Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ժ.
ՄՈԳՈՒԹԻՒՆ. ՄԱԶԴԵԶԱՆՑ ԱՂԱՆԴ

Մեր նախնի հեղինակք եւ օտար գրիչք յայտնած են մեզի՝ ինչ որ Հայը չաստուածոց անուամբ պաշտէին, Քրիստոսէ քանի մի դար առաջ եւ վերջը, բայց աւելի այլ առաջ իրենց քիչ շատ ընդունած՝ երկու սկզբանց (Բարւոյ եւ Չարի) եւ Կրակի աստուածայնութեան պաշտօնը՝ չեն բացատրած, որ հաւանօրէն ծաւալած էր եւ ի Հայս, թէ եւ ըլլայ նուազ քան ի Պարսս եւ ի Մարս, եւ յունական դից եւ պաշտամանց փայլմամբ՝ մարած կամ մթընցած, ինչպէս նաեւ առ Պարսս՝ Պարթեւացն թագաւորութեան ատեն, եւ նորէն վառուած ի Սասանեանց` յԳ դարու: Սոքա ուզեցին արծարծել զայն նոյնպէս եւ ի Հայս, մինչ մերայինք՝ քիչ մի վերջը ամեն սուտ կրօն եւ պաշտօն թողլով դարձան ի քրիստոնէութիւն, եւ երբ դար եւ կէս վերջը՝ Յազկերտ եւ նմանիքն՝ ամենայն հնարքներով ջանացին ատրուշանները բորբոքել ի կողմանս Հայոց, իմացան, որ այնուհետեւ հօն ուրիշ աներեւոյթ կրակ մի (Քրիստոսի հաւատոց եւ սիրոյ) կ’ոչընչացընէր իրենց խաւարաբորբ խարոյկը:

Բնապաշտութեան վրայօք յիշեցինք կրակի պաշտօնն եւ Ագաթանգելոսի Մոխրապաշտ կոչելը զհին Հայս, սակայն անով իմացանք պարզապէս բնութեան ուրիշ մեծամեծ երեւութից եւ տարերաց պէս՝ զկրակն այլ պաշտելնին, իսկ այս տեղ յիշուած Կրակն՝ էր աստուածութեան կամ գերագոյն Աստուծոյ էական պատկերն, հանդերձ բազմապատիկ հաւատովք եւ աւանդութեամբք, որոց բովանդակեալ կրօնքն պէսպէս անուամբք կոչուի. ամենէն աւելի եւ հասարակաց կրօնք ըլլալով ի Պարսկաստան՝ Պարսիկ Դեն. կրօնքը հնարող կամ ծաւալողին անուամբ՝ Զրադաշտական աղանդ. վարդապետութիւնը գրուած լեզուին եւ գրոց նկատմամբ՝ Աւեսդայեան. եւ իր պաշտօնէից նկատմամբ՝ Մոգուց աղանդ կամ Օրէնք Մոգութեան, ինչպէս ի գիրս նախնեաց մերոց կ’ըսուի. զոր պէտք չէ շփոթել հասարակօրէն Մոգ եւ մոգութիւն կոչուածին հետ, որով կ’իմացուի որ եւ է աղթարական եւ կախարդական հնարք: Այս կրօնք Պարսից յատկապէս կոչուի Դենիմազդեզն, Մազդեզանց Դեն, զի Մազտա–եազնա նշանակէ որմզդապաշտ կամ աստուածապաշտ, ինչպէս Տավա եազնա ՝ դիւապաշտ:

Այս լայնածաւալ կրօնքը՝ զոր ի Հայս ջնջեց քրիստոնէութիւնն, հակառակ կերպով մ’այլ իսլամական կրօնքը ջնջեց ուրիշ աշխարհաց մէջ, եւ հիմայ մնան սակաւ հետեւողք՝ եւ ոչ կատարեալ աւանդութեամբք իրենց նախնեաց, ի սահմանս Պարսից, ինչպէս եւ ի մերձաւորն Հայոց ի Բագու, ուր ինքնավառ աղբիւրք են կրակի, եւ ի Հնդկաստան, կոչուին Փարսիք, եւ Կէպր:

Ե դարուն կիսուն՝ Պարսից վերջին փորձն ի Հայս՝ ոչ միայն մեր բարեպաշտից սիրտը բորբոքեց գերագոյն հրով սիրոյ, այլ եւ գիտնոց գրիչը սրեց՝ հերքելու եւ խայտառակելու մոգուց բարբաջանքը: Ամենէն ընտիր հեղինակք մեր՝ Եզնիկ, Եղիշէ, Մովսէս, Ղազար, սակաւ մի եւ այլք ոմանք, ինչուան մեր այսօրուան վարժարանաց աշակերտաց՝ ծանուցանեն  զայս մասամբ, հետաքննելի թողուն միւս մասերն այլ՝ զորս ըստ կարի բովանդակել կամ համառօտել արժան համարիմք հետեւեալ ծանօթութեամբք, պակասն եւ սխալը այլոց թողլով լրացընել, կամ ընդարձակ ճառողաց գրքերը խնդրել, որ եթէ մեզ՝ մեր հին հարց հաւատոցն համար հետաքրքրական է, օտարաց այլ եղած է կրօնքին ընդարձակօրէն վարդապետութեանցն համար՝ ի Զանտ–աւեսդա, կամ Աւեստա եւ Զանդ կոչեցեալ գիրս, եւ նոյն իսկ Մոգ անուանն համար

Անծանօթ է ծագումն այս անուան, որ այսպէս կարճ եւ միավանկ՝ խոր հնութիւն մի յայտնէ ի լեզուիս Հայոց եւ Պարսից, որք գրեն ( Մոկ կամ Միւկ նաեւ Մավ եւ Միւղ, ﻤﺥ), անոնց գլխաւորն այլ Մոգպետը ՝ Միւպէտ կամ Մովպետ ՝ ըստ նախնի գրչաց մերոց. (Արաբք՝ Մաճիւս կ’ըսեն մոգի): Ըստ գիտնոց ոմանց՝ քաղդէարէն լեզուէ ծագուած է Մոգ ն, եւ նշանակէ մտածող, նկատող. ըստ Փիլոստրատոսի վարս Ապոլոնիոսի Տիանեան) հին Պարսիկք Մոգ անուանէին իրենց չաստուածները, յետոյ անոնց պաշտօնէից անցաւ անունն. ըստ լծորդութեան Մ եւ Բ  կամ Պ տառից՝ նոյնանայ ընդ Պոկ եւ Բագ աստուածային անուանց սկիւթացի եւ սլաւիկ լեզուաց. ոմանք այլ ստուգաբանեն ի Մակա կամ Մահա բառէ, որ նշանակէ մեծ, ինչպէս եւ լատինն majus: Յատուկ անձ մի Մոգ անուամբ՝ կարծեմ չի յիշուիր, իսկ տեղի եւ ազգ՝ նախ մեր երկրին մէջ գտնեմք աշխարհ կամ նահանգ մի, երեք առանձին համանուն գաւառներով, որ է Մոկաց աշխարհ եւ Առանձնար Մոկք, Կորդուաց եւ Քաղդէացւոց սահմանակից. մինչեւ հիմայ այլ վիճակ մի է Մոկս կամ Մէքս անուամբ, որով կոչի եւ գլխաւոր աւանն: Ի Մարաց երկրի այլ Մոգ կամ Մագաւառ մի յիշէ Երոդոտ, բայց գիտնականք՝ ոչ տեղի, այլ մոգուց եւ քահանայից դաս համարին զայն: Ըստ դրից տեղւոյն՝ ոմանք (եւ աւելի մեր
Ինճիճեան Հ. Ղուկաս հնախօսն) բուն մոգութեան սկզբնատեղի համարի զՄոկաց աշխարհը, եւ նոյն իսկ Քրիստոսի ծննդեան ատեն՝ յարեւելից եկած Մոգերն այլ՝ այս կողմէն, որոյ հաւաստիք չկայ, բաց ի յարմարութենէ անուան տեղւոյն. (որոյ հնագոյն յիշոց են յոյն պատմիչքն Հեկադէս եւ Երոդոտոս , ՂԳ. Է, ԿԸ) Մուկ կոչելով): Ս. Բարդողիմէ առաքելոյ վկայաբանութեան մէջ յիշուի Մոգուց երկիր մ’այլ ի Պարսս, բայց երկբայելի է, իսկ աղթարաց մէջ յիշուած Մոգուց ազգ ն՝ կոչուի եւ Խթայեցի կամ Խութայու երկիր, որ առ պատմիչս է Խաթայի, Չինաց սահմանակից թուրք կամ թաթար ցեղ մի:

Գրիգոր Աստուածաբանի գրոց մեկնիչն (Նոննոս) կ’ըսէ. «Մոգքն՝ ազգաւ ի Գամրաց են, ուստի եւ Լերդահմայութիւնն լինի». Գամիրք՝ Գոմերայ յաբեթեան) են նախնի բնակիչք Կապադովկիոյ եւ Ա Հայոց. ասոնց մոգութիւնն այլ կու համարի «Մակակոչութիւն բարեգործ դիւաց, առ ի բարւոյ իմիք հաստատութիւն». ընդ հակառակն Պարսից մոգութիւնը՝ մակակոչութիւն չար դիւաց, որ է կախարդութիւն: Այս երկրիս (Գամրաց) մէջ կար Մոկիսոն անուամբ քաղաք մի, որ թուի հիմկու Գրշէհիրն, զոր Յուստինիանոս կայսր՝ մայրաքաղաք կարգեց Կապադովկիոյ, որ հաւանօրէն մեր երկրին նման Մոկս կոչուէր, եւ ի Յունաց ըսուեցաւ Մոգիսոս: Ասոնք շատ հին եւ մութ յիշատակք են, մենք պարսկադեն մոգութեան ծանօթագոյն հեղինակը յիշենք, որ հասարակօրէն համարուած է Զրադաշտ:

Այս հռչակաւոր անձն՝ Քրիստոսէ վեց դար առաջ ծանուցուած է, բայց հիմայ հնաքնինք շատ աւելի հին Զրադաշտ մի ընդունին, 25 կամ 26 մինչեւ 30 դար առաջ քան զթուական Փրկչին, իսկ հին պատմիչք ըստ Պլինիոսի , Ա) կրկին աւելի, 6000 տարի, որ մեր սովորական ժամանակագրութեամբ՝ կ’անցնի քան զԱդամայ թուականն այլ, բայց ոմանք համարին, թէ սա գուշակուի Նոյ կամ Սեմ նահապետն: Մեր պատմիչք այլ Շամիրամայ եւ Արայի ժամանակակից Զրադաշտ մի գրեն, իբր 2000 տարւով յառաջ քան զթուական Փրկչին, եւ (ըստ Սուիդասայ 500 տարի յառաջ քան զտրովական պատերազմն), իբր թագաւոր Բակտրիացւոց, որ հակառակ Ասորեստանեայց եւ Բաբելացւոց հնարեց աղանդ մի, Զրուանը կոչելով հայր աստուածոց: Բայց այսպիսի զրոյցք շատ անստոյգ բաներ են, որքան այլ հաւանական ըլլայ, թէ հին աղանդապետ մի եղած է մոգութեան վարդապետ, կամ այլ եւ այլք, որոց անուանք եւ բանք միացեալ են ի Զրադաշտն այն, եւ յետ շատ դարուց՝ նման աղանդ մի հրատարակեր է գրով եւ բանիւ նոր եւ մեծ Զրադաշտն

Արդ սա ըստ հաւանագոյն հաշուոյ ծնած է 600 տարի առաջ քան զփրկական թուականն եւ մեռած յամի 522, յՈրմիա քաղաքի. այս տեղս ի յիշելն՝ մեր պատմիչք՝ գրեթէ միշտ կցեն՝ քաղաք Հայոց, որով աղանդապետն այլ կրնայ ըլլալ Հայ, նոյնպէս Պարսիկ, Մար կամ Ասորի, ինչպէս կ’ըսուի ըստ այլեւայլ գրողաց, բայց Պարսք ոչ միայն իրենց համազգի գրեն, այլ եւ իրենց արքունի Աքեմենեան ցեղէն, ի զաւակաց Հրուդենի կամ Ֆէրիտունի դիւցազին, եւ որդի Բուրուշասպայ կամ Բիւրշասպի որդւոյ Արասպայ. զմայր այլ անուանեն Դուղդա Dughda: Անունն՝ Աւեսդայի լեզուաւ, որով գրեց նա իր վարդապետութիւնը, կ’ըսուէր Զարադուշթրա, Զերաթոշդ, Զարադուշտ, յորմէ նոր Պարսիկք` Զէրտիւշթ, ﺫﺭﺩﺷﺕ, ըստ մեզ Զրադաշտ, եւ ըստ արեւմտեայց Զորոաստր, Zoroastre, որ ըստ բառին ստուգաբանի Ոսկի–աստղ, ըստ ոմանց յատկապէս Շնիկ աստղն: Իր դենին գրոց մէջ շատ անգամ մականուանի Սպիտաման, այսինքն՝ ընտիր, գերազանց

Զրադեշտ՝ 30 տարեկան հասակին ելաւ, կ’ըսեն, հայրենիքէն, եւ գնաց դէպ  յարեւելս՝ Պարսից եւ Հնդկաց սահմանաց մօտ, ուր տասն տարի քարայրի մի մէջ առանձնացաւ, եւ հօն ազդեցութեամբ Որմըզդի գրեց հին բակտրիական լեզուաւ իր հռչակաւոր գիրքը, Աւեստա, զոր նոյնաձայն հայ բառով՝ թարգմանեն հաւաստի բան: Ասոր վերայ յետ ժամանակաց աւելցան մեկնութիւնք եւ ծանօթութիւնք՝ Զանդ անուանեալք. վասն որոյ կոչեցաւ Աւեստա եւ Զանդ. Զանդ անունդ կը տրուի եւս պահլաւիկ թարգմանութեան՝ իբրեւ մեկնութիւն բնագրին, յորմէ Զանդ–Աւեստա, որ ուղիղ է, եթէ ասով միայն պահլաւիկ թարգմանութիւնն իմացուի:

Արդ, Աւեստան ըստ հին արեւմտեայ հեղինակաց 2, 000, 000 տող էր, ըլլայ գոնէ 200, 000, բաժնուած ի 21 Նասք ՝ (Գիրք): Աւեստայի այն մասն, որ հնագոյն կ’երեւի քան զայլս, կոչի Գաթա, որ թարգմանի Երգ, Աղօթք: Մեծ մասն գրոցն կրօնական եւ խրատական է, բարոյական եւ աղօթական. ունէր եւ աստեղաց, բժշկութեան, հմայից եւ այլն, վրայօք ճառեր, նա եւ իր վարքն. եւ այս գիրքը յՈրմըզդէ ընդունելուն պատմութիւնը: Բայց այս ամեն գրուածքն այլ կորսուած են, կամ Աղեքսանդրի Մակեդոնացւոյ ատելութեամբ՝ ի կրակ ձգուելով ոչընչացած. եւ մնացեր է միայն Արտաշիր Սասանեանի ատեն Թանսար մոգպետի ձեռքով, եւ յատուկ լեզուով գրուածն, որ յոյժ նման է հին պարսկերէնի, Վենտիտատ կամ Վանտիտատ, ի հնուց՝ Վիտաէվօ–տադէմ, որ է ըսել՝ Տուեալ ընդդէմ դիւաց, պահլաւերէն այլ Ճավիտ–շէտա–տատ: Եասնա կամ Իզաշնէ կոչումն գրոցն նշանակէ Պաշտամանց գիրք, իսկ Եաշդք՝ են շարականք կամ օրհներգութիւնք այլ եւ այլ դից:

Մէկ Նասքի մասն այլ կայր Վիսբերէտ. Վենտիտատ Եասնա եւ Վիսբերէտ միանգամայն կ’ըսուին Վենտիտատ–Սատէ: Ի հնուց թարգմանուած են ասոնք ի լեզու Պահլաւաց, հանդերձ մեկնութեամբ: Կորուսեալ Նասքի մը պարունակութիւնքն ալ ամփոփուած կ’երեւին Պունտահիշ անուն մատենին մէջ, որ ստեղծագործութեան վրայ կը խօսի: Փարսի լեզուաւ այլ մեկնաբանութիւնք կան, որ Բազենտ կոչուին, որոց մէկն կ’ըսուի Մինոխրէտ. նոր պարսիկ լեզուաւ այլ թարգմանութիւնք եղած են, ինչպէս Զէրտիւշթ–նամէ տաղաչափեալ (ոտանաւոր) Զրադեշտի  վարքն եւ օրէնքն, շարագրուած յամի 1277. նշանաւոր է եւ սանսկրիտ թարգմանութիւնն՝ Ներիոզենկ անուամբ մէկի ձեռօք. կան եւ Հնդկաց Կիւճարադ նահանգի լեզուաւ ուրիշ գրուածք այս կրօնից վրայօք, որ եւրոպէացի գիտնոց շատ յարգի են: Մէկ նշանաւոր գիրք մ’այլ է Խուրտաէ–աւասդա կոչուածն, իբրեւ Մաշտոց կամ աղօթագիրք աշխարհիկներու համար, եւ Փոքր կոչուի համեմատութեամբ բուն Աւեսդայի. համարուի Արտաշրի որդի Շապհոյ ատեն յօրինուած

Գիրքը կարգաւորելէն ետեւ՝ Զրադաշտ կու տանի ի Պահլ մայրաքաղաք Բակտրիոյ առ Վշտասպ թագաւոր՝ հայր Դարեհի, եւ բացատրելով՝ ընդունել կու տայ՝ նախ արքունեաց՝ յետոյ հպատակաց, եւ կանգնել շատ մի Ատրուշան կամ Հրատ, ինչպէս կ’անուանեն մեր հեղինակք, որք են սեղանք կամ բագինք քարեղէնք, քիչ մի վրան փոս, որոյ մէջ վառէին եւ միշտ վառ պահէին զ Կրակ. ի Պարսից կոչուած Ազէրկեահ կամ Աթաշկեահ, ﺍﺘﺷﮏﺩ, կամ Աթէշկէտէ, ﺍﺘﺷﮏﺩﻩ, Կրակարան. բացօթեայ տեղերում, երբեմն չորս կողմերն պատով փակուած, բայց առանց ձեղունի, ինչպէս պատշաճ էր միշտ ծուխումուխ արձակող բագնի. թող որ հին ատեն ամեն ազգաց պաշտօնատեղիք այլ բաց եւ բարձր տեղերում էին: Կային եւ շարժական բագինք, նա եւ արծաթեղէնք, զոր կու տանէին պատերազմի եւ հանդիսից ատեն՝ զօրաց կամ բազմութեան մարդկան հետ

Զրադեշտի աղանդն շուտ եւ շատ տարածեցաւ յարեւելս մինչեւ ի Հնդիկս եւ ի Ճենաստան, բայց այս երկու մեծ աշխարհաց մէջ՝ գրեթէ նոյն եւ մի ժամանակ մէկ մէկ մեծ աղանդապետք այլ ելած եւ նոր կրօնք քարոզած էին, Կոնփուկն եւ Բրահմայն, որոց հետեւողք շատ ընդդիմացան Զրադեշտի. աւելի անարգելք մտաւ աղանդն յարեւմուտս, զոր նուաճած էին Պարսք, բայց աղանդապետն չկրցաւ տեսնել այս յաջողութիւնը, վասն զի գրեթէ Դարեհի թագաւորելնուն տարին՝ մեռաւ կամ սպանուեցաւ Վշտասպի հետ, Սկիւթացւոց կամ Թուրանեանց դէմ պատերազմելու ատեն:

Հաւանօրէն այս ժամանակ՝ յետ մահուան Տիգրանայ եւ Կիւրոսի երբ Հայք այլ նուաճեցան ի Պարսից, Զրադեշտի աղանդն մտած է եւ ի Հայս, կամ նորոգուած, բայց արժանի է յիշելու, որ այս ատեն էր, ըստ Յունաց, եւ անուանի Հայ մոգ մի, զոր յիշեցինք Արայի եւ Առլէզից առթիւ. շատք յիշեն այս մոգը, բայց այլեւայլ անձնաւորութեամբ եւ ժամանակաւ. ոմանք նոյն համարին Արմենիոս կոչուածն եւ Պամփիւլացին, ոմանք ասոնցմէ այլ տարբեր, Կտեսիասայ յիշածէն այլ. Առնոբիոս՝ Հայ Զրադաշտն Ոստանեայ (Վստամայ?) թոռն կ’անուանէ. Պլինիոս այս անուամբ ուրիշներ այլ յիշէ, որ թուի, թէ վարդապետական կամ սրբազան նշանակութիւն մի ունէր. Պլինիոս այսպիսի մէկ մի յիշէ Քսերքսէսի ժամանակակից եւ Զրադեշտի գրոց մեկնիչ. ուրիշ Ոստանէս մ’այլ՝ Աղեքսանդրի հետ ուղեկից: Սոյն հեղինակս (Պլինիոս) ուրիշ մոգեր այլ յիշէ՝ Հայոց անուան եւ ազգի մերձաւոր, ինչպէս՝ Զարատ եւ Ապուսկոր ? ազգաւ Մար, Մարմար եւ Արաբանդիփոկ ? (Երուանդ?) Բաբելացիք, Տարմենդ Ասորեստանցի. եւ քան զանուանի Զրադաշտն հին եւ անոր վարպետ՝ Ազոնակ կամ Ազոնակս ոմն, զոր բանասէրք ոմանք Սեմայ կամ Եբերայ աշկերտ կ’ըսեն, մէկն այլ բուն անունը Նոյակ համարի. կրնա՞ր արդեօք մէկն այլ Ասքանազ ըսել, որ  է թոռն Յաբեթի: Բայց այս քիչ կամ շատ կարծիական բաները թողլով՝ քննենք քիչ մ’այլ Զրադեշտի կամ մոգուց հաւատքը, առանց քրքրելու նոյն իսկ Պարսից նոր մոգերու անմիաբան կարծիքները

Յունաց մէջ առաջին իրենց պատմահայրն Երոդոտ՝ գրած է քիչ մի այս պարսկական կրօնից վրայօք. աւելի երկար գրած էր Թէոպոմպոս, այլ կորած է, իսկ մեր վերոյիշեալ դասընտիր գրողք (Եզնիկ, Եղիշէ եւ այլն), աւելի մօտ ըլլալով Զրադեշտի նորոգեալ աղանդոյն հետեւողաց, Սասանեանց ատեն, բաւական ստուգութեամբ ծանուցանեն զայն, թէ, յառաջ քան զարարչութիւն աշխարհի՝ իբրեւ անձնաւոր իմն կայր Զարուանա–Աքարանա ( Անսահման ժամանակն ), որ է ըստ մերոցս՝ Զրուան. եւ փափագէր որդի մի ունենալ, եւ այսոր համար հազար տարի յաշտ առնէր, այսինքն՝ նուէրք պատարագ կ’ընէր կամ կ’ընծայէր. (որո՞ւ եւ ի՞նչ բան). ինչպէս ծաղրելով հարցընեն Եզնիկ եւ ուրիշ մեր եւ օտար Հարք: Վերջապէս յղանայ Զրուան խեղեփս (երկուորեակս), մէկն իր փափագանաց համար, մէկն այլ իր տարակուսանաց. եւ սա նախ դուրս կու գայ. (ի՞նչպէս). գարշահոտ, տգեղ տժգոյն մէկ մի, որ Աւեստայի լեզուաւ կոչուի Ահրոմայինու, յորմէ նոր պարսկերէն կոչուի Ահարէմէն, Հարաման, Ահրիմէն, Հարիման, Խարաման եւ այլն. այսպէս կոչուելուն պատճառ՝ Եզնիկ կ’ըսէ, «զԽարամանի անուն յանձին կրելոյ՝ (վասն) առ ի յարեւէ զարեգակնատենչիկսն արկանելոյ, ուստի եւ զանունն իսկ զԽարամանոյ առ. նոյնպէս եւ Սատանայ անուն՝ ոչ բնութեան ինչ անուն, այլ բարուց»: Քիչ վերջ ծնանի լուսաւոր եւ անուշահոտ որդին, Որմիզդ [1], որ կու ստեղծէ զերկինք եւ երկիր եւ որ ինչ անոնց մէջ. ասոր նախանձելով Ահրմէն՝ հակառակ կու ստեղծէ չար էակներ, ինչպէս հրեշտակաց դէմ՝ դեւեր, ընտանի կենդանեաց դէմ՝ գազաններ, լուսոյ դէմ՝ խաւար, առողջութեան դէմ՝ հիւանդութիւն, փոխանակ կենաց` մահ եւ այլն, եւ այլն: Այսպէս երկարմատ սկիզբն հաւատոց կու ծագի, այսինքն՝ բարւոյ եւ չարի հակառակութեան, ի տարբեր անձերէ կամ սկզբանց, որ ուրիշ կրօնից մէջ այլ երեւած է: Բայց Զրադեշտի կրօնից մէջ՝ Որմիզդ համարուի մեծ եւ պաշտելի աստուած, Ահրմէնն՝ պարզ հակառակութիւն մի, զոր յետոյ Զանդիկք եւ Մանիքեցիք հաւասարազոր հակառակորդ հռչակեցին, անոր համար ատելի եղան զրադեշտականաց, ինչպէս Եզնիկ այլ կ’ըսէ. «Ընդէ՞ր ատիցեն մոգք զԶանդիկս». Զգօն գրոց հեղինակն այլ. «Ո՞ տացէ զհատուցումն վարձուց մանկանց Խաւարի՝ Զանդիկ աղանդին, որք են Մանիքեցիքն»: Մոգուց կամ Մազդեզանց մեծ ջանքն էր՝ ատել զԱհրմէն, եւ պնդել, թէ իրենք միաստուածեան են, զՈրմիզդ միայն ճանչնալու աստուած մեծ

Իրաւ է, որ Աւեստայի մէջ որոշ նշան չկայ բազմաստուածութեան, եւ ոչ անոր մեկնչաց, սակայն գոնէ անոնց յաջորդքն կամ նորերն՝ աստուածակերպ էակներ կամ զօրութիւններ երեւցընեն, որոց գլխաւոր կրնայ ըսուիլ Հոնավար ն կամ Հունավար, Հոնովէր, Ահունավար, եւ ըստ Աւեստայի՝ Ահունա–վայրիա, որ էր աստուածային (խօսք), թէ ոչ անձնաւոր, գոնէ դիմաւոր, որոշ յաստուածային Բանէ, որ կոչուէր Մաթրա: Այս Հոնավար արարչագործ խօսքով՝ Որմիզդ հերքած է Ահրէմէնը. ոմանք պարզ մակդիր մի համարին զայս Որմըզդի [2]: Բայց Սասանեանց ատեն Միհրի աստուածութիւնն անտարակոյս է, ինչպէս տեսանք եւ ի Հայս (305–309), ինչպէս եւ անոնց Անահիտը (279–298):

Եթէ ոչ աստուած, բայց աստուածազան կամ գերագոյն ոգիք նշանակուած են մոգուց հնագոյն գրոց մէջ, իբրեւ մերձաւորք եւ պաշտօնեայք Որմըզդի, Ամշասբանդ կոչուածք կամ Էմշասփէնտ, Էմհուսփէնտ, ﺍﻩﮧﻢﻮﺴﭙﺫﮑ Աւեստայի լեզուաւ՝ Ամէշա–Սբէնդա, որ թարգմանի Անմահ Բարերարք, որք թուով վեց էին. Որմիզդն այլ մէկտեղ առնլով եօթն կ’ըսուին, եւ Հրէից ու քրիստոնէից Հրեշտակապետաց պատշաճին: Վեցից առաջինն է Բահման կամ Պէհմէն. ﺑﮧﻢﻩﺰ, hին կերպով Վoհու–Մանօ, թարգմանուի բարի միտք. ամեն բանի խնամակալ, եւ հոգիներու վերաբերող. այսոր նուիրեալ էր մայիս ամիսն եւ ամսոց Բ օրն եւ Շուշան ծաղիկն: Բ հրեշտակապետն է Արտապահիշդ, ﺍﺭﺪﺑﮧﻢﺷﺕ, Աշավահիշդա, որ է ըսել Սուրբ կամ վեհագոյն, լույս աշխարհի, օրէնք բարի եւ այլն. օգոստոս ամիսն այսոր նուիրուած էր եւ պահպանութիւն կրակի, ամսոյ Գ օրն, եւ Մէրզէնգիւշ ծաղիկն (Mayorana, Մշտիկ): Գ. Շահրիվար, Շէհրիյվէր, ﺷﮧﻡﺭﻳﻮﺭ, ըստ հնոց Խշադրա–վայրիյա, որ է թագաւոր մեծ, տեսուչ մեծութեանց աշխարհի, բովուց, լերանց եւ այլն, իրեն նուիրուած էր Ժ ամիսն (դեկտ. ), ամunց Դ օրն եւ Ռեհան ծաղիկն: Դ. Սբէնտարմատ կամ Իսֆէնտարմատ (տես Սպանդարամետ, 307–12) Սբանդա-արմաիդի, որ է Ազնուութիւն սրտի, անուշիչ սրտից, անասնոց խնամակալ, իրեն նուիրեալ էր Ե ամիսն (յունիս), եւ ամսոց Զ օրն, Ուռի ծառն. սա միայն հրեշտակուհի համարուած էր, իբր դուստր Որմզդի: Ե. Խորտատ կամ Հաուրվադատ, որ է Կենսատու, ժամանակի վարիչ, խնամակալ  երկրի բուսոց եւ ջրոց. իրեն նուիրուած էր Է ամիսն (սեպտ. ), ամսոյ Զ օրն եւ Շուշան ծաղիկն: Զ. Ամէրտատ կամ Ամարտատ, որ է Անմահատուր, կամ մահուան դիւրացընող, խնամող ծաղկանց եւ պտղոց. իրեն նուիրուած էր ամսոյ Է օրն եւ Ջամբա ? ծաղիկն

Այս գերագոյն ոգիներէն կամ հրեշտակապետներէն վար՝ ի հարկէ պիտի ըլլար դաս մի Հրեշտակաց, Ֆէրիշդէ, ﻓﺭﺷﺗﻯ, որ սովորաբար Իզէտ (Ազատ) կոչուին, եւ ըստ Աւեստայ՝ Եազադա, որ նշանակէ աստուածային իմն, զոհիւ պատուելի. Եաշդ կոչուին եւ սպասք զոհից, յորմէ եւ առ մերս Յաշտ, ի սանսկրիտն Եաճատ եւ Եաշդաւիա նշանակէ ինչ որ ի մեզ ըստ պարսկին՝ Յաշտ, զոհ: Աւելի քան 40 Ազատք յիշուին, եւ 24 կամ 28 գլխաւորքն, որք խնամող կամ պահապան համարուին ամսոյ օրերուն, ոմանք երկու աւուրց, ինչպէս մէկ քանի աւուրց էին Էմշասբէնտքն: Կարգենք այս տեղ ամunց անունները եւ անոնց միջոց կատարուած տօները, յետոյ այդ ամսոյ աւուրց պահապանաց անուանքը:

Ա. Ազուր, ﭐﺯﻮﺭ, որ է ըստ մեզ Արեգ, Մարտ. Թ օրը կատարուէր տօն կրակի եւ Ատրուշանաց եւ կոչուէր Ազուրական

Բ. Տայ կամ Խոռեմ, ﺨﺭﻢ, Խիւրրէմ (Ահեկան, Ապրիլ), որ նշանակէ զուարթութիւն. Ը օրն էր տօնական, Խիւրէմ-րուզ:

Գ. Բահման, Պէհմէն (Մարերի, Մայիս). Բ օրն Պէհման-րուզ, տօն ուտելեաց, մսոյ, պտղոց եւ այլն:

Դ. Սպանդարմատ (Մարգաց, Յունիս). ԺԷ օրն տօն վնասակար բաները ջնջելու, ինչպէս կարիճները եւ այլն:

Ե. Ֆէրվերտիյն, ﻨﺭﻮﺭﻴﻥ, որոյ նմանաձայն հայ ամիսն այլ՝ Հրորտից, ինչպէս գրուի ի հին օրինակս, ի նորս՝ Հրոտից (Յուլիս). ԺԹ օրն տօն նոր զգեստ կտրելու, ոչխարները մաքրելու եւ այլն:

Զ. Էրտիպիհէշդ (Նաւասարդ, Օգոստոս). Գ օրն տօն պատուելու զկրակ, զթագաւորս եւ այլն:

Է. Խուրտատ (Սեպտեմբեր). Հայերէն ամսոյ անունն այլ նման Հոռի, առանց տատ յաւելուածի, որ կըրնար նշանակել տուրք, իբր Հոռետուր կամ Արեւատուր. Զ օրն էր տօնական, խնդրուածոց յԱստուծոյ, եւ յաջող ամուսնութեան

Ը. Տիր (Սահմի, Հոկտեմբեր). ԺԳ օրն Տիրական ՝ էր տօն եւ յիշատակ հաշտութեան Մինուչէհրի եւ Էֆրասիապայ. ըստ ոմանց եւ Ապրիյզէկեան, ﭐﺑﺭﻨﺭﮐﺍﺯ, տօն  Ջրոց:

Թ. Մուրտատ (Տրէ, Նոյեմբեր). ԺԷ օրն տօն քաղելու զՆենուֆար ծաղիկ, Չէշմի-Նիլուֆէր:

Ժ. Շահրիար կամ Շէհրիյվէր ﺸﮧﻢﻳﻮﺭ (Քաղոց, Դեկտեմբեր). Դ օրն Շեհրիվարական, յիշատակ ծննդեան Դարեհի. Ը օրն Խէզան ՝ ﺨﺯﺍﺫ, Աշուն

ԺԱ. Միհր (Արաց, Յունուար). ԺԵ կամ Ի օրն Միհրէական կամ Մէհիրկեան, տօն բարեկամութեան, յիշատակ յաղթութեանց Ֆէրիտունի ( Հրութեն Խորենացւոյ) եւ թագաւորութեան Արտաշրի Սասանեանց:

ԺԲ. Ապան (Մեհեկան, Փետրուար). Ժ օրն յիշատակ գահընկէցութեան Էֆրասիապայ ձեռամբ Զաւի:

Ֆարվարտէկան կոչուին Աւելեաց հինգ օրերն ի Զերտիւշթնամէ գիրս, ուրեմն ուրիշ կարգաւորութեամբ էր կարգ ամսոց տարոյն, որ վերջանար Ֆէրվէրտին (Հրորտից, Յուլիս) ամսոց, եւ համաձայն Հայոց տօմարին՝ ի Նաւասարդայ սկսանելով  զտարեմուտն: Միով անուամբ Փէնճի-մազտիեազնան կոչուէին աւուրքն, այսինքն՝ Հինգ սրբազանքն, կամ Փէնճի Խուահարան ՝ Հինգ քոյրեր, իւրաքանչիւր հին եւ նոր յատուկ անուամբ կոչուէին, ա. Ահունաւատ   Աֆէրիյն. բ. Ասդաւատ   Ֆէրրուխ (երջանիկ) գ. Էսֆինդամատ   Ֆիրրուզ (յաղթական). դ. Վահուխշադրի   Ռամիշդ (վեհ). ե. Վեհիշդուշ կամ Վիհիշդօյիշդ   (ողջ մնա, մնաս բարով): Մոգերն այս Աւելեաց օրերուն՝ Քաջաց հաց եւ կերակուր նուիրէին տանիքներու վրայ: Շատ տեսակ օրական խտրութեանց մէկն այլ էր՝ ամսոց ԺԴ օրն՝ Սիրխուր, որ ըսել է Սխտորակեր, ընդդէմ դիւաց վնասակարաց: Թէ ասոց եւ թէ աւուրց ամսոյ նոր անուանքն դրուած են Յազկերտի տօմարի նորոգութեան ատեն, պահլաւիկ կամ փարսի լեզուաւ: Այս տեղ կարգեմք ամսոց իւրաքանչիւր օրերու պահապանաց հին եւ նոր անուանքն այլ, հանդերձ նշանակութեամբ անոնց պահպանած կամ խնամած բաներու. միանագամայն եւ խտրութեամբ աջող (Ա) եւ ձախող (Ձ) օրերու.

 


  1. Ա. Որմիզդ. Անհումա
  2. Ա. Բահման. Վահուման
  3. Ձ. Արտիպէհէշտ. Անդավիշդ
  4. Ա. Շահրիվար. Շադնավին
  5. Ձ. Սբանդարմադ. Սաբանտոմոտ
  6. Ա. Խուրտատ. Խունտատ
  7. Ձ. Ամարտատ. Ամանտատ
  8. Ձ. Տէբատար (Տինի Բաւան ատան)
  9. Ձ. Ատար. Ադուն

10. Ա. Ապան, Աւան

11. Ա. Խուրշիտ, Խուր կամ Խունտատ

12. Ա. Մահա կամ Մահ

13. Ձ. Տիր

14. Ա. Գոշ

15. Ա. Տէբմիէհէր Տինի. Բաւանմադուն

16. Ա. Միհր. Մադուն

17. Ձ. Սէրոշ, Սարուշ

18. Ա. Ռաշնէ. Ռաշուն, Ռաշնէ–րաստ

19. Ա. Ֆէրվարտին

 

20. Ա. Վահրամ. Պէհրամ, Վառահրամ

21. Ա. Ռամ

22. Ա. Կուվատ. Վատ

23. Ձ. Տէբտին Տինի բաւանտին

24. Ա. Տին

25. Ա. Աշասանկ. Արտ, Արսասանգ

26. Ա. Ասդատ

Յաջողութիւն. Նոր շինութիւնք:

Աճումն մարդկան, ձիոց, այծուց:

Կրակ:

Լերինք. Բովք

Կենդանիք:

Ջուրք եւ Բոյսք

Ծառք եւ Մարգք:

Վաճառք, Շինութիւնք. Կերակուր:

Կրակի պաշտօն:

Ջուր, Մշակութիւն:

Արեգակն

Պաճարք, Զբօսանք:

Ամպք, Անձրեւք:

Անասունք:

Լեզուք (72). բարի գործք:

Արեգակն. Բուսաբերութիւն:

Ուսումն. Պահապան ոգւոց արդարոց:

Իրաւունք եւ արդարութիւն:

Արքայութիւն. Հոգիք  մարդկան Դենի տածիչ:

Ուղեւորք:

Բաղդ:

Հողմք:

Աստուած ինքն?

Մազդեզանց կրօնք:

Մուրացիկք. Կրօնաւորք:

Սերմանք երկրի:

27. Ա. Ասման

28. Ձ. Զափատ 

29. Ա. Մահրասֆանտ, Մանսարասբանտ

30. Ա. Անիրան 

 

Երկինք:

Պտղաբեր ծառք:

Արքայութիւն:

 

Հարսանիք:


 

  Այս օրապահ Ազատներէն զատ յիշուին ի գիրս մոգուց ուրիշներ այլ, ոմանք նշանակաւ պահպանութեան կամ յատկութեան ինչ, եւ ոմանք՝ ոչ, կամ մեզ անծանօթ, որոց մէջ երեւելիներէն մէկն է Վանանդ կամ Վ է նան դ, որ յիշեցընէ մեր Գողթան գաւառին մասը. այսպէս կոչուէր եւ աստղ մի՝ պահապան Հարաւոյ. դարձեալ դժոխոց շահապետ եւ դատաւոր էր Վանանդ: Հո ւմ կամ Հաում, խնամող աճելութեան եւ ծովու: Պարզի (Պերճ?), որ Հոմայ ընկերող կամ համհարզ համարուի: Նի րիւշէնկ, Նա ր ո ւշ անկ. Ռաղտէս դ, Ռ աղատասդ. Դահ մա ն, Տ ահա ման, հոգեհան հրեշտակ. Հա բդուրէնկ, Սայլի եօթն աստեղաց պահապանն: Ա ղարեր աս ? Ղուպարի, Ղարպարի. Խե շ ասպա տ: Հարուտ եւ Մարուտ ( Հարա ոդ Մար աո դ ). ասոնք ապստամբած են յՈրմըզդէ եւ պատժուած գլխիվայր կախուած ի Բաբելոն: Ֆ իւ րի հունտա, Ֆուրաօհունտա: Պատրան, շարժող հողմոց: Պէշ դէր կամ Դաշտէր, սննդատու մարդկան: Ռ եւանպախշ, հոգետու, հակառակ հոգեհան Դահմանի: Ղէրուդաման, Ղարաոդաման, քննիչ գործոց մարդկան: Սէրոշ, գլխաւոր Ազատաց մէկն է, խնամակալ մարդկան եւ երկրի: Պ է հրամ, կրակի տեսուչ Արտու իսուր ա, Անահի դա ՝ երկնային ջուրց եւ աղբերաց պահապան. սա էգ համարուի, նոյնպէս եւ Մանրեսբանտ, հանճարոյ ազդող Ռուշ ն ի, Ռ էշ ն է վասդ, բիւր մի ընկերներով, ուղիղ վարուց հսկող: Հոնուէտ, Oշդուէտ, Ֆոհուխէշէթրէ. այս երեքն այլ ուրհիք են, այսինքն՝ իգական Ազատք:   Ասոնցմէ ոմանք Հրեշտակապետաց օգնական համարուին, եւ անոնց հ ամքեա ր կոչուին: Ամեն երեւելի արարածոց այլ յատուկ խնամող կամ հuկող ոգիք կային, ըստ մոգուց, ինչպէս՝ Արեգական՝ Խուր շ իտ, Լուսնի՝ Մաo ն h ա, Երկրի՝ Սպանդար մա տ, Ջրոյ՝ Ա ւա, Օդոց՝ Կո վատ, Անձրեւոյ՝ Դ էշ տա ր Տիր եւ այլն, եւ այլն

Յիշեցինք որ քան զամենայն աստուածազան ոգիս գերագոյն էր Միհր, եւ իրեն  նուիրուած ամիսն եւ օրն եւ վեցօրեայ տօնք՝ Միհրական, յորում ներուած էր Պարսից թագաւորին՝ (կ’ըսէն Յոյնք) մինչեւ ի գինովութիւն խմել եւ հրապարակաւ պարել, իբրեւ ի բարեկենդանի. եւ զի այսպիսի օրեր ախորժելի են բազմութեան մարդկան, բնական է որ անոնց առիթն Միհր այլ շատ սիրելի ըլլար, նա եւ քան զՈրմիզդ ինքն. եւ ոչ միայն ի Պարսս եւ ի սահմանակից աշխարհս, այլ եւ յարեւմուտս, ուր ինչուան հիւսիսային կողմեր գտուին Միհրական պատկերք, Mithriaզues կոչուած, որ (ինչպէս յիշած եմք յերես 307) կերպարանէ փռիւգացի կամ հայ գդակով եւ զգեստով երիտասարդ մի, ծունկը ցլու մի վրայ դրած՝ զոր կու փողոտէ, քովը մէկ կամ երկու նոյն հագուստով անձինք` մէկ մէկ ջահ բռնած, մէկին ծայրն դէպ ի վեր միւսն ի վայր, ցորեկ ու գիշեր նշանակելով. ցլուն քովը եւ ներքեւ եղած շունն, օձ, կրիայ, կարիճ, տարւոյ եղանակաց նշանակք են երբեմն եւ երկնից կենդանակամարին նշանք, արեւ եւ մահիկ լուսնի: Յունաց այլ ծանօթ եւ ընդունուած էր Միհրական տօնն եւ պաշտօնն, զոր տեսանք (305), թէ ինչպէս աւանդէր  Նոննոս մեկնիչ Գր. Աստուածաբանի ճառիցն: Ուրիշ մեկնիչ մ’այլ գրէ. «Հեթանոսք զայնոսիկ որ զՄիթրոսի տանջանսն կրէր՝ գրէին զնա որդի մեծին Արամազդայ, ոչ բնութեան, այլ կոչմամբ»: Յետ Միհրայ` մեծապատիւ Ազատ էր մոգուց՝ Տիր, որոյ պաշտօնն այլ ի Հայս՝ յիշածեմք (երես 310), նոյնպէս քիչ մի վերն այլ այնոր նուիրուած ամիսն, օրերն եւ տօնն:

Բարերար ոգիներու կամ Ազատաց ներհակ՝ չար ոգիք կամ դեւք այլ կային, ըստ մոգուց, ինչպէս, Որմըզդի` Ահրմէնն. սա կոչուի եւս Sարուպի եւ Կանամինոյ ՝ նշանակելով չարաճճիկ. վեց Ամշասփէնտից այլ հակառակքն են, Աքումի ՝ կռուարար, Անտեւ կամ Անտար ՝ մեղսառիթ, Կաւել կամ Սաւան ՝ բռնաբարող. Դարմատ, Խեռ. Թարիզ կամ Թարիք ՝ Նախանձոտ. Զարաչ կամ Զարիչ ՝ Յափշտակող: Ամեն մէկ Ազատի այլ իր հակառակողն կայր, յորոց յիշեմք քանի մի. Աշմուղ կամ Աշեմաողոյ, ստութեան եւ հերձուածոց դեւ. Ղէնճէսդա–Ղանամինու, համհարզ Ահրմէնի. Ասֆունճակէր, բքաբեր, ամպրոպայոյզ. Ասքըսնէշ եւ Ասքանէշ, ժանգահար. Տուշայիմ, մոլորեցուցիչ տղայոց. Բեդիյարահ, վշտացուցիչ. Ահարիման, ապականիչ բերոց երկրի. Հիշիմտիվ, մահաբեր, հակառակորդ Սերոշի. Միհր–տէրուճ, ուխտադրուժ եւ վեց մեծ մեղք. Լաֆիս, շփոթիչ աղօթողաց. Նիազ (հայերէն այլ), ագահութիւն, Ռասակ, նախանձ. Խազամ, հայերէն այլ կազմ, կռիւ. Վարուն, արհամարհութիւն, հպարտութիւն. Պադմուճ, գանգատ. Պաս, յամառութիւն ի չարիս. Դիր, թուլութիւն, հիւանդութիւն. Նազուշ ՝ ճանճիկ դեւն, որ ի հիւսիսոյ կողմէն գայ. Վիզար կամ Վիզարեսոյ, հոգեկապ դեւ եւ այլն: Գլխաւոր դեւքն ըստ մեր բառի կոչուին Տաէվա, Տիվ, այլք՝ Տերուճ, ըստ մեզ Դրուժան. եւ Տուխս, որ թերեւս ըլլան մերոց Թուխքն (235): Եզնիկ յիշէ եւ Մահմի կամ Մահմէ դեւ մի, որ լուսոյ ստեղծման գաղտնիքը գիտէր, եւ «որում՝ ցայժմ պաշտօնեայք այնր քէշի՝ երիցս յամի զոհս մատուցանեն»

Զարմանալի եւ դժուարիմանալի տեսակ մի հոգեղէն էակաց կամ պատկերաց՝ մոգուց աղանդին՝ են Ֆրաւաշիս, ըստ յետնոց` Ֆրաուրվա, Ֆէրուհէր, որք համարուին էակաց եւ հոգւոց նախասկիզբն գաղափարք, կամ մտաւոր պատկերք ի գիտութեան աստուծոյ, կամ հայելիք իմն հոգւոց. նման իմն Պղատոնի կարծեալ նախաստեղծ հոգւոց, որք ի ժամանակի միաւորին ընդ մարմինս. Աքեմենեան թագաւորաց քանդակաց վերայ Պերսեպոլիս) կերպարանին Ֆէրուհէրք՝ իբր մինչ ի կէս մէջք պատկերք թագաւորի՝ երկու թեւերով շրջանակի մի մէջ [3]:

Որչափ որ մոգուց սկզբնական կրօնքն եւ պաշտածն միաստուածութիւն էր, եւ պաշտօն Բարւոյ, այսոր հակառակին իմաստն՝ Չարն ՝ այնքան զատեց հեռացուց այդ երկու գաղափարներն, որ ամենայն չար՝ դիւական իմն համարուեցաւ, ամենայն բարի այլ՝ աստուածային. ըստ այսմ եւ տարերք սրբազան եւ պատուելի եղան, մանաւանդ գլխաւորքն, Հող, Ջուր, Հուր եւ Հողմք. Երկիր՝ այնքան սրբազան համարուէր, որ անվայել էր մեռեալները անոր մէջ թաղել, անոր համար կու ձգէին զանոնք ծառոց վրայ կամ բաց կամ շրջապատած տեղ մի, ինչուան որ գազանք եւ թռչունք ուտէին մարմինները, ապա ոսկորները կու ժողովէին ի Դախմայս, գերեզմանատեղիս, առանց թաղելու. եւ թէ սխալմամբ թաղուած ըլլար, այն տեղն 50 տարի անգործ անմշակ կու թողուէր: Ջրոյ սրբութեանն համար այլ՝ չէին համարձակեր այնով լուացուիլ, այլ գումիզով, (կովու մէզ). այս էր Յազկերտի կամ Միհրներսեհի հրամանաւ պատուէրն առ Հայս. «Ձեռք՝ առանց կովմիզոյ՝ մի՛ լուասցին»: Այս բանիս համար կ’ըսեն, Տիրիթ պարթեւ՝ առ Ներոն կայսր երթալու համար, ցամաքային երկար ճամբան բռնեց, որ ծովու ջուրը չի պղծէ նաւագնացութեան առթիւ: Իսկ Հրոյ սրբութիւնն եւ պաշտօնն շատ հեղ յիշուեցաւ եւ շատ յայտնի է, մինչեւ հիմայ. քանդակաց մէջ այլ կ’երեւան ինչ որ պատմիչք եւ տեսողք այլ նկարագրեն. ատրուշանի կամ կրակավառ բագնաց քով կեցած երկու պաշտօնեայք, մոգ կամ Մուպէտ, ծնօտնին բերանակապ լաչակով մի կամ կապերտակով պատած (որ շունչերնին կամ թուք եւ լորձունք չի դպչի կրակին), զոր կոչեն Փանամ կամ Փանդամ Պանամ, Պադան Փագանք [4], կամ թէ չէ՝ գլուխնին դրած խոյրին փէշերովը ծածկեն բերաննին, որ անդադար աղօթքներ մրմընջէ. ձեռուընին այլ՝ նռան կամ գազի մանր ճիւղերէ (22 կամ 35 թուով) տրցակներ բռնեն, զոր կոչեն Պերսամ, ի գիրս մեր Բարսմունք, որ նոյն է ըստ ոմանց վարսաման բուսոյ հետ (Tymus Serpyllum), որոյ ճիւղերն այլ հասարակօրէն բռնելիք կ’ըլլային կրակապաշտիցն: Մոգերու գլխաւորն կամ անոնց մէկն այլ ի ձեռքն ունէր «Ուռն, որով հրամայէր», ինչպէս գրուի եւ Ս. Յիզբուզտի վկայաբանութեան մէջ, եւ էր գաւազան մի փայտեղէն, նշանակ իշխանութեան. Իսամ կամ Էսման կոչուած [5]: Սոյն վկայաբանութեան մէջ մոգուց կրակին քով կենալու կերպն` կ’ըսուի յասակի կալ, որ թերեւս բերանակապ կենալն նշանակէ: Այս բերանակապը հրամայէր Հայոց  Յազկերտ նա եւ խմոր թխելու ատեն. «Հայսք՝ առանց փանամի մի՛ զանգցին» Դարձեալ, ի պատիւ Կրակի կու հրամայուի, «Ծիրտք եւ քակորք ի կրակ մի՛ եկեսցեն»: Այրած մաշած կրակին մնացորդն անգամ՝ Մոխիրն, սրբազնացեալ էր, պէտք էր ժողվել եւ լեցընել ի Մոխրանոցս, որ եօթն մեծամեծ Ատրուշանաց կամ Կրակատանց մէջ [6] էին. եւ ճշդութեամբ կու պահանջէին ի պաշտօնէից՝ մոխրին քանակը. այս է Եղիշեայ մէջ յիշուած մոխրաչափ կարգն: Նոյն հրամանաց մէջ յիշուի եւ կապճաթիւ կարգ, որ էր որոշեալ չափով մի ժողվել մանր ճճիներ մրջիւններ, գորտեր եւ այլն, իբր պիղծ ( Խարֆասդար ) կենդանիք՝ Ահրմէնէ ստեղծեալ, եւ ջնջել զանոնք, կամ առ մոգպետն ղրկել, որ ապահով ըլլայ, թէ կրակի մէջ չեն ձգուած:

Կրակի պաշտաման հանդիսական ժամերն՝ օրուան հինգ պահերն էին, ըստ Պարսից կեահ: Իսկ կրակի ազնուագոյն նուէրն էր Հոմա, ըստ Հնդկաց Սոմա, որ ըստ ոմանց է Համհամ կամ Համիմ ըսուած բոյսն, Anomum ըստ Լատինաց, որ որթոյ նման անուշահոտ ողկոյզներ բերէ եւ անոր հիւթն. այս հիւթէն զանգած կտորներ ձգեն կրակի մէջ. ըստ բուսաբանից՝ յատուկ Sarcostema viminalis կ’ըսուի բոյսն: Կենդանեաց զոհ չէր ըլլար Կրակի, բայց հարկ էր ամեն ուտելի կենդանի այլ նախ նուիրել անոր, իբրեւ սրբելու համար, եւ յետոյ մորթել եւ ուտել. այս է յագել ըսուածն գիրս Եղիշէի), եւ պատուիրուածն, «Պատրուճակք մի՛ մեռցին անյազ, եթէ յօդեաց իցէ եւ եթէ յայծեաց եւ եթէ յարջառոց, եւ եթէ ի հաւուց եւ եթէ ի խոզաց»: Յազեալ եւ նուիրեալ միսն կոչուէր Միյարտա (Մկուրտ?): Մէկ սովորական նուէր մ’այլ էր բաղարջ հացի մանր նկանակ, զոր Տարուն կամ Տարանոնոյ կոչէին: Վերոյիշեալ Ս. Աստուածատրոյ (Յիզտիբուզտի) վկայաբանութեան մէջ` յիշուի եւ զոհս աղտէզ մատուցանել Կրակի, որ չեմ գիտեր ի՛նչ նշանակէ: Զոհելն եւ աղօթելն միանգամայն ըստ մազդեզանց կոչուէր Եազ եւ Յազել:

Բաւական համարինք այսչափս Զրադեշտի եւ մոգուց կրօնից ծանօթութեան, որք դեռ շատ եւ շատ աւանդութիւններ եւ վարդապետութիւններ ունէին, իրարմէ տարբեր եւ աւելի կամ պակաս. մեր Եղիշէ Վ. կ’ըսէ իր ատեն, Ե դարուն, «Հինգ կեշտք են, որ գրաւեալ ունին զամենայն օրէնս մոգութեան». եւ են, նախ, հասարակաց Զրադեշտական կրօնքն, յետոյ, Ամպարտքաշն, Բոզպայիտն, Պալհաւիկն եւ Պարսկադենն [7]. յայտ է որ յետինքս նորագոյն ժամանակաց աղանդք էին, մէկն Պարթեւաց, միւսն Սասանեանց տէրութեան ատեն ընդունուած, որոց զանազանութիւնն եւ յաւելուածն շատ ծանօթ չեն մեզ եւ ոչ հարկաւոր մեր նպատակին: Կ’աելցընէ  Եղիշէ, թէ այս հինգէն զատ՝ «է՛ միւս եւս այլ վեցերորդ, զոր Պետմոգն (կամ Մոգպետն) կոչեն». եւ ով որ այս ամեն աղանդոց կամ մասանց հաւատոյ հմուտ ըլլար, Համակդեն կոչուէր, իբր ամենահաւատ: Այսպիսի էր այն մոգպետն, որոյ յանձնուեցան Ս. Ղեւոնդեանք՝ ի բանտ եւ ի փորձ, եւ որոց շնորհքով ինքն ընդունեցաւ զքրիստոնէութիւն եւ եղաւ կատարեալ հաւատացող եւ պսակակից Սրբոցն, անոնցմէ առաջ: Յայտնի է բառէն, որ մոգուց գլխաւոր նշանակէ Մոգպետն եւ Մուպետ. ի հինգերորդ դարու՝ կը համապատասխանէր մեր եպիսկոպոսին, բայց հետզհետէ այդ անուան կարեւորութիւնն պակսելով՝ այժմ նշանակէ քահանայ, nրում նոյն դարուն կ’ըսուէր՝ մոգ: Դիտելի է, որ Աւեսդայի մէջ քահանայի կ’ըսուի Աթարվան, եւ ոչ երբեք մոգ. այս գրոց մէջ վարդապետի կ’ըսուի Աէթրաբաիդի, յորմէ կրճատուելով ձեւացաւ Հէրպատ, վարպետ. այժմ Հէրպատք՝ քահանայէն մովպետէն ստորին դասակարգ մի կը կազմեն: Գերագոյն մոգպետն կոչուի Տէսդուրի տէսդուրն, որ ըստ բառին նշանակէ հզօր ձեռքով (ձեռներէց), յորմէ թուի եւ մեր դաստիարակ բառն. յԵղիշեայ դարուն կ’ըսուէր՝ Մոգպետաց մոգպետ, ինչպէս ի գիրս մեր նախնեաց գրուի՝ Մովպետան մովպետ: Այս կոչման հետ Եղիշեայ գրոց մէջ կայ գրուած եւ Ռատ, զոր ոմանք յատուկ անուն մարդոյ կարծեր են, բայց նշանակէ տէր, գիտուն եւ մեծ: Մոգուց զգեստն պարզ սպիտակ պատմուճան է, որ սադրա կոչուի. մէջքերնին գոտի (քուստի) չորս հանգուցով, ի գլուխնին հայկական կամ փռիւգական խոյր կամ գդակ՝ երկայն ականջներով կամ փէշերով, բերաննին անով ծածկելու համար. մոգպետաց խոյրն աւելի շիտակ է, իսկ ի ձեռուընին բռնածը արդէն վերը յիշուեցաւ, Ուռն եւ Բարսմունք:

Հարեւանցի խօսք մ’այլ ըսենք մոգուց կարծեաց՝ մարդկան եւ արարչութեան վրայօք, որ գուցէ մեր հին Հայոց այլ երբեմն ընդունելի եղած ըլլայ, թէ եւ շատ արտառոց: Յետ Ամշասբանդաց եւ յառաջ քան զայլ ամեն արարած՝ եղած է կամ Որմիզդ ստեղծած է՝ ցուլ մի, Ապուտատ կոչուած. զոր նախանձողն Ահրմէն կու սպաննէ, բայց Որմիզդ անոր հիւթէն գոյացնէ զբոյսս եւ զկենդանիս, նա եւ զառաջին մարդն՝ անուանեալ Քեյումորդս կամ Քէյիւմէրս, ﻛﮃﻮﺺﺲ, զսա այլ կու սպաննէ չարն, իսկ Որմիզդ անկէց այլ կու հանէ այր եւ կին մի, Մէշիա եւ Մէշիանա, իբրեւ Ադամ եւ Եւա, որք կ’ըլլան նախածնողք մարդկութեան: Այսպիսի ծագման պատճառաւ մեծ պատիւ մ’ունի ցուլն առ մոգս, մանաւանդ սպիտակն, որպէս եւ առ Հայս. զոր յայտնեն Տրդատայ եւ իր հօր Խոսրովու ըրած զոհքն եւ նուէրքն առ չաստուածս իւրեանց. եւ այս նախաստեղծ ցուլ կենդանւոյ աւանդութեամբ թուի գիտնոց, թէ Նինուէի նորագիւտ աւերակաց մէջ գտուած մեծամեծ քարեղէն Ցուլ–առիւծ եւ մարդ միացեալ արձանքն՝ կանգնած են արքունեաց դրանց եւ պարսպաց քով

Մարդուս վախճանին աւելի ուղղամիտ կարծիք ունէին մոգք, ընդունելով հանդերձեալ կեանք մի, բարիներու՝ արքայութիւն եւ չարաց՝ դժոխք, որ կոչուի Տուզախ. երկուքին միջոցն կամուրջ մի կայ Չինեվատ կոչուած, ուսկից պէտք է անցնին յ’արքայութիւն գնացողք. եւ որպէս զի Ահրմէն անոնց վրայ չյարձակի, հօն պահապան կենայ՝ մեծ եւ ահաւոր շուն մի, Ցռիակ–կուաշ անուն, (թերեւս ըստ հայ բառի ցռուկ, շան դունչը նշանակելով): Արքայութիւնն կոչուի Ահու–վահիսդա, այսինքն՝ Ազնիւ բնակարան, բայց երեք կարգ կամ աստիճան է, իբր երկինք երկնից. առաջինն՝ Համիստան–պէհիշդ ՝ երկրէս ինչուան աստղերը բարձրանայ. երկրորդն՝ Մահ–բիա–պէհիշդ, յաստեղաց մինչեւ յարեգակն. երրորդն Կարօ–տմանա ՝ տուն երգոց, պահլաւերէն, նոր պարսկերէն՝ Քարազման: Բուն արքայարանն է բնակարան Որմըզդի, որ բազմի ի Վեհէշդէմ գահոյս՝ ի ծայր սրբազան բարձր Հարա–պէրէզայիդի լերին, յորմէ հիմայ ծանօթ անուն կովկասեան եւ պարսկական Էլպուրզ լերանց: Պէյմէն հրեշտակապետն կ’առաջնորդէ արդարոց հոգւոց եւ անվտանգ հասցընէ յարքայութիւն. ընդ հակառակն, մեղաւորք տատանելով կամրջին վրայ՝ գլորին ի վայր, ի դժոխս, իսկ միջակ հոգիք, այսինքն՝ որոց բարիքն եւ չարիքն հաւասար ըլլան, վերոյգրեալ Համիստան–պէհիշդ կայանքում մնան: Մեռելոց հոգւոց համար սահմանուած են աղօթք եւ չափ աղօթից, եւ աղաչանք առ Դահման հոգեհան հրեշտակն, որոյ անուամբ կոչուին եւ աղօթքն ննջեցելոց, իսկ հասարակ աղօթքն՝ Աֆրին, գովութիւնք՝ Նեայիշ: Մեծամեծ մեղքն Դանաֆուր կոչուին. մեղաց քաւութեան համար գլխաւոր ապաշխարանք է՝ վնասակար ճճիներ եւ զեռուններ սպաննել ջնջել: Աշխարհի վերջն պիտի ըլլայ երրորդ հազարամեայ դարուն ետքը, այսինքն՝ Զրադեշտէն 3000 տարի ետեւ. երբ պիտի երեւնան Հոշէտէրպամի եւ Հոշէտէրմահի (իբր Ենովք եւ Եղիա) հրաշագործք, մարդկան բարի վարք քարոզելու. անոնցմէ վերջ պիտի գայ ի Գանսէէ (Գանձակ?) Իրան երկրի՝ Սէրխոշ, քաջ հետեւող Զրադեշտի, եւ յաղթելով Ահրմէնի՝ Դ դարն պիտի սկսի յարութեամբ մեռելոց: Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ յարութիւնն՝ Ֆրաշաքարդ (Հրաշակերտ?), հարցեր է ինքն Զրադեշտ առ Որմիզդ, եւ սա պատասխաներ. Ինչպես ցորենի հատն, որ ընկնի ի հող՝ կու բուսնի եւ կ’աճի, այսպէս երկիրս այլ նորոգուած՝ պիտի դուրս բերէ ոսկորները, արիւնը եւ կեանքը, ինչպէս որ էին առաջ: Սէրխոշ պիտի դատէ զմարդիկ. անմաքուրները համառօտ, բայց սաստիկ կերպով մի պիտի մաքրէ քաւէ. մեծ մեղաւորները պիտի դատապարտէ, որք Դարուատ կամ Դարվանտ կոչուին. յետ բաժանման արդարոց եւ մեղաւորաց՝ մեծ լացով, եւ կոծով, երեք օր եւ երեք գիշեր ահաւոր հրդեհ պիտի ըլլայ, որ քարեր եւ մետաղներն այլ հալեցընէ, մեղաւորներն եւ դեւերն այլ մէկտեղ: Յետ այն օրերուն՝ երկիր մաքրուած պիտի երեւնայ. մաքուր մարդիկ այլ պայծառացեալ պիտի ապրին՝ կերակուրի կարօտ չըլլալով՝ 3000 տարի, միայն կենսատու Հոմ ծարոյն հիւթը խմելով, կամ Հետեաւէշ ցլոյն բղխածը. յետ այդքան տարիներու՝ պիտի լրանայ աշխարհիս 10, 000 ամեայ ժամանակն: Յետ այնորիկ ի՞նչ պիտի ըլլայ Կարծեմ մոգերն այլ հիմայ չեն գիտեր, բայց, Թէոպոմպոս հին յոյն հեղինակն, որ մանրամասն գրեր էր Զրադեշտի վարքն եւ վարդապետութիւնը (հիմայ կորսուած, բայց Պլուտարքոսէն քիչ մի ծանուցուած), կ’ըսէ, թէ դարձեալ 2 կամ 12000 տարի պիտի հանգչին Որմզդի հետ. եւ յետոյ թուի, թէ նորէն պիտի նորոգուի աշխարհ եւ ժամանակի շրջանն. այսպէս կտրատելով մոգուց կարճմտութեան յաւիտենականութիւնը

Այսպիսի խառն ի խուռն հաւատք ունէի՞ն եւ մեր հին Հայք. հաւանական է, թէ ունէին, թէ եւ ոչ ամենայն Հայք: Արտաշէս Բ. նորոգող կամ յորդորող դիւական պաշտամանց՝ ունէր ընտանի մի (ըստ Խորեն. Բ. ԽԸ), «աշակերտ մոգի ուրումն երազահանի [8] , որ յայն սակս Մոգպաշտէ անուն կարդային». զսա փոխանակ Երուազայ եղբօր Երուանդայ՝ քրմապետ կարգեց. ասկէ գուշակուի մոգուց աղանդոյն ընդունուած ըլլալն ի Հայս. Մոգպաշտէ [9] բառն այլ գուշակուի Մոգուց վարդապետութեան հետեւող, եւ է պարսկերէն այլ ﻫﻘﺒﺷﮟﻯ. վկայէ եւ պատմութիւնն, ինչպէս առաջ յիշեցինք, որ երբ Արտաշիր Սասանեան նուաճեց զՀայս, ոչ իբրեւ նոր կրօնք մտուց զկրակապաշտութիւն, այլ «զՀուրն Որմզդական որ ի վերայ բագնին, որ ի Բագաւան՝ անշէջ հրամայէ լուցանել»: Բայց, թուի, թէ երբ Տրդատ յաղթողաբար դարձաւ ի Հայս Պարսից հետ վռընտեց անոնց պաշտամունքն այլ, գոնէ իր սեփական արքունեաց սահմաններէն, վասն զի իր հրովարտակաց մէջ (համարելով վաւերական), ոչ կրակի յիշատակ կայ եւ ոչ լուսաւորաց պաշտաման:


[1] Աւեստայի մէջ՝ Ահուրա–մազտա, որ թարգմանի Ոգի ամենիմաստ. Դարեհեան արձանագրութեանց մէջ՝ Աւրամազդա, ըստ Հայոց Արամազդ, ըստ նախնի Հելլենաց՝ Oromazdes, ըստ Սասանեան Պարսից՝ Հօրմիզդ, ըստ հայ գրչաց Ե դարու՝ Որմիզդ. նոր պարսկերէն՝ Հիւրմիւզտ, Հիւրմիւզ:

[2] Մեր ազգի անձանց յատուկ անուանց մէջ լսուի Հոնավար ի ԺԱ դարու, եւ ետքը:

[3] Միթէ Վանայ կողմերում գտուած պղնձեայ թռչնաձեւ փոքր ձուլածոյք այլ՝ տեսակ մի Ֆէրուհէր չե՞ն, զորս կարելի ըլլայ կոչել Հրաւէր:

[4] Այսպէս գրէ թարգմանիչ մեր Ոսկիբերանի Մեկն. Եսայեայ (Գլ. ԽԲ). «Այժմէն իսկ ի տօնսն Կապերտակս իմն զերեսօքն պանտեն եւ Փագանս ի բերան, առ մոլութեանն»:

[5] Եղիշէի պատմութեան մէջ կարդամք, որ Պարսից սպարապետն իր զօրքերը յորդորելով ի քաջութիւն, կու յիշեցընէր թագաւորէն ընդունելու պսակներն եւ Ուռն:

[6] Այս եօթն կրակատունք կոչուէին Ազէր Միհր, Ազէր–Նուշ, Ազէրպիյն, Ազէր–խէրիյն կամ Ազէր–խիւրտատ Շիրազ), Ազէր–պէրզիյն, որ նշանակէ Հուր ի վերայ թամբի, ի յիշատակ Քէյ Խիւսրեվի ձիէն ընկնալուն եւ այն տեղ ատրուշանն շինուելուն, եւ Ազէր–Զերտէհիւշթ: Յայտնի է, որ բոլոր այն մեծ նահանգն, որ Հայոց եւ Մարաց միջասահման է, կ’ըսուէր եւ կ’ըսուի Ազէրպէկեան, Ատրպատական, որոյ Դավրէժ մայրաքաղաքն այլ Ազիւրապատ: Մեր գրոց մէջ յիշուին եւ Վռամական կրակ (Աթէշ Պէհրամ), որ կարկեհան քարի գունով կարմիր նշանակէ, եւ 1001 տեսակ կրակ կայր հօն՝ կ’ըսեն: Որմզդական հուր այլ յիշուած է, իբր աստուածային կրակ:

[7] Ասոնց վրայոք հմտական գրուած մի հրատարակուած է ի Բազմավէպի 1895, էջ 51:

[8] Բաց յայլեւայլ աղթարական բանից՝ կ’ըսուի, թէ Զրադեշտի գրոց եօթն մասունքն (Նոսքայք), երազահան բանք էին:

[9] Թուի, թէ յունարէն Մեգաբիս գրուած անունն այլ զայս նշանակէ, վասն զի իրենց Եփեսոսի Արտեմեայ մեհենին ներքինի քուրմերն այլ այսպէս կոչուէին: (Մորի. Գ. 157)