Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՕՀՏԱՆԻ ԱՄԻՐԱՆ.
ՊԷՏԻՐ ԽԱՆ ՊԷՅԻ ՔՐԴԱ-ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Օսմ. բանակի արշաւանքը. Հայ ժողովրդի բանակին մասնակցութիւնը. Քիւրդական իշխանութեան կործանումը)

Պօհտանի մէջ աննկատելի կերպով 1846 թուին կը զօրանար Պէտիրխան պէյը իր պապերու աւանդական իշխանութիւնը հիմնելու համար։ Բաց իր հպատակներէն, ունէր բազմաթիւ կին ու քառասուն որդիներ. (իր յաղթութիւն տարած ամեն մի տեղէն մի կին կ՚առնէր)։ Սա իր պատերազմները կ՚սկսի նախ իր շրջանի փոքրիկ փոքրիկ Տէրէպէյիներու հետ, ու անոնց յաղթելով կ՚ընդարձակէ իր իշխանութեան ծաւալը [1] ։ Այս գծին կը հանդիպի նաեւ Մոկսին իշխող Տէրէպէյի Ապտալ պէյը՝ որ իր ձեռքին տակ ունէր հռչակաւոր բերդեր։ Պատերազմը Ապտալ պէյի հետ բուռն կը լինի եւ կ՚ստանայ շարունակական բնաւորութիւն, եւ երբ յաղթութիւնն ու պարտութիւնը երկու կողմի համար ալ անորոշ կը դառնայ, փոխադարձ զիջումներով խաղաղութեան դաշինք կը կնքեն, եւ Պէտիրխան պէյը կու գայ շրջելու Մոկաց բերդերը։

Նա կը զարմանայ այդ շէնքերու ամուր կառուցուածքին, պատերազմական անվիճելի յարմարութիւններ ընծայելու դիրքին, ամրութեանը, ու այն գաղտնի նրբանցքներուն՝ որ հայկական հին ճարտարապետութեան ու մտածումների արդիւնք էին եւ որոնք այժմ ժառանգութիւն ինկած էին Քիւրդ Ապտալ պէյին։

Ինչպէս տեղական ժողովուրդները կը պատմեն, այս Տէրէպէյիները ցեղական մեծ ծագում չունին, եւ այդ ծագումնային ազդեցութեամբ չէ այնչափ որ կը պատրաստեն իրենց աւազակային մեծութիւնը։ Այն ամեն Քիւրդը որ իր մէջ ուժ կը զգայ սոսկալի ասպատակ մը դառնալու, ահ ու սարսափ տարածելու իր շուրջը, ընդունակութիւն ունի ասպատակ խմբեր կազմելու ու իրեն հնազանդեցնելու կամ հրահանգելու։ Նա աստիճանաբար Քիւրդ ժողովրդի մէջ անուն կը հանէ, մեծ կը դառնայ, ու իր ներկայի մեծութիւնը կը գերազանցէ ծագումնային անցեալ մեծութենէն։ Այսպէս է որ անհամար ասպատակ պէյեր եւ իշխողներ կը բազմանան Քիւրդ ցեղերու մէջ, եւ աւերներ կը գործեն. առաջինը՝ մին միւսի ասպարէզը խլելու, երկրորդը՝ խաղաղ ժողովուրդի աշխատանքը վայելելու համար իբր եկամուտի ժառանգութիւն։

Պէտիր-Խան պէյը Մոկաց բերդերու վրայ քալելու ժամանակ կը կռուէր քիւրդ ու հայ արշաւողներով. Ապտալ պէյը իր բերդերէն կը պատասխանէր հայ եւ քիւրդ պաշտպանեալներով։ Հայերը Տէրէ-պէյական այս կռիւներու մէջ մեծ վնասներ կը կրէին, թողնելով արհեստ ու հողագործութիւնը, եւ մտնելով ասպատակի կամ ասպատակութեան ենթակայ դրութեան մէջ՝ բռնի։

Պէտիր-Խան պէյը այսպէս ծաւալուելով ծաւալուելով կ՚ասպատակէր մինչ Վան, անոր բանակը կազմուած էր առաւելապէս Դըհի հայերէն ու Պօհտանի Քիւրդերէն։

Օսմանեան կառավարութիւնը որ Տէրէ-պէյութիւնները պահպանելով նուաճումները զսպուած կը համարէր. նկատի ունենալով Տէրէ-Պէյիներու իրար հետ ունեցած հակառակութիւնները, պատերազմները, ու սահմանէ սահման անցնելու անկարողութիւն կամ դժուարութիւնը, յանկարծակիի կու գայ, երբ կը տեսնէ Պէտիր-Խան պէյը, ջնջած կամ իրեն միացուցած շրջակայ Տէրէ-պէյիները, առաջ կ՚երթայ շրջանէ շրջան, կազմելով միապաղաղ մի Քիւրդական իշխանութիւն, անմիջապէս զինւորական բանակ կը կազմէ եւ արշաւանքի կը սկսի անոր դէմ։

Օսման փաշայի հրամանատարութեամբ Օսմանեան զօրքը կը մտնէ մինչեւ Մոկս, եւ թնդանօթներով կը ռմբակոծէ Ապտալ պէյի բերդերը, մինչեւ օրս ալ կ՚երեւան ռմբակոծուած բերդերու մոխրակոյտերը, կը ձերբակալէ Մոկաց ամիրան Ապտալ պէյը, իր եղբայրները Շըխի, Սիւլէյման եւ Շէրէֆ պէյերը, ու Կ. Պոլիս ղրկելով, այդտեղէն կ՚աքսորուին Հռոդոս կղզին։ Այսօր Մոկաց Հայ ժողովուրդը կ՚երգէ Օսման փաշայի յաղթական երգը քիւրդերէն լեզուով. «Ասքեարհատըն ասքեար հատ, եւն. »։

Այժմ տանք Պէտիր-Խան բէյի քաղաքական գործունէութեան քանի մը ուրիշ պատկերները, ու անոր ձերբակալութեան պարագաները։

Այդ ժամանակները սովորական եղած էր որ Վանի կառավարիչներ իրարու յաջորդելու ժամանակ՝ յաջորդը կ՚սպաննէր իր նախորդին. Քէօր-Մուստաֆա փաշան, —Թէմուր օղլիներու պապը, այդ ատենի Վանի կառավարիչն էր. Պէտիր-խան պէյը նախ կը դաշնակցի ասոր հետ, եւ Գաւաշէն իրեն ընկեր կը վերցնէ Կուլի-խան պէյի հայր Խան-Մահմուտը, Խան-Ապտալն ալ Մոկսի պէյերէն, եւ ինչպէս ըսուեցաւ, հայերէ ու քիւրդերէ կազմուած բանակով մը կ՚արշաւէ Վանի վրայ։ Դաշնակցած այս կազմի մէջ մտած էին եւ հայերէ ոմանք, Մանօղլի Ստեփան, (Աստղ) մականուանեալ, եւ Չալկատրեան Մ, Օհաննէս եւ ուրիշները։ Կառավարութիւնը, երբ Օսման փաշայի հրամանատարութեամբ զօրքը կը հասցնէ Վանը ապստամբութիւնը ճնշելու, նախ Քէօր Մուստաֆա փաշան անձնատուր կը լինի առանց կռուելու, որուն կը ձերբակալեն ու կ՚աքսորեն. Խան-Մահմուտ, Խան-Ապտալն ալ չեն դիմադրեր։ Կ՚աքսորուին եւ այդ հայերը։ Կռիւը տեղի կ՚ունենայ միայն Պօհտանի մէջ եւ մօտիկ շրջակաները, ՊԷտիր-Խան պէյի քիւրդերի եւ Օսմ. զօրաց միջեւ, Քիւրդերը կը ջարդուին, ու Վանի հայերը կը յաջողին ձերբակալել Պէտիր-Խան պէյը՝ որ անձնատուր կը լինի։

Պէրպէրեան Աւետիս վարժապետի պատմութիւնը հրատարակուած ի Պոլիս 1871ին, այս քիւրդական շարժման մասին՝ այսպէս կը գրէ (գրաբար լեզուով).

«Մատթէոս պատրիարքը բողոքեց Բ. Դուռ՝ Պէտիրխան-պէյի հարստահարութեանց մասին, ուր խորհուրդ կազմելով պատերազմիկ բանակի մը պատրաստութիւն տեսնուեցաւ, հրամանատարութիւնն ալ յանձնուեցաւ Օսման փաշային, նա դիմեց ապստամբներու վրայ հիւսիսէն ու հարաւէն». Մատթէոս պատրիարքը նոյնպէս շրջաբերական մը ղրկած է, Տիգրանակերտի, Բաղէշի, Կարնոյ, Բալուի եւ Վանայ առաջնորդներուն, «որ իրենց ժողովուրդները կրած տառապանքներու վրէժը լուծելու ելլեն, օգնեն ու ծառայեն Օսմ. բանակին»։

Պատմագիրը կ՚ըսէ. «Ժողվուեցան Վասպուրական աշխարհի հայերը, ու պատերազմելով յարձակեցան Ճըզիրէ նահանգին վրայ՝ ուր որջանալով ամրացած էին բարբարոսաց գլխաւորները անառիկ վայրերու մէջ, ու այնչափ նեղեցին անոնց Պէտիր-Խան պէյը, մինչեւ վերջին յուսահատութեան հասած յանձնուեցաւ Սպարապետին՝ իր ընտանիքով, որոնք ղրկուեցան Կ. Պոլիս, ու անկէ աքսորուեցան Կրետէ կղզին։ Մարաց գլխաւոր Խան-Մահմուտը ձերբակալուելով Վանցի Հայերէ, իբրեւ կալանաւոր յանձնուեցաւ Օսման փաշային, ան ալ Կ. Պոլիս ղրկուելով իր ընտանիքով, Սիյիստրէ աքսորուեցաւ, ու ասպատակներէն շատերը սուրի մատնուեցան, ու մնացեալները ցրուեցան Ռուսաց ու Պարսից կողմերը»։

Պատմագիրը նոյնպէս կ՚աւելցնէ. «Այս քիւրդ իշխաններու ասպատակութեանց ու սպանութեանց, ոչ միայն աչք կը գոցէին Կարնոյ նահանգապետն ու Վանի կառավարիչը, այլ հաւանական էր որ անոնց ըրածներուն մասնակից էին (երես 321)։

Էրզրումի Ռուս հիւպատոս Ալեքսանտր Ժապա ալ իր ուսումնասիրութեանց մէջ կ՚ըսէ.

«Հռչակաւոր Պէտիր-Խան պէյ որ Ճըզիրէի քիւրդերու շէֆ ն էր, ապստամբեցաւ Բ. Դրան դէմ 1846ին։ Զինւորական միւշիր Հաֆըզ փաշայէն կարեւոր պարտաւորութեան մը կանչուեցաւ բնիկ քիւրդ Մահմուտ էֆ. պատգամաւոր երթալու Պէտիր-Խան պէյի մօտ. նա յանձն առաւ այս պարտաւորութիւնը որ կապուած էր նուրբ գործի մը։

Միւշիրը գոհացնելու համար, մէկ տարի յետոյ Քեամիլ փաշայի հրամանով որ այն ժամանակի Էրզրումի կառավարիչն էր, գնաց նաեւ Հէքեարի՝ քիւրդերու շէֆ Նուրուլլահ պէյի մօտ, որը նոյնպէս ապստամբած էր կառավարութեան դէմ։

Այս անգամ նորէն գոհ մնացին Մահմուտ էֆ. էն կառավարչի հրամանները գործադրութեան դնելու գործելակերպին համար։ Այս միջադէպերուն վրայ, յաջողեցան խոստումներով Էրզրում տանիլ Պէտիր-Խանի եղբայր Խան-Մահմուտը. այս զօրաւոր շէֆ ը, որ միայն քիւրդերէն գիտէր, եւ որ Օսմ. կառավարութիւնը մեծ շահ ունէր անոր խանյելու, իր Էրզրում մնացած ժամանակի տեւողութեամբ՝ պատիւներու արժանացաւ Օսմ. իշխանութեան կողմէն. Մահմուտ էֆ. իբր ծանօթ այդ լեզուին՝ դրուեցաւ անոր իբր թարգման ու ընկեր։

Քիչ ժամանակէն Խան-Մահմուտը ապստամբեցաւ Գաւաշի մէջ, որ Օսմ. կառավարութիւնը նշանակած էր իբր բնակելու տեղ, Վանէն 10 ժամ հեռու. ձերբակալեցին խեղճ Մահմուտ էֆէնտին [2] ու բանտ ձգեցին, ու15 օր յետոյ միայն արձակեցին մեծ սպառնալիքներով»։

Այս զանազան պատմուածներէն մենք կու գանք հետեւեալ եզրակացութեանը. Հայկական շրջանները, Կարին, Վան, Բաղէշ, Բալու, Տիգրանակերտը, Քիւրդ իշխանութեան հարստահարութեանն էր մատնուած, որոնց կ՚աջակցէին եւ նահանգապետներն ու փաշաները, որոնք հաւանօրէն միշտ ազգով Քիւրդ։      

Քիւրդիստանի շրջաններէն եւս Հէքեարիի Նուրուլլահ պէյն էր ապստամբած՝ հաւանական է եւ դաշնակցած Պէտիր-Խան պէյի հետ։

Կը նշանակէ, Օսմ. իշխանութիւնը կը պարտաւորուի նոր նուաճման մը ձեռնարկելու, որուն կ՚օգնէ այդ նահանգներու եւ քաղաքներու հայ ժողովուրդը։ Միւս կողմէն Հայ իշխաններ կան, որոնք կը մասնակցին Պէտրխանեան ապստամբական շարժման։ Այս երկու բաժանումներու բացատրութիւնը մենք կու տանք անմիջապէս վերջ։



[1] Պէտիր-Խան պէյի ասորական կոտորածի մասին կարդալ «Այժմեայ Քիւրդիստանը» եւ «Պատերազմէն յետոյ Շէյխ Ուպէյտուլլահ իբր քաղաքական գործիչ» հատուածները։

[2] Սա այն Մահմուտ էֆ. ն է, որ օգնել է Ռուս հիւպատոս Ալեքսանտր ժապային՝ գրի առնել Քիւրդերու կեանքն ու կենցաղը, որի վրայ հիմնած է իր գիտական եւ քաղաքական ուսումնասիրութիւնը Բրօֆէսէօռ Lerchը։