Արեւելահայ դէմքեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Թումանեան պոեմա ներ է գրած։

Զանազան առիթներով պատեհութիւն եմ ունեցած արտայայտուելու սեռին վրայ:

Անիկա նոր ժամանակներու ամէնէն դժուարին ու նոյն ատեն ամէնէն հրապուրիչ ձեւն է բանաստեղծութեան:

Խորհեցէք, որ բանաստեղծը պարտաւորուած է մեր ուշադրութիւնը եւ համակրանքը իրեն հետ պահելու երբեմն շատ երկար էջերու վրայ։ Ժամանակակից կեանքին դժբախտութիւններէն մէկն ալ մեր անկարողութիւնն է սեւեռեալ մնալու, մանաւանդ քերթուածներու վրայ, եթէ անոնք արագ ու կտրուկ ցնցումներէն դուրս, մեզ կը տանին հանդարտ յուզումներու ճամբէն։ Մենք կը սիրենք այն քերթուածները, ուր սեղմ շրջանակի մը մէջ պատկեր մը կամ զգացում մը ճարտարօրէն կրնան զետեղուիլ։

Բայց երբ բանաստեղծը մեզ իրեն հետ կ՚ուզէ աւելի լայն ժամանակի մը համար, այն ատեն, մենք իր մօտ կը փնտռենք համապատասխան առաքինութիւններ ու կ՚ըլլանք խստապահանջ։

Ատկէ՝ տարօրինակ ճակատագիրը պոեմաներու, որոնք տարապայման արագութեամբ կը հիննան, երբ արուեստի հնհնուքներով ու դասակարգի մը գոհացման համար գրուած են։ Լամարթինի « Ժոսլէն »ը, Շաթօպրիանի « Աթալա »ն այսօր գրականութեան պատմութեան կը վերաբերին։ Նոյնիսկ Վինեէի « Էոլա »ն ունի հինցած մասեր։

Եւ սակայն այս գործերը իրենց երեւման օրերուն խորունկ խանդավառութիւն են արթնցուցած ու այսօր տակաւ կը դառնան անուններ:

Քիչ մը ընդհանուր այս տեսութիւնը անոր համար՝ վասնզի մեր գրականութիւնը բաւական թիւով քերթուածներ կը համրէ այդ տեսակէտէն։ Ալիշան, Նար-Պէյ, Լեւոն Սեղբոսեան, Արշակ Չօպանեան փորձած են զայն։ Նորագոյններէն Վարուժան տառապած է այդ երազով։ Արեւմտահայ գրականութիւնը բախտաւոր չէ եղած տալու յաջող դիւցազնավէպ մը, եթէ նկատի չառնենք « Արմենուհի »ի կարգ մը գեղեցկութիւնները:

Այս անկարողութիւնը իր պատճառները ունի, որոնք կը պակսին արեւելահայերուն։ Ամէնէն կարեւորը՝ արեւմտահայերուն գրական արագ յեղաշրջումն է, որ եօթանասուն տարուան մէջ անցաւ գրական բոլոր ճիւղերէն, բնական է հապճեպ ու հետեւակ հոգիով մը: Ան օրինակեց ինչ որ գաղիականը տուած էր այդ շրջաններուն մէջ ու յոգնած ժողովուրդի այդ արտադրութիւնները մեզի համար ստրկական կրկնութենէ մը անդին ոչինչ չտուին։ Աղ բիւրի այս պղտորութիւնը կը բացատրէ չափով մը ոգիի աղքատութիւնը, որ չի կրնար ծածկուիլ մեր դիւցազնավէպին մէջ։ Յետոյ աւելցուցէք մեր բանաստեղծներուն շունչի պակասութիւնը։ Անոնք իրենց նիւթերուն հետ ապրելու ժամանակը չունին եւ իրենց ստեղծումները չեն անցնիր դիւրավազ բորբոքումի ուրիշ խօսքով՝ կարճ ներշնչումի կցկտուր պահերը։ Տակաւին կան ուրիշ ազդակներ։ Թերեւս քաղաքական պայմաններ ետ նետած են մեր ստեղծողները այդ գետինէն։

Արեւելահայերը աւելի բախտաւոր եղան։

Անոնք ունէին իրենց համար աղբիւր՝ բաղդատաբար աւելի երիտասարդ գերմանները եւ կը կարծեմ ենթադրել մա՛նաւանդ ռուսերը, որոնց գրականութիւնը հազիւ կ՚անցնի դարու մը տեւողութիւնը։ Գերմանական հեքիաթները կը ներկայացնեն խորք եւ ձեւ մը, որոնք աւելի հարազատ են եւ աւելի մօտ այն կալուածին, ուրկէ մեկնած են արդէն։ Ու այդ կալուածը ժողովուրդի մը ընդհանուր հոգեբանութիւնն է։ Արեւելքը դեռ չէ ազատած հեքիաթին հմայքէն ու տակաւին մեզի համար ոգիները տարտամ բառեր չեն, այլ մեզի պէս ու մեզի չափ հե՛շտ ապրող մենէ աղէկներ։

Ու այս հրաշալին, որ ժամանակներու եւ բոլոր ազգերու դիւցազներգութիւնները կը լեցնէ, մինակ ժողովուրդին համար չէ, որ իրական է։ Պոլիսէն դուրս մեր գաւառական գրականութեան դէմքերէն շատը հեքիաթներ են գրած ու անոնց ամէնէն յաջողները դարձեալ ստորագրած է գաւառէն գրագէտ մը՝ Ռուբէն Զարդարեան։ Գրագէտն ալ հաւասարապէս ազդեցութեան տակն է անոր ու նոյնիսկ անցեալ մը անոր տաղանդին համար։ Նուիրական ապաստան մըն է, ուր կը քաշուի հոգին, ամէն անգամ, որ հարազատ ու ինքնատիպ սարսուռն ելլէ փնտռելու:

Ընդհանուր հոգիի այս տրամադրելիութիւնը իրեն նպաստ ունի նաեւ, արեւելահայերուն մէջ, լեզու մը, որ դեռ նոր կը սկսի եւ ամբողջովին կը պատկանի կեանքի գետինին։ Եթէ անոնց քնարերգութիւնը գեղջուկ ու հասարակ կը գտնենք մենք, որ անցած ենք դիւրին յուզումներուն եւ, մա՛նաւանդ՝ դիւրին արտայայտութեան շրջանը շատոնց, չենք կրնար չհաստատել հարազատութիւնը այդ բարբառին դիւցազնավէպին համար, որուն նիւթը դեռ ժողովուրդին մէջ կ՚ապրի կէս մը եւ անպայման կը կրէ տարրեր, որոնք ամբոխային հոգեբանութենէն, այսինքն՝ մեր ցեղին հաւաքական վառարանէն կը փրթին։

Այս ընդհանուր տողերը տեսակ մը նախադուռ են՝ դատելու համար գործ մը, որ երկու գրականութեանց մէջ ինքզինքը կը զատէ եւ կը հասնի բարձունքի մը, որուն մօտ պզտիկ ու անարժէք կը մնան վերը խօսուած հեղինակներուն եւ դարձեալ արեւելահայերէն շատ մը բանաստեղծներուն գործեր:

« Սասունցի Դաւիթ »ը չեմ կարծեր, որ չկարդացողներ ըլլան մեր մէջ։ Նիւթը վերցուած է ժողովրդական համանուն հեքիաթէն։ Ժողովուրդին կաղապարումը ինծի անծանօթ ըլլալով, կարելի չէ ճշդել հեղինակին ստեղծագործ բաժինը դիւցազնավէպին մէջ։  

Տիպարներու ամփոփ ուսումնասիրութիւն մը աւելորդ չեմ նկատեր։ Հեքիաթի իսկական դէմք մըն է Մհերը, որ վէպը կը բանայ եւ քանի մը խոշոր գիծերու մէջ, դժբախտաբար տարտամ, կը գոցէ իր կեանքը, ծնունդ տալով այնքան ցանկալի շառաւիղին, Դաւիթին։ Տեսիլքով ծնունդն է աս տղեկը, որուն ճակատագիրը կը տարբերի միւս դիւցազուններուն ընդհանուր արահետէն։

Պ. Թումանեան իր բոլոր տիպարները շատ վարէն է բռնած։ Դուք աւելորդ տեղը պիտի փնտռէք այն հսկայական աշխարհը, որ հնդկական եւ հելէն վէպերուն մէջ տիպարները կարելի կ՚ընծայէ: Անիկա նկարագրող չէ, ինչպէս են նորերը, որոնք իրենց հերոսներուն հոգիին քով ու անոնց գործողութեան ընթացքին հետ պատրուակ չեն փախցներ մեր առջեւ դնելու ահաւոր նկարներ կամ լոյսի մէջ նուաղող ու նորէն շիջող երկիրներուն խաղը։ Պ. Թումանեան հազիւ քանի մը տող կը շնորհէ Սասունին եւ այդ երկիրը գոյութիւն չունի իրեն համար։ Դարձեալ տեքորի այս ժուժկալութեան քով անիկա չի մոռնար հրաշալիին կրճատումը, պարագայ մը, որ քերթուածը պարզ տաղաչափութեան պիտի տանէր, եթէ չըլլար բանաստեղծին բնազդը, ազատելու համար վտանգէն:

Ու Պ. Թումանեան շրջանը ըրած է վտանգին։ Եթէ ուզէինք մնալ մեր գրականութեան սահմաններուն մէջ, « Սասունցի Դաւիթ »ը կարելի է նկատել յաջողած գործ մը։

Նախ՝ անոր հարազատութիւնը. հայկական դրոշմը լաւագոյն երաշխիք մը կը կազմէ իր արժանիքին։ Դուք կարդացած ըլլալու էլ Աղայեանի « Տորք–Անգեղ »ը եւ « Արեգնազ »ը։ Դրէք Տորք-Անգեղը Դաւիթին մօտ եւ մէկ ակնարկով պիտի յայտնուի խոշոր անջրպետը, որ վարժապետները եւ տաղաչափները կը զատէ բանաստեղծին։ Տորք-Անգեղի շատ ընդհանուր եւ տժգոյն դիմագծութեան մօտիկ Դաւիթին թէեւ անկանոն, բայց սուր, ինքնեկ գիծերը կը կազմեն, ինչ որ տիպար մը կը մասնաւորէ։

Ու Պ. Թումանեանի տիպարները հայ են։ Նոյնիսկ ամենանուաստ պառաւը, որ հազիւ կ՚երեւայ ու նկարուած ըլլալէ աւելի՝ ուրուագրուած է, իր անիծելու, թելադրելու եղանակովը կը մնայ հայ։ Հայ է դարձեալ Ձէնով Օհանին կինը, որուն համար իր տունէն դուրս կեանքը կը դադրի եւ որբերը նոր չէ, որ չեն սիրեր մեր կիները։

Դիւցազնավէպին տիպարները փրկելու համար բանաստեղծը ունի անվրէպ intuition մը, որ գոնէ անոնց ստեղծումին մէջ չէ լքած զինքը: Ու այդ դէմքերուն համար արդիական տարազ մը ճարելէն ետքը, բանաստեղծը կը յաջողի ցեղին կեդրոնական մասին գիծեր ալ ճարել, նետելու համար ժամանակակից ճղճիմ խմորին մէջ։ Այս միջոցով է, որ Դաւիթը կարելի կըլլայ փոխադրել անցեալին ծոցը, տալով անոր կազմ մը բաւական ամուր՝ չխորտակուելու համար դարերու ճնշումէն։ Եթէ տիպարը իր շատ մը կողմերովը տակաւին կը մնայ արդիական, աւելին անկարելի է պահանջել Պ. Թումանեանէն, որ սկսած է պարզ քնարերգութեամբ եւ ելած է դիւցազնական անձերու ըմբռնումին։

Տեղն է աւելցնել, որ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ դիւցազներգական տիպարները զուրկ են ընդհանուր նկարագիրէ։ Անոնց դէմքը շինողը դիւրին հռետորութիւն մըն է եւ անոնց կեանքը չափազանց հատուածական, հետաքրքրական է, որ մեր յեղափոխութեան դիւցազունները չեն խանդավառած արեւելահայերը եւ մենք, պոլսեցիներս, այդ փորձը ըրած ատեննիս, դժբախտաբար գրականութիւն ենք իրած։