Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

Թէ ինչո՞ւ նպատակ դրինք գրել Քիւրդերու պատմութիւնը։

-Մեր խորին համոզումն եղած է՝ թէ Ազգերու եւ Ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան չափը հակակշռելով անոնց ու անոնց տիրող իշխանութիւններուն, իրենց պետական ձեւին, կառավարական ուղղութեանը, միշտ Ազգն ու Ժողովուրդն է եղեր որ պահեր է իր ամբողջ դիրքը. իսկ իշխանութիւնը պարտաւորուեր է վերջապէս երթալ անոնց համընթաց՝ եթէ չէ եղեր համամիտ անգամ։

Պատմականօրէն ճակատագրականութիւնն ունենալով ապրելու ցեղի մը հետ որ Քիւրդերն են, որոնց քաղաքակրթական աստիճանը չափազանց ծայրագոյն տարբերութեամբ հեռի է մերինէն, ինչ ալ որ լինի մեր երկուքիս բաժին ինկնող իշխանութեան ու կառավարութեան ձեւն ու կամքը, ոչ մէկ կերպով կարելի չպիտի լինի բառնալ այն ամեն անախորժ, տհաճ, ու շարունակական բնաւորութիւն ստացած դէպքերն ու արգելքները՝ որոնք կուգան սպառնալու մեր քաղաքակրթութեան, մեր կենցաղին ու յառաջդիմութեանը։

Իմ կարծիքով պէտք է դնել քաղաքակրթութեան հիմք մը Քիւրդերու համար, ու դնել այնպէս՝ որ համապատասխանէ անոնց ցեղի զարգացման, առանց սակայն վնասելու իրենց իսկական շահերը։

Այսպիսով Հայերն ու Քիւրդերը պիտի ապրին իրենց քաղաքակրթութեան աստիճանական չափերու հետեւանքով, կազմելով պետութեան առանձին մասերը անոր ամբողջականութեան մէջ։

Բացի այդ, Հայ նոր սերունդը նախապաշարուած չթողնելու համար Քիւրդերու նկատմամբ, արժէր որ պատմական այս համառօտութիւնը իբրեւ Հայրենագիտութեան մաս՝ մուտք գործէր նաեւ մեր դպրոցները։ Այս յաջողութիւնը յոյս պիտի ներշնչէր ինձ նոր ճանապարհորդութեամբ եւ աւելի ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ տալ երկրորդ տպագրութիւնը, ու թարգմանել Քիւրդերէնի, որպէսզի լայն ծաւալով ծառայէր երկու ժողովուրդներու մերձեցման, բարեկամութեան ու ինքնագիտակցութեան։

Յ. Շ.