Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՍՈՒՆԻ ԱՄԻՐԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Կտորներ քաղուած Հայ պատմութենէն [1] ։

«Թաթարներու միահեծան իշխանութիւնը Հայոց վրայ տեւեց մինչեւ 14րդ դարու կէսերը, երբ Մոնղոլների պետութիւնը կործանուեցաւ. որի կեդրոնն էր Կարակորում կոչուած մեծ քաղաքը Բայկալեան լճի վրայ՝ ու այլեւայլ անկախ տէրութիւններ կազմուեցան (1340)։

Այդ միջոցին Պաղտատ նստող Մանգոյ խանին եղբայրը Հալուղի յաջորդի իշխանութեան տակ կը գտնուէր Հայաստանը. չնայած ատոր, երկրի զանազան գաւառների մէջ այլեւայլ մեծ ու փոքր իշխանութիւններ կազմուեցան, մասամբ Բաղտատի խանին հարկատու, մասամբ անկախ։ Արեւմտեան կողմը բռնեցին Թիւրքմէնները, հարաւային կողմը գրաւեցին Քիւրդ բէգերը Սասունի գլխաւոր Ամիրայի իշխանութեան տակ մինչեւ Լէնկթիմուր»։

Այստեղ պատմութիւնը կը լռէ թէ ի՞նչ ցեղի կը պատկանէր Սասունի ամիրան, ի՞նչ էր կրօնը. միայն իր անհատական իշխանութիւնն էր որ հաստատել կը կամենա՞ր, թէ ունէր ցեղական նպատակներ։

«(1387) Լէնկթիմուրի արշաւանքին Հայաստանի մասերէն, աւելի դիմացողն եղաւ Սասունի տէր Ղարա-Եուսուֆ Քուրդը, որի իշխանութեան տակ կը գտնուէր երկրի հարաւային մասը, բայց ի վերջոյ նա էլ ընկճուեցաւ ու սկսաւ Հայաստանէն փախիլ։ Անտանելի էր ժողովրդի վիճակն, այս տագնապալիր կռիւներու ժամանակ. ով որ Թաթարներու սրէն կ՚ազատուէր, ստիպուած էր իր Քուրդ իշխանի կամքը կատարելու համար՝ անդադար մէկ տեղէն միւսը փոխադրուիլ։ Մի Մշեցի կին ասպատակողների ձեռքը չիյնալու համար, անոր աչքերի առաջ սուրը ցցեց իր եօթնամեայ որդւոյն սիրտը, ու ինքը մի ժայռի վրայ բարձրանալով, ներքեւ գլորուեցաւ ու մեռաւ»։

Ինչպէս կ՚երեւի Քիւրդական իշխանութիւնը կերպ մը Քիւրդօ-Հայ իշխանութիւն էր, ու ժողովուրդը եւ իշխանութիւնը միասին կը դիմադրէին Թաթարներու արշաւանքին։



[1] Պալասանեանի Հայ. պատմութիւնը. (կովկասեան տիպ)։