Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՒՐԴ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ [1]

   Քիւրդ բանաստեղծները իրենց երկերը գրած են Քիւրդիստանի մէջ Քիւրդ լեզուով ու ամեն մին իր բնակած տեղին վրայ. այդ գրուածները պատմուածներ են, ինչպէս եւ արձակ ու չափական բանաստեղծութիւններ։

Առաջին քիւրդ բանաստեղծը կը համարուի Ալի Հայրիրի. ունի բանաստեղծութիւններու հաւաքոյթ մը, որ կը պարունակէ ամեն տեսակ ոտանաւորներ եւ քերթուածներ. շատ հաճութեամբ կը կարդացուի եւ անուանի է Քիւրդիստանի մէջ. մեռած է փրկչական 1009-10 թուականին՝ եւ թաղուած ի Հայրիր. (Հայրիրի՝ գիւղի մ՚անունն է Շամզտինանի մէջ՝ Վանի եւ Հէքեարիի սահմանները)։

Երկրորդ բանաստեղծն է Մէլա-Ճիզիրի, բնիկ Պօհտանի Ճզիրէից. իր անունը Շէյխ Ահմէտ է. նա ճանչցուած է Ճզիրէի մէջ. փրկչական 1078-79 թուականին, այդ ժամանակ Էմիր Ո-մատէտ-տին Ճզիրէի իշխանն էր, եւ իշխանը քոյր մը ունէր, որին սիրահարուեց Շէյխ Ահմէտ. ի պատիւ անոր յօրինեց շատ մը Խազէլներ (էրօթիք երգեր), ու գրած է մի դիվան, որ շատ ճաշակաւոր կ՚երեւայ քիւրդերուն։ Մեռած է փրկչական 1160-61 թուականին։

Երրորդ բանաստեղծն է Մուհամմէտ Ֆէքի Թէյրան, բնիկ Մոկս քաղաքիցն է. ծնած է 1302-3 փրկչական թուականին, խորհրդապաշտ եւ կրօնական բանաստեղծ. մեռած եւ թաղուած է Մոկսի մէջ, փրկչական 1375-76 թուականին։

Չորրորդ բանաստեղծն է Մուլլա Պաթէ. անունն է մուլլա Ահմէտ. Հէքեարիէն՝ Պաթէ գիւղացի, ծնած է փրկչական 1417-18 թուականին, գրած է կրօնական բանաստեղծութիւններ։

Հինգերորդ բանաստեղծն է Ահմէտ-խանի, սերունդ Հէքեարիի ժողովուրդներու Խայնեան ցեղի, որ փրկչական 1591-92 թուականին գնաց հաստատուիլ Պաղտատ. գրեց չափական քերթուած մը՝ Մ. Զ. Մուհամմէտ Զէյնապ (կրօնական) եւ ուրիշ բանաստեղծութիւններ։ Մեռած է 1652-53՝ Պայազիտի մէջ, իր անունով մզկիթ մը շինել տուեր է, ու ինքը թաղուեր է մզկիթին մօտը։

Վեցերորդը՝ ոչ շատ անուանի Պայազիտցի Իսմայիլն է, աշակերտ Ահմէտ-Խանիի՝ ծնած է 1654-55 թուականին։ 1689-90ին կազմած է Գըրմանճի, արաբ եւ պարսկերէն փոքրիկ բառարան մը՝ Կիւլզար անունով՝ մանուկներու գործածութեան համար. գրած է եւ մի քանի թեթեւ քերթուածներ, մեռած եւ թաղուած է ի Պայազիտ։ (Մանուկներու զարգացման նուիրուած լինելու համար է գուցէ որ այս բանաստեղծը համարուած է ոչ անուանի քիւրդերու մէջ, որովհետեւ այդ ըմբռնումի նշանակութիւնը դեռ չէր կրնար գնահատուիլ անոնցմէ)։

Եօթերորդ բանաստեղծն է Շէրիֆ խան՝ սերունդը Հէքեարիի Էմիրներու տանը՝ որ կը պատկանի Ապասեան ընտանիքին. ծնած է ի Ճուլամերիկ, փրկչական 1689-90 թուականին, գրած է շատ մը չափական քերթուածներ Գուրմանճերէն եւ Պարսկերէն. մեռած է 1748-49՝ Ճուլամերկի մէջ եւ այնտեղ թաղուած։

Ութերորդ բանաստեղծն է Մուրատ խան. ծնած է Պայազիտ՝ 1737-38 թուականին, յօրինած է քանի մը էրօթիք (տարփական) երգեր, եւ ուրիշ գըրմանճի անցողական թեթեւ կտորիկներ։ Մեռած է փրկչական 1784-85 թուականին։

Պատմագիրը կ՚ըսէ. ասկէ յետոյ մինչ ցարդ չէ եղած գըրմանճի բանաստեղծներ. հարկէ խօսքը մինչ 1860 թուականի՝ եւ պաշտօնական բանաստեղծի մասին է)։



[1] Ամփոփուած եւ քաղուածօրէն միտքը առնուած է քիւրդ ուսումնասիրող Մահմուտ էֆ. իի պատմուածներէն. ի հարկէ այդ թիւը իր ցոյց տրուած սահմանին մէջ վերջ գտած չէ, այլ աւելի զարգացած, միայն թէ մեծ մասամբ գրի չեն առնուած մինչ ցարդ։