Քնարախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՍԿԻ ՈՒՌՆԱԿԸ
( ԽՈՐՀՈՒՐԴ )

(Կործանած մեհեանի մը բակը: Մէյ-մէկ սիւնի տուած իրենց կռնակը, երեք կիներ, արջեւնին հողէ ամաններով)։

 

Բ. ԿԻՆԸ ( Ա. կնոջ )

Ըսէ, իմ քո՛յր,
Ի՞նչ է տեսածըդ ամանին
Տժգոյն բոցին։

Ա. ԿԻՆԸ

Ես կը տեսնեմ
Ոսկի փոշին անցեալներուն։

Բ. ԿԻՆԸ

Ոսկի փոշին անցեալներուն
Թափէ, կոտրէ։ Ատենն անցած
Է անցեալին։

Ա. ԿԻՆԸ

Դուն կըսես ատ, խելառ իմ քոյր։
Խորն այս պզտիկ հող ամանին
Կը քնանան հազար ամեր։

Բ. ԿԻՆԸ

Տասը հազար կանգուն օրօր
Երգէ երկար, որ չարթննան։

Ա. ԿԻՆԸ

Կարճ նայուածքդ է, խելառ իմ քոյր,
Չբարկանաս։
Բղուղն այս խեղճ օր մը երկիրն էր պապերուդ։
Կեցիր խառնեմ մոխիրը ջերմ։
( Կը խառնէ. բոցեր կը բարձրանան
Տեսա՞ր, տեսա՞ր ալիքն այս մեծ,
Կայծակ ողկոյզն հոգիներուն
Այն պապերուն,
Որոնք հեծած նժոյգ հուրէ,
Հեղեղեցին՝ ինչպէս փոշի՝
Թշնամիին բանակն անբաւ
Արտաքսելով
Հայրենիքին սահմաններէն։
Կը հասկնա՞ս։

Բ. ԿԻՆԸ

Ուրի՞շ։

Ա. ԿԻՆԸ

( Նորէն կը խառնէ մոխիրը ):

Ահա քեզի ուրիշ ալիք,
Առատութեան ու բարիքի,
Կաթի, մեղրի ու գինիի,
Ծոցէն ոսկի
Ամենազգաստ Անահիտին,
Վրան հողին այն պապերուն,
Ազատ, հպարտ ու երջանիկ։
Կը հասկնա՞ս։`

Բ. ԿԻՆԸ

Ուրի՞շ։

Ա. ԿԻՆԸ

(Նորէն կը խառնէ)։

Ծով է փառքի, յաղթանակի
Այն օրերէն, ալիքն այս բոց։
Երբ աստուածներն
Էին մեզի խնամարկու:
Շէն ու հարուստ դարերն երկար
Ազատութեան
Կը քնանան, քո՜յր իմ, հիմա,
Անցիր ճամբադ։
Լաւ է լռել ու չխառնել։

Բ. ԿԻՆԸ

Ի՞նչ բան։

Ա. ԿԻՆԸ

Մոխիր, մոխիր, անցիր անդին,
Քու թակոյկին,
Ան քեզ կըսէ,
Թէ ի՛նչ կ՚արժէ՝
Արեւմուտքէն ու Հարաւէն:
Բռնի բերուած եբրայեցի,
Աստուածը նոր։
Անցիր քեզի... ։
Ի՞նչ կը տեսնես։

Բ. ԿԻՆԸ

(Մոխիրը խառնելով):

Այ քեզի սեւ, այ քեզի մուխ,
Կ՚այրի շքեղ երկիրն Հայոց։

(Յանկարծ կարմիր բոց)։

Այ քեզ արիւնն եղբայրներուն։
Մեհեաններու սուրբ յատակին՝
Անարգօրէն փողոտուեցան
Հազարներով,
Սեւեր հագած մարդոց սուրէն,
Խաղաղութեան ու ողջոյնի
Ու համբոյրի ու ծափի մէջ։

(Կը խառնէ մոխիրը)։

Սեւ, սեւ ծուխն է մեհեաններուն,
Մեծ արձանին Ոսկիամօր։

(Կը խառնէ մոխիրը)։

Ու դեռ, արիւն է ամէն դի.
Եղբայրն՝ եղբօր,
Հայրը՝ տղուն
Մայրն՝ աղջկան
Դէմն է կ՚ելլեն.
Կը բզկտեն զիրար սուրով,
Եղունգներով, ատամներով։
Կործանումն է հոգիներուն։

(Կը խառնէ մոխիրը)։

Նայէ, իմ քո՜յր,
Սովն է բացած կլափն անհուն,
Որ կը շրջի, կը գալարուի,
Վրան պարարտ արօտներուն
Անդաստանին։
Պիտի պակսի կաթն ու գինին,
Հացն ու երէն.
Պիտի չորնան յորդ ստինքներն
Աղբիւրներուն
Արտը դառնայ երկանաքար
Արօրին տակը բանուորին։

Գ. ԿԻՆԸ

Քոյր իմ, որքա՜ն բառերդ են սեւ։

Բ. ԿԻՆԸ

(Խառնելով)։

Քո՜ւյր իմ, շղթայ, տես, կը զարնեն
Նախարարին, թագաւորին,
Ազատներուն, տիկիններուն։
Քաղաք, գիւղեր, շէն, աւաններ
Մեծ ու պզտիկ, տես, կը վարուին
Երկրին բոլոր սահմաններէն
Դէպ՝ շուկաները վաճառքին։
Գերի, գերի։
Քո՜յր իմ, գիտցիր, այս գեղեցիկ
Հայրենիքէն
Աւեր միայն պիտի գտնեն
Իմ զաւակներ։
Հեղինա՞կը այս չարիքին։
Բռնի բերուած Աստուածը նոր,
Եբրայեցի,
Արեւմուտքէն ու հարաւէն։
Անցիր ճամբուդ, մ՚երթար անդին,
Դուրս մեհեանին շրջափակէն։

Ա. ԿԻՆԸ

. կնոջ մօտենալով).

Իրա՞ւ կ՚ըսէ քոյրը մերին:

Գ. ԿԻՆԸ

(Կը խառնէ մոխիրը. խաղաղ ու պայծառ լոյս)։

Իրաւ չ՚ըսեր կինը երբեք՝
Տարիքն անոր երբ որ ունի։

Ա. ԿԻՆԸ

Երիտասարդ դուն կ՚երեւիս,
Ի՞նչ կը տեսնես թակոյկիդ ներս։

Գ. ԿԻՆԸ

Ուրիշ աղուոր, քաղցր բաներ։

Ա. ԿԻ Ն Ը

Չարի՞քն հապա՝ սա վայբերան
Գուշակողին:

Գ. ԿԻՆԸ

(Խառնելով):

Գրուած չարիքն է միշտ մարդուն,
Բայց կայ թաղուած խորն այս մոխրին
Ա՛ն՝ որ վեր է միշտ չարիքէն։

(Կը խառնէ)։

Տես, ի՜նչ կապոյտ, տես, ի՜նչ կարմիր
Կ՚ելլեն թեւերն ալիքներուն,
Ապառնիին ընդերքներէն։

Ա. ԿԻՆԸ

Դուն կը տեսնե՞ս մեզմէ անդին։

Գ. ԿԻՆԸ

Ես կը տեսնեմ ձեզմէ անդին.
Գիտցիր, քո՜յր իմ, մէկիկ–մէկիկ
Բոյլերն այս վառ,
Հոգիներն են, որ պիտի գան
Հայ ժողովուրդը հովուելու։
Որը արքայ, որն հայրապետ,
Որը վկայ, որն իմաստուն,
Որը ռամիկ, որը փարթամ
Իշխանազուն։

(Խառնելով).

Շարան–շարան սուրբերն հզօր,
Երէց, զինուոր կամ զօրավար,
Սաստել որոնք մահուան կրնան։
Հեղինա՞կը այս սուրբ հունձքին,
Ա՛յն՝ որ կու գայ։
Աստուածն իրաւ, որ մեզ համար
Մահն յանձն առաւ։
Այսպէս կ՚ըսեն բոցերն այս սուրբ,
Իմ մեծ քոյրեր։

(Տեսարանը կը մթնէ. կ՚աներեւութանան կիները: Երբ կապոյտ լոյսը կը դառնայ, մօտէն, ձայնը սուրբին)։

ՍՈՒՐԲԸ

Ըլլայ, ըլլայ բարեբանեալ
Անունն ահեղ մեր Աստըծոյն,
Յաւիտեանէ մինչ յաւիտեան։

(Կը մտնէ բեմ։ Ինքնամոլար։ Խարխափուն: Աչքերովը փնտռելով գլխուն վերեւ բան

մը)։

Տէ՜ր, կը վարես ոտներն իմ խեղճ
Ճամբովը սուրբ խորհուրդներուդ։
Ես չեմ տեսներ…
Յոգներ, մաշեր եմ քալելէն։
Աստղըդ ինծի լուռ առաջնորդ,
Որ կանգ առաւ:

Գ. ԿԻՆԸ

Հիւսուին կոպերն աչուըներուդ,
Եթէ այդպէս կ՚ուզէ քեզմէ
Աստուածը, որ կ՚առաջնորդէ
Քու քայլերուդ։
Հանգչէ, սուրբ մարդ,
Երկիրն ամբողջ կը դողդոլայ
Դեռ յուզումէն։

(Սուրբը կը նստի։ Կը Խոնարհէ գլուխը քարին։ Հով, շշուկ բեմի հետեւէն . կէտէ մը մէծ լոյս, որուն մէջ թեւեր, գլուխներ)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Ալէլուիա, ալէլուիա։

ՍՈՒՐԲԸ

(Քունին մէջէն)։

Ի՞նչ ձայն է այս…

(Լռութիւն: Սուրբը կը խոնարհէ գլուխը քարին։ Լոյսը կը մեծնայ։ Ամբողջ յետսամասը բեմին բարձունք մըն է, ուր կը թաւալին թեւերը, գլուխները պարուրաձեւ շարժումովը հրեշտակներուն)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Յոյս, յարութիւն հոգիներուն,
Մարդոց դժբախտ որդիներուն։
Զի Տէրն ահա ելեր այցի
Ժողովուրդին իր սիրելի։
Ալէլուիա...

ՍՈՒՐԲԸ

(Հազիւ գլուխը բաժնելով քարէն) .

Ձայներ կու գան երկինքներէն։

(Նորէն կը հակէ գլուխը քարին)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Փա՜ռք եւ պատիւ եւ օրհնութիւն
Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն։
Ալէլուիա…

(Բեմին առաջամասը կը սեւնայ, կը խորանայ ու կը պատռի։ Կ՚երեւին գլուխներ, մերկ, սեւ իրաններ)։

ՍԱՆԴԱՐԱՄԵՏԸ

Անէծք, անէծք ու նախատինք
Բիւր այն մարդուն,
Հայրն է որուն
Արքայասպան։

ՍՈՒՐԲԸ

(Ցնցուած)։

Ի՞նչ ձայն է այս: Ուրկէ՞ կու գայ։

(Կրկին թմրած)։

ՍԱՆԴԱՐԱՄԵՏԸ

Պիտի փշրին փաստերն իր պիղծ
Ու խորտակուի մարմինը գարշ…

ԽՄԲԵՐԳԸ

Պիտ՚ օրհնուի բերանն իր սուրբ

Ու պաշտպանուի գործն իր հզօր…

ՍԱՆԴԱՐԱՄԵՏԸ

Պիտի իյնայ փառքն իր խախուտ
Անձէն առաջ։ Ըլլայ ծանակ
Յիշատակն իր
Դարէ ի դար։
Մարդը մղեց հողն ատելու,
Արհամարհել աշխարհն իրաւ
Սուտ ստուերի մը փոխարէն…

ԽՄԲԵՐԳԸ

Պիտի յիշուի անունն անոր
Հազարամէ մինչ հազարամ,
Որ ժողովուրդն իր ազատեց
Սանդարմետէն... ։

ՍՈՒՐԲԸ

(Ոտքի, վերացած)։

Ինքն է, Աստուած իմ երկնաւոր...
Աստեղակուռ ճամբէն ի վար,
Ահա կ՚իջնէ։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Բացուին առջին դուռն ու սահմանն
Երկինքներուն։
Թագաւորն է, կ՚իջնէ փառքի,
Այցելելու ժողովուրդին...
Ալէլուիա...

ՍՈՒՐԲԸ

Ինքն է, ի՛նքն է
Տէրը երկրին, երկինքներուն։
Երկիրն Հայոց սփոփելու։

ՍԱՆԴԱՐԱՄԵՏԸ

Վիրապն աւրած է աչքն անոր,
Մի՛ հաւատաք
Իր տեսածին ու լսածին։
Նոր Աստուծոյ սուտ մարգարէ,
Որ կործանէ պիտի այսպէս՝
Երկիրը ձեր,
Ինչպէս հայրն իր, որ սպաննեց
Ձեր թագաւորը բազմայաղթ,
Խոսրովը մեծ։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Ա՛ն՝ որ կու գայ, կու գայ խաղաղ
Ձեր սիրտերուն,
Ցօղն առտուան կ՚իյնայ ինչպէս
Բաժակին մէջ
Ծաղիկներուն։
Թագաւորն է ան, որ կու գայ,
Արեւներուն ու սիրտերուն։

ՍՈՒՐԲԸ

(Բազկատարած)։

Տէր բարեգութ ու մարդասէր,
Տուր մեզ տեսնել,
Աստուածութեանդ անբաւելի
Փաստն ահաւոր.
Քեզի դարձող ժողովուրդիդ
Աչքին պարզէ տեսիլքը սուրբ,
Անժուժելի
Քու պատկերին։
Տէր, բա՛ց մեզի
Խորհուրդն ահեղ
Քու տեսիլքիդ։

(Լռութիւն։ Հրեշտակներու օրհներգը)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Մեծ սէրն անոր,
Քան տիեզերքն է մեր վրան,
Ու մեր ներքին։
Ան կը գթայ մարդոց բոլոր։

(Լռութիւն կրկին։ Խուլ, կարծր ձայներ սանդարամետէն)։

ՅԻՍՈՒՍ

(Ամպի մը մէջէն պարզուելով)։

Խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն
Իմ ծառայիս։
Հասաւ խնդրանքդ իմ Հօր Գահուն։
Կու գամ դնել հիմն անսասան
Եկեղեցւոյ,
Հո՛ն՝ ուր դարեր մեղքին տունն էր,
Որ կը տիրէր։

(Ձեռքի ուռնակով կը զարնէ քարին, որ կը փշրուի)։

Ահա փշուր ժայռն է մեղքին։
Դիր, իմ ծառաս, հիմն անսասան
Ժայռի սրտին.
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ,
Հիմը որուն ուռնակն ոսկի
Երկինքներէն աշխարհ բերուած
Կը հաստատէ։
Խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն։

(Ամպը կը թանձրանայ եւ կը ծածկէ Յիսուսը)։

ԽՄԲԵՐԳԸ

Համբարձէք իշխանք զդրունս ձեր ի վեր,
Համբարձին դրունք յաւիտենից
Եւ մտցնէ թագաւոր փառաց։
Ալէլուիա, ալէլուիա։

(Լոյս է։ Լռութիւն է։ Բոլորը իջած են ծունկի։ Շեփորին ձայնը կը մօտենայ։ Խօսակցութիւն։ Թագաւորը կը մտնէ բեմ, հետեւորդներ)։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ

(Տեսնելով սուրբը բազկատարած, աղօթքի, կը մօտենայ ու կը համբուրէ անոր ոտքի փոշին)։

Կատարուած է պատգամըդ, Հայր,
Կ՚այրին վրան Հայոց երկրին
Մեհեանները պիղծ քուրմերուն,
Քար չմնաց քարի վրայ,
Բոցը կերաւ կուռքերն ոսկի։

ՍՈՒՐԲԸ

Մարդե՞րը։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Եղան՝ որ դուրս չելան շէնքէն
Ու եփեցան կրակին մէջ,
Եղան՝ որ սուր ալ վերցուցին
Վրան զօրքին։
Բայց հալեցան
Թեւերն անոնց ոստի նման
Կրակին դէմ։
Հայր, պարտուած
Է թշնամին։
Ամէն կողմէ ուրախութիւն
Ու աղաղակ. ...
Բայց չես խօսիր,
Հայր, Հայր իմ սուրբ։

ՍՈՒՐԲԸ

Դուն չես գիտեր դեռ աւելին։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Ի՞նչ է, ի՞նչ է, որ չեմ գիտեր,
Խօսէ, Հայր իմ,
Ո՜վ Հայր իմ սուրբ։

ՍՈՒՐԲԸ

Ոսկի ուռակն է, տես, գետնին,
Ո՜վ թագաւոր,
Այս ալ փշուր ժայռը, որուն
Զարկաւ վերէն
Իջնող Արքան։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Ոսկի ուռնա՞կ, իջնող արքա՞յ,
Չեմ հասկնար, խօսէ, Հայր սուրբ։

ՍՈՒՐԲԸ

Ըսաւ, հիմն է հոս, սա ժայռին
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ։
Ո՛չ դժոխքին ուժերը բիրտ,
Ոչ ալ մաշումը դարերուն
Պիտի կրնան ազդել ուժին
Ու ամրութեան քու տաճարին։
Օ՛ն, զաւկըներ Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ,
Բերէք քարը սուրբ անկիւնին,
Շինենք շէնքը,
Այնպէս հաստատ, այնպէս ամուր,
Որ դարերը գան փշրուիլ
Անոր սեմին։

(Սուրբը կ՚իջնէ աղօթքի։ Շեփոր)։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ

Հետեւեցէք։

(Կը ձգեն բեմը, որ կիսալոյս է։ Խորքին՝ սուրբին դէմքը, կ՚աղօթէ։ Աղմուկ, ձայներ։ Թագաւորը եւ հետեւորդները)։

Բերինք ինչ որ ուզեցիր, Հայր։

(Շալակէն կ՚առնէ վար քարը)։

ՍՈՒՐԲԸ

(Ոսկի ուռնակը ձեռքին, զարնելով քարին).

«Էջմիածինն ի Հօրէ
Եւ լոյս փառաց
Ընդ նմա,
Ձայնք Հնչեցին
Սանդարամետք
Անդընդոց»:

(Կը դրուի առաջին քարը)։

ՍՈՒՐԲԸ

Եկայք, շինեսցուք
Սուրբ ըզխորանն
Լուսոյ։

 

(ՎԱՐԱԳՈՅՐ)