[1]
Մոկս
գաւառի
մէջ
(Վանի
վիլայէթ),
անցորդը
կը
պատահի
այդպիսի
բազմաթիւ
վանքերու
ու
եկեղեցիներու։
Գաւառական
կեդրոնի
մէջ
Մանդկանց
անուն
քրդաբնակ
մեծ
թաղը
որ
միջնաբերդ
մ՚է,
եւ
ունի
մօտ
երկու
երեք
հարիւր
տուն
բնակիչ՝
գործածուած
մզկիթը
հայկական
եկեղեցի
մ՚է,
որ
կը
պահպանէ
մինչ
ցարդ
եկեղեցւոյ
իր
բոլոր
շինուածքի
կազմը։
Անարուեստ,
ցեխով
երկու
երեք
արշին
բարձրացած
պատ
մը
եկեղեցւոյ
մէջ
յարմարցուած
է
կըպլայի,
ուր
կ՚աղօթեն
Քիւրդերը.
եկեղեցւոյ
տաճարը
իր
նախկին
վիճակի
մէջ
անգործածելի
կը
մնայ։
Սա
շան
հինէն
է։
Գահընկեց
նախկին
սուլթան
Համիտի
օրով,
կազմելու
համար,
առաջ
կը
բերենք
Մուշի
Օսմ.
երեսփոխան
Գեղամի
մէկ
հրատարակութիւնը,
«Հողային
հարց»
անունով,
քաղուած
Պատրիարքարանի
եւ
ժողովրդական
տեղեկագրերէ։
«Ա.
Կարնոյ
վիլայէթի
Խնուս,
Ալաշկերտ,
Պայազիտ,
Բասեն,
Քէմախ,
Երզնկա,
Դերջան,
Բաբերդ.
եւայլն
գաւառներու
129է
աւելի
հայաբնակ
գիւղերու
մէջ
զանազան
ձեւերով
գրաւուած՝
հազարաւոր
արտեր,
մարդեր,
արօտներ,
տուներ,
ջրաղացներ։
Օրինակ.
Երզնկա-Դերջան
աւելի
քան
15,
000
օրավար,
250-350
շէնքեր,
արօտատեղիներ։
Բաբերդ,
Բասեն,
Ալաշկերտ
եւայլն,
2500է
աւելի
արտեր,
մարգեր.
270է
աւելի
շէնքեր.
7
ագարակներ։
Խնուսի
19
գիւղերէն
1000է
աւելի
արտեր
եւ
իբր
400
շէնքեր.
16,
800
արտավար
գետինները,
գեղի
հողերը
ամբողջ,
4ը
կիսով
չափ,
եւ
մնացածները
զանազան
համեմատութեամբ։
Ընդամենը
Կարնոյ
վիլայէթին
մէջ
աւելի
քան
100,
000
օրավար»։
Օրինակները
կը
թուէ։
«Բ.
Խարբերդի
վիլայէթ,
Ակն,
Արաբկիր,
Մալաթիա,
Տէրսիմ
գաւառակներու՝
եւ
Խարբերդի
իբր
50
գիւղերէ
աւելի
քան
1800
արտեր՝
5000
օրավար
գետիններ,
200է
աւելի
շէնքեր,
եւ
եթէ՝
ի
նկատի
ունենանք
Չարսանճագի
40է
աւելի
գիւղերու
գետինները,
ինչպէս
եւ
պարտէզներ,
այգիներ
եւայլն,
ընդամենը
աւելի
քան
200,
000
օրավար»։
(Օրինակները
կը
թուէ
եւ
շարունակաբար)։
Ուրիշ
տեղ
ցանկ
մը
հրատարակուած
է
Վանի
վիլայէթի
հողերու
գրաւմանց
մասին
(բոլորն
ալ
Հայ)։
Կայ
եւ
Տիգրանակերտինը։
Այս
չափն
ալ
բաւական
է
իբր
ապացոյց.
այս
գրաւմանց
մէջ
նուազ
թիւ
կը
կազմեն
թիւրքերը։