Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. ԱՐՁԱԿԱԳԻՐ Ը

Այս տիտղոսում էին տակ կ՚իյնան Ռ. Զարդարեանի խորհրդապաշտական եւ ստեղծագործական էջերը։

Խորհրդապաշտական էջերը ամբողջութեամբ մուտք ունեցած են - «Ցայգալոյս»ին մէջ [1] ։

Ուշադիր ընթերցում մը անոնց մէջ անմիջապէս կը հաստատ ժամանակին այնքան սիրուած ու անխնայ մշակուած սեռ մը հ ամբաւաւոր արձակ–քերթուած ներուն մասնաւոր մէկ փոփոխակը։

Իբ ր կառուցում, ընդլայնում ու պսակում՝ եղանակը նոյնն է միշտ։ Այսինքն՝ ընտրել կտոր մը արտաքին աշխար հ է, լաւ որոշադրուած, նոյնքան լաւ դիտուած։ Մասնաւորել զայն պատի ծուէններով (կրնայ հ ակառակն ալ պատահիլ, կտորը վերածելով արշալոյսի կամ վերջալոյսի, գարունի կամ ձմեռի Այսպէս կազմուած իրականութեան վրայ սրսկել ցամաք, կաղ, միականի զ գացում մը, մարդկայինին պատրանքը ստեղծելու համար։ Ու հռետորական բոլոր շ պարները, բոյրերը։ Այս պատրաստութենէն յետոյ թռչիլ ։ Այսինքն՝ ազատագրուիլ, ամէն գնով, նոյնիսկ միմիայն բառ ըլլալու գնով, իրականութեան հ ակակշռէն ու մէկ ո ստումով վերանալ մինչեւ սահ մ անները քմահաճ երեւակայութեան ։

Եթէ իրականութենէն այս փախուստը՝ օտարներուն մէջ խոր հ րդապաշտ մտայնութեան մէկ կարեւոր երեսն է, մեր մէջ՝ հ ամա զ օ ր կը մնայ ճիգէ փախուստին ։

Ո՞վ պիտի յոգնէր այն հ անդարտ ու համբերատար կառուցումին համար, որով արուեստագէտը գ իծ–գիծ, հ ամրանքով ու ջերմութեամբ պիտի լարէ կեանքին կտաւը ու պիտի զարնէ ներկը զգուշաւոր ու լրջութեամբ։ Անպատասխանատու ազատութիւն մը կը փոխարինե հ ոս փրկարար երկունքը։ Ու դժբախտութիւնը հ ոն է, որ եղանակը հ րապուրի չ է մանաւանդ անտաղանդներուն։

Այս թռիչքը փորձելէ վերջ, հ ոն, այսինքն՝ երեւակայութեան գաւառներուն մէջ տանիլ կա ՛ մ խեղճ սիրտ մը (որպէսզի լայ անիկա «անրջահիւս» սիրուհին կամ «դիւթագեղ» արշալոյսներ), կա՛մ երազանցուած սիրական մը (վրան թափելու համար պերճութիւնը նշուլագեղ ածականներուն)։

Յետո՞ յ ։ Բայց գո՛յն։ Ամէն տեսակէն։ Տարաշխարհիկ, ռոմանթիք, մետաղեայ։ Բայց բառ, որ կը տեղայ, կը տեղաւորուի ու կը խեղդէ ամէն բան։ Զարդարեան պիտի տարբերէր խմբերգէն ուրիշ կէտի մը վրայ։

Երբ ուրիշներուն, նոյնիսկ ամենէն տաղանդաւորներուն արձակ քերթուածները հասարակ տարողութեամբ զգացական բաջաղանք են միայն, կամ այդ օրերուն այնքան ընթացիկ սեռային մենախօսութին, կամ աւելորդ ու անհաւասարակշիռ յուզականութիւն, ու չապրուած, կեղծօրէն շ արժ տ կող թրթռականութիւն մը զգայարանքներու Զարդարեան կը շ եղի այդ թեմաներէն ու կ՚աշխատի միշտ կարեւոր մտածում մը (որ այդ օրերուն խորհուրդը կամ իմաստասիրական յաւակնութիւնն է) զետեղելու կառուցումին խորը։  

Այս եղանակին գլխաւոր էջերը՝ « Գամփռը », « Փողոցը », « Կուլուշկէրն ու իր գերեզմաննոցը », « Մեծ չարչարանքը », եւ « Մենաւոր ծառը »։

Ծանրութեան կեդրոնը փոխադրելով անհատական, մասնաւոր տեսիլներէն, դէպի լայն, զանգուածներուն տառապանքները, գտնելու համար մեր ողբերգութեան զուսպ ու ազնուական փաթեթիքը, կ ՚ ունենանք մեր առջեւ Ռ. Զարդարեանի « Բագինին փառաբանութիւնը », « Տէ՛ր, լսէ՛ մեզի », « Պահակները արթուն ե ն », « Յաղթական Ալլահը եւ պարտեալ Ալլահը »։

Եթէ այս հ ատուածներուն մէջ, դուք արագութեամբ անցնիք քանի մը կրկնութիւններու, քանի մը հ ասարակ ձեւերու, ու պարտադրուած ֆրազներու տկարութեանց վրայէն, անդին կ՚ունենաք շատ յստակ ու կորովի գծագրութեամբ խորհրդանշան մը, նոյն ատեն տանելի յօրինումի մը տանելի գոհունակութիւնը։ Դուք պիտի վայելէք հ ոն ամենէն առաջ իր ոճը, որ հակառակ իր մեղքերուն, գրաւիչ է նորէն, յանցապարտ բայց աղուոր աղջկան մը նման։  

Հ եքիաթներուն մէջ արձաններ կառուցանող, այդ մսո տ, ձեռքիդ դէմ գրեթէ շ օշափելի իրականութիւն մը հ անող ոճը, որ պիտի չարչարուի, բայց պիտի հ այթայթէ հ աստատուն, շողարձակ զրահներ յղացումները պաշտպանելու համար։ Ան է, որ պիտի ընծայէ կարելիութիւն, խորհուրդը իր զարգացումին, յետոյ արձանացումին առաջնորդելու, զայն բռնելով տեւական ձեւընկալութեան մը մէջ։ Ան է, որ նորէն առարկայացման պիտի կանչէ խորհուրդը, ար գ իլելով զայն շատ վերերը թեւածելէ (որով կրնար կորսուիլ, անհասանելի եւ դառնալով ուղեղին կամ աչքին)։

Այսպէս, նկատելի են, աչքի տեսակէտով, բանաստեղծին սրութիւնը, վստահութիւնը, թափանցումն ու պայծառատեսութիւնը, մտածումի տեսակէտով անոր օգտապաշտութիւնը, ձգտումը եւ վճռականութիւնն ու յեղափոխականութիւնը, կառուցման տեսակէտով անոր մերձեցումի, խորացումը, մասնաւորումի ու համադրութեան ընդունակութիւնները եւ, վերջապէս, արտայայտութեան տեսակէտով՝ անոր հռետորութիւնը, նախադասութեանց գիտութիւնը, բառերու վրայ լռիրապետումն ու փոխաբերօրէն ըսելու ձիրքը:

Վերը յիշուած երկու եղանակով կտորներուն ալ մէջ Ռ. Զարդարեան տուած է արդիւնքներ, որ ժամանակաւոր պայմաններու չեն կարօտիր տեւելու համար։ Ու երբ անոնց հետ, ու աւելի վերջը մեծագոյն աղէտներ ու նոյնքան մեծ երգեր եկան մեզի, Զարդարեանի շեշտը, աչքին հրդեհը, յուզումին աղաղակը կարելի է առանց վնասի դնել անոնց խռովքին մօտիկը։ Վասնզի Սիամանթոյի, Վարուժանի, Թէքէեանի յուսավրէպ կամ ապերասան կամ փարթամ ողբերգութիւնը իր ժուժկալ, բայց տպաւորիչ, իր կորովի, բայց նոյն ատեն նկարէն ձեւին տակ գոյութիւն ունի այդ կտորներուն մէջ։

Թերեւս աւելորդ չէ յիշեցնել, որ երկրորդ եղանակի հատուածները լրագրական էջեր են, գրուած մռայլ օրերու, երբ երկինքը յղի էր շանթերով։ Ու անոնց ներքին կենդանութիւնը տակաւին կը դիմանայ։ Նշա՛ն է թէ՝ անոնք աւելի էին իրենց ժամանակին։ Օրաթերթերու բացառիկները երբեմն գրական լուրջ ժամադրավայրեր էին, տարեգրքերու կազինոներէն առաջ։

Այն մռայլ, անսրբագրելի թախիծը, որ մեր երկրինն ու մեր ժողովուրդինը եղաւ դարերով, այն անորակելի հոգեբանական ճնշումը, ձգտուածութիւնը, զոր ապրեցաւ իր սերունդը գաւառին խորերը [2], անկարող կատաղութեան, անխիղճ լքում է այն ահաւոր փոխնիփոխումը, որ ճակատագիրը եղաւ մեր ցեղին ասոնք գլխաւոր լարերն են մեր օրերու մեծ ողբանուագին։ Բայց դրէ՛ք այդ երգը մէկու մը բերնին մէջ, որ զգար այդ ամէնը՝ այն օրերում, այսինքն՝ յեղափոխութեան դժոխք օրերուն անդստին մէջէն, որ զգար այդ ամենը ինքզինք բզկտելու աստիճան կճող վրէժի մը տաղտապանքին ընդմէջէն, դուք կ՚ունենաք մեր նոր վկայագրութեան սուրբերն ու հերոսները։ Այո՛: Այս ամէնը։ Բայց արագ, գրեթէ ուրուային ծփանքի մը մէջէն։ Մահուան մեղեդիէ մը ընկերացուած։ Այս խիստ ու դժնդակ իրականութիւնը կը բաւէ, որպէսզի այդ էջերը տարբերին ընթացիկ խորհրդապաշտութենէն։

Ռ. Զարդարեանի խորհրդապաշտութեան համար որոնումներու աղբիւրներ նոր պայծառութիւն չեն բերել։ Չէ կարելի բաղդատել զայն ֆրանսականին հետ, որ մտածումի, իմաստասիրութեան վէճ մը ու նոյն ատեն քերթողականի (poétique) հարցն է անոնց մօտ։ Չափուած կտորի մը մէջ, « Աստուածները », հակառակ արտայայտութեան բոլոր մեղքերուն, խորհուրդը ինքզինք կը պարտադրէ մեր համակրանքին, վասնզի կու գայ անիկա դարերէն, մեր ճակատագրին նման վճռական ու անփոփոխ։ Բանաստեղծութեան թեքնիք միջոցները դեր անգամ չունին այդ անդիմադրելի յուզումին մէջ ու գուցէ կը վնասեն անոր հարազատութեան։ Մինչդեռ հակառակն է, որ ճիշդ է սէմպոլիստներուն մօտ։

Զարդարեան ճանչցած է սէմպոլիստները [3], բայց հեռուէն, զանոնք հարուածողներուն ցուցմունքներէն։ Իր աղերսը եթէ պէտք է անպատճառ կախումներ (dépendance) հաստատել աւելի ռոմանթիքներու, մասնաւորաբար Ա. տը Վինեիի հետ է եղած։ Իր մտածումին պարտադրուած ժուժկալութիւնը, զայն արտաքին, խօսող եղանակներով ընդլայնելու ձեւը, շօշափելի, մեծավայելուչ ու նորագիւտ պատկերներու ծոցը զետեղելու մտահոգութիւնները կարելի է մօտեցնել ճակատագիրներու պարզ, բայց խորունկ յօրինուածով քերթողութեան։

Ուրեմն՝ ոչ խորախորհուրդ ընկլուզում ձեւերու մէջ ջուրերուն ներսը, որուն կախարդ նաւորդները (Հիւկօ) այնքան ալ նոր տեսիլներ պատմեցին ո՛չ հետախաղաղ փնտռտուք աշխարհներու առեղծուածին դէպի սիրտը ինեի, Լամարթին, Սիւլլի Փրիւտոմ ), որոնք իրենց ճակատները զարկին կապոյտին պատերուն ու իրենց կարմիր, բայց դժբախտ փորձառութիւնը ըսին մեզի այդ ամայութիւններէն կամ անդունդներէն ո՛չ եղկելի, իր նուաստութեանը համար բարձրանալ ամչցող եuի մը տագնապանքը, որուն այնքան լեղի, բայց այնքան համով վերլուծումները տուաւ Պօտլէռ ո՛չ սէրը ( Միւսէ ), որ մեղք մըն է տղոց ներելի, ոչ իսկ փառքը՝ որուն կը վազեն, երբեմն այնքան խենթութեամբ:

Բոլոր այս մայր թեմաները, որոնք տասնիններորդ դարու մեծ քնարերգակներուն քերթուածները կանգուն, տենդավառ ու մարդկային կ՚ընեն, չեն փորձած Զարդարեանի գրիչը։

Ասիկա մեղադրանք մը չէ, այլ հաստատում մը, որ իր իմաստը ունի մեր գրականութեան հոլովոյթին տեսակէտէն։

Գրական աւանդութեան մը պակասը, մեր քննադատութիւնը որ բառ միայն եղաւ, մեր կեանքին պայմանները, ցեղային ընդունակութիւններ ու դեռ շատ մը ուրիշ ազդակներ զօրաւոր արգելքներ եղած են, որպէսզի մեր գրողները խորտակել կարենային իրենց շատ սահմանափակ շրջանակները ու երկնային դէպի մեծ, համամարդկային հետաքրքրութիւններ։

Ու, այս ամէնուն տեղ, իր ցեղին մեծ տառապանքը քանդակելու համար, քանի մը յարմար կեցուածքներ՝ ընդհանրապէս բողոքող, վրիժագին։ Նոր օրերու մեր ազգայնականութիւնը յարձակողական է, մեծագոյն տարբերութիւնը, որով անիկա կը զատուի մեր պատմութեան ընդհանուր tonalité–էն։ Կամ բոլորովին պատահական, ասկէ անկէ վերցուած, անձնական, պզտիկ շրջագիծով դիտողութիւններ, որոնք պատկերի ձեւով խորհուրդի կը կանչուին։ Բանտարկուած բուի մը կարօտախտը գիշերուան անդունդներուն։ Ծերացած շունի մը պայծառ արհամարհանքը ու խեղճ իր վիշտը, դեղին վատաuերումին դիմաց եւայլն։

Բոլոր այս հատուածները անշուշտ մեղաւոր են ժամանակին մեծ մեղքովը։ Բայց երբ զեղչը ընենք քլիշէին, հռետորականին, փնտռուածին (ինչ որ տողերու հարց մըն է բարեբախտաբար), անդին կը մնայ, դիտել կու տամ կրկին, յստակ ու հանդարտ ու տպաւորիչ գեղեցկութիւն մը, որ կը լուսաւորէ Զարդարեանի խորհրդապաշտական էջերը եւ զանոնք կը յանձնէ ազգային ժառանգութեան։

Ռ. Զարդարեանի ստեղծագործական էջերն են՝ « Գարնանամուտի դաշտանկար », « Սեւ երազ », « Լերան եղնիկին », « Անյօդ գեղգեղանքներ », « Կարօտներ », « Դաշտային վերջալոյս »։

Հեքիաթներէն ետք, այս կտորները կը ներկայացնեն Զարդարեանի ստեղծագործութեան մեծագոյն ճիգը։ Անոնց մէջ իր լրումով երեւան կու գայ գրագէտին ամենէն ուժգին գիծը, որ քնարերգական խառնուածք մըն է, ժուժկալ, մռայլ ու մթութեան մէջ կայծկլտուն։

Նկարագիրներն են՝ բնութեան թափանցում, բնութեան մէջ մարդկային տարր, բնութիւնը ինքն իրեն համար, յուզումի տարր, բանաստեղծականութիւն, իրապաշտութիւն, գոյն, երաժշտութիւն, պատկեր ու փոխաբերութիւն եւ խորհուրդի տարր ։

 

Բնութեան թափանցումը

Մի՛ մոռնաք, որ Զարդարեան իրականութենէն, այսինքն՝ մարդերու հոգեբանական իրողութենէն վախցող մէկն է [4] ։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ իր քերթուած-արձակներուն մէջ, հոգիին խորութիւններէն խոյս տալու իր չպարտկուող աճապարանքը, որ իր վիպակներուն մէջ հոգեբանական գործողութիւնը լքելով, արտաքին ազդակներու վերակազմումը փնտռող ու ասոնց իրագործման իր բոլորանուէր դարպասը՝ վճռական փաստ կը բերեն իր խառնուածքին վրայ, որ բանաստեղծական տարրերով լիացած զգայնութիւն մըն է ամէն բանէ առաջ։

Նոյն այս նկարագիրը, որ մթնոլորտն է իր իսկ հեքիաթներուն։ Վիպակներուն մէկ մասը, ուրիշներու մէջ ամբողջ հատուածներ կու գան այս երակէն։ Ու այս մշուշն է, որ անձերն ու տեսիլները կը բեկբեկէ իր հեղանիւթին մէջ առնելով զանոնք։

Ձգել մարդերը։ Չախորժիլ անոնց ընկերութենէն, երբ իրենց թանձր հաճոյքներուն գոհունակութիւնովը կը զլետնեն զքեղ։ (Բաւական Ֆլօպէր կարդացած է Զարդարեան այս արհամարհանքին հասնելու համար)։ Բայց դարձեալ չտարուիլ, չընկղմիլ անոնց ցաւերուն ծոցը, երբ տառապանքը ճակատագրին անձրեւին պէս « կ՚առնէ, կը կայնի » դաշտերն ու սիրտերը։ Ձգել սա անհուն ողբերգութիւնը, որ մարդերուն օրրանէն իսկ կը համարուի անոնց ճիտին, ու անոնց ամբողջ օրերուն տեւողութեամբը, կը քսքսուի անոնց կրունկներուն՝ արիւնէ ու կրակե շղթայի մը նման։ Զանգուածային թշուառութիւնը [5], որ օրերուն ու տարիներուն վրայ կը գամուի անարշալոյս գիշերի մը նման, զանոնք ընելու համար կենդանի ժանգ մը, կամ դեղին մղձաւանջ մը։ Գերութիւնը, որ մարմինէդ աւելի կը փաթթէ քու հոգիդ ու, անորակելի օրան (ara), որով կը քալէ մահը երկրի մը մէջ, ուր, զայն կը հանեն նկուղներին, ինչպէս իրենց գոմէշները, ու կ՚անցընեն զայն բիրերուն, սուրերուն, տապարներուն բերանին, անիմաստ, անլուր պատճառներով, ու կը ջարդեն, կը ջարդեն օրն ու արեւը մարդերուն, ինչպէս կ՚ընեն ատիկա խոտերուն ու փայտերուն։

Զարդարեանի գրականութիւնը ջարդի գրականութիւն մը չէ, ինչպէս է առհասարակ շրջանին արտասահմանեան գրականութիւնը։ Բայց ատիկա ըսել չէ, թէ ան կրնար անմասն մնալ ցեղին մեծ տագնապէն։ Հատուածական՝ բայց գոյ է այդ երեսը ու, տեղ–տեղ, իր ամփոփ ծաւալին հակառակ, ամբողջական զգայութիւններ արթնցնելու ալ ընդունակ։ « Բագինին փառաբանութիւնը »ին մէջ տողեր կան, որոնք կը ցնցեն։

Ձգել այդ ամէնը, ու ամեն պատեհութեան՝ վազել դէպի արտը, ջուրը, լեռն ու այգին եւ յանձնուիլ անոնցմէ բխող զգլխանքին ու գինովութեան։

Կա՞յ, աւելի ապահով նշան մը, որ յայտնաբերէր բանաստեղծական խառնուածքը։ Յետոյ, ձե՛ւը այս անձնալքումին։

Անիկա թեթեւ, քիչ մը ծիծաղելի եղանակը չէ՞ մեր երանելի տադանդներուն, որոնք այնքան լրջութիւն ու հեշտանք կը դնեն զեփիւռին ու գարունին հրապոյրները երբ կը բանաստեղծեն։

Մեր նոր քերթողութիւնը երբ ազգայնական կամ էրօթիք չէ, մանկական նկարագրով տարփող մըն է բնութեան, միամիտ ու գրեթէ միշտ տափակ։ Թէ՛ արեւմտեան, թէ՛ արեւելեան հատուածներուն մէջ ձեւը նոյնը կը մնայ։ Աւետիք Իսահակեան ու Արտաշէս Յարութիւնեան մէյմէկ օրինակ կը ծառայեն այդ կարգի բանաստեղծութեան մէջ։

Զարդարեան կը մտնէ ներս իր աշխարհէն ու հեշտագին ու խորունկ թրթռումով, որուն անկեղծութիւնը կը զինաթափէ ամենէն սկեպտիկն անգամ ու մանաւանդ անոր համար այդ յանձնումը հեռու է ամէն արտաքին հանդիսաւորում է։ Խորքով հռետոր այս բանաստեղծը իր արձակին մէջ քիչ անգամ ռոմանթիզմ կ՚ընէ։

Ասիկա առաքինութիւն մըն է այն շրջանին համար, ուր նորոգուած ռոմանթիզմ մը, այն օրերու, տարազով հռետորութեամբ կը տիրէ հրապարակին։

Գիտէ՞ ան, թէ իրերը յաճախ միակ ու մերկ անկեղծութիւններ են, ամբողջական ու համոզիչ։ Գիտէ՞ ան, թէ անցնող ձեւերուն մէջէն ամենէն հաւատարիմները նորէն անոնք են, որոնք մեր աչքերուն առջեւ իրենց անայլայլ միօրինակութիւնը քալեցնելով, մեզի լաւագոյն թելադրանքները կ՚ընեն բնութեան անհասելի իմաստին, անոր մեծավայելուչ անտարբերութեան ու մեզ կը հրաւիրեն համեստութեան, համակերպութեան ու բարութեան։ Այս դասը տեսած են արդէն ռոմանթիքները ու անոնց հետեւող դպրոցը։ ( Կ. Լանսոնի «Բնազանցական սարսուռը»  

Գիտէ՞ ան, թէ նոյն ատեն անոնք, այդ անզգած արտաքին պատկերները, կտորները կրնան ըլլալ նաեւ մեր հոգին։ Թէ՝ դուրսէն տարածուող այդ աշխարհը ինքնին իմաստ մը չունի, թէ անիկա անդրադարձ մըն է ներքին տիեզերքի մը։ ( Խորհրդապաշտ դպրոցը

Բայց գիտէ ան ապահովութեամբ, թէ անոնցմէ դեպի մեր ներսը կը ձգուին տաք ու թրթռուն լարեր, որոնցմէ հոսող քաղցրութիւնը երբեմն կը փոխարինէ ապրելուն դժնդակ մեղքը։

Վասնզի՝ ըլլա՛յ պատմուածքներուն, ըլլա՛յ պատկերներուն մէջ, բնութիւնը անոր համար ծոյլ ու յոռետես հանգիստի վայրը չէ, ուր նետէր ինքզինքը, քիչ մը հեռանալու համար մարդերուն դաժանութենէն, քիչ մը շունչ առնելու համար։ Շատ եսասէր ու հետեւաբար պզտիկ այդ հաճոյքը վերցնել իսկ չէր արժեր իր գործէն։

Ան պիտի դիմէ այդ աշխարհին՝ պատճառներու համար, որոնց թաքուն իմաստը կը վրիպի իրմէ։ Պիտի երգէ քարերուն անզգածութիւնը, բայց նոյն ատեն անոնց երեսէն անդին անոնց համեստութիւնը. պիտի սիրէ խելօքութիւնը թաւուտներուն ու ջուրի ուրիշ կերպասներուն, որոնք բարութեան, գաղտնապահութեան, հաւատարմութեան անանուն հայելիներու կը նմանին երկրին մեծ սիրտէն դուրս երկարած ու, հրաւէրներ են նոյն ատեն, մարդկօրէն դիտուած։ Ես չեմ կրնար նոյնիսկ պարզ թուումի ձեւով աչքէ անցընել ինչ որ ան դուրսի աշխարհէն իբր մարդկային ապրում կը բերէ ներս։ Պէտք պիտի ըլլար բոլոր քերթուածները ենթարկել փոխադրումի այդ աշխատութեան։

Բայց, այսպէս տրամադրուելով է, որ բանաստեղծը կը հասնի մեր եւ իրերուն եղբայրութեանը իմաստին։ Ու բախտ մըն է, որ այս հասկացողութիւնը իմացական երանգ չունի։ Թափանցումի իր ճիգը՝ չի խորանար մինչեւ մռայլ պարապութիւնները մտածումին։

Չրաքեանի « Ներաշխարհ »ը այդ ձեւ թափանցումի մը համոզիչ պատկերն է։ Բնութիւնը մտածողական տարազներու վերածելու այդ ճիգը ծանր եկած է անոր արեւելքցի ուղեղին։ Բառերով մտածելու ուրիշ եղանակ մը, ինքնին, ատիկա, երբ զգայութիւնները կը վտարենք ու կը յանձնուինք բառերուն թելադրանքին։

Հակառակն է, որ ճիշդ է իր մօտ։ Բնութիւնը զինքը կ՚առաջնորդէ առաւելապէս զգալու։ Ըսել չէ, թէ անոր քերթուածները զուտ զգացական յօրինուածք ու տարողութիւն ունին։

Խորհուրդ կայ անոնց խորը, բայց հանդարտ խորհրդապաշտութիւն մը։ Չըրաւ ան Եղիայի ծանծաղ, դիւրին ու հասարակ ընդհանրացումները կամ Չրաքեանի բառախաղի մօտեցող mystification–ները։

Դարձեալ, իր քերթուածները իրենք զիրենք կը փրկէն, պատրուակուած կառուցումներ ըլլալէ, ինչպէս կը պատահի յաճախ զուտ խորհրդապաշտական խառնուածքներու մօտ։

Ան մէկն է, որ, այդ էջերուն մէջ, տարիներու դանդաղ ու ժլատ կուտակումները, երկար շրջաններով, համբերութեամբ հայթայթուած զգայութեանց անկորուստ աւազանումը, ինչ որ հասակները կ՚առնեն ու կու տան, կաթիլ–կաթիլ գողցուած, բնութեան ստինքներէն գրեթէ բռնի թորուած (ըսելս կու գայ), սարսուռներուն ծորակը արձակելու համար իջած է ասպարէզ։ Այնպէս, որ քերթուածը թուղթը ընդունարան մըն է եւ ոչ թէ պատրուակ մը, ինչպէս է առհասարակ շատերուն մօտ։ Բոլոր այդ տողերը գիր ըլլալէ առաջ, կենդանի ուրուականներու նման պտըտած են բանաստեղծին հետ։ Ու այս տարօրինակ թափօրը երբե՛ք չէ կեցած։ Քանի տարիներու մէջ յառաջանանք, քանի մեր ջիղերը հիննան, այնքան աւելի խնամքով կը պահպանուի այդ զգայութեանց յառաջագոյն (antérieur) առողջութիւնը, տարողութիւնը։

Քաղաք փոխադրուիլ մը, գիւղական լայն վարժութիւններէ վերջ, այս պահպանումին համար օգտակար է մեծապէս։ Անջրպետի այս տարբերութեանց մէջտեղ յիշատակը կը բիւրեղանայ ու քանդակի մը պէս կը կախուի հոգիին պատերուն։

Ու ծերերը գուցէ աւելի դառնօրէն, աւելի ճիշդ թախիծով մը, կ՚անդրադառնան պարտէզի մը պատկերին, որուն ծառերը իրենք են հասցուցեր, աղբիւրի մը յիշատակին, որուն ջուրն մէջ, աղջկան մը ճերմակ ձեռքէն իրենց քալեց անդրանիկ դողը։

Ռուբէն Զարդարեան իր աշխարհը երգած է այս հոգիով։ Ու դիւրին է հետեւիլ իր էջերուն վրայ, աստիճանական այս ինքնատուութեան, անաղաղակ, բայց՝ անվրէպ գրաւումին, որ մեր սիրտը՝ խաղալիքը եւ զոհը կ՚ընէ այս վհուկ տիրապետումին: Հեքիաթներէն ետքը Զարդարեանի լաւագոյն տախտակները ա՛յս կալուածէն եկան։

 

Մարդկային տարրը բնութեան մէջ

Մեր նոր գրականութիւնը չէ մտահոգուած մարդն ու բնութիւնը նոյն գիծով, նոյն պահուն, նոյն յուզումին տակ հեղեղելու հարցով [6] ։ Զարդարեան բացառութիւն չի կազմեր։

Անոր ալ բնութեան վրայ տարտամ ստուերի մը ձեւով կը տեսնուի մարդը, որ գիւղացի մըն է այդ աշխարհը շնչաւորող եւ որուն զգալու գործարանները հիմնովին տարբեր են բանաստեղծին զգայարանքներէն։ Ցաւ է ինծի, որ Զարդարեան պէտք եղած չափով հետամուտ չըլլայ այն ճամբաներուն, որոնց վրայէն անզգած ապառաժն ու գեղջուկին սիրտը, ջուրի ապրշում թել մը ու սիրող աղջկան տոչորուն նայուածքը իրարու հաղորդուէին, ինչպէս է արդէն բուն, վաւերական, ամբոխէն չկասկածուած իրականութիւնը։ Անշուշտ հոն կան աղջիկներ, կիներ ու տղաք։ Բայց ի՜նչ նիհար է անոնց հէնքը։ Անոնք ստուերագիծ ըլլալէ չեն ազատիր։ Անոնք ուղղակի չեն բխիր։ Տեսակ մը մեկուսացուած շուքեր են անոնք ու հանդիսատես, քան թէ շարժողը այն ողբերգութեան, որ իրականին մէջ բեռցուած է անոնց ուսերուն։

Ով որ գիւղացի եղած է, ան միայն կը հասկնայ կեանքին տրամը, տանիքով ծածկուած կամ արձակ դաշտին վրայ։ Բանաստեղծներն ու գրողները երբ դուրսէն կ՚աւելնան իբր դիտող, գրեթե անհաղորդ կը մնան անոր։ Անոնք չեն կրնար զգալ ո՛չ դառնութիւնը, ո՛չ ալ քաղցրութիւնը, որ գիւղացիներուն բաժինը կը մնայ աշխատանքի եւ անօթութեան պահերուն։

Դիւրին է երգել հերկուած արտի մը արու տրտմութիւնը, բայց դժուար է զգալ՝ հողը ատանկ դարձնող մարդուն ամբողջ ողբերգութիւնը։ Ահա, թէ ինչո՛ւ ազգերու գրականութիւնները, որոնք ստուարագոյն մեծամասնութեամբ գործն են ոչ գիւղացի տարրերու, այնքան քիչ ունին յաջողած գիւղացիի տիպարներ ու կենցաղ։

Եղերական ապրումը մեր ժողովուրդին, արդէն քիչ անգամ (անկախաբար քաղաքականութեան մշտական թունաւորումէն) նիւթ տուած է մեր գրողներուն։ Մեր հին մատենագրութիւնը բոլորովին կ՚անգիտանայ զայն։ Նորը զբաղած է առաւելապէս քաղաքով։ Մեր գիւղը գրեթէ կը պակսի մեր արուեստէն։ Ու կը պակսի հետեւաբար այդ կեանքը, որ կը զգետնէ մարդերը դեռ երիտասարդութեան դուռներուն, կը հեծնէ անոնց վիզին ու սողացնելով–սողացնելով կը քշէ մինչեւ գերեզման։

Ասիկա է այն մեծ ներկայացումը ահա, որուն թատերաբեմը կըրնայ սեղմուիլ սենեակի մը հողէ յատակին, ինչպէս արտի մը կոշկոռոտ երեսին։ Զարդարեան քիչ տագնապած է հիմնապէս եղերական նկարագիրովը այն աշխարհին, որուն արտաքին գեղեցկութիւնները տեսնելու յատկացուց իր աչքերը առաւելապէս։

Եթէ ժողովուրդը, մեր գիւղացին ու անոր ներգոյակ (intrinsèque) ողբերգութիւնը կը բացակային տեսարանէն, թերեւս սատճառը այն է, որ ամէն տեղ կայ ի՛նք միայն, բանաստեղծը։

Ուրիշ շատ մը հարցեր է առաջ, որոնք կրնան յառաջ գալ մանաւանդ արուեստի տեսութեան բաւիղներէն, ես շահեկան կը նկատեմ ձեւը իր կենալուն։ Ասիկա չի նմանիր մեր ռոմանթիքներուն բացագանչօրէն շարժուն եւ առհասարակ կեղծ կենցուածքին։ Ո՛չ ալ օտար դպրոցի մը (Պառնասեաններ) յաճախանքին մէջ կազմուած՝ զուտ նկարչական կամ քանդակագործական մտահոգութիւններ մատնող ուրիշ կեցուածքներու։

Տեսակ մը համակերպուն կոտրածութիւն, գլխուն զարնուածի վիճակ մը, որ կը զգուշանայ թատերական շարժումներէ։ Հայ գիւղացիի առհաւական յամառութիւն, որ դարերու պայքարի մը իբր խորհրդանշան կը դիմանայ իր հողին վրայ։ Ահա՛, թէ ի՛նչպէս կ՚ուզեմ տեսնել ես այդ կեցուածքը։ Բայց անոր անհատականութիւնը նորոգող ու առատահոս տեսակէն չէ եղած։ Ու իր անձը քիչ կու գայ լեցնելու համար իր պարագրել փորձած բնութիւնը։

Ու մենք պարտաւոր ենք փնտռել գիւղացին, որ պիտի փոխադրէր գրողը եւ անկէ պիտի խնայէր աւելորդ ու ճղճիմ կոտորակումի մը փոքրութիւնները։ Մնաց, որ իբր գրական հարց գիւղացիութիւնը տրուած է շատ կանուխէն։ Ուրիշ բան չէ, իմ գիտցածս, գաւառական գրականութեան վէճը մօտաւորապէս։

Ուրեմն, պէտք է յիշել, որ այդ երկիրը, Զարդարեանէն առաջ, մա՛նաւանդ իր մարդկային խմորէն ինքզինքը ջանացած էր արդէն արտայայտութեան բերել։ Սրուանձտեանցի գործին մէջ մարդը անթելադիր է։ Խրիմեանի գիւղացիները արուեստէն վար կը մնան։ Ու հարկը կը ներկայանայ ըսելու, թէ չեղաւ մեր գրողներէն մէկը, որ հասնէր՝ գիւղացին իր առօրեայ բայց հարազատ կենցաղին բոլոր յատկանիշներովը, իր լրութեամբը տալու մեզի անկորուստ քանդակներու վրայով։ Թլկատինցին մօտեցաւ այդ տարրին միայն մէկ երեսով ու տուաւ քանի մը գիծեր անոր ընդհանուր հոգեբանութենէն։ Բայց իր ոսպնեակը նեղ էր, ու, իր դիտողութեան ենթարկուած մարդկային դաշտը՝ վարագուրուած պղտորող ամպերով։ Հեգնութեան պարունակը, որ առաւելապէս կը մասնաւորէ իր անձերը, չի բաւեր ամբողջական պատկերացումին։ Ու դեռ մեր գրականութիւնը չունի այն մարդը, որ մեր գիւղացին տիպարային բոլոր մասնայատկութիւններով՝ ձեւի, կարկառի տանէր՝ ու իրականացած յիշատակարանի մը նման յանձնէր պատմութեան։

Ինչ որ այսօր երկրին մէջ կը փորձուի այդ ուղղութեամբ, հում նիւթ անգամ չէ, քանի որ գիւղացին ընկերաբանութեան դաշտ մը ըլլալէ տարբեր բան մըն է ու, մա՛նաւանդ, քանի որ ամէն բանուոր գրագէտ չէ, ինչպէս կը սիրեն կարծել ու հաւատացնել Հայաստանի նոր գրողները։ Անոնց անցեալ գրականութեան մէջ գիւղացին տակաւին արուեստի տարրական ըմբռնումով մը դիտուած չէ եւ ազգագրօրէն ուսումնասիրուելիք բանէ մը անդին չէ գացած։

Կը մնայ գաղութներու գրականութիւնը, որ հարկադրաբար տխեղծ պիտի տար տիպարը։ Համաստեղի տիպարները չխորացան, անոնք կենդանի են միայն իրենց արտաքին երեսներով։ Ու գիւղի այս վիպողը դեռ չէ գտած գաղտնիքը երկու աշխարհներն ալ իր նուաճումին տակը պահելու։ Իր վիպակներուն մէջ մարդերը կ՚ապրին դուրսէն։ Բայց մենք գիտենք, թե ինչ որ կ՚երեւայ ամէն բանի մէջ, մա՛նաւանդ գիւղացիներու մէջ, շատ չնչին փոքրամասնութիւնն է ներքնաշխարհին։ Համաստեղի մօտ կարելի է դիւրութեամբ իրարմէ անջատել երկու աշխարհները։ Արուեստին դերն է, գերազանց դերը՝ այդ կրկնակ ձեւերուն միութիւնը անգտանելի, անկարելի ըսուելու չափ բացարձակ ընծայելը։

Այս ամէնէն վերջ հասկնալի է Զարդարեանի տկարութիւնը, տրուած ըլլալով իր մարդախոյսի, երազամոլի, բանաստեղծի շեշտուած գիծերը վերջապէս։ Եթէ երբեք պայծառ դիմագծութիւններ ելած են իր գրիչէն պառաւի, ծերուկի, ատոնք պատահական են։ Ու ատոնք վիպակներուն մէջ միայն կ՚երեւնան, այսինքն՝ իր տկար աշխարհամասին մէջ։ Ու անոր լաւագոյն գետինին վրայ, մարդը պակաս է, դժբախտ թերացումով մը։

 

Բնութիւնը ինք իրեն համար

Գրելու արուեստը դարերով չէ հետաքրքրուած արտաքին աշխարհը, ինք իրեն համար, իբր մշակումի առանձին նիւթ ուշադրութեան առնելու։ Դասականներու մօտ աշխարհի կտորները, իրենց շատ ամփոփ ու ստիպողաբար անհրաժեշտ շրջագիծերով, հոգեկան գործողութեան մը պարտաւորեալ գետինը, կամ պաշտպանուելիք դրութեան մը տեսանելի փաստերը կ՚ըլլան։ Հիներուն մշակած սեռերուն մէջ բնութիւնը երրորդական, չորրորդական գիծի վրայ կիյնայ միշտ։ Նոր ժամանակներու մէջ է որ (առաւելապէս ԺԹ. դար) բնութիւնը նախ քնարերգական, յետոյ նկարչական նպատակներով ու արդիւնքներու համար կը մտնէ գրականութեան մէջ։ ( Շաթօպրիան, էկզոգիքները, ռոմանթիքները, իրապաշտները

Մեր գրականութեան մէջ անիկա կ՚երեւի նոյն աստիճաններով։ Բայց կ՚ողողէ զայն արուեստագէտ սերունդին օրով (1900–էն ետքը)։

Դիտելի է, որ մեր մէջ դրական ամենէն լուրջ շարժումը, իրապաշտութիւնը կրցաւ չափաւոր մնալ այդ ուղղութեամբ եւ զգուշացաւ ծանծաղ, մանրամաղ պատկերացումէն, որուն կը մղէր զիրենք քիչ մը օրուան ճաշակը, մանաւանդ շրջանին՝ եւրոպական արուեստին մէջ ծաւալած մեծամոլութիւնը նկարագրութեան։ Զօհրապ շատ կոկիկ վրձինով մը կը մօտենայ արտաքին աշխարհին։ Մնաց որ մեր իրապաշտներուն համար հարցը թեքնիքի մանրամասնութիւն մըն է, ոչ թէ արուեստագիտական դաւանանքի քաթէկորի մը։

1900–ի սերունդը, կտրուած շատ մը կարելիութիւններէ, մանաւանդ մարդկային պայքարներ տալու առնական կորովէն՝ բնութեան վրայ փոխադրեց իր նկարագրելու մարմաջը։ Ու տարօրինակը այն է, որ զառածումը տեղի ունեցաւ ի հեճուկս կանխող դպրոցին, որ թէեւ քաղաքական իրադարձութիւններէ սարսուած ու տարտղնուած՝ բայց Պոլսոյ մէջ շարունակեց ունենալ իր ամենէն տաղանդաւոր դէմքը [7] ։ Ու երեւան եկաւ նկարագրութեան համար նկարագրութիւնը ։ Էջեր կը տրամադրուին, անողոք համբերատարութեամբ մը կիներու դէմքին, զգեստին, վերջալոյսներուն, արշալոյսներուն եւ... շարունակելը ձեզմէ։

Պէտք է զանազանել այս զեղծանումը արուեստը արուեստին համար դժբախտ տեսութենէն, որուն մեղքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արեւելահայերէն առաջ պոլսեցիներուն ծանօթ ըլլալը։

Բախտ է, որ Զարդարեան կը յաջողի կենալ զառիթափին վրայ։ Ճիշդ է, որ անոր ստեղծագործական էջերուն կէսէն աւելին նուիրուած են բնութեան (շարժումի կամ կայունութեան վիճակներու մէջ)։ Բայց ուրիշ շատ մը տարրեր օգնութեան կը հասնին հակազդելու համար մոլորանքին։ Անոնցմէ ոմանք մեզի անծանօթ չեն։ Հեքիաթներուն մէջ գոյնի, գիծի, իմաստի, խորհրդանշանի նպաստները նոյ նութեամբ կը միջամտեն հոս ալ ու մինակ չեն թողուր նկարագրող տարրը ու չեն արտօներ, որ այս վերջինը ինքնաբաւ կեդրոն մը դառնայ։

Խորհուրդի այս զգուշութիւնն է, որ անդադար ինքզինք զգալի կ՚ընէ, երբ բանաստեղծը արտաքին աշխարհին հրապոյրներէն տարուած է սովորականէն աւելի ու ինկած գոյներու նկարչական ցուցադրանքին։

Բայց հոն, ուր խորհուրդն ու պատկերը (արտաքին աշխարհ) իրարու յարմարած են, ըսել կ՚ուզեմ հոն, ուր բանաստեղծին ամենաթաքուն լարերը եւ դուրսի տեսարաններու այլապէս ինքնատիպ, զարտուղի, անակնկալ ու նուաճող ազդեցութիւնները շաղկապուած են իրարու, ներքին ու ջերմ իրերահոսումով մը, հոն արդիւնքը կ՚ըլլայ առաջնակարգ գեղեցկութեամբ արձակ քերթուած մը, ուր կը ներես դաշտին ու ծառին, թռչունին ու ջուրին, լոյսին ու աղջամուղջին։ Հոդ, ա՛լ կարելի չէ մտածումի, խորհուրդի մասը անջատել առարկայական, շօշափելի պատկերին ինքնաբաւ, բայց ոչ ինքնագլուխ գեղեցկութենէն։

Այս հրաշքով է, որ բնութիւնն ալ չի տրուիր մեզի իբր պարզ ընդօրինակութիւն մը։ Ու ստեղծումը տեղի կ՚ունենայ ամէն փոխադրումի մէջ, ուր արուեստին այս հրաշքը կատարուած է ատենին։ Անոր շնորհիւ է, որ դաշտանկարները կը փռուին մեր աչքերուն, բայց բանով մը տաք, կենսաւոր։ Ու լեռներ կը քարանան անոր էջերուն վրայ, շուրջառուած հեքիաթին մշուշովը։ Ու այգիներ՝ որոնց վրայ հեշտագին հովի մը պէս կը դողդողան աղջիկներու երգերն ու հոգիները։

Անշուշտ այս յաջողութիւնը մշտապէս պատրաստ չէ իր կոչին։ Անշուշտ շատ տեղերու մէջ անզգած ու անխորք պատկերացումը, գէշ գծագրութեան մը թնճուկովը, հասարակ տեղիքին ինքնաբաւութեամբը, պիտի վիրաւորէ երբեմն ամբողջ հատուած մը, երբեմն մասեր։ Բայց երբ բաղդատութիւններ փորձենք, պիտի տեսնենք, որ ան ամենէն քիչ տոյժով կ՚ազատի, քան ուրիշ նոյնքան տաղանդաւոր բանաստեղծ մը, Միսաք Մեծարենց, որուն շատ մը քերթուածները այդ գիծով մեզի կը ներկայանան, շատ ու շատ նկարագրելով ու քիչ յուզելով կամ յուզուելով կամ թելադրելով։

 

Յուզումի տարրը

Բանաստեղծի մը ամենէն վաւերական շնորհներէն մէկը յուզել կարենալու իր առաքինութիւնն է։ Պատկեր, փոխաբերութեանց բխում, նկարագրական տաղանդ, ոգեկոչող սլացքն ու սաւառնումը, երեւակայութիւնը իր զանազան աստիճաններով, բոլորը մէկ հազիւ կը հակակշռեն այդ տուրքը։ Վասնզի այս տարրը վճռական յատկանիշն է ստեղծումի գործերուն, անորակելի իսկութիւնը՝ որ կարծես անոնց հոգին իսկ կը յօրինէ։

Յիշեցէք Հիւկօն, որուն մօտ վէպի բոլոր կարողութիւնները ծայրագոյն աստիճաններով գոյութիւն ունին եւ որմէ սակայն այսօր կը նախընտրենք Վէռլէնը, մարդկօրէն պարզ ու յուզող ։ Դուրեանը տեւական ընողը ոչ իր երեւակայութիւնն է, ոչ ալ իր փոխաբերութեանց փունջերը։ Զայն պիտի սիրենք առաւելապէս իր, այնքան յուզուած, այնքան յուզող ու մանկօրէն դողացող խառնուածքին համար։

Հասկնալի է, որ գրականութեանց մէջ քիչ ըլլայ թիւը նման մարդերուն։ Վասնզի գրողներուն բանակը երբ գրիչ կը շարժէ թելադրանքին տակն է միշտ ուղեղին։ Գրողներու ստուար քանակը արհեստաւորն է գրելու ճարտարապետութեան։ Ու սիրտը, ա՛ն, ուրկէ կը փրթին միայն յուզումին լարերը, իր առանձին ու ինքնատիպ օրէնքները ունի եւ իր մարգարէները կ՚ընտրէ անողոք խստութեամբ մը։ Ահա՛, թէ ինչո՛ւ քիչ են մարդերը, որ այս երկու մասնայատկութիւնները միացուցին իրենց վրայ, վերածելով իրենց օրերը հեքիաթի, սրտառուչ հեքիաթի մը, ապրելով իրենց երգերը եւ երգելով իրենց կեանքը։

 

Զարդարեան չի պատկանիր այս վերջին խումբին։ Անոր մօտ յուզումի տարրը կը ներկայանայ տկար՝ թէ՛ իր տեսակ, թէ՛ իբր յաճախանք։ Բանի ու բառի գործաւոր, ան կարծես ձեռնթափ է յուզելու հարցէն։ Ու թերեւս այս թերին հակակշռելու համար է, որ կը խնամէ, կը յարդարէ իր ոճը այնքան եռանդով։

Իր ամբողջ գործին մէջ տարտամ այս տարրը՝ տկար է մանաւանդ ստեղծագործական էջերու վրայ։ Անշուշտ ան պիտի չզիջանէր աժանցած, հասարակ տեղիք դարձած, ոհ երով, աւաղ ներով կառուցուող այն ծիծաղելի ճարտարանքին, որ կը դիտուի մեր ռոմանթիքներուն մօտ եւ որուն հերարձակ ու դժբախտ տարփաւորը մնաց Եղիան ։

Բայց, գաղտնիք չէ, որ անոր գործին լաւագոյն մասը ներշնչուած ըլլալով բնութեան տեսիլներէն (որոնք երբ միջոցն ունին իբր հեռանկար՝ հեքիաթ կը կոչուին), ան անհամեմատ ավելի զարգացուցած է իր մէջ տեսողական զգայարանքը։ Այսպէս, ան տեսնող մըն է գրեթէ միշտ ու շատ քիչ անգամ զգացող [8] ։ Խառնուածքով տեսողական (viscuel)` ան կը գոյանայ առաւելապէս աչքի զգայարանքին վերքերովը ու չի մտահոգուիր աւելիով, այսինքն՝ այն տարօրինակ, անկշռելի, բայց ճնշող հոսանուտով, որ մենէ կամ դուրսէն կու գայ ու արտաքին կամ ներքին աշխարհները մարդկային ու անձնական նկարագիրներով կը զգեստաւորէ։

Գուցէ այս զանցառութիւնն է, որ զրկած է իր ժառանգութիւնը տիրական կնիքէն, որով գործերը անխորտակելի կը մնան ժամանակներու եւ ճաշակներու խարդախութեանց մէջ ու կը տեւեն։

ԹԷ՛ հեքիաթները, թե՛ արձակ քերթուածները կը տառապին այս պակասէն։ Անոնց մէջ աչքին ուժովը սեւեռուած ձեւերու աշխարհը իր վէտերովը, անկիւններովը, երեսներովը մեզ կը տպաւորէ իբր գոյնի խաղ, իբր գծագրութիւն։ Բայց շարժումը չկայ։ Կեցնող, արձանացնող, չըսելու համար սառեցնող ակնոց մը խեղդած է անոնց մէջ շարժումին երակն ու շրջանառումը։

Ամփոփելով, անոր ամէն կարգի ստեղծումներուն, ոգումներուն, ու բնութենէն ուղղակի վերարտադրութիւններուն, ներսէն դէպի դուրս զեղումներուն, նոյնիսկ խորհուրդի տարուելիք տեսիլներուն մէջ կը բացակայի յուզումը, այսինքն՝ այն սրբազան, աներեւոյթ բայց իմանալի իuկանիւթը, որ այդ բոլորը թրթռուն, թաւալուն, կեանքի խորութիւններուն մէջ ծփալու ընդունակ կ՚ընծայէ, քանի որ անիկա կը նմանի բարախուն, բայց անշօշափելի շղարշի մը, որ երկու աշխարհներուն մէջտեղը կը ձգուի որոշելու, ցցելու համար անոնց շրջագիծերն ու կարկառները, բայց, իրականին մէջ, արուեստով բացատրուելիք հրաշքով մը, նոյն ատեն կ՚ըլլայ անոնց ծիածանումը, անոնց փրփուրը, սրտազարկը։ Անոր թելերէն ու հիւսքերէն անոնք կը թափին իրարու, ինչպէս մարդկային միսէն՝ գոյնն ու փղոսկրը, արիւնն ու անոր խենթութիւնները կանցնին մեր աչքերուն, նոյն պահուն, նոյն ճամբաներով [9] ։

 

Բանաստեղծականութիւնը

Հեքիաթներուն մէջ գետինի, հեռանկարի, անցեալին խորը սուզումի, անկէ վերբերումի երեւոյթներուն համար ես ցոյց տուի բանաստեղծութիւնը ՝ իբր պայման ու մթնոլորտ անոնց իրականացման։

Հոս, այս արձակներուն մէջ անիկա ամբողջական բարեխառնութիւն է, թէ՛ շրջապատ, թէ՛ ներքին իրականութիւն։ Ընդգրկող տեսակ մը վիճակ, զոր կը յօրինեն ուղղակի զգայութիւններուն չափ միւսները, այսինքն այն հոսումները, որոնք ներսէն կու գան ու կ՚աւելնան։

Ի՛նչ հարկ գրագիտական պիտակներ փնտռել ու փակցնել այդ կտորներուն ճակատին, ըսել, օրինակի համար, թէ անոնց մէկ մասը դիւցազներգական են (հեքիաթները սղուած ու արդիացած դիւցազներգութիւններ են. անոնցմէ շատը չափով իսկ գրուած է։ Ռուսեր եւ գերմաներ նոր օրերու)։ Եւ ուրիշներ՝ հովուերգական ։ Հիմնականը այն է, որ Զարդարեան մեր գրականութեան մէջ պիտի տիտղոսուի իբր արձակագիր բանաստեղծ։

Կը մնայ ճշդել այդ երեսին ընդհանուր գիծերը։

Զարդարեան բանաստեղծ է արտաքին աշխարհին դէմ իր կեցուածքովը ։ Անոր համար՝ խռովքի, երանութեան, դէպի խորերը ծաւալող ու ատով աւելի սրտառուչ զարկերու պահեր են այն ժամերը, որոնք կ՚անցընէ մարդերէն ու իրենց դժբախտութիւններէն ու տգեղութիւններէն տարակայուած։ Ան կրնայ, օրինակի համար, գորովագին հեշտանքով նայիլ ամպերու կարաւաններուն, որոնք այդքան վերէն իրենց արշաւին մէջն իսկ խնդալ ու լալ գիտեն ու վշտի մը պէս, կամ՝ համբոյրի մը պէս կը զգեստաւորեն երկինքը։ Նոյն այդ քաղցրութեամբ ան մտիկ կ՚ընէ թռչունները, որոնց երգերը գոյնզգոյն ու վիժանուտ դաշնակութեան մը նման ձայնի կերպարներու կը վերածէ, զարդարելու համար անոնցմով ամայութիւնն իր հոգիին։ Ան կը դողայ լոյսերու եւ բոյրերու դէմ, որոնք կը հասնին իր հոգիին, հոն շինելու համար դառնագին կամ հեշտալիր քերթուածը ներամփոփ խորհուրդին ու զգացումին։ Այս թուումը կարելի է շարունակել ուզուածին չափ։

Զարդարեան բանաստեղծ է անձնաւորման մեծ իր կարողութեամբը ։ Արտաքին աշխարհը անուանել, զայն ուշադիր դիտելէ վերջ, հաւատարմօրէն կամ ինքնայարդար ազատութիւններով տեղեկագրելը բաւական չեն, որպէսզի այդպէս անջատուած կտորները վերածուին ստեղծումի։ Պէտք է, որ այդ վերածումէն առաջ անոնց մէջ աշխատի ուրիշ հոգի մը, որ ատոնք հագուեցնէ բոլոր երանգուն զգայութիւններովը իր դժուարամուտ աշխարհին, որ պատրաստէ նոր հալոցներ ու նիւթն ու իսկութիւնը իրարու փոխակերպելու աստուածային գիտութիւնը իւրացուցած ըլլայ։

Այդ քերթուածներէն բացէք ո՛ր էջը որ կ՚ուզէք։ Դուք պիտի հաստատէք այդ կախարդական զօրութիւնը։ Իրերը կ՚անցնին այդ կենսաւէտող պրիսմակին մէջէն ու կը ստանան ապրողներուն ստորոգելիները։ Խոտի թել մը հոն կը նմանի բանաստեղծին սրտէն բուսած ցօղունի մը, որ կը կենայ տիեզերքին դէմ ու կ՚ընէ անոր մռայլ իր հարցումը։ Կամ զգացումի գիծ մը սիրտէն դուրս երկարած անհասկնալի թրթռում մըն է, որ մարմին կը հագնի արցունքի, ժպիտի, լռութեան տարազներով։ Տարածեցէք այս հրաշքը մասնաւոր գետիններու, մասնաւոր պահերու վրայ ու այն ատեն դուք պիտի հաստատէք սրբազան այլակերպութիւնը, ան՝ որ աղբիւրները անհասելի երգերու նման հողին ընդերքէն դէպի վեր, լոյսին գգուանքը կ՚երկարէ։ Ան, որ տանիքներուն վրայ ծուխի սիւնակներով անհուն կաթողիկէներ կը ձեւէ ու ջուրերը երազի կը ղրկէ երկինքի կոտրած բեկորներու նման: Դարձեալ նոյն այդ կարողութիւնը պիտի գտնէք, երբ պահերը կը սեղմուին, բնութիւնը՝ իր թերթերը ամփոփող բաժակի մը պէս կը ստիպուի կեդրոնանալ, ու ձեւ դառնալ, երանգ դառնալ, մարդկային սիրտ դառնալ։ Երբ՝ արեւը կը մսի աշնան առտուներուն ու անձրեւը խորունկ մահերգի մը պէս, իրիկուան դուռներուն, սեւեր հագած կիներու նման մազերը կը ձգէ ու կու լայ։ Կարելի է երկարել այս թուումը որքան որ կ՚ուզէք։

Ու այս չէ ամէնը։ Դեռ այդ տեսիլներուն վրայ՝ ապրող ձեւերուն անհուն ու անսփոփ տրտմութիւնը: Հովիւին ու աղջիկին, պատանիին ու ծերին մեծցուած, խորհուրդի տարուած տրտում գեղեցկութիւնը, երբ ալ ատոնք լքած են իրենց անձնականութիւնները յօրինող մեծ գիծերը, հալեցուցած ինչ որ զիրենք կը զանազանէ ու հետեւաբար կը փոքրացնէ, ու եղած՝ ընդհանուր վերացում մը, տարօրինակ խարիսխով մը թաւալուն։ Մարդերը այսպէս քակելու, զանոնք կրկին շաղուելու, անոնց միսերը, ցաւերը, զգացումներուն ամբողջ համակեդրոն բոլորակները, լարերը երեւոյթներու մեծ հեղեղումին վրայ փռելու այս խաղը ներուած է միայն ու միայն բանաստեղծներուն։

Դիտելի է, որ երբ ուրիշ յատկութիւններ պարբերաբար կը բացակային Զարդարեանի գործին զանազան մասերէն, բանաստեղծականութեան այս նկարագիրը գոյ է ամէն կտորի մէջ, նոյնիսկ հոն, ուր ամենէն քիչ պէտք ունինք անոր։ Վիպակներուն մէջ ան է որ կը վտանգէ ճիշդ նայուածքը։

Ու իր անձը մանաւանդ, որ դժուարին փորձութիւններու գինով կը յաջողի սանձուած պահել իր թախիծը, խոր ու ազնուական մելամաղձոտութիւնը, ու չտարուիլ անխուսափելի ռոմանթիզմէն, որուն վտանգը տեւականօրէն կախ է քնարերգերու գլխուն։

Դրէ՛ք այդ տեսարաններուն առջեւ բանաստեղծը, որուն ճակատն ու հոգին յարանուած են իր ցեղին մեծ վէրքերովը։ Որ պարտա դրութեան տակն է « սեւ երազնելու », ու իրերուն մեծ անմեղութեան հետ ցեղերուն անլուր զանազանութիւնները հաշտեցնելու։ Ան պիտի նայի դառնութեամբ բոլոր այն զրկանքներուն, որոնք աշխարհին վրայ մեր բաժինը եղան ու պիտի չպոռայ։ Ու պիտի ջանայ ինքզինքը խաբել գեղեցկութեան ստուերովն ու երազովը։ Ու փոխանակ անիծելու, պիտի հաշտուիլ աշխատի այս ողբերգութեան հետ։

Այն ատեն դուք պիտի ունենաք ձեր առջեւ համապատկերը մեր երկրին, տեսնուած լերան մը չափ մեծ վիշտի մը բարձունքէն։ Ու պիտի տեսնէք այնքան վերէն ակօսները, որոնց մէջ ցորենի ցօղուններ արեան վտակներ պիտի ծածկեն։ Պիտի տեսնէք այգիներ, հինայւորած, բայց որոնց թուփերուն տակ աղջկան մը կարմիր սուգը կը սեւնայ։ Ու պիտի ունենաք գիւղերը ծուխերու ասմազուն հէնքերուն մէջէն ծիածանուած ու թրթռուն, բայց որոնց տուներուն ներսը, շէմքին՝ արհաւիրքը սեւ շունի նման թաթերը զարկած, կը սպասէ։

Ի՛նչ հարկ այս թուումներուն։ Զարդարեան կայ այս ամէնուն մէջ, ու, իբր բանաստեղծ։ Այսինքն՝ ազատ՝ մանրամասնող, համրող, ցուցակագրող դիտողութեան, ուսումնասիրութեան մը բոլոր կապանքներէն։ Ու թեւերը բաց, կը չափէ վերն ու վարը սրբազան անփութութեամբ մը, բայց մշտապէս հսկուած արուեստագէտի նոյնքան առաքինի իր բնազդէն։ Այս վերջինն է, որ հովանաւորուած է բոլոր այս թափառումները ու պաշտպանած Զարդարեանը բոլոր վտանգներէն։

 

Իրապաշտութիւնը

Թերեւս այս պիտակը ձեր մէջ արթնցնէ դպրոցի մը (Պառնասեան) յիշատակը։ Իրապաշտ յորջորջումով, բանաստեղծութիւն մը չէ՞, որ անոր կողմ է գործադրուեցաւ։

Բայց Զարդարեան հեռու է դպրոցական ամէն հանգանակէ։ Ան մէկն է, որ իր գրելիքները ապրած է թերեւս տարիներով, իր անգիտակցութեան խորը։ Խորհեցէ՛ք, որ իր գործը իբր քանակ, ամենէն վտիտներէն մէկն է մեր նոր գրականութեան (հատոր մը հազիւ կը լեցնէ անիկա)։ Նշան է այս պարագան, թէ գրագէտը իր հոգիին սրբազան անօթը լեցնելու համար անձրեւ չի մուրար։ Ու նիւթ գտնելու համար չաճապարեր դէպի աժան ու դիւրին երազանքը, սենեակին անկիւնէն։ Ո՛չ ալ իրերուն վրայ կը վազէ զանոնք մեռնելու, չարժելու ու լեզուի հանելու մտահոգութիւններով։

Իր կտորներուն իւրաքանչիւրին տակ կը պահուի վայրկեան մը կամ գետին մը, որուն բաղադրիչները քաղուած են առանց որոշ կարգի ու ծրագրի։ Բայց ժամանակը միջամտած է, որպէսզի այդ հաւաքումները ներքին ու անգիտակից դասաւորման մը ենթարկուին ու պատրաստեն քերթուածը, որ այս անգամ մեզ կը տպաւորէ իբր մօտէն, իր բոլոր մասերուն մէջ դիտուած ամբողջութիւն մը։ Յաճախ ամբողջ տարի մըն է, որ կը խտանայ պզտիկ փարակրաֆի մը մէջ։ Այնքան խիտ են եղած ապրումները, որ անոնց ճամբան ու դեգերումները չեն չէզոքանար, ու զգալի կը դառնան զանազան խռովքները, որոնք ընկերացած էին մայր տպաւորութեան։ Ասիկա գրեթէ եղանակ մըն է իր մօտ։ Այսպէս, օրինակ մը յիշելու համար, աշնան պատկերացումի մը պահուն, ան այգիներուն մէջ հովին ցուրտ սուգը պիտի ողբայ, բայց ձեւով մը, որ անոր երիտասարդութիւնն ալ հոլացնէ ու տայ մեզի գարնան զեփիւռին թռչտուն պարմանութիւնը։

Մէկ լարէն միւսին անցնելու եւ երկուքին մէջն ալ ճիշդ նօթը սեւեռելու այս առաքինութիւնը ան պարտական է իր դիտող բնազդներուն։ Այնպէս, որ իր ստեղծագործութիւնը մշտապէս հակակշռին տակն է այդ իրապաշտ, խուզարկու, շնչափող ոգիին։ Ու ատիկա իրական բարիք մըն է Զարդարեանի նման հռետոր խառնուածքի մը համար։

Վերլուծող տարրին այս միջամտութեամբն է որ տեսարանները ամրապէս ու նոյն ատեն ազատօրէն կապուած կը մնան իրականութեան հետ։ (Մի՛ շփոթէք այս առարկայականութիւնը Պառնասեան թեքնիքով իրացած ճշդութեան, վաւերականութեան հետ)։ Բոլոր տեսիլները կը հպատակին, երբ բանաստեղծը կը պրկէ անոնց լարերը։ Անցեալներն անգամ կը լքեն իրենց ֆանթասթիք ընդլայնումներն ու ստուերացումները ու չեն կրնար մերժել, երբ ներկայէն դիմակ մը պարտադրուի իրենց։

Իրապաշտական այս փորձառութիւնը անոր հեքիաթներուն հայթայթած է իրական թատերաբեմ մը, ուր երազայինը, անիրականը կրնան ուզածնին փորձել, բայց երբեք պլիտի չարտօնուին եզերքները խորտակելով շէնքը տապալելու։

Բոլոր հեքիաթները առնուազն որոշ երկրի մը որոշ մէկ մասը ունին իբր գործադրութեան գետին։

Նոյն այդ փորձառութիւնն է, որ պատրաստած է յատակը իր արձակ քերթուածներուն, ուր քմայքն ու ներշնչումը, երազն ու հռետորութիւնը կրնային քշել բանաստեղծը ու տանիլ հեռու՝ զառանցանքին։

Այդ զգայարանքն է դարձեալ, որ չափի կարելիութեան շրջանակի մը մէջ պահած է բանաստեղծին զգացական տարիները։ Յուզական հոսանուտին, նիհարութիւնը հոս հասկնալի կըլլայ, երբ ընդունինք գիտակցուած չորութիւն մը, հսկուած ժուժկալութիւն մը, որոնք գրագէտին համար արժած են գուցէ երկար տառապանք։

Արտայայտութեան միջոցներուն վրայ ի գործ դրուած մշտական ճշդումն ալ հետեւանք է նորէն այս բնազդին։ Անոր ոճը առաջին կտորէն մինչեւ վերջինը չբաժնուեցաւ սեղմութեան, ճշդութեան ու ամրօրէն գծաւորուած (dessiné) կառուցումի մը մնայուն յատկութիւններէն։ Ինչ որ շրջանն ու նորոյթը բեռցուցած են այդ ոճին, արդէն իսկ անհարազատ կու գայ ու կը զատուի առաջին ակնարկով։

 

Գոյն

Գոյնի մասին յատուկ փարակրաֆի մը պէտքը կ՚արդարանայ անով, որ հոս կուզեմ շեշտել բանաստեղծին ընդհանուր ընդունակութիւնը գոյնը գործածելու տեսակէտէն։

Հեքիաթներուն մէջ ան ունէր կարեւոր նկարագիրներ, մէկը շատ մասնաւոր, գրեթէ տեղական պիտակուածը, որ հողի ու բնավայրի շեշտ համ մը կը փոխադրէ պատկերներուն մէջ։ Միւսը՝ տարտամ, քիչ մը շատ ընդհանուր երանգաւորում մը, որուն պէտք ունին զրոյցներու անձերն ու անոնց շարժումները ընդգրկող գործողութիւնը, որպէսզի տարտամին, հեռանան, ու խորհուրդն ճառագայթելու կարենան ընդունակ մնալ։

Բայց պարագան տարբեր է քիչ մը քերթուածներուն համար։ Հոս այլեւս խիստ պիտի գային այն երանգները, որոնք հազուադէպ անկիւններէ կը հայթայթէ արուեստագէտը։ Ու անտեղի նոյնքան, այն տժգունացնող եղանակը, որ դասական նկարներուն խորքն ու հեռանկարը կը յօրինէ։

Արու, ճիշդ, տեղ-տեղ քնքոյշ, բայց առողջ. ահա վերադիրներ, որոնք մասամբ կը բացատրեն՝

ա. Զուսպ ու հաւասարակշիռ այն երանգը, որը յատուկ է մերինին նման խիստ պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդին։ Ու անոր երկրին, որ նոյնքան երկար ու հաւատարիմ նմանութեամբ մը կը կրկնէ խիստ, բարբարիկ, բայց պատկառելի ամբողջութիւնը զինքը յօրինող բոլոր ծալքերուն ու ծփանքներուն։

բ. Ժուժկալութեան մէջ բաւարար այն բաշխումը, որով կը գործածէ իր ներկերը։ Անոնք չեն իյնար աւելորդ ու մեկին առատութեամբ մը, մթերելու համար կտաւին վրայ դժուարադէպ ու անկարելի արդիւնքներ։

գ. Նրբութիւնը, երբեմն զաղփաղփուն ու հիւանդագին հատնումը, որ այնքան անուշ ու խռովիչ կ՚ընէ լեռնային ծաղիկները ու աղջիկներու այտերուն կը թաւշանայ ու կը մարմրի։

դ. Առողջութիւնը, որ կ՚արտաշնչուի համապատկերէն ու մարդերէն, նոյնիսկ երբ ձիւնը կը խեղդէ կիրճերը ու կը դանդաղի մորթուածներուն վէրքերէն։

Այս նկարագիրները իրարու կու գան ու կը կազմեն մեր գրականութեան մէջ հազուադէպ թոնալիթէն, ուր մեր ժողովուրդին մոյնքը, այսպէս ըսելու համար, մեր երկրին գոյնը տարազի կը կապուին։

Գոյնը Զարդարեանի գրականութեան բարեբաստ տուրքերէն մէկն է։ Անիկա արժէք կը ստանայ մանաւանդ, երբ զետեղուի շրջանին մէջ, ուր կը տիրապետէ արուեստին միւս միութիւնները խեղդելու աստիճան։ Բայց Զարդարեան կը զատուի այդ դպրոցին նման թերութիւններէն։

Ռոմանթիք չէ այդ գոյնը, այսինքն՝ զեղխօրէն չափազանցուած, ուզուած կերպով շլացիկ, վերջապէս բռնի, տարօրինակ ու տարերկրեայ։ Ու տարբեր է դարձեալ Պառնասեան թեքնիքով ու հանգանակով հետապնդուած եղանակէն։ Բացառաբար նկարչական մտահոգութիւններ չեն տարած անոր վրձինը։ Ան գոյները կը գործածէ նոյն խղճահարութեամբ, որքան բառերը։

Գիտենք, թէ ո՞ւր կը զատուի ան տեղականէն եւ ինչո՞ւ։ (Չմոռնալ, որ այս հաստատումը ստոյգ է քերթուածներուն համար)։

Հռետոր գրագէտի իր նախասիրութիւնները ան յաջողած է զսպել ու դանդաղել իր նայուածքը՝ չօգտուելու բոլոր այն պատեհութիւններէն, որոնք աչքին ու գետինին եղբայրութիւնը կը քնարեն։

Ամփոփելով։

Անոր մօտ գոյնի զգայարանքը ազնուականներէն մէկն է մեր՝ գրականութեան։ (Ես յառաջ կ՚երթամ, հաւասար դնելու չափ զայն Չրաքեանին, արդի արձակին գոյնի մեծ վարպետին)։ Իր նայուածքը վճիտ է գրեթէ միշտ ու պարագրկող։ Կենդանագիրները տալու ատեն քիչ մը պրկուած ու գիտուն, դաշտագետինները dérouler ըրած ատեն հանդարտ, կեցնող ու առարկայացնող, բնութեան մեծ պատերուն առջեւ սպասելի առատութեամբ ու զեղումով, այդ զգայարանքը Զարդարեանի գրականութիւնը յատկանշող կարեւորագոյն նախանիւթերէն մէկը կը մնայ։

 

Երաժշտականութիւնը

Քերթուածներուն մէջ նախադասութիւնը օրկանիք տարր մըն է։ Անոր կազմը կը հետաքրքրէ քանի մը զգայարանք միեւնոյն ատեն։ Անոր մարմինը կը հպատակի բնախօսական մեծ երեւոյթի մը [10] ։

Ձայնի ծաւալը, տեւողութիւնը, առաձգականութիւնը, բոլորն ալ արտաքին յատկութիւններ՝ արժէք կը ստանան, երբ գրագէտը կը յաջողի ատոնք ամէնքը շահագործել մեծ ու ներքին դաշնակութեան մը համար, այդ ամէնուն խորը տեղադրելով ներքին շարժումներ, ղոյն, յուզումի, տեսիլքի gamme–երը, որոնք ջերմացնեն, սաստկացնեն ու կարկառի վերածեն նախնական զգայութիւնները։ Ասիկա աւելի բան մըն է քան՝ բառերու գիտութիւն մը, քան՝ ականջի ընթացիկ թելադրանքը։

Երբեմն գրագէտը չի հասնիր իմաստին տիրապետումին ու կը ստիպուի ծանրանալ թեքնիքին վրայ։ Նման յօրինում մը պատրող է գրեթէ միշտ։ Աւելորդ տառապանք մը կ՚ըլլայ այլ մտահոգութիւնը, որ բառերը խնամուած բաշխումի մը, ուսումնասիրուած արդիւնքներու համար կը նետէ աջ ու ձախ, ներքին դաշնակութեան պակասը դուրսէն տրուած տարրերով դարմանելու համար։ Զարդարեան ինկած է այս անպատեհութեան՝ իր չափուած քերթուածներուն մէջ Աստուածները »)։ Մինչ իր արձակը քիչ տեղ կը մեղանչէ։ Զառածումն ալ տեղի կ՚ունենայ հոմանիշներու, նոյներանգներու աւելորդ կիրառումով, բոլորն ալ ներուած ու հրաւիրուած ձայնական արդիւնքներու սիրոյն։

Եթէ իր մասերուն մէջ անոր նախադասութիւնը վիրաւոր է կրկնութիւններով, ու, պահնորդ ածականներու վաշտերը ուռուցիկ ու սպառազէն հով մը կը հագցնեն անոր կարգ մը դարձուածներուն, բայց ամբողջութեանը մէջ քերթուածը կը սահի քաղցր, հեռալուր ու նոր նուագի մը նման, ուր ձայնական ինքնատիպ բարդումները զգալի կը դառնան ու բանաստեղծին թաքուն կշռոյթը իր զարկերը կը զատէ մշուշոտ ու ոլորուն գիծի մը վրայ։ Նիւթին կարկառին համեմատ այդ երգը գիտէ ուռիլ, բարձրանալ ու չափել առարկան իր ծայրագոյն կատարին վրայ։ Յոյզերու, հծծիւններու հետ իր շփումը կ՚անդրադառնալ նորէն տողերուն, ու խաղերը կ՚իջնեն, կը մեղմանան, կ՚երկարին լացի մը պէս, որբ ու անմխիթար՝ ինչպէս արցունքը մշուշի կտորներուն։ Երաժշտականութեան այդ հովն է որ կը դարմանէ, կը փոխարինէ նկարներուն կարծր անշարժութիւնը՝ նետելով անոնց վրայ թրթռումի ալիքներ, ինչպէս զուսպ պրկումը զգացումներուն՝ անոնց հետքերէն թափ անցընելով իր գոլին խտղտանքը։ Իրական հաճոյք մըն է, առանձին ու բաւարար, իմաստի ու պատկերացման պահանջներին բոլորովին անկախաբար, բայց պարզ քաղցրահնչութեան պէտքով մը, ընթերցումը այդ գեղեցիկ ցայգանուագին։

Այդ արձակը ամենէն երգող ու թափանցող արձակն է թերեւս արուեստագէտ սերունդին։

 

Պատկեր ու փոխաբերութիւն

Նախադասութեան այս թանկագին առաքինութիւնը Զարդարեանի մօտ պահուած է ճիշդ չափին վրայ։ Մենք արդէն մաս մը բան գիտենք ատկէ, հեքիաթներուն մէջ։

Գիւտի այս կարողութիւնը շեշտուած է արձակ քերթուածներուն մէջ։ Անիկա. արդիւնքը չէ ճիգին ու փնտռտուքին։ Նկարագիրը՝ ցանցառութիւնն է։ Բայց նկատի ունեցէք, որ անիկա լիակատար խտացում մըն է, դիտողութեան, մերձեցման, վերարտադրութեան քանի մը եղանակներով համադրուած։

Կու գայ, պզտիկ պատրաստութեամբ մը, որ սովորական է, բայց ոչ տափակ, բայց իր երեւումը առատ լոյս մը կը սփռէ ո՛չ միայն տողին, այլեւ երբեմն ամբողջ էջին վրայ։ Յետոյ կը բռնանայ։ Չես կրնար չէզոքացնել իր տպաւորութիւնը ու կը յամառի մտքիդ մէջ։ Այս տեսակ փոխաբերութիւնները կը տարբերին ստեղծագործ երեւակայութեան մը տուրքը նկատուող միւս առատութենէն։ Միսաք Մեծարենց ափերով կը գտնէ անոնցմէ նոյնիսկ քառեակի մը մէջ։ Եղիա երբեմն տող–տեղ կը հիւսէ նման փոխաբերութիւնները իր արձակին մէջ։ Բայց ատոնք շողիւններ են ու նոյն դիւրութեամբ կը մասին, որով բռնկած էին։

Պատկերներով արտայայտութիւն մը, որ եղանակ դառնայ, կը բացակայի Զարդարեանի արձակին մէջ։

 

Կեանք ու խորհուրդ

Բանաստեղծին անձէն դուրս, այդ կտորներուն մէջ կայ կեանքի ու խորհուրդի քանակ մը, որուն կարգ մը երեսները ուշագրաւ արտայայտութեան հասան։

Ամենէն առաջ իրերուն կեանքը: Այս ցուցումը ընդհանուր բարեխառնութիւն մըն է, որ բոլոր քերթուածներուն մէջ գոյութիւն ունի, մէկէն միւսը երկարաձգուած։

Նայիլ քարերուն, ոչ թե իրենց արձանացուցած խորհուրդին կամ սարսափին կամ գեղեցկութեան թելադրանքէն, այլ նայիլ, nորովհետեւ անոնք դանդաղ, դիմացող ու յամառ նմոյշներն են ապրումի մը, որ մեր մէջ արագ, սպառող ու թռուցիկ է այնքան։

Տեսնել անոնց անզգածութիւնը ու խորհիլ մարդերու մասին ու ասոր հրդեհներուն։

Դիտել ջուրը, որուն մեծ մարմինը կը քաշուի առջեւէդ ո՞վ գիտէ որքան դարերու բեռան տակ դեռ երիտասարդ, պահելով իր աւազանին շնորհն ու գիծին փայլը, ու խորհիլ երակ մը կարմիր ջուրին, որուն բոլոր ճամբաներուն դարանակալ կեցած է անխուսափելի աղէտը։

Ու սիրել հողը, որ համբոյրի մը պէս երբեմն դիտէ գգուել մեր ճակատները, ու կախարդ եւ գրաւիչ՝ տագնապի պահերուն։

Տակաւին՝ կա՛յ մարդերուն կեանքը: Բանաստեղծէն դուրս, որ գլխաւոր դերակատարն է կեանքի եղերակատակին, ու գիւղացի տարրէն զատ, որ անոր շուրջը կը դառնայ հին ողբերգութեանց՝ խմբերգողներուն նման, մենք կը հանդիպինք դեռ ուրիշ ձեւ մը կեանքի, որ մարդերուն ու տարրերուն դարաւոր յարաբերութեամբը ստեղծուած տեսակ մը նիւթացում, առարկայացում է հոգիի ու իրի։ Անիկա կը յայտնուի հիւղերուն, տուներուն, պարտէզներուն, այգիներուն ու գերեզմանատուներուն վրայով։ Անիկա կը յայտնուի դարձեալ պահերով ու եղանակներով, որոնք երկինքը փոխելնուն չափ կը փոխեն նաեւ մեր սիրտերը։ Տօն, տաղաւար՝ կարծես օրերով կը պատրաստուին դուրսը, ու զարդարուած ու աղուորցած կ՚այցելեն մեզի։ Ու գարո՜ւնը, որ աղուոր է ու նազոտ, աղջկան մը պէս։ Ու ձմե՜ռը, որ փոխ կ՚առնէ մարդերուն շատ մը ստորոգելիները ու հողն ու հոգին կը ծեփէ իր ճերմակ կամ սեւ համբոյրովը։

Բոլոր այս աշխարհը պարագրկող խորհուրդը տարբեր է հեքիաթներով ու բուն խորհրդանշական յօրինումով կերտուած թելադրանքէն։ Անիկա քնարական է ու իմացական տարրերով աղքատ։ Ոչ մէկ ջանք ու ճարտարանք զայն ցայտեցնելու կտորէն։ Անիկա կը փակուի ինքնին հոտին պէս, զոր չենք տեսներ, բայց գիտենք։

Ու տարազելու համար ըսել.

Զարդարեանի արձակ բանաստեղծութիւնները մեր ժողովուրդին բնական խորհուրդը կը ցոլացնեն, պարզ, հողով ու օդով շինուած քաղցր խորհուրդը, որուն ծոցը զետեղուած է բարութեան, ժուժկալութեան, տառապանքով սրբացման իմաստութիւն՝ մը, իմաստասիրութիւն մը՝ եթէ կ՚ուզէք։

 

Ամփոփում

Զարդարեանի արձակ քերթուածները կարելի է նկատել մեր գրականութեան յաջողագոյն էջերէն։ Զեղչելով անոնցմէ ինչ որ շրջանը նետած է վրանին, մնացածը, իբր պատկեր, կեանք, խորհուրդ, բանաստեղծութիւն, հայկական քաղցրութիւն, երազի տարուած կամ բիւրեղացած իրականութիւն, պիտի ապրի որքան ատեն որ չմեռնի մեր լեզուն ու մանաւանդ որքան ատեն որ արուեստին հաւատաւոր երկու տղայ իրարու քով գան խօսելու մեր արժէքներէն։

Անոր հանդէպ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնը (արեւելահայերը, այսինքն՝ անոնց տիրացու սերունդը եւ անոնց նորերը, որոնք ուրիշ երեսով մը կը կրկնեն նախորդներուն անհասկացողութիւնը)   պիտի չքանայ ժամանակի ընթացքին, ու գործը պիտի մտնէ ցեղային յարգանքի դամբարանը, իրաւամբ ու արժանիքով։

Անոնք, որ այդ կտորներուն փոքրութիւնը, ցրուածութիւնը, անկատարութիւնը իբր մեղադրանք կը սիրեն հանել կատարեալ ու տեւական գործերուն զօրաւոր հմայքին դէմ, կրնան ապահով ըլլալ, թէ զանգուածը միշտ ալ գեղեցկութիւն չի նշանակեր։ Թէ՝ վիթխարի աւերակներու իմաստին քով, երբեմն արձանի կոտրած գլուխ մը աւելի թելադրիչ ու յատկանշական եղաւ շրջանէն ու այդ մոխրացած կամ քարացած քաղաքակրթութենէն։


 



[1]        «ՑԱՅԳԱԼՈՅՍ» (Արձակ էջեր, տպագ. 1910)։ Զարդարեան այս հատորին կազմութեան ատեն լիովին տուած է արդեն ինքզինք։ Անկէ վերջ երկու–երեք հատուած հազիւ ստորագրած է, ասոնց ալ երկուքը հեքիաթ, որոնց վրայ խօսուեցաւ վերը։ Նշանակալից է, որ հատորէն դուրս ձգած է ծաւալով կարեւոր կտորներ, մէկը երկար պատմուածք մը: Բայց ներս առած է բոլոր խորհրդապաշտական էջերը։ 1910–ը շատ մօտիկն է արդէն 1900–ին։

[2]        Ուշագրաւ է, որ 1896–ի դէպքերէն ներշնչուած իր երկար մէկ պատմուածքը, Էժտահար ստորագրութեամբ, մաս չի կազմեր « Ցայգալոյս »–ին: Զարդարեան քիչ մը շատ բանաստեղծ էր իրականութեան հպատակելու համար։ Պատմելը ուրիշ բան է, ստեղծելը՝ ուրիշ։

[3]        Սէմպոլիզմ։ Արեւելահայերը բացատրութիւնը տարած են անհարկի չափազանցութեան։ Սինվոլիզմը անոնց համար անհասելի խորհուրդ մըն է։ Արեւմտահայերը զայն ծիծաղելի ըրած են իրենց անիմաստ, անգիտակից յարձակումներովը։

[4]        Արդի արուեստին համար նուաճումի դժուարագոյն տարրեր կը նկատուին այս կարգի իրողութիւններ։ Անջատ, իր շրջագիծով ծանօթ ու հիմնովին խուզարկուած ու տախտակներու վերածուած փլաք մը չէ հոգին։ Ու չկայ գիտութիւն մը, որ յաւակնի մեզ առաջնորդելու այդ ծովերէն: Բայց տաղանդը լաւագոյն կողմնացոյցը կը համարուի նման արկածախնդրութեանց ատեն։

[5]        Բառերը անբաւական են տալու համար պատկերը՝ վիճակի մը, որ մեր գիւղերումը եղաւ, մանաւանդ 1896–ի ջարդերէն ետք։ Անկարող է արգիլուած սուգը, հոգիներուն վրայ բեռցուած ամօթը, քու եղբայրներուդ մահուան դիմաց քու անհուն անդամալուծումը, հացին ասեղը, որ զաւակներուդ թարթիչները հոգիիդ մէջ կը մխէ, ու անպարագրելի սարսափը ամէն րոպէ պատրաստ մահուան, որ դուրսն է, քովդ է, սեմիդ կը սպասէ, տնամօթ ու հեգնող, ու կը նախատէ քեզ ու մեռնիլն անգամ լրբութեան կը վերածէ ...

[6]        Հակառակն է, որ ճիշդ կ՚երեւի, երբ նկատի ունենանք ռոմանթիքները մեր մէջ (իրապաշտները չափազանց զբաղած են մարդով, բաւարար ատեն տրամադրելու համար բնութեան), որոնք բնութեան կը դիմեն զայն անիծելու, կամ անոր յանձնելու իրենց երազանցուած եսին բացագանչութիւնները։ Թափանցում չէ որ տեղի կ՚ունենայ։ Արտաքին աշխարհը, մանաւանդ անոր հովուերգական մասը, դասական շրջանով կտորներ միայն յառաջ կը բերէ իրենց մօտ:

[7]        Քաղաքական բռնապետութիւնը թերեւս չափով մը դեր ունի այս իգացումին մէջ։ Բայց ամէն բան չէ անիկա: Խորհեցէք, որ Զօհրապէն զատ, որ « տօնական օրերու » միայն կ՚երեւայ, մնացեալները կիներ են: Հոգեկան ներգեւումի շրջան մըն է, որ կը տարածուի 1900–էն 1908։ Ու Տիրան Չրաքեանի բնութենամոլութիւնը, ու Միսաք Մեծարենցի բնութենապաշտ մեղեդին թերեւս պատահական չեն ու հակազդեցութեան անծանօթ մնացած ձեւեր։ Տակաւին այսօր մեր գրականութիւնը չի կասկածիր, թէ արուեստին գերագոյն հանգանակը մարդկային հոգին է ։

[8]        Կան արուեստագէտներ, որոնք կը յաջողին տալ մեզի արտաքին աշխարհը ո՛չ թէ իբր գոյնի եւ գիծի հիւսուածք, այլ թրթռում ամբողջութեամբ։ Զարդարեան անոնցմէ չէ։ Այդպէս է Պետրոս Դուրեան, որուն բանաստեղծութեան մէջ չկայ տող մը, նոյնիսկ նկարագրական, ուր չդողդողայ յուզումը։ Անոր նմանները արդէն արտաքին աշխարհին կը դիմեն՝ հոն թափելու տեղ մը գտնելու համար յուզումը, որ կը լեցնէ զիրենք։

[9]        Զարդարեանի կարգ մը արձակներուն մէջ (պատմուածքներ ընդհանրապէս), գոյութիւն ունի մասնաւոր վիճակ մը, որ կը գրաւէ յուզումէն առաջացող մշուշին եւ փայլակէն թափող ուրուագրութեան մէջտեղերը։ Այնպէս, որ իր եղանակը, որ կը կռթնի պատկերին, զուտ նկարչական չենք կրնար որակել։ Միւս կողմէն սարսուռի, փաթէթիքի լայն շարժում մը մեզի չ՚անցնիր այդ էջերէն։ Բայց թեթեւ պատրաստութիւն մը պիտի դիւրացնէր թափանցումը։ Այն ատեն պիտի գնահատէինք թերեւս բանաստեղծին ժուժկալութիւնը, ու պիտի զգայինք յուզումի երակներ, որոնք պրկուած ու ծածուկ մնալը սիրեցին: Դասական ժուժկալութեամբ այդ յուզումին նկարագիրը շահեկան է խորապէս։ Վասնզի կու գայ թերեւս ցեղային, անդրագոյն գիծերէ։ Որ թերեւս կը կրկնէ մեր զգայնութեան candeur-ը, այն համեստ ու. ամօթխած կերպը, որ մեր երգերուն ու տաճարներուն, մեր հարսներուն ու մեր բարբառին մէջ կարելի կ՚ըլլայ հաստատել հայկական կոչուած նկարագիրը ։ Եթէ խանդավառութիւնը, թեթեւութիւնը, ռոմանթիզմի նոր ժամանակներու գիծեր են մեր խառնուածքին վրայ, աւելի հին ու հետեւաբար հարազատ են միւսները, ինքնադարձումը, ինքնազսպումը, տառապանքին տակ ինքնամփոփումը ։ Բոլոր մեր գաւառացի գրողները ունին այս լրջութիւնը։

          Զարդարեանի ժլատութիւնը այսպիսով կը բացատրուի իբր ցեղային երեւոյթ։

[10]      Որ սերտ կապ ունի հեղինակին բնախօսական կազմին հետ: Ըստ այդ վարդապետութեան՝ կուրծքն է որ կ՚որոշադրէ նախադասութիւնը, զայն ընելով լայն կամ կծկուն, թաւալուն կամ կտրատուն։ Շունչին՝ այս բառի վերածումը աւելի հիմնաւոր կը դառնայ մանաւանդ չափուած բարբառին վրայ։ (Տեսնել Ռեմի տը Կուրմոնի «Le probleme du style» գիրքը, ուր երեւոյթը բացատրուած է բաւարար փաստերով)։