Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՏԵԼԻՔ

Որ եւ է ազգի քաղաքական եւ բարոյական կեանքը (որ սովորաբար Պատմութիւն կ’ըսուի)՝ լաւ ճանչնալու համար, անհրաժեշտ հարկաւոր է՝ իր կրօնական իմացմունքը եւ գործը, պարզապէս ըսելով` իր Հաւատքն ալ ճանչնալ, մանաւանդ այն ազգաց, որ յիշուած են ի հնագույն ժամանակս, եւ կամ ժամանակի հետ անցեր են, կամ դեռ կան եւ մնան: Այս ետքիններէս ըլլալն Հայոց՝ ոչ ոք կ’անգիտանայ, ինչպէս այսօր՝ եւ նոր եւ միջին դարուց մէջ՝ ներկայ ճանչցուած են Հայք, նոյնպէս եւ հին դարուց եւ դիպաց մէջ

Ամեն ազգաց, կամ գրեթէ, բաց յԵբրայեցւոց, ծագումն եւ առաջին կեանքն կամ մթապատ, կամ միգապատ է. մեր խնդիրն այս մութն եւ մէգը փարատել չէ. Հայ ազգին ծագումն եւ աճումն հետազօտել չէ, այլ անոր կրօնքը, որ աւելի դիւրաւ կու ճանչցուի, քան քաղաքական կեանքն, ինչպէս եւ այլ ազգաց. եւ երբեմն, կըրնամք ըսել, թէ քաղաքական կեանքն բոլորովին անծանոթ ըլլայ, բայց կրօնական յիշատակք մնացած կ’ըլլան. եւ ինչուան մեր օրերս՝ հին քանդակք, դրօշեալք, որպիսի եւ է ձեռագործք, կու յայտնեն՝ պատմութեան մէջ անծանօթ կամ սակաւածանօթ ժողովրդոց էութիւնը, եւ իրենց գործերէն աւելի՝ կրօնքնին, եւ երբեմն զայս միայն

Հայոց նման հին եւ նոր եւ միշտ պատմական ազգի՝ հին կրօնքն ալ քննել գիտնալ` նոր բան չէ. շատ անգամ եւ շատերէ գրուած եւ հրատարակուած է, աւելի կամ պակաս հմտութեամբ, որոց վերայ դառնալ ոչ շատ հարկ էր մեզի եւ ոչ ախորժելի, որովհետեւ ընդհանրապէս մոլար, սուտ եւ անշնորհք բաներու պատկերք եւ գիտութիւնք են, սակայն եւ այնպէս՝ կըրնան նոր լոյս ինչ ծագել ի մթութենէ. միտք՝ ոչ երբեք հաւանի չուզել գիտնալ՝ ինչ որ կարենայ գիտնալ իր նախնեաց եւ հին հարց գիտցածէն: Բայց զմեզ աւելի յորդորողն նոր կամ նորէն յիշելու եւ յիշեցընելու մեր նախնեաց կրօնքը, նոր ծանօթութիւններն են, զոր գիտունք՝ եւ գիտնոց կ’ընծայեն մեր օրերուս՝ նորանոր յայտնուած հին յիշատակարանք, բեւեռագիրք, արձանագիրք, քանդակք, ի գերեզմանաց եւ ի փլատակաց դուրս ելած պէսպէս անօթք, զէնք, դիցաբանական պատկերք՝ քարեղէնք, հողեղէնք եւ մետաղեայք, մեծ ու փոքր զարդեղէնք, գործիք եւ այլն, եւ այլն

Թերեւս կարծէ ընթերցողն, թէ ասոնց վրայ է մեր խնդիրն եւ խօսքն, եւ թէ այս նորագիւտ բաներով՝ մեր նախնեաց հաւատքը կ’ուզեմք ճանչցընել: Ոչ, զայդ թողումք ժամանակիս հնախոյզ իմաստնոց եւ իմաստակաց, որք ոչ միայն յայտնեն մեզի՝ նոր կրօնք նոր աստուածք Հայոց, (եւ մանաւանդ աստուածոց գլխաւոր խաղտալուր Խալդիա մի), այլ եւ նոր կամ հին հայրեր, հին եւ անծանօթ Հայեր, մանաւանդ թէ ոչ Հայեր, այլ Հայաստան կոչուած երկրի վրայ բնակող Հայերէն հին ժողովուրդներ եւ ազգեր. եւ յետ անոնց՝ եկած կամ բուսած կ’ըսեն մեր այժմու Հայոց նախնիքը, ոչ շատ դարեր յառաջ քան զթուական Փրկչին: Ուրեմն թողլով անոնց աւելի պարզել եւ յայտնել այս շատ հետաքննական ազգերն եւ իրերը, մենք այլ կերպով մի իրենց եւ մեր ազգային աւանդութիւնը սիրող կամ քննող բանասիրաց՝ կ’ուզեմք կրկնել, եւ ներկայացնել, ըստ կարի համառօտ, առանց շատ վեր վար թռչըտելու եւ ի խորս մտնելու, որոյ համար ոչ թեւ ունինք եւ ոչ բաւական ոյժ՝ ըստ պահանջից հմտագունից, այլ պարզ եւ ռամկաբար նշանակելով` ինչ որ մեր նախնիք եւ օտարազգիք այլ ի գրուածս, եւ ինչ որ նիւթական յիշատակարանք՝ աւանդեր են Հայոց կրօնից վրայօք, եւ ինչ որ նշմարուած է եւ դեռ նշմարուի յազգային կարծիս, յուղիղ եւ ի ծուռ հաւատս եւ սովորութիւնս: Նախ՝ Հայոց ընդհանուր կրօնքի եւ Աստուծոյ գաղափարն կամ ըմբռմունքը քննելով, յետոյ պէսպէս հաւատքնին կամ պաշտօնը, Բնութեան կամ Տարերաց, Աղթարաց, Կենդանեաց, Հրէշից, Ոգւոց Դիւցազանց, եւ Դից, նոյնպէս եւ Մոգութիւնն, Հմայք, Գուշակութիւնք, Հանդերձեալ կենաց իմաստն, Պաշտամունքն եւ Պաշտօնեայքն