Արտաշէս Աշխարհակալ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա
ՊԱԼԱՏ ՏԵՍԱՐԱՆ ԱՌԱՋԻՆ
       ՆԱԽԵՐԳԱՆՔ
       Կեցցե՜ն յաւէրժ արիք Հայկեան,
Ցոլան սուր, թագ, փառք ու յոյսեր,
Օտար ազինք ափ ի բերան
Թողուն դողդոջ ժանգոտ սուսեր։
       Կեցցէ՜ յաւէրժ վեհն Արտաշէս՝
Օտար ափանց նախանձ սարսափ,
Կեցցէ՜ Տիգրան՝ նոր բոցագէս
Արքայն. լեռ, ձոր՝ զարնեն թող ծափ։
       Տեսիլ Ա
       ԱՐՏԱՇԷՍ գահ) ՄԻՀՐԴԱՏ, ՎՐՈՅՐ, ԱՐՇԷԶ, ԽՈՍՐՈՎ, ՎԱՐԱԺ, ՔՐՄԱՊԵՏ, ՆԱԽԱՐԱՐՔ, ԹԻԿՆԱՊԱՀՔ. ՏԻԳՐԱՆԸ թագաւորական հանդիսին կը բերեն եւ կ՚երգեն։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ժողովուրդք Հայաստանեայց, ահա ճանչցէ՛ք այսուհետեւ ձեր թագաւորը. Արտաշէս ծովերու, անապատներու եւ բոլոր տիեզերաց թագաւոր կոչուելու կ՚երթայ, թող իր փառքը ցոլայ նաեւ Արեւմտեան հորիզոնին վրայ եւ ազգերու փառաց վերջալոյսն հանդիսանայ. թագերու ներքեւ խրոխտ ճակատները դժգունին ու խոնարհին, լա՛ն փառք երազող բռնաւորները. Ասիոյ խորերէն՝ Այրարատայ դաշտէն մրրիկը կը մռնչէ. «Թագակիրներ արեան ծովերէ եւ արտասուաց գետերէ անցնելով՝ թող գան շղթայակապ խոնարհին Արտաշէսի առջեւ եւ դողդոջուն ձեռքով դափնիներ բոլորեն իր ճակտին»... Կը կարծէ՞ք որ կ՚երազէ Արտաշէս, ա՜հ, բաւական երազեցի օրրանիս մէջ, հօրս գիրկը, զինուց աղմուկին մէջ, որսի ճերմակ երիվարիս վրայ... Մանկութեանս ատեն գահ մը կը պակսէր, ահա այն գահին վրայ կը գտնեմ ինքզինքս եւ անոնք որ երազ էին, հիմա կապոյտ քօղի մը ետեւէն ինձ կը ժպտին... Ագռաւը արծիւ չեղաւ, այլ արծուի ձագին թեւերուն փետուրները յղկուեցան, թռչելու ժամանակն է, կ՚ուզէ՞ք որ թռչի...
       ՄԻՀՐԴԱՏ. Տէր արքայ, քանի որ Արտաշէս աշխարհի իշխէ՝ նախարարներն ալ մէյ մէկ թագաւորներ կը համարուին։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Կը հասկնամ, քաջ բդեշխ, եւ Միհրդատ ալ Պոնտոսի իշխանը կ՚ըլլայ։
       ՄԻՀՐԴԱՏ. Կ՚ընդունիմ, վեհափառ տէր, արքայական այդ մեծ շնորհքը, Պոնտոսի իշխանը ու Արտաշէսի հպատակն եմ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Երդուի՛ր որ Հայոց արքային միշտ հնազանդ եւ օգնական պիտի գտնուիս։
       ՄԻՀՐԴԱՏ . Կ՚երդնում յերկինս, Աստուածոց եւ սրոյս վրայ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Երդուի՛ք եւ դուք, աւագանիք Հայաստանեայց։
       ԱՄԷՆՔԸ. Կ՚երդնումք։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Եւ դու որդեակ իմ թագաւոր, երդուի՛ր որ պիտի սիրես ազգդ հոգւոյդ չափ եւ պիտի նուիրես արիւնդ իր փառացն ու ազատութեանը համար։
       ՏԻԳՐԱՆ . Կ՚երդնում յերկինս եւ Աստուածոց, թագիս եւ սրոյս վրայ, որ պիտի սիրեմ ազգս եւ թագս, եւ առանց Հօրս փառքէն նշան մը կորսնցունելու՝ պիտի ջանամ աւելի փայլեցնել, իր արիութեան ստուերը եւ իր փառաց արձագանքն ըլլալու պիտի ճգնիմ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ո՜վ քաջդ Վարաժ. դու, որ իմ որդիս քաջագործութեանց վարժեցուցիր, զքեզ չեմ ուզեր անվարձ թողուլ, արքունի որսապետ կը կարգեմ եւ կը շնորհեմ քեզ Հրազդանի աննման ափունքը։
       ՎԱՐԱԺ. Երախտապարտ սրտիւ կ՚ընդունիմ, վեհափառ տէր։
       ԱՐՏԱՇԷՍ . Որդեակ իմ, ահա կը թողում ես Հայաստանն իր փառացն համար, կը թողում այս գեղեցիկ հայրենիքը, ուր թագաւոր ծնայ եւ կ՚երթամ ովկիանոսի կոհակաց հետ մռնչելու, թագը մէկդի ձգելով՝ սաղաւարտ կրելու։ Թագը սաղաւարտէն աւելի ծանր է եւ դժուարակիր. գիտցի՛ր որ այս լեռները, ժայռերը, ձորերը եւ գերեզմանները ձայն ունին թագաւորի մը դէմ, որ անիրաւութիւն կը գործէ, գահիդ ոտքերը պիտի ըլլան Հայրենիք եւ Իրաւունք, Պատիւ եւ Արիութիւն, ասոնցմէ զուրկ տեղը անդունդ կայ. նայէ՛ որ սուրդ չի ժանգոտի իր պատեանին մէջ, թագաւոր եւ միանգամայն զինուոր եղիր, զարկ, մի՛ զարնուիր, մեռի՛ր, մի՛ յաղթուիր, ջանա՛ որ թշնամիք հսկայ Մասիսի կնճռոտ ճակտին չի թքնեն, այն պիտի մնայ դարերով Հայուն արձան եւ յիշատակ, այն պիտի լայ Հայկազն դիւցազանաց դամբաններուն վրայ։ Գիտցիր որ Արտաշէս երբ իմանայ, թէ Տիգրան պատերազմի դաշտին վրայ յաղթուեր է՝ սուրը պիտի փշրի իր փառաց եւ յոյսերուն վրայ։
       ՏՒԳՐԱՆ. Հա՛յր իմ, աշխարհակալութենէ դարձած ժամանակդ, թագաւորներ կառքդ պիտի վարեն, թագաւորներ՝ զորոնք Տիգրան գերի պիտի վարէ։ Ես ալ Արտաշէսի նման չեմ երազեր. Արեւմուտքը քեզի, հայր իմ, Արեւելքն ալ ինծի, ես ալ Արտաշէսի որդին. գրկուինք հայր եւ որդի, գրկուինք երկու գոռոզ աշխարհակալներ, մա՜հ եւ կործանո՜ւմն աշխարհի։
       ԱՄԷՆՔԸ. Կեցցե՛ն Հայկազն Աշխարհակալք, կեցցէ՜ Ասքանազեան թագաւորութիւն։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Կեցցե՛ս, որդեակ իմ, այո՛, իմ որդիս, իմ արիւնս ես, Արտաշէս չը գիտէ պարտուիլ։ Տիգրան ալ պիտի յաղթէ, Արեւելք քուկդ, Արեւմուտք՝ իմս։
       ՎՐՈՅՐ. Ուրեմն թո՛ղ բոլոր Ելլադա մոխիրի վրայ նստի, իր աստուածները օգնութեան կանչէ՛, զոհերու ճենճերով օդը մթագնեցնէ՛, լա՛յ իր բախտը, դրօշներովը արցունքը սրբէ՛, ժանգոտ սուրը ժայռերու զարնէ՛... Հեծէ՛, Ելլադա՜, Արտաշէս մութ բանակաւ դէպի քեզ կը քալէ, այս սուրը կամ քու աւերակացդ եւ կամ իմ կուրծքիս վրայ պիտի փշրի... Քա՛ջդ աշխարհակալ, հրաման տո՛ւր սպարապետիդ, որ զօրքերը ժողվէ. քալե՛նք, քալե՛նք դէպ ՚ի նախանձոտ Ելլադան։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Կը հրամայեմ, քաջդ Վրոյր, օ՜ն պատրաստուէ՛ փութով, զարնենք Ելլադան։
       ՎՐՈՅՐ. Կը հնազանդիմ, վեհափառ տէր (կը մեկնի)։
       Տեսիլ Բ
       ՆՈՅՆՔ , բացի ՎՐՈՅՐԷՆ
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Քաջդ դեսպան, վաղը արշալոյսը չը ծագած ճամփայ պիտի ելնես դէպ ՚ի Լիւդիա, իմացուր Կրիւսոսի, որ Արտաշէս անթիւ բանակով եւ նաւերով դէպ ՚ի իրեն երկիրը պիտի քալէ, կամ անձնատուր ըլլայ կամ՝ յաղթուի, կամ գահը ընտրէ եւ կամ՝ մահը։ Իսկ եթէ չի զիջանիր խոնարհիլ Արտաշիսի՝ թող սուրը ամուր բռնէ ձեռքին մէջ, որ Հայոց՝ նետաձգութեամբ արեւը մթագնեցնող բանակը տեսած ատենը դողդոջելով չիյնայ. եթէ չի խնայեր ազգին՝ թող կուրծ դնէ։
       ԽՈՍՐՈՎ. Կը հնազանդիմ, տէր, արդէն Լիւդիա շատ փոքր է Արտաշէսի դէմ խրոխտալու համար։
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Տէր արքայ, ամէն բան կարգադրուեցաւ, երթանք մեհեանը Աստուածոց փառաբանութիւն տալու եւ իրենց գութն ու օգնութիւնն հայցելու, Արտաշէս չէ զօրաւորը, աստուածներն են։ Երթանք մեհեանին բեմին վրայ սուրերը սրելու, երթանք աստուածոց մեծաց օրհնութիւնը վայելելու համար։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Այո՛, երթանք ամէնքնիս ալ աստուածոց երկրպագելու, որ մինչեւ հիմա Հայաստանը պաշտպանեցին եւ Հայկեան բանակը զօրացուցին, անոնց զօրեղ բազկացը տակ դեռ յաւէրժ պիտի մնան Հայք եւ Հայաստան ( կը մեկնին)։
       Տեսիլ Գ
       ԱՐՇԷԶ, ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ (կ՚երեւայ եւ մտիկ կ՚ընէ յետոյ)
       * ՝ մեծաշուք յաղթանակաց տեղ, խրճիթ մը՝ պալատի տեղ, փոքր ընտանիքի մը տէր ըլլայի՝ բիւրաւոր զօրաց հրամանատարութեան տեղ. զիս այս դժոխքը արդեօք ո՞ւր անգութը նետեց, որուն բոցերն են փառք, երազ, նախանձ եւ վրէժ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (մեկուսի) Ես... որ Արտաշէսը սպաննեմ։
       ԱՐՇԷԶ. Ա՜հ, ոչ թագաւոր ըլլալ, այլ վրէժ առնել կ՚ուզեմ... (Որմզդուխտը տեսնելով) ուրուակա՜ն...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (յառաջանալով) Վրէժդ պիտի առնես։
       ԱՐՇԷԶ. (մեկուսի) Կին մը... Մատնուեցայ (բարձր) ո՞վ ես գնչուհի, որ թագաւորին պալատը մտնելու կը համարձակիս։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (անոր աւելի մօտենալով) Մի՛ անարգեր զիս... Պիտի ճանչնաս...
       ԱՐՇԷԶ. Բայց ինչո՞ւ կը մօտենաս ինծի... Գնա՛, կորսուէ՛։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Հանդէսէն առաջ եկած գաղտագողի՝ քեզ կը սպասէի։
       ԱՐՇԷԶ. Ես քեզ չեմ ճանչնար... Պահա՜...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (ընդմիջելով) Արշէ՜զ...
       ԱՐՇԷԶ. (մեկուսի ապշած) Անունս ալ գիտէ... (բարձր) Բայց, ո՞վ ես դու, ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ես քեզի վրէժխնդրութեան սուրը կը բերեմ։
       ԱՐՇԷԶ. Ի՞նչ վրէժխնդրութեան։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Վատ ես, եթէ քիչ մը յառաջ ըրած ուխտդ մոռցար։
       ԱՐՇԷԶ. Բայց ես ի՞նչպէս կրնամ արի Արտաշէսէ մը վրէժ առնել, որուն չորս կողմը կը հսկեն հսկաներ, խուռն բանակ մը։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Եւ այն հսկաներէն մէկն ալ դու ես... Կին մը քեզի իւր թեւը կու տայ... Կը վստահի՞ս... Տուր ձեռքդ։
       ԱՐՇԷԶ. Առանց զքեզ ճանչնալու չեմ կրնար ձեռքս տալ, գուցէ այդ ձեռքը, որուն հետ պիտի միաւորի իմս ալ՝ անիրաւ եւ կաշառաբեկ սրտի մը սուրն եղած ըլլայ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Եթէ մօրդ անբիծ եւ վրէժխնդիր ձեռքն եղած ըլլար։
       ԱՐՇԷԶ. Մայր չունիմ ես։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Եթէ ունենայիր, զինքը շատ կը սիրէի՞ր։
       ԱՐՇԷԶ. Հոգիէս աւելի, ես հիմա իրեն հետ գեղջկական կեանք մը կը վարէի... Ալ զզուեցայ պատերազմիկ գերի ըլլալէ. զա՛րկ, որ թագաւորդ պարծի, մեռի՛ր, որ թագաւորդ ապրի։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Եւ մօրդ համար թագաւորդ կը զոհէիր։
       ԱՐՇԷԶ. Բայց ի՜նչ յարաբերութիւն ունիս դուն թագաւորին հետ, դուն գեղջկուհւոյ մը կը նմանիս... Պալատը նոր կը տեսնես։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Այո, պալատը նոր կը տեսնեմ, բայց Արտաշէսը առջեւս ծունր եկած պաղատալից տեսեր եմ... Ի՜նչ, միթէ դեռ գեղեցիկ չե՞մ։ Արտաշէս երբեմն գերիս էր, մի՛ զարմանար, պիտի ճանչնաս զիս։
       ԱՐՇԷԶ. Չեմ կարծեր որ յիմար եղած ըլլաս։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ես ալ զքեզ քիչ մը յառաջ յիմար կարծեցի, վրէժխնդիր մը յիմարի մը պէս կը խորհի ու կը խօսի, բայց յիմարի մը պէս ուժգին է հարուածը, զիս կը ծաղրես, բայց ես ալ զքեզ պիտի ծաղրեմ, երբ սուրը ձեռքիդ մէջ դողդոջէ... Արտաշէս իր աղջիկը քեզմէ խլեց եւ ուրիշ աղջիկ մ՚ալ աշխարհքէն... Երկուքնիս ալ վրէժխնդիր ենք... Տո՛ւր ձեռքդ։
       ԱՐՇԷԶ. Չեմ ճանչնար զքեզ։
       * անոր կը նետէ. աղջիկն աղքատ՝ բայց չընդունիր . սակայն ամէն օր յաճախելով Արտաշէս՝ աղջկան սիրտը կը գրաւէ. աղջիկը վերջապէս ալ անկէ չի փախչիր, երկու շունչեր իրարու կը մօտենան, երկու թեւեր զիրար կը գրկեն... Աղջիկը հոգւոյն չափ սէր կու տայ արքայորդւոյն, բաւական ժամանակ կ՚անցնի այսպէս, աղջկան ծնողքը անտեղեակ կ՚ըլլան այս անցքին, Արտաշէս կը խոստանայ զայն իրեն թագուհի ընել, երբ թագաւոր ըլլայ, բայց քիչ քիչ կը սկսի իր տեսութիւնը ընդհատել եւ վերջապէս դադրեցնել։ Թագաւոր կ՚ըլլայ, տարի կ՚անցնի՝ չերեւար, շատ օրեր խեղճ կինը Արտաշէսի ճամփուն վրայ կը սպասէ, բայց իզո՜ւր... դեռ կը սիրէ... Օր մ՚ալ Արտաշէս որսի ելած ատենը, հեռուէն կին մը կու գայ փութաքայլ, դժգոյն ու հերարձակ, եւ գրկի տղան Արտաշէսի երիվարին առջեւ դնելով. «Առ այս տղան. կ՚աղաղակէ Արշէզ է անունը, քու զաւակդ է, ասոր համար ծնողքէս հեռու կը թափառիմ, չունիմ հաց՝ որ իրեն տամ... ( Արշէզ զարմացական շարժումներ կ՚ընէ) Արտաշէս երեսը դարձուցած թիկնապահաց կը հրամայէ, որ տղան առնեն եւ կը սկսի սրընթաց հեռանալ, կինը յուսահատ կ՚իյնայ. վայրկեան մը արտասուալից կ՚աղօթէ... Ալ այնուհետեւ կ՚ատէ, եւ վրէժխնդրութեան ասուպ մը կ՚ըլլայ իր սիրտը։ Վերջապէս կը մեռնին հայրն ու մայրը, կը գտնէ առիթ, կը գօտեպնդի, եւ ահա այսօր կը հասնի պալատը, կը հարցնէ Արշէզը, կը գտնէ իր վահանը, կը ճանչնայ իր զաւակը... Այն կինը ես եմ, այն կինը քու մայրդ է...
       ԱՐՇԷԶ. Մա՜յրս (կը գրկուին), բայց Արտաշէս... Իմ հա՜յրս...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Բայց դու իրեն գերին... Տիգրա՜նն է թագաւորը, դու չես թագաւոր... տո՛ւր ձեռքդ...
       ԱՐՇԷԶ. Չեմ ուզեր թագաւոր ըլլալ...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Դահիճ եղիր... Մայր ունիս... Տո՛ւր ձեռքդ...
       ԱՐՇԷԶ. Ահաւասիկ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Երդուի՛ր...
       * ։ ( Վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       <(ՎԵՐՋ Ա ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ)>