Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Բ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ  (1820-1901) 

Համապատկերին առաջին հատորը, ընդհանրութեանց հանդէս, իր արդարացումը կը կարծէ գտնել գործերէ աւելի՝ մարդերու արժեւորմամբ մը։ Այդ հատորին մէջ մեծ անուններ, ծանր կամքեր, հաստատ առաջադրութիւններ, գրականութիւն մը սնուցանող ուրիշ բարեխառնութիւններ բաւ կը նկատեմ վատնուած էջերը գնելու: Համապատկերին Բ. հատորովը կը սկսի արեւմտահայ գրականութիւնը, այսինքն մարդերէ ահռելի գործերու ճնշումը

 

Չենք գիտեր թէ Ալիշան անունին տակ մեր զետեղած փառքը, գեղեցկութիւնը, հպարտութիւնը ի՞նչ կերպարանքով պիտի մատուցուէին մեր ընկալչութեան եթէ երբեք Ս. Ղազարու մենաստանին, տպարանին ու դպրոցին տեղ այդ աբբան ըլլար կանչուած Պոլիս, գործելու առնվազն կաթողիկէ հայերու հասարակութեան մը մէջ, ինչպէս ըրին այդ սխրագին պարտքը Ծերենց, Պէշիկթաշլեան, այնքան օգուտով ու երախտիքով։ Բագրատունին, մեծահարուստ տուներու երէց, նման ասպարէզէ մը գիտենք թէ ի՛նչ է կտակած մեր գրականութեան։ Անծանօթ ենք այդ աբբային հանրային գործունէութեան եւ Ալիշան Պոլիսին կը կապուի հոն ծնած ըլլալու պատահական փաստով մը։ Անիկա ապրած է հայոց պատմութեան եւ ... Վենետիկի մէջ միայն։ Արեւմտահայ գրականութիւնը մենաշնորհը չէ անշուշտ Պօլիսին եւ Ալիշանի գրականութիւնը հազիւ թէ կը պատկանի այդ Պոլիսին։ Չեմ կրնար մտածումը ընդարձակել, այդ աբբային գրական վաստակը սեպհականութիւնը դարձնելու համար հայոց ժողովուրդին, թէեւ մեր նոր գրականութեանց (զոյգ) մէջ այդ վաստակը ամենէն աւելի մօտիկն ըլլայ նման դերի մը։ Գրականութիւն մը միշտ ժողովուրդ մըն է: Ու գաղտնիք չէ որ այդ ժողովուրդը կը պակսի Ալիշանի գործին, ինչպէս այդ ժողովուրդը գրեթէ պակսած է մեր հին մատենագրութեան։ Կրօնական նկարագիր մը ո՞րչափով կը մնայ պատասխանատուն սա աղէտին։ Տեղը չէ բանավէճին

Անառարկելի իրողութիւններ կան։ Ատո՛նցմէ` ապահովաբար վկայութի՛ւնը, որուն համեմատ մօտաւորապէս երեք քառորդ դար (իր մահէն վերջ դեռ քառորդ դար մը անոր համբաւը պիտի պահէ ինքզինքը անթառամ) հայ գրականութեան արեւելահայ ինչպէս արեւմտահայ վերեւ անիկա. տիրական անուն մը եղաւ, շքեղ, սխրալի խորհրդանշան մը, նորասկիզբ մեր իմացական ու գրական գիտակցութեան ամենէն մաքուր բանուորը, հաղորդ մեր ազգային էական ձգտումներուն, ինչպէս յայտնուեր էին ասոնք մեր պատմութիւնն ի վար, մեր Մատենագիրներուն «երիցս սրբացեալ» էջերէն հոգեշունչ ու ծիրանեզարդ գեղեցկութիւններ իբրեւ։ Զգա՞ց անիկա, նոյն պայծառութեամբ որ կասկածէ դուրս է երբ Ալիշան կը թափառի հայոց աշխարհին, պատմութեան, մռայլութեանց ծոցին, մի՜ւս ալ իրականութիւնը, որ կերպարանք կ՚առնէ մեր ռոմանթիզմին խակութիւններէն, թատրոնէն, երգասացութենէն ու 1880ին կ՚ըլլայ նոյնքան տիրական յաճախանքը համահայութեան, - մեր նոր երազին շքեղանքն ու տրտմութիւնները։ Չունիմ պատճառ իր տիպարին ետին տեսնելու ապազգայնացած կրօնաւորը որ կը գործէ աչքերուս տակ, կաթոլիկութիւնը իբր միջոց գործածող որպէսզի սփիւռքի արմատախիլ մարդոց մէջ քանդուի մեր ժողովուրդին հունտը, հոգեկան աւիշը չորնայ երբ այդ չորնալիք աբբաները կ՚արգիլեն մեր տղոց խօսիլ իրենց պապերուն լեզուն, արտօնելով, յանձնարարելով, պարտադրելով նոյնիսկ… թրքերէնը։ 

Ալիշան մեր պատմութեան դիւաններէն հանեց շքախումբը զմայլելի անձնաւորութեանց, - սրբուհիներ ու սուրբեր, հերոսներ ու նահատակներ, հայրապետներ ու մատենագիրներ, բանաստեղծներ ու պարզ ալ մարդ էր, բոլորին ետին ալ գտնել հաւատալով ինչ որ իր աբբայի հոգեխառնութիւնը ըրաւ այնքան իրաւ, սրտառուչ։ Պատմիչը այդ անունին համար գործածուած, կը ստանալ առանձին իմաստ, կերպով մը թելադրող լատինական հասկացողութիւնը որ Ֆիտոս Լիվիոսի մը, Տակիտոսի մը գործերը կը համաձուլէ կայսերապաշտ հոգեբանութեան մը, Ալիշանին մօտ վերածելի՝ հայապաշտ, հայրենապաշտ առքի մը (extase)։ Ալիշանի գործին տիրական մթերքը, ինչպէս տիրական նկարագիրը մենք կը հաստատենք իր պատմական կառոյցներուն վրայ։ Ու պէտք է ճշդել սա տրտում ալ ճշմարտութիւնը որուն համեմատ քսաներորդ դարուն պատմութիւնը գրելէ ազատագրած է ինքզինքը… գրականութենէն։ Աւելի անդին ես կ՚ենթարկեմ լայն վերլուծման Ալիշանի պատմական վարկը, դերը։ 

Բայց Ալիշան արեւմտահայ գրականութեան մէջ որակուած է մեծ, անհուն ՔԵՐԹՈՂ (մի մոռնաք եզակին որով պատուած են Բագրատունին, անզուգականը որով պսակազարդ իր ասպարէզը փակեց Տիկին Զապէլ Ասատուր), որակում այնքան խնդրական մեր օրերու ճաշակներուն համար: Անշուշտ իրմով չի սկսիր աշխարհաբար ճշմարիտ քերթողութիւնը որ կայ շատ կանուխ դարերէն։ Բայց Հայրունին (Նուագք) ստեղծած խանդավառութիւնը վարակած է ոչ միայն Զարթօնքի Սերունդին մեծ աշխատաւորները, այլեւ այն օրերու մեր հասարակութեան աւելի խոնարհ տարրերը։ Տասնամեայ մանուկ՝ ես պոռացեր եմ Բա՜մ, Փորոթանին հսկայական աղմուկը, ոտքերս զարնելով գերեզմանի քարերուն, անոնց տակէն կանչելու չափ միամիտ մեր մեռելները։ Ու իմ այդ շրջանին հայոց քայլերգը վտարուած էր գիւղէ, գերեզմանատուն ապաստանելու, լսող ականջներէ վախուն։

Վիպող, որ ունի Ալիշանի համար մասնակի նկարագիր է Յուշիկք Հայրենեաց Հայոցը սրտառուչ գիրքի մը անունը չէ միայն, այլեւ կեանքը տեսնելու կերպէ մը որոշ վկայութիւն։ Ոգին որով ոտքի ելաւ Այրարատը, Uիսուանը, Սիսականը, Հայապատումը, հաղորդ անշուշտ մեր պատմութեան լայն ապրումներուն, քիչ կը տարբերի Յուշիկներ ու նախնական, բացսիրտ ջերմութենէն։ Վերջինները (Այրարատ, եւ այլն) գործեր են որոնք կը ձգտին այլեւս կերպարանք առած այնպէս կը հաստատեն Մխիթարեանները 1880ին հայոց պատմութիւնը սեպհականութիւնը ընել հասարակութեան, պատմական հաւատարմութեան հանդէպ սրբախիղճ յարգանքով, մեր օրերու յատուկ բանաստեղծական որոշ ալ բարեխառնութեամբ մը մթնոլորտուած։ Այդ շատ ընդարձակ, մանրակրկիտ յօրինումներուն մէջ հայոց աշխարհը, իբրեւ ֆիզիք կենդանագիր, հայոց բարքերը իբրեւ նախանիւթ, աւերակները իբրեւ սրբատեղի, այդ ժողովուրդին արդի սուգը ինչպէս անոր համապարփակ ու դեռ գետին չինկած շքեղ առաքինութիւնները հանդէս կուգան սրտառուչ, միամիտ ու նախնական արուեստի մը ընդմէջէն։ Յուշիկները իբրեւ վէպ վրիպանք, լայնօրէն կը գնէ իր տկարութիւնները ձգտումին սա մեծ վայելուչ գեղեցկութեանը փաստովը։ 

Հաւաքիչ, հայ անունին ու յղացքին հետ մօտէն ու հեռուէն, տարտամ կամ զօրաւոր աղերս մը ընծայող ամէն փշրանքներու, թուղթերէ ինչպէս հողերու ծոցը, քարերու երեսին, մեր ինչպէս օտարներու մօտ։ Անիկա առաջինը չէ անշուշտ այո առաքելութեան մէջ այդ նախնիքները փրկելու հերոսութեան: Բայց ան է որ ծրագրած է այդ բազմապահանջ, դժուար, շատ ընդարձակ գործունէութիւնը կազմակերպել հաստատ սահմաններու համար ու ներսը, ու ոտքի նետել հայագիտութեան, նոր բառով մը` հայրենագիտութեան անդրանիկ, իրաւ, պարկեշտ հանրագիտարանը, անձանձիր նուիրուիլ աշխատանքի, սպառիչ բայց անսպառ հետապնդման մը անխորտակելի խորհրդանշանը ինչպէս, նման մեղուին որ կ՚աշխատի, ասկէ դուրս քիչ բանի ընդունակ։ Հաւաքչական սա աշխատանքը Ալիշանի անձը թերեւս սրբագործող գերագոյն ազդակն է ցարդ, նոյնիսկ այն պարագային երբ արդիւնքին մէկ կարեւոր մասը դադրած է ներքին իր հուրքէն։ Անտիպները, որոնց յիշատակութիւնը կ՚ընէ Հ. Արսէն Ղազիկեան իր Մատենագիտութիւն հատորին մէջ, հզօր յուզումքով կը համակեն մեզ։ Անունի մը ստուգումը երբեմն օր, երբեմն ամիս, երբեմն ճամբորդութիւն կ՚արժէր Ալիշանին։ Ան իր աչքերը վրայ է տուած այդ զարհուրելի բռնավաստակին մէջ։ Ձեռագիրը աչքին լոյսը կ՚ուտէ, կ՚ըսեն, եւ իրավունք ունին։ 

Գիտուն մը, եթէ բառը չէք գտներ շատ մասնաւորեալ, ձեր ըմբռնումին մէջ շատ յստակ տեղով մը ու դերով մը։ Բայց մի մոռնաք որ քանի մը հազար տարիներ անիկա կը տարազէր իմացական հետաքրքրութիւնը, ամէն ուղղութիւններու վրայ։ Ալիշան իւմանիսթ մըն է, առանց առարկութեան։ Բայց ի՞նչպէս արժեւորել իր վաստակին մէջ Հայ Բուսակը, որ հակառակ իր մասնակի վրիպանքին, պարկեշտ փորձ մըն է մեր երկրին Փլորան (ինչպէս կ՚ըսեն) դասաւորելու, Հին Հաւատք Հայոցը որ ծանրագոյն պրպտումներէ կախեալ ու շատ ընդարձակ ամբարումներու հպատակ ձեռնարկ մըն է։ Մարդիկ, ընդհանրապէս Մխիթարեան դատողներ, կը ջանան սա տարածուն գործունէութիւնները տեսնել լոյսին տակը համայնագիտական կրթանքներու: Ամէն վանական, ըստ տեսութեան, պէտք է գիտնայ քիչ մը ամէն բան։ Եթէ տեսութիւնը կը բացատրէ միջակութիւնը, օրինակի մը համար, Հայր Ս. Երեմեանի մը որ տարվինականութեան վրայ գիրք մը ու հին հայերու կեանքէն ողբերգութիւն մը գրելը կը դիմաւորէ մէկ ու նոյն երջանիկ, անծակ միամտութեամբ մը, անգիտութեամբ մը, չի բացատրեր մեծ փառքերը շքեղ աբբաներուն որոնք Մխիթարի միաբանութեան հռչակը կը պահպանեն անթառամ, ահա կայ երկու հարիւր տարի։ Գիտունի գործ մըն է անտարակոյս Ալիշանի, Աշխարհագրութիւնը, տիեզերական, ինչպէս պարտաւոր են ըլլալ քիչ մը մեր մատենագիրներուն ամէն  ձեռնարկները։ Մեր երկրին կմախքը, ծածկոյթը, բարեխառնութիւնը ու բնագիտական ուրիշ հանգամանքները մտասեւեռում էր իր մօտ։ Ահա թէ ինչու Սիսուանը պատմութիւն ըլլալուն չափովը բուսաբանութիւն է, կենդանաբանութիւն, երկրաբանութիւն, ցեղագրութիւն։ 

Ու կան, սա աբբային մօտ ուրիշ անտարազելի հետաքրքրութիւններ, հնեաբանական, բանասիրական, վիճակագրական, տպագրական անոր աշխատանքները, այս սեռերէն պարտադրուած անհուն վաստակին, սպառման փաստերուն հակառակ, գրականութեան հետ շատ թեթեւ աղերս մը միայն պարզող ու ատով դուրս իմ նկատառումէն, բայց որոնք կը մնան իր դէմքին համար շնորհալի գծիկներ: Այս ընդունակութիւններով, իմացական ախորժակներով, լայն ձգտումներով նպաստաւորուած [1], Հ. Ղեւոնդ Ալիշան մեզի ձգած է մեծ ատարած գործ մը, սազ մերես, բազմազան, ուր խորունկ ձգտումներ, ազնուագոյն կիրքեր ու մեծ երազներ կ՚ապրին քով քովի, եւ ուր զգայ նութեան որոշ քանակ մը, իր թարմութեան օրերուն ընդարձակ բարիք մըն էր այդ գործին թափանցումին, լայն խաւերէ ներս: Իրմէն տպուածը կը լեցնէ միջակ մեծութեամբ մատենադարան մը: Իրմէն անտիպները եթէ ոչ իբրեւ թիւ, գէթ իբր ծաւալ կը մնան հաւասար տպեալին։ Ծաւալի սա հարցը, Ալիշանի հետ, պատկառանքին չափ կ՚ազդէ սարսափ։ 

Եթէ ուզէինք քանի մը շատ ընդհանուր ուղղութիւններ զատորոշել այդ գործին ներսը, դժուարութեան մէջ պիտի չըլլայինք առաջարկելով սա կարգի ընդհանրացումներ։ 

Ալիշանի ամբողջ վաստակը կնիքին տակն է

ա) զօրաւոր, խորունկ, անսրբագրելի հայրենասիրութեան  մը

բ) նոյնքան զօրաւոր, խորունկ, բացարձակ հաւատքի մը.

գ) նոյնքան զօրաւոր ու բացարձակ օգտապաշտութեան մը։ 

 

Ասոնք այնքան խիտ, իբրեւ տարազ, իրենց անվրէպ ներկայութեամբը այդ աբբայէն ստորագրուած ամէն էջի մէջ, անբաւարար վերացումներ կը թուին երբ գործը ուզենք en bloc արժեւորել։ Մխիթարեանները հպարտ էին իրենց ժողովուրդին լեզուովը, անցեալովը։ Բագրատունիին Հայկ Դիւցազնը այդ լեզուին ընդունակութիւնները փառերգող գործ մըն է: Մեր ժողովուրդին վերագի՛ւտը։ Ալիշան ունեցա՞ծ է երազներ այդ ժողովուրդին մերձաւոր ապագայէն, ճակատագրէն ալ, տրտում, դժուար, փշուր երազներ, երբ նկատի առնենք իր կրօնականի հանգամանքը։ Չեմ երթար առաջ Բա՜մ, Փորոտանը յօրինող ոգին նոյնացնել ոգիին հետ այն միւս երգերուն որոնք օր մը (երբ Ալիշան այլեւս շիջելափառ յիշատակ մըն է, հայ երիտասարդութեան իմացական հորիզոնին վերեւ խաւարելու վրայ լուսին մը) պիտի անցնէին մեր հոգիներէն, մեզ կանչելու համար այնքան ծանր կսկիծներու, կրակներու: «Ազգային քայլերգ»ին համար սրտառուչ է աբբային տագնապը, թափուած արիւնին մէջ դեր մը վերագրելէն ծնունդ առած այդ երգին։ Յեղափոխականի մը ոգին դժուար պիտի հաշտուէր խաղաղանիստ կղզեակին մտայնութեանը հետ։ Միւս կողմէն փաստ է որ կանխող դարու կէսերէն վերջ, արեւմտահայ իմացական ընտրանին Ալիշանի գործերուն ընթերցումը կը վերածէր, անզգալաբար, հայրենասիրական պարտքի մը։ Այս վերաբերմունքը, նոյնութեամբ, արեւելահայ մտաւորականութեան համար։ Չեմ ըսեր թէ արեւելահայ Զարթօնքը ծանր պարտքեր ըլլայ ունեցած Վենետիկին։ Բայց Գամառ–Քաթիպայի գործին տարբաղադրութիւնն ալ այսօր մեզի կուտայ վերի տարազներուն շատ մօտիկ տուեալներ: Ռաֆֆի, Պէշիկթաշլեան, Նար–Պէյ չեն գար անշուշտ ամբողջութեամբ Ալիշանէն։ Բայց՝ մեր գրականութեան արշալոյսին այդ փառքը եղած է տպաւորիչ։ Հայկ Դիւցազնը հիացում արժեց բայց չկարդացուեցաւ: Յուշիկք Հայրենեաց Հայոցը արցունքներով իջաւ մեր ընտրանիին սիրտերը մինչեւ։ Պլպուլն Աւարայրի միայն քերթուածի մը վերնագիրը չէ, այլ վաթսունական թուականներուն մեր հոգետունին ամենէն քաղցր, մռայլ ապրումներուն մանկունակ կերպարանքը։ Կան այս մարդերը որոնք, առանց գիտնալու հաւանաբար, իրենց ներշնչումները կ՚առնեն հասարակաց յատակէ մը, գրեթէ անաղարտ պահելով զանոնք։ Ալիշանի Հայրունին ինչպէս Նար–Պէյի Uտուերք Հայկականքը մեր բանաստեղծութեան մէջ գիրքեր ըլլալէ առաջ, ոգիի մը արձագանգն են։ Ու այդ ոգիին արտահանումը եթէ կը ներուի  բառը բաւ է երբեմն աղբիւրն ալ ազնուագրելու: Ալիշան իր գործէն աւելի իր այդ ոգիով է որ մնաց անաղարտ երբ իր գործը արդէն ինկած էր փոշիի տակ։ Ուշագրաւ է որ այս դարու սկիզբները մեր մեծ պարսաւագիրներէն մէկը որ ուրիշները կործանելու մէջ ախոյեանութիւնը պահեց մօտ քառորդ մը դար, Սուրէն Պարթեւեան, Ալիշանի անունը ըլլայ վերածած սրբութեան պատգամի մը։ Ասիկա աւելի քան փաստ մըն է թէ ինչ է եղած ազդեցութեան ծիրը, խորութիւնը սա կախարդ աբբային։ 

 

Միւս կողմէ, Պարթեւեանի օրերէն մօտ կէս դար վերջը, երբ կրկին ձեռք կ՚առնենք իր վաստակը, վճռական կշիռի մը համար, տխուր ենք, ստիպուած ըլլալով լսելու թէ կ՚այցուինք այլապէս հակամարտ, գրել է նսեմ տպաւորութիւններէ։ Այս կորանքը, մեր ներսէն շատ յստակ ձայնի մը պէս, մեզ կը մղէ երբեմն աժան, երբեմն անարժան դատումներու։ Տրտմութի՛ւնը բոլոր շիրմաստաններուն։ Բայց գեղեցկութի՜ւնը հազուադէպ դամբարաններուն։ Երկուքն ալ իրաւ, մարդկային։ Ալիշանին գործին հետ չենք կրնար չողբալ լայն տուրքերու ապարդիւն վատնուիլը։ Կը տառապինք անբաւարարութեամբը, անխնամութեամբը, անմշակութեամբը իբրեւ գրական կառոյց՝ օրինակի համար Յուշիկներուն որոնք մեր ժողովուրդի զգայնութեան խորը փոխադրուիլ փորձուած անդրատնկումներ են ու մեզ կը մղեն առնուազն սրտառուչ երազանքի, այդ մարդոց առիթով մեզի՝ մատուցուած ապրումներուն բաժինէն։ Նորոգուա՞ծ, այդ անձնաւորութիւններով մեր պատմական զգայարանքը։ Ո՛չ անշուշտ։ Բայց կը յիշենք հոս որ զայն կարդացողները, սա օրերուն յիսուն–վաթսուն տարի առաջ կը յուզէին իրենց անդրանիկ յուզումներով, ուր ազգային գիտակցութեան կայծերը բաբախէին…: Անշուշտ կայ գաղտնիք, որ այդ անուշիկ ապրումները այդպէս տարօրէն արագ հինցուց, մինչ այդ դրուագներուն սկզբնատիպ շեղումները, մեր պատմիչներէն, այսօր բիւրեղացած գեղեցկութեան մը պէս կը պարտադրեն իրենք զիրենք: Կարդացէք Օրբէլեանի գիրքէն Ստեփանոս Սիւնեցիի տռաման որպէսզի փոխադրուիք հնգամատեանի անմահ պատմումներու աշխարհին։ Յետոյ, աչքէ անցուցէք նոյն նիւթը Յուշիկներուն մէջ։ Տարբերութի՞ւնը։ Ա՜ն, որ Ալիշան գրականութիւն ընելու հաստատ օրէնքներ, վարժութիւններ կը գործադրէր հոն ուր ամենէն աւելի` անպէտք են ասոնք։ Չենք կրնար չափսոսալ հարիւրաւոր քերթուածները որոնցմով յօրինուած են Նուագքին հինգ  հատորները, գտնելնուս համար անոնց մէջ ամենէն աւելի` բառ, ձեւ, քերականական փառասիրութիւն, գրաբար տաղաչափումին հեշտախտը, երբ իր նիւթերը ամենէն խորունկ ապրումները տուեր էին ամէն ժամանակներու մեծահռչակ քերթողներուն։ Այսօր, ներքին վերակազմումը այդ քսանամենի երիտասարդին մեզի կ՚ընծայէ ամէն երաշխիք որ անկէ արտասանուած ամէն աղօթք ոտանաւոր գինն է հարազատ յուզման։ Եւ սակայն կը ղրկեմ ձեզ Մաղթանքին (Նուագք) որպէսզի համոզուիք ճիշդ հակառակին։ Նոյն այդ վերակազմումը այդ քսանամենիէն դէպի չափահասը, մեզի կը բերէ ներքին տռաման ամէն հայու որ գիտակցութեան անդրանիկ սահմաններէն սկսեալ պիտի տառապի կսկիծը, Նիւթական, կպչուն, վէրքի մը պէս, հոգիին վրայ պալարուն, գերի իր հայրենիքին, անոր միթ դարձած հրապոյրները զգալու մէջ գտնելով անորակելի դիւրազգածութիւն, անոր անմահ հէքեաթը քակելով իր խանձարուրէն, իբրեւ անսպառ շամանդաղում, հիւսելով այդ փոշիներով իր դժոխքը, դրախտը, սա աշխարհի երեսին, ամէն րոպէ հարցնելով ճակատագրին լուռ նայուած մը որ անշուշտ կը տեսնէ իր կարգադրութեամբ կատարուածը այդ ժողովուրդին վրայ։ Հայոց հայրենիքը, հայոց ժողովուրդը 1850ին, ոչ միայն պատմական հետաքրքրութիւն է հակումներով իւմանիսթ, այլեւ կենցաղով ալ խորհրդածման մղուած աբբաներուն հոգեդաշտին, այլեւ է խռովայոյզ, բազմամբոխ բանաստեղծութիւն, որ կարգ մը յիշատակները կը զատէ մեր ներսը, ատեն եւ կարելիութիւն չձգելով որ ասոնք նստին, բիւրեղանան, պաղին քիչ մը: Ամէն գիշեր իր բարձին տակ այդ հայրենիքը զգացող (հողին տոպրա՜կը աւանդութեան, հայրենիքէն բերուած) այդ միտքը, ամէն ցերեկ այդ հայրենիքին մէկ փշուրը, մէկ փառքը, մէկ ողբերգութիւնը պիտի ունենար ուրիշներու հաղորդելու, իբրեւ ուսուցիչ ու գրող։ Ալիշան երգեց անշուշտ հին, շատ հին, պատմական, իր նմանը գրեթէ չունեցող ժողովուրդի մը երազանքը, լալիքն ու հառաչանքը, ու կը հաւատար թէ կ՚ըներ իր պարտքը։ Յատակ, խո՛րք, աւելի քան ամուր, իրաւ։ Ինչ տրտմութիւն սակայն որ այսքան ամուր գետնի մը վրայ անոր կառուցած քերթողական շէնքը - ուրիշներ ըսին` ապարանքը այսօր մեզ տպաւորէ անայց՝ տաճար մը ինչպէս։ 1880ին Սիսուանը փառք մըն էր: 1940ի՞ն։ 1870ին Բա՞մ, Փորոտանը ազգային յաղթանակ մը: 1950ի՞ն։ Ու ինչպէս որ Սիսուանը կ՚իյնայ մեր ձեռքէն, առանց մեր ուզելուն, Նուագք շարքէն մենք չենք կրնար քերթուած մը աւարտել ընդդէմ բոլոր բարեացակամութեան։ Ասոնք հոս ըսելը տրտմութիւն է անշուշտ։ Վճի՞ռ մը։ Գուցէ։ Սփիւռքը փակուած է մեր անցեալին այդ կերպ մատուցումին համար միանգամ ընդ միշտ։ Սփիւռքը մարդու մը հոգին ձայնը պիտի ուզէր քիչ գործիքով - բառե՛րը ու պիտի գոհանար կիսաշունչ հեծքերով։ Եւայի Հարսանիքը ածականներու ջրվէժ մըն է, ըլլալու տեղ կեանք։ Երիտասարդութենէն ու քիչ շատ լուրջ ընթերցող հասարակութենէն դուրս գիտունները, պատմիչները, իրենց ժողովուրդին անցեալին հետախոյզ պիօներները դարձեալ պիտի մնան անտարբեր այդ քերթողութեան ու այդ հաւաքումներուն հանդէպ։ Ու կ՚աւելցնեմ, աւելի յստակ ըլլալու փափաքով թէ այդ հատորները որոնք լայն չափով հայ ժողովուրդին անցեալը, քիչ չափով` ներկան, հողն ու հոգին, ունին իրենց ներշնչարան, մեզ կը տպաւորեն հիմա՝ ոչ-կենդանի յիշատակարան մը իբրեւ: Ժամանակը թող չմիջամտէ ձեր աժան ներողամտութեամբը, պաշտպանելու համար սա կորանքը։ Անշուշտ պիտի չուզէինք որ Հին Հաւատք Հայոցը գրուած չըլլար, բայց պիտի ուզէինք որ ըլլար գրուած ոչ թէ տասնըութերորդ դարու մեթոտներով, այլ այն մտահոգութեամբ որ կը գործէ ֆոլք-լորի մեծ գիտութեան ներսը։ Չեմ երթար առաջ Ալիշանի գործը ամբողջական վրիպանք մը յայտարարելու: Բայց չեմ ալ միամիտ զայն գրական գործ մը դաւանելու: Ծանօթութիւններ, թիւ, թուական, անուններ, դէպքեր, այո՛, կը մնան արձանագրուած այդ կաշեպատ կողքերով ծանր շտեմարաններուն ներսը որոնց զլացուած է սակայն բախտը մեզ կարենալ թելադրելու կեանքին սարսուռը, արուեստի գործը գիտական մթերումէն զանազանող կենդանի վկայութիւնը։ Յետոյ, Ալիշանի պատմական վաստակը չէ ունեցած յառաջատու (progressif) նկարագիր. չէ լուսաւորած մթամած կենսամասեր մեր պատմութենէն, չէ գտած մեր կեանքին բաւիղները հանող նոր ակօսներ, ինչպէս չէ պաշտպանուած բանաստեղծական այսինքն` միշտ կենդանի, ներկայացուցչական, տիպարային անձնաւորութեանց հարազատ բարիքով մը։ Գիտենք թէ կան այդ մարդերը, ինչպէս կան անոնց անուններուն նշանները գիրերը քարին վրայ որուն տակ կը քնանան, էջին վրայ ուր ինկած են սեւեռման իրենց արարքները։ Ու վերջացնելու համար սա արագ յեռումը այդ գործին նկարագիրներուն, կը ճշդեմ դարձեալ անոր հաւաքչական, մասնագիտական, հնախուզական, արձանագրական աշխատանքներուն ալ տարողութիւնը որ մնացած է համեստ գրուածին ենթակայ, ինքնեկ կնիքի մը զուրկ (որ հոս կը նշանակէ յաւելման, նորոգման պակաս)։ 

Վերի տողերը յստա՞կ են բաւական, որպէսզի ձեր մտքին մէջ յօրինուի իրաւ վիճակը վարանքին որ գրողինն է ամէն անգամ երբ անիկա շփման կուգայ շփացուած վարկին, պարկեշտ աշխատանքին, հաւատաւոր խանդին բայց անբաւարար, աննորոգ արդիւնքներու հետ, ինչպես է իրաւ, ուշագրաւ կերպով մը, պարագան Ալիշան անունին։ Հիացումը, արժեզրկումը, քով քովի, նոյն մարդուն համար, գրականութեանց պատմութեան մէջ յաճախեալ իրողութիւններ չեն։ Ամէն համբաւ բան մը կ՚ապացուցնէ, նախքան փոշիանալը։ Անկէ՞ վերջ։— Ա՜ն որ Ալիշանի անձը արեւմտահայ գրականութեան Համապատկերին որ գրաւէ իրեն յատուկ տեղ մը, եթէ ոչ առաջնակարգ գէթ բոլորովին տարբեր անկէ զոր օրինակի մը համար առաւ Ալիշանին չափ թուղթ սեւցուցած ուրիշ գրչի վաստակաւոր մը, Տէրոյենց։ Այս տարբերութիւնը կը լեցուի գրականութեամբ։ 



[1]       Մեր գրականութեան (նորը) մէջ արհամարհելի չէ երբեք եկեղեցական աշխատաւորներուն տեղը: Բայց այս ասպարէզը ԺԹ. դարուն ոչ ոքի համար ընծայեց անհրաժեշտ դիւրութիւններ վանական կարելի խաղաղութեամբ մթնոլորտ մը, մշակոյթի կեդրոններուն մօտ ըլլալու, անոնցմէ օգտուելու պատեհութիւնները, Զարթօնքի հանգանակին կարգ մը յօդուածները այն առատութեամբ, մշտականութեամբ որքան ատիկա կը հաստատենք Ալիշանի մօտ։ Անշուշտ մոռնալու չէք էականը, տաղանդը, որ երբեմն կը ծառայէ նման զարտուղումներ բացատրելու։