Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.
ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ ԿԵԱՆՔ

Չար եւ բարի Ոգւոց յիշատակք (Գլ. Է) ինքնին իմացուցին մեր հեթանոս նախահարց հաւատալը Հանդերձեալ կենաց. եւ ո՞վ տարակուսած կամ չէ ընդունած զայս՝ բովանդակ ազգաց մէջ, բայց եթէ քանի մի լիրբ իմաստակք, որք զանաստուածութիւնն այլ պարծանք համարին, եթէ խելագար չեն: Որքան այլ ընդհանուր է հանդերձեալ կենաց հաւատքն, այնքան միօրինակ չէ, մանաւանդ թէ շատ զանազանեալ է հոգւոց վիճակի կամ գործոց հատուցման, եւ արքայութեան ու դժոխոց գաղափարն. եւ ըստ այսմ՝ շատ փափագելի էր գիտնալ մերայոց կարծիքն, որոյ վրայ որոշ աւանդութիւն հասած չէ մեզ, այլ նշմարք ինչ. աւելի երկուց կենաց կապին կամ կամըրջին եւ անոր երկրաւոր յիշատակարանին, այսինքն՝ մահուան, յուղարկաւորութեան եւ գերեզմանի

Գրողն եւ Առնակն յայտնեցին, որ ըստ սահմանեալ ժամանակի Ճակատագրին, ամեն մարդու կու գայ հոգեպահանջ կամ հոգեկոչ Հրեշտակն կամ Դեւն, հանել զհոգին ի մարմնոյն. հրեշտակին կոչումն արդարոց՝ կու վայլէր, որ մեղմ ըլլար եւ ըսուէր Հրաւէր: Այս բացատրութիւնս նաեւ ի քրիստոնէութեան՝ ինչուան հիմայ ի գործ ածուի մեր լեզուի մէջ, գուցէ աւելի քան առ օտարս, իսկ հասարակաց համար՝ ճակատագրին վճիռն՝ Հրաման էր, ինչպէս գուշակուի Եզնկայ վարդապետութենէն, որովք՝ «Հրամանացն եւս հարցուածք… լուծանին: Զի՞նչ Հրամանքն իցեն, եւ ուստի՞ բան Հրամանացն ընդ աշխարհ տարածեալ իցէ: Հրաման վասն մահուան՝ յաստուածատուր գիրս ոչ ուրեք գտանեմք: Ո՞ւր իցէ այն, զոր ասեն, եթէ որ ինչ ի ճակատագրին գրեալ է Հրամանացն՝ այնմ չէ հնար վրիպել… եւ ուր Հրամանքն իցեն եւ յումմէ Հրամանքն՝ ըստ այնմ եւ մեռանին, եւ վրիպել չէ հնար ի սահմանելոյ Հրամանէն»: Նոյնպէս եւ Յհ. կաթողիկոսն Մանդակունի. «Մի՛ մոլորեսցուք իբրեւ զհեթանոսսն՝ ի Բախտ եւ Ճակատագիր եւ ի Հրամանս. զի զինչ եւ հրամանքդ տարածին ընդ ամենայն երկիր եւ բանդագուշեալ խօսին սուտ, եթէ մարդ ընդ Հրամանս վարի եւ գործէ» եւ այլն: Բայց ինչպէս Հրաւէրի համար ըսինքը՝ Հրամանքն այլ գործածուած են ի քրիստոնէական գրուածս, ինչպէս նորագիւտ տապանագիր Արտաւազդայ Կամսարականի ի կողմանս Բասենոյ. «Աստուծոյ Հրամանաւք աստուածակոչ հրաժարմամբ ՝ աստ է հանգուցեալ» եւ այլն, Հրաժարումն այլ լծորդ առաջիններուն (Հրաւէրի եւ Հրամանի) ոչ օտար թուի եւ ի հեթանոս Հայոց, գուցէ եւ ոչ յիմաստէ Ֆէրուհէրի (յերես 371):

Մեռելոց պատանաց եւ յուղարկաւորութեան ծիսից կարգին այլ շատ ծանօթ չենք, բայց չեն կարծուիր շատ տարբեր ի համակրօն եւ ի մերձաւոր ազգաց, մանաւանդ, եթէ դիտենք քանի մի յիշատակուած նշմարք, ինչպէս Լալական կանայքն, որք Եղերամարք կ’ըսուին (ողբացող մարք) եւ արտասուաշարժ ձայնարկու  եւ երգեցիկ գուսանք, հանդերձ չափազանց եւ հեթանոսաց յատուկ սգոյ եւ ցաւոյ ձեւացեալ նշանօք, մազերու փետտելով, երեսնին եւ թեւերնին կծելով եւ խածնելով՝ մինչեւ արիւն կաթեցընել. սովորութիւնք, որք սպրդած են նա եւ յանզգաստ քրիստոնեայս, եւ որոց դէմ շատ հեղ գրած են Հարք մեր եւ Կանոնօք դատապարտած [1]: Աւելի պժգալի չափազանցութիւն էր կամաւոր եւ ակամայ մահ եւ սպանութիւն՝ սիրելեաց, կանանց, հարճից, ծառայից՝ թագաւորաց եւ մեծամեծաց (թող անոնց հեծած ձիերն եւ շուներն), ինչպէս յիշուի Բ Արտաշիսի համար, որոց թերեւս խեղճ եւ իրաւ ողբերը չլսելու համար՝ երաժշտաց ձայները զօրացընէին: Այդ յետին անիրաւ եւ անօգուտ սովորութենէն զատ, ողբասացք եւ գուսանք եւ երգք հանդիսականք՝ պահուած էին եւ ի քրիստոնէութեան, թագաւորաց եւ մեծամեծաց համար, ինչպէս յատուկ գրուած է (թուի ի Խորենացւոյ) Մեծին Տրդատայ համար, եւ Արծրունի մեծ իշխանաց համար՝ ի Թովմայէ Արծրունւոյ: Սըգոյ նշանաց մէջ սեւութիւնն հասարակ է գրեթէ ամենայն ազգաց, բայց սպիտակութիւն ՝ նշանաւոր է  մերազնեայց մէջ, թէ ոչ ամենուն, բայց մեծամեծաց կամ թագաւորաց եւ քահանայից համար, որոց յատուկ էր եւ սպիտակ հագնիլն. մասնաւորապէս աշխարհակալ Տիգրանայ Արշակունւոյ համար՝ իբր աչքի զարնող բան մի` յիշեն օտար հեղինակք մերձաժամանակք, իսկ արքունի եւ կրօնական հանդիսից մէջ այլ՝ ինչուան կառաց ձիերն եւ զոհելու կենդանիք պէտք էր սպիտակք ըլլային, ինչպէս Խոսրովու եւ Տրդատայ համար պատմէ Ագաթանգել. թուի, թէ անոնց արքունական եւ սրբազան աստիճանը զրկել համարուէր սգոյ սեւն. անոր համար դագաղքն եւ յուղարկաւորութեան սպասքն եւ սպասաւորք՝ սպիտակազգեստ ըլլային: Այս սովորութիւնս՝ յարքունիս Հայոց՝ ինչուան վերջին հարստութեան (Ռուբինեանց) մէջ այլ պահուած էր, եւ ինչուան վերջին թագաւորն այլ (որ ի մօրէ միայն Հայ կրնար ըսուիլ, Լեւոն Ե) սպիտակ զգեստներով եւ սպիտակազգեստ յուղարկաւորներով տարուեցաւ թաղուելու Բարիզ): Նա եւ Մաշտոցք մեր պատուիրեն վախճանեալ քահանայից սպիտակ զգեստ հագցնել եւ սպիտակօք դնել ի գերեզման:

Շատ տեսակ սովորութիւն եղած է մարդկան՝ իրենց մեռելոց մարմիններու նկատմամբ, պահելու կամ փճացընելու համար, կամ բնութեան յանձնելու, որ ինքնին պահէ կամ քակէ իրմէ ձեւացածը. ըստ առաջնոյն՝ ոմանք (Եգիպտացիք) դեղերով եւ զմռսելով ջանային անփուտ պահել մարմինները, գոնէ մեծ համարեալ մարդկան. ամենուն ծանօթ են Մումիայք. nմանք այլ (ինչպէս Պարսիկք, Հռոմայեցիք եւ այլն), կ’այրէին, եւ միայն ոսկորներն կամ մոխիրը պահէին, ուստի սովորութիւն է մեր կրօնական գրոց մէջ այլ աճիւնացեալ մարմինք ըսել, բայց մեր հեթանոս նախնեաց մէջ այլ չի յիշուիր դիականց այրումն, այլ ըստ ընդհանրական եւ բնականագոյն օրինաց՝ թաղել ի հող, կամ կէս պահպանութեամբ աւանդել ի շիրիմս, ի քարեղէն գերեզմանս զմռսելով, ինչպէս եւ ի քրիստոնէութեան կ’ընէին թագաւորաց, իշխանազանց եւ բարձր աստիճանաւոր եկեղեցականաց ինչուան հիմայ այլ կ’ընեն այսպէս եւ օտարք: Հնագոյնք՝ իրենց իշխանազունքը կամ մանաւանդ վեհազունքը` մարդկան մէջ իրենց բարձր ճանչցւելուն յարմար՝ բարձր տեղերում թաղէին կամ դնէին. Հայկայ կամար կ’ըսուի, որ Բելայ դիակն այլ դեղապատեալ ի բարձրաւանդակ տեղ թաղել տուաւ, «ի տեսիլ կանանց եւ որդւոց»: Եթէ նա կամ աւանդող պատմիչն ուրիշ դիտմամբ այլ զայս ըրած է, ինչուան հիմայ այլ գտուին թէ ի մեր, թէ օտար երկիրներ՝ լերանց եւ բլրոց վրայ գերեզմանք. եւ ոչ միայն անշէն երկրի բարձանց վրայ, այլ եւ շինուածոց, մանաւանդ լայն պարըսպաց վրայ իսկ կանգնէին գերեզմանս. ուսկից սովորութիւն է ի գիրս մեր՝ նոյն պարըսպաց բրգաձեւ եւ ուրիշ կերպ բարձր մասերն այլ՝ Մահարձան անուանել: Շատ պատճառներ կըրնան ըլլալ՝ այս կերպ բարձրադիր գերեզմանաց, գուցէ մէկն այլ Առլեզ ներու իջման դիւրութեան համար ըլլայ: Սովորութիւն էր հիներու՝ նա եւ Հողաբլուր գերեզման շինել, այսինքն՝ կամ ի գետնի թաղելով՝ վրան հող եւ քար կուտելով՝ բլրակ մի ձեւացընել, որ կ’ըսուի եւս  Թիլ, կամ բնական բլրակաց մէջ փորել եւ դնել դագաղը կամ դիակը, բայց մերազնեայց մէջ շատ յաճախեալ չերեւիր այս կերպս. եւ նոյն իսկ թագաւորք եւ իշխանազունք իրենց սեփական Գերեզմանատուն պատրաստէին, ուր՝ կամ առանձին փորուած եւ քանդակազարդ գերեզմանաց մէջ թաղուէին, կամ ի գետնի՝ քարի կամ Վիմի տակ, որ ի հարկէ Տապանաքար կոչուելի է. ըստ որում մարմինն ամփոփող խորշն՝ կամ որպիսի եւ է ընդունարանն՝ Տապան կոչուի, իբրեւ սնտուկ ինչ, ինչպէս տապանակ ն այլ նշանակէ: Բայց գուցէ Տապան ն՝ տապ բառի իմաստն այլ ունեցեր է ի սկզբան. նման Յունաց τάφος, τάφη բառից, որ նշանակէր դիականց այրման տեղը: Բայց եթէ այս չէ, աւելի հաւանական երեւի անոնց τήμβοs անունէն (յորմէ եւ լատինն Tumba, փռանկերէն Tombe) առնուած Դամբան ն, որ այնքան հասարակօրէն գործածուած է ի մեր լեզուի, մինչեւ մեռելոց վրայ ըսուած ողբն կամ խօսքն՝ դամբանական բան կոչել, ինչպէս եւ գերեզմանական: Յիշեցինք Պարսից աղանդին մէջ իրենց մեռելատեղի Դուխմայ ն. այս անունը լսեցընէ մասամբ եւ մեր Կմախք բառը, որ մեռելոց՝ մսէ զատուած մասն՝ ոսկորները կամ չորցած մարմինը նշանակէ. այսու անուամբ եւ թագաւորաց գերեզմանատեղւոյ քովի շէնքն կամ գիւղն Կամախ կոչուած է եւ կոչուի մինչեւ այսօր

Մարդիկ, (մերայնոց համար ըսեմք), գուցէ ի կենդանութեան՝ բնակարանաց այնքան զանազան անուն չեն տուած, որքան իրենց մեռելոց տեղւոյ եւ պահարանին, ասոնց ամենէն հասարակն, բայց եւ ամենէն նշանաւոր՝ շատ անգամ գրածնիս է, Գերեզման, որ թէ եւ բաւական երկար եռավանկ բառ մ’է, բայց դեռ ստուգապէս չէ բացայայտուած, բաց թողլով զծաղրական մեկնութիւնս գերէ զամէնն, գերւոյ աման ). Վանական Վ. այլ այսպէս ըսած է, բայց աւելցնելով. «Դիր միոյ կամ գերոյ աման, պարսիկ բառ է. Ներքոյ հողոյ կամ երկրի ասի Գերեզման». հին հեթանոսական գաղտնիք մի պահել կարծեցընէ: Գուցէ պատահական, բայց ոչ հեռի է յիմաստէն՝ յոյն անունն Κηρ կամ Κήρες, որ մահուան ոգիներ կամ քաջեր նշանակէր. նմանագոյն ձայնիւ` այլ հակառակ իմաստիւ՝ հին Լատինք Գերուս–մանուս Cerus manus, կոչէին զարարիչն Աստուած: Մերձաւոր է ձայնիս եւ ոչ հեռի իմաստիւ՝ զանդիկ Կորոտման ն այլ՝ զոր յիշած եմք յառաջ, եւ որ հասանելի եղած է արեւելագիտաց ոմանց: Ըստ ձայնի եւ ըստ իմաստի՝ մերձաւոր է մեր մեղմայուշիկ Քնարան անունն այլ՝ Յունաց Քենի՛րիոնի, Κενήριον, որ եւ բարդեալ ընդ տա՛փոս կ’ըսուի Κενοταφος, իբր Քնատապան: Յոյնք սովորաբար այսպիսի գերեզման կանգնէին ծովու մէջ մեռելոց, կամ որոց մարմինք կորսուած էին. եւ յարմար էր, որ գոնէ ի քուն ըլլային. քրիստոնէութիւնն սրբեր եւ ազնուացուցեր է այս անունս, մանաւանդ մեր եկեղեցւոյ լեզուաւ, որ իր հաւատացեալ մեռեալքը Ննջեցեալք եւ Հանգուցեալք կոչէ: Մէկ անծանօթ ծագմամբ բառ մ’այլ է մեր Շիրիմ ն, որ յայտնէ մեծագործ գերեզման, որ ըստ մեկնըչի բառից Փիլոնի՝ Յիշատականոց կոչի, եւ ճիշտ Monumentum, Monument ըսուածն է, բայց նոյնն կ’ըսէ եւս, թէ «Շիրիմ կոչէին նախնիքն՝ զգերեզման մերկացեալ», իսկ Մխիթար Գոշ Մեկն. Երեմիայ) «Շիրիմ՝ զայն, ասէ՝ ուր զբազում մեռեալս դնէին»: Յետին բառս կամ բայս՝ յիշեցընէ մեզ եւ զ Դիրս, որով կոչուէին հաւանօրէն եւ ի հին Հայոց, տեղիք, ուր մարմինք մեռելոց դրուին, եւ քրիստոնէութիւն կ’աւելցընէ Դիրք հանգստեան: Ռամկական, բայց աւելի պարզ եւ զգայուն է Հողվէրք կամ Հողվայրք կոչումն գերեզմանատեղեաց, յարմար թէ՛ հասարակ մարդկան առանց քարի թաղուող եւ վրան հողակոյտով ծածկուողին, եւ թէ՛ հողեղէն մարդուն՝ ի հող դառնալուն:

Հնութիւն եւ թշնամութիւն ջնջած կամ ծածկած են մեր հեթանոս հարց գերեզմանները, (երանի՜ թէ ոչ եւ hին քրիստոնեայ աւագ մարդկան), որով եւ չեմք գիտեր ստոյգ՝ ի՛նչ ձեւ, ինչ նշաններ ունէին, եւ ինչ բան մարմնոց հետ ի մէջն դրուէր, իսկ մնացեալ քրիստոնէից գերեզմանաց մէջ՝ հեթանոսութենէ մնացեալ երեւին Խոյակերպ եւ ձիակերպ գերեզմանքն յետին դարուց, զի հին թուականաւ (նախքան զ’ԺԶ դար) արձանագիրք կարդացուած չեն: Գառն ՝ նշանակ հեզութեան Քրիստոսի՝ նախ ի Մկրտչէն կոչուած Գառն Աստուծոյ, Հայոց քրիստոնեայ հարց եւ իշխանաց սիրելի նշանակ մ’էր եւ է, բայց այսու մտօք չեն Խոյակերպ գերեզմանքն. ոմանք կարծեն, թէ մեռելոյն հովուական հարստութիւնը նշանակէ, ինչպէս Ձին այլ հեծելութիւնը, սակայն կան շատ Խոյաձեւք, որոց տակ հանգչողքն՝ ո՛չ հովիւ եղած են եւ ո՛չ խոյոց եւ ոչխարաց տէր, բայց եթէ նահապետական դարուց աւանդութիւն համարել ուզուի այս ձեւս, յորմէ եւ հոյակապ ձեւն ճարտարպետութեան կամ մեծագործ շինուածոց, որ եւ Խ տառիւ գրուի Խոյակապ. առանց պատճառի մի ընտրած չեն եւ ճարտարքն Յունաց իրենց սեանց Խոյի գլուխքն, յորմէ եւ Խոյակ բառ ի մեզ. նա եւ անկերպարան սեանց (ինչպէս յոնիական ոճոյն) վերին երկու եղջերակերպ գալարեալ կողմերն եւ այլն

Ի՞նչ օրէնք, ի՞նչ պաշտօն, ի՞նչ հանդէս կատարուէր մեռելոց եւ գերեզմանաց վրայ. չկան մերոց գրուածք, ինչպէս ունին Եգիպտացիք եւ ոմանք ի հին ազգաց. հաւանական է միայն, որ աղօթք ինչ եւ զոհք կամ Մատաղք կատարուէին, ոչ միայն ի յուղարկաւորութեան, այլ եւ մեռելոց համար սահմանեալ յիշատակի կամ տօնական օրերում. Տիգրան Բ Արշակունի թագաւոր՝ իր սպանուած եղբօր Մաժան քրմապետի համար «Բագին ի վերայ գերեզմանին շինեալ, զի ի զոհիցն՝ ամենայն անցաւորք վայելեսցեն». եւ այս թուի, թէ ոչ միայն յատուկ հանդիսական, այլ եւ հասարակ օրեր, որպէս զի ամենայն անցաւոր վայելէ, իբրեւ ձրի ճաշարան կամ հիւրանոց: Երեւի թէ եւ կրակ ու ջուր այլ դնէին գերեզմանաց քով, ինչպէս հիմայ այլ ոմանք ի մերայոց՝ գերեզմանի քարին վրայ խորշեր փորել տան, իբրեւ ըմպանակ թռչնոց: Վարդան Վ. այլ Աբելի զոհին «օրինակ է, կ’ըսէ, Հուրն, որ ի վերայ գերեզմանի մեռելոյն արկանեն՝ խնկով»: Մագիստրոս այլ իր սովորական խրթնաբանութեամբ գրէ. «Ըստ յուղարկաւորութեան եւ արբանեկութեան՝ զկնի հուր ի ձեռին, եւ զ դամբանական ն քաջահնչող ձայնիւ»: Քրիստոնէական է այս հուրս, բայց Քրիստոսի վառածէն առաջ հեթանոսական կայծ մ’այլ փայլփըլայ:

Թողլով հիմայ մեռելոց արտաքին պահարանը եւ անոր քով կամ վրան կատարուածը, եթէ մէկ մ’այլ ուզենք նայիլ ոչ իրենց վրայ, այլ գոնէ իրենց յատուկ անուան, նշանաւոր է անոնց մարմնոց Դի, Դիակն կոչուիլն, միավանկ բառ մի, նման եւ ձայնիւն, եւ ոչ շատ հեռի յիմաստէ՝ Դեւ եւ Դիք բառից, որոց վրայ գրած եմք. նոյնպէս եւ երբեմն դիւցազանց համար ըսուած ի գիրս Դիք դիակունք կամ դից դիականց, եթէ արհամարհութեան համար ըսուած չէ [2]

Անցնելով եւ գերեզմանէ այնդին՝ զրադեշտական կամուրջով մի, որոյ ընդունուած ըլլալն ի Հայոց՝ հարկ է, եթէ այդ աղանդն ընդունած են, նոյնպէս այլ ընդունած կ’ըլլան հոգւոյ դատաստանը, զոր՝ Սերքոշ կ’ընէր կարճ եւ շուտ, կամ ըստ գրոց՝ Համառօտ: Այս բառս շուտ հաւանական է, որ այն հին աղանդէն փոխանցեր է՝ ի հեթանոս հարց Հայոց՝ առ քրիստոնեայ հարս մեր. ինչպէս շատք կարդացեր են յԵղիշէ մեր (Ա), «Զ համառօտ հատուցմունսն արդար դատաստանին», կամ (Գ) «Առնել համառօտս յաւիտենից ի մէջ արդարոց եւ մեղաւորաց»: Ուրիշ  մ’այլ գրած է. «Հանդերձեալ է Որդի Աստուծոյ գալ փառօք եւ առնել զ համառօտն յաւիտենից ». նոյնպէս եւ Շարականի երգածն, «Որ ի վերջնումն աւուր համառօտի »: Համառօտ դատաստանն երկար բացատրութիւն այլ չէր կըրնար ունենալ. արագ արագ կտրուած վճիռն, կամ յաջ կամ յահեակ նայել կու տայ, ի վեր կամ ի վայր, այսինքն՝ ի կայանս արդարոց, որ է ըստ մեզ՝ Արքայութիւն, կամ ի կայս մեղաւորաց, որ են Դժոխք

Այս դժնդակ անունն դժնդակագոյն իրի՝ անտարակոյս ի հեթանոսական հաւատոց Հայոց մնացեալ է, վասն զի եւ Պարսից ու մոգուց աղանդն այլ նոյն բառը կ’ըսէ, Տուզախ կամ Տիւզէխ, ﺪﻮﺯﺥ. ուրիշ կերպով՝ Ճուճաղխք այլ կոչուած է առ մեզ, ինչպէս նշանակեն հին բառգիրք մեր: Ըստ անուանն հետեւի, որ դժոխոց նկարագիրն եւ դատապարտելոց պատժոյ ժամանակն այլ՝ նոյն զանդիկ եւ պարսիկ աղանդոյ համեմատ ըլլայ: Նոյն հին բառգիրք մեր՝ Տխուրք եւս անուանեն զդժոխս, որոյ իմաստն յայտնի է եւ շատ յարմար, հակառակ ուրախութեան եւ զուարթութեան, կամ լուսոյ, այսինքն՝ մութ եւ խաւար: Մթութեան վրայ յատուկ աւանդութիւն մի չկայ առ մեզ, կամ ինձ անծանօթ է, բայց նշանական կամ զարմանալի է, որ մինչ Մութ բառն յատուկ է մեր լեզուիս, օտարաց մէջ (կարծեմ Ասորւոց) նոյն բառն Մութ (Mouth գրեալ յԵւրոպացւոց) նշանակէ չաստուած մեռելոց: Դժոխոց ուրիշ անուանքն, որ ի գիրս մեր՝ եկամուտ են, Գեհեան ն, յԵբրայեցւոց (թուրք. Ճէհէննէմ ), եւ Տարտարոսն ի Յունաց: Իսկ ուկի՞ց Սանդար ն, յորմէ Սանդարամետք եւ Սանդարապետք, զորս ի կարգի չար ոգւոց յիշած եմք. անոնց հետ եւ Շահապետ ն, որ թէ եւ այլ եւ այլ իրաց վրայ կ’ըսուի, բայց յատկապէս այլ Շահապետ դժոխոց կոչուի, այս ահաւոր տեղւոյն ոստիկանն կամ իշխանն

Ըստ ամենայն ազգաց հեթանոսական ապշութեան՝ աւելի չարեաց եւ դժոխոց վրայ զրոյց եւ հաւատք կայ, քան բարւոյն եւ Արքայութեան. սա եւ Դրախտ բառն, որ հիմա մեզ երջանկութեան կայանքը նշանակեն, քրիստոնէութեան բերք են. մեր նախնի դիցակրօն հարք արդեօք Պարսից նման Ահուվահիսդա կամ Վեհէշտէ՛մ անուամբ կոչէին, չէ յայտ, այլ հաւանական է, թէ Անոյշք այլ կոչէին, որ գուշակուի Եզնըկայ ըսածէն. «Կէսն ի փառս եւ կէսն յանարգանս. եւ մի թերին յ Անոյշս եւ միւս թերին ի դժոխս»: Ի Քրոնիկոնի Եւսեբեայ այլ կ’ըսուի վասն նախահօրն, «ՅԱնուշից եւ ի բազմերան կենացն տարագիր գտանէր» [3]



[1] Քննելի է Յովհ. Գառնեցւոյ խրատն. «Մի՛ տայցես թոյլ՝ առնել ի վերայ մեռելին Կոծ եւ Կապայտ, եւ Կտուրս հերաց եւ Աւճիրս»:

[2] ըր Կնայ դիտուիլ, որ դի՝ իբրեւ մարմին մեռ ելոյ՝ չունի բնական յոգնակի, այլ նոյնանի Դիակն = Դիակունք:

[3] Մեր Յաճախապատում հին գրոց մէջ այլ, որ Լուսաւորչի կ’ընծայուի սովորաբար, արքայութեան վայելքն ստէպ կոչուին Անուշակ փառք, Անուշակ պարգեւք եւ այլն: Ակնարկելով եւ առ դրացի մեր Պարսից աղանդն, ոչ միայն զզուարճութիւն ու լաւութիւն միանգամայն կոչէ Էնուշէ ﺍﻧﻮﺷﮫ, այլ եւ Աստուծոյ ընծայած անուանց մէկն է Անուշակ: