Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Բ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ  (1828-1868) 

Այս անունին տակ արեւմտահայ գրականութիւնը քով քովի դրած է ազգային փառք մը, զգացական տռամա մը, ստեղծագործ գեղեցկության խորհրդանշան մը ու ... սրտառուչ վրիպանք մը։

Ալիշանի տռաման, ամբողջութեամբ իմացական, ինչպէս քիչերու պատահող, մեր գրականութեան մէջ չունեցաւ իր անդրադարձումները, ըսել կ՚ուզեմ` չստեղծեց այն խորունկ, մարդը մինչեւ իր ընթերքը խռովող յուզումները որոնք մենք կ՚առնենք Պէշիկթաշլեանի, Դուրեանի, Մեծարենցի տագնապներէն, բանաստեղծականէն դուրս ապրողութեամբ մը։ Երանելի աբբան ապրեցաւ իր երազը, իր մատուըներով շինուած. մեռաւ այդ երազը իրեն պատանք ընելով, պարզ, պարկես, կարօտին մէջը միայն իր անբաւարար աշխատանքին։ Մենք անոր գործը կը դատենք, անկէ զատելով մեր գրականութեան պատկանող մասը ու կ՚ըսենք մեր մտածումները, առանց տառապելու, գուցէ անոր համար որ ինքն ալ չէր տառապած իր քերթուածերուն շատ շատին համար: Բայց պարագան հիմնովին տարբեր է Պէշիկթաշլեանին համար որ վանք մը չունեցաւ իր թռիչները կտրտող, պարտքեր՝ սքեմին, պաշտօնին, նկատումներ որոնց մենք կը զոհենք երբեմն մեր ամենէն սրբազան կարօտները։ Պոլիս մը, ու Զարթօնքին խաժ, թարմ Պոլիսը, ուր մեր հինն ու նորը իրարու կ՚օղակուին, այսինքն ուր մենք կը պահէնք տակաւին մեր հին արեան բոլոր մղումները, ազգային նկարագրին եռքը, ու կը հանդերձուինք նորին կեանքի կերպերուն՝ որոնց տարօրինակութիւնը, նոյնիսկ անկարելիութիւնը, այդ մարզերուն վրայ, մենք հազիւ թէ կը զգանք։ Դժուար չէ մեր իմացական, զգացական, ընկերային, ազգային զարթօնքը վերածել զինքը կերպադրող ապրումներուն եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, առանց մեծ, իրաւ բանաստեղծ մը ըլլալու, տարազին բացարձակ գործածութեանը մէջ, քանի որ այդ գործին մէկ ստուար մասը կը պատկանի իր վրիպանքին է նոյն ատեն, տաղանդին պատշաճ խորհրդանշանը, ժամանակ մը հարազատ կերպով արտայայտող: Դու զո՞վ խնդրեսը1860 է, ինչպէս Ի բիւր ձայնիցը, անառարկելի կերպով. այսինքն շրջան է մը, հոգեխառնութենէ մը անդրադարձ, թանկ վկայութիւն։ Բայց Առ զեփիւռն Ալեմտաղի՞ն, որմէ փշրանք մը բան դեռ չէ հինցած, ահա կայ մօտ հարիւր տարի։ Ուրեմն տաղաչափ մը եւ իրաւ բանաստեղծ մը քով քովի են այս անունին ներսը: Այս որակումներէն առաջինը, ուրախ եմ յայտնել կրնալուս, անկարող է մնացած երկրորդը ստուերելու։ Ու դուք տեսաք թէ Ալիշանի համար վճիռը հակառակը կը փաստէր։ Գրականութեանց պատմութիւնները, համապատկերները դատարաններ չեն որպէսզի ամբաստանութեան դիւաններ դառնան։ Անոնք պազարներ ալ չեն սակայն որպէսզի վաճառքի հանեն ամէն բան։ Գրականութեանց պատմիչը գրեթէ միշտ լուրջ, հաւատաւոր մարդ մըն է որ փորձառութեամբ սորված է աշխարհին ամենէն պարզ օրէնքները, nրոնցմէ մէկն է լաւին ու միջակին, ընտիրին եւ «անշահ»ին անխուսափելի կենակցութիւնը։ Էականը ընտիր տարրին, թէկուզ քանակով քիչ, ներկայութիւնն է մեզի հասած արդիւնքին մէջ։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան չի նմանիր Ալիշանին որմէ կատարեալ քերթուած մը չէ ժառանգած մեր քնարերգութիւը. չի նման իր Թէրզեանին՝ որուն ընդարձակ տաղարանը տողեր կը պարունակէ . ու շարունակելով զուգորդութիւնը՝ Նար-Պէյին, Չերազին, Պէրպէրեանին, Սէթեանին որոնք մեր գրականութեան մէջ աշխատաւորներ են, յիշատակութեան արժանի: Բայց բանաստեղծի մը ճակատագիրը դուրս է այս սեղմումէն։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն արեւմտահայ գրականութիւնը ժառանգած է անփոխարինելի քերթուածներ, վկայութիւններ։ Ու ասիկա բացարձակ է այնքան որքան բացարձակ է դարձեալ այդ անունով մեզի հասած բառակոյտին մեղքը

 

Դարու մը կը մօտենայ զինքը մեր ժամանակէն բաժնող միջոցը։ Այսինքն մեր զգայնութիւնը հիմնովին ազատագրուած է այն տարրերէն, պայմաններէն որոնք մեր 1850ը յօրիներ էին։ Մենք այսօր, այդ գործին դիմաց, միշտ ժամանակին նպաստովը, գտած ենք մեր ազատութիւնը, այն քիչ շահախնդիր հոգեխառնութիւնը որ կը յատկանշէ առօրեան, անմիջական կենդանին, դէպքերու քայլը եթէ կը ներուի այսպէս արտայայտուիլ իրեն գահաւորակ ունենալէ հեռու խաղաղութիւնը։ Մենք կը կարդանք այսօր մեր հիները, զանոնք մերը ընող տարրերուն ճնշումին տակ։ Նարեկացի մը, Շնորհալի մը, Եղիշէ մը, Խորենացի մը իրենց գործին այդ ապայժմէութիւնը երբ կը դնեն մեզի խօսող ապրումներուն փաստովը, կը մնան գիծին  մէջը մեր նոր գրականութեան այն արժէքներուն որոնք իրենք գնած են այլեւս. ըսել կ՚ուզեմ՝ դուրս են շահախնդիր ճնշումներէ։ Մեր իրաւ բանաստեղծներէն ամենէն խնդրականը, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, Ալիշանէն տարբեր բախտով մը կ՚ապրի սակայն մեր սիրոյն, չըսելու համար հիացման մէջ։ 

Աւելի քան քառորդ դար, մինչեւ Իրապաշտներուն կրկէս իջնելը (1885), այդ հէքեաթը մեծ, անզուգական բանաստեղծին, կ՚ապրի միապաղաղ, անկնճիռ, քաղաքական դէպքերէն ալ խորհուրդի, երկիւղի տարրեր իր ներսը բիւրեղացնելով։ 1860ին անոր անունով մեզ հասած երգերը, քաղաքական հալածանքէն չէին ստացած այն գունաւորումը, խռովքը որոնց հանդէպ խորունկ ընկալչութիւն կը պարզէր 1890ի սերունդը: 1900ին Դուն զով խնդրես մը պարզ երգ մը չէր, հանդէս մը խանդավառող, այլ սարսափի ու մահուան aure մը։ Զայն երգելու համարձակող մը մեռած էր թուրքին ծեծին տակ, այդ սրբապղծութիւնը քաշելու ատեն չհասկանալով մարդոց անգթութեան չափը, ու հաւանաբար բանաստեղծն ալ չունենալով իր մտքի écraոին, այնքան անանձն, որով՝ ամենունն էին այդ երգերը (կը խօսիմ անձնական վկայութենէ մը): Իրապաշտները, Պէշիկթաշլեանի հանդէպ պատկառանքի հասնող իրենց գուրգուրանքը հեռու՝ Եղիա Չերազ Պէրպէրեան Թէրզեան Ռոմանթիզմին ընդդէմ իբրեւ հակազդեցութիւն արժեւորելէ, սկիզբը ըրին այդ հէքեաթին մէջ իրաւ երակին գիւտին։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ազգայնական, հայրենասիրական, անցելապաշտ, դիւցազնաչունչ քերթուածները, գրաքննության միջամտութեամբը թապու յայտարարուած, դադրեցան պղտորելէ անոր փառքին դղրդած կերպարանքը։ Իրաւ, խորունկ, ներդաշնակ բանաստեղծը, որ սիրեր էր, տառապեր էր, իր զգայարանքներուն անմիջական բագինին վրայ։ Այսինքն սիրողը, հիւանդը, երազողը, թրթռուն քնարը շքեղ միջավայրի մը, հոծ հոգեբանութեան մը, կախարդ ճամբորդը մեր աշխարհին համերուն ու ձայներուն հանդէսին մէջէն, յաճախ արգիլուած պուտ մը իրաւ յուզում իսկ խմելէ իր ծարաւահիւծ ջիղերուն իբրեւ խաղաղեցում, անշուշտ 1860 մարդերը չտեսան երբ երգեցին անոր սիրային տաղերը եւ Արշակ Չօպանեան, գեղեցիկ աշխատանքի [1] մը մէջ, միայն իր սերունդը չի վկայեր հանդէպ այդ հէքեաթին, այլեւ կը վճարէ իր պարտքը այդ ապրումներու հանգոյցին, Պոլիսին, որուն եթէ ամենէն տիպարային գրագէտը Զօհրապը կը դաւանինք, ամենէն իրաւ, հանգամանաւոր բանաստեղծն է այդ վաղամեռ քերթողը։ Պետրոս Դուրեան, ծնունդ Պոլիսի, կը պատկանի հայ-գրականութեան եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան Պոլիսն է, թէկուզ հոսհոսական, թէկուզ անբաւարար, բայց Պոլիսն է: Իրմէ վերջ, այդ Պոլիսը իբրեւ ցոլք հազիւ կը զգանք Վահան Թէքէեանի մէջ։ Անիկա անգոյ է Վարուժանին, Սիամանթոյին գործէն ներս։ 

1914ին վաստակաւոր ուսուցիչ մը, Ա. Պիպէրճեան, անոր գործին ու անձին իր նուիրած հատորովը կէս դար ապրող այդ հէքեաթին կը բերէ վերջնական կերպարանք մը։ Պիպէրճեանի հատորը հեշտագին երախտագիտութեան պարտք մը չէ միայն, այլեւ ճաշակէ մը, գրական հասկացողութենէ մը որոնք իրենց արմատները կ՚երկարեն մինչեւ 1850 հաստատ վկայութիւն մը։ Արուեստագէտները Պէշիկթաշլեանի բանաստեղծութեան մեղքերը զգացին բայց անկարող մնացին արժանիքները իրենց ապրումներուն դաշնաւորելու: Շատ կոկ ոտանաւորը Սիպիլին, շատ արձակ զգայնութիւնը Մեծարենցին կ՚ըսեն մեզի տարբեր յոյզերէ, տարբեր գեղեցկութիւններէ, Պէշիկթաշլեանի արուեստէն տարակայ։ Առաջին մեծ պատերազմին արդէն պատմութեան կը պատկանէր այդ գործը, ըսել կ՚ուզեմ` փակեալ, կնքուած գերեզման մը։ Արեւելահայ ուրացումը (Լէօ, Ադոնց) չեմ արտօնուած գրական հասկացողութեան մը իբրեւ փաստ օգտագործել։ Երկուքն ալ անատակ են, զգայարանօրէն, ապրելու այն մասնակի, բացառիկ ազդմունքներ, որոնք բառի, կշռոյթի, պատկերի ձեւերով մեր տողը կ՚ընեն սեպհականութիւնը ցեղի մը, արեան մը ձայնը, հողի մը բուխքը։ Երկուքն ալ Պէշիկթաշլեանին մէջ տեսան միայն այն որ բառերուն սովորական իմաստովը, մեղքերովը, արժէքովը է պայմանաւոր։ 

Ոսկին եւ պղինձին բաժիննե՛րը։ Ինչպէս ամէն հէքեաթի  մէջ։ 

 

Ստոյգը ան է որ Մխիթարեան քերթողական դպրոցին [2] սա ամենէն շնորհալի եթէ ոչ ամենէն տաղանդաւոր յաջողուածքը, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, մէկ քանի զգացումներ, մէկ քանի վիճակներ եւ բարեխառնութիւններ, գրական որոշ խառնուածք մը աւելի յետոյ կը ճշդուի այս բառին տարողութիւնը - սեւեռեց, արտայայտեց ու վերջնական կնիքով մը մեր գրական տարեգրութեանց սրբարանին յանձնեց ճշգրտութեամբ մը, վճռականութեամբ մը որոնք հանդիպելի չեն, չեղ ան ուրիշ: ներու գործին ներսը։ Մեր ռոմանթիզմին քնքշանքը, մեր հայրենաբաղձութեան հիւծաւոր կրակը մենք ալ չենք գտներ ոչ Վարուժանի, ոչ Մեծարենցի, ոչ ալ Սիամանթոյի ու Թէքէեանի մէջ։ Արուե՛ստ, խառնուածք, ճաշակ՝ բառեր։ Քերթուածը գրական միւս սեռէ արդիւնքներէն կը տարբերի սա հանգամանքներով։ Անոր իրաւը վեր է ժամանակին ժանգէն։ Ստեղծագործական մարզէն երբ մեր նայուածքը դարձնենք դէպի գործօնական կրկէսը, ստոյգը ան է որ, հոդ ալ մեր գտածը սրտառուչ նուիրանք մըն է, ողջակէզ մը պիտի չվախնայի գրելէ, սերունդի մը հզօրագոյն ձգտումները իր մէջ խտացնող. այն ընդհանրացած բայց իր խորութեան մէջ լիովին չընդգրկուած հանգոյցը յոյզերու, կիրքի, երազի, որուն զինանշանային իմաստը կարօտ է հատորներով վերլուծման, իրմէն դուրս արձակելու համար  մեր ճակատագրին մէկ հրդեհեալ գօտին։ Որ ժողովուրդը լուսաւորելու, առնուազն իմացապէս ազատագրելու, այսօր տարտամ բայց հարիւր տարի առաջ արշալուսային իր յորդ պայծառութեանը մէջ ամէնքը խենթեցնող երա՜զը: Սխալի մէջ չեմ երբ կ՚ըսեմ թէ այդ երազին սպասարկուներուն մէջ ոչ ոք իրմէն աւելի նուիրում, կիրք, յուզիչ խանդ դրաւ: Ոչ ոք, իր հրայրքովը, ջանաց իրագործել այդ շքեղ մտատեսութիւնը մեր ճակատագրէն, դերէն, պատմութենէն, մեր արդար սպասումին՝ սա աշխարհին բարիքներուն, սորվեցնելով, խօսելով, գրելով, երգելով, կազմակերպելով, զանգուածին բութ անհասկացողութեան, ընտրանիին անյարիր փառասիրութեանց դիմաց, իր սիրտը միայն ունենալով իրեն վահան ու սրբարան։ Անկարելի էր որ չըլար գիտակից իր երգերուն արժէքէ նիհարութեան, պարագայական, տարապարհակ չարիքին, բայց չմերժեց իր գրիչը ամէն անգամ որ ուզեցին իրմէ այդ հմայքին մէկ նպաստը։ Աւելի՜ն։ Քնարերգակ բանաստեղծ մըն էր, ու իբր այդ գիտակ՝  իր անբաւարարութեան, հաւանաբար, գետնի մը վրայ ուր խորագոյն կիրքերուն հասարակշիռ ղեկավարումը գերագոյն տագնապը կը կազմէր աշխատաւորին, ուրիշներուն մէջ իջնալու, հայելու, ուրիշնալու ճիղճ պարտքը երբ կար իր անձը այնքան փարթամ, թեւարձակ, պատմուճանե ալ...: Մեր ռոմանթիզմին հանդիսական համադրութիւնը թատրոնն է ու Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան իր անունը, քնարերգակ բանաստեղծի իր հարազատ բայց զաղփաղփուն սրբութիւնը զոհեց… ամբոխային այդ խաղարկութեանց։ 

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան այն հազուադէպ հեղինակներէն է որոնց անձը, գործը, դերը շատոնց արդէն դարձել են սեպհականութիւնը լայն զանգուածներու։ Արեւելահայերուն Նալպանտեանին համազօր խորհուրդ մըն է ու գեղեցկութիւն մը։ Այդ իսկ պատճառով կը զգուշանամ ուրիշներուն ըրածը թարմացնելէ։ Արշակ Չօպանեանի լաւագոյն աշխատասիրութիւնը իր Մկրտիչ  Պէշիկթաշլեանն է։ Դուք այդ հատորին մէջ կը գտնէք լիառատ այն բոլոր մանրամասնութիւնները, ծանօթութիւնները, լուսաբանութիւնները, լայն fresqueները որոնք գրող մը ու շրջան մը կը վերլուծեն ու կը համադրեն, անոր տաղանդին ամենա խոր ալքերը մինչեւ հասցնելով պրպտումն, գորովին տարիքը։ Միւս կողմէն, ինչպէս դիտել տուի, Չօպանեանի աշխատասիրութիւնը, իբր ոգեղէն պատրաստութիւն, կու գայ շատ վարերէն: 1885ին  կախարդական քերթողէն ամէն ինչ դեռ կը պահէր իր կենդանութիւնը։ Անոր անունը, գրաքննութեան արգելքովը, գտեր էր այլապէս վրդովիչ հմայք մը։ Մեր բանաստեղծութիւնը, կրտսեր ռոմանթիքներով ռամկացած, գրաբարեաններով գրքունակ դարձած, Իրապաշտներէն անմիջապէս առաջ ... Ալփասլանն էր ու Եղիան, այսինքն մանկավարժական տաղաչափութիւն կամ յիմարամերձ քմայք: Պէշիկթաշլեան, իր գերեզմանէն, կը շարունակէ ողջ պահել փափկութիւն ու շնորհ, բանաստեղծութիւն ու հայրենասիրութիւն, նուիրում ու պաշտամունք, բառեր որոնք իր օրերուն հէնքն էին կազմեր ...: Արշակ Չօպանեան երբ քառորդ դար վերջը, այդ թուականէն, մամուլին կը յանձնէ իր ուսումնասիրութիւնը, անթառամ վկայութիւն մը կ՚ընէ այդ ամենէն։ 

 

Միւս կողմէն, ունինք Լէօի, Ադոնցի վերապահումները, որոնց ներքին տարողութիւնը չեմ բաւականանար կապելու արեւելահայ ծանօթ անբանաստեղծութեան, այսինքն շապլոն այն գաղափարաբանութեան որ արեւելահայ գրականութիւնը կշտացուց, հարիւր մը տարի, հերձուածային, միակտուր, սպանելու աստիճան ստեղծումին ազատութիւնը ու Մխիթարեան տաղաչափութիւնը գրաբարէն զերծելու միամիտ արարքը վերածեց ... արուեստի։ Անշուշտ արժանիք մըն է Թումանեանը։ Անշուշտ Տէրեան մը յաղթանակ մըն է։ Բայց երկու անուններն ալ անբաւական են ազատագրելու արեւելահայ հիմնական անբանաստեղծութիւնը։ Պէշիկթաշլեանի հանդէպ յիշած հեղինակներուն կեցուածքը զիս չի զբաղեցներ աւելի։ Բայց կայ արեւմտահայ մտաւորականութեան մէջ որոշ հերձուած մը, այդ բանաստեղծութեան ներքին արժէքին շուրջ։ Անցած են միակտուր հիացման, անհակակշիռ գովեստին օրերը։ Սփիւռքը, առանց զայն կարդալու, իր հիացումները, ուրացումները կը տանի իր հետ։ Անհռետոր, ցուրտ, դժբախտ տղաքը սփիւռքին չեն տառապիր փառքէն ինչպէս կորանքէն որոնք կրնան իրենց հասած ըլլալ հոսկէ ու հոնկէ, այդ անունին շուրջը։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեա՞ն։ Այո՛։ Լսած են այդ տեսակ անուն մը, փառք մը, բայց մոռցած, շատ արագ: Հետագայ էջերուն նպատակն է հաշտեցնել Պէշիկթաշլեանի հէքեաթը նախ իր անձին, ապա արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր ոգիին։ 



[1]       ԹԷեւ հատորը (Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի Կեանքն ու գործը) լոյս տեսած 1907ին, իր տարրերը ունէր հեղինակին մտքին մէջ 1885էն իսկ։ Ռոմանթիքներուն, Կրտսեր Ռոմանթիքներուն զգացական անբաւարարութիւնը պարզ է այդ թուականներուն։ Մատաղ զգայնութիւնը Չօպանեանին յաջողած է զատել այդ հէքեաթէն, հիացումէն, ըսի վերը, իրական երակը։ 1904ին, նոյն Արշակ Չօպանեանը հրատարակած է անոր ճառերն ու քերթուածները, ծանօթագրութիւններով։ Այս հրատարակութիւնը արձագանգ մը, յանգում մըն է: 1900ին Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան սրբութիւն մըն է, ազգային փառք մը, զոր հալածանքը կը լուսապսակէ ու իրապաշտ անբանաստեղծութիւնը կը պարտադրէ։

[2]       Երբ 1905ին Մխիթարեանց երկհարիւրամեակին առիթով լոյս տեսած հատորը կարդաք ուշադրութեամբ, կ՚ընէք ցաւագին հասկացողութիւնը ընդարձակ զառածումին որ բոլոր գրականութեանց մէջ հեղինակն է մեռեալ քերթուածներու շեղջակոյտին։ Մնաց որ մեծ Սեբաստացիէն մինչեւ Հայր Յովհաննէս, այսինքն երկու դար ու քիչ մը աւելի, վանականներ իրենց պարտքին մաս կը նկատեն բառեր չափելը։ Դպրոց մը, սակայն կենդանի տագնապ մըն է, Վենետիկի մէջ մենք չունեցանք բանաստեղծութեան այդ տագնապը որպէսզի ունենայինք դպրոցը: Գրաբար տաղաչափութի՜ւնը։ Չեմ խորանար։ Սխալ է Վարուժանի մէջ Ալիշան, Բագրատունի, Հիւրմիւզ ենթադրել, այսինքն այս մարդոց արուեստէն սննդառութիւն մը հաստատել որպէսզի բացատրելի ըլլայ Վարուժանի հռետորութիւնը որ շատ աւելի ընդարձակ երեւոյթէ, ցեղային դասուելու չափ։ Այդ ջերմութեամբ ու կիրքով, յորդութեամբ ու փայլակումներով չէ՞ր գրած Նարեկացին: Այդ քաղցրութեամբ, այդ շնորհով չէ՞ր գրած Շնորհալին։ Մխիթարեան բանաստեղծութիւնը, քննադատական տարազ, չ՚արժեր աւելի քան ամէն քննադատական տարազները։