Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անդին Դանիէլ պատուելին կը հրճուէր կը պանծար իւր յաղթանակին մէջ. Պօնաբարթ ոչ այնքան խրոխտ ու փառահեղ երեւոյթ մը ունէր Աուսթէրլիցի ճակատամարտէն վերջը, քան թէ այս ապուշ տիրացուն իր անողորմ ու եղեռնական շահատակութենէն յետոյ։

Ներսէսը մէջտեղէն վերցնելով, իր շուրջը տիրող թշնամութեան ու հակառակութեան գլուխը խորտակեր էր. Ներսէս այն տղայական ընդդիմութեան հոգին էր. պատուելիին դէմ մղուած գաղտնի մարտին մէջ ամեն ոք անոր յանդգնութեանը կը վստահէր. ամեն անիրաւութեանց զոհին ծանօթ ու յամառ պաշտպանն էր նա. անոր բացակայութեամբը ամենքը ինքզինքնին անզօր ու անպաշտպան զգացին իրենց վարժապետին դէմ։

Ո՞ւր էր Ներսէս. տղայքը կը հարցնէին իրարու. դպրոցին բանտը չէր որ տարեր պահեր էին Ներսէսը. իր ընկերներն ուրիշ հոգ ու մտածում չունեցան երեք օր։

Ցորեկուան արձակուրդէն օգուտ քաղելով, մին՝ խոհանոցը, միւսը մոմարանը, երրորդը կօշկակարաց սենեակները խուզարկեր էր, առանց հետք մը գտնելու իրենց ընկերէն։

Ի զուր ջանացեր էին ողոքիչ խօսքերով տնտես ախպարը խօսեցնել տալ. այս անմիտ Վանեցին տէրութեան գաղտնիքը պահելու պէս, Ներսէսին բանտարկութեան վայրը կը ծածկէր։

Դիտուած է որ անոնք միայն իրենք իրենց կարեւորութիւն տալու կը ճգնին որոնք ամեն կարեւորութենէ զուրկ են. ամեն պաշտօնատան մէջ ստորակարգեալներն են միայն ամբարտաւան։

Հիւանդանոցի վարժարանին մէջ, տնտես ախպարը իւր մեծ նշանակութիւնը կը պահէր, ու վեհապանծ դէմքով մը իր շուրջը հաւաքուող տղոց մէջ շրջելով Ներսէսի օրինակէն օգտուիլ կը խրատէր անոնց։

 

Կիւրակէ օրը ամսագլուխ էր ու Ներսէսի մայրը Հիւանդանոց եկաւ իր զաւակը տեսնելու. ձմռուան ցրտին եւ սաստկաշունչ օրերէն մին էր, եւ այս անգամ հաստ փոքրիկ բալթօ մը բերեր էր անոր համար։

Տնտես ախպօր մօտեցաւ յարգական ձեւով մը ողջունելով. տնտեսը կրակով լեցուն վառարանի մը քով տեղաւորուեր էր. այրին տեսաւ առանց շարժելու տեղէն։

Ներսէսս կը կանչե՞ս, ըսաւ անոր կինը աղաչաւոր ձեւով։

Ներսէսդ պանդն ի, պատասխանեց տնտեսը վէսութեամբ։

Բա՜նտը, Տէ՜ր ողորմեայ, այս օդին ցուրտին ի՞նչ կ՚ընէ. ի՞նչ յանցանք ըրաւ որ բանտը դրիք։

Տիմադարձութիւն կ՚ընի միեզ։

Տնտեսը ինքզինքն ալ հաշուի կը դնէր։

Խեղճ կինը վարժապետին ներկայացաւ գլխիկոր ու որդւոյն համար բարեխօսելով։

  Պատուելին անդրդուելի ու անխռով ճշմարիտ հրճուանօք մը կը նայէր այս արտասուող կնոջ վրայ. կը խորհէր որ ինքն ալ այսպէս պաղատանք ու աղերսանք լսելու բաղդին կ՚արժանանար ահաւասիկ, աղերսանք որ իր չարամիտ եսութիւնը այնքան կը գգուէր։

Ու լուռ ու խրոխտացած ճեմելով սրահին մէջ, մինչդեռ տարաբաղդ մայրը իր պաղատագին թախանձանքը գուցէ տասներորդ անգամ ըլլալով կը կրկնէր, լիաբուռն կը վայելէր այս մեծ մարդու, մահու եւ կենաց վճիռ արտասանող մարդու դիրքը։

Կինը կը շարունակէր իր աղաչանքը, բայց վերջապէս համբերութիւնն սպառելու մօտ էր։

Քու տղադ յանցաւոր էր ու պատժուեցաւ, ըսաւ վերջապէս պատուելին։

Կիրակի օրով պատիժ կ՚ըլլա՞յ, հարցուց կինը միամտօրէն։

Ուրբաթ օրուընէ պատժուած է, աւելցուց պատուելին անտարբեր։

Ի՞նչ ըսել է ուրբաթ օր, անկէ ի վեր զաւակս բա՞նտն է այս ձիւնին ու բուքին, գոչեց կինը ցաւագին աղաղակով։

Պատասխան չստացաւ։

Այն ատեն այս համեստ, այս աղաչող կինը յանկարծ կերպարանափոխ եղաւ. իր զաւկին այս սաստիկ եղանակին երեք օր շարունակ բանտարկութեան լուրը, անոր խելքը գլխէն առաւ։

Ո՞վ ես դուն որ զաւակս երեք օր կը բանտարկես, անանկ զաւակ մը հասուցած ունի՞ս մի նայիմ, պատուելի, գոչեց կինը մոլեգին ու յուսահատ, երե՛սս նայէ, երե՛սս, ես քու գիտցած կնիկներէդ չեմ, անօրէն, անաստուած, շո՛ւտ զաւակս կ՚ուզեմ, զաւակս։

Պատուելին վախցաւ այս զայրացեալ դէմքէն, մինչդեռ կինը հետզհետէ, հրաբուխի ջեռուցեալ հոսանքին պէս, իր զայրոյթը հայհոյութիւններով եւ սպառնալեօք դուրս կը թափէր։

Մօրուքդ թել թել կը փետտեմ քուկին, վարժապետ, շուտ զաւակս պիտի բերես։

Խռովութիւնը մեծցաւ սրահին մէջ. պատուելիին շփոթած վիճակէն քաջալերեալ աշակերտներն սկսան ձայներնին բարձրացնել։

Զաւակդ չի կերանք ա. ծօ՜ տնտես ախպար, բեր սըւոր տղան. բայց գիտցիր որ հոգաբարձութիւնը պիտի արտաքսէ այդ անառակը։

Մայրն այս խօսքերը չէր լսեր ու ձայնը երթալով կը բարձրանար։

Եղելութիւնը շուտով մը իմացուեցաւ Հիւանդանոցին մէջ ու դպրոցին տնօրէնը, բարի ու պարկեշտ երիտասարդ մը, այդ վիրաւորեալ մայրն ամոքել ջանաց։

Մի պոռաք, կ՚աղաչեմ, եկէք վար իջնանք, զաւակնիդ պիտի տեսնէք, ի՞նչ ընենք, դպրոցին կանոնը կայ։

Երե՜ք օր զաւակս բա՜նտը դնել աս ցուրտին, կը կրկնէր մայրը շարունակ, այս անհաւատալի խստութենէն կատղած, զաւկի տէ՞ր չէք դուք, կը գոչէր իր շուրջը ժողվուած մարդոց դառնալով։

Տնօրէնը գոհացում մը տալ ուզեց այս կնոջ՝ միասին տանելով զինքը՝ Ներսէսը դուրս հանելու համար բանտէն։ Բայց սխալ ճամբայ բռնած էր ու տնտեսը թէմէննահ մը ընելով կամաց մը իմացուց, որ անառակաց յատուկ բանտը դրուած էր Ներսէս։

Անառակաց բա՞նտը, ի՞նչ կ՚ըսէս, տնտես ախպար, ըսաւ երիտասարդ տնօրէնն ապշած ու սարսափած, երեք օր հո՞ն թողուցիք տղան։

Պատուելին էնպէս հրամայեց։

Տնօրէնն ամօթահար ու աղէտ մը պատահած ըլլալու նախազգացումէն դրդեալ, ետ դարձնել ուզեց կինը՝ որ կը յամառէր, իր ձեռօք զաւակն այս անողորմներուն ձեռքէն փրկելու համար։

Այն ատեն ստիպեալ եւ ուրիշ մի քանի պաշտօնեից ընկերակցութեամբ պարտաւորուեցաւ այս կնոջ հետ երթալու բանտը. քանի կը յառաջանային յիմարանոցին մէջ՝ խեղճ կինը ապշած սարսափած չորս կողմը կը նայէր, առանց կարենալ հաւատալու տեսածին ու լսածին։

Բայց երբ զնտանին դուռը բացին, սրտաճմլիկ ու ահաւոր տեսարան մը պարզուեցաւ իրենց աչքին առջեւ։

Ներսէս ցուրտ տախտակամածին վրայ անշարժ պառկած էր, աչքերը փակ, ու իր մանրիկ ու վտիտ անդամները ցուրտէն քար կտրած էին. կարելի եղածին չափ պատսպարուելու համար, իր փոքրիկ ձեռքը միւս թեւին մէջ մտցուցեր էր, գլուխը տախտակին վրայ դրած. իր գլխուն մօտ կը կենային դեռ չոր հացի կտորները զորս ներս նետեր էին առանց ներս նայելու եւ որոց չէր դպած բնաւ։

Մայրը նուաղեցաւ, մինչդեռ տնօրէնին ու պաշտօնէից աչքերը արտասուօք կը լեցուէին։

Բոլորն ալ փութացին մօրն ու որդւոյն ամեն խնամք տանելու ու երկուքը միասին փոխադրեցին Հիւանդանոցին դեղարանը։

Թշուառ կինը աչքը բանալուն, պաշտօնեաները տեսաւ միայն իր շուրջը. բերանը շարժեց, բայց առանց կարենալու ձայն մը հանելու. այն ատեն արցունքներ խառնուեցան իւր աղերսարկու նայուածքին. հասկցան որ զաւակը կը հարցնէր։

Պատասխան չունէին տալու։

Ներսէս երկնից հրեշտակներու քովն էր։