Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Շիրվանզադէ իրապաշտ գրագէտ մըն է։

Այսինքն՝ մարդ մը, որ արտաքին ու ներքին աշխարհներուն դէմ ինքզինքը դնելու իր անխուսափելի եւ անայլայլ եղանակը ունի, որ, երկու աշխարհներուն ալ մէջը, կ՚ընտրէ անփոփոխ սառնութեամբ մը, մշտապէս նոյնը մնացող տարրերն իր գործին, ճշդութեամբ եւ անողոք մեթոտով մը ու զանոնք արուեստին կը տանի միապաղաղ ու դարձեալ անփոփոխ որոշադրութեամբ մը։ Եթէ օտար վարպետներուն մօտ տակաւին կարելի կ՚ըլլայ հաստատել ուրիշ աւելի կարեւոր հանգամանքներ, ( գիտակցական յաւակնոտութիւն, ընկերութեան բնական պատմութիւն եւ ուրիշ բաներ ) մեր մէջ երեւոյթը աւելի համեստ է, բայց աւելի վտանգաւոր։

Արեւմտահայ իրապաշտները դպրոցին ամէնէն դիւրին սկզբունքները գործադրեցին եւ զգուշացան մեթոտին ամէնէն կարեւոր, բայց դժուար երեսին մօտենալ։ Առաւելապէս ուժ տուին անոնք վիպակին, որ ճիգի եւ դատողութեան նուազ սպառում մը կը պահանջէր եւ, միւս կողմէ՝ կ՚ազատէր զանոնք ստեղծագործ երկունքին տագնապէն: Եթէ ուղղակի ընդօրինակեցին, բայց իրենց գործը լուսանկարի փլաքներուն պէս կը մնայ հարթ ու առանց կարկառի։ Դարձեալ անոնց մէջ էր, որ քիչ մը գոյն կը բերէր։

Վտանգը աւելի մեծ եղաւ արեւելահայերուն համար։ Անոնք կարծեցին, թէ կը բաւէր հրդեհներ պատմել եւ վաճառականի տոմարներ բռնել, մարդերը մակաղել տալ աջ ու ձախ փարախներու մէջ, փորձել թանձր լեզուն, որ հասարակ տիեզերքինն է շատ անգամ։ Անոնք աւելի միամիտ էին, քանի որ իրենց աշխատանքը կը յայտնուէր մեծածաւալ գործերու վրայ։ Բայց մեզի չափ ու մենէ աւելի անոնց ալ պակսեցաւ ստեղծագործ տագնապը։

Շիրվանզադէի առաւելութիւններն ու թերութիւններ րը կու գան դպրոցէն:

Ան տուաւ ժամանակակից ընկերութեան քանի մը խոշոր ու յատկանշական երեսները, անոր որոշ մէկ վայրկեանին հոգեբանական բարեխառնութիւնը, արտագրեց թուղթի վրայ մէկ քանին այն գիծերէն, որոնք մեր օրերու տիպարները կը մասնաւորեն, այս ամէնը դժբախտաբար անփութութեամբ մը, ջանքի թուլութեամբ մը, որ աղէտաւոր է գրագէտներու ճակատագրին համար։ Ու ատկէ դուրս, մա՛նաւանդ չուզեց ունենալ իր ոճը։

Ասկէ ահա այն տկարութիւնը, որ թեեւ դեռ տարտամ, բայց հետզհետէ պիտի ծաւալի ամբողջ օրգանիզմէն եւ ես վախով կը խորհիմ՝ այն օրուան, ուր ժամանակին ճնշումը պիտի գայ իր տակը ճզմելու անոր տակաւին ցայտուն յաւակնութիւնները։ Մօտ է դժբախտաբար այն շրջանը, ուր մենէ աւելի պահանջկոտներ իրենց խորտակումները պիտի տարածեն գործին ամբողջութեանը վրայ։

Գուշակութիւնը ներելի չէ գրականութեան մէջ։ Ուրիշ ատենի թողլով վիպասանին ուսումնասիրութիւնը՝ ես կը զբաղիմ թատերագիր Շիրվանզադէով։

Ամէնէն առաջ՝

Իրապաշտ թատրոն մը կարելի՞ է։

Այնպէս՝ ինչպէս անիկա յայտնուեցաւ Ֆրանսայի մէջ, Uգրիպի եւ Սարտուի աղքատ, ու կեղծ շարժականութեամբ թատրոնին դէմ, մտցնելու համար բեմէն ներս իրական կեանքը, զայն յուզող գաղափարներուն հոսանքը. անշուշտ այո։

Բայց ատիկա հակազդեցութեան թատրոն մըն է ամէն բանէ աաջ։ Երբ վարպետ էնթրիկ ներուն եւ թատերական աճպարարութիւններուն հմայքը մեռաւ, բեմը մնաց աւելի քան երբեք ամայի, քանի որ իրապաշտները հոն կը բերէին կամ պաշտպանուելիք վարդապետութիւններ, կամ սառնասիրտ դիտողութեան մը ահաւոր տափակութիւնը, որ շատ անգամ իրական, ծայրայեղօրէն իրական կեանքինն է։ Ու բեմը անընդունակ է այդքան սպաննող ճնշում մը տանելու։ Ասիկա տեսան մեծ վարպետները։ Ո՛չ Ֆլոպէռ, ո՛չ Զոլա, ոչ ալ Կոնքուռները յաւակնութիւններ փնտռեցին բեմին վրայ, ուր վերջինները ցաւալի անկումներու դառնութիւններ՝ պարտաւորուեցան հանդուրժելու:

Պատճառները, որոնք հոն վտանգի մատնեցին այդ թատրոնին գոյութիւնը, անշուշտ իրենց ուժը կը պահեն մեր կլիմային ալ մէջը։ Մենք արուեստին կը դիմենք մենէ ձանձրացած, զմեզ ուրիշ տեսնելու թաքուն ու գրեթէ անգիտակից մտահոգութեամբ մը ։ Մեր այս պահանջը բռնաւոր բան մը կը դառնայ մա՛նաւանդ բեմին առջեւ:

Իրապաշտ թատրոնը մեր կեանքը մեզի ետ տալով, այնպէս՝ ինչպէս դպրոցը կը պահանջէր, կրկնած կ՚ըլլայ մեր տափակութիւնը, ու դժնդակ է դառնութիւնը, որ իրականութեան ուժն է այնքան, որքան անոր տկարութիւնը նոյն ատեն։

Ըսել չեմ ուզեր, թէ թատրոնը կեանքէն վեր պէտք է ըլլայ։ Անկախ կեանքինն է առաւելապէս, բայց խիտ, գերադրուած, գրեթէ իտէացած կեանքինը։ Ու վիպասանը միշտ յարմար մարդը չէ ատ աշխատանքին։ Փնտռեցէք գրականութեանց պատմութեան մէջ ու պիտի տեսնէք, որ յատկանշական ողբերգութիւնները միայն ու միայն թատերգակներուն կալուածին կը պատկանին։ Անշուշտ ատիկա դիպուած մը չէ։ Բաւական բան սորվա՞ծ ենք այսօր « Քին »ը իր ճշմարիտ արժէքին տանելու համար»։

Անմիջապէս ըսեմ, որ Շիրվանզադէ թատերգութիւններ լարելէ առաջ, նորավէպեր ու վէպեր է ստորագրած։ Անոր տաղանդը հոդ իր հարազատ գետինը կը թուի գտած ըլլալ։ Բայց ինչպէս միշտ, մարդերը պզտիկ փառքերուն գոհունակութիւնը աժան կը տեսնեն ու բոլոր վիպագիրներուն նման Շիրվանզադէն ալ երկնցած է քուլիսներուն։

* * *

Հոս հարկ է կրկնել ըմբռնումը, զոր ան ունի թատրոնի մասին։ Անշուշտ անիկա ծիծաղելի քլիշէ մը գործածելով, մեծ դպրոց մըն է, ինչպէս մեր երջանկութեամբ ու անպատասխանատու լրջութեամբ մը սիրեց պատգամել «անզուգական թատերագիր»ը երջանիկ օր մը, երջանիկ բանախօսութեան մը մէջ, իրեն չափ միամիտ հաւատացեալներուն, Սիլլողոսի սրահին մէջ։

Այս հասարակ տեղիքով զրահուած, յամառ իրապաշտի իր արհամարհանքին մէջ ինքզինքը ամրափակած, Շիրվանզադէ երջանիկ տգիտութեամբ մը ուրացաւ բոլոր այն հարցերը, որոնք մեր օրերու թատերական գրականութիւնը կը յուզեն: Մտքէն չանցուց տարակուսիլ իր գրագէտի կարողութիւններուն վրայ, երբ իր տրամները բեմ կու գային գրագէտէն օտար տարրերու միջամտութեամբը։ Անիկա միամիտ էր ու հպարտ՝ տաղանդ դրած ըլլալու հո՛ն՝ ուր ճարտարութիւն, մասնաւոր թեքնիք մը եւ քուլիսներուն փորձառութիւնը միայն եկած էին քով քովի:

Այս տեսութեամբ Շիրվանզադէի թատերական աշխատանքը կ՚անջատուի իր մայր գործէն։ Անիկա, իր թատրոնը, արդիւնք է գործնական բնազդի մը եւ որ յաջողելու համար միշտ գրագէտ մը չպահանջեց իր ետեւէն։ :

Ընտրել մարդեր, որոնք տրուած հասարակութեան մը միջինին վրայ հանդիպին իրարու. նետել զանոնք գետինի մը վրայ, որ գռեհիկ իրականութիւնը ուզէ մնալ միշտ, կեանքի մթնոլորտով մը, որ հաւատարմօրէն կրկնէ հարթութեան վրայ թաւալող անիւներուն պայքարը։ Ահա քանի մը գիծերը այդ թատրոնին։

Տառապիլ երազով ու չհասնիլ անոր, փորձել թռիչքը ու սողոսկել գետնամած, երեւակայել պայքարը եւ անոր ստուերովը գոհանալ կամ արեւելացնել զայն միայն: (Թող ներուի այս բառը)։ Քիչ մը լայն բռնուած վերլուծում մը պիտի հաստատէ այս վարկածները: