
վտանգ
չիկայ
մեզի
համար…
ետքն
ալ,
եթէ
ուզենք,
չե՞նք
կարող
իսկոյն
հեռանալ
ասկէ.
ո՞վ
կրնայ
արգիլել
մեզ…
Այդ
վայրկենէն,
տիկին
Մարկոսեան,
որ
տեսակ
մը
թմրութեան
մէջ
կը
մրափէր
օրուան
մեծագոյն
մասը
իր
թաւիշէ
լայն
թիկնաթոռին
մէջ
թաղուած
կենդանի
ու
աղմկոտ
գործունէութեան
մը
անձնատուր
եղաւ
յանկարծ։
—
Պէտք
է
որ
լաւ
ընդունելութիւն
ընենք
տոքթորին
հիւրին,
ըսաւ
աղջկանը
եւ
տղուն՚…
Ուստի,
ձեռնարկեցին,
Փարիզէն
եկած
պատուէրին
համաձայն,
սենեակ
մը
զարդարել,
գորգերով,
թիկնաթոռներով,
ծանրագին
կահերով։
Տիկին
Մարկոսեան
սենեակէ
սենեակ
կը
պտտէր,
ֆրանսուհիին
հիւրանոցին
համար
նոր
զարդ
մը
ճաշակաւոր
ու
գեղեցիկ
բան
մը
ընտրելու
համար.
իր
այդ
արշաւանքը
առաջ
տարաւ
մինչեւ
իսկ
Սոֆիին
սենեակը,
ուրկէ
մէկ
քանի
գեղօրներ
վերցուց՝
աղջկանը
աչքին
առջեւը.
—
Աս
ալ
տանինք,
Սոֆի,
աս
ալ,
աս
ալ,
կ՚ըսէր
ձեռքը
առարկաներուն
վրայ
դնելով…
Աղջիկը,
ակամայ,
կը
համակերպէր
այս
յափշտակութեան,
հիմակուընէ
սրտին
խորէն
ատելով
այդ
անհասկնալի
օրիորդ
Ամէլին,
որ
դեռ
չերեւցած՝
բաներ
կը
խլէր
իրմէ,
իր
պատուին,
իր
կուսականութեան,
իր
անձնատուութեան
գնովը
գնուած
բաներ։
Յետոյ,
հանըմը
լուր
ղրկեց
Մերկերեանին
որ
շատոնց
է
երեւցած
չունէր,
մանաւանդ
տոքթորին
մեկնումէն
ի
վեր։
Նախկին
գանձապահը
—
ո՜րքան
փոխուած
էին
ժամանակներն
ու
բարքերը
—
դժգմնելով
եւ
մռլտալով
եկաւ։
Մարմնին
զանազան
կողմերը
ցաւեր,
խոստուկներ
երեւան
ելած
էին,
որոնք
պզտիկ
հառաչանքներ
կը
խլէն
կոկորդէն՝
խօսած
կամ
մտիկ
ըրած
ատենը։
Աւետաւոր
լուրին
առջեւը,
զոր
տիկինը
հանդիսաւորապէս
հաղորդեց
իրեն՝
հին
բարի
ժամանակներուն
մարդը
կարծելով
դիմացինը,
Մերկերեան
գրեթէ
անտարբեր
ու
պաղարիւն
մնաց,
«եա՜,
տոքթորը
կուգայ
կոր»
մը
ըսելով
չոփչոր։
—
Էյ
պարէ
տիպլօման
առե՞ր
է,
հարցուց՝
բան
մը
հարցուցած
ըլլալու
համար
վերջապէս։
—
Տիպլօմա՞
մի,
ըսաւ
հանըմը,
չհասկնալով
թէ
ինչո՞ւ
տիպլօմա
կը
հարցունէր
իր
զաւկէն,
որ
«համալսարաններ
աչքէ
կ՚անցունէր»
եւ
փրոֆեսէօրներու
հետ
կը
ճամբորդէր,
խօսքը
անգամ
չընելով
իր
«գիւտերուն»։
Տիպլօմա՛ն
ինչ
պիտի
ընէ
տոքթորը,
աւելցուց.
ատոնք
պարապ
բաներ
են։
—
Անանկ
է,
վրայ
բերաւ
Մերկերեան
անշահախնդիր
ձեւով
մը,
պտղունց
մը
քթախոտ
լեցնելով
քիթին
մէջ,
վասնզի
ազգային
դրամարկղը
ձգելէն
ի
վեր
ընչատուփը
ձեռք
առեր
էր,
տեղէ
մը
վերջապէս
բան
մը
հանելու
եւ
իւրացնելու
իր
ունակութեանը
գոհացում
տալու
համար
թերեւս։
Երբոր
նամակը
կարդաց
իրեն.
—
Հետը
աղջի՞կ
կը
բերէ
կոր,
հարցուց
Մերկերեան
քիթը
վեր
վեր
քաշելով՝
այդ
կասկածելի
եղելութիւնը
հոտուըտալու
ձեւով
մը։
—
Տոքթոր
Ֆրուասարի
աղջիկն
է,
Թադէոս
աղա,
Պոլիսը
տեսնալ
կ՚ուզէ
եղեր,
ըսաւ
հանըմը
նախկին
գանձապահին
կասկածոտ
շեշտէն
առնուելով
քիչ
մը։
—
Հը՛,
ըրաւ
ծերուկը
նշանակալից
քմծիծաղով
մը։
Յետոյ
ծանր
լռութիւն
մը
տիրեց։
—
Տոքթորը
ա՛լ
հո՞ս
պիտի
հաստատուի,
հարցուց
Մերկերեան
ի
վերջոյ։
—
Տեսանք,
ըսաւ
հանըմը
վերջին
ծայր
լրջութեամբ.
եթէ
մեծ
տեղերէ
կանչուի…
Գանձապահը
վեր
առաւ
գլուխը.
—
Մենծ
տեղերէ՜
մի։
—
Չի՞
կրնար
ըլլալ,
Թադէոս
աղա,
ժամանակաւ
դուն
չըսի՞ր
որ
օր
մը
կրնայ
Արշակս
հէքիմ
պաշի
ըլլալ։
Գալը
իմացուի
նէ,
լրագիրները
գրեն
նէ,
ո՛վ
գիտէ.
չըլլալիք
բան
չէ…
Քթատուփը
հանեց
նորէն
Մերկերեան,
կողքին
թափեց
մատովը,
կամաց
մը
բացաւ
ու
լայն
պտղունց
մը
քաշեց
քիթին
ի
վեր։
—
Աստուա՜ծ
տայ,
ըսաւ
ծայրայեղ
լրջութեամբ
մը։
Մինչ
քթին
տակէն
«ցաւագա՜ր»
կը
մռլտար։
—
Տոքթորը
գայ
նէ,
հրամմեցէք,
Թադէոս
աղա,
ըսաւ
հանըմը,
երբոր
գանձապահը
մեկնելու
պարաստուեցաւ։
—
Հետը
միսաֆիր
կայ,
չըլլար,
հանըմ,
պատասխանեց
Մերկերեան,
ես
ալաֆրանկա
բաներէ
չեմ
հասկնար,
կ՚ելլամ
ֆալցօ
մը
կ՚ընեմ
ֆրանսըզին
աղջիկին
առջեւը.
աղէկ
չի
փախիր,
հանըմ…
մեր
ժամանակը
անցա՛ւ
ալ։
Բայց
տոքթորը
կուգամ
կը
տեսնամ
օր
մը.
հոգ
մի՛
ընէք։
Ու
ելաւ
գնաց,
ծնկուըներուն
խոստուկներէն
տանջուած.
ամիրային
ցնդած
աղջկանդ
հասցէին
աննպաստ
բաներ
մը
մռլտալով։
Տիկին
Մարկոսեան՝
Մերկերեանին
պաղ
վերաբերմունքէն
դժգոհ՝
ուրիշներու
վրայ
փորձեց
միեւնոյն
բանը,
եւ
աւելի
յաջողութիւն
գտաւ։
Ուրախութեան
բացագանչութիւններով
ընդունուեցաւ
վերադարձին
լուրը՝
իր
հիւրերուն
կողմէ,
ընդունելութեան
օրը։
Աւետաւոր
նամակը
ձեռքէ
ձեռք
պտտեցաւ,
հակառակ
որ
մինչեւ
այն
ատեն
մօր
ու
որդւոյն
միջեւ
փոխանակուած
թղթակցութիւնը
գաղտնիք
մը
մնացած
ըլլար
հասարակութեան
համար։
Կարդալ
չգիտցողները
զմայլմամբ
անոր
վրայ
նայեցան
ինչպէս
պիտի
նայէին
հազուագիւտ
մասունքի
մը
վրայ։
իր
յափշտակութեանը
մէջ,
տիկին
Մարկոսեան
մտացածին
տեղեկութիւններ
տուաւ
տոքթոր
Ֆրուասարի
եւ
անոր
աղջկանը
մասին,
անոնց
շուրջը
առասպելներ
յօրինելով,
զորս
ունկնդիրները
երկիւղածութեամբ
տարածեցին
իսկոյն
թաղին
մէջ,
իրենք
ալ
իրենց
կողմէ
ընդլայնելով
ու
ճոխացնելով
այդ
առասպելը։
Այնպէս
որ
տոքթորին
գալուստէն
առաջ,
ոչ
միայն
ինք
ամէն
խօսակցութիւններու
առարկան
էր
նորէն,
այլեւ
տոքթոր
Ֆրուասարը
—
որուն
գոյութիւնն
իսկ
կասկածելի
էր
—
ժողովրդական
մարդ
մը
եղաւ
Հ…
գիւղին
մէջ,
եւ
անհամբեր
սպասուեցաւ
օրիորդ
Ամէլիին
այցելութեանը։
Աչքի
լուսի
քանի
մը
պաշտօնական
այցելութիւններ
իսկ
եղան
ամիրային
աղջկանը,
համբաւաւոր
զոյգին
երեւումէն
առաջ։
Ժամուն
քարոզիչը,
պնակալէզ
լայնորովայն
վարդապետ
մը,
հանըմը
տեսնելու
եկաւ
եւ
կարգ
մը
անիմաստ
մաղթանքներ
ըրաւ
Մարկոսեան
ամիրային
գերդաստանին
եւ…
տոքթոր
Ֆրուասարին
երջանկութեանը
համար։
Եւ
մինչեւ
իսկ,
թէեւ
տիկինին
խոստացաւ
եկեղեցիին
բեմէն
լուրը
ծանուցանել
բարեպաշտ
ժողովրդեան,
բայց
ետքէն
լուրը
ծանուցանել
բարեպաշտ
ժողովրդեան,
բայց
ետքէն
թաղական
խորհուրդին
մէկ
լրջամիտ
անդամին
կողմէ
արգիլուեցաւ։
Եւ
ահա
օր
մըն
ալ,
Հ…
գիւղին
ծուռիկ-մուռիկ
փողոցներուն
սալարկին
վրայէն
շքեղ
լանտօի
մը
մեծադղորդ
թաւալումը
լսուեցաւ։
Հ…
գիւղին
մէջ
լանտօի
մը
ներկայութիւնը
այնքան
նորանշան
բան
մըն
էր
որքան
գիտաւոր
աստղ
մը
երկինքին
վրայ։
Փրփրերախ
ձիերուն
սիգաճեմ
դղրդիւնը,
վառ
ի
վառ
ասպազէնին
ճոխութիւնը
եւ
կառքին
շքեղութիւնը
խելքի
պտոյտ
տուին
թաղին
հնօրեայ
մամիկներուն
եւ
կիներուն,
որոնք
փողոց
ու
պատուհան
վազեցին,
այս
անսովոր
երեւոյթը
դիտելու
համար։
Կառապանը
դեղին
երիզաւոր
համազգեստ
մըն
էր
հագած,
գլուխը
սիլինտր
գլխարկով։
Կառքին
մէջ
բազմած
էր
տոքթոր
Արշակ
Մարկոսեանը,
նոյնպէս
սիլինտր
գլխարկով,
իր
աջ
կողմը
ունենալով
փետուրներու,
ժանեակներու,
մարմաշներու
փրփրեղէն
սպիտակութեան
մը
մէջ
թրթռացող
կին
մը,
որ
կը
ժպտէր՝
շուրջը
դիտելով
զարմանահար
հետաքրքրութեամբ
մը։
Ճղակտոր
իրարանցում
մըն
է
փրթաւ,
մուտքը
իշխանավայել
էր
ու
աննախընթաց
այդ
գիւղին
համար,
որ
ամիրաներու
փառքը
տեսած
էր։
Տուներու
դռները
բացուելով
կին,
աղջիկ,
տղայ
դուրս
կը
նետուէին
խելացնոր,
զիրար
հրմշտկելով,
չզրկուելու
համար
այդ
պատմական
անցքին
ականատեսութեան
փառքէն։
—
Տոքթո՜րն
է,
վազեցէ՜ք,
հասէ՛ք…
կը
պոռային
չորս
կողմէն։
Փողոցի
լաճեր
կառքին
քովերէն
ու
ետեւէն
կը
վազէին
ուրախութեան
ճիչեր
արձակելով,
մէկ
քանին
անոր
ետեւի
զսպանակին
փաթթուած,
բանի
տեղ
չդնելով
կառապանին
սպառնալիքները,
եւ
մինչեւ
իսկ
մէկ
քանի
գնչուի
լակոտներ՝
իրենց
վտիտ
ձեռուըներովը
կառքին
մէջ
կ՚երկարէին,
ողորմութիւն
մուրալով։
Կառապանը,
երբեմն,
աջ
ու
ձախ
խարազանի
հարուածներ
կը
բաշխէր
թռչնոց
տարմի
մը
պէս
տարազնելով
տղաքներու
այդ
անառակ
երամը,
որ
շուտով
կը
հասնէր
կը
շրապատէր
նորէն
կառքը։
Տոքթորը
եւ
օրիորդ
Ամէլին
—
վասնզի
ծանուցուած
օրիորդ
Ամէլին
էր
իր
քովի
կինը
—
իշխանականօրթն
կը
ժպտէին,
ամբոխին
վրայ
տիրելու
գիտակից
հրպարտութեամբ
մը
ակաղձուն,
գո՛հ
այդ
իրարանցումէն,
որուն
իրաւունք
չունէին
սովորական
մահկանացուները։
Վերջապէս
կառքը
մտաւ
ամիրային
փողոցը,
առաջուց,
քանի
մը
լաճեր
շնչասպառ
գացած
ափ
առած
էին
ապարանքին
դուռը՝
այդ
մեծաշռինդ
ժամանումը
ծանուցանելու
համար
հաըմին,
փողոցէն
«տոքթորը
կուգա՛յ
կոր»
կը
պոռչտային։
Տիկին
Մարկոսեան
որ
անհամբեր
եւ
սրտաթունդ
կը
սպասէր
արդէն,
աճապարեց
ընդառաջ
ելլալ։
Մօր
ու
զաւկին
հանդիպումը
սրտաշարժ
եղաւ։
Փողոցը
դրանը
առջեւ
անոնք
իրարու
փաթթուեցան։
Պագտուեցան։
Յետոյ,
տոքթորը
թեւը
առաւ
օրիորդ
Ամէլին,
ու
մտան
ապարանք։
Սոֆի,
իր
ներքին
փոթորիկ
յայտնի
չընելու
ճիգերով,
դիմաւորեց
զոյգը։
Երիտասարդը,
գողունի
բայց
թափանցող
նայուածք
մը
նետեց
իր
զոհին։
Համբիկ
մէջտեղ
չի
կար։
Օրիորդ
Ամէլին
իսկոյն
առաջնորդուեցաւ
իրեն
համար
պատրաստուած
սենեակը,
ուր
տոքթորին
հետ
քառորդ
ժամու
մը
չափ
փակուած
մնաց։
Յետոյ
դուրս
ելան
եւ
ընդունելութեան
սրահը
հաւաքուեցան։
Տիկին
Մարկոսեան
չէր
կշտանար
զաւկին
երեսը
նայելէ,
արցունքոտ
աչուըներով։
Փարիզը
արդարեւ
աւելի
շքեղցուցած
էր
ամիրային
թոռը։
Քառակուսի
կտրուած
խարտեաշ
ձեւաւոր
մօրուք
մը
անոր
թուշը
կը
գոցէր,
ու
աջ
աչքը
կլոր
միակնոց
մը
եւրոպացիի
հով
մը
կուտար
իրեն։
Քիչ
մը
տժգունած
էր
բայց
ասով
աւելի
հրապուրիչ
դարձած
էր։
Շարժումները
նրբազգայիկ
ազնուականութիւն
մը
կ՚արտայայտէին։
Ձայնին
շեշտը
անգամ
փոխուած
էր,
կտրուկ,
արագ
եւ
հնչեղ։
Լեցուն
առոգանութեամբ
մը
ֆրանսերէն
կը
խօսէր
փարիզուհիին
հետ,
զոր
մամային
ներկայացուց
իբրեւ
տոքթոր
Ֆրուասարին
աղջիկը։
Աւելորդ
է
ըսել
թէ
այս
Ֆրանսուհին
փարիզեան
Տըմի-Մոնտի
ներկայացուցիչներէն
էր,
եւ
տոքթոր
Ֆրուասարի
պատմութիւնը
առասպել
մըն
էր
լոկ։
Ամիրային
թոռը
հեշտութեանց
տան
մը
մէջ
անոր
հանդիպելով՝
կապուեր
էր
անոր,
քանի
մը
ամսուան
մէջ
անոր
հետ
հալեցնելով
տասը
հազար
ֆրանքի
գումարը
զոր
հետը
Փարիզ
տարած
էր։
Խե՛ղճ
Բարթող
աղային
սիրական
ֆապրիքան
էր
որ
այսպէս
փճացած
էր
Փարիզի
սալարկներուն
վրայ,
մինչ
իր
տատրակները
անդին
կը
մգլոտէի՜ն։
Դրամը
հատած
էր։
Կուգար
ուրեմն
Արշակ
նոր
կալուածներ
ծախելու,
Մարկոսեան
մեծ
հարստութեան
յետին
բեկորները
խորելու։
Աղջիկը
իր
փէշէն
չէր
զատուած,
հոտը
առած
ըլլալով
ուրիշ
Ֆապրիքաներու,
զորս
խօլ
ու
շռայլ
փարիզուհիի
իր
քմայքներուն
յագեցմանը
պիտի
յատկացնէր։
Իրաւ
է
որ
տոքթորը
սուտեր
գլորած
էր
այդ
աղջկանը,
իր
ետին
արեւելքցիի
խորհրդաւոր
ու
հսկայ
ժառանգութեան
մը
դիւթանքը
խաղցնելով։
Այս
մոգիչ
հեռապատկերէն
մագնիսուած
փարիզեան
աղիճը
դէպի
արեւելքի
այդ
ունայնամիտ,
սեթեւեթիկ
ու
հեշտամոլ
զաւկին
վրայ,
որու
նմաններ,
տեսած
էր
ինք,
Փարիզ
շուայտութեան
վայրերուն
մէջ,
ուր
ափերով
նետած
էին
ոսկին։
Արշակ
ինքզինքը
ներկայացուցած
էր
իբրեւ
հայ
նախկին
ազնուականութեան
շառաւիղներէն
սերած,
սովորական
հնարամտութիւն
մը
որուն
կը
դիմեն
շատ
հեզ
արեւելքէն
Եւրոպա
ինկած
արկածախնդիրներ,
իրենց
մեղաւոր
նպատակներուն
գործադրութիւնը
դիւրացնելու
համար։
Իբրեւ
Կոստանեանի
հարազատ
ձեռնասուն՝
մեր
ամիրայածին
հերոսը
չէր
կրնար
տարբեր
վարմունք
մը
ունենալ
Փարիզի
պէս
համաշխարհիկ
կեդրոնի
մը
մէջ,
ուր
իրեն
նման
խրուած
անթիւ
տիպարներ
զիրար
կ՚արմկեն
մշտնջենօրէն։
Օր.
Ամէլի
սիրուն
ու
թեթեւուկ
աղջիկ
մըն
էր,
սեւ
պճլտացող
աչուըներով
որոնք
չարաճճի
դիւթութեամբ
մը
կը
վառէին,
զգայնոտ
մանր
բերնով
ու
ճոխառատ
վարսերով
փարիզեան
ցոփուհիի
բոլոր
անառակ
շնորհները
կը
միացնէր
իր
վրայ.
մշտաժպիտ
արտայայտութիւն,
հնչուն
ու
թրթռուն
ձայն,
գողտր
շարժուձեւեր
եւ
մանաւանդ
նրբութիւն
մը
բուրմնաւոր
ու
թափանցիկ՝
որ
յաւիտենական
հրապոյրը
պիտի
մնայ
ֆրանսուհիին։
Փարիզի
աղմկալից
ու
հատցնող
կեանքէն
դէպի
այս
անդորր,
մթաստուեր
ու
խորհրդալից
միջավայրը
իր
փոխանցումը
տարօրինակ,
ու
տեսակ
մը
անուշ
հաճոյքէ
ոչ
զուրկ
զգայնութիւններ
կուտար
հիմա
իրեն։Հազարումէկ
գիշերներու
իրական
դրուագի
մը
վայելքը,
Ոսկեղջիւրի
խորը,
մեծակերտ,
ստուերալից
այդ
շէնքին
խաղաղութեանը
մէջ,
ուր
իրօք
անցած
փարթամութեան
մը
ցոլքերը
կը
նշմարէր։
Զմայլանքով
խառն
հետաքրքրութեամբ
մըն
է
որ
դիտեց
անուշ
ու
չքնաղ
Սոֆին
ալ,
անթերի
ու
լրացած
տիպար
արեւելքցիի
իգական
գեղեցկութեան,
որուն
նայուածքին
տրտմաշունչ
սեւեռանքին
մէջ
տարտամ,
մշշային,
տռամաթիկ
վիպականութեան
մը
սարսուռը
տեսաւ։
Իր
առաջին
գործը
եղաւ
հարցնել
իր
հոմանիին
թէ
ո՛վ
էր
այդ
աղջիկը,
ոչ
թէ
որովհետեւ
հակառակորդ
մը
կը
նշմարէր
անոր
մէջ,
այլ
պարզ
հետաքրքրութենէ,
ու
թերեւս
համակրութենէ
մը
մղուած։
Տոքթորը
առանց
շուարելու՝
հանգամանք
մը
վերագրեց
լուացարարուհիին
աղջկանը.
մամային
կուվեռնանդը
ըրաւ։
Եւ
այսպէս
ալ
ներկայացուց
անոր,
անտարբեր
ու
շատ
բնական
շեշտով
մը,
իբր
թէ
իսպառ
քանդած
չըլլար
այդ
էութիւնը
իր
եղեռնագործ
մատներովը։
Մնաց
որ
ինքը՝
տոքթորն
ալ
առաջին
ակնարկով
լուացարարուհիին
աղջկանը
դէմքին
վրայ,
հասակին
վրայ,
ամբողջութեանը
վրայ
ընդնշմարել
կարծեց
սանկ
իրեն
դեռ
անծանօթ
հրապոյրի
մը
հետքը,
որ
կրնար
իր
բացակայած
ութը
ամիսներուն
միջոցին
փթթած
ըլլալ,
եւ
որ
հիմա
քիչ
մը
իրեն
մոռցնել
կուտար
այն
տեսակ
մը
բուռն
յափրանքը,
զոր
ունեցեր
էր
անո՛ր
ա՛լ
հասկցուած,
վայելուած,
ծծուած
ու
ցյագ
ըմբոշխնուած
շնորհներուն
հանդէպ։
Իր
այս
տպաւորութեանը
վրայ
չյամեցաւ
երիտասարդը.
մտածեց
ու
անցաւ,
անկարելի
թուելով
իրեն
նորէն
անդրադառնալ
այդ
աղջկանը՝
որ
իր
բազուկներուն
մէջէն
սահեր
ինկեր
էր
անպէտ
քուրջի
մը
պէս։
Այս
առթիւ
Սոֆիին
գիտցած
ֆրանսերէնը
ի
սպաս
դրուեցաւ
մամային
եւ
օրիորդ
Ամէլիին,
որոնք
անոր
միջոցովը
պիտի
կրնային
հասկնալ
զիրար։
Ասով,
աղջիկը
իր
վտանգուած
դիրքը
կերպով
մը
կը
շտկէր
ամիրային
ապարանքին
մէջ,
ոեւէ
կարեւորութիւն
մը
կը
ստանար
նորէն
հոն,
տոքթորին
գալէն
ետքն
ալ։
Առաջուան
կեանքին
վրայէն
հաստ
վարագոյր
մը
քաշուած
էր.
փակուած
էջ
մը
կ՚ըլլար
ան,
որուն
ա՛լ
ոչ
ոք
կը
վերադառնար։
Նոյնիսկ
երբ
առաջին
պատեհութեամբ
տանը
մէջ
Համբիկ
տոքթորին
դէմը
ելաւ,
Սոֆի,
առանց
շուարելու,
Թումիկին
տղան
անոր
ներկայացուց
իբրեւ
իր
մէկ
մօտաւոր
ազգականը՝
որուն
հայրը
մայրը
մեռած
էին
եւ
որ,
հանըմին
հաւանութեամբը,
տունէն
ներս
ընդունուած
էր՝
էրիկմարդու
մը
ներկայութիւնը
անհրաժեշտ
ըլլալով
հոն,
մասնաւորապէս
կալուածական
գործերուն
համար։
Համբիկ
հանդարտ
ու
անխռով
մնաց
իր
այդ
ատած
մարդուն
նայուածքին
տակ.
խորին
արհամարհանքը
զոր
կը
զգար
անոր
համար,
ամէն
յուզումի
դէմ
կը
պաշտպանէր
զինքը,
եւ
յետոյ,
վերջապէս
իր
պաշտած
էակին
այդ
թշուառականէն
յաւէտ
անջատուած
ըլլալուն
խորունկ
համոզումը
ներքին
բարերար
անդորրութիւն
մը
կը
պարգեւէր
իրեն։
Տոքթորը
կալուածներուն
վիճակին
վրայ
քանի
մը
տեղեկութիւններ
հարցուց
Համբիկին,
միանգամայն
ուշադրութեամբ
դիտելով
այդ
տխուր
դէմքը,
որուն
վրայ
իրեն
ծանօթ
հեռաւոր
գիծեր
ճանչնալու
մղուելուն
հակառակ՝
երբեք
չկրցաւ
յանգիլ
մէկ
քանի
յանկարծական
առիթներու
մէջ,
իրեն
դէմ
ցցուած
վրէժխնդիր
այն
ահարկու
դէմքին,
որ
անծանօթ
երկիւղի
մը
սարսուռը
պտտցուցեր
էր
իրմարմնին
մէջ։
Բայց
եւ
այնպէս՝
չախորժեցաւ
այդ
նայուածքէն,
որուն
ապրուած,
գիտակից
տրամադրութիւնը
նեղութիւն
պատճառեց
իրեն,
ու
իսկոյն
ձգեց
հեռացաւ։
Քանի
մը
օրուան
մէջ,
գիւղը
ամբողջովին
գրաւուած
էր
տոքթորով
եւ
իր
շնորհալի
ասպնջականուհիովը։
Բոլոր
խօսակցութիւնները
անոնց
շուրջը
կը
դառնային։
Ենթադրութիւնները
ա՛լ
չափ
ու
սահման
չէին
ճանչնար։
Ամիրային
փողոցը
շարժումնալից
երեւոյթ
մը
առաւ։
Շուկացիները,
առտու
իրիկուն,
անոր
առջեւէն
անցան
դարձան,
երկարօրէն
տունն
ի
վեր
նայելով,
ֆրանսուհիին
քթին
ծայրը
տեսնելու
ջանադրութեամբ
մը։
Աղմալից
կառքին
անցքէն
ի
վեր,
փողոցի
լաճերն
ալ
օրը
քանի
մը
անգամ
տանը
մօտերը
կուգային
կը
հաւաքուէին,
դարձեալ
տարօրինակ
բան
մը
տեսնելու
յոյսով։
Ի
զուր
տիկին
Մարկոսեանին
հինաւուրց
մէկ
քանի
բարեկամուհիները
իրեն
այցելութեան
եկան
սովորականին
պէս.
«ֆռէնկի
աղջիկը»
ինչպէս
սկսած
էին
անունանել
օրիորդ
Ամէլին,
չերեւցաւ
ընդունելութեան
սրահին
մէջ,
ոչ
ալ
տոքթորը։
Իրենց
հետաքրքրութիւնը
առկախ
եւ
անօթի
մնաց։
Հանըմը
զանազան
պատրուակներով
կ՚արդարացնէր
անոնց
բացակայութիւնը,
բայց
այնքան
խորհրդաւոր
ձեւեր
մը
առնելով
որ
հիւրերը
ոչ
միայն
գոհ
չէին
մնար
այդ
բացատրութենէն,
այլեւ
գրեթէ
բարկացած
կը
մեկնէին՝
իրենց
դիմողներուն
պատասխանելով։
—
Ֆռէնկի
աղջիկը
հարէմլիխէն
դուրս
չ՛ելլար
կոր։
Ասոր
համար
երբ
որ
շաբաթը
մէկ
կամ
երկու
անգամ
տոքթոր
Մարկոսեան՝
փարիզուհին
թեւը
առած
նաւամատոյց
կ՚իջնար,
ճշմարիտ
իրարանցում
մը
առաջ
կուգար
փողոցներուն
մէջ։
Օրիորդ
Ամէլիի
արտակարգ,
ծածանուտ
եւ
պերճաշուք
արդուզարդը
խելքի
պտոյտ
կուտար
բերանաբաց
գեղացիներուն,
որոնք
կը
մղուէին
արտասովոր
էակ
մը
տեսնել
այդ
նրբասլաց
եւ
փետրանման
աղջկան
մէջ։
Արշակ,
հին
բարի
օրերը
վերանորոգելու
փափաքով,
Փարիզէն
բերած
այդ
աղջիկին
հետ
միասին
օր
մը
յանկարծ
երեւցաւ
այն
վայրը,
ուր
ատենօք
այնքան
հոն
գացեր
էր
ոֆիին
հետ՝
իր
ծանօթներուն
եւ
բարեկամներուն,
որոնք
ափիբերան
եղան
անոր
այդ
կանխազեկոյց
եւ
շլացուցիչ
մուտքին
առջեւ։
Անօթի
գալլերու
պէս,
անոր
քովերը
եկան
սլքտալ,
այդ
նոր
ու
հմայքոտ
շրջազգեստը
շօշափելու,
անոր
նուրբ
ոտքերուն
տակը
դնելու
համար
իրենց
սովալլուկ
մեծարանքը։
Արշակ
այդ
եղկելի
փութկութենէն
հաճոյք
զգաց,
եւ
թող
տուաւ
որ
փարիզուհին
իր
հրապոյրները
շռայլօրէն
ցուցադրէ
այդ
երիտասարդներուն
առջեւ,
անոնց
զմայլքանը
հրահրելով,
անոնց
մախանքը
հրաւիրելով
իր
—
տոքթորին
վրայ։
Շաբաթ
մը
չէր
անցած
իր
գալէն
ի
վեր,
Արշակ
նոր
կալուած
մը
ծախելու
անհրաժեշտութիւնը
մամային
առջեւ
դրաւ։
Խեղճ
կինը
հոգեկան
ու
մտաւորական
անանկ
շլացումի
մը,
դատողութեան
եւ
ողջմտութեան
անանկ
ջլատումի
մըն
էր
մատնուած.
որ
առանց
առարկութեան
հաւանեցաւ։
Այս
անգամ
Բերայի
տունն
էր
որ
ձեռքէ
հանուեցաւ,
երեք
հարիւր
ոսկիի։
Ամիրային
թոռը,
այս
գումարը
ձեռք
անցընելուն
պէս,
անխորհուրդ
շռայլութեան
մը
սկսաւ։
Վերջապէս
Փարիզէն
բերուած
այդ
աղջկան՝
ճաշակ
մը
տալու
էր
այն
հարստութենէն,
որուն
պատմութիւններովը
շլացուցեր
ու
մինչեւ
հոտ
տեղուանքը
քաշեր
էր
զայն
իր
հետը։
Փարիզուհին
քմայքներու
պոռթկում
մը
ունեցաւ,
զորս
գոհացնելու
համար
հարիւր
ոսկիի
գումար
մը
մուխի
պէս
ցնդեցաւ
գնաց,
մէկ
հարուածքով։
Բերայէն
ֆրանսացի
սենեակապանուհի
մը
բերուեցաւ
օրիորդ
Ամէլիին
պուտուառին
համար։
Շքեղ
մակոյկ
մը
վարձուեցաւ
Ոսկեղջիւրի
եւ
Վոսփորի
պտոյտներուն
համար։
Պերճաշուք
լանտօներով
գիւղ
դառնալը
սովորութիւն
եղաւ,
թաղեցիներուն
շլացած
աչուըներուն
առջեւ։
Մաման
ապուշ
ժպիտներով
նայեցաւ
այս
խօլ
մսխումին։
Հին
բարի
օրերուն
վերազարթումի
մը
արբեցուցիչ
տպաւորութեան
մը
տակ
կը
զոփար։
Այդ
տան
բոլոր
բնակիչներ
գինովցեր
էին,
բացի
Համբիկէն,
որ
այս
աղմուկին,
այս
իրարանցումին,
այս
յիմար
զեղխութեան
կը
նայէր
հանդարտ
ու
անքթիթ
աչուըներով,
առանց
անկէ
հրապուրուելու.
ատոնց
բոլորին
տակ
իրեն
ու
իր
սիրականին
համար
անծանօթ
վտանգներէ
վախնալով
հեռուէ
հեռու։
Տոքթորը
ա՛լ
գրեթէ
այդ
տխուր
դէմքով
չէր
զբաղած
տան
մէջ
անոր
կատարած
դերին
բոլորովին
անտարբեր,
ու
միշտ
խուսափած
էր
մասնաւորապէս
անոր
նայուածքէն,
որուն
սեւեռումը
անհաճոյ
սարսուռ
մը
կուտար
իրեն։
Գալով
Սոֆիին,
ան
ալ
հոգեկան
ալեկոծումի
մը
մատնուած
էր։
Մամային
եւ
փարիզուհիին
մօտ
իր
թարգմանի
նոր
պաշտօնին
բերմամբը
ստիպուած
էր
գրեթէ
իր
ժամանակը
անոնց
հետ
անցընել,
մեծ
մասամբ,
նոյնիսկ
անոնց
ընկերանալ
պտոյտներու
ատեն։
Որով
Համբիկի
հետ
գլուխ
գլխի
տեսակցութիւնները
մեծապէս
նուազած
էին։
Գիշերները,
ուշ
ատեն
միայն,
անոնք
երբեմն
զիրար
կը
գտնային,
կամ
պարտէզը,
մութ
ծառերուն
տակ,
կամ
իրենցմէ
մէկուն
սենեակը։
Տղան
տխրութեան
մը
քողը
կը
նշամրէր
հիմա
աղջկանը
դէմքին
վրայ,
եւ
յետոյ
անոր
նայուածքին
մէջ
տեսակ
մը
խռովք,
իր
նայուածքէն
խուսափելու
ճիգը,
շիբ
շիտակ,
անկեղծօրէն
իրեն
նայելու
վարանում
մը։
Քանի
մը
հեղ,
իր
առաջուան
առաջարկը
կրկնեց
անոր.
—
Սոֆի,
ըսաւ,
երթանք
սա
տեղէն…
հոս
դժբախտութիւն
մը
կը
սպասէ
մեզի։
—
Չէ,
յամառեցաւ
աղջիկը,
դեռ
ժամանակը
չէ,
մնանք…
Համբիկ
չպատասխանեց.
լայն
շունչ
մը
առաւ
միայն։
Փարիզէն՝
այդ
զոյգին
գալէն
ի
վեր,
իրենց
փոխադարձ
վերաբերումին
մէջ
ջերմութեան
պակաս
մը
գոյացաւ։
Ա՛լ
առջի
սրտաբուխ
փարումովը
չէին
փարեր
իրարու։
Իրարու
ձեռք
բռնած
ատեննին
ի՛նչ
սարսուռ
որ
կը
զգային՝
ա՝լ
առաջուան
քաղցրութիւնը
չունէր։
Երկար
ատեն
լուռ
ու
մունջ
կը
մնային,
ծանրաթախիծ
մտածումներով
գրաւուած
ապագայի
աղուոր
ծրագիրներու
վրայ
չէր
խօսուեր
այլ
եւս։
Ամիրային
թոռան
յանկարծահաս
երեւումը
կասեցուցած
էր
զիրենք
իրենց
միաշունչ
խոյանքին
մէջ։
Ցուրտ
հով
մը
կը
փչէր։
Իր
աչքին
առջեւ
պարզուած
տեսարանին
անտարբեր
մնալու
իր
ճիգերուն
հակառակ,
աղջիկը
կը
տանջուէր,
ներքին
խուլ
եւ
ահեղ
մրրիկէ
մը
տարուբերուելով։
Կեանքը
զոր
ապերասանօրէն
կ՚ապրէր
հիմա
փարիզուհին
ամիրային
թոռանը
մօտ,
իր
երբեմնի
կեանքն
էր,
երազի
մը
պէս
ապրուած։
Իր
պատուի,
իր
անձնատուութեան
գնովը
վաստկած
աթոռին
վրայ
ուրիշ
մը
եկեր
բազմեր
էր։
Այս
լպիրշ
յափշտակութեան
դէմ
իր
հոգիին
մէջէն
ահաւոր
բողոք
մը
կը
ծառանար։
Ցոփուհիի
մը
շուրջը
սփռուած
մանրակրկիտ
գուրգուրանքի
ու
մեծարանքի
այդ
փութկոտութիւնը
ցոյց
մը
կը
թուէր
իրեն
դէմ
սարքուած։
Երբեմն
հրաբուխի
մը
պէս
իր
մէջ
կ՚եռային՝
նորին
առաջուան
անուշ
յուզմունքով,
հրաշալի
սարսուռներով
ակաղձուն
կեանքին
վերադառնալու
խօլ
տենչերը։
Յետոյ,
—
եւ
գուցէ
ամենէն
աւելի
—
ո՜րքան
տպաւորիչ
եղեր
էր
ամիրային
թոռան
նոր
երեւումը՝
իր
փարիզեան
հովին
տակ։
Երիտասարդը
պարզապէս
հոյակապ
էր։
Փարիզը
նոր
հրապոյրներ
տուեր
էր
անոր։
Հասակը
կարծես
նրբացեր,
ճկունացեր,
շքեղցեր
էր։
Ազնուականի
նրբութիւն
մը
կը
թրթռար
անոր
անստգիւտ
շարժուձեւին,
խօսուածքին,
խնդուածքին
մէջ։
Բիրտ
ու
կոպիտ
բանը
զոր
Սոֆի
առաջ
երբեմն
տեսեր
էր
անոր
վրայ,
բոլորովին
ջնջուած
էր,
տեղի
տալով
անուշ,
հեզ,
աղապատալից
բանի
մը։
Արշակի
այս
զգեցած
տեսքին
առջեւ,
Սոֆի
երբեմն
իր
բոլոր
վրէժխնդրութեան
փլչիլը
կը
զգար,
մոռացումը
ոճիրին
որով
ան
մեղապարտ
եղած
էր,
եւ
տիրապետուիլը
նոր
զգացումէ
մը,
որուն
սակայն
ինքը
չէր
ուզեր
հաւատալ.
անոր
ամբողջ
եղերականութենէն
սարսափահար։
Նորէ՞ն
սիրէր
այդ
տղան,
այն
ամէն
բանէն
յետոյ
զոր
անիկա
ըրած
էր
իրեն։
Հիմակ,
ա՛լ
քով
քովի
էին
անոնք.
երկու
դէմքերը,
որոնք
իր
մանկամարդ
աղջիկի
թեթեւ
ու
յեղյեղուկ
հոգին
աննկարագրելիօրէն
հակընդդէմ
յուզմունքներու
խառնարան
մը
ըրած
էին.
ամիրային
թոռը
եւ
ձկնորսին
տղան։
Անխուսափելի
բաղդատութեան
մը
տանջանքին
մէջ
սկսաւ
գալարուիլ
նորէն
իր
տկար
հոգին։
Շատ,
շա՜տ
հեռու
գտաւ
հիմա
ինքզինքը
մէկէնիմէկ,
այն
զարմանալի
տրամադրութենէն,
որուն
ընկճումին
հնազանդեր
էր
կուրօրէն,
մեքենականօրէն
քնաշրջիկի
մը
պէս,
եւ
որ
զինքը
մղեր
էր
երթալ
գտնելու
ձկնորսին
այդ
տխուր
տղան՝
իր
անկումին
մէջ։
Ամիրային
մեծաշուք
թոռանը
քով
ո՛
ի՜նչ
եղկելի
պատկեր
մը
կ՚ըլլար
խեղճ
Համբիկ
իր
դեռ
շոշորդի
ձեւով,
կեանքէն
անդին
միշտ
նայելու
իր
խեղճուկ
կերպովը։
Կարծես
ան
շինուած
էր
միւս
անգիտակից,
խելակորոյս
կեանքին
համար
որուն
մղեր
էր
զինքը
սիրոյ
մերժում
մը։
Իր
տագնապներուն
մէջ,
Սոֆի
հիմա
կը
մտածէր
այն
զգացումին
վրայ
որուն
հնազանդեր
էր
Համբիկը
մինչեւ
հոդ
բերելու
համար։
Իր
անկումին
ցաւը
ատոր
մղեր
էր
զինքը,
—
ուրիշի
մը
ցաւը
ամոքելու
մխիթարութեան։
Մանրակրկիտ
վերլուծմամբ
մը
հասկցաւ
թէ
սէրը
գործ
չէր
ունեցած
ատոր
մէջ։
Բայց
նորէն
սրտի
ու
մտքի
անդորրութեան
րոպէներուն,
աղջիկը
խորունկ
զղջումներ
կ՚ունենար
իր
այս
մեղաւոր
մտածումներուն
համար։
Իր
ապաշխարութիւնը
կը
փնտռէր
համակրանքի
հաւաստումի
մը
մէջ
դէպի
խեղճ
տղան,
որ
իր
շուրջը
ստեղծուած
քաոսին
մէջ
կը
խարխափէր՝
իր
քայլերուն
ճամբան
որոնելով
վարանոտ
ու
շուարած.
հեռաւոր
ելքին
լոյսը
փնտռելով
ընդունայն։
Քանի
մը
անգամ,
կասկածելի
լոյսեր
տեսաւ
աղջկան
նայուածքին
մէջ,
երբ
ֆրանսուհին,
իր
արդուզարդին
անուշաբոյր
եւ
թրթռուն
շքեղութեանը
մէջ,
իրենց
առջեւէն
կ՚անցնէր՝
տոքթորին
հետ,
անոր
թեւէն
կախուած։
Ինչո՞ւ
Սոֆի
ատանկ
կը
նայէր
այդ
զոյգին,
աչքին
մէջ
նախանձի
փայլատակումներով։
—
Կը
հաւնի՞ս
սըւոնց,
հարցուց
օր
մը
Համբիկ,
Սոֆիին
թեւէն
բռնելով,
երբ
տոքթորն
ու
փարիզուհին
անցան
գացին
այդպէս։
—
Կ՚ատեմ,
ըսաւ
Սոֆի
խորունկ
ձայնով
մը,
սեղմ
ակռաներուն
մէջէն։
—
Աղջի՞կը
թէ
միւսը,
հարցուց
նորէն
Համբիկ։
Սոֆի՝
տղուն
նայեցաւ,
շուարած։
—
Երկո՛ւքն
ալ,
ըսաւ
պզտիկ
վարանումով
մը։
—
Ո՞վ
գիտէ,
մտածեց
անտառներու
նախկին
պարիկը՝
լայն
շունչ
մը
քաշելով։
Սակայն,
փոթորիկը
միայն
ձկնորսին
տղուն
եւ
լուացարարուհին
աղջկանը
մէջ
չէր
որ
կը
յորձանար
խուլ
ու
ահեղ
պտուտքներով։
Ամիրային
թոռան
երեսը
նոր
մրրիկ
մը
կը
բարձրանար,
որուն
ուժգնութենէն
կը
դողդղար
իր
ախտաւոր
հոգին։
Սոֆիին
համար
հրայրքոտ
կիրքի
մը
վերազարթումն
էր
ատ։
Ի
սկզբան,
չուզեց
հաւատալ
ասանկ
անհնարին
բանի
մը։
Եւ
ամէն
անգամ
որ՝
հակառակ
իրեն՝
անոր
վրայ
խուզարկու
աչք
մը
պտտցնելուն՝
տեսնել
կարծեց
պահծու
հրապոյրներ,
որոնք
առաջ
խուսափած
էին
իրմէ,
իսկոյն
գնաց
անձնատուր
ըլլալու
փարիզուհիին
ինքնակարկառ
շնորհներուն,
խելայեղիչ
ցնցումներու
մէջ
միւսը
մոռնալու
համար։
Բայց
ասանկ
պայքարի
մը
մէջ
ո՛րքան
պիտի
կրնար
դիմանալ
այնքան
թեթեւ
որքան
մոլի
հոգի
մը,
ինչպիսին
էր
ամիրային
թոռան
հոգին։
Ընդդիմութեան
քանի
մը
պզտիկ
փորձերէ
ետքը,
անիկա
իր
զգայարանքներուն
ծարուակէզ
պահանջներուն
յանձնեց
ինքզինքը,
գլխիվայր
տարուեցաւ։
Մէկէնիմէկ,
ա՛լ
Սոֆին
հիմակ
իրեն
երեւցաւ
ոչ
թէ
ծաղիկ
մը
որուն
բոլոր
թերթերը
մէկիկ
մէկիկ
փրցուցեր,
հոտուըտացեր,
կերեր
ու
կշտացեր
էր,
այլ
զմայլելի
կոկոն
մը,
որ
իր
դեռ
սերտօրէն
ծալլուած
թերթիկներուն
տակ
ամօթխած
գուրգուրանքով
մը
կը
պահէր
իր
բոլոր
գանձերը,
իր
բոլոր
հրապոյրներն
ու
բոյրերը։
Այս
մասին՝
տարհամոզումի
ճիգեր
ունեցաւ։
Երկարօրէն,
մանրամասնօրէն
վերյիշեց
այդ
աղջկան
հետ
իր
ապրած
բոլոր
հեշտախտաւոր
շարժումները,
սարսուռներն
ու
գինովութիւնները։
Չմոռցուելիք
տեսարաններ
աչքին
առջեւ
բերաւ՝
շա՛տ
յստակ
ու
թելադրական
գծերով։
Ճիչեր,
հեւքեր,
գալարումներ
համրեց։
Մտաբերեց
այն
խորունկ
յափրացումը,
որով
իր
զգայարանական
դրութիւնը
յանկարծ
պաշարուեր
էր,
նողկանք
զգալու
աստիչան
կշտացած
ըլլալով։
Այս
բաներուն
վկայելու
համար
իրենց
ապրած
շրջանակին
առարկաներն
անգամ
լեզու
պիտի
ելլային։
Եւ
սակայն,
ընդունայն
աշխատանք
մը
եղաւ
ասիկա
իր
կողմէ։
Արշակ,
փարիզուհիին
վարձու
եւ
սնգուրուած
շնորհներուն,
ապսպրուած
քծնումներուն
ու
մեղուշութիւններուն
քով
խնկաբոյր
եւ
գերազանցօրէն
հեշտալի
գտաւ
Սոֆիին
գեղափթիթ
իգականութեան
աղուորութիւնները,
անոնց
անեղծութիւնն
ու
կուսականութիւնը,
անոնց
քանդակային
յօրինուածութիւնը։
Անշուշտ,
այս
բաները
հաստատելը,
այս
մանրակրկիտ
հաւաստումներուն
զբաղումը
տառապանք
մը,
իր
անընկճելի
ու
ամբարտաուան
եսին
համար
արիւնալի
խոշտանգ
մը
եղաւ։
Ինք,
անկեղծօրէն,
ա՛լ
չէր
ուզեր
վերադառնալ
այդ
աղջկանը,
զոր
իր
արհամարհանքովը
լլկեր
ու
լքեր
էր։
Ասիկա
պիտի
նմանէր
կռնակը
քաշել
նորէն
հինցած
պատռտած
հագուստ
մը,
զոր
մէկդի
նետած
ես,
մինչ
ճոխ
ու
փառաւոր
հանդերձարան
մը
ունիս
տրամադրելի։
Բայց
իր
բացակայութեան
միջոցին,
տառապանքը
կարծես
հրապոյրի
նոր
լուսապսակ
մը
յօրիներ
էր
աղջկան
ճակտին
շուրջը։
Անոր
նայուածքին
մտախոհ
ու
տխուր
նուաղկոտութիւնը,
խօսելու
ձեւին
հիւանդաբոյր
ու
ծնգոտ
դանդաղութիւնը,
ու
քալուածքին
մէջ
հասակագեղ
ու
վէտվէտուն
բան
մը
որ
Ռաֆայէլի
Ժիւլին
կը
յիշեցնէր,
բոլորը
մէկէն
ա՛լ
այս
անգամ
բարձրահայեաց,
ինքնամփոփ
ու
անմատչելի,
Փարիզի
շուայտութիւններէն
վերադարձող
երիտասարդին
համար
խենթեցնող
հրապոյրներ
թուեցաւ։
Եւ
մանաւանդ,
իր
նորարծարծ
կիրքին
յագեցմանը
համար
այդ
մշտապատրաստ
որսին
վրայ
անմիջապէս
նետուելու
անհնարութիւնը,
զոր
այս
անգամ
այլեւս
իր
դէմը
տեսաւ,
կատարեալ
իր
բարոյական
ջախջախումը։
Ֆրանսուհիին
շէնշող,
շաղփաղփուն
եւ
խնդրամոլ
լեզուանիութեանը,
ծեքծեքումներուն
մէջ,
անոր
տարփավառ
փարումներուն
եւ
յորդահոս
գգուանքներուն
մէջ
ի
զուր
փորձեց
իր
մարմինը
ու
հոգին
կրկող
լավաներուն
հեղեղը
մարել։
Ատոր
յաղթելու,
անկէց
ճողոպրելու
իր
բովանդակ
տկարութեան
գիտակցութեանը
մէջ
կրցաւ
գոնէ՝
եսի
խրոխտ
ծառացումի
մը
կռթնած՝
ինքզինքը
պաշտպանել
այս
լքուած,
անարգուած
աղջկան
առջեւ
իսկոյն
երթալ
ջղահար
ու
լալագին
իյնալու
անարգութեանդ
դէմ։
Չէ,
այս
բանը
չպիտի
ընէր,
ամէն
զոհողութեան,
ամէն
չարչարանքի
գնով։
Եւ,
ընդհակառակը,
նորէն
մինչեւ
իր
ոտքերուն
առջեւ
զանիկա
քաշկռտելու,
իր
սէրը
դարձեալ
անոր
մուրալ
տալու
անդրդուելի
կամէութեամբ
մը
զինուած,
տոքթորը
բոլորովին
նոր
եւ
անվրէպ
միջոցի
մը
դիմեց։
Սոֆիին
աչքին
առջեւ,
սկսաւ
ծայրայեղ
գուրգուանքի,
հոգածութեան
եւ
սիրոյ
առարկայ
դարձնել
օրիորդ
Ամէլին։
Շռայլութեան
տագնապ
մըն
է
սկսաւ
նորէն։
Փարիզուհիին
ճերմակ
լանջը
գոհարներու
նշոյլին
տակ
կը
պսպղար։
Շքեղ
լանտօներով
պտոյտները
յաճախեցին։
Սլաձեւ
նաւակ
մը
միշտ
պատրաստ
գտնուեցաւ
աղիճին
այցը
ընդունելու։
Անոր
ներքնախուցին
մէջ,
տոքթորին
հետ
առանձնացումները
աչքին
զարնող
անպատկառութեամբ
տեւողութիւններու
հասան։
Նոյնիսկ
կէս
բաց
դռներէ
երեւցող
գիրկընդխառնումներ՝
դիտմամբ
սարքուած՝
Սոֆիի,
ցոյց
տուին
անոնց
յարաբերութիւններուն
ամբողջ
խաղքութիւնը։
Սրահին
մէջ
անգամ,
Սոֆիին
ու
մամային
ներկայութեանը,
չքաշուեցան
անոնք
վրան
շա՛տ
բաց
հոգածութեան
լպիրշ
ցոյցերէ,
զիրար
շողոմող
գգուական
վերադիրներու
վրդովեցուցիչ
գործածութեամբ,
որուն
համար
այնքան
ձեռընտու
է
մանաւանդ
ֆրանսերէն
լեզուն։
Մաման
անշուշտ
չէր
հասկնար
այդ
ափեղցփեղութիւնները,
իր
ապուշ
նայուածքին
զմայլանքովը
շրջապատելով
միայն
իր
զաւակը.
բայց
Սոֆի,
կը
լսէր
ու
կը
հասկնար։
Խուլ
կատաղութեամբ
մը
կ՚ուռէր
իր
լանջը
ի
տես
այդ
համարձակ
աղջկան,
որ
փարիզեան
բոզի
յայրատ
ու
աղմկոտ
շարժումներովը
կը
լեցնէր
ամիրային
խաղաղ
ապարանքը,
խանգարելով
անոր
խորհրդաւորութիւնը։
Սակայն
կանացի
հոտառութեամբ
մը,
մանկամարդ
աղջիկը
կրցաւ
թափանցել
երիտասարդին
բո՛ւն
հոգեբանութեանը։
Մէկ
քանի
անգամ
յանկարծ
բռնեց
զանիկա՝
երբ
կիրքով
ու
ըղձանքով
յղի
նայուածքով
մը
իր
վրայ
սեւեռուած՝
կ՚արձանանա՜ր
ան։
Արշակ
ի
զուր
աճապարեց
ու
սթափիլ
եւ
իր
զգացումը
պարտկել,
մատնուած
էր։
Այդ
րոպէէն՝
Սոֆի
հասկցաւ
թաքուն
միտքը՝
Փարիզուհիին
մօտ
անոր
ճղակտոր
փութկոտութիւններուն։
Ու
ա՛լ
այս
անգամ
չուզեց
դիւրին
որսը
դառնալ՝
անոր
անարգ
հնարամտութիւններուն,
թաւագլոր
իյնալ
անոր
ծուղակին
մէջ։
Ճակատագրական
կապ
մը
տեսաւ
իր
եւ
այդ
մարդոն
միջեւ.
անկից
խուսափելու
իր
բոլոր
ճիգերը
ապարդիւն
աշխատանք
մըն
էին։
Բայց
հակառակ
իր
այս
համոզումին,
իր
կողմէ
խիզախ,
ցուրտ,
ամբարհաւաճ
կեցուածքի
մը,
այդ
անողոք
հոգիին
անձնասիրական
կամէութիւնը
ջախջախելու
անհրաժեշտութիւնը
թեթեւագոյն
վրիժառութիւնը
նկատեց
անկից
կրած
իր
անարգանքին
համար։
Ուստի՝
անոր
զէնքերուն՝
համարժէք
զէնքերով
դիմադրելու
պատրաստուեցաւ։
Այս
անգամ,
փորձառութեամբ
ու
տառապանքով
դարբնուած,
իր
մէջ
ուժը
զգաց՝
այդ
մարդը
մինչեւ
իր
ոտքերուն
աղերսարկու
ու
լալահառաչ
բերելու
յաղթանակին։
Եւ
ա՛լ
առանց
վարանելու,
առանց
խղճահարելու,
առաւ
զէնքը
որ
իր
քովն
էր,
իր
մօտը
դիւրին
եւ
նպատակայարմար՝
Համբիկը։
Այդ
րոպէէն,
ձկնորսին
տղուն
շուրջը
ստեղծուած
կացութիւնը
առեղծուածային
եղաւ
իրեն
համար։
Իրենց
—
Սոֆիին
ու
Համբիկին
—
յարաբերութիւններուն
մէջ
փարիզեան
զոյգի
յեղակարծ
երեւումովը
առաջ
եկած
պաղութիւնը
մէկէնիմէկ
դադրեցաւ՝
խանդաղատագին
ու
անվերապահ
յորդումովը
Սոֆիին
սիրային
ցոյցերուն,
որոնցմով
աղջիկը
սկսաւ
շրջապատել
իր
մանկութեան
բարեկամը։
Իր
ընթացքին
մէջ
վարանում
ու
երկդիմութիւն
անհետացան։
Համբիկ՝
բիբերը
լայն
լայն
բացած՝
ջանաց
տեսնել
եւ
հասկնալ
պատճառը,
որ
չսպասուած
վայրկեանի
մը
կը
մղէր
իր
բարեկամուհին
ատանկ
գորովազեղ
ու
սիրակարկառ
շարժումի
մը,
բայց
չյաջողեցաւ։
Սոֆի
ժամանակ
չթողուց
որ
տղան
խորհրդածէ,
տրամաբանէ
եւ
հասկնայ։
Անոր
վիզը
նետուեցաւ
իր
սիրոյն
անդրդուելիութիւնը
կրկնելով
եւ
իրենց
մօտաւոր
վերջնական
երջանկութիւնը
փսփսալով
անոր
ականջին։
Սակայն,
երբ
Համբիկ
այս
շարժումէն
սիրտ
առած.
իր
ամբողջ
մտածումը
եւ
բաղձանքը
բանաձեւեց
կտրուկ
եւ
յստակ։
—
Սոֆի,
ուրեմն
ալ
ի՛նչ
կենանք
հոս.
իսկոյն
ելլանք
երթանք։
Աղջիկը,
նախ
ամպամած
ու
խոժոռ,
բայց
իսկոյն
նորէն
գորովալիր.
—
Չէ,
Համբիկս,
չէ,
դեռ
ժամանակը
չէ,
ըսաւ։
Սրահին
մէջ
ա՛լ
սկսաւ
երեւնալ
շատ
ցանցառ
կերպով։
Սառն,
զգուշաւոր
եւ
շրջահայեաց
եղաւ։
Իր
շեշտը
շատ
պաշտօնական
հնչիւն
մը
առաւ
եւ
ընդհանրապէս
խուսափեցաւ
խօսելէ
տոքթորին
հետ։
Մեծ
մասամբ
հանըմին
հրաւէրովը
միայն
մասնակցեցաւ
սալօնի
հաւաքումներուն,
անոր
եւ
ֆրանսուհիին
միջեւ
թարգմանի
չէզոք
դեր
մը
կատարելու
համար
միայն.
ու
միշտ
հանըմին
հետ
ինքն
ալ
կը
հեռանար,
ձգելով
տոքթորը
օրիորդ
Ամէլիին
հետ։
Շատ
իրիկուն,
Համբիկին
հետ
պտոյտներ
կատարեց
ամիրային
պարտէզին
մէջ.
մտերմօրէն
խօսակցելով
անոր
հետ,
մինչ
վերէն,
պատուհան՝
մը
տոքթորը
գաղտագողի
նայուածքներ
կը
նետէր
վարի
զոյգին
վրայ,
անոնց
շարժումները
լրտեսելով,
եւ
միւս
կողմէն
խօսելով
փարիզուհիին
հետ,
որ
իր
ուսին
կը
կրթնէր։
Ուրիշ
անգամ,
ամիրային
թոռը
Սոֆիին
դուրս
ելլալը
տեսաւ
Համբիկին
սենեակէն։
Տեսաւ
անոնց
փոխադարձ
ժպիտներն
ու
իմաստալից
ակնարկները։
Քանի
մը
հեղ,
դրան
մը
ճեղքէն,
կամ
դիպուածով,
տեսաւ
պինդ
ու
գորովոտ
ձեռնասեղմումները
անոնց։
Տեսաւ
դեռ
ուրիշ
մանր
մունր
ոչնչութիւններ՝
իր
երեւակայութեան
խոշորացոյցին
տակ
ընդլայնուած,
տեսաւ
այս
ամէնը
եւ
զառանցական
տենդերու
մէջ
գալարուեցաւ։
—
Սոֆին
ատ
ապուշը
կը
սիրէ
կոր
ուրեմն,
ըսաւ
ինքնիրենը,
կրկնեց
եւ
յանկերգեց։
Իր
կատաղութեանը
մէջ,
տոքթորին
առաջին
շարժումը
եղաւ,
բնականաբար,
հեռացնել
ուզեր
Սոֆիին
այդ
ազգականը,
որուն
ներկայութիւնը
արդէն
բանով
մը
չէր
կրնար
բացատրուիլ։
—
Աս
մարդը
ինչճի՞
է
հոս,
մամա,
ըսաւ
օր
մը
իր
մօրը։
—
Կալուածներուն
վարձքերը
կը
գանձէ
կոր,
պատասխանեց
մաման՝
զարմացմամբ
նայելով
տղուն,
անոր
կատաղի
շեշտին
արթնցած։
—
Կալուածները
պէտք
չունին
ատանկ
մարդու
մը,
վրայ
բերաւ
երիտասարդը։
Ճամբէ՛
երթայ։
—
Զաւակս,
ի՞նչպէս
ճամբեմ,
ի՞նչ
ըսեմ։
—
Ըսէ
որ
պէտք
չունինք
իրեն։
Քանի
մը
օր
անցաւ,
ու
Համբիկ
դեռ
հոն
էր,
Սոֆիին
տաք
ու
կենսատու
մտերմութեանը
մէջ
երջանիկ։
Տոքթորը
մօրը
բախեցաւ։
—
Աս
մարդը
դեռ
հո՞ս
է,
մամա։
—
Զաւակս,
որո՞ւ
ըսեմ,
ի՞նչպէս
ճամբեմ։
—Որու
միջոցաւ
որ
բերել
տուիր,
անոր
միջոցաւ
ճամբէ։
—
Սոֆիի՞ն։
—
Այո՛։
Մաման,
տագնապած,
իսկոյն
Սոֆին
կանչեց
եւ
խնդիրը
բացաւ
անոր։
Աղջիկը
խոժոռութեամբ
մտիկ
ըրաւ
տիկինը։
Ներքնապէս,
ուրախութեամբ
տեսաւ
իր
հասցուցած
հարուածին
հակազդեցութիւնը։
Տոքթորը
կը
տառապէր։
Ա՛լ
ամէն
համարձակութիւն
իրեն
համար
ներելի
գտաւ,
չվախեցաւ
ծայրայեղութենէ։
—
Տիկին,
ըսաւ,
Համբիկը
իմ
մօտ
ազգականս
է.
չեմ
կրնար
երեսի
վրայ
թողուլ
զինքը.
քանի
որ
կ՚ուզէր
որ
ասկէ
հեռանայ,
շատ
աղէկ.
բայց
ան
ատեն
ես
ալ
պիտի
ստիպուիմ
մօրս
հետ
հեռանալ,
զանիկա
առանձին
չձգելու
համար։
Տիկին
Մարկոսեան
տեսաւ
խնդրին
կնճռոտութիւնը։
Տանը
մէջ
Սոֆիին
ներկայութիւնը
անհրաժեշտ
էր.
ինքը
մանաւանդ
առանց
անոր
չէր
կրնար
ըլլալ։
Ի՞նչ
ընէր։
—
Շատ
աղէկ,
քանի
որ
ատանկ
է,
կը
մտածեմ,
ըսաւ։
Եւ
իսկոյն
տոքթորին
քովը
գնաց։
—
Զաւակս,
ըսաւ,
Սոֆի
չուզեր
առանձին
ձգել
Համբիկը.
անոր
հետ
ինքը
ու
մայրն
ալ
պիտի
ելլան
երթան.
ի՞նչպէս
ընենք։
Երիտասարդը
մթագին
ու
խենթ
նայուածքով
մը
մօրը
նայեցաւ։
Կիրքը
եւ
հպարտութիւնը
րոպէական
պայքար
մը
մղեցին
իր
մէջ։
Այո՛,
ա՛լ
այս
անգամ
կը
զգար
որ
այդ
աղջիկը,
զոր
ատեն
մը
իրեն
գերի
ըրած
էր,
հիմակ
իր
բարձրասլաց
արամարհանքին
տակ
կը
ճմլէր
զինքը
հոգեսպառ։
Յանկարծ,
հպարտութեան
անմտած
ժեսթի
մը
մէջ։
—
Թող
անո՛նք
ալ
երթան,
ամէնն
ալ
երթան.
զարմանալի
բան,
ուրիշ
սպասուհի
չե՞նք
կրնար
գտնել,
մամա,
հարցուց
մօրը
դառնալով։
—
Ինչո՞ւ
չէ,
զաւակս.
Յետոյ,
լռութիւն
տիրեց։
Տոքթորը
մեծաքայլ
կը
ճեմէր
տենդայոյզ
քայլերով,
պեխերը
ոլորակելով
աճապարանօք։
Տիկին
Մարկոսեան
զաւկին
այդ
տագնապին
սխալ
մեկնութիւն
տուաւ։
—
Տոքթոր,
ըսաւ,
ատոնց
համար
ինչո՞ւ
այսքան
կը
յուզուիս.
հիմակ
կ՚երթամ
ամէնքն
ալ
կը
ճամբեմ,
լմնցաւ
գնաց։
Ու
պատրաստուեցաւ
դուրս
ելլելու.
բայց
դրանը
առջեւ
Կոստանեանին
սանը
մօրը
դէմ
ցցուեցաւ։
—
Մամա,
ըսաւ
խուլ
ու
խոռոչաւոր
ձայնով
մը,
զոր
անբացատրելի
յուզում
մը
կը
սարսռացնէր,
խնդիրը
ատոնք
ճամբելուն
վրայ
չէ.
դուն
Սոֆիին
վարժուած
ես.
առանց
անոր
չես
կրնար
ըլլալ.
մայրն
ալ
աշխատող
կին
է.
լաւագոյն
չէ՞
որ
չճամբենք։
Խեղճերը
աղքատ
ալ
են…
ի՞նչ
պիտի
ըլլան
դուրսը…
Հանըմը
զաւկին
նայեցաւ՝
անոր
այս
յանկարծական
վօլթ-ֆասէն
շուարած։
—
Չճամբե՞մ
ուրեմն,
հարցուց։
—
Չէ՛,
ի՞նչ
հարկ
կայ,
ատոնցմէ
աղէ՞կը
պիտի
գտնանք։
—
Հապա
տղա՞ն։
—
Տղա՞ն
մը,
ըսաւ
Արշակ
մօրը
նայելով՝
չհասկնալու
պէս։
—
Համբի՞կը։
—
Համբիկը,
հա՛,
ան
աւելորդ
է,
բայց
ի՛նչ
ընենք,
միւսերուն
խաթերը
համար…
Բայց
ամիրային
թոռան
սառապանքը
ասով
նոր
զարկ
մը
ստացաւ։
Սոֆիէին
իր
երեսին
նետուած
արհամարհանքի
այդ
ապտակը
կրակ
տուաւ
իր
առիփներուն։
Այդ
աղջկան
առջեւ
ուրեմն
ա՛լ
բան
մը
կշիռ
չունէր.
ոչ
իր
ամիրայականութիւնը,
ոչ
իր
կենցաղագէտ
ազնուականի
շպարը,
եւ
ոչ
իսկ
իրենց
առջի
սէրը։
Լուացարարուհիի
մը
աղջիկը
ժպրհութիւնը
կ՚ունենար
այդպէս
ոեւէ
կոշտուպոլոշտ
ապուշ
մը
գերադասելու
մեծանուն
ամիրայի
մը
թոռանը։
Արշակ
խուլ
տառապանքներու
մէջ
գալաուեցաւ։
Իր
առջի
դիւրին
յաղթանակին
պարագաներուն
վերյիշումովը
ուզեց
օրօրուիլ
ու
սփոփուիլ.
անոնք
աւելի
հրահրեցին
իր
կիրքը։
Այդ
կացութեան
ամրապինդ
գելանէն
ինքզինքը
ազատելու
համար
խենթուխելառ
միջոցներ
մտածեց.
բայց
զանոնք
գործադրելու
րոպէին
տկարացաւ։
Իր
տանջանքին
սաստկութեանը
տակ՝
քանի
մը
անգամ
որոշեց
բոլորը
մէկէն
դուրս
քշել
ապարանքէն,
մէկ
հարուածով
ամէն
բան
վերջացնելու
համար։
Բայց
Սոֆիին
հպարտօրէն
մոգական
մէկ
նայուածքը
ճամբան
սառեցուց
ու
կարկամեց
իր
այդ
շարժումը։
Ուրիշ
անգամ,
մտածեց,
ամէն
նկատում
ոտքի
տակ
առնելով,
երթալ
այդ
անողոք
աղջկան
փէշերուն
իյնալ,
լալ,
պաղատիլ,
ապաշաւել,
խոստավանիլ
իր
վատութիւնը,
անարգութիւնը,
եւ
ամէն
բան
ամէն
գնով
դարմանելու
իր
տրամադրութիւնը։
Ինքնիրենը
ասանկ
սրտաճմլիկ
տեսարաններ
երազեց։
Մերթ
Սոֆի՝
զղջահար
հոմանիին
պաղատանքէն
տարուելով՝
ինքն
ալ
անոր
ոտքերուն
կ՚իյնար,
մերթ
ալ՝
անողոք
ու
անկարեկիր՝
թիկունքը
կը
դարձնէր
անոր.
ամիրային
թոռը
այս
արհամարհանքին
հարուածէն
դիտապաստ
կ՚իյնար
անգամ
մը.
ուրիշ
անգամ
մըն
ալ
սակայն
վեր
ցատկելով
իր
բազուկներուն
մէջ
մոլեգնութեամբ
կը
խեղդէր
աղջիկը։
Փարիզուհիին
ներկայութիւնը
ծանրացուց
իր
վիճակը.
սկսաւ
անտանելի
գտնել
զէվզէկ
ֆրանսուհին,
անոր
ծըւիկ
ու
ծեքծեք
շարժումները,
վարձկան
ու
սուտ
քծնումները,
անոր
հետզհետէ
բազմապահանջ
քմահաճոյքները,
եւ
մանաւանդ
Փարիզէն
յատկապէս
բերուած
այդ
աղջկան
դէմքին
միշտ
խնդալու,
անոր
շփացածութիւնները
գգուելու
եւ
իր
հոգեկան
վիճակէն
խնամոտօրէն
անոր
բան
մը
յայտնի
չընելու
հարկաւորութիւնը։
Հիմակ
յստակօրէն
գիտակցութիւնը
կ՚ունենար
իր
գործած
ոճիրին
մեծութեանը,
իր
հոգիին
կոշկոռոտ
ապականութեանը։
Եւ
դեռ
մինչեւ
այն
ատեն
իրեն
անծանօթ
խոյանք
մը
կը
յառնէր
իր
մէջ՝
ազնիւ,
մաքուր,
կոյս
սէրերու
համար,
զորս
վայելած
էր,
առանց
անոնց
խորունկ
քաղցրութիւնը
ըմբռնելու
եւ
որոնց
հրայրեաց
կարօտը
իր
էութիւնը
կը
խանձէր
հիմակ։
Սոֆի՝
իր
առաջին
յաղթանակին,
եւ
մղուած
լուռ
պայքարին
մէջ
իր
գերազանցութեան
գիտակցութեամբը
զօրացած,
անյողգողդ
շարունակեց
իր
ընթացքը։
Սկիզբները,
երբ
Արշակ
եւ
իր
հոմանուհին
նոր
եկած
էին
Փարիզէն,
Սոֆի
չէր
մասնակցած
սեղանին։
Յետոյ
հանըմը
հրաւիրած
էր
զինքը
որ
սեղանակից
ըլլայ
իրենց.
Սոֆի
համակերպած
էր։
Արդ,
օր
մը
աղջիկը
նորէն
դադրեցաւ
երեւնալէ
ամիրայական
սեղանը։
Տոքթորը
ասոր
պատճառը
հարցուց
մամային,
մամա
ալ՝
Սոֆիին։
Այս
վերջինը
առարկեց,
թէ
իր
առողջութեանը
պատճառով
ստիպուած
ըլլալով
թեթեւ
սնունդ
մը
առնելու,
առանձին
ճաշելը
աւելի
յարմար
էր
իրեն։
Սակայն,
յետոյ
տոքթորը
նշմարեց
որ
Սոֆի՝
Համբիկի
հետ
կը
ճաշէր
միշտ,
անոր
սենեակը,
գլուխ
գլխի։
Երիտասարդ,
սրտմտած,
մամային
պայթեցաւ
այս
մասին։
—
Աս
աղջկան
ըրածը
կը
վայելէ՞,
մամա,
պոռաց։
—
Զաւակս,
հիւանդ
եմ,
կ՚ըսէ
կոր,
ձեր
կ՚երած
կերակուրներէն
չեմ
ուտեր,
կ՚ըսէ
կոր,
պատասխանեց
մաման,
այդքան
բծախնդրութեան
մը
վրայ
զարմանալով։
Ինչո՞ւդ
պէտք,
զաւակս,
ո՛ւր
կ՚ուզէ
ճաշէ,
աւելի
աղէկ,
սեղանին
վրայ
մենք
մեզի
կ՚ըլլանք։
—
Բայց
այդ
մարդուն
հետ
կը
ճաշէ
կոր,
շարունակեց
Արշակ.
ի՞նչ
ըսել
է,
կը
վայելէ՞
տան
մէջ
ասանկ
բան։
—
Ազգականս
է,
կ՚ըսէ
կոր,
ի՞նչ
ընենք։
—
Չէ՛,
չըլլար,
չե՛մ
ուզեր,
կը
խանչէր
ամիրային
թոռը
մոլեգնօրէն
ոտքը
գետին
զարնելով,
մեր
պատիւը
կայ,
ամիրային
պատիւը
կայ.
ի՞նչ
կ՚ըսէ
հասարակութիւնը.
բայց
դո՞ւն
ինչպէս
թոյլ
կուտաս
ասանկ
բան
մը,
մամա,
պոռաց
մօրը
երեսին,
որ
ափիբերան
եղած
տղուն
կը
նայէր։
—
Ի՞նչ
ընեմ,
զաւակս,
ի՞նչ
կ՚ուզես
որ
ընեմ։
—
Ի՞նչ
պիտի
ընես,
ամէնը
մէկ
վռնտէ,
լմննայ
երթայ.
ատոնք
մեր
պատիւին
հետ
կը
խաղան
կոր։
Վռնտէ՛,
ճանըմ,
վռնտէ՛,
ատոնք
ինչերնի՞ս
են.
ի՞նչ
կ՚սպասենք
ատոնցմէ.
Մերկերեանին
բերած
հէտիէները,
թող
գայ
առնէ
տանի…
Եւ
ուժգնօրէն
դուրս
ելլելով
գնաց
իր
սենեակը
փակուեցաւ։
Մաման
այս
պոռթկումէն
սասանած,
սկսաւ
մտածել
թէ
ի՛նչ
կերպով
տունէն
հեռացնէր
Սոֆին,
մայրը
ու
տղան.
այս
մասին
որոճալու
վրայ
էր
երբ
Արշակ
նորէն
ներս
մտաւ
սենեակէն։
Անձայն
վեր
վար
կը
ճեմէր։
—
Մամա,
ըսաւ
մօրը
առջեւ
տնկուելով
մէկէնիմէկ,
կը
մտածեմ
որ
ատոնք
խեղճ
մարդեր
են,
ասկէ
դուրս
հանուին
մէ
անօթի
կը
մնան,
եկուր
մի՛
ճամբեր,
չըլլա՞ր,
մեղք
են։
—
Ապրիս,
բարեսիրտ
զաւակս,
ըսաւ
տիկինը
իր
ազնիւ
տղան
համբուերելով։
Տարփանքէն
եւ
կատաղութենէն
խարազանուած,
ամիրային
թոռը
քանի
մը
օրը
անգամ
մը
ասանկ
տեսարաններ
ստեղծեց։
Հակառակ
իր
ճիգերուն,
իր
տենդը,
յուզումը,
վրդովումը
աննշմարելի
չմնացին
փարիզուհիէն
որ
սկսաւ
հետաքրքրուիլ։
Տանջանք
մըն
ալ
աս
եղաւ։
Հիմա,
կը
զղջար
Փարիզէն
հետը
բերած
ըլլալուն
այդ
աղջիկը,
որ
հարիւրաւոր
ոսկիներու
նստած
էր
իրեն։
Բայց
մանաւանդ,
ձկնորսին
տղուն
ներկայութիւնը
յարաժամ
լլկանք
մը
եղաւ
իր
մրրկալի
հոգիին
համար։
Քանի
մը
անգամ
մղուեցաւ
բրտօրէն
ապարանքէն
դուրս
նետել
զանի,
բայց
ատոր
համար
հարկ
եղած
բարոյական
արու
ուժը
վերջին
րոպէին
միշտ
պակսեցաւ
իր
քով,
այդ
երիտասարդին
նայուածքին
թաքուն
սպառնալիքին
առջեւ
պաշարուելով
երկիւղով
մը
որուն
պատճառը
չէր
կրնար
հասկնալ,
հակառակ
որ
ինքը
երկարօրէն
եւ
անձկանօք
իր
յիշողութեան
մէջ
փնտռուած
ըլլար
այդ
նայուածքը։
Անոր
հանդիպելուն,
կ՚աճապարէր
իսկոյն
խուսափիլ,
վրդոված
անոր
վրէժխնդիր
սեւեռումէն,
որ
նշդրակի
մը
պէս
իր
մէջը
կը
մխուէր։
Շուարած
եւ
մոլեգին,
փարիզուհիին
հետ
խօլ
շուայտութեան
մը
անձնատուր
եղաւ,
ջուրի
պէս
մսխելով
դրամը,
ա՛լ
իրարու
ետեւէ
ծախելով
կալուածները,
որոնց
անհետացումը
ա՛լ
երկիւղ
չէր
պատճառեր
տիկին
Մարկոսեանին,
ըստ
որում
որոշուած
էր
որ
երբ
բոլոր
կալուածները
լմնային,
Մարկոսեան
ամիրային
այդ
պատմական
ապարանքն
ալ
մէջով
դուրսով
ծախուէր
եւ
իրենք,
մայր
ու
որդի,
ելլային
Փարիզ
երթային՝
հոն
հաստատուելու
համար
բոլորովին.
համալսարաններու
եւ
ամէն
տեսակ
բրօֆէսէորներու
այդ
ոստանին
մէջ,
որոնց
հետ
միշտ
գործ
պիտի
ունենար
«հայ
գիտական
աշխարհին
այս
պարծանք»ը,
ինչպէս
գրած
էր
Արեւմուտք՝
տոքթոր
Մարկոսեանին
Պոլիս
դարձին՝
ֆրանսացի
երեւելի
բժիշկ
տոքթոր
Կրուասարին
աղջկանը
հետ։
Այս
հեռաւոր
եւ
շլացուցիչ
նպատակին
գործադրութեանը
համար
նոյնիսկ
մասնաւոր
տենդ
մը
կար
կարծես
ամէն
բան
շուտ
լմնցնելու.
Մարկոս
ամիրային
յիշատակարանները
մոխիրի
վերածելու։
Շատ
հեղ,
մաման
իր
զաւկին
խուցը
կ՚երթար,
անոր
հետ
գաղտնապէս
տեսնելու
համար
պատրաստուած
այս
նոր
ծրագրին
մանրամասնութիւններուն
վրայ,
բացարձակապէս
անտեղեակ
այն
եռացումին
որուն
մատնուած
էր
տոքթորին
ջիղերը։
«Այո,
մամա,
կ՚ըլլայ,
մամա.
շատ
աղէկ,
մամա.
ինչո՞ւ
չէ,
մամա.
հարկաւս,
մամա»յի
պէս
անորոշ
եւ
դիւրին
պատասխաններով
գլխէն
կը
հեռացնէր
այդ
անտանելի
մաման,
որ
մանկան
մը
պէս
հրճուելով
կ՚երթար
միս
մինակը
ժպտելու
«հեռաւոր
համալսարաններու
եւ
բրոֆէսէորներու»
ստուերագիծներուն
որոնք
կարծես
հիմակուընէ
կը
շարժէին,
կը
պարէին,
կը
ցատքրտէին
իր
մշշապատ
աչուըներուն
առջեւ։
Անդին,
Համբիկ-Սոֆի
տաք
սիրերգութիւնը
հանդարտօրէն
կը
հոլովէր։
Աղջկան
հաւատարմութեան
եւ
անկեղծութեան
ամէնօրեայ
հաւաստումներուն,
ցոյցերուն
առջեւ՝
երիտասարդը
կը
սրտապնդուէր,
եւ
իր
յետին
կասկածները
կը
ջնջուէին,
ու
ներքնապէս
կը
սկսէր
ժպտիլ
կեանքին,
մօտաւոր
ապագայի
ազուոր
ծրագիրներ
մշակել,
ամիրայի
այդ
մգլոտ
ու
խղդուկ
յարկէն
դուրս
կազմուելիք
տաք
բոյնին
տեւականութիւնն
ու
երանութիւնը
ապահովող,
երկու
սիրտերու
ներդաշնակ
կապին
յաւէրժութիւնը
նուիրագործող։
Իր
միամիտ,
անկեղծ,
բոլորանուէր
յորդումներով
իր
ա՛լ
անվերապահ
գաղտնասացութիւններովը
որոնցմով
իր
սրտին
ամենածածուկ
իղձերը
կ՚արտայայտէր
խղճահարութեան
բուռն
փորձութիւններու
եւ
իր
մեղաւոր
ձգտումներուն
մէջ
յանկարծական
կասումներու
կը
մատնէր
Սոֆին։
Այդ
սրտաբաց
մտերմութեան
մէջ,
Համբիկ
պերճախօս
եւ
համոզիչ
շեշտով
կ՚ուզէր
աղջկանը
մտքին
վրայէն
փարատել
աղէտալի
տպաւորութիւնը
զոր
հոն
թողած
էր
ամիրայական
կեանքին
փարթամութիւնը
եւ
բոլոր
մեծաշուք
կեանքը,
կրնար
ապրուիլ,
եւ
վերադարձնել
զայն
համեստ,
անշուք,
խաղաղ,
կեանքի
երջանկութեան
մտածումին։
Ու
գրեթէ
ամէն
օր,
իր
վշտաբեկ
եւ
յուզիչ
շեշտովը,
Համբիկ
իր
յաւիտենական
հրաւէրը
կը
կարդար
աղջկան։
—
Երթանք,
հեռանանք
ասկէց,
Սոֆի,
ա՛լ
ինչո՞ւ
կեցեր
ենք։
—
Քիչ
մըն
ալ,
քիչ
մըն
ալ
համբերէ,
կը
պատասխանէր
աղջիկը։
Եւ
սակայն
հակառակ
իր
թաքուն
եւ
մեղապարտ
դիտումներուն,
կ՚ազդուէր
երիտասարդէն,
անոր
անկեղծ
ու
սրտառուչ
շեշտէն,
անոր
գաղափարներուն
բարբառուն
ողջմտութենէն.
ա՛յս
բուն
երջանկութիւնը
անոր
յայտնած
խորհուրդներուն
իրականացումին
մէջ
կը
տեսնար,
խրատուած
իր
առջի
մերժումին
տխուր
հետեւանքներէն։
Հիմա,
նմանօրինակ
վարմունք
մը
ո՛վ
գիտէ
որքան
աւելի
սուղի
պիտի
նստէր
իրեն։
Ամիրային
թոռանը
հետ
ապրած
առջի
ապերասան
ու
շուայտ
կեանքին
վերյիծումը
մերթ
նողկանքի
սարսուռներ
կը
պատճառէր
իրեն։
Հոն,
նենգաւոր
ու
ախտավարակ
նկարագրի
մը
ամբողջ
հրէշային
մերկութիւնը
կը
ցցուէր
իր
դէմը։
Խաբէութեան
բոլոր
նրբութիւնները,
ոճրին
բոլոր
մանրամասն
դրուագները
մտքին
առջեւէն
կը
տողանցէին՝
շարժանկարի
մը
սարսռալի
արագութեամբը։
Կը
յիշէր
մանաւանդ
վերջին
տեսարանը,
ուր
այդ
հրէշը՝
իբրեւ
պսակումը
իր
եղեռնին՝
խաբուած
լլկուած
աղջկան
պաղատանքի
արցունքներուն
շնական
անտարբերութեամբ
պատասխանած
էր.
վռնտա՛ծ
էր
զինքը.
ու
ինք
հիմա,
այդ
ամենէն
ետքը
կը
մղուէր
նորէն
երթալ
իյնալու
այդ
բազուկներուն
մէջ.
հեշտանալու
անոր
շունչին
թունարկու
գինովութեանը
տակ…։
Եւ
ահա
ան
հոն
էր,
իր
դէմը
իր
կիրքերուն
սանձարձակ
ցուցադրութեամբը,
մոլութեան
խորունկներէն
դուրս
քաշկռտուած
բոզի
մը
հետ
գիրկ
գիրկի,
շունչ
շունչի.
անարգ
եւ
անպատկառ։
Իր
մոլորած
շլմորած
հոգիին
զգաստացումի
այս
տագնապներուն
մէջ՝
հէք
աղջիկը
լուռ
ստրջանքի
արցունքներով
նորէն
կը
նետուէր
Համբիկի
գիրկը.
—
Ներէ՛,
ներէ՛
ինծի,
Համբիկ,
կը
հառաչէր…
ես
արժանի
չեմ
քեզի…
ո՛հ,
ոչ,
ոչ,
արժանի
չեմ…
Տղան
կը
բողոքէր,
չհասկնալով
անոր
հոգեկան
տանջանքը,
ջանալով
մխիթարել
զանի,
սրտապնդիչ
բառեր
շշնչալով
ականջին։
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
արժանի
չեմ
քեզի,
կը
հեծկլտար
նորէն
Սոֆի։
Սակայն,
երիտասարդին
հանդէպ
իր
վարմունքին
անկեղծութիւնը
հետզհետէ
անոր
մտքէն
վանեց
կասկածանքի
յետին
նշոյլները։
Համբիկ,
շօշափելի
իրողութիւններով
եւ
դրականապէս
տեսաւ
Սոֆիին
սառն
ընթացքը
տնեցիներուն
հանդէպ.
նոյն
իսկ
վերջին
անգամ
անոնց
սեղանը
արհամարհելը
եւ
իրեն
հետ
առանձնակի
ճաշելու
որոշումը
գերազանցօրէն
արհամարհոտ
ու
խրոխտ
շարժում
մը
երեւցաւ
իրեն,
իրենց
մօտալուտ
ու
վերջնական
կենակցութեան
նախագուշակ
պարագայ
մը,
որ
ուրախութեան
նոպայով
մը
ցնցեց
իր
հոգին։
Իրիկուան
մթնշաղներուն,
ամիրային
պարտէզին
տերեւախիտ
ծառերուն
ստուերներուն
տակ
իրենց
պտոյտները
այնքան
անզգոյշ
ու
բացաձրակ
եղան,
որ
Կիւլիւկ
հանըմ
հարկ
դատեց
այս
մասին
թեթեւ
դիտողութիւն
մը
ընել
աղջկանը.
Սոֆի
խուսափողական
բան
մը
ըսաւ
ու
անցաւ։
Ու
մտերմական
կեանքը
շարունակուեցաւ
նորէն։
Ասկէ
քաջալերուած,
Համբիկ
այդ
տունէն
հեռանալու
հարցին
թախանձագին
շեշտ
մը
տուաւ։
Ա՛լ
գրեթէ
իրենց
խօսակցութիւնը
այս
նիւթին
վրայ
դարձաւ։
Համբիկ
ծրագիրներ
պարզեց
աղջկանը
ապահովող
անոր
ապագայ
երջանկութիւնը։
Կամքով
ու
կորովով
լոցուն՝
Համբիկ
ասպարէզ
պիտի
նետուէր
նորէն
դրամ
շահելու,
իրեն
դիրք
մը
ստեղծելու
համար։
Յետոյ,
պիտի
ամուսնանային,
տաք
ու
սիրաշունչ
բոյն
մը
կազմելով,
ուր՝
վրայ
հասնող
պզտլիկներու
հետ՝
բարօրութիւնը
միահեծան
պիտի
տիրէր,
ուր
ամէն
բան
վարդագոյն
պիտի
ըլլար…
ի՜նչ
անուշ
հեռապատկեր։
Սոֆի,
անկայուն
հոգի,
քիչ
քիչ
տարուցաւ
այս
քաղցր
օրերէն։
Միւս
աղմկալից
կեանքին
համար
իր
պժգանքը
հետզհետէ
խորին
եղաւ,
եւ
ա՛լ
սկսաւ
նոյն
իսկ
ենթադրել
որ
տոքթորին
հանդէպ
իր
բռնած
դիտումնաւոր
ընթացքին
բուն
շարժառիթը
ոչ
թէ
զանիկա
գրգռել,
անոր
սէրը
բռնկեցնել
էր,
այլ
պարզապէս
զանիկա
վերջնականապէս…
ատել։
Այս
բառը
ինքնիրենը
քանի
մը
հեղ
բարձրաձայն
արտասանեց
ալ.
կարծես
համոզուելու
համար
թէ
անիկա
խորթ
չէր
հնչէր
իր
ականջին
եւ
իր
ամենաթաքուն
զգացումները
կ՚արձագանգէր։
—
Այո՛,
կ՚ատե՛մ,
կ՚ատե՛մ,
կ՚ատե՛մ,
կրկնեց՝
այս
բառը
եւ
անոր
արտայայտած
զգացումը
իրեն
պարտադրելու
կորովի
ճիգով
մը։
Յետոյ,
օրին
մէկն
ալ
տեղի
տուաւ
Համբիկի
թախանձանքներուն,
մէկէնիմէկ,
առանց
դժուարութեան։
—
Երթանք,
հեռանանք
սըկէ
ըսաւ.
ա՛լ
կը
բաւէ.
կը
ձանձրանամ
կոր։
Երիտասարդը
ուրախութենէն
աղջկան
ճիտը
փաթթուեցաւ։
Իր
երազած
արշալոյսը
վե՜րջապէս
կը
ծագէր։
Եւ
հանդարտօրէն
անոնք
մտածեցին
այդ
աղէտալի
շէնքէն
դուրս
ելլելու
միջոցներուն
վրայ։
Համբիկ
այն
օրուընէ
իսկ
պիտի
ճարտարուորէր
գործ
մը
գտնելու։
Իր
նախկին
չորպաճիին
պիտի
դիմէր,
կամ
իրեն
ծանօթ
ուրիշ
վաճառականներու
նորէն
առեւտրական
ասպարէզը
մտնալու
համար։
Այս
բանը
բոլորովին
գաղտնի
պահուեցաւ,
նոյն
իսկ
Կիւլիւկ
հանըմէն։
Որոշեցին,
ամէն
բան
պատրաստելէ
յետոյ
յանկարծակի
մեկնիլ,
ափիբերան
ձգելու
համար
ամիրային
աղջիկը
ու
թոռը։
Համբիկ
ամէն
օր
շուկայ
կ՚երթար՝
իր
մտադրած
դիմումներուն
աշխատելու.
եւ
իրիկուան,
վերադարձին,
միշտ
յուսադրիչ
լուր
մը
կը
բերէր
Սոֆիի,
որ
մանկական
ուրախութեամբ
մը
կը
հրճուէր։
Այդ
միջոցներուն
յանկարծ
կարեւոր
բան
մը
տեղի
ունեցաւ
տան
մէջ։
Առտու
մը,
տիկին
Մարկոսեան,
տոքթորը
եւ
Օր.
Ամէլի
Կրուասար
շուտով
կառք
մը
նստելով
մեկնեցան։
Եւ
իրիկուան,
մայր
ու
զաւակ
վերադարձան,
առանց
Օր.
Ամէլիի։
Ոչ
ոք
կրցաւ
հասկնալ
թէ
ի՛նչ
եղած
էր
ֆրանսուհին,
մինչեւ
որ
քանի
մը
օր
ետքը
հանըմը
յայտնեց
Սոֆիի,
թէ
տոքթոր
Ֆրուասար
շուտով
իր
քովը
ուզած
էր
իր
աղջիկը,
որով
ստիպուած
էին
ճամբու
դնել
զանի։
Եւ
աղմկալի
փարիզուհիին
հեռացմամբը
ապարանքը
վերստացաւ
իր
առաջուան
անդորրութիւնը։
Բայց
Սոֆիէն
ոչ
ոք
նշմարեց
սակայն
այն
տարօրինակ
փայլը
որ
յանկարծ
շողաց
տոքթորին
աչուըներուն
մէջ։
Զայրացած,
զսպուած
կիրքի
մը
բոցն
էր
ատիկա,
լուռ,
ինք
իր
մէջ
ճարճատող,
բռնկող,
այրող։
Սոֆի
տեսաւ
ատիկա.
հասկցաւ.
Համբիկ՝
անձնատուր
այն
երջանկութեան
որուն
վերջապէս
հասած
ըլլալ
կը
կարծէր,
պատրաստուած
ծրագրին
գործադրութեանը
կը
հետամտէր
հեւիհեւ։
Օր.
Ամէլիին
հեռացումը
իր
ուշը
անգամ
չգրաւեց։
«Երթաս
բարո՜վ»,
ըսաւ ,
մուր
մը
տալով
անոր
ետեւէն։
Եւ
իրիկուն
մը
վերջապէս՝
զեղուն
խնդութեամբ
մը
հաղորդեց
Սոֆիի
թէ
բաւական
գոհացուցիչ
գործ
մը
գտած
էր
կարեւոր
վաճառատան
մը
մէջ,
որուն
պիտի
սկսէր
քանի
մը
օրէն.
թէ՝
գումար
մըն
ալ
ձեռք
բերած
էր՝
նոր
տան
մը
մէջ
իրենց
տեղաուորման
ծախսերուն
համար,
եւ
թէ
հետեւեալ
օրն
իսկ
կրնային
ընդմիշտ
թողուլ
այդ
չարաշուք
յարկը
եւ
հեռանալ։
Սոֆի
անխառն
հրճուանքով
մը
ընդունեց
այս
լուրը,
որուն
այնքան
անհամբերութեամբ
կը
սպասուէր
այնքան
ատենէ
ի
վեր։
Կիւլիւկ
հանըմի
իմաց
տուին
գործը.
խեղճ
կինը
ուրախութեան
արցունքներ
թափեց,
ու
փոխնիփոխ
համբուրեց
աղջիկն
ու
տղան,
իրարու
վրայ
քանի
մը
ծունկ
աղօթք
ըրաւ,
բազկատարած,
փառք
տալով
Աստուծոյ
ու
երկնքի
բոլոր
սուրբերուն։
Իրենց
փրկութեան
կոչնակին
ձայնը
լսել
կարծեց։
Վերջին
արգելքները
ինկած
անհետացած
էին
այն
ճամբուն
վրայ,
որուն
հարթ
հաւասար
գիծը
կ՚երեւար
հիմա
իրեն՝
սպիտակ
ու
փողփողուն։
Որոշուեցաւ
որ
յաջորդ
օրը
Սոֆի՝
հանըմին
յայտնէր
իրենց
անմիջական
մեկնումին
հարկաւորութիւնը
եւ
հրաժեշտ
առնէր
անկէ,
ինչպէս
նաեւ
տոքթորէն։
Բնաւ
տեղի
պիտի
չտար
եւ
անդրդուելի
պիտի
մնար
հանըմին
ստիպումներուն։
Նոյնպէս
ոեւէ
վարձատրութիւն
պիտի
մերժէր,
եթէ
հանըմը
ատանկ
բան
մը
ընել
ուզէր
իրեն։
Նմանապէս
հոդ
պիտի
թողուէին
բոլոր
այն
առարկաները
որոնք
Սոֆիին
գործածութեանը
յատկացուած
էին,
բոլոր
իրերը
որոնք
այնքան
տխուր
յիշատակներ
կ՚արթնցնէին։
Հետեւեալ
օրը,
ամէն
բան
կարգադրելէ
յետոյ,
Համբիկ
իրիկուան
ապարանք
պիտի
դառնար,
առնելու
համար
Սոֆին
ու
Կիւլիւկ
հանըմը։
Թումիկին
տղան
կեանքին
առաջին
երջանիկ
օրը
կ՚ապրէր։
Առտուն՝
համբուրելէ
յետոյ
Սոֆին
որ
ջերմօրէն
փոխարինեց
այդ
ողջագուրանքը,
գնաց
վերջին
պատրաստութեանց
ետեւէն։
Գարնանավերջի
ճառագայթարձակ
վճիտ
օր
մըն
էր։
Իր
երջանկութեան՝
բնութիւնն
ալ
ուրեմն
կը
մասնակցէր։
Իր
հրճուանքին
սասկութեանը
տակ,
երբեմն
կը
մղուէր
չհաւատալու
որ
ինք
երկարամեայ
տառապանք
մըն
էր
ապրած
սկիզբէն,
կարծես
բոլոր
իրերը
բնական
ու
հանդարտ
ընթացքով
մը
քալած
էին։
Եւ
ի՜նչ
յաղթական
ամիրային
այդ
շքեղ
ու
հպարտ
թոռանը
վրայ
տարուած.
ի՜նչ
վրիժառութիւն
իրեն
հասցուցած
անոր
բոլոր
չարիքներուն
դէմ։
Ճամբան,
կամ
հոս
հոն
կեցած
ատենը,
առանց
ուզելու,
կ՚անդրադառնար
անցեալ
դէպքերու,
մինչեւ
իր
պատանեկութեան
մանր
մունր
եւ
շատոնց
մոռցուած
աննշան
պարագաներուն,
մանաւանդ
իր
սիրային
ոդիսականին
դրուագներուն։
Ոսկորներուն
մէջ
սարսուռներ
կը
շրջէին՝
օձի
պա՜ղ
սոսկումներով՝
քանի՛
մակաբոյծ
յամառութեամբ
մը
միտքը
գար
նամակին
հիւանդոտ
պատմութիւնը.
շնչասպառ
եւ
դողդղահար՝
իսկոյն
հիմակուան
երանութեան
գաղափարին
կը
կառչէր
չնուաղելու
համար.
հապա
այդ
անիծեալ
ապարանքին
տակ
իր
գիշերային
երկարոգի
սպասումները.
ու
համբոյրը
որ
վճռական
հարուածն
էր
եղած
եւ
որ
կարծես
դեռ
հոն,
պատուհանին
վերեւը
կախուած
կը
մնար՝
չարաղէ՜տ
խորհրդանշան։
Յետոյ,
իրարու
ետեւէ,
հօրը
մօրը
պատկերները
կուգային
աչուըներուն
առջեւէն
կ՚անցնէին.
ո՞ւր
էին
անոնք,
ո՛հ,
խեղճերը.
թշուառութիւնը
մէյմէկ
հարուածով
քշած
տարած
էր
զանոնք։
Մա՜յրը
մանաւանդ,
հէք
սիրելի
մայրը.
ի՛նք
սպաննած
էր
զանի։
Համբիկ
կ՚ուզէր
տեսնել
հիմա
անոնց
վշտաչարչար
դէմքերը՝
իր
այդ
յամեցած
երջանկութենէն
ճառագայթի,
հրճուանքի
բաժիննին
առնելու
համար
վերջապէս։
Տռամին
վերջին
արարուածը
իրմով
կը
լմննար.
լեռ,
ձոր,
ծովեզր
իր
աստանդական
կեանքը,
բոկոտն,
քրջազգեաց,
վայրենի.
ձկնորսներուն
պնակէն
ուտելով,
սրճարաններու
նտարաններուն
տակը
քնանալով,
շուներու
քովն
ի
վեր,
անոնց
հետ
շունչ
շունչի։
Այս
կեանքէն
հաճոյք
զգացած
էր,
թաղուա՜ծ
էր
անոր
մէջ։
Յանկարծ
ձեռք
մը
երկնցած
էր
իրեն,
մոգական
ու
փրկարար,
այն
միեւնոյն
ձեռքը
որ
թեթեւ
շարժումով
մը
դժբախտութեան
գեհենը
նետած
էր
զինքը։
Բայց
հիմա,
Համբիկ
ուժգնօրէն
կը
դատապարտէր
ինքզինքը՝
վայրկեան
մը
տարակուսած
ըլլալուն
Սոֆիին
սիրոյն
անկեղծութեանը
վրայ։
—
Սպասենք,
ըսած
էր
աղջիկը,
դեռ
ժամանակը
չէ։
Եւ
ահա
վերջապէս
եկած
հասած
էր
երանելի
ժամանակը։
Միս
մինակ,
ա՛լ
իրը
պիտի
ըլլար
այդ
աղջիկը։
Ա՛լ
պիտի
սիրէր
զանի
ինչպէս
դեռ
չէր
սիրած,
մոլեռանքի
մը
պէս։
Ատենօք,
անոր
ուղղած
իր
նամակին
մէջ
բոլոր
գրածները
կէտ
առ
կէտ
պիտի
գործադրէր,
եւ
իր
սիրոյն
այս
երկարաշունչ
արտայայտութեանը
եւ
անոր
անվկանդ
ապացուցումին
տակ
պիտի
զմայլեցնէր,
պիտի
ապշեցնէր
զանի։
—
Տոքթո՜ր,
տոքթո՜ր…
խե՜ղճ
մարդ,
ա՛ռ
հիմա
նայիմ
ձեռքէս
Սոֆին…
Բերա
ելաւ,
անկից
Պոլիս
անցաւ՝
ծրարներով
բեռնաւորուած,
եռանդուն
եւ
քրտնոտ,
շուտ
տուն
դառնալու
տենդեվ
մը
բաբախուն։
Սոֆիին
համադ
քանի
մը
արդուզարդի
նիւթեր
գնեց,
առաջին
անակնկալը
ընելու
համար
անոր։
Եւ
հակառակ
իր
ջանքերուն,
իրիկուն
էր,
արեւը
մարը
մտնելու
մօտ,
երբոր
Համբիկ
իր
ծրարները
ապահով
տեղ
մը
դնելէ
յետոյ՝
ապարանք
դարձաւ՝
փոխադրութիւնը
կատարելու
համար
նոյն
իրիկունն
իսկ,
թէ
կարելի
էր։
Իսկոյն
Սոֆիին
սենեակը
ելաւ
հարցնելու
թէ
պատրա՞ստ
էր
մեկնելու։
Սոֆի
հոն
չէր։
Երիտասարդը
սրահ
գնաց,
տիկինին
քովը
գտնելու
յոյսով։
Սրահը
պարապ
էր։
Համբիկ
վար
իջաւ,
քանի
մը
սենեակ
աչքէ
անցուց։
Սենեակի
մը
մէջ
Կիւլիւկ
հանըմը
տեսաւ,
որ
իր
զոյքերը
կարգի
դնելու
վրայ
էր։
—
Ո՞ւր
է
Սոֆին,
հարցուց
Համբիկ։
—
Չիտեմ,
զաւակս,
հանըմին
քովը
չըլլա՞յ։
—
Չի
կայ։
Եւ
ինքնիրենը.
—
Զարմանալի
բան,
կը
մրմնջէր
տղան։
Մեքենաբար
մինչեեւ
խոհանոց
իջաւ։
Պառաւ
խոհարարուհին
կ՚աշխատէր
հոն
կորաքամակ։
—
Օրիորդ
Սոֆին
տեսա՞ր,
հարցուց։
Խոհարարուհին
շտկուեցաւ։
—
Հա՛
զաւակս,
ըսաւ
պառաւը,
պախճան
ըլլալու
է։
Շունչ
մը
առաւ
Համբիկ։
Հրեց
խոհանոցին
դուռը
որ
պարտէզին
վրայ
կը
բացուէր,
եւ
քարէ
մէկ
քանի
սանդուխներէն
իջաւ։
Շատ
իրիկուն
ինք
ու
Սոֆի
պարտէզը
կը
պտտէին։
Հոն
էր
ուրեմն
որ
իրեն
կը
սպասէր։
Արագ
ակնարկ
մը
պտտցուց
չորս
դին,
ծառերուն
տակ։
Քանի
մը
անխնամ
ածուներ
կոխկռտելով՝
ասդին
անդին
պրպտեց
Համբիկ։
Սիրտը
կը
սեղմուէր։
—
Ո՞ւր
կրնայ
ըլլալ,
կը
մրմնջէր։
Պարտէզին
մէկ
անկիւնը,
պատին
կից,
հինէն
մնացած
պարտիզպանի
խրճիթը
կը
կանգնէր,
խարխուլ,
մենաւոր։
Անծանօթ
ուժէ
մը
մղուած,
Համբիկ
հոն
սլացաւ,
հրեց
կիսափակ
դուռը
եւ
հազիւ
երկու
քայլ
առած,
կեցաւ,
քարացածի
պէս։
Անկիւնը,
լայնախոհ
ու
ցածուկ
թիկնաթոռի
մը
վրայ,
տոքթոր
Մարկոսեանի
ճիտէն
կախուած.
Սոֆի
մարմնամատոյց
կը
փռուէր
պարեգօտին
ճեղքը
բաց,
ուրկէ
ներս
ամիրային
թոռը
իր
թուշը
երկարած,
խելայեղ
կիրքի
մը
յագեցումին
կը
պարպէր
ինքնակորոյս…
Համբիկ
վայրկեան
մը
դիտեց
այդ
տեսարանը,
վայրկեան
մը
միայն։
Յետոյ,
հանդարտօրէն,
դուրս
ելաւ։
Բացաւ
պարտէզին
դուռը
որ
փողոցին
վրայ
կը
նայէր,
ու
գնաց։
Գլխիկոր
գնաց
Հ…
գիւղին
փողոցներէն,
խաղաղ
անցորդի
մը
պէս,
մինչեւ
լեռ
ելաւ։
Գարնանավերջի
շքեղ
վերջալոյսի
մը
տակ,
բնութեան
բիւրերանգ
հրապոյրը
դիտեց։
Կապտորակ,
խաղաղ,
երջանիկ
բան
մը
կը
թրթռար
օդին
մէջ։
Բլուրներու
շղթանէ
նրբացնցուղ
մշուշի
մը
ներքեւ
կ՚ալիքանար
անսահմանօրէն։
Ծովային
բադերը՝
կոր
սաւառնումներով՝
վերջին
լոգանքնին
կ՚ընէին
գետակին
մէջ։
Բոյր
մը,
անուշ
եւ
գինովցուցիչ,
եկաւ
խաղտեց
Համբիկի
ռնգունքը։
—
Օ՜խ,
հառաչեց
տղան,
ինչ
աղուոր
է։
Յետոյ,
վայրենիօրէն
եւ
թաւալգլոր,
ցատքեց
վար,
վազեց
դէպի
գոգը
բնութեան,
միակ
բանին,
որ
չի
գիտեր
խաբել,
որ
կոյս
է
մինչեւ
իր
յետին
ընդերները…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
Ձմեռուան
սկիզբները,
առտու
մը,
ծերուկ
ձկնորսը
եւ
Ղազար,
նաւամատոյցին
մօտ,
նաւակին
մէջ
ուռկաննին
քաշելու
զբաղած
էին։
Որսը
առատ
էր.
ձկնորսները
ուրախ
էին։
Յանկարծ
մէկը
ցատքեց
նաւակին
մէջ,
ոտքը
բոպիկ,
գլուխը
բաց,
պատառատուն
հագուստներով
ծածկուած։
Ձկնորսները
վեր
նայեցան
եւ
զարմացան
աղաղակ
մը
արձակեցին.
—
Ծօ,
Համբի՜կ…
—
Քաշենք,
ըսաւ
տղան,
երկու
բազուկներովը
ուռկանին
կառչելով։
—Ծօ,
ասվածամարը
ի՞նչ
էղաւ,
հարցուց
Ղազար
հեգնօրէն.
Համբիկ
ձկնորսին
նայեցաւ,
չհասկնալով։
—
Սա
վուր
է
օր
մը
քեզի
էկաւ
ասկէց
առաւ
տարաւ
նէ
ա՛ն
ասվածամարը,
բացատրեց
Ղազար։
—
Մեռա՜ւ,
ըսաւ
Համբիկ
հանդարտօրէն։
Ասված
օղորմի
հոգուն,
մռլտաց
ծերուկը
թաղմանական
ձայնով։
Ու
երեքը
մէկանց
սկսան
ուռկանը
քաշել։
ՎԵՐՋ