Խորհուրդներու մեհեանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Աշխարհքն այն ատեն հիմակուան պէս չէր։ Շարունակ բարի ու շոյող արեւին տակ խոտերն ու ծառերը կը մեծնային ազատ ու երջանիկ՝ անոնք երբեք իրարու շուք չէին անցներ։

Գետնի ծաղիկներն այնքան շատ էին, որ կանանչ տեսնելու համար պէտք էր ծառերը շուլլուիլ։ Խոշոր–խոշոր քարեր ծառերուն քովիկը կը պառկէին ուրախ, առանց փափաքի։ Լեռներն ու սարերը հսկայ սօսիներ կը գրկէին իրենց մէջ։ Ու կենդանիներուն ամէն տեսակները իրարու մօտիկ կ՚արածէին, կը քնանային օր մը oրանց անոնց աչքին մէջ ծուռ շող մը տեսնուած չէր։

Ու ամէն մէկ աղբիւրի առջեւ, գետակներու ափին մարդերը կը պտտէին գիրկ գիրկի, երես երեսի. հաճոյքն ու համը կ՚ուռեցնէին աղջիկներուն ծիծն ու կիներուն շրթունքը:

Օդը ծոցուոր էր այս երջանկութիւնով։

Սատանան քիթը շփեց. աչքերը լարեց։ Խաղաղութեան այս պատկերը իր մէջ արթնցուց մեծ կռիւներուն վաղորդայնը. ճակատամարտներուն հոյակապ սարուածները, յոյսի ճառագայթումները, վերջապէս պարտութեան, գերութեան անգութ ու բարբարոս դառնութիւնը…: Պահեց տոպրակն ու մանգաղը։

Բահն առած սկսաւ քալել։

Ջուրի մը քով խմբուած էին մաքիները։ Մաքիներուն վրայ հազար գոյնով, մետաքսի պէս կակուղ փայլումով թիթեռնիկներ կը դողային, ու իրենց թրթռումը, ելեւէջը ջուրին վրայ կը նկատուէր յստակ ու կենդանի…։ Աւելի վարօք՝ ապառաժի մը կուշտովը՝ կին մը իր տղուն ժպիտին մէջ կը քնանար, խոտերը գացող ջուրին վրայ կ՚օրհնէին իրենց իրանները…։ Երջանկութիւնը այսչափ կրնար ըլլալ, ու սատանան բահը զարկաւ ժայռի սիրտին։

Խորունկ հեծկլտուք մը ջուրին վրայ ալիք–ալիք ինկաւ. հողերը դողացին, ալիքները արագ–արագ փախ առին. ջուրը մեռաւ, քիչ մը ետքը ան մեծ, իր սիրտի պէս աղուոր քարը ահագին երկունքի մը կճրտումով երկուքի զատուեցաւ ու դողդողալէն ինկաւ գետին, հազար կտոր եղած:

Կենդանիներն ու ծառերը նոր կը լսէին այս սարսռուն աւաչը. բան մը չհասկցան սակայն… Սատանան ճամբան շարունակեց։

Լեռներուն ծոցը աղջիկի պէս գեղեցիկ, ծիծի պէս կլոր քարեր կը նստէին. ասոնք միայն զգացած էին տառապանքի երգը, որ պաղ մեռելի պէս իրենց քսուեր ու անցեր էր։ 

Սատանան իր բահովը անոնց ալ դպաւ. լեռները զարմանքով տեսան, որ քարերը կը փախէին իրենց գիրկերէն, իրարու կը զարնուէին, իրար կը փչէին ու վարերը կ՚երթային մեռնելու։

Ու մահը անցաւ քարերուն ծուծէն. դղրդեց անոնց ոսկորները, կոտրտեց անոնց քիթն ու բերանը, փետտեց անոնց գեղեցկութիւնը:

Ու քարերը կը ճաթէին, մահը անոնց փորը կը մտնէր, կը պատռտէր անոնց ներսն ու խոշոր ժայռերը փրթելով իրենց տեղերէն՝ լալով–պոռալով կ՚երթային ջուրերուն տակ հալելու, տիղմ դառնալու

Քարերը կը մեռնէին։ Այն ատեն սուգ առին լեռներու տակի հսկայ քարերը, դաշտերուն երեսի պզտիկ խիճերը: Ու մեռնողներուն վրայ սկսաւ ողբը մեծ, յուզիչ ու ահարկու. լման աշխարհքը տակնուվրայ եղաւ այս ողբէն։ Ու բողոք մը, լացի պէս խորունկ ու տխուր, ձմեռուան անձրեւին չափ ընդհանուր, որուն մէջ իր շեշտը նետած էր ալիւր եղած աւազաքարն անգամ, բողոք մը մոլոզներու մրմունջովը իսկ ծանրացած՝ ելաւ բարձրացաւ դէպ Ամենակալին Աթոռը

Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը գոռար բողոքը, ծանր է մեզի այս մահը, ծա՛նր, ետ կանչէ ղրկածդ։ 

Աստուած, որ արդէն խշխշացեր էր քարերուն ողբ ու կոծէն, մօրուքը ձեռքն առաւ։ 

Մտմտուքը խորունկ ըլլալու էր։

Ետ կանչէ՜ր մահը, բայց ո՜վ գիտէ, այդ սեւ հրէշը ինչե՜ր կրնար ծնիլ երկինքի մաքրութիւններուն մէջ։ Իր նայուածքը ապագաներուն վրայ պարպուեցաւ իր լոգցնող բոցովը ու մեղմօրէն դողաց։ Ինչե՜ր տեսաւ հոն, չի կարելի երբեք գիտնալ, բայց երբ նոյն նայուածքը իր  լոյսը թափեց Աշխարհքին վրայ, աղօտցաւ յանկարծ, անոր աչքը ցաւէն քրտնածի պէս եղաւ, այնքան յուզիչ էր մեռնողներու վրայ բռնուած ողբը։ 

Ու մտմտաց, մտմտաց։

Բաժնենք մահը:

Նոյն օրը Սատանային հրաման գնաց Մահը կիստելու ծառերուն ու խոտերուն վրայ

Աստուած լայն շունչմը առաւ