Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐԸ

/431/ Ամէն գրագէտէ աւելի թերթ հրատարակած, ոեւէ խմբագրէ աւելի թերթերու վրայ ինքզինքը սպառած այս մարդը դժուար է ուսումնասիրել լրագրողի դերի մը մէջ, որուն ընթացիկ ըմբռնումը բաւական հաստատ տարրեր կը պարզէ, արեւմտահայ գրականութեան շրջափոխութեան հետեւող ամէն հետաքրքիր մտքի համար։ Երուանդ Օտեանի անունին առջեւ առանց վարանքի, հարկ է հրապարակագիր յղացքէն զեղչել

Կեցուածք, ո՛չ թէ հանրային հարցերու դէմ, որոնք անկախ են մեզմէ, այլ մեր դէմ։ Երուանդ Օտեան տաղանդի համազօր արժանիք կը դաւանէր անկախութիւնը, որ իրականութեան մէջ ինք իրմէ հեռացում մը եղաւ այդ մարդուն համար։ Օրուան մէջ, իրարու հակամարտ թերթերու մէջ երեւնալը իր մասնագիտութիւնը կազմեց։ Իր յաւակնութիւնը՝ այս գիծով, կենալու զանգուածին հետ, դժուար է արդարացնել։

Սկզբունք, զոր կեցուածքէն վեր սոփեստութիւն մը չվախցաւ որակելէ, օգտուելով անշուշտ տարազին պատմուճանովը շքաւորուող ճճի փառասիրութեանց պատկերէն։ Իր հրապարակագրական գործունէութեան քառասուն տարիները կը զուգադիպին հոգեբանական պղտորումներու շեշտ շրջաններու, իրարու հակասող քարոզչութեանց, իրար չէզոքացնող գործունէութեանց, որոնք շատ դիւրաւ աղէտներու կը վերածուին, վտանգելով ցեղային գոյութեան հիմերը։ Պոլիս, արտասահման, կրկին Պոլիս, կրկին արտասահման (այս անգամ կործանած ժողովուրդի մը գրողն է ան), Երուանդ Օտեան օրուան մղումներուն մարդը մնաց, այսինքն՝ հոսանքներուն առջեւ, ետին, քովերը։ Իր ողջմտութիւնը ան գործածեց իր հաշւոյն ։ Ու խնդաց, երբ ուրիշներ իրենց հասակներէն վեր լաթերու վրայ կարմիր նշանաբաններով, կրկէս կ՚իջնէին, « արդար, բարւոք պատերազմը պատերազմելու »։ Դաւանանքի դէմ սա անտարբերութիւնը, թուլութիւնը, նոյնիսկ կամաւոր հալածանքը, հեռու՝ իր բարոյական խառ/432/նուածքը վիրաւորելէ, ըրին զայն խումբ մը մարդոց պաշտօնական ներկայացուցիչը։ Ան կը պատկանէր անոնց, որոնք ոչինչ կ՚ուզէին ։ Ու այդ apathie-ն արդարացնելու համար ուզողներուն տկարութիւնները կը խոշորցնէին։ Միւս կողմէ, հեգնողը ենթակայ է ի՛ր իսկ բարեխառնութեան։ Անշուշտ սա նկատողութիւնները անտեղի պիտի ըլլային, այս էջերուն վրայ, եթէ երբեք ան իր անունը դրած չըլլար տասնէ աւելի հանդէսներու երեսին իբրեւ հիմնադիր։ Ու ասիկա հազուադէպ տարօրինակութիւնն է ահա։ Առանց միտքին մէջ որոշ գաղափարներու (չեմ ըսեր գաղափարաբանութեան), ան միշտ թերթ մը, երբեմն երկու, երբեմն երեք թերթեր ունեցաւ։ Եւ ունեցաւ զանոնք, նկատի չառնելով, թէ ո՛վ կար անոնց ետին։ Բոլոր թերթերուն հաւատաց ան։

Հանրային սպաս, անգամ մը որդեգրուած ուղղութեամբ մը հաւատարմութիւն, գէթ գէշ աղէկ նախնական օգտապաշտութիւն, որոնք ձեւական առաքինութիւնները կազմեցին մեր լրագրողներուն։ Եւ, սակայն, իր թափառումները ուր որ առաջնորդեցին զինքը, հոն ան ճարը գտաւ թերթ հիմնելու։ Որպէսզի՞։ Բայց աւելորդ է պատասխանը։

Հետաքրքրութիւն հանրային կեանքէ, զոր արհամարհեց, այդ կեանքը ո՛չ թէ արժեզրկելուն, այլ այդ հետաքրքրութիւններուն իսկ նանրութեան կասկածը չունենալուն։ Ան իր ձայնը չսակարկեց անշուշտ, բայց զայն ծախելու մէջ գործ դրաւ այնքան բնական է, ապաբարոյ, անկշիռ դիւրութիւն, որ վերջ ի վերջո, այդ ձայնը հոմանիշ դարձաւ « ջուրին, օճառին չդպող » բանի մը։ Կը վախնային Պարոնեանէն։ Օտեանը կը փնտռէին, անկէ ծաղրուիլը նկատելով շիքութիւն, երեւելիութիւն ։

Օտեան դուրս է այս ամէնէն։

 

Դուրս է դարձեալ

Քիչիկ մը Եւրոպայէն, զոր բժշկական թերաւարտ ուսանողներ, մանկավարժներ, ընկերային գիտութեանց անպսակ տոքթէօրներ չդադրեցան քշելէ մեր աչքերուն եւ մեր ընկերային կարգուսարքը բարեփոխելու համար անդադար յիշեցին, յիշեցուցին փրոֆէսէօրները, համալսարանները։

Աժան դիւանագիտութենէն, որուն ժահրը ազգային հիւանդութիւն էր մեր երակներուն մէջ ու մեր գրողներուն ալ անխուսափելի լուսապսակը։

/433/ Պատմութեան շահագործումէն, թուականներով, անուններով, ձայնագրերով սպառազէն այն գրականութենէն, որով լրագրողը հանրութեան դասախօսը կ՚ըլլայ։ Կար ատեն մը, երբ Բիւզանդ Քէչեան մենտորն էր մեր քաղքենիներուն։

 

Ան չունէր ամուր ձայն, պոռալէն չյոգնող կոկորդ։ Չկրցաւ ըլլալ բուռն, անկեղծ, յարձակողական շեշտ խառնուածք մը։ Այն ատե՞ն։

 

Պարտաւոր եմ՝ սակայն բանալ այս գլուխը, վասնզի թերթը, հանդէսը Երուանդ Օտեանի համար երկրորդ բնակարանն է, եթէ առաջինը ատեն մը կապելան էր։ Գիտէք անունները իր հրատարակած թերթերուն։ Կ՚աւելցնեմ ցանկը այն թերթերուն, որոնց աշխատակցած է. « Ժամանակ », « Հայրենիք » (1890 եւ 1909), « Նոր կեանք », « Բանբեր » (Թիֆլիս), «Արեւելք», « Վերջին լուր », « Ոստան », « Արեւ », « Շաւիղ », « Նոր արշալոյս » (Պուքրէշ), « Նոր փիւնիկ », « Հայ կեանք », « Շանթ », « Ազատամարտ » ու շատ հաւանաբար ուրիշներ ալ, որոնց անունը կը վրիպի յիշողութենէս։ Հարկ կա՞յ, խորիմաստ բառեր գործածել բացատրելու համար հոգեվիճակը մարդու մը, որ այս աստիճան հաճոյք կը զգայ տեղ փոխելէ եւ այդ փոփոխութիւնը պարտադրող պատճառները կը վերածէր սեպհական աշխարհահայեացքի։ Յիշուած թերթերէն ոմանք կը պատկանէին հաւաքական մարմիններու, կուսակցութեանց։ Ուրիշներ՝ մարդոց, որոնց հետ կարելի չէր ապուխտէն ու սխտորէն դուրս բաներու վրայ խօսիլ։ « Բիւզանդիոն »ը իր աշխատակցութիւնը յաջողութիւն մըն էր, դիւանագիտական ու յատկանշող։

Անձնական իր թերթերը, ծնունդ առօրեայ հաշիւներու, գոհացնել ծրագրուած հակամարտութեանց, երբեմն աւելի պզտիկ կիրքերու, կը նմանին յարդէ բարձրացող հրթիռներու։ Մարդը եղաւ ան, որ չտառապեցաւ իր անունը փակցնելէ թերթի մը ճակատին, վստահ, թէ տասը պիտի չանցնէին հրատարակուած թիւերը։ Խումբէն կը զատեմ « Մանանայ »ն, որ իր անունին բեռ մը ըլլալէ աւելի է։ Անշուշտ, խմբագիր մը չկայ անոր ետին, ինչպէս է « Խիկար »ին, « Թատրոն »ին պարագան Պարոնեանի համար։ Թերեւս սխալ չըլլար այս առիթով նշել նաեւ « Իգնատ Աղա »ն, պատերազմէն ետք, որմէ 13 թիւ միայն լոյս տեսաւ։

/434/ « Մանանայ »ն գրական, երգիծական հանդէս մը չէ, որոշ ծրագրով ու հաւատարիմ բովանդակութեամբ մը։ Անիկա տեսակ մը ընդունարան է, պահեստ, ուր կը մթերուին Օտեանի տաղանդին ամենէն յորդ բեռները, զորս ան միջոցը չունի գրական հրապարակին վրայ օգտածործելու։ Զայն հրատարակող մտածումն ալ իրը չէր, քանի որ հրատարակչական տունի մը ճնշումին տակ էր, որ քալեց։ Ասկէ դուրս, « Մանանայ »ն ճիղճ պրակ մըն է, երկու շաբաթը հեղ մը լոյս տեսնող։ Օտեան անոր մէջ անխղճաբար կերպով կը վերհրատարակէ հոս ու հոն լոյս տեսած վիպակներ, որոնք ձեռագրի պահանջը կը դիմաւորեն։ Բայց ունի իր նշանաւոր շարքը, « Մեր երեսփոխանները » տիտղոսով։ Ասոնք Պարոնեանի « Ազգային ջոջեր »ը կը յիշեցնեն անշուշտ, բայց գրուած են տարբեր մտածողութիւններով։ Արագ, կենդանի, քիչիկ մը ծաղրանկարային յօդուածներ են, մասնակի, առանց ծանր գիծերու չարիքին։ Անաւարտ բան մը, ինչպէս մեծ մասին վրայ իր գործին, հոս ալ կը տկարացնէ rendu–ին սրութիւնը, համը։ Կը տեսնենք մարդերը, իրենց յիմարութեանց ընդհանուր յայտարարով։ Բայց չենք գոհանար։ Կը համակրինք անոր տաղանդին, որ այդ մարդոց դէմքերը գիտէ այդքան իրաւ ընծայել, բայց կը նեղուինք անոնց անբաւարարութեամբը։ Մանաւանդ կը զգանք, թէ որքա՛ն աղուոր, շահեկան կողմեր կ՚ուրուանան, բայց կ՚անցնին, առանց օգտագործուելու։ Ու կը յաճախուինք միւսէն, « Ջոջեր »էն, որոնք ոչ միայն կը ծառայեն Պարոնեանի համբաւին, վարկին, այլեւ մեր պատմութեան։ Ոեւէ կենդանագիր, այդ երեսփոխաններէն, բաղդատելի « Ջոջեր »ուն, ո՛չ թէ երգիծական յատկանիշներու զուգահեռականութեան մը պակասէն, այլ ոգիէն իսկ, որ հասաւ ամենէն առաջ տպագրական կարիքներու։ Չարագուշակ հարկադրանքը, որմէ չազատեցաւ այս մարդը։ Պարոնեան արուեստագէտ մըն է, որ իր նիւթին հանդէպ կը զգայ տարրական խղճահարութիւն։ Օտեան ո՛չ ինքզինք, ո՛չ ընթերցողը, ո՛չ հայ գրականութիւնը նկատի ունի, երբ երեսփոխաններու շարքին կը ձեռնարկէ։ Անոր ներշնչողն ու առաջնորդողը գրաշարապետն է, որ իր երեք սիւնակին հաշիւը անդադար կը քշէ անոր առջեւ։ Ու խորհիլ, որ այս բռնութիւնը ան տարաւ զայրացնող ստրկամտութեամբ մը ու իր տաղանդը շղթայեց այս ու այն թերթին վարիչին։ Մի՛ փնտռէք Պարոնեանէն գործածուած լայն նկատումը, յատկանշական գիծերու առատ տարափը, որոնք ջոջի մը ճակատագիրը, նկարագիրը յօրինելէ վերջը կ՚անցնին ազգային ալ գրականութեան ընդհանուր արժէքներուն։ Անլուրջ է Երուանդ Օտեան, մինչեւ իսկ հոն, ուր գրագէտի իր խղճմտանքը խնդրոյ առարկայ է ու ինք /435/ կը զգար ատիկա։ Ան կը խաղայ ամէն բանի հետ։ « Մանանայ »ի մէջ ան իր ծաղրանկարած երեսփոխանները պիտի չվարանի երկրորդ անգում մըն ալ նկարել է « Իգնատ Աղա »յի մէջ, առանց մեծ բան փոխելու։ Ու չես գիտեր այս ամբարշտութեան զսպանակը (քանի որ գրական շահագործումը, իր վիպակները, պզտիկ retouche–ներով, անունի թեթեւ փոփոխութեամբ մը քանի մը անգամ հրատարակելու իր խորամանկութիւնը խոտոր կը համեմատուին իր պոհեմ նկարագրին)։ « Մանանայ »ի հաւաքածոն այնքան կը թելադրէ շրջանին քանի մը մեծ տագնապները, որքան անոր տաղանդը իր սերունդին մայր մտահոգութիւնները։ Այդ հանդէսին երեք տարիները ոչինչ կը պատմեն մինչեւ 1914–ի աղէտը մեր կեանքը յուզող խորունկ հարցերին։ Հեգնող մը ընկերաբան մը չէ։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց « Թատրո ն»ը (Պարոնեան) սերունդի մը մայր յիմարութիւնները շտեմարանած է իր մէկ տարիին մէջ։

 

« Իգնատ Աղա », լոյս տեսած զինադադարին յաջորդող տարիէն, իբրեւ երգիծաթերթ է աւելի կենդանի, պէսպիսուն։ Ծաղրը հոն գտած է ծանրութիւն, մանաւանդ կործանած Թուրքիոյ մը իմաստութեան հաշւոյն։ Բայց ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ խմբագիրը կը պակսի իր թերթին։ Տեսակ մը գողութիւն է այդ թերթը իր ժամանակէն, ով տրամադրուած է օրաթերթերու։ Ասոնց մէջ ան պիտի ստորագրէ օրական երկու տոմսակ, երբեմն մէկէ աւելի թերթօն, պիտի երեւայ հանդէսներու մէջ։ Ու այս ահարկու սպառումէն աւելցած ժամանակին փշրանքն ալ պիտի գործածէ իր հանդէսին։ Ասիկա լրումն է անբարեխղճութեան։

 

Խմբագիրը Երուանդ Օտեանի մէջ կատարեալ է, բառին թեքնիք իմաստով սակայն։ Եւրոպական մեծ օրաթերթի մը մէջ ան մեծ համբաւի մը վայել քրոնիկներ կարող էր ստորագրել։ Բարոյական մտահոգութիւններէ իր անկախութիւնը, իր անլրջութիւնը, իր պոհեմութիւնը, հեգնութիւնը, պայծառ դիտողութիւնը, աւելի պայծառ իր ոճը շնորհներ են, որոնց մէկ մասը տեղ մը չունին մեր կեանքին մէջ, բայց որոնց մէկ ուրիշ մասը տարօրէն կ՚ընդգրկեն մեր ճաշակները։ Չեմ մեղադրել զինք իր այն տկարութիւններուն համար, զորս ան ժառանգած էր մեզմէ։ Բայց չեմ ներեր իրեն իր իսկ դաւաճանութիւնը իր տաղանդին դէմ։