Սահակ Պարգեւեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Սահակ Պարգեւեան, արեւմտահայ մեծ արձակագիրը ամէնէն ցայտուն եւ յաճախ գործածուած տիտղոս մը անոր սրտնեղ, քիչ մը աւելի հեւուն, քան իր սովորականը, մտաւ իր աշխատանոցը: Այս մուտքին մէջ, բացի վիրաւոր, նկուն փախուստէն, զոր մեր հոգին կ՚ընէ երբեմն մեր մարմինէն, զգալի էր տեսակ մը դիւրագրգռութիւն, խուլ, գիտակցութեան չհասնող անձուկէ մը առաջացած: Պարտուած մարդո՛ւ ճարտարանք, որ տկարներու վրայ «երեւալէն» կը փորձէ ինքզինքը սփոփել: Իր տունէն շփացուած ամէն մարդու նման, քէն, հրեց պինդ դուռը ետեւէն՝ վստահ ըլլալով, որ մետաղին ճիչը պիտի ընէր իր ճամբան դէպի միւս սենեակը: Եկո՞ղ: Մէկը ուշքի կանչելո՞ւ ճիգ: Ոչ ոք անշուշտ: Բայց այդ աղմուկը դիւր էր իրեն, շատ պատճառներով:

Պարթեւ հասակով, յիսունէն քիչ վեր:

Այդ տարիքին իսկ, անիկա գրեթե ամբողջութեամբ, կը սահէր, մեծ իր կորանքներուն մէջ, հետքերը խռովքով ու խռովիչ երիտասարդութեան մը, որ կը յապաղէր մեկնիլ անոր դիմագիծներէն, խորապէս նենգ, ճկուն, ազատ ու գիշախանձ, ըլլալով այս ամէնը: Անկարելի բնականութեամբ մը, եթէ ոչ նոյն րոպէին, գոնէ այնքան արագ, որ մարդ կը զարմանար տուրքերու սա առատութեան ու կը հրաժարէր դատելէ, ինչպէս դատապարտելէ անոր անկումներն ու տաղանդին հեռարձակ խոյանքները, ստորնութիւններն ու հերոսատիպ զոհաբերումները, գրագէտի դիւրութեամբ ի սպաս է դրուած անոր անասելի ախորժակներուն եւ… իր ժողովուրդի անորակելի դատին:

Սահակ Պարգեւեան, ականաւոր դէմքերէն մէկը մեր Արուեստագէտ սերունդին, որ մեր Իրապաշտներէն վերջը յայտնաբերեց ինքզինքը արեւմտեան մեծ ոստաններուն մէջ, 96ի ջարդերէն յետոյ, մազապուր հոն ապաստանած երիտասարդութենէն ստեղծելով անմոռանալի ու շքեղ անուններ: Սահակ Պարգեւեան, նման ամէն հայ գրագէտի, սկսած էր իր ասպարէզը յեղափոխութեամբ, իր «պողպատեայ» արձակը տրամադրած անոր սպասին ու… կամքի, կորովի, խելքի, ուխտի անհրաժեշտ մթերքէն ընկճուած, զառածեր էր դէպի տափաստանները հեղգ ու տխուր կենցաղին, տալով տխրագոյն փաստեր մեր հոգեկան անկումէն այնպիսի՛ պահերու, երբ մեր ուժերը անբաւական էին մեր իւրաքանչիւրին իսկ նորոգումին, ուր մնաց հաւաքական ազատագրումին: Քաղաքական միտքի սա հասունութիւնը, որ տարագրումին նուէրն է մեզի, 30-40 տարի առաջ անըմբռնելի հերոսութեամբ էր փոխարինուած: Ու ամէն երիտասարդ հերոս է անպատճառ: Ու ամէն սկիզբ ապացոյց է բանի մը: Գուցէ եւ այդ գլխիվայր սուզումը անծանօթ ջուրերուն մէջ կը բացատրուի, երբ դիակը փռուի ծովափին: Բայց վճռականութեան այս թափը, անխորհուրդ սա կրակը Պարգեւեանի նման տիպարներուն մէջ կը ցցեն մարդը, բնազդի, ջղային մղումի սքանչելի արտադրիչ, որ պիտի թարթափի իր տղմուտին մէջ ու այդ խարխափանքէն յետոյ պիտի հետեւի, լայն պողոտայով, իր տուրքերու հեղեղին: Եւրոպան կը զարգացնէ անոր սուր կողմերը: Պոլսոյ մէջ անիկա հաստափոր խմբագիր մը պիտի դառնար: Փարիզ՝ փայլի, կիրքի, խանդի ու մեզայատուկ պոհեմի փառաւոր նմոյշ մը եղաւ: Ու, ենթարկուած այն հսկայ հրախաղացքին, որ իր յորձապտոյտին մէջ առաւ իր ժողովուրդին զաւակները, անոնց հեռանկեալ, անքոյթ խորշերէն անգամ, անիկա մէկը եղաւ անոնցմէ, որ Ջարդերէն ետքը անակնկալ բախտը ունեցան լաստի մը կառչելու ու ցամաք ինկան:

Մարդու մը կեանքը տող մը բան է յաճախ: Բայց հազարաւո՜ր կէտերէ, որոնցմէ կազմուած է տողը: Անշուշտ: Գիրքերը քիչ պիտի գային այդ խաղին իրագործումին: Կը փորձենք սակայն: Ու կը դպինք ծրարին, որ կեանքն է Սահակ Պարգեւեանին: Ու չընելու համար ամէնուն պէս, կը դառնանք վերջէն դէպի առաջ:

Քառորդ դար յետոյ, այդ հերոսական օրերէն, սա գարնանավերջ կէսօրով, անիկա, հալածական երէի մը նման, եկաւ ինքզինքը թաղելու իր տնակին խորը, Գահիրէի արուարձաններէն մէկուն մէջ: Քիչ դառնութեամբ չէր, որ համակերպած էր սա մեկուսացումին բժիշկները անոր կուրծքին մէջ խոնաւ բաներ կարծած էին լսել հիմա, յիսունէն ետքը, ու արեւ «ժողվել», ինչպէս կը բացատրէր Հելուանի սա առանձնութիւնը: Անշուշտ մեծ է բաժինը տարիքին այս նահանջին մէջ: Ի՜նք՝ որ դրամով կամ պարտքէ խղդւած, եղեր էր ամէն տեղ առաջին գիծին, ապրելու տեղ ինքզինքը դրեր բոյծի ու ցոյցի, ու, եւրոպական մեծ ոստաններու մէջ, աչքով կշտանալու սրբազան խենթութիւն էր պաշտպաներ, մոռնալու համար պարապ իր փորին նուաստութիւնը, մշտապէս ուրիշին «արեւելուած»:

Ոչ միայն հացիւ կեցցէ մարդ: Սրբազան բնաբան մը, զոր կը տարածէր, կ՚ընդլայնէր մեր ժողովուրդին ամբողջութեանը միջեւ, եւ «բանաւոր հաց»ին փառաբանութիւնը ընելու համար տկար կը գտնէր մեր լեզուին բառերը:

Անշո՜ւշտ: Անիկա կը դիմանար անօթութեան, ինչ որ դժուար գիտութիւն մըն է, իր օրէնքներով եւ, մա՛նաւանդ՝ «գործնական իմաստասիրութեամբը»: Անով էր, որ սորվեցաւ անիկա, քսանըհինգ տարի, չաշխատած ապրելու իսկապէս հոգեսուրբեան իմաստութիւնը ու ապրելու՝ առաջին գիծին, բացառիկ տաղանդ, երբ նկատի առնենք մեր հարկադրած պայմանները մեր գրողներուն ու «ազգային վաստակաւորներուն»:

Անաստուա՜ծ ժողովուրդ..., մրմռաց անիկա, հաստ երկզակներուն մէջ կոտրտելով գիշերը:

Ձեռնունայն կը դառնար «շրջագայութենէ» մը, ինչպէս կը հեգնէր ինք դարձուդարձը, Գահիրէի բազմամբոխ շուկաներէն, գաղտնի ոստիկանի մը վայել խնամքով ուսումնասիրած՝ մեծ վաճառատուները հայ առեւտրականներու, նոյնիսկ համեստ կրպակները հայ արհեստաւորներու, որոնք «ցեղին առաքինութեանց տապանակը կը կրէին յամառ ու անմռունջ», ու փաստ, «կենդանի օրինակ» կը ծառայէին գրագէտէն բանաձեւուած աֆորիզմ ներուն ճշդութեան, գնելով անոր ներկայացուցած մատեանները, միշտ առանց հասկնալու, բայց գնելով: Խանութէ խանո՜ւթ: Գիրքերով յղի պայուսակին աննահանջ բեռը պտըտցնելով յոգնած ատելութեամբ մը: Այս դարձդարձում ը (հնարած էր բառը tournéeին իմաստը տալու փափաքով) մէկ-երկու տարիէ ի վեր: Իրմէն աւելի ձանձրացուցած ըլլալու էր իր ազգակիցները, որոնք «յաւիտենական անասուններ», անկարող գնահատելու անոր մեծ տաղանդը, ա՛լ առջի դիւրութեամբ չէին գներ Սահակ Պարգեւեանի « Նեղոսեան տարեցոյցներ »ը, լեցուն՝ այնքան գեղեցիկ, շինիչ յօդուածներով, գիտելիքներով, նկարներով ու վճարուած… դիմաստուերներով, վաճառական կամ պաշտօնեայ դասակարգէն, դրամին լուծոյթովը գոյնի բարձրացած: Տարեցոյց զետեղելու այս ինքնատիպ կերպը, մէկ-երկու տարի գործադրուած իւրայատուկ վայելչութեամբ (Սահակ Պարգեւեան փառաւոր կառքի մը մէջ բազմած, դէմն ունենալով գրաշարը ու կազմարարը, որոնք «ձիւթի պէս կը փակին», ոտքին՝ կապոցը գիրքերուն, տէրտէրի մը խղճմտութեամբը կը խուզարկէր շուկան, կը կենար, տարուէ տարի, ամէն խանութի առջեւ, նկատի չունենալով արհեստին աստիճանը ու կը մատուցանէր հայերէն խօսիլ իսկ չունեցող մարդոց՝ թանկագին իր գիրքը, մեծ վաճառականներէն կը գանձէր գիրքին արժէքին հետ կառքին ալ վարձքը, դուրս ելած ատենը հայհոյելով լիաշուրթն այդ էշերուն, փարիսեցիներուն, գեղացիներուն, պաստըրմաճիներուն, հաշիշճիներուն, ոսկերիչներուն եօթը պորտին, քանի որ քիթպոչով ընդուներ էին իր առաքելութիւնը, Բանին քարոզ իր նահատակ սալանկումը ). հետզհետէ հինցած, ա՛լ դադրեր էր խօսելէ, ինչպէս արգասաբեր ըլլալէ: Բայց անօթութիւնը փառքի, ինչպէս փորի՝ աննուաճ մեր ցաւերէն կը մնայ: Ուզենք-չուզենք պիտի ճակատինք անոր դէմ:

Այս տխրութեան հետ անիկա տուն կը բերէր աւելի խորունկ ուրիշ դառնութիւն մը: Ըսէ, թէ կը դառնար ձեռնունայն: Բայց չըսի, թէ այս դարձը բացառիկ անգթութեամբ մը կը վիրաւորէր զինքը սա վայրկեանին: Անիկա աչքին բերաւ կրկին կերպասեղէնի մեծ վաճառատունը, ուր, ամէն տարի, չորս-հինգ գիրք, տոկոսաւոր բաժնեթուղթի նման, կը «զետեղուէին» փաթրոն ին, որ կը հայհոյէր անոր պեխերուն, բայց կը վճարէր իշխանական ձեռքով, արկղակալին՝ որ ճիզվիթներու գոլէճէն շրջանաւարտ՝ կ՚ատէր մայրենի լեզուն, բայց գրագէտէն վախուն (շատ էին ատոր պատճառները. առաջինը՝ օր. Սոնա Գոհարեանի հասցէին սիրային նամակ մը, զոր գրագէտը տողին շիլինով քաւել էր տուած անճարակ եօզղատցիին) ստիպուած էր զոյգով գնելու, կանուխէն բաժանո՜րդ: Նոյնիսկ կեսարացի վաճառականները, հայեվարէն անմասն ըլլալնուն հակառակ՝ չէին կրնար ազատիլ այդ ձիւթէն ու պարտաւոր էին տուն տանելու երկունքը մեծատաղանդ գրագէտին: Չէ՞ որ հայ էին: Ունէի՜ն զաւակներ: Ատիկա բաւ էր, քաջալերելու համար հայ մանկտին՝ իր ցեղը սիրելու, անոր արժէքները գնահատելու սրբազան մարզանքին մէջ. «անդստին ի տղայ տիոց», ինչպէս կը բարբառէր դաշն, հրապուրիչ իր ձայնով, դպրոցի գրաբարէն միտքը մնացած այդ նախադասութիւնը քշելով ու քշելով: Ու գովելով «քաջակորով» արհեստաւորները, տէրտէրէ մը աւելի սիրտբուխ ու մեծվայելուչ:

Մերժեր էին: Նոր չէր ատիկա:

Բայց մերժեր էին ամբարիշտ, նուաստացուցիչ առարկութեամբ մը, որուն դէմ անոր բոլոր սատանաները համագունդ գրոհի էին մտեր, բանալով բերնին փողրակները ու հրելով դուրս քառորդ ժամ մը լուտանք արեւելահայերուն, առաջնորդին, վաճառականներուն հասցէին: Վաճառատունը մեղքն էր գործած վճարելու դեռ նոր, իր մուտքէն քիչ առաջ, գինը օթեակի մը: Եգիպտոս, Պարոնեան մը պիտի յաջողէր նոր երեսներ գտնել տոմսակ մերժելու մասնագիտութեան մէջ, որ մա՛նաւանդ վաճառականներու կիներուն մտածէ հիմա, երբ անողոք խստութեամբ մը չեն բաւականանար մեծապատիւ մուրացկաններուն քիթին գոցելու իրենց դուռները ու «մահազդներն» անգամ չեն ընդունիր ցրուիչէն, անոնց ծալքին տակ որեւէ տոմսա՜կ կասկածելով: «Կերպասեղինաց» մեծ վաճառատունը իրաւունք չունէ՜ր օթեակով մասնակցելու «նոր» այդ ներկայացումին, քանի որ մօտաւոր անցեալին մէջ թիկնաթոռ միայն վարձեր էր Սահակ Պարգեւեանի հեղինակութեամբ, անցեալ տարի, յաջողաբար բեմադրուած մէկ ողբերգութեան: Վաճառատունը մերժեր էր, որովհետեւ քաղաքին առաջնորդ սրբազանը «սքեմաձիգ» իր միջամտութիւնն էր գործադրեր փաթրոնին մօտ, քշելու համար տոմսակը այդ շաբթուն տեղի ունենալիք ուրիշ ներկայացման մը, «ի նպաստ արեւելահայ «անզուգական» թատերագէտ-վիպագիրի մը, որ «գալիս» էր պատմական Արարատին ողջոյնները բաշխելու իր «սիրելի զաւակներուն», յաղթական ու շոյուած, սկսելով Պոլիսէն, Իզմիր, Եգիպտոս, Բագրատունեաց տունէն պայազատի մը փառքով, ու կը հիւրասիրուէր քաղաքին ամէնէն փառաւոր հիւրանոցներէն մէկուն մէջ, ապրելով իշխանազունի վայել ճոխութեամբ, «ազգասիրաբար», «հաճելով», «փղձկելով» այս «մեծարանաց հարկէն», «յղփանալով» (Պարգեւեանի ճառերն են ասոնք, լուտանքին ու յիշոցին հեղեղէն արձակուող) միշտ ազգին սնտուկէն, ամիսներէ ի վեր, որ կը յամենար բաժնուիլ «դրախտէն», սկսելու համար «օտար վայրերու» իր ուսումնասիրութիւնը, զոր մեծադղորդ յայտարարած էր բոլոր հանդիսասեղաններուն, տիկիններէ սարքուած թէյասեղաններուն, դասախօսութիւններուն առիթով: Հարկաւ, «բաւարար թափանցում», «նիւթին ընտելացում» ունենալու համար, ու մերինները՝ ըստ արժանւոյն (ասոնք ալ առաջնորդին ուղերձ-պատասխաններէն կու գան) «ճանչնալու» համար չէին բաւեր ժամն ու դպրոցը, աղքատախնամն ու ազգային խարխուլ առաջնորդարանը ու պէտք էր փնտռել անոնց «ցայտուն գիծերը» կոմuերու, դուքսերու, միլիոնատէրներու յաճախած պանդոկներուն մէջ: Սահակ Պարգեւեան, որ երեսուն տարիէ ի վեր կ՚ատէր կովկասահայերը ու անսպառ էջերու մէջ անսպառ հայհոյանք էր տեղացեր անոնց գլխուն, սա անօրինակ ովսանայումին դիմաց «սահմռկած», մօտ էր ճաթելու: Անշուշտ, բաւական ապրած, տեսած, ու «անցուցած» մարդ էր անիկա, արքայավայել այդ ընդունելութեան նիւթական կողմին միայն կառչելու: Անիկա «կուտ կ՚ուտէր երկինք կ՚ելլէր» ու կը խարանէր «զորս դու պատուիրեցեր» առաջնորդը ու անոր վրայով ամբողջ «փերեզակային», «սուտակասպաս» սա մտայնութիւնը, որ պաշտօնապէս կը նուիրագործէր արեւելահայ գերագահութիւնը մեր ժողովուրդին միտքին ալ վրայ, այն ոգիին, որուն դէմ իր փառաւոր պայքարը չունէր մեղմացում եւ զոր պատասխանատու կը ճանչնար հայութեան գերագոյն Աղէտին…

Ապո՛ւշ, անիրաւ ժողովուրդ:

Բարձրաձա՛յն, առանց անդրադառնալու, որ «կինը» կը լսէր անդիէն:

Արժանի՝ քու աղէտներուդ:

Ոտքի՞: Չէր նստած:

Նոյն ատեն անիկա հանեց լայն իր վերարկուն, թատերական այն ընդարձակ շարժումով, որ նկարագիրն էր անոր խստահալած գոյութեան: Ոճ թէ քարոզ, պատմուածք թէ պարսաւ, անօթութիւն թէ կին, յեղափոխութիւն թէ «ուռնակութիւն», ամէն կարգի իր պարտքերուն մէջ, անիկա կը քառակուսէր ամէն բան, ու կ՚ընէր ատիկա հաւատաւոր: Այսինքն՝ իր եւ իրականութեան մէջտեղը կը ճարէր, կը յարդարէր մշուշի ոլորտ մը, որպէսզի այդ պղտորութեան մէջ «լայնային», հանգստաւէտ ու պանդոյր, իր սայթաքումները, անտեղի, սուտ, ծիծաղելի խանդավառութիւններ, որ մենաշնորհն է բոլոր ոճի վարպետներուն, խոր, անխառն, ու միմիայն այդ եղող՝ արուեստագէտի անպատասխանատու իր արարքները: «Մշտական ամպ»ը, որով կը ձեւաւորուէին իր անկումները, անիկա վերածեր էր, տարիներու ընթացքին, արհեստական մենագարութեան: Չէր կրնար խօսիլ, գրել, առանց կեղծ ըլլալու: Ու կ՚ընէր ասիկա ահաւոր միամտութեամբ մը, իր խորագոյն փոքրութեանց, «աղտակուր» կործանումներուն մէջ իսկ ինքզինքը ընդունելով ու հարկադրել փորձելով իբր ամէնէն պարկեշտ, հաւատաւոր, անձնուրաց, ուղղադատ գրագէտը իր սերունդին: Դէպի նանրամտութիւն, «թիթեղազօծ շլացք», գրական յաւակնութիւն, անիկա մնաց զգոյշ ու պահեց անզիջող հպարտութիւնը իր արուեստի հանգանակներուն, կենցաղական մարզէ իր կորանքները հակակշռող տեսակ մը փոխ կեցուա՜ծք: Ամէն սրբութեան ու ամէն հաւատքի գործնական անարգու, անիկա զոհեց ամէն բան իր կիրքերուն, բայց պահեց, նախանձախնդիր, հզօր, ֆեթիշ ական պաշտամունքը իր ոճին համար, որ կը մնար ամէնէն կորովի, գամի պէս մխուող գործիքը անոր սերունդին: Ու չեղաւ մտահոգ մտքի պարապէն, որ աստանդական իր ուսանողութեան ու հացի տագնապին «նուէրն» էր անոր փառատենչ խառնուածքին: Ու բաւականացաւ սանկ ու նանկ իր ճարածէն, մարդոցմէ ու թուղթերէ, անհուն դիւրութեամբ իւրացնելով տեսածն ու լսածը, վստահելով իր զարգացումի ո՛չ թէ մտքին, որ յիմար կաթսայ մըն է, ուրիշներուն աղտոտ լաթերը լուալու, այլ՝ իր ջիղերուն, որոնք կեանքին մեծ միսերուն մէջ երկարուած հեռագրաձողերու նման կը մխրճէին ալքերը կիներուն, անոնց մէջ կուտուած զգայնութիւնները մագնիսի կտորի մը նման կ՚առնէին ու կը փոխադրէին անոր ուղեղին: «Աշխարհը ճանչնալու» համար ջիղ էր հարկաւոր: Ու կը բարբառէր, առածովի ու օծուն շնականութեամբ մը ճշմարտութիւնները մարդոց երեսին: Անիկա երկու բառով ամբողջ դրութիւն մը կը սեւեռէր ու ածականի մը մէջ կը խտացնէր մեծ քաղաքակրթութիւններ: Ու կը պոռար «աճպարար փառքը» հրապարակի, իրեն մրցորդ զրագէտներուն: Ու կը խարանէր հմտութիւնը, որ մեզի պէս ժողովուրդի մը համար թափոն ապրանք է, շատ-շատ՝ վանքերու զբաղանք: Ու կ՚ողբար տաղանդները, այսինքն՝ սուտերը, զայն պիտակելով թեզեքանդարութիւն: Բա՛ռ՝ զոր կը գործածէր ծաղրելու համար յաջողած իր ընկերները, ազգին մէջ «կաւէ փառքով» գրագէտներ, քննադատներ, գործիչներ, բոլորն ալ «տաղանդի մանրավաճառներ»: Ու կ՚ողբար իր ալ տաղանդը, որ առակին խոտին նման մանիշակներու փունջի մը պէս կը դատուէր ինկած: Օ՜, իր սրբազան զայրոյթը՝ ինքզինքը զատ, դուրս դնելու իր սերունդէն: Ու կը «խարազանէր» անլուր պերճութեամբ, անկարելի անգթութեամբ բոլոր յաջողածները: Օրե՛ր: Տարինե՜ր:      

Դդում ժողովուրդ...

Որ չէր կրցած սեւը զատել ճերմակէն, տաղանդը՝ քաղաքավարութեան տուիքներէն, ոճը՝ բառակոյտէն..., Պարգեւեանը՝ Հովիւեանէն ոխերիմ հակառակորդ, այս վերջինը, ճարտար, յամառ, «փերեզակ», բայց ճամբան շինող ու «ազգային բանաստեղծ», «հոյակապ վարպետ» տիտղոսները իր շատ մատաղ ու մեծատարած ճակատին վրայ կրելով վայելչութեամբ:

Ուզածին չափ կարող էր անիկա շարունակել այս որակումները, հիմա, յիսունէն ե՛տքը մանաւանդ, երբ ուղեղէն ու սիրտէն հաւասարապէս վիրաւոր, վռնտուած այն ժողովուրդէն, որուն համար «վազցուցեր էր» իր միտքին արիւնը, ու «մամուլուած» բարդ զգացում մը, որ վեց-եօթը տարի զինք պահեց երիտասարդութեան կրկներեւոյթի մը մէջ, փախեր էր խեղճուկ սա տունը, մինչ անդին անզուգական թատերագիրը Գահիրէի ամէնէն շքեղ պանդոկին պատշգամը թառած՝ աղուէսի մանր գիշակեր աչքերով դքսուհիները լըզէ՜ր:

Անոր ձայնը, հակառակ պարսաւի ուժգնութեան, չդարձաւ հանդարտ, տպաւորիչ իր լայնքին, որով կը դիտէր բեմէն կամ օրագիրին սիւնակներէն, երբ բարձրանար իր ատելութեանց ճնշումին ու բանար աղբիւրը իր բառերուն, պերճ, առատ, փաղփուն, սո՜ւտ, բայց «տպաւորիչ»: Անոր աչքէն չէր հեռանար արեւելահայ թատերագիր–վիպասանը, կոշտ ու մեծափոր, աջին հակած մարմնակոյտին խորտուբորտ կեղծիքովը:

Անցուց անիկա թաշկինակը խոնաւցած ճակտին: Կտաւը կը փակէր:

Արուարձանին օդը, սա կէսօրէ վերջին, մեղմ, հաճելի, «ոսկեդրուագ» իր ջերմութեամբը, անշուշտ հեռու էր ստեղծելէ սա կծու քրտինքը, որ տարիներէ ի վեր, նոյնիսկ մասով՝ ձմեռներուն, մշտական ընկերն էր անոր մարմինին: Ինչո՞ւ կը մտածենք մեր ամէնէն չնչին բաներուն, երբ նեղուած զգանք մեզ: Ցաւի փշուրն իսկ արժէք կը ստանայ այդ րոպէներուն: Մեզմէ փախչելու ճարտար, վարագուրուած հնա՞րք մը՝ մեր բեկորներուն վրայ սա յարձակումը: Ո՜վ գիտէ: Սահակ Պարգեւեան չկրցաւ ազատել ինքզինքը ցաւին ասեղէն: Տարիներէ ի վեր կը բանէր այդ ասեղը իր հիւսուածքներուն, ինչպէս ոսկորներուն ճամբաներէն, բայց կը բանէր մեղմ, փրթուճ, այցելու եւ կը նահանջէր, երբ անոր հոգին խոր վրդովումներով տապլտկէր: Բայց հիմա՞: Ցաւը ուղեղին մէջ, ափի մը պէս մատնեւոր, շառաւիղուած, դառն ու իրաւ, հետզհետէ հաստատ, կ՚ամրանար, կը տեղաւորուէր, աւելի խոր, դանդաղ, բայց յառաջատու թափանցումով: Տառապա՞նքը: Այնքան վա՜րժ՝ ատոր բոլոր երանգներուն: Այնքան հա՜շտ՝ անոր բոլոր մուրճերուն: Բայց՝ իմացական մարզէ, ինչպէս կ՚ընդունէր սանկ ու նանկ ցաւիկները իր անդամներէն, ուսերէն, բումբերէն ու թեւերէն, իբր արձագանգներ հոգիէն փրթած այդ հսկայ ցաւին, որ իր վրիպանքն էր: Ինքզինքը նախանձէ, փոքրոգութենէ վեր կարծելու, ընելու հերոսական իր մարտնչո՜ւմը:

Մտիկ ըրաւ շունչը. իրեն այնպէս եկաւ, որ կարճ կը մտնէր, բայց կրկինը ժամանակ կը դնէր դուրս ելլելու համար: Խռչակին տրամագիծը նեղցե՞ր էր: Երազկոտ, ցաւէն փախչելու ճիգով, անիկա եղաւ բեմական իր յաղթանակներէն մէկուն մէջ, երբ սա կծկուող խռչակէն պերճանքի, իմաստի, յուզումի «ամազոն» մը հոսեցուցեր էք, ամբոխը հեղեղելով: Բայց չկրցաւ դիմանալ մտապատկերին վրայ: Վասնզի, տեսակ մը խուլ, հեռաւոր աղմուկ ալ զգաց, որ կ՚եփէր խորերը անոր շնչափողին: Չէ՞ր զգացած ատիկա երբեք, թէ նոր երեւոյթ էր, որ կ՚իյնար իր ուշադրութեան վրայ: Բայց ինչո՞ւ կը զբաղէր:

Մարդ իր ժխտական պահերը կը շինէ իր ուղեղովը: Անոնք, որ այս դերը կը վերապահեն բախտին, գուցէ զուտ ու շատ գիտուններ են, բայց քիչ հոգեբան: Վասնզի լռին, այդ չարքաշ գեղձը դժբախտ վերջապահ մըն է, բանակին քայքայումէն յետոյ տակաւին դիմադրել փորձող: Հաստ, տագնապած, նեղ ու առատ, լաւ ու վատ իր օրերուն մէջ, Սահակ Պարգեւեան իր մտքէն չէր անցուցած զբաղիլ իր մարմինով: Անոր վիշտերը արդիւնք էին անոր ուղեղին, որ հաւատարիմ է, բայց նման՝ արձագանգին: Մինչեւ ծերութիւն, ինչ որ կ՚առնենք դուրսէն, նոյնն է ներսէն առնուածին հետ: Բայց որոշ տարիք մը մինչեւ, դուրսէն առնուածը յաճախ կը յաջողինք ճզմել, չէզոքացնել ներսէն բխուածով: Երիտասարդութիւնը, հոգեկան պարունակի, ուրիշ բան չէ: Ծերութի՞ւնը: Աւա՜ղ, այո՜: Անիկա խախտումն է չկասկածուած այս օրէնքին: Հաւասարակշռութեան հա՞րց, ինչ որ երջանկութիւն կ՚որակենք: Ո՜վ գիտէ: Ու դուք հանդիպած էք ծերերու, որոնց մարմինը դեռ չէ անցած երեսունէն: Բարոյակա՛ն méta bolique:

Ծե՜ր, արեւմտահայ մեծ արուեստագէտը:

Բայց թող մէկը բանար ոսկորին կափարիչը անոր ուղեղէն ու կարդալ գիտնար: Գորշերանգ, փոթաւոր սկաւառակին վրայ, որ անոր իմացականութիւնը կը շինէր: Ու տեսնէ՜ր այդ մէկը՝ յուզումի, յիմարցնող խռովքի, անբուժելի ծարաւի այն հսկայ բաբախումը, որ կը ստեղծուէր հոն, աղջկան մը պատկերէն:

Ծե՞ր:

Անբովանդակ ու ապուշ վերադիր՝ ով գիտէ ո՜ր նախանձորդ թշնամիէ մը հնարուած, տիտղոսելու համար անոր գրականութեան երկրորդ, վերջին գօտին, ուր լրագրի փոքր, թռուցիկ յօդուածներ ու արուեստէն օտար, տրտմահիւս ներբողներ տիրական նոթը կու տային: Անիկա մտքէն չանցընէր պիտի այդ դժբախտութիւնը ու «ազգային քննադատ»էն տարազուած այդ վերագրումը պիտի հերքէր գրելով իր ապագայ մեծ խաղը կը հերքէր արդէն խռով, պղտոր, յաճախ ուռած, երբեմն խոր իր նշմարներովը. ուր, իր լիութեանը մէջ կանգնած՝ կը յաղթանակէր անոր խառնուածքը. ա՛ն՝ որ անոր անձն ու ոճն էր շիներ. ու ան մի՛ւսը՝ մարմնակոյտին լիութենէն հետեւցուող, հացկատակօրէն ճարուած իր փորին բոլոր պատկառանքովը:

Անիկա յիմար չէր տակաւին:

Բաժնեց ճակտէն թաշկինակը: «Ազնիւ կտաւը» (անոր «կինը», էրկանը տունէն վերցուած՝ մետաքս շապիկներու բեկորներովը կը պատրաստէր, աղքատութեան սա օրերուն, Սահակ Պարգեւեանի հռետորական զինանշաններէն մէկը նկատուող տրտմանուշ գոյնով եռանկիւն ձեւերը, բաճկոնին վերի, ձախ գրպանիկէն) թա՛ց՝ խատուտիկ, թուղթին թէ կտաւին վրայ, միշտ իր քրտի՜նքը: Մեծատաղանդ իր քրտի՛նքը՝ որ շոգի պիտի դառնար սա չհասկցող ժողովուրդին ի սպաս իր սպառումին ընթացքին: Մենք փոքր բաները կը դիտենք մեծերու խուժումին դէմ պահպանակ ճարելու հոգով: Իր փառքին սա ուրացումէն զատ, Սահակ Պարգեւեան կը տառապէր շատ բացառիկ «մաղմաղ» ցաւով մըն ալ: Առնուազն չորս տարի, անիկա հաշտուեր էր անոր պատճառին ու անկէ ազատելու իր հնարքը որքան ալ անիկա կ՚երթար նեղոսեան նաւերը ու հոն սարքուած շուայտութիւններով կը կարծէր «ժանեզրկել» անասունը իր մէջէն կը թեթեւցնէր պրկումը իր ջիղերուն: Բա՛յց: Ու եկած էր օրը, ուր ստիպուած էր ընդունիլ անխուսափելին: Մի աճապարէք: Գիտնաք պիտի: Սահակ Պարգեւեան տիրակալուած էր «հոգեխոյս» ա՛յն տրտմութեամբ, որ մանր-մանր կը շամանդաղուի մեր կամքի ճամբաներուն, կ՚ուտէ մեր ջիղերուն արարչահիւթը, կը խղդէ մեր միտքին լոյսը լեղի քարտինքի մէջ, մեզ ընելով լպրծուն խլեակ մը իրողութեանց ծովուն վրայ, ամէն մէկ ալիքի պարտաւոր կռնակ ծռելու:

Բա՛ց, երկինքը:

Որ չէր կրնար աւրուիլ, հակառակ ամպերու ճիգին:

Անոր մտքին մէջ փորագրուեցաւ կրկին Պօտլերի մէկ հնչեակը, գիրքին էջովն ու արցունքէն աղուած տողերովը: Գիտէր գոց: Բայց կը յիշէր միշտ էջով միասին: Կը սիրէր զայն շքեղ իր տրտմութեանը համար: Բայց որուն խոր, մարդկեղէն յուսահատութիւնը հասկնալէ աւելի ընդզգացած էր ասկէ առաջ: Մէկէն կեղեւը ինկաւ անոր հոգիին ալքերէն ու եղաւ անոր ներսը ամայութիւն, բայց անոր հոգին սա բաց, «լուսափաղփ» երկինքին տակ, մեռելակիր կառքերէ ամբոխուած ճամբորդ: Ո՞ւր կը տանէին զինքը: Ջահեր, յուղարկու բազմութիւն. Ճիվանզատէ անզուգական արեւելահայ թատերագիրն ու անոր կապտաչուի, նուրբ աղջիկը, Եղնիկ Ռիթան, իր բարեկամ ու հպարտ բանաստեղծը, Տիրան Տիրանեան նոր ժամանած Գահիրէ: Մատամ Անգա Մերովնա, իշխան Պօղոս Արծրունի, հնդկահայ միլիոնատերը, Արթակի Գասպարեան: Խառնիխուռն: Սփլանտիտ Փալասի տէր եւ տնօրէն Մինաս Մարան ու Սոնա Գամարեան…: Ինչո՞ւ մահուան սա հովը, սա պահուն այդ ամէնուն ալ վրայ: Կան մտքի ձեւազեղծ սա վայրկեանները, երբ արտաքին աշխարհը կը խուժէ մէկ գոյնով պատմուճանուած, ան ալ մեր ներսի արեւէն: Կը տանէին: Բայց ո՞ւր:

Զայրացած, զարկաւ ոտքերը գետին:

Ու անոր մարմինը խարխուլ, մանկաշէն խաղալիքի մը նման հազար խորշերէ հեծկլտանք հանեց: Ուրկէ՞ այս նահանջի, տկարութեան, ծերութեան զգայութիւնները քիչ-քիչ կը թանձրանային իր մէջ: Բայց անիկա «ձեռնունայն դարձին հակառակ», իր կեանքին գերագոյն յաջողութիւններէն մէկուն առջեւն էր կեցած, ինչպէս շնորհաւորած էին զինքը իր ծանօթները, ակնարկելով հաւանական նշանախօսութեան, որուն առաջին ձեւակերպութիւնները տեղի պիտի ունենային այս իրիկուն: Անոր «կնոջը» աղջիկը, Սոնա Գոհարեան պիտի յարմարցուէր հնդկահայ միլիոնատէր իշխան Պօղոս Արծրունիին: Պարզ այս մտապատկերը բաւ էր սակայն զինքը կոտրելու: Կորովաթափ, վայրկեան մը մտածեց անիկա բաժնուիլ պատկերէն, որ աղջիկինն էր: Դժուա՛ր, բայց անհրաժեշտ այդ ճիգը անոր արժեց ուրիշ տխրութիւն: Տեսա՞ւ անիկա ալեւոյթը, որ կը մարմնանար անոր մտքի հորիզոնին, այս անգամ անկախ ու բռնաւոր: Իր մօտ կարելի զիջումով մը անոր հզօրագոյն պահպանակը կեանքին բոլոր ձախորդութեանց դէմ անիկա ինքզինքը հարկադրեց ընդունելու, թէ ժխտական սա ճնշումը անիկա դուրս չէր բերած, խանութէ խանութ, բրտութեամբ, չարսրտութեամբ, երբեմն աւելի վատ՝ կեղծ համակրանքի լոլոզումով ճամբու դրուած գրագէտին հոգեբանութենէն: Թէ այդ տրտմութիւնը՝ այս սենեակին, այս տունին իր բոլոր կեանքինն էր առհասարակ: Անոր աչքը ինկաւ փարքէ ին: Գունատ, քառակուսի, փոքր քարերէն պտղող ու հոգիին բջիջներուն հետ հիւսւող այս թախիծը, այս հաստատ պոզը կը կաթկթէր մա՛նաւանդ ներսէն, իր ներսէն դէպի դուրս, կը շուլլուէր ոտքերն ի վեր պարապ տեղը կը մսէին անոր ոտքին ու ձեռքին մատները   թմրեցնելով դպած մասերը, քալելով որոշ, հաստատ, զոյգ թեւերէն դէպի սիրտը: Ոչ միայն ատ: Այլեւ շոգիի ուրիշ թեւ մը տաք կը զգար անիկա այդ թեւը , որ բարձրացաւ սիրտէն ու գտաւ անոր ուղեղը: Մեր մարմինին խորերը, ցաւին սա այլափոխումը դիտուած է յաճախ, աղէտներու նախօրին: Ժողովրդական նախապաշարումներու աղբիւրը բնախօսական է յաճախ: Սահակ Պարգեւեան հիւանդ չէր եղած, ատոր ատենը չունենալուն, բայց խուլ, անողոք նուաճումին տակն էր երիտասարդական օրերուն ստացուած վեներական ախտի մը, որ Փարիզի մէջ հիւանդանոցի ամիս մը արժեց իրեն: Յետոյ իրերը մտան իրենց լռութեան մէջը, անոր մարմինին ճամբաներէն: Չորս տարի առաջ, այս թուականէն, ունեցաւ գլխու առաջին պտոյտը եւ կորսնցուց աչքը: Այսքան:

Հիւանդութեան, ինչպէս բժշկութեան մասին թերահաւատ մարդ, անիկա կը զարմանար իր վրայ, թէ ինչո՞ւ, անդադար, անզգալի կերպով մատը կ՚երթար գանկին, ձախ ականջին ետեւօք: Ծանրութեան, հանգոյցի նման բան մը կը թուէր անոր՝ դիզուած այդ կէտին, կոտտացող, կծկուն, նեղ: Ու կ՚արձագանգէր այդ զարկը աչքերուն գունտերէն ալ վար, դէպի զառիթափերը քիթին: Նիւթական ու ցաւառիթ, ցաւամերձ այս զգայնութիւնները պահ մը ջնջեցին անոր մտքէն արեւելահայ գրագէտին յաջողութիւնները, բայց տարօրէն կրկնաւորեցին իր վարանոտ վախերը՝ օր. Սոնա Գոհարեանին պատկերէն: Երիտասարդ աղջիկը ու անոր տրտմութիւնը, փարթամ, բայց հեւուն իր մարմինը ակօսող սառն ցաւերը, յոգնութիւնն ու հաւանական նշանախօսութեան մը մօտիկ նկարը ի՞նչ կապ ունէին, իրարու միացած, խարսխուելու համար անոր միտքը բեմին: Նոյն այդ ճնշումը, ուրիշ ուղղութեամբ, գրեթէ հալածեց, չքացուց խոր իր ատելութիւնը առաջնորդին դէմ, որ հակառակ տարիներով զինքը պաշտպանած ըլլալուն եպիսկոպոսին անհասկնալի տկարութիւններէն մէկն էր այս բարեկամութիւնը հանդէպ գրողներու լքեր էր զինքը, «դաւաճաներ», միւսին՝ «ողջունաբաշխ հտպիտին» երեւալէն ասդին ու հարուստներու մօտ իր ազդեցութիւնը կը գործածէր ի նպաստ «անզուգական» թատերագրին: Դիտեց, որ հեւքը կը յամառէր, նստէր թէ քալէր:

Ծերացա՞նք:

Գրեթէ չարտասանեց մտածումը, այնքան հեռու ենթադրելով այնքան մօտ, կարելի, անխուսափելի այդ բանը: Իր վա՞խը: Բայց անիկա փայլակով կը տեսնէր ու կը տեսնէր իր մտածումները: Իր վա՞խը: Կա՞յ աւելի սրտառուչ, քան վախը ծերութեան, որ կը սկսի: Անոր աչքը ուրիշ բան չունենար, եթէ ոչ թարմ ու «փրփoշ» մարմինը երիտասարդ աղջիկին, որ կը սպասուէր վայրկեանէ վայրկեան: Յետոյ, կարմրեցա՞ւ, թէ տաքցաւ: Ամօթը ջե՜րմ ու սառ: Ո՜վ գիտէ: Բան մը խուժեր էր կրկին ձախ ականջէն վեր, կոտտացող կէտին ու տաք էր այդ բանը, կոպերէն ծորող գոլի մը նման, շրթներէն հոտող շունչի մը նման:

Հոգեկան անզօրութիւնը, աւելի ճիշդ՝ այդպէս զգալ մը, ոչ թէ հիմա, այլ, ուսանողութեան իսկ շրջանէն, մշտական վիճակն էր անոր: Այդ զգայութեան արդիւնք էր ըլլալու սա մեծակառոյց, բայց ներսէն ոuին մարմինը, որ ջերմանոցային, կրամերձ, եգիպտական սէզերու նման ուռած էր մինչեւ իսկ ոսկորներէն: Երկար, շատ յաճախադէպ անօթութիւնները երկու կարեւոր բերանների, սեռէն ու փորէն զայն ըրած էին սանձակոտոր կենդանի մը, որ առիթը շահագործելու ատեն կը բարձրանար անդիմամարտ հերոսութեան ու կը սպառէր անկողինի ու սեղանի ընկերուհի–ընկերները: Բայց «սովի տարիներուն», դուք հասկցէք օրերուն, անիկա կրնար քնանալ իր անօթութեամբը կշտացած, մարսելու համար իր թշուառութիւնն ու «զզուանքը» ափրիկեան պոաներուն նման:

Ձեռքը գնաց գրպանին:

Այցաքարտ մը:

Դիտեց: Բանաստեղծին հետ իրիկուան հի՜ւր:

Միհրան Սիսլեան:

Կարդաց:

Տրտում, ժպտեցաւ գիրէն: Հին օրէնքի հաստ այս գի՜րը, տառասխալ ու խորտուբորտ, որ սակայն իր տիրոջը ամսական կը բերէր հարիւր ոսկի: Եղաւ անոր աչքին Սիսլեանին փոթաւոր ճակատը ու արքենի քիթը, որոնք դէմքին տգեղութիւն դիզելով հանդերձ, փառաւոր վկայականներ են կիներու աշխարհին: Սիրտբաց երիտասարդ, անոր գրպանը մշտապէս տրամադրելի էր մեծապատիւ կամ զգաստ մուրացկաններուն: Կեսարացի թէ թոքաթցի (երկու քաղաքներուն ալ պատկանելու խելքն էր ունեցած, յաջողելու համար փաթրոններուն մօտ, որոնք, հին մարդեր, իրենց ծննդաքաղաքներուն առաքինութեանց կը վերագրէին իրենց յաջողութիւնները եւ իրենց ընդարձակ ձեռնարկներուն համար խստապահանջ ընտրութիւն կը գործադրէին պաշտօնեաներու ընդունելութեան ատեն), անիկա հոգին էր ազգային գոյն ունեցող շատ մը գործերու: Այս տաղանդով էր, որ անիկա իրագործել կը ձգտէր, ծխախոտի ճարտարարուեստին տիրական երկու երակներու հաշտութիւնը, իրարու հակառակ փաթրոններու մտայնութիւնը չափագրգիռ պահելով հանգանակային հարցերու շուրջ, պատերարմին հետ մարմին առած: Սիրող իր ազգը, որուն փրկութիւնը կ՚ակնկալէր լրագրէն ու ճառէն, Միհրան Սիսլեան, հակառակ էր զէնքի կուսակցութեան ու այդ գիծով՝ բարեկամ բոլոր անոնց, որոնք կը հարուածէին, հոգ չէ թէ ինչ հաշիւներով, «արիւնի եւ կրակի» ծանօթ մտայնութիւնը, որով տոգորուած եղաւ իր սկիզբէն իսկ մեր յեղափոխութիւնը: Անիկա կը շփացնէր մշտապահանջ գրագէտը, կերպը գտնելով «հոսկէ ու հոնկէ» անոր տրամադրելու ամսական վարձ, անշուշտ խնայելով անոր արժանապատուութեան, «թաքուն», «գրական» տարազի տակ. ու սփոփելով գրագէտին այրած սիրտը, «անլուր ապերախտութեան դէմ», որով վարուած էին անոր աստուածային տաղանդին հետ: Ու շաբաթը հեղ մը–երկուք, պատերազմի տարիներուն կը ջրէր մշտառոյգ մուսան հոլանտական գարեջուրով:

Յիմար են այս մարդիկը:

Անիկա այցաքարտին վրայով մտածեր էր միւսներուն: Գիշերները կը նեղէին զինքը, շատցնելով խոնաւութիւնը կուրծքն ի վար: Ու պարտաւոր էր «բանակ մը մարդ խաղցնել»:

Անօթի արջը խաղա՜յ պիտի..., ըսաւ ինքն իրեն:

Թող գան: Անիկա մտածեց նաեւ ճարտարապետ Մեղրիկեանին, հին ընկեր, որ տասը-տասնըհինգ տարուան մէջ ոչինչէն հասեր էր դիրքի, վաստակելով նախանձելի առատութեամբ, բայց չմոռնալով ծախսելը: Կը պաշտպանէր արուեստագէտները, քանի մը ամիս փորը կշտացնելու պայմանով, խմբագրութիւն ըրած ըլլալուն Պոլսոյ մէջ, անցած Պարգեւեանին նման Եւրոպա, «կծկտած» յիսնամեայ միգերոյ ի մը ծոծրակին, աւարտած վարժարան մը ու թռած Եգիպտոս, իրեն նման: Առաջին երիտասարդութեան իր զզուանքը (անիկա արգոսեան հսկողութեամբ մը պաշարուած եղաւ միգերա կնիկէն, որ սպաննեց անոր սիրտին որդը, ինչպէս կը պատկերէ ժողովուրդը այս կարգի անժամանակ սպառումները, մա՛նաւանդ սեռային մարզէն) անիկա կը փորձէր տեղթափել անհաշիւ ապրումով մը, տրամադրելով իր գրպանը, Սիսլեանին նման, մեծապատիւ մուրացկաններէն իգականներուն: Ամուրիի ու պոհեմի այս ապրելակերպը անիկա կը շէնցնէր Եգիպտոս ինկած բարձրաստիճան դերասանուհի երգչուհիները «գնելով» ու տրամադրելով իր ընկերներուն: «Ինքնատիպ», այսինքն՝ մէկ տախտակէն պակաս, ճարտարապետ Մեղրիկեանը հաւատարիմ էր իր երիտասարդութեան համակրանքներուն ու գիտնալով հանդերձ, որ Սահակ Պարգեւեանը կ՚ուտէր իր հացը, բայց կը հայհոյէր իր արջու վիզին, կը հասնէր անոր նեղութեան օրերուն:

Պիտի գա՞ր: Չէր տեսած զայն պիւրոն:

Գրագէտին տո՞ւնը: Հարկա՜ւ:

Երկաթուղիին մօտիկ, խեղդուկ բան մըն էր անիկա, բայց ընդարձակ պարտէզով, խորհրդաւոր ու «պատմական» թաւուտներով, դատապարտուած փճանալու՝ առանց տանտիրոջ դրամով աշխատող ֆելլահին, որ շաբաթը երեք անգամ կը ջրէր տունկերը, ժամերով յապաղելով պանպուներուն թեւերուն մէջ, լրտեսելով օր. Գոհարեանի սիլուէթը ու կը կատարէր տունին բոլոր սեւ աշխատանքները, ձրի՜: Անիկա շունի մը պէս կը հետեւէր «խաւակա» Սահակին, որ ծուռիկ անոր մարմինին ու ճռպոտ աչքերուն գովքը կ՚ընէր քաղաքի իր ծանօթներուն: Բացի ֆելլահէն, տունը նշանաւոր էր իր դաշնակովը: Ու աւելի խորհրդաւոր՝ անոր վրան նուագող աղջիկովը:

Սահակ Պարգեւեան վարժեցուցած էր «իր կինը» (իզմիրցի, գրագէտին սիրահարուած, լքած ամուսնական փարթամ տունը ու հետեւած անոր, կապելով ասոր թափառական կենցաղին «իր երիտասարդութիւնը» [տիկինը վեր էր երեսունէն այդ հերոսութիւնը կատարած պահուն], զոհելով իր ապագան [ազատած էր սնտուկ մը գոհարեղէն իր երկու էրիկներէն, մէկը օրինաւորապէս մեռած], ու իր վրայէն՝ մայրը, քանի որ իրեն հետ ունէր աղջիկը, այս պատմութեան մէջ լայն տեղ ունեցող օրիորդ Սոնա Գոհարեանը, գեղանի, տարիքին լիալիր փթթումին մէջ, քսանէն վեր ու տարօրէն գրաւիչ) չերեւիլ իրեն, երբ դառնար տուն, սա ժամուն, իր առօրեայ շուկայէն, ուր վաճառականի չափ գործե՜ր կը սպասէին անոր ամէն օր:

Անհուն իր անգթութիւնը, այդ կինը ամէն օր չարչարելու, իր բոլոր ձախորդութեանց քաւութեան նոխազ առնելու, ու շաբաթը հեղ մը երեսին տալու իր դաւաճանութիւնը ամուսնական յարկը լքելու: Անիկա կը լացնէր զայն, քանի յառաջանար տարիքին մէջ, տարտղնող «բլշող» մոյնքին գունաթափումը, հաստցող, «կրճիկցող» միսերուն կծուութիւնը «քնարերգելով» ու կու լար իր կարգին, սրտի այս աստիճան իր չորութեան վրայ, ուրիշ ընելիք չունենալով: Այնպէս որ՝ չորս-հինգ տարիէ ի վեր տիկին Արտեմիս Գոհարեան ամուսնական անո՛ւնը, քանի որ գրագէտին հետ կ՚ապրէր անպսակ կը մնար մունջ, աշխատանոցին կից ննջարանին մէջ, դադրեցնելով իր կարերը, խնայելու համար սինկերին աղմուկը, որմէ բացառաբար կը խրտչէր Պարգեւեանի մուսան, արդէն վեց-եօթը տարի կայ, շատ դժուարահաճ, վերջերս բոլորովին ապերախտ: Այդ կարե՜րը, մխիթարութեան աղբիւր, աղմուկին շահովը՝ քանի որ Պարգեւեան չէր խօսեր Տիկինին հետ, միւս կողմէն՝ քաղքենի վայելք՝ իր աղջիկը, պուպրի՛կը, իսկապէս զարդարելու սեփական ձեռքերով: Ու տեղի կ՚ունենային, երբ գրագէտը մուսաներուն սպասելէն յոգնած, գլուխը առնելով ելլէր դուրս, Սոնան հետը կամ ոչ: Առանձի՛ն, ան պիտի դառնար գիշերը կէսին, մինչեւ պուկը թխմուած երշիկով ու աղանդերով, գարեջուրով եւ քաղցրեղէնով: Անիկա ուտելու արուեստին պատուակալ նախագահն էր, անընկճելի, շփոթուելու չափ արհեստէն որկրամոլներու ցեղին, որոնք գրաւով սեղան կ՚աւլեն: Սարդանաբաղեան այս խնճոյքներուն, ուտելուն չափ նշանաւոր էր իր խօսիլը, ջերմ, ուժգին, ջնարակուած, պղպեղի պէս կծու, մեղրի պէս քաղցր, համաձայն անձին ու հարցին:

Ամիս մը կայ, որ մայր ու աղջիկ, ձեռագործ ալ կը բանէին, կնոջական անվրէպ բնազդով, խնայելու համար մէկ-երկու գոհար, որոնք «փախած» էին գրագէտին հակակշռէն ու կը հասնէին, իրենց աչքին լուսովը, անոր ծխախոտին, կառքին, «գրպանածախս»ին, անբախտ ու թշուառական այդ գրպանին, որ երեսուն տարիէ ի վեր գառագեղեալ կենդանիի մը բերնին նման կը բացուէր դուրսէն նետւելիք մանրուքին ու մեծին:

Գրագէտը, փողոցէն դարձին, հանուէր պիտի առանձին, թեթեւնար՝ փողոցէն, «ժամանակին ու միջոցէն» ու անցնէր բազմոց, աչքերը փակ՝ անդաճելու համար մեծ իր գոյութեան մեծ սա «վրիպումը», ներող ու անկեղծ՝ ինքն իր դէմ: Այս «վրիպանքը» անոր գրականութեան մէջ ընթացիկ տարազ մըն էր, որով «դասաւորեց» տասը տարի առաջ իր սերունդը, տարածելով իր կործանումը ամբողջ իր ընկերներուն, «հերոսական ու յիմար», ինչպէս կը պատկերէր իր հզօր, համադրող ոճը, երբ յեղափոխութեան խանդավառութեան մէջ հասակ առած միամիտ, մեծ սերունդ մը կը ջախջախուէր իր երազին իսկ մեծութենէն ու ցրիւ կու գար եւրոպական մայրաքաղաքները, հոնկէ շարունակելու համար ազատել այս ժողովուրդը:

Խարխուլ այս քանափէ ն, մարդու պէս հեծկլտուն, պիտի ընդունէր անոր բեռը, ճիշդ իր ժողովուրդին նման, ու պիտի լռէր ի վերջոյ: Երազանքէն յետոյ, բանար պիտի աչքերը, նայելու համար ղէմի շալէ ին, որուն պատսպարուած պարտէզին մէջ հիւծախտաւոր կին մը, մահուան գրաւչութեամբ, առտուն հալող կէսօրին շինուող հեքիաթի տեսիլքի մը նման, արեւու հանգիստը կ՚առնէր, հարաւին բացուած հովանոցակէ մը ներս: Դէմէն դիտող մը ոչինչ պիտի հասկնար գեղանի այդ պատկերէն: Բայց վերլուծող ու հոգեբան գրագէտը նոր չէր, որ հանդիպումը կ՚ընէր այս նախամահուան: Ու Հելւանը եւրոպացիներու համար ընդարձակ սանաթորիում ի մը իմաստը ունէր: Ձմեռնամուտքին, այս ընտանիքը՝ հիւսիսային երկիրներէ, վարձեր էր պարապ շալէն: Ամուսինը մեկնած: Երիտասարդ կինը անկողին չէր ինկած տակաւին, բայց սրտառուչ էր իր թարմութեամբը, սուգովը, պզտիկներովը: Ու տարեց կին մը, հաւանաբար աղջկանը մայրը, կու գար ու կ՚երթար տիկին Գոհարեանին, գրագէտին բացակայութեան: Ու աղջիկը՝ տանտիրոջ:

Սահակ Պարգեւեան վարժեցուցած էր «իր կինը», ամբողջ այդ «մտախոհանք»ի պահուն, դադրեցնել տունէն բոլոր աղմուկները, պնակի ու աթոռի ձայները, մա՛նաւանդ «խուլ ու քաղքենի» խժլտուքը մեքենային, «ապուշ սինկեր մը», ինչպէս կը տիտղոսէր զայն դրամին, անոր խորհրդանշանը կազմող Ամերիկայի դէմ խոր իր ատելութեանը պատճառով: Անոր մռլտուքը, ականջին մէջ պիտի բանար անոր կեանքին ուրիշ դժնդակ օրերը, իզմիրեան փառքէն առաջ, երբ հացի սիրոյն ստիպուեր էր անցնիլ այդ ապուշ «աշխարհամասը» ու կրեր խորագոյն նահատակութիւնը խարբերդցի, տիգրանակերտցի գործաւորներէն, որոնք հարուստցած, կուսակցութիւն կազմելու իրենց ծրագրին մէջ, սկսեր էին եռօրեայ թերթով մը: Փարիզէն հոն շունչը առնող մեծատաղանդ արձակագիրը, առաջին յաղթանակներէն յետոյ, շուտով ընկճուեր էր հաստ, հաստատ, նիւթապաշտ, «սենթին» վրայ դողացող այդ սիթիզըն ներէն, որոնք մէկիկ-մէկիկ կրճատեցին անոր իրաւունքները, իրենց «ժողովքներուն» անլուր տափակութեամբը, ու կապկպեցին անոր գրիչը: Օ՜, այդ Ամերիկան, տոլարներու երկիրը ըլլալէ առաջ, երկիրն էր անոր համար տգէտ ու չտես այդ գեղացիներուն, որոնք հայ մտքին գերագոյն դահիճներէն աւելի աղիտաւոր էին ազգային վերածնութեան, գիրին, գաղափարին արդար փառքին: Հոն անիկա տառապեցաւ մա՛նաւանդ կնոջ պակասէն: Ու փախաւ: Սինկերը այս ոդիսականին բարբառուն վկան էր:

Անոր կինը պարտաւոր էր, Հելուանի այդ աւազամերձ ամայութեան մէջը իր տնակին, ստեղծել եգիպտական աւեր մեհեաններու յատուկ կիսաշրշիւն այն լռութիւնը, որուն մէջ առնուազն յիսուն հարիւրամեակ մենացած, ինքնացած էր Բանը, Արեւելքի անմատոյց ոգին, անորակելի սկզբնանիւթը, «արարչահայսը», ինչպէս պիտի չվարանէր տարազել Եղիա Տեմիրճիպաշեան: Որմէ բխեր էին հզօր, արքենի քաղաքակրթութիւններ, արժանիքի, անհատի, տաղանդի վրայ խարսխուած փառքեր, երբ դրամը երկաթի կտոր մըն էր, ու կինը՝ աժան միս, զոր կզակիդ ախորժակովը ազատ էիր ճարելու… Ո՜վ մեր դարը, դարը անկումի, ու կնոջ surtaxeին: Ի՞նչ ըղձաւորութեամբ անիկա կ՚ոգեկոչէր այդ անցեալները, այդ ժողովուրդները, որոնք մեռան, բայց իրենց խորհուրդը կը հեգնէ մատը տակաւին ու աւազներէն կը յառնէ հին խռովքով: Մեհենական լռութի՜ւն: Ուրկէ մաս ունէր, անկասկած, կշռոյթը, հոսանուտ, անարդի վայելչութիւնը, պատկերախոյզ տեմպ ը իր արձակին: Որուն մէջ, անոր միւս կէսը, հոյակապ «ոճը» իր մարմինին, կը բարբառէր անհուն խստութեամբ, կիներուն մինչեւ ընդերքը գալարագին խորացող, ու կը լացնէր, տասը-տասնըհինգ տարի առաջ, զբօսաշրջիկի տարազով, խօլ, անտիպ հաճոյքներու ծարաւի ցնծուհիները, աշխարհի բոլոր ոստաններէն անապատ թափած: Կը լացնէր ցաւէ, հեշտանքէ, մինչեւ կէս գիշերները, փարթամ իր մարմինը մտքէ չանցած պատմուճանումով տարազելէ յետոյ, տրամադրելով եօթանասուն քաղաքակրթութեանց ամեներանգ աղիճներուն: Այս բարքերը կտակուած էին իրեն ուսանողութեան շրջանի (Փարիզ) զրկագին տարիներէն, երբ փորը կշտացնելու համար կը յօժարէր կիսել անկողինը քառասունէն վեր կոմսուհիներու կամ պեխաւոր կիներու: Եգիպտոսի մէջ անիկա կը դառնար իր վարժութիւններուն, ունակութեանց զսպանակէն: Հոգեկան automatisme անդարման է երեսունէն վերջը: Սահակ Պարգեւեան, պաշտօնական մակաբոյծ, որքան մեծատաղանդ գրագէտ, հաւատարիմ եղաւ իր առջի երիտասարդութեան: Անիկա չայցուեցաւ խղճի «դոյզն» խայթէ մը, մէկ հարուածով, միանգամ ընդմիշտ քանդած ըլլալով այդ «շողականքը» պատանութեան իսկ դուռներէն: Դեռ տասնըհինգ տարեկան տղայ, անիկա հրուած էր այդ դժբախտութեան (կա՞յ աւելի սեւ, տխուր բան մը, քան սիրտի տեղ դոնդող մը կրելը կուրծքին տակ) ամէնէն դժնդակ փորձառութեան մը գնով, ուր տուած էր վրայ իր պատանութեան կոկոնը, սրբազան հանգոյցը, ապտակելով մեծահարուստ բարերարը թաղին, պետական շքանշանուած կապալառու, քանի մը խնամակալութիւններու ատենապետ, ազգային ականաւոր անձնաւորութիւն, շռայլ ու մեծղի, ախտաւոր ու պատեհապաշտ, որ իր պալատները բաց կը պահէր աղջիկներու եւ մանչերու, դպրոց կը դնէր զանոնք, իր նկուղներուն մէջ նուաստացնելէ ետքը: Անիկա խորտակած էր իր ապագան, բայց նոյն հարուածով խորտակած մա՛նաւանդ իր հոգին: Այս «արկածը» անոր արդէն դանդաղ, դեռ չկազմւած նկարագիրը «խաթարող», «սահմռկող» անդրանիկ «կիկլոնն» էր, խօսելու համար իր պերճ ոճովը, որ անոր մէջ սպաննեց բոլոր միամիտ, քիչ մը հինաւուրց ու յիմար ծաղիկները առաջին անմեղութեան, ինչպէս եւ բացաւ անոր արդէն «չարադէմ» ոտքերուն առջեւ զառիթափերը բոլոր մոլութիւններուն: Առանց իր գրական տաղանդին, անիկա կանչուած էր նշանաւոր ոճրագործ մը ըլլալու, այդքան կանուխէն, երբ ապտակէն յետոյ բռներ էր պուկէն այդ կաւատին ու զարկեր գետին: Փախաւ դուրս նկուղէն, կոխկռտելով իր անմեղութեան դիակին վրայ: Ինչ որ պարկեշտութիւն կը կոչենք, պատանութեան շրջանէ մը մեր մէջ փորագրուած, քանդակուած անկորուստ կնիք մըն է, որ կեանքին բոլոր աղտոտ ջուրերը պիտի շօշափեն, բայց անկարող պիտի ըլլան լուծելու: Նկարագիրը կը շինուի այդ տարիներուն: Ու ոճիրը կը սկսի դպրոցէն: Խիղճ, զգացական աշխարհ, բարոյական սթիկմաթ ները մենք կ՚առնենք այդ տարիներուն: Սահակ Պարգեւեան այդ փարթամ մարմինը ժառանգած էր ով գիտէ ո՜ր սեղանաւոր աղայէն, առեւտրականէն կամ պալատական պաշտօնեայէն: Սպասուհի անոր մայրը ծնած էր այդ տղան գոց պայմաններու տակ, երբ կը ծառայէր հայ փաշայի մը ապարանքին մէջ: Մեծցաւ անիկա, օտարին կաթովը, դժնդակ ձեռքերու մէջ, «լուսնի պէս կլոր », «կալ» մը երեսով: Ու գնաց դպրոց: Իր երիտասարդութեան հանգումէն յետոյ, անոր մայրը ուրիշ թաղի մը մէջ խանութիկ մը ճարեց իր էրիկին, որ Պարտիզակէն փոխադրուեցաւ քաղաք, պատրաստ գտնելու թէ՛ գործ, թէ՛ զաւակ: Այս բարքերը ընթացիկ էին մեր մեծահարուստներուն մէջ անցեալ դարու վերջին քառորդին: Սպասուհիի այս «շառաւիղները» մեզի տուած են քանի մը մեծ մատնիչներ ու մտքի մարդեր: Սահակ Պարգեւեան կը կասկածէ՞ր մօրմէն, երբ կիները այդքան կը չարչարէր աւելի վերջը: Եգիպտոսի մէջ անիկա խարատի անասուն մըն էր մէկ-երկու տարի, փախուստէն առաջ: Կ՚առնէր իր վարձքը համաձայն գրպանին: Նախատելու ուրիշ իր ձեւը կ՚արժէ վեր առնել: Պատահեցաւ ատիկա «անհամ» կիներուն, երբ երկարած ձեւին բերանը խղկեց տոլարներն ու սթերլինները, զզուած անոնց պապակէն: Ո՜վ մեր անցեալը: Երբեմն ի՜նչ կախաղան ես դուն, մեր ետեւէն քալող:

 

Ամէն օր, այդպէս «թեթեւցած» անցնէր պիտի սեղանին առջեւ: Թաղուէր ինք իր մէջ, փակ՝ բոլորովին: Առջեւի թուղթը ճերմակ շապիկ էր կամ պատանք, գալիք խորհուրդին: Ո՜վ անձանձրոյթ սպասումը սպառած գրագէտին, տուն մնայ աղջիկներուն դժոխքէն ալ խոր: Աւելի՛ն. խուժումը՝ իր վրան, մօտիկ անցեալին՝ Պոլիս, Իզմիր, Ամերիկա, թերթերու խմբագրութեանց մէջ, ձեռագրի հետ հսկայ իր գօտեմարտով կը ճուային ու կը սեւնային: Հիմա՞: Ամիսները կ՚անցնէին ու ժանգոտած անոր գրիչը ագռաւներ միայն կը գամէր թուղթին տողերուն, նայելով պատուհանէն դուրս, հեռագրաձողերուն, օրինակելով, աչքերու հարազատութենէն, յիմար թռչուններուն քովնտի հայեացքը փողոցի աղտին, սեւեռ ու անհանգիստ, գրագէտին հոգիին նման:

Խեղճ գրիչ, կ՚ըսէր մտովի ու մազերը փուշ-փուշ կ՚ելլէին ոտքի մարմինին վրայ: Իրա՞ւ: Վե՞ր՝ այդ փայտի կտորը, անոր անձէն ու գոյութենէն:

Ծերացանք, կրկնեց անիկա, առանց ուշ դնելու ձայնի թափանցիկ տախտակորմին, որով կը զատուէր մեծ արձակագիրին աշխատանոցը ննջասենեակէն: Յետոյ ձգեց սեղանը՝ չկրնալով դիմանալ սպասելու յոգնութեան: Փոթորի՞կ՝ հոգիին մէջ: Ե՜րբ արդէն խաղաղ էին եղած ջուրերը անոր խղճմտանքին. խորունկ, անդիմադրելի լքում մը իր թմբիրը կը ծաւալէր անոր երակներուն բաւիղներէն: Բայց ո՞ւր: Անդրադարձաւ, որ օրը ծանր ու յղի էր շատ մը բաներով:

Արտե՛մ:

Ձայնը ուղղուած էր «կնոջը», որ տախտակորմին միւս կողմը, կարդալու կամ լալու իր մենութեան մէջ կը սպասէր այդ ձայնին, սարսափելով անոր բեկորներէն, ինչպէս սլաքի մը խայթէն, բայց զայն փնտռելով…

Ի՞նչ կայ:

Եկուր:

Տախտակորմէն մաս մը բան տեղի տուաւ մեղմով: Դո՞ւռ: Գրագէտին խելքին փոքր մէկ փաստն էր ատիկա: Միջնորմին մէջ ճարտար այդ յարդարանքը, թէ՛ դուռ, թէ՛ պատ այդ ագուցումն ալ, սորված էր անիկա ուսանողութեան օրերէն: Օգտակար ուսո՛ւմ, վասնզի երբ ճոխ ու հանգստաւէտ ապարանքներու մէջ ճառագայթելէ ետքը (պիտի ծանօթանանք լայնօրէն գրագէտին այդ ոսկեդարին), բախտին շրջումով ստիպուած եղաւ հետզհետէ քաշուելու խոնարհ, քանի մը սենեակնոց յարկաբաժիններու, անիկա գործածեց իր փորձառութիւնը: Նոր տունէ մը ներս մտած-չմտած՝ անիկա տուն կը փոխէր, հոգին նորոգելու, աչքերուն նոր նկարներ ճարելու համար. առաջին գործը պիտի ըլլար զատել, հնարել, գտնել իր աշխատանոցը, անմիջապէս, տունին ներկայանալի, մեծագոյն սենեակը կիսելով մէջտեղէն, միւս մասը ձգելով մօր ու աղջկան: Անիկա դեռ պատանութեան Փարիզէն ուսանողուհիներու մանսարդներուն մէջ կը գործադրէր այդ փրկարար հնարքը, փաստելով անոր խոր տարողութիւնը: Ով գիտէ ուրկէ ժառանգուած, դեռ անկործան նախապաշարումով մը կը հաւատար ո՛չ թէ հոգիին, զոր աղծած ու պղծած էին անկէ անմասն բոլոր շահադէտները, այլ՝ իմացականութեա՜ն, մեր մէջ իբր առանձին իսկութիւն, ինչպէս առանձին բան էր արդէն մարմինը: Այդ հնարքով խնայուած կ՚ըլլար անկողին–դագաղը, ստեղծումի մեծ արարքին դէմ պանդոյր իր պսակուածքով ու մէջը ընդունած գորշ տրտմութիւններուն, փոքրութիւններուն, կիրքի մոխիրներուն ու աղերուն դառնահամ յիշատակովը:

Շեմին, Արտեմ Գոհարեան:

Քառսո՞ւն, այդ նշանաոր Արտեմը:

Անցա՞ծ: Անցնելո՞ւ վրայ:

Հասակագեղ: Թաւշեայ մաշածութեամբ մը, որ անոր մարմինը կ՚առնէր, 900ի մեր արձակագիր մէկ բանաստեղծը պիտի ըսէր. «Կը պարուրէր, կը շղարշէր» տրտում հմայքի մը մէջ: Պիտի կենար բացուածքին բռնի զատուելու ջանքով մը վայելուչ իր թախիծէն, որ կը բխէր իրմէն, իր ջանքին հակառակ: Աչքերը պիտի ընէր քաղցր ու խոհուն: Գրագէտը կը զայրանար կիներու դէմքին՝ թախիծի քողէն, ուրանալով անոնց այդ իրաւունքը, քանի որ չէին աշխատեր ու «հաց» մտածեր: Կրաւորական արարածները պարտավոր էին, անոր փիլիսոփայութեամբը, սրբուած տախտակ ընել իրենց երեսը, հոն ընդունելու համար գիրը ներգործողներուն:  

Առանց անցնելու շեմէն, առնէր պիտի գրագէտին հրահանգները, տրտունջները, հայհոյանքը, կասկածները զանազան ցաւերու մասին, բայց մա՛նաւանդ հսկայ ու նկարչագեղ անոր պարսաւը ազգէն, գրողներէն, հարուստներէն, պարսա՛ւ կենդանի, անձին հեղումովը զօրացած ու ծնունդով հսկայ, որ խառնուածքի պերճ բառերովը թաւալուն, զոր հաճոյք էր լսել ու մոռնալ: Արամազդեան այդ շանթակոծումին դէմ Տիկինին արգիլուած էր որեւէ ընդմիջում, մինչեւ որ ասպարէզի պակասէն, անգործութեամբ տառապող անոր հռետորական խոյանքները ընէին իրենց ձեւակերպական մարզանքները, բանային դաշնաւոր փողերը անոր հագագին մարդեր կան, որ ձայն կը ստեղծեն աչքէն կամ մատներէն ու փոխադրէին ծերացած գրագէտը ուժի, հմայքի իր անմուրազ կրկներեւոյթին մէջ: Ի՜նչ պէտք ունինք այդ բաներուն, երբեմն, զորս ուրանալ դերասանեցինք, բայց որոնց աննուաճ կարօտը վառ ծխանի մը նման չդադրեցաւ մխալէ մեր ներսը: Պոռալը կը շարժէ մեր հոգին: Հայհոյելը՝ կը մեծցնէ:

Եկո՛ւր,

Բացառութիւնն էր:

Կինը անցաւ շեմը:

Առջեւէն, քովերէն, ետեւէն անճշդելի, բայց գո՛յ այն բանը, որ հովն է մեր հոգիին, երբ զայն կը տանինք խաչափայտի մը նման: Վախնալո՞վ, թէ չուզելով նայելու: Իրմէն՝ ինքզինքը զսպելու, չպարպելու ուխտէն տկարացում մը դիմաւորող: Դէմինէն՝ սպասածը հաստատած ըլլալուն դարման բեկումով: Քանի՞ տարի է, որ անիկա կը կրէր այս դժոխքը: Գրագէտին հետ փախուստին առաջին շրջանը մինչեւ կ՚երկննար անոր սա տառապանքը, երբ, քանի մը անմեկնելի տեսարաններէ յետոյ, աղջկան ու սիրահարին մէջտեղ, անիկա պարտաւորուեցաւ «քաշել ձայնը» գէթ ատենի մը համար, դանկտուած՝ խղճմտանքէն ալ անդին, գերագոյն ալքերն ի վար, մահացու սողունի մը խուլ սղոցին ներքեւ, գտնելով արմատն իսկ իր գոյութեան: Որո՞շ: Բայց որքան պէտք ունինք, երբեմն, տարտամին: Որքան կ՚ընկրկինք վճիռէն: Որո՞շ: Բայց ո՜վ ինչ գիտնար, յստա՛կ, մարդէ մը, որ յիսունի դուռներուն, յայտնապէս անկարող, «անկողնախոյս», ինքզինքը կը զգար զուարթ ու երիտասարդ, երբ մտնէր շունչին մէջ «մատ մը» այդ աղջկան: Կը թափէին անոր բոլոր ժանգերը, թթուները անոր ձեւին դէմ, դաշնակին առջեւ, գլուխը դրած իր ափերուն ու զգեցած արուեստագէտի անհուն պերճա՜նքը: Որո՞շ: Տիկինը վարժեցուցեր էր զարհուրելի բառը իր աղջիկին, որ առաջին տարին հաճոյք կը դնէր զայն գործածելու: «Հայրի՜կ», մա՛րդը, որ փախցուցած էր իր մայրը: Ու անիկա մեծցեր էր շունչին ու շուքին մէջ այդ հայրիկին, մինչեւ սա պատարուն փթթումը իր պարմանութեան: Որո՞շ: Շատ չէ հարցումը: Ե՞րբ տեսեր ենք կեանքին խաւարչուտ խորշերուն մէջ ծլող ու մարող միլիոնաւոր բռնկումները հոգիէ հոգի, որպէսզի հաստատ տանք վճիռ: Տեսածնե՞րը: Սկիզբները քիչ՝ որ ըլլար տարբեր աչքին վարժութիւններէն, մինչեւ յառնումը առաջին կասկածին: Առաջին կասկածը, որ դամբարանն է երբեմն: Անկէ դէպի ստուգութիւն, յաճախ ոլո՜րք մը, անկիւնադարձ մը: Կը քալէինք ու չէինք գիտեր: Դարձանք ու մեռաւ: Ու եկաւ Տիկին Գոհարեանին համար ժամը, ուր անիկա դրւեցաւ դէմ դէմի իր կեանքին գերագոյն վիշտին: Աշնան իրիկուն մը ատիկա: Բաներ կան, որ ըսուելու են երկու տողով, ան ալ լռելեայն:

Յետո՞յ:

Բայց այո՜,

Անիկա անկարող էր ճակատիլ գրագէտին, անոր սրտին ադամանդ սառնութեան վրայ պատրանք չունենալուն: Աղջի՞կը: Մարդերու կեանքը գիրքի հատոր մը չէ, որպէսզի շարադրենք մեր ուզածին պէս, ուզածին նման անկէ վեր կամ վար եղողներուն, ու գիտցէ՛ք, բոլոր օտարները, դուրսէն դիտողները ուրիշ բան չեղան: Լուսնի լոյս կար այդ աշնան իրիկունով: Թողուց, որ մեկնի մեծատաղանդ գրագէտը իր «բանը» խօսելու հայ տիկիններու կողմէ սարքւած հանդէսի մը մէջ, ուր պիտի փառաբանէր մեր կիներուն անմահ սիրտը, անոնց ցեղային հսկայ(ագեղ) պարկեշտութիւնը, մեր սրբուհիներուն աստուածամերձ դժբախտութիւնը ու խորանար վայելքներու վայելքին, որով մեր սիրտը այս աշխարհին մէջ պահ մը կ՚երկնայնանայ, երբ իր ժպիտը ուրիշներու արցունքը վարդի, երջանկութեան վերածէ: Ուրիշ ի՜նչ էին այդ համեստ տիկինները, երբ ձգած իրենց ընթացիկ զբաղանքները կ՚աշխատէին «յաւէտ բարիին ու գեղեցիկին» պողոտաներուն վրայ, ու երջանկութեան կանթեղը կը վառէին որբուհիներու խաւարչուտ հոգիներուն մէջ…: Ով մեր լեզո՜ւն. երբեմն ինչ գամ ես դուն մխուած մեր կոկորդին:

Մայր ու աղջիկ ինկան գիրկ գրկի:

Ու ասիկա այսպէս, երկու տարիէ ի վեր:

Մանող ու մենիկ, չկրնալո՜վ մերժել աղջկան ի՜նչ որ չէր կրցած մերժել իրեն, մեղքէն, կործանումէն աւելի տառապելով մա՛նաւանդ աղջկան սպասող գերագոյն դառնութեան հաշուոյն մարդերը ճանչնալու անմխիթար դառնութեան անիկա առնուեցաւ իր կսկիծին մէջ, ինչպէս աշունքի մը ու հագուած անկէ: Ատկէ՝ դալուկ այն անձկութիւնը, որ կը փայլէր անոր ճակատին, տարօրէն բաց ու յստակ երբեմն մեղքը մեզ կը գունատէ իբր թէ այդ պայծառ նշխարին վրայ ինկած, սառած, մեռած չըլլար կնոջ մը կեանքին գերագոյն տագնապը. էրիկը ձգելով սիրածին ետեւէն վազելու տախտապարող փաստէն վերջ, իր աղջիկէն ալ զարնուելու դժոխագիր պատգամը: Մեր մէջ կենդանին ունի այս կարգի յարմարացումներ, միջավայրի ընտելացումներ: Բայց այս փափուկ Տիկինի՞ն մէջ: ... Անոր այտերը ստուերուած էին թեթեւ ոստայնացմամբ մը, որ մեղքին բիւրեղն էր ներսէն զարկած դուրս: Ու վիշտին, յուսահատութեան մանրասեղ բանումէն, անոր դէմքին վրայ պարզ, ընթեռնելի այն միւս մելամաղձութիւնը, որ երկարատեւ պայքարի (կիները դժուար կը մոռնան խղճմտանքը), կրկնուած յուսախաբութեանց ու վերջը չերեւցող յուսախաբութեանց նուէրն է մեր մարմինին, երբ մեր ցաւը ուլունք-ուլունք կը ծածկէ մեր ներսին բոլոր խորանները ու ապակի կը դնէ մեր զգայարանքներու ճամբաներուն ու կը դառնայ դուրս, կոտրած ու մութ սա գունաթափումով: Ճերմակ, բայց իզմիրեան քոլորի ով, քիչ մը դէպի դեղձայինը հակած այդ երեսները դեռ կը վարանէին ընդունիլ աւերումին առաջին ատամները: Յայտնի էր, որ հիմա զարնուած այս պատկերին երիտասարդութիւնը եղած էր մէկը հոյաշէն ու մարմարեայ գեղեցկութիւններէն, արձակ ու նետուած առանց արգելքի, որոնք երբեմն կը բուսնին կիներու ձեւերուն մէջէն, գմբէթ կը յօրինեն, բայց կը մոռնան ստուերն ալ ձեւել ամպհովանիին՝ պառաւութեան արքայութենէն, որ ամէն կրակի փայլին մէջ ծրարուած մոխիրն է այս անգամ: Ի՜նչ սրտառուչ տրտմութեամբ շփէր պիտի թեթեւակի իր աչքերը, խաժ յատակի վրայ՝ թուխ, սեւորակ ղոհարի կաթիլի մը հետ շփոթուելու չափ, պահելով խոհուն մաս մը հրապոյր, որ մեր երիտասարդութիւնը ձեւաւորեց ու ամէնէն հաւատարիմն է մեր բոլոր շնորհներէն: Ծերացած աչքերը դիակէն ալ խոր կը ճնշեն: Անոնց հրապոյրը այն ատեն միայն մեզ լքէ պիտի, երբ մեր դէմքը, դիակն իսկ չի կրնար դասուիլ հրաշալի այն երեւոյթին, որ մեր երիտասարդութիւնն էր եղած:

Կու գան այսօր:

Այո՞:

Ու թերի, վիրաւոր բան կար այս հաւաստումին, հարցումին մէջ: Նոր չէր, որ «կու գային»: Քանի տարի է կու գային, բայց կ՚երթային. ու մօտ էր օրը, երբ ա՛լ «չերթային պիտի»:

Ո՞վ տեսար:

Կարեւորները:

Իրեն համար պարտադրած իր խոհանքի վարժութիւններ ալ մաս կը կազմէին խառնուածքի: Այնքան քիչ կը բանար բերանը օրուան մէջ, որ անհրաժեշտն իսկ կը դժուարանար խօսելու: Եւ սակայն հարցը կը դառնար ամէնէն մեծ իր ցաւին շուրջը:

Սեռային կարողութեան աստիճանական էջքին հետ, արեմտահայ մեծ արձակագիրը, այդ կնիկին դէմ իր ատելութեան մէջ խորասոյզ, զայն ցաւցնելու ամէնէն տխուր եղանակն էր ընտրած, անոր աղջիկը մերժել՝ ամէն ուզողի: Պատճառնե՞ր: Գրագէտի, հռետորի առատութեամբ, ու այնքան ալ բանաւո՜ր:

Կինը սեղմեց շրթները, երկդիմի նկար մը երեսին: Տարիներու վարժութեամբ մը, անիկա, գլխուն բացուած սա դառնութիւններու հանդէսին մէջ, չէր ունեցած ուրիշ ընելիք, քան անկարող, բռնադատուած սա ինքնազսպումը, ինքնակծկտումը: Առաջ, երբ քանի մը տարի իր մարմինը գառագեղն էր գրագէտին (անիկա երկու ամուսիններու վրայ գործադրած իր տակտիկան չէր կրնար մոռնալ, երբ դատեց մա՜րդը ու իր անդարման սխալը), անիկա կերպ մը կը գտնէր գործածելու կամազուրկ, կիրքի լարումով միայն ոտքի, այլապէս դանդաղ այդ կենդանին: Կ՚աճեցնէր ինքզինքը՝ պարփակելու համար իր զգայնութեանց ուռկանին մէջ անոր լպրծուն հոսումը, ցեխացումը դուրսին վրայ, մեղքի պողոտաներէն, ա՛յն մեղքին, որ բառարանի բնակիչ մըն էր գրագէտին հաւաստումովը ու «բանդագուշանք»: Ո՞վ էր անմեղը: Բայց տարիները քիչ-քիչ ծալք կու տային անոր միսերուն, սկսելով անոր հոգեվանդակէն ընդլայնող ծխնիները ու գրագէտը դուրս էր անոր զանցումէն:

Կինը պարտաւոր էր մտածել: Ու պարտաւոր էր մտածել շրթներով, որոնք շարժէին, դողային պիտի, բայց պիտի չկաղապարէին որեւէ յստակ կամեցողութիւն: Ով գիտէ այդ շրթունքները քանի՜ հազար հեղ ըրին այդ ինքնածամումը, որպէսզի անոնց անկիւնակապերէն գիծեր գոյանան վար ու վեր: Խորշո՞մ: Ոչ անշուշտ: Այլ անջատում մը, տարտղնում մը, որով կը խախտի միապաղաղ շնորհը մեր դէմքին: Ա՛ն՝ որ կրկնուելով–կրկնուելով պիտի վերածուի հոգեկան մաղին, բխած դուրս՝ մեր ներսին ասղնտուքէն: Հազիւ քառասուն, անիկա սկսած էր ծերանալ, մեծ արագութեամբ: Ու դառն բզկտումներու գնով սորված էր, թէ ինչ ալ ըլլային գրագէտին տրամադրութիւնները, որոշումները ինք, պզտիկ, հազիւ գոյն ելած վերապահութեամբ մը պարտաւոր էջ տեւողութեան թեթեւ շղարշ մը կախել ընդմէջ իրականութեան ու անոր անդրադարձին՝ գրագէտին ջղային գրգռման վրայ դժբախտ ելո՜յթ ասիկա, ստորնացուցիչ ու եղկելի, ամէնէն շատ իր հակահարուածովը անոր առողջութեան վրայ: Կը դողար անոր հոյակապ մարմինը ու անճանաչելի խռուացում մը կ՚ըլլար անոր պայծառ գլուխը այդ րոպեներուն, շունչէ արգիլուած, լալու անկարող, ու սարսռալով թարթիչներուն մէջ անգամ: Բնազդի, կիրքի, մոլուցքի մարդ՝ Սահակ Պարգեւեան աշխարհէ իր պարտութիւնները կը կրէր այսպէս տառապագին ինքնալլկումով, մինչեւ որ տեւողութիւնը միջամտէր: Այդ խուլ սնդուսին տակ, որ ժամանակին բերանն է, շրթունքն է, քիչ մը բանաստեղծօրէն՝ համբո՜յրն է մեր վիշտին վրայ, անիկա կը հանդուրժէր բոլոր անկումները շրջուած խանդավառութեամբ, այսինքն՝ ծորելով իր ջիղերէն պատրանքի մելան մը, կարգ մը ձուկերուն ըրածին նման, ու պատսպարելով ինքզինքը այսպէս «պարսպուած» մշուշին ետին: Անիկա մեղքը ուրանալէն շատ հեշտութեամբ ու համոզումով կեանքը որակեց «հսկայ սուտ» մը, ոչ՝ սրամտօրէն, առակային աuութեանց հանդէպ իր նախասիրութեան ենթարկուելով, այլ իր ճամբով ընդհանրացման երթալով. ինք մշտապէս կեղծ, մշտապէս սուտ իր ամէն նեարդներուն մէջ, բացի սեռային spasmeի սուր րոպէներէն: Անշուշտ, նոր չէ ունայնութեան երգը երկրի երեսին: Բայց երբեմն, մեծ տենչերու պտոյտին մէջ կը մոռնանք կամ կը դադրինք լսելու ժամանակին զարկը պատի ժամացոյցին: Ու կեանքը, ապահովաբար, մենք շատերուն համար, մոռացման նման վայրկեաններու փրթած համրիչ մըն է: Երբեմն պիտի ծռինք հատիկները հաւաքելու: Շատ անգամ մեր քամակին ճակատագրին մեծ ոտքը մեզի պիտի չտայ ատեն այսքանն ալ ընելու: Չկա՞ն մարդեր, որոնք չեն յիշեր համրիչին հասակն անգամ, այնքան չե՜ն ապրած ու մահւան անկողինը մտան երէկ ծնած մանուկին նման, առանց ցաւի: Այո՜: Բայց այդ բախտը քիչերունն է մենէ: Վա՜յ անոր, որ մոռնալ կը կեղծէ: Պիտի պատժուի: Վա՜յ անոր, որ կը պարծենայ իր իսկ կեղծիքովը, վասնզի սուտին վրէժխնդրութիւնը իրաւի փոխուելու անդարման տառապանքն է յաճախ:

Տիկին Արտեմիս Գոհարեան պիտի ըսէր, ամէն անգամ ըրածին նման:

Չե՞ս խօսիր:

Խօսած եմ:

Չ՛ուզե՞ր:

Նայեցաւ տրտում:

Դուն ինքդ գիտես, ինձմէ աղէկ:

Քուկդ է աղջիկը:

Իրա՞ւ:

Շրջեց աչքերը, յետոյ երեսները, արագ, բայց ջախջախուած: Ի՞րն էր աղջիկը, որ պառկելու համար կու գար իր սենեակը, ու օրւան մնացեալ ժամերուն դուրսը, դասի կամ գրագէտին քով, հետ՝ ընթերցումի, պտոյտի: Պարտվե՞ց, կրցա՞ւ, արցունքը թէ միշտ, անոր դէմքին ուղղուած պահելով հանդերձ աչքերը՝ կը նայէր անկէ դուրս, ուրիշ տեղ մը, նե՜րսը: Ամէն օր, լռութիւնը կը հաշտուէր խօսակցութեան սա պայմանեալ գնացքին: Այսօ՞ր: Գրագէտը չէր կասկածեր, թէ յոգնած իր դէմքին վրայ թեթեւ քաղցրութիւն մը կը թրթռար, ծաւալուն ու սրտառուչ, որուն կը հետեւէր կինը աչքի տակով, անկարող ինքզինքը ատկէ արգիլելու, ինչպէս՝ չուզելով հանդերձ, մարդ կը կարդայ փաստերը իր խաբուելուն, բայց չի կրնար չկարդալ:

Տիկին Գոհարեան, ամէն մենաւորի նման, զօրաւոր դիտողութիւններ ունէր: Որքան պզտիկ ըլլայ շրջանակը, այնքան ուժով տեսանելի են անոր վրայ փոքրագոյն ծալքերն անգամ: Գիտէր, թէ Սոնիային վրայ ամէն ակնարկ, իր բացակայութեանը, գրագէտը կ՚ընէր ուրի՜շ: Ու անոր բերնէն աղջկան անունը թռած ատեն հնչիւնը կ՚ըլլար գողտր, ջերմ, գրեթէ սիրալիր բխում, անպատասխանատու գեղեցկութեամբ մը: Մարդիկ իրենց ծածկել ուզած զգացումները պարտկելու ճիգին մէջ, կը կարծեն «գործած» ըլլալ, ուշ դնելով աչքերուն զսպանակին ու դէմքին բռնուածքին, որ կը մոռնան ձայնը, որ չերեւցող, ոչ-սեւեռելի, կը ձգուի բախտին: Աչքը կրնանք փակել, հեռացնել: Դէմքը՝ մատներով, թաշկինակով պղտորել, երբ կը վախնանք անով մատնուելէ: Բայց ձա՜յնը: Յոգնած, խօսելու անտրամադիր, գրագէտը պայծառացաւ, եղաւ «անստերիւր» ու «թափանցիկ», ինչպէս են մարդոց դիմակները ներսէն լուսաւոր լամբէ մը բռնուած: Ինչո՞ւ:

Տիկին Գոհարեան բաժնեց իր աչքերը սա պատկերէն: Նոյն ատեն ցաւի հետ շփոթուող այլուրութիւն մը ըրաւ անոր դէմքը դեղին, օտարական՝ սա մարդուն ու սենեակին: Խոր ու չպարտկուող անոր հոգեյատակը պզտիկ այս նայուածքներուն անկարող էր դիմանալ: Գաղտնիք պահելը կը յարգենք իբր նիւթական հերոսութիւն: Ինչպէ՞ս դատել հերոսութիւնը՝ զգացումներ պահելու: Տիկինը մօտ էր փղձկելու:

Ի՞նչ եղաւ նորէն:

Տեսա՞ծ էր սա այլայլումը մեծատաղանդ արձակագիրը, որ կը յաւակնէր իր պատմուածքներուն մէջ հոգեբանութիւն ըրած ըլլալ ու չէր անդրադառնար, ուրիշները տալու ատեն, որ կու տար ինքզինքը միայն. միակտուր՝ վայելքին, ինչպէս ցաւին դէմ. տաք՝ բառի մը ներքին աւիշը ծծած, ինչպէս կնոջ մը շրթները ծամած պահերուն:

Ոչինչ:

Ու կծկեց անիկա շրթունքները նորէն:

Դէ՛մ դէմի: Վախնալով խօսքէն, երբ ունէին ըսելու իրարու «աշխարհք» մը բան, իւրաքանչիւրը իր պարունակէն: Գիտէր, թէ այսօրուան համար անոր տունը ժամադրուած էին շատեր:

Տիրանը կու գայ կոր:

Տիրանը ո՞վ է:

Տիրան Տիրանեան. բանաստեղծ:

Տիկին Գոհարեան յիշեց ազնուական երիտասարդը, գաղափարի ընկեր երբեմնի, զոր լքած էր Պարգեւեան իրեն յատուկ վեհափառութեամբ, լքելով նոյն ատեն կուսակցութիւնը, որուն կը ծառայէին առջի երիտասարդութեան օրերէն: Պոլիս տեսնուած էին անոր վարած թերթին խմբագրատան մէջ: Համակրելի ու տրտում: Տիկինը հաճոյքով լսեց լուրը: Անիկա տարտամօրէն նշմարել կարծեց օգուտը, զոր բանաստեղծին ներկայութիւնը պիտի ունենար Պարգեւեանին վրայ:  

Խօսակցութիւնը կրկին կապուեցաւ: Կաղ, փնտռուած քանի մը բառեր ոչինչ փոխեցին:

Սենեակին միակ աթոռը, թիկնաթոռը, փո՛ս՝ իր կաչեյատակէն, ծեր, անպէտ առարկայի իր անզգածութենէն շատոնց պարպւած, մաս կը կազմ էր աշխատանքի խոը, «ներսէն» հոգիին: Հաւատարիմ, հնօրեայ բարեկամ մը, Գոհարեաններու փարթամ հիւրասրահէն, զոր Պարգեւեանին պնդումովը գողցած էր գրեթէ անոր սիրուհին ամուսնական յարկէն, իր փախուստի պահուն. այդ թիկնաթոռը, անոր բեռան ներքեւ «հառաչանք մը արձակեց», ինչպէս կը պատուիրեն արտայայտել վսեմ ոճի տեսաբան 1880ի մեր գրագիտութեան դասագիրքերը, երբ իրերը պիտի խառնենք մարդկային յոյզերուն ու անոնց «արտայայտման»: Պարզ, հին, ծեր այս ճիչը անոնց դարձո՞ւց այն գիշերը, որուն մէջ ան առեր էր իր ծունկերուն նուաղելու մօտ Տիկինը: Ո՜վ անգթութիւնը առարկաներուն, որոնք պիտի նային մեզի ու պիտի լսեն՝ պե՜րճ իրենց լեզուով մեզ լացնելու չափ յուզելէ ետք: Ոչ ոք՝ բացի գրագէտէն, արտօնուած էր հիմա նստիլ այդ թիկնաթոռին: Ով մեր սէ՜րը, երբ կ՚ուրանանք քեզ, կ՚ընենք ատիկա մեզմէ վախնալնուս:

Տիկինը անցաւ բազմոցին միւս ծայրը:

Ժամը քանիի՞ն:

Շատ-շատ ժամ մը ետքը:

Պատրաստութի՞ւն:

Շաքար չունինք:

Ու չշարունակեց՝ գիտնալով գրագէտին զայրոյթը այդ «չունինք»ներէն:

Հետը կայ եղեր օտարումի մը, ռո՛ւս:

Այսի՞նքն:

Հանդա՛րտ, Եգիպտոս եկած է տղուն հետ, ու նպատակ ունի սանաթորիումը այցելելու:

Տիկինին նայուածքը ինկաւ դէմի պարտէզին:

Հոն էր հիւանդ կինը, իր հովանոցին մէջ, ոտքերը թեթեւ մը դուրս բրդեայ ծածկոցէն, հիւսիսի երկիրներէն, դեռ քսանըհինգը չանցած, այդ օտարուհին ոչ-ռուս խորունկ արգահատանք կ՚արթնցնէր այլապէս խոց, հիւծաւոր Տիկին Գոհարեանի հոգիին մէջ: Բարեկամներ գրեթէ: Կ՚երթար անոր, որ կը խօսէր Արեւելքէն, Իզմիրի պարտէզներէն, անկուտ խաղողէն ու գոհար թուզերէն: Կը խօսէր Պոլսոյ ապարանքներէն, սահուն ու լըվանթէն ֆրանսերէնով մը, սէօրեր ու վարժարանէ մը սորվըւած: Գիտէր, որ երիտասարդ կինը դժուար կը հանէր տարին, ինչպէս կը վճռէր շատախօս բժիշկը, որ հիւանդէն աւելի կը զբաղէր Գոհարեաններով, հասկնալի համակրութեամբ մը անոր «Փանայիա» (աստուածամայր) աղջիկին: Մայր ու աղջիկ զմայլելի յունարէն կը խօսէին բոլոր իզմիրցիներուն նման, որոնց մայրենի լեզուն կը թուի ըլլալ Հոմերոսի բարբառը:

Աւելցած էին վարի պատկերին երկու պզտիկներ, երկուքն ալ աղջիկ, հիւսիսեան ցեղերու յատուկ բացութեամբ մը: Տիրապետողը խարտեաշն էր անոնց վրայ, մազէ ու մոյնքէ, տարածուելով նոյնիսկ դէպի հոգեկան արտայայտութիւն, այնքան լայն, մերկ էին անոնց մեծ աչուկները: Կը խաղայի՜ն, մամային շունչէն հեռու, բայց տարօրէն դէպի հիւանդը արեւելուած այդ տրտմութիւնները, խոր կամ պարզ արտայայտութեամբ, իրարու յառած, մեծի պէս խոհուն, ու լեզուի տեղ խօսելով պճլտուն բան մը, զոր հասկնան պիտի հազար ցեղերէ բոլոր մայրերը:

Ի՜նչ աղուոր են:

Թիկնաթոռը ձգող ու բազմոց անցնող Պարգեւեանին համար կիները միս, ու փոքրերը՝ գոյն էին:

Իրաւ որ, ձեռք ձեռքի, կիսաժպիտ, «փղոսկրեայ» այդ դեղնութիւնները՝ այլուրութիւնն ունէին մետաքսէ նկարներու, ասեղնագործուած ածուի մը խորքին ու կը թուէին պատէն վար առնուած ու դրուած պարտէզ, պտըտելու: Թաւշային, կիսերա՛նգ, անոնց մորթը ծամուած էր մահուան մօտ շունչէն:

Ի՜նչ ալ տխուր:

Գրեթէ սրբելով աչքերը: Կը տեսնէ՞ր մահը, որ մօրմէն մտած էր արդէն սա հրեշտակներուն մէջ: Ամէն մայր ուրիշին պզտիկը կը տեսնէ իրենին ցոլքէն: Երբ պառկէր հողին մէ՜ջը: Որո՜ւ՝ հոգեվարքը սա տարաբախտ զոյգին: Ո՜վ պիտի փակէր անոնց աչուկները աշխարհին սուտէն:

Կին էք վերջապէս:

Հարկա՛ւ: Ու տաժանքով կուլ տուաւ շարունակութիւնը նախադասութեան, որուն մէջ կը բանաձեւուէր լռին մեղադրանք մը «հայր չեղած» գրագէտին դէմ: Գիտութի՞ւն, հայր ըլլալը: Անշուշտ անիկա չէր կրցած դեռ ըմբռնել գրագէտին երիտասարդութեան մեծ, անմոռանալի արկածը ի՞նչ բան արկած չէր անոր համար   դժնդակ, մարդկային պարունակէն անզետեղելի, խնամքով պահուա՛ծ գրագէտին կողմէ, որ վերապահութիւնը կը դաւանէր առաջին տուրքը մարդուն, վատին՝ ինչպէս լաւին դէմ: Բայց հասած Տիկինին... Այդ «արկած»ին համեմատ անիկա հայր ալ եղած էր:

Բայց,

այնքան վա՛տ՝

որ ուրացած էր զայն:

Տիկին Գոհարեան խղճմտանքին վրայ չունէր դառնութիւն մը այնքան ուժով, որքան ա՛յն՝ զոր զգաց, կռիւէ մը ետք, եղերական առտու մը, երբ ա՛լ մեծցած աղջկանը պատճառով, որ խռովք կը ձգէր իր շուրջը, առանց ուզելուն ու նպարավաճառին սպասաւորը, ինչպէս բեռնակիրները արձանի նման սառած կը գամէր իր անցքին առջեւ, ըրաւ անխելք մեղադրանքը, զովացման պէտքէ մը հրուած, պաշտպանելով անմեղութիւնը իր ձագուկին մարդու մը դէմ, որ

Հայր չէր եղած:

Ըրած չըլլար:

Անիկա քայքայուած եղաւ, անվերականգնելի, իր «սիրեկանին» պատասխանէն:

Հա՞յր:

Եղած էր Սահակ Պարգեւեանը, իր իսկ խոսոտվանութեամբ:

Զաւա՞կը:

Աստուած գիտէ ուր է անիկա:

Պատասխան, նետուած անմարդկային ըսուելու չափ պարզ ուսթօթւումով մը:

Այդ րոպէին միայն Տիկին Գոհարեան զգաց, թէ ով ունէր իր դէմ, իր վրայ: Անիկա ամբողջ գիշերը լացաւ ո՛չ թէ ձգածին, կորսնցուցածին մեծութենէն, այլ՝ նման մարդու մը կարելիութենէն: Յետոյ, չէր կրնար մոռնալ անոր մէկ ուրիշ նախադասութիւնը, դարձեալ այդ «Աստուծոյ գիտնալիք» զաւակին շուրջը, երբ պատահաբար հարցուցած էր անոր վրայ, մորթէն, տեսքէն, մազերէն, մօր մը համար այնքան քնքուշ հետաքրքրութեամբ, որով կիները ստեղծագործութեան անհաս մթութիւնը կը ծաղկեւորեն ու զատ սանդուխ մը կը կազմեն արարածներու գիծէն: Մայրը ոչ կին է, ոչ աղջիկ:

Չէր նայա՞ծ:

Անմոռանալի պատասխան, առաջինէն աւելի խոր, յայտարար՝ զայն արտաբերող հոգիէն:

Տիկին Արտեմիս ա՛լ չունեցաւ համարձակութիւնը ուսանողուհիին հարցնելու, խնայելու համար նոր ճիւաղութիւն մը արեւմտահայ մեծ արձակագիրին բերանէն:

Պարտէզին մէջ, պզտիկներէն մէկը զինքը նշմարելով, առանց աղաղակի, թաթերովը ըրաւ ծափիկ: Այդ տարիքէն իսկ կան մարմիններ, որոնք թոքերուն բեռը պիտի բեռնան մատներուն, աչքերուն ու, աւելի վերջը՝ յօնքերո՜ւն:

Անջնջելի անցեալը կը պտըտէր Տիկինին աչքերուն առջեւ: Այդ տեսիլքին մղումին տակն էր անիկա, երբ պահին հետ արտաքնապէս կապ չներկայացնող իր բառերը նետեց:

Գիտե՞ս ինչ է մայր ըլալը:

Բարեբախտաբար ոչ:

Կարծես շարունակութիւնը ըլլար. այնքան անձէ անձ անցումը եղած էր արագ:

Լռեց: Ինչպէս կ՚ընէր այնքան յաճախ, չգրգռելու համար հայերուն «գերմարդը», «բարիէն ու չարէն» անդիի ասպետը: Անիկա կը պատժուէր զգացումներուն առատութեանը համար, ինչպէս կը յիշէր լսած ըլլալ գրագէտին բառերէն, որոնք գերման մեծ ուրացողի մը գիրքէն թառած էին անոր շրթներուն: Բայց իր ընկրկումը ոչինչով ազդեց գրագէտին տրամադրութեան: Աշխատանոցին մէջ «կը տիրէր բարձր ճնշում»՝ գործածելու համար ծովային պատկեր մը: Բան մը կը պատրաստուէր հեռուներէն: Այս մթագնումներուն, հակադիր հոսանքներու իրերադրումին ատեն, անախորժ, նոյնիսկ խժդուժ տեսարաններուն վարագոյրը կը թուէր շարժումի մտնել, հեռազդելով մրրիկ, ուրական: Փայլակներով խորհող գրագէտը զուր տեղը չէր ճարած որոտացող իր ոճը ու իր «շանթերը բոցին հետ արիւն ալ ունէին», ինչպէս կը պատկերէր իր անգթութիւնը գրական իր հակառակորդները տապալած ատեն, «երկնային հուրին» նման ծծելով փղշտացիներուն լեարդները մինչեւ, ու «ծախելով», աստուածաշնչական իմաստով: Այս մարգարէական խստութիւնը, վայրենութիւնը անիկա կը ցուցադրէր, ամէնէն թունոտ, սպաննիչ ծաղրն ալ կը գերազանցէր, երբ շտկուէր ողորմելիներու վոհմակին, այնքան վերէն: Կայի՞ն ուրիշներ, չկայի՞ն. երբ կը զարնէր խօսքով, անդիմադրելի էր՝ ինչպէս հին օրերու բաբանը: Կիներո՞ւ մարզին: Վատ ու լո՛ւռ: Գիտէր անոր արհամարհանքը, իր տարօրինակութեանց մէջ, իր սրտին ահաւոր չորութիւնը լուսաւորող, կմախագրող. ինքնատիպ ընդհանրացումներ ունէր, կիներու հոգեբանութենէն: Ամէնէն կարեւորը ատոնց, չհաւատալն էր նման բանի մը գոյութեան: Ու վէճ: Ու բուռն: Սրբազան, սառած ըմբոստութիւն մը, որ անոր զրկալից պատանութեան ու նոյնքան «աննսեհ» առաջաւոր երիտասարդութեան ժառանգ մըն էր անոր մէջ, անիկա կը հերքէր անհերքելի փաստը Տիկին Գոհարեանին: Կա՞ր աւելի պերճ, թշուառ օրինակ մը, քան գոյութիւնն իսկ այդ կնոջ, որ յօժարեր էր, ցուցմունքին տակը այդ ուրացուած կոչնակին սրտին ձգլել ամուսին, զաւակ, տուն, դիրք, միլիոնաւոր կիները գոհացնող օրինաւոր, հաստատուն, նախանձուած կեանքը, դնել քար իր մայրական զգացումներուն, քանի որ կը վտանգէր մէկ հատիկ զաւկին ալ ապագան ու քշուիլ անոր, Պարգեւեանին ետեւէն, աստանդական, անկայուն, հետզհետէ անկումէ անկում թաւալող կենցաղի մը երկանաքարին կապելով մարդկային արժանապատուութիւն, երիտասարդութիւն, գեղեցկութիւն, մայրութիւն: Սահակ Պարգեւեան այս նւիրումը կը դատէր ահռելի անգթութեամբ մը, դեռ պատահարին առաջին տարիէն, երբ սանկ ու նանկ դերասանուհիներու, կիսաշխարհիկ ամերիկուհիներու հետ զայն խաբած ատեն՝ չունեցած իր զղջահարումը կը տարածէ բոլոր կիներուն: Ու չէր կեցած հոդ: Աւելի անգութ, անիկա սադայէլեան հեշտութեամբ այդ կնոջ երեսին էր տուած իր դաւաճանութիւնը հանդէպ «օրինաւոր» ամուսինին, պատուական մարդ, մեծահարուստ (ի՜նչ անկշտութիւն եղաւ իրը, երբ գրականութեան մէջ անդադար մամոնան ու անոր իշխանները ձաղկելով, կեանքի մէջ անոր ստրուկը մնաց ու թուքը կուլ տալով նայեցաւ ունեւորին օրերուն) էֆենտի, առատաձեռն ու խելացի, քաղաքին մէջ յարգուա՜ծ բոլորէն: Որուն՝ չէր մեղքցած անվերադիր Տիկինը: Ի՞նչ կ՚ուզէին իրարմէ, զիրար այսպէս բզկտելու համար: Անշուշտ, երբ իրար սիրելու համար քով քովի դրուած մարմինները կռիւը կը զառածեն դէպի այս խորութիւնները, կը դիմաւորեն այդ իսկ անխելքութեամբ ոճիրէն անդին ը: Պարգեւեանը իմացական մարզին վրայ գիշախանձ իր բնազդներուն գոհացում տալով կը փրկէր կաշին ու կը մոռնար կինը: Տիկինը, շուարած, յետոյ մռայլած, յետոյ մօտ խելագարութեան: Առաջին այդ բախումին անիկա տկարացաւ, ուշակորոյս ու մեռել: Յետոյ, խրատուած, մեծ պարսաւագիրը, տեսարանէն վախուն, բախումներու ընթացքին կը կեցնէր իր սառն, թունոտ վերլուծումը, պատշաճ սահմանին: Ան պարտաւոր էր յիշելու, ամէն ատեն, երբ խօսքի վէճերը երթային տաքնալու, շաբաթներ տեւող անանուն տենդը, որուն յանգած անդրանիկ այդ ճակատումը անդրանիկ իր լրբութեան ու Տիկինին կորանքին, մահուան սպառնալիք մը կախելով անոր քայքայուած ու վարկէն բեկուած գոյութեան վրայ: Տիկին Գոհարեան ազատեցաւ, վասնզի «կը հաւատար իր սիրոյն»: Այս զգացումը երբեմն կը գործէ նման հրաշքներ: Կեանքին դառնալէ յետոյ, արտասուայեղց, արեւելեան գերուհիի մը պէս ինկած իր կուռքին պատուանդանէն, անիկա պաղատեցաւ անոր չմոռնալ մահը, ամէնէն իրաւ, մօտ բանը մեր աշխարհին: Երդունցուց զայն իր ամէնէն նուիրական բանին վրայ, մայր էր անիկա ու Պարգեւեանին հեռաւոր զաւա՞կը ունէր նկատի, ըսել իրեն ուրիշ ամէն բան, ընել իրեն ամէն բան, թքնել երեսին, առնել աչքին տակ, ու ծեծել, ու վարուիլ հետը աւելի գէշ, քան սեւուհիներու հետ ամերիկեան պազարներուն: Այո՜: Բայց խնայել իրեն այդ բաժակը:

Կայարանէն, բաւական մօտ, զանգակ:

Երկաթուղին:

Ճամբորդները, խայտաճամուկ զանազանութեամբ, որ Արեւելքի կարգ մը քաղաքներուն դիմագիծը կը շինէ:

Պարգեւեան, նեղուած, շունչի կարօտ ձեւով մը կը զննէր մարդերը: Տիկին Գոհարեան, արմուկը պատուհանի chasséին, հետեւելով բազմութեան հոսանքին, որ կը տկարանայ քիչ-քիչ: Թանձր ծուխը վայրաշարժին ու ճամբորդներուն փոշին քիչ մը պղտորեցին հանդարտ այրումը պարապին, զոր կը կերոնաւորէին արմաւենիները, շրջուած հովանոցները կախած կապոյտն ի վար: Մնացին աւազուտ ճամբու եզրին. երկու մուրացիկ ու հիւանդ տղեկ մը, որ կը սպասէր կէսօրէն ի վեր ամէն գնացքի, դողալով ոտքի ու, յուսահատ փնտռածը չգտնելէն՝ կը կծկտէր ցանկորմին: Ի՜նչ տխուր է երբեմն կեանքը:

Կիներէն փախած հոտի կտորներ, ուրիշ բաներու հետ խառն՝ անցան պատուհանէն: Օրը մօտ էր տարաժամելու ու տրտմահար բան մը կը պատրաստուէր փռուելու դեղնաւուն գիւղին վրայ, որ, առանց կարկառի ամէն փողոցամուտի նոր կը սկսէր: Ու ամէն խաչաձեւման կէտերուն, եւ քալիփթուսի մը պարարտ շուքը «կը բրգանար» վայելչօրէն: Գրագէտը ամէն այցելուի հաղորդ կ՚ընէր տեսողական այս պատկերը, ուրկէ կ՚իջնէր խօսելու աւազներու Ոգիէն, անյարիր, նենգ, որ մարդոց ջիղերուն հետ գալարագին կը հիւսուի ու հեքիաթին խորհրդանիշ սողունին նման կ՚օձեղինէ զանոնք: Անոր կարծիքով աշխարհի վրայ ուրիշ ոչ մէկ տեղ Ոգին (ան կը հասկնար բռնութիւնը սերմին) այսքան յարձակողական, անպատասխանատու, «լիրբ» էր, որքան փարաւոններու երկիրը: Չորցած ամերիկուհիները «կրակ կ՚առնէին» ոչ իրենց կրունկներէն: Մասնաւոր համով մը կը պատմէր իր վարկածը լուսաւորող հեքիաթը, որուն համեմատ Նոյեան տապանը այս մարզերուն վրայէն լողացած ատենը քիչ էր մնացեր ընկղմելու պարունակեալ անասուններու անորակելի խռովքէն, իրար բզկտելու չափ: Աստուած, բարի ժպիտով, ապահովցուցեր էր ինքնիրմէ ելած ծերունին, նահապետ Նոյը, տապանը կ՚անցնէր Եգիպտոսի վրայէն:

Քանիի՞ն թրէն կայ նորէն:

Հակառակ պահացոյցին, անիկա չէր սորվեր գնացքներուն ժամերը, չնմանելու վախէն ծերերուն, որոնք իրենց սիրական ու կարեւոր զբաղումներէն մէկը կը նկատեն այդ գիտութիւնը ու զայն կը ծախեն այցելուներուն: Սահակ Պարգեւեան երիտասարդ էր տակաւին: Ատկէ զատ՝ անոր ուղեղը չէր կրնար բեռնաւորուիլ փցուն բաներով:

Կէս ժամ վերջը:

Աղէ՜կ: Գային ու լմննար:

Կինը նայեցաւ մեղմ ու շրջեց աչքերը դէպի պարտէզ:

Եկողնե՞րը:

Անշուշտ:

Սահակ Պարգեւեան յօժարութիւն էր յայտնած ընդունելու կէս պաշտօնական այցելութիւնը Արթաքի Գասպարեանի, որ տարիներէ ի վեր մշտապէս մերժուած թեկնածուն էր Սոնա Գոհարեանի: Մեծագոյն պատճառը այս մերժումին, հասարակաց հաւաստումով, անունն ու քիթը կը մնային այդ «պատուական» երիտասարդին, որ ընտանեկան մեծ դժբախտութեամբ մը մտած էր կեանքին մէջ ու սընանկ, ինքզինքը սպաննած հօրը մահէն ետքը ինքնօգնութեամբ հասած դիրքի, ընկեր ու տնօրէն նորահաստատ ծխախոտի գործարանի մը մէջ: Սահակ Պարգեւեան մկրտած էր անունը, զայն վերածելով Արտակ ի, բայց չէր յաջողած մկրատել քիթը, որ անոր դէմքին վրայ կը դիզուէր, զայն ընելով լայն ու տափակ տարածութիւն մը, առանց ծամածուռ գիծերու եւ աչքի մագնիսի: Մեծատաղանդ արձակագիրը կը սպասէր նոյնպէս Սփլանտիտ Փալասի վարիչ Մինաս Մարանին, որ, ասպարէզի բերումով, մասնագէտ էր դարձած իշխաններ ու լորտեր որսալու, խայծելու (պիտի հասկնաք աւելի ուշ) աշխարհի չորս ծագերէն: Անիկա ժամադրուած էր այս ժամուն համար: Հետն ունէր բերելիք հայազգի իշխան Պօղոս Արծրունին, հնդկահայ հարուստ վաճառական մը, միլիոնատեր ու այրի՜: Սոնայի՞ն: Ի հարկէ: Պզտիկ միջադէպ մը, զոր պատմեր էր Տիկինին, գրագէտը ընդմէջ արեւելահայ վիպողին եւ Արծրունի իշխանին, բաւական նիւթ էր տուած խօսքի: Արեւելահայ վիպասանը մերժեր էր այդ ծերութեան իր «սիրեկան» աղջիկը, Ռիթան, «թքնելով նրա փողերին»:

«Ախր, ի՞նչ արժում է փողը», պոռացեր էր անոր երեսին ու անցած անդին, առնելու համար լորտային ճաշացուցակը ձեռք, ի հաշիւ ... ազգին:

Ան իր տունը կը տանի:

Ո՞վ:

Մարանը:

Ինչո՞ւ:

Դուն կը տեսնես:

Տիկին Գոհարեան, Եգիպտոս իյնալէն յետոյ կը ճանչնար մարդերը: Հայազգի իշխա՜ն մը: Սոնային բա՞խտը: Չէր կարող ըլլալ: Չէր կրնար, բուն իսկ գրագէտին պատճառով: Անիկա անցաւ վրայէն սեւ այն ամբաստանութեան, որով դիմաւորուած էր թատերագիրին մերժումը: Ու խորհեցաւ միւս իրողութեան: Աղջի՞կ էր պակաս: Մինաս Մարանին տունը քանի՜-քանի՜ հատ:

Բայց, հակառակ իրարու հանդէպ յստակ այս անվստահութեան, անոնք, «այր ու կին» սահեցան դիւրաւ. ոչ հիմա՝ այլ չորս-հինգ օրէ ի վեր, բոլոր միւս առարկութեանց վրայէն, որոնք սովոր էին բուսնիլ, ոզնիի փուշերու նման, ուրիշ ամէն թեկնածուի համար: Խնդրոյ նիւթ չեղաւ տարիքը միլիոնատէրին: Գուցէ թաքուն համաձայնութիւն մը զիրենք լուռ ըրաւ այդ կէտին ալ վրայ, ինչպէս եղեր էր ատիկա ինքնաբերաբար միւս սեւ կէտի՜ն: Իւրաքանչիւրը «տունին մեղքէն» հանելով արդարացում մը այս զանցումին մէջ: «Փորի» մշտակարօտ արգունաւորը, Սահակ Պարգեւեան երազ էր շինած, համեստուկ ու պարզ: Ունենա՜ր եախթ մը, իր հրամանին, բացուէր ցամաքէն: Ու այդ պուպրիկ բանը ովկիանոսին վրայ պտըտցնէր ձանձրոյթը նոր օրերու Պայրընին: Անիկա ծրագրած էր կերտել մեծագոյն գործը այդպէս ծփանուտ, ընդմէջ «երկնի եւ երկրի», նոր Եհովայի նման, մեր ողբերգութեան «հոյասարսուռ» քերթւածը: Հեքիա՞թ: Երա՞զ: Կեանքը պէտք ունի այս աղերուն, ո՛չ թէ չհոտելու, այլ կանգուն մնալու համար: Տիկին Գոհարեա՞նը: Կ՚ուզէր ու կ՚ուզէր մէկ հատիկ բան: Իր աղջիկը դո՜ւրս սա տունէն:

Իրիկուան՝ Տիրանեանը:

Անգա Մերովնա՜:

Երկու անուններու մերձաւորութիւնը խրտչեցուց զինքը: Անոնք, այդ անունները քով քովի էին քառորդ դար ալ առաջ անոր է բերնին: Անգա՞: Անշո՜ւշտ: Պիտի ճանչնանք: Բայց Մերովնա՞ն: Ով գիտէ ի՜նչ մաշած դքսուհի մըն էր այս իշխանական ( Մեր ըսել է իշխան, սլաւերէն) մականունին մէջ վարշամակուած պառաւութիւնը: Երկու տարի է անիկա «կիները» պառաւ կ՚առնէր առաջին բխումով, իր զգայարանքներուն վրայ: Կա՞պը՝ Տիրանեանին ու այդ պառաւութեանց մէջտեղը: Անիկա յիշեց իր երիտասարդութեան դքսուհիներն ու մարքիզուհիները: Նոյն գիծէն՝ բնակա՛ն՝ միւս մտածումը, որուն համեմատ ոեւէ կնոջ անունին դէմ այրին մէջ առաջին զարթնումը սեռն է միշտ: Լեղուըցաւ անոր հոգին: Հեծեր էր անոր ժիր ուղեղին վրայ պատկերը քառասունէն վեր պատանուհիի մը, որ, քսանըհինգ տարի առաջ, զինքը «ծո՜ցը առած» ատենը կը ծծէր ուժգին, հարւածը մէկ ֆրա՜նք, «կատաղեցնելու» համար երիտասարդի անոր վայրագութիւնը, փոխադարձ ծեծուելու մօտիկ հեշտանքէն դալկացած: Ի՜նչ օրեր: Քրտինք ինկաւ անոր ափերուն:

Կ՚երթանք կազինօ:

Ինչպէս կ՚ընէին այնքան անգամներ, երբ քաղքէն բարեկամեր, Սոնային զարնուածները, Մինաս Մարանը, Արտակ Գասպարեանը, երեսփոխաններ (թեմականի անդամներ), խմբագիրներ, մեծ հանդէսներու նախօրին, կու գային վարձել անոր լեզուն ու «քակել ժանգերը» անոր կոկորդին, գարեջուրի եւ ուիսքիի ճոխ սեղաններով: Պատի՜ւ կ՚ընէր գրագէտը, այդ էշե՜րը բարձրացնելով իրեն սեղանակից ընելու աստիճանին: Անիկա այդ առիթներուն մեծ էր եւ հրապուրիչ:

Թէ՞յ:

Հարկաւ:

Եղաւ լռութիւն, անձկոտ ու երկար: Պատին ժամը կը քալէր ու չէր երթար: Փողոցէն նուազի ճիչ մը: Արեւ ու շրշիւն՝ միջոցին, որ կը յուզուի չեղած հովիկէն, կապոյտը աւրելով ծառերուն շրջագիծէն:

Սոնա՞ն:

Կը հագցնես մեղրագոյն զգեստը:

Յետոյ լռեց: Միտքին ցաթեր էր Աստուծոյ ժպիտը, երբ կը սրտապնդէր գայթակղած նահապետը: Չունենա՞ն ըսելիք:

Եղած էր այն խաղաղ, շիւղով իսկ չվէտուած այրումը, որ Եգիպտոսի արեւինն է օրուան այդ պահուն: Ու եղաւ նոյն ատեն անոր երակներէն վար բարակ այն կրակը, որ մարելու մօտ բաներուն կը վիճակուի: Այս շիջումին դէմ անիկա ինչո՞ւ կը վրդովուէր: Ուրկէ ո՞ւր սա պատկերները, երբ աւերակ այդ կինն էր դէմինը, որմէ գրեթէ հանգած էր լրիւ սեռին վառարանը, անվերադարձ, կամովի կուրացումով մը: Հանգիստի այնքան կարօտ այդ կնիկին մէջ բացւե՞ր էր գեղեցիկ, առանց այրուցքի այն հոգեցայտքը, որ սեռին լաւաները կ՚ողողէ ու կը մարէ, առաջնորդելով սիրտը ուրիշ խաղաղ էութեան, հեռանկարի, իր զաւկին մէջ հաւաքուելու, անոր վրայ բիւրեղանալու, ինքզինքը այդ թարմութեան հրաշքով բաւարարելու պարզ, բայց վսեմ համակերպութիւնը: Առաջին ակնարկով այս հանգումը ճանաչելի կը դառնայ կնոջ մը պատկերէն: Անոր սկիզբը չէ շահեկանը: Եղած են մայրեր, որոնք իրենց աղջիկներուն չեն զիջած նոյնիսկ իրենց պոռնկութիւնները: Բայց ատոնք հազուադէպ բացառութիւններ են: Տիկին Գոհարեան յոգնած էր: Սահակ Պարգեւեա՞նը: Այրը քանի հեռանայ սեռին վառարանէն, այնքան աւելի զգայուն կը դառնայ, ու անգիտելով իր տկարացումը, պիտի պատրէ ինքզինքը կցկտուր ձայներով: Ատկէ՝ անոր խեղճ, երբեմն եղերական, յաճախ ծիծաղելի վազքը դէպի փնջուած երազները պարմանութեան: Տղու նման, կարօտով ու անձուկով կը սպասէր Սոնային, զոր կը սիրէր անխառն, հայրականէն ալ վեր սիրով մը, ինչպէս կը խոստովանէր բոլորին, ու կը հաւատա՜ր ալ, իր սրտին համումներուն վրայ, որքան յստակ իր նայուածքը անգիտաբար թէ կամովի խեղաթիւրելով: Իրողութիւն էր, անիկա յաջողած էր պահել օրիորդին դէմ տեսակ մը խանդաղատանք, գրեթէ հայրական, տարիներու երկար թեւի մը վրայ, առանց փորձուելու իր «գազանէն», զոր մուշտակած կը պահէր իր ներսը: Հետզհետէ, պատանութենէն երիտասարդութիւն անցքին մէջ, Օրիորդ Գոհարեանէն երեւան էր եկած «անզուգական» պատկեր մը: Զաւակ չունեցող հօ՜ր մը շուրջը: Պատկերը՝ անոր մօրը, զեղչուած ամուսնական կեանքին հինգ-տասը տարուան հաստութիւնը ու հագած՝ անդրանիկ շղարշը, որով ուզեցինք քողաւոր տեսնել մեր բոլոր սիրածները, երբ անոնց հինցած մարմինները ծալել–նետելու նuտանք: Եղան օրեր, մշուշի, մութի, հոգեկան պատրանքի օգնութեամբ խորհրդաւոր, որոնց մէջ անիկա առաւ այդ աղջիկը իր գիրկը, բայց պահեց ինքզինքը, սրբելով աչքերը, վանելու համար պատկերը իր հոգիէն: Յաջորդող տրտմութեան մէջ անիկա կը տեսնէր թշուառ կինը, որ աղջկան տեսիլքովն էջ մտած հաւանաբար կեանքին մէջ եւ զոր ջախջախել էր իր «գազանին» թէ՛ ժանիքներովը, թէ՛ անգթութեամբ:

Բայց ո՞ւր մնաց:

Ոտքով պիտի գայ:

Ինչ տարօրինակ են մարդոց սիրտերը: Գրագէտը չէր ճշդած ենթական: Թաքուն զգուշութիւն մը ատենէ մը ի վեր կը հսկէր անոր բառերուն ու կը վարանէր անոր անունը տալ, անդրադարձած ըլլալով, որ վերջին տարին իր բերնին վրայ գրեթէ ուրիշ բառ դժւար կը կենար: Նեղուեցաւ, որ անոր մայրը այսքան ծածուկ լարերուն իջնալ գիտէր: Բայց չհակառակեցաւ:

Ինչո՞ւ:

Ո՜վ յիմարութիւնը մեր հարցումներուն: Ու կուրութիւնը՝ երբ թիթեռնիկի նման կը դառնանք լոյսին շուրջը, գիտնալով կրակը, անկարող բացուելու անկէ ու… վերջապէս բռնկելով: Անոր հարցումը թիթեռնիկն էր հեքիաթին:

Ինք այդպէս ուզեց:

Ու լռեց: Վասնզի խոնաւցան աչքերը:

Օրիորդ Սոնա Գոհարեան:

Ա՛ն՝ որ Եգիպտոսի հայկական շրջանակին մէջ, քիչ-շատ գրոց-բրոցներու ծանօթ էր իբր օրիորդ Սոնա, առանց մականունի, գրագէտին բազկատարած հայրութիւնովը այդպէս տիտղոսուած: Սահայ Պարգեւեան անխոնջ ուղղումներով յաջողած էր Օրիորդին քովէն կտրել Պարգեւեան պիտակը, զոր անոր շուրջը դարձողները կ՚ախորժէին գործածելէ ով գիտէ ի՜նչ հաշիւներով: Շուկային դասակարգէն, վաճառատանց պաշտօնէութենէն, հանած-վարած խմբակէն կը յորջորջուէր իզմիրցին: Լուրջ, պաշտօնական մարմիններուն համար, ազգային հանդէսներուն ատեն, խմբագրատանց մէջ, Օրիորդ Գոհարեան: Տիտղոսի այս զանազանութիւնը փաստ մըն էր անոր տարօրինակ ճակատագրին: Չեմ նկարագրել անոր մարմինը, որ Եգիպտոսի մէջ եղաւ անսովոր բխում: Առայժմ իմացեք, որ երկու տարիէ ի վեր կու տար դաշնակի դասեր, ընտրովի, «հօրը» բարեկամներուն, բարերարներուն ընտանիքներուն մէջ, ա՛յն կիներուն, որոնք Պարգեւեանին համար իրենց ամուսիններէն ծախսուած դրամները գոնէ մասով մը փոխարինելու համար սկսած էին դաշնակի: Ու տակաին, միշտ նման ընտանիքներու մէջ, ազգականներու, աղջիկ, «աղջիկցու» եւ ուրիշ «բանցու»: Փարթամ էր գեղեցկութիւնը, հոգեկան համով մը բարեխառնուած, սեռին լիալիր լուսապսակին մէջ, զայն կ՚ընէր հեքիաթային, «անսովոր» երկրի մը մէջ, ուր նման ձեւեր, պալատուհի, ազնուուհի, չեն զիջանիր հողին կոխելու: Դաս տուողը, առանց կառքի կամ ինքնաշարժի պտըտող այդ աղջիկները ուշագրաւ «կտորներ» են, հետապնդուած աշխարհի ամենազգի որսորդներէն: Գրագէտի մը անօթութեան քով, այդ պատկերը պատճառ էր, որ Սահակ Պարգեւեան շահեկան դառնար բուն իսկ իր տարրէն դուրս ու վարկ ստանար աշխարհիկ մարզին վրայ: Բայց այդ մասին աւելի ուշ:

Օրիորդ Գոհարեան ունեցեր էր հեքիաթային մանկութիւն, ապրած ըլլալով միջավայրի մը մէջ, որ հետզհետէ կը ջնջուի մեր բարքերու տախտակներէն: Անիկա ծնած է մէկուն մէջ այն տուներուն, որոնք, Պոլիս ու Իզմիր, փայլի ելան անցնող դարուն կէսերէն ասդին ու մեր հնօրեայ ժողովուրդին արհեստաւոր, փերեզակ կամ բանուոր նոր ժամանակներու կնիք մը դրին, գէթ օտարներու աչքին, տէր կամ գլուխ կանգնելով առեւտրական ընդարձակ տուներու, ձեռնարկներու: Հայ վաճառակա՛նը: Յաճախ տգէտ, բայց գիշատիչ, խօսող քանի մը լեզու, բոլորն ալ շուկայէն: Թերեւս՝ թո՛ռը քանի մը դար առաջուան կարաւանի հերոսներուն: Որ խաներու աղբերը աւլելով կը սկսի կեանքը ու զայն կը փակէ միլիոններու դեղնախտին մէջ: Արեւելքի մեծ ոստաններուն մէջ ադ մարդերը բա՞ն մը կ՚ապացուցանեն հիմա: Թերեւս կանխահաս է հարցումը: Տասնութերորդ դարու մեր մեծահարուստները առիթ են մեզի համար ընդարձակ spéculationներու իմացական, ընկալչական, կառուցողական մարզէն...: Յիսուն մը տարի թերեւս բաւ են, որպէսզի մեր քաղքենին, հիմակուանը ունիմ նկատի, հաշտուի իր ցեղին ընդհանուր երանգին հետ: Կէս դար առաջ Կովկասի մէջ եղի ճարտարարւեստ մը մեզի տուաւ միլիոնատէրեր, որոնց յիշատակը նուազ կը հնչէ, քան հնդկական հեռանիստ ու կուրացած փառքերը: Կէս դար առաջ սկսող ուրիշ ճարտարարուեստ մը, ծուխէ, այսօր դիտապաստ ինկած է գարշապարին տակը օտարներուն, Եգիպտոսի մէջ: Նոյն ընկրկումը նաեւ քաղաքական–վարչական գետիններէ: …Բայց պէտք է ամփոփուիլ ու մտնել տուներէն ներս այն մարդերուն, որոնք, հաշիւի, դրամի հերոսներ, իրենց գործին մէջ կը մխուին հերոսական ուժգնութեամբ, մոռնալով իրենց անձը, վաստակի տենդին մէջ գտնելով միայն իրենց լիութիւնը: Այդ մարդերը չենք մեղադրեր, երբ կը մոռնան իրենց անձը: Բայց այդպէս չեն մտածեր անոնց կիները, որոնք վրէժխնդիր, պատժել ալ գիտեն: Ազնաւոր Գոհարեան յետոյ պիտի ճանչնաք զայն այնքան խելք ու սիրտ դրա աֆիոնի ու թուզի գործին, որ չունեցաւ տրամադրելի քանակ՝ կնկանը վրայ: Ու ոճի, բառի, պատկերի, պարսաւի մեծ մասնագէտը, մարմինի, աչքի, դիմակի եզակի ասպետը, Սահակ Պարգեւեան, որուն սիրտն ու խելքը կիները եղան, դէպքերու բերումով բախտը ունեցաւ տիկին Արտեմիս Գոհարեանին զգալի ընելու սիրտին գոյութիւնը: Աւա՜ղ, բախտը անխելք էր եղած: Ու «հազար չուան» կտրտած մեծ դերակատարը, կիրքին, ռոմանթիզմին, դիմառնութեան ու ողբին երազունակ գահակալը մանուկի նման զգետնուեցաւ... առեւանգուելու համար վաճառականին Տիկինէն: Գրագէտը մտաւ հոն զեղեցիկ, սէգ, աղքատ, բայց կուշտ աւելի քան եօթը արքայազուն, երբ բերանը բանար: …Անիկա սկսաւ ճառով ու վերջացուց փախուստով: Աւելի յետոյ, վերլուծումը պիտի մօտեցնէ ձեզի հոգեբանական այն բարեխառնութիւնը, որուն մէջ սաղմնաւորուած եղաւ առաջին պատանութիւնը օրիորդ Սոնա Գոհարեանի: Կատարեալ պուպրիկ, չորս դասի համար չորս ուսուցչուհի: Ու դաշնակ, ութէն սկսած, որուն համար անիկա երեւան բերաւ արտակարգ հակում, ո՛չ անշուշտ տաղանդի գիծով, բայց բաւական ուժգին, որպէսզի սկսէր զայն շատ աւելի սերտ, քան իր հասակով տիկինները, գեղակազմ ու իրենց փայտէ սրունքներով սլացող ձիերը, փոքրադիր ինքնաշարժները, ամբողջական ճակատամարտներ կերպաւորելու շատ առատ զինուորական բանակները, նուէրնե՜րը իր մեծհոգի, առատաձեռն, անմոռանալի հայրիկին, որ մինչեւ կէս գիշեր իր հսկայ ձեռնարկները կը հետապնդէր, կայարանէն քարափ, պազար, Քորտոն վազելով…: Սիրա՞ծ՝ սեւաչուի վհուկը, որ գրագէտն էր, իրենց սալոնին զուարթ բարեկամը, մելանուշ բաներու հեշտին ընթերցո՜ղ: Որ կու գար իր մօտ, ու իր հովին մէջ աշխարհ մը կ՚առնէր: ... Անիկա հետեւեցաւ մօրը: Մեծցաւ: Սորված էր ոսկորները խօսեցնել ու կարդալ անոնցմով իր սիրտը ուրիշներուն վրայ: Յետոյ աղէտը: …Եգիպտոս…: Քանի մը տարի անիկա մօրը գոհարեղէններովը զարգացուց մատներուն լեզուն: Յետոյ, հացի հարց: Դասեր: Ձրի՛: Անիկա չկրցաւ վարժուիլ դրամին: Որո՞ւ անունը կը կրէր: Հա՜յրը: Մի աճապարէք. պիտի ունենաք ատ մարդն ալ: Յետոյ…: Նեղութեան աւելի նեղ օրեր…: Որքան լայն բան է կեանքը ապրուած ատեն ու որքան սուտ, քիչ՝ պատմուած ատեն: ... Սահակ Պարգեւեան շաբաթ մը ամբողջ բառ չփոխանակեց իրեն, ինչպէս մօրը հետ, երբ նեղութեան տենդի մը մէջ, առանց իրենց հարցնելու, ծախած էր Օրիորդին դաշնակը ու արժէքը կէս օրուան մէջ հալեցուցած՝ ճաշարաններու, սրճարաններու, ծխավաճառներու իր մանր, աներես պարտքերը մաքրելով: Ու մնաց «ամօթով» ընտանիքին վաղեմի ծանօթ, Սփլանտիտ օթելի մեծահարուստ վարիչ Մինաս Մարանին առջեւ, որուն բեռնակիրները կը սպասէին դուրսը, դաշնակը Փալաս փոխադրելու: Մօրը վճռական ընդդիմութիւնը ու Օրիորդ Սոնային մէկ կաթիլ արցունքը գորովի՜ բերին երկաթ դիմակ ու պողպատ սիրտով «մարդուկը» (ինչպէս կ՚որակէր զայն փաղաքուշ հեգնութեամբ մեծ գրագէտը), թէ կատարուածը խաղարկութիւն մըն էր ինքնին ու տեղի ունեցաւ մեծանձնութեան ճարտար, «սխրալի» տեսարանը ճիշդ ու ճիշդ, հաշիւներուն համաձայն վաճառականին, որ մարդերը կը ճանչնար եօթը փիլիսոփաներու եօթը դրութիւններէն աւելի ստոյգ ու սարքեր էր այս եղերական կատակը, շատ լաւ տեղեակ՝ գրագէտին աղտոտ, անփութօրէն լքուած պարտքերուն բազմութեան, անոնցմէ կրած չարչարանքին: Ու յղացա՛ծ դաշնամուրեան սա վաճառումը, թելադրելով անոր ծխել տունինը, շատ սուղ Ֆելմայէ, համոզելով գնելու անոր արժէքին կէսովը ուրիշ մը, նոր, նոյնքան յարգի վաճառանիշով: Դրամ ու կին, երկու բառեր, որոնց առջեւ անկա երբեք չկրցաւ պաշտպանել ինքզինքը ու վաճառեց մինչեւ իսկ իր ոճը: Պարտքերը մաքրե՜լ: Հարկաւ: Տեսակ մը վայելք ալ ատիկա էր, ժողովուրդէն մարդու իր հոգիին համար: Անիկա անշուշտ չէր տեսած իր հայրը այդ գոհունակութեան պսակին մէջ: Բայց կը սիրէր պատկերը, որմէ հանած էր ապրուած ու գողտր էջ մը արդար յուզումի, իր մէկ պատմուածքին մէջ: Մինաս Մարան այս տեսարանը դերելէ վերջը, անթափանց իր հաշիւներուն հաշւոյն, անսպասելի մեծանձնութեամբ մը հրաժարած էր գնումէն՝ ինչպէս արժէքը պահանջելէ, մերժելով Տիկին Գոհարեանի վերջին մանեակը, զոր զայրոյթի պոռթկումով մը նետեր էր վաճառականին ոտքերուն, հրամայելով անոր ծախել ու գանձել արժէքը դաշնամուրին: Մինաս Մարան յիմար չէր անշուշտ: Վերցուց զգուշութեամբ թանկ զարդեղէնը ու տուաւ Տիկինի: Խնդրա՞նքը: Պա՜րզ: Բարի կ՚ըլլար Օրիորդ Սոնա Գոհարեանը շաբաթը հեղ մը դաս տալ իր տունը, աղքատիկ, որդեգրուած աղջիկներու, ազգային որբեր գրեթէ, որոնք կ՚արժէր որ օգտուէին «տաղանդաւոր» ուսուցչուհիէ՜ն: Ինչ պարզութիւն, բնականութիւն, ջերմութիւն, այս խնդրանքին ու անոր ներկայացման ձեւին մէջ: Ինչո՞վ մեղաւոր էին խեղճ այդ աղջիկներ, որոնց հայրը, իրեն ծանօթ, վաղեմի վաճառական, մեռեր էր տարագրութեան մէջ, անօթի մեռած պահուն իր աղջիկներն ու անոնց մայրը իրենց հեռաւոր բարեկամին գութին յանձնարարելով: Այս ասումը, անկեղծ, առանց սեթեւեթի, յուզիչ էր անոր բերնին մէջ: Այսպէս աղուորուած, դաշնամուրը մնաց իր տեղը, ինչպէս Մինաս Մարան ալ կանգուն՝ դաշնամուրի քամակին ամէնօրեայ ներկայացումի մը: Խորխորհուրդ այս ձեռնարկին թաքուն զսպանա՞կը: Մօտ է ատենը, որպէսզի գիտնաք: Առայժմ, մինչեւ կծիկին քակուիլը, ձեզի կը մնայ հետեւիլ Օրիորդ Սոնային, Եգիպտոսի մայրաքաղաքին գլխաւոր կեդրոններուն մէջ, դասի վրայ: Իր մենութեան ու վիշտին (աղջիկ ըլլալ՝ կնքուած ցաւ ըսել է յաճախ), ու արուեստին համատրոփ խռովքներուն մէջ, հայ կիները մեղքնալ սորվելով, հայ աղջիկներուն հոգեկան չորութենէն, ճիղճէն ամչնալ ամչնալով, անկա տունէ տուն ու դէմքէ դէմք, երիտասարդէն դէպի տարւոքը իր հակումներուն մէջ անհանգիստ ու վախով, տառապեցաւ իր մօր փոխան: Կան տեսակ մը վիշտեր, որոնք իրենց դառնութիւնը, հասունութիւնը կը գտնեն ժամանակին հետ: Տասնըհինգամեայ հայ աղջիկ մը իր մօրը ամօթը չի դատեր այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէ ատիկա, երբ քսանը անցնի: Անիկա հասունցաւ դարձեալ հոգեկան ժահասփռումին համար, որ կը ծխար անոր շուրջը գրագէտէն, անկարելի անգթութեան, ապաբարոյ տաղանդին շքեղ ու ձրի գեղեցկութեանը ամէն մէկ թելէն: Կու գայ ժամը, երբ կուռքերը կը թափանցուին, այսինքն՝ կը թափուին իրենց խորհրդաւոր հմայքէն: Ով որ շահագործեց այդ պահը ու դատեց վճռաբար իր սիրածը, անիկա խնայած կ՚ըլլայ աւելի հսկայ դառնութիւններ: Վա՜յ անխրատին: Անիկա պիտի տառապի կրկնապէս, սուտին, ու այդ սուտին գիտովի ենթարկուելուն տառապանքովը: Անիկա հասկցաւ սակայն մօրը հետզհետէ ծանրացող, քարացող ցաւն ալ: Դաչնակը իրեն պակսող մտերիմը եղաւ: Ու այդ ոսկորներուն կռնակէն անիկա սորվեցաւ խօսիլ, խօսեցնել, ուրիշներուն սիրտով, այն իրերամարտ մղումները ու խոնաւ զգայութիւնները, որոնք հասուն աղջիկ մը մանր-մանր կը չարչարեն իր առանձնութեան, սուգին ու երազանքին մէջ: Փափուկ, երախտագէտ, անիկա յուզումով յանձն առաւ դասը Մինաս Մարանին, որուն վիլլան քառորդ ժամով միայն հեռու էր իրենցմէ:

Երբ այս պատմութիւնը կը սկսի, Օրիորդ Գոհարեան քսանէն վեր աղջիկ մըն է, Մատոննայի կաղապարով (յոյն բժիշկին Փանայիան), տարօրէն բաց էր մորթէն, հերքելու չափ Յոնիականի թագուհիին համբաւեալ թուշերանգը: Բայց անիկա կ՚արժէր առաւելապէս իր հոգիով, որ կը թուէր չինուած ըլլալ Հիւսիսի հեռու երկիրներուն թախծահար խորութեանց մէջ: Շինուա՛ծ՝ այն տարրերէն, որոնք դալկութիւն են, աղօտո՛ւմ, ու բիւրեղեայ քաղցրութեամբ աչքերուն ծիածանին մէջ կը զսպանակուին: Հոգի՛ն մարմնագեղ, բայց ներս դարձած աղջնկներուն, որ կը ձգէ միսերուն հէնքը ու անոնց ետեւէն քակուող տեսիլքի մը պէս կը քալէ առանձին, լոյսի ու շղարշէ շուքի մը նման, բաւական կերպընկալ, բայց անկախ ալ ըլլալով՝ մարդոց առջեւ լուս, անհրաւէր, բայց անհերքելի փորձութիւն մը, յստակ ու եղերական: Անոնք, կողմնակի նայուածքով, տղաքը պիտի ընեն խենթ: Թարթիչի խաղ մը բաւ է կեանք փակելու կամ փրկելու, անոնց այդ անաղարտ երեսէն: Սիրե՞լ: Ո՜վ գիտէ: Եղան, որ այդ զգացումին լիութիւնը փոխադրեցին իրենց անձին ու թառամեցան իրենք իրենցմէ թունաւորուած, վասնզի մարմինին թոյնը սաստկութիւնն է առաւելապէս այդ զգայնութեան: Սիրե՞լ: Ո՜վ գիտէ:

Փողոցին մէջ ինքնաշարժ: