Դ.
Աւլուած
բլուրներուն
վրայ
կեցած՝
կը
նայիմ
քիչմը
հեռուէն
քէնոտած
Սողուճախին
ու
ետիս
ճահիճներուն
դեղին
անտառին։
Ինծի
այնպէս
կու
գայ,
թէ
լերան
տակէն
մինչեւ
բլուրները
պապ
հսկային
շալկած
լեռներէն
թափուած
հողն
է,
որ
կը
պարսպէ
ծովն
ու
ճահիճը։
Դիմացիս
Սայանի
վէրքն
ալ
հեքիաթը
կը
լրացնէ
իր
ահագին
փոսովը։
Այդ
փորուածքէն
քանի
բլուրներ
կրնան
առնուիլ։
Ու
ձկնորսը
կ՚աւելցնէ.
–
«Աղջիկը
շատ
անգամ
կը
տեսնեն
մէրերը.
նաւակին
ծփանքին
ետեւէն
կաթի
պէս
իր
մարմինը
կը
փախչի
ու
կը
խաբէ.
վա՜յը
անոր,
որ
պարտէզին
մօտերը
չի
գիտնալով
լողալ
կ՚երթայ։
Ամէն
տարի
իր
սիրածը
կը
փոխէ
ան,
գեղացի
տղոց
է՛ն
լեցունկները
քաշելով
ջուրին
տակ։
«Բայց
հսկային
ձայնը
30–40
տարին
անգամ
միմիայն
մէջտեղ
կ՚ելլէ»։
–
«Երբ
սա
ջուրի
թելիկը
կտորիկ
մը
հաստնայ
(ցուցնելով
բլուրներուն
կողերէն
քամուող
ջուրիկը),
հսկան
վախուն
դուրս
կ՚ելլէ,
կը
քննէ
բլուրներուն
դիմացկունութիւնը,
ճահիճներուն
պարարտութեան
վրայ
աչք
մը
նետելով
տրտում–տխուր
կը
քաշուի
վար՝
իր
խորունկ
հառաչանքը
երեք
անգամ
կրկնելով»:
Ու
իրաւ
ալ,
երբ
ջուրերը
հարուստնան
լիճին
մէջ
ու
եզերքի
շամբուտները
թաղուին
մինչեւ
իրենց
օղակները,
իրկունները
անորոշ
ատեն,
որոտումի
պէս
ձայն
մը
կելլայ
ջուրերուն
խորունկէն
սաստիկ,
ա՛յնքան՝
որ
ծառերը
կը
դողան
ու
եղէգները
կ՚ալեկոծեն,
կը
կրկնուի
երեք
անգամ
ու
յետոյ
կը
դադրի։