Արտաշէս Աշխարհակալ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ե ՊԱԼԱՏ
       Տեսիլ Ա
       ԱՐՏԱՇԷՍ, ՎՐՈՅՐ, ԽՈՍՐՈՎ, ԹԻԿՆԱՊԱՀՔ, ԶՕՐՔ (տեսարան կը մտնեն)
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Վերջապէս Լիւդիոյ փառաց վերջալոյսն ալ գեղազարդեց Հայկական թագը եւ Արեւմուտքէն յուսոյ աստղեր բարեւեցին Արտաշէսի հսկայ քայլերը, խորտակեցան բանակները՝ ինչպէս կատաղի կոհակներ, որ սեպացեալ ժայռի մը ստորոտը փշրելով տխուր մրմունջ մը կը թողուն իրենց ետեւէն... Լիւդիա վերջին հառաչանք մը ունէր, թնդաց նա գերեզմանաց եւ ամայի պալատներու կամարներուն տակ... Զարհուրեցա՞ք եւ դուք, ստուե՛րք թագաւորաց Լիւդիոյ, որ հոդ սպառազէն քանդակուած արձանացեր էք... Կործանեցէք՝ եթէ ամօթ կը զգաք, լացէ՛ք՝ եթէ արցունք ունիք, հեծեցէք՝ եթէ շունչ ունիք... Դեռ երէկ թագաւորներ ձեր ստուերին տակէն կ՚անցնէին պատկառանօք, այսօր խրոխտ ճակատ մը կը խնդայ ձեր վրայ եւ ձեր յիշատակը ձեր կոթողներուն աւերակին եւ գահերուն աճիւնին ներքեւ կը թաղէ... բայց ինչո՞ւ կ՚ուշանայ Կրիւսոս՝ ալ շղթայակապ իր նախնեաց ստուերներուն առջեւ ծնրադրելու դահճին տապարին տակ։
       ԽՈՍՐՈՎ. Տէր արքայ, Կրիւսոս խնդրեց, որ զինքը մեհեանը տանին վայրկեան մը աղօթելու կամ գուցէ իր անցելոյն վրայ գաղտնի արտասուելու համար... Այն թեւերը որ վարժուած են գեղեցիկ եւ վսեմ առարկաներ գրկելու՝ հիմա երկաթէ շղթաներ կը կրեն, այն գլուխը որ միայն փառաց ու ծաղկանց մէջ կը հանգչէր՝ քիչ ատենէն անարգ երկաթի մը հարուածը պիտի զգայ, վերջապէս այն որ կեանք ու մահ կը հրամայէր՝ արդ ստրուկ պիտի մեռնի... Միթէ չողբա՞յ, տէր արքայ, միթէ չարտասուէ՞։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Թո՛ղ լայ... Փառաց մէջ նշոյլ եւ արցունք միանգամայն կը շողշողան... Ես փառասէր չեմ, այլ փառասէրները կը ջախջախեմ... Այս սուրը թագերէ փառքը չը քամեր, այլ Հայաստանի ազատ ապագայն կը քաղէ... Քաջդ Վրոյր, այս յաղթութիւնը քայլ մ՚էր դէպի տիեզերք. Հայաստանի պիտի դարձնեմ բոլոր աշխարհ։
       ՎՐՈՅՐ. Եւ Հայաստան ալ իր փառքը քու քայլերուդ եւ գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփէ, ո՜վ թագաւորաց վեհագոյնը... Հայաստան իր անտառներուն մէջ չունի քու յաղթութեանցդ հաւասարելու չափ դափնի, Հայաստանի երկինը չունի քու փառքդ վարձատրելու չափ աստղ, այլ Արտաշէս՝ փառաց մէջ եւ փառք՝ Արտաշէսի մէջ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Արշէզը յիշեցուցիր ինձ, Վրոյր, նա ալ այսպէս կը խօսէր յաղթութենէ վերջը... Բայց կը զարմանամ, թէ ի՞նչպէս յանկարծ աներեւոյթ եղաւ իմ քաջ զինակիրս։
       ՎՐՈՅՐ. Վեհափառ տէր, այն գիշերը, որ անտառին մէջ բանակնիս իջեւանած էր, զինքը արեան լճակի մը մէջ անշնչացած գտանք Արքունի վրանիդ մէջ, քովն ալ արիւնոտ դաշոյն մը։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ո՜վ երկինք...
       ՎՐՈՅՐ. Եւ գաղտուկ փոսի մը մէջ թաղեցինք զինքը՝ զգուշանալով թագաւորիդ իմաց տալու, որ կրնար շատ ցաւ զգալ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ճշմարի՞տ կ՚ըսէք։
       ՎՐՈՅՐ. Անշուշտ, տէր իմ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. (մեկուսի) Դեռ կը սիրէր Արտաշաման... (բարձր) Ուրեմն չորցաւ Արտաշէսի ճակտին մէկ դափնին, վերջապէս կորսնցուցի այն սուրը, որ պատերազմի դաշտին վրայ անխոնջ կուրծս կը պաշտպանէր... Խե՜ղճ Արշէզ... (մեկուսի) Զաւա՜կս... (բարձր) Արդ, բոլոր Լիւդիա յուսամ խաղաղեցաւ, այնպէս չէ՞, քաջդ Վրոյր։
       ՎՐՈՅՐ. Այո՛, տէր իմ, գրեթէ դիակ եւ գերի, ողբ եւ արիւն, սուրի բեկորներ եւ փլատակ, միայն ասոնք մնացին Լիւդիոյ երկնքին տակ։
       ԽՈՍՐՈՎ. Եւ միանգամայն ստրուկ ու դատապարտեալ թագաւոր մը։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ա՜հ, ինչո՞ւ կը փախչիս հորիզոնին տակ, Արեւ, ինչո՞ւ կը տանիս նախանձոտ ճառագայթներդ, կեցի՛ր քիչ մ՚ալ եւ թագաւորի մը դիակին վրայ վերջին ճաճանչ մը՝ վերջին նայուածք մը ձգէ, դեռ վայրկեան մ՚ալ կրակ դառնան ճակտիս դափնիները քու կարմիր ճաճանչիդ տակ եւ օրհասական Կրիւսոսի քինախնդիր նայուածքը այրեն... Կեցի՛ր դեռ, ուրիշ տիեզերք մը հանդիսատես չի պիտի ըլլայ այսպիսի փառաւոր յաղթութեան եւ գլխատման... Կրիւսոս դեռ չերեւար...
       ԽՈՍՐՈՎ. Ոտքի ձայներ կը լսուին, արքայ քաջ։
       ՎՐՈՅՐ. Ահա կը բերեն, տէր արքայ։
       Տեսիլ Բ
       ՆՈՅՆՔ, ԿՐԻՒՍՈՍ , ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ՝ գերիք շղթայակապ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. (մեկուսի) Որմզդո՜ւխտ...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (մեկուսի) Կը զարմանայ... Կամ չէ տեսեր, կամ մեռած կը կարծէր։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Յառաջ եկո՛ւ, ո՛վ Կրիւսոս, նախնեացդ ստուերները արեանդ հեղեղը տեսնել կ՚ուզեն, անոնք կ՚ատեն զքեզ եւ կ՚ողբան Լիւդիոյ բախտը... Չես համարձակիր նայել, քու ցասկոտ նայուածքդ կը յաղթուի անոնց քարէ նայուածքէն, Լիւդիոյ հառաչանքը գերեզմանի քարէ մը աւելի ծանր եւ որոտընդոստ թաւալեցաւ կթոտ ծնկացդ վրայ... Շղթայիցդ շառաչիւնը արթնցուց նախնեացդ կմախքները յաւիտենական փոսերէն, որոնք հեծկլտան փլատակաց խորշերը... Մրրիկներ կը վանեն Լիւդիոյ հողէն գահոյիցդ աճիւնը... Վերջապէս Լիւդիոյ դամբաններն ու օրրոցները կ՚ատեն զքեզ եւ պիտի ատեն յիշատակդ... Սակայն սիրտ առ, Կրիւսոս, մի՛ դողար մահուանէ, ժպտէ՛ գոռոզաբար ինչպէս երբեմն գահիդ վրայ... Այլ ո՛չ... Միթէ գա՞հ է վատին համար գերեզմանը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Շղթայ կրողը վատ չըլլար, Արտաշէս, գուցէ գահին վրայէն զայն ծաղրողը... Մի՛, մի՛ խրոխտար, ո՜վ թագաւոր, այդ գահն ալ դագաղ կ՚ըլլայ, երբ մթութեան նենգութեան կամ յաղթութեան մէջ բազուկներ չորս ոտքերովը կրեն զայն օդին մէջ... Մինակ ես չէ, այլ այդ սիրտն ալ կու լայ՝ այսպիսի անակնկալ հարուած մը երբ զգայ, հարուած մը, որ ինքնակալը վայրկեանի մը մէջ թագէ, փառքէ եւ կեանքէ կը զրկէ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (ցած՝ առ Կրիւսոս) Սիրտ ա՛ռ, ո՜վ թագաւոր, քենէ ետքը վրէժ մ՚ունիս, դեռ չը մեռած զիս առանց շղթայի պիտի տեսնես։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Եւ դու կը մոռնաս, որ ես Արտաշէս եմ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ես ալ Կրիւսոս էի... Ձեռքս մական ունէի երբեմն, արդ շղթայ կը կրեմ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Այլ ես իմ թշնամիս արթուն, զօրաւոր եւ սուր ի ձեռին յաղթեցի։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Սակայն գուցէ քենէ տկար մը օր մը զքեզ անշշունջ գահիդ գամէ փոքր դաշոյնով մը՝ գողտր ձեռքով մը...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (մեկուսի) Այն անծանօթ դահիճը ես պիտի ըլլամ...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Վա՛տ է այն։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Սակայն կը սպաննէ, մութի մէջ դէմքը չես տեսներ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ո՜վ Կրիւսոս, գեղեցիկ երազներով օրհասդ ամոքե՞լ կ՚ուզես, կը տեսնե՞ս դահիճը (կը ցուցնէ) պատրաստ եղիր...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Գթութի՜ւն, ո՛վ թագաւոր, շնորհէ՛ կեանքս։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (ցած առ Կրիւսոս) Սիրտ առ... Դեռ թագաւոր ես։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ի՞նչ պիտի ընես կեանքը... Յո՞յս մը կը նշմարես։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Սակայն... Չեմ ուզեր... կը տեսնէ՞ք ով իմ հարցս ուրուականները, կը լսէ՞ք... Ինչո՞ւ լուռ եւ անշարժ արձանացեր էք։ Ձեր նայուածքները կարծես թէ կենդանի են, իսկ ձեր սուրերը չեն փայլատակեր, գոնէ ինկէք, կործանեցէք յափշտակչին գլուխը ջախջախելու... Ձեր ստուերին տակ դահիճ մը կը պահէք, որ այս նուիրական պալատը Լիւդիոյ վերջին թագաւորին արեամբը պիտի ողողէ եւ Լիւդիոյ յետին շունչը այս կամարներուն եւ ձեր շուքին տակ հեկեկելով պիտի սպառի։ Ելէ՛ք, զէ՛նք առէք, ստուե՛րք դիւցազանց, վրէ՛ժ ժայթքեցէք անոր դափնեզարդ գլխուն, որ յաղթական քայլերով ձեր դամբանները կը կոխկռտէ... Կրակ թափեցէ՛ք՝ եթէ նայուածք ունիք, մահ սփռեցէ՛ք՝ եթէ շունչ ունիք, ձայն տուէ՛ք՝ եթէ ձայն ունիք... Ո՛վ դիք, ո՞ւր են ձեր կայծակները... Ա՜հ, մէկը սուր մը, յոյս մը չը բերեր ինձ... Ուրեմն աստուածք եւ ստուերք, անիծեա՜լ ըլլաք։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Դեռ սպասէ՞ դահիճը, ո՜վ Կրիւսոս... ահա արեւը աներեւութացաւ արդէն, վաղը իր առաջին ճառագայթը գերեզմանիդ վրայ պիտի ցօղէ... Կը դողա՞ս մահուանէ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Արդէն այս շղթաները եւ այդ ծիծաղները մահէն աւելի սոսկալի են... Թոյլ տուր օրհասականին, Արտաշէս, որ խօսի... կը մտածեմ, թէ դեռ ո՞վ մնաց ատելու եւ անիծելու համար... Ի՜նչ ընեմ... Պիտի մեռնիմ... պիտի մեռնիմ գերեզմանիս վրայ արիւնոտ սեւ շղթայ մը, փոխանակ ծաղկանց եւ ջահերու... Ա՜հ, կը զգամ որ մէկը միայն մնաց օրհնելու համար, աստուածները անշուշտ անոր անմեղ արեան վրէժը լուծեցին... Զքեզ Սողո՜ն, Սողո՜ն, գեղեցիկ խօսեցար...
       ՎՐՈՅՐ. Տէ՜ր իմ, նոր աստուած մը կը կանչէ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ո՞վ է այդ Սողոնը, Կրիւսոս...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ո՜վ Արտաշէս, այս վայրկենիս միայն Սողոնը եւ դահիճը կը սիրեմ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Քեզի կը հարցնեմ, Կրիւսոս, թէ ո՞վ է այդ Սողոնը, որ կ՚օրհնես։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Գոռոզներու թշնամին, Արտաշէս։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Խօսէ՛։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ես ալ երբեմն այդ գահին վրայ էի, շղթայակապ թագաւորներ, յաղթութեան ճոխութիւն, փառք եւ գեղեցկութիւն կը պատէին զիս, կը ցոլայի լուսնոյ մը պէս անթիւ աստղերու մէջ... Օր մը Սողոնը կանչեցի եւ ըսի իրեն. «Սողոն, ինձմէ աւելի երջանիկ մարդ կա՞յ աշխարհի վրայ». նա ալ պատասխանեց. «Ո՜վ թագաւոր, մարդուս երջանկութիւնը անհիմն է»... Կրակ կտրեցայ այս կարծր պատասխանին վրայ եւ իր մահը որոտացի... Մեռաւ նա... գերեզմանը անհետացաւ, բայց իր վրէժը վառ մնաց ճակտիս վրայ աստուածային շանթի մը պէս. փառաց հեղեղը զիս անոպայ ժայռերու վրայ նետեց... Ժայռերը սիրտ չունին... Արտաշէս, ո՞ւր է դահիճդ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Չի պիտի մեռնիս։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Մի՛ ծաղրեր զիս անգթաբար, Արտաշէ՛ս, կ՚ուզեմ մէկ հարուածով մը մեռնիլ... Այդ կատակներդ գուլ սուրերու հարուածներ են։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Կ՚ազատեմ զքեզ մահուան ճանկերէն, ուսկից շատ կը դողաս։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ալ բաւակա՛ն է... Ո՞ւր է դահիճդ...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Դեռ չի պիտի մեռնիս։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Բայց ո՞ւր է դահիճդ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (ցած առ Կրիւսոս) Դեռ ապրէ...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Զօրակա՛նք, զինքը ստորերկրեայ բանտ մը տարէք, նոյնպէս այս բոլոր գերիներն ալ ուրիշ բանտեր։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (նոյնպէս) Քեզ գահդ կը տանին... Գնա՛... (ամէնքն ալ կը տանին):
       Տեսիլ Գ
       ՆՈՅՆՔ , բացի ԿՐԻՒՍՈՍԷՆ
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. ( չուզելով միւսներին հետ բանտ երթալ) Ո՜վ թագաւոր...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Քակեցէք այդ կնոջ շղթաները եւ ազատ թողէք, նախատինք է մեզի կնոջմէ մը վրէժ առնել, որուն հարուածը վարդ մ՚անգամ չը կրնար փթթեցնել (շղթաները կը քակեն)։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (մեկուսի) Դեռ կը տեսնուինք, Արտաշէ՛ս... (Կ՚երթայ. տեսարանին վրայ կը սկսի քիչ քիչ մութը կոխել)։
       Տեսիլ Դ
       ՆՈՅՆՔ , բացի ՈՐՄԶԴՈՒԽՏԷՆ
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Օ՜ն ուրեմն, դուք ալ, յաղթական զինակիցք իմ, գացէք հանգչելու դափնեայ անկողնոց վրայ, զոր յաղթութիւնը ձեզ համար յարդարեց. ահա եկաւ գիշերը իր անհուն աստղերով ձեր յաղթական ճակատներուն գեղեցիկ հովանի մը ըլլալու... գիշերները երկնքին երեսէն թռչող ու ինկող աստղերը՝ ազգերու բախտերն են, որ Հայաստանի գոգը կը թաւալին... Արշալուսին առաջին ճառագայթներուն դարձեալ կը քալենք, յաղթական քայլ մ՚ալ դէպի տիեզերք...
       ՎՐՈՅՐ. Տէր արքայ, գիշերները դարերք կը թուին։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Լիւդիոյ յետին հեծկլտանքները զմեզ կ՚օրօրեն։
       ԽՈՍՐՈՎ. Սակայն, տէր արքայ, սուրերը չեն ուզեր իրենց պատեանին մէջ նիրհել։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ճշմարիտ է, ռազմիկին սուրն ալ սրտին հետ կը բաբախէ... Այսու ամենայնիւ հանգիստն ալ փառաց ստուերն է... Փոթորիկէն ետքը կը տիրէ լռիկ հանդարտութիւն... Միթէ չէք կրնար նիրհել արեան հեղեղներու քով... Ահա միայն այս գիշեր ձեզի կը թողում բանակին հսկողութիւնը, քաջքդ իմ... Այս գիշեր Արտաշէս պիտի ննջէ փառաց մրմունջներու մէջ... Լաւ հսկեցէք բանակը, զգոյշ կեցիք, դեռ երկինքը ամպոտ է... ( կը մեկնին ամէնքն ալ. պալատականք սենեակին աշտանակները եւ կանթեղները կը վառեն. երկու պահնորդ կը կանգնին սենեակին միջնական դռանը քով)։
       Տեսիլ Ե
       ԱՐՏԱՇԷՍ (մինակ)
       Պահնորդք, աղխեցէ՛ք դռները, եւ գացէք դուք ալ հանգչելու... (պահնորդք դուռը կ՚աղխեն եւ կ՚երթան) Սողոնի խօսքը եւ Կրիւսոսի անկումը գրեթէ զարհուրեցուցին զիս... Գիշերուան խաւարին մէջ կը կեդրոնանան մտքերը, աշխարհային սոսկումները... Գիշերն իր լռութեանը մէջ կարծես թէ ձայն մ՚ունի, որ կը հծծէ. «Կ՚անցնի մարդը, կ՚անհետի վարդը շուքի մը պէս... Կ՚անցնի փառքը, կը մարի գերեզմանի կանթեղի մը պէս... կը սահի, կ՚անհետանայ արեան հեղեղներուն հետ... կը նուաղին օր մը մարդկային փայլերը, կը նսեմանայ գեղեցկութիւնը վշտին մէջ, փառքը՝ պարտութեան մէջ, ճոխութիւնը՝ բախտին մէջ... » Ինչո՞ւ կը ծանրանաս սրտիս վրայ, ո՜վ գիշեր, ունայնութեան պատանքով, նախանձու կայծերով, անցաւորութեան կոհակներով, եղերգութեան հծծանքով եւ գերեզմանական ստուերով... Դու դահիճ մը՝ միայնութիւնը տապար առած կ՚ուզես դողացնել, կ՚ուզես որ հառաչ մը թռի Արտաշէսի շրթներէն... այլ դեռ գլխուն վրայ կը ցոլան Լիւդիոյ փառաց ջահերը եւ անոնց ճաճանչովը կը տեսնեմ որ լոկ ստուեր մը, հառաչ մը, երազ մ՚ես, եւ ճառագայթ մը քու դահճիդ... Այդ աստեղազարդ երկինքը Արտաշէսի տիեզերակալ ծիրանին պիտի ըլլայ... Ոտքերուս տակ դեռ շնչասպառ դիակներ կը հեծկլտան... Թող որ դափնեայ շուքին տակ հանգչի Արտաշէս (թիկնաթոռի մը վրայ կը բազմի) աչքերս կը գոցուին... Ի՜նչ քաղցր ես քո՛ւն, յաղթական պատերազմներով խոնջեալ ճակատի մը համար... ( աչքը կը գոցէ. տեսարանը վայրկեան մը պարապ կը մնայ):
       Տեսիլ Զ
       ՆՈՅՆ եւ ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (գաղտնի դուռ մը բանալով) Կրիւսոս աղէկ ցուցուց... Ճիշտ իր սենեակը հանեց այս գաղտնի դուռը... ( զգուշութեամբ յառաջ կու գայ) Հոն է, կը քնանայ... կը տապլտկի փառահեղ երազներու մէջ... Չը գիտէ, թէ օձ մը մթութեան մէջ զինքը կը մտածէ եւ օր մը պարանոցը պիտի փաթթուի, գուցէ այս վայրկենիս, մինչդեռ առիւծը կը ննջէ, կը խորդայ... Արտաշէս պիտի մեռնի, ես թագուհի պիտի ըլլամ եւ իր գերեզմանը պիտի ընեմ առագաստս եւ գահս... Արտաշէս արծիւ էր, այս վայրկենիս թեւեր չունի... Մէկ հարուածի մը ներքեւ ստուեր մ՚է անշշունջ եւ պիտի անհետանայ գիշերուան մութին մէջ... Չեմ երազեր, Արտաշէս գրեթէ դիակ մ՚է... Հոս է գահս, անոր վերջին շունչին մէջ, գոց աչքերուն, հանդարտ սրտին եւ այս դաշոյնին վրայ... Հոս է թագս Արտաշէսի արեան վառ ալեացը մէջ... Կինը մթութեան մէջ կը սպաննէ... ( ճրագները մէկիկ մէկիկ եւ իւրաքանչիւրին կանգ առնելով զգուշութեամբ կը մարէ. վերարկուին տակէն լապտեր մը կը հանէ, կամաց կամաց Արտաշէսի կը մօտենայ, լապտերը նորէն կը պահէ... կը զարնէ սրտին եւ քանի մը քայլ ետ կ՚երթայ կատաղի նայուածքով)։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ա՜հ... (դողդոջուն ոտքի ելնելով) Ո՞վ էր այն...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. ( լապտերն իր դէմքին բռնելով) Տե՛ս...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Որմզդո՜ւխտ... Միշտ դո՜ւն... (կ՚իյնայ)։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Կին մը, որուն հարուածը ո՛չ թէ վարդ, այլ, վարդագոյն արիւն կը փթթեցնէ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. (մարած ձայնով) Օգնութի՜ւն...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Տեսէ՛ք... Արտաշէս մը կնոջ մը դիմաց օգնութիւն կը կանչէ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Վա՜տ...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ի՞նչ կ՚ըսես, Արտաշէս... Թագուհի պիտի ըլլա՞մ։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Դեռ ոչ... ( ձեռքը սուրին տարած կ՚ուզէ ելնել, նորէն կ՚իյնայ)։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Արտաշէս... Սիրոյ յիշատակներուն պէս կ՚անցնին կը սահին այս կարմիր ալիներն ալ... Վրէժխնդրութեանս բոցերը մարեցան, բայց ատելութիւնը դեռ սիրտս կը լափէ... Հայութիւնը պիտի ջնջեմ, Արտաշէս...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Արտաշէսի պէս դիւրաւ չը մեռնիր նա...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Արդէն հիմա երկու բանակներ իրարու թշնամի ձեւացուցի մթութեան մէջ եւ զիրար անխնայ կը ջարդեն, պիտի երթամ հիմա Կրիւսոսի բանտը, պիտի քակեմ շղթաները... Պիտի զինուինք... Թագուհի պիտի ըլլամ, Արտաշէս։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Ա՛հ... Անէ՛ծք, կայծակք...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Օն, մեռի՛ր, որ վայրկեան մը առաջ թագուհի ըլլամ, ալ հերիք գալարիս ոտքերուս տակ... Լաւ բաց բերանդ... Շուտ, տուր հոգիդ, եւ տեսնեմ փառաց ջահերով պիտի թռչի՞։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. (յուսահատութենէն եւ ցաւէն նուաղեալ կ՚իյնայ) Վա՜տ դահիճ...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Մեռա՜ւ... Ձայնը մարեցա՜ւ... աչքերը փակեցան... Վրէժս առի... Հագայ կարմիր ծիրանին... Թագ մը մնաց... Հոն է... Թագուհի պիտի ըլլամ (դէպի միւս գաղտնի դուռը կ՚երթայ կը բանայ եւ կ՚աներեւութանայ)։
       ԱՐՏԱՇԷՍ. (աչքերը բանալով զայն կը դիտէ) Խաբուեցաւ... Բայց ես ալ կը մեռնիմ... Ո՜վ անողոք գիշեր... Վերջապէս յետին հառաչս, փառքս, սուրս կը թաւալես գերեզմանին աննշան յատակը... Օգնութի՜ւն...
       ՎՐՈՅՐ. (դրսէն) Տէր արքայ, տէր արքայ... ( դռները հարուածելով կը խորտակեն եւ ներս կը մտնեն)։
       Տեսիլ Է
       ԱՐՏԱՇԷՍ, ՎՐՈՅՐ, ԽՈՍՐՈՎ , ԶՕՐԱԿԱՆՔ
       ՎՐՈՅՐ. Տէր արքայ, բանակը զիրար կը ջարդէ... Հասի՛ր...
       ԽՈՍՐՈՎ. Բայց ո՞ւր է թագաւորը... ( փնտռած ատենը դիակին կը դիպչի) ա՜հ... Հոս բերէք ջահերը...
       ԱՄԷՆՔԸ. (տեսնելով) Թագաւո՜րը...
       ԱՐՏԱՇԷՍ. Կին մը... Այս գաղտնի դուռը... Կրիւսոսի բանտը... Շուտ վրէժս... Հայաստանը ազատեցէք... «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի»։
       ԱՄԷՆՔԸ. Մեռա՜ւ։
       ՎՐՈՅՐ. Օ՜ն, այս գաղտնի դռնէն ( ամէնքը կը մտնեն, վարագոյր)։
       Տեսիլ Ը
       ՊԱՏԿԵՐ ԲԱՆՏ
       ԿՐԻՒՍՈՍ. ( մինակ շղթաներով գետինը կապուած է, ձեղունէն կախուած կանթեղ մը կը պլպլայ)։ Այս իմ պալատս է... բանտս է... Ճակտիս դափնիներն են այս շղթաներն, որ երկաթի փոխակերպելով կաշկանդած են զիս գերեզմանին սեւ ու սեպ ժեռափանցը... Նայուածք մը հոն... եւ ահա այն է գերեզմանս... Ա՜հ, հիմա կը հասկնամ, թէ ի՞նչ է դատապարտեալ մը, որուն վճիռը տալն փառք եւ հաճոյք կ՚ազդէր ինձ... Արդեօք ի՛նչ ալեւոր մազեր, սիրոյ հառաչներ, թագեր, արտասուաց գետեր, աղիք, ճապաղիք, կմախք եւ անէծք սփռուած են եւ կը հեծեն այս սեւ կամարներուն տակ... Չեմ սոսկար գազաններէն՝ որչափ այս խաւարէն, ուր զոհերուս ուրուականներն իրենց պատանքները գետնի վրայ շրջելով կը շրջին միշտ, սուր չունին, նայուածք ու անէծք ունին... Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս ողջերու գերեզմանէն... այն կինը քիչ մը առաջ երեւցաւ ինձ առանց շղթայի, այս վանդակապատ պատուհանէն. «սիրտ ա՛ռ, ըսաւ, թագաւոր պիտի ըլլաս... Արտաշէսը պիտի սպաննեմ», կ՚ըսէր, եւ պալատին գաղտնի ճամբաներուն վրայ տեղեկութիւններ առաւ ինձմէ... ա՜հ, մէկ մը դուրս նետուէի, տեսնէի Լիւդիոյ երկինքը... Նախ սուրս աստուածոց դէմ դարձնէի, յետոյ՝ տիեզերաց վրայ... Ա՜հ, գաղտնի դուռը կը բացուի կարծեմ... (Որմզդուխտ կ՚երեւայ) Ինքն է...
       Տեսիլ Թ
       ՆՈՅՆ եւ ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Այո՛, ես եմ... միշտ ե՛ս՝ թագաւորին ու դատապարտեալին մէջ... միշտ ե՛ս՝ վրէժի եւ փառաց մէջ... (շղթաները կը քակէ)։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ո՜վ երկինք... Բայց ի՞նչ կ՚ընես... Ի՞նչ ըրիր, կին դու...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ազատ ես... Լռէ եւ քալէ՛։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Բայց խօսէ՛։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Բայց երթանք։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Գուցէ եթէ հոսկէ դուրս ելնեմ՝ վատ եւ եթէ երկրորդ անգամ հոս մտնեմ՝ կրկին մահ պիտի ըլլայ... Խօսէ՛...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Արտաշէսի զօրքերը խիստ բազմաթիւ ըլլալուն երկու զօրանոց փոխադրուած էին... նախ մէկ զօրանոցը գացի եւ պոռացի «թշնամիք կու գան». անոնք որոտընդոստ եւ սուր ի ձեռին դուրս նետուեցան... Իսկոյն միւս զօրանոցը վազեցի եւ գոչեցի «թշնամիք եկան», եւ զանոնք միւս գնդին վրայ առաջնորդեցի, որ բարկացայտ յառաջ կը խաղար... Երկու գնդեր իրար զարնուեցան ինչպէս երկու մրրիկ, լսեցի սուրերուն շաչիւնները... Անոնք մեր թագաւորութեանը համար արիւն կը թափէին փոփոխակի... հասայ Արտաշէսի քով, զինքը քնոյ մէջ խողխողեցի... Մեռաւ աչացս առջեւ... Հոս եկայ զքեզ թագաւոր ընելու... քալէ՛։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ո՛վ դիք. այս մշտնջենաւոր աղջամուղջին մէջ փառաց դռներ կը բանաք... ազատենք գահս...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Օ՜ն, դարձեալ այս գաղտնի դռնէն Արտաշէսի սենեակը կ՚ելնենք եւ միւս գաղտնի դռնէն պալատէն դուրս... Պալատէն դուրս՝ դուն թագաւոր, ես ալ թագուհի (երթալու կ՚ըլլան)։
       Տեսիլ Ժ
       ՆՈՅՆՔ, ՎՐՈՅՐ, ԽՈՍՐՈՎ , ԶՕՐՔ
       ՎՐՈՅՐ. (գաղտնի դռան մէջ երեւնալով) Այստեղ պալատ չէ, բանտ է, գերեզմանդ է, թշուառական։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ա՜հ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Մատնուեցա՜նք...
       ՎՐՈՅՐ. Կը կարծէ՞ք որ այս դռանը մէջ ահաւոր եւ վրէժխնդիր սուր մը ձեր դիմաց չարձանանայ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (առ Կրիւսոս) Վատ արանց, առանց շղթայի արդէն չը կրցար քալել։
       ՎՐՈՅՐ. Զօրակա՛նք, կապեցէ՛ք երկուքն ալ, մէկը՝ վատ, միւսը՝ արքայասպան։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. (զօրաց սպառնալով) Դողացէ՛ք, դեռ Կրիւսոսն եմ։
       ՎՐՈՅՐ. Հոս ստրուկ ես եւ հոսկէ դուրս՝ դիակ... Զօրականք, շղթայեցէ՛ք (զօրքերը երկուքն ալ կը կապեն)։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Բայց ի՞նչ կը խնդրէք ինձմէ։
       ՎՐՈՅՐ. Արի՜ւն... Արտաշէս հիւծեալ աչքերով քեզ լրտեսեր է։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (մեկուսի) Ուրեմն դեռ մեռած չէ եղեր... (բարձր) Մեռա՞ւ Արտաշէս...
       ՎՐՈՅՐ. Այո՛, ես եմ վրէժխնդիրը։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Մեռա՜ւ... Ուրեմն ի՛նչ հոգ եթէ սպաննէք զիս... Խորտակեցի Հայուն յաղթական քայլը, մարեցի Հայուն փառաց ջահը... Ես էի որ քիչ մը առաջ Հայերը ի զէն եւ ի մահ դրդեցի։
       ՎՐՈՅՐ. Դո՜ւն... թշուառակա՜ն։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Ես հոս կը մեռնիմ... բայց Հայութիւնն ալ դուրսը ինծի հետ կը մեռնի։
       ՎՐՈՅՐ. Դեռ ողջ է Հայը եւ անդին Հայաստան մ՚ունի։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Հոգ չէ, եթէ թագուհի չեղայ՝ թագաւորի մը դահիճը եղայ (ծունր կը չոքի Վրոյր զայն զարնելու ատենը)։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Զի՛ս ալ... (վարագոյր)։