Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՕՀՐԱՊ ԻԲՐ ՆՈՐԱՎԻՊԱԳԻՐ
(Ամփոփում Պ. ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆի ճառին)


Տիկիններ, օրիորդներ եւ պարոններ,

Կը խղճահարիմ խօսելու գրողի մը միայն դրական կամ միայն բացասական կողմերուն վրայ, որովհետեւ մէկ կամ միւս եղանակով կողմնակալ գործ մը կատարած կ’ըլլանք: Հայ քաղաքական կամ ընկերական հարց մը չէ դրուած մեր առջեւ, որուն մասին կարենայինք թեր կամ դէմ խօսիլ, զայն en bloc [1] ընդունիլ կամ մերժել, այլ հեղինակ մըն է որուն գործին ամբողջութիւնը կը կարօտի մանրամասն քննութեան:

Զօհրապի համար հիացումս պատանութենէս կը սկսի, եւ հիմա, երբ վերստին կարդացի իր գործերը, նորէն այդ տպաւորութիւնը կրեցի. պիտի աշխատիմ սակայն, որքան հնար է, ներկայ բանախօսութեանս ընթացքին չտարուիլ այդ տպաւորութենէն:

Դժբախտաբար շատ քիչ ժամանակ ունիմ՝ կարենալ վերլուծելու համար Զօհրապի նման հեղինակ մը, որ բազմաթիւ այս կարգի ասուլիսներու նիւթ կրնար ըլլալ: Ինքզինքս բարեբախտ պիտի համարիմ եթէ միայն յաջողիմ չզոհել էականը, ի սէր մանրամասնութիւններու, որոնք կը խուժեն մտքին մէջ, երբ մարդ չափազանց ծանօթ է նիւթին:

Զօհրապը կարենալ հասկնալու եւ վերլուծելու համար՝ անհրաժեշտ է զինքը զետեղել ժամանակին եւ տեղւոյն մէջ, որոնց մէջ ինք ծնած է: Այդ ժամանակամիջոցը այն գրական շարժման շրջանն է որ 1880ի ատենները կ’սկսի Պոլսոյ մէջ՝ մասնաւորաբար ֆրանսական իրապաշտ գրականութեան ազդեցութեան տակ: Մասիս հանդէսը եւ Հայրենիք օրաթերթը, որոնց շուրջը եկան հաւաքուիլ բուռ մը երիտասարդ մտաւորականներ, այդ շարժման կեդրոնները դարձան: Արփիար Արփիարեան առաջին յարուցանողն

ու հոգին էր այդ շարժումին, եւ Գրիգոր Զօհրապ անոր անմիջական աջակիցներէն մին, միւսներն ըլլալով ամբողջ հոյլ մը երիտասարդ գրագէտներու, զոր կը կազմեին Լեւոն Բաշալեան, Մելքոն Կիւրճեան, Հրանտ Ասատուր, Տիգրան Կամսարական, Երուանդ Օտեան եւ ուրիշներ, բոլորն ալ նոյն իտէալով գօտեպնդուած եւ միեւնոյն ոգիով լեցուած:

Այդ շրջանէն առաջ ալ թրքահայութիւնն ունէր իր շատ տաղանդաւոր գրողները, բայց անոնք անհատներ էին միայն, առանց հաւաքական աշխատանքի եւ առանց ոեւէ նոր շարժում յատկանշելու: Հայրենիքի սերունդն էր որ կուգար գրական եւ մտաւորական առաջին շարժումը գլուխ հանելու, իր որոշ դրոշմը դնելով ժամանակակից հայ կեանքին վրայ:

Առաջին ազդեցութիւնը, զոր Արփիար, Զօհրապ եւ իրենց ընկերները ունեցան, մեր աշխարհաբար լեզուին վրայ էր. անոնք մաքրեցին եւ ծաղկեցուցին աշխարհաբարը, որ տասնեակ տարիներ առաջ թէեւ Մամուրեաններու եւ Միսաքեաններու շնորհիւ սկսած էր զարգանալ, սակայն, յետոյ, գրաբարեաններու յետադարձ շարժումով, վերստին խաթարուած էր:

Երկրորդը՝ այն ժողովրդասէր ու ժողովրդավար ոգին էր, որով այդ սերունդը խանդավառուած էր եւ զոր մտցուց հրապարակագրութեան եւ ընդհանրապէս հայ գրականութեան մէջ:

Երրորդ նորութիւնը այդ հոսանքին՝ իրապաշտութիւնն էր, զոր Հայրենիքեանները առաջին անգամ բերին թրքահայ գրականութեան մէջ, ֆրանսացի ժամանակակից գրողներու՝ Զօլայի, Մօփասանի եւ ուրիշներու ազդեցութեան տակ: Այդ ատեններն էր որ Արփիար իր վիպակները գրեց եւ Զօհրապ իր անդրանիկ գործը՝ Անհետացած սերունդ մը, որ առաջին յաջող գործն է իբր իրապաշտ ձգտումի արդիւնք: Տիգրան Կամսարական եւս, Տօտէի ներշնչման տակ, կը գրէր իր մեծ վէպը՝ Վարժապետին աղջիկը [2]:

Այս գրական շարժման հարազատ ծնունդն ու միանգամայն անոր է՛ն արդիւնաւոր գործաւորներէն մէկն է Գրիգոր Զօհրապ, որ յայտնուեցաւ գրական զանազան սեռերու մէջ, գրելով քննադատական յօդուածներ ու քրոնիկներ, նորավէպեր, հրապարակագրական յօդուածներ եւ հուսկ ուրեմն բանաստեղծութիւններ: Անկարելին է ուրանալ սերտ խնամութիւնը որ կայ հեղինակին տաղանդին այս զանազան երեսներուն մէջ, որոնց մին միւսը կը բացատրէ յաճախ: Ես պիտի քննեմ սակայն այստեղ վիպագիրը միայն, որուն հազիւ թէ կը բաւէ արդէն ժամանակս:

Զօհրապ, իբրեւ նորավիպագիր, խորքով զուտ պոլսահայ է, մինչ ձեւը ֆրանսական է եւ իրապաշտ: Արուեստը, որով Զօհրապ կը պատկերացնէ իր նորավէպերուն նիւթը, կատարելութեան կը հասնի, եւ աւելի կ’արժէ, ըստ իս, քան բուն իսկ նիւթը: Իր ոճը կտրուկ, թափանցող եւ հրապուրիչ է: Ոճերը իմ աչքիս մարմիններու պէս կ’երեւան. Արփիարի ոճը թուլիկ է, եւ Զօհրապի իսկ բառով՝ տժգոյն. Բաշալեանինը՝ ողորկ է եւ աւիւնոտ. Կամսարականինը՝ ջղուտ ու քիչ մըն ալ շպարուած, իսկ Զօհրապինը՝ համակ դնդեր, այնպէս որ երբ կը կարդաս իր մէկ էջը, կը կարծես տեսնել գեղեցիկ կնոջ մը քալուածքը, լեցուն ու թրթռուն բարձերով:

Զօհրապ գրագէտ ըլլալէ առաջ փաստաբան է, իսկ անկէ ալ առաջ երկրաչափ էր: Երկրաչափ Զօհրապը իր հետքը թողած է գրագէտ Զօհրապին մէջ, որ անշուշտ մասամբ ատոր կը պարտի չափի եւ յստակութեան այն հզօր դրոշմը որ կը յատկանշէ իր գրականութիւնը: Փաստաբանութիւնը եւս իր առանձնայատուկ տեղը ունի գրագէտ Զօհրապին մէջ. իր նորավէպերը շատ անգամ պաշտպանողականներ են՝ կարծես հասարակութեան սիրտին խօսելու կոչուած:

Զօհրապի նորավէպերը հոգեբանական գրուածքներ չեն ինչպէս Պուռժէինը, սակայն իր հերոսները բոլորն ալ հոգեբանօրէն ճիշտ են: Ան շատ անգամ բառ մը միայն կուտայ, փոխանակ ամբողջ վերլուծման մը, եւ ահա խորապէս կը ճանչնանք, կը հասկնանք իր ներկայացուցած տիպարը:

Իր նորավէպերուն նիւթերը մեծ մասամբ կը շօշափէն կինն ու սէրը: Այդ սէրը յաճախ կիրքն է՝ Փոթորիկին, Այրիին, Փօստալին մէջ, մերթ քմահաճ զգացում մը, ինչպէս Կատակ մըին մէջ, մերթ անձնազոհ սէրը՝ ինչպէս Առջի սէր առջի բարիին մէջ, եւ երբեմն ալ հազիւ սկսած յարում մը՝ ինչպէս Ռեհանին եւ Անդրշիրմի սէրին մէջ: Զօհրապ իր նորավէպերու նիւթը յաճախ քաղքենի կեանքէն կը քաղէ, բայց երբեմն ալ, կարծես աւելի ազատ ու վայրի շունչի մը կարօտով, կը դիմէ դէպի գիւղն ու դէպի լեռը, եւ կ’ունենանք Ճեյրանը, Այինկան, Փօթուրլըն, Զաբուղոնը, եւ այլն: Նորավէպերէն շատը, ինչպէս Յակոբիկը եւ Լուսահոգին, ըմբոստացումներ են պայմանադրական սիրոյ եւ ընթացիկ բարոյականի դէմ: Զօհրապ երբեմն իր նիւթը սպասուհիներու կեանքէն կ’առնէ, ինչպէս Փօստալին, Թեֆարիկին եւ Զմարաղտաին մէջ, եւ երբեմն ալ այր ծառաներու՝ ինչպէս Փոթորիկին եւ Այրիին մէջ: Սիրոյ մէջ դրամին դերը շօշափած է մէկ քանի նորավէպերով. Մամայիդ բարեւ ըրէն եւ Պարահանդէսին վաղորդայնը: Կնոջ վրէժը էրիկ-մարդէն՝ կը գտնենք Մայրապետին մէջ: Ոչ-սիրային նորավէպեր հազուադէպ են Զօհրապի գրականութեան մէջ, Մեղայ Տերը, Ժամուն բակը, Ճիտին պարտքը, Ներսէսը:

Զօհրապի նորավէպերուն ցարդ հրատարակուած հավաքածուներն են՝ Խղճմտանքի ձայներ, Կեանքը ինչպէս որ է եւ Լուռ ցաւեր, որոնց մէջ ժողված է իր զանազան ժամանակներ գրած նորավէպերը: Այդ տիտղոսներով զանոնք ուզած է դասաւորել ետքէն, տեսակ մը դաւանանք դնելով ատոր մէջ զոր առաջ չունէր՝ երբ զանոնք գրի կ’առնէր: Այն ատեն Խղճմտանքի ձայներ չէին անոնք իրեն համար եւ ոչ ալ Լուռ ցաւեր, այլ միմիայն ապրուած կեանք, Կեանքը ինչպէս որ է:

Զօհրապի գրականութիւնը մաս կը կազմէ իր ապրողի հաճոյքին: Ան կը գրէ, կարծես, երբ օրուան աշխատանքներէն յոգնած կամ ձանձրացած, հանգչիլ կ’ուզէ: Ինք գրագէտ է, ինչպէս ուրիշներ բարեգործ կ’ըլլան, այսինքն

գրականութիւնը իր վայելքի մէկ միջոցն է: Արդէն, դիտելի պարագայ մըն է որ Զօհրապ եւ իր ընկերները, գրեթէ ամէնքն ալ, գրականութենէ տարբեր ասպարէզներու կը պատկանին, կամ կը պատկանէին. Արփիար՝ նախ առեւտրական էր, Կամսարական՝ վաճառական, Զօհրապ եւ Ասատուր՝ փաստաբան էին եւ մինչեւ անգամ Երուանդ Օտեան՝ հաշուակալ էր, գրագէտ ու խմբագիր չեղած, միակը Բաշալեան՝ որ ուղղակի գրականութիւնը ընդգրկած էր իբր ասպարէզ, այսօր անկէ հեռացած է իսպառ:

Զօհրապ հայ մտքին ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն է, փոխն ի փոխ երազի եւ վայելքի մէջ ընկղմող, միշտ ի խնդիր գեղեցկութեան եւ արդարութեան՝ որոնք ինծի կ’երեւին սերտիւ իրարու խառնուած իր գրեթէ ամէն մէկ գործին մէջ: Հերոդոտոս կը պատմէ թէ երբ Քսերքսէս իր բանակներովը Հայաստան արշաւեց՝ լեռնադաշտի մը վրայ հանդիպեցաւ դարաւոր ծառի մը, այնչա՛փ լայն, հովանուտ եւ համաչափ որ անոր հանդէպ իր սքանչացումն յայտնելու համար իսկոյն հանեց իր ծանրագին ապարանջաններն եւ զանոնք կախեց ծառին ճիւղերէն. յետոյ պահապան մը յատկացուց անոր, անմահ մը, զայն միշտ խնամելու համար... եւ շարունակեց ոտնակոխ ընել մեր աշխարհը... Հայ հողէն ծնած այս ծառը՝ ես կը սիրեմ նկատել իբրեւ խորհրդանշանը հայ մտքին որ իր անսպառ առուգութեամբն ու գեղեցկութեամբը կ’սքանչացնէ մինչեւ իսկ իր թշնամիներն ու կը պահպանուի անոնցմէ: Զօհրապի գործը կ’աւելցնէ հովանին ու փառքը այդ ծառին:



[1]            En bloc (ֆր. ) այստեղ՝ հիմնականում:

[2]            «Վարժապետին աղջիկը» վեպը տպագրվել է 1888-ին «Արեւելք» օրաթերթում որպես թերթոն: Նույն թվականին լույս է տեսել նաեւ առանձին գրքով։