Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. [ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԵՏԸ]

/251/ Եւ սակայն անիկա արուեստագէտ մըն էր։

Իր սերունդին բոլոր վաւերական տաղանդներուն նման, Ատոմ Եարճանեան թերեւս հռետորութեան մղուեցաւ արուեստի զգայարանքին առաւելազանցութեամբ մը։ Իրմէն արձակ չունինք, ճշդելու համար այդ զգայարանքը իր լիութեանը մէջ։ Ստոյգն այն է, որ ան ոտանաւորին թեքնիք յատկութիւնները կը ճանչնար ոեւէ կանոնաւոր քերթողի մը չափ։ Իր կրկնաւոր տողերը անոր մէջ կը վկայեն ականջի մասնակի ընկալչութեան մը մասին, որուն սխալ չըլլար ձայնական ընկալչութիւն պատկերը գործածել։ Չէ՞ որ բառէն, այսինքն ձայնէն մեկնող բանաստեղծն էր ան։ Այդ ընկալչութիւնը դուք չեք գտներ, օրինակի համար, շատ մը քերթողներու մօտ։ Ո՛չ Վարուժան, ո՛չ Թէքէեան, ո՛չ Մեծարենց կը տարուին բառերուն բզզիւնովը։ Բարեբախտութիւն է, որ այդ զգայարանքը չըլլայ առանձին։ Այն ատեն կ՚ունենայինք Հիւրմիւզը կամ աւելի ճիշդը՝ Բագրատունին [1] ։

Սիամանթոյի մէջ տիրական, գրեթե ամբողջական զգայարանք է սակայն տեսողականը, որուն տարողութիւնը (représentatif ուժը) /252/ երբեմն մինակը կը հակակշռէ քերթողական ուրիշ արժանիքներ։ Ո՞րն է այն կարողութիւնը, որ Վ. Հիւկօն ԺԹ. դարու ֆրանսական մեծագոյն քերթողը պիտի պատճառէր, եթէ ոչ տեսողական (visuel) հսկայ իր շնորհները։ Սիամանթոյի մօտ, անշուշտ, ձայնականին զեղծանումը ու քերթողին ընդոծին՝ անբաւարարութեան հետեւանք հռետորական գայթակղութիւնը աստիճան մը պիտի վտանգեն սա զգայարանքի rencement-ը։ Կան անկէ քերթուածներ, որոնք զուտ ձայն են խղդելու աստիճան կեանքը, պատկերը, զգայնութիւնը իրենց աղմուկին մէջ։ Օրինակ՝ « Ասպետին երգը », « Հայորդիները », գրեթէ ամբողջութեամբ, կէսը՝ « Հայրենի հրաւէր »ին։ Բայց ուրիշ տեղ, նոյնիսկ ձայնական ճնշումին հակառակ, տեսողական զօրաւոր թելադրանք մը կը կազմէ յատակ, մոթիֆ քերթուածին։ Ներելի՞ է այդ պատկերներու առիթով գործածել vision բառը, որ զգայնութեան մաս կը կազմէ յաճախ ու իբր այդ քերթողը կը յատկանշէ։ Հետագայ էջերը կը փորձեն պատասխան մը ճարել այս հարցումին։

Սիամանթոյի նիհարութիւնը նիւթէ (իր աշխարհին վերլուծումը այդ մասին կասկած չի թողուր։ Չնորոգուող իր երգը ուրիշ փաստ), բռնի իր անունին հարկադրուած խորհրդապաշտութիւնը, զինքը տախտապարող ապերասան, գրեթե զուտ ձայնական հռետորութիւնը, կանխող էջերուն մէջ ունեցան բաւարար ընդլայնում։ Քիչ անգամ ներելի պատրանք մը այդ իրարու նման, զիրար կրկնող հատորներուն ետին յամառեցաւ տեսնել Հայոց ժողովուրդին ու աշխարհին աննախընթաց մէկ խտացումը, անոնց հեղինակին վերագրելով դիւցազներգակ բանաստեղծի մեծատարած վարկ մը։ Այս պատրանքը այսօր դժնդակ փարատոքս մըն է տարազին համար։ Չեմ կրկներ, ինչ որ ըսեր եմ այդ մասին։ Ուրիշ նոյնքան անորակելի պատրանք՝ անոր խորհրդապաշտութիւնը, որ գրական խղճմտանքի անբաւարարութիւն մըն է տեսնել կրցողին, քան թէ ճշգրիտ խառնուածքի մը փաստը (վասնզի կան այդպէս ծնածներ ալ)։ Իսկ գրական մահացու, գիտակցուած մեղք մըն է անոր հռետորութիւնը, աւելի քան անտանելի Սիամանթոյի միւս վրիպանքները, քանի որ կը վկայեն տեսակ մը զեղծումէ, զեղծանումէ, չարափոխող ճարտարանքէ մը։ Այս ամէնուն դէմ, սակայն, սխալ չէ ընդունել, որ տեսիլքը, ու այս բառին զուգորդ զգլայազանցութիւնը Սիամանթոյի մօտ զերծ են բռնազբօսութենէ, տալու աստիճան բնականութիւն մը, տեսակ մը գրական հաւասարակշռութիւն անոր հակադիր կողմերուն։

/253/ Արդարեւ, շատ ընդարձակ, շատ բարդ ու խոր նախանիւթը (որ Հայոց Աշխարհն էր, անոր ժողովուրդը ու այդ ժողովուրդին վրայ գործադրուած անհուն սպանդը), մատուցուած անոր մատաղ զգայարանքներուն, ամենէն առաջ ձեւն ունէր պատկերներու (դէպի տեսիլքը ուրիշ ճամբայ մի՛ փնտռէք) արեան, կրակի, անողոք զուլումի ։ Այդ պատկերներէն մկրատել, կարկտել, խտացնել, մանրանկարային համադրութեամբ փոքր գլուխ-գործոցներ ձեւել, կամ անոնց սարսափին դիմաց սրտագին, կատաղի աղաղակներ արձակել արարքներ էին, որոնք կատարուեցան մեր գրողներէն շատերուն կողմէ։ Այդ պատկերներուն իբր մթնոլորտ թանձր տրտմութիւնը հագնիլ անգայտ պատանքի մը նման ու այդպէս զգեստաւոր, քրմատիպ, աշխարհի երեսին թքնել՝ ուրի՛շ մէկ եղանակն էր հայերու նոր տրաման պատմելու: Պարթեւեանի երկու հատորները, « Քայքայում » եւ « Հայուհին », ուրիշ բան չեն։ Վարուժան եւ Թէքէեան իրենց կարգին այդ նախանիւթէն ըրին ուրիշ նուաճում։ Սիամանթօ ընկերն էր այս մարդերուն։ Ան ալ պիտի մօտենայ այդ նուաճման ու սեւեռումի սրբազան պարտքին։ Բայց կնիքին տակը՝ իր անձնաւորութեան հիմնական մղումին։ Ասկէ՝ իր ամբողջ գործին վրայ տարածուող ամբոխային, հանդիսական, աղմկայոյզ ոլորտը, որ պիտի խանդավառէ զանգուածը, բայց պիտի ձգէ գրեթէ անտարբեր խորին, նորին, ծանր ապրուածին, ստեղծուածին տարփաւորները։ Ասկէ՛ է այդ թերին, մասամբ մը, բնազդային ճամբով մը դարմանելու իր միւս միջոցը իրերը, իրականութիւնը, երազն ու մտայնութիւնները շարժուն պաստառներու վերածելու իր թեքնիքը։ Այդ պաստառը տեսիլքն է, արեւմտեան քերթողութեան շատ սիրելի vision-ը [2] ։

/254/ Ո՛վ որ թղթատած է մեր պատմագիրներու տարեգրութիւնները, պիտի ապշի առատութեանը առջեւ կեանքի վկայութեանց, որոնք երբեմն քանի մը տող, շատ աւելի քիչ անգամ էջ կը գրաւեն, բայց որոնց խտութիւնը բարկ իսկութեան մը պէս կը դղրդէ ընթերցողը։ Ալիշան զգացած էր այդ խռովքը։ Իր « Յուշիկք Հայրենեաց »ը եթէ այսօր մեզ չի խանդավառեր, պատճառը տեսիլքին պղտորութիւնը չէ ապահովաբար, այլ նոյն արտասուալից ռոմանթիզմի հայրենաբաղձ հռետորութիւնը. որոնք ամբոխներուն կը խօսին, բայց կը պաղին շատ ալ արագ։ Սիամանթօ չէր կարդացած Հայոց պատմութիւնը։ Ան իր vision-ը ունէր պատրաստ իր աչքերէն հեռու երկրի մը վերեւ, առկախ արեան ամսերու նման։ Ունէր իր իսկ շրջապատին մէջ (եւրոպական ոստանները, ուր գրուեցան անոր հատորները, բացի « Կարմիր լուրեր բարեկամէս »ը, որ գրուած է Պոլիս եւ « Ս. Մեսրոպ »ը, որ կրնար գրուիլ նոյնիսկ Հրատ մոլորակին վրայ, Պոլսէն դուրս), հալածական, տարագիր արուեստագէտի իր ջիղերուն մատնուած դժբախտութիւնը, որ անխորտակելի փլաքներու ձեւին տակ ինկաւ անոր ուղեղին շտեմարանին։ Ունէր տակաւին կախարդ ալ յուռութքը, կեանքը՝ հարկադրաբար (քանի որ արգիլուած էր անոր զայն ապրիլ ջիղերով) ուղեղին վերածելու արիւնոտ բանալին մեր բանաստեղծներէն երկինքի հիւանդութիւն որակուած բացառիկ ալ վիճակը։ Կրնաք, եթէ ուզէք, գտնել տակաւին ուրիշ ալ ազդակներ ու միացնել իրարու, որպէսզի հասկնալի դառնայ Ակնէն փախած սա տղեկին մէջ լայն, ուրուային, fantastique կտաւներուն համապատկերը տեսիլքը, որ կարծես անոր գործին ընդհանուր ցրուածութիւնը կը համադրէ, կը դաշնաւորէ։ Ինչ որ Մեծարենց քերթուածի մը մէջ (օրինակի համար « Ջրտուքը », «ՆՈՐ ՏԱՂԵՐ») պիտի թելադրէ տիրական խտութեամբ, հայրենի գիւղին անմոռանալի գոյներն ու քաղցրութունները միանգամ ընդմիշտ, Սիամանթօ պիտի ջանայ նուաճել հատորէ հատոր։ Մէկ ու նոյն նիւթը այսպիսով պիտի գտնէք անոր բազմաթիւ հատորներուն մէջ, վասնզի բանաստեղծը տեսիլքի անբաւարարութիւնը պիտի կարծէ դարմանել, զայն դնելով մեր աչքի դաշտերուն, ամէն անգամ որ պայմանները ներեն։ Քանի՜-քանի տեղ հայրենի տունը տեսած է ան, միշտ ալ անկարող զայն սեւեռելու, վճռական գիծերու հէնք մը իբրեւ։

  /255/ Ուշագրաւ է, որ Սիամանթոյի հատորներուն վերադիրները ըլլան խտացած տեսիլքներ ու մեզ տպաւորեն համադրական յուզումներով։ Փնտռուած կամ ոչ, այդ անունները վիճակներ թելադրելու տեղ, մեր մէջ կ՚արձակեն տեսիլքի ուրուայնութիւն մը։ Ի՜նչ խաղաղ ու խոր անուն մըն է « Հրաշալի յարութիւն »ը։ Բայց որքա՛ն անդոհական՝ « Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր »ը։ Ձեզ կը ձգեմ խորանալ երկու անուններուն այսպէս արթնցուցած տպաւորութեանց ու կ՚անցնիմ ճշդելու տարողութիւնը տեսիլքին, Սիամանթոյի գործին մէջ։

 

Գիտեմ, որ անոր քերթուածները պիտակող կողքին ներքեւ քովէ քով ապրող քերթուածները յաճախ կը տառապին այդ դրացնութեան համար։ Նոյնիսկ « Հայորդիներ »ը դժուար իրարու կը մտերմանան թուղթին վրայ Սիամանթոյի մoտ, մինչ կեանքին մէջ անոնք մէկ ու նոյն միսին արձաններն էին կազմեր։ Ու գիտեմ դարձեալ, որ այդ հատորներուն թելադրած տեսիլքը իբրեւ վերադիր համապատասխան չէ ներքին տարողութեանը այդ պատկերներուն։ Ի՞նչ է արժէքը « Ասպետին երգը » որակուած երկարաձիգ թափառում էին, ի՞նչ՝ « Հայրենի հրաւէր » գեղեցկայոյզ կոչին մէջէն մեզի գալիք պատկերներուն, որոնք չեն պաշտպանուր ո՛չ մէկ ներքին միութեամբ, բայց որոնց գրուելուն գերագոյն զսպանակը դարձեալ տեսողական է իր ծագումով, քանի որ այդ նիւթերը անոր մտքին մէջ սաւառնաթեւ պտտեցան, իջնելէ առաջ անոր սիրտը։ Նոր–Աշխարհի դժոխք քաղաքներուն մէջ, խղդուած խմբագրատան մը խորը իւղոտ ու մրոտ տղոց հետ ունի՞ք տեսնուած, որոնք ձեզի պիտի խօսին իրենց հայրենիքին անկորուստ շնորհներէն, առնուազն իրենց այգիէն ու տունէն ու պիտի լան, մտաբերելով իրենց թիապարտի սենեակը, ուր ստիպուած են իրենց «կոտրտած կողերը» հանգչեցնել։ Սիամանթոյի գործին համար նման թելադրանքներ կրնաք հաստատել այդ օտարութեան աւելի կամ նուազ պերճ, արիւնամած ոստաններէն։ Վարուժանի « Ցեղին սիրտը » լայն չափով մը մեր պատմութենէն կը սնանի, այսինքն՝ բանաստեղծը պաշտպանութեան տակն է ամենէն ամուր ուժին, իր ժողովուրդին խորհուրդին։ « Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր »ը ձայներ են հալածական, ուրացուած, իրեններէն իսկ մատնուած մարդուն։

 

Թերեւս չըլլաք անդրադարձած այն տպաւորութեան, որ Սիմանթոյի իւրաքանչիւր հատորիկը կ՚արթնցնէ ձեր մէջ երբ զայն կ՚աւարտէք։ Չեմ զբաղիր այն թերութիւններով անցած նկատառու/256/մէ։ Կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը կեցնել այն ուրուային պատկերներուն, որոնք քերթուածներէն ետք կը յամառին թափառիլ ձեր մտքի դաշտին։ Դժուար է այդ ուրբապատկերները դասաւորել, ճանչնալ, վերլուծել (բանաստեղծութիւնը տրամաբանութիւն չէ ), բայց դժուար նոյն չափով՝ ատոնք վանել ձեզմէ։ Ուրեմն ձեր ներքին տեսողութեան բան մը մատուցուած է այդ քերթուածներով։ Կարելի՞ է ուրեմն վերադիր մը ճարել, որ ըլլար արդար, արտայայտիչ ու վճռական, ինչպէս է պարագան մեր միւս քերթողներուն հետ։ Մեծարենց, Թէքէեան, Եղիշէ եւ Պետրոս Դուրեան, Մ. Պեշիկթաշլեան իրենց դիաններուն անդրադարձ նկարները իբրեւ կը յօրինուին մեր զգայնութեան ընկալուչ ջուրերէն ներս։ Ամէն անգամ, որ կը գոցէք յիշուած բանաստեղծներէն հատոր մը, զայն կարդալէ ետք, ձեր մտքին ներկայացող պատկերը, հեռու ուրուային, մռայլ, անշրջագիծ բաբախում մը ըլլալէ, մարդ մըն է, որուն դէմքը հաւատարիմ է իր հատորին։ Փորձեցէ՛ք Սիամանթոյի վրայ նոյն կեցուածքը։ Պիտի զարմանաք, որ ձեր մտքին ներկայացող պատկերը գրեթէ աղերս մը չունի ձեր կարդացած հատորին հետ։ Ասիկա մի՛ աճապարէք դատել գրական կեղծիք մը իբրեւ։ Ոեւէ հայ իր ողբերգութեան դիմաց կեղծ չէր կրնար ըլլալ, ըսի ատիկա, ու ամենէն քիչ՝ Սիամանթօն։ Այն ատե՞ն։ Ինծի կու գայ, թէ ստիպուած ենք այդ տարտամութիւնն իսկ, այդ ուրուայնութիւնը ընդունիլ իբրեւ զգայնութիւն, որով կը յատկանշուի ամէն քերթողական խառնուածք։ Այս մէկը պիտի տեսնէ աշխարհը իբր փափկութիւն մը մելանուշ յոյզերու, պիտի սխրալի ապրումներ հաստատէ իր պատմութեան եւ ներկային թարմ, վերանորոգ. ծիլերուն վերփթթումին մէջ ու պիտի երգէ կեանքը սանկ թեթեւ հանդէս մը, ուր երկու աղջիկ, համբոյրի յուշք մը, հովեր, գարնան ձայներ, մահուան թեւերուն հեռաւոր բաց հետզհետէ մերձեցող սարսափը, քանի մը դաշտանկար, քանի մը իրաւ յուզումներ, մեր հիւանդութիւնը իրարու ըլլային հաւատարիմ։ Դուք պիտի կրնայիք այս պատկերին տակ կարդալ Մ. Պէշիկթաշլեան բանաստեղծը։ Այն միւսը պիտի թափառի աշխարհէ աշխարհ, վճիտ գոհարներու նման կրելով իր հոգիին խորը իր պատանութեան անշէջ պատկերները, պատրանքները, ամբողջ շարքը հսկայ երազներուն, որոնք այս դարու սկիզբը, մանաւանդ կանխողին վախճանին մեր հարստութիւնն էին կազմեր, մեր ողբերգութիւնը հանդուրժելու ոգեղէն զրահ ու մեր ճակատագիրը սրբագրելու հզօր թելադրանք։ Թող ան իր շալակը առած, ինչպէս նաեւ իր տաղանդը, պտըտի ոստանէ ոստան, Աստուծոյ արեւին տակ իր տեղը ուզող իր ժողո/257/վուրդին համար, մերժուի, նախատուի, դառնայ առնուազն ծիծաղելի, նախ իր ժողովուրդին հաշւոյն, յետոյ իր իսկ հաշւոյն, ու փորձէ իր տառապանքը պատմել աշխարհին։ Դուք կ՚ունենայիք Վահան Թէքեանի գործը։ Ու ասիկ այսպէս բոլոր վաւերական քերթողներուն համար։ Կը կենամ ու կը փորձեմ եղանակը կիրարկել Սիամանթոյի վրայ։ Իրմէն մեզի անցածը՝ մարդով մը պայմանաւոր, բարեխառնութեամբ մը անձնացած վկայութիւն մը չէ։ Սխալ չ՚ըլլար թերեւս այդ տպաւորութիւնը ընդունիլ իբրեւ այդ շրջանին մէկ անորոշ, սակայն, հաւաքական զգայութիւնը, գէշ բառով մը՝ աշխարհահայեացքը։ Տեսի՞լք ։ Թերեւս, քանի որ յստակ ոչի՛նչ կայ Սիամանթոյի ամէն հատորի ներսը։ Անոր այն հատորը, ուր մենք կ՚ակնկալենք գտնել զինք եւ իր ժամանակը ՝ կարելի պայծառութեամբ, շրջագիծերով, « Հայորդիներ »ու շարքն է ապահովաբար։ Գրուած երեք շարքերը եւ այն միւսը, որ կը խոստացուի իբրեւ պատրասսոութեան մէջ (վերջին շարք, տեսնել Գ. շարքին կողքին վրայ յայտարարութիւնը), մօտ տասը տարիներով բաժնուած են իրարմէ նշան, թէ յամառ յաճախանքով մը հետապնդած էին անոր ուղեղը։ Նշան նոյն ատեն, թէ ժամանակին բարիքը պիտի միջամտէր անոնց յօրինումին ու բառական կառոյցին անքաւելի մեղքը պիտի խնայէր անոնց։ Այդպէս չէ եղած իրականութիւնը։ Այդ հայորդիներէն ո՛չ մէկը չի խտացներ տիրական նկարագիրները, որոնք մեր յեղափոխական երիտասարդութեան մօտ այնքան ամուր, պայծառ, գեղեցիկ, անկորուստ էին խորաքանդակուած։ Ո՛չ մէկ դէմք, որ աշտարակուէր (ինչպէս կը գրէ յաճախ ինք Սիամանթօ, պատկերը թելադրելով, բայց չնուաճելով) այդ տղոցմէ, որոնք երկու դարերու մէջտեղ ելան ոտքի, ցեղին վրայ գործադրուած անհուն սպանդին վրէժխնդիրները իբրեւ, ու ըրին ոգորումներուն ամենէն ազնիւը, որովհետեւ ամենէն յուսահա՛տը ։ Չէք կրնար իր ահաւոր մեծութեան մէջ պարագրկել այդ տղոց հոգիները, որոնք պիտի մեռնին, ուրացուած իրենց իսկ ցեղէն։ Սիամանթօ այցուած է այդ մեծութեան կախարդանքէն, բայց այդքան։ Իր անբաւարարութիւնը հո՛ն ալ պիտի արգիլէ զինք այդ մարդերը տալէ մէկիկ–մէկիկ, իրենց մարմնեղէն ու հոգեղէն շէնքին բոլոր կողմերովը, բայց պիտի մղէ զինք այդ պակասը դարմանելու ընդհանրացման, ուրուայնացման եղանակներով։ Այսպէս է, որ ձեր մտքին մէջ կը շինուին տեսակ մը խօլական նկարաշարքեր, մշտաշարժ, ալեկոծ, յարաճուն, որոնց խորքին սիրտերու, կմախքներու, նայուածքներու, մայրերու, կոյսերու փշրանքներ, իրարու խառնուած, անկարող իրենք զիրենք /258/ կերպադրելու։ Բայց բոլորը մէկ քալող՝ դէպի խորխորատը ճակատագրին, հակուած անհուն ու սրբատաշ թշուառութեամբ եղերամայրերի, ինչպէս աշխարհի ներքինի առաքինութիւններէն։ Անլուր ուժգնութեամբ սա շարանը, խենթացած ու խենթեցնող մարդոց, որոնք հայորդիներ են, այս անգամ ոչ իբր գիրքի անուն, այլ իբրեւ խորհրդանշանները մեր ժողովուրդին դարաւոր բախումներուն տարակերպ հսկաները հայոց պատմութեան, դարէ դար, իրարմէ աւելի յուզիչ, յանկուցիչ ու մեծ։ Ինչ որ պիտի չներուի Սիամանթոյի, այս տղաքը այսպէս հռետորական ընդլայնումներու նիւթ ըրած ըլլալն է ապահովաբար։ Իբրեւ մանրամասնութիւն՝ վրիպանք, այդ մարդոց համակրանքը մեզ կը տանի գորովի, հիացման, սխրանքի ու արցունքի։ Ու ինչպէս ամէն ինչ տարօրինակ էր իր մօտ, այս կերպ յաջողութիւն մըն ալ կը մնայ տարօրինակ։ Նմանապէս, հակառակ մասերու անբաւարարութեան, երբեմն նոյնիսկ սնոտիքին անհեթեթութեան Մօր մը երազը », « Եղբայրն իր եղբօրը », « Այգեկութք » «ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՐԱՒԷՐ», «ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ»), մեզ կը տպաւորէ անշրջագիծ տեսիլք մը իբրեւ։ Այս հաստատումը առանց անպատեհութեան մեզի կը ներուի տարածել իր բոլոր հատորներուն վրայ ալ։ « U. Մեսրոպ »ը նոյնիսկ տեսիլք մըն է։

 

Տեսնելու, տեսածը տեսիլքի վերածելու իր եղանակը շատ մօտիկէն կը յիշեցնէ խորհրդապաշտ կերպը։ Ըսի այս մասին իմ դիտողութիւնները, անցնող դարու վախճանին տիրական դպրոցի մը սխալ ներկայացուցիչը իբրեւ։ Բայց խորհրդապաշտութիւնը շատ աւելի խոր, իրաւ, հին, հետեւաբար հիմնական մէկ եղանակն է մարդկային արտայայտութեանց։ Բոլոր կրօնքները, քաղաքակրթութիւնները, մշակոյթները խորհրդանշաններ են խոր, իրաւ, հիմնական ապրումներու։ Այդ չէ, որ պիտի ուզէի վերլուծել Սիամանթոյի առիթով։ Թերեւս ըլլաք կարդացած Ալֆրէտ տը Վինյիի « Մովսէսը », « Գեթսեմանին », մանաւանդ « Ծով ձգուած սրուակը » (La bouteille à la mer) քերթուածներ, որոնց իւրաքանչիւրը կը բրգանայ, իրաւ է՝ նախ իր հաշւոյն, առերեւոյթ անկախութեամբ մը, բայց շուտով կը վերածուի նիւթէն տարբեր խորհուրդի մը։ Ամէն տեղերու ու ժամանակներու համար գրեթէ նոյն այս խորհրդապաշտութիւնը բոլորովին տարբեր բան մըն է 1885–ի շարժումէն։ Սիամանթօ չէր եղած, չէր կրցած ըլլալ այս վերջին դպրոցին մարդը, ինչպէս չէ կրցած ըլլալ գործաւորը միւս, յաւիտենական սէմպոլիզմին։ Ըսի իր ոտանաւորին ստեղնաւոր դրութեան արթնցուցած պատրանքը։ Պիտի /259/ յիշեմ Էմիլ Վերհարնը, որուն Villes tentaculaires հատորը Սիամանթոյի մօտ թեքնիք մը կը պարզէ, իրերը տարտամելու, խոշորցնելու, պարզ բաները հանդիսաւորելու եւ հռետորելու մշտական ճիգով մը պայմանաւոր։ Եւ ահա թեքնիքը, իր մայր գիծին մէջ։ Փոխանակ պատկերը (որմէ սա պարտաւոր է տեսիլքէն վերանալ), տիրապէս, ամբողջապէս նուաճելու [3], Սիամանթօ ինքզինք կ՚արձակէ ուրիշ պատկերի մը, պատկերներու շարքի մը ետեւէն։ Րոպէ մը մտքի հորիզոնին ուրուացող ձեւը (որուն կեդրոնախոյս ձգտումները ծանօթ են բոլոր երկունքով տագնապողներուն) ատեն չունի կենալու, հաստնալու, մարմին դառնալու, ու գլուխը առած կը սուզուի մութին, մշուշին ծոցը, բայց շարունակելով պահել աստեղային նշուլում մը, ուրուայնացում մը, որ պիտի անդրադառնայ մտքին դաշտը գրաւելու, եկող յաջորդ պատկերին վրայ։ Ու ասիկա այսպէս անընդմիջաբար։ Բառը պիտի գրուի թուղթին, ինչպէս մտքին էքրանին վրայ, պիտի հալածուի յաջորդէն ու այս ալ, իր կարգին, պիտի ենթարկուի նոյն ճակատագրին։ Արդիւնքը ա՛յն կ՚ըլլայ, որ քերթուածը ՝ որ ամբողջութիւնն է միութեան կեդրոնի մը վրայ իրարու ընտանի գիծերու, ձեւերու, որ մարդու մը ցաւը, աղջկան մը ինքնասպանումը, տղու մը ինքնակիզումը, գիւղի մը հրդեհումը… պիտի պատմէր, պիտի պատկերէր, մանրամասնութեանց խստակառոյց հանդէսի մը մէջ, կը շեղի իր նպատակէն, կը ձգտի բոլորը մէկ բերել նայուածքի նոյն փլանին, իրականութեան անխուսափելի զեղծանումով, ինչպէս է ինքնին պարագան երազներուն եւ ասոնց ազնիւ տեսակին՝ տեսիլքին համար։ Ամէն տող այսպէս կը գծուի նիւթին վրայ, կը բեկուի յաջորդին խորը ու կ՚անցնի։ Քերթողական սա սինեման մի՛ շփոթէք սակայն աճպարարական խաղերու հետ։ Սիամանթոյի մօտ յաճախ տեսիլքը իբրեւ միութիւն ինքզինք կը յաջողի պարտադրել, անկախաբար մանրամասնութեանց նպաստէն, հերիք է, որ հակասութիւններու, անհեթեթութիւններու գնովը չըլլայ այս իրազանցումը, իրազեղծումը։

/260/ Ահա նմոյշ մը այս տեսլային գործադրումէն։ Նիւթն է կոտորածի գիշեր մը։

«... Աւերումի անդառնալի գիշե՜ր…
Ագռաւներու հանդիսաւոր խենթութիւն մը գիւղին վրայ…
Ու արծիւներու ճերմակ ուրուականներ անոնց հետ։
Բոլոր թաղերն ածխահանքերու երեւոյթն ունին,
Ու օդին մէջ արիւնի ու մոխիրի նախճիր մը կը հեւայ…
Դիակնե՜ր, դիակնե՜ր, ու մարմիններէ բաժնուած գլուխներ,
Դեւերու ամեհի ու անձայն նայուածքներով,
Ահեղօրէն, սեւ պատերուն երկայնքն ի վեր կ՚աշտարակուին ...
Օ՜, ըսէ՛ք, հոգեվարքներուն հեծկլտանքը այս բոլորին մէջէն…
Կարապներու սպիտակ կոտորածի մը այնչափ նման,
Ու կիսամեռներուն մտածումը որ իրար կը ճանչնան ...
Ու անոնք որ իրար փրկել պիտի ուզէին,
Կոյսերու նման որ ձիւնի օր մը, վանքերու մէջ կը գլխատուին ...:
Կարծես խաւարներուն յաւերժութեանը մէջերէն
Հեռաւոր դահիճներ արիւնի սահանքը բացեր են,
Աշուններուն բոլոր տժգոյն հոգիներուն վրայ,
Ու այգիներուն բոլոր պայծառ աւազաններուն մէջ,
Ուր հիմա անգամի մը համար,
Արիւնին ոգեկոչող հաւաքումին տակ,
Տիրական Մահը, Մտածումները ու բոլոր չբացատրուած Սէրերը
Նայուածք նայուածքի պիտի գան ...

Գերեզմաններուն վրայ, արշալոյսին մէջէն,
Հինաւուրց ուրուականներն այսպէս երգեցին։

«Խաղաղութի՜ւն անոնց որ գերեզման չունեցան,
Ու խաղաղութի՜ւն անոնց ալ որ հոգեվարքի կը տանջուին ... »։

 

«Գիշեր մը» («ՀՈԳԵՎԱՐՔԻ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՋԱՀԵՐ»)։

 

Սիամանթոյի ամենէն յաջող, երիտասարդ հատորիկին սա մէջբերումը հատուած մըն է, տիրական ուժգնութեամբ ու յստակու/261/թեամբ մը կաղապարող անոր տեսիլքի եղանակը։ Ճիշդ է, որ իրականութիւնը (կոտորածի գիշերուան մը դժոխքը) անասելի անգամներով աւելի մեծ է ու ահարկու, քան սա տողերուն վստահուածը, բայց ասիկա հեղինակին թերութիւնն ըլլալէ աւելի ճակատագրական տկարութիւնն է։ Սիամանթօն տողեր միայն ունի տրամադրելի այնպիսի վիճակներու պարագրկումին, որոնց համար հարիւրաւոր էջեր էին հարկաւոր։ Կորստաբեր իրապաշտութենէն սա փախուստը չէ, որ կը մեղադրեմ։ Գոհ եմ, երբ այդ քիչով ինծի կը թելադրուի լռուած շատը։ Տեսիլքին ոստայնը այսպէս կը ճարուի թանձր, տոկուն լարերով, իրաւ է որ սեղմ, բայց թելադրող։ Ու քսան–երեսուն այս կերպ նետուած լարերուն վրայ, ուրուային ու դիւրաբեկ, բայց իր էութեան բոլոր ուժգնութիւնը անվթար պահող տեսիլքը կը գոյաւորէ, ինչպէս հեռաւորութեան մէջ իր գիծերը հաւաքող, ինքզինք յօրինող հսկայ տեսարան մը, որմէ քիչ բան է ստոյգ գիտցածդ, բայց որ ուժն ունի իբր ամբողջութիւն մը քեզ խորապէս տպաւորելու։ Սիամանթոյի համար ֆիզիք ու պարկեշտ աչքը անհրաժեշտութիւն մը չէ, ինչպէս է պարագան Մեծարենցի մօտ ու իրմով մեզի ձգուած բնութեան, ուրկէ այդ աչքին պակասը, առնուազն զեղծումը պիտի կործանէր « Նոր տաղեր »ուն քրմատիպ ու քնքուշ տեսանողը։

 

Սիամանթոյի բոլոր կտորները այս կերպ խտացուած տեսիլքներ են ու կը շահին մանրամասնութեանց շիջումովը, ըլլալով հեռուէն դիտուած շեմաներ ։ Մարդ չի հետապնդեր բացաստանին վրայ ամբարձիկ լեռներուն ոսկերոտիքը իբր ճշգրիտ գծագրում, անոնցմէ հետեւցնելու համար ստուգութեան, հարազատութեան փաստեր։ Գոհ է, երբ այդ մութ զանգուածին հետ իր մտքին աղերսը չ՚աղարտուիր անհեթեթութեամբ։ Սիամանթօ չէ մնացած հաւատարիմ ընդհանրական պատկերներու սա բարիքին։ Վերի կտորին մէջ դուք դիտեցիք անշուշտ անհեթեթութիւնը ճերմակ արծիւներու, որոնք չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր է տեսած ամէն գոյն իր քմայքին համեմատ գործածող այս զգայախաբը։

* * *

Պէտք է խօսիլ տակաւին իր արուեստին միւս նկարագիրներէն։

Կը ծանրանամ

ա. Իր ուժգնութեան, որ վտանգ ու արժանիք է նոյն ատեն։ Հռետորական յատկանիշ, այդ ուժգնութիւնը տարօրէն կը նպաստաւորուի խորքին ալ բարիքովը։ Քանի մը հարիւրի հասնող իր քեր/262/թուածներուն մէջ այս բանաստեղծը խօսած է այլամերժաբար սպանդէ, կոտորածէ, հրդեհէ, ողջակիզէ, պայքարի, բռնութենէ, որոնք իր սերունդին մատուցուած աշխարհիկ զգայութիւններ էին անշուշտ, բայց որոնց հանդէպ վճռական իր հաւատարմութիւնը զարմանք կ՚ազդէ։ Իր գործէն կը պակսի տարփանքի այնքան ընդհանուր, ընթացիկ լարը, արեւմտահայ քնարերգութեան մէջ իրեն տուող բացառիկ անուն մը։ Իր պղծուած, առեւանգուած, սղոցուած քոյրերուն տագնապները կարծես կը միջամտեն, որպէսզի բանաստեղծը պատկառոտ լրջութեան մը մէջ քօղաւորէ իր զգացումները։ Մշտապէս վսեմին մէջ գործելու ճակատագրուած քերթողի մը մօտ ուրեմն շատ ալ բնական չէ փափկութիւններու, ընտանի անուշութեանց հանդէս մը սպասել։ Ու բնակա՛ն՝ կռիւի մը սարսափի պատշաճ վիճակ մը ուժգնութիւնը, չեմ վախնար գրելու՝ բռնութիւնը ։ Ըսի, թէ հռետորական իր զգայութիւնը եւ նիւթը այդ ուղղութեամբ նպաստներ էին։ Իր թեքնիքը որեւէ բանաստեղծի մօտ գումարը՝ արտաքին ստացումներուն ուրիշ բարիք։ Անոր չափը, որ ո՛չ ազատն է ֆրանսացիներուն, ո՛չ ալ մեր ոտանաւորին ընթացիկ կաղապարները, լայնօրէն կ՚օգտագործէ ներքին երաժշտութիւն որակուած յարդարանք մը։ Հարցական, բացականչական, չափազանցական նախադասութիւնները գլխաւոր տարրերը կը կազմեն այդ բռնանուագին։ Կախման կէտերու, երկարներու մեծատարած սպառում մըն ալ կը բերէ զօրաւոր նպաստ։ Ընդլայնումի, տրամաբանական գնացքի հանդէպ անզիջող իր հերետիկոսութիւնը՝ ուրիշ միջոց, որպէսզի տողին մէջ ընդունուին ամենէն հնչեղ, աղմկոտ բառերը մեր լեզուին [4] ։ Այս բոլորը, անշուշտ անբաւական պիտի գային, փրկելու ոչ–բանաս/263/ստեղծ մէկու մը գիշերական արդիւնքները։ Սիամանթօն, յանուն Հռետորութեան, անարդար պիտի ըլլար վտարել մեր մեծ քերթողներու պանթէոնէն։ Տասնէն աւելի են այն քերթուածները, որոնք անոր գրիչովը կտակուեցան մեր հաւաքական հարստութեանց գանձարանին։ Կը մնայ հաշտեցնել զինքը ուրիշ ժամանակներու ճաշակներուն, այ/264/սինքն՝ իր մէջ գտնել կողմեր, որոնք մարդկային հոգիին յաւիտենական յոյզերը ծորէին։ Կը մնայ հաստատել իր գործին մէջ յաջողուածքներ, որոնք սերունդի մը ախորժանքը միայն գոհացնելու փոքր փառասիրութենէն անդին ալ ճառագայթէին։ Այս պարագաները մեր մէջ մեզմով միայն չեն պայմանաւոր։ Կը սիրենք գրականութեանց պատմութիւնը ( որմէ ոչինչ ունինք սորվելիք ) հոն մեր գտած, գտնելիք նման վայելքներու հաշւոյն։ Եւ իր paroxisme–ին տարուած ամէն զգացում հերիք է որ բնականութիւնը յաջողի պահպանել մեզ կ՚ընէ զինաթափ հարիւրաւոր տարիներ ալ վերջը իր ծնունդէն։ Սիամանթոյի մէջ ուժգնութիւնը, ըսի ասիկա, տաղանդի, խառնուածքի ամբողջարար մաս մըն է գրեթէ։ Անկէ զեղծանումը պիտի կազմէր ու կազմեց իր կործանումին գլխաւոր ազդակը։ Ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ ուժի առաջին պայմանը իր անակնկալն է, նորութիւնը։ Զայն չարաշահօրէն գործածել չենք ներեր ո՛չ մէկուն։ « Դիւցազնօրէն »ը, իբրեւ անդրանիկ բխում, կու տայ թելադրանքը անոր ուժին, բայց զայն չի կերպադրեր։ « Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր »ը այն հատորն է, ուր այդ ուժը իր լրումը կը գտնէ, նոյն ատեն զայն ընելով Սիամանթոյի ամենէն քիչ հինցած գործը։ Այդ ուժին արուեստը կը գտնենք դարձեալ « Ս. Մեսրոպ »ին մէջ, բայց լայնօրէն վտանգուած՝ կրկնումներով, բառական շահագործումով, իմացական հռետորութեամբ [5] ։

 

բ. Թելադրականութեան, որ նոր օրերու քերթողութեան (մեր մէջ Վահան Թէքէեանի գործը) ամենէն շատ սիրուած մէկ նորոգումը կը կազմէ։ Հնչեակը, իբրեւ կաղապար, իր ծաւալին խտութեամբը ու իր զարգացուն գնացքով, յարմարագոյն ձեւն էր թելադրական բանաստեղծութեան։ Սիամանթօ, ենթակա՛յ, անսրբագրելի կերպով խառնուածքի չափ հզօր իր հռետորութեան, չէ փորձած /265/ լայն, հնչակը։ Բայց իր տողերը, երբեմն strophe–ները, չըսելու համար stance–ները (տեսնել « Հայորդիները »), իրենք իրենց անկատար ամբողջութիւններ են։ Թելադրականութիւնը ամէն բան չըսելու, բացատրող ու նկարագրող տարրը զսպելու ազնիւ ջանք մըն է։ Երբ փոքր կաղապարներու նախասիրութիւնն ալ ընկերանայ այդ առաքինութեան, մենք շատ աւելի մօտիկը կ՚ըլլանք կատարելութեան։ Սիամանթոյի ընդոծին բռնութիւնը, ուժը չէր կրնար սեղմուիլ այս կաղապարային յարդարանքին մէջ։ Կ՚ընեմ այս դիտողութիւնները, պաշտպանելու համար զինք սէմպոլիսթ թելադրականութեան հանդէպ իր թերացման մէջ [6] ։ Բայց այդ պիտակէն դուրս, ան բախտաւոր է ուրիշ ոեւէ վաւերական քերթողին չափ, նոյնիսկ աւելի, իր նիւթին անհունութեամբը ։ Գիտենք իր աշխարհը, այս անգամ ո՛չ իբր անբաւարարութիւն տեսնելու համար զայն, այլ արդարութիւն ընելու անոր լիատարած թելադրականութեան եւ Սիամանթոյի բոլոր քերթուածները սրումներ են, ըսի ասիկա, բայց ո՛չ ալճէպրայական տարազ։ Երբ իր աղմկայոյզ բառերուն կարաւանը կը բանայ մուտքը որեւէ քերթուածի, բնազդաբար մենք կը մղուինք, քովնտի արձակելու մեզմէ, ուրիշ ալ հետաքրքրութիւններ, որոնք յաճախ կը վարձատրուին։ Քիչ վերը դուք տեսաք այս եղանակը, իրագործուած « Գիշեր մը » քերթուածէն կատարուած մէջբերումի մը մէջ։ Ահա՛ անկէ ուրիշ տողեր.

 

«… Աւերումի ու արիւնի գիշե՜ր...
Օ՜, նայեցէք,
Եփրատին զահանդական եզերքներէն
/266/ Բորենիի աչուըներով մարդակերներուն շտապը՝
Երազին վրայէն, ձորերն ի վեր,
Անհունօրէն, դէպի գիւղ...
Օ՜, այն ընդհարումներն ոսկորի ու սուրերու,
Որ իրենց գիշատողի շարժումներէն
Խուլօրէն կ՚արձագանգուին
Լեռներուն տակն ահարկու։
Ու իրենց նայուածքներն մանաւանդ,
Ու ակռաներուն խշրտուքը սղոցուող մարմարի,
Որ տեղափոխուող անտառներու ցնորքն ունի...
Ու մրրկումը զանգուածեղ խուժանին,
Ու բոլորը մէկ Արիւնը կ՚երգեն
Ու բառերը իրենց յովազի բերաններէն մթին,
Յանկարծօրէն կտրուած վէրքերու նման,
Քարերուն վրայ՝ ծանրօրէն կ՚իյնան …»։

«Գիշեր մը» («ՀՈԳԵՎԱՐՔԻ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՋԱՀԵՐ»)։

 

Գիտէք, այս տողերուն թելադրանքովը ՝ թէ ի՛նչ գիշեր է, որ կը պատրաստուի Եփրատի եզերքին խաղաղիկ քնացած գիւղի մը վրայ։ Կարելի էր այդ գիշերը տալ իրապաշտ թեքնիքով մը, մանրամասն հանդէս մը իբրեւ մարդոց, արարքներու, կրակի, արեան ու լացի։ Իրապաշտ վիպասանի մը համար այդ գիշերը նիւթն էր թերեւս քանի մը հարիւր էջնոց վիպակի մը։ Թէ այդ 15-20 տողը (ամբողջ քերթուածը Սիամանթոյի մօտ 100–ը չ՚անցնիր) ու իրապաշտ վիպակին 150-200 էր հաւասարապէս անբաւական կու գան իրականութիւնը նուաճելու, դուրս է կասկածէ։ Ըսի ասիկա վերերը։ Բայց թէ այդ 15–20 տողին թաւալումը իմ մէջ յարութիւն կու տայ զարհուրանքի հզօր, վաւերական պատկերներու, դարձեալ դուրս է կասկածէ։ Այս իրողութիւնն է, որ կ՚անուանեմ ահա Սիամանթոյի թելադրականութիւնը։ Պահ մը մտքի բերէք արեւմտահայ քնարականութեան ամենէն յաջողակ քերթուածները։ Օրինակ՝ « Առ զեփիւռի Ալեմտաղիի », « Հեծեծմունք », « Կիրակմուտք », նոյնիսկ « Աղուորները » Թէքէեանի։ Ձեր վայելքը այդ քերթուածներէն լիութեան, ամբողջական վիճակներու համապատկերի մը մէջ ապրելու վայելքն է անտարակոյս։ Ձեր երեւակայութիւնը շատ-շատ քանի մը լրացուցիչ մանրամասնութիւններ պիտի ճարէր այդ քերթուածները ստորագրող մարդոց մասին, բայց պիտի չուզէր քերթուածներուն շրջանակը ընդլայնել, վասնզի /267/ ատիկա կատարուած է արդեն այդ տողերուն ցանցին ետին։ Սիամանթօ մեզի չէ ձգած որեւէ քերթուած, որ այդ յագեցումը, գոհացումը ստեղծէր մեր մէջ։ Ատոր փոխարէն, իր ամենէն թերի fresque–ներն ալ malléable են (եթէ կը ներուին այս բացատրութիւնները), ըսել կ՚ուզեմ՝ իր տողերուն լռածը մենք կրնանք լսել, եթե ուզենք։ Եւ որովհետեւ քերթողին աշխարհը ընդարձակ էր շատ, անոր տաղարանը բախտն ունի մեզի բերելու կայծեր, փշրանքներ ո՛չ միայն մեր հաւաքական ողբերգութենէն, այլեւ բոլոր այն քաղցրութիւններէն, որոնք մեր երկրին բախումներն էին, Աստուծոյ տուածէն, ինչպէս կ՚ըսեն, ու այն խրոխտ արժէքներէն ու առաքինութիւններէն, որոնցմով զրահաւոր, գօտեպինդ, մեր ժողովուրդը իր հազարամերը կապեց հազարամերուն, աննկուն յամառութեամբ մը չմեռնելու։ Դուք այս ամէնը պայծառ չեք տեսներ, բառերուն մշուշին, աղմուկին ու պատկերներուն անդադար թաւալուն աճապարանքին ընդմէջէն։ Դուք այդ ամէնը կ՚ընդզգաք սակայն, գրեթէ ամէն քերթուածի ներսը, այդպէս թերի, անձեւ, բայց բաւական ինքնութեամբ՝ որպէսզի ձեր տպաւորութիւնները ինքնանան իրենց կարգին։ Այս բոլորին դերը այն կ՚ըլլայ, որ ի վերջոյ անոր խուսափումները, տիրական գիծերու վրայ maitrisé իր տկարացումները, դպչիլ ու անցնելու իր անկայուն, անվերածելի թեքնիքը կը համերաշխին իրարու, կազմելու համար գրագէտի պատկեր մը, որ ինքզինք կը պարտադրէ, իր թերութիւններուն ու արժանիքներուն կշիռը ազատելու աստիճան մեզմէ։ Այսպէս է, որ ընդունած ենք Գրիգոր Նարեկացի վարդապետին գործը, Շնորհալիի, Լամբրոնացիի ընդարձակ աշխատութիւնները եւ մեր օրերուն՝ Տիրան Չրաքեանի վաստակը բոլորն ալ գիրքեր, ուր մեր տրամաբանութիւնը, ճաշակը, զգայութիւնը ամէն էջի կ՚ենթարկուին ուժգին բռնութեանց, defi–ի, տրտում անկումներու հետ տառապելու ստուգութեամբ մը, բայց անկիւնէ մը ծագած շքեղ շառայլ մը, զգլխող գեղեցկութիւն մը, խորագոյն ալքերէ յառնող հոգեբանական բոխքի մը եւ կամ իմաստի կայծակի մը բարիքը նոյն ատեն մեզ կ՚ընեն շռայլագին յորդ զգացումներու տրոփիւն մը, խանդաղատանք մը, հիացում մը։ Անշուշտ այս արդիւնքին մէջ գրագէտին բոլոր տուրքերը ունեն իրենց մասը։ Բայց սխալ պիտի չըլլար լաւագոյնը հանել թելադրականութեան, որ չըլլալով հանդերձ սէմպոլիսթներուն կողմէ նախասիրուած շատ հմուտ, երբեմն մեղապարտ ճաշակի մը ծնունդ, Սիամանթոյի համար ապահոված է ոչ միայն իր ունկնդիրներուն հաղորդականութիւնը, այլեւ զինք կարդացողներուն մէջ աշխատած է դիմաւորել բազմատեսակ զառածումները։ /268/ Այդ շնորհով է, որ անոր ոտանաւորը բազմաթիւ անգամներ կ՚ազատի անհոգի, անկոչ, անկնիք բառակոյտի մը ապերախտ ճակատագրէն։ Պէ՞տք կայ թարմացնելու ձեր մտքին մէջ, թէ որքա՛ն տրտմօրէն իրաւ էին այդ ճակատագիրները մարդոց, որոնք մեծ, հիացուած բանաստեղծի իրենց համբաւներուն բոլոր շքեղութիւններով անկարող են հակակշռելու դատաստանին վճիռը։ Դուք պիտի գնահատէք այդ դատաստանը իր ամբողջ արդարութեանը մէջ, երբ յօժարիք, բարեմիտ որքան լուրջ, թղթատել անգամ մը դիւանները, որոնք կը կոչուին « Նուագք » . Ղ. Ալիշան), կամ աւելի ժամանակակից գործ մը՝ « Ծփանքներ » . Որբերեան)։ Ի՛նչ հեռու, անկարելի, տղայական կը թուի մեզի այսօր է՝ Մխիթարեանին մեզի ձգած վաստակը (քերթողութենէ), հակառակ անոր, որ անոր իւրաքանչիւր կտորը անթերի գործադրում մըն էր, իր ատենին, քերթողական բացառիկ տուրքերու։ Ու ի՛նչ սուտ, անմարդկային, այլապէս նանրագին կը հնչեն այսօր մեզի ներդաշնակութեանները « Ծփանքներ »ուն, որոնք իրենց օրին ծանրաբեռն գովեստներու ներքեւ երջանկօրէն տառապեցան։ Կ՚ընդունիմ, որ այդ տաղարաններուն հարիւրաւոր էջերուն մէջ երբեմն քանի մը բաւական պատկեր, զգացման սանկ գոլ մը կ՚երեւին, կը ջանան ըլլալ, բայց չեն կրնար գունաւորել, կենսաւորել ցուրտ ամայաստանը բառակոյտին։ Թէ ժամանակը դեռ չէ արտասանած իր վճիռը Սիամանթոյի գործին լուրջ, իրողութիւն մըն է։ Միւս կողմէ այդ վարանքը թերեւս արդիւնք ալ է սա անուրանալի արժանիքին։

գ. Իր փոխաբերութեանց ու պատկերներուն ։ Հարկ չկայ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հսկայ արժէքին, որ փոխաբերութիւնն է քերթողի մը ընդհանուր դիմագծութեան մէջ։ Ստեղծագործ երեւակայութեան այդ ծաղիկը երբեմն մինակը կը դիմաւորէ ապագային վճիռը գրագէտի մը վրայ։ Չրաքեանի բոլոր անկումները անզգալի ըլլալու աստիճան կը մեղմանան, « Ներաշխարհ »ը ողողող փոխաբերութեանց լոյսին շնորհէն, թելադրական մղումներէն։ Սիամանթօն, առանց նանրամտութեան, իր մրցումը կը պատմէր Նարեկացի հետ, որուն կրօնական զգացումները չէր, որ նկատի ունէր, այլ փոխաբերութեանց անսպառ հեղեղը։ Մեր նոր գրականութեան ամենէն խռովայոյզ դէմքերը . Դուրեան, Մ. Մեծարենց, Դ. Վարուժան, Տ. Չրաքեան, Կ. Զարեան) իրենց զգայնութեան ապահով տուրքերուն հետ, ունին ստեղծումի սա գերագոյն տուրքն ալ հաւասար աստիճանով մը։ Սիամանթօ կը կենայ միջինի մը վրայ, բացի « U. Մեսրոպ »է, /269/ ուր փոխաբերութիւնը բռնանալու չափերուն կը հասնի։ Իր գործին ընդհանուր հրապոյրներուն մէջ, փոխաբերութիւնը կը ներկայանալ ազնուական ու վերապահ։ Էջէ էջ երեւիլ սիրող, ինքզինքը ցուցադրելէ զգոյշ, բայց գրագէտը որոշադրող սա շնորհը պատկերամոլութեան կը վերածուի սակայն « Ս. Մեսրոպ »ի մէջ, ուր կը ստեղծէ ամբաւ առատութեամբ պատկերաշարք մը, սինեմայի մը մասերուն վայել արագութեամբ իրարու ագուցուած։ Մէջբերումի մը անկարելիութեան առջեւ (վասնզի պէտք պիտի ըլլար ամբողջ հատորը արտադրել), կը բաւականանամ յայտարարելով, թէ Նարեկեան լիթանին հետապնդող սա բացականչութիւնները թերեւս ճիշդ պիտի չըլլար թեթեւ մրցանքի մը գինը ընդունիլ։ Իրողութիւն է, որ Նարեկի մեջ էջեր գրաւող տարափը վերադիրներու գրագէտի կիրթ, հմուտ ճաշակովը չի ղեկավարուիր։ Ռշտունեաց ծովուն երկնապիշ աղօթողը միտքէն իսկ չ՚անցըներ գրական եղանակ մը կիրարկել, զինք լեցնող խռովքները կերպագրելու բառերով։ Ու այս անպաշտպանութիւնն է թերեւս պատճառ, որպէսզի լայնքով միջակը, ո՛չ լաւն ալ ունենան մուտք։ Սիամանթօ քսաներորդ դարու բանաստեղծ մըն է։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ անցած է ոճին տագնապներէն ու գիտակից է քլիշէին սարսափին։ Անոր համար է, որ խնամքով սանձը զսպած է տափակ վերադիրներուն, արտօնելով հրապարակ իջնել միայն անոնց, որոնց նորութեանը, ուժին կը հաւատար։ Եւ սակայն գրական tour de force մը չէ ամէն տողի, երբեմն տողին ամէն մէկ բառին մէջ նոր պատկեր մը դարբնել։ Սիամանթօ « Ս. Մեսրոպ »ի մէջ ըրած է այս քաջագործութիւնը սակայն, գրեթէ քերելով վտանգաւոր ափունքներ ուր բռնին, փնտռուածը, անհեթեթը կը տիրեն։ Այս փորձանքներուն ընդդէմ իր յաջողուածքը փաստ մըն է բանաստեղծին անհերքելի երեւակայութեան (ստեղծագործ), նոյն ատեն այդ պատկերները դարբնելու իր յանդգնութեան մէջ ան չէ գացած յառաջ լեզուն չարչրկելու, դիմազեղծելու աստիճան [7], ինչպէս այնքան հեշտագին /270/ յաւակնութեամբ ըրած է Տիրան Չրաքեան։ Հին գործիքի մը վրայ նոր նուա՞գ մը (իրողութիւն է, որ 1900–ի մարդերը, ինչպէս 1885–ի, ինչպէս 1865–ի սերունդները եղբայրական գուրգուրանքով մը կը միանան իրարու նորոգման սա տենդին մէջ)։ Չեմ կարծեր։ Կէս դարու հազիւ կեանք մը ապրող գործիք մը դուրս է նման կասկած մը թելադրելէ։ Սիամանթոյի գեղեցիկ բարիքներէն մէկը պիտի ըլլար բանը, անոր ուժը, գէթ բանաստեղծութեան մէջ որոշ տարրեր ամբոխին հասցնել ու հաղորդել անոր մէկէ աւելի իրաւ, բուռն, փշաքաղող յուզումներ։ Տպաւորութիւն ձգելու սա եղանակը դժուար է մէկ գրիչով դատապարտել ( ամբոխավարութիւն, հռետորութիւն, ոոմանթիզմ, ազգայնամոլութիւն Ինչ որ մեզ կը նեղէ այսօր, այդ գործէն, ատիկա արդիւնքն է կառուցման նուազումներու, ոչ թէ հիմնական խօթութիւն մը քերթողական զգայարանքէ։

 

դ. Իր հաղորդականութեան, ուրիշ ո՛չ մէկ քերթողի մօտ նման աստիճանով մը։ Ազատ էք նախնականութիւն, հասարակ տեղիքի պաշտամունք, անբաւարար խորութիւն, մակերեսայնութիւն եւ տակաւին շատ մը տարազներ գործածել, դատապարտելու համար Սիամանթոյի վարկը ամբոխներու վրայ։ Անոնք, որ քերթուածքէ մը կը պահանջեն սանկ մտերմիկ, խոր, զուսպ, մանաւանդ լուռ խռովքներ, կրնան փնտռել այդ ամէնը Վ. Թէքէեանի, մասամբ Վարուժանի եւ Մեծարենցի մօտ։ Բայց արդար պիտի չըլլան այդ մարդիկը իրենց նախասիրութիւնները (անշուշտ խառնուածքի) պարտադրելու այն միւս քերթողներուն, որոնք կրակ ու բոց կը տեղան, հերիք է, որ ասոնք զուտ բառերու տարափով մը չըլլան պաշտպանուած։ Սիամանթօ ունի շքեղ էջեր, հերքելու համար քերթողական ստեղծագործութեան մէջ /271/ ընդարձակ, կործանարար անբաւականութեան ամէն վարկած։ Ան, որ « Ս. Մեսրոպ »ի հարիւրաւոր փոխաբերութիւնները, պատկերները՝ նորափայլ ու շողարձակ, հանեց իր երեւակայութեան հզօր հնոցէն, ամբոխներուն սպասարկու բառախաղաց մը չէր կրնար ըլլալ երբեք։ Սիամանթօ թերեւս այն բանաստեղծն է, որուն գործին զանգուածը կը դղրդի։ Գրականութեանց ընտանի երիտասարդ մը շատ իրաւացի հպարտութեամբ մը կը խանդավառուի Պ. Դուրեանով, Մեծարենցով, Թէքէեանով, Վարուժանով պարզուած մեր հոգեղէն դրութեան փառքին։ Ասիկա ամէն ժողովուրդի մէջ դիտուած ու մեր ժամանակները որոշադրող վիճակէ մը արդար փաստ մըն է։ Ստոյգ է, որ Ե. դարու . Ք. ) ամենէն հզօր, ամենէն ներդաշնակ, ամենէն յուզիչ քերթողները (Եսքիլէս, Սոփոկլէս, Եւրիպիդէս) տարբեր չէին հաղորդուեր զիրենք ունկնդրող բազմահազար սիրտերուն։ Հաղորդականութիւնը եթէ դարեր վերջ արուեստի հիմնական պայման չի կազմեր, պատճառը այն է, որ արուեստին եւ ժողովուրդին միջեւ հետզհետէ խորացող անդունդ մը կը պեղուի։ Ու գոյութիւն ունի մասնաւորներու միայն խօսող արուեստ մը, ինչպէս ունեցեր էր ընդհանուրը ընդգրկող մը։ Մալարմէ մը պաշտամունքի հասնող երկիւղածութեամբ հիացուեցաւ 1880–ի մարդերէն, այսինքն ասոնց այն մասէն, որոնք մտերմիկ, զուսպ, նոր, հազուադէպ յոյզերու նախասիրութիւնն ունէին, ուրացուելու համար ուրիշներէ, պարզին, աղմկոտին, նախնականին միայն ընկալուչ։ Սիամանթոյի մօտ այս երկուութիւնը կը ներկայանայ հաւասար իրաւունքներով։ Անոնք, որ անմիջական հաղորդումը կը փնտռեն արուեստի գործէն, թող կարդան « Կարմիր լուրեր բարեկամէս »ը, « Հայորդիները », « Հայրենի հրաւէր »ը։ Անոնք որ խտութեան, նորին, ուժգին ձեւերու համար ունին նախասիրութիւն, թող կարդան « Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր »ը, մանաւանդ « Ս. Մեսրոպ »ը։ Վերերը խօսեցայ, թէ ի՛նչ լայն չափերով Սիամանթոյի ոտանաւորը կ՚իջնէր զանգուածներուն։ Հոս կը ջանամ ազատել բանաստեղծը հաւանական մեղադրանքէն, որ ըստ բնութեան կը պահուըտի ամէն նման գործէ ներս։ Սոփեստութիւն պիտի ըլլար իր ժողովրդականութիւնը (որ բնական հետեւանք մըն է հաղորդականութեան) գործածել իր դէմ։

Կը կենամ, վասնզի Սիամանթօ այն բանաստեղծներէն է, որոնց հետ գրականութեան մը հիմնական ձգտումները սեղանի կը դրուին։ Ու ինծի համար դժուար է հատորներ նուիրել մեր քերթողներէն իւրաքանչիւրին։


 



[1]     Ոտանաւորի թեքնիքին վրայ նկատողութեանց շարքին սխալի մէջ չենք, երբ կը գործածենք Մխիթարեան վերջին դպրոցին իսկական տաղաչափները բառին տալով արդար արժանիք։ Այդ թեքնիքը չէ անցած, օրինակ, Թերզեանի, որուն տողերը փշաքաղում կը բերեն յաճախ մեր լեզուին վրայ, երբ կ՚արտասենք։ Ո՛չ ալ ոլորուն երգին մէջ Uէթեանի մեզի կը տրուի հաստատել այդ maitrise–ը: Ու սխալ չէ, դարձեալ, արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր շեշտին մէջ զգալ այդ մարդերը՝ Հիւրմիւզն ու Բագրատունին։ Պէշիկթաշլեանի գրաբար տաղերը (սիրունները մանաւանդ ու եղերերգները) ունին այդ զգայարանքին փաստը։ Բայց ինչպէս Սիամանթոյի, նոյնպէս անոնց ալ անբաւարարութիւնը կու գայ խորքի, նիւթի հարցերէն։

[2] Հետաքրքրական է հոս տալ անունը vision–ի մեծագոյն քերթողին, Վ. Հիւկոյի, որուն կործանումը 1900–ին լրացած աղէտ մըն էր եւ որմէ, սակայն, քառորդ դար ետք «La Legende des Siècles» քերթուածաշարքը կը թուի ըլլալ վերագտած վերջնական իր փառքը։ ԺԹ. դարու անհուն բանաստեղծին անհուն գործէն սա հատորին վայելած սա վերափառքը կու գայ այն vision–ի ընդարձակ զանազանութենէն, որ կ՚առնէ դարերուն իմաստը (Հիւկօ շատ չի խորանար, բայց գիտէ, թէ քաղաքակրթութիւն մը անհուն խտութիւն մըն է ու երբ կը կործանի, կը ձգէ բան մը, թէկուզ մոխիր՝ յայտարար որոշ զգայնութեան) ու զանոնք, այդ դարերը մեզի համար գրեթէ շօշափելի պատկերներու, տեսիլքներու ձեւին տակ կ՚անցընէ մեր մտքին հորիզոնին: Սիամանթօ իր « Հայորդիները » շարքին մէջ յաճախուած է արդարեւ այդ հմայքէն, առանց անոր հասնելու: Շատ անուշ, լացնելու չափ անուշ, տրտմութիւնը, ռոմանթիզմը, գեղեցկութիւնը իր ժողովուրդին դարերէ դարեր ան փորձեց համադրել « Ս. Մեսրոպ »ի մէջ, որ թերեւս զինք խղդող ոսկեդրուագ հռետորութենէն կ՚ազատէ մասամբ, այդ ցանկութեան իսկ գոլովը:

[3] Գործադրումի, այսինքն ոճի աշխատանքի մը չեմ ակնարկեր, այլ խորքէ իր փախուստին։ Անոր մտքին ներկայացող ամէն նիւթ սինեմայի վրայ ուրուացող հակատագիրն ունի: Բանաստեղծը աճապարանքին մէջն է վազելու ուրիշին, ուրիշներու, առաջինին ուրուային յուշը միայն պահելու ընդունակ։ Ու տեղի կ՚ունենայ անխուսափելին ո՛չ մէկ վիճակ, մարդ, հոգեբանութիւն չի սառիր, վճռական ու ամբողջ: Այս կերպին տկարութիւնն ու առաւելութիւնները Սիամանթոյի առեղծուածը տուին մեր բանաստեղծութեան։

[4] Կարդացէ՛ք ուշադրութեամբ.

       « Բա՜մ, փորոտան բարձուստ բոմբիւնք յԱյրարատեան դաշտն ի վայր... »

       նշանաւոր քայլերգը մեր օրերուն։ Անշուշտ Ս. Ղազարու պատուական վարդապետը գիտէր, թէ ի՛նչ կ՚ընէր, երբ այդպէս աղմուկ պահանջող քերթուածի մը ճակատագիրը կը վստահէր բառերու հմուտ յարդարանքի մը։ Ալիշան իր պատիժը կրեց։ Սիամանթոյի ուժը տարբեր աղբիւրներէ կը բխի:

       Կարդացէ՛ք դարձեալ ուշադրութեամբ։

       «... Հոդ է միայն հեծեծանքներու հեծեծանքին անհունապէս աղէտալին... »

«Բանտերուն խորերէն» («ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ», Գ. շարք)։

       Դարձեալ:

       «… Եւ, ագռաւներու հոգիներով, Կայէնեան կերպարանքներով ձեր բնագայլի վոհմակներն, ահա
Ահա՛, ձեր ժանտաժուտ դիակներն կոյանոցներու ժահրին պէս աչքիս      առջեւ կը տարածուին ։
Ա՜հ, մահը գթութիւն է ձեզ համար եւ խարոյկներուն հուրը մարտիրոսի փա՜ռք...
... Աքցաններով ձեր միսը, հիւլէ առ հիւլէ, ժլատօրէն, ժուժկալօլէն պէտք է քերծել,
Եւ տարիներով, կաթիլ–կաթիլ, բաժին հանել, ձեր արիւնէն, նախճիրակեր բորենիներու ծարաւին... »։

       «Դաւաճաններ» («ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ», Գ. շարք)։

       Ու, առանց անպատեհութեան՝ ամբողջ Սիամանթօն հոս արտագրել պէտք պիտի ըլլար՝ երեւան բերելու համար երկու կերպերուն (մէկը՝ Մխիթարեան) հիմնական տարբերութիւնը։ Գրքունակ, գիտուկ, սմսեղուկ եղանակը, զոր մեզի կը սորվեցնեն բոլոր գրագիտական ձեռնարկները (traité de rhétorique), քիչիկ մըն ալ նպաստաւորուած մեր անձնական հակումներէն, ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ ծնունդ կրնան տալ Ալիշանեան քերթուածին։ Սիամանթոյի մօտ հոգեկան վիճակին վրայ գործադրուած ճնշումն է, որ կ՚անդրադառնայ բառերուն: Վստահ եղէք, թէ դաւաճանները խարանող այդ քերթուածը («ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐԸ», Գ. շարք) վերէն վար ամենէն զզուելի ցասումին, ամենէն զարհուրելի պժգանքին տիրական հեղեղներէն է, որ կ՚առնէ իր ուժգնութիւնը։ Անշուշտ ասիկա ամէն ատեն տեղի չ՚ունենար այս հարազատութեամբ։ Նման բաներ մը Սիամանթօն պիտի ընէր մեր մեծագոյն բանաստեղծը։ Հոն, ուր նիւթն ու զայն ձեռնող (manier) քերթողը իրար կը պաշտպանեն (մէկ անգամ միայն Սիամանթօ խարանած է դաւաճանները, հարիւր անգամ երգած է ջարդարարներու խնծիղը ու այս հաստատումը կու տայ բանալին իր տկարութեան), հոն ահաւոր բան մը կը պատահի քերթուած մը կը ծնի, որ տարերային թափով մը մեզի ատեն չի թողուր ինքզինքնիս գտնելու եւ կ՚առնէ կը տանի մեր ուշադրութեան հետ, մեր վարանքները, չկամութիւնը, թէկուզ՝ հակառակութիւնը։ Ասիկա հռետորութենէն դուրս միջոց մը չէ անշուշտ, բայց պայմանաւոր ալ չէ լոկ բառական ճաշակով մը։ Հոն, ուր նիւթը կը պահանջէ գորովանք, խորութիւն, հանդարտ զգացողութիւն, Սիամանթօ մեղքը կը գործէ յաճախ նոյն եղանակը կիրարկելու։ Ու մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, հասկանալու համար, թե ինչո՞ւ կը ձախողի։

[5] Զոր պէտք չէ շփոթել գրականին հետ: Այս վերջինը արտայայտութեան կարելի խնամքն է, ծաղկազարդումի հին ու նոր բոլոր truc–ներով։ Իմացական հռետորութիւնը չնորոգուող մտածումն է, պատկերներու պատրալից փոփոխութեան մը ետին ապաստանած։ Փոքր քերթուածի մը համար վտանգը այնքան ծանր չի ճնշեր (ինչպէս Եղիշէ Դուրեանի « Անառակը »), բայց երբ գիրք մը կանչուած է ոտքի կեցնելու...: « Ս. Մեսրոպ »ը նման փառասիրութիւն մը կը հետապնդէ։ Ու նման փառասիրութիւն՝ « Հայորդիները », « Հայրենի հրաւէր »ը։ Ու քերթուածը, որ կը սկսիք իրմէ, իսկոյն կ՚այցուիք ձեզի նախապէս ծանօթ բանով մը։ Ասիկա է իմացական հռետորութիւնը։

[6] Նոր վերլուծած եմ Վ. Թէքէեանի առիթով։ Պատկերները, այս դպրոցին պահանջով, իրենք իրենց համար ապրող յօրինումներ չեն, ինչպէս է այնքան յաճախ պարագան կանխող ուղղութիւններու մօտ։ Անոնք պիտի ըլլան անշուշտ կարելի չափով սեղմ ու ամբողջ, սակայն իրենք զիրենք պիտի չունենան միայն նկատի, այլ հանգիտօրէն պիտի արթնցնեն մեր մէջ վիճակներ, աւելի կամ քիչ նմանութեամբ։ Պիտի չըսեն վիճակ է բոլոր սպասելի երեսները, այլ պիտի սիրեն թելադրել, մեզի տալ տպաւորութիւնը լռուածին ու մեզ մղեն գտնելու այդ պակասը, զայն լեցնելու հաճոյքովը, խռովքը բարդելու համար մեզի մատուցուածին։ Գերազանցապէս խորհրդապաշտո, այս եղանակը վրիպեցաւ Սիամանթոյի նախասիրութենէն, մասնաւորաբար անոր համար, որ թեքնիքը, աշխատանքը մեծ բաժին մը ունէին հոս։ Ու մենք գիտենք ինչ անլուրջ, անվստահելի աշխատաւոր մըն է Սիամանթօ:

[7] Սիամանթոյի լեզուն հազիւ կը տարբերի իր սերունդին միջին գործիքէն։ Համեմատաբար սահմանափակ իր բառարանը թերեւս կը հպատակի իր նիւթին։ Իր քերականութիւնը չըլլալով հանդերձ խստօրէն ուղղափառ (մէկէ աւելի են անոր հանդէպ իր զանցումները, մանաւանդ եզակի ենթականերու յոգնակի բայեր ընկերելու անփութութիւնները եւ փոխադարձաբար), չի զեղծանիր Չրաքեանի միջանկեալներով։ Իր մակբայները, հեռուէ հեռու հետեւողութիւն մը Վերհառնի, վնասելու տեղ անոր նախադասութեան, կարծես նպաստ մը կը բերեն զայն կրելու, ընդքարշելու։ օրէն մասնիկով այդ ածացումները նախադասութիւն կը ճարեն, շարժական տարրէն զատ, վիճակային ընդհանրութիւն մըն ալ, արարքները երկարաձգելու, ընդհանրացնելու, յաջողակ թեքնիքով մը։ Կան նախադասութիւններ ալ, ձգուած իրենք իրենց, ո՛չ միջանկեալին սմսեղուկ թարմատարութեամբը ո՛չ ալ վճռաձեւ ու անկախ ըսուածքին կծու հրապոյրովը, այլ այդպէս առկախ: « Ս. Մեսրոպ »ի մէջ դիմաւոր բային պակասը, դիտումնաւոր, կը յոգնեցնէ, էջերուն հետ աճող հեղեղին (պատկերներու) վրայ իբր յաւելում։ Ակնարկեցի կախման կէտերուն, երկարներուն, կէտերէ կազմուած տողերուն, որոնք Չրաքեանի գործադրած կէտադրական նորութիւններուն կը նմանին որոշ չափով, բայց կը մնան նախնական միջոցներ յուզումը, հետաքրքրութիւնը ղեկավարելու, աղմուկի արդիւնք, մեր թմբիրին հակազդելու պարզ եղանակ։ Իր նոր պատկերները քիչ են (նկատի ունիմ լեզուականները), որոնք դէմ ըլլային մեր լեզուին ընդհանուր դաշնութեան։