Քնարախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բաժինն իրականացուել է  Գալուստ Կիւլպէնկեան
հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ





Յակոբ Օշական, Քնարախաղեր, Պէյրութ, 1983 (100ամեակի հրատարակութիւն, թիւ 4)





* * *
Յ. Օշականի ծննդեան 100ամեակին առիթով, այս հատորին ծախսը հոգացած է ՍԵՒԱԿ ՄԱՐԿԱՐՈՍԵԱՆ, ի յուշ մեծ հօր, մեծ մօր եւ հօրեղբայրներուն՝ Սուրէն, Ռաքէլ, Կարպիս եւ Նշան Մարկարոսեաններուն։

* * *

* * *

Պարտք կը զգամ հոս արձանագրել գոհունակութիւնը անոնց, որ մեր գիրքը կը սիրեն, հանդէպ այն շարժումին, որ Ամերիկայէն կու գայ դարձեալ: Անհատական կամ խմբական միջոցներ վերջապէս հատորի մը տանիքին տակ կը մէկտեղեն ոմանց ցանուցիր գործերը։ Իմ մասին, այս «բարերարութիւնը» ես արժանի կը գտնեմ այնքան մը գնահատութեան, որքան չէ թերեւս տաճարի մը կառուցումը շքեղ, բայց օտար ոստաններու մէջ, ուր անոր կը սպասէ քանի մը տարի յետոյ միւզէոնի մը փառքը: Վասնզի գիրք մը երբեմն այնքան բարիք կ՚ընէ, որքան չեն ըրած տասը ժամ ու հինգ դպրոց միասին: Քաղքենին, երէկուանը, մեր երկրին մէջ եկեղեցի ու վարժարան կ՚երազէր, բայց ժլատ էր չափազանց գիրքին հանդէպ: Չեմ մօտենար անոր մտայնութեան հանդէպ գրողին, կարմիր կու գայ աչքերուս: Նոր քաղքենին գուցէ կ՚անգիտանայ իր ժեսթին տարողութիւնը։ Աւելորդ չէ յիշեցնել իրեն, թէ մագաղաթը աւելի կ՚ապրի, քան մարմարը: Ի՞նչ է եկած մեզի մեր պատմութենէն, անոր այսպէս ըսուած փառքերէն, քանի մը գիրքերէ դուրս: Ու ի՞նչն է նորէն, որ այսքան կործանումներէ յետոյ, քանդուած ծիածանի մը նման մեր գլուխներուն կը յամառի թրթռալ ուտելել։ Ունի՞նք աւելի կախարդ յուռութք մը, քան մեր գրականութիւնը: Որ մեր տղաքը կապէ մեր ցեղին ու մեր ճակատագրին: Անոնք, որ գիրք մը կը տպեն, նեցուկ կը կապեն մեր հոգիին խորտակուած սիւներուն

 

Յ. ՕՇԱԿԱՆ («Զուարթնոց», 1930, թիւ 7) 

ԽՄԲԱԳԻՐ՝ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ 

 

Յ. Օշական գրած է վեց քնարախաղեր, որոնց երկուքը լոյս տեսած են առանձին գրքույկներով, «Ստեփանոս Սիւնեցի»ն՝ 1938ին, Փարիզ, եւ «Օրն օրերուն»՝ 1947ին, Երուսաղէմ։ 

Հոս ամփոփուած են հատորի մէջ չմտած միւս չորսը

Դասաւորումը կատարուած է ընդգրկուած նիւթերուն ժամանակագրական կարգով։