Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

/160/ Տիրան Չրաքեան գրած է ոտանաւորներ։

Անոնցմէ գրքոյկ մը, « Նոճաստան » անունով, լոյս է ընծայուած (Կ. Պոլիս, 1908)։

Անդին կը մնան քանի մը ուրիշ քերթուածներ, հատոր չմտած։

* * *

Նոյն բախտը հոս ալ։

Ինչ որ իր վէպը Ներաշխարհ »ը տեսակ մը վէպ է, առանց հպատակելու սեռին պայմաններուն, բայց չի դադրիր մարդու մը վերլուծումին փորձը հետապնդելէ) չյաջողեցաւ նուաճել պայծառ, զգայուն, հարուստ մթերքով, գործողութեան մեծ ալիքի մը վրայ ինքզինք արձակած նաւորդութիւնը, արուեստի ջուրերէն, որ աշխարհ մը գտնէր ու յանձնէր մեր մտածումին։ Ինչ որ իր տպաւորապաշտ էջերը հալածեցին անդուլ ու յամառ մեր աշխարհէն զգալ նոր ու մութ բաներ եւ կամ վերջին աշխարհէն վար կանչել ծանօթ, բայց նոյնքան մութ բաներ։ Ինչ որ իր քննադատութիւնը ջանաց թելադրել արուեստի պարունակը ընդլայնել աւելի անդին քան իր տարողութիւնը, որպէսզի հոն զետեղելի ըլլար երկինքը։ Բոլորը վերջացա՛ն շքեղ անաւարտութեամբ մը։

Ուրիշ չէ իր բանաստեղծութիւնն ալ։ Ճիգ մը՝ երկինքնալո՛ւ, կամ երկինքը՝ աշխարհայնացնելու։

Ճամբա՞ն։

Տասը հատ չէ անշուշտ։

Չրաքեան պիտի գործածէ կա՛մ զգայարանքները կա՛մ միտքը։ Ինչ որ վերադարձ մը կը նշանակէ « Ներաշխարհ »ը ոտքի նետող ճարտարապետութեան։ Շատեր արդար ու բնական պիտի գտնէին անձնաւորութեան սա ներքին հաւատարմութիւնը, երբ գրագէտ մը իր գործին ամբողջութեանը մէջ կը շարունակել պահել ո՛չ միայն իր ներ/161/շնչման աղբիւրները իրարու ընտանի, ծանօթ Ներաշխարհ »ը նոճիներու մէջ ծովին սէնֆոնիովը կը բացուի), այլեւ զայն թանձրացնելու ընդհանուր եղանակը։ Բայց հոս սա միութիւնը առերեւոյթ է որոշ չափով։ Քննելէ առաջ « Նոճաստան »ի մէջ անձը, ջիղերը, միտքը, հարց կու տամ.

Ո՞ր մարդուն արտայայտութիւնն է այդ տարօրինակ դիւանը։

Ու ասիկա անոր համար, ոչ քերթող մը բառերու գործաւոր մը, գրագիտական ձեւերու [1] կլայող մը ըլլալէ առաջ զգայնութիւն մըն է, միսով ու ոսկորով մայրը մը, հարիւրաւոր նմաններու մէջ, ասոնց մեծ տագնապներուն խորապէս հաղորդ ու զանոնք գիտակից կամ անգիտակից ճամբաներով արտաշխարհելու ճակատագրուած մարգարէ

Զարտուղութիւնը, ինքնատպութիւնը, ինքզինք միայն նուաճելու սրբազան պարտքը ոեւէ քերթողի համար կու գան առաջին փլանի։ Ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին։ Բայց այդ բոլորը հասարակաց լինելիութեան մը ընդմէջէն։ Այս բոլորս՝ շրջան ընող յուզումներուն անտես ուժովը հրուած, մասնաւորուած, անձնացած։ Մեր Պետրոս Դուրեանը նոյնիսկ ազատ չէ պայմաններուն ճնշումէն։ Անոր վառ ցաւը, կրակները, մելամաղձոտ պառկերները ճշմարիտ իրենց իմաստը ունէին ինծի համար անդրանիկ պատանութեանս [2] ։ Աւելի յետոյ, Մե/162/ծարենցին շեշտը դարձեալ իրմէն աւելի ընդարձակ էր։ Ու ասիկա այսպէս բոլոր վաւերական քերթողներուն համար։ Բանաստեղծ մը ինքզինք արտայայտած ատեն զմեզ է որ կը պարզէ մեզի։ 1900–ին մեր բանաստեղծութեան տագնապը գաղտնիք մը չէ։ Վաւերական քերթողներէն վերջ, անվաւեր տաղաչափներու կայսրութիւնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մեծարենց։ Միջանկեալ շրջանը, որ Չօպանեանի վերանորոգչական փորձերով ու Սիպիլի ժուժկալ իրապաշտութեամբը բայց տրտմօրէն անբանաստեղծ զգայնութեամբը կը զատուի կրտսեր ռոմանթիքներու եւ անկանգնելի թանգարաններու տիրապետութենէն, մեր բանաստեղծութեան համար չունի գոյութեան իրաւունք։ Չեմ փնտռեր պատճառները։ Բանավարական, վարդապետական, նկարչական, կրօնական, պատմական, ամէն բանական է մեր ոտանաւորը 1870–էն մինչեւ 1900, բացի բանաստեղծականէն։ Տիրան Չրաքեան կը ճանչնայ Մեծարենցը, զոր չկարդալու մեծամտութիւնը թերեւս չքաւեց, քանի որ իր ոտանաւորը եղաւ ձայնականէն հիմնովին զուրկ կառոյց մը։

  /163/ Ուրկէ՞ կու գայ այ ոտանաւորը, որ այնքան քիչ կը նմանի ռոմանթիքներուն, որքան իրապաշտներուն նախասիրած կաղապարներուն, իբրեւ ձեւ ու խորք։ Կարելի չէ Եղիայի անողնայար տողը պատասխանատու նկատել Չրաքեանի խուժ, դերբկալիր ոտանաւորին։ Կարելի չէ իրապաշտներուն գուլ տողը նմանապէս մեղադրել Չրաքեանի տաղարանին բացարձակ բաղաձայնութեան եւ դժուար է, յանուն ինքնատիպութեան, անցք տալ յախուռն ձգտումներու, « Ներաշխարհ »եան ոլորքէ։ « Նոճաստան »ը չ՚ենթադրեր հուժկու յաւակնութիւններ, ինչպէս չի մեղկանար ոտանաւոր խաղալու ունայնամտութեան մէջ, որ դպրոց մըն է գրեթէ իրմէ առաջ, մինչեւ իսկ իր օրերուն։ Իր վարպետը չէ՞, որ հեղինակն է ոտանաւորներու, որոնք աս ու ան կ՚ըսեն, երբեմն գունագեղ, երբեմն նրբին բառերու հանդէսէ մը, ու կ՚անցնեն մեծ բանաստեղծի երկունք։ Նոյնիսկ խորունկ կսկիծ մը չէ կրցած ազատագրել « Խոհք եւ յուշք »ը գրական յօրինում մը ըլլալէ։ Ու. իր փառաբանած Սէթեանը գիրք մը ունի, որուն խորագիրն է « Գրչի զբօսանք »։

  /164/ Պարտաւոր եմ դառնալ Չրաքեանին։

Ու բանաստեղծը դատելու լաւագոյն եղանակը կը կիրարկեմ, վերլուծելով հնչեակ մը իր « Նոճաստան »էն։

ՄՈԼՈՐՈՒՄ

1 Եկա՜ւ իրիկունն, արբեցութեանց պահն աղու,
2 Պաշարել, օրօրել այս խոնջ հոգիս մըտացնոր:
3 Ու մի առ մի կ՚զարթնուն իղձերը խուժ ու բոսոր,
4 կամազուրկ ու հեղգ անդորրս ահա դիւրելու:

 

5 Եւ ո՞ւր է, բաբէ, խղճին նայուածքը հըզօր
6 Որ ցայգածաղիկ դարին վրայ էջքս արգելու
7 Ո՞ւր, մեր դաբիրէն, կոթողաբերձ ալէլու՝
8 Նոճե՛րս, ինձ յօգուտ կազդուրիչ խունկ շունչ մ՚այսօր:

9 Երկնազո՛ւնք ըստոյգ, քուրմք անմոլար եւ անյանց,
10 Յիս ներշնչեցէք ձեր աւիւնէն փրկաւէտ՝
11 Կամիլ համեմա՜տ ամենակալ ըսկզբանց։

12 Քանզի հմայուելէ եւ կարծելէ զերծ կերտուած՝
13 Տիեզերքի հոգւոյն դուք համաձայն էք յաւէտ -
14 Ո՜հ, մոլորելոյս մեծագոյն ցնո՜րքն է Աստուած»։

(«ՆՈՃԱՍՏԱՆ» )

 

Ամենէն առաջ խժդուժ սա չափը՝ 5+7, որուն վրայ իր յամառումը չ՚արդարանար ո՛չ մէկ երաժշտական բարիքով։ Անիկա ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ուրիշներէն զարտուղելու իր հիմնական խօթութեան փաստը։ Ամբողջ գրքոյկը գրուած է գրեթէ սա անտանելի մոթիֆով։ Չեմ գըտնել ուրիշ զսպանակ սա շեղումին։ Ու ա՛լ չեմ զբաղիր ատով։

Ի՞նչ կըսէ սա քերթուածը։

Վերնագիրը, « Մոլորում » բառ մըն է որ, բանաստեղծի մը անկեղծութեան դաբիրէն արտասանուած, մեզի կը թելադրէ որոշ խռովք մը։ Մարդկային մեծագոյն տագնապներէն մէկը մենք կը պատրաստուինք ճանչնալ սա ինքնազեղումին, ինքնապարպումին մէջ։ Ու գիտենք, որ քերթողները ամէն ինչ խոշորցնող արարածներն են։ Մտնե՛նք սակայն քերթուածին մէջ։

Առաջին քառեակը իրիկուան մը արթնցուցած զգայութիւնները կը ձգտի թելադրել։

/165/ Տող 1-ը կու տայ եկող իրիկունը։ Տողին միւս կէսը, արբեցութեանց աղու պահը, սովորական, թարմատար բացատրութիւն մըն է, որ ո՛չ մէկ արձագանգ կ՚արթնցնէ մեզմէ ներս, վասնզի ինքը չունի։ Իրիկունը եկած է օրօրելու անոր յոգնած հոգին։ Պաշարել ը (այդ հոգին) բեռ մըն է տողին, քանի որ օրօրելը աւելի է քան պաշարելը։ Տող 2–ին մտացնոր ը ո՛չ միայն խուժ ածական մըն է, այլ գոյութեան իրաւունք չունի։ Խոնջ ը ոչ միայն կը բաւէ այդ հոգիին, այլ կը վանէ միւս ընկեր վերադիրը։ Տող 3–ը գունաւոր ձեւն է իրիկուան մէջ մեզ այցելոր երազանքները պատմելու։ Կապոյտ ու կարմիր իղձերը անբացատրելի թէութիւններ չեն. կրնանք, պզտիկ նեղութեամբ մը, այդ գոյներուն ներհաղորդ զգայութիւնները տարածել մեր ըղձաւորութեանց վրայ։ Կապոյտ համբո՜յր մը, ինչո՞ւ չէ (երբ յստակ է կարմիր համբոյրը հիւանդին) կապուտաչուի դէմքի մը վրայ։ Տող 4-ը Չրաքեանի մարդակեդրոն քերթողութեան կը դարձնէ մեզ։ Անոր իղձերը պիտի դիւթեն անոր անդորրը, որ հեղգ է ու կամազուրկ ։ Աւարտած է քառեակը։ Մենք մտացնոր, յոգնած, կամազուրկ, թոյլ մարդու մը իրիկունն ունինք, զոր կապուտիկ երազներ պիտի գունաւորեն քիչիկ մը։ Անշուշտ մեր յուզումը չարդարացաւ։ Մեր ենթադրած մարդը, մոլորեալը չունինք: Փոխարէն՝ մեր գտածը սովորական արարած մըն է։ Ու կը հարցնենք քիչիկ մը նեղուած. Ասո՞նք պիտի պատմուէին մեզի։

Ու անտրամադիր, չկամ, կը մտնենք բանաստեղծութեան երկրորդ քառեակին մէջ։

Տող 5–ը իր բաբէ՜ ով մեր կասկածանքը կ՚ամրացնէ։ Պիտի աշխատինք վերին քառեակին հեղգ լքումը առնուազն արդարացնել, զայն ընելով հասկնալի։ Հոգեկան վիճակները անշուշտ ենթակայ չեն տրամաբանական processus–ին. բայց իրարմէ անտարբեր, անկախ, հակասական կտորներ ալ չեն։ Երկրորդ քառեակը պարտքին տակն է հոս այդ հոգեվիճակը պաշտպանելու։ Հեռու նման նպաստէ մը, Չրաքեան կը զբաղի բոլորովին ուրիշ զգայութիւններով։ Նախ չունի հիմնական, ամբողջ վիճակի մը թելադրանքը։ Խղճէն իր ուզածը, որ կը կրկնուի փոփոխել բառերով նոճիներուն ալ համար։ Ի՞նչ կ՚ուզէ այս մոլորեալը (թէեւ դեռ չենք համոզուած, թէ մոլորեալի մը հետը կը գտնուինք, քանի որ թոյլ, հեղգ, կամազուրկ ենք երբեմն, ամէնքն ալ, առանց մոլորանքը տագնապին (նախ, խիղճ էն, որ Չրաքեանի ամենէն յաճախեալ տարազներէն մէկն է, իր երկիմաստ [3] տարողութեանը հա/166/մար թերեւս։ Որ արգիլէ անիկա իր էջքը ։ Նոճերէ՞ն։ Որ կազդուրիչ շունչ մը տան իրեն։ Իբրեւ ընդհանուր յատակ, այս երկու բաղձանքները անբաւական են քառեակին շէնքին։ Վերածելով զանոնք մէկի (ամէն քառեակ ինք իր մէջ մէկ մեծ մտածում կամ զգացում կը յայտնէ) կ՚ունենանք փափաքը։ Այս պարզ վիճակը պիտի ճիւղաւորուի։ Ու մեր շուարումը արդար է խիղճ բառին առումներուն առթիւ։ Որո՞ւն կ՚ակնարկէ բանաստեղծը, բարոյակա՞ն թէ իմաստասիրական խիղճին։ Օգտագործելով քերթուածին ընդհանուր մթնոլորտը, երկրորդ քառեակին մասնակի վիճակը, էջքը, որ անկումի համազօր է հոս, կը կենանք բարոյական իմաստին առջեւ։ Այն ատեն կ՚ունենանք խղճահարութեան ծարաւ մը, որ խօսէր իր մէջ ու արգիլէր իր անկումը։ Բայց այդ անկումը անորոշ բառ մըն է։ Առաջին քառեակին մէջ մենք չանցանք նման վիճակի մը թելադրանքէն։ Ընդհակառակը դիւթուելու պահանջի մը համար ան կրկին էր կանչեր խաժ ու բոսոր իղձերը, որոնք կրնան մեղքի տանիլ։ Բայց իր գրածին պէս, զինքը դիւթելու պիտի ծառայեն։ Տող 5–ը եւ 6–ը ուրեմն կը սկսին նոր բան մը, խղճին տագնապը։ Ու կ՚ընեն այդ սկիզբը իրենց գլխուն, նկատի չունենալով իրենց անտեղութիւնը, քանի որ մեր խիղճը չի միջամտեր մեր թուլութիւններն իսկ մեզի խայթելու: Կը մնայ հասկնալ ցայգածաղիկ դարը այդ էջքին զառիթա՜փը մեր էջքերուն։ Բայց պիտակաւոր զառիթափը, մութ, մութին մէջ ծաղկած, լոյսէն վախեցող, լպրծուն երեսը մեր ախորժանքներուն։ Քերթուածը խոր է հոս ու մարդկային։ Բայց որովհետեւ անիկա մաս կը կազմէ « Նոճաստան »ին, պարտաւոր ենք մեր մոլորանքին տագնապին, խռովքին, կսկիծներուն մասնակից ընել այդ խեղճ անբաններն ալ, նոճերը ։ Ասոր համար է, որ անոնց կազդուրիչ շունչ մը պիտի պաղատինք [4] ։ Անշուշտ տող 7–ին ձեւական ու թելադրական պատկերները, նոճերուն մարմնովը կազմուած դաբիրն ու ալէլուն անհրաժեշտ տարրեր էին փրկելու համար արձակունակութիւնը /167/ քառեակին։ Ու գիտենք թերեւս, թէ այդ պատկերները աչքի շնորհներ կը յայտնաբերեն, քան թէ զգայական խորունկ թրթիռներ (նոր չէ, որ Չրաքեանը մեր գրականութեան մեծագոյն աչքը կը դաւանիմ։ Այդ զիջումը ըրած ենք իրեն քառորդ դարէ ի վեր, բայց աչքով մարդ բանաստեղծ չէ)։ Աւարտած է երկրորդ քառեակը, առաջինին հետ զօրաւոր հակազդեցութեամբ մը։ Բայց քերթուածին ընդհանուր ոգիին մօտեցած ենք քայլ մը աւելի։

Երրորդ երրեակը նոճիներուն ուղղուած պաղատանքին վերածումն է իմացական տարազին։ Չրաքեան անոնցմէ պիտի սորվի կամենալ (ապրիլ ալ անշուշտ ամենակալ սկզբանց համեմատ: Չեմ գիտեր որքա՛ն լուրջ է, առնուազն անկեղծ, ծառի մը տակ ենթադրեալ սա գիտակցութիւնը տիեզերական սկզբունքներէն ։ Հնդկական համաստուածութի՞ւն։ Բայց Եօշուա՞ն. բայց հեռուներէն սպառնագին ճամբայ ինկած ուրուակա՞նը ահռելի Շաբաթին։ Բայց ամբողջ թարթափա՞նքը գիրքերու ոգիներէն անդին, Անեզրին, Անհունին պշնումը հալածելու։ Ի՞նչ է ի վերջոյ ա՛ն, զոր Չրաքեան անուանած է այնքան բազմազան բառերով, պիտակած իրարմէ տարբեր որակումներով։ Ամեսթե՞փը։ Բայց ո՞ր Կրօնքին [5], նոյնիսկ բառին տալով կարելի ընդարձակութիւնը։ Ոգեղէն ոլո՞րտը, որ Էին եւ Չէին խանձարուրն է մեզմէ վեր ու մեզմէ վար։ Տիեզերքին գա՞նկը։ Ո՞վ է հեղինակը այդ Ամենակալ Սկզբանց։ Ի՞նչ են իրենք, այդ Ամենակալ Սկզբունքները։ Եթէ ասոնք գրական տարազներ չեն, ի՞նչ են ուրեմն։ Չեմ շարունակեր այս հարցականները։ Կը նեղուիմ, երբ նոճիները կը ներկայացուին ինծի անմոլար ու անյանց քուրմերու պատկերով։ Մազե կամուրջ մը բարեբախտա/168/բար մեզ կը բաժնէ ծիծաղելիէն, զի առանց պատիժի մարդ չի կրնար երկնազուն անուանել նոճիները։ Աւելին. անոնց « փրկաւէտ աւիւնէն » ներշնչում մուրա՜լ։ Որոշ է, որ կը քալենք, կը խաղանք վտանգին հետ։ Միւս կողմէ, որոշ է, որ այդ բոլոր բառերը շուրջառներու դեր մը ունին։ Կան անոնք նոճիներէն շատ առաջ։ Ու Չրաքեան չի նմանիր արուեստագէտներուն միջին տիպարին, որ բառերէն առաջ իրերը, տարազէն առաջ զգայութիւնը ունի իր գործին իբրեւ նախանիւթ։ Այս է պատճառը, որ այդ փաղփուն, երկնաճեմ, նկարագեղ բառերը իրենք ալ զարմանան, երբ կը կախուին խեղճուկ, անկշիռ, ճնշուած ծառերուն ճիւղերէն։

Չորրորդ երրեակը կը լրացնէ երրորդով սկսուած օդայնացումը։ Ծառերը « Տիեզերքի հոգիին համաձայն են յաւէ՜տ »։ Այդքան ճիղմ, այդ քան ողորմելի՞ սա ՏԻԵԶԵՐՔին հոգին, որպէսզի կանգուն մը հողն է վեր խաթարուած ձեւերու վրայ ինքզինք յայտնադրէ։ Բառերու վրայ խաղալէն աւելին է այլեւս ասիկա։ Ասիկա անլրջութիւնն է, անկանոնութիւնն է, բան մը ըրած ըլլալու յաւակնութիւնը։ Ասիկա իր ոճին ապաստանած մարդու սմսեղուկ վառասիրութիւնն է։ Նոճիները շէնքեր են, որոնք « ազատ են, զերծ են » « իմացուելէ ու կարծելէ »։ Առանց կարծիքի՞ (որ եւ համազօր է առանց կամքի Տիեզերքին։ Մոռցած է, թէ այդ ծառերը քիչ վերը կ՚ապրէին ամենակալ սկզբանց համաձայն) է այդ Տիեզերքին հոգին։ Եթե այո՝ այն ատեն ի՞նչ գործ ունինք այդ հոգիին թափանցումին համար այսքան աշխատանք վատնելու: Ի՞նչ կարիք թափուած ատեն ծովին՝ պարզապէս այդ հոգին հասկնալու տարբերութեանց արդիւնք։ Ի՞նչ պէտք Տէրին, որուն մէջ ղրկած է ապրելու իր մայրը։ Ասոնք հարցեր են, որոնք պատասխան դուրս կը մնան։ Բայց գերագոյն շփոթութիւնը մեզի կու գայ «հնչեակին» վերջին տողէն (14)։  

Ո՜հ, մոլերելոյս մեծագոյն ցնո՜րք է Աստուած ։

Ու կը կենանք այս տողին դիմաց։ Հայերէն բառերը իմաստ ունին անշուշտ, դարերով նուիրագործուած ու պարտաւոր են հաւատարիմ մնալ անոր։ Կը հասկնանք մոլորեալը, թէեւ հնչեակին մէջ այդ մասին շատ քիչ նախադրեալ գոյութիւն ունի։ Մեղքի մէջ մոլորում, զակատում, զառածում մարդկային են։ Չրաքեան կամազուրկ, մտացնոր հոգի մըն է այս քերթուածին մէջ։ Ուրի՞շ։ Ոչի՛նչ, որ մեզի թելադրէր մինչեւ պուկը խրած մեղաւորը, մոլորեալը։ Իմացական մոլորեա՞լը։ Ատիկա ալ դժուար է արտահանել, քանի որ իր բովանդակ գործին մէջ այս կեցուածքը մեզածանօթ արժէքներու, քաղաքակրթութեանց հանդէպ՝ մեզ ըրած է բաւական զիջող։ Գիտենք, թէ ան իր գլխուն /169/ գացող մըն է ու գիտենք, թէ իր ուղղութեան մայր գիծը միայն ծանօթ է մեզի, թէ ընդունուած «ամենակալ սկզբունքները» զինքը մինչեւ Շաբաթ քշելու չափ ամենակալ են ու ծիծաղելի, անընդունելի։ Այն ատէ՞ն։ Կը ստիպուինք մոլորեալը նկատի առնել իր սովորական իմաստէն բոլորովին հեռու բառ մը իբրեւ, փոխ առնուած պիտակ մը։ Ու կու գանք երկրորդ բառին ցնո՜րք: Բացէ՛ք Հայկազեանը։ Իմաստը պարզ է այս բառին։ Ամեն, եւ հաստատ մասը խաբկանք, զոր մենք կամովին կու տանք մեր կարգ մը մտապատկերներուն։ Սուտ ու փուտ բաներ, որոնց ետին իրականութիւնը կը պակսի, ինչպէս առջեւը՝ ոչինչը, պարանը կը տարածուի։ Ու այսպէս ծանրաբեռնուած սա իմաստներով, բառին սա առումներովը՝ կը մօտենանք, այս անգամ իրաւ սարսափով մը, երրորդ եզրին. Աստուած ։ Վերջին բառը ո՛չ ոք կրնայ ներկել ու իր ուզածին պէս հասկնալ։ Անիկա անխորտակելի մտայղացք մըն է։ Այդ մասին Չրաքեանի իսկ վկայութիւնները անհամար են։ Բայց որո՜շ է, ահաւոր պարզութեամբ մը։ Մտայղացքը շնորհի չի կրնար վերածուիլ, առանց մեռնելու ։ Չեմ կրնար Աստուած մտայղացքին մէջ ներգոյ առումներուն բաւիղը շահագործման արտօնել։ Չրաքեան Աստվածաբանութեան դասագիրք մը չի գրել, այլ հնչեակ մը, ուր իր հոգիին մէկ պահը պիտի արձանագրէր։ Ու «բանից դուրս եկածը» գերագոյն ցնորք մըն է իր կարգին։ Կը ներենք հաւատքը, չհաւատքը. չենք ներեր ցնորքը: Սո՞ւտ ուրեմն քերթուածը վերէն վար։ Դո՛ւք գտէք բառը։ Եթե երբեք ամենակալ սկզբունքները (որտեղ աղբիւրը, գերագոյն ծովը Աստուած է) այդպէս ցնորքի կը վերածուին երկու տող վարը, մենք կը հրաժարինք այդ մարդուն մէջ ընդունելու ա՛յն, զոր ինք ձգտած է թելադրել գերբնական, երկնային խուզարկու արգոնաւորդը, որ աւելի վերջը այնքան աններելի փոքրամտութեամբ մը երկինքը թխմեց Շաբաթ ի մը բորոտ ծակին մէջ ու զայն քարոզելու պատրուակին տալ իր աչքերը փակեց։

  Այս կործանումը դիմաւորելու համար կ՚արտագրեմ երկրորդ քերթուած մը,

ԻՂ Ձ

Պիտի գայ օր մ՚ուր, լըքուած՝ կեանքէն խաբեբայ՝
Վէս գլուխս հակի եւ խըրոխտ թեւերս խոնարհին,
Մթնի, ցրտէ մարմնոյս մէջ քամիէն վիհին,
Եւ կորըստեան տըմոյն զոհ՝ իյնամ ես ճամբայ։

 

/170/ Ձեր բոլոր յոյլն յայնժամ, նո՛ճք իմ, թող զիս ողբայ,
Թող եղերգէ, գիշերայն, մահն երգչին ձեր հին

Ու տաղերնուդ ամենէն ծանրն ու ամեհին
Ձեր մըտերմին իբր այգողք հեծելով ծըփա՜յ։

Ձեր բազմաստեղն աղջամուղջն ըրէք սուգ անոր։
Թող ձեր սեւ լարք իր քնարին աւիւնը տաւղեն,
Եւ անոր դաշն արցունքներն հծծեն իրարու:

Ըսէ՛ք, անմեռ խոհք երկնից, թէ ան՝ մենաւոր,
Կու գար, ձեզի փարելով, հոգի խնկեղէն`
Վաղանցութեան իր ցաւովն ըզձեզ երգելու»։

(«ՆՈՃԱՍՏԱՆ»)

Չեմ ենթարկեր ասիկա մանրամասն վերլուծման։

Քերթուածը ունի իրաւ յատակ մը ու մեր ամէնուն մտքին ետին, ուրուային խորացում մը իբրեւ, ուր կը վախնանք նայելու։ Զոր կը յամառինք անգիտանալ։ Բայց որ երբեմն, առանց որոշ պատճառի, կը լքէ իր մշուշոտ ոստայնը ու կը բարձրանայ առաջին փլանի, գրաւելով ո՛չ միայն մեր իմացականութեան դաշտը լման, այլեւ մեր զգայարանքներուն ըմբոստ ընդվզումները եւ կը նուաճէ զանոնք։ Մեր վերջին օրուան ուրուապատկերն է անիկա։ Ո՞վ զերծէ մահէն։

Ինչպէ՞ս կը տեսնէ այդ օրը Տիրան Չրաքեան անուանուած խլեակը, ամբաւութեան մունետիկը, երկինքի արքայութեան ծարաւահիւծ ֆաքիրը։– Մեզմէ շատերուն նման։ Անոր գլխուն հպարտութիւնը պիտի կործանի ամենէն առաջ։ Իյնան պիտի հպարտ, ամբարտաւան ձեւերը։ Ու անդունդին ծովը պիտի մութ դառնայ իր ուղեղին տակ, ուտելով անոր լուսային, լուսաստեղծ միգամածը ու անոր միսերուն մէջ պիտի ծանր, արճիճի պէս պառկի։ Ու « կորըստեան տըմոյն զոհ »՝ ան պիտի առնէ իր ճամբան։ Ո՞ւր։ Հո՛ն է եղերականը։ Պայծառ տեսիլքէն վերջը իր մօրկանը, մենք կը սպասենք, որ հոն ալ ըլլայ յաւելում մը, յանգում մը, այդ վերնաթառ պատկերին ծոցը։ Կը սպասենք աւելին։ Կ՚ուզենք հետեւիլ իրեն, երբ այդ ճամբուն կորագիծը անցնի ակնթարթով ու կաթիլ մը լոյս իբրեւ, առնուազն կաթիլ մը գիտակցութիւն իյնայ ամբաւ իմաստութեան խորը ու ըսէ ինչ որ այնքան անգամներ զարդարեց զինքը գետնաքարշ սա կայանին մէջ, հողէն շղթայուած, դէմ դէմի իր Աստուծոյն։ Իր ըսելիքնե՞րը։ Աշխարհ մը, ցաւ մը, մի/171/նակ իր հաշւոյն։ Ուրիշ ովկեան մը ցա՛ւ իր ժողովուրդին հաշւոյն։ Ու տիեզերք մը ուրիշ ցաւ՝ մեր մոլորակը լեցնող մարդոց հաշւոյն։

Ո՛չ։ Տիրան Չրաքեան ճամբայ պիտի իյնայ, հրաւիրելով նոճերը, որ ողբան զինքը։ Քերթուածին 14 տողերէն տասը կը գրաւեն այդ յիմար կերոնները։ Ընելով նոյնիսկ զիջումը այդ ծառերուն, մենք կը տառապինք, որ այդ գերագոյն իսկ վայրկեանին քնարակիրը, բանաստեղծը ողբալու դերի մը սահմանուին հոյլերը նոճերուն։ Չեմ մանրամասներ։ Յայտնի է, թե բացի առաջին քառեակին խոր մարդկայնութենէն, քերթուածին միւս մասերուն մէջ ոչինչ, որ համեմատական ըլլայ պահին ու անոր սքօղած խորհուրդին։ Այո՛։ Երկնքի անմեռ մտածումներն են այդ անբան ծառերը։ Նիւթը անլուրջ ընելու սա յամառութիւնը, գերագոյն իսկ զգացումները այդպէս տղայական բարեխառնութեան մը վստահելու կամաւոր, գիտակցուած սրբապղծութիւնը անդրադարձներ են անոր հիմնական ցաւագարութեան, անամբողջութեան, ինքնացման։

Այս երկու քերթուածներուն մեր մէջ ստեղծած հակամարտ սա տրամադրութիւնները Տիրան Չրաքեանի բանաստեղծութեան ալ նկարագիրն են նոյն ատեն։

Կասկածէ դուրս է այդ քերթուածներուն

ա. Նկարագեղ նրբութիւնը, բոլորովին տարբեր այն ազազուն, անարիւն, ներկուած, ժանեկաւոր, ոսին փափկութենէն, որով կը տառապի Սիպիլի մը քերթողութիւնը։ Ներսէն, թաքուն առնչութիւններէ բխող գոյներու, ձայներու, խոհալքերու յօրինուածք մըն է գիրքին մէջ ամէն ոտանաւոր։ Ու հակառակ անոր, որ նկարչի աչքը տիրական է անոնց մէջ իբր զգայարանք, ո՛չ մէկ քերթուած չի պաղիր, սառիր, գոյնելու անհոգի հանդէս մը իբրեւ։ Այդ նրբութիւնը տեսիլքի, թրթռման, մտածման ծփանքի մը ընդմէջէն կը ջերմանայ։ Ու ատով կը ստանայ ինքնութիւն։ Քառասուն քերթուածի մէջ անիկա գոյ է, առանց նուազման, կամ հակադիր թերութեան՝ ընդհանրացման։ « Ներաշխարհ »ի թեքնիքն է, զոր շրջանակին սեղմութիւնը պահեր է արդար խտութեան մը մէջ, զլանալով անոր տեսնելու ուժին՝ աւելորդ, անտեղի զեղում ու զիջում։ Ասկէ՝ սա՛ զանազանութիւնը մէկ ու նոյն նիւթը անդադար նորոգող ու պատկերափոխող։ Ասկէ՝ նորութիւնը, որ կը հետեւի տեսնելու կերպին այլացումներուն։ Ու, երբ նկատի ունենանք, որ « Նոճաստան »ի յատակը գերեզման մը կը պառկի ու վրան՝ երկինք մը, ու այդ երկու եզրերուն մէջտեղ թշուառական միտք մը, որ կը պտըտի այդ զարդանկարին մէջ, շուրջ, վրան, /172/ տեսնելու, զգալու, ըսելու համար յաւիտենական խօսքը, զոր գերեզմանները կը փսփսան իրենց սեւաստեղծ բերաններովը նոճերուն, եւ զոր երկինքին բացութիւնները իբրեւ իմաստի ամպ վար կ՚արձագանգեն, այն ատեն կը պարտաւորուինք իր ճիշդ չափին մէջ գնահատել մեծութիւնը սա արուեստագէտին։ Գիտենք, թէ նիւթեր կան տիրական, յաւիտենական, մեզ մեր խորքին մէջ տակնուվրայ բերող։ Ու բոլոր քերթողները ատոնք իրենցը կ՚ընեն, դարէ դար։ Ու գիտենք նոյնպէս, որ խուսափուկ, նրբին, քիչերու խօսող ուրիշ ալ կան նիթեր, որոնց փափկութիւնը քիչերու կը խօսի։ Ինչ որ Հիւկօն կը զատէ Ռէմպոյէն։ Ու « Նոճաստան »է մը ստեղծել ձգտիլ անձնական, խոր, իրաւ տաղարան մը որ հոմանիշ է իր զգայութիւնները ընդհանրացնելու քերթողական բացառիկ ուժի առանց պատմելու, առանց նկարագրելու, առանց ողբալու կամ բնազանցելու, ընել է արուեստի մեծ գործ։

բ. Ջերմութիւնը, որ տմոյն է, մութ, սեւ կրակներու խորհրդաւոր տաքութիւնովը։ Չրաքեան կամաւոր չորութեան ու հետեւանք ցրտութեան, անհաղորդութեան արարքները հետապնդած էր « Ներաշխարհ »ի մէջ։ Հռետորութենէ իր սարսափը, որ մեր իրապաշտներուն կրակն էր իր սերունդին, թերեւս չափով մը դեր մը ունեցած է իր հերմեսականութեան մէջ։ « Նոճաստան »ը, աւելի յստակ, հրապոյրն ունի մաղմաղ կրակին, ուրկէ չունէր վախը բռնկելու։ Առանց հռետորութեան ու առանց զանգուածները հրահրող զգացումներու շահագործումին (ընկերային, ազգային, յեղափոխական թեմաները) իրական սա ջերմութիւնը նուէրն է անոր ճոխ խառնուածքին [6] ։ Քերթուածին մթնոլորտն է անիկա, շօշափելի, պարզ, « Նե /173/ րաշխարհ »ի ցուրտ միգամածներէն վերջը հաճելի ու մարդկային։ Անշուշտ միշտ դերասանը ներկայ է մարդուն մէջ։ Բայց խելքովը՝ մէկու մը, որ կը զգայ, թէ փոխառիկ իր տարազին տակ է իր բուն պատկերը։ « Նոճաստան »ի ջերմութիւնը բացառիկ կողմն ալ ունի զգայականէն չբխելու ուղղակի, ինչպէս է գրեթե միշտ պարագան քերթողական ջերմութեան։ Իմացական մթնոլորտը, որ կերպով մը բռնի հայթայթում մը կը թուի « Ներաշխարհ »ի մէջ, հոս անհրաժեշտութիւն մը կը դառնայ, նիւթին հարկադրանքը, վասնզի ծառ մը, ծառերու խումբ մը, ատկէ քիչ անգամ աւելի է։ Չրաքեան պարտքին տակն է միշտ նորոգելու պատկերը։ Այս է պատճառը, որ նոճիները դիտուած են կարելի բոլոր ոսպնեակներէ։ Բայց չեն հրաշագործուած, քանի որ հռետորութեան սարսափը զայն կ՚ընէ զգոյշ կախարդական պրիսմակը գործածելէ։ Յետոյ, զօրաւոր մտածումը մահուան անրջանքը ու մարդուն անցաւորութեան, իր բառովը՝ վաղանցութեան տագնապը իւրաքանչիւր հնչեակին մէջ հէնք ու առէջի պէս ոստայն մը կը ճարեն։ Ան, որ մահէն կը խօսի, աւելի մօտ է մեր համակրանքին քան ան, որ կեանքէն կը պատգամէ։ Բայց մահը առաւել քան երբեք հռետորութիւն տանող հինցած թեմա մըն է։ Չրաքեանին արժանիքն է այդ մաշած լարը, առանց հիմնովին նորոգելու, գործածել կերպով մը, արուեստով մը, որոնք մեզ թուին եթէ ոչ նոր, գոնէ իրական։ Յետոյ, զուսպ պատկերներ, շատ ճնշուած, մամուլէ անցած, այդ զգայարանքները գունաւոր(ակ)ող։ Ու ասիկա անոր համար, որպէսզի յորդութեան, հռետորական զեղումի տպաւորութիւնը չ՚արթննայ մեր մէջ։ Այդ պատկերները պիտակող վերադիրները կը տարբերին դարձեալ մեր բանաստեղծութեան մէջ ընթացիկ բառերէն։ Չրաքեան գիտէ ընտրել ածականներ, որոնք չպոռան, չաղաղակեն, որոնք ըլլան անսովոր, երբեմն ինքնահնար բայց չնեղեն մեզ քլիշէին ձանձրոյթովը։ Այս ամէնուն հետեւանքը պիտի ըլլայ մտերմիկ, ներքին տաքութիւն մը, մաղմաղի նմանող, որ հնչեակները բոլորը կը /174/ պահէ միօրինակ բարեխառնութեան մը մէջ։ Խառնուածքէն արտածորող սա գոլը ճշմարիտ բանաստեղծը կը զատորոշէ, ըսի արդէն։ Ու խորհիլ, թէ առանց կամաւոր խաղարկութեանց, ինքնատպութեան յիմար փորձերէն սանձուելու, այս մարդը որքան անմահ քանդակներ կրնար ձգել մեր գրականութեան։ Անոր մէջ բանաստեղծը ազնուազգի ու առաջնակարգ կրակէ մը կու գայ։ Բայց « Նոճաստան »ը վրիպանք մըն է (ուրիշ բան չըսի, կ՚ենթադրեմ, « Ներաշխարհ »ի համար)։ Իբրեւ քերթողական դիւան, այսինքն գիրք մը, որ մեզի յայտնաբերէր ամբողջական մարդ մը, իր զգայնութեան եւ իմացականութեան բոլոր ստեղներովը եւ հորիզոններովը, գէթ իր հաշւոյն։ Որուն ընթերցումը մեր միտքին մէջ վերստեղծէր իր հեղինակը, ինչպէս կ՚ընեն առհասարակ տաղարանները Մ. Պեշիկթաշլեանի, Պ. Դուրեանի, Մ. Մեծարենցի, տալու համար քանի մը անուններ։

գ. Ինքնատպութիւնը, տարազին բարիքովն ու բարիքովը, հաւասարապէս։ « Նոճաստան »ը, գէթ իբրեւ ծաւալ, կը յիշեցնէ դժբախտ փառասիրութիւններ, որոնք արեւմտահայ քերթողութեան չպակսեցան երբեք։ Անիկա տետրակիկ մըն է, որուն կրնայիր անուն մը տալ « Վարդ ու շուշան », « Գրչի զբօսանք », « Յիշատակաց ծաղիկներ », « Պատանեկան ներշնչմունք », « Այգեկութք » եւ ուրիշ հարիւրներ, որոնք նոյնիսկ տաղանդներու ստորագրութիւնը պիտի հանէին մեր տրտում արհամարհանքին, իրենց խեղճութեան փաստը հերքելու կարիքին առջեւ (Սէթեան, Որբերեան, Հ. Ասատուր)։ Բայց ահա տարբերութիւն մը. « Առաջին տերեւք »ը, « Արշալոյսի ձայներ »ը, « Ցոլքեր »ը, « Ծիածան »ը, « Սարսուռներ »ը, դիւաններ վաւերական տաղանդներու՝ մեծ չափերով կը պատկանին իրենց ժամանակին, իրենց օրեր ճաշակին, գրական հասկացողութեան ու պահանջներուն։ Ամէն մէկ հատոր, յիշուած անուններէն, կը յայտնաբերէ գրական իրողութիւն + անձնական բաժին մը (աւելի կամ նուազ չափերով)։ « Նոճաստան »ը դուրս է ո՛չ միայն մեր ռոմանթիզմէն, իրապաշտութենէն, այլեւ 1900–էն, ուր մեր բանաստեղծութիւնը անորակելի զբաղում մըն է, բառաչափութեան եւ սնոտիքին ընդմէջ տառապող ու թշուառ։ Անոնք որ 1900–էն մինչեւ 1906 մեր հանդէսները կ՚ողողէին իրենց քերթուածներովը, կորսուած են հետախաղաղ, ճիշդ այս անիմաստութեան երեսէն։ Ու գիրք մը, որ չի յիշեցներ զինք կանխող ուրիշներ, բայց ինք իր մէջ արժանիք մըն է, ձայնը խառնուածքի մը, ձեւը՝ զգայնութեան մը, ինքնատիպ է ապահովաբար։ Չրաքեանի գրականութեան հետ նման որակում մը նոր չէ մեզի համար։ Ինքնատիպ էր « Ներաշխարհ »ն ալ, էին անոր գրադատականներն ալ, ու /175/ ասիկա ի հեճուկս ուրիշ հսկայ նուաճումներու։ Երկրորդաբար դիտել, որ արտայայտութեան զանցում, դադարեալ կերպով մը խորակերտուած անձնացում, գայթակղութեան գնով ուշադրութեան հետապնդումը չեն հոս զսպանակները, գործիքները այդ ինքնատպութեան ։ « Նոճաստան »ի մէջ ասիկա արդիւնք է՝

ա. Նայուածքի, որ չի նմանիր մեր քերթողութեան մեզի ծանօթ ո՛չ մէկ աչքի։ Անշուշտ այդ նոճիները տեսած են հանճարեղ տղան ալ այդ Իիւսկիւտարի, բայց տեսած՝ ուրիշ զգայութիւններու եւ յոյզերու ասեղին տակ։ Չրաքեանի փառքերէն մէկն է նոճին ազատագրել իր քլիշէէն, աւերաստանի տրտում ուրուականութենէն, որ որեւէ պոլսահայ քերթուածի մը մէջ կը քրմանայ տեղի ու անտեղի ու սոխով արցունքին գայթակղութիւնը կը յիշեցնէ։ Գիտեմ, որ Դուրեանի մէջ այդ ծառերը բան մը կ՚ըսեն։ Առնուազն անոնք իրենց տակ նստող «երկնքի որդեգիր» տղուն հոգին, հոգիները (երբեմն երկուք էին այդ տղաքը) պիտի մղեն զքեզ գիւտերու։ Անփոխարինելի տողե՜րը

«Մեր հոգիքը նոճիներու
Թուխ թիթեռներ էին տրտում ... »։

իրաւ որքան բացարձակ՝ սերունդի մը զգացական դրութիւնը կերպադրող, պիտի չկրկնուին 1900–ին, նոյնքան տաղանդաւոր ուրիշ երիտասարդի մը կողմէ։ Բայց խորհած ունի՞ք այդ քլիշէին Սէթեանի, Թերզեանի, նոյնիսկ Պէշիկթաշլեանի տողերուն մէջ։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ Չրաքեանի աչքը այդ շրջավայրը դիտած է իրեն յատուկ դրութեամբ մը։ Ու ատոր համար երախտապարտ ենք իրեն։ Բան մը մեռցնելը երբեմն բարիք մըն է։ « Նոճաստան »ը նկարագրութիւն է եւ չէ։

բ. հոգեկան կեցուածքի, որ խորապէս քնարական (քանի որ ամէն ժամանակներու քնարականութիւնը հիմնանիւթ կը նկատէ մահուան), կը տարբերի ռոմանթիքներուն լալահառաչ, վայնասուններով փեռեկտուած, անորոշ ըղձաւորութիւններով ջլատուած, կործանող դժբախտ կեղծիքէն, չըսելու համար կեղծաւորութենէ։ Դժուար է այդ կեցուածքը ուղղափառել, թերեւս կեցուածքին իսկ մեղքին պատճառովը։ Բայց նոյնքան դժուար անոր էութիւնը, յատակը փոխել ըստ կամս։ Կրնաք Սէթեանի մը մելամաղձիկ մահաբաղձութիւնները վերածել գրական կեցուածքի ։ Եղիայի մը մահերգութիւնը, յոռետեսութիւնը դատել իբրեւ մտքի բաջաղանք։ Չէք կրնար Չրաքեանի հոգին զլանալ իր տողերուն, վասնզի ասիկա է, որ այդ խուժ, խար/176/խուլ, դժուարանիստ հնչակները կը բռնէ, կը կեցնէ, կը սեւեռէ, իրենց կեդրոնախոյս ձգտումները սանձահարելով ու տալով անոնց մարմինի մը պատճէնը։ Դուք մի՛ կասկածիք այդ քերթուածներուն մէջ իրար հակասող մտածումներու առատութենէն։ Բանաստեղծ մը աստուածաբան մը չէ, որպեսզի մսխալով կշռէ իր բառերը։ Բանաստեղծին մտածումները (դժբախտութիւն է, որ Չրաքեանի հետ այս բառը ստիպողաբար հարկադրէ ինքզինք ու ընէ աւելին՝ քերթողը յատկանշող արժանիքներուն մէջ ամենէն յաւակնոտը դառնալով (իբր ընդհանրութիւն մէկ են ու ամբողջ։ Ի՞նչ ըսելու կանչուած են այդ քառասուն հնչեակները։– Թէ յաւիտենական կեանք մը կայ։ Ու այդ կեանքին ներքին իմաստին աւելի մօտէն նոճիները, բաղդատուած մարդուն վաղանցաւորութեան։ Թէ այդ ծառերը հողին երկնայնացումն են, կերոնները, « կոթողաբերձ ալէլուներ », մտածումները, սլացքը դէպի Անեզրութիւն, դէպի Աստուած։ Թէ այդ երկու իրերուն միջեւ, այդ սգակիր էակները ունին իրենց յատուկ երանութիւններ, սարսուռներ, թրթռումներ, բաբախումներ, զորս կ՚առնեն իրենց վրայ ինկող աղջկան մը նայուածքէն, թռչունին սիրտէն, իրենց տակը պառկող «նեխումը» «խունկի» վերածելով ու իրենց ճակատը երբ կ՚ոսկեզօծեն կամ մոխրաշղարշ կ՚ամփոփեն օրուան զանազան պահերուն, կ՚ընեն ատիկա մեկի պէս, մեր գիտակցելու կերպին մօտիկ եղանակով մը, անձրեւին ու լոյսին, հովին ու կապոյտին մէջ իրենց մանրադիր տերեւները բիւրալար սիրտի մը նման, նուագարանի մը նման կախելով երկինքին եւ երկրին մէջտեղ։ Մարդկայի՞ն՝ այս բոլորը։ Չեմ կարծեր, որ հակառակը պնդէք։ Յետո՞յ։   Այսինքն տակաւին ի՞նչ կ՚ըսեն այդ տրտմանուշ արարածները։– Թէ միտքէն վեր են, գիտակցութենէն անկախ, աւելի մօտ մեծ բնութան, աւելի աստուածամերձ, թէ իրենց աչքերուն թափառող ձեւերը, իրենց սրտին անդունդներուն առջեւ իրենց ախն ու վախը ծածկելու տառապանքը երբ կ՚ոսկեզօծէին մեծ բառերով կեղծաւորներ են։ Թէ այն փոսերուն խորը, ուրկէ վար իրենց մարմինին անդամները կ՚երկարին, օր մը հանգչեցաւ հաւանաբար կծիկը սրտի մը, սանկ քսանամենի աղջկան մը կուրծքէն, անոր ուղեղը՝ իր անհուն երազներով. ու սիրտ ու ուղեղ անցան այդ ծառերուն լարերուն ու չեն մեռած, կը խօսին սուգին եւ լոյսին մէջէն…։ Թէ իր մեղքերուն աղտէն սրբուած այդ աղջնակը դեռ կը տեւէ այդ հարսնեւոր ծառերուն վրայով …։ Թէ անոնք ճամբան են դէպի Աստուած, եւ որ միշտ ուղղուած են Անոր գահոյքին։ Չունիմ միջոց ամբողջ քերթուածները համառօտելու։ Բաւ է ըսել, որ այս մայր մտածողութիւնն է, որ գիրքին կու տայ ողնայար /177/ մը։ Այս ամէնուն մէջ ոչինչ՝ որ ըլլար նոր, անտիպ, Չրաքեանէն միայն դիտուած կամ մտածուած։ Բայց այս ամէնը արտաշխարհելու կերպն է, որ Չրաքեանին կը պատկանի։ Ու ատիկա հոգեկան կեցուածք մըն է, ուր արուեստագէտ մը եւ մեղաւոր մը իրար կը պաշտպանեն փոխադարձաբար։

գ. Արտայայտութեան, որ անհամբոյր է ու բիրտ, անհարթ է ու խիտ, որ ոճ մը կազմելու բոլոր մտահոգութիւնները նետած է մէկդի ու կը հետապնդէ առանձին իրականութիւն. գրագէտ մը որոշադրող ըսուածքի՛ կերպ մը, անկախ որքան օտարոտի, խրտչեցնող որքան ամբարիշտ։ Այդ արտայայտութիւնը, բաղդատուած՝ « Ներաշխարհ »ի արշակաւանեան ազատութեան, մեզի կը թուի աւելի պարկեշտ. բայց 1900–ի Սիպիլեան յարդարանքին երբ կը մօտեցուի, կ՚ըլլայ տեսակ մը բարբարոսութիւն, առողջ, բարկ, խստամբեր ու վայրենամիտ։ Այս անհաշտութիւնը եթէ ընդհանուր բարեխառնութիւն մըն է այս հնչեակներուն համար, շուտով կը տժգունի, կ՚աղօտի, կ՚անհետանայ ուրիշ շնորհներու շառայլին մէջ։ Հոն կան բառեր, որոնք տողերու իմաստ մը կը կրեն։ Ու տողեր, որոնք հնչեակ մը   կ՚արժեն։ Մտածում եւ պատկեր կը հիւսուին իրարու, կ՚ամալկամիուին ու մէկ բառի վրայով կ՚ըսեն ուրիշներու ըսածէն տասն անգամ աւելի։ Ահաւասիկ համառօտակի ցանկ մը. « խաղաղամերձ », « բազմակատար », « սեւեռահայեաց », « վեհածածան », « խորհրդաբոյծ », « կուսամփոփ », « վարդոսկեգոյն », « գիշերայայտ », « ըղձանուրջ », « թրթռողկոյզ », « հըրանուրջ », « գերաշխարհ », « բաղձախտաւոր », « նոճեկարկառ », « ջահանgող », « այսրատեաց », բառերու դրութիւններ են ասոնք, որոնք հնչեակ մը լման կը կրեն իրենց վրայ, ըլլալէ առաջ յանդուգն, սուր, փայլակնարագ յօրինումներ։ Ինչ փոյթ ինծի, թէ այդ տողերուն մէջ չդողդողայ, չմրմնջէ մեր ոտանաւորին ընթացիկ դառն մեղեդին։ Ու պատահի նոյնիսկ հակառակը՝ այսինքն ստեղծուի խժութիւնը հնչիւններու։ Ես գոհ եմ, որ փշակառոյց այդ տողերուն մէջէն ինծի ճառագայթէ պատկերը, զոր ամուր, իրաւ, մարդկային զգայութիւն մը, երբեմն զգացում մը կը ջերմացնէ։

 

Առաւելութեանց սա հանդէսը բա՞ւ է փրկելու « Նոճաստան »ը։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ կրնա՞նք, այդ հատորիկով, Տիրան Չրաքեանի մէջ ընդունիլ դէմք մը, որ բարձրանար սա կարգի իմաստներու նշանակութեան. « Նոր տաղեր » եւ Միսաք Մեծարենց ։ « Հրաշալի Յարութիւն եւ Վահան Թէքէեան. « Տաղք » եւ Պ. Դուրեան. « Հովուական սրինգ » եւ Եղիշէ Դուրեան - « Ս. Մեսրոպ » եւ Սիամանթօ: Այս գիրքերը եւ /178/ ասոնց թելադրած հոգեբանական եւ քերթողական զգացումները մեր գրականութեան մէջ կարելի բիւրեղացումներ են։ Հեղինակ եւ գործեր իրարու յայտարար։ « Նոճաստան » եւ Ինտրա՞ ։– Չեմ կարծեր։

Վասնզի « Նոճաստան »ը խառնուածքէ մը կու գայ, բայց զայն չէ լիութեամբ, բացարձակութեամբ։ Մտածողութեան մը panneau-ները կրնան նկատուիլ զայն կազմող հնչեակները, բայց չեն տառը այդ մտածումին։ Կը թելադրեն մէկ–երկու զգայարանք, բայց մարդ մը չեն պատմեր։ Կը նային մեր մտքին, երբեմն երեւակայութեան, բայց մեզ չեն նուաճեր, կրակեր։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ Չրաքեանի մէջ բանաստեղծը ստորադաս էր արձակագրին։ Ու երբ դնէք հարցումը. Ուրկէ՞ սա վրիպանքը մարդու մը հետ, որ որեւէ ուրիշի մը չափի, եթէ ո՛չ աւելի ծանօթ էր գրելու օրէնքներուն, ոեւէ ուրիշ մը աւելի օժտուած էր տեսնելու եւ դիտածը ինքնօրէն վերարտադրելու ուժով, որուն զգացական դրութիւնը պիրկ էր, ճոխ, մեր վաւերական քերթողներուն մօտ դիտուած փարթամութեամբ եւ ուժգնութեամբ։ Ինչո՞ւ մենք չկարենանք հանել այդ տաղարանէն մէկ հատիկ քերթուած, որ ընկճէր մեր ընդդիմութիւնը ամէն ճակատէ ու պարտադրէր իր փառքը մեր հիացումին, երախտագիտութեան, սիրոյն։ Այս հարցումին հաւանական պատասխանը կու տայ վերի վերլուծումը Մոլորում »)։ Զի, պէտք է ըսել, աւա՜ղ, մի՛շտ ըսել, հարիւր անգամ կրկնել, թէ քերթուած մը առանձին աշխարհակալութիւն մըն է [7] ։ Ու աշխարհակալ մարդ չի ծնիր։ Տիրան Չրաքեան իր ոտանաւորները գրի առած է թերեւս անորոշ զգացումներու ճնշումով, թերեւս զբօսնելու համար, թերեւս վարպետութիւն մը, tour de force իրագործելու տրտում փառասիրութեամբ եւ ո՛չ թէ Դուրեանի նման, որ չէր /179/ կրնար չգրել իր « Լճակ »ը, « Սիրել »ը, « Հեծեծմունք »ը եւ ուրիշ ոտանաւորներ, բոլորն ալ անպարտելի խռովքներու արտարձակումներ, ներսէն դուրս պոռթկացող։ Այս հանգամանքը « Նոճաստան »ի քերթուածները կը մօտեցնէ գրականութեան վտանգին, որմէ հրաշքով միայն կրցած է զերծ ըլլալ։ Այս հրաշքը իր աչքերուն ու խառնուածքին մէկ–երկու ջիղերու կը պարտի ան։

 

« Նոճաստան »ը վրիպած է

ա. Այն յամառ ճիգին պատճառով, զոր ոճի վարպետ մը չէ խնայած, պզտիկ նիւթէ մը մեծ գործ ստեղծելու իր փառասիրութիւնը անիմաստօրէն հետապնդելով։ Որքան ալ օժտուած ըլլայ մեր խառնուածքը, չի կրնար առանց պատիժը ստանձնել արարքներ, որոնց ընդարձակութիւնը վեր է իրմէ, ըսել կ՚ուզեմ՝ իր ջղային դրութեան սահմանները կ՚անցնի։ Տիրան Չրաքեան իր աչքերը միայն ունի այս պատերազմին համար։ Ու այդ դժբախտ գործարանը հարկին տակն է ինքնին քիչ երեսակով պատկերաշարք մը ( նոճերու ) բազմակերտելու։ Արդ, այդ ուժը բաւած է, իւրաքանչիւր հնչեակի մէկ կամ երկու փշրանք ճարելու առ առաւելն կէս տող մարմինով ու լքած է հնչեակին մարմինը իր բախտին։ Այդ մարմինը այն ատեն պիտի լեցնեն ուրիշ բաներ, բառ ու ընթացիկ մտածում, երբեմն զգացումի մը կայծերը։ Ճիգը, մշտական լարում մը իբրեւ, քերթուածին ամբողջ հասակովը պիտի զարգանայ ու դառնալ մթնոլորտ։ Արձակին մէջ մենք գիտենք, թէ ինչպէս կը դեղթափէր ան քրտինքի սա յամառ թթուն, լքելով ամէն նկատում ու ինքզինք յանձնելով իր զգայութիւններուն։ Հնչեակը չ՚արտօներ նման ազատագրումի միջոցներ։ Ու մէկէն միւսը, ժամանակին նպաստովը, հեղինակը ինքզինք մաքրուած կարծելու պատրանքը կ՚ընդունի իրական ու կը կրկնէ խաղը։ Արդիւնքը՝ բռնազբօսութեան շատ մօտիկ վիճակ մըն է, զոր չենք հանդուրժեր ամենէն աւելի քերթուածին մէջ։ Երկրորդաբար, նիւթին միօրինակ կրկնութիւնը։ « Նոճաստան »ին մէջ մտնող մը պիտի պաշարուի տրտում վախով մը երբ քանի մը քերթուած կարդալէ յետոյ կ՚ընտելանայ աշխարհին, նիւթին, մանաւանդ ասոնք կերպադրող թեքնիքին ու կը յուսահատի։ Ան համոզուած է, որ տակաւին երեք տասնեակ քերթուածներու վրայ, միեւնոյն շարժումները, երանգները, գիները, միեւնոյն հոգեկան ոլորտին մէջէն, նոյն նպատակը դէպի, նոյն ծաւալով ու կշռոյթով գրեթէ, պիտի գան, կենան, իրարու տակ շարուին, որպէսզի կազմեն երկու քառեակ եւ երկու երրեակ։ Ասիկա՝ հատորին դժբախտութիւնը։ Եւ որովհետեւ ո՛չ մէկ հիմնա/180/կան ազդակ կը միջամտէ այդ քերթուածներուն ստեղծուելուն քանի որ ըսի, չեն անոնք տարերային, անդիմադրելի կիրքերու, խռովքներու արտաշխարհում մենք կը խորհինք ճիգին, գրագէտի փառասիրութեան: 1860–ին Ալիշան ըրած էր նոյն tour de force–ը, հեղինակելով քերթուածներ, որոնք ո՛չ մէկ ապրումի չէին յայտարար ու խմբելով զանոնք յատկանշական անուններու տակ, « Բնունի », « Տխրունի », « Մանկունի » եւ այլն։ Ճիգը անշուշտ իմն է ամէն հզօր, տեւական շէնքի, պայմանաւ, որ չըլլայ զգալի։

բ. Խմբագրութեան ալ թերիներով ։

Հոս կ՚արտագրեմ « Նոճաստան »էն հնչեակ մը, « Նիրհ »ը, որուն մէկ փոփոխակը տպուած է « Շիրակ »ի մէջ (Գահիրէ, խմբագրութիւն՝ Վ. Թէքէեանի, 1905)։

Քառեակ առ քառեակ՝

Նորէն ծագած են աստեղք մեծ երկինքին խորքն ի վեր։
Նորէն ամէն բան սուզուած է հոս քունին մէջ խաւար.
Կարծես յիմար արթնութիւնն ի տես անոնց ջնջուէր
ինչպէս արեւն է կեանքն հոս՝ երկինք սակայն մահն ըլլար:

(«Նիրհ», «ՇԻՐԱԿ»)

Կը շողան աստեղք սեւլիներուն հոյլն ի վեր:
Մութ ու լուծ է հոս, քունին ամէն բան աւար.
Կարծես Յաւիտեանն այս հէք կեանքին չերեւա՛ր,
Եւ միայն երկնաբերձ անմեռ նոճեաց տեսնըւէր:

(«Նիրհ», «ՆՈՃԱՍՏԱՆ» )

Քանի որ նիրհը կու գայ երբ յառնէ ցայգն յամրաբար,
Երբ պսպղան վերն աստեղց յաւերժաբերձ մութ ծովեր,
Լաւ է որ գայ, ա՛յս պահուս, խղճիս շիջմանը համար,
Զի անանց է փառքն երկնից, եւ իմ կեանքըս չի տեւեր:

(«Նիրհ», «ՇԻՐԱԿ»)

Երբ խաղաղութիւնը պաղպաջէ սրբանուէր,
Եւ ջինջ, բիւրկայծի՜ն արփէ ծովերը խաւար,
Լաւ է որ նիրհէ մըտածումը ցնորավար,
Զի երկինքն անանց է, մինչ կեանքը չի տեւեր։

(«Նիրէ», «ՆՈՃԱՍՏԱՆ»)

/181/

Իբըր ննջում մը հոգւոյն՝ իր սահմանին գիտակից՝
Երբոր երկինքն անմատոյց վերէն պարզուի լուuողող՝
Լա՛ւ է որ նիրհը փակ է այս աչքերը թախծալից.

 

Աստղակառոյց Անհունին երբ ծագի ա՜ղջն ահարկու՝
Լաւ է որ նիրհը մարէ անօգուտ խի՛ղճը խորհող,
Նախավայե՜լք՝ հուսկ մահուամբ յաւերժութեան զոհելու։

(«Նիրհ», «ՇԻՐԱԿ»)

Իբր ըսփոփ մը հոգւոյն իր սահմանին գիտակից,
Երբ գիշերն անհա՛ս վերը պարզուի լուuողող՝
Լաւ, է որ մեղմիւ քունն այս հայեացքն արգելու։

 

Երբ երանըշոյլ յառնէ օծուն փառքն երկնից,
Լա՛ւ է որ մարի անօգուտ խիղճը խորհող,
Փո՛րձ, օր մ՚ալ մահուամբ Յաւերժութեան զոհուելու։

(«Նիրհ», «ՆՈՃԱՍՏԱՆ»)

Երկու քերթուածներն ալ թուական ունին 1904 Օգոստոսը։

Առաջին ակնարկն իսկ կը տեսնէ բաղդատական ողորկութիւնը, լիութիւնը, մտածման տարողութիւնը, մանաւանդ արտայայտութեան կարելի խնամքը «Շիրակ»եան « Նիրհ »ին։ Արդ, « Նոճաստան »ը տպուած է 1908–ին։ Ու « Նիրհ »ը հոն կը գրաւէ իր տասնչորս տողերը: Իմա՞ստը այս անհեթեթութեան։ Երբ չունինք նկատի հսկայական փառասիրութիւն մը, որ արտօնէր իրեն իր brouillard-ներն իսկ իբրեւ աւարտած կտոր կորուստէ փրկելու, կը մնանք շփոթած։ Չէ՞ր գիտեր, թէ չէր ուզեր։ Իրողութիւն է, որ « Նոճաստան »ի « Նիրհ »ը, սկզբնական լեզուն, վերամշակուած, սրբագրուած, « Շիրակ »ի մէջ գրեթէ անթերի, դաշնաթաւալ ու լայնօրէն թելադրիչ քերթուած մըն է։ Ու իրողութիւն պիտի ըլլար, դարձեալ, որ « Նոճաստան »ի միւս հնչեակներն ալ անցած նոյն խնամքէն, պիտի գտնէին վայել կառոյց ու պատկառանք, եթէ երբեք բարեհաճէր այդ խնամքը վատնել իր Իոթա յին վրայ իսկ դողդողացող մենագար արուեստագէտը, այնքան շռայլօրէն օժտուած մարդու մը այնքան անկատար արդիւնքներ ժառանգած ըլլալու [8] ։ « Նոճաստան »ը ուրուագիծ մըն է։ Ու իր վրիպան/182/քին երկրորդ ազդակը հո՛ս է հաւանաբար։ Սրբագրութիւնը [9] իրեն համար երկրորդ ստեղծում մըն էր։ Ու երկունքը նոր չէ, որ ցաւի է կապուած։

գ. Ներշնչման, խորքի նուազումներով ։ Չեմ գիտեր, որքան տեղին է ներշնչում, այսինքն ազատ տպաւորում փնտռել Տիրան Չրաքեանի ոտանաւորներուն մէջ, երբ համոզուած ենք, թէ ան քերթուած գրելը ոճի մարզանք մը նկատելու չափ անբարեխիղճ էր, ինչպէս կը հաստատեն « Նիրհ »ին երկու շեղումները։ Միւս կողմէն, այդ բաղդատութիւնը կը հաստատէ ուրիշ բան ալ այսինքն ուշադիր, խնամոտ կեդրոնացում մը երբեմն կը դիմաւորէ թեքնիք, խրամատեալ ներշնչումը։ Չէր ան մորթազերծ կենդանին, ձգուած զգայութեանց ասեղներուն ներքեւ (Դուրեան, Մեծարենց, Թէքէեան, Վարուժան), որոնք մեզ կը գտնեն ու կը մղեն ոճի, համաձայն իրենց ներքին օրէնքներուն։ Բայց չէր անզգայ բառամշակն ալ Մխիթարեան /183/ դպրոցէն սերած քերթողութեան։ Ունէր իր քիչ, կտրտուած յոյզերը, ու չունէր զանոնք իրարու բերելու կամքը, համբերատար պարկեշտութիւնը։ Ու ինչպէս ամէն անաւարտ բառի ճակատագիրն է թերի տպաւորել, Չրաքեանի ներշնչումներն ալ չեն բաւած իր ոտանաւորին ճարելու սա ներքին միութիւնը, որ մարդ մը կը յայտարարէ, զայն կեցուածք մը կ՚ընէ ճակատագրին դիմաց։ Տեսանք, թէ ի՛նչ դիւրութեամբ ան գրականութեան, անոր խաղին վերածեց ամենէն հզօր յղացքը իր գործին Ներաշխարհ »ը մէջը առնելով), երբ ցնորքի մը վերածեց Աստուածը։ Այս իմացական կակղամորթութիւնն է ահա, որ խորքը այնքան անվստահելի կ՚ընէ իր մօտ։ Ու հո՛ս է Չրաքեանի տրամը։ Ան քսան ու աւելի տարիներ պիտի տարուբերի մտածման ճնշումին ու զգայարանքներու իմաստութեան ընդմէջ։ Պիտի չհասկնայ տիեզերքը, բայց այդ չգիտականութիւնը պիտի չյաջողի իմաստասիրութեան վերածել ու կեանքը ընդունիլ ինչպէս կու գայ անիկա ու կ՚երթայ, այսինքն հսկայ, տրտում անծանօթ մը, զոր թափանցելու մեր ճիգերուն ողորմելիութիւնը չափած ալ է արդէն։ Միւս կողմէն, պիտի ընդվզի վճիռին դէմ, զոր արդի իմաստութիւնը կը յաւակնի արձակել այդ վճիռին դէմ։ Իրեն համար անկարելի է պարապը, ոչնչութիւնը, որ կը սուզուի մեր այնքան քաղցր, նշուլագեղ ու հրաշահիւս իմացականութեան մէջ։ Իր վրայով Տիրան Չրաքեան տառապած է տառապանքը բոլոր մեծ ուղեղներուն, որոնք պարապին մէջ շրջուած կանթեղներու պիտի նմանին, երբ մահուան ձեռքը երկննայ անոնց։ Ասկէ՝ յաւիտենութիւն մը ստեղծելու իր տագնապը։ Ու ասոր յարակից ուրիշ տագնապներ։– Արդի արժէքներուն տարադէպ յիմարութիւնը, բարոյական բարեխառնութեան արժեզրկումը, դպրոցէն իր ուղեղին կառչած փոսթիւլաներուն բռնութիւնը, այն հսկայ պայքարը, զոր մարմինն ու հոգին չեն դադրած մղելէ իրարու դէմ, մտածման անդրանիկ իսկ դարերէն, գիտութեամբ, գիւտերով, ինքնավստահ դարձող բանականութեան մը յաւակնութիւնները, որոնք ուրիշ բանի չեն ծառայած, եթէ ոչ մարդկային տառապանքը աւելի արծարծելու, իրար սպաննելու միջոցները կատարելագործող իմաստութիւն մը, որ աշխարհը գիտութեան, անբարոյ յափրանքին, գէր ու նիհար եզներու հանդէսի մը փոխակերպած է կարճ, այն ամէնը, զոր դատող ու տեսնող մը կը հետեւցնէ սա մեր քաղաքակրթութենէն։ Այս տագնապները նոր չեն անշուշտ որոշ չափով։ Բայց անոնց դէմ պաշտպանութեան հին միջոցները (կրօնք, բարոյական, ոգեպաշտութիւն, պայիկութիւն) այսօր անջատ են։ Չրաքեան կը ծառայէ այս երկու սկզբունքներուն։ Ու նման Եղիային, ամէն օր թէեւ /184/ կարծիք չի փոխեր, ամէն օր կ՚այցուի ոչնչութեան եւ յաւիտեան էութեան շրջախաղին, երբ կը դառնայ անիւը աշխարհներուն բախտին։ Այնպէս, որ « Նոճաստան »ի նուազումին խորքը գրագէտէն դուրս ազդակներու կ՚ենթարկուի։ Ան չէր կրցած հաւատալ իր պապերուն պարզութեամբը, շիտակութեամբը, բայց ընդնշմարած էր այդ իրողութիւններէն անդին հաւանական խորացումները այդ պապերուն ըմբռնողութեան։ Ան չէր կրցած անցնիլ ասդիի բանակին, որ մարդուն ուղեղին, ասոր գործունէութեան, ճակատագրին գործելավայր կ՚ընդունի սա թշուառական մոլորակը, կտոր մը աւազ՝ անբաւութեան մը շրթներուն, որ կը յաւակնի փոխարինել այդ անբաւութիւնը ու հոգիին անհունաբաղձութիւնները կը խեղդէ քանի մը թիւի արապէսքին կամ հաճոյքներու փրփուրին մէջ։ Ու ահա երկսայրիքը (dilemne), որ « Նոճաստան »ին խորքը կը կոտրէ մէջքէն։

դ. Զգայական տարրին անխնամութիւնը ։ « Ներաշխարհ »ը ընդարձակ իրականութեան մը կը վստահէր իր ճակատագիրը։ Անցեալն ու ներկան, Եւրոպան եւ Ափրիկէն, մանր Պոլիս մը (դիտուած), անոր կու տային կողմերու եւ գետիններու զանազանութիւն, իբրեւ շրջավայր եւ տեւողութիւն։ « Նոճաստան »ը կտոր մը գետին է, զոր իրարու նման ծառեր կը ծածկեն։ Անիկա, այդ գետինը, ըսի արդէն, երկինք մը ու երկրի կտոր-բրդուճ մը միայն ունի իր ետին։ Չրաքեան գործածած է իր աչքը։ Բայց ո՛չ իր զգայարանքները։ Գործածած է իր միտքը, բայց մահը պեղելու յիմարութեամբ մը, որ չի տարբերեր անդունդ մը պեղելու անհեթեթութենէն։ Այս է պատճառը, որ զգայարանական շքեղ բաժիններ, որոնք այնքան գեղեցիկ կանոնաւորութեամբ մը կը միջամտեն « Ներաշխարհ »եան իմաստաբանութիւնները, չըսելու համար իմաստասիրութիւնները հակակշռելու, հոս չըլլան իրենց բարիքին մէջ մեզի չընծայեն առիթներ զգայական հեշտութեանց վայելքէն։ Եղիշէ Դուրեան իր « Անառակը » քերթուածը փրկած է սա խաղարկութեամբ, կասկածելի մրոտում մը հիւսելով, շաղապատելով մարդկօրէն իրաւ զգայութիւններու շարքի մը մէջէն։ « Նոճաստան »ի մէջ ո՛չ մէկ քերթուած աշխարհային է։ Չունիմ առարկութիւն։ Բայց ո՛չ մէկ քերթուած երկնային ալ է։ Հոս կը մնամ տրտում։ Այն ատե՞ն։ Ինչո՞ւ գրուեցան այդ հնչեակները։ Ու այս յոռի շրջանակը, գրելու համար գրելու վարկածին կը կենայ մեր դէմ, աւելի քան աննահանջ։ Բայց մեզմէ աւելի գիտէր ան զգայական տարրին կշիռը բանաստեղծութեան մէջ։ Ուրիշ ալ մեղադրանք։ Չրաքեանի արձակները յաճախ բանաստեղծական խորշեր, ներքնամասեր կը պարունակեն ու իր խաղերէն յոգնած ընթերցողին համար /185/ կազդոյրի գեղեցիկ առիթներ կու տան։ « Նոճաստան »ը բիրտ, պիրկ մթնոլորտ մըն է, իրարմէ ավելի մռայլ բաժիններով, որոնց ներսը զգացական տարրը գրեթէ նժդեհ է միշտ, ծառի մը ճօճումներովը, լոյսին տակ խաղերովը պայմանաւոր։ Զգացական ամենէն զօրաւոր միութիւնը, մարդկային սիրտը գրեթե չի մեղանչեր։ Փոխարէն՝ անհաւասարակշիռ միտք մը, ուր կասկածներուն ու հաւատքին մէջը կկոցի մը պէս երթալ–գալու հարկադրուած, կ՚ըսէ մէկ ու նոյն խօսքը մահուան ու յաւերժութեան խորքին եզրէն բռնուած անշահեկան գրութեանց նման։

* * *

Աւելորդ է խօսիլ

երաժշտութեան յամառ պակասէն,

իմաստին միօրինակութեամբը ստեղծուած դժգոհանքէն,

պատկերներուն խիտ հիւսուածէն,

մարդկայնականին մէջ քիչ զգայնութենէն,

հնչեակը պայմանող գիւտի պահանջը միշտ զանցող անփոփոխութենէն,

խուժ իր չափին առթած տաժանքէն,

տաղարան մը յատկանշող հիմնական նկարագիրներու հանդէպ իր թերացումէն։

 

« Նոճաստան »ը սակայն չի բաղդատուիր մեր միջին քնարերգակներու անունով մեզի հասած չափախակ դիւաններուն։ Վեր է « Ցոլքեր »էն, բայց չի հասնիր նոյնիսկ « Ծիածան »ին։

 


 



[1]     Որքան ծանրանանք քիչ է դարձեալ, աղետաւոր միւս պատրանքին վրայ, որ ամէն ժամանակներու, ամէն ժողովուրդներու մէջ տաղաչափական օրէնքներու մասնագէտ ingénieur մը բանաստեղծին պատմուճանովը պատուեց։ Արեւելահայ ամբողջ քնարերգութիւնն ու արեւմտահայ ոտանաւորին հսկայ մէկ մթերքը կ՚իյնան այս մեղադրանքին տակ։ Կա՞մ աւելի խորահմուտ լեզուագէտ մը քան Հ. Ա. Կ. Բագրատունին, որմէ « Հայկ դիւցազն » գործը այսօր չենք հանդուրժեր պարզագոյն պատճառով մը այդ գործին ետին պակսող անձնաւորութեան մեղքովը: Ու մէկ հարուածով Պէրպէրեան, Սէթեան, Թերզեան, Աճէմեան, ստուարագոյն մասը Ալիշանի, կը դառնան աւելի կամ նուազ ճարտար բանուորները ոտանաւորին։ Այս մարդոց գործին ետին զգալի անձնաւորութիւնը այնքան տարտամ է, որ չի յաջողիր այդ ոտանաւորներուն բառական անգայտութեան մէջ քիչ մը միս կամ ոսկոր ճարել։ (Տեսնել առանձին աշխատութիւն մը՝ «ԶՈՒԳԱԿՇԻՌ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԵՒ ԱՐԵՒՄԸ ՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆՑ», « Բանաստեղծութիւն » գլուխը)։

[2]     Անմոռանալի է իմ մէջ րոպէն, երբ մտայ այդ տղուն մէջ: Գիրքը նուէր էր ինծի մանկամարդ վարժուհիի մը կողմէ, ես ալ չեմ յիշեր իմ ո՛ր շնորհներուն համար: Անշուշտ աղջկան պատկերը գիրքին վրայ կը ճառագայթէր։ Բայց շուտով անիկա հալեցաւ, երբ առաջին քերթուածը աւարտեցի։ Ամայի գերեզմանատուն մըն էր շրջանակը, որ կը տարածուէր չորս դիս։ Մէկը այն բնանկարներէն, որոնք իմ ծննդավայր քաղաքին անմեկնելի հրապոյրները կը համատեղ էին իրենց վրայ։ Նոճիները, ո՛չ Իւսկիւտարեան յորդութեամբ, այլ համեստուկ խմբակով մը։ Երկու–երեք, իրարու հետ քաղցր մտերմութեամբ մը, աղուոր, սեւ ու տարօրէն յիշեցնող թրքուհիներուն հասակը, այդպէս վերէն վար իրենց սեւերուն մէջ։ Վերջալոյս մը անոնց կատարները չէր կրնար ոսկեզօծել, բայց կը դողդողար դէմքին վրայ քանի մը դալկահար պատանիներու, երկու սեռէ, որոնք ո՛վ գիտէ ո՛ր խելացի բժիշկին թելադրութեամբը օդ առնելու եկած էին այդ ամայաստանին մէջ։ Ատեն–ատեն հազ մը, թռչունի մը հեծքը, դուրսէն անցնող աշուղի մը հառաչագին երգը կը խաչաձեւ էին իրար: Գիտէի, թէ այդ սաթէ մարմիններով աղջիկները հիւանդ էին երկինքին հիւանդութեամբը: Գիտէի, թէ անոնք քսան ալ չէին մտած: 1900–ը ուռականութեան (tuberculose) ոսկեդարն էր, Պոլսէն գաւառները իր առաջին արշաւին ամբողջ սաստկութեամբը: Թաղեր էինք քանիներ, մեծ ալ, պզտիկ ալ, թաղական, հոգաբարձու, մեծահարուստ, բոլորն ալ երիտասարդ։ Ու Դուրեանի հիւանդութիւնը օրուան ամենէն աղեկսկիծ ցաւերը կը յօրինէր ամբողջ քաղաքին վրայ։ Ազգութիւնը խտիր չունէր այդ խորհրդաւոր մահուան աչքին։ Արցունք կար թարթիչներուս մէջ։ Զո՞վ կու լայի, հեռաւոր Իւսկիւտարի գերեզմանին մէջ ա՛լ փոշի դարձած երիտասարդ սի՞րտը, թէ ան միւսները, որոնց քովն ի վեր մետաքս թաշկինակները դալկօրէն ոսկեզօծ շրթներէ բաժնելու անկարող, կը կենային քայլերու հաշիւով մը տագնապուն։ Մէկէն պառկեցաւ առջեւս մէկ ընկերուհիս, նոյն տարին հող իջած, որուն միսերը գացեր էինք բերել ջերմուկներէն։ Ան մեծահարուստ գործարանատէրի մը աղջիկն էր, աննման բերմամբ մը գեղեցկութեան։ Անոր մօրմէն աւելի ես լացի, երբ պատնեցին զինքը հին կիները։ Ու պառկեցաւ երկրորդը, մեր դպրոցին ամենէն շնորհալի հոգաբարձուն, Եւրոպա ըրած, քանի մը լեզուներու տէր ու քաղցր երիտասարդ։ Ես խօսեցայ կեանքիս առաջին ու վերջին դամբանականը անոր դագաղին վրայ, դպրոցին անունով զինքը ճամբու դնելով դէպի կայարանները « անստուեր լոյսին ու անկնճիռ երանութեան », ինչպէս տեսեր էի գիրքերու մէջ։ Ու մտածումներու սա գնով պառկեցուցի այդ երեք չորս տղաքն ալ, որ ահա կը վախնային քալելու։ Ու քաղցր էր մայիսեան իրիկունը։ Ու քաղցր էին հոտերը, որոնք այդ մենաւոր քարերուն տակէն ինծի կը բերէին ո՛վ գիտէ ինչ շուշան սիրտերու, «վարդ» այտերու անլսելի հեւքերը, երազները…։ Այն ատեն էր, որ հասկցայ, թէ իրաւ էր այդ տղան, Իւսկիւտարցի Պ. Դուրեանը, որուն կեանքը կարդացած էի շաբաթ մը առաջ, անտարբեր ու պարզօրէն հետաքրքիր հոգիով մը։ Այն օրէն կը սկսի իմ մէջ գրողը: Ու ահա՛ աւելի անասելին։ Փնտռեցի հիւանդութիւնը ։ Գացի բոլորին մօտ, որոնք իրենց մենութեան մէջ նկատի չունէին այցելուին նիւթական դիրքը, հերիք է, որ մէկը զարնէր իրենց անայց տուները։ Կը հաւատայի, որ գրող ըլլալու առաջին պայմանն էր կուրծքին տակ ունենալ այդ մարմար, չհատնող բայց հատցնող կրակը։ Ու խենթի պէս ցանկացայ երկինքի հիւանդութեան ։ Ինծի պէս հարիւր էին, 15–16–ին մէջ նոր մտած, որոնք կը վարանէին կեանքին ու մահուան ձգողութեան միջեւ։ Երկար այս յուշը աւելորդ չեմ նկատեր։ Դուրեանը բացառիկ երեւոյթ մը չէ։ Այդ անհուն զգայութիւնները, որոնք իմ մէջ դեռ կը պահեն իրենց անդրանիկ ուժը, կը հաւատամ, թէ ընդհանուր էին քիչ մը բոլորին համար։ Դուրեանը պատանութիւնն էր զիս կանխող սերունդին։ Ու իր բանաստեղծութիւնը՝ արտայայտութիւնը՝ ատոր։

[3]     Խիղճ եւ գիտակցութիւն conscience–ին կը համապատասխանեն։ Առաջին առումը կը գգուէ անոր բարոյական, միսթիք ցանկութիւնները: Երկրորդ առումին մէջ ան իմաստասիրական իր փառասիրութիւնները կը հետապնդէ։ Ու կը խաղայ բառին վրայ, երկու իմաստները գործածելով իրարու տեղ։

[4]     Զեմ մանրամաղեր սա վիճակը, արտաքին աշխարհէն նպաստ մուրալու, երբ գիտէ, թէ անոնք, այսինքն արտաշխարհին բոլոր տարրերը անզօր են իրենք իրենց. թէ մարդակեդրոն ըմբռնումը տիեզերքը կը յայտարարէ, կը յատկացնէ միայն մարդուն սպասին։ Ամէն ոգեպաշտութիւն, անդրհայեցական կեցուածք ձերբազատում մըն է ամէն բանէ առաջ, իրերուն կապանքներէն։ Ա՛ն որ, ի խնդիր այդ Անդրին (ողորմելի՜ Շաբաթը), արհամարհեց իր կինը, զաւակը, ցեղին հաւաքական պաշտպանութիւնը, առնուազն անհասկանալի է, երբ ծառերէն օգնութիւն կը մուրայ։

[5]     Չրաքեան « Նոճաստան »ի մուտքը ըրած է ձօնով մը առ իր մայրը, Աննա Գ. Չրաքեան, զգաստ զգացման, խոր սիրոյ զմայլելի լիթանի՜ն, որ ամբողջ գիրքը, քանի մը անգամ կը գնէ ու կ՚անցնի, երբ կը հասնի իր կէսին ու քիչ մըն ալ անդին: Բայց մտի՛կ ըրէք։ Ան, այդ մայրը,

        « որ, այս տարի, փոխուելով այլեւս ի հող՝

     Եւ ի տեսիլ, ի զօրութիւն, ի շունչ, ի գաղափար,

     Ի գերմարդկային անմարմնաւորութիւն,

     Կը ժպտի, կը խայտալ, կու լայ, կը խօսի, ու կը մտմտայ

     Իմ մէջս ու քնարիս մրմունջներուն մէջ:

     Կը թեւածէ, կը հանգչի ի յաւիտենական տեսլականն, ի Տէր »։

       Այդ մայրը մա՞յրն է Տիրան Չրաքեան հայ քրիստոնեային։ Եթէ այո, մե՞ջն է ան այն մտապատկերին, զոր ամէնքս ունինք մեր Տիրոջմէն։ Հարցուցէ՛ք ու կեցէ՛ք։

[6]     Չրաքեան մէկն է վաւերական խառնուածքներէն, որոնք մեր հին ու նոր գրականութեան մէջ կը զատուին, իբր այդ, գրագէտին հաստատ տիպարէն մարդուն, որ իր խելքը, միջոցները, կամքը, որոշ չափով ջիղերը պիտի զարգացնէ, խնամքով, ճարտարութեամբ, յամառօրէն, կանխադրեալ արդիւնքներու հաշւոյն։ Միայն նոր գրականութեան մէջ որքա՛ն շատ է թիւը այս կաղապարին ներկայացուցիչներու։ Խառնուածքը առանձին բան մըն է, զոր դժուար է հաշտեցնել կաղապարին։ Ան ծնունդին անորոշութիւնը խարդախել չկրցող արարածն է։ Ուրիշ ճկումներու, կերպարանքներ ճարելու անընդունակ մարդը։ Պ. Դուրեան։ Որուն արուեստագէտի ճաշակը, զարգացումը, միջոցները անբաղդատելի կերպով խոնարհ են, երբ բաղդատուին Եղիշէ Դուրեանին։ Բայց որուն խառնուածքը անհաւասարելի կերպով հարուստ միութիւն մըն է արեւմտահայ քերթողութեան մէջ։ Ծագման սա պարագան է ահա, որ պիտի դիմանայ, արժէ, արժեւորէ ընդդէմ աշխարհ մը մեղքերու, զեղծումներու, երբեմն ասոնք իսկ փոխակերպելով։ Ի՜նչ տղայական, գրքունակ բան պիտի ըլլար արեւմտահայ ռոմանթիզմը առանց Դուրեանի խառնուածքին։ Չրաքեան կարելին ըրած է սպաննելու համար իր հարազատ խառնուածքը։ Սքանչելի իր աչուըներուն անհուն թափանցումը որքան նեղած է ան, ասոր գործունէութիւնը թունաւորելով հազար ու մէկ քովնտի պարտքերով։ « Նոճաստան »ը գիրքն է աչքին: Բայց խեղճ այդ զգայարանքը ամէն տողի խաչը կը հանուի, որպէսզի տայ ինչ որ անոր ուղեղին ետին կը ծփափայլի իբրեւ մշուշ ու յիմարութիւն։ Հակառակ ատոր, խառնուածքը յաղթական է մնացած։

[7]     Կը յիշեմ հոս Ի. ԹԷնի փարատոքսալ մէկ մտածումը վաւերական քերթուածի մը արժէքէն։ Թեննիսընի եւ Միւսէի զուգակշռին մէջ գաղիացի նշանաւոր քննադատը կ՚ըսէ, թէ աւելի դժուար է վեց տող յաջողակ ոտանաւոր գրել, քան մեծ ժողովուրդ մը շարժել։ Վասնզի վերջին պարագան մեր տաղանդին չափ պայմանաւոր է մեր դէմինին անտաղանդութեամբը, յիմարութեամբը, մինչդեռ առաջին եզրին համար մենք մինակ ենք մեր յաջողութեան կամ վրիպանքին հեղինակը։ Ճշմարտութեան բաժի՞նը այս boutade–ին մէջ։ Մեր կարծածէն աւելի է հաւանաբար։ Քառեակ մը, մեր նախաքրիստոնէութենէն («Ո՜ տայր ինձ զծուխ ծխանի եւ զառաւօտն Նաւասարդի») չէ հինցած երկու հազար տարիէ ի վեր։ Ու ամէն կատարեալ քերթուած նմանօրինակ հրաշք մը կ՚իրագործէ։ Դուրեանէն, Պէշիկթաշլեանէն, մեր մեծ քերթողներուն անստուեր յօրինումներէն ո՛չ մէկը կը վախնայ ժամանակէն։ Ու ատոնք իրաւցնէ աշխարհակալութիւններ են, յաղթանակներ:

[8]     « Ներաշխարհ »ի ծանօթութեան մէջ (Յառաջաբան) ան արդէն չափով մը զգալի ըրած էր իր սա ամբարտաւան վստահութիւնը իր գրածին վրայ, երբ հաստատելով հանդերձ արտայայտութեան նուազումներ, չէր դարմանած զանոնք, իբր թէ յարգելու համար բխման իսկ դիմագիծը ։ Ասիկա ինքզինքը խաբե՞լն էր, թէ ջանքէ խուսափիլն էր։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ զսպանակը սա անհեթեթ մեծամտութեան, ինծի համար պարզ է, որ դժուար ստեղծող, սեղանէն վախցող, գրելէ յուսահատ միտք մըն էր ան, որ արտայայտման aisance-ը հալածեց, բայց չնուաճեց։ Հռետոր մը չէր այդ մարդը ու այդ էր պատճառը թերեւս, որպէսզի հիանար անոնց վրայ, որոնք իրենց պուտ մը մտածումը էջերու վրայ գիտէին բաշխել ու ըլլալ « մեծապայծառ իմացականութիւն »։

[9]     Դիտելի է, որ սրբագրութիւնը կ՚ընդգրկէ բառը ինչպէս մտածումը, տողերուն կտրուածքը ինչպէս կշռոյթը։ Անտանելի է 5+7–ին փոխարէն Նոճաստան »), որ ո՛չ միայն անսովոր է մեր մէջ, այլեւ անոսկոր, քանի որ տողին երկրորդ կէսը անդամատելու քմայքոտ ձեւ մը միայն կը մատուցանէ ընթերցողին, պատճառ դառնալով մշտական անդրադարձի։ Կշռոյթը կազմել կարենալու համար, Շիրակեան « Նիրհ »ը կը գործածէ գերազանցապէս լուրջ, մտածումը ծանրօրէն ակօսադրող հայկական չափը 4+3, 4+3–ը։ Յետոյ, բոլոր անաւարտ, louche պատկերները անխնայ զոհուած են Շիրակեան յեղումին մէջ, համապատասխան ամբողջ, հաստատ տարրերու փոխարինումով։ Այս իսկ է պատճառը, որ երկու քերթուածները հազիւ իրար յիշեցնեն, հակառակ անոր, որ յանգերը մեծ չափով կը մնան նոյն, երկու քերթուածներուն մէջ ալ։ Ու մէկ է մտածումը։ Տիրան Չրաքեանի « Նոճաստան »ը գրեցէ՛ք « Նիրհ »ին (Շիրակեան յեղում) թեքնիքովը, այս գիրքը եւ ըլլար կատարեալ, հարազատ տաղարան մը, ու գրեցէ՛ք « Ներաշխարհ »ը ուրիշ ճարտարապետութեամբ, այդ գիրքը կ՚ըլլար անմահ կոթող մը հայ արձակէն ու միտքէն: