Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (ԹԼԿԱՏԻՆՑԻ)
(1860–1915)

Կը յիշեմ, թէ գրական համախմբումի մը մէջ, օր մը, պատերազմէն վերջն էր, իրական հարցապնդման մը ենթարկուեցայ կարծիքի մը համար, որ Յովհաննէս Յարութիւնեանը արեւմտահայ գրականութեան մեծագոյն դէմքը կը յայտարարէր։ Առարկողները կը ծանրանային այդ մարդու գործին ձեւական թերութեանց, խորքին հրապարակագրական նուազումներուն, գրական զգայարանքի անզարդ նկարագրին վրայ: Չեմ յիշեր, թէ ի՛նչպէս պաշտպանեցի այս մեղքերուն դէմ գաւառի գրականութեան անառարկելի վարպետը։ Բայց իմ կարծիքը զօրաւոր հաւատք մըն էր իմ մէջ, թերեւս արդիւնք սեպհական հակումներու, գրականութիւնը ըմբռնելու մասնաւոր կերպի մը։ Երեսունի մօտ տարիներ անցեր են այդ շրջանէն։ Այսօր, երբ իր գործը դատելու համար վերստին կը մօտենամ անոր ժառանգին, ուրախ եմ յայտարարելու, որ իմ կարծիքս կը պահէ իր ամբողջ ուժն ու իրաւունքը։ Արեւմտահայ գրականութիւնը խոր ու խոշոր վկայութեանց հանդիսարան մըն է հայ հոգիէն։ Անոր մշակներէն իւրաքանչիւրը բան մը ունեցած է այդ հոգիին շնորհներէն։ Բայց այն գրագէտը, որուն մօտ հայ հոգին ամենէն յատկանշական իր կողմերով նուաճուած ու արտայայտուած ըլլայ, անիկա Յովհաննէս Յարութիւնեանն է նորէն։ Այս վճիռը կը պաշտպանուի ո՛չ միայն վերընթերցման փաստովը, այլեւ ուրիշ ալ փաստերով։ Գրականութեան պատմութիւն մը ճարտարապետական կառուցում մըն է հաւանաբար։ Ու արդիւնքներու կշիռը ա՛յն ատեն իր ճիշդ իմաստը կը ստանայ, երբ կը կատարուի ամբողջական աշխատանքի մը առիթով։ Արեւմտահայ գրականութեան մեծ վաստակաւորներուն գործին դատումէն յետոյ է, որ կը ձեռնարկեմ Յովհաննէս Յարութիւնեանի վերլուծումին։ Ու մեծ ուրախութիւն է ինծի հաստատել, թէ մեր ժողովուրդի մէկ որոշ ու բաւական ալ ընդարձակ հոգեխորշին տեղագրումը ՝ իրմով միայն կարելի, իրմէ դուրս պակասաւոր բան մը պիտի ըլլար։ Չունիմ տալու անունի պակաս մը, որ այնքան բան ջնջէր մէկ անգամէն հայ հոգիի հասկացողութենէն, որքան ատիկա պիտի կատարուէր, եթէ երբեք վերցուէր Թլկատինցիի գործը արեւմտահայ գրականութենէն։ Հայեցի, հարազատ գրականութեան հարցը, իր բոլոր փշոտ երեսներով, փառքովն ու տկարութեանց կշիռովը, կը դրուի անոր անունին հետ։

 

Արդարեւ, արեւմտահայ գրականութեան մէջ, գրական յղացքին շրջափոխութիւնը քանի մը զօրաւոր անուններու հետ կապուած եղաւ։ Գրական դպրոցներ իրենց իմաստին լիութեամբ չեն զարգացած մեր մէջ։ Գրաբարամոլութիւնը գրական դպրոց մը չէ։ Իրապաշտութիւնը մեր մէջ ընկերային շեշտ ձգտումներու կը հպատակի ամենէն առաջ. երկրորդաբար՝ գրական հեռապատկերներու: Մեր մէջ, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, երկու մեծ հոսանքներ գոյութիւն ունեցած են ազգային եւ դասական (չըսելու համար ընդհանրական ) ըմբըռնումները։ Ասոնցմէ երկրորդը սկզբնականն է. գէթ ժամանակ իբրեւ։ Զարթօնքի սերունդը, աւագ ու կրտսեր ռոմանթիքներ, ըրած են գրականութիւն մը, ուր մարդկային ընդհանուր արժէքներ, համամարդկային ձգտումներ կու գան առաջին փլանի։ Անուշիկ քերթուածի մը մէջ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան կը խտացնէ մեր գրականութեան այդ յատկանիշները։ Կարդացեք « Ո՜հ, ինչ անուշ եւ ինչպէս զով » տողերով սկսող տաղիկը։ Հոն ամէն բան ընդհանուր է։ Հովը, կոյսը, հայրենիքը, վտակը, նոճիները, աւերակները կու գան տեսարան ու կը թելադրեն գեղարուեստական յուզում մը, որ իրաւ է որքան քաղցր։ Բայց որ կրնայ հասկնալ միջին գաղիացին, անգլիացին։ Բայց կարդացէ՛ք նոյնքան պզտիկ ուրիշ քերթուած մը՝ « Իմ բախտս » (Թլկատինցի)։ Այն խռովքը, որ կը յառնէ այդ տաղիկէն, միայն ու միայն կրնայ տեղ գտնել հայ հոգիի մը խորը։ Անիկա չանցնիր այդ միջին գաղիացիին ու անգլիացիին։ Անոնք, որ առաջին կարելիութիւնը կը մեծցնեն ու երկրորդը թերի կ՚արժեւորեն, գրական զգայարանքի պակաս աճում մը կ՚ապացուցանեն։ Թլկատինցիին հետ տրուած ամենէն մեծ հարցը ուրեմն հայեցի, հարազատ գրականութեան մը հարցն է նախ։ Երկրորդ հարցը, որ կը հետեւի առաջինին, հայ բարքերու պատկերացումն է, այնքան տիրական ուժով մը նուաճուած եւ յանձնուած դարերու յարգանքին, հիացումին։ Այս երկու մեծ հաստատումներուն լուսաբանումը կը կազմէ Թլկատինցիի գործին փառքը, արդարութիւնը։ Գրական ուրիշ խնդիրներ ոճ, լեզու, կառուցում, արուեստի հանգանակներ ամենէն ուշ կը մտնեն կրկէս։

 

Անոր գործին մէջ որակը, իբր ազգային տարր, կը մնայ գրեթէ միշտ բարձր։ Գործին երեք չորրորդը անկորուստ գեղեցկութիւն մըն է, զոր կը հայթայթեն մեր զգայնութիւնը, մեր բարքերը, մեր աշխարհը, ուղիղ եղանակով մը շատ յաճախ։ Գործին խառնուած հրապարակագրական տարրերը չեն յաջողիր խզտել միջուկին արժէքը։ Այդ գործին մէջ մուտք չունին գրական սեթեւեթ, վայելչաբան խնամք ու ասոր պարտադրած աւելորդը։ Ոչ մէկ փշրանք այն խակ ալ հռետորութենէն, որով կը տառապին արտայայտութիւնները Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի եւ այն ոսկեզօծ հռետորութենէն, որով վիրաւոր է Ռ. Զարդարեանի գործին գրեթէ կէսը։

 

Թերեւս դուք չէք գիտեր, թէ երեք հազար տարիէ ի վեր, հայ գրականութեան մէջ Թլկատինցին մուտք կու տայ, առաջին անգամ, հայ գիւղին. ոչ միայն իբրեւ գրական ստեղծումի յատակ ու ներշընչարան, այլեւ իբրեւ հում իրողութիւն [1] ։ Այդ գիւղին արտաքին յօրինումը, անոր միջոցներով շահուած ստոյգ տախտակ մըն է, անգին նշխար մը մեր ժողովուրդին սեպհական հարստութենէն։ Կը հրաւիրեմ ընթերցողը վերցնել այդ գիւղին նկարագիրը (նկարագրութիւն) ու փոխադրել Ե. դար, օրինակի համար, Ղազար Փարպեցիի « Պատմութիւն Հայոց »ը ենթադրել դրուած Թլկատինցիին թեքնիքովը։ Գիտէ՞ք ի՛նչ կ՚ըլլար արդիւնքը հայ ժողովուրդին ամբողջական գիւտը: Ահա, թէ ինչո՛ւ այնքան մեծ էի կտրած գինը Թլկատինցիով մեզի կտակուած գանձին։

Այս մարդը պետն է, ներշնչարանն է գրական ճշմարիտ դպրոցի մը, որ արեւմտահայ գրական ընդհանուր արդիւնքին մէջ կը զատուի շքեղ բաժինով մը։ Հայոց աշխարհին մէկ կարեւոր մասը կայ խարբերդցիներով նուաճուած գրական վաստակին մէջ։ Եթէ պոլսական ընդհանրականութիւնը, չըսելու համար աշխարհաքաղաքացիութիւնը, զօրաւոր ազդակ մըն է անոր տկարութեան, ապա ուրեմն վասպուրականեան—տարօնեան հողամասէն ու Ծոփաց աշխարհէն (Խարբերդ) մեր ունեցած վկայութիւնները (մինչեւ Համաստեղ, Օհան Կարօ, Բ. Նուրիկեան ), մեր ժառանգը՝ այդ տկարութիւնը արժանիքով դիմաւորող յաղթանակ մը։ Թլկատինցիին մէջ ուսուցչի շունչը բաւական ուժով է եղած իր գաղափարները տարածելու, այնքան, որ իր մէկ հատիկ օրինակը կը շնորհէ մեր գրականութեան ամենէն ինքնատիպ, շնորհագեղ քանի մը անունները, բոլորն ալ Ծոփաց աշխարհէն։ Իր անմիջական աշակերտն է Ռուբէն Զարդարեան։ Իր շունչին հեռու ազդմունքները կը զգաս Համաստեղի, Նուրիկեանի, Վահէ Հայկի մէջ, որուն « Հայրենի ծխան »ը գեղեցիկ գիրք մըն էր, բայց չգտաւ իր արժանաւոր վարկը, ինչպէս կը պատահի երբեմն կարգ մը գործերու:

Ու, փարատոքս, արեւմտահայ հոգիին արտայայտութիւնն է ատիկա, բեմական արուեստին մէջ, մարդու մը կողմ է, որ զուրկ ապրեցաւ բեմէն, չճանչցաւ դերասանը։ Բայց գրեց մեր առաջին խաղերը, հայ հոգեբանութեամբ ու հայ խորքով։

* * *

Իր գործին մէջ մտնելէ առաջ, սա քանի մը ընդհանրացումները չեն նշանակեր աւելի ընդլայնել, երբ կը խօսիմ իր անունէն անբաժան ուրիշ ալ մասնայատկութեան։ Ատիկա եւրոպական լեզուի մը պաշտպանութենէն զուրկ արուեստի մը իրականութիւնն է։ Անշուշտ մեր մտքին կը ներկայանան անունները Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի, Հրանդի, որոնց գործերը նման պայմաններու կը հպատակին գրեթէ։ Բայց Թլկատինցին կը զատուի այս խմբակէն անո՛վ, որ իր հսկայ երկը իրագործած է ի՛ր իսկ բոյնին մէջ։ Ան իր գիւղը ունեցաւ իրեն հորիզոն։ Անոր քաղաքը երկարաձգումն է գիւղին եւ ոչ թէ փոխատնկում մը (transplantation), ինչպէս է պարագան միւսներուն համար։ Առանց Պոլիսին չէր կրնար գրուիլ « Պապիկ եւ թոռնիկ »ը, որ փախուստ մըն է այդ Պոլիսէն։

Թատրոն, քրոնիկ, վիպակ, քերթուած, ինչ որ ելած է անոր գրիչէն, բացառիկ ուժգնութեամբ մը պայմանաւոր է արուեստի զգայարանքով։ Չէ խառնուած արուեստին, ըսել կ՚ուզեմ՝ հրապարակագրութեան։ Ու ասիկա բարիք մըն էր։ Չէ զառածած իր ուսուցչութեամբ, հսկելու համար ճառերու, ընդհանրութիւններու, վարժապետական սոփեստութեանց, որոնք Պոլսոյ մէջ իրական վտանգներ եղան ու տկարացուցին արդիւնքները ճշմարիտ տաղանդներուն։ Մամուրեան, Պէրպէրեան, Չերազ, Սէթեան մասնակի շատերն են այդ զառածումին, քանի որ իրենց գործին մեռեալ մասը կու գայ այդ կալուածէն։ Թլկատինցին զերծ եղաւ նաեւ յեղափոխական հռետորութենէն, իր գործը ազատագրելով ամբոխային հիացումէն, ինչպէս մոռացումէն։

Այս տողե՛րը՝ որպէսզի տրուէին քանի մը գիծերը սկզբի վարկածին։


 



[1]        Անշուշտ հայ ազգագրութեան սկսողը չէ անիկա: Բայց, ազգագրութիւնը իր գիտական անհրապոյր չորութենէն կամ ազգայնական–պատմական աւելորդ տարբերուն տակ խղդուած, անգրական կերպերէն ազատագրողը ինքն է ապահովաբար ամենէն առաջ։ Արեւելահայ դպրոցը կապ մը չունի գրականութեան հետ, ըլլալով շեշտօրէն բանասիրական զբաղանք։ Սրուանձտեանց շատ ենթակայական պատկերող մըն է։ Թլկատինցիի հայ գիւղը առաջին լուրջ աշխատասիրութիւնն է, ուր պարկեշտ, անունին տիրող մը, ինչպէս դիւրածոր գոյնով, շնորհով տալու ընդունակ միտք մը իրար կը պաշտպանեն: