Քիւրդօ-Հայ պատմութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴԵՐԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԳՐԵՐՈՒ ՄԷՋ

Պերլինի 61րդ. յօդուածը «Արեւելեան հարց»ի մէկ կնճիռն է։

Այս կնճիռն ունեցաւ իր շատ մը հոլովումները ու բազմակողմանի երեւոյթները. թէեւ այդ յօդուածը նկատուեցաւ ի նպաստ Հայերու՝ բայց Եւրոպայի դիւանագիտական մէկ խաղն էր դա, Ռուսօ-Թիւրք պատերազմէն յետոյ Թիւրքիայի բաղդը իրենց ձեռքի մէջ առնելու համար՝ ազգ ազգի դէմ հանելով։

Այս յօդուածէն յետոյ՝ արծարծուեցան մոխրի տակ թաղուած կրօնական, ազգային, տնտեսական եւ քաղաքական կայծերը, հրդեհելու համար ամբողջ Թիւրքիան, որու մէկ աւերակն ալ եղաւ «հայկական կոտորածները». Եւրոպան ասով՝ Քիւրդ եւ Չէրքէսը հանեց քաղաքական ասպարէզը։

Բացատրութիւնները տեսնել Թիւրքիայի վերջին քառորդ դարու պատմութեան մէջ։