Հայոց Հարցի վաւերագրերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԵՐՐՈՐԴ
1880-1895

1880 թուականին թիւրք կառավարութիւնը, Հայաստանի դրութիւնն ուսումնասիրելու եւ կարեւոր բարենորոգումների ծրագիր կազմելու համար՝ ուղարկեց այնտեղ կօմիսէրներ, որոնց յատկացրել էր ընդարձակ լիազօրութիւններ: Այդ ժամանակ հայ ժողովուրդը միանգամ էլ առիթ ունեցաւ գրաւոր կերպով արտայայտելու իր գաղափարները իր հայրենիքի լաւագոյն կառավարութեան մասին: Կարինում հայերը ներկայացրին կօմիսէրներին հետեւեալ Ծրագիրը, որ կազմուած էր Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանում, հետեւաբար Ներսէս Պատրիարքի եւ նրա մօտիկ աշխատակիցների (առաւելապէս Մատթէոս արք. Իզմիրլեանի) գործն էր ներկայացնում:

14
ԾՐԱԳԻՐ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՄԱՆՑ ԿԱՐԻՆ ՆԱՀԱՆԳԻ [1], ՈՒՂՂԵԱԼ ԱՌ ԲԱՐՁՐ ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՄԱՆՑ ԿԱՐԻՆ ԵՒ ՎԱՆ ՆԱՀԱՆԳԱՑ

Յառաջաբան

Հայ ազգը՝ որ օսմանեան պետութեան ամենէն աւելի հաւատարիմ հպատակն է դարերէ ի վեր, եւ իւր շարունակ ցոյց տուած անձնուէր ծառայութեանց համար կայսերական կառավարութեան գոհունակութեանը իրաւամբ արժանի եղած է միշտ, այս անգամ պատիւ ունի իւր շնորհակալութիւնն յայտնել ի մասին Ձեր գալստեանն ի Հայաստան աշխարհ, որ նպատակ ունի ի գործ դնել այն ամէն բարենորոգումն երը, զորս տեղական պիտոյքը կը պահանջեն:

Այս նահանգի Հայ ազգը յոյս մեծ ունի որ Դուք ըստ փափաքանաց մեր վեհ. Սուլթանին անկեղծօրէն պիտի ջանայք տեղական պիտույքը ճշդիւ քննել եւ իմանալ, եւ ըստ այնմ երկիրը բարգաւաճման մէջ դնել, ապահովելով ժողովրդեան կեանքը, ինչքն ու պատիւը:

Առ այս ի նկատի պիտի առնուք անշուշտ այն ամէն անբաւական եւ ապարդիւն մի ջոցները, որք ամէն բողոքանաց հակառակ՝ մինչեւ ցարդ բաւական եղած չեն երկրին աղէտները դարմանելու, եւ Հայ ազգը ազատ պահելուանտանելի հարստահարութիւններէ, զորս վեհ. Սուլթանն իսկ քաջ գիտելով քանիցս խոստովանած եւ խոստացած է անյապաղ բարենորոգումն եր ի գործ դնել:

Այսպէս մէկ կողմէն երկրին շահը նկատելով եւ միւս կողմէն մեր պարտքն ու իրաւունքը ճանաչելով կը համարձակիմք Ձեր առջեւ նշանակել վարչական, դատական, ոստիկանական եւ այլն զեղծումն երը, որք շարունակ տեղի ունեցած են, զորս ծածկելը կը նշանակէ ներել որ երկիրը իսպառ թողուի իւր աղէտից մէջ:

Ա. Մեր նահանգի մէջ վարչական բարձր պաշտօնէութիւնը շատ անգամ Կ. Պօլսէն՝ առանց որոշ պայմանաժամու պաշտօնավարութեան՝ կը յանձնուի այնպիսի անձանց, որք կամ բոլորովին ապիկար եւ անհմուտ տեղական պիտոյից եւ քաղաքական օրինաց, եւ կամ աւելի օգտակար եղած են իրենց անձին քան երկրին. գրեթէ մի շտ մարդուհամար պաշտօն փնտռուած է եւ ոչ պաշտօնի համար մարդ: Ամէն ատեն թուրք պաշտօնեայք միայն պաշտօնի մէջ գործածուած են, կրօնի եւ ազգութեան տեսակէտով՝ փոխանակ արժանիք փնտռուելուըստ իրաւանց հաւասարութեան, մինչդեռ եւ ոչ մի հայազգի արժանաւոր անձի յանձնուած է ցարդ նոյնպիսի մի պաշտօն: Եւ որ զորմանալին է, Քիւրդերը եւ նոցա նմա վայրենի ցեղերն իսկ, որք երկրին պատուհասն եղած են միշտ, ամենակարեւոր պաշտօններու կոչուած են, եւ այս կերպով ա՛լ աւելի ծանրացած են հպատակ ժողովրդեան վրայ:

Բ. Օսմանեան օրինագիրքը (տիւսթիւր) թէեւ ի պաշտօնէ գործադրելի հրատարակուած է, թո՛ղ որ արդէն շատ մը պակասներ ունի իր մէջ, սակայն եւ միանգամայն Կ. Պօլսէն մերթ ընդ մերթ եկած որ եւ է հրամանագիր բաւական եղած է փոխել կամ ջնջել օրինագրքին այս կամ այն յօդուածները, մինչդեռ որ զարմանալին է, ուրիշ մէկ հրամանագիր ուրիշ անգամ նախորդացն հակառակը կը հրամայէ, եւ այսպէս կը շարունակուի, որով մեր երկրին մէջ ո՛չ թէ օրէնքը կը տիրէ, այլ քմահաճ կամքը (իտարէի քէյֆիյէ): Չկան նաեւ պաշտօնատարաց պարտուց սահմանները ճշդիւ գծող օրէնքներ, որք անշուշտ անհրաժեշտ են պաշտօնէութեան մը ուղղութեանը:

Գ. Վարչային արդի կազմակերպութեան դատարանաց ճիւղն եւս ունի իւր սխալ դրութիւնը, զորօրինակ նահանգիս կեդրոնին վերաքննութեան ատենին, իսկ սանճագներուեւ գազաներու նախնական ատեաններուն նախագահութիւնները բացարձակ կերպիւ տրուած են Շէրիի պաշտօնեայ եղող նայիպներու, որք քաղաքական օրինաց անհմուտ՝ եւ Շէրիի դրութեան վարժուած անձեր լինելով՝ դատերը կը վճռեն աւելի Շէրիի օրինաց համաձայն, կամ ըստ հաճոյս երբեմն Շէրիի օրէնքը խառն կը գործադրեն: Արդ քանի որ այդ ատեաններուն նախագահք Շէրիի պաշտօնեայք են, անհնար է որ քաղաքական օրէնքը անարգել գործադրուի դատարանաց մէջ:

Նաեւ Մէճէլլէի օրինագիրքը Շէրիին թուրքերէն թարգմանութիւնը միայն լինելով իբր քաղաքական օրէնք կը գործադրուի, որով քաղաքական դատարանները չեն տարբերիր գրեթէ՝ Շէրիի դատարաններէ: Դատարանաց նախագահներու գոհացուցիչ թոշակ տրուած միջոցին՝ անդամոց համար ամենանուազ թոշակ սահմանուած է, հետեւաբար արժանաւոր եւ կարող անձեր դուրս մնալով անդամակցութեան բաց ասպարէզ կը մն այ մի շտ անարժան եւ ապիկար անձերու:

Դ. Տէրութեան օրէնքները, հրամանագիրները, բոլոր ժողովոց եւ դատարանաց քննութիւնք եւ վճիռք կը հրատարակուին միայն թուրք լեզուաւ, որով այդ լեզուին անհմուտ Հայը բնաւ տեղեկութիւն չունենար կառավարական հրամանաց եւ օրինաց եւ այլն, եւ պաշտօնեայք ըստ կամի կը մեկնեն եւ կը գործադրեն:

Ե. Ոստիկանութիւնը, որ ժողովրդեան կենաց, ընչից եւ պատւոյն պահպանութեան յատուկ պաշտօնն ունի, ոչ իւր արդի թուով, ոչ կազմակերպութեամբը եւ պաշտօնավարութեամբը կարողացած է ծառայել երկրին եւ տէրութեան, յաճախ ինքն է եղած հարստահարիչ, կամ հարստահարչին պաշտպան եւ քաջալերիչ:

Զ. Տրոց բաշխման եւ հաւաքման ներկայ եղանակները ունին մեծամեծ զեղծումներ, աշար եւ այլ տուրքեր թէ միւլթէզիմներու եւ թէ ուղղակի կառավարութեան կողմէն հաւաքուած ժամանակ ի գործ դրուած եղանակ ումի ջոցները մի շտ վն ասակար եղած են թէ ժողովրդեան եւ թէ գանձուն: Ժողովրդեան կարողութեան չափը գրեթէ ի նկատի առնուած չէ տրոց բաշխման մէջ: Առ այս կը վկայեն տարիներէ ի վեր իրարու վրայ դիզուած պէգայէները (ապառիկ), եւ ժողովրդեան այժմուզարհուրելի աղքատութեան վիճակը:

Տրոց հաւաքման ատեն քաղաքաց եւ գիւղօրէից մէջ զապթիյէներն ալ շահադիտական մեծ դեր կը խաղան, մինչ զի կարելի է ըսել թէ աղքատ ժողովուրդը առ նուազն իւր տրոց մի կիսով չափն ալ դոցա կը վճարէ, տալով դոցա ուտեստ եւ դրամ գրեթէ միշտ բռնի եւ ձրի: Թո՛ղ անտերունչ ժողովրդեան գանակոծուիլը, հայհոյուիլը, յանիրաւի բանտարկուիլը եւ այլն: Եւ այս ամէն կեղեքում առաւելապէս քրիստոնէից վրայ ի գործ կը դրուին:

Է. Երկրին ընդհանուր եկամուտէն հազիւ մի չնչին գումար կը ծախսուի հասարակաց կրթութեան եւ հասարակային շինութեանց համար, զորօրինակ 1293 տարւոյ սալնամէէն կը տեսնուի որ Կարին եւ Վան նահանգաց հասարակաց կրթութեան համար 169, 396 ղուրուշ ծախս նշանակուած է, եւ այս մի միայն թուրք ազգի դպրոցաց յատուկ, իսկ հասարակաց շինութեանց համար 210, 100 ղուրուշ: Արդ ուրեմն ի՞նչպէս կարելի է այսպիսի չնչին գումարներով բարգաւաճման եւ յառաջադիմութեան մէջ դնել այսպիսի ընդարձակ նահանգներ: Միայն Կարնոյ նահանգիս եկամտից տարեկան գումարը՝ բաց ի մաքսի, ծխախոտի, աղի, եւ այլ այսպիսի րուսումաթի եկամուտներէ միւս տարեկան եկամտից գումարները կը հասնին 25-30 միլիօն ղուրուշի. իսկ ծախսը հազիւ կը համապատասխանէ սորա 1/4ին: Մեկնութեան իսկ հարկ չկայ թէ երբ այսպիսի նուազ եկամուտ բերող երկրի մը հասոյթին 1/4ը միայն կը ծախսուի երկրին մէջ, եւ մնացորդը դուրս կը հանուի, հետեւաբար անկարելի է որ թէ՛ երկիրը դրուի բարգաւաճման վիճակի մէջ, եւ թէ կարելի լինի այժմ՝ ու խիստ նուազ՝ մանաւանդ, որ յոյժ զարմանալին է, 15-20 ամիսներէ ի վեր անվճարելի թոշակներով պաշտօն ընդունել տալ արժանաւոր անձանց, որով ասպարէզը կը մնայ ապիկար տգէտ եւ անխիղճ անձերու, որք կը յօժարին՝ անշուշտ շահադիտական նկատումն երով 70-100 ղուրուշ ամսական թոշակաւ ոստիկան, բոլորովին ձրի կամ 200-400 ղուրուշ ամսականաւ ժողովական, եւ մինչեւ իսկ դատաւոր, 250 ղուրուշով միւտիր, եւ 900 ղուրուշով գայմագամ լինելու եւ այլն եւ այլն:

Ը. Հողային խնդրոց մէջ եւս կան շատ ու շատ զեղծումներ, զորօրինակ գիւղացին տարիներով երկիր մը կը հերկէ եւ կը ցանէ, բայց իւր այդ հերկած ու ցանած երկիրը՝ «խօշնիշէն» է ըսելով գիւղի աղայն կամ այլ ազդեցիկ ոմն յանկարծ կը գրաւէ, եւ կը յաջողի թափու ընել չնչին գումարով մը կամ այլ դատապարտելի մի ջոցներով: Այս զեղծմանց մեծ ոյժ տուած են արազիի օրինաց պակաս կամ թերի լինելը, եւ հողային դատերուն Շէրիաթի դատարաններ ղրկուելու նոր հրամանագիրը, հակառակ արդէն յատուկ հրովարտակաւ հաստատեալ այն դրութեան, որ կը հրամայէր այսպիսի դատերը տեսնել մի միայն քաղաքական դատարանց մէջ ըստ արազիի օրինաց:

Թ. Համառօտակի խօսիմք նաեւ հարստահարութեանց մասին.

1. Մահմետական կրօնի պաշտօնեայներէն տգէտ եւ մոլեռանդները՝ փոխանակ սէր եւ հաւասարութիւն քարոզելու՝ հալածում կը քարոզեն քրիստոնէից դէմ՝ փոքր քաղաքաց եւ գիւղօրէից մէջ յայտնի, իսկ գլխաւոր քաղաքաց մէջ գաղտնի, միամիտ ժողովուրդը հաւատալով թէ այդ տգէտ կարդացողին խօսքը աստուածային պատգամ է, մոլեռանդ ատելութեամբ կը սկսի բռնաբարել քրիստոնէին պատիւը, ինչքն ու կեանքը, եւ որ զարհուրելին է, եկեղեցիներ ու վանքեր կողոպտել եւ պղծել, քահանաները խոշտանգել եւ անլուր խժդժութեամբ տանջել եւ մինչեւ իսկ մահու դատապարտել, քրիստոնեայ մեռելոց դիակները գերեզմանէն հանել եւ խայտառակել, կոյսեր եւ կիներ առեւանգել եւ բռնի իսլամացնել, քրիստոնէական կրօնը ծաղրել եւ եկեղեցւոյ նուիրական անօթները ու սուրբ Խաչը կոխոտել եւ այլն. սոցա վրայ մի գաղափար տալուհամար միայն գլխաւորներէն մէկ մասը յատուկ տեղեկագրով ի հարկին պիտի յանձնեմք ձեր ուշադրութեան:

2. Հարստահարիչք գրեթէ միշտ պաշտպանութիւն, քաջալերութիւն եւ մի նչեւ իսկ պաշտօնապէս պատիւ գտած են կառավարութեան պաշտօնեաներէն, ժողովականներէ եւ քաղաքաբնակ նշանաւոր անձերէ: Յաճախ տեսնուած է, որ նահանգիս միջի հարստահարիչք ձերբակալուած եւ պատժոյ ենթարկուած մի ջոցին յանակնկալս ազատուած եւ վերադարձած են տեղերնին վրէժխնդրութեան ոգւով աւելի եւս հարստահարելու ժողովուրդը, մանաւանդ բողոքողները, զորս եւ կատաղաբար մահու իսկ մատնելը կը ժպրհին աներկիւղ եւ համարձակ: Ո՞ր անտերունչ հարստահարեալ կը համարձակի այնուհետեւ բողոքել այնպիսեաց դէմ: Եւ այսպէս բնական է որ հարստահարիչ աղայն կամ պէյը բացարձակ տէր կը լինի խեղճ ժողովրդեան կենաց, ընչից եւ պատւոյն, եւ կարծես թէ կառավարութիւնն իսկ չուզեր ջախջախել այդ բռնաւորները՝ մի ազդու հարուածով…:

3. Քրդաց եւ այլ թափառիկ ցեղերու աշիրէթի դրութիւնը մինչդեռ չկայ որ եւ է քաղաքակրթեալ երկրի մէջ, մեր նահանգի մէջ շատ տեղեր տիրող դրութիւն ճանաչուած է պաշտօնապէս: Աշիրէթի էլ աղասին իբր վեհապետական իրաւամբ ունի զինեալ հերոսներ, որք նորա հաւատարիմ գերիներն են կամ կոյր գործիները, թէ հրամայէ զարնել, կը զարնեն, կողոպտել՝ կը կողոպտեն, սպաննել՝ կը սպաննեն, եւ այլն: Սոքա գրեթէ ո՛չ բնաւ երկրագործութեամբ եւ արհեստիւ կը զբաղին, եւ ո՛չ իսկ շատ տեղեր հաստատ բնակութիւն ունին, այլ զէն ի ձեռին կը շրջին ամենուրեք, մանաւանդ լեռներու եւ ձորերումէջ, ազատ համարձակ կը յափշտակեն երկրագործ հայ ժողովրդեան պարէնը, կը գողանան նոցա դուարը, կ’այրեն նոցա ցորենի որաները եւ խոտի դէզերը, եւ կը բռնաբարեն նոցա պատիւն ու կեանքը: Սոցա առջեւ ոչ խեղճ եւ ո՛չ պետական իշխանութիւն նշանակութիւն ունին, այլ միայն էլ-աղասին, որոյ կամքն ու հաճոյք՝ կը համարձակիմք ըսել՝ թէ ամենայն ինչ է:

Քուրդ աշայիրներու սոյնօրինակ բարբարոսական դրութեան վնասակարութեան մասին Բ. Դուռն Հայոց ազգէն եղած անդադար բողոքանաց եւ աղերսանաց վրայ համոզուած՝ 1869-ին հրամայեց Կարնոյ վալի՝ Տրապիզոնցի Իսմայիլ փաշային, բռնել եւ աքսորել այդ աշայիրներու էլ-աղասի կամ թոռուն կոչուած ցեղապետները: Արդարեւ միայն Մշոյ գաւառէն 100-ի չափ թոռուններ ձերբակալուելով աքսորուեցան Օսմանեան-Եւրոպական երկիրներ եւ այլուր: Բ. Դուռն հրովարտակ իսկ հանեց որ դոցա գերդաստանք եւս երկրէն հանուին եւ աքսորուին, բայց սոյն հրամանագրէն անմիջապէս յետոյ Իսմայիլ փաշայի պաշտօնանկութիւնը վրայ հասնելով՝ ի զարմանս աշխարհի՝ նոյն աքսորեալ եւ անդառնալի վճռուած թոռունները վերադարձան, անշուշտ վրէժխնդրութեան զարհուրելի ոգւով վառուած…: Նոյնպէս եւ 1875-ին Մշոյ քիւրտ աղաները ի ձեռն Ահմէտ Մուխթար փաշայի բանտարկեցան Կարնոյ մէջ. բայց նորա պաշտօնանկութենէն անմիջապէս յետոյ սոքա եւս արձակուեցան…:

Քիւրդերը եւ այլ այսպիսի անզուսպ ցեղերը ամփոփ եւ զինեալ պահելու յոռի դրութեան իբրեւ ջատագովական փաստ՝ կ’առարկուի յաճախ թէ սոքա ի հարկին կայսերական բանակաց թիւը ստուարացնելու կարող են, եւ գէթ այնչափ բազմամեայ վնասուց իբր փոխարինութիւն՝ ծառայութիւն մը մատուցած լինել: Սակայն 54-56 եւ մանաւանդ 77-78-ի պատերազմաց ժամանակ դոքա ամբողջ գիւղեր կողոպտելէ եւ աւերելէ, մեռելներ եւ վիրաւորներ կողոպտելէ, զօրաւոր կողմի ն գործիք լինելէ եւ օսմանեան բանակաց կարգաւորութիւնը

խանգարելէ զատ ուրիշ գործ չտեսան: Այս ճշմարտութեան վկայած են կայսերական բանակաց հրամանատարք եւ սպայք: Իսկ մեք առ այժմ կը բաւականանամք յիշելով միայն այն սարսափելի իրողութիւնը, որ վերջին պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցաւ ի ձեռն Շէյխ Ճէլալէդտինի: Սա օսմանեան բանակի թիւը ստուարացնելու պատրուակաւ հաւաքած իւր աւազակաբարոյ հրոսախմբովը Վանայ շատ մը գիւղերը ասպատակելէ եւ աւերելէ յետոյ, փոխանակ թշնամւոյն հետ պատերազմելու, Պայազիտի օսմանեան բանակէն բաժնուելով կը յարձակի Պայազիտի վրայ, ուր եւ ամեն տեղ հետն ունենալով տեղացի աւազակ քրդեր, եւ նոյն իսկ բնիկ երեւելեաց ընկերակցութեամբ Հայոց տուները կը կողոպտէ ու կը քանդէ, հարսերն ու աղջիկները կ’առեւանգէ, հարիւրաւոր Հայեր սրախողխող կը ջարդէ, եւ որ զարմանալին է, այս ամէն ոճիր ի գործ դնելէ յետոյ Պայազիտի օսմանեան բանակին առջեւէն անպատիժ կը մեկնի...:

4. Ո՛չ նուազ ուշադրութեան արժանի է Կարսի ու Չըլտըրի Թիւրք, Թէրէքէմէ, Քիւրտ եւ Չէրքէս ցեղերու գաղթականութիւնն, որ հարստահարութեան նոր դուռ մը եւս կը բանայ նահանգիս մէջ: Սոքա եւս այս մի ջոցին Դերջանայ, Ալաշկերտի, Խնուսի, Բասենի եւ ուրիշ հայաբնակ գաւառաց մէջ կը հաստատուին, որոց ինչ աստիճանի բարբարիկ բնաւորութեան տէր լինելը մեք ի վաղուց գիտեմք: Սոքա երկար ատեն սահմանագլխի մօտ բնակած ամէն ոճիր ի գործ դնելով սահմանէ սահման կ՚ապաստանէին, մէկ կողմէն յափշտակածնին մի ւս կողմը փոխադրելով, որոց այս արարքը Օսմանեան, Ռուսական եւ Պարսկական պետութեանց մէջ մինչեւ իսկ բանակցութեանց նիւթ եղած էին: Ուրեմն սոցա այս կողմերը տեղաւորուելու մասին կառավարութեան թոյլտուութիւնը պիտի նշանակէ յարմար միջոց եւ մինչեւ իսկ քաջալերութիւն տալ իրենց նախկին ընթացից շարունակութեան:

5. Նշանակութեան արժանի են նաեւ այն հարստահարութիւնք, որք յաճախ կանոնաւոր զօրաց վաշտերուեւ միշտ չէրքէսներուեւ այլ պաշըպօզուքներու փոխադրութեանց առթիւ տեղի կունենան մասնաւորապէս հայ գիւղօրէից մէջ: Սոքա իրենց եւ ձիաննուն համար ձրի ուտեստ, եւ այլ պաշար, տարապարհակ ձի, էշ, ջորի, սայլ, դրամ եւ այլն կը պահանջեն ժողովուրդէն, եւ երբ ընդդիմութիւն տեսնեն, կը հայհոյեն, կը տանջեն եւ մինչեւ իսկ կը սպանեն, մինչեւ որ պահանջածնին առնուն լիովին: Եւ այս ամենայն կը լինի բազմիցս նոյն իսկ սպայից եւ զօրապետաց գիտութեամբ եւ թոյլտուութեամբ:

Սոյն օրինակ կը վարուին գրեթէ եւ քաղաքաց մէջ:

6. Տարապարհակ ծառայութեանց երեսէն ժողովրդեան կրած հարստահարութեանց կրնայ կցուիլ եւ այլ տարօրինակ իրողութիւն, Ժողովուրդէն հաւաքուած եւ կարի պակաս գներ նշանակուած պաշարներու արժէքները. որք կառավարութենէն պիտի ընդունուէին իբրեւ կանխավճար թերհաշիւ արքունի տրոց, այժմ չը հաշուելէ զատ տուրքերն եւս ամբողջ խստիւ կը պահանջուին:

7. Կան նաեւ հարստահարութիւնք բանտերու մէջ: Պարտուց կամ այլ թեթեւ յանցանաց պատճառաւ բանտարկեալ քրիստոնեայք տարապարհակի կը գործածուին, եւ առ այդ սպառնալեօք դրամն երկը պահանջուին, թո՛ղ որ յաճախ լսուած են բանտերու մէջ տեղի ունեցած հայհոյութիւնք եւ գանակոծութիւնք:

Այդ նկատելով որ կայսերական կառավարութիւնն իւր շահը կը ճանաչէ երկրին բարգաւաճման եւ ժողովրդեան կենաց, ընչից եւ պատւոյ ապահովութեան մէջ, եւ հաւասարութեան սկզբունքը երկրին կենդանութեան եւ յառաջադիմութեան էական պայման կ՚ընդունի, եւ ո՛չ կրօնական եւ տեղական խտրութիւնները, եւ թէ սոյն տեսակէտով անշուշտ վեհափառ Սուլթանն յղած է զՁեզ ի Հայաստան, որպէս զի հաճիք Բերլինի դաշնադրութեան 61-րդ յօդուածոյ տրամադրութեան համաձայն ըստ տեղական պիտոյից բարենորոգումներ անյապաղ ի գործ դնել, ուստի մեր առ կայսերական կառավարութիւնն ունեցած դարաւոր ամենահաւատարիմ հպատակութեան եւ քաղաքացիութեան եւ մանաւանդ երկրին բոլորովին հարստահարեալ ժողովուրդը Հայը լինելուն իրաւամբ՝ իբրեւ անդամք նոյն Ազգի կը համարձակիմք խոնարհ յարգանօք եւ անկեղծ փափաքանօք սոյն բարենորոգմանց համառօտ ծրագիրը առաջի առնել Ձերումդ Վսեմութեան:

 

(Ահա եւ ծրագիրը)

 

Կարնոյ նահանգը ըստ ներկայ բաժանման՝ բացի կեդրոնական սանճագէն՝ ունի նաեւ երեք ուրիշ սանճագներ, որք են Երզնկա, Պայազիտ, եւ Բաբերդ: Կեդրոնական սանճագին ներքեւ են Բասեններ, Խնուս, Կեղի, Դերջան: Երզնկայ սանճագին ներքեւ են Կամախ, Քուրիչայ, Քուզիչան, Օվաճըգ եւ Մաղկերտ: Բայազիտի տակն են Տիատին, Քարաքիլիսէ, Ալաշկերտ, Այնթապ: Բաբերդի տակն են, Սպեր, Կիսկիմ, Քէլքիթ եւ Շէհրան գազաները: Հետեւաբար այս նահանգի բացի վալիէն՝ կան երեք մի ւթասարիֆք, եւ տասնեօթն գայմագամք, հանդերձ մի քանի միւտիրներով:

 

Վարչութիւն

Ա. Նահանգիս վալիին անուանումն ուփոփոխութիւնը արդէն մին է ի նուիրական իրաւանց վեհ. Սուլթանին, երբ վալիի մը իշխանութեան յանձնուած ժողովուրդը ապահով կը լինի նորա բարւոք վարչութեան վրայ, յայնժամ կառավարութիւն եւ ժողովուրդ սիրելի կը լինին միմեանց փոխադարձաբար. յայտնի է որ Նորին Կայսերական Վեհափառութիւնն ալ գթալով Հայաստանի մէջ բնակող իւր հպատակ ժողովրդեան թշուառ վիճակին վրայ՝ զայն բարւոքելն ուապահովելն իրեն գլխաւոր նպատակ ըրած է: Այդ նկատելով Հայ ազգի պատրիարքն ըստ տրամադրութեան ազգային սահմանադրութեան, որ արդէն վաւերացեալ է վեհ. Սուլթանէն՝ Թուրքիոյ Հայոց ներկայացուցիչն եւ միջնորդն ի միջի ազգի եւ տէրութեան, որով եւ նորին սրբազնութեան կարծիքն ուձայնը ամբողջ ազգինն է, պէտք է որ վալիի ընտրութեան եւ փոփոխութեան մասին նախապէս նորա կարծիքն ալ առնուի:

Եւ որովհետեւ իսլամ վալիները, միւթասարիֆք եւ գայմագամք ցարդ գրեթէ բնաւ հոգ տարած չեն երկրին բարգաւաճման եւ յառաջադիմութեան, որով եւ չեն կրցած գոհ ընել զՀայ ազգն, եւ միանգամայն փորձերով ապացուցուած է որ այսուհետեւ ալ բացարձակապէս անհնարին պիտի լինի ձեռնարկելի բարենորոգմանց գործադրութեան յաջողութիւնը՝ ըստ բարձր սկզբանց ճշմարիտ հաւասարութեան, որոյ ձայնը բոլոր աշխարհի մէջ արձագանգ գտած է, կառաջարկեմք որ նահանգիս վալին եւ Երզնկայի ու Բայազիտի միւթասարիֆները եւ Բասեններու, Խնուսի, Կեղուայ, Դերջանու, Կիսկիմի, Կամախի, Մանազկերտի, Կարաքիլիսէի, Ալաշկերտի նման բազմահայ գազաներու գայմագամք Հայ լինին:

Պէտք է նաեւ որ վալիի պաշտօնավարութիւնը մի որոշ պայմանաժամու տակ ապահովեալ լինի:

Բ. Նահանգի միւթասարիֆները ընտրուին եւ փոխուին ճիշդ վալիին ընտրութեան եղանակաւ, իսկ գազաներու գայմագամք նահանգի վարչական ժողովոյ որոշմամբ եւ վալիին վաւերացմամբ: Անձնիւր միւթասարիֆ իւր իշխանութեան ներքեւ եղած գազաներու գայմագամաց ընտրութեան կամ փոփոխութեան նկատմամբ եթէ ունենայ դիտողութիւն, պէտք է որ սանճագի վարչային ժողովոյն հետ ի միասին տեղեկագրով յայտնէ նահանգի կեդրոնին, որ պէտք եղածը կը գործադրէ յետ օրինաւոր քննութեան:

Գ. Նահանգի կեդրոնական իշխանութեան համարակալ, քարտուղար, հողային արձանագրութեանց տեսուչ, կալուածոցն տեսուչ, եւ այլն այն պաշտօնէից, որք ուղղակի Բ. Դռնէն կ’ընտրուին, ընտրութեան եւ փոփոխութեան մասին Բ. Դուռը նախապէս վալիին կարծիքն առնուեւ ապա գործադրէ: Այս պաշտօնեայք օգնականներ ունենան, եւ եթէ պաշտօնեայն Հայ է, օգնականը թուրք-իսլամ լինի, եւ փոխադարձաբար:

Դ. Սանճագներու երկրորդական պաշտօնեայք, որք են հաշուակալ, գրագրութեանց տեսուչ եւ այլն, նահանգի վարչական ժողովոյ որոշմամբ ընտրուին եւ փոխուին եւ վաւերացուին վալիէն: Միայն թէ վարչային ժողովը պարտական լինի այդպիսեաց ընտրութեան եւ փոփոխութեան մէջ անձնիւր պաշտօնէի համար նահանգի նոյն ճիւղին գլխաւոր պաշտօնէին կարծիքն առնլու: Իսկ գազաներու երկրորդական պաշտօնեայք, ինչպէս են ելեւմտից գործակալ եւ այլն, ընտրուին եւ փոխուին իրենց սանճագի միւթասարիֆին եւ վարչային ժողովոյն միաձայն հաւանութեամբ. սակայն սոցա ընտրութեան եւ փոփոխութեան պատճառները յատուկ տեղեկագրով ներկայացուին վալիին, որ իւր վարչային ժողովով հանդերձ քննելէ յետոյ եթէ օրինաւոր դատէ, կը վաւերէ, եթէ ոչ՝ կը մերժէ:

Ե. Նահանգիս մէջ երկրագործութիւնը զարգացնելու, արհեստները քաջալերելու, եւ հասարակաց կրթութեան հսկելուհամար հարկ անհրաժեշտ է հաստատել մի յատուկ պաշտօնէութիւն ընդարձակ իրաւասութեամբ, որոյ առաջին պաշտօնէին ընտրութիւնը լինելու է ճիշդ վալիին ընտրութեան եղանակաւ, իսկ նորա իշխանութեան տակ եղած երկրորդական պաշտօնեայք լինին հաւասար թուով կէսը հայ եւ կէս թուրք-իսլամ, զորս նահանգին վարչային ժողովը կ’ընտրէ նոյն առաջին պաշտօնէին առաջարկութեամբ եւ վալին կը վաւերէ:

Զ. Նահանգի վարչային ժողովը կը բաղկանայ կէսը թուրք-իսլամ եւ կէսը հայ վեց անդամներէ, նայիպ, միւֆթի, առաջնորդք, համարակալ, գրագրապետ, էվգաֆի պաշտօնեայ եւ այլն, պէտք չէ որ բնական անդամ համարուին այս ժողովոյն: Նայիպը լոկ Շէրիի պաշտօնեայ լինելով բնաւ գործ մը չունի այս ժողովոյն մէջ, իսկ մի ւսները կրնան ներկայութիւն եւ կարծիք ունենալ մի միայն իրենց իրաւասութեան վերաբերեալ խնդրոց նկատմամբ:

Է. Մէն մի սանճագ կ’ունենայ իւր վարչային ժողովը ճիշդ նահանգի վարչային ժողովին եղանակաւն ութուովը կազմուած:

Ը. Ամէն գազա ունենայ նաեւ իւր վարչային ժողովը չորս անդամովք, որոց երկուսը հայ եւ երկուսը թուրք-իսլամ լինին:

Թ. Նահանգի կեդրոնին, սանճագներուն եւ գազաներուն վարչային ժողովոց անդամք երկուտարին անգամ մը կիսովին կը փոխուին վերընտրելիութեան պայմանաւ:

Ժ. Նահանգս պէտք է որ ունենայ մի ընդհանուր ժողով ուղղակի ժողովրդէն ընտրեալ եւ որոշ թուով երեսփոխանաց կազմեալ, որոց կէսը հայ եւ կէսը թուրք-իսլամ լինելուեն. զանազան ազգաց կրօնի գլխաւոր պաշտօնեայք, ինչպէս միւֆթի եւ առաջնորդք բնական անդամ են այս ժողովոյ: Սոյն ընդհ. ժողովոյ կը վերաբերին քննել եւ ստուգել նահանգին տարեկան պիւտճէն, եւ տրոց բաշխման եղանակները, ծախուց քանակութիւնը եւ մատակարարումը, եւ համարառուլինել վարչային բոլոր ժողովոց եւ այլն եւ այլն:

 

Դատարանք

ԺԱ. Նահանգիս կեդրոնը ունենայ մի դատական վերաքննութեան ատեան, որոյ նախագահը պէտք չէ որ Նայիպը լինի, այլ ուղղակի Բ. Դռնէն ընտրուելուէ ճիշդ վալիին ընտրութեան եղանակաւ եւ ուղղակի պատասխանատու Արդարութեան նախարարութեան: Այս ատեանը ունենայ վեց անդամն եր, կէսը թուրք-իսլամ եւ կէսը հայ:

ԺԲ. Նահանգիս կեդրոնը ունենայ մի նախադատ ատեան, որոյն նախագահն ընտրուի վալիէն, եւ վեց լինին անդամքն, կէսը թուրք-իսլամ եւ կէսը հայ. եթէ վերաքննութեան ատենին նախագահը թուրք-իսլամ է, նախադատինը հայ լինի, եւ փոխադարձաբար:

ԺԳ. Սանճագներն եւս ունենան նախադատ ատեաններ, որք կազմուին ԺԲ. յօդուածի տրամադրութեան համաձայն, եւ որոց նախագահը պէտք չէ որ նայիպները լինին, այլ վալիէն ընտրուելու են, եթէ սանճագին միւթասարիֆը հայ է, նախադատ ատենին նախագահը թուրք-իսլամ լինի եւ փոխադարձաբար:

ԺԴ. Թէ վերաքննին եւ թէ նախադատ ատեանք ունենան ընդհանուր փաստաբաններ, որք վալիին առաջարկութեամբ ուղղակի Բ. Դռնէն ընտրուին, եւ որոց պաշտօնը լինի պաշտպանել օրինաց առջեւ՝ տգէտ եւ զրկեալ ժողովրդեան իրաւունքը:

ԺԵ. Ամէն գազա ունենայ իւր նախադատ ատեանը, որոց անդամն երը չորսական լինին, կէսը հայ եւ կէսը թուրք-իսլամ. սոցա եւս նախագահները պէտք չէ որ նայիպները լինին, այլ ընտրուին ուղղակի նահանգի վերաքննութեան ատենէն, պայմանաւ որ եթէ գազայի մը գայմագամը թուրք-իսլամ է, նախադատ ատենին նախագահը հայ լինի, եւ փոխադարձաբար:

ԺԶ. Նահանգի կեդրոնն ունենայ առեւտրական մի դատարան, որոյ նախագահը Բ. Դռնէն ընտրուի վալիին հաւանութեամբը, եւ անդամք չորս լինին. կէսը թուրք-իսլամ եւ կէսը հայ, զորս նահանգի վարչային ժողովը կ’ընտրէ գաղտնի քուէարկութեամբ այն ընտրելի անձանցմէ միայն, որոց եռապատիկ թուով ցանկը կը պատրաստուի մի ընտրողական մասնաժողովէ, զոր նոյն վարչային ժողովն յառաջագոյն կը կազմէ քաղաքին 15-20 պատուաւոր վաճառականներէն: Իրենց եկամուտէն եւ նորա քանակութեան ամսական թոշակ առնլուներկայ դրութիւնը պէտք է ջնջել իսպառ, որպէս զի պաշտօնեայք ըստ այժմուսովորութեան հետամուտ չլինին դատեր փնտռելու:

ԺԷ. Սանճագներն ալ ունենան առեւտրական ատեաններ, կազմուած ճիշդ ըստ եղանակի նահանգի կեդրոնական-առեւտրական ատենին: Նահանգի վարչային ժողովը նահանգի առեւտրական ժողովին հետ միանալով կ’ընտրէ նոցա նախագահները, եւ վալին կը վաւերէ:

ԺԸ. Այն գազաները յորս վաճառականք կան, ունենալուեն առեւտրական ատեաններ, որոց անդամք ըստ ԺԶ-դ, եւ նախագահք ըստ ԺԷ-դ յօդուածոց տրամադրութեան համաձայն կ’ընտրուին:

ԺԹ. Դատական եւ առեւտրական բոլոր մեծ ու փոքր ատեաններու անդամք երկու տարին միանգամ կիսովին կը փոխուին վերընտրելիութեան պայմանաւ:

Ի. Կեդրոնի վերաքննին եւ նախադատ եւ սանճագներու նախա-դատ ատենից առաջին հարցաքննիչք կ’անուանուին արդարութեան նախարարութենէն, վալիին առաջարկութեամբ՝ թուրք-իսլամ եւ հայ խառն: Իսկ սոցա օգնականք կ’ընտրուին նահանգի վերաքննութեան ատենէն, պայմանաւ որ եթէ առաջինք թուրք-իսլամ են, օգնականք հայ լինին, եւ փոխադարձաբար:

ԻԱ. Արդարութեան նախարարութիւնն քննիչներ եւս կ’անուանէ այս նահանգի համար, որք ընդ իշխանութեամբ վալիին շարունակ կը շրջագայեն նահանգիս մէջ, կը հսկեն դատարանաց վրայ եւ պէտք եղածը կը տեղեկագրեն առ վալին:

 

Ոստիկանութիւն

ԻԲ. Հարկ է անմի ջապէս կազմել այս նահանգին համար մի օրինաւոր եւ կարող ոստիկանութիւն, եւրոպական արդի ժանդարմըրի դրութեամբ, որոյ թիւը լինի ճիշդ ըստ չափու պիտոյից երկրին ապահովութեան, կէսը թուրք-իսլամ եւ կէսը հայ, երկրին բարեկիրթ մասէն առնուած օրինաւոր եւ գոհացուցիչ ամսականաւ:

Քիւրտ, չէրքէս եւ այլ վայրենի ցեղերէ մարդիկ բնաւ պէտք չէ որ առնուին սոյն նորակազմ ոստիկանութեան մէջ, նոյնպէս եւ ներկայ ոստիկանք եւ նոցա մեծ ուփոքր բոլոր սպայք, զի սոքա եւս ժանդարմըրիի դրութեան բնաւ յարմարութիւն չունեցող եւ շարունակ զեղծմանց վարժուած եւ ապիկար մարդիկ են:

ԻԳ. Ոստիկանութեան գնդապետ եւ մի նչեւ հազարապետք գէթ առ այժմ եւրոպացի ըլլալու են, վասն զի երկիրը չունի այս դրութիւնը գործադրելու կարող մարդիկ, իսկ միւսները՝ հարիւրապետ եւ այլն, առնուին երկրին ժողովրդէն, կէսը հայ եւ կէսը թուրք-իսլամ:

 

Տուրք

ԻԴ. Անձնիւր անհատի տալիք որ եւ իցէ տուրքը սահմանել ճիշդ ըստ չափուիւր կարողութեան, հիմ ունենալով արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը:

ԻԵ. Չսահմանել բնաւ ո՛ եւ իցէ նոր տուրք ըստ հաճոյս, եւ արդէն եղածներն ալ միացնելով՝ նուազեցունել կարելի եղածին չափ տրոց տեսակները:

ԻԶ. Աշարի ներկայ դրութիւնը՝ որ մեծապէս վնասակար դարձած է երկրին հողագործ ժողովրդեան՝ պատճառաւ այն զանազան կեղեքմանց զորս ի գործ կը դնեն միլթէզիմք եւ հաւաքիչք՝ վերածել հետեւեալ եղանակի բաշխման. –վերջին անգամ վարձուտրուած 4-5 տարւոյ գումարները միացնելով՝ տարւոյ վրայ բաժնել, եւ անկէ ժողովրդեան դիւրատար եւ միջին մի չափ գտնել, եւ զայն հողային տէօնիւմի վրայ բաժնել եւ արդէն առնուած արազիի տրոց հետ ի միասին հաւաքել:

ԻԷ. Իսպառ վերցնել զապթիյէներուձեռամբ տուրք հաւաքելուներկայ դրութիւնը, որ վնասակար է երկրին եւ գանձուն հաւասարապէս, եւ հաւատարիմ հարկահաւաքներ սահմանել ընդ երաշխաւորութեամբ եւ օրինաւոր թոշակաւ:

 

Այլ եւ այլք

ԻԸ. Պէտք է որ հայերէն լեզուն միշտ թուրքերէնին հետ լծորդի այս նահանգի ամէն ատեաններու, ամէն օրինագրոց եւ ժողովրդեան վերաբերեալ ամէն կարգի գրութեանց եւ խօսից մէջ, եւ ճիշտ թուրք լեզուին նման պաշտօնական ճանաչուի:

ԻԹ. Նահանգիս բոլոր պաշտօնական շրջանակաց (տէվայիր) մէջ ծառայող գրագրաց կէսը թուրք-իսլամ եւ կէսը հայ լինին:

Լ. Իւրաքանչիւր ազգ ինքն ընտրելուէ ընդհանուր, վարչային եւ դատական ժողովոց համար իրմէ առնուելիք անդամները՝ իւր յարմար դատած եղանակաւ, զի բնական է որ անձնիւր ընտրելւոյ արժանիքը աւելի իր համազգեաց ծանօթ է:

ԼԱ. Ո՛ր եւ իցէ մեծ ու փոքր պաշտօնեայք պաշտօնանկ չլինին՝ առանց օրինաբար յանցանքնին հաստատուելու: Պարտաւորութիւննին լաւ կատարող պաշտօնեայք առանց կրօնի եւ ազգի խտրութեան վարձատրուին, իսկ պարտազանցք պաշտօնեայք պատժուին անաչառօրէն:

ԼԲ. Յատուկ կանոնագրութեամբ բացորոշապէս գծուին վալիէն սկսեալ մեծ ու փոքր բոլոր պաշտօնատարաց եւ ժողովոց պաշտօններու պատասխանատուութիւնք եւ իրաւասութիւնք եւ ըստ այնմ գործադրուի ճշդիւ:

ԼԳ. Հարկ անհրաժեշտ է ի նկատի առնուլ այս նահանգի ներկայ սահմանն ուաշխարհագրական դիրքը, եւ նորա մանրամասն քարտէսը գծել. ներկայ բաժանումը շատ անկանոն է, զորօրինակ, Սպեր, Կիսկիմ, Թորթում, որ երբեմն զատ զատ գազաներ էին, եւ պէտք էր որ մն ային այնպէս, յետոյ մէկ գազա եղած են միացեալ, ինչպէս նաեւ Կարնոյ դաշտը իւր ընդարձակութեամբ կրնայ երկու օրինաւոր գազաներ կազմել, եւ այլն, ուստի նահանգի բոլոր ներկայ բաժանմունքը բարեփոխելով՝ գազաներութիւը պէտք եղածին չափ աւելցնելու է:

ԼԴ. Դատարանները չունին իրենց յատուկ կատարեալ օրէնքներ, զի արդէն եղածներն ալ շատ թերի են. մէճէլլէն ճիշդ Շէրիի օրինաց թրքերէնի թարգմանութիւնը լինելով՝ պէտք չէ որ քաղաքական օրինաց կարգը անցնի, եւ այնպէս գործադրուի դատարանաց մէջ: Պէտք է ի նորոյ պատրաստել քաղաքական, հողային եւ այլն, ամէն օրէնքները կատարելապէս, քաղաքակիրթ աշխարհէն ընդունուած ազատական սկզբանց վրայ հիմնեալ՝ յապահովութիւն արդարութեան:

ԼԵ. Քրիստոնէից դատական, ոճրագործական, առեւտրական, կալուածական, ժառանգական եւ հողային բոլոր դատերը թէ իրենց մէջ լինին, եւ թէ իսլամաց հետ, պէտք չէ որ Շէրիի ատեանները ղրկուին, մինչեւ իսկ եթէ իրենք եւս ուզելուլինին, այլ տեսնուելու են այն քաղաքական դատարանաց եւ ատենաններուառջեւ, որոց կը վերաբերին ըստ դատերուբնութեան: Հայն իւր ազգային ժողովոց միջոցաւ ընելու է իւր ժառանգութեան բաշխման (գասամ) գործողութիւնները, առանց միջամտութեան Շէրիի դատարանաց:

ԼԶ. Պէտք է որ նահանգիս բոլոր մեծ ուփոքր պաշտօնեայք եւ ժողովոց անդամք թոշակ առնուն ամսէ ամիս եւ արդար չափով, ջնջուի ձրի եւ նուազ թոշակաւ պաշտօնեայ գործածելու ներկայ վնասակար դրութիւնը:

ԼԷ. Նահանգի ընդհանուր եկամտէն բոլոր պաշտօնէից օրինաւոր թոշակաց եւ պաշտօնատանց անհրաժեշտ պիտոյից՝ ինչպէս նաեւ երկրին զարգացման եւ ժողովրդեան յառաջադիմութեան համար ամենակարեւոր եղող ճանապարհաց եւ այլ հանրային շինութեանց եւ հասարակաց կրթութեան համար պէտք եղած գումարը ծախսուելէն յետոյ, աւելորդը միայն յատկանայ կայսր. գանձուն, եթէ ոչ՝ ներկայ դրուդեամբ, այսինքն ընդհանուր եկամտին մէկ չորրորդը միայն երկրին բոլոր պիտոյից համար ծախսելով ո՛ եւ իցէ վարչային բարեկարգութիւն եւ երկրին զարգացման յաջողութիւնը բացարձակապէս անհնարին է:

ԼԸ. Որովհետեւ արդէն հաստատուած է թէ բռնաւոր եւ ազդեցիկ անձինք յաջողած են շատ տեղեր ո՛ եւ իցէ միջոցներով ժողովրդեան ձեռքէն յափշտակել եւ իրենց վրայ թափու ընել նոցա այն հողերը, զորս նոքա տարիներով վարած եւ մշակած էին, ուստի խառն յանձնաժողով մը կազմուի կէսը հայ եւ կէսը թուրք-իսլամ անդամներով, եւ այս հողային խնդիրը հոն քննութեան ենթարկելով արդարութիւնը գործադրուի:

ԼԹ. Խիստ հսկողութեան ենթարկել մահմետական կրօնի պաշտօնեայներէն տգէտ եւ մոլեռանդները, որպէս զի կրօնը միմիայն հոգւոյ փրկութեան տեսակէտ բռնելով՝ հաւասարութեան եւ եղբայրութեան ոգի ներշնչեն մահմետական ժողովրդեան մէջ:

Խ. Երբէք չընդունուին քսան տարին չի լրացուցած ո՛ եւ է անհատի, նոյնպէս առեւանգեալ կանանց եւ օրիորդաց ինչ հասակի ալ որ լինին կրօնափոխութեան յայտարարութիւնները եւ խիստ պատժոյ ենթարկուին առեւանգող չարագործք:

ԽԱ. Զինաթափ ընել քուրդ, չէրքէս եւ այն ամէն անձեր, որք ամէն տեղ անհրաման եւ աներաշխաւոր զէնք կը կրեն ազատ համարձակ, եւ գրաւել՝ ըստ օրինաց քաղաքակիրթ ազգաց բոլոր արքունի զէնքերը, ապա թէ ոչ զէնք տալ եւ Հայոց եւ ներել որ իրենք ալ կրեն ի պաշտպանութիւն կենաց, ընչից եւ պատւոյ:

ԽԲ. Ցրուել քրդերու աշայիրները, եւ հատուածներու բաժանելով բնակեցնել մէն մի հատուած զատ զատ եւ յարմարաւոր տեղեր, եւ իրենց աշխատութեան արդեամբք ապրուստ ունենալու պարտաւորել:

ԽԳ. Կառավարութիւնը բնաւ չսպասէ եւ չպահանջէ որ զրկեալը բողոք բառնայ զրկողին դէմ: Ընդհանրապէս ոչ ոք պիտի համարձակի ազատօրէն ներկայել իւր բողոքն. զի նա քանի՛ցս որ բողոքած է ցարդ, կամ բնաւ կարեւորութիւն տրուած չէր իւր բողոքոյն, եւ կամ զրկողն անպատիժ մնացած է շնորհիւ պաշտպանութեան քաղաքաբնակ ազդեցիկ մեծամեծաց՝ կամ այլեւայլ մի ջոցներով, եւ այսպէս ազատ ձգուած մի շտ՝ յաջողած է վրէժ լուծել իւր բողոքողէն սաստկապէս. Ուստի հարկ անհրաժեշտ է որ կայսերական կառավարութիւնն իրենց երկրէն հանէ բոլոր աշայիրներու ցեղապետները (թոռուն, էլաղասի) եւ գիւղերու մէջ բնակող չարագործ պէյերն ու աղաները հանդերձ ընտանեօք եւ ազգականօք, եւ աքսորէ Արաբիոյ խորերը անդառնալի կերպիւ:

ԽԴ. Այսպիսի չարագործաց քաղաքաբնակ պաշտօնական եւ անպաշտօն պաշտպանները հանելով իրենց տեղերէն բնակեցունել նահանգէս դուրս ուրիշ հեռաւոր երկիրներ, այլ եւս չվերադառնալու պայմանաւ:

ԽԵ. Կարս եւ Չըլտըր սանճագներէն այս կողմերը գաղթող քուրդ, չէրքէս, թէրէքէմէ, եւ թուրք գաղթականները չբնակեցունել Հայաբնակ գազաներուեւ գիւղերու մէջ կամ նոցա բոլորտիքը, այլ փոխադրել ոչ–Հայաբնակ հեռաւոր երկիրներ:

ԽԶ. Վերջ տալ կայսերական կանոնաւոր զօրաց եւ մանաւանդ պաշըպօզուքներուեւ չէրքէսներու զանազան կեղեքմանց, որք միշտ ի գործ կը դրուին գիւղօրէից եւ քաղաքաց մէջ: Երբէք չի բնակեցունել զօրքերը քաղաքաց եւ գիւղօրէից ժողովրդեան տուներու մէջ, այլ զօրանոցաց եւ պահականոցաց մէջ միայն, եւ եթէ կան այնպիսի տեղեր, ուր պէտք է զօրք պահել եւ զօրանոցք չկան, ի նորոյ շինել:

Արգելուլ խստիւ որ բնաւ մէկ զինուոր կանոնաւոր կամ անկանոն ուղղակի ժողովրդէն չպահանջէ, եւ ոչ առնու ո՛ եւ է բան, այլ զօրաց ամէն պիտոյքը հոգացուին տեղական կառավարութեան միջոցաւ:

 

Վերջաբան

Մեր կայսերական կառավարութիւնն անշուշտ հաստատապէս որոշած եւ ձեռնարկած է բարւոքել մեր ազգին ներկայ աղէտալի վիճակը, որուն ազգային իրաւունքները այսքան տարիներէ ի վեր ոտնակոխ լինելէն չարաչար եւ անընդհատ տառապած է, եւ այս եթէ յայսմհետէ եւս շարունակուի, արդէն նիւթապէս եւ բարոյապէս հոգեվարքութեան հասած ազգի մը ընդհանրութեան մահը վճռել ըսել է, այն ազգի՝ որ ի սրտէ կը փափաքի անդորր եւ ապահով մնալ ընդ հովանեաւ Օսմանեան պետութեան, որոյ շուրջը պատած են քաղաքակրթութեան անհուն ասպարիզին մէջ մեծաքայլ յառաջադիմող ազգեր:

Տէրութեան մը գոյութիւնն ուաւերումը կախում ունի նորա ժողովրդեան վիճակէն: Երբ տէրութեան մը կամ ազգի մը վերակենդանութիւնը հնարաւոր է, որ եւ մինչեւ իսկ ի ձեռին կայ, առ այս ո՛ եւ է յուսահատական վարանում բնաւ չկրնար արդարանալ:

Մենք բացարձակապէս համոզուած լինելով թէ տէրութեան եւ ժողովրդեան զօրութիւնն ու մեծութիւնը ուրիշ կերպով չկրնար գոյանալ եւ հաստատ մն ալ, եթէ ոչ այս այժմու ապարդիւն յոռի դրութեան բարեփոխութեամբը, ահա սոյն տեսակէտով համարձակեցանք մատուցանել առ Ձեզ սոյն ծրագիրը՝ բաղկացեալ ի մի յառաջաբանէ եւ ի 46 յօդուածոյ, աղաչելով որ հաճիք ուշադրութեան առնուլ եւ յանձնել վեհանձնական շնորհաց Նորին Կայսերական Վեհափառութեան:

Կարին 1879 յունիս 27. [2]

 

Հայերի ազգային իդէալի իրագործումը պիտի տեղի ունենար եւրոպական դիւանագիտութեան կամեցողութեամբ: Եւ ահա վերին աստիճանի կարեւոր մի հարց. ի՞նչպես էր ինքն այդ դիւանագիտութիւնը հասկանում 61-րորդ յօդուածի «բարւոքումներն ու բարենորոգումները»:

Երեսուն եւ վեց տարուայ ընթացքում, Բերլինի Վեհաժողովից յետոյ մինչեւ այժմ, եւրոպական դիւանագիտութիւնը երեք անգամ է փոքր է շատէ լուրջ քայլեր արել հայոց հարցը գործնականապէս լուծելուհամար: Այդ գործողութիւնները արտայայտուած են այն գրագրութիւնների մէջ, որոնք փոխանակուած են Բ. Դռան եւ պետութիւնների մէջ եւ որոնք մի կողմից թիւրք կառավարութեան վերաբերմունքն են ցուցադրում, միւս կողմից պարզաբանում են պետութիւնների հայեացքներն ու մեծագոյն պահանջները:

Առաջին անգամ հայկական հարցի արծարծումը տեղի ունեցաւ 1880-ին, Անգլիայի նախաձեռնութեամբ եւ բոլոր վեց մեծ պետութիւնների դեսպանների հաւաքական գործակցութեամբ:

Ահա այդ գործողութեան վերաբերեալ վաւերաթղթերը.

15
ԱՊԷՏԻՆ ՓԱՇԱՅԻ 1880 ՅՈՒԼԻՍ 5 ԹՈՒԱԿԱՆԱՒ ԾԱՆՈՒՑԱԳԻՐՆ [3]

Պ. Դեսպան

Պատիւ ունիմ պատասխանելուՁեր Վսեմութեան Յունիս 11-ի Ծանուցագրի (note) ա՛յն մասին՝ որ Պէռլինի Դաշնադրութեան 61-րդ Յօդուածին պայմաններուն կը վերաբերի. պայմաններ՝ որ միեւնոյն Յօդուածին վերջին հատուածին մէջ բացայայտ դրուած են:

Պատերազմին հետեւանք եղող ամեն տեսակ մտազբաղումներու եւ դժուարութեանց հակառակ՝ Օսմանեան կայսերական կառավարութիւնն միշտ ի մտի ունեցաւ այս պայմաններու գործադրութիւնը. եւ Քիւրտիստանի ամեն մասերուն եւ ուրիշ վիլայէթներու մէջ բազմաթիւ ձեռնհաս պաշտօնատարներ ղրկեց՝ որոց պաշտօնն էր միայն ամենէն աւելի ազդու միջոցներն փնտռել թէ՛ Հայոց եւ թէ՛ Նորին Կայսերական Վեհափառութեան՝ Սուլթանին՝ հաւատարիմ միւս հպատակներուն անդորրութիւնը ապահովելու, եւ վերջապէս նշանակելու համար մի եւնոյն միջոցներու կիրառութեան եղանակը. անձամբ իսկ գործադրելով ինչ ինչ միջոցներ՝ իրենց շնորհուած իրաւունքին համեմատ: Այս Յանձնաժողովներէն զատ՝ անծանօթ չէ նաեւ՝ թէ կարճ ժամանակի մը մէջ Օսմանեան կառավարութիւնը որոշեց Նիզամիէ ատեաններէն բաժնել գործադիր իշխանութիւնը Եւրոպայի մէջ ի գործ դրուածին համաձայն, թէ՝ կը ջանայ լաւ կազմակերպութիւն մը տալ անոնց եւ ամենուրեք տուրքի եւ տասանորդի հաւաքման նոր եղանակ մը հաստատելու անհրաժեշտ փորձառութիւնն ընել՝ բնակիչներու հանգիստ ու հանդարտութիւնը ապահովելու համար, թէ՝ վերջապէս սկսած է հաստատել տեղ տեղ քաղաքապահ զօրք եւ ոստիկանութիւն՝ բնիկ եւ օտար բազմաթիւ մասնաւոր սպայներու պաշտօն տալով ներկայացնել Օրինաց Ծրագիրներ այս երկու Հրահանգներու (institutions) վրայ, եւ ի նկատ առնուլ ամեն ինչ որ նպաստաւոր կրնայ ըլլալ անոնց յաջողութեանը:

Այս քննութիւններէն կը հետեւի՝ թէ ժողովուրդներունկարագրին եւ պէտքերուն ամենէն աւելի յարմարող բարեկարգութեանց մէջէն այժմ իսկ իբրեւ ամենէն աւելի ստիպողական եւ արդիւնագործ ընդունուածներն կը կայանան գիւղախմբերու կազմակերպութեան եւ բաշխումին՝ ինչպէս նաեւ եղեռնադատ ատեաններու հաստատմանը վրայ:

Կարեւոր կը համարիմ ուրեմն քանի մը մանրամասնութեանց մտնել այս երկու կէտերու վերաբերմամբ, որ սահմանուած են երաշխաւորել՝ ապահով եւ ստոյգ եղանակաւ՝ հասարակաց կարգն ու անդորրութիւնը:

Իւրաքանչիւր գաւառակ պիտի բաժնուի գիւղախմբերու՝ որք իրենց կարգին՝ պիտի պարունակեն մէկմէկու մերձաւոր գիւղերու խումբեր:

Գիւղախմբական ժողովներն պիտի ընտրուին բնակիչներու ձեռամբ, եւ կառավարութիւնը պիտի անուանէ գործադիր իշխանութեան վերաբերեալ ինչ ինչ իրաւունքներ ընդունած գիւղախմբական վարիչ ժողովականներէն մին: Այս վարիչներն կախում պիտի ունենան գաւառակապետներէն (Sous-Préfets) եւ թաղապետական պաշտօններն ալ պիտի կատարեն հաւասարապէս: Պէտք է որ զիրենք ընտրող բնակիչներու մեծամասնութեան կրօնին վերաբերին, եւ այս պարագայի մէջ իրենց իբր օգնական (adjoint) պիտի ունենան փոքրամասնութեան կրօնը դաւանող անձեր: Իրենց պաշտօններու գործադրութեան մէջ ժողովրդին քուէովն ընտրուած՝ չորսէն վեց անդամներէ բաղկացած խառն ժողովի մը աջակցութիւնն պիտի ընդունին: Վերը յիշատակուած վարիչներն ու գիւղախմբական ժողովներն առաջին անգամ միայն պիտի անուանուին գաւառակապետներու վարիչ ժողովներէն, եւ այդ ժողովները պիտի ընտրեն զանոնք իւրաքանչիւր տեղերու բնակիչներու մէջէն:

Իւրաքանչիւր վարիչ իւր հրամանին ներքեւ պիտի ունենայ քաղաքապահ զօրք, որուն թիւը տեղւոյն իրական պէտքերուն համեմատութեամբ պիտի կրնայ աւելնալ: Այդ զինեալ զօրութեան գործը պիտի ըլլայ ապահովել գիւղախմբին կարգն ու անդորրութիւնը, ձերբակալել չարագործներն ու սրիկայներն, եւ պաշտպանել բնակիչներն ամեն բռնութեան եւ կեղեքումներու դէմ: Քաղաքապահ զօրքերու ամեն մէկ դասակը պիտի կրնայ միւս գիւղախումբերու քաղաքապահ զօրքերուն օժանդակութիւնը կամ գործակցութիւնը խնդրել՝ միասին գործելու եւ աւազակներու ձերբակալման մէջ յաջողելու համար:

Վերը յիշատակուած գործակալներէն զատ՝ իւրաքանչիւր նահանգի մէջ պիտի կազմակերպուի՝ մասնաւոր կանոնագրի մը ուժով՝ նահանգային քաղաքապահութեան մարմին մը, որուն սպայներն ու զինուորներն պիտի ընտրուին կայսրութեան հպատակ եղող բոլոր դասակարգելու մէջէն, եւ որ պիտի դրուի նահանգապետներուն հրամաններուն ներքեւ, գաւառապետներու եւ գաւառակապետներու տրամադրութեան տակ դրուելու համար: Իբրեւ հրամանատարներ (commandants) պիտի ունենայ փորձառու սպայներ, եւ օգնական ու ձեռնտու պիտի ըլլայ ամեն անգամ որ գիւղախումբերու մէջ գտնուող քաղաքապահութեան գործակցութիւնը խնդրուի:

Ներկայ ծանուցագրի շրջանակէն դուրս կը մն այ թուարկութիւնն այն ամեն առաւելութեանց, զորս կ’ընծայէ նախագծեալ կազմակերպութիւնը: Բաւական է հաստատել միայն՝ թէ հաւասարապէս ազդումի ջոց մը պիտի ըլլայ այն, աւելցնելու համար գիւղախմբական դպրոցներու թիւը, յառաջդիմութիւն տալու երկրագործութեան եւ բարւոքելու համար հաղորդակցութեան ճանապարհներն՝ վարիչներուն եւ գիւղախմբական ժողովներուն խնամքովը:

Սէլանիկի նահանգապետութեան գաւառակներէն մէկուն մէջ ստացուած մի եւնոյն փորձառութիւնը կարճ մի ջոցի մէջ յառաջ բերաւ լաւագոյն արդիւնքների մեծ գոհունակութիւն տեղական ժողովուրդին: Այդօրինակ միջոցի մը գլխաւոր արգասիքը պիտի ըլլայ ուրեմն ամուր խարիսխներու վրայ զետեղել հասարակաց եւ անհատական ապահովութիւնը:

Այս ապահովութիւնը երաշխաւորելուհամար ուրիշ զօրաւոր մէկ միջոցն ալ եղեռնադատ ատեաններուսահմանումն է, ինչպէս ըսինք: Այս ատեաններն կարգ ըստ կարգէ պիտի երթան այն գաւառակներն, ուր իրենց ներկայութիւնն անհրաժեշտ պիտի նկատուի եւ հոն պիտի դատեն ոճիրները: Դատ վարելու այսպիսի եղանակ մը մեծամեծ առաւելութիւններ կ’ընծայէ, քանի որ նախնական հարցաքննութիւն եւ դատաստան շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի կատարուին իրենց տեղերուն վրայ՝ քան եթէ դատը ենթարկուէր սանճագներու եղեռնադատ մն այուն ատեաններուն. վասն զի շատ անգամ կը պատահի որ անոնք՝ որոց վկայութիւնն անհրաժեշտ համարուած է, յանձն չեն առնուր այս վերջիններուն առջեւ երեւիլ, եւ նոյն իսկ իբրեւ վկայ ներկայանալ, մեծ հեռաւորութեան, հաղորդակցութեան դժուարութեանց, ժամանակի կորուստի եւ մեծաքանակ ծախքերու պատճառաւ. բաներ՝ որ բռնի կը խափանեն դատաւորութեան ազատ ընթացքը:

Օսմանեան կառավարութիւնը արդէն հասարակաց պաշտօններումէջ ընդունած է կարող եւ պարկեշտ անձեր՝ առանց կրօնական խտրութեան: Այսուհետեւ այս իրողութիւնն ալ աւելի լայն կիրառութիւն մը պիտի գտնէ, եւ Բարձրագոյն Դուռը ձեռք պիտի առնու ինչ որ կրնայ արդեամբք իրականանալ:

Նոյնչափ կարեւոր մի ջոց մ’ալ կայսերական կառավարութեան ուշադրութիւնը գրաւած է. ա՛յն է, արթուն հսկել կրթութեան եւ հասարակաց աշխատութեանց յառաջդիմութեան, որ երկրի մը երջանկութեան գլխաւոր պատճառն է: Հետեւաբար՝ ի բաց առեալ իւրաքանչիւր նահանգի մաքսերու՝ աղի եւ ծխախոտի՝ ինչպէս նաեւ եկամուտներն բարեպաշտական հաստատութեանց (էվգաֆ)՝ որոց յանձանձանքն հասարակութեանց (communautés) ժողովն երուն անկ է. մէկ տասներորդը պիտի առնուի նահանգին վարչական պէտքերուն համար գործածուած ծախսերու մնացորդէն, ծախքեր՝ որ պիտի հայթայթուին մի եւնոյն նահանգի մի ւս ընդհանուր եկամուտներովը. եւ յառաջիկայ տարւոյն սկիզբէն նահանգին տրամադրութեանը տակ պիտի դրուի այն՝ ի պէտս կրթութեան եւ հասարակաց աշխատութեանց: Հարկ չկայ ըսելու թէ այդ մասնաւոր ծախսագումարը (allocation) պիտի բարձրանայ ցորչափ պետութեան եկամուտներն աւելնան:

Կատարեալ կանոնագիր մը նահանգաց մասին, կանոնագիր մը՝ որ իրեն խարիսխ ունի փորձառութիւնն, ուտեղերուվրայ կա տարուած քննութիւններն ուսումն ասիրուելուվրայ է: Քիչ ատենէն ընդհանուր գործածութիւն մը պիտի ստանայ Ասիական Թուրքիոյ բոլոր նահանգներումէջ: Նոյնպէս նահանգապետներու իրաւունքներն աւելի պիտի ընդարձակուին եւ իրենց պաշտօններն պիտի երաշխաւորուին:

Ասոնք են, Պ. Դեսպան, մասնաւոր կանոնաւորմանց այն գլխաւոր կէտերն՝ որ գործադրութեան պիտի դրուին:

Նախագրեալին ծանօթացնելով զՁեզ՝ դառն է ինձ հաւաստել, որ ամեն անգամ երբ հասարակաց իրաւունքի ոճիրներ՝ որոց պատահումը բնական է աշխարհի ամեն երկիրներուն մէջ՝ գործուին նաեւ Հայոց բնակած տեղերուն մէջ, կրքոտ մտքեր կարծես պաշտօն ունին հնարելու երեւակայական եղեռնագործութիւններ՝ միւսներու վրայ աւելցնելու համար, ներկայացնելով զանոնք իբրեւ իրականութիւններ յաչս Եւրոպացւոց եւ այս տեղերը գտնուող ժողովներուն առջեւ:

Վերջացնելով՝ պարտք կը համարիմ բացորոշ եւ ճշգրիտ եղանակաւ հաստատել Ձեր Վսեմութեան, թէ Վանի, Տիարպէքիրի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Սվազի Հայ բնակիչներու պաշտօնական մարդահամարն հետեւեալ արդիւնքը տուած է: Այս վերջիններու թիւը կը բարձրանայ հարիւրին 17-ի, միւս ոչ-մսլիման հասարակութեանցը՝ հարիւրին 4-ի, իսկ մսլիման բնակիչներունը հարիւրին 79-ի:

Աւելորդ կը համարիմ յայտնել թէ Բարձրագոյն Դուռը Պէռլինի Դաշնադրութիւնն ստորագրող պետութեանց պիտի ծանուցանէ այն ամեն միջոցներն, զորս ձեռք առած է ինքն հետզհետէ բարեկարգութիւններ մտցնելու համար Քիւրտիստանի եւ Ասիական նահանգներումէջ՝ ուր կը բնակին նաեւ Հայք:

Հաճեցէ՛ք եւն,

(Ստորագրեալ) Ապետին:

16
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՎԵՑ ՄԵԾ ՏԷՐՈՒԹԵԱՆՑ ԴԵՍՊԱՆԱՑ՝ Բ. ԴՐԱՆ ՄԱՏՈՒՑԱԾ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑԱԳԻՐԸ [4]

Կ. Պօլիս, 7 Սեպտեմբեր 1880

Պարոն Նախարար

Ստորագրեալք ընկալան վերջին Յուլիս ամսոյ 5 թուականաւ ծանուցագիրը, որով Բ. Դուռը պատասխանած է՝ իրենց Յունիս 11-ի պաշտօնագրոյն այն պարբերութեան, որ Օսմանեան Պետութեան՝ Պէռլինի Դաշնագրոյն 61-րդ յօդուածով՝ հայաբնակ նահանգաց մէջ ներմուծել յանձն առած վարչական բարւոքմանց եւ բարենորոգմանց կը վերաբերի:

Նոյն ծանուցագրին մտադիր ուսումնասիրութիւնը ապացուցած է իրենց՝ թէ Օսմանեան Պետութեան կողմանէ նշանակեալ առաջարկութիւնք չեն համապատասխաներ յիշեալ յօդուածոյն ո՛չ ոգւոյն եւ ո՛չ տառին:

Ստորագրելոցս ներկայացուցած Տէրութիւնները չեն անգիտանար թէ Օսմանեան Պետութիւնը երկուՅանձնախումբ յուղարկած է հայաբնակ նահանգները, բայց բանաւոր պատճառներ ունին խորհելումի անգամայն թէ անոնց պաշտօնը եւ ոչ մի արդեան յանգած չէ. եւ Բ. Դուռը հակառակ այն պարտաւորութեանց՝ որ կը ծագին իրեն համար 61-րդ յօդուածէն, ետ կեցած է նոյն տնօրինութիւնները իրենց ծանուցանելէ:

Ոչինչ չապացուցաներ թէ ո՛ եւ իցէ բարւոքում ներմուծուած լինի արդարութեան վարչութեան մէջ. ընդհակառակն՝ հիւպատոսական բազմաթիւ տեղեկագրեր կը հաստատեն՝ թէ քաղաքային կամ եղեռնական դատարաններու անկախութեան խնդիրն իւր այժմու վիճակին մէջ անցելոյն բաղդատմամբ՝ եթէ ոչ յոռեգոյն, գէթ նոյնչափ նուազ գոհացուցիչ է:

Իսկ զինակիր պահանորդութեան եւ ոստիկանութեան խնդրոց գալով, Յուլիս 5-ի ծանուցագիրը կը հաստատէ թէ Բ. Դուռը պատուիրած է քանի մը յատուկ սպայներու, որ սոյն երկու պաշտօնէութեանց վերակազմութեան մասին ծրագրեր ներկայացունեն:

Տէրութիւնք այդ ծրագրոց վրայ տեղեկութիւն առած չեն եւ Օսմանեան Պետութիւնը չէ կարող հաստատել անգամ թէ անոնք ներկայացուած են իրեն:

Ստորագրեալք չեն կրնար ընդունիլ ուրեմն թէ Ձեր Վսեմութեան պատասխանագիրն՝ իրենց Յունիս 11-ի ծանուցագրոյն արտայայտած գանգատանաց ամենափոքր զոհացում մը տուած լինի: Ասկէ զատ՝ նոքա այնքան առաւել իրաւունք կը կարծեն ունենալ Օսմանեան Պետութեան այս մասին ի փորձ դրած ճգանց անբաւականութիւնը ցցնելու, նոյն իսկ պատասխանագրոյն պարունակութենէն դատելով, Պէռլինի Դաշնագրին իւր վրայ դրած պարտականութեանց եւ յառաջ բերած կացութեան վրայ նուազ ճիշդ ըմբռնում մ’ունի:

Հայաբնակ նահանգաց մէջ տեղի ունեցած կամ իբրեւ այնպէս նշանակուած եղեռնաց մասին Բ. Դրան տալ կարծած բացատրութիւններուն բառերն իսկ կ’ապացուցանեն, որ նա կը զլանայ խոստովանիլ յիշեալ նահանգաց մէջ տիրող անիշխանութեան աստիճանն եւ ծանր կշռութիւնը իրաց վիճակի մը, որոյ յարատեւումն, ըստ ամենայն հաւանականութեան, այն ընդարձակ գաւառաց մէջ բնակող քրիստոնեայ ժողովրդոց բնաջինջ լինելուն առիթ պիտի ըլլայ:

Յուլիս 5-ի ծանուցագիրը եւ ոչ մի լուրջ առաջարկ կը պարունակէ Չէրքէսներուեւ Քրդերու ծայրայեղութեանց վախճան տալու դիտմամբ: Եւ սակայն երկնչելի է թէ հասարակաց օրէնքներու գործադրութեամբ այդ ապերասանութեանց առաջքը չկարենայ առնուիլ: Միայն արտաքոյ կարգի խստութեան միջոցներով կարելի է վերջ տալ այնպիսի բռնութեանց, որ 61-րդ յօդուածին մէջ նշանակուած նահանգաց մի շատ մասերուն մէջ մշտնջենաւոր վտանգ մը առաջ կը բերեն Հայերու ընչից, պարտուոյն եւ կենաց դէմ:

Պէռլինի Դաշնագրոյն 61-րդ յօդուածով Բ. Դուռը յանձն առած է՝ «Հայաբնակ նահանգաց մէջ՝ տեղական պիտոյից պահանջած բարւոքումն երն եւ բարեկարգութիւններն, առանց այլ եւս յապաղման, ի գործ դնել»:

Ստորագրեալք ցաւ ի սիրտ կը հաստատեն թէ՝ Յուլիս 5-ի ծանուցագրով նշանակուած ընդհանուր բարենորոգմանց մէջ՝ յիշեալ յօդուածին տրամադրած տեղական պիտոյքը՝ եւ ոչ մէկ կերպով ի հաշիւ առնուած են:

Անշուշտ՝ տէրութիւնք գոհունակութեամբ պիտի ընդունին Օսմանեան Կայսրութեան ամէն կողմանց մէջ ընդարձակ բարենորոգմանց ներմուծումը. բայց՝ նոքա, նախ քան զամենայն, Պէռլինի Դաշնագրոյն լիովին գործադրութիւնը կը պահանջեն, եւ չեն կրնար հաւանիլ, որ Բ. Դուռն մի այնպիսի վերանորոգում առաջարկելով՝ որ նոյն դաշնագրոյն նշանակած նահանգներուն ի նպաստ պայմանադրուած յատուկ բարենորոգումներէն եւ ոչ մին կը պարունակէ, այս մասին իւր յանձն առած պարտաւորութիւններէն ինքզինքը զերծեալ կը նկատէ:

Ասկէ զատ նոյն նահանգաց մասնաւոր նկարագիրն ըլլալով, լայնածաւալ գաւառաց մէջ քրիստոնեայ տարրին գերիշխանութիւնն, այս իրողութիւնն ի հաշիւ չառնող ո՛ եւ է բարենորոգում չկրնար գոհացուցիչ հետեւանք մի ունենալ:

Ստորագրեալք, նոյն նահանգաց ընծայած մի այլ հանգամանքն եւս ի հաշիւ առնուլն պարտ անհրաժեշտ կը վարկանին: Բ. Դուռը՝ Հայոց եւ Քրդաց համար միեւնոյն կանոնագիրը սահմանելուկամք կը ցուցնէ: Նախ եւ առաջ պարտ ուպատշաճ է՝ ըստ վարչութեան՝ անջատել զանոնք, որքան գործնականապէս կարելի է. քանզի բնակաւոր ժողովուրդներն ու կէս թափառիկ ցեղերը՝ միեւնոյն եղանակաւ կառավարելը բացարձակապէս անկարելի է:

Հետեւապէս, գիւղախմբերու եւ վարչական խումբերու (groupes administratifs) բաշխումն ընդհանրապէս այնպէս պէտք է գործադրուիլ, որ կարելի եղածին չափ՝ համասեռ տարրեր՝ ի մի վայր ժողոված լինին: Բաշխման միտումը պետք է ըլլալ Հայոց, եւ կամ ըստ հարկին, Հայոց եւ Թրքաց համախմբուիլը, ի բաց թողլով զՔուրդ:

Հետեւաբար, իւրաքանչիւր գիւղախմբի բնակչաց մեծամասնութիւնն որոշող վիճակագրական ցուցակաց մէջ պէտք չէ մուծանել թափառիկ Քուրդ տարրը, որ լերանց մէջ կ’ապրի, եւ որ քրիստոնէաբնակ դաշտաց մէջ անկարգութիւն սփռելու համար միայն կ’իջնէ:

Կարելի է ենթադրել՝ թէ Բ. Դուռը Յուլիս 5-ի ծանուցագրով առաջարկուած գիւղախմբական կազմակերպութեան մէջ, համակրօն բնակչաց մեծամասնութենէն գոյացած առաջին աստիճանի վարչական խումբեր հաստատելու միջոց մը նշմարած լինի: Եւ սակայն ոչինչ չյայտներ այն գրութեան մէջ՝ թէ Բ. Դուռն այդ սկզբան կիրառութիւնը յանձն կ’առնո՞ւ:

Ստորագրեալք գոհութեամբ սրտի կը տեսնեն, թէ առաջադրեալ կազմակերպութեան մէջ՝ մէն մի գիւղախմբապետ տեղւոյն մեծամասնութիւնը գոյացնող կրօնական հասարակութեան պիտի վերաբերի: Բայց բարձրագոյն կարգի պաշտօնէից նկատմամբ նմանօրինակ տրամադրութեան մը չգոյութիւնը՝ յայտնապէս կ’ապացուցանէ՝ թէ առաջարկեալ վերանորոգմունք չեն ըստ բաւականին ի հաշիւ առնուր 61-րդ յօդուածոյն ակնարկած նահանգաց տեղական պիտոյքը:

Օսմանեան Պետութիւնը կը յայտարարէ, թէ պարկեշտ եւ կարող անձերը, առանց կրօնի խտրութեան, հասարակաց պաշտօններու մէջ ընդունած է արդէն, եւ թէ այսուհետեւ սոյն իրողութիւնը ընդարձակագոյն կիրառութիւն մը պիտի ստանայ: Այս յայտարարութիւնը յոյժ ճապաղ է, եւ ստորագրեալք կը խորհին՝ թէ այս կէտին վրայ պնդելն այնքան հարկաւորագոյն է, որքան որ Հայք կը հաստատեն, թէ իրենց մեծամասնութեամբ գտնուած նահանգաց մէջ գրեթէ Հայ չկայ, որ հասարակաց պաշտօնի վրայ գտնուի: Նոցա պահանջքն այս մասին այնչափ առաւել օրինաւոր կը թուի, որչափ որ կարելի է թէ Բ. Դրան նոյն նահանգաց վրայ քրիստոնեայ կառավարիչներ կարգելովն հանդերձ, վարչութեան մէջ աւելի արդարութիւն եւ իրաւասութիւն գտնելումասին՝ դարձեալ Հայոց համար մեծագոյն վստահութիւն մը չգոյանայ:

Վասն որոյ, Օսմանեան Պետութեան ծանուցագրոյն պարունակած տնօրինութիւններէն շատ աւելի ընդարձակ տնօրինութեանց պէտք կայ. որպէս զի Բ. Դուռը Պէռլինի մէջ յանձն առած պարտաւորութիւնները կատարած լինի:

Առաջարկեալ բարենորոգմանց անբաւականութիւնն, ընդհանուր առմամբ, այնքան մեծ է, որ գրեթէ անօգուտ է Բ. Դրան ծրագրոյն պակասութեանց վրայ վիճաբանիլ: Բայց եւ այնպէս, յետագայ դիտողութիւնք ինքնին կը ներկայանան մտաց:

Նախ եւ առաջ՝ Բ. Դուռը յայտարարելով թէ գիւղախմբապետք, փոխանակ նոյն իսկ գիւղախմբական խորհրդէն ընտրուելու, պէտք է լինի տէրութեան պաշտօնեայներ, զորս կեդրոնական իշխանութիւնը պիտի ընտրէ գիւղախմբական խորհրդոյն ընտրեալ անդամոց մէջէն, վարչական դասակարգութեան մինչեւ ցյետին աստիճանը տարուած կեդրոնացման սկզբունքը կը հաստատէ: Միւս կողմանէ՝ գիւղախմբապետներու եւ գիւղախմբական խորհրդոյ անդամոց նկատմամբ Բ. Դուռը զանց կ’ընէ ըսել, թէ սոքա ցկեա՞նս՝ եթէ ոչ առժամեայ կերպով պաշտօն պիտի վարեն: Նոյնպէս չըսեր, թէ ո՞ւմ պիտի պատկանի, զանոնք անկարողութեան պատճառի համար պաշտօնանկ ընելու իրաւունքը: Այս իրաւունքը արդեօք զանոնք կարգող քաղաքապետական խորհրդո՞յն, թէ ոչ՝ ուրիշ իշխանութեան մը վերապահեալ պիտի լինի:

Դարձեալ, օսմանեան ծանուցագիրը, ո՛չ զինուորագրութեան եղանակին եւ ո՛չ ալ ուրիշ տեսակէտներու նկատմամբ, զանազանութիւն չդներ գիւղախմբական եւ նահանգական զինակիր պահանորդութեանց միջեւ. գիւղախմբական զինակիր պահանորդութիւնն յայսմ միայն կը տարբերի մի ւսէն, որ նա, գիւղախմբապետին հրամանաց ստորակարգեալ է: Նա չի գումարուիր նոյն իսկ գիւղախմբի մէջէն եւ կրօնապէս մեծամասնութիւն ունեցող բնակիչներէն, եւ ոչ ինչ չերաշխաւորեր, թէ նա՝ իրօք իւր գոյութեան սեփհական հանգամանքը պիտի ունենա՞յ, որ է տեղային պաշտպանողական զօրութիւն մը ըլլալ:

Նահանգական զինակիր պահանորդութեան կազմակերպութիւնն եւս չհամապատասխաներ 61-րդ յօդուածոյն յատկապէս նշանակած նահանգներուն տեղական պիտոյից:

Նաեւ, այն պայմանը՝ որոյ համաձայն յիշեալ պահանորդութեան թէ՛ սպայներն ու թէ՛ զինուորները պէտք է առնուին պետութեան ամեն դասու հպատակաց մէջէն, բոլորովին անորոշ կերպարան մ’ունի:

Ցանկալի է, որ նահանգական զինակիր պահանորդութեան սպայներն եւ զինուորներն գիւղախմբական զինակիր պահանորդութեան մէջէն առնուին, այսինքն՝ այն դաշտային պահապաններուն մէջէն, զորս գիւղախումբերն իսկ պիտի ընդունին: Այս դաշտային պահպաններն՝ որք պաշտօն ունին գիւղերը պաշտպանել Քրդաց արշաւանաց դէմ, նահանգական զինակիր պահանորդութեան պէտք է հայթայթեն իւրաքանչիւր գիւղախմբի ժողովրդոց թուոյն համեմատութեամբ օժանդակ խումբեր:

Նահանգային վարչութեան քմահաճութեանց տեղ՝ ընտրողական սկզբան դրութիւնը հաստատուն երաշխաւորութիւն մը կրնայ յառաջ բերել հասարակաց ապահովութիւնն ամրացնելու յատկացեալ զօրութեանց բարւոք կազմակերպութեան մասին:

Եղեռնադատ ատենի մը կազմութեան վերաբերող առաջարկութեանց արժէքը՝ նախ եւ յառաջ՝ այն ատենին կազմական պայմաններէն կախումն ունի: Եւ սակայն Յուլիս 5-ի ծանուցագիրը այս կէտը ընդ լռութեամբ թողած է: Կարեւոր կը թուի, նահանգաց ոմանց մէջ Հայ տարրին գերիշխանութիւնն, (prédominance) ի հաշիւ առնուլ, եւ դատական կազմակերպութեան մէջ նոյն տարրին համեմատական բաժին մը տալ:

Այլ եւ աստ իսկ մէկ քանի խնդիրներ յառաջ կուգան, որոց լուծման մասին օսմանեան ծանուցագիրը եւ ո՛չ մի նշոյլ չտար: Թէ դատաւորք անփոփոխելի՞ պիտի լինին արդեօք. եթէ ոչ որոշեալ ժամանակաւ անուանելի: Որո՞վ օրինօք պիտի դատեն. Շէրի՞ով թէ այլով իւիք օրէնսդրութեամբ: Եղեռնադատ ատեանք ինչպէ՞ս պիտի յարգել տան իրենց վճիռները կէս անկախ եւ բոլորովին վայրենի Քուրդ ցեղերուն:

Այս վերջին հարցումը լիովին կ’ապացուցանէ թէ որչա՛փ հարկաւոր է դուրս ձգել Քրդերը Հայաստանի ժողովրդոց պատկանեալ բարենորոգման շրջանակէն, եւ ուրոյն վարչութիւն մը տալ անոնց, իրենց պատերազմասէր եւ նախնական բարուց համաձայն:

Տեղեկայ եւ վարատական երկու տարերց առնչութեան վերաբերեալ սոյն այս խնդրոյն առթիւ ստորագրեալք համոզում կը յայտնեն թէ պէտք է ջնջել Քրդերուն՝ Հայոց վրայ հարկադրած բոլոր այն բռնազբօս ծառայութիւններն ուտարապարհակ աշխատութիւնն, որ ոչ թէ մի իրաւանց սկզբունքէ, այլ մի հնարմատ զեղծմանէ միայն կը ծագին: Կը խորհին նմանապէս թէ՝ ի նպաստ՝ Հայորերոյն պայ մանադրեալ բոլոր բարենորոգմանց արգասիքը, պէտք է նաեւ Քրդաստանի կեդրոնն ու հարաւակողմը (Ճուլամէրկի Գազա) բնակող բազմաթիւ Նեստորականաց ալ արդարասիրաբար ստացունել:

Ցաւալի է, որ դպրոցաց խնամատարութեան եւ հասարակաց շինութեանց նման՝ տեղային պիտոյքը լրացնելույատկացեալ գումա-րի մը վերապահման ակնարկող պարբերութիւնը բացորոշ բառերով շարադրուած չէ:

Կարելի է ընդունիլ սակայն թէ այս պարբերութիւնը կը պարունակէ յինքեան արժէք մ’ունեցող ելմտական սկզբունքի մը գաղափարը. եւ այն սկզբունքն, ըստ մտաց տէրութեանց, յետագայ բառերով պէտք կ’ըլլայ պարզուիլ. այսինքն թէ, տուրքերը երկու կարգի բաժանուելով, առաջինը, որ մաքսային եւ աղային տրոց հասոյթէն բաղկացեալ է, պետական պիտոյից պիտի յատկացուի. իսկ երկրորդը՝ որ վիլայէթին ընդհանուր եկամուտներէն գոյանալի է, նախ եւ առաջ, նահանգին վարչական պաշտամանց, եւ ապա մնացորդին մէկ մասը տեղական պիտոյից սեպհականուելով, միւս մասն ալ Կ. Պօլիս պիտի յուղարկուի: Եթէ այս մեկնութիւնը ճշգրիտ է, այն ատեն Յուլիս 5-ի ծանուցագրոյն առաջարկութիւնը քիչ շատ համաձայնած կ’ըլլայ Եւրոպական Տաճկաստանի նահանգաց վարչական կազմակերպութեան ծրագրոյն, որ Բ. Դրան կողմ է Արեւելեան Րումէլիի Եւրոպական Յանձնախմբին քննութեան մատուցուած է, 19-րդ յօդուածին:

Արդարեւ սա՝ հաստատուն բարենորոգում մի կը կայացունէ ըստ այնմ զի՝ կը նուիրագործէ այն սկզբունքը, որ կը պահանջէ, թէ նախապես պէտք է նահանգային ծախքը մատակարարել, տրոց մի մասին առմամբը. բայց էական պայման է, թէ այս սկզբունքը վարչական բարենորոգմանց Մասնախմբին արդէն իսկ ընդունած երաշխաւորութեանց համանման երաշխաւորութիւններով ապահովեալ լինի: Բաց ի սմանէ, ստորագրեալք պարտին նկատել տալ, թէ չէ կարելի՝ վաղուց գրաւի դրուած եկամուտներն, այս ինչ կամ այն ինչ գործածութեան յատկացունել:

Ապակեդրոնացման սկզբունքը, որ ա՜յնքան հարկաւոր է կեդրոնական իշխանութեան կրօնէն տարբեր կրօնի հետեւող ժողովրդեան մը բնակած նահանգաց համար, քիչ գոհացուցիչ եղանակաւ բացատրուած է Ձեր Վսեմութեան ծանուցագրոյն մէջ:

Անհնար է արդիւնաւոր բարենորոգումն եր ակնկալել, քանի որ ընդհանուր կառավարչաց կացութիւնը կատարելապէս բարեփոխուած չէ: Արդարեւ ծանուցագիրը նշմարել կուտայ, թէ անոնց իշխանութիւնը պիտի ընդարձակի եւ պաշտօննին երաշխաւորուի. բայց այսօրինակ ընդհանուր վստահացուցմունք խնդիրը լուծելու տեսակէն չեն:

Մինչեւ որ ընդհանուր կառավարչին իշխանութեան ընդլայնումն եւ անոր պարտուց կատարման համար բացարձակապէս կարեւոր երեւցած պատասխանատուութեան ընդարձակումը բացորոշաբար պայմանադրեալ չլինին, եւ մի նչեւ որ բացորոշ երաշխաւորութիւնք   ընծայուած ըլլան այն բարձրաստիճան պաշտօնէին իւր պաշտաման տեւողութեան նկատմամբ անկարելի պիտի չըլլայ առաջարկեալ բարենորոգմանց արդիւնաւորութեան մասին կարծիք մը յայտնել:

Ապաքէն՝ քաջայայտ է, թէ ընդհանուր կառավարիչք պարտին մասամբ իւիք տեղեկութիւն ունենալ իրենց պաշտօնին տեւողութեան վրայ, եւ միանգամայն զերծ ըլլալ այն յարատեւ մի ջամտութենէն, որ արդի կառավարական եղանակին ներքեւ իրենց վարչական գործոց յետին մանրամասնութեանց մէջ անգամ տեղի կ’ունենայ, եւ որ՝ ցարդ իրենց գործունէութիւնը կաշկանդած էր: Անօգուտ է յաւելուլ, որ թէպէտ վալիներուն մեծագոյն անկախութիւնն ամենուրեք փափաքելի է, սակայն հայաբնակ նահանգաց մէջ բացարձակապէս կարեւոր է:

Միով բանիւ, տէրութիւնք, Օսմանեան Պետութեան առաջարկութեանց անբաւականութեանը համոզուած լինելով կը խորհին թէ արժան է լրջաբար ի հաշիւ առնուլ յիշեալ նահանգաց մէջ ստուգուած տեղական պիտոյքը, աւելի ընդարձակութիւն տալ հաւասարութեան եւ ապակեդրոնացման երկու մեծամեծ սկզբանց. արդիւնաւորագոյն տնօրինութեանց ձեռնարկել ոստիկանութիւնը կազմելու, եւ Չէրքէզաց եւ Քրդաց երեսէն տառապեալ ժողովուրդները պաշտպանելուհամար, եւ վերջապէս ընդհանուր կառավարչաց իշխանավարութեան տեւողութիւնն ու սահմանը որոշել:

Ահաւասիկ՝ այսու եւ մի միայն այսո՛ւ պայմանաւ կարելի է լիովին հատուցումն ընծայել Պէռլինի Դաշնագրին 61-րդ յօդուածոյն գոյութիւն տուած իրաւանց եւ ակնկալութեանց:

Դուռը կը ճգնի արդարեւ այն յօդուածին սահմանը սեղմել, ընդհանուր ժողովրդեան բաղդատմամբ՝ հայ ժողովրդեան եւ առ հասարակ քրիստոնէից թուոյն վրայ յենլով:

Ծանուցագրին մէջ նշանակուած համեմատութիւնը այնչափ տարբեր է ուրիշ տեղեկութիւններէ, որ Տէրութիւնք չեն կրնար զայն իբրեւ ճշգրիտ ընդունիլ:

Հայ ժողովրդեան ներփակեալ ցուցակը, որ Պատրիարքարանի խնամօք յօրինուած է, սոյն այլ եւ այլ գնահատութեանց միջեւ կեցած ահագին տարբերութիւնը կը ցուցնէ: Սա եւս կայ, որ Յուլիս 5-ի ծանուցագիրը՝ միայն մահմէդականաց եւ քրիստոնէից առ իրեարս ունեցած համեմատութիւնը կը նշանակէ:

Տէրութիւնք կը բաղձան ի ձեռին ունենալ այն տեղեկութիւնները, որոց վրայ հիմնեալ է այդ հաշիւը, եւ հարկ անհրաժեշտ կը համարին միանգամայն, 61-րդ յօդուածոյն նշանակած նահանգաց մէջ բնակող մահմէտականաց եւ քրիստոնէից մերձաւորագոյն թիւը՝ որչափ կարելի է փութով՝ առնել տալ անկողմնակալ մասնախմբի մը ձեռօք, որոյ կազմութիւնը այսուհետեւ պիտի որոշուի:

Պէտք է ապահով լինիլ, որ Բ. Դուռը անժխտելի անկողմն ապահութեան պայմաններով գործադրուած սոյն մարդահամարին արդիւնքը պիտի ընդունի, եւ յիշեալ նահանգաց կազմակերպութեան մէջ ի հաշիւ պիտի առնու զայն:

Յոյժ հաւանական է նաեւ, որ եթէ այս հիման վրայ գործի սկսուի, համօրէն տեղական պահանջմանց գոհացուցման պէտքը՝ այլ եւ այլ վիլայէթներուարդի աշխարհագրական սահմանաց սրբագրութեան հարկն յառաջ պիտի բերէ:

Այլ սակայն, այն յամուրդներէն՝ որ տեղի պիտի ունենան առաջադրեալ մարդահամարին գործողութեանց պատճառաւ, Բ. Դուռը չկրնար իրաւունք ստանալ ստիպողական կերպարան մը ընծայող միջոցներուն գործադրութիւնը յապաղելուհամար:

Ամենակարեւոր է՝ առանց ժամանակի կորստեան՝ իրականացունել այն բարենորոգումն երն՝ որ յատկացեալ են Հայոց կեանքն ուինչքը ապահովելու, ձեռնարկել անմիջապէս Քրդաց ասպատակութիւնները դադրեցնելու միջոցներուն, գործադրել անյապաղ ելմտական նոր կազմութիւնը, աւելի զոհացուցիչ կացութեան մը վերածել՝ առժամանակեայ կերպիւ, զինակիր պահանորդութիւնը, եւ մանաւանդ պարգեւել ընդհանուր կառավարչաց աւելի կայուն իշխանութիւն մը եւ ընդարձակագոյն պատասխանատուութիւն:

Իբրեւ եզրակացութիւն՝ ստորագրեալք կը հրաւիրեն միւս անգամ եւս Բ. Դրան ուշադրութիւնը սա՛ էական իրողութեան վրայ, որ հայաբնակ նահանգաց մէջ մուծանելի բարենորոգմունք, պարտին լինիլ համապատշաճ տեղական եւ գործադրուիլ ընդ հսկողութեամբ Տէրութեանց, ըստ բանից յանձնառութեանցն, զորս դաշնադրած է նա մի միջազգային մուրհակաւ:

Ստորագրեալք եւն:

(Ստորագրեալ)

ՀացՖէլդր Նովիկով

Գօշէն Կորտի

Տիսսօ Գալիսէ

17
Բ. ԴՐԱՆ 1880 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 3 ԹՈՒԱԿԱՆԱՒ ԾԱՆՈՒՑԱԳԻՐՆ [5]

Պէռլինի Դաշնադրութեան 61-րդ յօդուածին ոյժովն Օսմանեան Կառավարութիւնը յանձն առած ըլլալով անյապաղ գործադրել այն բարեկարգութիւններն, զորս կը պահանջեն Հայոց բնակած վայրերու տեղական պէտքերը, երաշխաւորել անոնց ապահովութիւնը Չէրքէսներուեւ Քիւրտերու դէմ, եւ այդ մասին ձեռք առած միջոցներն պարբերաբար ծանուցանել այն պետութեանց, որ պիտի հսկեն անոնց գործադրութեանը, խաղաղութեան կնքումէն յետոյ քննիչներ ղրկուած էր այն տեղերուվրա: Եթէ կատարեալ չեղան այդ քննիչներու յանձնուած քննութեանց նկատմամբ տրուած տեղեկութիւններն առ Դաշնագիր Պետութիւնս, պատճառն այն էր՝ որ տեղ տեղ Ոստիկանական Վարչութեան մէջ հապճեպով ներմուծուած քանի մը բարւոքումն երէ զատ՝ կայսերական կառավարութիւնը չէ կրցած կատարել բոլոր անհրաժեշտ բարեկարգութիւնները:

Այժմ՝ կառավարութիւնը Պէքիր փաշայի եւ կայսրութեան ուրիշ պաշտօնատարներուխնամքին տակ հրամայած քննութիւնն ի գլուխ հանած եւ որոշած է հետեւեալ միջոցներն ի գործ դնել.

1. Բնակիչներուկարգն ուանդորրութիւնը ապահովելուն պատակաւ՝ Էրզրումի, Վանի, Պիթլիսի եւ Տիարպէքիրի նահանգներուն ատեաններն աւելի լաւ պիտի կազմակերպուին եւ բարեկարգուին. եւ կայսերական մի ւշիր մը մասնաւորապէս պաշտօն պիտի ունենայ այդ բարկարգութեան հսկելու:

2. Պետութիւններէն խնդրուած ապահովութեանց ձեռք բերուած օրէն գրեթէ երեք ամի ս վերջ՝ կայսերական կառավարութիւնը պիտի վերակազմէ վերը յիշատակուած նահանգներուն ոստիկանութիւնն ուքաղաքապահութիւնը, տեւականապէս ապահովելուհամար հոն հասարակաց կարգն ուանդորրութիւնը:

3. Պատերազմական գործոց կայսերական նախարարէն պիտի անուանուին քաղաքապահութեան գնդապետներն (ալայ պէյի): Միւս սպայներուընտրութեան հոգ պիտի տանին վաշտերու (զօրագունդերու) ժողովները, եւ անոնց անուանումը պիտի հաստատուի պատերազմական պաշտօնարանէն՝ ընդհանուր կառավարիչներու առաջարկութեան վրայ: Այս վերջիններն իշխանութիւն պիտի ունենան ոստիկանութեան գործակալներն իրենց նահանգներուն մէջ բաշխելու՝ տեղական պէտքերուն համեմատ. եւ իրենց միաձայն հաւանութեանը վրայ՝ պատերազմական նախարարը պաշտօնընկէց պիտի ընէ գնդապետներէն եւ սպայներէն զանոնք, որ իրենց պաշտօնը կատարելու անկարող պիտի ճանչցուին:

4. Գիւղախումբերուկազմակերպութեան եղանակը, որ բանաձեւուած է վերջին Յուլիս 5-ի թուականը կրող ծանուցագրով Բ. Դրան, չորս ամսուան միջոցին մէջ ի յանգ պիտի ելնէ՝ պետութեան շահերուն համաձայն պայմաններով:

5. Ի բաց առեալ մաքսն եւ անուղղակի տուրքերն, ինչպէս նաեւ թղթատարի եւ հեռագրի հասոյթներն՝ վերը նշանակուած նահանգներուն միւս բոլոր եկամուտներն ամեն բանէ առաջ նահանգային ելմտացուցական պէտքերու պահանջումներուն պիտի գործածուին՝ միւս կարեւոր ծախքերովն հանդերձ: Սոյն այս եկամուտներու աւելցածէն հաիրւրին տասը տեղական պէտքերու համար պիտի առնուի. այսինքն կրթութեան եւ հասարակաց աշխատութեանց համար, եւ մնացեալն՝ ինչպէս նաեւ հարիւրին տասը ծախսագումարէն (allocation) աւելցածը Կ. Պօլիս պիտի ղրկուին:

6. Նահանգին դատաստանական պաշտօնատարներու ընտրութիւնն ու անուանումը գտնուող մասնաւոր կանոնագրին համաձայն տեղի պիտի ունենայ. եւ գալով վարչութեան պաշտօնատարներուն՝ ասոնք կայսերական հրովարտակի մը ոյժովն կ’անուանուին, որ կը տրուի նահանգապետին առաջարկութեան վրայ՝ հետն ունենալով միաձայն հաւանութիւնը պաշտօնատարներուն, որոնցմէ կախումն ունին իրենք: Նահանգապետներն այս կանոններուն հետեւելով՝ իշխանութիւն ունին հրաժարեցնելու եւ անուանելու իրենց նահանգներուն վարչութեան պաշտօնատարներն, ի բաց առեալ գաւառապետներն (միւթէսարըֆներն), ելմուտքի տնօրէններն (տէֆթէրտար) եւ ընդհանուր քարտուղարներն (մէքթուպճի): Այս պաշտօնատարներու ընտրութեան մէջ պէտք է որ ուշ դրուի միայն արժանիքի եւ ուղղամտութեան: Հասարակաց պաշտօններու պիտի ընդունուին կայսրութեան բոլոր հպատակներն՝ Պէռլինի Դաշնադրութեան 62-րդ յօդուածին համաձայն եւ գործադրութեան մէջ եղող օսմանեան օրէնքներուտրամադրութեանց իսկ, բաւական է որ վերը յիշուած պահանջելի յատկութիւններն ունենան:

7. Նիզամի է ատեաններն օսմանեան օրինագիրքը (մէճէլլէ) եւ կայսրութեան մէջ ընդունուած մի ւս օրէնքները պիտի գործադրեն:



[1]            Այս ծրագիրը, որ ﬔր Կարնեցի ազգայինքը պաշտօնապէս ներկայացրել են Օսմանեան Հայաստանի կոﬕսէրներին, եթէ, բոլորովին կամ մասամբ, ﬕայն թղթի վերայ էլ մնալու լինի, այնուաﬔնայնիւ դորա ներկայացումն իսկ նշանաւոր երեւութ է՝ իբրեւ բուն ժողովրդական ձգտումն երի արտայայտութիւն. վասնորոյ ձեռք բերելով դորա հարազատ պատճէնը՝ արժան համարեցինք հրապարակ հանել այն: Ծանօթ. «Փորձ» ամսագրի խմբագրութեան:

[2]            «Փորձ» ամսագիր 1879 թ., 9, եր. 181-197:

[3]            Դիւան Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի:

[4]            Դիւան Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի:

[5]            Դիւան Կ. Պօլսի Հայոց Պատրիարքարանի: