Սահակ Պարգեւեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Եկէք ետեւէս:

Կամազուրկ, աւելի խելօք, քան տասնամեայ տղան, Արտակ Գասպարեան հետեւեցաւ մայրապետին:

Քիչ մը, օ՜, շատ քիչիկ մը կը դողար ծունկերէն վար, տեսակ մը ուժասպառում զգալով բումբերուն ու թեթեւ ցաւ մը ոտքին կոճերուն: Բայց հակառակ սա ժխտական զգայութիւններուն, անիկա թեթեւ էր «սիրտէն», մեծ բան մը, արտակարգ գեղեցկութեամբ արարք մը կատարող մէկուն ներքին ապահովութեամբը: Նոյնիսկ ուրախութեան հետ շփոթուող բան մը տեսնել կարծեց դէմքին, երբ ինկաւ անոր գլուխը վեսթիեռ ին մէջ, ուրկէ կ’առնէր գլխարկը: Անցողակի, արագ, այս ամէնը: Յստակ էր սակայն ժամերով տառապանքին կնիքը անոր երեսներուն վրայ, դալուկ ու քաշքշուած նոյն ատեն:

Նոր էր դուրս ելած սրահէն, որուն դժուար չէ հոս անունը արձանագրել, բայց…: Վիրաբուժական իր հանդերձանքովը, անթերի ծփանքով ծփծփուն մահիճներովը, մռայլ պատգարակներու դագաղակերպ սարսափովը, մա՛նաւանդ անգոյն, մեծփոր, սրուակներու գլուխներովը այդ սրահը անոր միտքին մէջ ունէր տակաւին կենդանի, խորհրդաւոր իր ապրումը: Նիքելէ գործիքներուն ցոլցլուն մաքրութիւնը, քաւուչուի կասկածելի, ժանգահար կծիկներու ծոցէն: Հոտը: Հիւանդանոցը:

Կատարուեր էր իր երակէն Սոնային երակին մէջ արեան փոխանցումը, իբր գերագոյն միջոցը աղէտը դիմաւորելու, բժիշկին թերահաւատ, գրեթէ յուսահատ գլխի ճօճումներուն ընդմէջէն, թէեւ արեան գնդիկներու խնամութեան փորձը տուած ըլլար նպաստաւոր վկայութիւն, սա գործողութիւնը արտօնող. ի՜նչ խօլ, խոր, անբացատրելի հաճոյքով մը, հեշտանքով մը սա տղան տրամադրեր էր իր արիւնը՝ ազատելու համար սա աղջիկը, որուն անապատի գիշերը եղեր էր այնքան ողբերգական, պատճառելով քանի մը մահեր, իրարու ետեւէ: Այդ մահերէն ամէնէն սրտառուչը, սա մայրանոցի սրահին մէջ իր սկիզբը այնքան վայրագ կերպով յայտարարող կարմիր հիւանդութիւնը կ’ընէր, որուն կը ծանօթանանք քիչ վերջը:

Սրբազան հեղուկի մը սրբազան հրա՜շքը: Դեռ չընդհանրացած, բայց գործածութեան մտած էր, այդ օրերուն արեան փոխանցումը, վտանգաւոր արիւնահոսութիւնները դիմաւորող իրական հերոսութիւն. հրա՜շք՝ որուն կը հաւատար սա տղան ներքին անխորտակելի վստահութեամբ մը, ընդդէմ բժիշկին նոյնքան հզօր, անխորտակելի վերապահութեան: Ան կը հաւատար անդառնալի սիրովը ետ իր երիտասարդութեան: Իր հաւատքին մէջ ան ունեցեր էր պաշտպանութիւնն ալ mère superieureին, որ քիչ մը շատ գիտէր, քան գլխագրեալ Գիտութիւնը, նման վտանգաւոր հիւանդներու սնարքին պակաս չընելով բժիշկին քով քահանան ալ:

Լայն շունչ առաւ: Բաց օդը բարիք մըն է, պաշտպանութիւն մը, երբ մեր ներսի աշխարհը նեղ կու գայ մեզ ամբողջութեամբ բովանդակելու: Որքան շատ կ’ապրինք երբեմն, քիչ պահերու վրայ սակայն: Անոր այնպէս կու գար, որ իր արեան սա հեղումը, անցումը, տեղաւորումը իր սիրածին ամէնէն հեռանկեալ խորշերուն, թերեւս քաւութիւնն էր ծանր մեղքերու, զիրենք կը հիւսէր ա՛լ անքակտելի, սրբազան կապերով, վերջ մը դնելով տարիներու տառապանքին, հիմա՝ որ Աղէտը անցեր էր այդ աղջկան վրայէն, իր ամբողջ ծանրութեամբը, անոր միտքին վրայ գործադրելով անոր ամէնէն ահաւոր փորձառութիւնը, զոր իրեն պէս աղջիկ մը ըլլար արտօնուած առնելու կեանքէն: Արիւնը կը մաքրէր, մաքրած էր: Որքան սրտագին փափաքեր էր անիկա սա նախադասութիւնը փսփսալ գոնէ, աչքերը փակ որովհետեւ նայելու անկարող աղջկան ականջներուն: Յարգեց սակայն արգելքը մեծաւոր մայրիկին: Փորձ, շատ տեսած, մեծաւոր մայրապետը լուրջ ու կտրուկ հրահանգած էր չխօսիլ սա աղջկան: Փոքրագոյն խռովքը, յուզումը, տենդը կրնային անոր տկարացած սիրտը ընդմիշտ կեցնել: Կը խօսէր տեսածէն ու քաղցր էր մահուան սնարքին արտասանուած սա վճիռը: Գործողութեան աւարտումին, րոպէ մը իսկ չվատնելով, այդ կինը զինքը առաջնորդեր էր դուրս է թեթեւ մը զարկած ուսին.

Աղօթեցէք:

Մօր մը գորովը, մա՛նաւանդ մեծ, խորունկ, փորձ կնոջ շեշտը կար սա հրամանին մէջ: Ով գիտէ քանինե՜ր անցեր էին սա դուռնէն, Արտակին նման, ձգելով ներսը իրենց ամէնէն սիրական գանձը ու առեր հրամանը.

Աղօթեցէք Սուրբ Կոյսին:

Ձայն, նայուածք, վստահութիւն էր այդ կինը, այդ ճակատագրական սեմին:

Արտակ Գասպարեան քալեց մայրապետին ետեւէն:

Այս մէկը երիտասարդ, խոհուն, գեղանի ըսուելու չափ կանոնաւոր դիմագիծով կին մըն էր, չափազանց մանկունակ, մանկամարդ ըսուելու համար: Արտակ Գասպարեան անոր նայուածքին մէջն ալ զգաց, գտնել կարծեց նոյն մարդամօտ, կարեկցուն բանը, որով կը դիմաւորուին մարդոց խենթութիւնները, սեռային գինովութիւններուն փրկանաւորումը, ցաւին հետ մեծ մտերմութեան հայթայթած հոգեբաններէն, մայրապետ, քահանայ, բժիշկ, մեծաւոր: Կար աւելին ալ այդ նայուածքին մէջ, ցաւէն անդինը, որ մարդկայինն է մեր դէմքին կտաւին, մեր տկարութեան հաւանական հիւսուածքը, առնուազն անոր կծիկը, երբ կը դիտենք մեր դէմինը, միշտ մեր կորանքներուն լոյսին ընդմէջէն ու կը համակրինք: Գլխանոցէն մինչեւ մուճակները ամեն ինչ ճերմակ էր վրան: Դէմքին ու շալին բացութիւնը դեռ ժամանակ չէր ունեցած դալկանալու, որ նուէրն է մեր արեան գնդիկներուն արեւադարձներու հզօր արեւէն: Հիւսիս ու Արեւմուտք էր այդ դէմքը տակաւին, Սոնային տարիքին շատ մօտիկ ու, ո՜վ գիտէ՝ թերեւս նոյն ճամբով հոս ինկած ու… մնացած: Քաղցրութիւն, շնորհ դաշն էին այդ զգեստներուն ճերմակ սուգին: Գլխանոցին մէկ խորշէն հազիւ տեսանելի խարտեաշ, աղուամազային անոր ծամերը կը պատմէին կարծես հրաշքը ոսկի մազերուն, Հիւսիսի ձիւներուն մէջ այնքան անըմբռնելի: Արտակ Գասպարեանը ինչու կը տեսնէր սա նրբին, խուսափուկ բաները, երբ իր ներսի աշխարհը լման գրաւուած էր ճերմակ մահիճով, մէջը՝ Սոնա Գոհարեանը, երկարած՝ «ընդմէջ կեանքի եւ մահուան», Պարգեւեանի սիրական տարազին համեմատ, այնքան դժբախտ ստուգութեամբ մը ապրուած, սա քանի մը ամիսներու ընթացքին, երբ իրարու ետեւէ, անիկա կարդաց թշուառական բանաձեւը, իրեն շատ մօտիկ մարդոց մահիճէն:

Օրը տարբեր էր ետինքի: Գահիրէի ամրան անբացատրելի ծանրութեամբ ցերեկը, որուն տաքը ըլլար կոտրած որոշ աստիճանով: Տակաւին մաս մը թանձր հեւք՝ կոպճաւոր, տրտում, մանրալար հասակները դեղին շողիւններ ունէին, շուքերէն անդրադարձ: Հոտերը տառապագին մղձուկով: Հիւանդանոցին մեծղի կառոյցը դէմէն, աւազի գոյնով, ան ալ հրաշքով ինքզինքը ժայթքեցուցած անապատէն:

Անիկա գիտէր ու չէր գիտեր, թէ այս կինը ուր կ’առաջնորդէր զինքը: Արեան կորուստին զուգորդ աղօտացումը անոր մտքէն աւելի մարմինը կը շահագործէր, երեւան գալով ծունկի կապերուն, սրունքներու ներսի ցանցին վրայ, իբր թեթեւակի դանդաչում: Այս զգայութիւնները չբերին անշուշտ իր մտքի տաշտին Սոնա Գոհարեանը, որուն վճռուած էր մահը, մանկաբարձ բժիշկին «անվրէպ բերանովը»՝ կորսուած արեան քանակէն իր դատաստանը արժեւորող: Ու քիչ անգամ սխալած մարդու իր ապահովութիւնը անշուշտ հեգնութիւն մը իբրեւ չանդրադարձաւ, նման այն զգայութիւններուն, որոնք մեզ կ’այցելեն մեզմէ դուրս վտանգներու հաշուոյն, ծանր հիանդութիւններու, սրտայոյզ մահերու առջեւ, մեր զերծութիւնը անգամ մըն ալ ոսկեզօծելով: Ուշ էր մնացած այդ աղջիկը, հիւանդանոց գալու: Նուաղումը կը տեւէր շատ աւելի, որքան կ’ընդունէր բժիշկներու գիտութիւնը: Սրտի զարկին իյնալը բնականէն շատ վար գումարի մը, ուրիշ ազդակ: Քմծիծաղով, նոյնիսկ չկամութեամբ կատարուած գործողութիւնը (արեան փոխանցման) իր վճռական ձախողանքովը պիտի չուշանար այդ բժիշկին փորձառու դատաստանը վաւերացնելու: Կան այս մարդերը, ամէն ասպարէզի մէջ, որոնք իրենց տիտղոսները կը ճանչնան ամէնէն առաջ ու անոնց փառաւորումը կը կազմէ հաճոյքէն, պարտքէն վեր բան մը իրենց մտահոգութեանց մէջ: Հիւանդ մը կրնայ մեռնիլ. ատիկա բժիշկին յանցանքը չէ անշուշտ, քանի որ գիտութիւնը չէ վտանգուած: Ու կրնայ ապրիլ, ընդդէմ անոր վճիռին: Հոս, յանցաւո՞րը: Մանկաբարձ բժիշկը յիմար մը չէր անշուշտ: Մեռելի գոյնով կին մը: Դասական կորուստը գիտակցութեան եւ Արեան զարկին իր կէսին իջնալը: Շնչառութեան երբեմն վայրկեանը անցնող դադարը ու վերադարձը մեծ աղմուկով, բոլորն ալ փաստեր organismeին հասած ծանրածանր հարւածին, անմիջական մահուան շատ պայծառ թելադրանքով մը: Վերատեսուչ մայրը միշտ կը հաւատար հրաշքի, ընդդէմ սա վճիռներուն անդառնալիութեան: Անոր պահանջումովն էր, որ փորձուած էր գիտութեան վերջին ճիգը: Մնացեալը կը պատկանէր Աստուծոյ: Ի՜նչ հարկ պատմելու այն ուժգին, խռովայոյզ րոպէները, որոնք նման տրամները կ’երկարաձգեն վերջալուսային ստուերներու հասակովը, մեր հոգիին խորը: Արի, քաղցր, կտրուկ՝ վերատեսուչ մայրը, իր հիւանդանոցին հեղինակութենէն աւելի վեր ուժէ մը պաշտպանուած սիրտին ուժն է ատիկա հրաման էր ըրած այդ երիտասարդին ետեւէն երթալ: Ու այդ հրամանով, երիտասարդ մայրապետը (կա՞ր հոգեբանական պատճառ մը այս մանկամարդ կնոջ ընտրութիւնը արդարացնող: Անցե՞ր էր սա կինը այն տագնապէն, որուն սլաքներուն ներքեւ դիտապաստ կը պառկէր Սոնա Գոհարեան: Ո՜վ գիտէ) ու երիտասարդ սիրահարը (վերատեսուչ մայրը առաջին իսկ ակնարկով հասկցած էր ողբերգութիւնը: Ու սա աղջիկը հիւանդանոց փոխադրող տղան, դեռ պաշտօնական տեղեկութիւններով չանձնաւորուած, չարձանագրուած, իր դասական կաղապարով գրաւած էր իր տեղը անոր մտքին մէջ) պիտի աղօթէին, մինչեւ որ յայտնուէր Աստուծոյ կամքն ու փառքը:

Տouախներով եզերուն ածուն հատաւ մատուռի մը անդաստակին: Ասիկա առաջամաս մըն էր, կիսակամար ու կիսաղեղ: Արեւին ծանր փառքին մէջ մաքուր մարմարները ունէին խտղտիչ նշուլում, բիւրաւոր զանակներու ցրցքնումէն ծնունդ առած: Լոյսին սա առատութիւնը ո՛չ հաշիւ էր, ոչ ալ յարդարանք: Տաքը հոս կը պահէր իր ուժը, անդաստակի նոր մարմարներուն նոր ջրուած ըլլալուն հակառակ: Մուտքի դրան երկու քովերուն, կիսաղեղներուն փորին մէջ երկու կիսախորաններ, որոնց ներսը առանձին, երկու անդրի: Անոնցմէ աջակողմեանը կին մըն էր, մարմար վերարկուն կրելով որոշ պչրանքով, շրթները ժպիտի նմանող տրտմութեան մը մէջ խոնարհած դէպի ծոցի մանուկը, ոսկի լուսապսակէն դուրս ամէն բանով իրաւ ու մարդկային: Արտակ Գասպարեանը գորովեցաւ մինչեւ աղիքները սա պատկերին առջեւ, այնքան իրաւ է, որ արուեստի գործերը մենք ենք, մեր ներսովը, ըլլալէ առաջ մեզմէ դուրս բաներ: Շրջեցան, չլալու համար, անոր աչքերը, ուրուացաւ գլխապտոյտը որմէ կը վախնար այնքան Պարգեւեանի հոգեվարքէն ասդին բայց չամբողջացաւ: Միւս կողմին, հաստ, պարզուկ գիւղացի մը, ձեռքին հովուական գաւազան: Ինչո՞ւ չէին տուած անոր առջեւօք տեղ մը խոնարհ անասունին, որպէսզի ըլլար ամբողջ թելադրանքը Եգիպտոս փախուստին: Արտակ Գասպարեան արեւէ՞ն էր նեղուած, թէ ուրիշ բան է: Անիկա չկարդաց հակառակ իր սովորութեան անդրիներու պատուանդանին ոսկեզօծ արձանագրութիւնը: Կ’աճապարեր:

Ներս մտնելէ առաջ մատուռէն, անիկա ստիպուեցաւ դառնալ սակայն, նայուածքով, իր ետին: Հսկայ շէնքերը, իբրեւ գումար, հիւանդանոցին, այլուրային ըսուելու չափ բազմազան, բայց տարօրէն իրաւ: Անոր ցածուկ մասերը կը հեռանային ծառաստաններուն ծոցը ու կը կորսուէին: Ամէնէն մօտիկը մատուռին՝ մայրատունը, հազիւ քանի մը տարուան կեանքով, զոր կառուցած էր իշխանազն աղջիկ մը, եւրոպական արքունիքի մը մէջ մայր, բայց որ կու գար, ձմեռը քանի մը ամիս, Գահիրէ, կ’ընէր հիւանդապահութեան իր serviceը, վերատեսուչ մայրը դնելով դժուար կացութեան: Մայրատունին տանիքը, թելապատ լուսամուտները, առջեւ բրդացող հսկայ եղեւինը իրենց գոյներով հաշտ էին կեանքին ամէնէն խարտեաշ խորհուրդին: Յղութեան վերջին ամիսներուն, հոն, բժշկական նախազգոյշ քննութիւն անցընող կիները բոլորն ալ մայրեր հաճ ու ապահովիչ զգացումներով կը լեցուէին, տիրող մաքրութեան, գործող ձեռքերուն, հսկող դէմքերուն, մա՛նաւանդ խօսող աչքերուն կանխազգաց պաշտպանութիւնը ունենալով իրենց զօրավիգ, հաւանական վտանգին ընդդէմ: Կիներուն մէկ չէ մահը, ըսեր է շատ բան գիտցող ժողովուրդը:

Մտան ներս:

Յուշիկ, կարծես վախնալով խռովել սրբազան լռութիւնը, մայրապետը անցաւ առաջ: Կիսաստուերին մէջ միայն անոր դէմքին պայծառ կարմրութիւնը կարծես կը գտնէր իր իմաստը: Լոյսին խաղերը մատնիչ են երբեմն: Ո՜վ ըսաւ, որ սա կինը իր ճերմակ համազգեստը կը կրէր որոշ տրտմութեամբ: Իր գեղեցկութիւնը, երիտասարդութիւնը, մա՛նաւանդ քաղցրութիւնը դեր մը, տեղ մը ունէի՞ն սա տագնապագին րոպէներուն ճակատագրին վրայ, քանի որ վերատեսուչ մայրը այդ կնոջ կը վստահէր աղօթքը: Այնքան քիչ բան է մեր գիտցածը սա աշխարհի երեսին ամէն ժամ մեր աչքերուն առջեւ թաւալող խորհուրդներէն: Դասին առջեւէն կէս մը կոտրեց իր ճերմակ փունջը մարմինը ու անցաւ անդին, պատկերի մը դիմաց, որ կը ներկայացնէր Մսուրին տեսարանը, մարմարին վրայ ծնրադրելու: Միացուց իր ձեռքերը իրարու մէջ: Գլխահակ: Ամփոփ: Իրաւ: Խորունկ: Ամբողջ: Անիկա հրաման ունէր հոդ, այդպէս աղօթելու, մինչեւ որ ժամացոյցին վրայ սլաքը գտնէր նշանակուած թիւը վերատեսուչ մայրիկէն: Անիկա վստահ էր, որ մայրատան մէջ պառկող աղջկան բախտը պիտի ըլլար վճռուած, երբ սլաքը գտնէր ճակատագրին թուանշանը: Սրտի շատ ծանր տագնապ մը բժիշկին բառով՝ քրիզը գիտակցութեան ամբողջական կորուստով եւ դասական ախտանիշներով, կը թուէր արդարացի ընել բժիշկին չարագուշակ կասկածանքը: Բայց քանինե՜ր, մա՛նաւանդ Սոնային նման մատաղատիներէն, հերքեր էին այդ շատ գիտցող Գիտութեան պատգամները, յաղթելով մահուան, ժամերով զայն ապրելէ վերջ:

Արտակ Գասպարեան մատուռէն ներս չհետեւեցաւ մայրապետին: Ինքն ալ չէր գիտեր, որ մարդիկ իրենց հնաւանդ վարժութիւններուն կը մնան հաւատարիմ, առանց գիտնալու ատիկա, նոյնիսկ ամէնէն անսպասելի ու եղերական պատերու, դեղերու մէջ անգամ: Անոր սովորութիւնն էր եղած, ամէն ժամ մտնելու, գաւիթին անմիջապէս մօտիկ նստարանը չանցնիլ: Խաչակնքեց, քիչիկ մը դողով, որոշ ալ յուզումով: Նստաւ: Ստիպուեցաւ ընել ատիկա, հակառակ անոր, որ տղայական յիշատակներ իր մէջ կը մնային զօրաւոր, Աստուծոյ մատուցանել աղօթքը, պարտ ու պատշաճ պատկառանքով: Ծունկերը կը դողային: Նայեցաւ, բայց չտեսաւ պատերուն՝ նկարներ, բոլորովին թարմ, խոշոր ներկերով, հաստ ու պարզ միսերու, զգեստեղէնի վերածող Աստուածամօր կեանքին զանազան դրուագները: Մայրանոցէն առաջ շինուած սա մատուռը, քանի մը տարի կայ, տակաւ կը բարձրանար հրաշագործ համբաւի մը: Այն պատկերը, որուն դիմաց մայրապետը, տարին քանի մը անգամ ոսկի պսակներ կ’ընդունէր «ազատող» կիներէն: Թող բժիշկը յաւակնէր իր գիտութեան բարիքներուն վերագրել սա իրողապատում «ազատումները». ասէբսիին անտեսիբսիին կատարելագործ կիրարկումը փառաբանելով: Իրողութիւն էր, որ մեծահարուստ՝ ինչպէս աղքատ մայրեր «ծանր կացութիւններու» կը դիմագրաւէին, այդ պատկերին առջեւ աղօթող մայրապետի մը անպայման ներկայութեամբը: Արեւը, մուտքի դրան վերեւ, գոյնզգոյն ապակիներէ տարբաղադրուած, դասի, բեմի մարմարիկներուն վրայ կ’իյնար աննկարագրելի քնքշութեամբ, կարմիր, կանաչ, նարնջագոյն կտորիկներու ձեւով:

Արտակ Գասպարեանին միտքը մէկէն չգտաւ թելադրուած ուղղութիւնը: Թափառումէ թափառում, անոր ուշադրութիւնը րոպէ մը կանգ առաւ լատիներէն, ֆրանսերէն փլաքներու. աւետարանէն փրցւած, պարզ ու խոր ճշմարտութիւններ, զորս կը լսենք, բայց չենք հասկնար մեր անզգամութեան, անհոգութեան օրերուն, մեր վրայ մեծահաւատ, մեզմէ դուրս աշխարհը բռնի վերածելով մեր փլանին, բայց որոնք կը ներկայանան մեզի իբր գերագոյն իրողութիւններ, հազարաւոր փորձառութեանց գնովը այդ ձեւով սեւեռուած: Մատուռ մը ապաստան մըն է երբեմն մեր յիմարութեան, զայն կրելու իմաստութիւն մը մեզի թելադրող: Արտակ Գասպարեան զարմանքով զգաց, որ տարիներէ ի վեր մոռցուած աղօթքը, տէրունականը, կը քակուէր իր բերնէն, բնական, միակտուր, ու իրաւ, նոյնիսկ քիչիկ մը ջերմ, մանկութեան ու առաջին պատանութեան կախարդ հրապոյրովը, ուժովը, վստահութեամբը: Ինչո՞ւ կը բաղձանք երբեմն մեր միամտութիւնը: Ան եղաւ իրենց հեռու ժամուն տղան, հաղորդութեան մը առտուն, Փրկչին մարմինը բերնին, վարժուհիին պզտիկ ըմպանակին բացած իր երանեալ շրթները: Փոքրիկ սրբութի՜ւն: Հայր մեր էն վերջ փնտռեց ուրիշ ալ կաղապարներ, Հաւատամք էն, Առաւօտ լուսոյ էն, Հաւատով խոստովանիմ էն, նուազ հնազանդ, նուազ ամբողջ, մա՛նաւանդ իմաստի որոշ այլուրութեամբ: Կցկտուր, գրեթէ աւելորդ բառի փշրանքներ էին: Չհարցուց ինքնիրեն պատճառ այս կերպ տպաւորուելուն, ի՜նք՝ որ վարժուած էր ամէն զգայութիւն տարբաղադրելու, հաճելի ըլլալու համար այդ գործողութիւնը իրմէ պահանջող Սահակ Պարգեւեանին, որ առանց կանչուելու, կեցաւ, բռնաւոր ու բիրտ, անոր մտքի դաշտին, Պէյնելսուլէյնի եկեղեցիին մէջ, իր դագաղը լեցուցած, փարթամ ու ամբողջ, դեղին կտաւ մը երեսներուն իբր գերագոյն դիմակ, մահուընէ ներս մտնելու: Վախցաւ մեռելին սա խուժումէն, հակառակ անոր, որ անիկա ամէնօրեայ տանջանք մըն էր, երեք ամիսէ ի վեր: Աչքերը, ներսէն փախուստով, ինկան մարապետին, որուն ճեփ-ճերմակ կռնակին արեւը ոսկի երիզ մը կը բանէր, կապոյտ եւ կարմիր ուրիշ ձեւերու մէջէն, անտես, բայց կարծես զգալի ասեղներու բերնովը: Տեսաւ, որ լոյսը բազմութիւն էր, կը քալէր ու կը խաղար: Ճառագայթներու սա խուրձին ու պարոյրին մէջ դարձեալ յօրինուեցաւ մեռելին դէմքը, հազիւ այլայլուն սկաւառակ, որ կը դառնար տարօրինակ արագութեամբ: Նեւտոնի սկաւառակը, դպրոցէն միտքին ամուր փակած յիշատակ: Սահակ Պարգեւեան կը բռնանար:

Ու հազիւ հարիւր քայլ իրմէ հեռու, հիւանդանոցին մէջ, թերեւս իր ալ այնքան մատաղ, բայց նոյնքան քամբախտ վերջին քաոորդը վճարելու կանչուած անոր չակերտուած «աղջիկը», ինչպէս ծաղրուեր էին տարիներով մեծատաղանդ արձակագիրին ու գեղափթիթ երիտասարդուհիին նոյն տանիքով կամարակապ թշուառութիւնները հիմա՝ այլապէս ուրուային, իրաւ, մեռելատիպ դալկութեամբ ուրիշ պատկեր երկարած էր մահիճին:

Այս երկու հզօր տեսիլքներուն մէջ գիրկ գրկի ժամանակը անկարող էր անոնց խտութիւնը մեղմել Արտակ Գասպարեան անգամ մըն ալ բռնադրուած եղաւ ապրելու արեւմտահայ մեծ արձակագիրին վերջին քառորդը, այնպէս՝ ինչպէս էր անիկա տեսարանւած, երեք ամիս առաջ, գարնանամուտ գիշերով:

…Արտակ Գասպարեան մոռցած է մայրապետին ներկայութիւնը բոլորովին: Գողտրիկ, խաղաղ, ամբողջ հոգի սա մատուռին մէջ մարը մտնելու պատրաստուող արեւէն գոյնզգոյն բռնկում մըն է, որ կը հիւսուի, թափանցող, զուարթ ու տխուր նոյն ամանակի մէջ: Հին գիրքերու էջերուն յաճախադէպ պատմում է ժամերու կամարներուն ներքեւ լոյսերու սա գոյնզգոյն խաղը, տեսիլքի վերածւած: Այդ մարդերը հեղինակները այդ սրբազան այլաբանութեանց իրենց գերագոյն ըղձաւորութիւնները երբ կը հիւսէին փոքր անցքերէ ներս ինկած լոյսի առէջներուն, սիւնակներուն, կը հպատակէին անշուշտ իրենցմէ վեր ճարտարապետութեան մը: Անոնց համար այդ ճառագայթումը ճամբայ մըն էր դէպի կայաններ, ուր իր դադարին արժանանար պիտի սա մշտապէս տառապակոծ խեղճ մեր սիրտը:

Արտակ Գասպարեան տեսիլք մը ունեցող հոգեկան եւ իմացական յարդարանքէն դուրս էր անշուշտ սա րոպէին, երբ իր սիրտին սիրելին, իրմէ հարիւր քայլ վերօք, իր վերջին քառորդին վրայ կը խաղար, առանց դերասանութեան: Բայց մեր միտքը ինքնագլուխ յիմարութիւն մըն է, ամէնքդ գիտէք ատիկա: Մեր միտքը մեր չգնուած մեղքն է յաճախ: Ու թերեւս հոս կայ թեթեւ լուծում մը մեր բազմատեսակ տառապանքներուն: Աղօթելու ղրկուած, ատոր խորապէս տրամադիր, զայն մասամբ ալ սկսած երիտասարդը ո՞ր օրէնքին մուրճովը բռնադրուեցաւ, բացարձակ ու միակտուր սուզումի մը մէջ, վերադառնալ գարնանամուտ գիշերին, մեր ընթերցողներուն վաղածանօթ: Ատ ալ չէր ունեցած քառորդէն աւելի տեւում:

………………………………………………………………………………………………..

Ստիպողական, տագնապագին խօսակցութիւն մը, որ փրթաւ ալ քանի մը անգամ, անհասկնալի ըլլալուն (հեռաձայնը դող էր ամբողջ, խօսողին անձուկը բառերէն անջատաբար փոխանցող), կատարուած գիշերակէսէն բաւական վերջ, գրեթէ լուսդէմ, Հելուան կը կանչէր Արտակ Գասպարեանը, որ չէր հանուած, իրարմէ զօրաւոր հոգերու անձնատուր, ու կը մնար սպասումին մէջը տարօրինակ, հրաշախառն բաներու: Անիկա մեծ ցաւով հետեւէր էր Պարգեւեանին տղուն, որ, ով գիտէ ի՜նչ «ճակատագրական ձայներէ բռնավար», Գահիրէ իջնելուն, մօրը իսկ չսպասելով, չընկերանալով մինչեւ պանդոկ, վազեր էր կայարան, Վերին Եգիպտոս touréeին պատրաստ կառախումբը մտնելու (կայարանէն մօրը հասցէին ձգուած բացիկ մը կը յայտնէր որոշումը հարաւային կիսագունտ անցնելու, ճանչնալ կարենալու համար «մթին ու հեքիաթունակ» Արեւելքը, ի պատրաստութիւն իր մեծ գործին: Սա գիրը կարդացող մայրը տեսա՞ւ, առնուազն հեռազգա՞ց այդ տողերուն տակը ծածկուած մասը սա տղուն հոգիին: Կրցա՞ւ այցուիլ խորհուրդէն, ուր իրար կը կրկնէին հայրն ու տղան, քառորդ դարու անջրպետով մը, ահաւոր հարազատութեամբ): Անոր արտակարգ աճապարանքը, դիմագիծերուն խորը թրթռուն մութ ուրախութիւնը, խօսքէ սակաւութիւնը, մա՛նաւանդ աչքերուն չարաշուք փայլը դժնդակ կերպով խառնուեր էին Արտակ Գասպարեանի ներքին անձուկին մէջ, զայն անդադար ետ, անապատին «թաքնաթաքուր» ժամը նետող:

…Մայրատան մատուռին մէջ, գլուխը ամբողջովին ծածկած իր ափերուն ներսը   ո՞վ կը դնէ մեր ձեռքերը այդպէս իրարու վրայ կամ մեր գլխուն, մա՛նաւանդ սիրտին վրայ Արտակ Գասպարեան մտքին առջեւը ունի այդ անմոռանալի լուսադէմը, խելացնոր արագութեամբը, դէպքերու խելացնոր իրականութեամբը, որոնք, երբ կը թաւալին ժամանակի ատամներուն ընդմէջէն, այնքան անձուկ են ու հրաշք, ու ամիսներու ընթացքին դեռ չեն պարզուիր, յիշատակ դառնալու անկարող, այնքան իրենց խուժումի րոպէներուն խտութիւնը դանդաղ կը տարբաղադրուի: Հոն է, կէս խարխուլ մահիճին մէջ երկարիլ ուզող, բայց չկրցող արեւմտահայ մեր արձակագիրը: Փոքր, դժբախտ, քայքայուն այդ խուցէն ոչ մէկ աղօտանք, այլայլում: Ու ինչպէս ամէն անգամ, մատուռին ներսն իսկ անիկա կ’այցւի դուրսէն ներս թեւ բացող հովէն, որուն կը պակսի եղրեւանիին քիչիկ մը մարմին հոտող ալիքը: Ու պահին յատուկ այն բացառիկ ալ զգայութիւնը, որով իրար կ’ամբողջացնեն մեր միտքի անհունին նետուած փշրանքները ջղային սարսուռներու, կարծես իրարու ճիտ պլլուած, դուրս փախչելու համար քաոսէն, ըլլալու համար օր մը ապրուած պահը կրկին, բայց վճռական հաւատարմութեամբ մը: Միշտ միասին: Մահճակալը պարտէզէն հոն քաշելու վրայ ուրուականները, հոգիները ծաղիկներուն, ելեկտրական լոյսին փարթամ պաստառը, պատերուն, աթոռներուն, մա՛նաւանդ մեղրամոմ դէմքին վրայ հիւանդին, վճռական նոյնութեամբ մը գրաւած անոր միտքը, իրաւ, չքացնելու աստիճան դողտր կամարը մատուռին, զայն լեցնող այն բազմազան իրերէն, որ նոր տեղերու վրայ այնքան արագ կը զարնէ մեր գիտութիւնը: Կա՞յ, չկա՞յ, քիչ անդին իր ադօթքին մէջ փակ խորհուրդը մայրապետին, ատ ալ ողբերգութիւն, ով գիտէ քանի՜ տարիներու վրայ երկարաձիգ հոգեվարք, ինչպէս կը թելադրէ պատկերը սա զոհաբերումներուն, երբ կու գայ մատաղ այդ մարմիններէն: Ու թերեւս նոյն ատեն ալ անշրջագիծ, ծփուն մաքրութիւն, անշամանդաղ կուսութիւն: Առանց նայելու, առանց ուզելու, աղօթող սա ձեւը է՛ այդ ամէնը սա տղուն մտքին մէջ, ու է, տակաւին, նոյն ամանակով ու նոյն պայմաններու վրայ Սոնա Գոհարեանը, ան ալ ճերմակներու մէջ, բայց կարմիր, արեան արատներով տեղ-տեղ վրդովուն, մութ ցաւերու գելունքին մէջ, սրսփուն, հեռու, նուաղուն, «ընդմէջ երկրի եւ երկնի», րոպէներով անշուշտ սառում, սպառում, ըլլալու համար մէկէն երիտասարդ միսերու դառնագին ծխում, ցնցում, վերմակը հալածելու չափ ուժգին: Ու անոր ալ երեսին մարմաջը, դալուկ ճերմակ, դեղինի զարնող, որուն վրայ արտեւաններն ու թարթիչներն իսկ տառապէին, զղջային…

Պատկերներու սա պարը, իրարու վազող ու իրարմէ սարսափով փախչող, բռնանալու, կործանելու, տիրակալելու նիւթական զգայութիւններ արթնցնող, Արտակ Գասպարեանին մէջ շուար, անբացատրելի հանդէս մըն է, իր սկիզբը ըրած ամիսներ առաջ, արձակագիրին մահէն ասդին, անոր տունը իրարու ետեւէ հարուածող աղէտներու վրայ բեմադրուած: Անիկա չի կրնար ժամանակի մը մէջ տեղաւորել այս ամէնը, այնքան դէպքերը եղան աննախատեսելի եղերականութեամբ: Իր անհուն բարութիւնը կսկծագին փորձերու ենթարկող չարիքին սա յաղթական արշաւը, իր սիրածը «հիմունքէն» կործանող սա հեքիաթը (այնքան տարօրինակ է տակաւին անոր բանականութեան առջեւ անապատին ժամը), ու մանաւանդ գի՜նը մեր վաղանցուկ յիմարութեան, զայն կ’ընեն կամազուրկ խլեակ մը, հասկնալու, տեսնելու բոլորովին անատակ, ինքնամփոփ, լռասոյզ, գլուխը միշտ թաղած ափերուն փոսին, նոր մահուան մը շատ հաւանական տրաման ալ կրելու պատրաստելով արդեն ուժասպառ իր ջիղերը մի մոռնաք մանկաբարձ բժիշկին հանդիսաւոր վճիռը ու հրաշքի համար այնքան քիչ ու գէշ յարդարուած արդի երիտասարդին հոգեյատակը այդ տղան ինքզինքը կը զգար ահաւոր «քայքայման» մը մէջ, բացարձակ անկարողութեամբ մը բան մը ուզելու, ընելու: Կը սարսափէր մտապատկերէն, աղօթքի աւարտէն ետք, այդ անդամալոյծ կծիկը մատուռէն դուրս փոխադրելու: Արեան իր կորուստին անդրադա՞րձը՝ սա լքումի, անօսրացումի զգայութիւնները այդպէս պտըտցնող, թէ այն միւս թուլացումը, որ մեծ տագնապները կ’եզրաւորէ, երբ ժամեր, թերեւս օրեր երկարող մեր խռովքները շալկելու համար մեր հոգեղէն ուժին ամբողջ պահեստը կը գործածենք մահուան մէջ ու մահուան դէմ: Կեցանք սուտին ու իրաւին դիմաց ու… զմեզ գտանք առանձին, մեռելի մը կուշտին կամ հոգէառին դիմաց: Այն ատեն է, որ կը գիտակցինք մեր վատնած ին ահաւոր ծանրութեան, գինին: Այն քանի մը ժամերը, որոնք կէս օրէն ետք քալեր էին այդ տղուն վրայ եւ հիմա կը կենային անոր ետին, դժնդակ լեցունութեամբ, երկարութեամբ, խանգարած էին անոր մէջ տեւողութեան ընթացիկ զգայութիւնները, անոր ուղեղին տակ իբրեւ շաբաթներ, ամիսներ փշրուելով, տեղաւորուելով, Հելուանի ամայի, չարաղէտ վիլլայէն մինչեւ Գթութեան քոյրերու սա հիւանդանոցը…: Ի՜նչ անպատմելի յուզումով անիկա գրկեր էր այդ աղջիկը, արեամբ ողողուած իր մահիճէն, փախցնելու համար զայն գրեթէ թեւատարած մահէն: Տունէն մինչեւ հիւանդանոց, միշտ բազուկներուն մէջ, հսկելով անոր սիրտին տուող զարկը, անհնարին անձկութեամբ, արեան մէջ ինքն ալ ողողուած, ա՛յնքան՝ որ չէր կրցած իջնալ ինքնաշարժէն ու հիւանդը պատգարակին յանձնելէ ետք, քանի մը րոպէ ինկած ուշաթափ…: Ու նոյն ամանակով, կարծես յապաղումէն տառապող միւս մահիճը արձակագիրին, աս ալ մահւան համար հանդերձուած: Սա ետինքին, այս զոյգ մահիճները անոր ներսը հակասական տպաւորութիւններու բուռն իրենց հակազդեցութիւններով, վախ ալ էին, քանի որ կը յիշեցնէին իմացական խաւարումը իր մէկ ընկերոջ, որ մտած էր մտքի գիշերին մէջ սա սկիզբով, զօրաւոր յուզումներէ քայքայուած իր ջիղերը հանգչեցնելու միջոց չգտնելով ու երեք օր, երեք գիշեր երկարող զգայախաբական տեսիլներէ ետքն էր ընկեր քունի, խենթ մը արթննալու համար: Սոնա Գոհարեանին մահիճը, նոր, թարմ, այլապէս սրտագրաւ, տեղի տուաւ սակայն միւսին, որ, միակտուր տեսարան մը իբրեւ, դրուեցաւ անոր ուղեղին, բեմը գրագէտին հոգեվարքին, ընտանի, բռնաւոր, վրան խուժող՝ օրուան ընթացքին, քիչ մը ամէն տեղ, քալած, կերած, խօսած, կարդացած ատենները, գործատան իր տետրակները վերածելով Հելուանի սենեակին, բիրտ, անակնկալ, աննահանջ, խանգարելու չափ կեանքին սովորական գնացքը, հազիւ-հազ դառնալով իրականութեան, բարեկամներու, խօսակիցներու զօրաւոր ընդմիջումներով: Բայց այս խուժումը, պայմանադրական, անվրէպ կանոնաւորութեամբ մը, ամէն գիշեր, ժամը երկուքին, մէջտեղէն կտրելու համար իր վրդովեալ քունը: Երեք ամիսներ անցեր են այդ գիշերէն: Բայց հոգեվարքը ոչ իսկ փշրանք մը կորսնցուցած է իր արհաւիրքէն, պատելով իր սկզբնական տեսարանին սարսռագին մանրամասնութիւնները, յստակութեամբ մը, որ գինն է հանապազօրեայ կրկնումներու, փոխարինելու չափ յաղթականօրէն ցերեկուայ իրականութիւնը, գործին շարժումները, նոյնիսկ սիրահար երիտասարդի իր բռնկումները...: Պիտի արթննար ընդոստ, ամէն գիշեր, «հեւքի» մը խոնաւ սղոցումէն, որ յստակ էր, սարսափելի ըլլալու աստիճան, պղտորելով գիտակցութեան իր դարձը (քունէն անմիջապէս ետք). հեռացող մեռելի մը ներկայութիւնը, լսելու աստիճան սրսփումը անոր դանդաղ մարմինին, քսքսուքը անոր մուճակներուն: Ու բռո՛ւնցք: Այսինքն՝ իր ափերէն ամուր քակուող բռունցքը մեծատաղանդ գրագէտին, այնպէս՝ ինչպէս զգացեր էր զայն Արտակ Գասպարեան գարնանամուտ լուսդէմին: Արտակ Գասպարեան միշտ պիտի զգար այդ բռունցքը իր ափերուն մէջ ինչպէս տուեր էր զայն գրագէտը, իր վերջին քառորդին մտնելէ առաջ դեռ, ամիսներ ետքն ալ, չաւրուած պահելով եղկ, թրթռագին, քրքրուող, քրտինքի մէջ լուծուող անոր մատներուն, հիւսուա՜ծ ամուր իր ափերուն, պաղատագին ու եղկելի, որոնց արգիլուած ըլլար պարտկել իրենց պրկումները, գալարումները, անձուկովը՝ կառչելու տեղ մը հալածող մարդուն, որուն ներքեւէն փախած էին հաստատուն իրերը, հողն ու քարը, ինչպէս մահճակալը, իր երկաթները փրթուկ լարերու նման երկարուն, զինքը ձգելով այսպէս առկախ, ընդմէջ երկրի եւ երկնքի, եղերապէս հաստատելու համար կարծես անոր ամէնէն խորունկ տարազներէն մէկը, ընդմէջ կեանքի եւ մահուան, որ կը տպաւորէր, հակառակ ըսուածքին խոր թատերականութեան Կեանքը այնքան լեղի հեշտութեամբ արժեւորած սա մարդը, որ ծաղրեր էր մեր մէկ քննադատը բանաստեղծի մը մահը քերթուածի վերածելուն, իր կարգին, պիտի զգուշանար այդ ծիծաղելիէն: Եթէ մէկ մասը այդ վերջին արարին քալեց համաձայն իր նախատեսութեամբ, ուրիշ շատեր նոր էին անոր ջիղերուն վրայ: Դուք գիտէք որ մահւան, այսինքն՝ անկէ ետք ու վեր կեանքի մը վրայ հիմնովին ապահաւատ այս մարդուն բերանէն բառը մա՜հը տարիներ ու տարիներ, թաւալելով, թաւալելով կորսնցուցած էր իր գրական թելադրանքը, զայն մէկէն, այնքան անակնկալ վերահասութեամբ մը, աննահանջութեամբ մը գտնելու համար գարնանամուտ կէս գիշերէն ետք: Ըսի, թէ իր ուզածին մօտիկ էին պայմանները այդ հանդէսին: Բայց չըսի՜, թէ որքան իրաւ պիտի դատէր անոր անպատրաստութիւնը:

Դուք գիտէք նախերգանքը: Գիտէք առաջին ալ արարը: Հաւքունի պէս դադար մը: Ճիշդ վարագոյր մը բանալու տեւողութիւն մը կերպարանող կարծես: Որուն ընթացքին, իր մատներուն ծայրին կոխելով Սոնա Գոհարեան պիտի փորձէր դառնալ իր մօրը ծոցը, հոն լալու համար իր թշուառութեան գերագոյն արցունքը, անոր ալ պարզելով անապատը, իր ճշգրիտ իմաստին մէջ: Դէպքերը քալեցին ուրիշ քալուածք:

Տագնապը իրաւը սկսեր էր սուտի պէս, սա հանդարտութեան հաստատումէն իսկ առաջ ու գտեր, ակնթարթի մէջ, իր իմաստին գերագոյն ծանրութիւնը: Նոյն շնչահեղձութիւնը, անշուշտ, բայց բոլորովին ուրիշ վերահասութեամբ մը: Ոչ ցաւ: Ոչ դողդողալը հազին աքցանին տակ: Այլ ուղղակի խածոտում մը, քիչ առաջուան կասումի զգայութիւններուն ամբողջական ծաւալումը, իր մարմինին բոլոր մասերուն վրայ հաւասարապէս: Կային ու չկային այդ մասերը նոյն հարազատութեամբ: Յետոյ ահաւոր վախը սուզումին: Մէկէն ջանացեր էր փախչիլ մահիճէն: Թերեւս այս շարժումն էր պատճառը, որպէսզի հեղինակուէին Պարգեւեանի հոգեվարքին ամէնէն սարսռագին յուզումները: Ինչ որ այս տագնապը գամած էր զինքը շրջապատողներուն ուղեղին, անջինջ ու բացարձակ, ատիկա սա վիճակներուն թաւալումը տեսնող, դասաւորող ու զայն շուրջիններուն հաղորդող իմացական պայծառութիւնն է: Ամէն բան կը տեսնէր այդ հրաշալի ուղեղը, իրեն մատուցուած այնքան տարօրինակ, տարադէպ կերպարանքներուն տակ իսկ, պահելով դատումը անխարիսխ ու ամբողջ: Էջքի այս շարժումը պատճառ անշուշտ, զգացական կեդրոններու խախտումին, որ պիտի տեւէր ամբողջ տրամայի ընթացքին: Երբ իր ահաբեկ կանչէն Սոնան վազեր էր ներս, Սահակ Պարգեւեան տեսաւ այդ աղջիկը, որ կը քալէր գլուխը գետնին ու ոտքերը առաստաղին: Պատկերը, վճռական յստակութեամբ, գերագոյն շրջումին: Տարազ մը իրեն այնքան ընտանի, զոր գործածեր էր տիրական վայելչութեամբ, անձերու, շարժումներու, շրջաններու գնահատումին մէջ հիմն ի վեր կործանելով անտաղանդ թշուառութիւններ, ինչպէս տաղանդաւոր ուռեցքներ...: Շարժական զգայութիւններու սա խանգարումը, խաթարումը անո՛վ աւելի կ’ըլլար անժուժելի, ահազդեցիկ, երբ զգայարանական միւս կեդրոնները կը մնային հաւատարիմ իրենց պաշտօններուն, իբր թէ ոչինչ ըլլար պատահած: Անիկա հասկցաւ բաց պատուհանէն լուռ ձայնը եղրեւանիին թեւէն, լման ցերեկուան մէջ իր ներսը մթերուած յոյզերուն կշիռովը: Անոր աչքերը կը պահէին իրենց կարելի ուժը, զինքը տեսնելու համար, մահիճովը, առաստաղ բարձրացած, շրջւած: Այս տեղափոխումը այնքան ուղիղ, ամբողջ պատկեր մըն էր, որ այդպէս առկախ մարմինին վար հոսումը արգիլելու համար, մինչեւ գիտակցութեան վերջնական նուաղումը, վերմակին եզրերը մահիճին տակը ամրացնել հրամայեց, ու այդքանով ալ անբաւական՝ նստեցուց զինքը շրջապատողները մահիճին եզրերուն: Աւելի՛ն: Իր սրունքները անցընել տուաւ մահճակալին ոտքի կողմէն, բացուածքներուն: Կը խօսէր, շատ կամաց, բայց շատ խոր, իր հրամաններուն մէջ զգալով ու զգալի ընելով վերջնական բաներ: Մինչեւ Արտակին ժամանումը անոր ձեռքերը գրեթէ փաթթուած եղան Սոնային: Չմերժեց Արտեմիս Գոհարեանին ալ ձեռքը, որ կը ծանրանար իր սառած, քրտնադող գլխուն, վարերէն, գորովագին, վախկոտ, խորապէս մարդկային, ա՛յնքան՝ որ տարիներէ ի վեր այս կնոջ հանդէպ իր զզուանքը թուլցաւ կարծես: Անոնք նայեցան իրարու թերեւս իրենց առաջին իրաւ, սիրազեղ նայուածքը: Յետոյ՝ ամէն ինչ պայծառացաւ իր շուրջը, անդորրագին, մշուշաւորումէն տակաւին զերծ յստակութեամբ մը նոր, քաղցր աշխարհի մը նախաստուերին մէջ, ուր մեզ լացնող տրտմութիւնները ըլլային հալած, շոգիացած հեքիաթին արքայութիւնը: Անիկա չորցուցած էր իր պատանութեան այդ դրախտը, անհուն իր մեղքերուն աղեղովը: Բայց գտաւ, որ դեռ գրագէտը չէր դադրած իր մէջ, քանի որ իր ուղեղը նոյն կորովով, յստակութեամբ կը տեսնէր ո՛չ միայն արտաքին աշխարհը, այլեւ այն, մտածման միգամածները, որոնք ընդհանուր կազմալուծմանը մէջ անոր ուղեղին, կը փրթէին իրենց խորունկներէն, կը վառէին անոր մտածման վառարաններուն որքան շատ էր անոնց թիւը վրայ ու կ’ըլլային իրականութիւն: Այս կարգի խելամտում մըն էր անշուշտ այն դատումը, զոր բանաձեւեց գրական, վերջին քառորդին քաղցրագին, նուաղումներով հետզհետէ ծաւալող այն վիճակը, գիրքերու մէջ, խաղաղ շիջումը կանխող հեշտութիւններուն, վիպասաններու գրիչին տակ, միամի՜տ՝ հաւատալու չափ այդ յիմարներուն յերիւրանքին: Յիմարներ, վճռեց ու հանեց բերնէն բառը, որ անիմաստ բացագանչութիւն մըն էր մահիճը շրջապատողներուն, բայց անոր միտքին մէջ արի ու արու մտածում: Մահը սիրահարութիւն մը չէ, որպէսզի ըլլար վերլուծելի: Մահը չի փորձարկուիր: Ու շատ ցանցառ է թիւը մահէն դարձողներուն, որոնք անոր մէջ մտնելու իրենց տպաւորութիւնները պատմած ըլլան գրողի ջիղերով: Արտակին ժամանումին հետ, անոր քրտինքը լման պատմուճան մըն էր, ադամանդակուռ, պատկերեց անիկա այս բառը նորէն ու արտասանեց: Չգիտցաւ, թէ ինչ էր ակնարկուածը: Թեթեւութիւն ու դիւրութի՜ւն, այդ ադամանդով լուացումին իբրեւ հետեւանք: Կրնանք շատ բաներ ըսել, երբ կեանքը այդպէս պուտ-պուտ պարպելու ատեն, այդ անդարման սպառումին տակ, անդարձ կորուստին իրաւ մարմինն ալ կ’ապրինք, մեր սիրելիներուն ու երբեմն, հոս դրուածին նման, մեր հաշուոյն: Տարտղնումի, բաժան-բաժան ծփանքի պատկերնե՜ր, մեր մէջն ու դուրսը, երբ առարկաները, դէմքերը, մութը, լոյսին զանգակը, պատին նկարները կը քակուին իրենց գիծերուն շէնքէն, իրենք զիրենք կրկնելով, տասնապատկելով, կը քալեն, կը հեռանան, կը վերադառնան, անհուն սպասման կարճ աճապարանքին անձուկը բարդելով մեր արդէն յոգնած, ճաթելու չափ պրկուած ուղեղին: Ու այս փոքր հէնքերը, շարժումի բեկորները իրենք իրենց կ’ըլլային իմաստ, ճարտարապետութիւն նոյնիսկ: Անիկա տեսաւ ու լսեց կկոցին վազքն ու չոր գիծը անոր ձայնին, ճիշդ այն թարմութեամբ, իրաւութեամբ, որով իր ուղեղին մէջ դաստառակուած էր պատկերը, տասնամեայ տղու կակուղ, տարօրէն ընկալուչ միտքին խորը անջինջ քանդակ, դրացի պառաւի մը բակը, հոր գործելու տնական աշխատանքին առջեւ, թիզ մը մնացած կտաւը աւարտելու հոգին մէջ, մէկէն գլուխը հակած Ֆելէմէնկին բժիշկին ու ա՛լ չարթնցած: Վերջին թիզը կտաւի՜ն: Երիտասարդութեան փորձեր էր անկէ վիպակ մը ձեւել ու վրիպած: Ո՞վ կը հիւսէր թելը Պարգեւեանի կեանքին կտաւին, քանի որ յստակ էին անոր զգայութիւնները այդ աշխատանքէն: Յետոյ՝ դադար: Լոյսը կը լիանար, կը պայծառանար: Առարկաները կը հաւաքէին իրենց շուքերը, կտորները, բոլորն ալ բարձրօրէն հեռու, օտար, մա՛նաւանդ անտարբեր: Կա՞ն պահեր, որոնց ընթացքին առարկաներու հոգիները ըլլան տեսանելի: Սահակ Պարգեւեան կը նայէր լոյսին, հետզհետէ ուժաթափ իր աչքերը փակելու սարսափին մէջ, լամբին հեղուկնալը, խմորնալը որոշապէս դատելով, սա երեւոյթները բացատրելու անկարող, բայց հզօր տառապանքին մէջ այդ բոլոր խանգարումները կապելու մեծ քայքայումին, ի՜նք՝ որ իր երիտասարդութեան օրերուն իր ժողովուրդին հոգեկան ու բարոյական քայքայումն էր նուաճել փորձեր, իր լաւագոյն վիպակներով: Պլպլագին յառումներ էին անոր վրայ, ուրիշներու ալ աչքերը, վերէն շարժող լոյսերը քիչիկ մը մատնուած, բայց պահելով իրենց մարդկային խորքն ու խորհուրդը, բռնուած ու տենդահար, գրեթէ սուգի մէջ կալանաւոր նայուածքը Տիկին Գոհարեանին, որ մահուան ու կեանքին համար մէկ ու նոյն գահոյք մը եղաւ, սա քանի տարի է ու չէր կրնար վստահիլ մահուամբ գնելի խաղաղութեան մը, ի՜նք՝ որ իր սիրտին խաղաղութիւնը գնել էր կարծեր, մեռցնելով իր մէջը այնքան խորունկ նստած կեանքին խորհրդանշանը, ամէն բան զոհելով սա մարդուն թեւերուն մէջ գտնելու յոյսով հանգիստը, որ բառ է սա մեր աշխարհին, անհրաժեշտ կրկնապատկեր…: Սահակ Պարգեւեան չկարդաց այդ տագնապը այդ կնոջ նայուածքին մէջ, մնալով ենթակայ իր բնազդներուն վատութեան ու փնտռեց աչքերը անոր աղջկան: Սրտագրաւ, սիրազեղ, մարմնական զգայութիւններով յորդ, բաբախուն էին այդ աչքերը, յստա՜կ, յստակ մանաւանդ, որոնք կ’ըսէին ո՛չ միայն նոր սորվըւած ահաւոր անապատը անգամ մըն ալ դարձաւ անոր ուղեղին կամարին, տակնուվրայ շրջելով ո՛չ միայն անցեալը, այլեւ՝ սա հոգեվարքին սենեակը բաներ, այլեւ՝ ուրիշ, շատ ուրիշ, իրաւ ալ բաներ, երկու հոգիէ միայն հասկնալի, ինչպէս կը կարծենք յաճախ տխուր պատրանքով: Պէտք կա՞յ հոգեվարքներուն, խորունկ նուաղումներուն յատուկ սա զգայախաբութիւնները, զեղծումները ընդլայնել, անոնց ցանցին մէջէն հասնելու համար մեր ապրումներուն համագումար դիրտին: Սահակ Պարգեւեան անհնարին բեկումով մը զգաց աստիճանը իր ձեռքով իր վրայ գործադրած զրկանքին (չէր այցուած տղուն ուրուականէն, որ մինչեւ վերջնական խաւարումը պիտի չերեւար անոր բազմերանգ տեսիլքներուն բեմին), սա աղջկան նայուածքին մէջ կարդալով իր կեանքին ամէնէն մեծ խորհուրդը, չի գրուիր բառը, ինչպէս ինք վարանեցաւ ընել: Դարձուց նայուածքին սլաքը ու աս իսկ դառնութիւն էր անոր: …Ու անուշութիւններ, իր մարմինին ով գիտէ ո՛ր խորշերուն մէջ արգելափակ քանի՜-քանի՜ տարիներէ ասդին: Ասոնք ալ զգայութիւններ էին, անոր միսերուն վրայ արձանագրուած, այնքան խարանումներու կողքին, զրկուածներու, անօթիներու (սեռէն) իր նուիրանքներուն փոխարէն, երբ կը փակէր շրթները երախտաւորեալին ու կ’անցնէր իր թշուառութեան, անօթութեան թիարանին: Պատկերներ, ժամանակէն ու աղտէն ազատ պայծառութեամբ, բայց համ ու զգայութիւն դարձեալ, թելադրելով, զարմանալի իրականութեամբ մը, հակառակ իրենց թաւալումին, բաբախումին արագութեան, անոր մէջ ընդմիշտ կորսուած վիճակներու յարութիւններ, ո՛չ միայն իբր տեսարան, այլեւ՝ բարիքովը, փաստովը իրենց իմաստին, անոր մանկութեան ու պատանութեան ոսկի օրերուն կտաւէն, զերծ՝ գէջ, ճենճերուն, աղտահար գարշանքէն, որուն մէջ մշուշուած քալեր էր անոր հոգին, աւելի քան քառորդ դար: Անշուշտ: Հոգեվարք մը համադրում մըն է: Զայն քակել՝ պիտի նշանակէր վերստին գրել Սահակ Պարգեւեանին վէպը, շրջուած: Անիկա հարցուց սակայն, ո՞վ էր մաքրեր այդ ապականութեան, գարշանքին ծովը, Սահակ Պարգեւեան անունին տակ, փռուած աշխարհի երեսին, uանկ երեսուն մը տարի, ուր աժեմին ու չաժեմին թուքն ու քարերը պակաս չեղան: Հիմա՞. խաղաղութիւն խաղաղութեանց (վախցաւ սակայն, թէ կ’աճապարէր գուցէ. հոգին յանձնելը չունեցած պարտք մը վճարել չէր նշանակեր անշուշտ): «Արդարներուն արդա՜րը» միայն պիտի վարձատրուէր սա քաղցր քառորդին պարգեւովը, ինչպէս վճռեր էր խանի մէջ անսուաղ իր աչքերը փակող պանդուխտ մը, Պոլիս, փողոտումներու օրերուն, դանակէն փախցուցած կիսակտուր իր գլուխը շարժելու անկարող, բեռնակրի իր համետին վրայ վերջնական կերպով հանգչեցուցած: Մորթուած պատանիին երկու ձեռքերը կուրծքին վրայ խաչաձեւ տեղաւորող ծերունին բանաձեւեր էր վսեմ պատգամը: Ու Սահակ Պարգեւեան բախտաւորուեցաւ իր վերջին քառորդին սահմաններուն այդ զգայութիւններովը: «Արդարներուն արդարը» չէր ինքը ու գիտէր ատիկա: Բայց հոգին յանձնելու հանդէսը մարդկայինով արժեւորելը աստուածայինին հասնիլ չի նշանակեր: Արագ, փայլակնային հեղումով, բայց մանրամասնութեանց անթերի ամրութեամբ, ամբողջութեամբ, իմաստով, սա պատկերները եղան գողտր, յուզիչ ալ բեկորներ, մեծագին ու տարօրէն մօտ, ընտանի, իրենցմէ բաժնուելու կսկիծին մէջ վարշամակուած: Դժուար է հետեւիլ ամբողջ այդ հիւսիսայգին, բանաստեղծ մը պիտի ըսէր՝ վերջալոյսին: Անոնցմէ մէկուն մէջ անիկա պոլսեցին էր, տարազ, խորհրդանիշ ու յուռութք, որուն վրայ իր քնարական զեղումները տարիներով ծաղրեր էին մարդիկ, անկարող ու աժան ռոմանթիզմ մը դատելով սա մարդուն անհուն հայրենաբաղձութիւնը, նախապաշարուած անշուշտ անհայրենիք փարիա մտաւորականի անոր պարսաւէն: Որ քաշքշուած բառ է նոյն ատեն, մա՛նաւանդ այդ քաղաքէն դուրս, տարագիր ո՛չ թէ մեռնողին, այլ՝ ապրողին ալ համար: Մեր ռոմանթիքներուն փրփուրն ու բոյրը, թաւիչն ու հեշտանքը, վարդն ու պլպուլը, կապոյտն ու բոսորը, զեփիւռն ու կոյսը, շողն ու մրմունջը մինակ փափուկ բառեր չեն, այնքան անխնայ լլկումով մը պոռնկացած, այլ՝ թերեւս ա՛յն աննուաճելի հոգեվիճակը, որ համադրութիւն մըն է քանի մը աշխարհներու, ժողովուրդներու, Ծայրագոյն Արեւելքէն ու հեռու Հիւսիսէն հոն դիմող հոգեղէնին ու մարմնեղէնին ՝ այդ կախարդական քուրային մէջ ստացած նոր մէկ կերպարանքը, դրութիւնը (հիւլէներուն): Սահակ Պարգեւեան խորհուրդին այդ դրախտէն վտարւած հրեշտա՜կ, անհնարին քաղցրութեամբ թերեւս վերլուծէր պիտի անոր խոր հրապոյրը, ձգողութիւնը, եթէ երբեք ատիկա ըլլար արտօնուած իրեն, այնքան այդ բառերուն ետին մեր գրողներուն թելադրել ուզածը յստակ էր իրեն, սա տագնապին մէջ: Գրագէ՜տ, երկինքի սեմին իսկ: Անշո՜ւշտ: Եղա՞ծ էր արդէն ուրիշ բան սա մարդը (եթէ նկատի չառնէք իր հիմնական զոյգ ախորժակները սեռէն ու փորէն), երբ իր ապրումներուն դիրտն իսկ կը ջանար արժեւորել, այդ դերասանութիւնն ալ ըրածին խորունկ շնականութեամբ մը դատելով: Անիկա չէր կրնար չըլլալ սուտին այդ ճարտարապետը, նոյն պահուն մանաւանդ, ուր մեր մարմինը, անոր ուժերը կը հերքեն ամէն խնամակալութիւն, քաոսին դառնալու համար ու կը գտնեն իրենց ամէնէն յաճախուած օրէնքներուն շեշտը: Այս գնով էր, որ անոր մտքին ներկայացան իր գիրքերը, գրածները, մա՛նաւանդ ծրագրուածները, թուղթերուն ընտանի կեանքէն վեր խտութեամբ մը: Նիւթական տառապանք մըն էր իրեն հաստատել այն ահաւոր խորութիւնը, գեղեցկութիւնը, լիութիւնը, որ կը թրթռային այդ յղացքներուն մէջն ու շուրջը: Ի՜նչ աճապարանք եղած էր իր աշխատանքը, անիմաստ փառասիրութեանց հպատակ, երբ այդ գիրքերուն, ենթաշխարհը նուաճելու համար իրեն պահանջուած կորովը, զոհողութիւնը ինքն էր, որ ծաղրեր էր, թափթփուքներով, հոսկէ ու հոնկէ հաւաքումներով լռեցնելով արուեստագէտի իր խղճմտանքը ու գոհացնելով լրագրողները, կուսակցականները, կիները, ոճին փայլովը դիմաւորելով խորքին նոյնքան ահաւոր անբաւարարութիւնը: Գիրքերու ճամբա՜յ, որ իրաւ ու տրտում, անուշ ու լեղի, մռայլ ու կրակ ես ա՛յնքան, ո՛րքան ճամբաները փառքին ու արգանդին, արիւնին ու ոսկիին, կիրքին ու երկինքին, ու երբեմն ալ կարգ մը խենթերու, լուսնոտներու, աճպարարներու ու հիւանդներու մօտ՝ գերազա՜նց բոլորէն: Սահակ Պարգեւեան թուղթի ասպետ մը չեղաւ անշուշտ: Բայց հաւատաց գիրքերու ո՛չ թէ փառքին, գոնէ ճամբուն: Անիկա իր բոլոր գարշութիւնները կը կարծէր, կը հաւատար մաքրել թուղթին ծովուն մէջ: Իրն էր մխիթարանքը ամէնէն սխրագին քանի մը հոգեվիճակներ զանգուածներուն վայելումին տրամադրած ըլլալու, երբ իր վիպակները կը կարդացուէին շողիքոտ հիացումով, իր գարունքին, քսանէն վեր ու երեսունէն վար իր զգայնութեան բոլոր շողովը օծուած իր էջերուն ստեղծած խանդավառութիւնը լայնօրէն բաւ համարելով իր օրերուն ստերջ, անիմաստ, մա՛նաւանդ անփառունակ կորանքը գնելու քանի մը պատիկ: Ասիկա թերեւս ծանրագոյն դժբախտութիւն մըն էր, քանի որ չէր ուշացած կործանել այդ պատրանքն ալ, առաջին երիտասարդութենէն անմիջապէս ետք (դուք գիտէք, թէ անոր մահը կանխող քանի մը տարիներու արտայայտութիւնները հերքումն իսկ չէին այդ գարունքին): Մահուան ալիքին վրայ ան իր մարմնոյն խեղճ խլեակին բացեր է առագաստը անդարձ մեկնումին: Ու այդ սրտառուչ րոպէին անոր պիտի մատուցւէր սեւ հացն ալ իր դաւաճանութեան, իր իսկ վրայ իր գործադրած զրկանքին, իր դերը չաւարտած, ինքզինքը լիովին չիրագործած գրագէտին անդարման բեկումը, խորունկ ու անհուն իր ծարաւը, կարօտը բոլոր այն ձեւերէն, յոյզերէն, գեղեցկութեանց թրթիռէն, որոնք դպեր էին իր զգայարանքներուն, դղրդեր անոր ջիղերուն այլապէս բազմազբաղ ցանցը, ի զուր դարձած դուռը անոր միտքին արգանդին, ուր պարտաւոր են իրենց հոգին յօրինել արւեստի գործերը, ենթարկուիլ անմահ արարչութեան: Գիրքերու ճամբա՜յ: Մահուան ջուրերուն վրայ Սահակ Պարգեւեան ինքզինք զգաց իբր գերագոյն խտութիւնը իր ժողովուրդին, անոր գերմարդը, չափով մը դիմաւորելու համար վրիպած գրագէտի իր բեկումը: Թուղթի ասպետները երբ կ’ենթարկէր իր ծաղրին, արհամարհանքին, անիկա օրհներգութիւնը կ’ընէր կեանքին, այսինքն՝ արձակ, պարարտ, ամուր, երկաթ միսերուն, սեւ, խոր, տաք աչքերուն, լայն, լեցուն, արիւնոտ ախորժակներուն, որոնք փարթամ մարմին, անխոնջ իմացական թռիչք եւ վայելքի ծանր, լիակատար հանդէսը կը համադրէին ու կը թելադրէին իրեն իր ճամբան: Այդ ամէնը, հզօր պաշտամունքի մը նման տարիներով զինքը մտագրաւած, հիմա, իր աւերակոյտէն ամբարձիկ, ճաճանչալիր իրողութիւններ էին՝ իրենց իմաստը վերջնական կերպով մը ազատագրած կարելի հերքումներէ, մանրամասնութեանց ցաւէն, ոսկի սիւներու նման իրենք զիրենք վառման հանած անոր միգամածային հոգեդաշտի հորիզոններուն, տեղ-տեղ կամար, տեղ-տեղ կառոյց, բայց անպայման իրաւ հանդէսը իր ժողովուրդին շնորհներուն: Ու անիկա, գրեթէ առաջին անգամ, ինքզինքը զգաց, առանց ատոր համար ամչնալու, զաւա՜կը այդ ժողովուրդին, զոր արհամարհած էր միայն, անոր երեսին դիզելով «բուրգերը իր անխելք կիրքերուն», չարաշահօրէն ընդարձակելով անոր քանի մը մարդկային թերացումները, դրութեան վերածելով պատահակի նւաղումները, պոռալով ու պոռպռալով անոր ապիմաստութեան ա՛լ աժանցած տեսթան ը (իրն է բառը): Նո՞ր կը ճանչնար ան այդ անորակելի զանգուածը, ի՜նք՝ որ իր երիտասարդութեան ու չափահասութեան ամէնէն խոր մէկ քանի ապրումները առեր էր իր դժոխքին իր կեանքը սեմին, զմայլումէն խենթեցած՝ պատկերին դիմաց իրենք զիրենք կրակին վրայ արձակող երիտասարդներուն, բոլորն ալ գիրքի, գիրի, սուտի անմասն, բայց հզօրագոյն զգացմանը մէջ իրենց հայրենիքին ազատագրութեան իրենց արիւնը չսակարկող: Եւ տակաւին ուրիշ ինչե՜ր, ինչե՜ր: Պոլսէն դուրս, օտարութեան մէջ, ինչո՞ւ անիկա դատեր էր իր ժողովուրդը, զանգուա՜ծ՝ գռեհիկ, ահաւոր ախորժակներով սպառազէն պազերկաններու, չարչիներու, տէր-պապաներու, դրամի դեղնախտին մէջ յօրացած պերճաղիճներու, շահու բաւիղներուն ընդերկրեայ ճարտարապետութեան հոյակապ խլուրդներուն, ապաբարոյ, ապիմաստ, ապոգի, ապազգային, ապաբան ջոլի՜ր, ինչպէս ուրուագծուած էր թերեւս իր մէջ արեւմտահայ, աւելի ճիշդ՝ պոլսահայ քաղքենին, եւ զոր չէր վարանած խորանարդուած սաստկութեամբ մը կենդանագրել իր վարած թերթերուն ու հանդէսներուն, ժահրոտ իր յարձակումներուն ընթացքին, օգտագործելով քանի մը տականքներու անասնութիւնը, դրամին վրայ խենթեցող, իր գիրքերը, իր հեղինակած թատերախաղերուն ներկայացման տոմսերը մերժելու սրբապղծութիւնը վերածելով արժէքին կը հասկնաք անշուշտ՝ իմացականին   հանդէպ հսկայ, զահանդագին, սահմռկեցուցիչ խաչակրութեան: Մեծահարուստ, այո՜: Բայց նոյն համեմատութեամբ ալ ճոխացեա լ պանդոյրներ, տրտում գեղեցկութիւններ աւանակութեան մէջ, ինչպէս գրեր էր հեշտագին, նախատինքն իսկ քնարերգական ընելու իր տաղանդը աւելորդ կերպով աճուրդի հանելով: Իր խառնուածքին սա տիրական փաստերը չյամեցան սակայն, իր մահուան մուտքին: Անոր այնպէս կու գար, որ գերագոյն շունչ մը, կրակով մկրտութիւն մը աւլած էր այդ զանգուածին անզգամութիւնները, զայն վերածելու համար մարդերով կարելի ամէնէն սխրագին վկայութեան, անհունապէս քաղցր, իրաւ, երբ, միշտ առաստաղին ամբարձիկ իր մահիճէն առկախ, սա տարօրինակ հրաշքին ալ օգնութեամբը թերեւս, կը հետեւէր այդ ժողովուրդին ճակատագրին, զայն յօրինող իրարմէ հզօր, պակուցիչ, անըմբռնելի դրուագներուն, անոր պատմութեան դաշտին վրայ իբրեւ դէպք օր մը կարդացուած ու հիմա իրենց ամբողջ խորհուրդը արտածորող, ամէն ինչ որ ինկած էր գրագէտի իր ջիղերուն, թուղթերէն, բայց մա՛նաւանդ մարդոց կենդանի կտաւներէն, անձնապէս իր զգացածները, ապրածները վերակազմող, ասոնք ալ մօտիկ, երբ Կիլիկիոյ իր պատուիրակութեան օրերուն եղեր էր արեան ու կրակի մեծատարած հանդէսներուն, իր ընթերցումները տարօրէն կեանքի փոխակերպող, այդ դրուագներուն ամէն մէկին մէջ այդ մարդոց պատմութեան մէկ տարր, զանոնք զգետնող աղէտներուն դիմաց անոնց երեւան բերած ոգեկան անընկճելի արութիւնները, հրայրքները, զորս ահա կը հասկնար իրենց անայլայլելի գեղեցկութեան գերագոյն փաստովը: Իր պապերը, ըլլալէ առաջ Պոլիսին ու արտասահմանի պերճ շահաստաններուն թանձր տզրուկները, սա մարդերն էին, անտարակոյս, շէնի ու ապատի ասպետներ, որոնց կոխած տեղը վարդը կը բուսնէր ու այգին ոճ կը դառնար: Ան, իր բոլոր լիութեանը մէջ, կը զգար քաղցրութիւնը, տրտում ու սրտառուչ, արցունքն իսկ վայելքի վերածող, որ իր ժողովուրդին հոգեղէն ոճն է, մեղմ ու փաղաղիչ նոյն ատեն: Մահուան իր մահիճէն անոր տրուեցաւ հաղորդուիլ սա սրբազան ալ խորհուրդին, ի՜նք՝ որ կը հպարտանար, իր ընկերները ըմբերանելու համար, ուրանալու արմէնիզմը, իբր գրական սնոտիք ծաղրանկարելէ ետքը: Անիկա չէր ուզեր բանալ աչքերը, աւրել վախնալով սքանչելի սա զգայութեանց մտածումները, տեսիլները իբր այդ կը մատուցուէին իրեն ու ինք չէր զարմանար սա փոխանակումէն պարը, ծածանուտ թափօրը, դի՜ւր, հեշտագին նոյնիսկ: Քաղցրութի՜ւնը իր ժողովուրդին, ամէն բանի ու ամէն կերպարանքի տակ…: Ի՜նչ անբաւ, անիմանալի գեղձ մըն է ափ մը խմորը, որ մեր գանկի տաշտին մէջ կը մնայ ծուարած: Ո՜վ պիտի յաւակնէր, հեռուէ հեռու իսկ, թափանցումը փորձել այն անհուն իրողութիւններուն, որոնք մեր լման հոգին յօրինած ու մեզ տարած են մեր սահմաններէն շատ անդին, բայց անգամ մըն ալ չարթննալու ճակատագրուած: Հոգեվարք մը երբեմն կը դպի այդ տեսիլներու ողկոյզներուն ու կը տեսնե՜նք…: Սահակ Պարգեւեանին համար սա հակադրութիւնները, շրջումները, սլացքները տեղի կ’ունենային երազային արագութեամբ, ա՛յնքան՝ որ անոր դէմքը կը թուէր ալեկոծիլ, վէտվէտիլ: Հոն, ինչպէս կախարդական վարագոյրի մը վրայ, անսպառ քրտինքին կայլակներէն ծիածանուած, այդ զգայութիւնները, այդ պատկերները, այդ մտածման փշրանքները կու գային, կը դողային, կ’ըլլային ու կը լուծուէին: Մարդիկ, իր շուրջը, հազիւ նշմարեցին սակայն ցաւագին ոստայնը սա միգամածային ճարտարապետումին, որ իբրեւ սրտի զարկ, կը լայննար ու կ’ամփոփուէր, փոխնիփոխ: Կծկում ու թուլացում: Մարդիկ իր շուրջը չիմացան, որ առանց հակազդելու արտօնուած ըլլալու, անիկա ապրեցաւ իր պապերը, այնքան իրաւ ու ամբողջ, որ ջլաթափ, ջրողող իր մկաններուն դողեր ուրուացան: Անշուշտ դառնութիւն էր, որ միսին հաստ ու հաստատ իրականութեան փոխարէն իրեն մատուցուածը զաղփաղփուն մարմարն ըլլար պատկերներուն: Ու ապրեցաւ անիկա հազարները, բիւրերը իր տարիքէն տղոց ինքզինքը գիտէր պարման մահերուն, ամէնն ալ հնձուած իրենց գարունքին, դանակի տակ ու կրակի վրայ, զոհ՝ անպատմելի սպանդին, որ անոր գանկին պատկերը սահման ունեցող անհուն իրականութիւն էր, զգայութիւններու ամբողջ դժոխքովը, իր դէմքին խաղաղութեանը վրայ ճմուռ-ճմուռ ինքզինքը լաստակերտող: Մինակ երազը չէ, որ մահուան կը բաղդատուի: Սահակ Պարգեւեա՜ն: Որ յաւակներ էր աշխարհին հաղորդած ըլլալ սա հոգեվարքերուն անպատմելին, իր վիպակներուն մէջ ու տառապեր իր անբաւականութենէն, ասկէ-անկէ մուրացուած գովեստները դատելով իրենց ճիշդ չափին մէջ ու փնտռելով օրը, շրջանը, առանց ընդհատի, իր ներշնչումին անձնատուր, նուաճելու համար արնաշաղախ այդ քերթուածները մատաղատի խողխողուածներուն ու միշտ մանրելով զգլխիչ, խենթեցնող այդ տեսիլքը, կտոր-կտոր, շահագործելու համար անոնց արիւնին համը ու… միշտ ալ վրիպելով: Իր հոգեվարքին, այդ տրամները գտան սակայն իրենց խտութիւնը: Ամէն մէկը անոնցմէ կը բաբախէր ո՛չ միայն աչքերուն առջեւ, այլեւ՝ հոգիին ներսը, ասոր անհուն երեսներուն, տառապանք իսկ ըլլալու անկարող, քանի որ ցաւի զգայութիւնները կը պղտորէին իր մէջ: Անոնք քաղցրութիւն, մշուշում, դիւթանք ու նուաղում էին, պատկերի մը (ժամու մը խորանէն) մէջ, լիճի մը խորէն փրթող կոկոններու հեշտանքովը, առանց մարմինի, հոգի միայն, բայց իրագործող ալ բաժակներու լիակատար իմաստը: Սահակ Պարգեւեան գրեթէ մոռցած էր տագնապը, այնքան անոր գանկին տակ տեսիլքները իրարու կը յաջորդէին, իրարմէ սրտառուչ ու քաղցր: Մէկէն ձեռք մը այդ գանկէն վերցուց սա պատանքներուն փլաքը: Տեղը բացողն էր ինչ որ կազմեր էր անոր մտքին ամէնէն սրտայոյզ տարփանքը (– համապատկերը, վէպ, պատմում, թատերական կառոյց, համադրական վերլուծում, նոյնիսկ դիւցազներգութիւն, գէթ իբրեւ գրական փառասիրութիւն իր տաղանդը փորձի էին ենթարկած տարիներ ու տարիներ –) բայց այս անգամ թուղթի վրայ ըլլալու փոխարէն, կենդանի, յարդարուն խորանին վրայ իր մարմինին, որ թեւ էր ու ընկալչութիւն: Տեղը եկողը իր ժողովուրդն էր, անոր վերջին կէս դարը, Պարգեւեանին կեանքին հասակովը, այնքան խորունկ, մարդկեղէն ըղձաւորութեանց հանդէս մը իբրեւ, որ իր տարրերը կ’առնէր այդ ժողովուրդին բոլոր խաւերէն, կ’ըլլար խորհուրդ ու սխրանք, կը ստեղծէր նորոգ մեր գիտակցութիւնը, մեր ճակատագրին տրամը մեզի կ’ընէր միանգամ ընդմիշտ հասկնալի ու խենթեցնող վճիռին ընդդէմ մեր անկարող իրերատեցութիւնը, յիմարութիւնը, մարդու պէս մեռնելու իսկ անընդունակ մեր ստորնութիւնը, երբ մեր կուսակցութիւններուն արնախաղերուն մէջ ջանայինք ոսկեզօծել: Սահակ Պարգեւեան, մշթապէս անարդար պարսաւող, հոգեվարքին մէջ ինքզինքը կը զգար լայն, խաղաղ, արդար դիւցազներգակ մը, իր մտքի էքրանին ներկայացող պատկերները արժեւորելու իրենց ընդհանուր իմաստին մէջ: Ան մասնաւոր ստրջանքով մը դատեց այն դասակարգերը, որոնց մեղքերն ու կիրքերը տարիներով պոռացեր էր փողի ու թմբուկի ձայնով: Հիմա, անոնք ալ մասնիկներն էին իր ժողովուրդին, անոր անպատմելի պատմութեան վրայ լոյս նետող: Իր ժողովուրդը այնքան իրաւ, քաղցր, ցաւին համար ընկալուչ, բարիքին ետեւէն շռայլ ու անշահախնդիր, ստեղծող ու արուեստի հզօր շնորհներով օժտուած, զոր օտարները չհասկցան ու իր զաւակներն ալ քիթերնին չդրին...: Հոգեվարքի մը անհուն են պարունակները: Անոնք մէկիկ-մէկիկ տեսնելը թերեւս վերստին գրել պիտի նշանակէր տանթէական կատակերգութիւն մը: Մինչեւ րոպէն, ուր ցաւին նիզակը պիտի մխրճուէր անոր սրտի տունին, Սահակ Պարգեւեան այցուեցաւ բազմազան պատկերներէ, անշուշտ այն ալ խուլ աշխարհէն վերբերուած, ուր կը դրուին պահեստի մեր ուղեղը տպաւորող, մեր հոգին տրորող ամէն զօրաւոր զգայութիւններն ու ըղձանքները, սպասելով իրենց հերթին, տեսարանը կրկին գրաւելու: Երբեմն պարագաները կը նպաստեն անոնց, այդ վերադարձը ընելու: Շատ աւելի անգամներ, այդ փլաքները հող կ’իջնեն, թերեւս հոն պարունակելու իրենք զիրենք: Այս օրէնքով էր, որ անիկա եղաւ երջանիկ, ամբողջ, յաջող գրագէտը, որ երազ մըն էր անոր ուղեղին ներսը եւ փախած ու անընտել թռչունի մը նման չմօտեցաւ անոր ուժերուն ցանցին: Անիկա ցաւէն քանի մը րոպե առաջ եղաւ գրագէտը, ինքզինքը իրագործած ու այս պատրանքին ալ մոխիրը ստիպուեցաւ ապրելու, քանի որ գիտակցութեան վերակազմումը ցրուեց մշուշը, զայն ընելով սգահար մայրը, որ իրեն հետ դատապարտուած էր հող տանելու ապածնունդ այդ գեղեցկութիւնները, վաւերական իր զաւակները…: Ան եղաւ, յետոյ, սիրողը (չբանաձեւեց սիրահարը), որ վրան հակած աղջկան մը դէմքին մէջ կը հայրանար, այս զգացումին բոլոր երանգներուն ալ հաղորդ ջիղերով, անդարձ բաժանման մը ցաւին մէջ առաջին անգամ հաստատելով դերը սա մանկամարդ պատկերին, այնքան մօտէն շաղապատուած իր զգայութիւններուն…: Եղաւ հիւանդը, որուն բաժակը գիտէր լեցուած ու րոպէէ րոպէ պատրաստ շրջուելու: Այս   բոլորը, առանձին-առանձին, գրեթէ իրարու մէջէն սակայն, տալով տպաւորութիւնը արտաքին իրականութիւններու: Յետոյ նորէն մշուշ, նորէն հեռու հորիզոններ, կայաններ ու տարածութիւններ, ալիքներու կռնակին իր մարմինը, որ կը ծփար ու կը վառէր: Ու ինչպէս քաոսէ մը, վերջին բխումը անոր գիտակցութեան, որ տառապանք մըն էր, սա աղջկան շրթները հոս, ուրիշներու ձգելու: Որքան պիտի ուզէր, որ տրուէին անոնք իր բերնին, մէկ ու անքակտելի, իրաւ ու անբացատրելի, ինչպէս գիտեն երբեմն այդ բանն ըլլալ մարդոց շրթները: Յետոյ, իրեն թուեցաւ, որ իր փափաքը աւելի էր, որքան կ’արտօնեն մեր ջիղերը մեզի: Մարմինին բջիջներուն մէջ հեքիաթ մը չէ միգամածային ապրումներուն վարկածը: Սահակ Պարգեւեան կործանող տիեզերք մըն էր, այդպէս էր տարածած անիկա ուրիշներուն մահը ու կը գործածէր պատկերը իրեն համար ալ: Ուզեց արգելք ըլլալ բժիշկին, հիւանդապահուհի աղջկան կատարուելիք հեռաձայնին: Արտեմիս Գոհարեան պաղատագին խնդրեց զիջում մը, ձայնով մը, որ նոր էր Պարգեւեանին: Ցաւէն անմիջապէս առաջ, անոր գիտակցութիւնը հոգեբանութեան մէջ ընթացիկ առումով սղոցում մըն է զգայական վիճակէ մը, տեսակ մը ազնիւ ու բեկ խղճահարութիւն: Այդ կինը, ըլլալէ ետք անոր անկարան (որ հոմանիշ էր անոր բերնին մէջ միակտուր ին) գարշանքը, տարիներ ու տարիներ, կը դառնար ակնթարթային արագութեամբ իր իրական իմաստին, անհուն պաշտամունքին: Պարգեւեանին համար դուրս էր կասկածէ, թէ աշխարհէն իր առածը ամէնէն իրաւ ու խոր ոչ թէ վայելքը, այլ քաղցրութիւնը, մարդկութիւնը նորէն կու գային այդ անկարան գարշանքէն: Ինքզինքը իր պաշտամունքին համար կործանած այդ կնոջ մէջ վսեմ իր սա արիութիւնը, իր մօտը կենալու, պատրաստ ինքզինքը դնելու հոգէառի դանակին՝ եթէ երբեք ուզէին ատիկա իրմէ Պարգեւեանին սիրոյն: Արագ, Սահակ Պարգեւեան չափեց իր յօրինած դժոխքը այդ կնոջ գլխուն: …Երազներու, կսկիծներու, թեթեւ անուշութիւններու ու ծանր կորանքներու հրթիռ մըն էր անիկա իր մահիճին վրայ, ինչպէս եռոտանիի մը վրայ, ու միշտ գամուած, միշտ առկախ առաստաղէն: Գրեթէ խաղաղ, չըսելու համար՝ երջանիկ, ա՛յնքան՝ որ վարանեցաւ հաւատալ: Այս հոգեվիճակին մէջ էր ան, երբ բացուեցաւ վերջին վարագոյրը: Ցաւն էր ատիկա, սուտ, սրբապիղծ, անարգ ու խենթեցնող: Այս որակականները հաշտ՝ անոր մտքին, զգայարանքներուն, կեանքին կերպասին: Սիրտէն քիչ մը վեր, ձախ թեւին ճամբարներուն: Գրեթէ կլոր հանգոյց մը, որ կը տարածուէր, փորձեց պատկերել՝ կը ճառագայթէր, բիւրաղի նուագարան մը ինչպէս, անկախ ու անողոք, յետոյ կը հաւաքէր իր լարերը, կէտ մը, կաթիլ մը, կրակի կտոր մը կ’ըլլար, միսերուն խորը, շիկացած երկաթ մը: Իրեն այնպէս կու գար, որ ճենճերը այդ ապրումին՝ առանձին զգայութիւն մը իբրեւ, ցաւին ճամբովը կը բռնէր անոր բոլոր զգայարանքները, ուտելով ու չկշտանալով: Ի՛նչ բան անոր մօտ գրական չէր եղած, որպէսզի չըլլար ատիկա սա այլապէս իրաւ բանն ալ, յիսունէն քիչ մը վեր, ա՛ն՝ զոր բժշկական գիրքերը անկոր փեքթորիս կ’անուանեն եւ որուն վրայ այնքան անգամներ լռեր էր զարմանքով, կասկածով, վախով, բայց չէր հաւատացած: Սրտի ցաւին ճակատագիրն է ատիկա, թերեւս գեղեցիկ ալ պատրանք մը, քանի որ սպաննելու իր համբաւը երբեմն գերազանց է իրմէն: Բոլոր իր ոսկորները խուլ արձագանգով մը անցք տուին այդ կրակէ ալիքին: Բոլոր իր դնդերները բաժին առին անկէ: Րոպէ մը բզկտում մըն էր անիկա: Եկաւ սակայն թուլացումը: Չառին անշուշտ սուրը անոր սիրտէն: Բայց ատոր սրութիւնը, խորութիւնը, հաւանաբար զայն ճարտարապետող, ակօսաւորող կեդրոնին քանդումովը (գլխապտոյտը գտած էր իր սաստկութիւնը, յեղաշրջելով հիմնովին անոր զգայարանական դրութիւնը), իջան իրենց խոնարհագոյն աստիճաններուն, շփոթուելու չափ դադարի մը հետ: Հսկայ այդ մարդուն ներսը կատարուա՜ծը: Անիկա չափեց իր ալ մարմինին նուաստացումը, նուաղման, սպառման, անցումի բոլոր ստեղներէն ճարուած տրտում, գէջ, անհերքելի վկայութիւններով, մեղքնալով գինը այդ անկումներուն, հիմա՝ որ կեանքը հազիւ-հազ մատ մը մոխիր կը նշանակէր իր ուղեղին վրայ նստած, դի՜րտը՝ իր բոլոր վայելքներուն: Սահակ Պարգեւեան ապաբարոյ անասունն էր, գիտէք ատիկա: Մահուան մուտքին սա կարգէ փշրանքներ (մտածման՝ ինչպէս զգացման) իրենց նրբենի շղարշը կը հաւաքէին անոր խոպանացած անցեալէն, գոյնը առնելով անոր գաղտ անձնաւորութեան, մեր ամէնուն համար հզօր օրէնք, երբ աշխարհէն խնամքով կը վարագուրենք այդ գաղտուկ մարդը մեր մէջ: Անոր ուղեղը կը տառապէր անշուշտ, սա րոպէին, բացի գլխապտոյտին տագնապէն, նաեւ տառապանքովը սիրտէն աւելցածին: Խաղաղ, անէացումի թեթեւ քաղցրութեամբ քանի մը վայրկեաններ: Սահակ Պարգեւեան կրցաւ տեսնել զինքը շրջապատողները: Անոր դարձաւ, առաջին անգամ ըլլալով ամբողջական՝ իր էութեան խորհրդանիշ իրականութիւնը, իր հոգեկան միջուկը, որ իր բջիջները կը հաւաքէր, անոր կեանքին բոլոր ջուրերէն, փլազմաներէն, հեռու մանկութեան ու ոսկի պատանութեան ու անասելի տրտմութեամբ երիտասարդութեան ու հասունութեան տարրերը րոպէաբար համադրելով: Մէկէն անոր դէմքին գարշագին կծկում: Շուրջին վախցան, որ ցաւը կը վերադառնար: Անոնք ուրկէ՞ իմանային, որ այդ րոպէին անոր հոգեկան միջուկը եղած էր մարմին, կերպարանքին տակ տզրուկի մը, որ վայելքին աղբին ու մօրուտքին մէջ բոյծի դրուած, ատեն չէր գտած արեւին ելլելու: Ու կը սողար, սա րոպէին, պիղծ որդը, ջուրերն ի վար ու վեր իր քրտինքին, կպչուն ու զարհուրելի: Մահճակալին ամուր հիւսուած մատները չըրին սակայն վանելու շարժումը, վասնզի, հակառակ ցաւին թուլացման, «պարապին մէջ հոսելու» զգայութիւնը աւելի կը թուէր ամրացած: Իր ոսկորները, գաղտ, զգաց, որ կը դիմանային տակաւ աւելի քիչ, իր միսերուն: Յետոյ՝ ուրիշ ալ վախեր, անոր մտքին մէջ, անկոչ, բուսած ուրիշ յուշեր, նիւթական ցաւերու նման: Տզրուկ մը: Ով կը նետէր սա անարգ սողունը անոր վերջին պայծառութեանց յատակը, ի՜նք՝ որ իր հոգեվարքը քերթուած էր երազեր…: Զգայութիւններու սա այլայլումը ճամբան կը բանար բոլոր շրջումներուն: Բժիշկներու եւ անոնց հրետանիին հանդէպ անոր խոր արհամարհանքը օգտակա՞ր՝ որպէսզի ըլլար սքողուած իրմէ ամբողջ կշիռը սա տագնապին, որուն նժարը երեք երկվայրկեանէն երեսուն տարիներու միջեւ կը ճօճի, անխուսափելի իր գումարովը, գերեզմանի մը եզրին: Քանի՜-քանի՜ անգամներ ան եղած էր դիտող, հանդիսատես (յաւիտենական դերասա՜նը) անորակելի այն ապրումներուն, մահուան մահիճի մը մօտիկ, որոնք անշուշտ վերաբերումներ, թելադրանքներ ունէին ա՛լ ետ նետւած զգայութեանց աշխարհէն: Հոգէառին սուրին եւ խթանին տակ, ինչպէս կը պատկերէ ժողովուրդը, մարդիկ եղան երբեմն հարկադրուած ըսելու բաներ, զորս այնքան հզոր միջոցներով յաջողեցան գաղտ պահել աշխարհէն: Սահակ Պարգեւեան ապրեր էր առանց վախի՝ ինչպէս առանց քաջութեան, մարդոց «բարոյականէն անդին», սեւեռաբիբ ասպետի մը պէս, գովքը հիւսելով Ֆրետերիք Նիցչէի համբաւեալ հատորին, որմէ միայն կողքն էր կարդացած, ծանր կերակուրներու ի բնէ թշնամի ըլլալուն: Իր աշնանամուտին, անիկա մտադրեր էր « Աշնան քերթուածներ » անունին տակ գրել փոքր տրամներ, սեմպոլիստ կտաւէն, բայց իրա՜ւ: Ո՞վ բերաւ անոր միտքին՝ էջ մը, որուն վրայ ամիս էր աշխատեր ու լացեր, իր անկարողութեան փաստէն աւելի, կեանքը նոյնիսկ աշնան մէջ ուրիշ բան զգալու բացարձակ անընդունակութեամբ մը: Այդ էջին մէջն էր միշտ նոյն տզրուկը: Որ ուրիշ բան չկրցաւ ըլլալ: Իր տրտում, ահաւոր ուրախութի՜ւնը, գերման ժխտողը հերքելու, երբ սեռին բոլոր թերխաշ ձգողութեանց հակընդդէմ, դիմացեր էր փորձութեան, տառապելու ազնուութիւնն իսկ արհամարհելով, ինքզինքը նիզակուած գիտնալով մաղմաղ, խուլ, գէջ, բայց աննահանջ ասեղներէն այն խռովքին, որ մատաղ մարմինն է, մեր զգայարանքներուն դիմաց, յետոյ՝ անոնց ծոցը, յետոյ՝ մեր զաղտ էութեան ատեանին իր գահոյքը զարնող, անողոք ինքնակալի մը նման ու մեզ աղտ ու ողբերգութեան վերածող: Սահակ Պարգեւեան զգայութիւններու անկաշառ վերլուծիչ, երբեք մտքէն չանցուց ինքզինք խաբել: Ծանօթ էք իր շահադիտական գործունէութեանց ՝ խանութէ խանութ, աղջիկը թեւին: Ծանօթ էք դարձեալ հատորներուն, որոնք կը կազմէին գինը Սոնա Գոհարեանի, ու՝ գումարին այն բազմակարան ենթադրութեանց, հեքիաթներուն, վաւերական, տեսովի՜, լսովի՜ վաւերական յայտարարուած փսփսուքներուն, որոնց հասցէ, ընդունարան, տնկարան էր տուած կիսաղքատ բնակարանը, իր կտորով (մեր աղջիկները այս բառով կը սկսէին իրենց փառքը), այնքան խայտաբղետ ախորժակներու թելադիր, ամէն տարիքէ ու ամէն պայմանէ, սրտառուչ ու միամիտ Արտակ Գասպարեանէն մինչեւ վաթսունէն անց ծխախոտի հայազգի, ինչպէս օտար իշխանները, որոնք իրենց թոռներէն ալ մանրատի մարձուհիներ կը պահէին իրենց քունը յարդարելու, մինչեւ Մարանները, այնքան ճարտար խաղարկութիւններով, իրենց հաշիւները հոյակապ գեղեցկութեամբ մը լաստակերտած, պետական պաշտօնատարները, պէյերն ու փաշաները, հզոր առեւտրականները, բոլորն ալ Նեղոսի հովիտին գէջութիւնները միամտաբար արդարացնող, երբ Սահակ Պարգեւեանին համար եղան բաց, ձեռքէ, շնորհէ, միջոցէ. ամէն մարդ գիտէր անոր ո՛ր բախտին համար: Մեծատաղանդ արձակագիրը կը վայելցնէր, կ’արժեւորէր սա «արջու» հետաքրքրութիւնները, հեռազգած հաշիւները ճարտար՝ որքան ուղղափառ, փարթամ ռազմավարութեամբ մը, հաւատարիմ՝ իր անհուն ապրումներուն ու համբաւին, ու կը քալէր, միշտ աղջիկը թեւին, պաշտօնատունէ պաշտօնատուն, գործարանէ գործարան, ճառագայթուն՝ ինչպէս շնական, ինքնիրեն, երբեմն ալ մտերմիկ շրջանակի մէջ, մեծ թափանցումով մը վերլուծելով անբան էշութիւնը «մեղրի կարասին» շուրջը դարձդարձող մեծփոր այդ յիմարներուն: Անշո՜ւշտ: «Իր աչքերը կը տեսնէինք Ք. ճառագայթներու նման մարդոց մարմինին փակ ալքերը», կը պարծենար անիկա: Ու չէր կասկածեր, որ իր ալ իսկական պատկերը պիտի իյնար առջին, այնքան իրաւ, բայց մահուան մահիճին մէջ: Ոչ ոք՝ բացի Արտակ Գասպարեանէն (աս ալ ամիս վերջը, Սոնային խոստովանութեամբը) պիտի ըլլար տեղեակ այն թերեւս միակ, գերազանց ազդակէն, որ հեղինակած էր գուցէ գրագէտին սա կործանումը: Բաներ կան, որ կը թուին անասելի, հեռու, անկարելի, բայց կ’ըսուին, կը մերձենան մեզի ու կ’ըլլան միակ կարելին, երբ պատռուի անոնց դիւթքը, գէշ բառ մը գործածելով: …Գարնանամուտ սա կէս գիշերէն ետք, անոր հեքիաթունակ, «անշամանդաղ» աղջիկը տկարութեան, յիմարութեան աւաղելի րոպէի մը (կան այդ րոպէները, երբ մենք տէրը չենք ո՛չ միայն մեր մարմինին, այլ, մա՛նաւանդ՝ մեր հոգիին: Սոնա Գոհարեան անամբողջ խռովք մըն էր, եփուն ու նեղսիրտ տրամադրութեամբ, որուն սկիզբը թէեւ կու գար անապատէն, բայց որուն արծարծումին, ամրացման մէջ զօրաւոր տեղ ունէր գրագէտին յապաղող, «չյառնող» քունը, յոգնեցնելով երկուքն ալ հաւասարապէս, մէկուն մէջ լուռ կրակ, միւսին՝ առանձնանալու, հանգչելու, ինքն իր վրայ գալու արդար կարօտ) պատմեր էր անապատի ժամուն անպատմելի, փոխն ի փոխ պարզ ու մռայլ, միամիտ՝ որքան մասնագէտ, պատերազմին անմիջապէս յաջորդ երիտասարդութեան հաւատարիմ զգայնութեամբ, անկախ՝ որքան անիմաստ իրողութիւնը հանգնելով ու դատելով, առանց սոփեստութեան ու առանց նրբութեան, ո՛չ լիրբ, ոչ ալ աղջիկ, այլ՝ իբրեւ մէկը, որ ծնունդն էր իրենց տունին, գրագէտին՝ ինչպէս իր մօրը: Օրուան իրադարձութիւններէն տրտմագին խոնջէնքով մը թմրած, պատրաստուող աղէտին առաջին ճնշումներուն, հեռազդեցութեանց տակ արդէն կէս մը պղտորած անոր միտքը դժուարութիւն էր կրած այդ պատմումը շրջանակելու, ընդգրկելու մէկ անգամէն, այնքան հզօր էր անակնկալը: Սահակ Պարգեւեանի համար աղջիկը (գերմաններուն Das macdehenը, այսինքն՝ անսեռ արարածը) նորավէպի նիւթ էր եղած: Սոնան՝ ծերութեան ցուպ ու գաւազան ու թերեւս ուրիշ ալ սփոփանք: Մէկէն անոր զգայական ամբողջ դրութիւնը անցաւ զարհուրագին գելումէ մը, որ նախահամն էր ցաւին: Ան կրնար մորթել այդ տղան: Անիկա երէկի պարմանը չէր՝ սա պատահարը, արկածը (չգործածեց ընդհանրացած տարազը՝ սիրարկածը ) ռոմանթիզմով բացատրելու կամ նիցչէիզմով լուսապսակելու, երանգներ պարզելու, ինչպէս դիմաւորելու իր սիրտին հասցուած սա գերագոյն հարուածը: Ու հակահարուա՜ծը: Կար հաւանականութիւն աղէտէն խուսափելու, երբ այսօր շատ աւելի բան գիտենք սիրտի կաթուածներուն շուրջ, որոնց ահաւոր անողոքութիւնը ամէն րոպէ կը հերքուի, մահիճներուն իսկ վրայ: Անշուշտ հզօր յուզում մը մահուան հզօր ազդակ մըն է: Ու մենք գիտենք, թէ Սահակ Պարգեւեան ինչպէս վարժեցուցած էր իր ջիղերը, ու ատով՝ սիրտը, ընդունելու աշխարհին բոլոր հարուածները: Բայց չենք տարածեր մեր գիտութիւնը տարիք ըսուած այլապէս տարօրինակ իրողութեան ալ վրայ: Քսանէն երեսուն, մինչեւ իսկ քառասուն ոչ մէկ ցաւ մեզ կարող է նուաճել, եթէ երբեք արդէն չենք մեռած, ըսել կ’ուզեմ՝ քառասունին արդէն չունինք փակած, մեր ներսէն, դուրսին համար փակ՝ մեր հաշիւը կեանքին հետ: Յիսունէն վերջ ամէնէն քաղցը վայելքն իսկ տառապանք է ալ: Մեր հոգիին նիւթերը (թող ներուի սա փոխաբերութիւնը) ճակատագրին տակն են մեր մարմնեղէն նեարդներուն: Ծերունին տկար է, աւա՜ղ, ամէնէն առաջ յուզումին համար (այս գիշերին յաջորդ շաբթու ընթացքին Սոնա Գոհարեան եւ Արտակ Գասպարեան ժամերով տառապած էին տեսակ մը խղճահարութեամբ, գրագէտին մահուան մէջ որոշ բաժին մը վերագրելով աւաղելի այդ րոպէին…): Սահակ Պարգեւեան գրագէտ մըն էր: Ձեզի կը ձգեմ՝ յղացքը արժեւորել դէպի բոլոր իր եզրերը, որոնց կարգին՝ յուզումին ալ սահմանները: Գիտէք, որ կու լար, երբ ողբերգական բաներ կը խօսէր բեմերէն: Անիկա մասնաւոր տկարութեամբ մը կը հեշտանար հեքիաթային պատմումներէ, որոնք ընթացիկ էին ռուս գրականութեան մէջ, այդ երկրին անհունաստանին ծնած, բարքերու հզօր ու գրաւիչ նախնականութեամբ ժողովուրդներու առօրեայէն այնքան յատկանշական վերբերումներով, որոնց մէջ մատաղ աղջկան մը մարմինին վրայ հայր մը ու իր տղան իրարու կը ճակատէին: Կորքիի հեքիաթնե՜րը: Տոստոեւսկիի «Քարամազոֆ եղբայրները»: Բայց ուրիշ բան են հեքիաթը, վէպերը, ուրիշ՝ կեանքը: Սոնային բերնէն ճակատագիրն էր, որ կը խօսէր վերջապէս: Ատ էր պատճառը, որ հակահարուածը եղաւ անմիջական՝ որքան անդարմանելի: Թեթեւ մշուշէ մը ետք, երբ Սահակ Պարգեւեան տեղաւորեց իր հասկացողութեան մէջ պատահարը, անոր մարմինը, այսինքն՝ անոր դրութիւնը կանգ առաւ վայրկեանաբար, նոյն ատեն իմաստ մը տալով սա կասուն ուրացումներուն, որոնք անոր ներքին զգայութիւններն էին, ուրուացող, բայց չյօրինուող: Անիկա, հոգին ուրացող մը, կը ճանչնար վերջապէս անոր անհերքելի ստուգութիւնը, շատ եղերական գնով մը: Փակեր էր աչքերը ու ամփոփուեր ինք իր վրայ: Յետո՞յ: Դարձեր աշխարհին Սոնային շրթունքովը, բայց պահանջեր «իր առանձնութիւնը»: Կը շարունակէր մտածել ու ապրիլ: Դիտեց, որ այդ նախասիրութիւնը քակուեր էր իր բերանէն՝ անհուն երկարութիւն մը, ծանրութիւն մը ինչպէս: Ցաւին պակասը, դադարը՝ ուրիշ ապահովութիւն: Շունչը իջեր էր իր անձուկէն, մօտենալու չափ կանոնաւոր կշռոյթին, թէեւ քիչիկ մը ծոյլ, թոյլ՝ թոքէն բաժնուելու մէջ: Նոյնիսկ ուղեղային մշուշումը կը թուէր փարատիլ, տեղի տալ գիտակցութեան լիակատար վերադարձի ու ասիկա սարսափելի էր անոր աչքերուն ներսը, որոնց վրայ ամուր կ’ուզէր թարթիչներուն քողը, չնայելու համար սա աղջկան…: Այսպէս էր, որ սպասեց: Կը զբաղէր իր միտքը վիճակովը, նոյն ատեն կը ջանար դիմաւորել պատահարին անհունն ու անկարելին: Կը համրէր գլխուն խորը սիրտին զարկերը, բարձին վրայ, լուրջ, լեցուն, համաչափ, խելօք, ուժ գտնելով սա ներդաշնակ կշռոյթէն: Իր միտքին եղան քանի մը թռուցիկ ծանօթութիւններ, սիրտի զարկի անկանոնութեանց մասին, յանկարծակի զինքը գօտեպնդող, քանի որ անոնց պակասը փաստ մըն էր: Եղաւ միամիտ՝ իր սիրտը հեռու կարծելու չափ սա տագնապէն: Ու կը շարունակէր, միշտ փակաչք, մտիկ ընել ինքզինքը: Խուլ, մանր, բիւրաւոր հեծքեր, պճպճումներ, կոծումներ, բանաստեղծներու բառով՝ շրշիւններ, խոնաւ ու սողոսկուն, այրումի, ճենճերումի, մոխրացման շատ յստակ զգայութիւններով գունաւոր, որոնք կը հաւաքուէին իր մարմինին բոլոր կեդրոններէն, ու կարաւան կազմած ճամբայ կը փնտռէին դուրս թափելու: Բայց գիտէր աղջիկը իր մօտ, ինչպէս անհուն տառապանք մը: Յանկարծ լեռ մը նստաւ իր լանջքին: Լայն, իրաւ, հող հոտող լեռ մը: Անոր շունչը կեցաւ ակնթարթային սոսկումէ մը: Ուրկէ՞ ճարեց շարժում մը, այդ անհուն բեռան ներքեւ: Ըրեր այդ փախուստը սակայն, որ հրաշքի մը պէս կրկին տարտղնեց կուրծքին վրայէն այդ հաստամեստը: Բացւած էր խռչակը: Բայց գոցուա՜ծ՝ իր մարմինին աղբիւրը, ուժին հնձանը: Ուրիշ աւելի ահաւոր սարսափ մը, գոլի մը պէս, կսկիծի մը նիւթական կոծումովը ծաւալեցաւ իր մէջը, ներսը՝ ինչպէս դուրսը, իր անպարագիծ տկարութիւնն էր ատիկա, աչքերն ու ձեռքերը, նոյնիսկ թարթիչները գործածել կարենալու: Ինքզինքը կը զգար զանգուած մը, ուրկէ ըլլային փախած ջիղերը, ուր ըլլային ծալած ոսկորները, գորշ խմոր, ցեխի ու սրտի քացխումով մը (ստամոքսային կազմալուծում մը անոր շունչը կ’ընէր տարօրէն աշխած): Քիչ-քիչ անոր ուղեղն ալ պիտի առնուէր սա ուրուայնացման, քակուելու, քրքրուելու, թել-թել փրթելու ծաւալուն զգացումներէ: Ան կորսնցուց հակակշիռը իր զգայութիւններուն, որոնք անոր ուղեղին զանազան կեդրոնները կ’ընէին վաւերական քաոսը, կեանքին ա՛յն ձեւը, որ ուղեղին բջիջներունն է, գիտակցութեան հակակշիռէն անգամ մը ձերբազատուած: Հոգեբանութեան գիրքերը բառեր ունին այդ վիճակները պատկերող, ուր պատին զարնուող լոյսի կտոր մը դէմք մը կ’ըլլայ: Սահակ Պարգեւեանի ուղեղին ազատ մասերուն վրայ կու գային անսպասելի ժայթքումներ, բոլորն ալ օր մը առնուած ապրումներու, տպաւորութեանց անձրեւ ու տարափ, յանկարծական անկումներով, ամէն մէկին մէջ վաւերակա՛ն՝ ամբո՛ղջ հանդիսանքը, պարագայական մանրամասնութիւնները, որոնց հետ զուգորդ սա րոպէի կտորները պառկած կը մնային խորը անոր անցեալին ջուրերուն, անհուն ծովաստան, զոր պիտի տանինք հողին: Ու դէմքեր, սիրւածն ալ, ատուածն ալ, որոնց իւրաքանչիւրէն անիկա առեր էր իրենց վճռական կնիքը, ա՛յն՝ որ ժամանակ մը իբրեւ յուշ, յիշատակ, զգայութիւն թափառելէ ետք մեր հոգեկան դրութեան շուրջը, պիտի վերածուի ասոր մէկ մասին, երբեմն կազմելու համար ամբողջական յատակ ալ: Հայր մը ուրիշ մարդ մըն է երիտասարդ ամուսինէն: Սահակ Պարգեւեան լուսաւոր, բռնկած խմոր մըն էր արարչութեան, իր այն մասերէն, որոնք թաղուած կը քնանային իր ապրումներուն թանձր դիրտին տակ: Անոնք կը խուժէին վեր, ըլլալու համար, գէթ վերջին անգամ, իրենց աղուորութիւնը, ամէն պատանի փակ հանդէս մըն է այս կարգի գեղեցկութեանց: …Յետոյ սկիզբ առաւ, իրարմէ աւելի յստակ գիծերով ու կարկառներով, կարաւանը անոր ըղձաւորութեանց, տարիներով refoulé, բայց հիմա ա՛լ ազատուած իրենց կապանքներէն, հագնելով ո՛չ միայն իրենց ճարտարապետութեան հէնքերը, այլեւ դժուար նուաճելի մոյնքը, իմաստը, որ գրեթէ միշտ կը խուսափի մեր շրջապատէն: Որքան քիչ է թիւը մարդոց, զորս կը կարծենք ճանչցած ըլլալ, այսինքն՝ ծանօթ ասոնց անձնաւորութեան ներքին սա ձայնին: Ու որքան շատ թիւը միւսներուն, զորս կ’անգիտանանք հիմնովին: Մենք շատ բան ենք իրարու դէմ, իրարու հետ, ուրիշներու աչքին: Անշուշտ: Բայց քիչ անգամ ուրիշ բան, քան ա՛յն՝ զոր այսպէս կը թափենք դուրս, մեր գիտակցութեան նահանջին կամ պարտութեան րոպէներուն: …Ու կու գային անոր կիրքերը հաստ, տգեղ, զզուելի, զորս տարիներով գառագեղած էր իր ծոցը, բայց որոնք կը թօթուէին իրենց կեղեւանքը, կը թափէին, ըլլալու համար ակնթարթէ ակնթարթ անպատմելի փափկութիւն, քաղցրութիւն, կաթիլ, միս ու արիւն, ջերմութիւն, հեշտանքին վարդաբոյր մշուշները, բոլորը կախարդ մատէ մը հաւաքուած անոր մարմինին բիւրաւոր խորշերէն, բռնելով այդ ծփուն, շոգեղէն պաստառները գունաւոր ծովերու դէմ, բանալու համար անոնց թաքուն ծալքերը, վերածելով զանոնք իրենց վաւերական իմաստին, ձայնին, խորհուրդ խորի՜ն, անհաս, անսկիզբին, զարդարող, հարսնեւորող յիմար բջիջը, որ կը փախչի անէութենէն, ինքզինքը յօրինելու մէջ այնքան հսկայ յաւակնութիւն ու կորով կը սպառէ ու զղջահար, չարչարագին, պատրանաթափ, ամէն ինչ կը ներէ իրեն՝ ինքզինքը քանդելու, վերադառնալու համար միապաղաղ հանգիստին, դարձեալ քառորդին ծոցը…: …Կու գային անսկիզբ ու անվերջ…: Սահակ Պարգեւեան յիշեց կարդացած ըլլալ հոգեբանութեան գիրքէ մը յաւելուած մը, նուաղման րոպէի մը զգայութիւնները պատմող: Դիտողութիւնը էջերու վրայ երկարող տպաւորութեանց շարք մըն էր, բոլորը առնուած նուաղող, գետին ինկող ու նոյն րոպէին գիտակցութեան բերուող հիւանդի մը ուղեղէն: Սահակ Պարգեւեան զարմացաւ անշուշտ, նեղեց ինքզինքը, գտնելու համար օրէնքը, որ պատանութեան դուռներուն կատարուած սա ընթերցումը կը բերէր իր մտքի էքրանին: Գիշերը կը քալէր, ծանր, հանդիսական: Արտեմիս Գոհարեան ծնրադիր՝ աղօթքի: Սոնա Գոհարեան ամբողջ հասակովը անոր բարձերը ամուր պահելու զբաղած: Հիւանդին դէմքին տրտում, բեկ համակերպութիւն, բացարձակ անկարողութիւն՝ անխորտակելի կնիքով մը: Յետոյ՝ արգահատելի, աղաչաւոր տագնապանք: Սահակ Պարգեւեան, աչքերը փակ, պիտի չգիտնար, որ սա լքումը, ինքզինքը յոգնեցնելը կը թելադրուէր Սոնային դէմքէն, քիչ մը աւելի հակած դէպի հիւանդին քրտնողող ճակատը, ուրկէ քիչ մը ջուր կը սրբէր-կ’առնէր անոր մազերէն փնջիկ մը, տակաւին թեթեւակի արտաբուրող անապատին «շաղը» ու, հաւանաբար աղը իր տղուն համբոյրներուն: Որմէ ետք, այդ տղան, իր արարքին սարսափովը մեծցած, զինքը իրեն ետ բերող: Ի՜նչ դիւրութեամբ անիկա եղաւ իր տղան, քանի որ զգայութիւններու հակակշիռը խուսափած էր իրմէն ու դատումին ուղղիչ ճպոտը քմահաճ միջամտութիւն մըն էր: Ուղեղը կը շարունակուէր քայքայուիլ, րոպե առ րոպէ: Ու ինք գիտակից էր այդ հոսումին իրմէն դուրս, դէպի պարապը: Անոր ուղեղին մէջ անցեալն ու ներկան, հեռուն ու մօտը իրարու հետ ու համար ո՛չ միայն կը շփոթուէին, այլեւ կ’ըլլային նոյնամանակ, տեւողութեան զգայարանքին հաւանական խաթարումովը հարուածէն, այնպէս որ՝ սկսող պատկեր մը կին, համբոյր, վիշտ, վայելք, կիրք կը զարգանար անգուշակելի ընդլայնումով մը, կ’ըլլար բոլորովին ներհակը ու կը յանգէր անսպասելի ուրիշի մը: Այս էր պատճառը թերեւս, որպէսզի մազի փունջ մը, պատահական ու փախստեայ գգուանքով (Սահակ Պարգեւեան նոյն այդ գգուանքին մէջ տեսաւ նորէն այդ աղջկան գլուխը իր ծոցին, այնքան անգամներու համար իրաւ, խռովիչ, զգլխիչ տեսիլք, արձանային ու աստուածային, ինչպէս բանաձեւած էր այդ խարտեաշ հանգիստը, այդ աղջիկէն, իր սիրտին այնքան մօտիկ), անոր դառնար, բայց իր սրտառուչ բովանդակ քաղցրութեամբն ու ռոմանթիք իմաստով, ինչ որ սա եղկելի ու մշտածարաւ մարդուն խորաթաքոյց տրտմութիւնն ու մէկ հատիկ, սրբազան, անկարելի հպարտութիւնն էր կազմած, պապա՜կը անոր թարմ, ինք կ’ըսէր փրփօշ միսերուն, տարիներով իր ներսը կենդանի բխում, յարձակում, բայց միշտ ալ կալանաւորուած, զարմացնելով կամքէ հիմնովին զուրկ ծնած այդ գինովը կիներու միսէն: «Անհաս», «անհուպ», «անշամանդաղ», գրական նրբենի վերադիրներ չէին անոր նոյնիսկ առօրեայ նախասիրութեանց մէջ ըսելի, այլ թերեւս մարմիններն էին այդ երազին, որուն ոստայնը ինկեր էր անոր ներսը սա աղջկան մատներէն, առաջին իսկ հանդիպումին (ո՜վ ողբերգութիւնը մարդոց կիրքերուն ու երազներուն. մենք այսպէս ճակատագրուած ենք ապրելու մեր զգայութիւններուն սլաքները մեր ներսը, ամէն րոպէ մեզ բզկտելու ու աղջկան մը ետեւէն մեր ցանկութիւնները արածելու մայրերու ուղիով) ու անոր մօրը ծոցը շղարշող, առագաստող սրբազան յուզում՝ բանուած, երիզուած կ’ըսեն գիրքերը, անոր ջիղերուն բոլոր ճամբաներուն, հանգոյցներուն: Առանց սա այլայլումին, որ գինն էր ահաւոր սա հիւանդութեան, Սահակ Պարգեւեան թերեւս յաջողէր զսպել մարմինին սա խուլ հեծեծանքները, ըղձաւորութիւնները ու փաթթուէր իր մէկ հատիկ հպարտութեան, մէկ հատիկ յարգանքին: Բայց զուր տեղը չէ, որ հոգեվարք ըսուած պահ մը ըլլայ սահմանւած մեր օրերուն, ինչպէս զուր տեղը չէ, որ մենք տարիներ ու տարիներ շղթայակապ կ’ապրեցնենք մեր ներսը մեր ամէնէն իրաւ մասը: Այս մղումներուն մէջն էր անշուշտ, որ անիկա, բոլոր լարերուն թուլացման խուլ զգայութեան մը իբր անդրադարձ, փորձեց բանալ իր թեւերը, ամբողջական մատուռի մը վրայ ինչպէս, առնելու համար անոնց աղեղին Սոնա Գոհարեանը, անջատ ու անկախ աստուած մը իբրեւ, իբրեւ հրաշքի աղեղ մը, թարմութիւն ու կուսութիւն, ինչպէս իր սիրտէն անհունապէս ըղձացուած քնքուշ մարմնառութիւն, գէթ վերջին անգամ գտնելու ցանկութեամբ այն մէկ հատիկ զգացումը, որ աւելի է, գէթ իբր մտապատկեր, քան կիներուն լանջքը, երբ «զարնելով կը զարնէր» ու իր «մինակութիւնը շալկած», մուրացկանի մը նման, կը դառնար ետ, ինքզինքը նետելու, դիզելու, թմրումի դնելու իր գարշանքին մօրուտքին, կատաղի ու անյագ, յաջորդ օրը, ցուպը ձեռքը, կրկին իյնալու համար արգանդներու պողոտաները…: Անոր գիտակցութեան վերջին հրթիռներն էին, որ կը նետուէին խարոյկին վրայէն, մահիճը ընելով տարօրինակ պատարագ, ողջակէզ: Հրդեհ անոր գանկին տակ վերջին ժայթքումներէն մէ՜կը՝ որ ծաւալեցաւ դէպի իր բազուկները, զանոնք բանալու համար հրաշքի աղեղին: Բայց չբացւեցան այդ բազուկները, անհնարին բեկում մը անդրադարձնելով անոր հոգիին սիւնին: Անոր մատները վախցան քակուելէ (դուք գիտէք, թէ ինչու հիւսած էր զանոնք եւ ուր), փրթած իր մարմնեղէն շէնքը կանգուն պահելու անկարող: Ու սա լքումը ողողում մըն էր, գրեթէ վերջնական: Կղպեց, ծեփեց իր թարթիչները իրարու: Ելեկտրական լոյսին մէջ անոնք իրարու փաթթուած անկենդան վարդի մը թերթերը եղան Սոնային աչքին: Յետոյ՝ սա քաշուիլը, ծծւիլը շատ յստակ զգալի եղան անոր դէմքին: Ըսես մէկը, արագ ու գողունի, սրբէր ու տանէր անկէ մկանային ամէն թրթիռ, շարժումի ծուէն, մեռելէն զատող անխօս, բայց արտայայտուն կտաւը մարդկային երեսներուն, որոնք մա՛նաւանդ աչքին գոլուտ ոլորտին տակ ներքին աշխարհը կը ճարտարապետեն այնքան յաճախ մեր դէմքին դաշտին: Յոգնութիւնը, նուաղումը չէր ատիկա, սրտի հիւանդութեանց վերջին րոպէները այնքան խռովայոյզ բեմադրութեամբ մը վերածող, տանջանագին, գալարուտ, գելումներով աքցանուած մկաններու հանդէս մը, երբ տեսնենք մեր առջեւ, անջատ ու խեղճ, մարդկայինին ամբողջ, անհուն անուշութիւնը այդպէս ճիւաղային, անըմբռնելի քաշքշուքի մը, ճմռքումի մը թափող: Ու չէր ասիկա նոյն ատեն մահուան սանկ նենգ ու կապտաւուն լռութիւնը, որ մեռած մանիշակէ մը դալկագին արատներ կը դնէ մեր շրթներուն, եղունգներուն ու մորթին մագաղաթին վրայ մանրանկար, ասմազուն ժանեակները կը հիւսէ դիակին, անզգած ու վատ խաղաղութիւն մը, սուզում մը, անհետացում մը թելադրող: Մեռա՞ծ: Ճակտէն քրտինքը կ’առատանար, կը հաստընար, թելերու կը վերածուէր ու կը թափէր դէպի կուրծքը, ուրկէ ճերմկած մազերու թաւուտին խորը կ’ընկղմէր: …Ե՞րբ եւ ինչպէս անոր բերանը պիտի անցնէր խօսքի: Ո՛չ Սոնան, ոչ ալ Արտակ Գասպարեանը պիտի զգային ատիկա, այսինքն՝ դէմքին կապտաւուն ու անզգած մեռելութենէն ետ սա տրամաթիք սկիզբը: Այդ բառերը դաշն էին, ամուր տպուած, պարզ, իրաւ, մա՛նաւանդ ամբողջ, կազմելու աստիճան խորունկ հակապատկեր, եթէ ոչ հերքում՝ հիւանդին ընդհանուր լքումին, յուսակորոյս երկարումէն: Անոնց միակ ուշագրաւ կողմը ծաւալէ, փոքրութի՛ւնը, շունչին տկարացմամբը հանդերձուած: Իմաստէ ոչ մէկ պակասաւորւթիւն: Չէին պատմեր ոչ երկինքը, որուն յաճախանքը հոգեվարքներու մէջ այնքան կը նեղէ ողջերը: Չէին պատմեր դժոխքն ալ, որմէ կը վախնանք թերեւս գացողէն աւելի մեր հաշուոյն: Ու չէին պատմեր մա՛նաւանդ հոգեվարքը, այսինքն՝ սարսափի, ապուշ հրճուանքի քնարերգուած դերումը, զոր այնքան կը մեծցնենք, երբ ատոր կարիքը ունինք կամ կ’ուրանանք այնքան հեշտագին անզգամութեամբ, երբ մեր կիրքերուն բողկուկները կ’արձակենք մեզմէ ներս, նեղ գտնելով աշխարհը մեր ախորժակներուն յագուրդին: Գրագէտէն ոչ մէկ հետք, ոչ մէկ ճարտարանք այս բառերուն գնացքին, ղեկավարման ու իմաստին մէջ, որոնք անջատ-անջատ, հեռուէ հեռու փրթող, շուտով եղան սակայն միակտուր ճարտարապետութիւն մարմինն ու խորհուրդը Սոնա Գոհարեանին, այդ հատուածայնութեան մէջ լրիւ ու միապաղաղ, պարզ ու ամբողջ, ինչպէս նոր հարսը առագաստի մուտքին: Տարինե՜ր. երկու-երեք վանկի մէջ: Մարդերու սիրտին մէկ ու նոյն պապակը կիներու միսէն, որ հոս աւելի է, քան հեշտութեան գեղձերու հանդէսը ու հոգի ալ կրնայ թարգմանուիլ: Բացառիկ յստակութեամբ, գրեթէ զգալի՝ զեղչեալ նախադասութեան մը նեղ հասակն ի վար: Իզմիրի ոսկի արշալոյսէն մինչեւ Հելուանի անապատին կայծակնահերձ, կարմիր վերջալոյսը, կործանած ու կորսուած դրախտը, անդառնալի խաւարումի մը մէջ խորասոյզ: Բառերը Սոնա Գոհարեանն էին՝ իր փթթումին, ուռճացումին, ողողումին անպատում շնորհներովը, հրաշքովը, տեղի, պահի, շատ բացառիկ, անհերքելի վկայութիւններովը, բոլորն ալ օր մը ապրուածին վճռական բարիքովը պաշտպանուած: Արտեմիս Գոհարեան ձգեր էր աղօթքը, գլուխը թաղելու չափ ծածկած մահճակալին տակ խղդող մութին խորը: Սոնա Գոհարեան լալու շատ մօտիկ: Արտակ Գասպարեան, օտարի մը անիմաստ շփոթութեամբը: Ինչո՞ւ բացաւ աչքերը: Բայց ի՜նչ վախ է, որ թափեցաւ ա՛լ նուաղուն անոր բիբերէն: Գիտակի՞ց էր իր բառերուն, թէ կը փախչէր իր միտքը հերկող պատկերներէն: Ելեկտրական լոյսը շատ էր անոր տկարացած ջիղերուն: Գոցեց, կրկին, պիրկ՝ շրթները, հակառակ անոր, որ կը նեղուէր օդի պակասէն, հաւանաբար ներքին անձուկին մէջը մատնող բառերուն: Ասկէ անդին սկիզբ կ’առնէր երկրորդ քառորդը: Քիչ-քիչ անոր ուղեղին վրայ զգալի՝ անձրե՛ւը շամանդաղին, «երկինքին շաղերուն», որ կը տեղուէր, կը փաթթէր անոր ջիղերը, զանոնք ընելով տակաւ գուլ, անընկալուչ, անհնազանդ: Ի՜նչ իրաւ էր իր բեկումը, երբ զգաց, որ աջ ձեռքը հիմնովին կ’ուրանար զինքը: Աչքերը փակելու պարտքը՝ ուրիշ սարսափ: Բայց պատրաստ էր բերանը բանալ, ուրկէ խուժող օդը դուրս կ’իյնար բառի փշրանքներով, ձայն ըլլալու չափ անամբողջ: Վերջնական խաւարումին շատ մօտիկ, անիկա կը տառապէր իմաստներուն ալ նահանջէն, որոնք կը մեկնէին անոր ուղեղէն, բայց կը մնային կէս ճամբան, ընթացք չառնող հրթիռներու նման: Երակներու եւ սրտի (որ երբեմն մեծ երակ մըն է միայն) հիւանդութեանց ընկերացող դասական գլխապտոյտը հասած էր իր բարձրակէտին: Գրագէտին կիսակատար բառերէն կը յօրինուէր ճարտարապետութիւնը իր շրջուած աշխարհին: Ա՛լ ամուր, ամբողջ, անկործանելի գահոյք մըն էր իր մահճակալը, առաստաղին փակած, իր հանդերձանքովը, զինքը շրջապատողներուն մարմինովը, բոլորն ալ առաստաղին վրայ պահելով իրենց անկարելի հաւասարակշռութիւնը: Ու ինքը, առաստաղը, որ իջեր էր բռնելու տեղը տախտակամածին, ելեկտրական լոյսին զանգակովը ու կ’այրէր, առանց տարտամի: Սահակ Պարգեւեան այս տեղափոխումն ալ դատեց: Դեռ ուրուատիպ իր մտածումը կը գործէր սա ծփանուտ խաղաղութեանց ալ վրայ: Անգամ մըն ալ ամրացուց սրունքները, որոնք կային, կը հնազանդէին, չնմանելով աջ թեւին, որ դիակ մըն էր ուսին փակցուած: Վերմակը՝ միշտ պաշտպանութիւն, զինքը վար, պարապին մէջ հոսելէ արգիլող: Ու… ցաւը, կրկին, երրորդ ու չորրորդ պատիկ ուժգնութեամբ, աւելի ահաւոր, քան քիչ առաջուան լեռնակոյտ զգայութիւնը իր լանջքին վրայ: Ու կուրծքը մամուլի երկու կոճակներու մէջ տափակցած, այնքան պիրկ ու ամուր, որ կլորցան շրթները ըսես, հոգին դուրս փողրակելու: Ու ինչպէս քիչ առաջ, նորէն անոր ոսկորները անցան աղմուկի: Խուլ կճրտուք մը, փրթող հերաներու սրսփուն պարը, ցաւին ահաւոր աքցանին տակ, ինչպէս կը տրուի մեզի երբեմն զգալ ատամնաբոյժին աթոռին, երբ քակուող ակռային տունը կը քանդէ վայրագ գործիքը: Սահակ Պարգեւեան մեղրամոմ էր ցաւին նիզակին ներքեւ: Բժիշկը, որ հասեր էր հիւանդանոցէն, անհանգիստ, դժկամ, կծեց շրթները պատկերին դիմաց: Բան մը ըրած ըլլալու համար առաւ բազկերակը, որ ոստոստում մըն էր, անհամաչափ, յիմար ու խեղճ: Իր վճիռն էր սրտին ճեղքուիլը: Ու մէկը չանցուց մտքէն հարցնել այդ իմաստունին, թէ ինչպէս կը տեսնէր այդ ճեղքը լաթերուն, միսերուն, ոսկորներուն փաթաթներէն: Դեղ, դարման՝ անօգուտ: Ու կը պոռար մեծ արձակագիրը ցաւին հզօր քերթուածը, առանց բառեր կազմելու ուժին: Յետոյ՝ պրկումները, իրարու ետեւէ, քանի մը անգամ, մորթուած հաւու մը ցնցումները տարօրէն յիշեցնող: Յետոյ՝ հեղեղէ մը ազատող երիվարին թօթոււուքը, որ անոր դէմքին մագաղաթեայ էջերն իսկ փոթաւորեց ու քրտինքին կաթիլները արագավազ ըսաւ: Ցուրտ, սառ այդ քրտի՜նքը: Բուսան անոր քունքերէն քիչ վեր գաղիական S գիրը յիշեցնող բարակ ալ գիծեր: Յետոյ՝ պարը, խելագար, անողոք, լացի պէս յուզիչ՝ բոլոր դնդերներուն, ոսկորներուն, վերմակին ու սենեակին: Բազմութիւն էր անիկա, այդ զգայութեանց ծոցը, խաւարելու վրայ՝ իր գիտակցութեան վերջին պատկերը, որով կարծեց զգալ, թէ սիրտը փրթած էր տեղէն, կտոր-կտոր բաժնուած քիչ մը իր ամէն մաuերուն: Վասնզի անդամները, մարմինին բոլոր կողմերը մէկ ու նոյն բանն էր, որ կը պոռար: Ձախ ձեռքը (ափին մէջ Արտակ Գասպարեանին), որ կը թրթռար, պաղատագին անկարողութեամբ մը խելօք մնալու: Ու տեսան, որ կը դողար, մեծատարած ու ամբողջ, մահճակալը, զարմացնելու չափ ուժով: Ո՞վ կը ճարէր սա կուղպ, շէջ մարմինին սա ալիքները: Հոգի՞ն: Մէկէն իրաւ զգացին իրենք զիրենք բոլորն ալ: Հոգեվարքը բառարանի բառ մը չէր ապահովաբար: Բժիշկը սահեցաւ, կամացուկ, դուրս: Չունէր ընելիք, մա՛նաւանդ ըսելիք: Այդպէս պարելով երբեմն մարդիկ պիտի անցնին յաւիտեանին մէջ: Ու տեսան, որ անոր շունչը կը թուէր քամուիլ, քամոցէ անցածի պէս, ակռաներէն, փրփուրով ու արիւնով քիչ մը խառն, ձիւթ-ձիւթ, պղպջակ-պղպջակ, մածուցիկ, խճլտուն, ճչուն, որպէս թէ սղոցները գործի են հագագին ճամբաներուն: Ու հեղեղը արեան, որ կոր ուղխով բխում մը եղաւ, փռուելով վերմակին: Ու խաղաղութի՛ւն: Չըսին մեռել, վասնզի ադամանդակուռ պատանքը կար քրտինքին: Ջուր կտրեցաւ անոր դէմքին ամբողջ մարդկայնութիւնը: Րոպէ մը միայն մեզ կը զատէ մահէն: Բայց որմէ ետք մեր դէմքը պիտի ըլլայ մեռելին կտաւը: Սառն, ամբողջական ջուրի պատանքի մը մէջ, առանց աչուկները կարենալ բանալու, առանց մնաքբարովի, «անբարբառ ու անզգայ»` ինչպէս կը պատմեն գիրքերը, Սահակ Պարգեւեան մտաւ իր վերջին քառորդին մէջ: Շունչին վերջնական դադարը մինչեւ մահիճը շրջապատող անոր սիրելիները չապրեցան: Կեցաւ, պատին, ժամացոյցը: Ու կեցաւ, պարտէզէն դուրս, արշալոյսը: Երբ առաջին լոյսի խաղերը դալկացան մութ կամարին գիշերուան, Սահակ Պարգեւեան իջած, հանգած հրաբուխ մըն էր: Պայծառ ու խաղաղ: Բայց մա՛նաւանդ երջանիկ: Ցաւին բոլոր հետքերը հալած՝ շոգիացած էին անոր ա՛լ «ազատ» երեսներէն: Մահը չի պատմուիր, ըսի անգամ մը: Ու կը կենամ:

Արտակ Գասպարեանը վերի դեպքերը կը յիշէ անշուշտ: Բայց ոչ հաւասար կենդանութեամբ: Անիկա չի կրնար մտքէն հեռացնել չարագուշակ վճիռը բժիշկին, որ արշալոյսը «ողջունել» զլացաւ արեւմտահայ մեծ արձակագիրին ընդմիշտ փակուած աչքերուն: Ու ծագեցաւ արշալոյսը: Համբուրեցին անոր սառած (ինչ ալ արագ) ճակատը երեքով ու կեցան: Իրենց միտքէն չանցաւ արցունքը, այնքան քանի մը ժամերու վրայ մենք երբեմն կը սպառենք մեր տարիները, առանց անդրադառնալու: Արեւը չէր ելած տակաւին: Գիւղին մէջ սկսաւ կեանքը, կաթ ու բանջարեղէն փոխադրող բանուորներուն աղմուկովը: Սահակ Պարգեւեան իր առաջին օրը կը սկսէր յաւիտեանէն:

Մահուան հետ մենք տարօրէն անհանգիստ ենք: Մինչեւ դագաղին հանուիլը դուռնէն աշխարհ մը մանրամասնութիւններ, որոնք մեր բուսակենցաղ վարժութիւնները կը խանգարեն: Կայ տակաւին ուրիշ շրջան մը, մեռելին ներքին արդուզարդէն անկախաբար: Պատանք: Ասեղ: Խունկ: Կրակ: Բաներ՝ որոնց վրայ մտածելն իսկ տառապանք է մեզի: Տիկին Գոհարեան աղաչած էր Արտակին, վազել հիւանդանոց, մեռելներուն մոմը, աշտանակով, բերելու: Անոր մեկնումէն ետք, առաջին անգամ իրարու դէմ կեցան մայր ու աղջիկ: Անզգայ, անբարբառ: Ով նետեց զիրենք իրարու գիրկ…

Վառեցին մոմը Պարգեւեանի սնարքին: Ու «ցուրտ» անոր ճառագայթները իրաւ էին, անոր դէմքին: Կապուտիկ անոր շրթները կը թուէին դողդղալ տակաւին, կարծես վարանելով պատմել գերագոյն փորձառութենէն: Տպաւորիչ դալկութիւն ու գեղեցկութիւն էր այդ մեռելը: Ինչե՜ր տեսան այդ կտաւին վրայ (դէմքին) երկու կիները, վերջապէս խոնաւնալ կրցող իրենց աչքերուն ետին, ներսը, երբ ծնրադիր իջան աղօթքի, մահիճին աջ ու ձախ եզրերուն…

…Արեւը փառք է ու քաղցրութիւն, ջերմութիւն ու արիւն, ու ապրշումէ պատմուճան (ինչո՛ւ՝ ոչ պատանք) մանկամարդ մարապետին վրայ, հարսնութեան ոսկի հալաւ, պիտի ըսէր գաւառացի բանաստեղծ մը: Երիտասարդ կինը, որուն դէմքը ըլլար կարծես անպէտ, տեսակ մը հեքիաթ՝ Արտակ Գասպարեանի աչքերուն: Ո՞վ անոր յիշեցուց, թէ ամբողջ սա վերյիշումներուն ընթացքին այդ կինը չէր ունեցած ոչ մէկ շարժում, ծունկի փոփոխում, ըլլալով միակտուր աղօթքը գիրքերուն: Մատուռը լման ներս առած է մայրամուտին պերճանքը: Պատերէն՝ պատկերները, ներկերը, գիրերը, խաչերը, նոյնիսկ լոյսի գալարքներուն մէջ լողացող շամանդաղները, գոյները տարրալուծող ապակիները աղօթքի են: Թող ըլլան: Բայց ինչու, Արտակ Գասպարեանի մտքին՝ գարնանամուտ գիշերուան գարնանագեղ առաւօտը կը յամառի ու կը կենայ, բիրտ, աննահանջ: …Ու մեռելը, մաքուր, գեղեցիկ, հանդերձուած, ծաղիկներով պսակաւոր, որոնք հասցուած են արտակարգ առատութեամբ Մարանին ինքնաշարժովը: Գահիրէն հայութիւնը ոտքի, պարզ ու պատշաճ, նոյնիսկ քիչիկ մը առաւելազանց փառքով առաջնորդելու մեծ արձակագիրը իր գերագոյն հանգիստին: Մարդիկ կը կարծէին դարմանե՞լ գրագէտին անդարման ողբերգութիւնը, երբ այդպէս շարժման կը մտնէին՝ անոր թաղումը «քերթուածային» վայելչութեամբ մը գլուխ հանելու: …Թաղման կարգը, լայն, լեցուն, փառաւոր, այնքան պերճ ու հաղորդական զգայութիւններով ծիծաղելի փառասիրութեանց բերած յագուրդովը, որուն խոր, կեղծաւոր եսապաշտութիւնը կը ջանանք վարագուրել, այսպէս, պատուոյ մէջ խղդել, փորձելով մեզմէ անդարձ բաժնուածներուն դագաղը, գոնէ քանի մը քառորդներու երկայնքին ըլլալով լուրջ, առնուազն՝ իրաւ, երբ կը յօժարինք ընդհատել մեր գործառնութիւնը, ձգել ետ գրասենեակները, տուները, ներկայ ըլլալու համար ժամ, երբեմն գերեզման: Ու դամբանականները: Առաջնորդ սրբազանը, որ ներկայացուց հանգուցեալը իբրեւ մէկը իր մտերիմներէն, հանդիսարան շքեղ տուրքերու, խօսքի ու գործի, մեր մտաւորականներու փաղանգին մէջ այնքան բացառիկ ու փառաւոր իր դերով ու հայ դպրութեանց տարեգրութեանց մէջ անմոռանալի իր էջովը. եւ հայցեց «Հոգւոյն սրբոյ» մխիթարութիւնը իր «պարագաներուն», չմոռնալով անոր հոգին յանձնել մարդասէր Փրկչին քաղցր նկատառումին, մարդկօրէն կարելի անոր սայթաքումները բաշխելու իրեն, իր աստուածային անսպառ ու անյիշաչար ողորմութեամբը: Առաջնորդ սրբազանը սուտ չէր խօսեր, բայց կը խօսէր շեղ, քանի որ այդ դամբանականէն ճիշդ քսանչորս ժամ առաջ, գործ պատրուակելով, մերժեր էր ընդունիլ գրագէտին այցելութիւնը, ի յառաջագունէ համոզուած ըլլալով լեղի ժամուան մը իրականութեան, արեւելահայ անզուգական թատերագիր Ճիվանզատէի ի պատիւ սարքուած ներկայացման մը հովանաւորութիւնը շնորհած ըլլալուն, զայն մերժելէ ետք Պարգեւեանին հեղինակած ու բեմադրուելիք մէկ խաղին…: Յաջորդ դամբանախօսն էր առաջնորդ սրբազանին կարգադրութեամբը նոյնինքն Ճիվանզատէն, որուն դամբանականը խմբագրուած ու ձեռքն էր թխած նոյն առաջնորդը, անոր անձնաւորութեան հաւանական հմայքը ի շահ ներկայացման օգտագործելու դիտումով: Անճարակ, մա՛նաւանդ անսիրտ խօսողը պաշտօնական երկու էջ սուտ գովեստ կարդաց, առանց տառապելու, որուն մեծագոյն անպատեհութիւնն էր անշուշտ սեպհական սեւսրտութիւնը, արհեստակցական նախանձի արդիւնք, Պարգեւեանին «թատերական անտաղանդութիւնը» այլապէս խոշորցնելով: Մարդիկ տեսան, որ կանոնաւոր ընթերցումն իսկ կը պակսէր արեւելահայ մեծահանճար թատերագիրին, որ երկու նախադասութենէ ետք չէր կրնար չնայիլ Ռիթելա իր աղջկան, անբացատրելի կերպով թեթեւ հագուած, մա՛նաւանդ կիսաժպիտ, անզգած կեցւածքով: Անկէ ետք Իշխան Պօղոս Արծրունին, քովիկը Մինաս Մարանը ու քանի մը աղջիկ: Հնդկահայ իշխանը, դարձեալ թուղթի վրայ, ողջերթ մաղթեց մեծ գրագէտին ու թեթեւութիւն հայցեց անոր «այրւուն» եւ Օրիորդ Գոհարեանին: Ամէնէն վերջին խօսողն էր հանգուցեալին մտերիմ ընկեր բանաստեղծ Տիրանեանը, որ դժուար հասկցուող բառերու վրայէն գտաւ ճշմարիտ յուզումը, երբ հանգիստ մաղթեց անոր հոգիէն աւելի մարմինին, այդ սխրալի մեռելին սրտայոյզ պատկերին առջեւ վերստին ոգեկոչելով, ապրելով իր սերունդին ամբողջ տառապանքը, կռուի ընկերոջ մը անկեղծ արցունքներովը հեռանալով դագաղէն: Ու ամենահաս Մինաս Մարանը, որուն հանդերձած հոյակապ մեռելակառքը ամբողջ Գահիրէն խօսեցուց շաբաթներով: «Իշխանականութիւնը» այդքան կ’ըլլար: Մարդիկ կը սքանչանային հանճարեղ պանդոկապետին ո՛չ միայն առատաձեռնութեան, այլեւ՝ հաշիւներուն, քանի որ պարզ էր ծրագիրը, «կառքով եղնիկ որսալու», դասական առակը փսփսուքէն բաց խօսքի հանելու աստիճան, թրքական սրամտութիւնը, ա՛լ «անպաշտպան» Սոնա Գոհարեանին հաւանական ճակատագիրը հեռուէ հեռու թելադրող, բայց անմոռանալի ու տարօրէն սրտառուչ Անգա Միրովնան, որ, Տիրանեանին հետ առտու կանուխ հասեր էր Հելուան, մխիթարած Արտեմիս Գոհարեանը իր ժուժկալ ու արի վիշտովը, պառաւի մը ձեռքէն ասեղը առած Պարգեւեանին մարմինը պատանելու, գլխուն մասը միայն ձգելով ազատ գերագոյն «կարէն», հետեւեր մեռելական թափօրին, իր ճերմակ մազերուն վայելչութիւնը հակադրելով Մարանին գուզիններուն ահաւոր արդուզարդին: Յուղարկաւորները հասկնալի էր որ ունենային բացառիկ հետաքրքրութիւն այդ անծանօթուհիին վրայ, քանի որ կործանած Տիկին Գոհարեանի կուշտէն չբաժնուեցաւ: Այդ հետաքրքրութիւնը հասաւ իր լրումին, երբ արարողութեան աւարտումէն ետք, կափարիչը զետեղելէ առաջ, օտարուհին անցաւ մեռելին գլխուն կողմը, ասեղը ձեռքը, հազիւ տեսնելով արցունքները ողողեր էին անոր շատ կապուտիկ աչքերը: Կարեց զգոյշ, հոգածու, վարանոտ, վիզին փորուածքը պատանքին ու ընդմիշտ փակելէ առաջ կտաւին ծալքը այդ «թանկագին» երեսին վրայ, կեցաւ րոպէ մը, նայիլ ուզող, տեսնել ուզող մէկու մը տագնապով, հեռու եւ վարանոտ մարդիկ կարծեցին հասկնալ, իրենց ձեւերով այդ զգուշաւորութիւնը ծռեցաւ անոր բերնին ու կապուտիկ անոր շրթներուն դրաւ իր շրթները, խոր ու խաղաղ համբոյրով մը փակելով Սահակ Պարգեւեանի քառորդ դարը ու զայն ճամբայ հանելով իր նոր ճակատագրին: Խռոված էին ամէնքը: Բանաստեղծ Տիրանեան քաշուեցաւ մէկդի, կենալու անկարող: Նուաղած էր Տիկին Գոհարեանը: Մանուկի մը պէս կը հեծեծէր Սոնան: Ըսի, թէ հոգեվարք մը չէր պատմուեր: Յուղարկաւորութի՞ւն մը: Շատ անգամ անիկա սկիզբ մըն է:

Աւելորդ է խօսիլ այն հազար ու մէկ չնչին մանրամասնութիւններէն, որոնք մեռելին առաջին օրը կը սեւեռեն մեր մտքին: Արտակ Գասպարեան ամբողջ օրը անցուց կործանած վիլլան: Եղաւ ականատես սգաւորներուն այցելութեանց ու անպատմելի տեսարանին, ուր Գահիրէի պատուական ազգայինը, որբուհիներու պաշտպան Մինաս Մարանը անվերադարձ ճամբու կը դրուէր, Սոնային թատերական մէկ հրամանովը: Եղաւ խոր հաճոյքով դարձեալ ականատես միւս արհամարհանքին, որ կորաքամակ գրեթէ կը վռնտէր հնդկահայ իշխան փեսացուն, Պօղոս Արծրունին «դէպի իր ճահիճները», jungleները: Մէկ օրուան մէջ այս ծանր ելոյթները երեւան կը բերէին անհասկնալի աղջիկը: Արտակ Գասպարեան ճարեր էր մօր ու աղջկան համար սուգի զգեստ, մնացեր անոնց մենութեան քով, առանց բառի, ցոյցի, փափաքի, կատարելով բոլոր պարտքերը, զորս պարագաները եւ սիրտը կը դնէին առջին: Ու… ապրեր, իր կարգին, անապրելի գիշերն ալ, կէսէն վերջ, միշտ չարագուշակ անապատին մէջ, նոյն քարերուն վրայ, ուր շաբաթ մը առաջ երկարած էր մանկամարդ կնոջ մարմինը…: Ուրիշ վէպ մը, անշուշտ, այդ հասարակ (կէս կը նշանակէ գիրքերու բառով) գիշերը, ուր բառէ բառ, խօսքէ խօսք, յուշքէ յուշք Սոնան քաշեր էր մերձաւոր անցեալին ու պատմեր անպատմելին: Աղջկան բերնէն սա խոստովանութիւնը ո՛չ ողբ էր, ո՛չ դիակ, ո՛չ քերթուած եւ ոչ ալ զղջում: Չունեցաւ արդարացման տկարագոյն ճիգ մը անգամ: Ճակատագիրն էր, որ մեծ է մեր բոլորէն: Չպատասխանեց հարցումին, որով միամիտ երիտասարդը կ’ուզէր իմանալ անոր սրտին տրամադրութիւնը՝ կը սիրէ՞ր: Սոնան գոհացած էր, յիշեցնելով Գահիրէի պարտէզին մէջ Արտակին հետ իր խօսակցութիւնը այդ զգացումին մասին: Դարձեր էին տուն, քիչ մը աւելի թեթեւ, քիչ մը աւելի կոտրած, բայց խորագոյն ալ զգացումով. կնոջ մը մեղքը մեռել մըն է մեր մտքին մէջ: Բայց մեռել մը միշտ աւելի է, քան կասկածը, սուտը, խաբէութիւնը: Արտակ Գասպարեան այդ գիշերին միւս կէսը լուսցուցեր էր բազկաթոռին լալով, լռին հոտերուն մէջ եղրեւանիին ու ընդուներ աղջիկը իր կուշտին: Անիկա չէր համբուրած այդ թարմ վիշտը ամբողջ շաբաթը Սոնան միակտուր լաց էր եղած ու իջած, լուսնալուն՝ գործի: Իրիկունը չէր կրցած չվերադառնալ:

 

Կարիք կա՞յ նոր վէպ մը սկսելու, որպէսզի լուսաւորուին բոլոր տագնապները, որոնք այդ գիշերէն ծնունդ առին ու յանգած են սա ժամուն, իրիկնամուտն ու ամառնավերջ, մատուռի մը վերջալոյսին մէջ, ուր կը մտաբերէ զանոնք Արտակ Գասպարեան, քիչ մը անդին, մայրանոցի սրահին արիւնաթաթախ մահիճին մէջ մահուան դէմ ոգորումը ընող աղջկան տրաման վերածելով իր ճշգրիտ իմաստին: Անիկա կը զգար, թէ ողջ չունէր ելլելիք սա մատուռէն «աղէտի մը պարագային» ու աղէտը Սոնային մահն էր այս անգամ: Անիկա կը չարչարուէր երկրորդ յաճախանքէ մըն ալ, Սահակ Պարգեւեանին մէկ պատմուածքէն առնող իր սկիզբը: Սոնան ամէն օր, այդ կէս գիշերէն ասդին, կը կարդար պատմուածքը, որուն մէջ կինը իր արգանդին պտուղը կը սպաննէր, զայն աշխարհ բերելէ ետք, յագեցնելու համար այդ մանուկին հեղինակին դէմ իր անքաւելի վրէժը…: Սոնա Գոհարեանը, նոր զգացման մը սաղմին մէջ: Նո՜ր վէպ մը: Չունիմ ատոր ո՛չ կարողութիւնը, ո՛չ ժամանակը:

Ու արագ՝

Այս երկրորդ կէս գիշերէն մինչեւ սա մատուռի րոպէն, դէպքերը եղան նոյնքան եղերական: Ծախուեցան վերջին գոհարեղէնները, հեշտագին ու քաղցր ընդառաջումով մը Տիկին Գոհարեանին կողմէ, որ կարծես կը պապակէր թեթեւում, հիմնովի՛ն ուրացւիլ իր անցեալէն ու իր աղջկան ողբերգութիւնը իր մահովն իսկ գնել, եթէ երբեք ըլլար ատիկա կարելի: Դուք գիտնալու էք հարկաւ, որ կեանք ըսուած առեղծուածը կարգ մը մարդոց, նոյնիսկ ժողովուրդներու վրայ շատ յաճախ ուրիշ կերպարանք չի հագնիր: Այս մէկը, սա աշխարհին երեսին պիտի լայ ու արցունքով պիտի մեկնի ասկէ: Աս ժողովուրդը, հակառակ իր բոլոր իրաւունքներուն այդ կեանքէն, պիտի դարերով տուայտի գերութեան մէջ, ուրիշներուն վայելքին համար պարտաւորուած իր ուժերը սպառելու: Աս այսպէս է: Դուք գիտէք ասոնք: Բայց չէք գիտեր, որ Արտակ Գասպարեան վէպի հերոս մը չէ Սահակ Պարգեւեանին նման, որպէսզի իր տաղանդին ուժովը ապրելուն, ճակատագրին արարքը իր բնատուր չարիքին մէջ սրբագրել յամառի ու չհասնի ուրիշ արդիւնքի, եթէ ոչ այդ չարիքը խորանարդեալ կրելու, հագնելու թիապարտութեան, աս ալ անսրբագրելի, անվերադարձ: Սահակ Պարգեւեան, արեւն ըլլար ոսկի ջուր, պիտի խմէր զայն քացխած գինիի նման: Արտակ Գասպարեան պարզ, միամիտ, աւելի քան իրաւ մանուկ մըն էր, երեսունի դուռներուն: Անհունօրէն բարի: Անսրբագրելի ռոմանթիք: Ու նոյնքան հայ: Ասոնք բոլորը լաւ: Ասկէ անդի՞ն: Անշուշտ: Նոր չեն, որ ապականութեան տուներէն մարդիկ կը հաւատան առաքինութեան ընձիւղումին: Արտակ Գասպարեան, պատերազմի սերունդ, շատ բան մոռնալու ատեն չէր ունեցած, մարդերու անզգամութիւնը հերքել համարձակելու համար: Ո՜վ էր մեղաւորը, պատասխանատուն ապրիլեան կէս-գիշերին աղէտին: Ու հարցումը կրկին: Անկէ ասդի՞ն: Բայց ինչո՞ւ չէք տար հարցումը անկէ առա՞ջ: Անիկա կը սիրէր այդ աղջիկը, դարերէ ի վեր, ինչպէս կը պատկերէր իր զգացումը պատրանաթափ Սոնային: Ահա թէ ինչու աստուածային բարութեամբ մը անիկա կրցեր էր առաջնորդել այդ աղջիկը, կէս-գիշերէն ետք, անապատէն դէպի վիլլա, գրեթէ առանց ցաւի, չըսելու համար՝ գոհունակ, որքան չէր մտածած ըլլալ Արման Պարգեւեանին յիշատակը իբրեւ դիակ մը ընդքարշելէ առաջ:

Տեղը չէ հոս ձեռնարկել խոր ու երկար վերլուծումներու ու յօրինել պատկերը երիտասարդին, արեւմտեան վէպին մէջ այնքան ընտանի, որ իր սիրոյն կրակին մէջ կը մաքրէ մարդոց բոլոր մեղքերը: Խորհեցէք միայն, որ յիսուն տարի առաջ, գեղերու մէջ ծակպտուկ մը ողբերգութիւն էր, քանի մը մատաղ կեանքերու գնով մը: Յիսուն տարի ետք աղջիկը զգայական քաղցրութիւն մը, շնորհ մըն է քաղաքներուն մէջ, զոր չունինք իրաւունք ընդհանրացնելու: Մարմնական գեղեցկութիւնը փաստ մըն է անշուշտ: Ու փաստ է դարձեալ հոգեկանը: Կը գոհանամ դիտել տալով, որ Արտակ Գասպարեան վէպի մը հերոս չէ Սահակ Պարգեւեանին նման, որ կեանքը ապրելուն տեղ ժամավաճառ ըլլար զայն տարրալուծելու եւ կամ ոսկեղինելու, իր անկարողութիւնն իսկ այդ բանին՝ վերածելու իմաստութեան, յաւակնոտ բառով մը՝ իմաստասիրութեան: Ըսի, թէ կը սիրէր այդ աղջիկը ու ատիկա բաւ է ո՛չ միայն Արտակ Գասպարեանին, այլեւ՝ թերեւս բոլոր անոնց համար, որոնք սա տողերուն գրուած պահուն կը մտնեն քսան: Է՜ր երբեմն, երբ պահք մը աւրելը ուրիշ դժբախտութիւն էր տունին գլխուն: Իմ տղայութիւնս ունի յիշատակներ հիւանդներէ, որոնք Խաչի շաբաթապահը չաւրելու համար մերժեցին կաթը ու, հիմա կը վճռեն, մեռան: Այսօր այդ թրաժիք ով մեզի չի ներուիր զբաղիլ իսկ՝ ո՛ւր մնաց ապրիլ:

Արտակ Գասպարեան կեցաւ այդ աղջկան կուշտին, արի, հեզ, մա՛նաւանդ սիրաւէտ ու հաւատաւոր: Քանի մը անգամ անիկա կորովով պաշտպանեց զայն գրաւող փորձանքներու, փորձութիւններու ընդդէմ: Գեղեցիկ, բարի, սրտառուչ իրեն պարզ բառերով յօրինեց, աղջկան զմայլուն աչքերուն դիմաց կենդանագիրը Արման Պարգեւեանին, որ… Քեյփթաունէն Սոնային հասցէին հաճած էր քարթ մը ձգել, երջանկութեան մաղթանքներով: Երիտասարդ, որ կը փախչէր հայր ըլլալու ամէնէն տարրական իսկ պարտքէն: Արտակ Գասպարեան վսեմ էր իր միամտութեան մէջ: Մարդերն ալ աղբէ էին երբեմն: Ուրիշ անգամ նետեց ինքզինք Նեղոս, աղջիկը ազատելու հոսանքէն, կամաւոր թէ արկածի հետեւանք՝ խեղդուելէ մը առնելով ետ անոր տառապագին մայրութիւնը: Անոր յղութեան երկրորդ ամսուն էր սա դրուագը: Արտակ Գասպարեան ո՛չ վսեմ էր, ոչ ալ հերոսական, երբ յօժարեցաւ ձգել իր գործը, մեկնիլ Սոնային հետ Արեւմուտք, Իտալիա կամ Ֆրանսա… մինչեւ որ գար խաղաղութիւնը: Այնքան իրաւ, այնքան մարդ էր անիկա, որ նուաճեց Սոնան:

Այս լուսաբանութիւնները բա՞ւ՝ որպէսզի գուշակեք պատճառը, որ Սոնա Գոհարեանը մայրանոց է նետած: Աւելորդ է պատմել, թէ այդ օրը կանխող գիշերին մէջ ան ինչպէս ինքզինքը խոշտանգեր էր, նմանելու համար Սահակ Պարգեւեանի վիպակի հերոսուհիին: Երկարա՜ծ մահիճին մէջ, ուրկէ արիւնը ողողած էր սենեակին գետինը:

……………………………………………………………………………………………….

Մատուռին բաց դուռնէն շշուկներ ոտքի:

Արտակ Գասպարեան դարձուց գլուխը: Վերատեսուչ մայրապետն էր: Քաղցրաժպիտ, բարի, յուսալից:

Մտաւ ներս, կամացուկ: Աղօթող մարապետն ալ փութաց զայն դիմաւորելու.

Աստուած լսեց ձեր ձայնը, տղաք, ըսաւ անիկա, բարի ու կամաց, –անհետացած է վտանգը:

Ելաւ դուրս:

Արեւը կը վառէր իր վերջին փառքը:

Արտակ Գասպարեանին արտօնուեցաւ մայրատան սրահի դուռնէն աչք մը նետել խաղաղ, կազդուրիչ քունի մտնող աղջկան պատկերին: Շաբաթ մը ետք, ազատ էր առնել տալու զայն: