Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Հիմա, կարդալէ վերջ այս ամէնը, դուք կը հրաւիրուիք մոռնալ, մոռնալ կանխող էջերը, պանի մը համար. մոռնալ դարձեալ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի անձին ու գործին նուիրուած այնքան առատ յուշագրութիւնը, ուսումնասիրութիւնները, գիրքերը։ Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր այդ ամէնը ուրանալ։ Ունիմ իմ ըսելիքը։ Տակաւին կը հրաւիրուիք պարպել ձեր միտքը ազգային, պատմական, գրա–քննադատական, անէքտոթիք աս ու ան նախակաղապար, նոյնիսկ ոսկեմատեան արձանագրուած վկայութիւններէ, ընել մէկդի մանաւանդ գրական վերլուծում որակուած բաջաղանքին անդիմադրելի հմայքը երբ կը ջանաք բառերու կշիռ մը գործածել հոն ուր կեանքին թափանցումը, վերարտադրումը անհրաժեշտ պիտի գար։ Տրամադրել ձեր ազատ, կոյս ընկալչութիւնը գալիք տողերուն, միշտ անկախաբար գրողին անձին, համբաւին շուրջ ձեր կազմած լաւ կամ վատ ձեր նախատրամադրութենէն։

Այս ամէնը` որպէսզի ձեր այդպէս պարպուած մտքին մէջ շինէք ձեր կրցածին չափ

ա) - կախարդական քաղաք մը, Եղիային պատգամովը՝ «բովանդակ տիեզերքի մէջ մէկ հատիկ». կարծեմ հասկցաք` Պոլիսը: Կը հրաւիրուիք դարձեալ զուտ իմացական այս ճարտարապետումը չենթարկել որեւ է կանխամտածուած, սանկ իմաստասիրա-պատմաբանական դրութեանց ապացուցումին, ազգերու ելեւէջին կամ մշակոյթներու շրջափոխութեան աժան ընդհանրացումները փառասիրելով։ Հազար տարի, քրիստոնեայ արեւելքին համար գերազանց քաղաքին տիտղոսը կը խնդրեմ որ ձեր իմաստութիւնը չզառածէ դէպի Հնագիտութիւն, պատմութիւն, ընկերաբանութիւն (Գուրգէն, Չիլինկիրեան, Չրաքեան)։ Կրնաք այս տողերը կարդալ ձեր վիլլաներուն մէջ, գեղը, քաղաքը, աւելի կամ նուազ չոր, ոճաւոր, տգեղ, գեղանի, պարզ, փարթամ ձեր սփիւռքին կայաններէն որոնք ձեզ պէտք չէ արգիլեն ուրիշ բաներ ունենալէ ձեր մտքին աչքերուն։ Ու կրթեցէք մանաւանդ ձեզ սպասումը որպէսզի տեղագրական աւելի կամ նուազ հաճելի մանրամասնութեանց հանդէս մը չգրաւէ միշտ այդ մտքին écranը։ Դուք այդպէս պարզուած կախարդական այդ՝ տախտակին վրայ պիտի դնէք բլուրներ, ջուրեր, անտառներ, պարտէզներ, շէնքերու փունջեր, հիւղ ու ապարանք, նետուած առանց ծրագրի, մարդոց ու մանաւանդ Աստուծոյ ձեռքերով։ Մի ըսէք թէ այդ ամենը կան արդէն, քիչ մը ամէն տեղ։ Անշուշտ։ Ու Պոլիսը բնութեան մէկ աննմանելի հրաշակերտը չէ, ինչպէս ուզած են կերպարանել զայն հոն մտնող ու ելլող, կամ ծնող ու մեռնող աշխարհաշրջիկներն ու գրագէտները։ Յետոյ, Համապատկերը աշխարհագրական արքայական ակադեմիներու համար չէ գրուած։ Ոչ ալ 1900ի նկարագրամոլութեան հեշտանքները ունիմ մատուցանելու ձեր վայելումին։ Իմ ուզածը, այդ ամենէն ձեր մէջ մնալիք՝ յստակ զգայութիւնն է այն տարօրինակ վիճակին որով քաղաք մը, դէմք մը, զգայնութիւն մը, հոգի մը, ապրում մը կը դառնայ, ձեր յիշատակներուն վրայ բարձրացող, անոնցմէ բխած բայց բոլորովին տարբեր բան մը։ Ամայքներ ու ոստաններ։ Շիրմաuտան ու հէքեաթին պարտէզները փոխարինող, գերազանցող դարաստաններ քով քովի։ Եթէ ուզէք, անհուն այդ կտաւին վրայ դրէք սուինները մինարէներուն ու սաղաւարտները մզկիթներուն որպէսզի «տեղական գոյնի» ձեր ախորժակն ալ ստանալ իր բաժինը։ Ու մանաւանդ մի հարցնէք թէ ձեզ ինչո՞ւ կը կանչեմ այս յօրինումին։ Գիտցէք միայն որ ձեզի պիտի մատուցանեմ, առանց դերասանի, տռամա մը։ Ու ծանօթ էք անխուսափելի օրէնքին՝ որ ամէն տռամա պայմանաւոր է տեգոռով մը։ Պէշիկթաշլեանի քերթուածներուն մէջ, ժամանակին հետ պիտի ամրանալ այդ դիւթաշխարհին ուրուատիպ կերպարանքը, այն անբացատրելի կնիքը որ չի տարտամիր դժոխքէն կամ երկինքէն (կ՚ակնարկեմ քերթուածներուն որոնց մէջ Պէշիկթաշլեան իր հոգեհանգիստը կամ հոգեդարձը կը ջանայ թելադրել) եւ որ կ՚ընէ անոր տաղերը այսպէս ապայժմէ ու թերեւս ատով ալ մշտայժմէ։ Փարպեցիի Այրարատեան նահանգը, Խորենացիի Շամիրամի քաղաքը այսօր ալ կ՚ապրին մեր զգացողութեան մէջ։

Ունինք ուրեմն մեր տռամային համար այդպէս տարտամ, այդպէս ընդհանուր, այդպէս անփոխարինելի բեմ մը, քաղաք մը, որուն անունին հետ արեւմտահայ գրականութիւնը անքակտելի մտապատկերներ է կտակած մեզի, հայոց գրականութեան ամբողջութեան մէջ տիրական բաժինով մը:

 

բ) -- Երիտասարդ մը, շքեղ այդ քաղաքին մէջ ծնած ու մեռած։ Այս տուեալն ալ մի մասնաւորէք, քաղաքին համար պահանջուած ձեւով, զանազան ու զարմանազան factերու իբր թելադրիչ, զսպանակ, հանգոյց։ Կանխող էջերուն մէջ, այդ իրողութեանց շուրջ ձեզի մատուցուեցան բաւարար տուեալներ այդ երիտասարդին ծնունդէն, կրթութենէն, դերէն, կեանքին մեծ ոլորքներէն, տաղանդէն։ Բայց հոս, այսինքն սա վախճանական տողերուն վրայ, իմ թելադրել ուզածը այդ երիտասարդէն՝ չէ գրագէտը, գործիչը, բանաստեղծը, առանձին առանձին, սա անջատ կերպարանքները, լուսաւորող, լուսազարդող, համապատասխան գործունէութեան մը լուսապսակ պատկերով։ Գրագէտ մը այնքան ընդարձակ ապրումներու դամբարան մըն է երբ հողը ծածկէ զայն մեր հիացումներէն, ուրացումներէն։ Կ՚ուզեմ՝ որ տեսնէք, միշտ ձեր միտքին մէջէն, երիտասարդը, ամենէն առաջ իբրեւ երիտասարդ մը, զերծ՝ հէքեաթին բոլոր շփացումներէն։ Զոր ըլլայ զարկած ցաւերուն ամենէն բարակը, ինչպէս պատկերացուցած է զայն մեր արուեստագէտ ժողովուրդը։ Յետո՞յ։ Անշուշտ շքախումբը այդ ցաւին զուգորդ այն ապրումներուն որոնք ձերն են եղել կեանքին կամ թուղթին ճամբովը։ Չեմ բացուիր։ Կը գոհանամ միայն ձեր նկատումին յանձնելու քանի մը շատ կենսական փշրանքներ այդ ծանր տռամայէն։ Թող այդ երիտասարդը այդ ցաւին անտես ատամներուն տուած ըլլայ ինչ որ դուք դէմք կը կոչէք, երկու սեռի վրայ, սանկ քսանին ու երեսունին մէջտեղուանքը, պատանիէն դեռ պահող շաղն ու թարմութիւնը, տուրքն ու քաղցրութիւնը, խորհուրդն ու հմայքը, ու յօրինելու վրայ՝ առքը, ձգողութիւնը, տագնապանքը որոնք բաժինն են ամէն չափու հասած մարդու, հոս՝ բացառիկ ալ հանգամանքով մը որ արուեստն է, տաղանդն է, նոյնիսկ հանճարը։ Այսպէս կը նետուին, երեսունէն անդին, մարդիկ իրենց գործօնութեան հսկայ հանգրուաններուն նուաճումին։ Կանգ առէք, վասնզի Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան գրեթէ հերքումն է այդ դասական պատկերաշարքին։ Ձեր մտքին առջեւ, այդ ամենուն փոխարէն պիտի դնէք մեղրամոմէ կտաւ մը զոր այդ խորհրդաւոր երիտասարդը ըլլայ անցուցած իր երեսներուն, ճմուռ ճմուռ, ինչպէս կ՚ըլլայ մագաղաթը ճակատագրին մատներուն մէջ, ծածկելու համար ցցունքները ոսկորներուն եւ յօրինելով ողջ, կրծուած աւերա՛կը, փոխարէն հրաշքին որ մարմինն է ընդմէջ քսանին եւ երեսունին: Աւելցուցէք սա աւերածութեան անդրադարձումները տակաւին զգայնութեանը ամբողջ ցանցին վրայ այդ երիտասարդին, որուն անհուն են աղբիւրները մարդոց ապրումները իր քուրային մէջ ոսկիի վերածելու կախարդ գիտութեամբ մը, քանի որ այդ աւերակին տէրն ու տիրականը հարազատ, իրաւ բանաստեղծ մըն է, ինքզինքը հազարներու բաշխող ու նուազել ու տեղ աճող ու հազարները իր մէջ կեդրոնող եղերերգակ բանաստեղծ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանը: Այս անունով ձեր մտապատկերած երիտասարդը մէկէն կը գտնէ իր զօրաւոր նկարագիրը, կնիքը: Եւ որպէսզի իմ առաջարկելիք տռաման չզառածի, կը խնդրեմ կրկին որ մոռնաք այդ երիտասարդեն երկրորդական ուրիշ ամէն հանգամանք, ու պահէք՝ միայն ու միայն սա չարաշուք վկայութիւնը . այդ աւերակին մէջ անթառամ, անպատմելի, սխրագին անուշութեամբ լուցեալ զոյգ աչքերը անոր որոնք բռնկցուցին անկէզ մորենին մինակ սրբազան լեռներու յատուկ թփուտ մը չէ, այլեւ մարդոց ճակատներուն ներքեւ դրուած եղերական ողջակէզ անոր շքեղ գլուխը, բազմաստեղնեան ջահ մը ինչպէս, հրդեհելով, բոցը հեղուկի պէս հոսելով, որպէսզի ստուերանային բոլոր խաշխշուքները վէտերուն։ Այսպէս մտապատկերուած, այդ երիտասարդը դուք կը հանդերձէք իր դերին, տռամային մէջ որ պիտի տրուի ձեզի, քիչ անդին։

 

գ) Երիտասարդուհին, դարձեալ, այդ օրերուն, այդ քաղաքին մէջ ծնած ու մեծցած։ Ներեցէք որ հրաժարիմ զայն յօրինելու հզօր ցանկութենէն, գրականութիւն ընելու վտանգէն վախուս։ Կարդացողը ազատ է իրմէ զատուած տարրերով շինելու երբ կը թափառի կախարդական բացաստաններուն մէջ, քսանին կամ երեսունին, եւ կամ՝ ճերմակ, գորշ իր մազերուն շուքին կը դառնայ ետ, դէպի դարաստանները իր գարունքին (Համապատկերին հեղինակը շատ առիթներու մէջ թելադրած է ուրուագիծը, խնդրելով որ պատկերը կազմեն ընթերցողները)։ Բայց ունինք հէքեաթին փշրանքները մեր երիտասարդուհիին հրապոյրներէն։ Ի՜նչ հարկ մանուածապատ շեղումներու: Աղջիկ մը յօրինելու ամենէն պարզ եղանակն է դիմել ձեզի, ձեր տպաւորութիւնները փնտռելու ձեր այն պահերէ որոնց մէջ դուք կանգ առիք, ձեր քայլերը փոխելէ, անգիտակցաբար, ձեր դէմէն փրթող բանէ մը անակնկալ կերպով կալանաւոր, տաք, տրտում, յիմար։ Չհասկցաք թէ պիտի մնայիք ձեր տեղը, թերեւս դարով մը: Երիտասարդուհին, ճակատագրականը, գաղիացիներուն բառով՝ fatalը, կին, մայր, սիրուհի կամ՝ արգահատանքի առարկայ անկար թշուառութիւնը ըլլալէ առաջ, այդ հարումն է մեր բոլորին զգայարանքներուն (սէրը քիչ, գրեթէ շինծու բառ մըն է այդ վիճակը երբ կը փորձէ պատկերել)։ Դուք կեցաք, ու նայեցաք։ Եկող փարթամ մարմին մը չէր միայն, արեւելքի պողոտաներուն վրայ այնքան տպավորիչ, հոլանի կամ քողածածուկ, լայն ու ցոլացիկ, արձակ ու տառապագին, մեծն ու պզտիկը վախի, տրտմութեան մղող, կեսարներն իսկ իրեն ենթարկող։ Եկողը փափուկ ու քնքուշ եղնիկն ալ չէր արեւելքի անտառներուն որ կը նայի, փախստեայ, պաղարտագին, արցունքոտ ու մահացոլ, բայց ա՛լ չէք կրնար զայն մոռնալ: Շարունակեցէք բոլոր դասական նմանութիւնները։ Գիտցէք միայն որ անբաւական էք սպառելու լիութիւնը խորհուրդին, դիւթքին։ Գրագէտ մը, վիպասան մը էջեր պիտի տային այդ ձեւին թելադրանքները սեւեռելու, յստակ ճակատագրով, սակայն լուսանցքին մնալու։ Ատ է պատճառը որ դարձեալ հրաժարիմ այդ վտանգաւոր փորձէն։ Ըրէք ձեր ալ զիջումը եւ ընդունեցէք որ այդ երիտասարդուհին ըլլայ բացառիկ այդ վիճակը, այդ դիւթքը, այդ հրաշքը ու իբրեւ համագումար մը, իջէ ձեզմէ ներս, ու ... չելլէ այլեւս։ Մի կարծէք թէ հազարումէկ գիշերներէ կուգամ կամ անոնց կը տանիմ ձեզ։ Այդ երիտասարդուհին իրաւ է, այսօր իրաւ էր՝ անցեալ դարու կէսերէն քիչ վերջն ալ։ Միւս կողմէն, ունինք Մ. Պէշիկթաշլեանի անձնական յօրինումը, իրաւ թէ ռոմանթիք յարդարանքով, բայց խորքէ սքանչելի հարազատութեամբ մը։ Իր բառերով այդ երիտասարդուհին

 

«Սիրոյ հրեշտակ ես կարծեցի. մահուան հրեշտակ էր նա, մա՜յր իմ...:

 

Անշուշտ։ Բանաստեղծին անդրադարձումներէն ես խօսած եմ ուրիշ գլուխներուն մէջը այս գիրքին։ Քանի մը նոր գիծեր միայն։ Մահուան սնարքին ձեւի ինկած Պէշիկթաշլեանի հիւանդութիւնը իր վերջին ամսուն անընդմէջ հոգեվարք մըն է սա կերպարանքէն առաջ, այդ աղջիկը չքնաղ պարիկ մըն էր չքնաղագեղ այդ ափերուն վրայ։ Ուշ վկայութիւններ (Չիլինկիրեանէն օրինակի համար, Սիպիլէն, Հրանդ Ասատուրէն) դեռ կը յամառին այդ հէքեաթին սկզբնական հրաշքէն խօսիլ հիացագին։ Երեք քառորդ դար ետքը դուք պիտի ուզէիք քիչ մը աւելի պարզ բայց իրաւ տարեր, որոնք դէմք մը, խռովք մը կը տեառնագրեն։ Չունինք, դժբախտաբար, ամենէն առաջ Տիկինին, երկրորդաբար ժամանակակիցներուն մեղքովը։ Կը ներուի սակայն տրուածը թանձրացնել: Հրաշքի վարշամակով պարուրուելէ առաջ անիկա եղել էր սակայն տասնամեայ մանկուհին, որուն առած ըլլային հայրը, ու կործաներ մայրը, ամենէն գրաւիչ շնորհներով միտքէ ու սիրտէ, ազնուական, բայց երբեք ունայնամիտ։ Որբուհի՜։ Բայց մեզմէ շատերուն նման (որոնք իրենց հայրը կամ մայրը գտան իրենց պակսող, առտու մը, անգիտակ իրենց բախտին որովհետեւ մանուկ էին), հիւղակի մը բանտին չինկած, այլ տարուած կրկին իր դերին, պալատական պարտէզներու մէջ, մեծնալու, վազելու, մեր մէկ ուրիշ բանաստեղծին պատկերովը` «թիթեռնիկ մը» (եթէ թեթեւ չէք գտներ նմանութիւնը, որ ՝

«Կը խնդրե ծաղկե թառ»։

 

այլ հաւանաբար մէկը այն կախարդական կերպարանքներէն որոնց դիմաց մեռեալներն իսկ «լեզու կ՚ելլեն», ինչպէս կը պատկերէ մեր ժողովուրդը դարձեալ, երբ նման տպաւորութիւններ կը ջանայ տալ ոճով:

 

դ) Տռամա մը, որ միշտ պատմութիւնն է մեր օրերուն, այնքան պարզ է, այնքան իրաւ որ կը դառնայ սովորական [1], չըսելու համար հասարակ, ձեր ուշադրութիւնը կրկնախարիսխ փոխադրելով հերոսներու կենդանագիրներուն։ Դարձեալ չեմ պատմել։ Բայց կը բերեմ իրարու խառնելու այդ աւերակը ու այդ ապարանքը, ինչպէս կ՚ախորժին ըսել հէքեաթները, որպէսզի անոնք ... սիրե՞ն իրար: Հիմա այդքան պարզամիտ մարդ, նման բաներու հաւատալ կրնալու, դժուար է գտնել: Այդ սէրը, այդպէս գրուած, պիտի նշանակէր հէքեաթն ու իրականութիւնը գրականութեան համար իրարու ճակատել, մինչ մեզի պատմուածը աւելի անդին է այդ երկուքէն ալ, քանի որ հէքեաթները կ՚ախորժին հարսանիքէ, երկինքէն ինկող խնձորներէ եւ իրականութիւնը՝ նման տռամաներու մօտենալու ատեն թեւեր, պատմուճան, գերմարդկային միջոցներ կը գործածէ: Տարիք, դասակարգ, մարմնական փարթամութիւն, մեղրամոմէ դէմք, հոյաշէն կուրծքը աղջկան ու կորաքամակ իրանը երիտասարդին, ապարանքներու «շառայլը» եւ հիւղակները ցուրտ «մոխիրը» (վերջին երկու եզրերը կ՚առնեմ՝ Դուրեանէն որ հաւասարապատիւ, գերազանց նոյնիսկ թշուառութիւնն է սա մարզերուն վրայ, առանց արեւի, արշալոյսի) սա տռամային մէջ կը պահեն իրենց անվերածելի, անսրբագրելի կնիքը, շէնքը, եղերականութիւնը, յարաճուն զարգացումով մը յանգելու համար, տղուն մօտ՝ մերձադիր, աղջկան համար՝ հեռու գերեզմաններուն։ Միջին դարերուն, նման պատմութիւն մը կը գնէր ու կը քալէր իր տարօրինակութիւնը, հէքեաթայնութիւնը, իշխանուհին ղրկելով ... կուսանոց, մազերը խուզելէ ու այտերը խարանելէ վերջ, երիտասարդն ալ, պարզ ու կտրուկ՝ դահիճին։ ԺԹ. դարուն, իշխանուհին պիտի չերթայ կուսանոց, պիտի չզրկուի իր մազերէն ու այտերուն վրայ նորանոր համբոյրներու կրակը պիտի վառէ, «երկնային փեսային» հեռու ձգողութենէն հիմնովին դուրս, վազելու համար երկրաւոր փեսային, փեսաներուն առագաստին (օրիորդ Վահանեան բժիշկի մը հետ նշանուած ու բաժնուած է) որպէսզի մեղրամոմէ դէմքով երիտասարդը ինքզինքը ընէ իր դահիճը:

Ունինք ուրեմն շրջանակ մը, դերասաններ ու տռամա, այնպէս ինչպէս հէքեաթն ու իրականութիւնը ողջունձեւած են, մօտ երեք քառորդ դար առաջ։ Համապատկերը գրականութեան ուղղափառ պատմութիւն մը չէ որպէսզի արձանագրէ հէքեաթը ու անցնի վերլուծելու գործերը։ Անիկա իր էջերը կը բանայ յատկանշական շեղումներու որոնք մեր կեանքին կերպարանքներն են դարձեալ։ Կը հետեւիմ ուրեմն այդ թելադրանքներուն։ Տռամային ամենէն յուզիչ մասը մահերը կը կազմեն միշտ։ Գիտենք ատիկա։ Բայց հազիւ կը գիտակցենք թէ գերեզմանները ոչ միայն մեր մարմինները, հիւանդութիւնները, անլուր զրկանքները կը գոցեն, կ՚աւարտեն, այլեւ մեր անմահ մասը, այսինքն մեր իմացական ճառագայթումը, մեր ստեղծագործութիւններն ալ կը թաղեն յաճախ այնքան խորունկ որ անոնց հոտն անգամ չի յաջողիր հողին պատերը թափանցել ու գալ աշխարհին։ Հոս, գերեզմաններէն մէկը, տղունը, արդէն չքացած է դիակին կիզումներովը: Գերեզմաններէն երկրորդը պիտի պահէ որոշ եղերականութիւն, ուրիշ սրտաճմլիկ դրուագով մը, ինչ պէս պիտի հաստատէք քիչ անդին եւ

Ու հիմա, անհէքեաթ իրականութիւնը . -

Մեղրամոմէ դէմքով տղան մեզի ձգած է պատմութիւնը իր սիրոյն, փշուր փշուր,, զայն գունաւորել ջանալով երազայնութեամբ ու խանձարուրուելով այդ չարաշուք զաւակը անոր սրտին բանաստեղծութեան կիսաչուլին մէջ։ Ո՛չ մէկ կասկած որ խօսեցաւ այդ տղան, ինչպէս խօսեր էր միւսը

 

Ի զուր սիրտըս մընայ առջին
Խնկարկելու սի՜rտն անապատ.
Ցուցին իրեն ճակատս գունատ
Մատն իմ աչքին…

իր երազին աղջկան, Մկրտիչին համար՝ ապարանքներու պարիկին, ձեզի ծանօթ անտառներուն ծngը, սրտագին, քաղցր, փայփայող շուքերուն մտերմութեանց, ապահովութեանը մէջ ինչ որ տղայ մը պիտի ըսէր իր կուշտի քալող կամ նստող աղջկան մը, մեր օրերու անլրջութիւններէն շատ առաջ, այդ օրերու ծանր, սպաննող լրջութեանց մէջ։ Ոչ մէկ կասկած որ այդ տղան իր սեւուլիկ բայց կրակի պէս կսկծացնող բիբերը սեւեռեց այդ եղնիկին լայն, խաղաղ, պայծառ աչուըներուն որոնք ձիւնի մէջ ինկած զարմանագոյն ուլունքներու կախարդութիւնն են երբեմն, մանաւանդ այն րոպէներուն ուր մեր սիրտը կը հալի մեր ներսը ու աչքին մէջ արցունք կը դառնայ։ Բայց, բռնե՞ց, այդ խոնաւ ու տաք ու բարակ ու դողդոջ իր մատներուն մէջ, թեւերէն այդ պարիկին, միշտ առուակներու եզրին, թաւուտներու ծոցը, նաւակի մը ծփանքէն թրթռալով, պահելու համար այդ հով, շղարշ, «ձիւնասպիտակ» կրակի խենթեցնող ալիքը։ Քաշե՞ց անոր լուսանման երեսները իր միշտ դողդոջ, դալկահար, կարմիր, թրթռուն շրթներուն արիւնոտ ծարաւին, կրակին։ Դուք ազատ էք այդ հաստատումների ու երկբայականները ստորաբաժնելու, վերլուծելու, որպէսզի հասնիք կեանքին կարելիութեան։ Ես կ՚անցնիմ փշրանքներու օգտոգործումին։

Հոս կ՚արտագրեմ

 

Այլ խնդրեմք ի քէն, քերթող, երգել սըրտիս ի հաճոյս

Այլ կը խնդրեմ քեզմէ, քերթո՛ղ, երգեu uրտիս իմ հաճոյքին.

Հայցեմ ձայնիւ մտերմութեան եւ ըղձնացն իմ հըրով.

Կը պաղատիմ մտերմութեանս ձայնով, հուրքովն ըղձանքներուս.

Աւատիկ գամ երկիւղած տալ ի քո ձեռսդ ըզփանդիռ .

Ահա կուգամ երկիւղագին տալ ձեռքերուդ փանդիռը քու.

Իցե՜ ըսել ինձ զիւր թրթիռ, սրտիս իցէ բերկրել ի ձայն

Լըսէի՜ ես թրթիռն անոր, սիրուն՝ իմ բերկրեր անոր ձայնէն,

Այն մրմունջից՝ որ ոչ եւս ինձ ի լուր գան ո՜հ ի բազմաց.

Մրմունջներէն՝ որոնք լսել ինձ չէ տրուած ալ շատերէն:

Քեզ իցէ խոժոռադեմ չը սըրտմըտել ընդ իմ, քերթող,

Չը սրտմըտիս խոժոռադէմ հանդէպ ինծի, ով իմ քերթող

Զի յիշեա՛, թե գուցէ վերջին անգամ գարունն ինձ ժպտի.

Զի յիշե որ վերջին անգամ, գուցէ գարունն ինձ կը ժպտի։

Յիշեա՛ թե գուցէ յետին այս աղաչանքս է, քերթող

Յիշէ՜, գուցէ վերջին այս իմ աղաչանքն է քեզ քերթող,

Երգեա՛, զի կամիմ ոհ, այլեւս ողջոյն տալ քո ձայնիդ

Երգէ, կ՚ուզեմ այլեւս ողջոյն փոխանակել ես քու ձայնին:

Երգեա՛, եւ փակեցից զդայլայլիսդ ի խոր հոգւոջս.

Երգե, պիտի գեղգեղդ քու խորն հոգիիս ես վանդակեմ:

Երգեա՛, քերթող, զի ծարաւիմ զքոց Երգոց երկնապարիկ.

Երգէ, քերթող, ծարաւն եմ ես քու Երգերուն կրկնապարիկ.

Որպես ոմն ոք ըղձանաց զկաթիլ ջրոյ յանջրդի վայր.

Նման անոր որ կ՚ըղձանայ ջուրի կաթիլն անջրդի տեղ:

Շիջուցանել զհրդեհն որ ճարակի յիւրն ի սիրտ:

Շիջուցանել հրդեհը որ կը ճարակի իր սրտին մէջ:

Փարատեա՛, աղաչե՜մ, ըզլըռութիւն քո ահաւոր.

Փարատէ, ո՜հ, կը պաղատիմ, լըռութիւնը քու՝ ահաւոր.

Երգեա՛, քերթող, ա՛ռ ըզքնարդ եւ լըսեցից յայնժամ համակ.

Երգէ, քերթող, առ քու քնար, պիտի լսեմ, ամբո՜ղջ, զքեզ։

Երգեա՛ զի օր եկեսցէ որ վիշտ քեզ լիցի քո մերժում,

Երգէ զի օր պիտի գայ որ ցաւ մերժումդ քեզ պիտ՚ ըլլայ:

Յայնժամ ի զո՜ւր գուն գործիցես բերկրեցնել զանտրոփ սիրտ իմ:

Զուր այն ատեն պիտի ջանաս ուրախ լինել անտրոփ սիրտս իմ:

 

 

Այս տողերը որոնք առնուած են Օր. Սրբուհի Վահանեանի «անտիպ քերթուածոց ձեռագրէն», ինչպէս կը վկայէ զանոնք առաջին անգամ հրատարակողը (Յուշարձան Մ. Պէշիկթաշլեանի, Ա. Պիպէրճեան, էջ 116), իրենց անդաշն, մանաւանդ հաշուեալ փակութեամբը ձեր ներսը չեն արթնցներ այն տրտմագին, խորունկ ապրումները որոնք իրենց ահաւոր, անկարելի ռոմանթիզմին հակառակ ձեզ կը յուզեն։ Կ՚ակնարկեմ Յետին Հառաչքին սրսփուն, արիւնոտ բայց անհունօրէն մարդկային գեղեցկութեան։ Տիկին Տիւսաբ, այս տռամային գործողութեան օրերուն Օրիորդ Սրբուհի Վահանեան, այդ գեղեցկութիւնը այնքան մագիստրոսաբար մենաշնորհէ վերածած իր մարմնեղէնին վրայ որ, հոգեկանին մէջ վերի տողերէն անծածկելի տժգունութիւնը պիտի դառնար պարտադիր։ Յետոյ, մոռնալու չէք։ Ամէն մարդ քնարերգակ բանաստեղծ չի ծնիր։ Բանաստեղծ մը չէր ծնած այդ Օրիորդ Վահանեանը։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց առանց անարգելու Լափալիսին յիշատակը` կ՚ըսեմ թ է այդ օրիորդ Վահանեանը մարդ էր ծնած, այսինքն բանաստեղծի մը սրտին մէջ կրակ դնելու իր դերը կատարելու ատեն նման էր իր նմաններուն։ Իր յապաղած ոտանաւորին մէջ այդ աղջիկը փորձա՞ծ է ծալք մը գոնէ բանալ վարագոյրէ՝ որուն ետին կը կատարուէր մեր իրաւ բանաստեղծներէն մէկուն խարոյկը, ողջակէզը։ Ունի՞ այս պատարագին մէջ, մահուամբ սրբագրուած, իմ բաժինը Օր. Սրբուհի Վահանեան, որ իր գարունքին անհաւասարելի փարթամութեանը մէջ, «մահուան հրեշտակ»ի իր դերը կը փոխանակէր հոգեվարքին մատռուակելով դեղերուն հետ մանաւանդ անպատմելի մե՜ղրը իր նայուածքին. Դէ՛մ դէմի… Թուական չունի վերի ոտանաւորը։ Օր. Վահանեան պիտի ամուսնանայ չորս-հինգ տարի վերջը սա տռամայէն։ Կը հարցնեմ. փորձած է իր սիրտէն մաս մը բան թելադրել, երբ տարիքն ի վեր ընդգրկումը կ՚ընէր շատոնց աւարտած տռամային անհուն գեղեցկութեան, բաթէթիքին։ Ոտանաւորը, իր ամբողջութեանը մէջ, հազիւ կ՚ազատի հասարակ տաղաչափութիւն մը մնալու իր ճակատագրէն, ատ ալ՝ շնորհիւ հէքեաթին։ Վերէն վար ինքզինքը ծածկող, խնայող, ինքզինքը հասարակութեան համար հանդերձող կինն է անոր հեղինակը։ Ու ատով` իր վկայութիւնը՝ անբաւարար։ Չեմ արտօնուած Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ողբը, գանգատը օգտագործել բացուած տռամայի մը կառոյցին։ Անշուշտ իրականութիւն էին Յետին հառաչքին սա տողերը.

 

Եւ թօթափեալ զհուլ շիրմիս՝ քեզ ի խընդիր եկի Հրանոյշ.
Զի ոչ մահուն ժանտերես, ոչ գերեզմանն անդընդափոս
Կորզել ըզքեզ ինչ կարացին ի սերտ գըրկաց իմ ոգւոյս,
Լսողութիւնք յաւիտենից զիս ոչ ի քէն անջատեցին.
Արեւ կենացս իմ թըռեա՛ւ, հարեալ անկայ երիտասարդ,
Այլ պինդ ըզսէր քո ունէի, այն ընդ իս էր երբ իջուցին
Զիս յաշխարհ ըստուերաց մոռացութեան եւ մռայլից:
Լուր ինձ Հրանոյշ ... այլ է՞ր նըւաղ ձայնիս չտա՛ս դու դարձուած.
Չե՛մ կենդանի, եւ է՞ր փակես զաչսըդ զիս ոչ տեսանել,
Չե՛մ կենդանի, եւ է՞ր ի բաց խոժոռ ըզդեմսըդ շըրջես.
Եկեալ չեմ գիշերազբօս ձեր գըգուանաց դընել կըրճիմն,
Եւ ոչ համայն զօրութեամբ մեռելութեան եւ դամբանին
Ամբաւութեան իմոյ սիրոյս փոխան ըզսէր քո պահանջել:
Զոր կենդանեաւս ինձ զըլացար, միթե մահո՞ւս տացես շնորհ:

 

Այս տողերը իրաւ են որքան թափանցիկ։ Աւելին

 

Լուր ինձ Հրանոյշ, գամ հարցանել՝ թե երանեա՛լ իցես ե՞ւ գոհ
…Զըւարթութիւն եւ խընծիղ դեռ փայլակե՞ն ի դէմըս քո.
Առաւել վըճիտ շողա՞ն աչկունքըդ զերծք ինձ դիպելոյ.
Ըզչորաբեկ տերեւիկս յիշատակիս ի քոյին սիրտ,
Քաջիկ ի բաց վարեցե՜ր, զի անարգել եւ ընդարձակ
Մուտ տացես նորոգ բաղձից դիպեալ յուղւոջդ իմ տապանին,
Անժոյժ ոստեա՞ր ըզնովաւ յայլում ի ծոց սըլանալ շոյs.
Դու կենդանիդ մոռացա՞ր զայն՝ որ ի մահուն իսկ յիշէ ըզքեզ
Այո՛, Հրանո՛յշ, յիշեմ ըզքեզ, հոգիս սիրո՛վ է խարուկեալ։

Այս տողերը կը պատմեն մեր ենթադրածէն վեր իրողութիւններ։ Ուրիշ փշրանքի մը մէջ

 

…Թուխ աչկունք նորա ըզծիր կենացս յոսկի ներկանեն
Ըզնա ի գանձըս երկնից ընտրեցի ես՝ զամենագեղն.
Էր նա շունչ իմ շրթներոյս, հոգի էր նա ոգւոյս իմոց,
Նա իմ խորհուրդն իր անճառ յաւերժակայ եւ բարձրագահ:
Մահուն դիմաց իսկ ընծայէր ո՞հ չըգիտեմ որպիսի գեղ.
Եւ թըւէր ինձ մահ կին մի խորհրդաւոր քօղածածուկ
Որ գալոց էր յաւուր միում ժըմիտս ածեալ երթանց իւրոց
Շիջուցանել ըզսէր իմ յետ զգերանըշոյլ տալոյն ըզփայլ։
Կամ զիւր փըչէր շունչը ցըրտիկ` ւ՚ անկանէին այլագունեալ
Երկու յիրար կից վարդենիք ըզքաղցրագոյնն արձակեալ բոյր.

 

Ու, վերջացնելու համար սա սրտապատառ երազը՝

 

Այո՛, վայրն է առանձին եւ անվեհեր իջանեմ անդ,
Եւ երբ հողմըն մեռելոց գայցէ զաճիւնն իմ խլրտել
Ըսպիտակն իմ ճակատ ձըմեռնական մրրկաց ի մռունչ
Ի բաց զպատանսն արասցէ, եւ բազմելով շիրմիս վերայ
Ե՛կ, գոչեցից առ նա, ե՛կ, չեմ նոյն յորմէ խորշէիր դու,
Տե՛ս, զիա՜րդ գեղեցկացոյց զիս մահ, արար զիս տարփելի.
Միթե դարձեալ ասիցե՞ս զիս եւ անդրագոյն քան ըզշիրիմ...

 

Այս մէջբերումներուն թելադրած զգացական տռաման, մեր օրերուն անշուշտ մեզի կը թուի հեռու, տարօրինակ, չըսելու համար անընդունելի։ Կ՚աճապարէք։ Անոնք գերազանցապէս իրական, իրաւ ապրումներու յայտարար վկայութիւններ էին երբ գիրի ինկան։ 1870ը միտքէ չէք կրնար հանել, այսինքն շրջա՛նը, ուր գրականութիւնը դեռ համարձակութիւնը չունի մերկ կեանքը ըլլալու, ուրիշ բաներ է առաջ։ Այդ գրականութիւնը, լրջօրէն օգտապաշտ, յառաջդիմական, պիտի զբաղի երազով, պատմութեամբ, ապագայով։ Այդ է պատճառը որ հոն մեր գտած սիրային խոստովանութիւնները պիտի ըլլան մշուշով պատուած։

Դերձակին տղան մտած էր Պոլսոյ բարձրագոյն խաւերէն ներս, ստեղծելով խորունկ յարգանք, պատկառանք։ Ու մեծութիւններուն, երկիւղածութիւններուն, վսեմութիւններուն գինը մենք երբեմն կը վճարենք շատ սուղ։ Թէրզեան, Սէթեան աւելի քիչ տարածուն համբաւներ, չեն վախցած պարզ ըլլալէ երբ կը կարծեն թէ կուտան իրենց զգացական պահերէն։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան չէր կրնար տարտամ չըլլալ: Ունինք, միշտ այդ օրերէն, դարբինին տղան որ, կարդալէ վերջ դերձակին տղուն անուշիկ զեղումները, մտիկ կ՚ընէ իր երիտասարդ հոգիին։ Յետո՞յ։ Պիտի առնէ գրիչը ու թուղթին պիտի նետէ սա տողերը.

 

Համբո՛յր մ՚առի ներանէ,
Համբո՛յր մ՚անհուն գորովի,
Երբ կարմիր շողք մարէին
Հորիզոնին վերեւի։

 

Ձեռքըս տարաւ կուրծքին՝ հոն
Սիրոյ երկինք մ՚որոտար.
Թոշնեցայ գիրկն ես իբրեւ
Համբոյր անհուն դալկահար:

 

Նէ զիս իր քով նըստեցուց
Գորգի վրայ դալարեայ.
Հուսկ ճաճանչ մը պըլպըլար

Ներա դիմացը վըրայ։

 

Թոթովեցի ... դողացի ...
Առի համբոյր անհամար.
«Խօսինք» ըսաւ. ո՜հ, խօսի՜լ,
Հատն էլ է լոկ ինձ համար:

 

...............................................
Սէր ուխտեցինք իրարու.
Դողդըղացին աստղերն ալ
Մեր երդումէն ահարկու:

 

Լըսեց Երկինք մեր ջերմ ուխտ,
Աստղեր սըրսկեց ի գորով.
Բնութիւնն եղաւ պըսակիչ,
Մեզ պըսակեց աստղերով...:

 

Դարբինին տղուն բոլոր սիրային ապրումները կը թաւալին սա մանկականութեան, անիրայնութեան, երազայնութեան մէջ։ Թէ այս ամէնը պիտի ըլլային, արտայայտման սա տաքութեամբ, թարմութեամբ, արեւմտահայ գրականութեան ամենէն անկորուստ յաջողուածքները, երբ կեանքին իրականութիւնը չըլլար յատակը այդ դիւթական կառոյցներուն, հաստատում մըն է որ շահ չի բերեր այսօր։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, նոյն օրերուն գրեթէ, նոյն շրջանակէն պիտի տանէ ուրիշ վկայութիւններ։ Մտիկ ըրէք

 

Ո՛հ, զայս բնութիւն երգե՛, կուսա՛ ն.
Իւր զարդերէն մէկն ալ դու չե՞ս.
Քենէ չքնաղ կ՚ըլլա՞յ գուսան,
Որ ձայնիկովը երկինք դիւթես:

 

Ահա խօսի ... լըցան բոցով
Իւր սեւաթոյր ականողիք.
Ահա երգէ ... լըցաւ խանդով
Հովիտ ու մարգ ւ՚ ամէն տելիք:

 

Շունչք եւ մրմունջք դադարեցին
Միայն հողմիկ փըչէր համբոյր,
Ու ի վերայ մաքուր ճակտին
Օրօրուէին հոպոպք սամոյր։

 

Ու լուսափայլ ամպիկ բարակ
Գլխուն վերեւ հեզիկ խաղայր,
Եւ հովանին զով ւ՚ ախորժակ
Դեմքին վերայ ծաւալանայր:

(ՃԵՄՔ Ի ԼԵԱՌՆ ՀՍԿԱՅԻՆ)

Կենսագրութիւնը մեզի պահած է վոսփորեան այդ պտոյտէն յիշատակութիւն։ Քալեր եմ կածաններէն, պարզ, խեղճ, դժուար, որոնց եզրին մորմենին սպառնագին կը հսկէր։ Քալեր եմ դէպի գագաթը բլուրին։ Մարդոց հետ: Բայց առանձին` որպէսզի զարգանար պատրանքը: Այդ շաւիղներուն վրայ իմ օրերէն կէս դար առաջ քալեր էր սիրտէն ու թոքէն տառապող Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, քովէ՞ն, ետեւէ՞ն, առջեւէ՞ն` սիրոյ հրեշտակ որակուած Օրիորդ Սրբուհի Վահանեանը, սքանչելի անոր մայրը, հաւանաբար բարեկամներ, քանի մը վարդապետ, եպիսկոպոս...: Ո՜վ յիմարութիւնը քով քովի քալող մարդերուն որոնց սիրտերուն տակը կ՚այրին տարբեր կրակներ։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան անշուշտ իր վիրաւոր, անբաւական թոքերով պիտի մնար իր այդ Ճեմքին մէջ, թեթեւոտն սուրացող փարթամ աղջիկէն։ Բայց տեսած է անմոռանալի մանրամասնութիւններ։ Ե՞րբ գրեց վերի քերթուածը։ Բլրան գագաթի՞ն, ծառի մը չունի՞ն, թէ գիշերը, իր ամայի, ցուրտ, հիւանդ սենեակին մէջ։ Անշուշտ կարեւորը աս պիտի չըլլար: Այլ՝ պատկերը աղջկան որուն ձեռքը կը տրուէր տաղիկը։ Կարդաց, ժպտեցաւ, նայեցաւ: Ուրի՞շ։ Այսինքն դողա՞ց կտորիկ մը։ Այսինքն՝ խանդի տեղ այդ աչքերուն խորը բուսա՞ւ մարդկայինը ... ։ Հարցուցէք ու անցէք: Ահա թէ ինչու, թէկուզ սա մանկականութեան, տռամաթիկ հանդէսին ընդդէմ, Պ. Դուրեանի քերթուածը մեզ կը յուզէ, իբրեւ չքնաղ, վրիպած երազ մը, երկրորդը` հակառակ նոյն փափուկ օդայնութեան, մեզ կը տանի երազանքի, տակաւին այսօր։ Քերթուածը թուական չունի։ Բայց գերեզմանի դուռին գրուած Յետին հառաչքը, մեր գրականութեան թերեւս ամենէն յուզիչ եղերերգը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Ճեմքին վերջաբանը։

Թերեւս մտացի ընթերցող մը յիշեցնէ ինծ

 

Շատերը զիս մերժեցին,
«Քընար մ՚ունի սոսկ», ըսին.
Մին` «Դողդոջ է, գոյն չունի»,
Միւսն ալ ըսաւ. - «Կը մեռնի»։

 

Ոչ ոք ըսաւ . «Հե՜ք տըղայ,
Արդեօք ինչո՞ւ կը մըխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թե որ սիրեմ` չը մեռնի»։

 

Ոչ ոք ըսաւ. «Սա տըղին
Պատռե՛նք սիրտը տըրտմագին,
Նայինք ինչե՞ր գրուած կան»…
Հոն հրդեհ կայ, ո՛չ մատեան:

 

տուները նշանաւոր Լճակին ու ջանայ օգտագործել նշանաւոր դերասանուհին ալ պարմանութեան յիշատակները որ կը պատմուի Դուրեանի փորձի գալը, թատրոն, տժգոյն, տազ ալէն ու զինքը դիմաւոր արգահատանքի, գրեթէ արհամարհանքի բաո ե րուն լսուի՜լը բանաստեղծ էն։ Դուրեանի այս երեք տուները իրենց նմանը չունի անշուշտ, իրենց բոլոր պարզութեանը, թափթփածութեանը հակառակ։ Ու հեղինակը այս հրաշքին՝ կեանքն է տաղանդէն, հանճարէն ալ առաջ։ Ահա թէ ինչո՞ւ ուրի՜շ բան է թուղթի վրայ, թուղթի համար ապրեալ երազ մը, ուրիշ, շատ ուրիշ բան՝ թուղթն տեղ ունենալ մարմաջը աղջկան մը այտերուն, մազերուն` ու մանրամասնելը ձեզմէ այն ամենուն որոնք կախարդական սա հիւսքէն կը հոսին մեզի, կը թափանցեն մեր խորութիւնները մինչեւ, նայուածքի, հովի, ժպիտի, լուռ խոստումի, հոզիի, կրակի կերպարանքներով։

Յետո՞յ։

Վէպ մը պիտի լեցնէր սա զարմանալի հէքեաթը դերձակի տղուն եւ պալատի պուպրիկ օրիորդին, եթէ գործադրուէին վերարտադրումի, վերակազմումի ընթացիկ օրէնքները: Իմ սերունդը, շատ ծանր պարտքերու տակ կորաքամակ, պիտի չմտածէր այդ փափկութիւններուն։ Համապատկերի Մուտքին . Հատորը, Զարթօնքի Սերունդ) երբ արեւմտահայ գրականութիւնը կ՚անուանէ ի սրտառուչ վէպ մը որուն հերոսները տուեր էին մեր` գրողները, աչքի առջեւ ունէի մասնաւորաբար զիս կանխող երեք սերունդները, ու աս միութիւններէն երկու մեր մեծ Ռոմանթիքները, յամենայնի յարմար, յորովայնէ ընտրեալ հերոսներ, ծնունդէն իսկ գրուած զրկանքներու զրկանքին, ծարաւ շրթներով անցած աղբիւրներէ ու իջած գերեզման սա աշխարհէն ոչինչ, ոչինչ, ոչինչ առած իրենց հաշւոյն։ Ռոմանթիքներէն զատ` միւսնե՜րը, իմ սերունդը որ ատեն իսկ չկրցաւ գտնել լուսնին նայելու, լիճեր չափելու ու հեւասպառ, յիմար, վսեմ՝ բարձրացաւ իր Գողգոթան, իրեններուն ծաղրին ու թշնամին անտուն ատելութեան ընդմէջէն։ Ըսել եմ ու նորէն կ՚ըսեմ՝

Սփիւռքի գրողները իրենց բոլոր դառնութիւններով, երջանկութեան խորհրդանշաններ չեն անշուշտ, բայց չեն ալ անպատմելի, անկարելի այն նահատակութիւնը որուն հասակը կը սկսի մեր սերունդին մանկութեան դռներէն, հասնելու համար իր լրումին կա՛մ շքեղօրէն երիտասարդ, կա՛մ ալէփառօրէն յանգած՝ միշտ սրախողխող մահուան։ Այսպէս ապրեցանք մենք թուրքը։

Գրեթէ պզտիկ թիւէ մը դուրս, մեր բոլոր իրաւ գրագէտները Իրապաշտ եւ Արուեստագէտ սերունդներէ եղան այդ ահաւոր վէպին վաւերական անձնաւորութիւնները, աւելի կամ պակաս եղերականութեամբ մը, ապրումէ, բայց մանաւանդ բացարձակ նմանութեամբ մը մահուան։ Ամէն պարագայի, Թէրզեաններու, Սէթեաններու, Աճէմեաններու հանդարտ փառքին դէմ՝ շքեղ է, անմոռանալի` ողջակէզ մեր եղերաբախտ քերթողներուն։ Չեմ արտօնուած, հոս, էջերէն հալածուած, դերձակորդիին եւ իշխանուհիին տռաման աւելի տարածելու, մանրամասնելու որպէսզի ձեր հետաքրքրութիւնը յագենար անէքտոթին համերովը, ոչ ալ՝ ձեզ կանչելու յամեցուն, հեռահայեաց, մոխրածածուկ բայց ողջնալու ընդունակ այն վիճակներու վերծանումին որոնցմով գրողները իրենց ապրումները մեզի կը փոխանցեն, տեսակ մը չէզոքութիւն ճարելով պատկերացման։ Որքան շատ է միակ անունով մեզի գալիք հակազդեցութեանց գումարը: Կրնամ վստահաբար ըսել սակայն որ տասը-տասնըհինգ քերթուած` դերձակորդի է ոչ միայն մեր մէջ ազգային գիտակցութեան կրկէս մը կը դառնան, տակաւին այսօր, այլեւ մեզ կը յուզեն, մեր ընտանութեան, ներքին մտերմութեան իջնող ապրումներով։

Անշուշտ, դուք որ այս տողերը կը կարդաք, ձեր ետին ունենալով քառսուն մը տարիներ, պատած էք, ձեր մտքի թանգարանին, անկորուստ ու պայծառագեղ այն վիճակները, որոնց անուններ, հայլի են ճարել մեր գրողները, համաձայն իրենց խառնուածքներուն։

 

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան պիտի գրէ «Տե՛ս, ինչպէս գեղեցկացուց, մահը ըրաւ զիս տարփելի»։

Դուրեան՝ «Ի զուր սիրտըս մըխաց առջին»։

Սայեաթ –Նովա՝ «Սիրտըս լուրի պես խորվեցիր»:

Քուչակ` «Սիրու տէր սիրտն է կու վառի»:

 

Չեմ երթար առաջ, այս կայծակ տողերը խորհրդանիշ գործածելով, բացատրելու՝ Օրիորդ Սրբուհի Վահանեանի եւ դերձակորդի Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի միջեւ տարիներու վրայ երկարող տռաման, այնպէս ինչպէս ըրած են ատիկա արեւմտեան ռոմանթիքները։ Ատիկա չի նշանակներ հոս գրական աւելորդ վերլուծում մը գործադրել։ Բայց կ՚առաջարկեմ ձեզի կենալ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի գրաբար եղերերգերուն ամէն մէկ տողին վրայ: Այս կամեցումը ձեզի պիտի տար միջոց, պարագայականը, յարմարտուքը զգալու, առանց մեծ դժուարութեան ու մտքի փայլակնային թափանցումով մը լուսաւորելու այդ տարօրինակ խարոյկը։ Կենսագրութիւնը լուռ է աղէտը մասնաւորող ամէն մանրամասնութենէ, նշմարէ։ Կենսագրութիւնը տուած է տարուէ տարի այդ հրդեհին պատմութիւնը սակայն։ Առ զեփիւռն Ալէմտաղին 1864 է։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն մինչեւ 1868 Նոյեմբեր՝ չորս տարի: Հիմա կը հրաւիրուիք այդ տարիները բաժանել այդ աղջկան վրայ որ իր անդրանիկ երիտասարդութեան վառ խակութիւնները պիտի վերածէ մեծ հրապոյրներու։ Մարդիկ զինքը պիտի հիանան ազգային ձեռնարկներու, միութիւններու, ազգօգուտ նպատակով տրուած պարահանդէսներու մէջ։ Իր դաշնակը պիտի խօսեցնէ իր վրան։ Իր քմայքները պիտի նրբանան։ Ու այս փթթումին, փայլարձակման դիմաց դերձակորդիին փառքը պիտի քալէ իր ճամբան: Ազգը անոր ալ չի սակարկեց իր հիացումը: Պոլսոյ ամենէն ջոջ տուներուն պատուակալ այցորդը, ուսուցիչն է անիկա։ Բայց այդ ամբողջ յաղթանակներուն մէջ ողորմելի պարտեալը, հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որմէ պիտի մեռնի քառասունին։ Արկածախնդրութի՞ւն՝ այդ վերջաբանին մէջ տեսնել ստուերը պալատական պուպրիկին։ Թերեւս։ Բայց վճիռէն առաջ` անգամ մըն ալ բարի եղէք մտաբերել եղերերգները։

 

Այսպէս դրուած սա տռաման չի լուծուին սակայն: Պարտաւոր եմ դիմել դարձեալ ձեր սեպհական ապրումներուն։ Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր տռամին հերոսները հագնիլ, իւրացնել, այլ եղերերգները վերակազմել ձեր հաշւոյն, ուրիշ խօսքով՝ ձեր քերթուածը գտնել, զոր ապրեցաք ձեր օրն, արագ, միամիտ, յիմար, ցաւի կամ հաճոյքի մէջ, բայց ապրեցաք։ Այնպէս կ՚ենթադրեմ որ բանաստեղծներ չէք, բարեբախտաբար, որպէսզի այդ անուշ ու պարզ շրջանները ներկէիք սեւով, ծիրանիով։ Բայց, պարզ ինքնակեդրոնացմամբ մը, դուք պիտի զգա ք որ ձեր հոգիին անուշիկ բացութիւններուն պիտի փռուին ձեր տղու շքեղ ամայքը, մենութիւնը, կուսութիւնը որուն վրայ երբեմն անակնկալ, երբեմն թել թել, երբեմն բռնուած լուսնկայ մը, երբեմն փրփուրէն ծուէն ծուէն յօրինուող աստուածուհիի մը նման` պատկերը ձեր սիրեկանին, գործածելու համար հին ու նուիրականացած բացատրութիւն մը, ողողելով ձեր հոգեղէն տիեզերքը, ձեզմէ ուզելով զձեզ այլամերժօրէն, անժլատ ու անդարձ։ Տուիք, չտուիք։ Հոս չէ հարցին եղերականութիւնը։ Կան որ կու տան ամբողջ ու կը մնան անարծաթ (հոգին ալ կը նմանի արծաթի) մինչեւ իրենց վախճանը։ Կան որ կը սնանկանան ու տառապանքով կը դարմանեն միամտության այդ ոսկեդարին աւերը։ Քիչեր, վերի բանաստեղծներուն նման իրարու սովին մէջ պիտի պապակին, աս աշխարհին ամենէն տարօրինակ այդ կրակով, բայց պիտի արժեւորեն բախտը այդ մեզի փոխանցելու, ընծայելու անաղարտ ինչպէս անթառամ սաստկութեամբ։ Հիմա, չեմ նեղուիր երբ ձեզի առաջարկեմ որ փոխադրէք այդ պահը, միշտ իբր օր մը մարմին հագած պատկեր, քաղցրութիւն, երազ ու մահ, այն ափունքներուն, անտառներուն, ջուրերուն ուր այդ զոյգը քալեց քով քովի, մէկը պարիկ ալ երբեմն որ «թռէր ընդ առաջ» միւսին, ամէն ամառ, ջուրերու, հեշտանքներու վայրերը երբ կ՚երթային բարձր դասու այդ կիները, օրիորդները, իրենց ուսուցչին պատուակալ ընկերակցութեամբը։ Ու դրէք որ մէկը ըլլայ հով որմէ կը պարպենք զովը, գգուանքը կամ կը հանենք վրան հեշտանքը չեկող համբոյրին բայց չենք առներ, հաներ կրակը։ Ու միւսը ըրէք ինքն իր մէջ բռնկած խարոյկ որ իր մուխն իսկ պարտաւորուած է մարսելու: Ու իրարու հետ։ Իրարու ետեւէն, մենութիւնները, թաւուտքները, սքանչագեղ այդ վայրերուն անպարագիծ յոյզերը. ։ Մինչեւ ո՞ւր։

_— Այս հարցումին կուտանք պատասխանը, ամէն մէկս մեր բառովը:

 

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին համար պատասխանը պիտի գար գերեզմանէն

Մինչեւ շիրիմ։

Ու անմիջապէս՝

 

Ես լուռ ցաւեր կ՚ուզեմ եւ լուռ գերեզման,

 

որուն նախատօնակը ապրեցաւ այս երիտասարդը, խոնաւ անցամաքելի մահճի մը խորը, փշուր փշուր, մարմնի տեղ անորակելի խարխլեակ մը, աւերակ մը ունեցող։ Բայց ուր, ինչպէս սրբավայր մը, ժամանակին աւագանին, դասը որ ժողովուրդի մը սրտին ու մտքին գանձապահը կ՚ըլլայ, ինչպէս ամենէն գեղանի պարմանուհին դուք գիտէք անոր անունը պիտի դիմեն, վերջին օրերը, ժամերը մեղմելու, բանաստեղծը պիտի գրէր՝ ոսկեզօծելու՝ մահամերձին։ Երա՞զ։ Հրա՞շք: Այս բառերը սուտ չեն անշուշտ ու ստեղծուած են պէտքի մը ընդառաջումին համար։ Աւանդութիւնը կ՚ըսէ որ այդ գեղանի պարմանուհին իր մատներուն ոսկի շեշտանքին մէջէն հիւանդին կ՚ընծայէր անոր… դեղերը, սուտափուտ, այն ներկուած կամ տժգոյն, անուշ կամ դառնահամ ջուրերը որոնք այնքան յիմար, ծթռած չարութեամբ մը հիւանդներուն արդէն նեղ շնչառութիւնը կը սեղմեն, մահէն առաջ մահը հանդերձող…: Հիմա, ներեցէք որ դարձեալ դիմեմ ձեր երեւակայութեան, որպէսզի տեսնէք քրտինքով, մահուան ժահրով, անհուն կարօտներու շամանդաղներով յագեցուն այդ սենեակին մէջ, «տժգոյն ու սեւ» մրափէ մը վերջ, իր անհուն, արեւի պէս տաք աչքերը բացող մահամերձը։ Ըրէք այդ պահը առտուընէ վերջ, քիչ ամբոխ գտնելու համար հիւանդին մօտ։ Ենթադրեցէք որ հոն է ոսկի այդ երազին մարմինը, Օրիորդ Սրբուհի Վահանեանը, առանձին, իր վրայ հագած հնօրեայ, ամիրայաձեւ պատուհանէն ներս ինկած ոսկի պատմուճանը արեւին, դէմքին մարմար լիութիւնը անկարելի սկաւառակի մը պէս բացած լոյսին խաղերուն։ Միշտ ենթադրեցէք որ այդ արեւը բան մըն ալ ըլլար վառած այդ հրաշքին վրան, Դուրեան պիտի ըսէր՝ ոսկի ժպիտը, ես կ՚ըսեմ աւելի մարդկային բան մը, խորունկ ցաւի, գութի ու շարունակելով երանգը խորացնել զգացումին… յապաղած սէրը որ այդ փառքին մէջ գեղանի երեսներուն՝ խղճահարութեան թեթեւ ստուերով մը պատանքուած խօսէր, մարդկօրէն, իրա՜ւ, այն մէկ հատիկ բառը զոր սպասեր էր այդ երիտասարդը տարիներով, այդ աղջկան բերնէն ու չէր գտած։ Իրաւ, իրաւ կ՚ըսեմ ձեզ, որ սուտի մէջ չեմ երբ այս տեսարանը կը թելադրեմ մեզի։ Կենսագրութենէն գիտենք որ հիւանդապահուհին իր հիւանդը այնքան կը սիրէր որ նոր տառապանքին մեղմացումին համար չորս աչքերով կը սպասէր Օրիորդ Վահանեանին որուն ներկայութիւնը խաղաղութիւն էր հազին ու արիւնին։

Ելա՞ւ այդ բառը կախարդական այդ շրթներէն։ Չելա՞ւ: Ինծի կուգայ թէ ինչ որ ձայնը վարանեցաւ մարմնաւորել, նայուածքը փորձեց անցընել մահամերձին աչքերուն: Կրնամ քիչ մըն ալ երթալ աւելի առաջ քան նայուածքը, ու նախ վախով, ապա աւելի գորովով, ամենէն վերջը` զեղուն սիրով այդ աղջկան ձեռքը տարածել քրտինքով ողողուած սքանչելի ճակատին վրայ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան մեծատաղանդ, ազգահռչակ բանաստեղծին որմէ ուրիշ ամէն հանգամանք սրբուած են այդ պահուն, ու սա աղջկան նկատումին մէջ կը մնայ տիրական, թերեւս ծանրագոյն տագնապը գրական զգացողութեան որուն կախարդական ճարտարապետն էր եղած ան որ ահա իրեն կը խօսէր, անհուն լռութեան մը մէջէն անհուն իր կարօտը, ծարաւը այդ աղջկան կարելի հրաշքէն։ Յետոյ, հոտաւէտ ու մետաքս թաշկինակ մը ջանար չորցնել, միշտ կախարդական այդ մատներուն մէջէն, շամանդաղները անոր հոգին գերագոյն ցաւին, սիրոյ ծարավին։

 

Յետո՞յ:

Բայց այնքան շա՜տ ապրում այդ փայլակնաթեւ րոպէներուն որոնք մեր ծնունդն ու մահը իրարու կը կամրջեն, ահաւոր առատութեամբ մեր նայուածքին նետելով մեր օրերը, երազները, խուլ, արգիլուած ըղձաւորութիւնները։ Անշուշտ։ Խօսեցա՞ւ մեռնողը այդ տեսարանին climaxը դնող բառը։ Չխօսեցա՞ւ: Մարդկային եմ երբ կը խոնարհեմ շքեղ դէմքը այդ աղջկան դէպի աւերակը բանաստեղծի դէմքին։ Թող չգան անոնց շրթները իրարու, ա՛լ անպէտ յուզումի մը համար։ Մարդկային եմ՝ երբ կը տանիմ աղջկան մատերը դէպի թաւուտը հիւանդին կոպերուն, զանոնք իրարու հիւսելու, որպէսզի խնայուէր իր գեղեցկութեան կրակը այդ փակուած աչքերուն։ Հաշի՜շ, մոռացօնք, գինովութին ու խաղաղութիւն այդ տառապած սիրտին որուն ցնցումները դողի կը հանէին մազերուն հիւսուած կաթիլները հոգիին արցունքին։ Մեր քրտինքը մահուան մօտ մեր հոգիին` լայն է մեր մարմինին վրայ։

Հէքեա՞թ։

Է, աւա՜ղ, ասիկա։

Ուրի՞շ։

Տռամա, ապահովաբար ձեր տեսածներէն, լսածներէն, ապրածէն տասնապատիկ ուժգնութեամբ, որուն ակնարկած էի, Մ. Պէշիկթաշլեանի նուիրուած գիրքի մուտքին, Համապատկերէն։ Քիչ անգամ ճակատագիրը այսքան դժնդակ կացութիւններ կը ճարտարապետէ, այսքան կախարդական, գերմարդկային հանդիսանքի մը մէջ, անողոք՝ ինչպես միշտ, մեր գլխուն։ Ասիկա չէ դասական հոգի տալը, այլ, բան մը որ անուն չունի։

Բայց ամէն տռամա կը պատանուի ... վարագոյրով մը։

Հո՞ս։

Անշուշտ հոս ալ, ինչպէս ամէն բեմի։

Վարագ ոյրը հոս սակայն թեթեւ զարտուղութեամբ մը պիտի կարգադրէ սա լուծումը։ Կանխող էջերու մէջ դուք կարդացեք Մ. Պէշիթաշլեանի հոգեվարքը, թաղումը, սուգը։ Ու անոր վերադարձը մեզի, այս անգամ իր բառերով՝ «գեղեցկացած» ու «տարփելի»: Երիտասարդը մեր տռամային, հողին խանձարուրին յանձներ էր իր կորնչական տարրերը բայց ազատագրեր՝ իր անկորուստը բոլոր հողքերուն գերութենէն։ Երիտասարդուհի՞ն։

- Ան պիտի ապրի աւելի քան երեսուն տարիներ տակաւին, բայց չարաշուք, տանջահար, խորապէս արգահատելի ճակատագրովը մէկէ բազմաթիւ մահիճներու, որոնք հեռուէ հեռու պիտի յիշեցնեն այդ խելունի, գեղունի, մարմարեղէն կնիկին՝ անմոռանալի մրափէն արթնցող երիտասարդ քերթողին վերջին րոպէները։ Կ՚ենթադրեմ թէ Տիկին Տիւսաբ գոց գիտէր «Երեւեցաւ»ը, Պէշիկթաշլեանի վերջին ձեռագիրը, մատիտով, որուն մէջ մահամերձը կը տեսնէ կինը ... ։ Ու կը հետեւիմ, այս անգամ արագ` այդ պուպրիկին որ կարծես ճակատագրին տակն էր ծներ ... վարժապետներ հրդեհելու։ Իր գրականութեան ուսուցիչը, այնքան ռոմանթիք, այնքան քաղցր, անոր մէջ անկարող էր եղած կինը ստեղծելու: Իր դաշնակի ուսուցիչը, որուն համար Տիկին Տիւսաբ կոկ, պատշաճ բառեր ունի աշխարհիկ բարոյականի, անոր մէջ չսպաննեց անշուշտ պուպրիկը բայց չստեղծեց ինչ որ կը հաւատար թէ պիտի ըլլար այդ աղջիկը։ Այդ ամուսնութիւնը Տիկին Տիւսաբ իր փաշա ամուսինը պիտի առնէ երեսունէն վեր զիս չի շահագրգռեր աւելի անդին քան իր իմաստը: Իր ամուսինն մասին պարտ ու պատշաճ իր գովասանքը զիս չի կրնար մղել զիջումի։

Ըսի թէ մէկէ աւելի մահիճներ պիտի սպասեն իրեն։ Մէկը ասոնցմէ, կ՚ենթադրեմ միշտ, մահիճն է իր առագաստին ուր այդ պուպրիկը, թերեւս արեան հանդերձանքով մը կան որ ծնած են տառապելու համար, այդ արեան մեղքերուն մութ պատգամներով թերեւս խղճահարութեան մը սլաքներ է խոցոտուած, պիտի ապրի շատ աւելի դժնդակ հոգեվարք մը քան դերձակորդին, որ իր աչքերը փակել էր իր սիրածին մատուըներով։ Մի աճապարէք, այդ փաշա ամուսինին հասցէին շռայլուած hommageի հասարակ խօսքերը շահագործելու Հրանդ Ասատուր ունի այդ անուշիկ, պոլսավարի վկայութիւններէն Տիկին Տիւսաբին, ինչպէս իր կնոջ՝ Սիպիլին մասին։ Իրողութիւնը, հազիւ ընդունելի, հոգեբանական է սակայն։ Որ մասամբ մը արդարացում կը ճարէ Տիկին Տիւսաբի ձեռագիր քերթուածներուն լռին խոստովանութիւններովը ու տպուած իր վէպերուն մէջ իր սիրտին բացարձակ պակասովը։ Չունէ՞ր այդ սիրտը այդքան անուշիկ այդ երիտասարդուհին։ Թերեւս: Ունէ՞ր։ Թերեւս։ Իրողութիւնը, կը կրկնեմ, հազիւ հասկանալի, այդ ամուսնութեան ետին` անմաքրելի ժանգահարում է իրարու կապուած, շղթայակուռ այդ` թշուառութիւններուն։ Անշուշտ հիմնովին դուրս է իմ նկատումէս ու համակրանքէս դաշնակի վարժապետի մը այդ կտորը որ բախտին անհասանելի մէկ խաղովը, աննուաճելի այդ պարիկին պահապան–բանտապահը իբրեւ միայն զիս կը տանի երազանքի։ Մարդն էր անիկա, ամենայն հաւանականութեամբ, որուն տունը, իր կնոջը գեղեցկութեան իսկ փաստովը, ինքնաբերաբար կը վերածուի անպատում տանջարանի մը։ Ամէն աղուոր կնիկ իր էրկանը գլխուն շքեղ դժոխք մըն է, աշխարհի սկիզբէն իսկ։ Ու կը հրաժարիմ հետեւիլ թելադրանքներուն որոնք այդպէս կազմուած մահիճէ մը կուգան։

Ուրի՞շ։

Կայ, աւա՜ղ, ուրիշն ալ, աս ալ մահիճ մը, որ սակայն, Օրթագեղի (Պոլսոյ այն թաղը ուր մեռաւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան) պարզուկ սենեակին տեղ, եւ պատրանք էլ ունի իրեն կացարան, չըսելու համար առագաստ։

Ատիկա մահիճն է պարմանուհի Տօրինին, տասնըեօթ տարեկան, մօրմէն աւելի գեղանի աղջկանը Տիկին Տիւսաբ ... փաշայի։ Գարունքին, դեռ «պռկունքին ծաղիկը» չինկած, այդ հրաշագեղ աղջիկը պիտի հայի նոյն ցաւով որով հալեր էր դերձակորդին, մետաքսին ու ոսկիին մէջը իր բարձերուն, ամէն րոպէ տեսարանելով խորապէս կը հաւատամ գրածիս - յուսահատ, աշխարհի մէջ իր նմանը չունեցող թշուառ այդ մօրկանը աչքին հոգեվարքը Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի: Տռամին այս արարուածը շատ ուշ, Բարիզէն կ՚առնէր իր սկիզբը: Բարիզի աստուածները աւելի իմաստուն է, քան հայոց աստուածները: Անոնք այդ հրաշալի աղջկին մահն էին պատգամեր, անվերաքննելի վճիռով մը։

Տիկին Տիւսաբ փաշան ապրեցաւ իր հրաշքին իր աղջկան քայքայումը, կործանումը, իր բազուկներուն վրայ Տoրինին մարմնեակը ու իր ոսկի մատներովը փակեց սրբազան անոր աչուկները եւ ի՞նչպէս յանձնե ց զայն հողին մահիճին։ Հարցնել ու լռել։ Ճակտի գիր է երբեմն մարդոց կեանքը։ Ուրի՞շ։

Տիկին Տիւսաբ չի կրնար մոռցուիլ մեր գրականութեան մէջ, նոյնիսկ ընդդէմ իր ահաւոր, աններելի մեղքերուն որոնք իր վէպերը եղան։ Չի մոռցուիր, վասնզի անիկա, սա վերջաբանին մէջ ալ փորձը կայ մեզի զգացական եւ իմացական տռամա մը թելադրելու, հերօսուհին է անառարկելի արժանաւորութեամբ մը օր մը գրուելիք շքեղ վէպի մը, իրաւ վիպասանի մը գրչին տակ ընդունակ գտնելու հոծ, արիւնոտ, խենթեցնող այն գեղեցկութիւնը որ մարմինն է կնոջ, այդպէս նախ սահմանուած արեան ու արցունքի, թերեւս գինովը այդքան կատարելութեան, ու գտնելու նոյնքան շքեղ գեղեցկութիւնը որ գրական հանճարն է արուեստին այլապէս հոծ, փաղաղիչ, սպառիչ խենթութիւնը որ մեզ կը նուաճէ ընդդէմ մեր բոլոր նկատումներուն։

Մ. Պէշիկթաշլեանի մասին գրուած ուսումնասիրութեան մը մէջ սա վերջաբանը, սա վիպակութեամբ ես չեմ նկատեր շեղում մը: Համապատկերը բառարան մը կամ Յայսմաւուրք չէ:

Յետոյ, առանց այլեւ այլի,

Իշխանուհի Վահանեանը եւ դերձկորդի Պէշիկթաշլեանը, առանց խորհելու, գիտնալու իսկ, գրած են արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն սրտայոյզ վէպերէն մէկը։

 

* * *

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան շատոնց անցած է փորձի շրջանը, գիտէք ատիկա։ Ես, սրտագին մոռացումով մը, անցայ իր մեղքերէն, իմ հիացումս այսպէս կերպարանելու համար իր արժէքին վրայ։



[1]       Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն տկար կողմերէն մէկը վաւերական յուշերու, տոգումենտներու պակասն է ապահովաբար։ Չեմ քններ ազդակները, պարզ փաստին առջեւ մեր գրողներուն կեանքին զոր լաւ կ՚ընենք ամուր ծածկելով, խնայելու համար խորունկ դառնութիւն։ Մեր վէպը, մասամբ քրոնիկը շահագործած են անշուշտ ինքնակենսագրական տարրեր։ Բայց ամէնքս ալ գիտենք՝ հում իրականութիւնը գերազանց է յաճախ, երբ հարցը կը դառնայ մեր գրողները սեւեռելու, իրենց գործին ընդմէջէն, իրենց մահէն ետքը։ Ունինք Սիլիհտարի պարտէզները (Տիկին Եսայեան), գրեթէ անխառն գլուխ-գործոց մը սեռէն, որ փոխանակ 1930էն վերջ գրուելու Տիկինը ծնած էր 1880էն առաջ ու գրուելու մանաւանդ Երեւան ուր իրմէն ուզուածը չէր ատիկա, գրուելու էր քսանըհինգ տարի առաջ… Բարիզ, նորասկիզբ գրականութեան մը ազատութիւններուն սպասարկու: Տարիները մեր մանկութիւնը կը վսեմագործեն (Ֆրէօյտեան բացատրութիւն), բայց կը սպաննեն մեր պարմանութիւնը, այսինքն կիներու կեանքին ամենէն խոր ու անուշ դիւթաշխարհը։ Հիմա, այս տողերուն վրայ բարի եղէք փոխադրուելու մտքով դէպի կայքերը այդ Պոլիսին երբ Տիկին Սիպիլ իր ոտանաւորներուն փառքը կը պտտցնէ թերթէ թերթ ու Զապէլ Յովհաննէսեան անունով աղջնակ մը իր ձեռագիրները կը մատուցանէ, հազիւ պարմանի, խմբագիրներուն…։ Այդ հատորին մէջ մենք կը հաղորդուինք անխառն պոլսականին զոր ոչ Վարժապետին Աղջիկը, ոչ ալ Աղջկան մը Սիրտը, ոչ ալ Ամիրային Աղջիկը կը յաջողին այդքան խորունկէն, հարազատութեամբ սեւեռել, այսօր մեզի այնքան սիրելի: Պոլսականը միայն տեղական գոյն չէ հոն, այլեւ սեռը, դիւթքը, մեր ժողովուրդի հոգիին մէկ հիւսքը, մեր մանկութեան մէջ թոռմելու ատեն չգտած մեր պարմանութիւնը, քովն ի վեր՝ գրական հեղանուտը, արեւմտահայ գրականութեան անմոռանալի քաղցրութիւններուն տնկարանը։ Ուրի՞շը փնտռեցէք ու պիտի դժուարանաք։ Իմը եղել է Պրուսան, Պոլիսին չափ դիւթական, արիւնոտ, աւելի տրտում ու աւելի անուշ քանի որ իմ երկրորդ մանկութիւնը եւ պարմանութիւնը անոր ջերմուկներուն մէջ գտան ոչ միայն մերձաւոր արեւելքը, Ափրիկէն, այլեւ Եւրոպան, իր հիւանդ աղջիկներով ու ծերերով… Պիտի տրուի՞ ինծի պատեհութիւնը այդ երազը նուաճելու: Կը կասկածիմ։ Համապատկերը (Oշականին նուիրուած բաժնին մէ։) փրկած է մաս մը բան, մարդերու յօրինման զուգահեռ՝ մաս մը հոգի սեւեռելով։ Երբ կը մերժեմ սփիւռքը իբրեւ արեւմտահայ գրականութիւն արժեւորել, կը հպատակիմ սա թելադրանքներուն։ Հիմա ալ սիրային տռաման կը պահէ իր հուր կը, արիւնը, բայց Պրուսայի մէջ, Պոլսոյ մէջ անիկա ունէր այդ վայրերով ալ թրթռուն երանգներ եւ կարդացէք մեր ողբերգակները, այդ մաuնակին գտնելու ջանքով։ Նոյնիսկ տաղանդով նիհարագոյնները։ Պիտի ազդուիք միայն այդ գետնին վրայ։ Ու պիտի գտնէք որ աւերակ, մահապարտ երիտասարդին ու ապարանք, խելացնոր գեղեցկութիւն երիտասարդուհին տռաման կը գնէ իր սովորականութիւնը, ու ծիծաղելիին (այժմու) անխուսափելի կորանքը։