Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԷԹԵԱՆ


Էսաեան սանուց միութեան հինգերորդ Գրական ասուլիսը տեղի ունեցաւ 19 մայիս 1913, կիրակի, Էսաեան վարժարանի մէջ, նուիրուած բանաստեղծ-ուսուցիչ Յովհաննէս Սեթեանի, իր գործունէութեան քառասնամեակին առթիւ:

Կը նախագահէր Պ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ: Յաջորդաբար խօսք առին Պ. Պ. Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ՝ որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Սեթեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆ եւ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ՝ որոնք Սեթեանը վերլուծեցին իբր գրագէտ եւ իբր բանաստեղծ: