Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ  Ա. I. ՀԱՆԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՆՀԱՆԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ [1]

Ա. Հանգիտութիւններ [2]. Քաղաքական, ընկերային եւ իմացական վիճակ

 

ԺԹ. դարուն կէսը հանգրուան մըն է մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ազգայնականութեան դար կոչուած այդ շրջանին, ուր պատմութեան բեմէն ջնջուած ժողովուրդներ կրկին տէր դարձան իրենց ճակատագիրներուն, [3] մեր ժողովուրդը չէր կրնար անմասն մնալ մեծ ու բուռն այդ հոսանքէն:

Եթէ բախտը չպսակեց զինքը միւսներուն նման լիակատար բարիքներով, բայց չկրցաւ արգիլել, որ դարուն հիմնական ոգին թափանցէ անոր դարաւոր ալքէն [4] ներս եւ երեւան բերէ ժողովուրդ մը, որ ինքզինքը օտար չնկատէ արդիացած ազգերու հանդէսին մէջ: Ուրիշներ քաղաքական գործունէութեամբ մը հասան այդ արդիւնքին: Կրնամ ըսել՝ մեր ժողովուրդը զուտ իմացական զէնքերով ինքզինքը փոխեց եւ արդիացուց: Այդ զէնքերէն ամէնէն կարեւորը, ներուի ինձ ըսել, մեր գրականութիւնն է:

Աբովեանի « Վէրք Հայաստանի »ն կը գրուի 1841ին եւ կը տպագրուի տասնեօթը տարի (1858) վերջը: Կարծեմ « Բազմավէպ »ը սկիզբ կ՚առնէ 1843ին: Իրմով աշխարհաբար գրականութեան մուտքը պաշտօնականացաւ: Թուականներ, որոնցմով սովորութիւն է բանալ դուռը աշխարհաբար մեր գրականութեան:

Հարկ է ամփոփ ակնարկով մը աչքի առջեւ ունենալ այն գլխաւոր ազդակները, որոնք գրականութիւն մը կարելի կ՚ընեն տրուած ժողովուրդի մը, տրուած պատմութեան եւ տրուած մէկ թուականին:

 

 

1. Ազգին քաղաքական միութիւնը խորտակուած է երկու որոշ հատուածներով [5]:

ա) Տաճկահայ շրջան [6]

բ) Արեւելահայ շրջան

Դժուար է ճիշդ կշիռը տալ մեր ժողովուրդի կեանքին ԺԹ. դարու կիսուն: Թէեւ Եւրոպա քիչ-քիչ խորտակած է տաճկական պարիսպը, բայց մայրաքաղաքը եւ ամէնէն կարեւոր կեդրոնները միայն կը թուին թեթեւ մը ազդուած ըլլալ նոր պայմաններէն: Զանգուածը կ՚ապրի ամէնէն դժնդակ գերութեան մէջ: Դատական դրութիւնը գրեթէ Արեւելեան նահանգաց գիւղացին կ՚ենթարկէ նիւթական ստրկութեան: Միջին Անատոլուի թրքական սարսափին տակ ամփոփուած մեր քաղքենի դասը՝ հրաժարած իր մայրենի լեզուէն, իր եկեղեցիով միայն իր ազգին կապուած է: Իր աւագանին՝ Պոլսոյ մէջ, քիչ մըն ալ Իզմիր, առաջին փորձերը կ՚ընէ իր զաւակները եւրոպականացնելու, ղրկելով զանոնք Արեւմուտք: Պաշտօնի, կառավարական դիրքի համար Եւրոպա ուսած այդ սերունդէն պիտի ծագէր առաջին լոյսը: Ամփոփ գրականութեան մը կարելիութեան համար ժողովուրդի մը գոյութիւնը այս հատուածին մէջ խնդրական է [7] եւ այս սկիզբը թերեւս վճռական ազդեցութիւն ալ ունեցած է Արեւմտահայ գրականութեան ապագայ շրջափոխութեան տեսակէտով: Գերի ժողովուրդէ մը ճիշդ չէ գրականութիւն սպասել:

 

 

2. Քաղաքական այս պայմաններուն ենթակայ է ընկերային վիճակը:

Ռուսական libéralisme-ը, կեանքի, ինչքի, պատուի համեմատական ապահովութիւն, շահաստանի մեծ կարելիութիւններ, միւս կողմէ՝ տիրող նոր [8] ժողովուրդի մը ընկերային, ընտանեկան, գրական ու զինուորական ազդեցութիւնը, այս բոլորը կը միանան արեւելահայերուն մէջ ստեղծելու համար աւելի յառաջադէմ պայմաններ: Փաստ է, որ միջավայրը անոնց մէջ աւելի ձեռնտու է գրականութեան մը ծաղկումին. եւ սակայն ուրիշ փաստ է դարձեալ, որ այս ծաղկումը մեծ avance մը չունի արեւմտահայերէն: Ասդին՝ խուլ ու խաւար Ասիան է, որ կը բռնանայ մեր ժողովուրդի հոգիին նոյն գերութիւնը նոյն յետադէմ պայմանները: Հրաշք է, որ այդ դժոխքէն մեր ժողովուրդը յաջողած ըլլայ ստեղծել իր փառքերուն գեղեցկագոյններէն մէկը՝ Արեւմտահայ գրականութիւնը: Թուրքերուն մէջ մուտք գործած Արեւմտեան գաղափարները շատ աղօտ լոյս մը միայն բերին մեր ընկերային պայմաններուն: Բայց այդ թեթեւ շունչն իսկ բաւ եղաւ, որպէսզի մեր ընկերութիւնը évoluer ընէ դէպի գրական ստեղծում: (Եթէ նկատի առնենք մեծ գրականութիւնները, հին եւ նոր ժողովուրդներու, ակնբախ է ժամանակի հարցը անոնց կազմութեան մէջ: Հինգ դար յաղթանակ Հռովմին չեն տուած դեռ գրականութիւն: Կ՚ըսուի, թէ տասը դար պատմական յեղաշրջում է կատարուած յունական արձակին երեւումը մինչեւ [9]: Ֆրանսական մեծ գրականութիւնը մօտ տասը դար թաղուած է խեղճութեանց կոյտի մը մէջ, մինչեւ առաջին գլուխ-գործոցի մը երեւումը: Մեզի համար քսան տարին բաւ եղաւ Դուրեան մը ստեղծելու: Եզրակացութիւնը ձեզի կը ձգեմ):

 

 

3. Մեր իմացական վիճակը ունի երկու հատուածներու մէջ ալ նոյնաձգտում սկիզբ:

Արեւելահայերուն մէջ պարզ է անիկա, եւ զերծ՝ արգելքներէ (եթէ նկատի չունենանք Ս. Էջմիածնով հովանաւոր պահպանողական մտայնութիւնը, որմէ դուրս ամէն ինչ արդիական է): Իբր զգացում եւ իբր գրական գործ՝ անցեալը անբաւարար է արեւելահայերուն համար, որոնց բանաստեղծութիւնը կը սկսի յեղափոխական քարոզով: (Պէտք է աչքէ չհեռացնել խոր ազգայնականութիւնը եւ պահպանողականութիւնը յետադէմ որակուած կուսակցութեան մը): Արեւմտահայոց մէջ Մխիթարեանց ճիգը զանցառելի քանակի վերածուեցաւ այն օրէն, երբ առաջին համալսարանները Արեւմուտքի մտածելու կերպը եւ ընկերային սկզբունքները փոխադրեցին Պոլիս: Սահմանադրութիւնը, թէեւ քաղաքական acte, խորքին մէջ առաջին հետքն է իմացական վաստակին:

 

Բ. Սկզբնական ազդեցութիւններ. Անցեալի կշիռ. Օտար մշակոյթներ [10]

 

Ամէն ինչ բնազդական է այդ օրերուն՝ երկու հատուածներուն ալ մէջ: Ճարտարարուեստ, նոր գաղափարներ, ազգայնական խուլ ցանկութիւններ զսպանակներ են իմացական կեանքին՝ մեր մէջ: Լրագիրը, հանդէսը, թատերական ներկայացումները, երգերը (ազգային) այդ հոգիին մէյմէկ արտայայտութիւններն են: Յատկանշական է, որ մշակները չունենան կանխածրագիր հանգանակներ ու չըլլան անխառն գրագէտներ. այնպէս որ, ազդեցութեանց որոնում մը ինքզինքը արտայայտելու համար պէտք է կենայ քանի մը որոշ տուեալներու առջեւ: Անցեալը, ռուսական ազդեցութիւնը, արեւմտեան ազդեցութիւնը. այս երեքէն անցեալը, ամբողջ երկու դար տիրապետող, մէկէն ի մէկ գահընկէց կը դառնայ՝ լքելով իր դիրքը: Անցեալին այս նահանջը խորունկ երեւոյթ է, եւ դուրս՝ paragraphe-ի սահմանէն: Միւս կողմէ՝ չմոռնալ, որ այս առերեւոյթ նահանջին հակառակ, այդ անցեալը դարձեալ կը լեցնէ վաւերական արուեստի գործեր: « Վէրք Հայաստանի »ն անով տոգորուն է մեն-մի տողին մէջ: Առաջին lyrique քերթուածը արեւելահայ աշխարհին՝ « Մայր Արաքսի »ն, կը հանգչի այդ անցեալի խորունկ ծոցին մէջ: 

Ալիշանի, Դուրեանի, Օտեանի շատ մը էջերուն մէջ այդ անցեալը կը ներշնչէ կարելի գեղեցկութիւններ: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ սերունդը անզգայաբար կը կրկնէ այդ ազդեցութիւնը իր վրայով: Աչքերը ուղղուած են ապագային: Հոս կը յիշեմ, թէ Արեւմտահայ գրականութեան մէկ-քանի մեծագործ գործերը Սրուանձտեանցի «Համով հոտով»ը, Խրիմեանի «Պապիկ եւ թոռնիկ»ը, Հրանդի «Պանդուխտի կեանքէն»ը— չէին կրնար գրուիլ առանց այդ անցեալին: Անկարելի է կռնակ դարձնել՝ գրականութեան մէջ՝ անցեալին: Նման փորձեր պատժուած են չարաչար: Մերինը բացառութիւն պիտի չկազմէր:

Այդ ազդակներէն երկրորդը, օտար ազդեցութիւնը, արեւմտահայերուն համար վճռական, եղած է անկնիք՝ արեւելահայոց մօտ՝ մինչեւ Հոկտեմբերեան յեղափոխու թիւնը (1917): 

Ոչ լեզուով, ո՛չ արուեստի ըմբռնողութեամբ, ոչ գրական դաւանանքներով՝ արեւելահայերը բան մը չեն առած հսկայ գրականութենէն, որ ռուսերունն է: Րաֆֆի, Շիրվանզադէ, Պռօշեանց ոչինչով պարտական են ռուս վէպին: Ընդհակառակն, «Սամուէլ»ի թերթօնագիրը ազդեցութեան տակն է թարգմանուած Տիւմային եւ Հիւկոյին: Մինչդեռ արեւմտահայերը իրենց հարազատութիւնը վտանգելու չափ ենթարկուած են ֆրանսական ազդեցութեան: Նոյնիսկ մեր լեզուն թէ՛ իբր համաձայնութիւն եւ թէ՛ իբր բառամթերք շատ բան կը պարտի ֆրանսականին: Ամէն փոքր գրականութիւն, երբ շփումի կը մտնէ իրմէ  մեծին հետ, հակադրուած է ինքնութենէն բան մը վրայ տալ: Արեւելահայերը ոչինչ տուին, քանի որ բան չէին առած արդէն: Արեւմտահայերը վրայ տուին հայեցիութիւն ըսուած անկշռելի հարստութիւնը:

Ժամանակի ընկերային պայմաններու ազդեցութեանց պարունակէն գրեթէ նոյն ակօսներով քալող մեր զոյգ գրականութիւնները, մէկ դարու ընթացքին պիտի հասնէին անհաւասար, չըսելու համար հակադիր արդիւնք ներու: Աւելի յետոյ, երբ ես ձեռք կ՛առնեմ վերլուծումը սեռերուն, հոն պիտի կատարուի ճշդումը այս մտածումին տարողութեան

 

Գ. Անհանգիտութիւններ [11]

 

Ծագումին այս նոյնութիւնը ընդլայնումին մէջ հետզհետէ կը զարտուղի, վերածուելու չափ հակադիր երեւոյթներու: Այսպէս.  

 

 

1. Արեւելահայ գրականութեան մէջ՝

- բոլոր աչքի ինկող գործերը կը մեկնին գիւղէն: «Վէրք Հայաստանի»ն, Պռօշեանցի վէպերը, Թումանեանի տաղաշարքը, Շիրվանզադէի ստեղծումներուն որոշ մէկ մասը, Րաֆֆիի գործին կէսը եւ մինչեւ նորագոյնները իրենց արուեստին ենթաշխարհը կ՚առնեն գիւղէն: Ասդին՝ հակառակ անոր, որ իբր քաղաք միայն Պոլիսը ունինք, մեր գրականութիւնը կը յաջողի քաղքենի [12] յուզումներ սեւեռել: Ալիշան, Պէշիկթաշլեան, Դուրեան, Զօհրապ, Թէքէեան, Չրաքեան, Վարուժան, Մեծարենց, գրեթէ ամբողջ գիծը Արեւմտահայ գրականութեան, կու գայ քաղքենի ապրումներէ: Այս anomalieն (տարաբնականութիւն [13] ) երեւոյթ մըն է, որուն վրայ կ՚արժէ խորհրդածել: Կը դնեմ գիւղին հարցը, անկախաբար անոր ստացած ծայրայեղ կարեւորութենէն Խորհրդային ռեժիմին տակ: Գիւղը Արեւելահայ գրականութեան, մատչելի, բնական եւ միակ արգասաբեր գետինը եղաւ: Եթէ իմ համակրանքս այդ գրականութեան չեմ սակարկած, պատճառը այս ուղղութիւնն է անոր: Ո՞ւր է Հայ ժողովուրդը ի վերջոյ Դուրեանի «Լճակ»ին մէջ, Մեծարենցի «Ցայգերգ»ին մէջ. Սունդուկեանցի «Պէպօ»ին, Պռօշեանցի «Սօս եւ Վարդիթեր»ին մէջ [14]: Անշուշտ չեմ կրնար ուրանալ խռովիչ գեղեցկութիւնը «Տրտունջք»ին (Դուրեան), խտացեալ յուզումը «Հայհոյանք»ին (Վարուժան), [15] թելադրիչ, որքան խորունկը իջնող թախիծը Թէքէեանի քերթողութեան: Բայց ինծի համար աւելի հարկադրական, եւ հետեւաբար աւելի արժէքաւոր պէտք է նկատուին գործեր, [16] գուցէ նուազ կատարեալ, ոչ-գեղեցիկ, բայց աւելի հայ, ինչպէս «Սասունցի Դաւիթ»ը, «Անոյշ»ը եւ արեւելահայ քերթողութեան ուրիշ մէկ-երկու յաջող (համեմատաբար) գործերը: Շատ ըլլալով սակայն, paragrapheը լուծելի չէ ասանկ դասի մը մէջ:

 

 

2. Հայրենիքի գաղափարը.

Արեւմտահայերու մէջ մօտաւորապէս կէս դար motif մըն է ասիկա- դժբախտաբար գրական մոթիֆ մը, որ մեզի շինուած, կառուցուած կու գայ Վենետիկէն: Փաստ է, որ ոչ մէկ արեւմտահայ քերթուած չէ յաջողած նուաճել յղացքը: Թերեւս անոր համար, որ մոթիֆը կու գայ հեռուէն ու դուրսէն (Վարուժան, Սիամանթօ, Թէքէեան պտուղն են մեր նոր տառապանքին, անոր՝ զոր իւրաքանչիւրս զգացած ենք մեր ջիղերով): Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի եւ գաւառացիներու մօտ աւելի հանդուրժելի եւ աւելի յաջող է այդ յղացքը, քանի որ գրական մոթիֆ չէ, այլ՝ կեանքի աղբիւր մը, ներշնչման ուժ մը, հոգիի աշխարհ [17] մը: Ամփոփելով՝ սկզբնական շրջանին, ամէն բան է եւ ոչինչ միեւնոյն  ատեն (միշտ խօսելով Արեւմտահայ [18] գրականութեան վրայ): 1888-1908 գրաքննութիւնը զայն կը հալածէ անողոքաբար. անկէ ասդին ան կը ստանայ ողբերգական գեղեցկութիւն, եւ փայլ՝ նուաղելու համար Սփիւռքի անխուսափելի նշմարքի մը մէջ [19]: Հակառակ կշռուն այս երակին ու անհաւասար բախտին, Արեւմտահայ գրականութեան գեղեցկագոյն էջերէն շատերը ներշնչուած են այդ ոգիէն: Երբ նայուածքնիս դարձնենք Արեւելք, Արեւելահայ գրականութեան այդ ոգին մոթիֆ մը ըլլալէ աւելի՝ յատակ մըն է: Չմոռնալ, որ մեր ժողովուրդը հոն աւելի հարազատ է ինք իրեն, աւելի նստած իր կեդրոնին մէջ, աւելի հող ու յիշատակ: Այնպէս որ, հայրենիքի զգացումը անոնց ստեղծումներուն անխուսափելի մթնոլորտն է: Փաստ է, որ բացի «Վէրք Հայաստանի»էն, ոչ մէկ գործ այդ մտածումները իրեն ազդակ ընտրած է: Բայց բոլորն ալ պարուրուած են անոր երանգներուն մէջ: Եթէ մէկը ուզէ մեր ժողովուրդը ճանչնալու [20] դիտումով մօտենալ մեր զոյգ գրականութիւններուն, պիտի վարձատրուի արեւելահայերէն: Չմոռնալ, որ (en dernière analyse) Արեւմտահայ գրականութիւնը գաղթավայրի ստեղծում մըն է: Իր մշակման երեք գլխաւոր վառարանները (Պոլիս, Վենետիկ, Իզմիր) հազարաւոր մղոններով հեռու են հայրենիքէն, եւ ասիկա զանցառելի պատճառ մը չէ (չշփոթել Մոսկուան իր «Հիւսիսափայլ»ովը երեւոյթին առջեւ [21]: Այս հանդէսը իր 5-6 տարուան կեանքովը թուական մըն է եւ ոչ ուրիշ բան: Արեւելահայ գրականութիւնը մշակուեցաւ Թիֆլիս, ուր տասը հազարի [22] զանգուած մը ունեցանք: Երեւանէն Թիֆլիս մէկ առ քսանը չէ այն ճամբուն, որ Վանէն Պոլիս կ՚առաջնորդէ):

 

 

3. Բարբառ, սովորոյթ, հայրենի նկարագիր, աշխարհ.

Ուշագրաւ է, որ այն [23] նահանգը, ուր ծաղկեցաւ մեր ոսկեղնիկ գրաբարը [24], [25] մեր օրերուն ծնունդ տուած ըլլայ գրական զօրաւոր ուրիշ բարբառի մը: Այրարատեան բարբառն է ասիկա, որուն ճակատագիրը կոչուած է, եթէ Տէրը ուզէ, մեծ ապագայի: (Դժբախտաբար, ինծի համար համրուած են օրերը արեւմտահայ գեղեցիկ բարբառին: Չեմ ուզեր գէշ մարգարէ դառնալ, բայց իրերու այս ընթացքով կէս դարը շատ պիտի գայ իրեն ամբողջութեամբ մեռնելու համար): Չեմ խօսիր արեւմտահայ բարբառին նրբութենէն, կատարելութենէն, հոգեկան վիճակներ արտայայտելու ատակ ճկունութենէն, գեղեցկագիտական մեծվայելչութենէն, որոնք պատահական առաքինութիւններ են դառնալու քիչ ժամանակէ: Բայց կը ծանրանամ արեւելահայ բարբառին առողջ կոշտութեան, հաստ հարազատութեան, գեղեցիկ հարստութեան [26], առաքինութիւններ՝ որոնք կարծես թէ ժամանակ ունին փոխուելու, արտայայտելու համար մեր ժողովուրդին իմացական նրբութիւնը, զգացական խորութիւնը, արուեստագիտական ապացուցուած կարողութիւնները, այն ազդեցիկ, ինքնիր մէջ տրտում, բայց սրտառուչ ոճը, որով մարմին դարձան մեր կաթողիկէները, թեւի ելան մեր շարականներն ու ժողովրդական զմայլելի երգերը, որոնք դէմքն իսկ են Հայ հոգիին: Բայց ով [27] կը կարդայ «Վէրք Հայաստանի»ի [28] պղտոր հեղեղը, Չարենցի միջանկեան նախադասութիւնները՝ [29] հասնելու համար Զարեանի նշուլասփիւռ plastique-ին, [30] չի կրնար անտարբեր մնալ հիմնական երեւոյթի մը առջեւ, որ կարողութիւնն է մեր ժողովուրդին [31]: Անոր հանդարտ եղափոխմանը, անոր պայմաններուն եւ պէտքերուն ինքզինքը տարօրէն դիւրաւ ատակ ընող այս ժողովուրդը կը դառնայ մայրը իր ժամանակին, դիմաւորողը իր ճակատագրին: Ի՞նչ հարկ կայ զբաղիլ անհեթեթ տգեղութիւններով, որոնք այդ բարբառինը եղան տարիներ շարունակ: Ինչպէս հետախաղաղ կորսուեցան յունաբան [32] բարբարոսութիւնը, ունիթոռական խժդժութիւնը եւ նոր ժամանակներու անոպայ թուրքերէնը [33], այնպէս  ալ կը հաւատամ, թէ արեւելահայ բարբառը պիտի թօթափէ օտարութիւնը, զոր պլլած են իր վզին քաղաքական խստեռանդն գործիչները, անոր հողերուն վրայ դիզելով անըմբռնելի ծանրութիւններ: (Չենք կրնար Մեծամասնական [34] օրաթերթ մը աչքէ անցընել, առանց խեղդուած ըլլալու այս մեղքերէն):

 

4. Գրականութիւնը անդրադարձ մը ըլլալով մա՛նաւանդ ժողովուրդի մը հոգիին, իր ծնունդը մեծ չափով պիտի առնէ այդ ժողովուրդի սովորոյթներէն: Յայտնի է, թէ գաղութներ հարկադրաբար կ՚ենթարկուին ամէն կերպ խաթարումներու, վրայ տալով մանաւանդ շատ բան բարքերու նախնական հարազատութիւններէն: Այս օրէնքը իր դժնդակ խստութեամբը կ՚իշխէ հայ ժողովուրդին վրայ: Արեւմտահայերը երկար ատեն թրքական լուծին տակ վրայ տուած են ցեղային կողմը իրենց սովորութիւններուն: Եթէ գաւառներուն մէջ բարքերը աւելի քիչ չափով տուժած են, բայց կեդրոններուն մէջ անոնք խստօրէն կը կրեն հետքերը ցեղային այլասերումին: Այս է պատճառը, որ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ այնքան քիչ է սովորութեանց բաժինը, ինչ որ կը բացատրէ նաեւ այդ գրականութեան տարտամութիւնը ազգային գիծէն: Չունինք արեւմտահայ որեւէ գիրք, որ թարգմանուելու արժանի ըլլայ՝ զմեզ ներկայացնելու համար եւրոպացիներուն իբրեւ առանձին ժողովուրդ: Այսպէս չէ պարագան արեւելահայոց համար: Հոն երկիրը պաշտպանուած է ցեղային տարրի քիչ տուժով: Թրքական լուծին կանուխ քաշուիլը այդ հողերէն՝ ուրիշ պատճառ. այնպէս որ, ԺԹ. դարուն կէսին՝ անոնց գրողները լայնօրէն պաշտպանուած են ցեղային հարազատ հողէ եւ երկինքէ: Երկու գրականութեանց միջեւ սա ակնբախ տարբերութիւնը դարձեալ ընդարձակ հարց մըն է: Ամբողջ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ շատ քիչ է պահեստը հայ  բարքերուն. Հրանդ, Խրիմեան, Թլկատինցի, Երուխան, Սրուանձտեանց գրողներ են, որոնք այս տեսակէտով ամէնէն հարուստն են: 1910էն ետք մեր գրականութիւնը արագ ընթացքով իմացական դարձաւ՝ հրաժարելով ցեղայինէն: Ով գիտէ, թերեւս 50 տարի ետքը մարդիկ Վարուժանին մէջ գտնեն հայ տարրը:

 

Արեւելահայ գրականութեան երեք չորրորդը ամրապէս կը կռթնի հայ բարքերու, եւ ասիկա թանկագին իր առաւելութիւնն է:

 

 

5. Աշխարհ, ոգի, հայրենի նկարագիր.

Երկու գրականութիւններուն մէջ ալ մեր աշխարհը չէ նուաճուած իբր plastique գեղեցկութիւն: Արեւելահայերը խորապէս տկար իրենց աչքերով, չեն կրցած տալ մեր երկիրը, թէեւ անոնցմէ մին իբր décor կը ծառայէ [35] մեր հայրենիքի մէկ որոշ մասին, բայց այդ աշխարհը իբր ամբողջական դիմագծութիւն, իբր խորհուրդ, անդունդներու, կարկառներու, կապուտութիւններու իբր հանդէս, իբր վերջապէս լեռներու, սարերու համայնապատկեր վրիպած է սեւեռուելէ: Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի քիչ կայ աշխարհի վրայ այնքան նկարագեղ, անուշ վայր մը, ինչպէս է Արեւելահայաստանը: Ոչինչ այս ամէնէն` անոնց գրականութեան մէջ:

 

Նոյնն է պարագան, մերձաւոր չափով, արեւմտահայոց համար. [36] անոնց ալ պակսած է զգայարանքը երկրին, որ զանոնք ծնաւ: Քանի մը գիծեր միայն՝ [37] Զարդարեանի գործէն: Չեմ խանդավառուիր Պոլսոյ ջուրերուն շուրջ նկարագրուած գեղեցկութիւններով, որոնք Պէշիկթաշլեանէն սկսելով մինչեւ Չրաքեան չպակսեցան մեզի, բայց անոնց նկարագիրը առաւել չափով բանաստեղծական է [38]: Անլուծելի է ոգիի հարազատութիւնն ու զուգակշռին հարցը [39], քանի որ երկու գրականութիւնները կը կենան գրեթէ հակադիր սկզբունքներու վրայ: (Մեր մամուլը երկար զբաղեցաւ այդ վէճով. ազգային-ապազգային, ընդհանուր-մասնաւոր [40] ): Իրողութիւն է, որ չենք կրնար արեւմտահայ մեծ գրագէտներու գործէն ընդհանրացումներու բարձրանալ՝ ցեղայնութեան համադրումին համար: Որքա՞ն է հայը Դուրեանի այնքան սրտառուչ գործին մէջ. նոյն հարցումը՝ Չրաքեանի շքեղ ձեռնարկին դէմ. ու այս գիծով տարածեցէք հարցը դէպի բոլոր մեր մեծութիւնները: Պատասխանը դժուար է: Եւ սակայն անիրաւ չեն պնդողները, որոնք յիշուած գործերուն մէջ կ՚ընդունին մասնակի կողմը [41] մեր հոգիին: Աւելի ազատ ցեղային փոքրող կնիքէն [42] (որ գրականութիւն մը կը ճշգրտէ, բայց անոր լայննալը դէպի համամարդկութիւն կը դժուարացնէ), [43] աւելի տիրական հակումով դէպի Արեւմտեան ընդհանուր արուեստն ու հասկացողութիւնը: Ի վերջոյ սիրտը նոյնն է գրեթէ Հռենոսի ափունքին՝ ինչպէս Վոսփորի: Կը խորհիմ, թէ տարբերութիւնը երանգներու վրայ է եւ ոչ թէ հիմնականին:

 

Երբ կը մտնենք Արեւելահայ գրականութենէն ներս, անշուշտ մենք զմեզ կը զգանք աւելի մօտ մեր ցեղին ընդհանուր իմաստին: Ինչ փոյթ Պռօշեանցի գործին ձախողանքը կամ նոյնիսկ Ղազարոս Աղայեանցի մը վարժապետական արուեստը, երբ անոնց ընթերցումը ինծի պատեհութիւն կու տայ քիչ մը աւելի խոր զգալու իմ պապերուս հոգին:

 

Ձրի եւ թերեւս թեթեւ՝ [44] ազգայնականութիւն մը այս պահանջքը, իմ կողմէ, արուեստի գործի մը: Ահա թե ինչու բոլոր իրականութիւնները, մեղքերը, տկարութիւնները, սոփեստութիւնները իմ մէջ կը վերածուին քաղցր գոհունակութեան մը, երբ կը կարդամ գործեր, որոնք զիս աւելի հայ կ՚ընեն: Արեւելահայ գրականութիւնը իր այս առաքինութիւնները աւելի հարազատ կերպով կը ներկայացնէ ուրիշներու: Զուր տեղը չէ, որ նոր ժամանակներու մէջ քիչ  շատ տանելի թարգմանութիւնները, որոնք բան մը կարող ըլլային ըսել օտարներու, կատարուեցան անոնցմէ: Փոքրութիւն, տկարութիւն, անշուշտ, ինչպէս է արդէն զանոնք ստեղծող ժողովուրդը:

 

 

6. Նախապայմաններու [45] մղումը երկու գրականութեանց վրայ:

Ռուսական ազդեցութիւն

Արեւմտեան արուեստ

Ամէն գրականութիւն ենթակայ է սկզբնական մղումի, զոր կը ջանայ պահել յանդուգն օրէնքով մը, Loi de conscienceը [46]: Ժամանակը անշուշտ կը միջամտէ ու կը փոխէ շատ բան, բայց սկզբնական մղումի ուղեգիծը երբեմն դարերով կը շարունակէ ինքզինքը կրկնել: Մեկնելով այս օրէնքէն, պէտք պիտի ըլլար Արեւելահայ գրականութիւնը մղումին տակը դնել ռուսականին, քանի որ այդ ազդեցութիւնը 100 տարուան ընթացքին խոր արմատ գործած է արեւելահայերու վրայ: Արդ, ուշադիր վերլուծումը մեզ կը դնէ անորոշ արդիւնքներու առջեւ. այսպէս, եթէ Թումանեանի գործին մէջ Պուշկին եւ Լերմոնտով (ռուս բանաստեղծներ) զգալի կնիք ունին, ո՞ւր են Տոստոեւսկին եւ Թոլսթոն անոնց վէպին մէջ, որուն մեծագոյն գործաւորը՝ Րաֆֆի, ինչպէս ըսի, ֆրանսական ռոմանթիքները ունի իրեն իբր կաղապար: Ո՞ւր է ռուսական ամենայանդուգն թատրոնը, որ աշխարհի գերագոյն խօսքը ըսած է թատերական արուեստի տեսակէտով (Մոսկուայի կայսերական թատրոնը միայն կրնայ ներկայացնել Եւրոպայի բեմերուն վրայ աններկայանալի խաղեր): Անշուշտ, ուսումնասիրութիւն, պրպտում, գիտական մեթոտ, համալսարանական [47], հայրենագէտ, ասոնք ունեցան արեւելահայերը. աւելի քննա-մեկնաբանական այս գործունէութիւնը պատիւ չի բերեր, քանի  որ գրականութիւն մը կանգուն է ստեղծագործ ճիգով եւ արդիւնքով:

 

Ամէն պարագայի, արեւմտեան ըմբռնումը, անոր արուեստի ընդհանուր գիծերը շատ աւելի կատարեալ կերպով անդրադարձ ունեցան [48] Արեւմտահայ գրականութեան վրայ: Եթէ երկու գրականութեանց ալ պակսեցաւ գլուխ գործոցներու բախտը, վերագրելի է այս նուազումը մեր ճակատագրին: Տեւողութեան շատ քիչ միջոց մը՝ պայմաններու շատ քիչ, խիստ լախտ մը [49]. թերեւս ցեղը պատասխանատու է այս վրիպանքին [50]:

 

 

7. Քաղաքական պայմաններ.

Ուշագրաւ է, որ արեւելահայերը ընտելացան ռուսական գրաւումով ստեղծուած կացութեան: Մա՛նաւանդ սկզբնական շրջանին, այդ գրաւումը լայնոգի ազատութեան մը հետ շփուելու չափ բարիք բերաւ մեր ժողովուրդին: Հանդէս, դպրոց, բեմ, նոյնիսկ պատմական անցեալի ոգեկոչում չենթարկուեցան ոչ մէկ արգելքի: Ընթացիկ քաղաքականութենէ դուրս ամէն հետաքրքրութիւն ներելի է արեւելահայութեան [51]: Ռեժիմի ապահովութիւնը [52], քմայքին ջնջումը, վաճառականութեան ստացած վարկը, ցեղային ձեռներեցութիւնը իրարու կ՚աւելնան՝ ստեղծելու համար գեղեցիկ դարաշրջան մը, որ պիտի տեւէր մինչեւ Ի. դարու սկիզբը, երբ ռուսացման քաղաքականութիւնը սկիզբը պիտի դնէր իր ճնշումին: Մինչ այդ, Արեւելահայ գրականութիւնը լիուլի կը նպաստաւորուէր ինքզինքը իրագործելու: Հակառակ այս թոյլատու պայմաններուն, այդ գրականութիւնը որակով եւ քանակով մեծարժէք գործեր չտուաւ հաւաքական մեր հարստութեան [53]: Նոյնը չեն պայմանները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Անշուշտ, այլեւս դադրած են ԺԵ-ԺԸ դարերու [54] անըմբռնելի գերութիւնը եւ ատոր հետեւանք ստրկութիւնը: Բայց ԺԹ. կէսին իսկ ռեժիմին հետեւանքները կը պահեն իրենց զօրաւոր կնիքը:

 

Թանզիմաթը (1839) թուական մըն էր, քան թէ որոշ փոփոխութիւն մը: Մեր առուտուրը քիչիկ մը շունչ կ՚առնէ՝ շահագործելով զմայլելի իմաստութեամբ՝ այդ նիհար պատեհութիւնն անգամ: Մինչեւ 1880 թուականը, մենք ունեցանք այդ թոյլատու պայմաններու արգասիքը, մեր առաջին սերունդը, քանի մը քնարերգակներ, մեր օրաթերթը եւ մեր իմացական կազմակերպութեան ամբողջ շրջանակը՝ մեր դպրոցները: Եւ սակայն հոգեկան յատակը կը մնայ անփոփոխ: Թուրքը կը սաւառնէր մեր վրայ: 1880-1910 հրաշքի չափ թանկագին է եւ սրտառուչ մեր ճկունութիւնը՝ թրքական դժոխքէն ստեղծել կարենալու մեր գրականութեան ամէնէն կենդանի, ճոխ, կատարելակերպ եւ յաջողակ շրջանները, մեր Իրապաշտութիւնը եւ Արուեստագէտ սերունդով նուաճուած մեր բանաստեղծութիւնը, մեր վէպը, մեր քննադատութիւնը:

 

 

8. Օգտապաշտութիւն.

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ արուեստի բոլոր գեղեցկութեանց համար հասունցած, անոր մեծ իրացումներուն մէջ թաթխուած (Կովկասը ռուսական մշակոյթի մեծ վառարաններէն էր այդ շրջաններուն) արեւելահայերը որդեգրած ըլլան շատ գործնապաշտ եւ արուեստի հանդէպ անհիւրընկալ, անտրամադիր կեցուածք մը: Նման կեցուածք մը աւելի դիւր եւ տանելի պիտի ըլլար արեւմտահայերուն համար, մինչդեռ հակառակն է, որ ճիշդ է:

Եթէ անոնց վէպը քիչ-շատ շունչ, ձգտում նուաճեր է, թերեւս ատիկա արդիւնքն է գիտակցուած ըմբռնումէ մը աւելի հրապարակի պահանջքներուն: Այն երկու մեծ գետինները, ուր վիպական ստեղծումը շահագործուած էր, կայացուցին [55] պատմական անցեալը եւ ժամանակակից բարքերը. այդ գետինները շրջանի մարդոց հետ առաւելագոյն շահեկանութիւնը ըրաւ այդպիսի փոքր, իր շուքէն վախցող ձգտումէ աղքատ [56]: Այս հարցումն ալ պատասխան չունի [57]: Ոմանք սկզբնական (Նալբանդեան, Նազարեանց [58] շարժումը մեղաւոր կ՚ընդունին) [59], ուրիշներ՝ համալսարանական իրենց պատրաստութիւնը, որով գրականութիւնը տեսակ մը մեծերու դպրոց կը դառնար՝ նպատակ ունենալով մեծ մանուկին՝ ժողովուրդին դաստիարակութիւն [60] մատակարարել: Ինչ որ ալ ըլլայ վէճին նկարագիրը, յետահայեաց ակնարկ մը այդ գրականութեան վրայ [61] այսօր ստիպուած է հաստատել միջակութիւնը, որով պայմանաւոր են գեղեցկութենէ դուրս ամէն նպատակի համար թափուած գրական աշխատանքները: Ի՜նչ [62] մեծ գեղեցկութիւն անխորտակելի պիտի ընէր Շիրվանզադէի հսկայ գործը, եթէ անոր կառուցումին իբրեւ հիմնախարիսխ այդ մարդը ընտրած չըլլար իր ժողովուրդը դաստիարակելու վիճելի հրամայականը: Նոյնը՝ Րաֆֆիին համար: Նոյնը՝ անոնց քերթողութեան համար, նոյնը` անոնց գրականութեան [63]:

 

 

9. Օրաթերթ, հանդէսներ, եւայլն.

Երկու հատուածներուն մէջ ալ լրագիրը ծառայեց մեր լեզուին՝ քիչ մը շատ աւելի եռանդով, որքան ըլլալու էր ատիկա: Սեփական քաղաքային կեանք չունեցող ժողովուրդի մը մէջ (ինչպէս էր մերինը), լրագիրներու շատութիւնը ուժերու աւելորդ վատնում մը կը նկատեմ թէ՛ արուեստագէտին եւ թէ՛ ընթերցողին համար: Թերեւս այս պարագան մէկն է մեր գրականութիւնը նիհար ձգող ազդակներէն: Ափ մը ժողովուրդ ենք: Հետաքրքիր մէկը անցեալ տարի կշիռն էր կազմած մեր մամուլին, հասնելով հարիւր թիւին: Առասպելական այս թիւը պերճախօս է ինքնին: Այս վերապահումը կը մեղմացնեմ հանդէպ պահանջին: Արեւմտահայերէն քանի մը անուններ. «Բազմավէպ», «Հանդէս ամսօրեայ», «Անահիտ», «Ծաղիկ», «Արեւելեան մամուլ», «Մասիս»: Անոնցմէ ոմանք գրականութեան սպասէն աւելի մասնագիտական ձեռնարկներ եղան: Ուրիշներ, որոնց անունները զեղչեցի, պատահական իրենց գոյութիւնը [64] չարդարացուցին՝ իրենցմէ ետք զիրենք յիշեցնող ակօսներով: Պէտք է աւելցնել, որ Արեւմտահայ գրականութեան եղաշրջումը կատարուեցաւ անոնց ուղիով:

 

Անշուշտ անիկա չունեցաւ այն լրջութիւնը, գիտական խղճմտութիւնը, որոնք հասարակաց երեւոյթներ են արեւելահայերէն հանդէսներու համար: Այս վերջինները՝ թիւով թէեւ քիչ, («Հիւսիսափայլ, «Լումայ», «Փորձ», «Գործ», «Բանբեր», եւայլն) աւելի գիտակից էին իրենց կոչումին, խմբագրուելով պատրաստուած մարդոցմէ կամ խմբակներէ: Քաղաքական, պատմական, վիճակագրական, ուղղագրական ընդհանուր ծրագիրներու շուրջ անոնք նպաստած են կարելի նորութեամբ եւ խղճմտութեամբ նիւթ հայթայթելով աւելի բազմակողմանի ու աւելի բազմապահանջ հասարակութեան մը: Գրականութեան սպասը դժբախտաբար քիչ է անոնց մօտ: Բայց անոնց հասարակական պարունակութիւնը աւելի հաւատարիմ է շրջանին, զոր կը ղեկավարէ, եւ ոգին, ուրկէ կը բխի: Արեւելահայ գրականութիւնը չէ ազդուած իր հանդէսներէն: Հայրենագիտական ուսումներու մասին երկու հատուածներն ալ ըրին իրենց կարելին: Վենետիկի աղօտացման փոխարէն՝ Վիեննայի լուրջ եւ գրական [65] մասնաւորումը այս ճիւղերուն մէջ արժանի է ամէն յարգանքի: Հայ բանասիրութիւնը՝ յանձինս այդ վանականներուն՝ իր պատուոյ տեղը ունի այսօր միջազգային բանասիրութեան մէջ: Արեւելահայ արդիւնքը վար կը մնայ ճիգէն ու պահանջէն: Դիւրին բան չէ ի վերջոյ քսան եւ հինգ դարու մշակոյթ մը, որուն վրայ այնքան արտաքին յաւելումներ եկած են աղաւաղելու անոր հիմնական նկարագիրը, հարիւր տարուան ընթացքին յաղթահարել՝ հասնելու համար վճռական տարազներու: Այսօր չունինք  պատմութիւնը մեր նկարչութեան, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան ընդհանուր évolution-ը ճշդող հաստատ տուեալներուն: Չունինք մեր լեզուն վերլուծած, զինքը մէջտեղ բերող տարրերուն պատմութիւնը: Չունինք մեր երկիրը իբրեւ բնախօսութիւն, աշխարհագրութիւն, հնաբանութիւն, հաւաքաբանութիւն, պատմական թուականներ: Բայց 1830ին մարդիկ գրեթէ ոչինչ գիտէին այս ամէնէն, այսօր կատարուած է բաւական աշխատանք: Կը գնահատեմ եղածը, վասնզի զայն կատարած ենք ամենադժնդակ պայմաններու մէջ:

 

Օրինակ մը պիտի լուսաւորէր այս հարցումը. - [66] Եւրոպայի սրտին վրայ, ամէն կատարելիութիւններով օժտուած մեծ մշակոյթի մը վառարանը՝ Ֆրանսան անգամ իր պատմութիւնը նոր է, որ կը գրէ (Օկիւսթէն Թիէրի, Միշլէ, Լուիս): Ընդհանուր այս աշխատանքին մէջ շատ կը գնահատեմ արեւելահայ ճիգը, որուն կը պարտինք հիմը եւ բարգաւաճումը մեր ազգագրութեան: Նոյն չափով հպարտ եմ Վիեննական դպրոցին բանասիրական հետազօտութիւններով, առաւելապէս լեզուական երանգներով:

 

- Երկու հատուածներն ալ արժանի են խորունկ յարգանքի: Այս ընդհանուր նշմարին մէջ կը կարծեմ, թէ անտեղի է թերութիւններուն կշիռին վրայ ծանրանալ, քանի որ paragraphe-ին տարողութիւնը պարկեշտ է մտքիս մէջ եւ մենք պարտաւոր ենք աչքի առջեւ ունենալ պայմանները, որոնք հալածական, գերի, ջարդուելու մղձաւանջով ակաղձուն մեր ժողովուրդինը եղան: Ի վերջոյ, մշակոյթը ազատութեան արտայայտութիւնն է՝ շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ [67] եւ ազատութեան պակասէն [68] այսօր ի՛նչ չէ այցելած մեր ժողովուրդին:

 

 


 



[1]          ՀԱՆԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ամբողջացուցած եմ՝ ՀԱՆԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՆՀԱՆԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

[2]          Բառը աւելցուցած եմ ենթախորագիրին՝ իմաստի թելադրանքով

[3]          վերջակէտ, սրբագրուած՝ ստորակէտ

[4]          աչքէն, սրբագրուած՝ ալքէն

[5]          Ենթախորագիրը վերախմբագրած եմ իմաստի թելադրանքով:

[6]          Տաճկական, սրբագրուած՝ Տաճկահայ

[7]          գոյութիւնը խնդրական է --  ?

[8]          յաւելում բառի՝ տիրող

[9]          երեւումին միջեւ, սրբագրուած՝ երեւումը մինչեւ

[10]        ենթախորագիրը՝ ամբողջացուցած եմ. իր երկրորդ կէսը կը բխի սկիզբի ծրագիրէն եւ բովանդակութենէն:

[11]        ենթախորագիրը վերածած եմ խորագիրի, ի խնդիր տրամաբանական կառոյցի:

            Հոս եւս որոշ ենթա-ենթախորագիրներու առջեւի   թուարկումը զեղչած եմ, տրամաբանական պարզացման մտահոգութեամբ:

[12]        քաղքենիի, սրբագրուած՝ քաղքենի

[13]        տարաբնակութիւն, սրբագրուած՝ տարաբնականութիւն

[14]        Հարցանիշներու սրբագրում. - Ո՞ւր է հայ ժողովուրդը ի վերջոյ Դուրեանի «Լճակ»ի՞ն մէջ, Մեծարենցի «Ցայգերգ»ի՞ն մէջ. Սունդուկեանցի «ՊԷպօ»ի՞ն, Պռօշեանցի «Սօս եւ Վարդիթեր»ի՞ն մէջ,... սրբագրուած՝ Ո՞ւր է Հայ ժողովուրդը ի վերջոյ Դուրեանի «Լճակ»ին մէջ, Մեծարենցի «Ցայգերգ»ին մէջ. Սունդուկեանցի «Պէպօ»ին, Պռօշեանցի «Սօս եւ Վարդիթեր»ին մէջ

[15]        ջնջ. բառ՝ ո՞ւր

[16]        գործերը, սրբագրուած՝ գործեր - եւ յաւելում՝ ստորակէտի

[17]        աշխարհի, սրբագրուած՝ աշխարհ

[18]        Արեւելահայ, սրբագրուած՝ Արեւմտահայ

[19]        Սփիւռքի ........  մը մէջ -- ?

[20]        ճանչնալ  ու, սրբագրուած՝ ճանչնալու

[21]        Չշփոթել ....... առջեւ  -- ?

[22]        տասը հազարի  -- ?

[23]        Ուշագրաւ է այն, սրբագրուած՝ Ուշագրաւ է, որ այն

[24]        բարբառը, սրբագրուած՝ գրաբարը

[25]        ջնջ. որ

[26]        գեղեցիկ հարստութեան  --  ?

[27]        ո՞վ, սրբագրուած՝ ով

[28]        «Վէրք Հայաստանի», սրբագրուած՝ «Վէրք Հայաստանի»ի

[29]        Չարենցի .... նախադասութիւնները  --  ?

[30]        յաւելում՝ ստորակէտի

[31]        որ ......... ժողովուրդին  -- ?

[32]        յունական, սրբագրուած՝ յունաբան

[33]        թուրքերը, սրբագրուած՝ թուրքերէնը

[34]        Ծնթ. - պոլշեւիկ

[35]        մին  .... կը ծառայէ --  ?

[36]        ստորակէտ, սրբագրուած՝ միջակէտ

[37]        յաւելում՝ բութի

[38]        էր, սրբագրուած՝ է

[39]        ոգիի  .......  հարցը --  ?

[40]        ազգային, ապազգային, ընդհանուր, մասնաւոր, սրբագրուած՝ ազգային-ապազգային, ընդհանուր-մասնաւոր

[41]        կ՛ընդունին մասնակի կողմը --  ?

[42]        կնիքին, սրբագրուած՝ կնիքէն

[43]        յաւելում ստորակէտի

[44]        յաւելում բութի

[45]        Նախապաշարումներու, սրբագրուած՝ Նախապայմաններու

[46]        Loi de conscienceը --ք ?

[47]        համալսարանագէտ, սրբագրուած՝ համալսարանական

[48]        ունեցաւ, սրբագրուած՝ ունեցան

[49]        շատ քիչ  ...... լախտ մը -- ?

[50]        թերեւս  .... վրիպանքին  --  ?

[51]        արեւմտահայութեան, սրբագրուած՝ արեւելահայութեան

[52]        անապահովութիւնը, սրբագրուած՝ ապահովութիւնը

[53]        հարստութենէն, սրբագրուած՝ հարստութեան

[54]        ԺԵ. -ԺԸ-ի, սրբագրուած՝ ԺԵ-ԺԸ դարերու

[55]        կատարեցին, սրբագրուած՝ կայացուցին

[56]        շահեկանութիւնը  ..... ձգտումէ աղքատ  -- ?

[57]        Այս ......... չունի --  ?

[58]        յաւելում գոցուող փակագիծի

[59]        ջնջ. գոցուող փակագիծ

[60]        դաստիարակութիւնը, սրբագրուած՝ դաստիարակութիւն

[61]        ջնջ. ստորակէտ

[62]        Ինչ, սրբագրուած՝ Ի՜նչ

[63]        Ծնթ. Յ. Օշականի. - Արուեստի ամէն գործ դաստիարակիչ է նոյն ատեն: Գեղեցկութիւն եւ բարք քով քովի են միշտ: Կը յիշեմ, թէ ինչ կարողութեամբ պաշտպանեց այս ամէնը մեծն Թոլսթոն, որ բոլոր դարերու գլուխ–գործոցները խարոյկ նետեց՝ պահանջելով արուեստագէտէն [ արուեստագէտին ] զուտ բարոյացուցիչ ստեղծում («Ի՞նչ է արուեստը»): Չեմ մոռնար, որ այդ գործը գրուած ատեն Թոլսթոն իր գործին անմահ մասը տուած էր արդէն:

            Օգտապաշտութիւնը դարձեալ մեծ հրամայական մըն է արեւմտահայ հատուածին համար ալ. տարբերութեամբ մը սակայն: Եթէ Սահմանադրական մեր մեծ սերունդը ինքզինքը ամբողջութեամբ կը տրամադրէ մեր ժողովուրդի լուսաւորման եւ հետեւաբար կը հպատակի օգտապաշտ հանգանակներու, բայց չի մոռնար խանդաղատիլ, գուրգուրալ, փառաւորել Պէշիկթաշլեանն ու Դուրեանը, որոնց գործին յաջողակ մասը շատ հեռու է այդ օգտապաշտ հանգանակէն: Յետոյ՝ փոքր այդ շրջանը կը ծալուի ինքն իր վրայ, իր տեղը տալու համար իսկապէս արուեստագէտ շրջանին: Արդարեւ, 1870–1910ին մեր արուեստագէտները ամէն բանէ առաջ կը գործէին գեղեցկութեան կենդանակերպին տակ: Անոնց մէջ հզօր կերպով կենդանի է անխառն, մեծ արուեստի ըմբռնումը: Ի՜նչ արագութեամբ եւ ի՛նչ դիւրութեամբ եղկելի թուրքերէնով խեղուած [ խեղդուած ] բարբառէն 10–20 տարուան մէջ անոնք կը հանեն սքանչելի գործիքը արեւմտահայ աշխարհաբարին: Միայն այդ լեզուն իսկ փաստ է այն խոր ու մեծ կարելիութեան, որ մեր արուեստին փաստերը տուաւ 15 դար առաջ: Եզնիկի լեզուն ու Չրաքեանի լեզուն նոյն ակերէն կը բխին: Արուեստագէտ զգայնութիւնն է այդ ակը: Արեւելահայերուն մէջ անոր նուազումը, չըսելու համար պակասը, արեւմտահայոց մէջ գերազանցութիւնը, չըսելու համար գերաճումը, կարծես թէ ի վերջոյ իրար կը հակակշռեն: Քանի մը դար ետքը համադրող ձեռք մը պիտի չնեղուի այս հակամարտ երեւոյթներէն, ինչպէս այսօր մենք չենք նեղուիր Ե. դարու թարգմանիչներուն եւ Զ. դարու ստեղծիչներուն լեզուական անհանգիտութիւններէն:

[64]        անունները, սրբագրուած՝ գոյութիւնը

[65]        գրական  -- ?

[66]        ու, սրբագրուած՝  . -  (կէտ-գծիկ)

[67]        յաւելում՝ ստորակէտ

[68]        պակասին, սրբագրուած՝ պակասէն