Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԲՐ ՔՆՆԱԴԱՏ

Կար ատեն մը, երբ Պ. Վրթանես Փափազեան պզտիկ փառասիրութիւններ միայն ունէր։ Այդ օրերուն ան իր անունը դրաւ լաւ դիտուած, շարժուն պատմուածքներու եւ պատկերներու տակ:

Տարիքին հետ իր յաւակնութիւնն ալ մեծցաւ ու միջակ, ողորմելի վէպերու մարտկոցը (pile) շարժեց անոր ոտքերուն տակ։

Բայց մարդկային փառասիրութիւնը ե՛րբ uահման է ունեցեր։ Ու Պ. Վրթանես Փափազեան ձեռք նետեց քննադատութեան մականին:

Ասիկա շատ դիւրին հարուած մը եղաւ մեր գրական հանրապետութեան մէջ։

Ան ունէր իր ետին երկու հարիւրէ աւելի մեծ ու պզտիկ հատորներու պատկառելի (!) ընտանիքը, զաւակներու եւ թոռներու խայտաբղետ ամբոխ մը, հասունցած, հինցած, լուրջ մարդու շեշտը, բաւական վարպետ ալ էր՝ ակնոցները յարմար ատեն ու տեղեր գործածելու համար։

Գիտէ՞ք աւելի նպաստաւոր պայմաններ հեղինակութիւն ապահովելու համար։ Չէ՞ որ քննադատութիւնը, նոր սահմանադրութեամբ մը, ծերակուտականներուն, ճերմակ մազերովներուն մենաշնորհը դարձած է։

* * *

Ու Պ. Վրթանես Փափազեան մտած է իր աշխատանոցը, գրելու համար Հայոց գրականութեան պատմութիւնը:

Իր սեղանին վրայ բաց են Լէոյի եւ Պալասանեանի պատմութիւնները, թերթուելէն բզիկ-բզիկ եղած։ Իր քովիկն է մեծկակ սնտուկ մը, որուն վրայ Պոլիս-Պաթում-Թիֆլիս վերտառութիւններով շոգենաւի եւ երկաթուղիի թուղթեր տակաւին կը պահեն մաքսատան ու կայարանի կնիքները։

Պոլսահայ գրականութեան սթոքը հոդ է, լաւ ցուցակագրուած պոլսեցի տարեցոյցներու վաճառականէ մը, վաւերացուած՝ գրավաճառներու սենտիքա յէն։

Պ. Վրթանես Փափազեան քիչ անգամ սնտուկին մէջ ձեռք պիտի երկարէ։

* * *

Պ. Վրթանես Փափազեան անտաղանդ հաւաքող մըն է։ Զինքը չեն շահագրգռեր գաղափարներու աշխարհին մէջ շրջան ընող հոսանքները։ Մտքի արտադրութիւններուն կը նայի պէնէտիկտէնի ակնոցով։

Հակառակ անոր, որ իր գիրքին մէջ ազգին պատմութիւնը քայլ առ քայլ կը հետեւի հեղինակներուն, հոն ոչ մէկ փորձի կը հանդիպինք գործերը ստեղծող ոգիին, զանոնք պարուրող մթնոլորտին գոնէ ամփոփ, բայց տիրական մէկ վերլուծումը ընելու:

Պ. Փափազեան երանելի հանդարտութեամբ մը հեղինակներու ճիտին կը կախէ սխոլաստիկ, միստիկ, կրօնա-բարոյախօս ու ուրիշ խումբ մը պիտակներ:

Իր պատմութեան այն մասին մէջ, ուր կը զբաղի հին ու միջին դարերու մատենագրութեամբ, ոչ մէկ նորութեան կը հանդիպինք, ոչ մէկ համադրումի, որ մեր գրականութիւնը յատկանշէր իր կարկառուն ձեւերուն ու խորքին ընդհանուր խարիսխներուն մէջ:

Աններելի անտարբերութեամբ մը, ան հազիւ-հազ յիշատակած է այն քանի մը աղօթքները, մեծացուսցէները, երգերն ու շարականները, որոնք մեր աշուղներուն, աշխարհիկ ու սրբազան երաժշտութեան, մեր ճարտարապետութեան քանի մը նմոյշներուն հետ կը ներկայացնեն մեր ցեղին հոգին աւելի կատարեալ, աւելի անկեղծ ու աւելի բարձր ձեւով մը, քան ժամանակակից երկու գրականութեանց բոլոր գործերը:

Պատմելը երբեք վերլուծել չէ եղած ոչ մէկ ատեն: Էջեր լեցնելու մտահոգութեամբ չարչարուողներուն առաքինութիւնն է ան ու Պ. Վրթանես Փափազեան արտագրելու ախտէն նոր չէ, որ վարակուած է։

* * *

Այս պայմաններով գրուած աշխատութեան մը մէջ դուք պարապ տեղը պիտի փնտռէք քննադատելու սեփական դրութիւն, երեւոյթները ինքնեկ աչքով դիտելու տրամադրութիւն, գրագէտները թափանցելու, հասկնալու, դասակարգելու մէջ խղճաբար պարկեշտութիւն։

Իր գիրքին մէջ աչքի կու գայ տեւական յաճախումով մը իր ոճը, է՛ն տափակներէն, զորս կարդացած ըլլամ գրականութեանց պատմութիւնը ընելու յաւակնող գրագէտներու մօտ. միեւնոյն ատեն տժգոյն ու հասարակ, որ առանց վախենալու ծիծաղելիի զգայութենէն, երբեմն կ՚ունենայ Ազատութեան, Ըմբոստութեան, Գեղեցիկին, Ազնիւին, Վսեմին հովերէն, որ մուշտակաւոր ու ներքինի (դուրսէն) վարդապետներու սրբասուն քարոզներովը բարոյախօսի անմեղուկ միւռոնովը կ՚օծուի, կը խնկաւէտի՝ կրակ ու բոց փրփրելով պոռնկագիրներուն էրոտոման ներուն հասցէին:

* * *

Իր պատմութեան թրքահայ գրականութեան նուիրուած մասը տպաւորութիւնը կը թողու նորօրինակ ռեքլամ ի մը՝ եղած ապուշ գիրքի մը համար, որուն անունն է Հայ–գրողներ . Մաս):

Ես առած եմ իր կարծիքներէն մէկ քանին ու անցուցած « Մեհեան »ի « Յիմարապատում »ին մէջ։

Ձգելէ առաջ այս տխուր գիրքը, պէտք կը զգամ լրջանալու։

Մենք՝ Մեհենականներս, կը պահանջենք, որ մեր գրականութեան պատմութիւնը գրողները ունենան ամէնէն առաջ խոր հասկացողութիւն ու մարզուածութիւն միջազգային գրականութեանց բոլոր երեսներուն, բոլոր անկիւններուն ու խորքերուն։

Պատմողը՝ պատմող ըլլալէ առաջ, պէտք է ըլլայ հոգեբան (ոչ Ժընեւէն վկայեալ), նոյնքան ալ իմաստասէր։ Պէտք է ան հետազօտած ըլլայ հին ու նոր բոլոր արուեստի հրաշակերտներուն նկարագիրը, համեմատած ըլլայ հայ հոգին հոգիներուն հետ բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնց հետ ճակատագիրը դրած է զինքը նոյն արեւին տակ։

Մեր հին գրականութեան պատկառելի աւանդը թերի ու գուցէ անհասկնալի ալ մնայ, որքան ատեն, որ կրօնական միսթիքականութիւնը գիտական մեթոտներով չտարբաղադրուի, դուրս բերելու համար աւիշը, որ եկած է օտար կրօնքէ, այնքան պարտադրուած ձեւով մը մեր ներսը շրջան ընելու:

Մեր հին գրականութիւնը ոչինչ պիտի ըսէ բոլոր պատմողներուն, որքան ատեն, որ ասոնք գոհանան թուղթերուն վկայութիւնովը, այնքան ատեն, որ պատմողները զուրկ ըլան երեւոյթները հալեցնելու, անցեալները ծծելու ու վերարտադրելու մոգական գաղտնիքէն, որքան ատեն, որ ցեղը ընդգրկելու, համառօտելու հանճարը պակսի իրենց։

Մեր նոր գրականութիւնը (իր երկու հատուածներուն մէջ) մեզի շատ մօտ ըլլալուն, միշտ ուժով պիտի ըլլայ մեր զգացումներուն վրայ ու մենք գիտական ակնողմնակալութենէն պիտի շեղինք՝ ըսելու համար անմեղ շողոքորթութիւններ, պատիր ներբողներ ու թերեւս նպատակաւոր գովեստներ, օրինակի համար... Տիկին Թէոդիկի հասցէին (որովհետեւ Պ. Թէոդիկ շատ նպաստած Է Պ. Փափազեանին իր գործին մէջ)։

Միշտ հասարակ պատմողներ պիտի ըլլանք Պ. Վրթանէս Փափազեանին պէս, երբ հոգեբանութեան տուիքները մոռացումի մէջ թաղենք, երբ զանոնք չկիրարկենք այն հրաշալի զանգուածին վրայ, որ Հայ-ցեղ անունը կը կրէ։

Մեր պատմութիւնը իր եղերօրէն տխուր ու հասարակ երեսներովը դարձեալ սիրել կրցողին համար զմայլելի յիշատակարան մըն է։

Այս ցեղը լոյսէն, արեւէն է մեկներ, այս ցեղը քրիստոնէութիւն ըսուած ահաւոր մղձաւանջ մըն է կոխկռտեր։ Այս ցեղը իր հոգին գերի տալէն ետք, իր թագաւորներն ալ վատօրէն կրցեր է լքել, բայց ասոնց հետ մէկտեղ դարձեալ յայտնուեր է իր ստեղծումին ու իր հակումներուն մէջ բարձրօրէն սաւառնողը՝ բոլոր բախտակից ցեղերուն մտաւոր մոռացումին վրայ:

Մեր գրականութեան պատմութիւնը մեր երազին, մեր ոսկի երազին պատմութիւնն է։ Պ. Վրթանես Փափազեանի նման դարբիններ չեն, որ այդ նուրբ ու նուիրական պաշտօնին ընդունակ պիտի ըլլային։

1912