Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ծովը կապոյտ սաւանի մը պէս առանց ծալքի կը տարածուէր կը մնար ու տաք զեփիւռ մը՝ անտեսանելի հրդեհի մը ջեռուցած մթնոլորտին պէս՝ երեսի կը զարնէր. հեռուէն Պէօիւքտէրէի ծովեզերքը մթնշաղին մէջ նոր վառուող ճրագներն ու լապտերները լուսաւոր բիծերու կը նմանէին։

Սուլթանիէի բացերն էին հիմա. ոչ նաւավարը եւ ոչ տիրուհին ուշադրութիւն կ՚ընէին քիչ քիչ երկինքը ծածկող մթին ամպերուն որոնց խայտաբղէտ փայլը ծովուն անշարժութեան մէջ կը ցոլանար. սովորականէն շատ հեռու գացած էին արդէն ու կը հեռանային դեռ ալեաց կամաց ընթացքին հետ։

Հաւասարապէս բացն էին երկու եզերքէն եւ ծովուն վրայ մռայլ քօղ մը կ՚իջնէր, հետզհետէ մշուշէ վարագոյրի մը մէջ ամփոփելով զիրենք. երիտասարդ կինն իր նաւավարէն զատ մէկը չէր տեսներ ալ ու ստիպեալ կը դիտէր հիմա անոր առոյգ ու հուժկու իրանն որ ամեն կռնակի վրայ ծռելուն թափանցիկ պիւրիւնճիւկ շապիկէն ցոյց կուտար թաւ կուրծքի մը ելեւէջն եւ շապիկին լայն թեզանեաց մէջէն մկանուտ թեւերը։

Տիւրիւկ իր նաւավարը կը դիտէր այս ծովին ու օդին ջերմութեանը մէջ. այս կէս լոյս ու կէս խաւարին մէջ, այս եզական միայնութեան ու առանձնութեան մէջ. դեռ պատանի մ՚էր, վերին շրթունքը հազիւ թէ մրոտած, նուրբ աղուամազ մը դեռ նոր կ՚սկսէր անոր արեւակէզ այտերուն վրայ. մերկ ոտքերն յենարանին դրած էր անծածկոյթ ազդերքը ցոյց տալով. թարմ, կորովի ու անծանակ բան մը կար այս տղուն վրայ որ երիտասարդ կինը կը խռովէր։

Քանի՞ տարու ես, Սահակ։

Ի՞նչ գիտնամ, հանըմ, տասնըեօթը, պէլքի տասնըութը կամ։

Ու մանկամարդ կինը ակամայ կը բաղդատէր այս տղուն տարիքն իր քսանըերկու տարիներուն հետ եւ բոլորովին յարմար կը գտնէր իրարու։

Նայինք քեզ ե՞րբ պիտի նշանենք։

Մօր մը ձեւերը կ՚առնէր՝ աւելի ազատութեամբ չխօսելու համար, եւ վերջապէս ծովուն այս առանձնութեանը մէջ իր համարձակութիւնը կ՚աւելնար. հաճոյք, գաղտնի եւ անբացատրելի բան մը կ՚զգար խօսելով այս նշանտուքին վրայ, անոր նշանածին, գրեթէ կնոջը վրայ. Սահակին կինը Պէօիւքտէրէցի աղջիկ մը պիտի ըլլար, երջանիկ կին մը այս հուժկու թեւերուն մէջ որոնց վրայ կ՚զմայլէր։

Ու այս խօսքերով, պատանիի շփոթութիւնն ու կարմրութիւնը կը վայելէր. թերասքօղ հարցումներով կը ջանար անոր անփորձ պարզամտութիւնը չափել, ու որքան աւելի շփոթ ու խռովեալ տեսնէր նաւավարն, իր բացատրութիւններն աւելի դիւրահասկնալի, բառերն աւելի բացայայտ կը դառնային, տեսնելով որ վախ չի կար այս տղուն հասկացողութենէն որուն զգայնութիւնը ժայռի մը պէս ամուր ու հանդարտ կ՚երեւէր։

Եւ նորատի կինն աւելի կը յառաջանար պրպտելով այս պատանի սիրտն ու հետաքրքիր բժշկի մը պէս փնտռելով զայն թունդ հանելիք ջիղը։

Նաւավարը չէր պատասխաներ, ձիւնաթոյր ու մեծածաւալ վարտիքին անհամար ծալքերովն ու փոթերովը լեցնելով իր նստարանը, հեռուն՝ եզերքներուն նայելով միշտ զորս չէր տեսներ մշուշին մէջ ու ակնարկը փախցնելով իր տիրուհւոյն հետախոյզ ու խրոխտ աչքերէն։

Կը հասկնա՞ր թէ չէր հասկնար այս լեզուն։