Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ամիս մը վերջը Տօքթօր Տիլպէրեանի նշանադրութեան լուրը նորէն տարածուեցաւ օրիորդ Զարֆճեանի մը հետ։ Տասն օր առաջ պարզ ու անշուք կերպով թաղեր էին Երանիկը Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ ու բժիշկն հիմա աքասիայի ծառին հետ պիտի ամուսնանար։

Այսպէս Տօքթօրը կը շարունակէր Պոլսոյ կանանց մէջ իւր այրական թեկնածուի պաշտօնը, ո՛ր մէկէն ակնկալելով, ո՛ր մէկին խոստանալով ամուսնութիւնը։

Ամեն տեղ կը յաջողէր կանանց յաւիտեան հաճելի մնացող այս հնարքը։

Երիտասարդ ու հարուստ այրիներ, հասուն աղջիկներ, էրիկնուն դժգոհ ամուսիններ, կիներ ու կինե՜ր վերջապէս, իրենց հիւանդութեան պատմութիւններովը, իրենց կարօտակէզ պահանջումներովը՝ խորհրդակցութեան պճնազարդ ու գաղտնապահ սենեակը կը լեցնէին։

Իր Պոլիս գալէն ի վեր արգանդի ու ջղային հիւանդութիւնները տարօրինակ կերպով բազմապատկուած կը թուէին. կը վճարէին ու կը վճարէին հիւանդներն այս բժիշկին, ոմանք իրենց կեանքովը, ոմանք իրենց ստակովը, ոմանք իրենց պատիւովը կը վճարէին այս երիտասարդին բժշկութիւնն ու այս բժիշկին երիտասարդութիւնը։

Անոր այցելած ընտանեկան յարկերը կը կործանէին. կային ալ որ, Յակոբիկ աղային տան պէս, սիրեցեալ անձի մը կորուստովը աւերակ ու սգաւոր կը մնային։

Մահուան, անպատուութեան, ու դժբաղդութեան հով մը կ՚ընկերանար այս տարփածու բժիշկին ամենուրէք ուր մտնէր ելնէր։

 

Տօքթօր Տիլպէրեան կատարելապէս յաջողեր էր, ինչպէս կ՚ըսուի աշխարհային լեզուով. օրը չորս հինգ ոսկի կը վաստկէր հիմա. Սողոմոն աղան կրնար գերեզմանէն ելնել՝ իւր որդւոյն աւերիչ ու շահաւոր արուեստին վրայ հպարտանալու համար։