ԴԱՍԱԿԱՐԳԱՅԻՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
[1]
(Աշիրաթ,
էլեաթ,
թոռուն,
միր,
բէգ,
աղա,
քօչարի,
րաեաթ)
Եւրոպական
մտքով
«Դասակարգային
բաժանմունքի»
մասին,
ի
հարկէ
կարելի
չէ
խօսիլ
քիւրդերու
նկատմամբ
ալ։
Ըստ
այժմեայ
Քիւրդերու՝
իրենք
կը
բաժնուին
երեքի,
Սաադաթ,
Աշիրաթ,
Րաեաթ
։
«Սաադաթ».
―
Ասոնք
իրենց
կը
համարեն
արաբական
ծագումէ
ու
Մարգարէի
ցեղէն,
ու
իրենք
չը
հաշուելով
Քիւրդ,
կը
պահեն
պաշտօնական
քրդութիւն։
Քիւրդերու
կենցաղի
մէջ
անոնք
ունին
ըստ
էութեան՝
հոգեւորականի
դեր
(Շըխութիւն).
իսկ
ըստ
սովորութեան՝
կ՚զբաղին
նաեւ
անոնց
աշխարհիկ
կեանքով
ալ։
Բացառութիւն
կը
կազմեն
այն
շէյխերը՝
որոնք
քիւրդ
են.
բայց
Սաադաթ
չեն։
Աշիրաթ.
―
Քրդական
այն
ցեղապետութիւններն
են,
որոնք
ցեղի
անունով
ընդարձակ
տարածութիւններու
վրայ
կը
տիրեն
սար
ու
ձորի,
մարգերու
ու
վարելահողերու.
կը
վարեն
խաշնարած
ժողովուրդի
կեանք,
ու
պահելով
ձիերու
երամակներ՝
իրենց
գլխաւոր
զբաղմունքն
է
ձիախաղ
ու
զինախաղ։
Աշիրաթ
կը
նշանակէ
քաջաց
ցեղ,
ինչ
որ
հիներու
մէջ
վիշապաշունքն
էր։
Աշիրաթական
բաժանումներն
են.
Էլեաթ.
―
Աշիրաթութեան
այն
ճիւղը,
որ
մաս
մաս
բաժանումով
կազմուած
է,
իսկ
միացած
Աշիրաթութեան
մէջ։
Թոռուն.
―
Թոռուն
կը
կոչուին
այն
ազնուականները,
որոնք
իրենց
մեծութեան
ժառանգական
անունն
ու
դիրքը
կը
պահեն.
կարելի
է
ասոնց
անուանել
«Քիւրդ
պաշտօնական
եւ
անպաշտօն
ազնուականութիւն»։
Միր,
Բէգ,
Աղա.
―
Կրնան
կազմուիլ
աշիրներէ,
եւ
աշիրներէ
դուրս
մնացած
միւս
քիւրդերէ,
որոնք
նստակեաց
կամ
կէս-թափառական
քիւրդերուն
Շէֆ
ութիւն
կ՚ընեն։
Քօչարի.
―
Քօչարիները
իրենց
հին
անունով
կը
կոչուին
եւ
րէվէնտ.
հայերն
ալ
րէվէնտ
բառը
կը
գործածեն
յափշտակիչներու
բնաւորութիւնը
որոշելու
համար.
ասոնք
թափառաշրջիկ
(նօմատ)
քրդերն
են,
որոնց
բնակութեան
ու
ապրուստի
սահմանը
իրենց
եւ
դրացիներու
երկիրներն
են,
մեծ
ընդարձակութեան
վրայ։
Րաեաթ.
―
Րաեաթ
բառը
կը
հասկացուի
քիւրդերու
մէջ
այն
առումով՝
որ
անոնք
բացարձակապէս
նստակեացներ
են
ու
զուրկ
զինուորական
եւ
պատերազմական
յատկութիւններէ.
կամ
այդ
զբաղումով
չը
պարապելով՝
աշխատանքի
մարդիկ
են,
երկրագործութեան,
հովւութեան
եւ
ուրիշ
ծառայութիւններու
մէջ։
Րաեաթը
պարզ
հպատակ
է
քիւրդ
իշխողներուն
եւ
Օսմ.
տէրութեան
միանգամայն։
Րաեան
միւս
քիւրդերու
համար
կը
համարուի
ճորտ
եւ
անարգուած։
Քիւրդ
րաեան
կ՚ապրի
գրեթէ
հայ
գիւղացու
կեանքով։
[1]
Կէս
դար
առաջ՝
ըստ
Ալէքսանտր
Ժապայի
(Ռուս
հիւպատոս)
քիւրդ
գրագէտ
Մահմուտ
էֆ.
իի,
Տաճկաստանի
մէջ
քիւրդերը
կը
կազմուէին
հետեւեալ
բաժանումներով.
Աշիրէ,
Գապիլէ,
Թայիֆէ,
Խանէ,
Քօչարի,
Էքինճի
։